Hakob Paronyan

Ազգային ջոջեր

ԹՈՎՄԱՍ ՖԱՍՈՒԼԵԱՃԵԱՆ

Թովմաս Ֆասուլեաճեան, երբեմն այլեւայլ թատրոններու տնօրէն եւ վերատեսուչ, հիմա դերասան, թերեւս քիչ ժամանակէն նորէն տնօրէն, նորէն դե­րասան, ծնաւ ի Ֆեներ 1843 յուլիս 25֊ին, ամառային այն տաք օրերուն մէջ, ուր մայրն երկու նեղութիւն միանգամայն ունեցաւ, մին շնիկ աստղը եւ միւսն երախան:

Թովմաս աշխարհ գալուն պէս՝ առանց երկար յառաջաբանի երկու բա­ռով բացատրեց, թէ ինք կարող է ուրիշին, ասուն թէ անասուն, ձայնը հանե­լու, շարժուածքն իր վրայ ձեւացնելու, որովհետեւ ծնելուն պէս մլաւ, մլաւ աղա­ղակեց, ճիշտ այն կատուին պէս, որ տուներնին կը գտնուէր եւ որուն մլաւիւնը Թովմաս մօրն արգանդէն լսած ու անոր պէս մլաւելու վարժութիւն ըրած էր:

Հազիւ թէ չորս տարեկան եղած էր` բոլոր կենդանեաց ձայները կը հա­նէր, եւ եթէ հարկ ըլլար՝ կրնար իրարու լեզուն չհասկցող կենդանիներու մէջ թարգմանի պաշտօն վարել: Տեսած մարդուն քալուածքն, շարժուածքն, ձեւերն իր պզտիկ հասակին վրայ ձեւացունելն բերնուց դեր սորվելէն շատ դիւրին էր իրեն:

Եօթ տարեկան էր` Ենի Մահալլէի վարժարանը մտաւ ուսմունք առնե­լու: Քիչ մը ատեն հոն մնալէն ետքը` Գում Գաբուի վարժարանը մտաւ եւ այն­չափ ուսմունք առաւ, որչափ որ կու տային նոյն թուականին վարժարանները:

Վարժարանէն ելաւ ու մէկ երկու արուեստներ փոխելէն ետքը` թիւլպենտ­ճիի մը քով մտաւ, ոչ թէ թիւլպենտ ծախելու համար, այլ խանութը եկող յաճախորդներէն ձեւ ու շարժուածքներ գողնալու համար: Այս յատկութիւններն դերասանի էին, եւ Թովմասը չէր ուզեր, որ անոնք աննշան մնան, ուստի ըսաւ, դերասան ըլլամ, եւ եղաւ:

1861֊ին Արեւելեան թատրոնը մտաւ ու սիրահարական մասերէն սկսաւ իւր տաղանդը փայլեցունել:

Քիչ ժամանակ անցնելէն ետքը՝ Իզմիր գնաց, ուր ամենայն յաջողու­թեամբ կատարեց Կոյրին զաւակը: Այնչափ բնական կոյր ձեւացուց, որ հան­դիսականք բուռն ծափահարութեամբ թատրոնը թնդացուցին: Թովմասն այս ծափահարութիւններէ քաջալերուած՝ բաւական ժամանակ կոյր մնաց… իւր ուրիշ պակասութեանց: Իզմիրի մէջ իւր անունը սկսաւ համբաւ վաստկիլ, իւր տաղանդն պայծառացաւ: Ասոր վրայ ինքն ալ պայծառացաւ օրիորդ Պայ­ծառին հետ ամուսնանալով: 1864֊ին վերջերը իր ամուսնոյն հետ Տրապիզոն գնաց, ուր դպրոցին կառավարիչն, եկեղեցիին ժամկոչն, լուսարարն եւ քանի մը պատանիներ ժողվելով խումբ մը կազմեց եւ ազգային ներկայացումներ տալ սկսաւ: Այս մասին շատ դժուարութիւններ քաշեց, որովհետեւ կառավա­րիչն, որ առտուընէ մինչեւ իրիկուն «Ծօ տղաք, սուս եղէք» ըսելու վարժուած էր, օր մը ներկայացման միջոցին երբ հանդիսականներն Պ. Ֆասուլեաճեանը կը ծափահարէին, կառավարիչն որ Շապուհի դերը կը կատարէր` հանդիսական­ներուն դառնալով` «Ծօ տղաք, սուս եղէք», պոռաց: Կառավարիչը այնչափ յանցանք չունէր որովհետեւ առտուընէ մինչեւ իրիկուն այդ խօսքը ընելու վարժուած էր բերանը, որչափ որ յանցանք չունին այն դերասանուհիներն, որ այսօրուան օրս տեսարանին վրայ շարունակ կը խնդան: Ֆասուլեաճեան՝ 1865֊ին վերջերը Թիֆլիս, եւ անկից ետքը տասնի չափ քաղաքներու մէջ, որոնց անուններն մի առ մի յիշել երկար կ՚ըլլայ, ներկայացումներ տուաւ, ոչ թէ ստակ վաստկելու, այլ դերասանութեան արուեստը Ռուսաստանի մէջ տարա­ծելու համար: 1870֊ին Պոլիս եկաւ եւ 18 հոգիէ բաղկացեալ խումբ մը կազ­մելով` Նախիջեւան տարաւ: Հոն ներկայացուց Արքայն կը զբօսնու ֊ի մէջ Թրի­պուլէի դերն, որուն մէջ, ըստ ականատես հանդիսականաց, ջերմ ծափահա­րութեամբ վարձատրուեր է: Բայց որովհետեւ այս ջերմ ծափահարութիւններն բաւական չեն թատրոնի մը ծախսը հոգալու, Պ. Ֆասուլեաճեանն հետը տա­րած խումբը կտոր կտոր ընելով հոս ղրկեց, անոնց ետեւէն ալ ինքը եկաւ:

Հոս գալուն պէս` Օրթագիւղի Բարեսէր ընկերութեան վերատեսչութիւնն յանձն առաւ եւ ամբողջ շրջան մը ներկայացումներ տուաւ հոն, գեղացին գո­հութեամբ ընդունեց զինք եւ գոհութեամբ բաժնուեցաւ իրմէ:

Տարի մը անցնելէն ետքը` Վարդովեանի խումբին դէմ մրցելու համար Իսկիւտարի Ազիզիէ թատրոնն վարձու բռնեց ու ամիս մը ետքը Վարդովեանին վարձու տուաւ, ինքն ալ այն խումբին դերասան գրուեցաւ եւ մինչեւ այսօր նոյն խումբին մէջ կը գտնուի:

Պ. Ֆասուլեաճեան այս խումբին մէջ շատ դերեր կատարեց, որոնց մէջ նշանաւոր հանդիսացաւ: Ծերունի տասնապետ ին մէջ այնքան ճարտարու­թեամբ համր կը ձեւանայ, որ Վարդովեան էֆենտին գիշեր մը օթեակէն պո­ռաց. «Ո՛ւր էր թշուառականն միշտ ասանկ համր մնար ու դերասաններս չգր­գռէր»: Նոյնպէս Լիոնի Սուրհանդակ ին մէջ կը Զիւրքի եւ Տը Պոսքի մասերն, այսինքն անմեղութեան եւ չարագործութեան երկրորդութիւն մը իր անձին վրայ կատարեալ յաջողութեամբ ներկայացուց:

Պ. Ֆասուլեաճեանին դէմքին վրայ կատարեալ գաղափար մը տալու հա­մար, պարտաւոր էինք իւր պատկերն այնպէս հրատարակել, որ իւր պեխե­րուն կէսը ածիլուած եւ կէսը չածիլուած ըլլար, որովհետեւ վեց ամիս պեխով կը պտըտի, վեց ամիս առանց պեխի: Ինք ընդհանրապէս այն դէմքն ունի, ինչ դէմք որ կ՚ունենայ տղայ մը երբ խաղալիքն ձեռքէն կ՚առնես:

Այս վիճակին մէջ իւր դէմքէն աւելի տղայութիւն կը յուսացուի քան թէ չարութիւն. բայց խելօք տղու ալ չնմանիր, ասդին անդին վազող, ամէն տե­սածն ուզող տղու մը կը նմանի. ըստ ոմանց` ուզածը չտրուի նէ` ոտքերը գե­տինը կը զարնէ եղեր, ըստ ոմանց` մասը չգիտնայ նէ` կը զարնէ եղեր: Սա­տանան առնէ մեղքը:

Be the first who will comment on this

Other parts of "Ազգային ջոջեր"

Yatuk Music
Rare Remarkable
George Gurdjieff

Rare Remarkable

Davit Bek
Davit Bek
Play Online