Hakob Paronyan
Ազգային ջոջեր
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՄԻՒՀԵՆՏԻՍԵԱՆ
Յովհաննէս Միւհենտիսեան, ձուլիչ, փորագրիչ, ոսկերիչ, թղթադրամներու արարիչ, տպարանապետ, երեսփոխան, Սամաթիա ծնած է 1810 փետրուար 21֊ին. այսինքն այն ամսուն` որու մէջ, կ՚ըսէ չգիտեմ ո՛վ, կիները քիչ կը խօսին:
Հազիւ չորս տարեկան կար, երբ իմացուց ծնողաց, որ ինք այն մարդերէն է, զորս նախախնամութիւնը ստեղծած ժամանակը ստեղծող ոգիով մը կ՚օժտէ եւ վերջը թող կու տայ, որ ուրիշներէն միշտ խաբուին: Այդ տարիքին մէջ էր Միւհենտիսեան, եւ օր մը մեղրամոմէ կանթեղ մը շինեց, եւ տեսաւ Միւհենտիսեան, որ բարի է: Իւր յաջողակութենէն քաջալերուած` կանթեղն աւրեց եւ անոր տեղ պզտիկ կատու մը շինեց: Օր մը ետքը կատուէն ընկուզենի մը շինեց, եւ հետեւեալ օրն ալ ընկուզենին դդումի այլափոխեց: Այս ամէնուն մէջ կատարելապէս յաջողելէն ետքն` ըսաւ. մարդ մ՚ալ շինենք մեղրամոմէ եւ դդումն առնելուն պէս՝ մարդու բարեփոխեց զայն, եւ իւր արարչագործութիւնն կատարեալ եղաւ:
Հայրը տեսնելով, որ իւր տղուն ձեռները հանճար ունին, միշտ կը քաջալերէր զինքն, երբեմն նուէր տալով եւ միշտ խրատ:
Եօթներորդ տարուան մտնելուն պէս թաղային վարժարանը ղրկուեցաւ, որ նախնական ուսումներն առնէ: Արդէն այդ թուականին վարժարանները հիմակուաններուն պէս նախնականէն ուրիշ բան չունէին տալու. երբեմն նախնականն իսկ կը պակսէր: Միւհենտիսեան շարունակ աշխատելով կատարելապէս սորվեցաւ Սաղմոսը, Կտակարանը եւ Նարեկը, որոնք ընթերցանութեան երրորդութիւն մը կը կազմէին այն ատենները:
Երեկոները տուն դառնալուն պէս ծունկ կը չոքէր հօրը առջեւ, որ իբրեւ զբօսանք բաներ կը սորվեցունէր իրեն. զոր օրինակ` գաւաթ մը չափել եւ որչափ ջուր առնելը գտնել, օքթան ըսուած գործիքով իրթիֆայ առնել, ժամը քանի՛ ըլլալն գիտնալ եւ արեւուն ծագումը գտնել: Օքթանը այսօր բնաւ չգործածուիր, վասն զի ամէն մարդ իւր փորէն կարող է գուշակել ժամը քանի ըլլալը:
Երեկոյեան աշխատութենէ աւելցած ժամերն ալ պարապ չէր անցուներ, ձայնագրութեան դաս կ՚առնէր նոթաճի պապա Համբարձումէն, որուն կենացը վրայօք ոչինչ գիտենք այսօր: Այնքան կը սիրէր տիւմթեք ով խաղ կանչելն, որ ամէն մէկ երգին բանթալոն մը կը պատռէր, այնքան ուժով կը զարնէր ծունկերուն. եթէ ամբողջ ֆապ մը տիւմթեք ով կարդալու ըլլար` տասներկու հատ բանթալոն պէտք կ՚ըլլար: Հայերէն ձայնագրութեան մէջ հսկայաքայլ յառաջ երթալէն ետքը` եւրոպականն ալ սորվեցաւ, ուսկից փափաք եկաւ վրան դաշնակ զարնելու: Եթէ չենք սխալիր, ինք առաջինն եղաւ ազգին մէջ դաշնակ զարնող: Այն ատենները դաշնակն շատերու անծանօթ նուագարան մը ըլլալով` անոր ձայնն առնողները փողոցին մէջ կը շարուէին եւ մտիկ կ՚ընէին: Դաշնակ զարնելը բան մը չէ, աղէկ զարնելը բան մ՚է, եւ Միւհենտիսեանի մատներն այնքան վարժ էին, որ դաշնակին դպչելուն պէս՝ անոր ձայնէն կը զմայլէին եւ թռչտելով կու գային տանիքներու վրայ կ՚իջնային ագռաւներն, վասն զի այն ատեններն սոխակ չկար. միայն սոխակ մը կար դրացւոյն տունը, որ իւր գեղգեղանքներովն կը պատասխանէր. բայց ափսոս, որ այն սոխակն ալ մեր բախտէն Արքատիի էր: Այնուամենայնիւ Արքատիի սոխակն էր, որ Միւհենտիսեանի փառքը կ՚աւելցունէր, ոչ թէ անոր համար, որ աւանակին ձայնին քով դաշնակինը բարձր տեղ մը կը բռնէր, այլ անոր համար, որ դաշնակով աւելի դժուար է իշու զգացումները արթնցնելը՝ քան թէ սոխակի մը: Միթէ պերճախօսութեան արհեստին մէջ ալ այսպէս չէ՞… Զգայուն սիրտ մը յուզելու համար Տեմոսթենէս շատ է, իսկ անզգաները յուզելու համար` Կիկերոններ քիչ են: Կրակն միեւնոյն կերպով չներգործեր բամբակի եւ ապառաժի վրայ: Սովեալներու համար հրատարակուած սրտաճմլիկ եւ աղեխարշ նամակներն այնչափ կ՚ազդեն անզգայ հարուստներու վրայ, որչափ փոքրիկ կայծ մը` ապառաժի մը վրայ: Ա՛լ դիւրին է գուշակել, կարծենք, որ Միւհենտիսեան քաջ դաշնակահար մ՚էր:
Երաժշտական ճիւղին մէջ դաշնակահարութեամբ չշատացաւ. եւրոպական ձայնագրութենէ լուսաւորուելով` հայկականին մէջ եղած թերութիւններն ուղղեց. ձայնագրութեան կանոնները պարունակող տետրակ մը շինեց եւ յետոյ, երբ տպարանապետ եղաւ, նոյն նոթա ներուն հայր եւ մայր գիրերը պատրաստեց, բայց պարագաները թող չտուին, որ այդ հայր եւ մայր գիրերն իրենց զաւակներն ի լոյս ընծայէին: Ասոնցմէ զատ ունի նաեւ շինած պզտիկ երգեհոն մը, որ էվիճը կը պարունակէր իւր բեշրեֆ ովն, պեսթէ ովն, շարքի ներովն եւ սեմայի ովը:
Եւ որովհետեւ երգեհոնով էվիճի ֆասլը եղանակելն հաց չտար մարդուս, Միւհենտիսեան ոսկերչի մը քովը մտաւ: Իւր բնատուր ձիրքովն քիչ ժամանակի մէջ յառաջ գնաց սատեք ե արութեան մէջ: Ինչ որ մեղրամոմէ կը շինէր պզտիկութեան մէջ` արծաթէ եւ ոսկիէ շինել սկսաւ: Ազգային բոլոր նշանաւորներուն գործերն կը շինէր, եւ ամէնուն սէրն ու համակրութիւնը գրաւած էր:
Ադամին գործած յանցանքը նկատողութեան առնելով՝ կ՚ըսեմ, թէ արժանի էր, որ իւր ճակատին քրտինքովն ապրելու դատապարտուէր եւ ոչ թէ շատ մը պէյ երու կամ էֆենտի ներու պէս մեր ճակատին քրտինքովն ապրելով` Վոսփորի ծովափունքին վրայ պալատի պէս տուներու մէջ Եւան քովն առնէր եւ փափուկ բազմոցներու վրայ նստէր: Նոյնպէս օձին ալ խորամանկութիւնը տեսնելով, կ՚ընդունիմ` թէ գետնի վրայ սողալով քալելու պատժոյն ենթարկուելու էր, եւ ոչ թէ մեզի պէս կանգնելով քալելու էր, ինչպէս կը քալէր անշուշտ առաջ. բայց երբ Միւհենտիսեանի բարի վարքը կը դիտեմ, հետաքրքիր կ՚ըլլամ հասկնալու, թէ ի՞նչ մեղք գործած է արդեօք, որ տպարանապետ ըլլալու ծանր պատիժը կրելու դատապարտուած է: Գիտէք հարկաւ, որ մեր ազգին մէջ տպարանապետ ըլլալն անանկ ծանր պատիժ մ՚է, որ ոչ սողալով քալելու կը նմանի, ոչ ալ ճակատի քրտինքով ապրելու պատժոյն, որուն այսօր ամէնքս ալ կը փափաքինք եւ չենք կարող արժանի ըլլալ… ինչ որ պատիժ էր Ադամայ օրով` վարձատրութիւն կը համարուի այսօր Պոլսոյ մէջ: Ադամ արգիլեալ ծառէն կերաւ, ետեւը բացուեցաւ եւ վերջէն թզենիով գոցուեցաւ. պատասխան տուէք ինձ, ո՛վ պատմագէտներ, այս տպարանապետներն այդ արգիլեալ ծառն ամբո՞ղջ կլլեցին, որ իրենց ետեւը միշտ բաց է եւ բնաւ չգոցուիր… հապա դասատուները, որ բան մը կերած չունին խեղճերը… հապա խմբագիրներն, որ միսի վրայ գաղափար չունին, ինչպէս կոյրերը գոյնին վրայ: Պատասխան չէք տար. ես ալ չեմ ուզեր, թող աս ալ Լոյսի բաժանորդագիններուն քովն երթայ, երբ որ Լոյսի շրջանն լրանայ` այն ատեն կու տաք: Մենք Միւհենտիսեանի դառնանք:
1839֊ին ազգը Արապեան տպարան մ՚ունէր միայն, եւ Մանուէլեան կը փափաքէր տպարան մը հաստատել Ճեմարանի մէջ, որ նոր բացուած էր: Մանուէլեան իւր այս փափաքը կը հաղորդէ Թադեւոս Տիւիթճեանի, որ Բերա ելնելով հրէայ փորագրիչ մը կը գտնէ եւ հայերէն հայր գիրեր շինել կու տայ անոր: Տիւիթճեան կը տեսնէ, որ այդ հրէին շինած գիրերը հայերէն չէին, այլ տարբեր ձեւով ու ճաշակով խել մը նշաններ, որոնք անոնց գործին միայն կու գայ, որ կը փափաքին նոր լեզու մը ստեղծել: Տիւիթճեան կը ստիպուի հրաժարիլ այս ձեռնարկութիւնէն եւ Միւհենտիսեան Խաչատուր Միսաքեանի թելադրութեամբ եւ ընկերակցութեամբ ծախու կ՚առնէ Տիւիթճեանի գիրերն, որոնք հրէին շինած հայրերուն եւ Տիւիթճեանի պատրաստած մայրերուն ծնունդն էին: Միւհենտիսեան այդ հայրերը եւ մայրերը կը կոկէ եւ այնպիսի ձեւ մը կու տայ անոնց, որ ճաշակը կը հաւնի: Այս արհեստին մէջ մտնելուն պէս հոգւով եւ մարմնով աշխատեցաւ, որ տեսակ տեսակ գիրեր պատրաստէ: Մէկ երկու տարիէն զգալով, որ մինակ աչաց տեսութեամբ շինելն շատ դժուար բան էր, գործիք մը հնարեց, որուն մէջ փորագրուելիք պողպատն անցընելով կրնար նոյն պողպատին ծայրը բարակ եւ սրածայր պողպատով մը աղիւսակներ գծել գիրերուն, սիւներուն եւ միջոցներուն հաստութեանը, ծռութեանը եւ բարձրութեանը չափով, եւ այն գիծերուն համեմատ կը փորագրէր, որով եթէ այբ մը շինել ուզէր` այբ ին երեք սիւնը հաւասար հաստութեամբ, հաւասար ծռութեամբ եւ հաւասար երկայնութեամբ կ՚ըլլար: Ինչպէս կը տեսնուի, այբ ին ամէն կողմը հաւասարութիւն կար, մինչդեռ Թուրքիոյ եւ ո՛չ մէկ կողմը կայ այս հաւասարութիւնը: Այս գործիքը շինելէն ետքը` ուրիշ գործիք մ՚ալ հնարեց, որով հայր գիրը պղինձին վրայ մամուլի ճնշմամբ կը զարնէր եւ ոչ թէ կռանի հարուածով, ինչպէս կ՚ընէին ուրիշները:
1840֊ին Միւհենտիսեանի շնորհիւ Պոլսոյ մէջ առաջին անգամ մաքուր Օրացոյց տպուեցաւ ի Ճեմ. սրբոյ Երուս. մինչեւ այն թուականը Վենետիկէն կու գային Օրացոյց ները… եւ շատ անգամ Օրացոյց ներուն գալն ուշանալով՝ պատրիարքարանն օրերը կը շփոթէր եւ Վենետիկ հարցնելու կը ստիպուէր` թէ վաղը շաբա՞թ է: Արդեօք քանի քանի անգամներ Ծնունդի օրը խաչելութեան աւետարաններ կարդացուած են. ով գիտէ ի՛նչ քաշած է Որդի Մարդոյ մեր ազգին ձեռքէն… Միւհենտիսեան կը փափաքէր տպարան մը բանալ եւ թողուլ Ճեմարանն, որ գոցուելու վրայ էր, բայց ուրիշ տպարանապետ մը արգելք կ՚ըլլար եւ Ասատուր պատրիարքին միջնորդութեամբ թող չէր տար, որ տպարան բանար, ուստի Օրացոյց էն զատ բան չէր կրնար տպել Ճեմարանի մէջ: Չուքուր Չեշմէ խանը կը փոխադրէ իւր գիրերն ու մամուլն: Ասատուր պատրիարք իմանալուն պէս թաքրիր մը կը գրէ Բ. Դուռը եւ կը պահանջէ, որ գոցուի այդ տպարանն իրմէ հրաման առած չըլլալուն համար: Աղերսագիր կը մատուցանէ Բ. Դուռն, որ պատրիարքարան կը ղրկէ զինք, ըսելով, թէ գնա՛, պատրիարքէն հրաման ա՛ռ: Պատրիարքարան կ՚երթայ, եւ պատրիարքէն կը մերժուի: Ամիրաները, որոնք կը ճանաչէին եւ կը սիրէին Միւհենտիսեանը, գիշեր մը կը գտնուին տուն մը, ուր ներկայ էր նաեւ պատրիարքը: Խօսք կը բանան եւ կ՚աղաչեն նորին սրբազնութեան, որ հաճի տպարանի արտօնութիւն շնորհել Միւհենտիսեանի. պատրիարքը կը սրդողի եւ կը սպառնայ: 1843֊ին Բարիզէն Կրճիկեան Յակոբ էֆենտին կ՚իմանայ եւ իւր թուրք ծանօթներուն կը գրէ հոս, որ աշխատին Միւհենտիսեան տպարանի բացուելուն: Ասոր վրայ Բ. Դռնէն թաքրիր կը գրուի պատրիարքին, որ հրաման տայ: Պատրիարքը մէկդի կը նետէ Բ. Դռան թաքրիրն, ինչպէս որ Բ. Դուռը կ՚ընէ հիմա պատրիարքարանի թաքրիր ներուն: Այսչափ աշխատութեան ապարդիւն մնալուն վրայ՝ բարեկամները կ՚ըսեն Միւհենտիսեանի.
Մինչեւ որ այս մարդը չմեռնի կամ չհրաժարի` դուն տպարան բանալիք չունիս:
Եթէ այս մարդը չմեռնի, ես անօթի՞ պիտի մնամ, կը պատասխանէ Միւհենտիսեան:
1844֊ին կը հրաժարի Ասատուր պատրիարք, որուն կը յաջորդէ Մատթէոս պատրիարք, որ վերջէն կաթողիկոս եղաւ: Ասոր օրովը բացուեցաւ Միւհենտիսեան տպարանն, որ մեծ անուն վաստկեցաւ իւր տպած Օրացոյց ներով, Սաղմոս ներով, Նարեկ ներով, եւ այլեւայլ գիրքերով, Մեղու ով, Ժամանակ ով, Մեճմուայը հաւատիս ով եւ այլն: Գրաշարները պոչը կտրած զ, լ, ղ, շ, չ, ջ, վ, տառերը փնտռելու դժուարութենէն ազատելու համար ծոցագիրները շինեց:
Որչափ մեր ազգին` նոյնչափ եւ թերեւս աւելի ծառայութիւն մատուցած է թուրք ազգին: Թաալիք գիրը յօրինեց, որով տպուեցաւ տաճկերէն առաջին անգամ րիսալիէ իթիքատիյէ անուն տետրակը: 1867֊ին շինեց նեսիհ գիրն, որուն օրինակը տարաւ մեծ եպարքոս Ալի փաշային, որ շնորհակալութեամբ ընդունելով այդ գիրերն, յայտնեց` թէ ազգին երախտագիտութեանը արժանի է: Այս գիրով տպուած է հիլյեէի հաքանի անուն տետրակը: Միւհենտիսեան այս գիրերուն համար նուէր առաւ կառավարութենէ, ինչպէս նաեւ ցմահ առնելու պայմանաւ երկու հարիւր դահեկան ամսական կապուեցաւ իրեն, բայց չմեռած կտրուեցաւ այս թոշակն, որ չորս հինգ ամիս միայն տրուեցաւ:
Գիր շինելէն, գիրք տպելէն աւելի թղթադրամի կաղապար շինած է, եւ թղթադրամ տպած է, եւ այս մասին ալ բնաւ զոհողութիւն չէ խնայած հայրենեաց փառացը համար: Առաջին անգամ թղթադրամը ձեռագիր էր, եւ ուրիշ կառավարութիւններու թղթադրամներուն քով շատ յարգ չունէր: Միւհենտիսեան ուզեց, որ մեր կառավարութիւնն ալ ունենայ գեղեցիկ եւ ձեւաւոր թղթադրամ, ուստի 1843֊ին կաղապար մը շինեց եւ կառավարութեան ներկայացուց: Կառավարութիւնն առաւ զայն, քննեց եւ հաւանեցաւ եւ հրաման տուաւ, որ տպուի: Թղթադրամները տպուիլ սկսան: Քիչ մը ժամանակ անցնելէն ետքը հրաման տրուեցաւ, որ նորէն տպուի. նորէն տպուեցաւ: Երրորդ անգամ տպուի: Ինչո՞ւ չէ, տպուի: Միւհենտիսեան քաջալերուելով իրեն տրուած խրախոյսէն` ուզեց որ աւելի փառաւոր թղթադրամ մը շինէ: Շաբաթ մը աշխատելէն ետքը, ուրիշ ձեւով թղթադրամ մը շինեց եւ կառավարութեան ներկայացուց:
Օ՜օօ… ասոր խօսք չկայ:
Աս առաջինէն աղէկ է:
Աս սքանչելի բան է, էֆենտի:
Ի՞նչ կ՚ըսէք, պէյ, սըկէ քիչ մը բան տպել տա՞նք:
Հարցունելդ աւելորդ է, տպուի, էֆենտիմ, տպուի:
Նորէն կը տպուի եւ քանի մը ամիսէն Միւհենտիսեան կը կանչուի:
Սա ուրիշ աւելի աղուոր բան մը կրնա՞ս շինել:
Վաղը կը բերեմ, էֆենտի:
Հետեւեալ օրն ուրիշ կաղապար մը կը տանի:
Տեսա՞ր, իմ ուզածս ասանկ էր. սըկէ տպեցէք եւ անունը ֆայըզլը դրէք:
Արագատիպը կը սկսի բանիլ, ամէն դառնալուն քաղաքը միլիոններու մէջ կը խղդէ:
Տարի մը ետքը.
Սա Միւհենտիսեանը չկանչէ՞ք:
Հոս եմ, էֆենտի, հոս եմ:
Ծոյլ մէկն ես դուն, ո՞ւր էր, մեզի նոր կաղապարներ պիտի բերէիր:
Քովս ունիմ հատ մը… հրամմեցէ՛ք, տեսէ՛ք:
Մինչեւ հիմա շինածներուդ ամէնէն աղէկն աս է. տպեցէք ասկէ եւ անունը ֆայըզսըզ դրէք:
Շատ լաւ:
Ֆայիզսըզ ները կը տպագրուին ու քանի մը շաբաթէն ետքը, շրջաբերութեան կը հանուին:
Այս թուղթերէն զատ տպագրած է էսհամը ումումիէն, թահուիլաթը միւմթեազէն եւ ուրիշ շատ մը թղթադրամներ եւ արժէթուղթեր, որոնք հասարակութենէ այն աստիճան սիրալիր ընդունելութիւն գտան, որ անոնցմէ ոմանք տասներորդ եւ ոմանք քսաներորդ տպագրութեան արժանացան: Եթէ ասոնք գիրք ըլլային եւ օտար լեզուներու թարգմանուէին` մեծ վաստակ կը ձգէին: Ձեր մտքէն ելած չէ, որ 1860֊ին իյանէի ումումիէ ըսելով կառավարութիւնն ուզեց թղթադրամը վերցունել: Օրին մէկը յայտարարութիւն մը հանելէն վերջը, թէ կառավարութիւնն ա՛լ թղթադրամ չպիտի ընդունի` 1861֊ին նոր եւ գեղատեսիլ թղթադրամներ հանեց: Այս թղթադրամներն ալ Միւհենտիսեանի գրչին արդիւնքն են: Համրելով անհնար է լմնցունել այս անձին թղթեայ երկասիրութիւններն, որոնք այնչափ հարստացուցին եւ այնչափ աղքատացուցին երկիրը: Ինքն ալ ոչ նուազ վնասուեցաւ վաթսուն եօթանասուն գործաւորի ամսական տալու համար, սեղանաւորներէն տոկոսով դրամ վերցունելով: Այս վնասու հետեւանքն է տպարանին նախ երեսի վրայ թողուիլն եւ ապա բոլորովին գոցուիլը. թէպէտեւ յիշեալ տպարանը, ինչպէս բոլոր հայ տպարանները, չէր կարող իւր ծախքը գոցել հայերէն հրատարակութիւններ ի լոյս ածելով… կեցցե՜ն ազգային գրականութիւն եւ անօթութիւն:
1874 ապրիլ 25֊ին Ղալաթիոյ մաքսատունը Վերագայի սահիհէ ին տպարանը մտաւ փորագրութեան պաշտօնով, զոր մինչեւ այսօր կը շարունակէ.
Ունի ուրիշ այլեւայլ փորագրութիւններ, որոնց ամբողջութիւնն ամեն. Ա. Ներսէս պատրիարքն իրմէ ուզած եւ առած է պատրիարքարանի մէջ կախելու համար:
Երեսփոխան ընտրուած ըլլալով` քանի մը տարիներ Ազգային ժողովներուն ներկայ գտնուեցաւ: Ամէն անգամ, որ պատրիարքարանի սնտուկին վրայ իրեն կարծիքը կը հարցուէր` կը պատասխանէր, թէ թղթադրամ հանելէն ուրիշ հնարք չկայ:
Այս անձը եօթանասուն տարու է այսօր, եւ եթէ իւր արհեստը կատարելագործելու համար ունեցած փափաքին նայինք` դեռ եօթանասուն տարի ապրելու միտք ունի: Տարիները երբեք չեն նուազեցուցած իւր ճարտարութիւնը, այսօր երէկէ աղէկ կը փորէ, վաղը այսօրէ աղէկ պիտի գծէ:
Անգործ մնալէ ուրիշ բանէ մը չվախնար. միշտ կ՚աշխատի եւ կը փափաքի, որ քանի մը աւուր մէջ Ղալաթիոյ բոլոր տուները եւ խանութները գնէ:
Զինքը խաբելու համար, ոչ օձի կերպարանք մտնել հարկ է, ոչ ալ աղաւնիի, յանուն մարդկութեան կարող ես երկու տարի աշխատցունել զինքը եւ չվճարել, պատրուակելով` թէ առնելիքներ ունիմ եւ չեմ կարող առնել: Այդ խօսքիդ ոչ թէ միայն կը հաւատայ, այլ կը խղճայ վրադ: Չափազանց առատաձեռն ըլլալու թերութիւնն ունի, եւ այս իսկ էր իւր նաւուն ղեկը վարողը:
Եթէ կ՚ուզէ ոք ճանաչել այս մարդը փողոցի մէջ` թող աչացն առջեւ բերէ այն մարդուն քալելն, որ տասնըհինգ տարիէ ի վեր բացակայ գտնուող եղբօրը գալը կ՚իմանայ յանկարծ եւ զայն տեսնելու համար տանը ճամբան կը բռնէ: Այսչափը հերիք չէ, պիտի ըսես, պէտք է որ դէմքին վրայ տեղեկութիւն ունենամ: Շատ լաւ: Պզտիկութեան ժամանակ հիւրի մը խահուէ տուած ատենդ չէ՞ հանդիպած երբեք, որ խահուէին գաւաթը դիպուածով իյնայ եւ խահուէն ալ հիւրին վրայ թափուի: Քանի մը անգամ հանդիպած է: Այն ժամուն հայրդ բարկութեամբ ծուռ ծուռ երեսդ չէ՞ նայած: Նայած է: Ահա այն ժամուն ի՞նչ դէմք ունեցար դուն` նոյնն ունի այսօր Յովհաննէս էֆենտի Միւհենտիսեան: