Hakob Paronyan
Ազգային ջոջեր
ԲԱՐՈՒՆԱԿ ՄԱՆՈՒԷԼ ՈՒԹՈՒՃԵԱՆ
Բժիշկ, Ատենապետ֊հիմնադիր Խնայողական ընկերութեան, խմբագիր֊ընթերցող Կիլիկիա հանդէսին, ծնած ըստ ոմանց 1830֊ին եւ ըստ ոմանց` 1831֊ին:
Տնտեսագիտութեան եւ խնայողականութեան մեծ յարմարութիւն ունենալով` այն եօթն ամիսները, զանոնք մօրն արգանդին մէջ անցուց, Ֆրանքլինը կարդալով զբաղեցաւ, եւ տնտեսագիտութեան ուսումն աւարտեց հոն, քննութիւն տուաւ, վկայականն առաւ եւ դպրոցէն դուրս ելնել ուզեց, երբ ազդարարեցին իրեն` թէ դեռ երկու ամիս սպասել պէտք էր: Բարունակ մտիկ չըրաւ, բժիշկ ըլլալով` իր ծնունդը դիւրացուց եւ ճիշտ եօթն ամիսէն աշխարհ եկաւ Ֆրանքլինի գիրքն ի ձեռին:
Աշխարհ եկած չեկած, իր ծննդեան մէջ ունեցած պակասութիւնը գոցելու ետեւէ եղաւ: Բացի տնտեսագիտութենէ բժշկութեան ալ կոչում ունենալը յայտնեց, տեսնելով որ բժշկին մէկը վէրքի մը վրայ սպեղանի կը քսէր, այդ վէրքին կլոր ըլլալէն շուտ մը հասկցաւ, որ ամէն կլոր վէրք է, եւ երբ օր մը հայրն սիկարն վառելու ատեն կրակը հագուստին վրայ ձգելով կլոր ծակ մը բացաւ հոն, Բարունակն` հայրիկիս հագուստը վէրք հանեց ըսելով` իսկոյն դեղագործի մը խանութ վազեց եւ տուփ մը սպեղանի բերելով` հօրը հագուստին վրայ քսեց, եւ հետեւեալ օրը իւր դեղին ինչ ազդեցութիւն ըրած ըլլալն իմանալու համար հօրը բալթոյին թեւին երակները քննեց:
Ծնողքն ուրախացան ու խնդացին, եւ վերջապէս համոզուելով, թէ Բարունակն այդ պզտիկ հասակին մէջ մեծ փափաք եւ կոչում ունէր բժշկելու… հագուստները, զինք թաղին դպրոցէն հանելով` մայրաքաղաքիս բժշկական վարժարանը ղրկեցին, որ հոն բժշկէ եւ բժշկուի, որովհետեւ քիչ մը նիհար էր:
Բարունակ բժշկական վարժարանը մտաւ չմտաւ սկսաւ հսկայաքայլ վազել իւր դասերուն եւ դասարաններուն մէջ, քիչ ժամանակէն ընկերները գերազանցեց եւ իններորդ դաս մտնելուն պէս` սկսաւ բժշկական թերթ մը հրատարակել, որուն մէջ ազգային յօդուածներ կը գրէր, երբեմն ալ բժշկական:
Այս հրատարակութիւնը մեծ ծառայութիւն ըրաւ այն ատեն ազգին, այնպէս որ ընթերցողներուն մեծագոյն մասը մէկ֊երկու տարիէն մէյմէկ բժիշկ եղան:
Բարունակ տնտեսագէտ ըլլալով` թերթին բոլոր գործերն ինքը կը տեսնէր, ինքը կը խմբագրէր, ինքը կը կարդար, շռայլ չէր, քսան Կիլիկիա տպել կու տար: Տարեկան գինը հինգ ղուրուշ էր:
Բ ժիշ կութեան արուեստը կատարելագործելու տենչը Բարիզ կը կանչէր զինք, բայց ղրկող չկար. բայց ետքէն ազգականներէն մէկուն ձեռքովն Բարիզ ղրկուեցաւ, ուր իւր արուեստը կատարելագործեց եւ մայրաքաղաքս դարձաւ:
Ազգասիրութիւնը չէր թողուր զինքն, որ խմբագրութենէ քաշուի, ուստի Կիլիկիան նորէն հրատարակել սկսաւ: Այն ատեն ըսուեցաւ, թէ սխալ թարգմանութիւններ կ՚ընէր, բայց ասիկա թշնամական խօսք մ՚էր. կ՚երեւի թէ բնագիրն ալ սխալ գրուած ըլլալով` Ութուճեան էֆենտին բնագրին հաւատարիմ մնալուն համար, սխալ կը թարգմանէր:
Քիչ մը ատեն Կիլիկիան հրատարակելէ ետքը` նորէն ետ քաշուեցաւ, ինչպէս որ շատ մը խմբագիրներ կ՚ընեն, եւ մօտերս «Խնայողական ընկերութիւն» անունով ընկերութիւն մը հիմնեց, կանոնագրութիւն մը խմբագրեց, որ Ֆրանքլինի առածներով ու խրատներով լեցուն էր:
Կ՚ըսուի` թէ ընկալագիրներու վրան ալ Ֆրանքլինէն մէյմէկ կտոր բան դրած էր:
Ընկերութեան բաժանորդներն օր մը ելան ստակնին ուզեցին, Ութուճեան էֆենտին յայտնեց իրենց, թէ ըրածնին Ֆրանքլինին խրատներուն դէմ էր, բայց բաժանորդներն մտիկ չըրին ու զրպարտութիւններ ալ ըրին, այնպէս որ եթէ Ֆրանքլինի խրատները չըլլային, Ութուճեան էֆենտին խաբեբայի մը անուն պիտի վաստկէր:
Հայ հասարակութեան տգիտութեան վրայ ցաւած` Ութուճեան էֆենտին նորեն սկսաւ այս օրերս իր Կիլիկիան հրատարակել աւելի կանոնաւոր կերպով: Ութուճեան էֆենտին անանկ բնաւորութիւն մը ունի, որ բնաւ չլռեր, միշտ կը խօսի, եթէ մտիկ ընող չգտնուի` սենեակի մը մէջ կը քաշուի ինքն իրեն կը խօսի: Լսածնուս նայելով, հիմակուան Կիլիկիային մէջ հրատարակուածները սենեակին մէջ ինքն իրեն ընկած խօսքերն են եղեր: Բնաւորութիւն մ՚ալ ունի, որ ամէն բանի մէջ նախ իւր շահը կը փնտռէ, ետքը դիմացինին, հիւանդի մը կանչուելու ըլլայ նէ` նախ իւր երակները կը քննէ, վերջը հիւանդին: