Հակոբ Պարոնյան

Ազգային ջոջեր

ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ԻՓԵՔՃԵԱՆ

Այն օրն, ուր առաջադրեցի այս դաստիարակին կեանքը գրելու` ինքզին­քիս հարցուցի.

Իրա՞ւ է թէ Աստուած անպէտ բան մը կամ էակ մը չստեղծեց աշ­խարհիս վրայ:

Եթէ իրաւ է, պատասխանեցի ես ինձի, այս մարդն ի՞նչ գործ ունի աշ­խարհիս վրայ: Եթէ իրաւ չէ` ինչո՞ւ այս մարդն պիտանացու ըլլալու համար Թէոդոսիայէն Աիմֆերոբոլ կ՚երթայ, Սիմֆերոբոլէն Ռոսթով, Ռոսթովէն Եքա­թերինոտար, Եքաթերինոտարէն Պոլիս, Պոլիսէն Պեշիկթաշ, Պեշիկթաշէն Սա­մաթիա, Սամաթիայէն Խասգիւղ, Խասգիւղէն Գերմանիա, Գերմանիայէն Պոլիս, Պոլիսէն Իզմիր, Իզմիրէն Իսկիւտար կ՚անցնի:

Քանի մը վայրկեան ճակատս շփելէն ետքը համոզուեցայ, որ Աստուած արդարեւ անպէտ բան կամ էակ չէ ստեղծած աշխարհիս վրայ. իւրաքանչիւրն իւր գոյութեան պատճառն ունի: Օրինակի համար` Խասգիւղի շոգենաւերն ստեղծած է մահկանացուներս համբերութեան վարժեցունելու համար, թղթա­դրամն եւ պղինձը հանած է հասկցունելու համար մեզի, թէ ինչ որ սկիզբ ունի` վերջ ալ ունի. անգործներն ստեղծած է, որպէսզի զբօսարաններու տէ­րերն առուտուր ընեն եւ ստակ վաստկին. լուսինը ստեղծած է, որ Բերայի կա­զերն երբ մարին` փողոցները լուսաւորէ, որպէսզի գողերը մութին մէջ սխալ տուն չմտնեն. խմբագիրներ ստեղծած է, ցոյց տալու համար` թէ մարդս չէ կարող իւր ճակտին քրտինքովը ապրիլ. չափազանց անձնանուէրներ ստեղծած է` գողերու վրայ քեզի գաղափար տալու համար. երկաթեայ կամուրջ մը տուած է, հասկցնելու համար` թէ ներկայ դարուս մէջ անհնար է երկու օձիքը մէկ տեղ բերել. դասատուներ ստեղծած է` բժիշկներու սորվեցունելու համար` թէ մարդս քանի՛ ժամ կրնայ անօթութեան դիմանալ: Այս ամէնն աղէկ, կ՚ըսէք, բայց Իփեքճեանն ինչո՞ւ համար ստեղծած է: Անշուշտ շրջանակի մը մէջ ան­ցունելով պատէն կախելու համար չէ: Ինչո՞ւ ուրեմն եկած է աշխարհ: Մի՛ բարկանաք, բարեկամ, աշխարհ ըսածդ վարժարան չէ, որ մեր գործին չես գար ըսենք ու ճամբենք: Համբերեցէք, հարկաւ նպատակի մը համար եկած պիտի ըլլայ: Ի՞նչ է նպատակը: Քանի մը վայրկեան ճակատ շփելն բաւական է զմեզ համոզելու համար, որ Աստուած Իփեքճեանի կեանք տալով ուզած է հասկցունել զմեզ, որ դաստիարակութեան մասին մենք տակաւին շատ ետ մնացած ենք. եթէ այսպէս չըլլար` թող չէինք տար անշուշտ, որ դաստիարակ մը աշխարհիս չորս կողմը պտտիլ ստիպուի ապրելու համար: Չափազանցու­թիւն չէ ըսածս, մտիկ ըրէք:

Առանց ուրիշի խորհուրդ հարցնելու` այս մարդն 1843֊ին ելաւ աշխարհ եկաւ: Բարի եկաւ, հազար բարի, սակայն մարդս քաղաք մը, գեղ մը երթալ ուզած ժամանակն անգամ նախ ծանօթութիւն կը հաւաքէ եւ վերջը կ՚երթայ, ո՛ւր մնաց աշխարհն, որու վրայօք հազիւ չորս հոգի կը գտնուի նպաստաւոր տեղեկութիւն տուող: Իփեքճեան եթէ այն ժամանակի դաստիարակներէն խոր­հուրդ խնդրէր` շատ հաւանական էր, որ աշխարհ գալու նպատակէն հրաժա­րէր: Վասն զի այն ատենները գիշեր մը քանի մը ամիրաներ իրենց փորն կշտացնելէն ետքը կ՚ուզեն իմանալ, թէ Ենովք եւ Եղիա ի՞նչպէս կ՚ապրին, ի՞նչ կ՚ուտեն երկինք: Ամիրային մէկը կ՚ըսէ, թէ կարկանդակ կ՚ուտեն, միւսը այս կերակուրը հերքելով` հնդկահաւ կ՚ուտեն, կ՚ըսէ: Վիճաբանութիւնը կը սաստ­կանայ եւ հարկ կ՚ըլլայ գիշեր ատեն պատուելի մը կանչել եւ անոր կարծիքն առ­նել: Պատուելին կու գայ եւ երբ իր կարծիքը կը հարցուի` կը պատասխանէ.

Չէք հարցուներ, թէ ձեր փողոցին մէջ նստող պատուելին ի՛նչպէս կ՚ապրի, եւ կ՚ելնէք Ենովք եւ Եղիային ինչպէս ապրիլը կ՚ուզէք իմանալ:

Աւելորդ է ըսել, որ նոյն գիշերն անօթի պառկած էր պատուելին, եւ բնա­կանաբար նպաստաւոր պատասխան մը չպիտի տար Իփեքճեանի, եթէ աս իրմէ տեղեկութիւն ուզէր: Այս չըրաւ եւ չընելէն ետքը յանձնարարական թուղթ մ՚ալ չառաւ: Վա՜յ այն պարկեշտ ուսումնականներուն, գործունեաներուն եւ աշխատասէրներուն, որ յանձնարարող մը չունին, սողալով պիտի սողան գետնի վրայ… երանի՜ այն տգէտներուն, որ յանձնարարողներ ունին կամ երեւելի շէնքերու վարչութեան տնօրէններ կ՚ըլլան, կամ առատ թոշակներ կ՚ըն­դունին ու խելացիները ծաղրելով պատուական կեանք կ՚անցունեն… երանի մտօք աղքատաց, զի նոցա է արքայութիւն երկրիս…

Այս առաջին յանցանքները գործելէն ետքը, յանցանք մ՚ալ գործեց` Թէո­դոսիոյ մէջ աշխարհ գալով… որպէս թէ աշխարհիս վրայ ուրիշ քաղաք մնա­ցած չըլլար. թո՛ղ որ այդ քաղաքն իւր կարծիքներուն համաձայն ալ չէր: Ման­կութեան օրերը հոն անցունելէն ետքը՝ 1852֊ի ատենները Սիմֆերոբոլ գնաց եւ հոն վարժարան մտնելով փոխանակ ուսանելու՝ ուսուցանելու արհեստը սորվիլ կ՚ուզէր: Համոզեցին զինքն, որ առանց ուսանելու ուսուցանել անկա­րելի էր, եւ ասոր վրայ սկսաւ իւր դասերը պատրաստել եւ ընկերները գերա­զանցել:

1859֊ին վարժարանէն ելաւ եւ Թէոդոսիա դառնալով` ուզեց դասատւու­թեամբ ապրիլ: Դասատւութեամբ ապրի՜ լ… հրաշքի դարերն անցած են… դա­սատւութեամբ մեռնիլ, այս է իրականութիւնը: Քաղաքագէտներն մեծ գործ մը ըրած կ՚ըլլան՝ եթէ կախուելու անձերն Թուրքիա ղրկեն դասատւութիւն ընելու: Չկրցաւ իւր փափաքն գործադրել եւ հարկ եղաւ կտաւի վաճառա­կանի մը քով գրագրութեան պաշտօն վարել: Քանի մը ամիս կտաւ չվաճա­ռելէն ետքը՝ հրաժեշտ տուաւ այդ գործին եւ միտքը դրաւ, որ անպատճառ դասատւութեամբ ապրի:

1864֊ին քանի մը ընկերներու հետ միանալով Ռոսթովի մէջ դպրոցի մը հիմնարկութեան աշխատեցաւ եւ չյաջողեցաւ:

1865֊ին Եքաթերինոտարի մէջ այցելութեամբ դասախօսութիւն ընելու ձեռնարկեց: Այս ձեռնարկութիւնն ալ ի դերեւ ելաւ, եւ Իփեքճեան ստիպուեցաւ Ռուսաստան թողուլ եւ Թուրքիան գրկել: Եթէ դասատւութիւնը թողուր եւ Ռու­սաստանը գրկէր` անխոհեմ գործ մը ըրած չպիտի համարուէր:

1867֊ին Կ. Պոլիս եկաւ: Դասատուի մը աշխարհ գալն, ինչպէս ըսինք, յանցանք մ՚է արդէն, իսկ Պոլիս գալն` անանկ ծանր յանցանք մ՚է, որ բնաւ ներելի չէ: Իփեքճեան այս մահացու մեղքն ալ գործեց, եւ Ենի֊Գաբուի վար­ժարանը մտաւ` տեսչութեան պաշտօնով: Այս անձն պզտիկին վրայ պզտիկ գաղափար ունի, կամ, լաւ եւս, բնաւ գաղափար չունի, կը փափաքի, որ ամէն բան մեծ, փառաւոր եւ կատարեալ ըլլայ: Գովելի փափաք մ՚է այս, բայց տե­ղին, ժամանակին եւ պարագաներուն յարմարիլն ալ քիչ մը պէտք է: Եթէ կօշկակար մը եղած ըլլար` նաւակի մեծութեամբ կօշիկներ պիտի կարէր, թէպէտեւ պոլսեցիներուն մեծ ծառայութիւն մը պիտի ընէր, վասն զի երբեմն փողոցներէ անցնելու համար` նաւակի պէտքը զգալի կ՚ըլլայ, ինչպէս հոս կորի պէտքը կ՚ըլլայ ին ծայրը: Ամիսը տասնըհինգ ոսկի եկամուտ ունեցող վար­ժարանի մը տնօրէն կարգէ Իփեքճեան էֆենտին եւ աղաչէ իրեն, որ ծրագիր մը պատրաստէ: Հետեւեալ օրը ծրագիր մը կը հանէ ծոցէն եւ կը սկսի կարդալ.

«Պատիւ ունեցէք մտիկ ընելու այն ծրագիրն, զոր պատրաստելու համար աղաչեցիք մեզի:

Ա. Նկատելով` որ դպրոցին շէնքն աւելի ախոռի ձեւով շինուած է քան թէ դաստիարակութեան շէնքի մը ձեւով, կը խնդրեմ, որ նախ այդ դպրոցը փլցու­նէք եւ նորէն շինէք, այն ձեւով` որուն օրինակը Գերմանիայէն բերել տուած եմ: Այդ շէնքին մէջ անկարելի է տղայ դաստիարակելը.

Բ. Ճեմիշները վերցունելու է դպրոցին քովէն եւ քաղաքէն դուրս տեղ մը դնելու է.

Գ. Նկատելով` որ կլիման վնասակար է, կը խնդրեմ, որ Հոգաբարձու­թիւնդ արժանը տնօրինէ քաղաքիս կլիման փոխելու համար.

Դ. Վարժարանն ամիսը հարիւր ոսկւոյ պէտք ունի եւ Հոգաբարձութիւնը կարող է, եթէ ուզէ, ժողովուրդէն հաւաքել այդ դրամը.

Ե. Եթէ այս առաջարկութիւնները կ՚ընդունիք` լաւ, եթէ ոչ՝ մնաք բարեաւ»:

Այս տեսակ ծրագիրներով կը փափաքի Գերմանիայի վարժարաններու հաւասար ընել այն վարժարանն, որ իւր տնօրինութեանը տակ առած է: Յայտնի է, թէ այսպիսի ծրագիրներն ո՛րչափ ընդունելութիւն կը գտնեն անանկ ժողովրդէ մը, որ տնօրէնի մը տրուած ամսականը ծովը նետուած ստակ կը համարի: Իփեքճեան չուզեր ծրագրին մէջ թիւն վերջաւորուած խել մը ուսում­ներ եւ գիտութիւններ շարելէն ետքը՝ զանոնք աշակերտներուն չսորվեցունել եւ, հետեւապէս, անոնց ծնողքը խաբած ըլլալ: Ամէն բան առաջուց կ՚իմացունէ, որպէսզի ապագային մէջ պատասխանատւութեան տակ չմնայ: Նոյնիսկ պարգեւաբաշխութեան օրերն ալ՝ որք ծնողքներ խաբելու յատուկ օրեր են, բնաւ սուտ չխօսիր. յայտնապէս կ՚ըսէ, թէ Թորոսը տկար է, Կիրակոսը ծոյլ է, մինչդեռ ժողովրդեան հաճելի ըլլալու համար պէտք էր ըսել, որ, փառք Աստուծոյ, վարժարանիս բոլոր աշակերտները յառաջադէմ են, եւ կը յուսամ, որ գալ տարի փիլիսոփաներու յորդ առատութիւն մը պիտի տեսնենք: Վար­ժարանի տնօրէնի մը համար քիչ մը ստախօսութիւն եւ քիչ մ՚ալ շողոքորթու­թիւն անհրաժեշտ պէտք է, եւ այն տնօրէնն, որ այս երկու առաքինութիւննե­րէ զուրկ է, անպատճառ օր մը հեռանալ պիտի ստիպուի այդ ասպարէզէն: Ասկից զատ, Իփեքճեան հոգաբարձու էֆենտիներու հետ վարուելու եղանակն ալ չգիտեր: Հոգաբարձու մը կ՚ուզէ, որ տնօրէնն իւր առջեւ բարեւ մը բռնէ, սիկարային կրակ բերէ. եթէ փողոցի մէջ հանդիպի հոգաբարձուի մը, որ միս ի ձեռին կ՚երթայ, միսն ինք առնելու եւ տուն տանելու է: Այսպէս չվարուեցա՞ւ… ա՛լ ականջները հոգաբարձուներուն բերանին մօտեցնելու է.

Ի՞նչ ըսել է, էֆենտիմ, ան տիրացուին խօ՞սքը պիտի ըլլայ:

Իրաւունք ունիք, առջի օրը դպրոց մտայ, տեղէն չերերաց, կարծես ան մեզի ամսական կու տայ:

Շատ ճշմարիտը խօսեցաք, ազգին ստակովը կ՚ապրին… եւ հոգաբար­ձուներուն հրամայել կ՚ուզեն:

Վռնտելու է այդ մարդը, վռնտելու է:

Այո՛, այո՛… ծօ տնտես, գնա պատուելիին ըսէ, որ մէյ մ՚ալ դպրոց ոտք չկոխէ:

Հարկ չմնար ա՛լ երկար բարակ բացատրելու, թէ Իփեքճեան ինչո՛ւ երկար ատեն չկրցաւ մնալ Պոլսոյ թաղային վարժարաններուն մէջ:

1871֊ին Շահ֊Նուպարեան վարժարանին Տեսչութիւնն ստանձնեց: Յիշ­եալ վարժարանն, որ Իփեքճեանի փափաքներն իրականացնելու չափ եկա­մուտ ունէր, կանոնաւոր կերպով շարունակեց եւ ուսեալ աշակերտներ ալ դուրս տուաւ, որչափ ատեն որ եկամուտ ունեցաւ: Շատ մը դասատուներ, որոնք շաբաթն երեք անգամ գալու պարտաւոր ըլլալով՝ մէկ անգամ կու գա­յին վարժարան, թշնամի եղան Իփեքճեանի, որ ճշտութիւն պահելու թերու­թիւնն ալ ունէր: Իրեն համար օրակարգ մը պատրաստած էր եւ անոր համե­մատ կը շարժէր. ելնելու, պառկելու, ճաշելու, խօսելու, խորհելու, լալու, խնդալու եւ փռնգտալու յատուկ ժամեր որոշած էր. եւ այս կարգապահութիւնն իրեն թշնամիներ կը յարուցանէր:

Այն ատեններն էր, որ դաստիարակութեան սահմանի կռիւ մը բացուեցաւ լրագիրներու մէջ: Մէկն ելաւ եւ Մանզումէի էֆքեարի մէջ հարցում մը ըրաւ, թէ ի՞նչ է դաստիարակութեան սահմանը: Իփեքճեան խնդաց: Այս հարցումը պարապ բան մ՚էր, վասն զի դաստիարակութեան սահմանը չգիտցող դաս­տիարակ մ՚իսկ չկրնար դաստիարակ ըլլալէ դադրիլ: Այսչափ մարդ կայ աշխարհիս վրայ, միթէ ամէնն ալ մարդկութեան սահմանը գիտե՞ն, ո՛չ, բայց եւ ոչ մին մարդ ըլլալէ դադրած է:

Այս հարցումը կը յիշեցունէ մեզ Մոլիեռի «Քաղաքացին ազնուական» ի հետեւեալ տողերը.

ՄՈՆՍԻՈՅ ԺՈՒՐՏԷՆ

Մտերմաբար բան մը պիտի յայտնեմ ձեզի: Ազնուականի մը սիրահարած եմ եւ կը փափաքիմ, որ օգնէք ինձ գրելու սիրատոմս մը, զոր իրեն ոտներուն տակը պիտի ձգեմ:

ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍԱՏՈՒ

Գլխուս վրայ:

ՄՈՆՍԻՈՅ ԺՈՒՐՏԵՆ

Բայց սքանչելի բան մը ըլլալու է:

ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍԱՏՈՒ

Յայտնի է: Ոտանաւո՞ր կ՚ուզէք գրել:

ՄՈՆՍԻՈՅ ԺՈՒՐՏԵՆ

Ոչ, ոչ, ոտանաւոր չեմ ուզեր:

ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍԱՏՈՒ

Ըսել է, որ արձակ կ՚ուզէք:

ՄՈՆՍԻՈՅ ԺՈՒՐՏԵՆ

Ոչ, ոչ, ոչ արձակ կ՚ուզեմ, ոչ ալ ոտանաւոր:

ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍԱՏՈՒ

Սակայն պէտք է, որ կամ մին ըլլայ կամ միւսը:

ՄՈՆՍԻՈՅ ԺՈՒՐՏԵՆ

Ինչո՞ւ համար:

ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍԱՏՈՒ

Պատճառն սա է, որ մեր միտքը բացատրելու համար կամ արձակ գրե­լու է կամ ոտանաւոր:

ՄՈՆՍԻՈՅ ԺՈՒՐՏԵՆ

Արձակէն ու ոտանաւորէն զատ բան չկա՞յ:

ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍԱՏՈՒ

Ոչ, պարոն, այն որ արձակ չէ` ոտանաւոր է, եւ այն որ ոտանաւոր չէ` արձակ է:

ՄՈՆՍԻՈՅ ԺՈՒՐՏԵՆ

Մեր խօսածն ի՞նչ է ուրեմն:

ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍԱՏՈՒ

Արձակ է:

ՄՈՆՍԻՈՅ ԺՈՒՐՏԵՆ

Ի՞նչ կ՚ըսէք. օրինակի համար` եթէ ըսեմ, «Նիկոլ, սա մուճակներս եւ գի­շերուան գդակս բեր», արձա՞կ է սա:

ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍԱՏՈՒ

Արձակ է:

ՄՈՆՍԻՈՅ ԺՈՒՐՏԵՆ

Չըսե՞ս, որ քառասուն տարիէ ի վեր արձակ կը խօսիմ եղեր եւ դեռ այս­օր կ՚իմանամ…:

Զարմանալու բան չկայ. միթէ այսօր չկա՞ն խմբագիրներ, որ սխալ կը գրեն, առանց զգալու իրենց սխալը:

Ըստ իս մարդ մշակելու եւ ըստ ուրիշներու մարդուս միտքը, սիրտն ու մարմինը մշակելու արհեստն Իփեքճեան էֆենտին քանի մը տարիներ Շահ֊Նուպարեան վարժարանի մէջ գործադրելէն ետքը` հրաժարեցաւ այդ շէնքէն, որուն հասոյթները ցամքիլ սկսած էին: Մեկնեցաւ Պոլսէն եւ Լոզան գնաց ու հոն յայտարարութիւն մը հանեց, որ յարմար գնով յանձնառու կ՚ըլլայ Թուր­քիայէն, եւ ոչ ուրիշ կողմերէ, հոն ղրկուելիք տղաներու դաստիարակութեանը: Այս գործն ալ չկրցաւ գլուխ հանել եւ ստիպուեցաւ դառնալ Պոլիս, ուսկից Իզմիր գնաց եւ հոն ալ իւր հրաժարականը տալով` նորէն Պոլիս դարձաւ եւ Իսկիւտար Սելամիէի միացեալ վարժարանին տնօրէն անուանուեցաւ:

Իփեքճեան էֆենտին մանկավարժութեան մէջ գերմանական դրութիւնն կը սիրէ այնպէս՝ ինչպէս կը սիրեմ ես սիսեռով միսը, եւ կը սիրես դուն ձէթով լուբիան: Այս դրութիւնը շատ յարմար է տարուան մը մէջ թաղային վար­ժարան մը հազար հինգ հարիւր ոսկի պարտական ընելու: Մեր ըսածը քանի մը տարիներ առաջ փորձով հաստատեց Իսկիւտարու Սելամիէի վարժարանն, որուն հոգաբարձութիւնն Իփեքճեան էֆենտիէ աւելի գերմանասէր էր: Այս դրութիւնը խիստ կտրուկ է, վարժարանն կամ կը բարձրացունէ կամ կը կոր­ծանէ: Իփեքճեան էֆենտին եթէ քիչ մը խոնարհէր եւ թաղային վարժարաններն երկրորդական աստիճանի վերածելու դիւրութիւններ տուող ծրագիր մը պատ­րաստելու զիջանէր, ազգին մեծ ծառայութիւն մը ըրած պիտի ըլլար: Մենք կը կարծէինք, որ ժողովուրդը եւ վարժարաններուն եկամուտները քննելէն ետքը` գլուխը պիտի փոխէր. բայց մեծ եղաւ մեր զարմանքը, երբ տեսանք, որ գլու­խը փոխելու տեղ գլխարկը փոխած է: «Պարապ բան է, բարեկամ, կ՚ըսէ Իփեքճեան, ի՛նչ որ ալ ընես, այս ազգը դպրոցի համար դրամ չտար, կ՚ուզէ որ իւր տղաները ձրի կարդան»: Իրաւունք ունի, սակայն քիչ մը զոհողութիւն ընելով` ժողովուրդը ծանօթացնելու է իւր պարտքերուն:

Իբրեւ երեսփոխան ալ ազգին ծառայած է. երկաթեայ ականջ ունենալու է մէկը, որ դիմանայ անոր ատենաբանութիւններուն: Շատ խօսելու համար մրցումի կ՚ելնէր ուրիշ երեսփոխաններու հետ, եւ շատ անգամ մրցանակն կը վաստկէր: Իւր կարծիքներն երբեք ճնշման տակ չեն իյնար, կը խօսի ազա­տօրէն, ինչ որ կը խորհի ազգին օգտին համար: Անձնական շահն, որ շատ անգամ մեր երեսփոխաններէն մէկ քանիները կը ստիպեն լռել, բնաւ ազդեցու­թիւն չկրնար ունենալ իւր վրայ. ամէնէն հարուստին մէկ անքաղաքավարու­թիւնն անոր երեսը զարնելէ չհրաժարիր` մինչեւ անգամ չորս հազար ոսկիով աղջիկ մը տալ խոստանաս իրեն: Շատերը կը կարծեն, թէ կիրքով կը խօսի, ես կը հաւատամ, որ կիրքով կը խորհի եւ պաղարեամբ կը խօսի:

Հրապարակի վրայ ունի գրութիւններ, որոնք ողջմտութիւն կը բուրեն: Ոճը խոնարհ բնաւորութիւն մը չունի: Անգամ մը իրաւամբ յարձակեցաւ Մամբրէ եպիսկոպոսին դէմ, որ պատասխանեց՝ թէ կրօնաւորի դէմ յարձա­կիլն կրօնի դէմ յարձակիլ է: Աս ճշմարիտ է, եւ ասոր համար է, որ երբ Մամբրէ եպիսկոպոս հարբուխ ըլլայ` կրօնքին ալ քիթը կը վազէ։

Իփեքճեան էֆենտին, ինչպէս տեսնուեցաւ կենսագրութեանս մէջ, աւելի գեղեցիկ՝ քան տգեղ կողմեր ունի. սակայն իւր դէմքը գեղեցկութեան մասին միւս բոլոր յատկութիւնները կը գերազանցէ: Փողոցի մէջ այնպիսի սիգա­ճեմ քալուածք մ՚ունի, որ մարդս կը վախնայ անոր ետեւէն երթալու, իրեն սպա­սաւորն կարծուելու համար:

"Ազգային ջոջեր" ստեղծագործության մյուս մասերը

Յատուկ Երաժշտություն
Մարկոս և Մարկոս
Տիգրան Համասյան

Մարկոս և Մարկոս

Դավիթ Բեկ
Դավիթ Բեկ
Խաղա առցանց