Հակոբ Պարոնյան
Ազգային ջոջեր
ՕԳՍԷՆ ԽՈՃԱՍԱՐԵԱՆ
Օգսէն Խոճասարեան, մեծապատիւ խմբագիր֊տնօրէն Օրագիր ազգօգուտ լրագրոյ, հրաժարեալ երեսփոխան Ազգ. ժողովոյ, փաստաբան ամուսնական դատերու, ծնաւ ի թուականին` զոր ոչ ոք կը յիշէ այսօր:
Շատ մը պատմիչներու հարցուցինք, Պոլսոյ մէջ որչափ ստոյգ աղբիւրներ կան նէ` ամէնուն ալ դիմեցինք, որպէս զի իւր ծննդեան թուականը մեզ իմացունեն. բայց հակառակ մեր ջանից, չկրցինք ստոյգ տեղեկութիւն մը առնել այս մասին, միայն թէ ծերունիի մը հարցուցինք նէ` սապէս պատասխանեց. «Իրաւ որ իւր ծննդեան թուականը աղէկ մը չեմ յիշեր, սակայն սա աղէկ գիտեմ, որ Օգսէնին ծնած օրերը ազգը շատ դժբախտ էր. եւ այսօրուան պէս միտքս է, որ Օգսէնին ծնած օրը Սամաթիոյ սրճարաններուն մէջ կ՚ըսէին, թէ ազգին դժբախտութիւնները հերիք չէին, նոր փորձանք մ՚ալ աւելցաւ»:
Այս տեղեկութեան մինչեւ ո՛ր աստիճան ստոյգ ըլլալն ընթերցողաց կը թողունք դատել եւ կ՚անցնինք իր կեանքը գրելու:
Օգսէն խիստ նիհար ծնած ըլլալով` ծնողքը կարծեցին, թէ հիւանդ է, եւ վախնալով, որ չըլլայ թէ առանց կնունքի մեռնի, շուտ մը մկրտել տուին զինքը: Ծնողացն այս երկիւղն պանական էր, որովհետեւ երբ մկրտող քահանան կը հարցնէր, թէ երախան «զի՞նչ խնդրէ», եւ երբ կնքահայրն` «Հաւատք, Յոյս, Սէր» կը պատասխանէր, մէկէն ի մէկ Օգսէն նետուեցաւ եւ ըսաւ, թէ երախան օղի ալ կը խնդրէ: Ասով Օգսէնը կենդանութեան նշան տուաւ եւ ներկայ եղողներուն տրտմութիւնն ուրախութեան փոխեց:
Օգսէն իւր մանկական հասակին մէջ ցոյց տուաւ, որ ազգին մէջ նոր սկզբունքներ, նոր կարծիքներ տարածելու նպատակաւ միայն եկած է աշխարհ, թէպէտեւ չկարծուիր, թէ այդ նպատակաւ ղրկուած ըլլայ աշխարհ: Օր մը օրանց խանձարուրքին մէջ հանգիստ չկեցաւ, խանձարուրքին մէկ կողմէն մէկ ոտքը դուրս կը հանէր, միւս կողմէն մէկալ ոտքը. մէկ կողմէն աջ ձեռքն եւ միւս կողմէն ձախ ձեռքն. եւ երբ մայրը հարցունէր, թէ, որդեակ, ինչո՞ւ ոտքերդ, ձեռքերդ ասանկ մէյմէկ կողմ գլուխ քաշեր են, Օգսէն իսկոյն կը պատասխանէր, թէ ոտքերը ու ձեռքերն ապակեդրոնացական են, եւ թէ խանձարուրքին մէջ կեդրոնանալն կեդրոնացուցում է, եւ ազգին ալ վնասակար:
Չորս տարեկան էր Օգսէն եւ տունը տակնուվրայ կ՚ընէր, բնաւ խելօք չէր նստեր: Եթէ երբեմն տունէն դուրս ելնէր` թաղին մէջ իրեն հասակակից տղաք կը գտնէր ու եկէք ընկոյզ խաղանք ըսելով` ընկոյզնին կը յափշտակէր ու տուն կը փախչէր: Տղայք փողոցին մէջ կու լային: Օգսէն պատուհանը նստած, յափշտակած ընկոյզները կ՚ուտէր ու կը խնդար:
Մայրը կ՚աղաչէր, որ տղոց ընկոյզները տայ, Օգսէնը կ՚ըսէր. «Մայրիկ, կարելի՞ է, որ ես անոնց ընկոյզը առնեմ. անոնք չորս հոգի են, ես մէկ, կրնա՞մ անոնց դէմ դնել… Մայրիկ, ըսածնին տրամաբանութեան բոլորովին հակառակ է»: Աս կ՚ըսէր եւ բերանը կը նետէր այն ընկոյզները, որ տրամաբանութեան հակառակ ընկերներուն ձեռքէն առած էր:
Օգսէն վեց տարեկան ըլլալուն պէս` դպրոց ղրկուեցաւ: Հոն մոռցաւ իւր տղայական խաղերն ու սկսաւ դասերուն աշխատիլ, այնպէս որ քանի մը տարիէն հսկայաքայլ առաջ դիմեց: Բոլոր գիտութեանց եւ ուսմանց «մնաք բարեաւ» ըսելով` միայն տրամաբանութեան «բարի լոյս» ըսաւ, եւ անոր յարեցաւ: Քիչ ժամանակի մէջ տրամաբանութեան մէջ շատ փայլեցաւ, այնպէս որ ամէն խնդիր սկսաւ տրամաբանութեամբ լուծել, մինչեւ անգամ ալճեպրային խնդիրներն տրամաբանութեամբ լուծեց ու վերջը չկրցաւ կապել:
Տասնեւեօթ տարեկան էր Օգսէն` երբ ս. Սահակեան վարժարանէն ելնելով՝ առիթ սպասեց, որ իւր տրամաբանական տաղանդէն օգուտ քաղէ: Առիթը չեկաւ:
Վերջին Արեւելեան պատերազմին ժամանակ անգղիացի զօրապետի մը քով թարգման կարգեցաւ: Զօրապետը Սեւաստոպոլ գնաց, բայց Օգսէնը հոն երթալու վախնալով Շումլա մնաց եւ հոնկէ տիրոջը խօսքերը տաճկերէնի կը թարգմանէր ու բոսթայով կը ղրկէր: Քիչ մը ետքը տիրոջը քով գնաց եւ ամենայն յաջողակութեամբ վարեց իւր պաշտօնը: Օր մը տէրն ըսաւ իրեն, թէ երկու օխայ պանիր ապսպրէ. Օգսէն գնաց զոյգ մը պոթին ապսպրեց: Անգղիերէն սորվելու աղէկ կոչում ունէր, բայց հասկնալու յարմարութիւն չունէր:
Օգսէն տեսնելով, որ այս պաշտօնն իրեն յարմար չէ, բաժնուեցաւ անգղիացիէն եւ Պոլիս գալով` Հիւանդանոց մտաւ դասախօսութիւն ընելու: Հոն քանի մը կարծիքներ յայտնեց, որոնցմով ըսել կ՚ուզէր, թէ դպրոցներու մէջ ուրիշ գիտութիւն, ուսում, դաս տալը անօգուտ բան է, թէ բոլոր դասերն արտաքսելու եւ միմիայն տրամաբանութեան դաս տալու է: Հոգաբարձութիւնը այս կարծիքներէն օգուտ քաղելով՝ միւս դասերն արտաքսելու տեղ՝ բռնեց Օգսէնն արտաքսեց:
Ասոր վրայ Օգսէն քանի մը պաշտօն փոխելէն ետքը` Մանզումէի մէջ սկսաւ խմբագրական յօդուածներ գրել: Շատ յօդուածներ հրատարակեց հոն, որոնց ամէնն ալ աղէկ ընդունելութիւն գտան ժողովուրդէն: Ամուսնութեան վրայ ալ անանկ աղուոր յօդուածներ գրեց, որ քանի մը օր ետքը ամէն մարդ սկսաւ կնիկն ձգել: Այս օրուան պաշտպանած սկզբունքը հետեւեալ օրը կը հարուածէր, եւ վաղուան պաշտպանելիք սկզբունքը օր մը առաջ կը հարուածէր: Սկզբունքները, կ՚ըսէր զաւկի պէս են, գրագէտ մը պարտաւոր է զանոնք երբեմն շոյել եւ երբեմն ապտակել: Իր նպատակին հասնելու համար, միեւնոյն խնդրոյն մէջ այնչափ կարծիք կը փոխէր, որչափ որ կայարան կը փոխէ Էտիրնէի շոգեկառքը Պոլիս հասնելու համար:
Տարի ու կէսի չափ Մանզումէի մէջ իր կարծիքներն քարոզելէն ետքը Ծիլն Աւարայրի լրագրոյն անունը փոխելով Օրագիր ըրաւ եւ ինք ալ անոր խմբագիր եղաւ: Օրագրոյ մէջ չկայ սկզբունք մը, որ պաշտպանուած չըլլայ, չկայ նաեւ սկզբունք մը, որ հարուածուած չըլլայ: Այս թերթին մէջ Օգսէնն այնքան շուտ սկսաւ փոխել իւր կարծիքները, որ ընթերցողն ալ ետեւէն չկրցաւ հասնիլ: Անօթի ըլլար նէ՝ ժողովրդական էր, պատառ մը հաց ուտելուն պէս՝ միապետական կը դառնար, վրան սուրճ մը կը խմէր նէ՝ ապակեդրոնացականութիւնը կը պաշտպանէր. Այվատեանին դէմ բարկանար նէ՝ կեդրոնացումը կը պաշտպանէր. օր մը Հասունեան կ՚ըլլար, օր մը Հակահասունեան, օր մ՚ալ երկուքը մէկէն կ՚ըլլար: Երբ մէկն իրեն ըսէր թէ այդ ընթացքն աղէկ չէ, դուք գիտէք, մարդս քանի՛ կարծիք փոխէ, այնքան կատարելութեան հասած կ՚ըլլայ, կ՚ըսէր:
Օգսէնի կարծեաց այս փոփոխութիւնը միայն խմբագրութեան մէջ չէ, այլ փաստաբանութեան մէջ ալ: Սամաթիոյ Թաղ. խորհրդոյ կողմէն փոխանորդ կարգուեցաւ, որ Փանոսեանի հետ դատուի. Օգսէնը դատուելու գնաց եւ հաշտուեցաւ, ետ դարձաւ ճիշտ այն տղուն պէս, որ դերձան առնելու կը ղրկուի ու շաքար առնելով ետ կը դառնայ: Սամաթիացիք սաստիկ զայրացան. Օգսէն հոգը չըրաւ. իմ հաշտութիւնս պատուաւոր է, երանի թէ ամէն մարդ կռուէր ու ինձի պէս պատուաւոր կերպով հաշտուէր, ըսաւ:
Օգսէնի փաստաբանութիւնն աւելի ամուսնական դատերու ճիւղին մէջ փայլ ունէր, քան թէ ուրիշ ճիւղերու մէջ: Որչափ որ կնիկն ձգել ուզող ըլլար նէ՝ շունչը Օրագրոյ գրասենեակը կ՚առնէր: Օգսէն այնչափ վարպետութեամբ կը փաստաբանէր, որ շատերը անոր փաստաբանութիւնը մտիկ ընելու փափաքով կնիկնին ձգել կ՚ուզէին… Օգսէնի փաստաբանութեամբ:
Օգսէնի փաստաբանութեան միջոցին եթէ շաբաթը երկու հարսանիք ըլլար` հարիւր կնաթողութիւն կ՚ըլլար. եւ եթէ Դատաստանական խորհուրդը փաստաբան չընդունելու դրութիւնն չընդունէր` այսօր կնիկէն չբաժնուած մարդ չի պիտի կրնային տեսնալ:
Օգսէն էֆենտի այս փաստաբանութեան ալ հրաժեշտ տալով` բոլորովին տրամաբանութեան ապաւինեցաւ. բոլոր գործերն տրամաբանութեամբ կը նայի, տրամաբանութեամբ ստակ կ ՚ առնէ, տրամաբանութեամբ ստակ չտար եւ այլն: Օրինակի համար, եթէ թղթավաճառն վեց թօփ թուղթ տալէն ետքը գա յ ստակն ուզելու, Օգսէն էֆենտին, մինչեւ որ տրամաբանական ձեռնարկութիւնը չընէ, ստակ չտար, կրնայ ըլլալ, որ կ՚ըսէ, ստակ ուզելու իրաւունք չունենայ, այս ըսելէն ետքը կը գրէ.
Այն, որ ապրանք մը կու տայ, ապրանքին արժէքը կ՚ուզէ:
Մոշոնը ինձի ապրանք տուաւ:
Ապա ուրեմն Մոշոնը ապրանքին արժէքը կ՚ուզէ:
Ասանկով կը համոզուի, որ Մոշոնը իրաւունք ունի ստակ ուզելու. օրինակի համար, շուտ մը Մոշոնին կը դառնայ եւ ըստ տրամաբանութեան ստակ ուզելու իրաւունք ունենալը յայտնելէն ետքը կը պատուիրէ, որ քանի մը օրէն գայ, որ տրամաբանութեան միւս ձեւերն ալ ընելով համոզուի՝ թէ քանիական ղրուշէ վճարելու է թուղթը:
Մոշոնը տարի մը կ՚երթայ կու գայ (օրինակի համար) եւ այսօրուան օրս տրամաբանութիւնը լմնցուցած է մարդը: Եթէ հայերէն գիտնար, ազգ. դպրոցներուն մէկուն մէջ տրամաբանութեան դասատու կ՚ընէին. բայց եկու տես, որ մինչեւ այսօր (օրինակի համար) ստակն առած չէ. տրամաբանութեան մէջ կայ հարկաւ անանկ օրէնք մը, որով հրէան իրաւունք չունենար կոր ստակ ուզելու, կամ խմբագիրն ստակ չունենար կոր տալու:
Ոմանք, այս բաները լսելով վայրաբար կը զրպարտեն զինքն ըսելով, թէ Օգսէն մեծ յարմարութիւն ունի պարտքը չվճարելու, սուտ է: Մեծ յարմարութիւն ունի տրամաբանութեան:
Տրամաբանութենէ զատ խօսքի տակ չմնալու ալ կոչում ունի: Երբ ատենապետն Երես. ժողովին մէջ «ի կարգ կը հրաւիրեմ» ըսէր, Օգսէն էֆենտին կը պատասխանէր, ի կարգ հրաւիրել կ՚ըսուի այնպիսի բանի մը որ… Խօսքէն շեղեցար, Օգսէն էֆենտի: Խօսքէն շեղիլը այնպիսի պարագաներու մէջ կրնայ հանդիպիլ, երբ… Խօսք չունիս, Օգսէն էֆենտի: Խօսք չունենալն ըստ տրամաբանութեան այն ատեն պէտք է ըլլար… Լռէ՛ խօսքը, ուրիշին է: Խօսքը ուրիշին տալու համար սահմանադրութիւնը անանկ օրէնք մը ունի, որ եւ այլն ըսելով բերանը չգոցեր, մինչեւ որ իրմէ աւելի բարձրաձայն երեսփոխան մը խօսի եւ անոր ձայնը խղդէ:
Բայց Օգսէն էֆենտին քիչ մը ժամանակի համար երեսփոխանութենէ հրաժարելով` «խնդրէն շեղելու» խնդիրէն ազատեցաւ:
Հիմա Ռուսինեան էֆենտին կանոնագրութեամբ կը զբաղուի, ամէն առտու Նարեկի պէս մէյմէկ գլուխ կը կարդայ, մէյմէկ գլուխ ալ իրիկունները կը կարդայ, ցորեկներն ալ լրագրին մէջ կը գրէ:
Ի՛նչ որոշում որ լսէ կամ կարդայ, այս որոշումը Ռուսինեան էֆենտիին կանոնագրութեան դէմ է, Աղթամարայ խնդիրն օրակարգին մէջ անցունելն Ռուսինեան էֆենտիին կանոնադրութեան դէմ է, ըսելով կը պոռայ: Եթէ երթաս իրեն բարի լոյս մը ըսես, բարի լոյս ըսելը Ռուսինեան էֆենտիի կանոնագրութեան դէմ է, կ՚ըսէ:
Աստուած Ռուսինեան էֆենտիին կանոնագրութիւնը իրեն պարգեւէ, խէրը տեսնէ:
Ցոյց տալու համար, թէ Օգսէն էֆենտին մինչեւ ո՛ր աստիճան օրինասէր է, բաւական է ըսել, թէ ծովու վրայ խեղդուող մէկը տեսնէ նէ` ուրբաթ օրուան կը սպասէ, որ Ընդ. ժողով գումարուի եւ հոն առաջարկութիւն մը ընելով` այդ մարդուն վիճակը խնդրոց կարգին մէջ անցունել տայ, որպէս զի ուրիշ նիստի մը մէջ այդ խնդրոյն վրայ ժողովը վիճաբանի եւ խեղճը գտնուած վտանգէն ազատի…:
Աղօթք ընենք, որ սահմանադրութեան մէջ սովի համար օրէնք մը չկայ, եթէ ըլլար, քսանեւհինգ հազար հոգին անօթութենէ կը մեռցունէինք: