Հակոբ Պարոնյան
Ազգային ջոջեր
ԿԱՐԱՊԵՏ Ս. ՈՒԹՈՒՃԵԱՆ
Կարապետ Ս. Ութուճեան, խմբագիր֊տնօրէն Մասիս պատուական լրագրոյ, ազգային երեսփոխան Ընդհանուր ժողովոյ, ծնած է Պալատ 1823 հոկտեմբերի 18֊ին: Վիպագիրներէն ոմանք կը ջանան հաստատել, թէ Ութուճեան ծնած ժամանակն այնպիսի հեգնական դէմք մը ունէր, որ կարծես դայեակին ըսել կ՚ուզէր. ի՜նչ մեծ գործ տեսար: Կան պատմագիրներ, որ, հակառակը պնդելով, կը զրուցեն թէ Ութուճեան աշխարհ փոխադրուած ժամանակն այնչափ խոժոռադէմ էր, որ դայեակը վախենալով ինքզինքը սենեակէն դուրս նետեց եւ, գինիի մէջ քիչ մը մոխիր խառնելով խմելէն ետքը, դրացիներուն վազեց ազդարարել` թէ առջի գիշերը տեսած մէկ երազն կատարուած էր: Դայեակը երազին մէջ տեսած էր, որպէս թէ մէկն սագի փետուրով ահագին քարեր կը նետէր իւր վրայ: Երախան այս բաներէն բնաւ տեղեկութիւն չունէր. իւր սովորութեանը համեմատ տասը տարի ետքը իմացաւ, սակայն այն ատեն ալ լրագիր չունէր, որ Ներքին Լուրերու մէջ հրատարակէր:
Կարապետ մօրն արգանդէն բաժնուելուն պէս զգաց՝ թէ մարդս պարտաւոր է նախ իւր փորը գոհացնել եւ ապա բաժանորդները: Ուստի մօրը ծիծերէն կախուեցաւ եւ այնչափ անյագաբար ծծել սկսաւ, որ քանի մը ամիսէն մօրը ծիծերը բոլորովին պարպեց, եւ ստիպուեցաւ մնացած ամիսներն աղուէսի կաթով անցունել:
1831֊ին ուսում եւ գիտութիւն առնելու համար Պալատու վարժարանը մտաւ այն ձեւով, որով կը մտնէ այսօր մրգավաճառներու խանութը խնձոր առնելու համար: Դասատուներու հետ շատ անգամ կը վիճաբանէր: Ապուշ տղայի մը պէս իրեն տրուած ամէն դասն առնելով տուն չէր դառնար. շատ անգամ իւր դասատուին կ՚ըսէր.
Այս տուած դասը աղէկ չէ, ես աղէկ տեսակէն կ՚ուզեմ:
Դասատուն կը ջանար համոզել զինքը` թէ տուած դասը լաւագոյն է: Իսկ Ութուճեան դասատուին խօսքերուն բնաւ կարեւորութիւն չէր տար եւ կը պնդէր, որ դասն առաջին տեսակէն ըլլայ: Դասատուին կ՚առաջարկէր միշտ այս խօսքը. ներսէն հանէ, զոր իւր հայրը կը գործածէր, երբ մսավաճառէն միս առնելու երթար: Իրաւունք ունէր Ութուճեան այս խօսքը կրկնելու, վասն զի այն ժամանակի դասատուներն հիմակուան մսավաճառներէն աւելի ճշմարտախօս չէին: Այս ընթացքով եւ փափաքով իւր բոլոր ընկերները գերազանցեց հայկաբանութեան եւ սատանայութեան մէջ: 1834֊ին Պալատի վարժարանին հրաժեշտ տալով` Գանլը Քիլիսէի դպրոցը գնաց: Քանի մը տարի հոն աշակերտելով՝ կատարելապէս ձեռք բերաւ Հայկաբանութիւնն եւ Ճարտասանութիւնը: 1838֊ին մտաւ ճեմարան, ուր ճեմելէն զատ բան չսորվեցաւ:
Հայրն` որ շատ հարուստ չէր, զաւկին ճեմելը տեսնելով` գիրքերն առաւ իրմէ եւ արդուկ մը տուաւ, որ անով հագուստներ արդուկէ: Այն ատեն ցաւօք սրտի համոզուեցաւ Կարապետ, որ աշխարհաբարն ուղղելէն առաջ վերարկուներ եւ վարտիքներ ուղղել պէտք էր: Հնազանդեցաւ հօրը հրամանին եւ սկսաւ խանութը երթալ: Շատ չանցաւ, հոն ալ փայլեցուց իւր հանճարը. մէկ ժամուան մէջ քառասուն վերարկու կ՚արդուկէր, թէպէտեւ շատ անգամ կը խանձէր զանոնք, բայց տրամաբանութեան ուժով յանցանքը կամ երկաթին վրայ կը բեռնաւորէր կամ կրակին վրայ: Եւ այս եղանակով քանի համոզէր յաճախորդներն այնքան աւելի փափաք կու տար գիտութիւններու` զորս ուրիշները խաբելու համար ստեղծուած կը կարծէր: Երբեմն Հայր Արսէնի քերթուածները կարդալու կը զբաղէր եւ յաճախորդները ժամերով սպասել կու տար: Պարապոյ ժամերուն մէջ բնաւ չէր մոռնար աշխարհաբար գրութիւն մը գրաբարի դարձունելէն ետքը նորէն աշխարհաբարի վերածել: Օր մ՚ալ տեսաւ, որ թիկնոցին երեսը շատ հինցած էր, շրջեց զայն ու հագաւ, եւ երբ հայրն պատճառն հարցուց՝ պատասխանեց, թէ թիկնոցը գրաբարէն աշխարհաբարի դարձուց: Բնական է, որ կարդալու համար սրտին մէջ այնքան փափաք սնուցանող մէկը լաթեղէն ասպարէզն խիստ անձուկ գտնար. ուստի թողուց հօրն արուեստն եւ դասախօսութեան սկսաւ:
1845֊ին ազգային վարժարաններու եւ քանի մը տուներու մէջ այցելու դասատու ընդունուեցաւ: Երեք տարի այս պաշտօնն ամէն յաջողակութեամբ վարելով քիչ մը դրամ պատրաստելէն ետքը միտքը դրաւ Բարիզ երթալ ու վաճառականութեան դպրոց մտնել:
1848֊ին Պոլիսէն մեկնեցաւ Բարիզ երթալու համար, ուր երկու տարի ու կէս վաճառականութեան վարժարանին մէջ առեւտրական գործերու վրայ կատարեալ հմտութիւն առնելէն ետքը, 1851֊ին Պոլիս դարձաւ եւ հետեւեալ օրն ուզեց վաճառատուն մը բանալ: Վաճառականութեան համար պէտք եղած ամէն բաներն ունէր, միայն ստակ չունէր: Իր դէմ ելնող բոլոր բարեկամներուն կ՚առաջարկէր, որ դրամագլուխ դնեն եւ իրեն հետ ընկերութեամբ վաճառականութիւն ընեն. իսկ անոնք կը մերժէին անոր առաջարկութիւնն: Վհատութիւն եկաւ վրան. եւ որովհետեւ վհատութիւնն մեր ազգին մէջ մարդս կամ գերեզման կը տանի կամ խմբագրութեան ասպարէզը կը նետէ, այս վերջինին մէջ ձգուելու դժբախտութիւնն ունեցաւ:
1851֊ին Մասիս անունով լրագիրն հրատարակելու ձեռնարկեց: Այս լրագիրն բնաւ նպատակ չունէր հասարակութեան լուրեր տալու. այլ պարզապէս կը հրատարակուէր աշխարհաբար լեզուն կոկելու եւ գեղեցկացնելու համար: Եթէ մինչեւ մօտ ատեններս լուրերն ամէնէն ուշ կը հաղորդէր` պատճառն այն էր, որ զանոնք սահուն եւ կոկիկ աշխարհաբարի կը վերածէր եւ այնպէս ի լոյս կը հանէր: Եւ այն լուրերն, որոնց մէջ խորթ բառեր կը գտնուէին, բնաւ չէին հրատարակուեր Մասիսի մէջ, որքան ալ օգտակար ըլլային իւր ընթերցողներուն. լաւ է, կ՚ըսէր, որ ընթերցողներս վնասուին քան թէ Մասիսի լեզուն: Զարմանալի չպիտի թուի անշուշտ, եթէ յայտնեմ, որ երբեմն սկզբունք ալ կը զոհէր լեզուին. եւ եթէ ապակեդրոնացականութեան դէմ այնքան յարձակեցաւ 1872֊ին` պատճառն ապակեդրոնացականութեան ազգին վնասակար ըլլալը չէր, այլ իւր դժուարահնչելի եւ երկար ըլլալն էր: Կեդրոնացումը, կը պնդէր, մեր ազգին համար ամէնէն լաւն է. վասն զի, կ՚ըսէր մտքէն կոկիկ բառ մ՚է եւ ականջին անուշ կը հնչէ. մինչդեռ, կ՚ըսէր մտքէն կործանում է մեր ազգին ապակեդրոնացականութիւնն որ ճաշակի տէր ականջներու խորթ կու գայ: Եթէ այն ատեններն ապակեդրոնացականութեան տեղ ապակեդրոնում կամ տարակեդրոն բառը առաջարկուէր` շատ հաւանական էր, որ ազգին շահն ազգին ականջներու չզոհուէր: Ինչ ալ ըսեն իւր թշնամիները, գոնէ կը միաբանին այս կէտին վրայ, թէ բաւական կոկած է աշխարհաբար լեզուն. եւ այս ճշմարտութեան համոզուելու համար 1850֊ի աշխարհաբարները կարդալը հերիք է: Չմոռնանք խոստովանիլ, թէ Ութուճեան իւր քերականութեան մէջ ներդաշնակութեան առաջին տեղ տուած ըլլալով` բաւական բառեր հարստահարած է, շատ բառեր սպաննած է, բայց այս դարուս մէջ ո՞ր բարեկարգութիւնն առանց արեան կարելի եղած է, որ աշխարհաբարի բարեկարգութեան համար զոհողութիւններ չըլլան:
Ուրիշ խմբագիրներու պէս շաբաթն անգամ մը չփոխեր իւր կարծիքները: Թերեւս առարկուի, թէ կարծիք ըսուածը լաթի պէս է, մէկը շատ լաթ ունենալու է, որ շաբաթն անգամ մը կարենայ փոխել: Կարծիքներու մասին աղքատ չէ ինքը, մանաւանդ թէ զինքը աղքատ ամբաստանողներէն շատ աւելի հարուստ է, բայց զանոնք չփոխելը այն հիման վրայ հաստատուած է, թէ մարդս այն ատեն փոխելու է կարծիքը, երբ կը հիննայ եւ ա՛լ չգործածուիր: Ամէն կարծիքներն իրարու ետեւէ գործածելը` ըստ մեզ, միտքը շռայլութեան վարժեցունել է, եւ ինքը շատ խոհեմութեամբ կը վարուի իւր կարծիքներուն վրայ հաստատ մնալով: Արժէթուղթերու գիներուն հետ ալ իր կարծիքներուն պէս կը վարուէր Մասիսի մէջ, բնաւ չէր փոխեր զանոնք: Երբ արժէթուղթերուն գիները երկու ֆրանկ բարձրանային, պէտք է, կ՚ըսէին, Մասիսի մէջ արժէթուղթ գնել եւ Ղալաթիոյ հրապարակին վրայ երկու ֆրանկ շահով ծախել:
Արդարութեան ջերմ եւ նախանձախնդիր պաշտպան է: Ո՛եւէ խնդիր մը անաչառութեամբ քննելու համար զայն կը պարզէ, անոր մէջ ճշմարտութենէ առաջ բաժանորդ կը փնտռէ. վասն զի առանց բաժանորդի ճշմարտութիւնը չպաշտպանուիր: Երբ կը տեսնէ, որ ճշմարտութիւնը խոհեմութեամբ կը վարուի` անոր կուսակից կ՚ըլլայ. իսկ երբ կը նշմարէ, որ կը յանդգնի իրեն շահուն դպչիլ` բոլոր ուժովը կը զինուի անոր դէմ. եւ իրաւունք ալ ունի, քանի որ անձնապաշտպանութիւնը օրէնքն ալ կը ներէ:
Շատերն իրեն մոռացկոտ բնաւորութենէն օգուտ քաղելով` երբեմն երբեմն յաջողած են իւր ազգօգուտ լրագրոյն մէջ հակասական նամակներ հրատարակել տալ: Բայց քանի մը տարի առաջ Շահ֊Հիւսեինի խնդրոյն նկատմամբ Փունջի դէմ բացած դատէն խրատուեցաւ եւ հիմա առջի գրածները չմոռնալու համար մատը դերձան կը կապէ:
Եւ որովհետեւ այս դատն 1875֊ին` բոլոր փաստաբաններն եւ գրագէտները յուզեց, հարկ կը համարինք անոր վրայ համառօտ ծանօթութիւն մը տալ: Գրիգորիս եպիսկոպոս Ալեաթճեան, Երզնկայի առաջնորդ, իւր պաշտօնատեղին երթալէն անմիջապէս ետքը հանրածանօթ չարագործ Շահ֊Հիւսեինի դէմ նամակ մը կը գրէ Մասիսին: Սոյն նամակին հրատարակութենէն քանի մը ամիս ետքը նորին գերապատւութիւնը ի նպաստ Շահ֊Հիւսեինի նամակ մ՚ալ կը ղրկէ Մասիսին, որ կը հրատարակէ իւր էջերուն մէջ: Ժողովրդեան ատելի չարագործի մը Մասիսի մէջ փառաբանուիլը տեսնելով Փունջ ` իւր պաշտօնակցին վրայ կը յարձակի ապուշ, կենդանի, քսու եւ վատ պատուանուններով: Մասիս այս պատուանուններէն վիրաւորուած կ՚ենթադրէ իւր անձնականութիւնն եւ ի դատ կը հրաւիրէ Փունջը: Այս դատին պզտիկ պատկերը կրնայ համարուիլ հետեւեալը.
Դատաւոր. Ինչո՞ւ համար այս մարդուն պատուոյն դպար:
Փունջ. Ես չհայհոյեցի:
Մասիս. Ինձի վատ եւ կենդանի ըսելէն ետքը հիմա կը պնդէ, որ կենդանի բառը մարդ կը նշանակէ, եւ աս նշանակութենէ կ՚եզրակացունէ, թէ ես ալ մարդ եմ:
Դատաւոր. Մարդ բառը չէ՞ք ընդունիր, անո՞ր դէմ կը բողոքէք:
Մասիս. Չէ, մարդ եմ, բայց կենդանի չեմ:
Փունջ. Եթէ կենդանի չես, ուրեմն մեռեալ ես:
Մասիս. Մեռեալը դուն ես:
Փունջ. Կենդանի բառն անասուն չնշանակեր… եթէ ինձի չէք հաւատար` Տէրոյենցի, Լուսինեան Խորէն եպիսկոպոսի հարցուցէք:
Մասիս. Հարցնելու պէտք չկայ, կենդանի բառը հոս գէշ մտքով դրուած է:
Փունջ. Ես աղէկ մտքով դրի:
Մասիս. Վատ բառին համար ի՞նչ պիտի ըսէք:
Փունջ. Վատը ցած չնշանակեր:
Մասիս. Բա՞րձր կը նշանակէ:
Փունջ. Բարձր ալ չնշանակեր: Ես միայն այս գիտեմ, որ այդ բառը քու արարքդ նշանակող բառ մ՚է:
Մասիս. Հայհոյութիւն է:
Փունջ. Ոչ. վատ բառը ծոյլ, թոյլ, յոյլ կը նշանակէ:
Մասիս. Դուն ես ծոյլ, թոյլ, յոյլ… նոյնայանգ բառերը ժողվեր եկեր է… ոտանաւոր շինելու չեկանք հոս:
Դատաւոր. Ծոյլ ըլլալը կրնա՞ս հաստատել:
Մասիս. Անկարելի է:
Փունջ. Եթէ ծոյլ չէ` վախկոտ է, վասն զի վատը վախկոտ ալ կը նշանակէ:
Դատաւոր. Ես այդ բառերը պատրիարքարան կը ղրկեմ, անոնց ինչ ըլլալը կը հասկնամ եւ յետոյ ձեզի կը կանչեմ:
Բառերը պատրիարքարան գացին եւ հոն մնացին: Եթէ օր մը ելնեն՝ հասարակութիւնը հարկաւ պիտի լսէ ու իմանայ անոնց նշանակութիւնները: Սակայն երկու խմբագիրներն պատուաւոր կերպով հաշտուեցան եւ յաղթութիւնը մնաց… երկուքին ալ քովը:
Պաշտպան է ոչ միայն ճշմարտութեան, այլ նաեւ պատրիարքներու… որչափ ատեն որ ասոնք մնան պատրիարքական գահուն վրայ, երբ գահէն վար իջնան` ինք ալ կը դադրի անոնց համակարծիք ըլլալէ: Այս դարաւոր սովորութեանը շնորհիւ է, որ հիմակուան ամենապատիւ Ներսէս պատրիարքի օրով պաշտպանեց Խաչատուր կաթողիկոսը, Վանցի Պօղոս Վարդապետն եւ ի տանէն Մամիկոնէից Մամբրէ եպիսկոպոսը, զորս կը հարուածէր Խրիմեանի օրով: Որչափ ալ անհեթեթ ըլլայ պատրիարքի մը որոշումը՝ զայն յարգելու սովորութիւն ունի, եւ տարակոյս չունինք, որ եթէ Կալիգողայի օրով խմբագրութեան պաշտօնին մէջ գտնուած ըլլար` գովաբանելով պիտի դրուատէր Կալիգողայի այն որոշումն, որով ձին հիւպատոս անուանել կ՚ուզէր եւ անշուշտ խմբագրական յօդուածով մը ձին ալ պիտի շնորհաւորէր ըսելով.
«Հռովմայեցիներու համար նոր դարագլուխ մը բացուեցաւ:
«Մինչեւ հիմա հիւպատոսները իրենց պաշտօնը չարաչար գործածելով ժողովրդեան գանգատներուն առիթ տուած էին:
«Բարեխնամ Կալիգողա կայսրը ժողովրդեան գանգատներն ու բողոքները նկատողութեան առած ժամանակը` փափաքելով միանգամ ընդմիշտ անոնց վերջ տալ` հիւպատոսն իւր պաշտօնէն հրաժարեցուց եւ անոր տեղ անուանեց իւր հաւատարիմ վսեմափայլ ձին, որուն մատուցած ծառայութիւններն արդէն ծանօթ են մեր ազգայիններուն:
«Քաջայոյս ենք, որ նորընտիր, հայրենասէր եւ արդարակորով ձին իւր խոհական եւ փորձեալ քաղաքագիտութեամբը ամէն ճիգ պիտի թափէ երկրին եւ ժամանակին պահանջումներուն համեմատ բարեկարգութիւններ ընելով ժողովրդեան յարգն ու համարումն իրեն գրաւել:
«Անօգուտ չըլլար յիշել նաեւ, թէ վսեմափայլ ձին գէշ տնօրէնութիւն մը ըրած չհամարուիր, եթէ իրեն օգնական կարգն մեծապատիւ (այս անուն) էշն, որ ծերակոյտին ժողովին մէջ մեծ ձայն ունեցած է ժամանակով, էշն որ սերելու պատիւն ունի այն ազնուական աւանակէն, որ մեծ տեղ մը գրաւած է Հին Պատմութեան… ախոռին մէջ»:
Այս խմբագրական յօդուածը գրելէն քանի մը օր ետքը Ներքին Լուրերուն մէջ պիտի կարդայինք հետեւեալները.
«Ժողովուրդը շնորհակալութեան ուղերձ մը գրեց Կալիգողա բարեխնամ կայսեր իւր ձին հիւպատոս անուանելուն համար:
«Այսինչ կառավարութեան դեսպանն երէկ հիւպատոս ձիին այցելութիւն մը տալով երկու ժամու չափ տեսակցեցաւ հետը:
«Այսինչ կառավարութիւնն իւր խնդակցութիւնը յայտնելու նպատակով հիւպատոս ձիին պատուանշան մը ղրկեց: Վսեմափայլ ձին հեռագրով շնորհակալութիւն յայտնեց յիշեալ կառավարութեան:
«Երէկ գիշեր վսեմափայլ հիւպատոսին ախոռին մէջ կոչունք տրուեցաւ դիւանագէտներուն, բոլոր երեւելի ջորիներն իրենց ազնուաշուք ընտանիքներովն եւ նշանաւոր էշերն պարահանդէսի զգեստով մեծ փայլ մը կու տային սոյն շքեղ հանդէսին: Էշերուն կենացը գաւաթներ պարպուեցան»:
Այսչափով չպիտի շատանար, այլ պիտի առաջարկէր ճանճերէ զինուոր առնել, մեղուներու վրայ տուրք դնել, ուղտերը թաղապետութեան անդամ անուանել եւ հասարակաց ապահովութեանը համար մրջիւններէ ոստիկանութիւն մը կազմել. եւ վերջապէս պիտի առաջարկէր ինչ որ այս այլանդակ կայսրը կը խորհէր:
Մենք զինքը մեղադրելու նպատակաւ չէ, որ Կալիգողայի ղրկեցինք Ութուճեանը, այլ ցոյց տալու համար այն ընդունելութիւնն, զոր կ՚ընէ ամէն պատրիարքներու որոշումներուն եւ առիթ կու տայ ըսել տալ ուրիշներուն, թէ Մասիս պատրիարքարանի բերանն է կամ ականջն է:
Մինչեւ մօտ ատեններս չափազանց խոհեմութեամբ վարուելով` պահպանողական ընթացք մը բռնած էր. իսկ տարիէ մը, այսինքն այն օրէն ի վեր, որ Մասիս ամէն օր կը հրատարակուի բացի կիրակի օրերէն, տօնի օրերէն եւ գրաշարի հիւանդ եղած օրերէն, յարձակողական դիրք մը բռնած է: Ամէն ազատութեամբ կը խօսի այսօր ինչ որ մտքէն անցունելու կը վախնար երկու տարի առաջ: Անաչառաբար խօսելով քաջութեամբ պաշտպանեց եւ դեռ կը պաշտպանէ հայկական խնդիրն իւր քաղաքական յօդուածներովն: Երբեք առիթ չփախցուներ հալածել ամէն անոնք, որ ազգային իրաւունքներուն դպչիլ կ՚ուզեն: Այս ամէնն ընելով դարձեալ չէ արժանացած այն քաջալերութեան, որով միայն կարող է թերթերը մեծցունելով ազգին հայախօս եւ մեծ լրագիր մը կարդացնելու փափաքն իրականացնել:
Բացի Մասիսէն ունի երկու ընտիր թարգմանութիւններ, որ մեր ժողովրդեան վիպասանութեան ճաշակ տուին: Թափառական հրէան եւ Գաղտնիք Հաւատաքննութեան մեր ժողովրդեան բաւականէն աւելի ներկայացուցին անդրալեռնականները: Այս թարգմանութիւններու համար թարգմանիչն բաւական դափնեայ պսակներ ընդունեց, զորս քակելով տունը կը ղրկէր, որ օձաձուկ առնեն եւ դափնիներուն մէջ դնելով, կասկարայի վրայ եփեն, նուիրեցին նաեւ բաւական ձիթենիներ` զորս շնորհակալութեամբ ընդունելով կը մրմռար.
Աւելի աղէկ չէ՞ր ըլլար, եթէ այսչափ ձիթենիի տեղ սափոր մը ձէթ ղրկէիք ինձի:
Ճիշտ Եզոբոսին աքաղաղին պէս որ կ՚ըսէր.
Մարգարիտն ի՞նչ ընեմ. գարիի մը հատիկն ինձի համար աւելի կ՚արժէր:
Թարգմանած է նաեւ Վեքֆիլտի երէցն եւ Քաղաքական Տնտեսագիտութիւն, որոնց, ինչպէս նաեւ բոլոր թարգմանութիւններուն մէջ ցոյց կու տայ, որ մեր թարգմանիչներուն արժանաւոր յաջորդն ըլլալու պատիւն կը վայելէ:
Ութուճեան ոչ նուազ նշանաւոր եղած է ազգային երեսփոխանական ժողովոյ մէջ: Անիրաւութիւն ըրած կը համարինք ինքզինքնիս, եթէ չյիշենք հոս, որ ազգային պատմութեան մէջ Սահմանադրութեան հիմնողներուն մէջն անցած է նաեւ իւր անունը: Քանի մը երեսփոխաններու պէս խօսած ըլլալու համար խօսելու սովորութիւնը չունի. վասն զի ուրիշներու գլխու ցաւ պատճառելն խղճին կը դպչի: Խիստ քիչ անգամ խօսք կ՚առնէ եւ քանի մը բառի մէջ իւր միտքը բացատրելու յատկութիւնն ունի: Իսկ անուրանալի է, որ երբ ոտք ելնէ եւ ատենապետէն խօսք ուզէ, այնպիսի շարժումներ կ՚ընէ, որ կարծես տղայ մ՚է եւ վարժապետին կ՚ըսէ.
Վարժապետ, գործ ունիմ:
Կարապետ էֆենտի Ութուճեան, իւր ամբողջութեամբն առնելով, բարի եւ ազգին օգտակար մարդ մ՚է: Քսանեւութ տարիներէ ի վեր խմբագրութեամբ ազգին ծառայելէն զատ շատ մը յանձնաժողովներու, ժողովներու եւ խորհուրդներու մէջ ազգին ծառայած է անձնուիրաբար եւ նոյնչափ տարիներ եւս պիտի ծառայէ, եթէ իւր կազմին նայինք: Երկչոտութիւնը թողլով քաջութիւնը ձեռք առած է, թէպէտեւ աս ալ ճշմարիտ է, որ աղուէս ձեւանալ չմոռնար երբ ագռաւ մը տեսնէ: Իբրեւ խմբագիր մեծ թերութիւններ կրնայ ունենալ, բայց իբրեւ սխալական մարդ մեծ առաւելութիւններ ունի: Մէկու մը վնաս տալ չուզեր, սակայն ամէնէն ալ օգուտ քաղել կը փափաքի: Ուրիշներու բարիք ընելու չզլանար, եթէ պարագաները թող տան: Կը սիրէ այն ամէն գործերն, որ բարի, գեղեցիկ եւ օգտակար են, իսկ կը պաշտէ` երբ գեղեցիկ են: Եթէ դէմքէն դատես զինք, վճիռ կ՚արձակես թէ անմատչելի մէկն է, իսկ երբ օր մը հետը տեսնուելու պատիւն ունենաս` տուած վճիռդ հետս կը կոչես եւ կը խոստովանիս, որ այս մարդուն դէմքը սրտին հետ հակասութեան մէջ է: Ցաւ է մեզ սակայն խոստովանիլ, որ եթէ գրիչով մէկու մը դէմ գրելու որոշում տայ` չխայթեր, այլ կը վիրաւորէ: Աքիլլէս միայն կրնայ դէմ դնել անոր հարուածներուն: Վերջին օրերս յանձն առած է Ղալաթիա տպուող լրագիր մը կրթելու: Յիշեալ լրագրին մարգարէ խմբագիրն, որ միշտ գուշակութիւններ կ՚ընէ, բնաւ չէր գուշակած Մասիսէն խրատուելու պէտքը:
Ութուճեան էֆենտին երկար հասակով, թուխ դէմքով, սեւ ընքուիներով եւ աչերով քաջառողջ մարդ մ՚է: Սովորութիւն ունի փողոցը քալած ժամանակ միշտ գետինը նայիլ. կարծես բաժանորդ կը փնտռէ: Իսկ երբ գլուխն վեր առնէ՝ այն դէմքը կ՚ունենայ, երբ Շիրքեթի շոգենաւերէն մէկուն մէջ նստած ժամանակդ քովէդ հարիւր քսան օխանոց մէկը անցնելով ուժով ոտիդ կոշտին վրայ կոխէ եւ անցնի երթայ առանց ներողութիւն խնդրելու: