Hakob Paronyan
Ազգային ջոջեր
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՏԷՐՈՅԵՆՑ
Յովհաննէս Տէր ոյենց կամ Յովհաննէս պատուելի կամ Պրուսացի Յովհաննէս կամ Յովհաննէս Տէր Կարապետեան կամ Չամուրճեան Յովհաննէս, օգնական Պետրոս Առաքեալին, աստուածաբան, մատենագիր, փաստաբան դեւերու, լեզուագէտ, մաթեմաթիկոս, խմբագիր, դասատու, կրիտիկոս, ծնած է անցեալ դարուն վերջերը, Պրուսիայի գիւղերէն մէկուն մէջ: Իւր ծննդեան հետեւեալ գիշերը ծնան դեւերն, որոնց գոյութիւնն այն թուականէն ի վեր հաստատուած ճշմարտութիւն մ՚է:
Թուաբանական հաշուով պարտ էր իրեն կիրակի օր մը գալ աշխարհ, բայց ջերմեռանդ եւ բարեպաշտ ըլլալով ուզեց սուրբ պահել հանգստեան օրն եւ, այս պատճառով, քսանչորս ժամ երկարաձգելով իւր ծնունդն, հետեւեալ օրը բարեհաճեցաւ ի լոյս գալ: Ականատես եւ հաւատարիմ պատմագիրներ կ՚աւանդեն, թէ երբ մայրն եկեղեցի կ՚երթար իւր սովորական աղօթքն ընելու՝ ինքն ալ մօրն արգանդին մէջ երկրպագու կ՚ըլլար Պետրոս առաքեալին պատկերին: Ոմանք այս աւանդութիւնը կը հաստատեն, պատմելով թէ՝ ամէն անգամ, որ դիպուածով այս առաքեալին խօսքը կը բացուէր, մօրը ցաւը կը բռնէր եւ որ չէր անցներ մինչեւ որ եկեղեցին չերթար եւ այն պատկերէն կտոր մը… չուտէր: Դրացի կիներու այն գուշակութիւններն, որովք կը մարգարէանային յայտնելով իւր մօրը, թէ տղադ կամ ձկնորս պիտի ըլլայ կամ ուրացող, լիովին կը վաւերացունեն պատմագիրներուն խօսքերուն ստուգութիւնը: Տէրոյենցի բարեպաշտութիւնը այսօր առած դարձած է, վկայութիւններու կարօտութիւն չունի: Ծնած օրէն սկսաւ պահեցողութեան. չորեքշաբթի եւ ուրբաթ օրերը, երբ մայրն ծիծն անոր բերանը կը դնէր, Տէրոյենց կը մերժէր, նետելով իւր մօրը վրայ այնպիսի նայուածք մը` որ կը թարգմանուէր, ինչու կը ստիպես զիս պահքս աւրել, մայրիկ, այս թարգմանութեան ճշտութեանը կը վկայենք, որովհետեւ Տէրոյենցինը չէ: Ծոմապահութեամբ ալ ոչ նուազ նշանաւոր է Պատուելին. եթէ այսօր դասատու մը կամ խմբագիր մը դրամ չունենայ հաց առնելու եւ մինչեւ իրիկուն անօթի մնալ ստիպուի` Տէրոյենցի պէս բարեպաշտ է, կ՚ըսեն:
Չամուրճեան Պրուսա անցուց իւր մանկութեան եւ պատանեկութեան օրերը: Ամէն առաւօտ կանուխ եկեղեցի կ՚երթար: Իւր աղօթքին մէջ թէպէտեւ երկնից արքայութիւնը կը խնդրէր, սակայն հարուստ ամիրաներ ալ խնդրելու չէր մոռնար: Նեղութեան ժամանակները կը ստիպուէր երբեմն մարդուս սխալական ըլլալը հաստատել, ըսելով, արքայութիւն խնդրենք, բայց հացագործը դրամ կ՚ուզէ, ամիրաներ տուր ինձի, Աստուած, եւ ամէն բան ունեցած կ՚ըլլամ: Աղօթքն աւարտելէն ետքը` շապիկ կը հագնէր ու ձայնաւորութիւն կ՚ընէր: Ձայնն այնչափ բարձր էր, որչափ իւր ոճը, այնչափ անուշ, որչափ իւր յօդուածները եւ այնչափ բարակ, որչափ «Երեւակին» թուղթը:
1832֊ին Պոլիս եկաւ Տէր֊Կարապետեան իւր ձեռքն ունենալով պայուսակ մը, որ կը պարունակէր չորս շապիկ, վեց վարտիք, քանի մը հայերէն գրքեր, քիչ մը զրպարտութիւն, ծրար մը կռիւ, չորս թաշկինակ, կտոր մը պանիր, եւ կտոր մ՚ալ վեհանձնութիւն: Ասոնցմով կրնամ, կ՚ըսէր, քիչ մը ժամանակ ապրիլ: Արդարեւ երեք չորս ամսի չափ Պոլսոյ փողոցները քննելէն ետքը, ներկայացաւ Յովհաննէս Գալֆային, որ իւր զաւակներուն եւ աղքատներուն համար մասնաւոր վարժարան մը բացած էր Իճատիէ, զոր քանի մը տարի առաջ Միսաքեան Խաչատուր, երեւելի գրագէտ, Հնարաւանի փոխեց գրականութեան փոքրիկ ծառայութիւն մը մատուցանելու նպատակով: Այս վարժարանին դասատու֊տնօրէնութիւնը ստանձնեց Չամուրճեան: Նախ աշակերտներուն սկսաւ սորվեցնել, թէ ի՛նչ գիրք առնելու է մէկն աղօթելու ժամանակ, թէ ինչ զգուշութեամբ ծռելու եւ գետինը համբուրելու է մէկը գայթակղութեան տեղի չտալու համար, եւ այս ուսումն կամ գիտութիւնը լաւ տպաւորելու համար աշակերտներուն… ծունկերուն մէջ, առաւօտէ մինչեւ երեկոյ այնչափ երկրպագութիւն ընել կու տար, որ խեղճերուն բանթալոններուն ծունկերը երկու օրը անգամ մը կը բացուէին: Աշակերտներուն ծնողքը տեսնելով իրաց վիճակը, կաշիի կտոր մը կարեցին բանթալոն ներուն ծնկներուն վրայ: Աս ալ օգուտ չըրաւ, եւ աշակերտներն սկսան իրենց բանթալոն ը վեր առնելով աղօթք ընել: Աս ալ չյաջողուեցաւ եւ վերջապէս որոշուեցաւ, որ աշակերտներն իրենց բանթալոն ը հանեն եւ այնպէս աղօթեն: Այս եղանակաւ քանի մը տարուան մէջ աղօթք ընելու գիտութիւնն անոնց սորվեցունելէն ետքը, սկսաւ դասախօսել այն բաներու վրայ, զորս չէր գիտեր: Այո՛, չէր գիտեր, բայց սորվելու մեծ փափաք ունէր: Ինքը ժամանակին յարգը լաւ գիտէր. ինքնիրմէ կ՚աշխատէր գիշեր ցերեկ եւ անշուշտ այս անդուլ աշխատութեան շնորհիւն է, որ այսօր բաւական լեզուներ գիտէ, կ՚ըսեն: Եթէ այսօր լեզուները խառնելու պէտքն զգացուի՝ կարծենք իրմէ աւելի արժանաւոր եւ յաջողակ մէկը չպիտի կրնան գտնել: Երբ այդ աշակերտները եկեղեցի կ՚երթային եւ դասուն ետեւը շարուելով երկրպագութիւն կ՚ընէին՝ ժողովուրդը կ՚ըսէր, ապրին, ապրին, ի՜նչ ուսումնական տղաներ, եւ Չամուրճեան ինզինքը փառաւորուած կը կարծէր ազգին այսպիսի ծունկ չոքող աշակերտներ հասցնելուն վրայ:
1838֊ին աղաչուեցաւ ճեմարան մտնել իբրեւ փորձառու եւ իբրեւ ուսումնապետ: Հոն մտնելուն հետեւեալ օրը ծրագիր մը պատրաստեց եւ սկսաւ գործադրել: Այս ծրագրով աշակերտ մը ինը տարուան մէջ պիտի սորվէր հայերէն լեզուն այսպէս.
Երեք տարի քերականութիւն.
Երեք տարի ճարտասանութիւն.
Երեք տարի տրամաբանութիւն.
Քերականութիւնն ալ երեք տարիի բաժնեց.
Մասն առաջին՝ բառագիտութիւն.
Մասն երկրորդ` զուգադրութիւն,
Մասն երրորդ` շարադրութիւն:
Այս քերականութեան վերջին երկու մասերը արժանի չեղան լոյս տեսնելու, բայց առաջինը մեծ, խիստ մեծ ընդունելութիւն գտաւ… նպարավաճառներէն, որոնք յիշեալ քերականութեամբ սորվեցան, թէ ինչպէս պանիր կը փաթտուի թուղթերու մէջ: Խօսքին ութը մասերուն մէջ զգալի փոփոխութիւններ ըրաւ. Անունին պաշտօնը Մակբային տուաւ, Մակբայինը Դերանունին, Դերանուան պաշտօնը Շաղկապին, եւ այնպէս վարուելով բարեկարգեց Հայաստանը… Քերականութիւնն ըսել պիտի ուզէի: Վարժարանին յառաջադէմ աշակերտները սկսած էին այն քերականութեամբ սխալ խօսելու եւ սխալ գրելու վարժուիլ, երբ անոնցմէ մին անոր սխալները Պատուելիին ցոյց տուաւ: Այն օրէն ետքը յիշեալ Քերականութիւնն իբրեւ վարժութիւն տրուեցաւ աշակերտներուն, որ մէջի սխալներն ուղղելով կանոններուն համեմատ գրեն: Պատուելին հոն ալ չկրցաւ երկար ատեն մնալ, վասն զի ճեմարանը գոցուեցաւ:
1846֊ին լրագրական ասպարէզին դուռը բաց գտնելով ներս մտաւ: Թուղթ մը գտաւ, առաւ եւ վրան Հայաստան գրեց Քիւրտստանը ըսէ, Քիւրտստան, կը պոռայ Սըր Լեյըրտ, եւ սկսաւ հրատարակել: Հայաստան ով սկսաւ Հռովմի գահը գովաբանել, որով քիչ ժամանակի մէջ այնպիսի ջարդ մը տուաւ ընթերցողներուն, որ իրմէ զատ Հայաստան կարդացող չմնաց:
1848֊ին տեսնուելու բարեբախտութիւն ունեցաւ ֆերիերի կարդինալին հետ, որ Հռովմէն հոս ղրկուած էր մոլորեալ եւ հերետիկոս քրիստոնեաները համոզել, որ ս. պապին հողաթափը համբուրեն: Սկսաւ պատմել Տէրոյենց, թէ՝ ինչպէս եղեր է, որ նատուրա բառը նաշերէ էն ելած եւ, թէ` բրոչետերէ բառը բրո եւ չետերէ բառերէ ծնած է բրո էրիկն, իսկ չետերէ կնիկն անշուշտ թէ` բուրկատորիում բուրկա բառէն կ՚ելնէ բուրկատիւն ալ մոռանալու չէ թէ հայերը Քրիստոսի վրայ երկու նատուրա չեն ճանչնար, թէ` Հոգւոյն Սրբոյ համար միայն ի Հօրէ բրոչետիդ կ՚ըսեն, թէ ի Հոգւոյ բրոչետիդ ըսելը չեն ընդունիր հայերը, թէ՝ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ դաւանանքը Հռովմայեցւոց պէս է, եւ թէ՝ հայերը Հռովմայ նախագահութիւնը կ՚ընդունին եւ կը փափաքին, որ սէր եւ միութիւն հաստատեն Հռովմայ աթոռին հետ: Չամուրճեան` Հասունի պէս ափ մը հայ չէր ուզեր արքայութիւն տանիլ, այլ կը փափաքէր, որ բոլոր հայերն մէկէն տանի արքայութիւն Հռովմի ճամբով: Սակայն չյաջողեցաւ, եւ եթէ այսօր հայերը դժոխք երթան` Պատուելին յանդիմանելու իրաւունք չունին:
1857֊ին սկսաւ Երեւակ անունով տխուր հանդէս մը հրատարակել: Օր չէր անցներ, որ հաւն երեք անգամ չխօսէր հոն: Դեւերու գոյութիւնը ուրացողները հերետիկոս կը հռչակուէին, եւ ինք ամէն ճիգ կը թափէր դեւերու գոյութիւնն հաստատել իւր գոյութեամբը, եւ, որ զարմանալին է, դատը միշտ կը վաստկէր: Հռովմայ եկեղեցւոյն դէմ խօսողները ազգին մէջ բողոքականութիւն տարածելու զրպարտութեան կը մատնուէին: Այն ատենները Մասիս, Մանզումէ եւ Մեղու, որք բաժանորդ չէին Երեւակին … կարծիքներուն, անդադար անոր դէմ կը խօսէին:
1864 մարտ 16֊ին Չամուրճեան ելաւ Մասիսի խմբագրապետին դէմ դատ բացաւ: Այս դատին համառօտ արձանագրութիւնը հոս կը հրատարակենք ի զուարճութիւն մեր ընթերցողներու:
Սրբազան պատրիարք. Դուք երկուքդ ալ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ զաւակ ըլլալով ի՞նչ է պատճառն, որ քանի մը ատենէ ի վեր ձեր մէջը անհամաձայնութիւն մը կը տիրէ:
Տէրոյենց. Ես անոր անձին հետ գործ չունիմ, սրբազա՛ն:
Ութուճեան. Ես ալ չունիմ:
Տէրոյենց. Ամէն թերթի մէջ ինձի կ՚անպատուէ:
Ութուճեան. Սուտ է, ես բնաւ անպատուած չեմ զինքը, ես ճշմարտութիւնը կը գրեմ, ինքն է, որ կ՚անպատուէ զիս դռնամիջեան հերետիկոս անուանելով:
Սրբազան պատրիարք. Ինչո՞ւ անանկ բաներ կը գրես, պատուելի:
Տէրոյենց. Որովհետեւ Նալբանդեանն ալ դռնամիջեան է եւ այս Նալբանդեանը համարձակեցաւ օր մը դիւաց գոյութիւնը ուրանալ:
Տ. Հ. Հիւնքեարպէյենտեան. Ատկէ բոլոր դռնամիջեաններուն հերետիկոս ըլլալը կը հետեւի՞:
Տէրոյենց. Չհետեւի՞ր մի եա:
Ութուճեան. Միշտ պապականութիւնը կը պաշտպանէ, եւ երբ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ դէմ յարձակում տեսնէ` ձայն չհաներ:
Տէրոյենց. Հայաստանեայց եկեղեցին պաշտպանութեան պէտք չունի:
Սրբազան պատրիարք. Պատուելին ասկեց վերջը Հայաստանեայց եկեղեցին պաշտպանելով այս արատն վրայէն կը ջնջէ:
Տէրոյենց. Կը պաշտպանեմ. բայց նախ պատիւս տեղը բերէք:
Հիւնքեարպէյենտեան. Սակարկութի՞ւն կ՚ընէք. Պատուելի:
Տէրոյենց. Ի՞նչ իրաւունքով ինձի եօթանասնամեայ ըսած է Մասիսի մէջ:
Ութուճեան. Եթէ եօթանասնամեայ ըսած ըլլալուս համար հերետիկոս եղած կ՚ըլլամ, բուն տարիքդ զրուցէ, շաբաթ աւուր Մասիսին մէջ հրատարակեմ:
Տէրոյենց. Միշտ կ՚անպատուէ զիս:
Ութուճեան. Քաւ լիցի. ես խղճի ազատութիւնը կը յարգեմ: Եթէ Պատուելին խոստովանի թէ պապական է, այն ատեն բան մը չեմ ըսեր…
Տէրոյենց. Եկեղեցին չընդունիր խղճի ազատութիւն:
Սրբազան պատրիարք. Հաշտուեցէք:
Ութուճեան. Ես անոր անձին հետ գործ չունիմ. առէք Մասիսը եւ հաշտեցուցէք, եթէ կրնաք, Երեւակի հետ:
Սրբազան պատրիարք. Ի՞նչ կ՚ըսէ, Պատուելի՛:
Տէրոյենց. Հերետիկոսութիւն չընեն, որ ես ալ չգրեմ:
Տէրոյենց պատուելին Ութուճեանի ճակատէն համբուրելով կէս հաշտութեամբ տուն կը դառնայ: Քանի մը ամիս ետքը այնչափ ջերմ եռանդով կը սկսի ջատագովել պապականութիւնն, որ Մոնտ անուն անդրալեռնական լրագիրն 1864 դեկտեմբերի 12 թերթին մէջ հետեւեալը կը հրատարակէր.
«Կ. Պոլսոյ մէջ Երեւակ շաբաթական թերթ մը, չմիացեալ Հայոց ամէնէն
ներհուն եւ ամէնէն լուրջ անձէն խմբագրեալ, զանոնք իրենց հռովմէական եղբայրներէն բաժնող նախապաշարմանց եւ կանխակալ կարծեաց միջնորմը
խրամատեց… իւր զէնքերը Հռովմայ զինանշանները կը կրեն…»:
Խոստովանիմ եւ հաւատամ:
Խռովութի՜՜՜ւն ամենեցուն:
Երեւակին երկրպագեսցուք:
Այս է ահա Պատուելիին խմբագրական կեանքը: Իւր շնորհիւ, ազգային լրագրական ասպարէզն տղայական եւ անօգուտ վիճաբանութիւններու թատրոն հանդիսացաւ: Երբ հայ թերթ մը փափաքէր քիչ մը լոյս վառել, Պատուելին կու գար, կը փչէր զայն: Մինչեւ այսօր երբ կրօնի խնդիր մը ծագի` Պատուելին առանց հրաւէրի սպասելու ասպարէզ կը նետուի եւ նկատելով, որ բողոքականութիւնը ազգին մէջ տարածելու ջանքեր կ՚ըլլան ֊ով սկիզբ կու տայ իւր յօդուածներուն, որոնց վերջ կը մաղթենք մեր բոլոր սրտով:
Բայց պատուելիին աղօթքներն ընդունելի եղած էին. գրեթէ միշտ Ամիրա մը գտնուած էր իրեն ձեռնտու: 1865֊ին Կարապետ Ամիրա նուիրեց Երուսաղէմին գումար մը, որուն տոկոսը, տասը ոսկի օսմանեան, Պատուելիին կը տրուի ի վարձատրութիւն Եկեղեցական պատմութեան մը, զոր պիտի գրէ Չամուրճին: Այս աշխատասիրութիւնը դեռ ի լոյս չեկաւ եւ գալու պատճառ մը չունի. վասն զի Պատմութիւնը գալուն պէս Պատուելիին տասը ոսկին պիտի երթայ: Տարակոյս չկայ, թէ կարելի եղածին չափ ընդարձակել պիտի ջանայ պատուելին այս Պատմութիւնը:
Բացի Զոհալ եւ Երեւակ հանդէսներէն` քանի մը գիրքեր գրած ու թարգմանած է: Բասգալա Խորհրդածութիւնքն երեւելի տեղ մը բռնած է այսօր թարգմանութիւններու մէջ իւր… սխալներովը: Այս գիրքն աշտարակաշինութեան ժամանակ թարգմանուած ըլլալուն պատճառաւ է, որ Բասգալին ըսածը սխալ հասկցած է Պատուելին, թէպէտեւ ինքը կը պնդէ, որ շատ հաւատարիմ գտնուած է թարգմանութեանը մէջ, եւ եթէ տեղ տեղ սխալ թարգմանուած է` պատճառն այն է, որ բնագիրն սխալ գրուած է: Խորհուրդ Գաղտնի ընկերութեանց, որ դարձեալ անդրալեռնականութիւն կը հոտի եւ գլխու ցաւ կը պատճառէ: Քաղաքավարութիւն, ուսկից բնաւ օգուտ քաղած չեն Երեւակի եւ Զոհալի յօդուածները:
1871֊ին երեսփոխանական ժողովոյ անդամ ընտրուեցաւ, բայց ինքը մերժեց, առարկելով` թէ մեղք կը համարէր կիրակի օրերը ազգին բարիք ընելը: Չմոռնանք ըսել թէ` կիրակի օրը աղքատին ողորմութիւն ալ չտար:
Պատուելին իւր սուր յիշողութեան շնորհիւ կրօնի մասին ընդարձակ տեղեկութիւններ հաւաքած է գլխուն մէջ: Լաւ հեգնել գիտէ: Օր մը Իսկիւտար ս. Կարապետ եկեղեցւոյն մէջ տաղտկալի քարոզի մը ունկնդիր ըլլալէն ետքը դուրս ելաւ եկեղեցիէն ըսելով.
«Գաւազանը ասանկ մարդերու ձեռք տալու տեղ` կռնակը տալու է»:
Տրամաբանելու մեծ յաջողութիւն ունի. եւ եթէ հաճի օր մը, գոնէ օր մը, արդար դատի մը պաշտպան կանգնիլ, ակներեւ պիտի երեւի, որ զինքը գերազանցող չկայ այս ճիւղին մէջ: Տիեզերական Պատմութեան ալ օտար չէ, եւ առանց ճակատը շփելու ծանօթութիւններ կու տայ այն ամէն անձերու վրայ` որոնց գործերը, քանի՛երորդ դարուն մէջ եկած ըլլալը, ե՛րբ մեռնիլը, դդումը միսով թէ ձէթով ուտելը, առաւօտները կաթ թէ խահուէ խմելը, շաբաթը քանի՛ անգամ ածիլուիլը, կատու թէ շուն սիրելը կ՚ուզես իմանալ: Ամէնէն նշանաւոր հեղինակներուն գործերն ուշի ուշով կարդացած եւ ըղեղին մէկ անկիւնը զետեղած է:
Այն համբաւն, որ կը վայլէ եւ որ այնքան կը վայլէ իրեն` որքան իւր երկար վերարկուն, շատերու փափաք կը ներշնչէ անգամ մը գոնէ տեսնել այս մարդն, որ հրապարակի վրայ անգամ գոռում գոչում կ՚ընէ: Ինչպէս ժամանակով Աղեքսանդր Դիոգինէսն, այնպէս ալ երբեմն ամիրաները պատուելին տեսնելու կ՚երթային. եւ երբ առաջարկէին իրեն խնդրէ մեզմէ ինչ որ կ՚ուզես, Պատուելին կը պատասխանէր. կը խնդրեմ որ դրամ տաք ինձի: Ամիրաներն այս ազատ եւ հանճարեղ պատասխանին վրայ հիանալով, կը քաջալերէին զինքը ոսկիներով, զորս անձնուիրաբար կ՚առնէր Պատուելին… կիրակի օրերը, եւ այդ գումարներով Հայաստանեայց եկեղեցին կը պաշտպանէր:
Տէր֊Կարապետեան սովորական կերպով չնստիր իւր սենեակին պատուհանին առջեւ: Եթէ փողոցը նայիլ հարկ ըլլայ` մեզի պէս գլուխը պատուհանէն դուրս չհաներ, այլ ոտները: Շատ անգամ զարմացած եմ, թէ ի՛նչպէս կրնայ տեսնիլ ոտներովը, մանաւանդ թէ անոնց վրայ ակնոց ալ չէր դներ: Ոտներէն մէկուն մատներէն անցած է իւր ծխափայտն, որ կարգելու իրեն գուլպայ հագնիլը: Եթէ հարկ ըլլայ իրեն յօդուած մը գրել կրօնի վրայ, կ՚երթայ գրասեղանին առջեւ, որուն վրայ միշտ անպակաս է գրիչ, մելան, ածուխ. վայրկեան մը կը խորհի եւ կը սկսի գրել: Գրութիւնն աւարտելուն պէս, կ՚երթայ բազմոցին վրայ կ՚երկննայ եւ գիրք մը առնելով կը կարդայ: Բարեկամ չունի… բացի գիրքերէն՝ որոնց իւրաքանչիւրն իւր տեսակին համեմատ շարած է մատենադարաններու մէջ:
Պատուելիին վարդապետութիւններն հետեւեալներն ըլլալու են.
Պէտք է մարդերն իրենց խօսքերէն դատել եւ ոչ գործերէն, եւ երբ մէկն ըսէ մեզ, թէ ես վաճառական եմ եւ երթայ լեռներն աւազակութիւն ընէ, պարտաւոր ենք զայն իբրեւ պատուաւոր վաճառական յարգել. վասն զի բերանը սրտին թարգմանն է:
Ժամանակին յարմարիլը փոքր մարդերու գործ է, մեծ մարդն այն է, որ գիտէ ժամանակն իրեն յարմարցնել. վասն զի հագուստը պարտաւոր է մարդուս յարմարիլ եւ ոչ թէ մարդս հագուստին:
Լաւ է սրբազան պապին ոտները համբուրել, քան Էջմիածնայ եպիսկոպոսներուն ձեռները:
Ոչ թէ ժամանակն, այլ դրամն է, որ կը փոխէ ամէն բան:
Երբ ճամբայ մը բռնեցիր` շարունակէ զայն, եթէ սխալ ալ ըլլայ:
Պատուելին պարզասէր է… հագուստի մասին, սխալ չհասկցուի: Օր մը երբեք մտքէն անցուցած չէ նեղ կօշիկներու մէջ չարչարել իւր ոտները. այնչափ մեծ եւ ընդարձակ են իւր ոտքի ամաններն՝ որոնց մէկ հատը միայն կրնայ երկու հոգի միանգամայն հագնիլ եւ առանց նեղութիւն իմանալու քայլել: Երկար վերարկու մը կ՚առնէ երբեմն իւր վրայ, ինչպէս երբեմն` վրան առաւ ճեմարանի ուսումնապետութեան պաշտօնը… ուրիշ մը եթէ վրայէն քաշէ առնէ վերարկուն՝ ինքը չիմանար: Կեանքին մէջ երբեք փողպատ եւ ողջմտութիւն գործածած չունի. ոչ թէ չունենալուն համար, այլ ինքզինք նեղութեան հպատակ չընելու համար. բանթալոնն շատ ընդարձակ է, հակառակ այն անհիմն զրոյցներուն` որովք շատերը կ՚ուզեն հաւատացնել թէ` իւր եկեղեցական պատմութիւնն աւելի ընդարձակ է:
Չամուրճեան հասակով եւ կզակով երկար, համբաւով եւ քիթով մեծ, գոյնով եւ մազերով ճերմակ, աչքով կապոյտ, քաջառողջ մարդ մ՚է: Ճակատն այնքան խորշոմ ունի, որ արդուկն անգամ բաւական չէ շտկել զայն: Մատներն երկար են եւ աստուածաբանութիւն գրելու կոչում ունին: Ուզած ժամանակը ձայնն այնքան հաստ կը հանէ, որ որոտման կարծիքը կու տայ լսողներուն:
Չամուրճեան կը նկարագրուի գետինը պառկած կռնակի վրայ եւ գիրք մը բռնած: Ճակատին վրայ մեծ տառերով վիմագրուած է կրօնք: Դեւերու խումբ մը շրջապատած են զինք եւ զինեալ են զէնքերով, որոց վրայ զրպարտութիւն դրոշմուած է: Քթին վրայ միշտ կը բզզայ մեղու մը եւ երբեմն կը խայթէ: Մասիս Արեւելեան մամուլ անոր վերարկուէն կը քաշեն: Քարաքաշեան կը ներկայացնէ իրեն տղու խաղալիք մը, որուն վրայ գրուած է կրօնական դրութիւն: Քովը գետնի վրայ փռուած է աքաղաղ մը, որ իրեն համար զոհուած է երեք անգամէն աւելի խօսած չըլլալուն համար: Քանի մը հոգիներ Պատուելիին գլխուն վերը կայնած փրցունել կ՚աշխատին այն պսակը, զոր նուիրած էր իրեն երբեմն պատրիարքարանի հաւատաքննութեան սուրբ ատեանը: Եւ Պատուելին իրեն շուրջը գտնուողներուն այս հեգնութիւնները տեսնելով կը դառնայ անոնց կը նայի այնպիսի դէմքով մը, զոր մենք կ՚ունենանք երբ տասնչորս տրամ անգլիական աղ` ջուրի մէջ հալեցնելով խմենք: