Hakob Paronyan

Ազգային ջոջեր

ԿԱՐԱՊԵՏ Ս. ՈՒԹՈՒՃԵԱՆ

Կարապետ Ս. Ութուճեան, խմբագիր֊տնօրէն Մասիս պատուական լրագրոյ, ազգային երեսփոխան Ընդհանուր ժողովոյ, ծնած է Պալատ 1823 հոկտեմբե­րի 18֊ին: Վիպագիրներէն ոմանք կը ջանան հաստատել, թէ Ութուճեան ծնած ժամանակն այնպիսի հեգնական դէմք մը ունէր, որ կարծես դայեակին ըսել կ՚ուզէր. ի՜նչ մեծ գործ տեսար: Կան պատմագիրներ, որ, հակառակը պնդելով, կը զրուցեն թէ Ութուճեան աշխարհ փոխադրուած ժամանակն այնչափ խոժո­ռադէմ էր, որ դայեակը վախենալով ինքզինքը սենեակէն դուրս նետեց եւ, գինիի մէջ քիչ մը մոխիր խառնելով խմելէն ետքը, դրացիներուն վազեց ազդարարել` թէ առջի գիշերը տեսած մէկ երազն կատարուած էր: Դայեակը երազին մէջ տեսած էր, որպէս թէ մէկն սագի փետուրով ահագին քարեր կը նետէր իւր վրայ: Երախան այս բաներէն բնաւ տեղեկութիւն չունէր. իւր սովորութեանը համեմատ տասը տարի ետքը իմացաւ, սակայն այն ատեն ալ լրագիր չու­նէր, որ Ներքին Լուրերու մէջ հրատարակէր:

Կարապետ մօրն արգանդէն բաժնուելուն պէս զգաց՝ թէ մարդս պար­տաւոր է նախ իւր փորը գոհացնել եւ ապա բաժանորդները: Ուստի մօրը ծի­ծերէն կախուեցաւ եւ այնչափ անյագաբար ծծել սկսաւ, որ քանի մը ամիսէն մօրը ծիծերը բոլորովին պարպեց, եւ ստիպուեցաւ մնացած ամիսներն աղուէսի կաթով անցունել:

1831֊ին ուսում եւ գիտութիւն առնելու համար Պալատու վարժարանը մտաւ այն ձեւով, որով կը մտնէ այսօր մրգավաճառներու խանութը խնձոր առնելու համար: Դասատուներու հետ շատ անգամ կը վիճաբանէր: Ապուշ տղայի մը պէս իրեն տրուած ամէն դասն առնելով տուն չէր դառնար. շատ անգամ իւր դասատուին կ՚ըսէր.

Այս տուած դասը աղէկ չէ, ես աղէկ տեսակէն կ՚ուզեմ:

Դասատուն կը ջանար համոզել զինքը` թէ տուած դասը լաւագոյն է: Իսկ Ութուճեան դասատուին խօսքերուն բնաւ կարեւորութիւն չէր տար եւ կը պնդէր, որ դասն առաջին տեսակէն ըլլայ: Դասատուին կ՚առաջարկէր միշտ այս խօսքը. ներսէն հանէ, զոր իւր հայրը կը գործածէր, երբ մսավաճառէն միս առնելու երթար: Իրաւունք ունէր Ութուճեան այս խօսքը կրկնելու, վասն զի այն ժամանակի դասատուներն հիմակուան մսավաճառներէն աւելի ճշմարտախօս չէին: Այս ընթացքով եւ փափաքով իւր բոլոր ընկերները գերազանցեց հայկաբա­նութեան եւ սատանայութեան մէջ: 1834֊ին Պալատի վարժարանին հրաժեշտ տալով` Գանլը Քիլիսէի դպրոցը գնաց: Քանի մը տարի հոն աշակերտելով՝ կատարելապէս ձեռք բերաւ Հայկաբանութիւնն եւ Ճարտասանութիւնը: 1838֊ին մտաւ ճեմարան, ուր ճեմելէն զատ բան չսորվեցաւ:

Հայրն` որ շատ հարուստ չէր, զաւկին ճեմելը տեսնելով` գիրքերն առաւ իրմէ եւ արդուկ մը տուաւ, որ անով հագուստներ արդուկէ: Այն ատեն ցաւօք սրտի համոզուեցաւ Կարապետ, որ աշխարհաբարն ուղղելէն առաջ վերարկու­ներ եւ վարտիքներ ուղղել պէտք էր: Հնազանդեցաւ հօրը հրամանին եւ սկսաւ խանութը երթալ: Շատ չանցաւ, հոն ալ փայլեցուց իւր հանճարը. մէկ ժամ­ուան մէջ քառասուն վերարկու կ՚արդուկէր, թէպէտեւ շատ անգամ կը խանձէր զանոնք, բայց տրամաբանութեան ուժով յանցանքը կամ երկաթին վրայ կը բեռ­նաւորէր կամ կրակին վրայ: Եւ այս եղանակով քանի համոզէր յաճախորդներն այնքան աւելի փափաք կու տար գիտութիւններու` զորս ուրիշները խա­բելու համար ստեղծուած կը կարծէր: Երբեմն Հայր Արսէնի քերթուածները կարդալու կը զբաղէր եւ յաճախորդները ժամերով սպասել կու տար: Պարապոյ ժամերուն մէջ բնաւ չէր մոռնար աշխարհաբար գրութիւն մը գրաբարի դար­ձունելէն ետքը նորէն աշխարհաբարի վերածել: Օր մ՚ալ տեսաւ, որ թիկնո­ցին երեսը շատ հինցած էր, շրջեց զայն ու հագաւ, եւ երբ հայրն պատճառն հարցուց՝ պատասխանեց, թէ թիկնոցը գրաբարէն աշխարհաբարի դարձուց: Բնական է, որ կարդալու համար սրտին մէջ այնքան փափաք սնուցանող մէկը լաթեղէն ասպարէզն խիստ անձուկ գտնար. ուստի թողուց հօրն արուեստն եւ դասախօսութեան սկսաւ:

1845֊ին ազգային վարժարաններու եւ քանի մը տուներու մէջ այցելու դա­սատու ընդունուեցաւ: Երեք տարի այս պաշտօնն ամէն յաջողակութեամբ վարելով քիչ մը դրամ պատրաստելէն ետքը միտքը դրաւ Բարիզ երթալ ու վաճառականութեան դպրոց մտնել:

1848֊ին Պոլիսէն մեկնեցաւ Բարիզ երթալու համար, ուր երկու տարի ու կէս վաճառականութեան վարժարանին մէջ առեւտրական գործերու վրայ կա­տարեալ հմտութիւն առնելէն ետքը, 1851֊ին Պոլիս դարձաւ եւ հետեւեալ օրն ուզեց վաճառատուն մը բանալ: Վաճառականութեան համար պէտք եղած ամէն բաներն ունէր, միայն ստակ չունէր: Իր դէմ ելնող բոլոր բարեկամներուն կ՚առաջարկէր, որ դրամագլուխ դնեն եւ իրեն հետ ընկերութեամբ վաճառակա­նութիւն ընեն. իսկ անոնք կը մերժէին անոր առաջարկութիւնն: Վհատու­թիւն եկաւ վրան. եւ որովհետեւ վհատութիւնն մեր ազգին մէջ մարդս կամ գերեզման կը տանի կամ խմբագրութեան ասպարէզը կը նետէ, այս վերջի­նին մէջ ձգուելու դժբախտութիւնն ունեցաւ:

1851֊ին Մասիս անունով լրագիրն հրատարակելու ձեռնարկեց: Այս լրա­գիրն բնաւ նպատակ չունէր հասարակութեան լուրեր տալու. այլ պարզապէս կը հրատարակուէր աշխարհաբար լեզուն կոկելու եւ գեղեցկացնելու համար: Եթէ մինչեւ մօտ ատեններս լուրերն ամէնէն ուշ կը հաղորդէր` պատճառն այն էր, որ զանոնք սահուն եւ կոկիկ աշխարհաբարի կը վերածէր եւ այնպէս ի լոյս կը հանէր: Եւ այն լուրերն, որոնց մէջ խորթ բառեր կը գտնուէին, բնաւ չէին հրատարակուեր Մասիսի մէջ, որքան ալ օգտակար ըլլային իւր ընթերցողնե­րուն. լաւ է, կ՚ըսէր, որ ընթերցողներս վնասուին քան թէ Մասիսի լեզուն: Զար­մանալի չպիտի թուի անշուշտ, եթէ յայտնեմ, որ երբեմն սկզբունք ալ կը զոհէր լեզուին. եւ եթէ ապակեդրոնացականութեան դէմ այնքան յարձակեցաւ 1872֊ին` պատճառն ապակեդրոնացականութեան ազգին վնասակար ըլլալը չէր, այլ իւր դժուարահնչելի եւ երկար ըլլալն էր: Կեդրոնացումը, կը պնդէր, մեր ազգին համար ամէնէն լաւն է. վասն զի, կ՚ըսէր մտքէն կոկիկ բառ մ՚է եւ ականջին անուշ կը հնչէ. մինչդեռ, կ՚ըսէր մտքէն կործանում է մեր ազգին ապակեդրոնացականութիւնն որ ճաշակի տէր ականջներու խորթ կու գայ: Եթէ այն ատեններն ապակեդրոնացականութեան տեղ ապակեդրոնում կամ տարակեդրոն բառը առաջարկուէր` շատ հաւանական էր, որ ազգին շահն ազ­գին ականջներու չզոհուէր: Ինչ ալ ըսեն իւր թշնամիները, գոնէ կը միաբանին այս կէտին վրայ, թէ բաւական կոկած է աշխարհաբար լեզուն. եւ այս ճշմար­տութեան համոզուելու համար 1850֊ի աշխարհաբարները կարդալը հերիք է: Չմոռնանք խոստովանիլ, թէ Ութուճեան իւր քերականութեան մէջ ներդաշ­նակութեան առաջին տեղ տուած ըլլալով` բաւական բառեր հարստահարած է, շատ բառեր սպաննած է, բայց այս դարուս մէջ ո՞ր բարեկարգութիւնն առանց արեան կարելի եղած է, որ աշխարհաբարի բարեկարգութեան համար զոհո­ղութիւններ չըլլան:

Ուրիշ խմբագիրներու պէս շաբաթն անգամ մը չփոխեր իւր կարծիքները: Թերեւս առարկուի, թէ կարծիք ըսուածը լաթի պէս է, մէկը շատ լաթ ունենալու է, որ շաբաթն անգամ մը կարենայ փոխել: Կարծիքներու մասին աղքատ չէ ինքը, մանաւանդ թէ զինքը աղքատ ամբաստանողներէն շատ աւելի հարուստ է, բայց զանոնք չփոխելը այն հիման վրայ հաստատուած է, թէ մարդս այն ատեն փոխելու է կարծիքը, երբ կը հիննայ եւ ա՛լ չգործածուիր: Ամէն կարծիքներն իրարու ետեւէ գործածելը` ըստ մեզ, միտքը շռայլութեան վարժեցունել է, եւ ինքը շատ խոհեմութեամբ կը վարուի իւր կարծիքներուն վրայ հաստատ մնա­լով: Արժէթուղթերու գիներուն հետ ալ իր կարծիքներուն պէս կը վարուէր Մասիսի մէջ, բնաւ չէր փոխեր զանոնք: Երբ արժէթուղթերուն գիները երկու ֆրանկ բարձրանային, պէտք է, կ՚ըսէին, Մասիսի մէջ արժէթուղթ գնել եւ Ղա­լաթիոյ հրապարակին վրայ երկու ֆրանկ շահով ծախել:

Արդարութեան ջերմ եւ նախանձախնդիր պաշտպան է: Ո՛եւէ խնդիր մը անաչառութեամբ քննելու համար զայն կը պարզէ, անոր մէջ ճշմարտութենէ առաջ բաժանորդ կը փնտռէ. վասն զի առանց բաժանորդի ճշմարտութիւնը չպաշտպանուիր: Երբ կը տեսնէ, որ ճշմարտութիւնը խոհեմութեամբ կը վար­ուի` անոր կուսակից կ՚ըլլայ. իսկ երբ կը նշմարէ, որ կը յանդգնի իրեն շահուն դպչիլ` բոլոր ուժովը կը զինուի անոր դէմ. եւ իրաւունք ալ ունի, քանի որ անձնապաշտպանութիւնը օրէնքն ալ կը ներէ:

Շատերն իրեն մոռացկոտ բնաւորութենէն օգուտ քաղելով` երբեմն եր­բեմն յաջողած են իւր ազգօգուտ լրագրոյն մէջ հակասական նամակներ հրատարակել տալ: Բայց քանի մը տարի առաջ Շահ֊Հիւսեինի խնդրոյն նկատմամբ Փունջի դէմ բացած դատէն խրատուեցաւ եւ հիմա առջի գրածները չմոռնալու համար մատը դերձան կը կապէ:

Եւ որովհետեւ այս դատն 1875֊ին` բոլոր փաստաբաններն եւ գրագէտները յուզեց, հարկ կը համարինք անոր վրայ համառօտ ծանօթութիւն մը տալ: Գրիգորիս եպիսկոպոս Ալեաթճեան, Երզնկայի առաջնորդ, իւր պաշտօնատե­ղին երթալէն անմիջապէս ետքը հանրածանօթ չարագործ Շահ֊Հիւսեինի դէմ նամակ մը կը գրէ Մասիսին: Սոյն նամակին հրատարակութենէն քանի մը ամիս ետքը նորին գերապատւութիւնը ի նպաստ Շահ֊Հիւսեինի նամակ մ՚ալ կը ղրկէ Մասիսին, որ կը հրատարակէ իւր էջերուն մէջ: Ժողովրդեան ատելի չարագործի մը Մասիսի մէջ փառաբանուիլը տեսնելով Փունջ ` իւր պաշ­տօնակցին վրայ կը յարձակի ապուշ, կենդանի, քսու եւ վատ պատուանուններով: Մասիս այս պատուանուններէն վիրաւորուած կ՚ենթադրէ իւր անձնակա­նութիւնն եւ ի դատ կը հրաւիրէ Փունջը: Այս դատին պզտիկ պատկերը կրնայ համարուիլ հետեւեալը.

Դատաւոր. Ինչո՞ւ համար այս մարդուն պատուոյն դպար:

Փունջ. Ես չհայհոյեցի:

Մասիս. Ինձի վատ եւ կենդանի ըսելէն ետքը հիմա կը պնդէ, որ կեն­դանի բառը մարդ կը նշանակէ, եւ աս նշանակութենէ կ՚եզրակացունէ, թէ ես ալ մարդ եմ:

Դատաւոր. Մարդ բառը չէ՞ք ընդունիր, անո՞ր դէմ կը բողոքէք:

Մասիս. Չէ, մարդ եմ, բայց կենդանի չեմ:

Փունջ. Եթէ կենդանի չես, ուրեմն մեռեալ ես:

Մասիս. Մեռեալը դուն ես:

Փունջ. Կենդանի բառն անասուն չնշանակեր… եթէ ինձի չէք հաւատար` Տէրոյենցի, Լուսինեան Խորէն եպիսկոպոսի հարցուցէք:

Մասիս. Հարցնելու պէտք չկայ, կենդանի բառը հոս գէշ մտքով դրուած է:

Փունջ. Ես աղէկ մտքով դրի:

Մասիս. Վատ բառին համար ի՞նչ պիտի ըսէք:

Փունջ. Վատը ցած չնշանակեր:

Մասիս. Բա՞րձր կը նշանակէ:

Փունջ. Բարձր ալ չնշանակեր: Ես միայն այս գիտեմ, որ այդ բառը քու արարքդ նշանակող բառ մ՚է:

Մասիս. Հայհոյութիւն է:

Փունջ. Ոչ. վատ բառը ծոյլ, թոյլ, յոյլ կը նշանակէ:

Մասիս. Դուն ես ծոյլ, թոյլ, յոյլ… նոյնայանգ բառերը ժողվեր եկեր է… ոտանաւոր շինելու չեկանք հոս:

Դատաւոր. Ծոյլ ըլլալը կրնա՞ս հաստատել:

Մասիս. Անկարելի է:

Փունջ. Եթէ ծոյլ չէ` վախկոտ է, վասն զի վատը վախկոտ ալ կը նշա­նակէ:

Դատաւոր. Ես այդ բառերը պատրիարքարան կը ղրկեմ, անոնց ինչ ըլլալը կը հասկնամ եւ յետոյ ձեզի կը կանչեմ:

Բառերը պատրիարքարան գացին եւ հոն մնացին: Եթէ օր մը ելնեն՝ հասարակութիւնը հարկաւ պիտի լսէ ու իմանայ անոնց նշանակութիւնները: Սակայն երկու խմբագիրներն պատուաւոր կերպով հաշտուեցան եւ յաղթու­թիւնը մնաց… երկուքին ալ քովը:

Պաշտպան է ոչ միայն ճշմարտութեան, այլ նաեւ պատրիարքներու… որ­չափ ատեն որ ասոնք մնան պատրիարքական գահուն վրայ, երբ գահէն վար իջնան` ինք ալ կը դադրի անոնց համակարծիք ըլլալէ: Այս դարաւոր սովո­րութեանը շնորհիւ է, որ հիմակուան ամենապատիւ Ներսէս պատրիարքի օրով պաշտպանեց Խաչատուր կաթողիկոսը, Վանցի Պօղոս Վարդապետն եւ ի տանէն Մամիկոնէից Մամբրէ եպիսկոպոսը, զորս կը հարուածէր Խրիմեանի օրով: Որչափ ալ անհեթեթ ըլլայ պատրիարքի մը որոշումը՝ զայն յարգելու սո­վորութիւն ունի, եւ տարակոյս չունինք, որ եթէ Կալիգողայի օրով խմբագրու­թեան պաշտօնին մէջ գտնուած ըլլար` գովաբանելով պիտի դրուատէր Կալիգո­ղայի այն որոշումն, որով ձին հիւպատոս անուանել կ՚ուզէր եւ անշուշտ խմբա­գրական յօդուածով մը ձին ալ պիտի շնորհաւորէր ըսելով.

«Հռովմայեցիներու համար նոր դարագլուխ մը բացուեցաւ:

«Մինչեւ հիմա հիւպատոսները իրենց պաշտօնը չարաչար գործածելով ժողովրդեան գանգատներուն առիթ տուած էին:

«Բարեխնամ Կալիգողա կայսրը ժողովրդեան գանգատներն ու բողոքները նկատողութեան առած ժամանակը` փափաքելով միանգամ ընդմիշտ անոնց վերջ տալ` հիւպատոսն իւր պաշտօնէն հրաժարեցուց եւ անոր տեղ անուանեց իւր հաւատարիմ վսեմափայլ ձին, որուն մատուցած ծառայութիւններն ար­դէն ծանօթ են մեր ազգայիններուն:

«Քաջայոյս ենք, որ նորընտիր, հայրենասէր եւ արդարակորով ձին իւր խոհական եւ փորձեալ քաղաքագիտութեամբը ամէն ճիգ պիտի թափէ երկրին եւ ժամանակին պահանջումներուն համեմատ բարեկարգութիւններ ընելով ժո­ղովրդեան յարգն ու համարումն իրեն գրաւել:

«Անօգուտ չըլլար յիշել նաեւ, թէ վսեմափայլ ձին գէշ տնօրէնութիւն մը ըրած չհամարուիր, եթէ իրեն օգնական կարգն մեծապատիւ (այս անուն) էշն, որ ծերակոյտին ժողովին մէջ մեծ ձայն ունեցած է ժամանակով, էշն որ սերելու պատիւն ունի այն ազնուական աւանակէն, որ մեծ տեղ մը գրաւած է Հին Պատմութեան… ախոռին մէջ»:

Այս խմբագրական յօդուածը գրելէն քանի մը օր ետքը Ներքին Լուրերուն մէջ պիտի կարդայինք հետեւեալները.

«Ժողովուրդը շնորհակալութեան ուղերձ մը գրեց Կալիգողա բարեխնամ կայսեր իւր ձին հիւպատոս անուանելուն համար:

«Այսինչ կառավարութեան դեսպանն երէկ հիւպատոս ձիին այցելութիւն մը տալով երկու ժամու չափ տեսակցեցաւ հետը:

«Այսինչ կառավարութիւնն իւր խնդակցութիւնը յայտնելու նպատակով հիւպատոս ձիին պատուանշան մը ղրկեց: Վսեմափայլ ձին հեռագրով շնոր­հակալութիւն յայտնեց յիշեալ կառավարութեան:

«Երէկ գիշեր վսեմափայլ հիւպատոսին ախոռին մէջ կոչունք տրուեցաւ դիւանագէտներուն, բոլոր երեւելի ջորիներն իրենց ազնուաշուք ընտանիքներովն եւ նշանաւոր էշերն պարահանդէսի զգեստով մեծ փայլ մը կու տային սոյն շքեղ հանդէսին: Էշերուն կենացը գաւաթներ պարպուեցան»:

Այսչափով չպիտի շատանար, այլ պիտի առաջարկէր ճանճերէ զինուոր առնել, մեղուներու վրայ տուրք դնել, ուղտերը թաղապետութեան անդամ ան­ուանել եւ հասարակաց ապահովութեանը համար մրջիւններէ ոստիկանութիւն մը կազմել. եւ վերջապէս պիտի առաջարկէր ինչ որ այս այլանդակ կայսրը կը խորհէր:

Մենք զինքը մեղադրելու նպատակաւ չէ, որ Կալիգողայի ղրկեցինք Ու­թուճեանը, այլ ցոյց տալու համար այն ընդունելութիւնն, զոր կ՚ընէ ամէն պատրիարքներու որոշումներուն եւ առիթ կու տայ ըսել տալ ուրիշներուն, թէ Մասիս պատրիարքարանի բերանն է կամ ականջն է:

Մինչեւ մօտ ատեններս չափազանց խոհեմութեամբ վարուելով` պահպանո­ղական ընթացք մը բռնած էր. իսկ տարիէ մը, այսինքն այն օրէն ի վեր, որ Մասիս ամէն օր կը հրատարակուի բացի կիրակի օրերէն, տօնի օրերէն եւ գրաշարի հիւանդ եղած օրերէն, յարձակողական դիրք մը բռնած է: Ամէն ազատութեամբ կը խօսի այսօր ինչ որ մտքէն անցունելու կը վախնար երկու տարի առաջ: Անաչառաբար խօսելով քաջութեամբ պաշտպանեց եւ դեռ կը պաշտպանէ հայկական խնդիրն իւր քաղաքական յօդուածներովն: Երբեք առիթ չփախցուներ հալածել ամէն անոնք, որ ազգային իրաւունքներուն դպչիլ կ՚ու­զեն: Այս ամէնն ընելով դարձեալ չէ արժանացած այն քաջալերութեան, որով միայն կարող է թերթերը մեծցունելով ազգին հայախօս եւ մեծ լրագիր մը կարդացնելու փափաքն իրականացնել:

Բացի Մասիսէն ունի երկու ընտիր թարգմանութիւններ, որ մեր ժողո­վրդեան վիպասանութեան ճաշակ տուին: Թափառական հրէան եւ Գաղտնիք Հաւատաքննութեան մեր ժողովրդեան բաւականէն աւելի ներկայացուցին անդրալեռնականները: Այս թարգմանութիւններու համար թարգմանիչն բաւա­կան դափնեայ պսակներ ընդունեց, զորս քակելով տունը կը ղրկէր, որ օձաձուկ առնեն եւ դափնիներուն մէջ դնելով, կասկարայի վրայ եփեն, նուիրեցին նաեւ բաւական ձիթենիներ` զորս շնորհակալութեամբ ընդունելով կը մրմռար.

Աւելի աղէկ չէ՞ր ըլլար, եթէ այսչափ ձիթենիի տեղ սափոր մը ձէթ ղրկէիք ինձի:

Ճիշտ Եզոբոսին աքաղաղին պէս որ կ՚ըսէր.

Մարգարիտն ի՞նչ ընեմ. գարիի մը հատիկն ինձի համար աւելի կ՚արժէր:

Թարգմանած է նաեւ Վեքֆիլտի երէցն եւ Քաղաքական Տնտեսագիտութիւն, որոնց, ինչպէս նաեւ բոլոր թարգմանութիւններուն մէջ ցոյց կու տայ, որ մեր թարգմանիչներուն արժանաւոր յաջորդն ըլլալու պատիւն կը վայելէ:

Ութուճեան ոչ նուազ նշանաւոր եղած է ազգային երեսփոխանական ժո­ղովոյ մէջ: Անիրաւութիւն ըրած կը համարինք ինքզինքնիս, եթէ չյիշենք հոս, որ ազգային պատմութեան մէջ Սահմանադրութեան հիմնողներուն մէջն անցած է նաեւ իւր անունը: Քանի մը երեսփոխաններու պէս խօսած ըլլալու համար խօսելու սովորութիւնը չունի. վասն զի ուրիշներու գլխու ցաւ պատճառելն խղճին կը դպչի: Խիստ քիչ անգամ խօսք կ՚առնէ եւ քանի մը բառի մէջ իւր միտքը բացատրելու յատկութիւնն ունի: Իսկ անուրանալի է, որ երբ ոտք ելնէ եւ ատենապետէն խօսք ուզէ, այնպիսի շարժումներ կ՚ընէ, որ կարծես տղայ մ՚է եւ վարժապետին կ՚ըսէ.

Վարժապետ, գործ ունիմ:

Կարապետ էֆենտի Ութուճեան, իւր ամբողջութեամբն առնելով, բարի եւ ազգին օգտակար մարդ մ՚է: Քսանեւութ տարիներէ ի վեր խմբագրութեամբ ազ­գին ծառայելէն զատ շատ մը յանձնաժողովներու, ժողովներու եւ խորհուրդներու մէջ ազգին ծառայած է անձնուիրաբար եւ նոյնչափ տարիներ եւս պիտի ծառայէ, եթէ իւր կազմին նայինք: Երկչոտութիւնը թողլով քաջութիւնը ձեռք առած է, թէպէտեւ աս ալ ճշմարիտ է, որ աղուէս ձեւանալ չմոռնար երբ ագռաւ մը տեսնէ: Իբրեւ խմբագիր մեծ թերութիւններ կրնայ ունենալ, բայց իբրեւ սխալական մարդ մեծ առաւելութիւններ ունի: Մէկու մը վնաս տալ չու­զեր, սակայն ամէնէն ալ օգուտ քաղել կը փափաքի: Ուրիշներու բարիք ընելու չզլանար, եթէ պարագաները թող տան: Կը սիրէ այն ամէն գործերն, որ բարի, գեղեցիկ եւ օգտակար են, իսկ կը պաշտէ` երբ գեղեցիկ են: Եթէ դէմքէն դատես զինք, վճիռ կ՚արձակես թէ անմատչելի մէկն է, իսկ երբ օր մը հետը տեսնուե­լու պատիւն ունենաս` տուած վճիռդ հետս կը կոչես եւ կը խոստովանիս, որ այս մարդուն դէմքը սրտին հետ հակասութեան մէջ է: Ցաւ է մեզ սակայն խոստովանիլ, որ եթէ գրիչով մէկու մը դէմ գրելու որոշում տայ` չխայթեր, այլ կը վիրաւորէ: Աքիլլէս միայն կրնայ դէմ դնել անոր հարուածներուն: Վերջին օրերս յանձն առած է Ղալաթիա տպուող լրագիր մը կրթելու: Յիշեալ լրագրին մարգարէ խմբագիրն, որ միշտ գուշակութիւններ կ՚ընէ, բնաւ չէր գուշակած Մասիսէն խրատուելու պէտքը:

Ութուճեան էֆենտին երկար հասակով, թուխ դէմքով, սեւ ընքուիներով եւ աչերով քաջառողջ մարդ մ՚է: Սովորութիւն ունի փողոցը քալած ժամանակ միշտ գետինը նայիլ. կարծես բաժանորդ կը փնտռէ: Իսկ երբ գլուխն վեր առ­նէ՝ այն դէմքը կ՚ունենայ, երբ Շիրքեթի շոգենաւերէն մէկուն մէջ նստած ժա­մանակդ քովէդ հարիւր քսան օխանոց մէկը անցնելով ուժով ոտիդ կոշտին վրայ կոխէ եւ անցնի երթայ առանց ներողութիւն խնդրելու:

Be the first who will comment on this

Other parts of "Ազգային ջոջեր"

Yatuk Music
Al Ailughs
Komitas

Al Ailughs

Davit Bek
Davit Bek
Play Online