Hakob Paronyan
Ազգային ջոջեր
ՔՐԻՍՏՈՍՏՈՒՐ ՂԱԶԱՐՈՍԵԱՆ
Այս ջոջին ալ ծննդեան թուականը յայտնի չէ իւր սկզբունքներուն պէս: Պատմագիրներէն ոմանք 1812֊ին կը ղրկեն զայն եւ ոմանք 1820֊ին. բայց ինքն ոչ մէկն կ՚ընդունի եւ ոչ միւսն, 1826֊էն անդին չուզեր երթալ: Եթէ ամուսնանալու դիտաւորութիւն ունեցած ըլլար` կը զգուշանայինք իւր ճիշտ տարիքն հրատարակելէ. բայց քանի որ լսած ենք, թէ մօտերս վարդապետ ձեռնադրուելու միտք ունի, հանդարտ խղճիւ կրնանք պնդել, որ Քրիստոստուր Ղազարոսեան, ազգային երիցագոյն երեսփոխան, անձնանուէր դասատու Անձնանուէր ընկերութեան, կէտ առ կէտ գործադրիչ ազգային սահմանադրութեան, վարժապետ եւ ընկեր Ստեփան Փափազեանի, տնօրէն ազգային վարժարաններու, 1816֊ին եկած է… Սամաթիա, վասն զի այս թուականին Ղալաթիոյ խորհրդարանը դեռ շինուած չէր:
Իւր անունովն քիչ մը Քրիստոսին պատուոյն դպած է, իւր սատանայութիւններն մօտէն տեսնողները կ՚ըսէին. «Եթէ Քրիստոսին տուրքն այս է՝ պէտք է որ քրիստոնէութիւնը թողունք»:
Մանկութեան առաջին հառաչանքն, կ՚ըսէ բարոյագէտ մը, ազատութեան համար է: Քրիստոստուրին առաջին հառաչանքը արարոդի համար եղաւ, երկրորդ հառաչանքն երեսփոխանութեան համար եւ երրորդ հառաչանքն ազգային գործերէն բնաւ չքաշուելու համար:
Երբ ճեմարանը 1843֊ին փակուեցաւ` Սամաթիոյ մէջ Սահակեան ընկերութիւն անունով ընկերութիւն մը կազմուեցաւ թաղին վարժարանը յառաջացնելու համար: Այս ընկերութեան մէջ գտնուեցաւ Քրիստոստուր, ուր ոսկերիչ ընկերներուն հետ սկսաւ աշխատիլ եւ իւր կարմիր թաշկինակն իբրեւ ժողովրդական դրօշ պարզել ամիրայութեան դէմ: Յիշեալ վարժարանին ներքին բարեկարգութիւններուն ինքը կը հսկէր, Մինեճի Անդրանիկին թողլով արտաքին յարձակումներուն դէմ մաքառիլը:
1849֊ին Փրկիչ դրին զինքը: Հոն մտնելուն պէս` շատ բարեկարգութիւններ ըրաւ: Նախ եւ առաջ խենդերն զգաստացնելու համար Թեսաւրոսի բարոյական իմաստասիրութիւնն առաւ եւ անոր մէջէն դաս տալ սկսաւ իրենց: Խենդերն իրենց շղթաներն շարժելով կը խնդային Քրիստոստուրին խենդութեանը վրայ անշուշտ եւ Քրիստոստուր կ՚ուրախանար եւ ինքնիրեն կ՚ըսէր.
«Եթէ չեն զգաստանար` գոնէ կը զուարճանան»:
Երկրորդ` հիւանդանոցին մէջ գտնուած որբերը սրահի մէջ հաւաքելով` Փրկչի որբանոցը հաստատեց. դասատուներ կարգեց եւ ազգային մանկտւոյն յառաջադիմութեանը ամէն հոգ եւ խնամք տարաւ, թէպէտեւ իւր յառաջդիմութեան համար ալ գիշեր ցերեկ աշխատելէն ետ չէր կենար:
Երրորդ` Հիւանդանոցին տետրակները կարգադրելու ձեռնարկեց. սակայն տոմարակալութեան շատ հմուտ չըլլալուն պատճառաւ` տետրակները խաղ խաղացին իրեն եւ սկսաւ բամբասուիլ: Շատերը կ՚ըսէին, թէ Քրիստոստուրի կոկորդն ալ մայր֊հաշիւ մ՚է, հասկցնելու համար, որ շատ հաշիւներ փոխանակ տետրակներուն մէջ անցնելու Քրիստոստուրին կոկորդն անցած են, բայց ինք, որ օրինաւորութենէ բնաւ չշեղիր, կը պատասխանէր իրենց.
Եթէ ապօրինաւորութիւն կը տեսնաք տետրակներուն մէջ` բռնեցէք եւ պատժեցէք… տետրակները:
Չորրորդ` ճեմարանին կարասիքը եւ գոյքը հիւանդանոց փոխադրել տուաւ, ճեմարան անունն ալ հոն բերաւ եւ Փրկչի դպրոցն ճեմարան անունն առաւ: Իւր անունը բարձրացնել ուզած ժամանակը` վարժարանին անուան բարձրացման համար ալ անհոգ չմնաց: Բայց միթէ վարժարանն այդ մեծ անուան համապատասխանող արդիւնք մը ցոյց տուա՞ւ: Այս կէտը նկատողութեան չառաւ, եւ առնելու ալ պարտաւոր չէր. այսօրուան օրս ո՞ր բանն է այն, որ իւր անուան մեծութեանն արժանի արդիւնք մը ցոյց տուած ըլլայ: Մարդերն աւելի մեծ անուն վաստկելու մոլութիւնն ունին, քան թէ մեծ մարդ ըլլալու առաքինութիւնն: Տարեկան բաժանորդագինը չվճարող մէկը կ՚ելնէ լրագիրներու մէջ հրատարակել կու տայ թէ այսինչ վարժարանին լրագիր մը նուիրած է: Չորս սիրական ունեցող օրիորդ մը` ուրիշներու խորհուրդ կը հարցունէ, թէ ո՞ր վանքը մտնէ մայրապետ ըլլալու համար: Գրավաճառի մը առջեւէն անցիր եւ գիրքերու անուններ կարդա՛. ի՜նչ մեծ եւ շլացուցիչ անուններ, մարդս ինքզինքն անարժան կը դատէ այնպիսի բարձրանուն գիրքերու ընթերցողն ըլլալ. կը վախնայ գրավաճառին հարցունել անոր գինն, որպէսզի չըսուի իրեն` թէ դու չես կարող ատոր յայտնած բարձր եւ վսեմ գաղափարներն ըմբռնել. բաց գիրքը, թղթատէ զայն ու գոցէ. Աղուէսագիրքն անկէ լաւ կը խօսի: Հարուստ մը կը փափաքի առատաձեռն անուամբ կոչուիլ, բայց անմիջապէս կը հանէ հագուստները, անկողնոյն մէջ կը մտնէ եւ հիւանդ կը ձեւանայ, երբ պատուհանէն տեսնէ, որ Սովելոց Յանձնաժողովէն մէկն իւր տունը կը հարցունէ դրացւոյն: Ուրիշ մը կ՚ուզէ մեկենաս ճանչցուիլ եւ աժան գիրք գնելու համար փողոցը պտտող հրէաներուն զամբիւղը կը խառնէ: Ո՞ր մէկը թուեմ եւ ինչո՞ւ ամբաստանեմ Քրիստոստուրն, միթէ այսօր թաղային բոլոր զբօսարաններն թաղային վարժարան անունը չունի՞ն:
1853֊ին հրաժարեցաւ Փրկչի հոգաբարձութենէն, 1857֊ին դարձեալ մտաւ: Ինչո՞ւ ելաւ, ինչո՞ւ մտաւ: Քանի որ մեր մէջ քննութիւն չկայ եւ միշտ պատուաւոր հաշտութիւն կայ, չենք կարող գիտնալ, թէ ինչո՞ւ ելաւ եւ ինչո՞ւ մտաւ, միայն սա կրնանք վկայել, որ քանի մը տարի ետքը Քրիստոստուր էֆենտին իւր խղճէն կը տանջուէր, անպատճառ յանցանք մը, մեղք մը գործած ըլլալու էր, որ Անձնանուէր ընկերութեան յարելով՝ ամէն կիրակի Ղալաթիա կ՚երթար եւ պանդուխտներուն ձրի դասատւութիւն կ՚ընէր: Մինչեւ այսօր, բացի Զատկի կիրակին եւ սահմանադրութեան տարեդարձի օրէն, ամէն կիրակի Ղալաթիա կ՚երթայ եւ պանդուխտ եղբայրներուն անձնանուիրութեամբ դասախօսութիւն կ՚ընէ: Կ՚ուսուցանէ իւր աշակերտներուն, թէ մարդս ե՛րբ Սիսն պաշտպանելու է եւ Էջմիածինը հարուածելու է եւ ե՛րբ վերջինը գովելով` առաջինը պարսաւելու է: Կը սորվեցնէ նաեւ, թէ ե՛րբ ծափահարելու են զինքն երեսփոխանական ժողովոյ մէջ եւ թէ ե՛րբ ճնշում բանեցնելու են ժողովոյ վրայ: Եւ որովհետեւ այս գիտութիւններն աւելի դիւրաւ կը սորվէին աշակերտներն` երեսփոխանական ժողով կու գային եւ իրենց վարժապետը խօսել սկսելուն պէս կը ծափահարէին: Փառասիրութիւնն եթէ խենդութիւն չէ, գոնէ զմեզ երբեմն խենդութեան կը մղէ: Ամէն դերասան, կ՚ըսէ, Ժան Ժաք Ռուսո, ծափահարուիլ կ՚ուզէ, մեր երեսփոխաններն ինչո՞ւ չունենան այս փափաքն: Ո՜րչափ երեսփոխաններ կը գտնուին, որ օրականով մարդ կը վարձեն ժողովոյ մէջ ծափահարելու համար զիրենք երբ խօսին, երեսփոխաններ, զորս այն ատեն պէտք էր ծափահարել, երբ չեն խօսիր: Որչափ շողոքորթութիւններ, քանի տակառ գինիներ կեցցէ ի մը համար: Ի սկզբան կեցցէ ֊ներն իրաւ շատ սուղ կը ծախուէին, բայց հիմա, որ այս ապրանքն վաճառողները շատցած են` գաւաթ մը օղի չորս կեցցէ ծախու կ՚առնուի: Համրն իսկ գաւաթ մը խահուէով պերճախօսութեան մրցանակ կառնէ մեր երեսփոխանական ժողովոյ մէջ: Ելնենք սակայն հիմա այս ժողովէն, ուր քիչ մը ետքը պիտի մտնենք:
Քրիստոստուր տնտեսագիտութեան դաս ալ կու տայ իւր աշակերտներուն, սակաւապէտութեան կը հրաւիրէ զանոնք, յորդորելով՝ որ քիչ ծախք ընեն: Հարուստները, կ՚ըսէ, եթէ տասը փարայ ով կ՚անցնին կամուրջէն, դուք հինգով անցնելու էք, տասը վճարելն ձեզի համար շռայլութիւն կը համարուի: Տնտեսագիտութենէն ետքը բարոյականութեան վրայ կը խօսի, այս դասէն ետքը կու գայ աշխարհագրութիւն, որուն կը յաջորդէ թուաբանութիւն:
Անձնանուիրութեան սահմանն ընդարձակելու կամ սահմանէն անդին անցնելու համար 1867֊ին Սեբաստիա մեկնեցաւ եւ շատ գիւղեր ու քաղաքներ շրջելէն ետքը` Պոլիս վերադարձաւ: Բոլոր շրջագայած քաղաքներու մէջ Անձնանուէր ընկերութեան նպատակն գործադրել աշխատեցաւ, հետը տանելով գրքեր եւ թուղթեր, որոնցմէ ամէնուն կը բաշխէր եւ երբեմն ալ իր ձիուն կու տար, որ անօթութենէն չմարի:
1870֊ին երեսփոխան ընտրուեցաւ: Մինչեւ այսօր բացակայ եղած չէ եւ եթէ օր մը ս. պատրիարքն ժողովն Այ֊Սթեֆանոս կամ Չաթալջա տանի` հոն ալ առաւօտուն կանուխ կ՚երթայ եւ ներկայ չգտնուողներուն վրայ օրինաց խստութիւնը գործադրելու համար առաջարկութիւն մը կը ներկայացունէ: Օրինաց մասին այնքան ճշտութիւն կը պահէ, որ եթէ երեսփոխանին մէկն քովէն իւր որպիսութիւնը հարցունէ` ամէն հարցում, կ՚ըսէ, պէտք է գրաւոր ըլլայ եւ դիւանին ուղղուի: Ամէն նիստի մէջ խօսք կ՚ուզէ եւ կ՚առնէ. եւ իւր խօսքը չվերջացներ` առանց քուէ առաջարկելու. քուէն իւր վերջաբանութիւնն է: Շատ անգամ, որ ատենապետի սով կ՚ըլլայ` իբրեւ երիցագոյն երեսփոխան` ատենապետ կ՚ընտրուի:
Աւելորդ է ըսել, թէ սովն քարերէ դիւրամարս կերակուր կը շինէ: Ատենապետութեան աթոռին վրայ բազմելուն պէս՝ զանգակին կը դիմէ: Յայտնի է, որ զանգակին պաշտօնն է ընդհանրապէս լռեցնելու հարկադրել այն երեսփոխանն, որ խնդիրէն կը շեղի եւ ի կարգ չգար. Քրիստոստուր էֆենտին այնքան չարաչար կը գործածէ զանգակն, որ կը հնչեցունէ զայն երեսփոխանին ի կարգ գալէն ետքն ալ եւ կը ստիպէ զմեզ ըսել, թէ զանգակ մ՚ալ պէտք է ատենապետին զանգակն ի կարգ հրաւիրելու համար: Ատենապետութեան մէջ խօսք կու տայ միայն անոնց, որոնք իւր կուսակցութենէն են, եւ այս եղանակաւ վրէժ կը լուծէ բոլոր այն երեսփոխաններէն, որոնք ժամանակով համարձակած են իրեն կարծեացը դէմ խօսելու: Քուէի կը դիմէ առանց սպասելու, որ խնդիրը լուսաբանուի, եւ իրաւունք ալ ունի, քանի որ քուէն պիտի որոշէ ամէն բան եւ քանի որ ձախակողմեան մը չզիջանիր հաւանութեան քուէ տալ աջակողմեանի մը մէկ առաջարկութեան, ի՞նչ հարկ կը մնայ երկու ժամ շատախօսութիւն ընելու: Երեսփոխանութեան որչափ սիրահար ըլլալն ցոյց տալու համար, բաւական կը համարինք հոս յիշել, որ երբ երեսփոխանութենէն ելնել պէտք եղաւ` պարզապէս յայտնեց, թէ տեղէն չպիտի երերայ, մինչեւ որ տեղն ուրիշ մը չգայ: Իսկ երբ տեսաւ, որ անպատճառ ելնել հարկ է` բոլոր թաղերը պտտելով` ոմանց ոտները համբուրելով, ոմանց վերարկուն պագնելով, յաջողեցաւ նորէն երեսփոխան ընտրուիլ: Առաջուան պէս շատ չխօսիր հիմա. նախ` անոր համար, որ ատենաբաններն բեմն երթալու են, հոն խօսելու են, եւ ինքն մէկ երկու ժամ ոտքի վրայ կայնիլ չուզեր. եթէ սովորութիւն ըլլար, որ երեսփոխաններն պառկելով ատենաբանէին` բնաւ չէր լռեր. երկրորդ` անոր համար, որ կարծիքներն հասունցնելու համար այնքան պահած է զանոնք, որ կէսը փտեր է եւ կէսը միայն կրնայ ուտուիլ, եւ ան ալ ծերերէն:
1872֊ին Վարչութեան քաղաքական ժողովոյ անդամ եղաւ: Իրեն պաշտած սահմանադրութեան ոգոյն հակառակ` ներքին կանոնադրութեամբ եւ իւր կիրքովն մեծ դեր խաղաց Սամաթիան տակնուվրայ ընելով: Քաղաքական ժողովն, որ տասնըչորս անդամներէ բաղկացած էր` վեց իջած էր, որոնց մէջ կը գտնուէր նաեւ ինքն եւ մահկանացուներուս անծանօթ սահմանադրութեամբ կը վարէր իւր պաշտօնը: Այս մարդն այնչափ անգթաբար տանջեց Սամաթիացիներն, որոնք իրենց վարժարաններուն այս մարդուն շնորհիւ փճանալը տեսնելով, հատուցին իրենց համբերութիւնն, եւ օրինաւորութենէ յուսահատելով ապօրինաւորութեան դիմելու ստիպուեցան, պատրիարքարանի վրայ յարձակելով վար առին զինքն, որ մշեցիներ բերել տուած էր նոյն օրը սամաթիացիները ծեծել տալու համար: Քաղաքական ժողովէն իյնալուն պէս իւր ընկերներովն Խրիմեանի տապալելու գործոյն ձեռք զարկաւ: Այս խնդրոյն մէջ Մինեճի Անդրանիկի ընկերն ծանօթացուց զինքն ազգին, որ շատ աղէկ հասկցաւ, թէ այս մարդն օրինաւորութիւն ըսելով` իրեն նարկիլէն կը հասկնար:
1874֊ին ելեւմտական հոգաբարձու եղաւ, ինչպէս որ պաշտօնի գլուխ անցան կամ բարձրացան, կամ սուրբ քաղաքին հաշիւները քննելու համար` երկու հարիւր ոսկի առին, կամ գողութիւն ըրած ըլլալու համար` վանահայր անուանուեցան բոլոր այն անձերն, որոնք մատ ունէին Խրիմեանը գահընկէց ընելու գործոյն մէջ: Կը ցաւինք, որ առիթն միշտ կը ներկայանայ եւ անաչառութիւնն միշտ կը ստիպէ զմեզ այս ճշմարտութիւնը կրկնելու: Եօթանասուն հազար դահեկան պարտք ունէր պատրիարքարանն այս թուականին թէպէտեւ չենք յիշեր թուական մը` ուր ազգային սնտուկն առնելիք ունենայ: Այս պաշտօնին գլուխ անցնելուն պէս` սկսաւ խորհիլ, թէ ի՛նչ հնարք բանեցնելու է վճարել եօթանասուն հազար դահեկանի պարտքն, երբ սնտուկին մէջ եօթ լումայ չկայ: Քանի մ՚օր խորհելէն վերջը գտաւ, որ այս պարտքերն ընդհանրապէս կը վճարուին… չվճարուելով. ուստի հրաման տուաւ գանձապետին, որ եթէ պարտատէրները գան եւ դրամ պահանջեն` բան մը չխօսին, պատրիարքարանի պաշտօնեաներու ամսական չվճարեն, վերջապէս սնտուկէն դրամ չհանեն դուրս:
Հացագործը հետեւեալ օրը կու գայ գանձապետին.
Բարի լոյս:
Գանձապետը գրով կը զբաղուի:
Բարի լոյս:
Գանձապետը մայր հաշիւէն թուղթ մը կը դարձունէ:
Բարի լոյս:
Գանձապետն համր է:
Բարի լոյս, կը պոռայ հացագործը:
…
Մսավաճառը կու գայ.
Բարի լոյս:
…
Նպարավաճառը վազելով կը հասնի.
Ինձի ալ ստակ տուէք այսօր:
Գանձապետը կը ստիպուի յայտնելու, թէ ինքն հրաման ընդունած է դրամի վերաբերեալ խօսքերու մէջ չմտնել:
Պարտատէրերը քիչ մը կը պոռան: Եղելութիւնը կ՚իմանայ Քրիստոստուր էֆենտին, որ կը յայտնէ իրենց, թէ առանց ժողովոյ հրամանին, գանձապետը ստակ չկրնար տալ:
Ժողովն ե՞րբ հրաման պիտի տայ, որ վճարուի:
Երբ որ գումարուի:
Ե՞րբ կը գումարուի:
Երբ գումարման պէտքն զգացուի:
Ե՞րբ կը զգացուի այս պէտքը:
Երբ հրաւէր ղրկուի:
Ե՞րբ կը ղրկուի հրաւէրը:
Երբ որ հրաւիրագրերը գրուին:
Ե՞րբ կը գրուին:
Երբ զանոնք գրող պաշտօնեային ամսականը վճարուի:
Ե՞րբ կը վճարուի:
Երբ սնտուկին մէջ ստակ գտնուի:
Այս կտրուկ պատասխաններով պարտատէրերուն պատկառանք ազդելէն ետքը զգաց` թէ բնաւ բան չվճարելն անկարելի է. ուստի սկսաւ երբեմն փոքրիկ, երբեմն մեծ գումար մը զեղչելով, երբեմն ալ բոլորովին զեղչելով՝ զանոնք գոհացնել: Միւս կողմէն աւելորդ պաշտօնեաներուն, ինչպէս նաեւ պատրիարքարանի ձիերուն, ճամբայ տուաւ: Ահա այս էր ծրագիրն, որով եօթանասուն հազար դահեկան պարտքը վճարելէն ետքը` յաջորդներուն թողուց, որ նորէն երկու հարիւր ութսուն հազար դահեկան պարտք գոյացնեն, եւ 1877֊ին նորէն ելեւմտական հոգաբարձութեան կոչուի այդ պարտքն ալ սրբելու համար: Պէտք է հոս յիշել, թէ կնճռոտ հաշիւներու մէջ սրբած է շատ պարտքեր, որոնք յաջորդ ելեւմտականի օրով վճարուած են: Այսուամենայնիւ, իւր կարողութեանը չափ ծառայած է ազգին այս ճիւղին մէջ, ուր յաջողելու համար մարդս ճարպիկութիւն ունենալու է պարտք չվճարելու:
Այս պաշտօնէն հրաժարելէն ետքը` Քրիստոստուր էֆենտի սկսաւ արձակ համարձակ ազգին չարիք հասցունել, եւ չարիք հասցունելուն համար ալ ամսական առնել: Նախ` Իսկիւտարու ս. Կարապետի վարժարանին մէջ տեսչութեան պաշտօն ստանձնեց, քիչ մը ետքը Սուրբ խաչի դպրոցին մէջ եւ ետքն ալ Իճիտիէ, Կարակեօմրուկ եւ այլն: Այս յանցանքն մեծ էր, որովհետեւ յայտնապէս կը գործէր եւ ամսականով: Յիշեալ թաղերու թաղականներն իրմէ աւելի յանցանք ունէին, գործելու ստիպելով զինքն այնպիսի պաշտօնի մը մէջ, որուն բոլորովին անծանօթ է: Մարդս իւր սահմանէն դուրս անգիտութեամբ աւելի վնաս կը հասցունէ, քան իւր սահմանին մէջ՝ գիտութեամբ:
Քրիստոստուր էֆենտին ազգին բարիք ալ ըրած է, չարիք ալ հասցուցած է իբրեւ սխալական մարդ: Անձնանուէր ընկերութեան մէջ մեծ ծառայութիւն ըրած է մեր պանդուխտ եղբայրներուն դասախօսութիւն ընելով. բայց ասկէ աւելի մեծ ծառայութիւն մ՚ալ ըրած է, որ անուրանալի է, եւ որուն համար ազգն իրեն երախտապարտ է, եւ այս մեծ ծառայութիւնն ալ սա է, որ ամուսնացած չէ եւ զաւակ չունի: Ազնուապետութեան թշնամի է, թէպէտ եւ ժողովրդեան ալ շատ բարեկամ չէ: Իւր կիրքերն այնչափ ծայրայեղութեան կը տանին զինքն, որ մէկ անձէ վրէժ լուծելու համար այն անձին բնակած քաղաքը կրակի կու տայ, եւ իւր նարկիլէ ին յարմար կրակ կը փնտռէ այնտեղը:
Նիհար կազմով, միջին հասակով, ճերմակ մազերով մարդ մ՚է Քրիստոստուր էֆենտին: Մօրուքը մտքին պէս է, կարճ է: Ձմեռն այնչափ զգեստ կը հագնի իրարու վրայ, որ կասկած կու տայ ծխախոտի վարչութեան պաշտօնեաներուն, որոնք իրեն ծոցը կը խուզարկեն ծխախոտ գտնելու համար, բայց Ընդհանուր ժողովոյ ատենագրութիւններէն ուրիշ բան չեն գտներ: Ինքը պճնասէր չէ եւ շատ անգամ այնչափ անկանոն կերպով կը հագուի, որ եթէ արտի մը մէջ գտնուի` խրտուիլակ կը կարծուի: Եթէ կան փափաքողներ զինքը ճանաչելու, կը հրաւիրուին յիշել դէմքն այն մարդուն, որ ստիպողական գործ մ՚ունենալով իր երթալիք տեղը շուտ հասնելու համար` իւր չգիտցած մէկ փողոցին մէջ կը մտնէ եւ հինգ հարիւր քայլ առնելէն ետքը կը տեսնէ, որ այդ փողոցն անել է: