Hakob Paronyan

Ազգային ջոջեր

ՍԱՐԳԻՍ ՊԷՅ ՊԱԼԵԱՆ

Ներելի՞ է արդեօք հեգնական գրիչի մը յանդգնիլ այսպիսի հանճարաւոր եւ հռչակաւոր անձի մը փառքը գրելու` զոր կը պատմեն արդէն երեսունէն աւելի հատորներ, որք մեր հրատարակած գիրքերուն պէս թղթակազմ չեն, ոչ ալ լաթակազմ, այլ քարակազմ են: Ա՛րդ, երբ քարերը կ՚աղաղակեն, ի՞նչ հարկ կայ, որ տկար փետուր մը այդ հոյակապ շէնքերուն շուրջը տարուբերի:

Փետուրը, պիտի ըսէք, որչափ ալ տկար ըլլայ, ժամանակին հոսանքին առջեւ քարէ աւելի կը դիմանայ, ուստի եւ պէտք է, որ քարերը քիչ մը լռեն եւ գրիչը խօսի: Կը հաւանիմ, բայց իմ գրիչս այդ քարերուն պէս պիտի կրնա՞յ խօսիլ: Այդ շէնքերը խիստ բարձր են եւ իմ գրիչս, որուն մէկ թեւին փետուր­ները կտրած եմ, չէ կարող այնչափ բարձր թռիչ առնուլ, եւ քանի անգամ, որ բարձրանալ փորձէ` թաւալգլոր գետինը պիտի իյնայ՝ եւ թերեւս միւս թեւն ալ պիտի կոտրէ:

Ուրիշներու պէս, ես ալ համոզուած էի, որ խօսքը բառերէ կը շինուի, իսկ երբ ակնարկ մը կ՚ընեմ այդ հոյակապ շէնքերուն վրայ, զորս բարձրացուցած է նորին վսեմութիւնը` կ՚ըսեմ. խօսքը քարերէ կը շինուի: Եւ ի՜նչ դրութեամբ եւ արագութեամբ…: Ես ալ երբեմն բառեր կ՚առնեմ, կը փոխեմ, կը տեղաւո­րեմ, նորէն կը հանեմ, տեղը ուրիշ բառ մը կը դնեմ եւ երբ կը կարծեմ, թէ գե­ղեցիկ խօսք մը շինած եմ՝ կը տեսնեմ, որ նորին վսեմութեան շինած մէկ հա­ւանոցը իմ շինած խօսքէս շատ աւելի գեղեցիկ եւ վսեմ է: Սակայն իմ գրիչս որչափ ալ անզօր ըլլայ` գոնէ անկարող է նսեմացունել նորին վսեմութեան համբաւն, որ, ինչպէս կ՚ըսէ խմբագիր մը, քարէ շինուած է: Եւ այս իսկ է, որ կը քաջալերէ զիս, իւր կեանքը գրելու:

Սարգիս պէյ Պալեան Բեշիկթաշ ծնած է 1835 փետրուար 17֊ին: Բնութիւնն զինք օժտած էր տաղանդով, ազնւութեամբ եւ գեղեցկութեամբ: Այնպիսի հա­մակրական դէմք մը ունէր, որ համբոյրներով կը լենար: Զուարթ էր, եւ չէր այն մանուկներէն, որք ծնելուն պէս կը սկսին լալ, եւ զորս բնութիւնը կարծես չախելով աշխարհ ղրկած է:

1843֊ին վերջերը, առաջին անգամ ըլլալով, Բարիզ գնաց եւ երկու տարւոյ չափ հոն մնալէն ետքը` Կ. Պոլիս վերադարձաւ:

1847֊ին երկրորդ անգամ գնաց Բարիզ, որ այն ատեն պաշարման վիճա­կի մէջ էր: Հոն Սենտ Պառպի վարժարանը մտաւ եւ իւր շրջանն յաջողութեամբ լրացնելէն ետքը` Էքոլ Սանթրալ դրուեցաւ, ուր իւր սրամտութեան շնորհիւ քիչ ժամանակի մէջ մեծ յառաջդիմութիւն ընելով` Էքոլ տէ Պոզար մտաւ ուր ամբողջացուց արհեստն ու գիտութիւնը:

1855֊ին Պոլիս վերադարձաւ, ուր իւր երջանկայիշատակ հօրը քովը, սկսաւ իւր հանճարը ցոյց տալ արքունական շինութիւններու մէջ:

1866֊ին Կարապետ Քալֆա վախճանեցաւ, եւ դրախտաբնակ Սուլթան Ապտ֊Իւլ֊Ազիզ, որ ինչպէս Կարապետ Քալֆային բարեմասնութիւնները, նոյնպէս ալ Սարգիս պէյին տաղանդը լաւ կը ճանաչէր` կայսերական պալա­տին եւ շինութիւններու ճարտարապետ անուանեց նորին վսեմութիւնը:

Այս բարձր պաշտօնին գլուխն անցնելուն պէս, փորձով ցոյց տուաւ նո­րին վսեմութիւնն, որ Սուլթան Ազիզ լաւագոյն ընտրութիւն մը չէր կրնար ընել: Մենք փոխանակ նորին վսեմութեան երկար բարակ գովեստներ կարդա­լու` կը շատանանք անոր գործերը հոս թուելով.

Պեյլերպէյի նոր պալատը,

Չրաղանի նոր պալատը,

Պեյքոզ, Թոքաթի քեօշքը,

Հեքիմ Պաշի Չիֆթլիկի քեօշքը,

Ալեմ Տաղի քեօշքը,

Գալենտերին քեօշքը,

Յըլտըզի նոր քեօշքը,

Պեյքոզի Էոժէնի կայսրուհւոյն համար շինուած շէնքը,

Քեաղըտխանէի պալատը,

Գանտիլլի, սուլթաններու պալատը,

Աք Սարայի մզկիթը,

Կիւմիւշ Սոյի զօրանոցը,

Ղալաթա Սերայի դպրոցը,

Քեաղըտխանէի մզկիթը,

Վալիտէ Պաղը քեօշքը,

Այազ Աղայի քեօշքը,

Պալ Մոմուի չիֆթլիկը,

Չատըր քեօշքը,

Չըրաղանի պահականոցը,

Թօփ Գաբուի քեօշքը,

Քիւչուկ չեքմեճէի քեօշքը,

Իզնիմիտ, սուլթանի ագարակին մէջ շինած գեղջկական շէնքը,

Պեշիկթաշի դպրոցը,

Մաչքայի զինանոցը,

Մաչքայի զօրանոցն եւ պահականոցը,

Զինճիրլի Քոյոյի քեօշքը,

Պեշիկթաշի մէջ թաղ մը, կէս քիլոմետրոյ երկայնութեան վրայ:

Այս եւ իւր շինած ուրիշ քանի մը շէնքերն այնչափ արհեստով եւ գիտու­թեամբ կառուցուած են, որ զանոնք դիտողը կը հիանայ եւ ինքն իրեն կը հարցունէ թէ` արդեօք Բարիզէ՞ն բերել տրուած են այս շէնքերը, նման այն մարդուն, որ, չգիտեմ ո՛ւր, գեղեցիկ շէնք մը տեսնելով` քովիններուն հարցուցած է, թէ Եւ­րոպայի մէ՞ջ շինուած է այս:

Առիթը կարծես միշտ դժուարութիւններ յարուցած է նորին վսեմութեան. որ իւր հանճարովն ամէն դժուարութիւններու յաղթած է: Քեաղըտխանէի պա­լատն` որ երկու հարիւր կանգունի չափ երկայնութիւն եւ վաթսուն կանգունի չափ լայնութիւն ունի, ձմեռուան եղանակի մէջ ջուր կը կոխէ. եւ նորին վսե­մութիւնը առանց կարասիքը մէջէն հանելու պալատն մէկ մեթրոյ բարձրու­թեամբ վեր կ՚առնէ: Արնաւուտ գիւղի Սուլթան սերայի պատը ճեղքուելով դէ­պի ծով կը քալէր, նորին վսեմութիւնը թող չտուաւ եւ պատը ստիպուեցաւ հնազանդիլ: Նմանապէս Չրաղանի պալատին քեօշքը, որ դէպի ծով յառաջ կը քալէր՝ անոր հրամանաւն ստիպուեցաւ դառնալ առջի տեղը: Արքայաբնակ Սուլթան Մէջիտի հետ երբ Սելանիկ գնաց, գիշերուան մը մէջ շինեց հոն մար­մարիոնէ աւազան մը, Պեշչընար, ուր նորին վեհափառութիւնն ընդունեց քաղաքի երեւելիները: Միայն մեր մէջ չէ, որ մեծ համբաւ կը վայելէ այս հան­ճարն, Եւրոպայի մէջ իսկ կը ճանաչեն անոր յարգն: Բարիզ հրատարակուող Լը մոնտ իլիւսթրէ անուն հանդէսն նորին վսեմութեան պատկերը հրատարա­կելով` հետեւեալ տողերը կը գրէ.

«Երեւելի ճամբորդներ, որոնք դեռ նոր այցելած են Կ. Պոլսոյ քաղաքը` կը յայտնեն մեզ այն տպաւորութիւնները, զորս իրենց վրայ ներգործած են ար­հեստով եւ գիտութեամբ բարձրացած այն հոյակապ շէնքերն ու պալատներն, որոնք Վոսփորի երկու ափերը կը զարդարեն: Սքանչացած են իմանալով, որ այս հրաշալիքները սուլթանին հռչակաւոր ճարտարապետ վսեմ. Սարգիս պէյ Պալեանի գործն են:

«Այս տաղանդաւոր անձն ամէնէն աւելի երեւելի ընողն է այն անհաւա­տալի արագութիւնն, որով հոյակապ շէնքեր կը կանգնէ: Այսպէս Պեյլերպէյի պալատն, որ մեր Նուվել օբերա յին պէս փառաւոր եւ մեծ է, երկու տարուան մէջ շինուեցաւ: Յըլտըզի քեօշքը, որ կոփածոյ քարերէ եւ մարմարիոնէ շինուած գողտրիկ գործ մ՚է, եւ որ մեր Պիպլիոթեք նասիոնալի մեծութիւնն ունի, վեց ամիսէն քիչ ժամանակի մէջ շինուեցաւ:

«Արագութեամբ գործելու հետ, նորին վսեմութիւնն ունի տեղական պա­հանջումներուն յարմար տնտեսագիտական եւ վարչական այնպիսի ձիրքեր, որոնց շնորհիւ բոլոր այս շէնքերը մէկ երրորդով կանգնուեցան այն գումա­րէն, զոր մեր հասարակաց գանձը վճարած է նմանօրինակ շէնքերու համար:

«Հետզհետէ աստիճանէ աստիճան բարձրանալով` այսօր կառավարու­թեան աստիճաններէն բարձրագոյնն ունի, եւ բոլոր վեհապետներն, որ Պոլիս գացած են, փութացած են պատուանշաններով զարդարել անոր լայն կուրծքը եւ առատօրէն նուէրներ ընել անոր:

«Քաղցր վարմունքն, ազնւութիւնը, մարդասիրութիւնն եւ ուրիշ բարե­մասնութիւնները տաղանդին հետ միանալով` նորին վսեմութիւնը ճանչցող­ներուն համակրութիւնը կը գրաւեն: Իւր գթասրտութիւնն եւ հիւրասիրու­թիւնն ոչ նուաստ գովեստներու արժանի են:

«Աւելի մեծ հաճութեամբ կը հրատարակենք իւր պատկերն անոր համար, որ նորին վսեմութիւնը Ֆրանսիայի մէջ առած է առաջին ծանօթութիւններն արուեստին` զոր այնչափ բարձրացուցած է Թուրքիոյ մէջ»:

Զանց կ՚ընենք հոս յիշատակելէ քանի մը տարիներ առաջ մայրաքաղա­քիս մէջ հրատարակուած Ռըվիւ տը Քոնսթանթինոբլ անուն հանդէսին գրած տողերն, որոնք նորին վսեմութեան տաղանդը կը հռչակեն. զանց կ՚ընենք, վասն զի իւր գործերն պէտք չունին գովեստի: Թուով խիստ քիչ են մեր ազգին մէջ այսպիսի մարդեր, որոնք իրաւամբ իրենց ազգին փառքն ու պարծանքն են: Արդարեւ շատ են, որ համբաւ ունին, այլ քիչ են, որ անոր արժանի ըլլան: Մարդս հարկ է, որ ինք ունենայ համբաւ. ուրիշի ծախու առնուած համբաւին պէս անարգ բան չկայ: Մին աղքատի մը ողորմութիւն տուած ժամանակը կ՚ու­զէ, որ բոլոր աշխարհը տեսնէ, եւ թերեւս կը սրդողի, թէ ինչո՛ւ Աժանս հա­ւասի գործակալութիւնն հեռագիր չքաշեր Եւրոպա` յայտնելով, թէ այսինչ մարդն մուրացկանի մը քսան փարայ տուաւ այսօր: Ուրիշ մը, որ բորբոսնած ոսկիներ ունի, կը հանէ հինգ ոսկի միայն կու տայ սովեալներու Յանձնաժողո­վին եւ կը պնդէ, որ ազգին մէջ իրմէ աւելի առատաձեռն մարդ չկայ: Սահմա­նափակ մտքի տէր մէկը հրատարակութիւն մը կ՚ընէ, եւ կը սկսի աղաչել իւր բարեկամներուն, որ պէտք եղած գովեստը չզլանան իւր գրքին, որ ամէն բանի արժանի է, բացի գովեստէ: Ուրիշ մը սանդուխէ մը առանց իյնալու իջած ըլլալուն համար, մարմնամարզութեան դասատու ըլլալ կ՚ուզէ: Շատերը համ­բաւոյն ետեւէն կը վազեն եւ այս պատճառաւ կը փախցունեն համբաւն, որ իր ետեւէն վազողը չճանաչելով` կը վախնայ ու կը փախչի: Ունի՞ս հանճար կամ առաքինութիւն, համբաւն ետեւէդ կու գայ, եւ որչափ վռնտես` այնչափ քեզմէ չբաժնուիր: Վռնտեցէք ուրեմն սա համբաւն քիչ մը ատեն, եւ հետեւե­ցէք այդ անձին, որու կեանքը կը կարդաք:

Միայն ճարտարապետութեան ասպարէզին մէջ չէ, որ իւր գործերը հա­ջողութեամբ պսակուած են, ինքը որչափ ճարտարապետ, նոյնչափ ալ մեքե­նագէտ է. ինչպէս քարերն իւր հրամանով շարուելով ամէնուն հիացումը կը գրաւեն, այնպէս ալ երկաթներն իրարու մէջէն անցնելով` ոգի կ՚առնեն եւ անուս մարդերու պարծենալով կ՚ըսեն. մենք ձեզմէ աւելի օգտակար ենք աշ­խարհին: Շինած ունի թաւալողական մեքենայ մը, որուն պատկերը հեղինա­կին անուան հետ տպուած է Արմէնկոյի մէջ, որ մեքենաներու եւ մեքենագէտ­ներու վրայ խօսող հանդէս մ՚է: Յիշեալ մեքենային համար արտօնագիր տրուած է նորին վսեմութեան: Քանի մը ատենէ ի վեր կ՚աշխատի նոր կաթսայ մը շինել, որ քիչ հանքածուխով կարենայ տաքնալ: Եթէ այս գործն ի գլուխ ելնէ, մեծ ծառայութիւն մը մատուցած պիտի ըլլայ երկրիս շոգենաւերու ընկերու­թիւններուն, մանաւանդ ճամբորդներուն, որոնք երբեմն օրերով կը սպասեն, որ նաւապետն քաղաքէ մը ածուխ գտնէ եւ ճամբան շարունակէ: Արդեօք որ­չափ օրհնութիւններ պիտի առնէ Խասգիւղի շոգենաւէն, որուն մեքենան ձմեռ ատեն, օր մը յանկարծ կայնեցաւ, եւ երբ պատճառը փնտռուեցաւ` հասկցուե­ցաւ, որ ցուրտէն ջուրը սառած էր կաթսային մէջ:

Տան մէջ ունի աշխատարան մը, որ լի է բնագիտութեան եւ տարրալուծա­կան գործիքներով: Շարունակ հոն կ՚աշխատի երկու երեք տարիներէ ի վեր եւ բնագիտական ու տարրալուծական փորձերուն կը պարապի:

Թողունք նորին վսեմութեան աշխատիլ իւր սենեակին մէջ, եւ մենք քիչ մը դուրս ելնենք: Կ՚ուզէ՞ք քիչ մը դէպի Պառնաս քալել, ահա քնար ի ձեռին մեր դէմը կ՚ելնէ այն անձը, զոր քիչ մը առաջ ճարտարապետ ճանչցանք, վերջը մեքենագէտ, քիչ մը ետքը բնագէտ եւ քիմիագէտ: Ի՞նչ գործ ունի Պառնասայ ճամբուն վրայ. արդեօք պալա՞տ մը շինելու համար կանչուած է հոն: Հաւա­նական է: Քնար մը ունի քովն, այդ որո՞ւն է, ուսկի՞ց առած է: Ապողոնէն խնդրած եւ առած է, բարեկամ: Պիտի զարմանաս անշուշտ երբ ըսեմ, որ Մայր Արաքսիին սրտառուչ եղանակն այդ քնարին պարտաւոր ենք: Աւելորդ է հոս երկարօրէն գրել այն եղանակին վրայ, որ այսօր ամէն հայու բերանն է. սա­կայն պէտք է խոստովանիլ, որ ոտանաւորին ոգւոյն համապատասխանող եղանակ մը շինելու յաջողած է: Ունինք ուրիշ երաժիշտներ ալ, որոնք միայն եղանակ շինելով կը կարծեն, թէ կը յաջողին, եւ ասոր համար է, որ ազգային թատրերգութիւններուն կամ երգերուն մէջ կը հանդիպինք այնպիսի եղանակ­ներ, որոնք ոտանաւորին հետ բնաւ խնամութիւն չունին: Օրինակի համար, երբ ոտանաւորը կու լայ` եղանակը խնդալէն կը ճաթի, եւ երբ եղանակը ննջե­ցեալ կը տանի` ոտանաւորը գինի բերէք կը պոռայ: Այս կերպով դերասան մը երգին խօսքերովը կը լացունէ եւ եղանակովը կը խնդացունէ, կամ, լաւ եւս, ոչ մին կ՚ընէ ոչ միւսը: Բացի ասկից շինած ունի Քրիսթոֆ Քոլոմպ անուն օբերայի մը եղանակն, որուն վրայօք շատ գովեստով կը խօսի: Պարապ աշ­խատութիւն է կրկնելը, թէ նորին վսեմութեան մատներն դաշնակի վրայ ալ հրաշքներ կը գործեն:

Սարգիս պէյ Պալեան իւր զբաղումներուն շատութեանը պատճառաւ` չէ կրցած ազգային ժողովներու մէջ մտնել, այսու ամենայնիւ ամէն բարեգոր­ծական եւ մարդասիրական ձեռնարկութիւններու մէջ կը փայլի իւր նուէրնե­րովը: Աւետարանը միայն չէ, որ կը պատուիրէ իրեն ձախ ձեռին չտեսնել աջին տուածը, ուրիշ պատճառներ ալ կան, որ կը ստիպեն զինքը գաղտնապէս բա­րիք ընելու:

Քանի մը տարի առաջ` Ազգային Պարտուց բարձման համար նուիրեց հա­զար հինգ հարիւր ոսկի, գումար, որ իրեն ընկեր չգտաւ նուիրատուներու ցան­կին մէջ: Շատ տարիներէ ի վեր Վասպուրականի Մարմեթ գիւղի մէջ դպրոց մը հիմնած է, եւ որուն ծախքն ինքը կը հոգայ մինչեւ այսօր:

Կարելի չէ համրելով լմնցնել այն նամակներն, որոնք ամէն օր կ՚ուղղուին իրեն եւ որոնք վսեմափայլ տէր ով կը սկսին ու Հաճեցէք ներփակեալ տոմ­սակներն ընդունել ով կը վերջանան: Նորին վսեմութիւնն բնաւ ետ չդարձու­ներ այս տեսակ տոմսակներն, որոնք կամ թատրոն կը հրաւիրեն զինքն կամ պարահանդէս, ուր դերասանի մը կամ ազգային հաստատութեան մը կամ ըն­կերութեան մը ի նպաստ ներկայացում կամ պար կը տրուի: Եթէ իւր տուած դրամներուն ցանկն հրատարակուի` ակներեւ պիտի տեսնուի, որ այս անձը կարծուածէն աւելի առատաձեռն է:

Մինչեւ հիմա առատաձեռնութեան շատ փորձեր ցոյց տուած է, եւ կը հաւատանք, որ ասկէ վերջն ալ պիտի շարունակէ իւր նուէրներն ազգային ման­կտւոյն դաստիարակութեանը համար:

Հակառա՛կ այն պատուանշաններուն, զորս իւր կուրծքէն կախած են Անգ­ղիայի, Ֆրանսիայի, Գերմանիայի, Իտալիայի, Թուրքիայի, Ռուսիայի եւ այլն կառավարութիւններն` այսօր հայերէն կը խօսի եւ ազգին բնաւ չարիք մը հա­սուցած չէ: Այսչափ պատուանշաններով զարդարուած մէկն իւր մայրենի լե­զուն սիրէ՜… Աս քիչ մը անհաւատալի պիտի թուի ամէն անոնց, որ դժբախ­տութիւն ունեցած են տեսնուելու այնպիսի էֆենտիներու կամ պէյերու, որոնք եթէ աստիճանէ մը բարձրանան` հայերէն չխօսելու ուխտ կ՚ընեն. եթէ պատուանշան մ՚ալ առնեն` հայերէն խօսողն ականջէն պատի մը վրայ գամելու չափ յառաջ կ՚երթան, եւ եթէ քիչ մ՚ալ բարձրանան` ազգային իրաւունքներն աճուրդի կը հանեն, կարծելով, թէ այս ընթացքով աւելի բարձր աստիճաններու կը հասնին:

Պաշտպան եւ սիրող է գեղարուեստներու:

Երբ Այվազովսքին մայրաքաղաքս եկաւ, նորին վսեմութենէ հիւրընկալուեցաւ: Կը սիրէ եւ կը քաջալերէ ամէն գեղեցիկ գործերն՝ ինչ սեռէ ալ որ ըլլան:

Գիտութեամբ եւ արհեստով օժտուած ասանկ հռչակաւոր մէկու մը միայն կը վայլէր քիչ մը հպարտութիւն` եթէ աս ներելի ըլլար, բայց կը տեսնենք, որ հպարտութեան նշոյլն անգամ չունի իւր վրայ: Իրեն ներկայացուողն ի՛նչ աստիճանէ ալ որ ըլլայ, այնքան անուշութեամբ կ՚ընդունուի իրմէ, որ կը սկսի կարմրիլ եւ նեղուիլ: Իրեն դէմն ելնելու համար ժամերով վարի սրահն սպա­սելու հարկ չկայ, ոչ ալ պէյն այսօր հիւր ընդունելու ժամանակ չունի, ուրիշ օր մը եկուր խօսքը կը լսես: Այսպէս ամէնուն հետ քաղցրութեամբ կը վարուի, իսկ երբ կը տեսնէ, որ դիմացինը, ո՛վ որ ըլլայ, իւր չափը չճանաչեր, այն ատեն փափկութեամբ կ՚իմացունէ հպարտութիւն ծախողներուն, որ ուրիշ տեղ երթան իրենց ապրանքը ծախելու:

Որչափ ալ չուզենք, նորին վսեմութեան արժանապատւութիւնը չվիրաւո­րելու համար, զուգակշռութեան մտնելով իւր առաւելութիւնները յայտնելու` ամէնօրեայ դէպքերն կը ստիպեն զմեզ խոստովանիլ, որ մեր ազգին մէջ կան այնպիսի անձեր, որ հպարտութեան գագաթը բարձրացած են. եւ այս անձերն այնպիսի մարդեր են, որ բնաւ իրաւունք չունին… հպարտանալու:

Ասոնց համար ամէնէն սովորական բան մ՚է արհեստաւորի մը հետ այն­պէս վարուիլ, ինչպէս կը վարուի կռանն երկաթի հետ. դաստիարակի մը հետ խօսիլն աւանակի մը վրայ հեծնելով Երուսաղէմ մտնել է իրենց համար. խմբա­գրի մը բարեւ տալն անոր պատուանշան տալու չափ արժէք ունի իրենց քովը: Վսեմ Սարգիս պէյ Պալեան մինչեւ այսօր կը պահէ ճարտարապետութեան պաշ­տօնն եւ ինչպէս սուլթան Ազիզին, նոյնպէս ալ օգոստափառ սուլթան Համի­տին հաւատարմութեամբ ծառայելով` նորին վեհափառութեան հովանաւորու­թիւնը կը վայելէ:

Նորին վսեմութիւնը միջին հասակով, սեւ աչերով եւ ընքուիներով, բարե­կազմ եւ գեղեցիկ անձ մ՚է: Այնպիսի դէմք մը ունի, որ կարծես թէ, եթէ Մուսաս իւր խօսքը պահէ եւ ես յաջողիմ երգիծանքներս աւարտել՝ պիտի կրնամ անոր անձին վրայ Մեկենասս գտնել:

Be the first who will comment on this

Other parts of "Ազգային ջոջեր"

Yatuk Music
Lilac
Tigran Hamasyan

Lilac

Davit Bek
Davit Bek
Play Online