Հակոբ Պարոնյան
Ազգային ջոջեր
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԵՐԵՅԵՄ֊ԳՈՒԼԻ
Յարութիւն Հեթում Մերեյեմ֊Գուլի, հաշուագէտ, ազգային երեսփոխան, ծնած է Խասգիւղ, 1840 թուականին: Լսած ըլլալով այն առածն, որ կ՚ըսէ, թէ կամաց քալողը չյոգնիր, բնաւ քալել չէր ուզեր, բնաւ չյոգնելու համար: Երեք տարեկան եղած էր եւ դեռ ելնելու կայնելու ջանք մը ըրած չէր: Հայրն ու մայրը կը յորդորէին զինքն, որ ելնէ քալէ եւ շատ անգամ, անոր բարի նախանձը գրգռելու համար, կ՚ըսէին իրեն.
Յարութի՛ւն, տե՛ս, ընկերներդ ի՛նչպէս կը քալեն:
Քալողն ես եմ, բայց ձեզի այնպէս կը թուի` թէ անոնք կը քալեն, կը պատասխանէր Յարութիւնը:
Ծնողքն, իրենց զաւակին բռնած այս ընթացքին վրայ ցաւելով, հնարք մը կը խորհէին, որով կարելի ըլլար զինքը քալեցունել: Աւետարան, խաչահանգիստ, բժիշկ կարող չեղան ոտք հանել այս տղան, որ սենեակին մէկ անկիւնը նստած կը խորհէր:
Բայց դիպուածն, որ շատ անգամ մեծ հիւանդութիւններ բուժած է, այնպէս ուզեց, որ այս տղուն հայրը ստիպուի օր մը սենեակին մէջ ստակ համրել: Արդ, երբ հայրն առաւօտ մը քսակը գրպանէն հանելով ոսկիները կը համրէր՝ անզգուշութեամբ անոնցմէ հատ մը ձգեց գետինը: Յարութիւնը ոսկիին գետինը իյնալը տեսնելուն պէս՝ նստած տեղէն մէկէն ի մէկ կանգնեցաւ: Հրա՜շք, գոչեց հայրն եւ ոսկի մ՚ալ նետեց գետինը: Երկրորդ ոսկին տեսնելուն պէս` քայլ մ՚առաւ տղան: Երկու ոսկի նորէն նետեց հայրը, երկու քայլ նորէն առաւ տղան: Չորս ոսկի ալ. չորս քայլ ալ: Հայրը քսակը նետեց սենեակին մէջտեղը եւ Յարութիւն սկսաւ վազել: Ահա այսպէս դիպուածով քալել սորվեցաւ Յարութիւն, եւ այս է ահա պատճառն այն խօսքին, որով կ՚ըսեն, թէ Յարութիւն էֆենտի Մերեյեմ֊Գուլի առանց ստակի քայլ մը չառներ, ո՛չ գրասենեակին մէջ եւ ո՛չ հրապարակին վրայ:
Ոչ միայն հաշուագէտ, այլ նաեւ տնտեսագէտ ըլլալով՝ կը պատուիրէր ծնողացն, որ իւր վարտիքն ու շապիկն քիչ մը մեծ կտրեն ու ձեւեն, որպէսզի քանի մը տարիէն նեղ չի գան եւ կարենայ զանոնք մէկ երկու տարի շարունակ հագնիլ: Մարմինն համեմատօրէն իւր խելքին խիստ ծանր մեծնալուն` յիշեալ ճերմակեղէններն հինգ տարի յաջողեցաւ գործածել: Այս բանը շատերուն զարմանք պատճառեց եւ մինչեւ անգամ կատակի համար իրարու ըսին.
Դիտմամբ չմեծնար, որ նոր ճերմակեղէն շինելով՝ տնտեսագիտութեան դէմ վարուած չըլլայ:
1846֊ին տրուեցաւ իրեն քերական մը, զոր երկու ժամուայ մէջ սորվեցաւ: Դասատուն անոր սրամտութիւնը տեսնելով՝ ընթերցանութեան դասին վրայ թուաբանութեան դասն ալ աւելցուց: Յարութիւն իրեն տրուած բոլոր դասերուն մէջ ալ յառաջադէմ գտնուեցաւ. չէր այն աշակերտներէն, որք թուաբանութեան մէջ արագոտն են եւ լեզուին մէջ կաղ: Ծնողքն երբեմն անհանգիստ կ՚ըլլային մտմտալով, որ եթէ այս տղան մեծնայ` ո՛ր ճիւղն ընտրելու է իրեն, փաստաբա՞ն ըլլալու է, թէ վաճառական, համարակա՞լ, թէ գործակալ, ատենախօ՞ս, թէ ժողովական. ամէնն ալ, ամէնն ալ կը պատասխանէր Յարութիւն եւ դասերուն կը պարապէր: Շատ անգամ դաս տալու եղանակն կը սորվեցունէր դասատուին եւ երբեմն ալ անոր սխալները կ՚ուղղէր թուաբանութեան մէջ: Ութը տարեկան էր` թաղին փերեզակին տետրակները կրկնատոմարի կը վերածէր: Մինչեւ տասներկու տարեկան տունը դաս առնելէն ետքը 1852֊ին Պեշիկթաշի վարժարանը գնաց. բայց գոհացուցիչ չգտնելով զայն, նաւակ մը մտաւ, եւ Իսկիւտար անցաւ: Հոն Նոր Թաղի վարժարանը մտաւ, որ մինչեւ այսօր ճեմարան անունը կը կրէ, ինչպէս ազնուական անունը կը կրէ մէկն, որ իւր հօրը բոլոր հարստութիւնը խաղի մէջ՝ առաքինութիւնը պարահանդէսներու մէջ մսխելով` իւր ազգատոհմին պատիւը կ՚արատէ: Հոն ալ բաւական սնունդ չգտնելով` Գում֊Գաբու Մայր եկեղեցիին ուսումնարանը մտաւ. բայց հոն ալ բան մը չգտնելով` Պեպեքի եզիթիներու դպրոցն առաւ իւր շունչն եւ հոն աւարտեց իւր ուսման շրջանը:
Այն թուականին Պոլսոյ բնակիչներն ինքզինքնին վիճակահանութեան տուած էին: Յարութիւն տեսնելով, որ ժողովուրդը շատ յարած է վայրկենի մը մէջ մարդերը հարուստ ընող վիճակահանութեան, առանց իւր պզտիկ խելքին նայելու, նստաւ շաբաթ մը խորհեցաւ, ինքնիրմէ նոր տեսակ վիճակահանութիւն մը հնարեց, որուն մէջ ամէն թիւերն ալ պիտի շահէին, բոլոր աշխարհ մէկէն ի մէկ հարուստ պիտի ըլլար, աղքատութիւնն երկրիս վրայէն պիտի ջնջուէր, փոխառութիւն բառն բառարաններուն մէջէն պիտի քերթուէր: Հաստատապէս միտքը դրաւ, որ գործի մարդ ըլլալուն պէս իւր ծրագիրն ի գործ դնէ, եւ ժողովուրդը հարստացնէ գումարին մեծ մասն իրեն բաժին հանելով: Ափսո՜ս… հազար ափսոս, որ ուշ մնացած ըլլալուն համար չկրցաւ նպատակին հասնիլ, վասն զի Եւրոպայի վարպետորդի սեղանաւորներն միեւնոյն բանն իրմէ առաջ մտածեցին եւ անոր ծրագիրն խանձարուրին մէջ խղդեցին: Յարութիւն բարկացաւ եւ ծրագիրն ծալլելով գրասեղանին տակի գզրոցը թխմեց, որով հարուստ ըլլալէ զրկեց զմեզ, եւ թողուց, որ խեղճ մահկանացուներս ապրելու համար հազար սուտ խօսինք եւ երկու հազար շողոքորթութիւն ընենք:
1858֊ին վարժարանէն ելաւ եւ վաճառականի մը քով մտաւ իբրեւ համարակալ: Տետրակներն այնչափ կանոնաւոր կերպով կը բռնէր, որ իւր տէրը, տեսնելով անոր յաջողութիւնն, վեց ամիսէն վաճառատան տնօրէն կարգեց զայն: Աստիճանաբար, բայց հաստատապէս առաջ երթալու հիմ դրած ըլլալով իրեն, մինչեւ որ փառքին մէջ օգուտ եւ մեծութեան մէջ իրականութիւն չտեսնէ` ետեւէն չերթար: Պզտիկ հասակէն ի վեր մէկ ոտնը սանդուխին առաջին աստիճանին վրայ լաւ մը կոխած ըլլալուն չհամոզուած՝ միւս ոտնը երկրորդ աստիճանին վրայ կոխած չէ եւ մինչեւ այսօր եթէ Ղալաթիոյ կամուրջէն անցնիլ հարկ ըլլայ իրեն՝ նախ եւ առաջ երկու ճարտարապետ կը բերէ եւ անոնց քննել կու տայ կամուրջն, անոր հաստատութեանը կը համոզուի եւ ետքը տասը փարայ կու տայ եւ վրայէն կ՚անցնի:
1860֊ին ազգային գործերուն մէջ նետուեցաւ: Սահմանադրութեան հաստատուած ժամանակ Արիք Հայկազունք երգողներուն ետեւէն կ՚երթար եւ կը պաշտպանէր Ժողովրդականութիւնն, որ մինչեւ այն ատեն պարզ ծունկի կապ մ՚էր եւ զոր Սահմանադրութիւնը վերցնելով պատուանշաններու կարգը բարձրացուց. այն թուականէն ի վեր է, որ ազգին մեծերն ուրիշի չեն տար այդ պատուանշանը:
Ազգին մէջ դաստիարակութիւն մտցունել աշխատողներուն միանալով արժանացաւ հիմնադիրներէն մին ըլլալու այն շէնքին, որ նախ Արեւելեան Թատրոն, ետքը Թատրոն ձիերու, քիչ մը ետքը Գաղիական Թատրոն, քանի մը տարի ետքը Ալքազար կոչուելով տասը տարուայ մէջ չորս անուն փոխեց գերապատիւ Խորէն Գալֆայեանի պէս: Որչափ ատեն որ ընկերութեան մէջը մնաց՝ թատրոնը կանոնաւորութեամբ շարունակեց իւր ներկայացումներն, զորս իւր ներկայութեամբը կը քաջալերէր ժողովուրդն եւ իրենց բացակայութեամբը կը ծափահարէին մեր հարուստներէն շատերը: Իսկ երբ գիշեր մը դերասաններէն մէկը վարագոյրէն դուրս ելնելով յայտարարեց թէ` «չկրնար նոյն գիշեր իւր դերը կատարել, եթէ իւր ամսականը անմիջապէս չվճարուի», Յարութիւն էֆենտին հիմնադիրներուն մէջ չէր, այլ Բերայի վարժարանին մէջ, որուն տնօրէնութիւնը յանձն առած էր: Այն ատեն փորձով հաստատեց, որ ինքն պայքարէ չվախնար, բայց վտանգը նախատեսելուն պէս անձն ու պատիւը մէկտեղ կ՚ազատէ փախչելով: Գրեթէ այն գիշերէն քանի մը ամիս ետքը Արեւելեան Թատրոնը թողուց հասարակութիւնը կրթելու պաշտօնը: Եւրոպացի մը եկաւ հոն եւ սկսաւ դաստիարակել իւր ձիերն, որոնք ս. Երրորդութեան եկեղեցւոյն բակը կը ճաշէին ցերեկները: Քանի մը տարի ետքը Պ. Մանաս ֆրանսացի դերասաններ ու դերասանուհիներ բերելով` բարոյապէս կրթեց ազգիս հարուստները: Ասոր յաջորդեց ուրիշ մը, որ լեցուց այդ շէնքն ֆրանսացի երգչուհիներով, որք բարոյալից երգերով ոչ նուազ բարոյականութիւն սորվեցուցին արգոյ հասարակութեան: Բայց մենք դառնանք մեր պատմութեանը:
Ինչպէս վերը յիշեցինք, Յարութիւն էֆենտի Բերայի վարժարանին տեսչութիւնն ստանձնած էր: Թէպէտ եւ իւր տնօրէնութեանը ներքեւ վարժարանը քիչ մը բարեկարգուեցաւ, սակայն հրաժարելուն պէս բարեկարգութիւնն ալ հրաժարեցաւ վարժարանէն: Այն ատեն ոմանք ըսին` թէ Յարութիւն էֆենտին իւր բարեկարգիչ ըլլալն աշխարհի ցոյց տալու համար բարեկարգութիւնն հաշուով կ՚ընէր, որ ինքը պաշտօնէն ելնելուն պէս՝ ըրած բարեկարգութիւնն ալ կը հատնէր. կան նաեւ ըսողներ, թէ աւելի կ՚աշխատէր բարեկարգիչի համբաւ առնել` քան գտնուած պաշտօնին մէջ տեւողական բարեկարգութիւններ ընել:
Քանի մը տարի ետքը Տնտեսական խորհրդոյ անդամ ընտրուեցաւ եւ երկրորդ շրջանին մէջ ատենապետ: Պաշտօնի մէջ խօսելէն աւելի գործելու միտում ունենալով՝ ատենապետ ընտրուելուն պէս ատենադպիր ընտրել տուաւ իւր ընկերներէն մին, որ շատ խօսելու ասպարէզին մէջ առաջին մրցանակն առած է: Այս ճամբով իւր ընկերն շատ խօսելու իրաւունքէն զրկելէն ետքը՝ սկսաւ գործել: Կը վկայեն, թէ իւր ատենապետութեան շրջանին մէջ շնորհակալութեան գիր մ՚ուղղած են իրեն պատրիարքարանի ձիերն, որք շաբաթը մէկ անգամ գարի ուտելու սորված ըլլալով, իւր օրովը երեք օրն անգամ մը գարի կ՚ուտէին: Պատրիարքարանի պաշտօնեաներն ամէն ամսու գլխուն իրենց ամսականները կ՚ընդունէին, մէկ ամիսը երեսուն օրէ կը բաղկանար եւ ոչ թէ եօթանասունհինգ օրէ եւ հետեւապէս, պաշտօնեաները հիմակուան պէս երկու ամիս ու կէս չէին սպասեր ամսական մը առնելու համար: Առանց մէկուն ակնարկութիւն մ՚ընելու կը զրուցենք, որ եթէ ընտրութիւններու մէջ ազգը քիչ մը խոհեմութիւն բանեցունէր եւ երկաթագործն ժամագործութեան պաշտօնին չհրաւիրէր, համարակալն բանաստեղծութեան ընտրելի չներկայացնէր, այս անձը միշտ Տնտեսական խորհրդոյ մէջ պիտի մնար եւ թերեւս ազգային սնտուկն, որուն շատ յարմար կու գայ Սողոմոնի ունայնութիւն ունայնութեանց, ամենայն ինչ ընդունայն է, քիչ մը դրամի երես պիտի տեսնէր:
1870֊ին Ազգային ժողովոյ երեսփոխան ընտրուեցաւ: Այս պաշտօնին մէջ ազնուապետութեան յարած է դէմքով եւ ժողովրդականութեան դարձած է կարծիքով, բայց այնչափ վարպետ է, որ ներկայացուած խնդիրները դէմքով ալ կարող է պաշտպանել, կարծիքով ալ: Ոեւէ խնդիր մը քննելու համար անոր հիմ կը դնէ սկզբունքն եւ ոչ պարագաները: Աւելորդ է ըսել, որ կան դատեր, զորս պարագաները կ՚արդարացնեն, բայց սկզբունքը կը դատապարտեն: Յարութիւն էֆենտին ալ կը դատապարտէ այդ դատն, որչափ ալ արդար ըլլայ: Ասոր օրինակ կրնանք բերել Տիգրանակերտի գերապատիւ Փիլիպպոս եպիսկոպոսին դատը: Այս առաջնորդը իւր պաշտօնատեղիէն հոս կը բերուի Վարչութեան հրամանով, որ հոս դատուի:
Հարցուր երեսփոխանական ժողովոյ մէջ Յարութիւն էֆենտիին.
Ի՞նչ է այս մարդուն յանցանքը:
Այս մարդուն յանցանքն այն է, որ Ազգային Վարչութեան կողմէ Տիգրանակերտ ղրկուած քննիչն գրեց պատրիարքարան, որ զինքը հոս բերենք ու դատենք:
Բայց անմեղ է այս մարդը:
Կրնայ ըլլալ, որ սուրբ մ՚ըլլայ. ո՞վ կ՚ըսէ թէ մեղաւոր է:
Ժողովուրդը կը սիրէ զինքը:
Մենք ալ կը սիրենք:
Եթէ ժամ առաջ իւր պաշտօնատեղին չերթայ` ժողովուրդը կրօնափոխութեան պիտի դիմէ:
Ազատ է դիմելու:
Ժողովոյ պատասխանատու չը՞մնար:
Բնաւ, ոչ ոք պատասխանատու կը մնայ. եթէ Փիլիպպոս եպիսկոպոսը արդարանայ` քննիչը պատասխանատու կը մնայ եւ կը պատժուի:
Քննիչը անիրաւութիւն ըրած է:
Կարելի է. բայց այն անձին, զոր կեդրոնը քննիչ անուանեց, պարտաւոր ենք գրածներուն հաւատալ. եթէ հաւատալու չէինք՝ անօգուտ բան մը ըրած պիտի ըլլայինք Հայաստան քննիչ ղրկելով:
Այսպէս կը պատասխանէ ահա, ով որ ալ ըլլայ իւր ընդդիմաբանը, էֆենտի, բեյ կամ փաշայ:
Ուրիշ երեսփոխաններու պէս ժամերով չխօսիր, ձիւնին սպիտակ ըլլալը փաստաբանելու համար գոյներու իմաստասիրութեան չմտներ, այլ համառօտիւ իւր կարծիքը կը յայտնէ եւ տեղը կը նստի: Բարձր ձայն չունենալուն համար շատ անգամ իւր խօսքերը չի կրնար լսելի ընել բառին երկու նշանակութեամբ ալ, վասն զի այն կարծիքներն միայն ուղիղ կը նկատուին, որոնք բարձր ձայնով եւ յստակ արտասանութեամբ յայտնուած են, որով իրաւունք կու տայ իւր ընկերներուն, որ ըսեն.
Ձայնդ չենք լսեր, բա՛րձր զրուցէ:
Եւ Յարութիւն էֆենտի կը ստիպուի իւր ատենաբանութիւնն երեք անգամ կրկնել:
Խրիմեանի պատրիարքութեան օրով անդամ եղաւ Ազգային պարտուց բարձման Յանձնաժողովոյ, որ բարձաւ առանց ազգային պարտքը բառնալու:
Տարի մը ետքը Սովելոց Յանձնաժողովոյ ատենադպիր ընտրուեցաւ: Աղօթք ընենք, որ ատենապետ չէր այս ժողովին, եթէ ըլլար` Պարսկաստանի մէջ սովեալ չէր մնար, ամէնն ալ անօթութենէ կը մեռնէին. վասն զի տարի մը շարունակ խորհելէն, տրամաբանելէն եւ դատելէն վերջ որոշում պիտի տար եւ սովեալներն անօթութենէ մեռցնելէն ետքը պիտի ելնէր անոնց ալիւր բաշխելու: Պաղարեամբ գործելու այնչափ վարժուած է, որ բոցերու մէջ եթէ մարդ մը տեսնէ` փոխանակ զայն բոցերէն դուրս քաշելու հնարքներուն վրայ խորհելու, հրդեհին ի՛նչ բանէ ծագում առած ըլլալն կը հարցունէ եւ պատճառն իմանալուն պէս` զայն վերցնելու ճամբան խորհելու համար անմիջապէս կը մեկնի, մարդը բոցերու մէջ թողելով եւ կը կարծէ, թէ հրդեհին մէջ ձեռքէն եկած բարիքը զլացած չէ:
Եթէ պաղարիւն չես` կը կարծես, թէ այս մարդուն հետ վարուիլը շատ դժուար է: Հետը ո՛րչափ ընդհարիս` այնչափ կը կարծրանայ. չեւիրմէի անուշ` կը նմանի: Եթէ առանց համարակալութեան, հաշուոյ եւ տրամաբանութեան խօսիս` եւ ոչ մէկ ըսածիդ կը հաւատայ:
Ազգային ամէն ձեռնարկութիւններուն քաջալերիչ է, նոյնիսկ այնպիսի ձեռնարկութիւններուն, որոնց յարատեւութեանը չվստահիր: Այս կարգէն է այն քաջալերական նամակն, զոր քանի մը բարեկամներով ստորագրելով՝ ուղղեց կիներու ընկերութեան մը` որ նպատակ ունի պարզ հագնել սորվեցունել մեր ազգին տիկիններուն եւ օրիորդներուն: Ինքը լաւ գիտէ թէ`
Ա. Ինչ որ դաստիարակութեան արդիւնք է` չկրնար դաստիարակութեան պատճառ ըլլալ.
Բ. Դաստիարակութիւնն մտքին եւ սրտին մէջէն կը սկսի եւ ոչ թէ հագուստէն.
Գ. Պարզասէր չսեպուիր այն կինն, որուն միայն հագուստն պարզ է, այլ սիրտն ու դէմքն բաղադրեալ.
Դ. Երբ պարզասիրութիւնը դաստիարակութեան արդիւնք չէ` ճաշակի խնդիր է.
Ե. Ճաշակի խնդիրը տրամաբանութեան հետ գործ չունի.
Զ. Մեծ սխալ է պճնասիրութիւնն անոր համար հարուածել, որովհետեւ մեծ ծախքերու կարօտ է. պէտք է զայն իբրեւ մոլութիւն հարուածել, վասն զի մոլութիւններ կան, որ ծախքերու կարօտութիւն չունին եւ առանց ծախքի եղած մոլութիւններն առաքինութիւն չեն.
Է. Կիները համոզուելու են, թէ գեղեցկութիւնը պարզութեան մէջ է, թէ որչափ վնասակար է, երբ կիները այնպէս կարծեն` թէ մեծ զոհողութիւն կ՚ընեն պարզ հագուելով.
Ը. Գովելի են այն կիներն, որք ինքնաբերաբար զգացած են պարզութեան յարգն եւ առանց ուրիշներէն քաշուելու կամ իրենց ընկեր փնտռելու կրնան պարզ հագուիլ.
Թ. Եթէ հագուստն ազդեցութիւն ունենար մարդուս սրտին վրայ` փիլոնն մեզի սուրբեր հասցնելու տեղ շատ անգամ սատանաներ չպիտի ընծայէր.
Ժ. Առանց դաստիարակութեան ընդունուած պարզ հագուստն իբրեւ նորաձեւութիւն կ՚ընդունուի եւ այնչափ կը տեւէ, որչափ որ կը ներէ հագուստին հիւսուածքը. պատռուելուն պէս պարզասիրութիւնն շրջազգեստին հետ մէկտեղ կամ կը նետուի կամ աղքատի մը կը տրուի:
Այս ամէնը գիտէ, բայց քաջալերութեան վրայ մեծ վստահութիւն ունենալով` կը կարծէ թէ ապառաժի վրայ ինկած սերմերն քաջալերութեամբ կրնան բուսնիլ եւ աճիլ: Եթէ նոր ձեռնարկութեան մը համար երթաս իրմէ խորհուրդ հարցունես` կը քաջալերէ զքեզ, միայն թէ այդ ձեռնարկութենէ իրեն ալ շահ մը հանելու ես, վասն զի, ինչպէս ըսինք, առանց ստակի տեղէն չշարժիր, թէպէտ եւ ազգային կեանքին մէջ անշահախնդրութեան օրինակ մը կրնայ համարուիլ:
Յարութիւն էֆենտին պարզ հագուելէն աւելի կը սիրէ անկախ կեանք վարել եւ մաքուր ապրիլ: Եթէ մէկու մը բարեւ տալ հարկ ըլլայ` երկու շաբաթ առաջ Ժիւլ Սիմոնի Ազատութիւնը կը կարդայ, որպէսզի չըլլայ թէ բարեւ տալու մէջ անկախութեանը դպչող բան մը գտնուի: Մաքրութիւնն այնքան կը սիրէ, որ ձեռները չաղտոտելու համար ուրիշին մատներովը կը քերէ գլուխը. բայց ամէն ատեն ուրիշին ձանձրութիւն չպատճառելու համար` իւր բթամատը միայն գործածել սկսած է վերջերս: Եթէ հարկ ըլլայ ձեռները լուալ` դեղագործներէն զտուած ջուր կը փնտռէ: Եթէ այսչափ մաքրութիւն մարդս իւր սրտին մէջ ունենար` չէր կրնար այս դարուս մէջ ապրիլ. բայց քանի որ ձեռներու մէջ է, վնաս չունի:
Յարութիւն էֆենտին թերութիւններու կողմէն այսչափ աղքատ ներկայացնելէն ետքը կը սկսիմ խորհիլ եւ ինքնիրմէս ըսել. այս մարդը կամ քիչ թերութիւն ունի եւ կամ ունեցած թերութիւններն տրամաբանութեան օրէնքներուն համաձայնեցուցած է: Օրինակի համար, ուրիշին բարութիւն ընելն աղէկ բան մ՚է, բայց ուրիշին բարութիւն ընելու ատեն մեր շահն ալ խորհելը իբրեւ գէշ բան չեն դատապարտեր օրէնքը, մանաւանդ անգղիացիներուն քաղաքականութիւնն, որ կ՚ըսէ, նախ իմ շահս եւ ապա ուրիշներունը: Արդ, ինչ որ ներելի է կառավարութեան մը, ինչո՞ւ ներելի չըլլար նաեւ անհատներուն:
Յարութիւն էֆենտին ազգին օգտակար անձ մ՚է, ամէնուն սիրելի: Քաջ հաշուագէտ մ՚է, ամէնէն կնճռալի հաշիւներն երկու օրուան մէջ կը պարզէ: Իւր սենեակն խելքի խանութ է, ամէն մարդ կ՚երթայ անոր եւ իր գործին վրայ խորհուրդ կը հարցունէ: Երբ կը տեսնեն զինքն, որ թուղթ մը առած կը պլորէ` գիտցիր, որ դժուարալոյծ խնդրոյ մը վրայ կը խորհի, իսկ երբ պլորած թուղթը բանայ եւ գրասեղանին վրայ դնէ` խնդիրը լուծած է:
Այս անձը ո՛չ պճնասէր է եւ ո՛չ պարզասէր, այլ երկուքին մէջտեղն է: Ձմեռուան եղանակին մէջ երբեմն մինչեւ մէջքը զոյգ մը կօշիկներու մէջ կը մտնէ, բայց որչափ ալ ըսեն, թէ այդ մեծ կօշիկներն արգելք կ՚ըլլան իրեն քալելու, մենք կը վկայենք, թէ ժամանակով Բերայէն քարոզիչ մը հալածած է այդ ահագին կօշիկներով: Միջին հասակ եւ բարակ կազմ մը ունի: Մազերն սեւ են, եթէ ճերմակ ըլլային` աւելի պիտի վայելէին, վասն զի միշտ իբրեւ ծեր կը խորհի, թէպէտ եւ ետ չկենար իբրեւ երիտասարդ գործելէ:
Փողոցի մէջ երբեմն ծանր կը քալէ եւ երբեմն ալ կը վազէ, ծանր քալած ժամանակը շահու վրայ կը խորհի, իսկ երբ վազէ` շահ մը գտած է: Այս վերջին պարագային մէջ շուրջը չնայիր եւ չբարեւեր իւր ծանօթներն, որոնց ամէնը եթէ բարեւել հարկ ըլլար` մինչեւ երեկոյ չպիտի կրնար երթալիք տեղը հասնիլ: Իսկ երբ դէմքն վեր առնէ, կը ներկայացնէ այն մարդուն դէմքն, որ կղզիի շոգենաւուն հասնելու համար վազելէն ետքը` երբ մէկ ոտն շոգենաւին մէջ պիտի դնէ` շոգենաւն սուլելով կը մեկնի: