Hakob Paronyan
Ազգային ջոջեր
ՆԵՐՍԷՍ ՎԱՐԺԱՊԵՏԵԱՆ
Պղուտարքէ՛, քանի մը վայրկեանի համար գրիչդ փոխ կու տա՞ս ինձի գրելու համար կեանքն այն քաջ հովուին, որ իւր անձն իւր ոչխարներուն վրայ դրած է: Երեւելի՛դ կենսագիր, դու Զուգակշիռ ներուդ մէջ անմահացար, եւ ես Ջոջ երուս մէջ պիտի թաղուիմ պսակ հիւսել սորվեցունելով իմ անառակ գրիչիս, որ մոլորութիւններու առջեւ սրատես եւ հեռատես` իսկ առաքինութիւններու առջեւ կոյր ըլլալու սովորութիւնն ունի: Բայց պիտի կրնա՞ս արդեօք այս փոխատւութիւնն ընել ինձ, թէ պիտի ճամբես ինձ ըսելով.
Ինչ որ Բնութիւնը չէ շնորհած քեզ` Պղուտարքոս չէ կարող փոխ տալ:
Դժբախտաբար այս վերջինը հաւանական կը թուի ինձ, եւ ես իմ ձեռներովս իմ գերեզմանս փորել չուզենալով` ամենապատիւ սրբազան պատրիարք հօր կը դիմեմ, ծունր կը չոքիմ նորին սրբազնութեան առջեւ եւ կ՚առաջարկեմ.
«Աշակերտիդ սիրոյն համար, երգիծաբանութեան յառաջադիմութեան սիրոյն համար քանի մը փոքր թերութիւններ ունեցէք, որ իմ գրիչիս սիրտն ալ չկոտրի»:
Նորին սրբազնութիւնն այս առաջարկութիւնս կ՚ընդունի, եւ ես ուրախ սրտով ետ կը դառնամ եւ կը սկսիմ գրել:
Շնորհօքն Աստուծոյ եւ ընտրութեամբ Երեսփոխանական ժողովոյ, Յիսուսի Քրիստոսի ծառայ, ամենապատիւ Ներսէս Պատրիարք Վարժապետեան ծնած է Խասգիւղ 1837 յունուար 28֊ին: Հայրը պարկեշտ թիւլպենտ վաճառող մ՚էր: Մեծ հայրն էր հռչակաւոր տիրացու Պօղոս ձայնաւոր վարժապետ, ուսկից ժառանգած է Վարժապետեան մականունը: Ոչ ոք աւելի լաւ գործածած է իւր հօրէն մնացած ժառանգութիւնը: Ծննդենէն քանի մը օր ետքը կատարուեցաւ մկրտութեան հանդէսը, եւ երախային անունը Պօղոս դրուեցաւ:
Հազիւ երկու տարեկան էր եւ սկսած էր վանկեր իրարու հետ կապելով բառեր արտասանել, երբ մեծ պահոց առաջին օրը եկեղեցի տարուեցաւ: Մանուկն երբ տեսաւ, որ ժողովուրդը կռնակը խորանին տուած գաւիթը կը դիտէ` սկսաւ խնդալ: Մայրն իւր զաւակին բարձրաձայն խնդալն արգիլելու համար՝ մեծ նեղութեամբ հասկցուց անոր, որ Հրաժարիմք կարդացուած ատեն ժողովուրդն այդ դիրքին մէջ գտնուելու է: Այս հրաժարիմ բառը լաւ մը տպաւորուեցաւ մանկան մտքին մէջ եւ արձանագրուեցաւ լեզուին վրայ. տարին եթէ հարիւր անգամ եկեղեցի երթար՝ եօթանասուն ութ անգամ կռնակը խորանին կու տար եւ քսաներկու անգամ խորանին կը դարձունէր:
Նորին սրբազնութիւնն իւր առաջին ուսումն առաւ Խասգիւղի Ներսէսեան վարժարանին մէջ, ուր իւր բարի վարքն, սրամտութիւնն եւ ժրաջանութիւնը յայտնող վկայականներով հարստացաւ:
1855֊ին մասնաւոր դասախօսութեան պաշտօնով Ադրիանուպոլիս գնաց, Քաղաքին ազգայինները զինքը սիրելով, հոն Արշակունեան մայր վարժարանին մէջ դասատւութեան հրաւիրեցին: Հրաւէրն ընդունուեցաւ, եւ նորին սրբազնութիւնն հետեւեալ օրը Արշակունեան վարժարանը մտաւ եւ քննելու համար եկաւ կայնեցաւ առաջին կարգի աշակերտներուն առջեւ, որոնց մէջ կը գտնուէր նաեւ այս տողերը գրողը: Մեծ փառք ու պատիւ է ինձի նորին սրբազնութեան պէս դասատու մը ունեցած ըլլալս, սակայն չեմ կարծեր` թէ սրբազան պատրիարք ալ իրեն պարծանք համարի ինձի պէս աշակերտ մը ունեցած ըլլալը… մեծ մարդեր կրնար անոր փառքը կազմել: Որչափ ատեն, որ մնաց վարժարանին մէջ` անխոնջ ջանիւք աշխատեցաւ եւ մեծ հոգ տարաւ վարժարանի բարեկարգութեանը: Ապերախտութիւն ըրած կ՚ըլլամ` եթէ հոս չյայտնեմ, որ վարժարանի մէջ շրջանս աւարտելէ ետքը` նորին սրբազնութիւնն անձամբ տարաւ զիս քաղաքին յունաց Մայր վարժարանը, ուր յոյն լեզուին դժուարութիւնը միայն սորվելով` տարիէ մը դուրս ելայ անկից:
1858֊ին, օր մը, մէկէն ի մէկ զրոյց մը տարածուեցաւ քաղաքին մէջ, որ Պօղոս պատուելին հագուստը պիտի փոխէ: Եւ արդարեւ նորին սրբազնութիւնը դիմած էր քաղաքին առաջնորդ Արիստակէս եպիսկոպոսին եւ խնդրած էր, որ զինքն անպատճառ եւ անմիջապէս վարդապետ ձեռնադրէ, սպառնալով, որ եթէ իւր խնդիրքը չկատարուէր` քաղաքէն պիտի մեկնէր: Արիստակէս եպիսկոպոսն, որ վերջէն տեղապահ եղաւ, պալատի մէջ ազգին մէկ մեծ իրաւունքը պաշտպանեց եւ վերջը խեղճութեան մէջ մեռաւ, առանց պատրիարքարանէն հրաման խնդրելու եւ ընդունելու, ստիպուեցաւ վարդապետ ձեռնադրել Պօղոս պատուելին, որ եղաւ Ներսէս վարդապետ:
1860֊ին Մատթէոս կաթողիկոսին հրամանաւ Ռումանիոյ եւ Աւստրիոյ կողմերն այցելու գնաց, առանց իւր մականունը փոխելու, ոչ ալ Պոլսոյ լրագիրներուն իրեն համար գովասանական նամակներ գրեց եւ զանոնք ուրիշներու ստորագրել տալով` խմբագիրներու ղրկեց: Նոյն տարւոյն վերջերը Խասգիւղի քարոզիչ անուանուեցաւ:
1861֊ին Կրօնական ժողովոյ ատենապետ ընտրուեցաւ, եւ ինչպէս իւր պաշտօնը կը պահանջէր, պաշտպանեց կրօնքը Քրիստոսի եկեղեցւոյ հակառակորդ ներուն դէմ:
1862֊ին քննութեան պաշտօնով Զէյթուն ղրկուեցաւ, ուր Սսոյ կաթողիկոսէն եպիսկոպոս օծուելով Պոլիս դարձաւ:
1865֊ին Մկրտիչ եպիսկոպոսի, այժմեան Սսոյ կաթողիկոս, խնդրոյն համար Եգիպտոս քննիչ գնաց, եւ հոն քանի մը կարեւոր կտակներ կարգադրելէն ետքը` Պոլիս եկաւ եւ Շահ Նազար֊Նուպարեան վարժարանը բացաւ: Նոյն տարին էր, որ սահմանադրութեան վերաքննութեան Մասնաժողովին անդամ եղաւ:
1866֊ին Նորատունկեան Յակոբ եւ Նեւրուզեան Աբեթիկ էֆենտիներու հետ կաթողիկոսի ընտրութեան համար Էջմիածին գնաց: Վեհափառ Գեւորգ կաթողիկոսն իւր բռնած ընթացքովն աղէկ համոզեց զմեզ, որ սրբազան պատրիարքն առաջին կարգի ընտրելի մ՚է, բայց նորին սրբազնութեան դժուարը չգայ, ընտրող չէ:
1867֊ին երկրորդ անգամ ատենապետ ընտրուեցաւ Կրօնական ժողովոյ: Մաքուր խղճով վարեց այս պաշտօնն ալ, առանց դուրս ելնելու այն սահմանէն, զոր կրօնքը գծած է:
1868֊ին ժողովուրդն որ մի քանի տարին անգամ մը պատրիարք փոխելու սովորութիւն ունի, եկեղեցիներուն մէջ սկսած էր պոռալ, որ Պօղոս պատրիարքին անունը չյիշուի: Խասգիւղի եկեղեցւոյն մէջ ալ քանի մը անձեր չյիշուի ըսած ըլլալնուն համար` կառավարութեան կողմէ կը բանտարկուին: Գիշեր մը Խասգիւղի եկեղեցւոյն զանգակը կը հնչէ. ամբոխը նորին սրբազնութեան տունը կը խռնի եւ իւր քարոզիչն եկեղեցի տանելով` խորանին վրայ կը հանէ եւ կը ստիպէ, որ այդ անձերը բանտարկել տուողին անունը յայտնէ:
Չեմ գիտեր, կը պատասխանէ նորին սրբազնութիւնը:
Գիտէք, շատ աղէկ գիտէք եւ պէտք է, որ բանտարկել տուողն մեզի ճանչցունէք, կը պոռայ ամբոխը:
Մի՛ ստիպէք զիս, չեմ գիտեր:
Եթէ չէք գիտեր, պէտք է որ գիտնաք եւ մեզի ըսէք:
Կ՚աղաչեմ…
Գիտէ՛ք, սրբազան, գիտէք…
Եթէ չէք գիտեր, երդում մը ըրէք չգիտնալուդ վրայ:
Ամբոխը սկիհն իւր քարոզիչին կ՚երկնցնէ, որ առնէ երդում ընէ, եւ նորին սրբազնութիւնը սկիհն առնելով կ՚երդնու, որ չյիշուի պոռացողներուն բանտարկուած ըլլալէն բնաւ տեղեկութիւն չունի:
Շնորհակալ ենք, սկիհը մի՛ ձգեր. դեռ գործ ունինք…
Ինչո՞ւ:
Երդում մ՚ալ ըրէ, որ ասկէ վերջը հոս յիշել չպիտի տաս Պօղոս պատրիարքը:
Այս առաջարկութեան վրայ նորին սրբազնութիւնը կը մարի եւ ամբոխը կը ցրուի:
1868֊ին պատրիարք պիտի ըլլար, բայց Խորէն արքեպիսկոպոս Լուսինեան, այն ատեն Գալֆայեան, քանի մը կրօնաւորներ համոզելով անոնցմէ ստորագրութիւն առած ու Էջմիածին հեռագրած էր, որ Սսոյ եպիսկոպոս մը պատրիարքական աթոռին ընտրելի կը ներկայացուի: Խորէն արքեպիսկոպոսին այս հեռագիրն երեւան կ՚ելնէ ու շատ մը վիճաբանութիւններու տեղի տալէ ետեւ, վերջապէս Խրիմեան կ՚ընտրուի պատրիարք, թէպէտեւ միւս կողմէն Վարժապետեանն ալ կը յայտնէր, թէ ինք սահմանադրութեան պահանջած տարիքն չունէր պատրիարքական աթոռին վրայ բազմելու համար, եւ, կերպով մը, իւր հայրը կ՚ամբաստանէր` իբրեւ միակ պատճառ՝ որով ազգը կը զրկուէր նոյն թուականին Վարժապետեանն իրեն պատրիարք ունենալէ:
1869֊ին երրորդ անգամ Կրօնական ժողովոյ ատենապետութեան կոչուեցաւ, եւ այս բաւական է ցոյց տալ՝ թէ նորին սրբազնութիւնն որչափ խոհականութեամբ կը վարէր այս պաշտօնը:
1870֊ին Նիկոմիդիոյ վիճակին առաջնորդ ընտրուեցաւ եւ առանց դիտողութիւն ընելու, ընդունեց այս պաշտօնն եւ գնաց հովուել զինքը հրաւիրող ժողովուրդը: Շատ մը առաջնորդներ եթէ տեղ մը երթան` կ՚աշխատին հոն գտնուած վարժարանները գոցել կամ եկեղեցւոյ բակը աւազաններ շինել տալով` վարժարաններու հասոյթը ծառերու եւ ծաղիկներու յատկացնել: Նորին սրբազնութիւնն իրեն պաշտօնատեղին երթալուն պէս` ամէն տեղ վարժարաններ բանալու ետեւէ եղաւ, ժողովրդեան վրայ ծանրացած տուրքէն երկու հարիւր հազար դահեկան զեղչել տուաւ Մահմուտ Նետիմ փաշայի օրով, եւ այս անձնանուէր աշխատութեամբն իւր ժողովրդեան ոչ միայն սիրոյն, այլ նաեւ երախտագիտութեանն ալ արժանացաւ: Շատ կրօնաւորներ հովիւ քաջ դնէ զանձն իւր ի վերայ ոչխարաց իւրոց ը սխալ հասկնալով կ՚ելնեն իրենց ժողովրդեան վրայ կը նստին եւ անոնց անտանելի բեռ մը կ՚ըլլան. Վարժապետեան աշխատած է միշտ իւր արածած հօտին լուծը թեթեւցնելու:
1872֊ին` Գեւորգ Կաթողիկոսը ճամբու ծախքը ղրկելով, Էջմիածին հրաւիրեց Վարժապետեան, որ առանց դիտողութիւն ընելու, ելաւ գնաց: Հոն Էջմիածնայ ուխտագիրն ալ ստորագրեց եւ Էջմիածնայ եպիսկոպոս ճանչցուեցաւ: Այս թուականին, սահմանադրութեան պահանջած տարիքն ունէր պատրիարքութեան աթոռին վրայ բազմելու համար, եւ իւր հակառակորդն բարկութեամբ կը դիտէր բարձումն այն երկու պատճառներուն` որովք Ներսէս զրկուած էր քանի մը տարի առաջ պատրիարքութեան գահուն վրայ բարձրանալէ:
Խրիմեանի պատրիարքութեան վրայ երեք չորս տարիներ անցան, եւ ժողովուրդը սկսաւ անհանգիստ ըլլալ նոր պատրիարք մը չընտրելուն համար: Փոթորիկ մը բրդաւ: – Խրիմեանի անունը չյիշուի: Ոչ, չյիշուի: Չպիտի յիշուի: Եւ Խրիմեան հրաժարեցաւ:
1874 փետրուար ամսոյն մէջ տեղապահ կարգուեցաւ ամեն. Ներսէս Վարժապետեան, եւ ապրիլի մէջ պատրիարք ընտրուեցաւ:
Այն օրն, ուր սահմանադրութեան վրայ ուխտ եւ երդում ընելու համար երեսփոխանական ժողովոյն ներկայացաւ` թուղթ մը կարդաց, որուն մէջ կը յայտնէր, թէ ինքն տկար եւ անկարող ըլլալով` չպիտի կրնար այս ծանր պաշտօնը վարել, եւ կը խնդրէր, որ կարող եւ պատրիարքութեան փափաքող մէկն ընտրեն պատրիարք: Այս թուղթը կարդալէն ետքը, սահմանադրութեան պահանջած երդումն եւ ուխտն ընելով` պատրիարք եղաւ: Արդէն պատրիարք չեղած` նորին սրբազնութեան հակառակ թերթերն, որ ուրիշ ընտրելի մ՚ունէին, կը հրատարակէին, թէ Ներսէս եպիսկոպոս լացած է երբ իմացած է իրեն պատրիարք ընտրուելիքը, եւ այս տողերը գրողը Թատրոնի մէջ, որուն խմբագիր֊տնօրէնն էր, կը պատասխանէր այն թերութիւն, ըսելով, որ Ներսէս եպիսկոպոսին արտասուքը հարս ըլլող աղջիկներուն արտասուքին կը նմանին, որոնց պատճառաւ բնաւ հարսնիք մը ետ մնացած չէ:
Պատրիարքական աթոռին վրայ նստելուն պէս` նորին սրբազնութեան առաջին գործն եղաւ հրաժարական տալ: Քաջ համոզուած ըլլալով, որ այս ժողովուրդն միշտ նոր պատրիարք ունենալու փառասիրութիւնն չըսեմ մոլութիւնն ունի, հոգ մի՛ ընէք, ըսաւ մտքէն, ես ձեզի ամէն ամսու գլխուն նոր պատրիարք մը պիտի ընտրել տամ: Այս ծրագիրն պատրաստելով` ամիսէ մը ետքը բացաւ իւր հրաժարականի խոշոր տոպրակն եւ հատ մը նետեց երեսփոխանութեան քթին բերնին: Երկու շաբաթ անցաւ, եւ երբ տեսաւ նորին սրբազնութիւնն, որ աջակողմեան եւ ձախակողմեան երեսփոխաններուն մէջ կիրքն ու ատելութիւնը մարած չէր` հրաժարական մ՚ալ տուաւ, որ դարձեալ չընդունուեցաւ: Իսկ երբ տեսաւ, որ իւր հրաժարականներն չեն ընդունուիր եւ չպիտի ընդունուին` սկսաւ շաբաթն անգամ մը հրաժարական տալ եւ ժողովուրդն, որ երկու տարին անգամ մը նոր պատրիարք կ՚ուզէր, գոհ եղաւ այս հրաժարականներէն, որոնց շնորհիւ երկու օրը անգամ մը նոր պատրիարք ունենալու բախտը կը վայելէր:
Այդ հրաժարականներով շատ գործեր տեսաւ երեսփոխանութեան մէջ, երկու կուսակցութիւններն վարժեցուց միայն ազգին շահերուն համար վիճաբանելու: Ղալաթիոյ օճախը քանդեց, եւ երբեմն ալ այնպիսի պարագաներու մէջ տուաւ հրաժարականներ, զորս ճշմարիտ, անձնանուէր եւ քաջ պատրիարքներ միայն կրնան տալ: Եթէ այդ հրաժարականները չըլլային` ազգն երկու երեք պատրիարք եւս ընտրելու հարկին մէջ պիտի գտնուէր, եւ, ո՛վ գիտէ, ի՛նչ տագնապալից օրեր պիտի ունենար: Չմոռնանք խոստովանիլ, որ այդ հրաժարականներէն մէկ քանին իւր անձնական տկարութեան արդիւնքն էին, բայց երեսփոխանական ժողովն մերժեց զանոնք եւ միշտ պիտի մերժէ, վասն զի ազգն այսօր Վարժապետեանի արժանաւոր յաջորդ մէկը չունի այդ պաշտօնին համար: Սա ինքն է, որ հայկական խնդիրն յարոյց եւ մինչեւ այսօր անձնանուիրութեամբ կ՚աշխատի իւր ազգին կացութիւնը բարւոքելու համար: Ասոր օրովն է, որ պատրիարքարանն յարաբերութեան մէջ մտաւ դեսպանատուններուն հետ, եւ թէ որ ամէն պատրիարքներ Ներսէսի պէս աշխատած ըլլային` ազգն այսօր այսչափ տառապանաց մատնուած տեսնելու դժբախտութիւնն չէինք ունենար թէպէտեւ ժամանակն ալ բաւական օգնեց իրեն: Պատմութիւնն մեր ազգին համար անմահացուցած է անոր անունը, եւ մենք յարմար չենք դատեր գրել այն ամէն գործերն, զորս գործած է եւ դեռ կը գործէ: Շատերը կը կարծեն, որ սահմանադրական տարեգլխոյն` երեսփոխանական ժողովոյ բացման առթիւ խօսելիք ճառին մէջ չպիտի մոռնայ հրաժարական տալ: Այս շատերուն կարծիքը մեր հաւատքն է:
Խիստ քիչ թերութիւններ ունի, եւ ան ալ իմ գրիչիս սիրտը չկոտրելու համար, հակառակ պատրիարքութեան պաշտօնին, ուր ամէն օր առիթ կը ներկայանայ սխալներ գործելու: Սրբազան պատրիարքն իրեն թշնամի կը նկատէ այն ամէն թերթն, որուն խմբագիրն իւր մէկ արարքն կը քննադատէ: Այսպէս իրեն թշնամի նկատելով դադրել տուաւ Թատրոնն, որ յանդգնած էր նորին սրբազնութեան մէկ շրջաբերականը հարուածել. այսպէս խափանել տուաւ Ասիան, որ կրօնաւորի մը անբարոյականութիւնը կը ձաղկէր: Սակայն միւս կողմէն ալ իրեն դէմ խօսող դադրած լրագիրներուն հրատարակման կ՚աշխատէր: Եթէ բարկանայ եւ մէկուն թեթեւ ապտակ մը զարնէ` վայրկեան մը ետքը այդ անձին երեսը կը շոյէ եւ բժիշկներ կանչել կու տայ, որ գան այդ անձին երեսը քննեն եւ պէտք եղած դեղերը անմիջապէս տան: Ներողամիտ եւ վեհանձն է, իրեն թշնամւոյն անգամ բարիք ըրած ժամանակը մտքէն չանցուներ, որ ինձի ըրած թշնամութեան փոխարէն իրեն բարիք կ՚ընեմ:
Իբրեւ ատենաբան արժանի է այն համբաւոյն, զոր իրաւամբ կը վայելէ, մանաւանդ դամբանականի մէջ, զոր շատ չեմ սիրեր ես: Դամբանականի մասին մեր կարծիքն ուրիշի մը կենսագրութեան մէջ գրած ենք, եւ հոս նորէն կրկնելու հարկ չենք տեսներ:
Նորին սրբազնութեան խօսակցութիւնն անուշ է եւ իրեն ներկայացողներուն համակրութիւնը կը գրաւէ: Խիստ խոնարհ է եւ ուրիշին բարիք ընելու համար չքաշուիր օրը հազար յանձնարարական գրելու եւ կամ բերնով մէկն ուրիշի յանձնարարելու: Իւր սենեակին մէջ միշտ անկիւնը կը նստի, առջեւ ունենալով փոքրիկ արկղ մը, որուն մէջ ժամանակաւ պատրիարքներն ոսկի կը դնէին, եւ ուր նորին սրբազնութիւնը դիւանագիտական թուղթեր կը պահէ, զորս երբեմն կը հանէ, կը կարդայ եւ կը մխիթարուի:
Ամենապատիւ Ներսէս պատրիարք վայելուչ եւ գեղեցիկ մարդ մ՚է: Իւր դէմքը տեսնողն կը կարծէ տեսնել Բենիամինն, որ կէս ճամբէն ետ կը դառնայ Եգիպտոս երթալու եւ իր անմեղութիւնն յայտնելու համար: