Հակոբ Պարոնյան
Ազգային ջոջեր
ՍԱՐԳԻՍ ՊԷՅ ՊԱԼԵԱՆ
Ներելի՞ է արդեօք հեգնական գրիչի մը յանդգնիլ այսպիսի հանճարաւոր եւ հռչակաւոր անձի մը փառքը գրելու` զոր կը պատմեն արդէն երեսունէն աւելի հատորներ, որք մեր հրատարակած գիրքերուն պէս թղթակազմ չեն, ոչ ալ լաթակազմ, այլ քարակազմ են: Ա՛րդ, երբ քարերը կ՚աղաղակեն, ի՞նչ հարկ կայ, որ տկար փետուր մը այդ հոյակապ շէնքերուն շուրջը տարուբերի:
Փետուրը, պիտի ըսէք, որչափ ալ տկար ըլլայ, ժամանակին հոսանքին առջեւ քարէ աւելի կը դիմանայ, ուստի եւ պէտք է, որ քարերը քիչ մը լռեն եւ գրիչը խօսի: Կը հաւանիմ, բայց իմ գրիչս այդ քարերուն պէս պիտի կրնա՞յ խօսիլ: Այդ շէնքերը խիստ բարձր են եւ իմ գրիչս, որուն մէկ թեւին փետուրները կտրած եմ, չէ կարող այնչափ բարձր թռիչ առնուլ, եւ քանի անգամ, որ բարձրանալ փորձէ` թաւալգլոր գետինը պիտի իյնայ՝ եւ թերեւս միւս թեւն ալ պիտի կոտրէ:
Ուրիշներու պէս, ես ալ համոզուած էի, որ խօսքը բառերէ կը շինուի, իսկ երբ ակնարկ մը կ՚ընեմ այդ հոյակապ շէնքերուն վրայ, զորս բարձրացուցած է նորին վսեմութիւնը` կ՚ըսեմ. խօսքը քարերէ կը շինուի: Եւ ի՜նչ դրութեամբ եւ արագութեամբ…: Ես ալ երբեմն բառեր կ՚առնեմ, կը փոխեմ, կը տեղաւորեմ, նորէն կը հանեմ, տեղը ուրիշ բառ մը կը դնեմ եւ երբ կը կարծեմ, թէ գեղեցիկ խօսք մը շինած եմ՝ կը տեսնեմ, որ նորին վսեմութեան շինած մէկ հաւանոցը իմ շինած խօսքէս շատ աւելի գեղեցիկ եւ վսեմ է: Սակայն իմ գրիչս որչափ ալ անզօր ըլլայ` գոնէ անկարող է նսեմացունել նորին վսեմութեան համբաւն, որ, ինչպէս կ՚ըսէ խմբագիր մը, քարէ շինուած է: Եւ այս իսկ է, որ կը քաջալերէ զիս, իւր կեանքը գրելու:
Սարգիս պէյ Պալեան Բեշիկթաշ ծնած է 1835 փետրուար 17֊ին: Բնութիւնն զինք օժտած էր տաղանդով, ազնւութեամբ եւ գեղեցկութեամբ: Այնպիսի համակրական դէմք մը ունէր, որ համբոյրներով կը լենար: Զուարթ էր, եւ չէր այն մանուկներէն, որք ծնելուն պէս կը սկսին լալ, եւ զորս բնութիւնը կարծես չախելով աշխարհ ղրկած է:
1843֊ին վերջերը, առաջին անգամ ըլլալով, Բարիզ գնաց եւ երկու տարւոյ չափ հոն մնալէն ետքը` Կ. Պոլիս վերադարձաւ:
1847֊ին երկրորդ անգամ գնաց Բարիզ, որ այն ատեն պաշարման վիճակի մէջ էր: Հոն Սենտ Պառպի վարժարանը մտաւ եւ իւր շրջանն յաջողութեամբ լրացնելէն ետքը` Էքոլ Սանթրալ դրուեցաւ, ուր իւր սրամտութեան շնորհիւ քիչ ժամանակի մէջ մեծ յառաջդիմութիւն ընելով` Էքոլ տէ Պոզար մտաւ ուր ամբողջացուց արհեստն ու գիտութիւնը:
1855֊ին Պոլիս վերադարձաւ, ուր իւր երջանկայիշատակ հօրը քովը, սկսաւ իւր հանճարը ցոյց տալ արքունական շինութիւններու մէջ:
1866֊ին Կարապետ Քալֆա վախճանեցաւ, եւ դրախտաբնակ Սուլթան Ապտ֊Իւլ֊Ազիզ, որ ինչպէս Կարապետ Քալֆային բարեմասնութիւնները, նոյնպէս ալ Սարգիս պէյին տաղանդը լաւ կը ճանաչէր` կայսերական պալատին եւ շինութիւններու ճարտարապետ անուանեց նորին վսեմութիւնը:
Այս բարձր պաշտօնին գլուխն անցնելուն պէս, փորձով ցոյց տուաւ նորին վսեմութիւնն, որ Սուլթան Ազիզ լաւագոյն ընտրութիւն մը չէր կրնար ընել: Մենք փոխանակ նորին վսեմութեան երկար բարակ գովեստներ կարդալու` կը շատանանք անոր գործերը հոս թուելով.
Պեյլերպէյի նոր պալատը,
Չրաղանի նոր պալատը,
Պեյքոզ, Թոքաթի քեօշքը,
Հեքիմ Պաշի Չիֆթլիկի քեօշքը,
Ալեմ Տաղի քեօշքը,
Գալենտերին քեօշքը,
Յըլտըզի նոր քեօշքը,
Պեյքոզի Էոժէնի կայսրուհւոյն համար շինուած շէնքը,
Քեաղըտխանէի պալատը,
Գանտիլլի, սուլթաններու պալատը,
Աք Սարայի մզկիթը,
Կիւմիւշ Սոյի զօրանոցը,
Ղալաթա Սերայի դպրոցը,
Քեաղըտխանէի մզկիթը,
Վալիտէ Պաղը քեօշքը,
Այազ Աղայի քեօշքը,
Պալ Մոմուի չիֆթլիկը,
Չատըր քեօշքը,
Չըրաղանի պահականոցը,
Թօփ Գաբուի քեօշքը,
Քիւչուկ չեքմեճէի քեօշքը,
Իզնիմիտ, սուլթանի ագարակին մէջ շինած գեղջկական շէնքը,
Պեշիկթաշի դպրոցը,
Մաչքայի զինանոցը,
Մաչքայի զօրանոցն եւ պահականոցը,
Զինճիրլի Քոյոյի քեօշքը,
Պեշիկթաշի մէջ թաղ մը, կէս քիլոմետրոյ երկայնութեան վրայ:
Այս եւ իւր շինած ուրիշ քանի մը շէնքերն այնչափ արհեստով եւ գիտութեամբ կառուցուած են, որ զանոնք դիտողը կը հիանայ եւ ինքն իրեն կը հարցունէ թէ` արդեօք Բարիզէ՞ն բերել տրուած են այս շէնքերը, նման այն մարդուն, որ, չգիտեմ ո՛ւր, գեղեցիկ շէնք մը տեսնելով` քովիններուն հարցուցած է, թէ Եւրոպայի մէ՞ջ շինուած է այս:
Առիթը կարծես միշտ դժուարութիւններ յարուցած է նորին վսեմութեան. որ իւր հանճարովն ամէն դժուարութիւններու յաղթած է: Քեաղըտխանէի պալատն` որ երկու հարիւր կանգունի չափ երկայնութիւն եւ վաթսուն կանգունի չափ լայնութիւն ունի, ձմեռուան եղանակի մէջ ջուր կը կոխէ. եւ նորին վսեմութիւնը առանց կարասիքը մէջէն հանելու պալատն մէկ մեթրոյ բարձրութեամբ վեր կ՚առնէ: Արնաւուտ գիւղի Սուլթան սերայի պատը ճեղքուելով դէպի ծով կը քալէր, նորին վսեմութիւնը թող չտուաւ եւ պատը ստիպուեցաւ հնազանդիլ: Նմանապէս Չրաղանի պալատին քեօշքը, որ դէպի ծով յառաջ կը քալէր՝ անոր հրամանաւն ստիպուեցաւ դառնալ առջի տեղը: Արքայաբնակ Սուլթան Մէջիտի հետ երբ Սելանիկ գնաց, գիշերուան մը մէջ շինեց հոն մարմարիոնէ աւազան մը, Պեշչընար, ուր նորին վեհափառութիւնն ընդունեց քաղաքի երեւելիները: Միայն մեր մէջ չէ, որ մեծ համբաւ կը վայելէ այս հանճարն, Եւրոպայի մէջ իսկ կը ճանաչեն անոր յարգն: Բարիզ հրատարակուող Լը մոնտ իլիւսթրէ անուն հանդէսն նորին վսեմութեան պատկերը հրատարակելով` հետեւեալ տողերը կը գրէ.
«Երեւելի ճամբորդներ, որոնք դեռ նոր այցելած են Կ. Պոլսոյ քաղաքը` կը յայտնեն մեզ այն տպաւորութիւնները, զորս իրենց վրայ ներգործած են արհեստով եւ գիտութեամբ բարձրացած այն հոյակապ շէնքերն ու պալատներն, որոնք Վոսփորի երկու ափերը կը զարդարեն: Սքանչացած են իմանալով, որ այս հրաշալիքները սուլթանին հռչակաւոր ճարտարապետ վսեմ. Սարգիս պէյ Պալեանի գործն են:
«Այս տաղանդաւոր անձն ամէնէն աւելի երեւելի ընողն է այն անհաւատալի արագութիւնն, որով հոյակապ շէնքեր կը կանգնէ: Այսպէս Պեյլերպէյի պալատն, որ մեր Նուվել օբերա յին պէս փառաւոր եւ մեծ է, երկու տարուան մէջ շինուեցաւ: Յըլտըզի քեօշքը, որ կոփածոյ քարերէ եւ մարմարիոնէ շինուած գողտրիկ գործ մ՚է, եւ որ մեր Պիպլիոթեք նասիոնալի մեծութիւնն ունի, վեց ամիսէն քիչ ժամանակի մէջ շինուեցաւ:
«Արագութեամբ գործելու հետ, նորին վսեմութիւնն ունի տեղական պահանջումներուն յարմար տնտեսագիտական եւ վարչական այնպիսի ձիրքեր, որոնց շնորհիւ բոլոր այս շէնքերը մէկ երրորդով կանգնուեցան այն գումարէն, զոր մեր հասարակաց գանձը վճարած է նմանօրինակ շէնքերու համար:
«Հետզհետէ աստիճանէ աստիճան բարձրանալով` այսօր կառավարութեան աստիճաններէն բարձրագոյնն ունի, եւ բոլոր վեհապետներն, որ Պոլիս գացած են, փութացած են պատուանշաններով զարդարել անոր լայն կուրծքը եւ առատօրէն նուէրներ ընել անոր:
«Քաղցր վարմունքն, ազնւութիւնը, մարդասիրութիւնն եւ ուրիշ բարեմասնութիւնները տաղանդին հետ միանալով` նորին վսեմութիւնը ճանչցողներուն համակրութիւնը կը գրաւեն: Իւր գթասրտութիւնն եւ հիւրասիրութիւնն ոչ նուաստ գովեստներու արժանի են:
«Աւելի մեծ հաճութեամբ կը հրատարակենք իւր պատկերն անոր համար, որ նորին վսեմութիւնը Ֆրանսիայի մէջ առած է առաջին ծանօթութիւններն արուեստին` զոր այնչափ բարձրացուցած է Թուրքիոյ մէջ»:
Զանց կ՚ընենք հոս յիշատակելէ քանի մը տարիներ առաջ մայրաքաղաքիս մէջ հրատարակուած Ռըվիւ տը Քոնսթանթինոբլ անուն հանդէսին գրած տողերն, որոնք նորին վսեմութեան տաղանդը կը հռչակեն. զանց կ՚ընենք, վասն զի իւր գործերն պէտք չունին գովեստի: Թուով խիստ քիչ են մեր ազգին մէջ այսպիսի մարդեր, որոնք իրաւամբ իրենց ազգին փառքն ու պարծանքն են: Արդարեւ շատ են, որ համբաւ ունին, այլ քիչ են, որ անոր արժանի ըլլան: Մարդս հարկ է, որ ինք ունենայ համբաւ. ուրիշի ծախու առնուած համբաւին պէս անարգ բան չկայ: Մին աղքատի մը ողորմութիւն տուած ժամանակը կ՚ուզէ, որ բոլոր աշխարհը տեսնէ, եւ թերեւս կը սրդողի, թէ ինչո՛ւ Աժանս հաւասի գործակալութիւնն հեռագիր չքաշեր Եւրոպա` յայտնելով, թէ այսինչ մարդն մուրացկանի մը քսան փարայ տուաւ այսօր: Ուրիշ մը, որ բորբոսնած ոսկիներ ունի, կը հանէ հինգ ոսկի միայն կու տայ սովեալներու Յանձնաժողովին եւ կը պնդէ, որ ազգին մէջ իրմէ աւելի առատաձեռն մարդ չկայ: Սահմանափակ մտքի տէր մէկը հրատարակութիւն մը կ՚ընէ, եւ կը սկսի աղաչել իւր բարեկամներուն, որ պէտք եղած գովեստը չզլանան իւր գրքին, որ ամէն բանի արժանի է, բացի գովեստէ: Ուրիշ մը սանդուխէ մը առանց իյնալու իջած ըլլալուն համար, մարմնամարզութեան դասատու ըլլալ կ՚ուզէ: Շատերը համբաւոյն ետեւէն կը վազեն եւ այս պատճառաւ կը փախցունեն համբաւն, որ իր ետեւէն վազողը չճանաչելով` կը վախնայ ու կը փախչի: Ունի՞ս հանճար կամ առաքինութիւն, համբաւն ետեւէդ կու գայ, եւ որչափ վռնտես` այնչափ քեզմէ չբաժնուիր: Վռնտեցէք ուրեմն սա համբաւն քիչ մը ատեն, եւ հետեւեցէք այդ անձին, որու կեանքը կը կարդաք:
Միայն ճարտարապետութեան ասպարէզին մէջ չէ, որ իւր գործերը հաջողութեամբ պսակուած են, ինքը որչափ ճարտարապետ, նոյնչափ ալ մեքենագէտ է. ինչպէս քարերն իւր հրամանով շարուելով ամէնուն հիացումը կը գրաւեն, այնպէս ալ երկաթներն իրարու մէջէն անցնելով` ոգի կ՚առնեն եւ անուս մարդերու պարծենալով կ՚ըսեն. մենք ձեզմէ աւելի օգտակար ենք աշխարհին: Շինած ունի թաւալողական մեքենայ մը, որուն պատկերը հեղինակին անուան հետ տպուած է Արմէնկոյի մէջ, որ մեքենաներու եւ մեքենագէտներու վրայ խօսող հանդէս մ՚է: Յիշեալ մեքենային համար արտօնագիր տրուած է նորին վսեմութեան: Քանի մը ատենէ ի վեր կ՚աշխատի նոր կաթսայ մը շինել, որ քիչ հանքածուխով կարենայ տաքնալ: Եթէ այս գործն ի գլուխ ելնէ, մեծ ծառայութիւն մը մատուցած պիտի ըլլայ երկրիս շոգենաւերու ընկերութիւններուն, մանաւանդ ճամբորդներուն, որոնք երբեմն օրերով կը սպասեն, որ նաւապետն քաղաքէ մը ածուխ գտնէ եւ ճամբան շարունակէ: Արդեօք որչափ օրհնութիւններ պիտի առնէ Խասգիւղի շոգենաւէն, որուն մեքենան ձմեռ ատեն, օր մը յանկարծ կայնեցաւ, եւ երբ պատճառը փնտռուեցաւ` հասկցուեցաւ, որ ցուրտէն ջուրը սառած էր կաթսային մէջ:
Տան մէջ ունի աշխատարան մը, որ լի է բնագիտութեան եւ տարրալուծական գործիքներով: Շարունակ հոն կ՚աշխատի երկու երեք տարիներէ ի վեր եւ բնագիտական ու տարրալուծական փորձերուն կը պարապի:
Թողունք նորին վսեմութեան աշխատիլ իւր սենեակին մէջ, եւ մենք քիչ մը դուրս ելնենք: Կ՚ուզէ՞ք քիչ մը դէպի Պառնաս քալել, ահա քնար ի ձեռին մեր դէմը կ՚ելնէ այն անձը, զոր քիչ մը առաջ ճարտարապետ ճանչցանք, վերջը մեքենագէտ, քիչ մը ետքը բնագէտ եւ քիմիագէտ: Ի՞նչ գործ ունի Պառնասայ ճամբուն վրայ. արդեօք պալա՞տ մը շինելու համար կանչուած է հոն: Հաւանական է: Քնար մը ունի քովն, այդ որո՞ւն է, ուսկի՞ց առած է: Ապողոնէն խնդրած եւ առած է, բարեկամ: Պիտի զարմանաս անշուշտ երբ ըսեմ, որ Մայր Արաքսիին սրտառուչ եղանակն այդ քնարին պարտաւոր ենք: Աւելորդ է հոս երկարօրէն գրել այն եղանակին վրայ, որ այսօր ամէն հայու բերանն է. սակայն պէտք է խոստովանիլ, որ ոտանաւորին ոգւոյն համապատասխանող եղանակ մը շինելու յաջողած է: Ունինք ուրիշ երաժիշտներ ալ, որոնք միայն եղանակ շինելով կը կարծեն, թէ կը յաջողին, եւ ասոր համար է, որ ազգային թատրերգութիւններուն կամ երգերուն մէջ կը հանդիպինք այնպիսի եղանակներ, որոնք ոտանաւորին հետ բնաւ խնամութիւն չունին: Օրինակի համար, երբ ոտանաւորը կու լայ` եղանակը խնդալէն կը ճաթի, եւ երբ եղանակը ննջեցեալ կը տանի` ոտանաւորը գինի բերէք կը պոռայ: Այս կերպով դերասան մը երգին խօսքերովը կը լացունէ եւ եղանակովը կը խնդացունէ, կամ, լաւ եւս, ոչ մին կ՚ընէ ոչ միւսը: Բացի ասկից շինած ունի Քրիսթոֆ Քոլոմպ անուն օբերայի մը եղանակն, որուն վրայօք շատ գովեստով կը խօսի: Պարապ աշխատութիւն է կրկնելը, թէ նորին վսեմութեան մատներն դաշնակի վրայ ալ հրաշքներ կը գործեն:
Սարգիս պէյ Պալեան իւր զբաղումներուն շատութեանը պատճառաւ` չէ կրցած ազգային ժողովներու մէջ մտնել, այսու ամենայնիւ ամէն բարեգործական եւ մարդասիրական ձեռնարկութիւններու մէջ կը փայլի իւր նուէրներովը: Աւետարանը միայն չէ, որ կը պատուիրէ իրեն ձախ ձեռին չտեսնել աջին տուածը, ուրիշ պատճառներ ալ կան, որ կը ստիպեն զինքը գաղտնապէս բարիք ընելու:
Քանի մը տարի առաջ` Ազգային Պարտուց բարձման համար նուիրեց հազար հինգ հարիւր ոսկի, գումար, որ իրեն ընկեր չգտաւ նուիրատուներու ցանկին մէջ: Շատ տարիներէ ի վեր Վասպուրականի Մարմեթ գիւղի մէջ դպրոց մը հիմնած է, եւ որուն ծախքն ինքը կը հոգայ մինչեւ այսօր:
Կարելի չէ համրելով լմնցնել այն նամակներն, որոնք ամէն օր կ՚ուղղուին իրեն եւ որոնք վսեմափայլ տէր ով կը սկսին ու Հաճեցէք ներփակեալ տոմսակներն ընդունել ով կը վերջանան: Նորին վսեմութիւնն բնաւ ետ չդարձուներ այս տեսակ տոմսակներն, որոնք կամ թատրոն կը հրաւիրեն զինքն կամ պարահանդէս, ուր դերասանի մը կամ ազգային հաստատութեան մը կամ ընկերութեան մը ի նպաստ ներկայացում կամ պար կը տրուի: Եթէ իւր տուած դրամներուն ցանկն հրատարակուի` ակներեւ պիտի տեսնուի, որ այս անձը կարծուածէն աւելի առատաձեռն է:
Մինչեւ հիմա առատաձեռնութեան շատ փորձեր ցոյց տուած է, եւ կը հաւատանք, որ ասկէ վերջն ալ պիտի շարունակէ իւր նուէրներն ազգային մանկտւոյն դաստիարակութեանը համար:
Հակառա՛կ այն պատուանշաններուն, զորս իւր կուրծքէն կախած են Անգղիայի, Ֆրանսիայի, Գերմանիայի, Իտալիայի, Թուրքիայի, Ռուսիայի եւ այլն կառավարութիւններն` այսօր հայերէն կը խօսի եւ ազգին բնաւ չարիք մը հասուցած չէ: Այսչափ պատուանշաններով զարդարուած մէկն իւր մայրենի լեզուն սիրէ՜… Աս քիչ մը անհաւատալի պիտի թուի ամէն անոնց, որ դժբախտութիւն ունեցած են տեսնուելու այնպիսի էֆենտիներու կամ պէյերու, որոնք եթէ աստիճանէ մը բարձրանան` հայերէն չխօսելու ուխտ կ՚ընեն. եթէ պատուանշան մ՚ալ առնեն` հայերէն խօսողն ականջէն պատի մը վրայ գամելու չափ յառաջ կ՚երթան, եւ եթէ քիչ մ՚ալ բարձրանան` ազգային իրաւունքներն աճուրդի կը հանեն, կարծելով, թէ այս ընթացքով աւելի բարձր աստիճաններու կը հասնին:
Պաշտպան եւ սիրող է գեղարուեստներու:
Երբ Այվազովսքին մայրաքաղաքս եկաւ, նորին վսեմութենէ հիւրընկալուեցաւ: Կը սիրէ եւ կը քաջալերէ ամէն գեղեցիկ գործերն՝ ինչ սեռէ ալ որ ըլլան:
Գիտութեամբ եւ արհեստով օժտուած ասանկ հռչակաւոր մէկու մը միայն կը վայլէր քիչ մը հպարտութիւն` եթէ աս ներելի ըլլար, բայց կը տեսնենք, որ հպարտութեան նշոյլն անգամ չունի իւր վրայ: Իրեն ներկայացուողն ի՛նչ աստիճանէ ալ որ ըլլայ, այնքան անուշութեամբ կ՚ընդունուի իրմէ, որ կը սկսի կարմրիլ եւ նեղուիլ: Իրեն դէմն ելնելու համար ժամերով վարի սրահն սպասելու հարկ չկայ, ոչ ալ պէյն այսօր հիւր ընդունելու ժամանակ չունի, ուրիշ օր մը եկուր խօսքը կը լսես: Այսպէս ամէնուն հետ քաղցրութեամբ կը վարուի, իսկ երբ կը տեսնէ, որ դիմացինը, ո՛վ որ ըլլայ, իւր չափը չճանաչեր, այն ատեն փափկութեամբ կ՚իմացունէ հպարտութիւն ծախողներուն, որ ուրիշ տեղ երթան իրենց ապրանքը ծախելու:
Որչափ ալ չուզենք, նորին վսեմութեան արժանապատւութիւնը չվիրաւորելու համար, զուգակշռութեան մտնելով իւր առաւելութիւնները յայտնելու` ամէնօրեայ դէպքերն կը ստիպեն զմեզ խոստովանիլ, որ մեր ազգին մէջ կան այնպիսի անձեր, որ հպարտութեան գագաթը բարձրացած են. եւ այս անձերն այնպիսի մարդեր են, որ բնաւ իրաւունք չունին… հպարտանալու:
Ասոնց համար ամէնէն սովորական բան մ՚է արհեստաւորի մը հետ այնպէս վարուիլ, ինչպէս կը վարուի կռանն երկաթի հետ. դաստիարակի մը հետ խօսիլն աւանակի մը վրայ հեծնելով Երուսաղէմ մտնել է իրենց համար. խմբագրի մը բարեւ տալն անոր պատուանշան տալու չափ արժէք ունի իրենց քովը: Վսեմ Սարգիս պէյ Պալեան մինչեւ այսօր կը պահէ ճարտարապետութեան պաշտօնն եւ ինչպէս սուլթան Ազիզին, նոյնպէս ալ օգոստափառ սուլթան Համիտին հաւատարմութեամբ ծառայելով` նորին վեհափառութեան հովանաւորութիւնը կը վայելէ:
Նորին վսեմութիւնը միջին հասակով, սեւ աչերով եւ ընքուիներով, բարեկազմ եւ գեղեցիկ անձ մ՚է: Այնպիսի դէմք մը ունի, որ կարծես թէ, եթէ Մուսաս իւր խօսքը պահէ եւ ես յաջողիմ երգիծանքներս աւարտել՝ պիտի կրնամ անոր անձին վրայ Մեկենասս գտնել: