Հակոբ Պարոնյան
Ազգային ջոջեր
ԹԱԴԵՒՈՍ ՊԵԿԵԱՆ
Թադեւոս Պեկեան առեւտրական ասպարէզին մէջ, Թ. Պեկ. լրագրական ասպարէզին մէջ, Փունջի փաստաբան, հրաժարեալ երեսփոխան, ծնաւ 1835… տարիքը չմեծցունենք, թերեւս մօտերս կ՚ըլլայ… ծնաւ 1850… չպզտիկցունենք, չպզտիկցունենք, որ երեսփոխան ընտրուելու իրաւունքէն չզրկուի… ծնաւ 1842 հոկտեմբեր 5֊ին ի Գարթալ:
Ծնելուն պէս աղմուկ մը փրցուց. ծնողքն ի՛նչ ըսել ուզելն չէին հասկնար. ծնողաց պէս ինքն ալ չէր հասկնար, բայց որովհետեւ մարդս պոռալու համար ի՛նչ ըսել ուզելն հասկնալու պարտաւոր չէր, շարունակ կը պոռար: Դրացիք երախային ձայնը լսելով՝ իրարու կ՚ըսէին, թէ այս աղջիկը մեծանայ նէ` գոռոզ աղջիկ մը պիտի ըլլայ: Ձայնին բարակ ըլլալուն պատճառաւ, դրացիք աղջիկ կարծեր էին: Մինչեւ որ երեք տարեկան եղաւ նէ` Թադիկին բերանը չգոցուեցաւ, եւ ծնողքն ստիպուեցան պզտիկ տարիքին մէջ տունի վարպետ ղրկել զինք, որ նախ լռել սորվի ու ետքը խօսիլ: Վարպետ գացած օրն տուտուն քերական մը տուաւ ձեռքն ու Ա, Բ, Գ ճանչցունել ուզեց. Թադիկն մերժեց, առարկելով` թէ Ա, Բ, Գ ին համար յոգնիլն պարապ բան է, եւ թէ` իրեն Նարեկ կարդացնելու ըլլան նէ` Ա, Բ, Գ ն ալ ճանչցած կ՚ըլլայ: Վարպետ տուտուն շատ աշխատեցաւ համոզել զինքն, թէ սխալած է, օգուտ չըրաւ, Թադիկն չհամոզուեցաւ ու վարպետէն ելաւ: Քանի մը տարիներ անցնելէն ետքը` Բարիզ Մուրատեան վարժարանը մտաւ, որ լեզու սորվի: Չգիտցուիր, թէ հոն ինչ ուսմունք եւ ի՛նչ լեզու սորվեցաւ, միայն կը հաւաստեն, թէ Բարիզէն դարձած միջոցին իր լեզուն ալ կորսնցուցեր էր, ուրիշ լեզու ձեռք բերելու փափաքով ունեցած լեզուին վրայէն հսկողութիւնը վերուցած էր: Պոլիս դառնալէն քանի մը տարի ետքը, Տնտեսական խորհրդոյ անդամ եղաւ: Տնտեսական խորհրդոյ անդամ ըլլալէն երկու օր ետքն ալ համարակալն ամբաստանեց, անոր դէմ բողոքեց, լրագրաց մէջ յօդուածներ հրատարակեց, շատ մը օրինաւոր փաստեր, ապացոյցներ մէջ բերաւ, վերջապէս ամէն բան ըրաւ, բացի հաստատելէն. կ՚երեւի թէ հաստատելու շատ կարեւորութիւն չտար ինք: Նոյն միջոցին Ժամանակ հանդէսն կրակ թափեց Պեկեանի գլխուն, եւ շատ աշխատեցաւ, որ ըրածէն ամչցունէ, բայց չյաջողեցաւ, որովհետեւ Պեկեանը դէմ դրաւ: Այս թուականէն սկսեալ Պեկեան հրապարակախօս եղաւ ու լրագրաց մէջ հետզհետէ յօդուածներ հրատարակեց, միշտ դիմացինը համոզելու դիտաւորութեամբ, եւ չհամոզուելու յամառութեամբ: Ամէն խնդրոց մէջ իր նպատակն ճշմարտութիւնը պաշտպանել էր, սակայն խեղճը ճշմարտութիւնն չէր կրնար գտնալ: Վերջերս դարձեալ ճշմարտութեան պահապան զինուոր գրուելով` Փունջի փաստաբան եղաւ եւ կենդանի բառին բացատրութիւնը տալու համար որչափ որ բառարան կայ նէ` ժողվեց, սայլի մը մէջ դրաւ, ինքն ալ սայլին ետեւէն երթալով դատարան մտաւ, կենդանին հոս մարդ կը նշանակէ, մրմռաց. այս չընդունուեցաւ նէ` ողջ կը նշանակէ, ըսաւ. այս խօսքին մէջ ողջը չյարմարիր կոր, ըսին նէ` մեռեալ թող նշանակէ, էֆենտիմ, պատասխանեց. աս ալ չընդունուեցաւ նէ` թող հիւանդ նշանակէ, պոռաց. վերջապէս այնչափ բան ըսաւ, որչափ որ պէտք էր դիմացիններն խնդացունելու համար: Պեկեան էֆենտին այս խնդրոյն մէջ իւր գրագիտութեան մեծ վնաս կրնար բերել, բայց երթայ թող աղօթք ընէ, որ գրագիտութիւն չունէր:
Երեսփոխան եղած ժամանակ, երբ խօսելու կ՚ելնէր, կը կարծուէր, թէ իրեն մեծ չարիք մը ըրած են, այնչափ կիրքով խօսիլ կը կարծուէր. սակայն, ճշմարիտը խօսելու համար, սրտին մէջ կիրք չկայ, ձայնին մէջ կայ, սիրտն իւր ձայնին հետ հակասութեան մէջ է, ինչպէս Երեսփոխանական ժողովին մէջ տարի մը առաջ խօսածները տարի մը ետքը խօսածներուն հետ: Քիչ խօսելու դրութիւնն ընդունած չէր եւ չէ: Երեսփոխանական ժողովին մէջ օր մը օրանց ուրիշ ատենաբանի մը կարծիքին համամիտ ըլլալն յայտնելու համար` կը կրկնեմ ` ըսած չէ, ինչու որ պզտիկ բառ մ՚է. ասոր հակառակ ուրիշի մը կարծիքին համամիտ ըլլալն հասկցնելու համար կրկնեմ բայն ամբողջ կը խոնարհէ, կրկնեմ բային ո՛ր բային վրայ խոնարհիլը կը բացատրէ, բայերուն գործածութեան եղանակներն մի ըստ միոջէ կը պատմէ, բայերուն ի՛նչ զօրութիւն ունենալուն վրայ երկարօրէն կը ճառէ, առանց բայի խնդրոց չլուծուիլն կը փաստաբանէ եւ վերջապէս բայն քուէի դնել առաջարկելով` խօսքը կը վերջացունէ:
Պեկեան էֆենտին երբ Ռուսինեան էֆենտիին յօրինած կանոնագրութեան մէջ կարդաց այն յօդուածն, որ երեսփոխաններն չափով պիտի խօսին կ՚ըսէր, այդ յօդուածին իրեն ակնարկութիւն ըլլալն հասկնալով աճապարանօք սենեակը վազեց ու հրաժարականը գրեց:
Պեկեան էֆենտին բարձր հասակով, թուխ գոյնով, աղու աչքերով վայելուչ երիտասարդ մ՚է, եւ քանի մը տարիներէ ի վեր այն դէմքն ունի, ինչ դէմք որ կ՚ունենայ երիտասարդ մը, երբ քանի մը տեղերէ աղջիկ ուզէ ու չտան: