Հակոբ Պարոնյան
Ազգային ջոջեր
ՍՈՒՔԻԱՍ ՔԱԶԱՆՃԵԱՆ
Ահա ջոջ մ՚ալ, որու ծննդեան թուականը մեզի մութ է:
Եթէ մեր քաղած տեղեկութիւններուն պէտք է հաւատք ընծայել` կան ըսողներ թէ Սուքիաս Քազանճեան ծնած է Միջագիւղ, սատանայէն երկու օր առաջ, թէպէտեւ կարծողներ ալ կան թէ չորս օր ետքը ծնած է: Լա՛ւ. բայց սատանայի ծննդեան թուականը ո՞րն է: Եթէ Քազանճեանին ծննդեան թուականը գտնաս, կ՚ըսէ Հասունեան, գոնէ մտքէն, սատանայինն ալ գտած կ՚ըլլաս: Մենք, մեր սովորութեան համեմատ, առանց ականջ կախելու ամէն զրոյցներու` ամէնէն հաւանականն ընդունելով կը գրենք, որ Հասունեանի մօրաքրոջը տղան ծնած է Միջագիւղ, 1820 թուականին, որ շատ կը յարմարի իւր դէմքին, թէպէտեւ քիչ կը վայլէ իր եռանդին: Եթէ Անտիոքայ արքեպիսկոպոսն չուզեր ընդունիլ այս թուականն՝ ուրիշ մը տալու համար ընդդիմութիւն չենք ըներ, բայց քանի որ դէմքին յարմարեցաւ, կը կարծենք, որ այս թուականաւ գոհ կ՚ըլլայ: Կը կարծենք, եւ կը կարծէք թէ կարծելու փաստ չունի՞նք: Չե՞նք տեսներ ամէն օր կիներ եւ օրիորդներ, որ երբ Բերա ելնեն իրենց գլխարկ մը առնելու, միշտ նախապատւութիւն կու տան այն գլխարկին, որ աւելի կը վայլէ իրենց դէմքին: Թուականներու հետ ալ այնպէս վարուելու չե՞նք, ինչպէս կը վարուի գեղեցիկ սեռը գլխարկներու հետ. վաթսուն տարեկան մարդու մը քառասուն տարին քիչ կու գայ, երեսուն տարեկան մը յիսունը չի կարող տանիլ: Գոհ եմ որ մարդու մը, մանաւանդ ուսումնականի մը կ՚ուղղեմ այս խօսքերը, եթէ կնկան մը խօսէի՝ սոսկալի վէճ մը կը ծագէր եւ անէծքներու ներքեւ կը ճնշուէի: Բայց թողունք այս խորհրդածութիւններն եւ գուշակութիւններն ու դառնանք մեր նիւթին:
Որոշ չգիտցուիր թէ ի՛նչ կեանք ունեցաւ այս մարդն ծնելէն առաջ: Այսչափ միայն կ՚աւանդեն, թէ մօրն արգանդին մէջ բնաւ հանգիստ չէր մնար. եթէ օր մը աջ կողմը բնակէր` հետեւեալ օրը ձախ կողմ անցնելու համար ճամբայ կ՚ելնէր. կարծես Պոլսէն Հռովմ, Հռովմէն Պոլիս կ՚երթար: Իսկ ծնելէն վերջը ունեցած վարքն ամէնուն յայտնի է: Ի բնէ խիստ քաղաքավար ըլլալով եւ ոչ մէկ օր մը լալով ուրիշներն անհանգիստ ըրած չէ: Բարձր ձայնով կու լար դառնապէս այն օրերն` ուր Հասունեան այցելութեան կ՚երթար իւր մօրաքրոջը տղուն: Հասունեանի ներկայութենէն չէ՞ր ախորժեր. հաւանական է. բայց հաւանականագոյնը սա է, որ Հասունեան երբ օրօրոցին կը մօտենար եւ Օննիկ, Օննիկ ըսելով կը շոյէր Յովհաննէսն, այս է Քազանճեանի մկրտութեան անունն, գաղտնապէս կը կսմթէր մանուկն: Անոնք, որ Հասունեանը մօտէն ճանաչելու դժբախտութիւնն ունին` պիտի հաստատեն անշուշտ, թէ զրպարտութիւն չենք ըներ:
Երբ ութը տարեկան եղաւ` գիւղին վարժարանը գնաց եւ քանի մը տարիներ մնաց հոն, միշտ յառաջադէմ հանդիսանալով ամէն դասերու մէջ:
1835֊ին գնաց Հռովմ, ուր Անտոնեաններու վանքը մտաւ. ինչպէս կը մտնէ մարդ ճաշարան` երբ բարեկամներէն մէկն ըսէ. եկուր քեզի պատուական ճաշ մը ընել տամ այսօր: Հոն երեք տարի շարունակ աշխատելով` կատարելապէս ձեռք բերաւ աստուածաբանութիւնը, զոր շատ գործածելու առիթ չունեցաւ: Հռովմայ ուսումնարաններուն մէջ ալ քանի մը տարի կարդալէն ետքը, լրացուց իւր ուսման ընթացքը, որ աւելի կանոնաւոր էր քան այն ընթացքն, զոր բռնած էր Հասունեանի խնդրոյն մէջ: Աշակերտութեան հրաժեշտ տալուն պէս՝ միաբան գրուեցաւ Անտոնեան ուխտին, որուն այսօր միաբան գրուելու համար մէկը գոնէ շաբաթ մը անօթի մնալու վարժուած ըլլալու է:
1842֊ին Փափազեան Իգնատիոս եպիսկոպոսէն քահանայ ձեռնադրուելով` Յովհաննէս անունը թողուց եւ Սուքիասն առաւ: Թէպէտ եւ այսօր եթէ ետեւէն երթաս եւ հայր Յովհաննէս կոչես` իսկոյն ետեւը կը դառնայ: Այն թուականէն սկսաւ Հռովմ, Անտոնեաններու վանքին մէջ դասատւութիւն ընել, աբեղաներու եւ նորընծաներու վրայ հսկել եւ ժամանակ ունենալ երբեմն երբեմն բրոբականտայի ներկայանալով` փաստաբանօրէն պաշտպանել այն դատերն, որ Լիբանանու կաթողիկոսներու դէմ կ՚ըլլային: Եթէ այս պաշտօններուն վրայ հարիւր պաշտօն եւս աւելցուէր` սիրով պիտի ընդունէր:
1853֊ին եկաւ Պոլիս: Ինքզինքը ժողովրդեան սիրելի ցոյց տալու արհեստն աստուածաբանութենէ շատ աղէկ ուսած ըլլալով` քիչ ատենի մէջ ժողովրդեան համակրութիւնն իրեն գրաւեց: Նիկողայոս պատրիարքն կոչեց զինքն պատրիարքարանի ատենադպրութեան պաշտօնին, զոր քանի մը տարիներ վարեց միշտ Հասունեանի հետ գաղտնի մրցելով` պատրիարքին վերարկուին ետեւը պահւըտած:
1860֊ին երբ հիւանդ ինկաւ Կակոնեան պատրիարքն` հայր Սուքիաս սկսաւ անոր պաշտօնը վարել իբրեւ խորհրդական. քանի առաջ կ՚երթար պատրիարքին հիւանդութիւնը, այնքան կը յառաջանար նաեւ հայր Սուքիասի փառասիրութիւնն: Իսկ երբ 1861֊ին Կակոնեան վախճանեցաւ` ինքն ալ պատրիարքարանէն հեռացաւ եւ առանձնութեան մէջ կ՚անցունէր կեանքը:
1864֊ին մշտնջենաւոր աբբահայր ընտրուեցաւ Անտոնեան Միաբանութեան եւ միանգամայն առաջնորդ Անտիոքայ վիճակին: Միաբանութեան սահմանադրութիւնը կը տրամադրէր, որ աբբահայրն ծայրագունութեան աստիճան ունենար, բայց Քազանճեանի սահմանադրութիւնը արքեպիսկոպոսութեան աստիճան ուզելով յաղթանակը տարաւ եւ երկու հարիւր տարուան Միաբանութեան մը կանոնադրութիւնը փոխելով` Անտիոքայ արքեպիսկոպոս տիտղոսով Միաբանութեան գլուխը նստաւ: Ձեռնադրութիւնը Լիբանան կատարուեցաւ: Աբբահայրութեան աթոռին վրայ բազմելուն պէս` սկսաւ օրը չորս վարդապետ ձեռնադրել: Բանիբուն եւ ուսումնական երիտասարդները վարդապետ ձեռնադրած ժամանակը` չէր մոռնար նաեւ վեղար դնել այնպիսի գլուխներու, որոնց վրայ նարօտն աւելի աղէկ կը վայլէր: Եթէ երիտասարդին մէկն բաւական ուսում եւ տարիքն առնելէն ետքը հրաժարիլ ուզէր կուսակրօնութեան մէջ մտնելէ` աբբահայրն կը համոզէր զինքն եւ խալբախ մը կ՚անցունէր գլուխը: Վարդապետ ձեռնադրելու մէջ հաճոյք կը զգար եւ եթէ օր մը վարդապետ ձեռնադրէր՝ նոյն օրը տխուր կ՚անցունէր եւ երեկոյեան դէմ չորս կողմ մարդ կը ղրկէր, որ վարդապետցու մը գտնեն բերեն իրեն:
1865֊ին Կ. Պոլիս վերադարձաւ խոլերայի ատենները: Թէպէտեւ Հասունեանի հետ բանակցելու կու գար Կ. Պոլսոյ եւ Լիբանանու աթոռներուն միաւորութեանը համար, բայց Հասունեան երբ տեսաւ զինքն՝ մտքէն ըսաւ. խոլերան հերիք չէր, հայր Սուքիասն ալ եկաւ:
1866֊ին Գրիգոր Պետրոս եօթներորդի մահն դադրեցուց այդ բանակցութիւններն. վասն զի Հասունեան կաթողիկոսութիւնը ձեռք ձգելու զբաղած ըլլալով` ժամանակ չունէր մտիկ ընել Քազանճեանը` որ այն ատենները, չգիտենք ի՛նչ պատճառաւ, մտերմութիւն հաստատած էր Հասունեանի հետ: Քազանճեան բնաւ չընդդիմացաւ Հասունեանի կաթողիկոսութեան, եւ սեպտեմբերի մէջ Լիբանան կատարուած ընտրութեան ժողովոյն ներկայ չգտնուեցաւ. քուն քաշեց այնպիսի ժամուն, ուր տքնութիւն պէտք էր, եթէ կը փափաքէր, որ ժողովուրդն իւր բերնէն ելած խօսքերուն հաւատք ընծայէր:
1867֊ին Հասուն Հռովմ գնաց, ուր գաղտնի խմբագրուեցաւ Ռեւերսուրուսը: Երբ յուլիսին Պոլիս վերադարձաւ Հասուն՝ Քազանճեանն ալ իւր եկեղեցական զգեստներն եկեղեցի ղրկեց, որ հետեւեալ օրը ներկայ գտնուի օրհնութեան: Հասունեան ետ դարձուց Քազանճեանի պոխճան: Ժողովուրդն սկսաւ իրարու ըսել.
Մըսըրլըին բաղնիքը տեղ մնացած չըլլալով` Քազանճեանի պոխճան ետ ղրկուեցաւ:
Իրա՞ւ շատ մարդ կար բաղնիքին մէջ: Եզոբոսին հարցնելու է:
Հասունեանէ ամբաստանուած ըլլալով` 1868֊ին կանչուեցաւ Հռովմ, ուր գնաց եւ քանի մը շաբթուան մէջ արդարացաւ եւ նորէն Կ. Պոլիս դարձաւ: Դիտողութեան արժանի է, որ այսչափ ճամբորդութեան մէջ Լիբանանը բնաւ միտքը չբերաւ:
1869֊ին եպիսկոպոսներու ժողով մ՚եղաւ, որու մէջ ի նպաստ ազգային իրաւունքներու եւ շահերու խօսեցաւ. իսկ երբ Վատիկանու սիւնհոդին ներկայացաւ` Ռեւերսուրուսին ընթերցումէն անմիջապէս ետքը ոտք ելնելով գլուխը բացաւ եւ խոստովանեցաւ, թէ Ռեւերսուրուսն ազգային շահերուն շատ համաձայն էր, թէ ատով ազգային իրաւունքներն կը պաշտպանուէին, թէ այդ թուղթը Հռովմէական հայերու համար նոր դարագլուխ մը կը բանար: Այս լուրը հետեւեալ օրը կայծակի արագութեամբ կը հասնի Կ. Պոլիս: Հակահասունեաններուն գլխաւորներն իրար կ՚անցնին եւ չեն գիտեր ի՛նչ բանի ընծայել Քազանճեանին կարծիքներուն կրած այս փոփոխութիւնը:
Քազանճեան ազգին շահերէն աւելի վանքին շահերուն պաշտպան կանգնելու նպատակաւ էր անշուշտ, որ Ռեւերսուրուսին այնչափ գովեստներ կարդաց. այդ գովեստներով կարծեց, թէ պիտի կրնայ բրոբականտայի ազդեցութենէն ազատել վանքն. իսկ երբ 1870֊ին տեսաւ, որ Ռեւերսուրուսն համբուրելէ ետքն ալ կը հրաւիրուի վանքին կանոնադրութիւնը բրոբականտային ներկայացնել եւ անոր տուած հրահանգներուն համեմատ շարժիլ` բանտարկուելու վախով անմիջապէս կանգուն մը կանաչ լաթ առաւ եւ վրան մահիկ ու աստղ մը կարելով վանքին դրան վրայ պարզելուն պէս ելաւ Պոլիս եկաւ:
Կ. Պոլիս մտնելուն պէս Հակահասունեան խնդիրը զօրացուց: Վատիկանու ժողովէն փախուցած երեք ծեր եպիսկոպոսներէն մին կաթողիկոս ձեռնադրել տուաւ. ինքզինքն ալ աթոռակալ անուանեց եւ բռնեց ազգային իշխանութեան սանձերն, զորս ուզած ատեն կը քաշէր եւ ուզած ատեն թող կու տար: Աթոռակալութիւն, պատրիարքութիւն, կաթողիկոսութիւն, ամէն բան ինքն կը տնօրինէր եւ չէր վարանէր մեծ պատրաստութիւններ տեսնել կաթողիկոսական յաջորդութեան համար: Ազդեցութիւնը մեծ ըլլալուն պատճառաւ` մեծ ծախքերու կարօտ էր. յայտնի է, որ պզտիկ ծախքով մեծ ազդեցութիւն չըլլար ուստի սկսած էր ամէն օր Միաբանութեան դիմել եւ ստակ խնդրել, կամ առանց խնդրելու առնել: Միաբանութիւնն անոր մեծ ազդեցութենէն օգուտ քաղել չուզելով հրաժարեցուց զինքն մշտնջենաւոր աբբահայրութենէն` ըսելով.
Պզտիկ ազդեցութիւն ունեցող աբբահայր մը մեր գործին աւելի աղէկ կու գայ:
Թէպէտեւ ազգային գործերէ քաշուած կ՚երեւի, բայց ամէն թել իւր ձեռներուն մէջն է: Հասունեան մեծ կարեւորութիւն կու տայ իրեն եւ այս վերջին տարիներս քանի մը անգամ փորձեց, բարձր աշխարհականներու ձեռամբ, զինքը վաստկիլ. բայց Քազանճեան չմօտեցաւ, վասն զի վստահած չէ եւ դեռ կ՚աշխատի Հասունեանը տապալել եւ իրեն յաջորդել. եւ եթէ օր մը յաջողի իւր նպատակին հասնիլ, ազգը սարկաւագ չպիտի տեսնէ, ամէնը վարդապետ֊վարդապետ չպիտի տեսնէ, բոլորը եպիսկոպոս եւ հատիկ հատիկ չէ, այլ տասնեակներով:
Պէտք է գիտնալ, որ Քազանճեան, որչափ առանձնացած ըլլայ, շատացած չէ այն բարութիւններով՝ զորս ըրած է ազգին, այլ խոստացած է աւելի մեծ գործերով իւր անունն անմահացնել՝ եթէ յաջողի ձեռք անցունել չորս միլիոն անգղիական ոսկին, զորս պիտի ընդունի Հնդկաստանէն: Հարիւր քառասուն տարուան ժառանգական խնդիր մ՚է սա, որուն հոգի տուած են վանքին մէջ գտնուած հին նամակները: Անցեալ տարի Անգղիոյ դեսպանատան մէջ կազմուած քննիչ մասնաժողովն Հնդկաստանի կառավարութեան տեղեկագիր մը ղրկեց, որուն մէջ Քազանճեանի փաստերը զօրաւոր նկատուած են: Ամէն շաբաթ թղթատուն կը վազէ, որպէսզի նամակն եւ չորս միլիոն ոսկիի փոխանակագիրն ընդունի եւ ամէն շաբաթ ունայն ետ կը դառնայ: Քազանճեան Հասունեանի ձեռքէն յափշտակած է այս գործն, սկզբնապատճառ այն հակառակութեան, որ կը տիրէ մինչեւ այսօր երկուքին մէջ: Մենք խեղճերս երբեմն այնպէս կը հաւատանք, որ այն կրօնաւորներն, որ Հասունեանի հակառակ են` ազգին իրաւունքները պաշտպանելու ազգասիրութենէ առաջնորդուած են. բայց երբ գործին քիչ մը խորը քննենք՝ կը տեսնենք, որ մէջէն կամ ագարակի խնդիր կ՚ելնէ կամ ժառանգութեան դատ եւ կամ այնպիսի խնդիր մը, որ ուղղակի իրենց քսակին հետ վերաբերութիւն ունի, եւ ազգին շահերուն հետ բնաւ գործ չունի: Այսպիսի անձերուն եթէ մէկ անիրաւութիւնը տեսնես եւ իրենց ըսես` Ռեւերսուրուսը պաշտպանած կ՚ըլլաս. իսկ եթէ հաշիւ հարցնելու ըլլաս` իբրեւ Հռովմայ գործիք կ՚ամբաստանուիս: Որո՞ւ պիտի հասկցունես իրաւունքներդ: Փութանք յայտնել, որ եթէ հայր Քազանճեան այդ գումարն ընդունի` անոր համար ըրած ծախքերն եւ նուէրներն, այսինքն երկու միլիոնը, իրեն աշխատութեան վարձք հանելով` մնացածը հետեւեալ կերպով ազգին պիտի նուիրէ:
«Ա. Վարժարան մը պիտի կանգնէ բոլորովին ազատ կղերական ազդեցութենէ:
Բ. Աղջիկներու համար ալ վարժարան մը պիտի բանայ նոյնպէս ազատ մայրապետներու ազդեցութենէ:
Գ. Անոնց պիտի յատկացնէ այնպիսի կալուածներ, որոնց մէջ քարէն ու կիրէն զատ նիւթ չպիտի գտնուի, որպէսզի ոչ կրակէն վախնան եւ ոչ ջուրէն:
Դ. Պատրիարքարանին հաստատ եկամուտ մը պիտի կապէ եւ ժողովուրդն ազատ պիտի ըլլայ տուրք վճարելէ:
Ե. Բաւական գումար պիտի նուիրէ ազգին` եթէ ան ալ հաճի զինքը կաթողիկոս֊պատրիարք ընտրելու»:
Իսկ եթէ չկարենայ այդ գումարն առնել, դարձեալ ետ չպիտի կենայ ազգին համար աշխատելէ եւ պիտի գործադրէ այն դիտաւորութիւններն, զորս մտքի մէջ ունի եւ որք են.
«Ա. Տասնական դահեկան առնել այն ամէն անձերէն, որ եկեղեցի չեն երթար այս տուրքով տարին մէկ միլիոն ոսկի գոյացնել կը յուսայ։
Բ. Շաբաթը մէկ դահեկան տուրք սահմանել տաճկերէն խօսողներուն:
Գ. Ամիսը մեճիտիէ մը տուգանք առնել Հասունեանի հետ խօսողներէն:
Դ. Մէկ ոսկի պահանջել այն ամէն անձերէն, որոնք կը յանդգնին կասկած յայտնել իր ազգասիրութեանը:
Ե. Իրաւունքէ զրկել այն ամէն կրօնականներն, որ եկեղեցական արարողութեան ատեն կը հազան:
Զ. Ասոնցմէ գոյացած հասոյթէն իւր աշխատութեան վարձքն հանել եւ մնացածը առատաձեռնութեամբ ազգին նուիրել»:
Եթէ այս ճամբով ալ չյաջողուի` պիտի դիմէ այն հնարքներուն, զորս ազգասիրութիւնը կը ներշնչէ իրեն:
Եկեղեցական արարողութիւններուն մէջ այնչափ խիստ է, որչափ մեղմ է Հասունեան: Կը փափաքի, որ Հայր մերը առնուազն մէկ ժամուան մէջ լմննայ, որպէսզի շուտ կարդացուելով բառ դուրս չմնայ: Ոչ թէ բառ, այլ եթէ գիր մը պակաս հնչուի` կրակ կը թափէ զայն կարդացողին գլխուն. եթէ կէտ մը աննշան կերպով անցնի` նստած տեղէն կը սկսի դիտողութիւններ ընել: Օր մը Ոսկեբերանի եկեղեցին գացած էի եւ դիպուածն անանկ բերած էր, որ իւր ետեւը կայնիմ: Եպիսկոպոսին մէկն սկսաւ Հայր մերն, որուն կէտադրութիւնը Քազաճեանն ստանձնեց սապէս.
Հայր մեր որ յերկինս ես:
Կէտ:
Սուրբ եղիցի անուն քո:
Վերջակէտ:
Եկեսցէ արքայութիւն քո:
Կէտ:
Եղիցին կամք քո որպէս յերկինս եւ յերկիրի:
Վերջակէտ:
Զհաց մեր հանապազորդ տուր մեզ այսօր:
Վերջակէտ:
Եւ թող մեզ զպարտիս մեր:
Ստորակէտ:
Որպէս եւ մէք թողումք մերոց պարտապանաց:
Վերջակէտ:
Եւ մի՛:
Շեշտ մի ին վրայ:
Տանիր զմեզ ՚ի:
Ինի ին կռնակը մակակէտ կայ:
Փորձութիւն:
Միջակէտ:
Այլ փրկեա զմեզ ՚ի չարէ:
Վերջակէտ ( Մեկուսի ) Հասունեանէ:
Զի քո է արքայութիւն եւ զօրութիւն եւ փառք յաւիտեանս:
Միջակէտ:
Ամէն:
Վերջակէտ:
Հասունեանի հակառակ ըլլալո՞ւ համար այսպէս կը վարուի եկեղեցական արարողութիւններուն մէջ. թողլով ժամանակին պատասխանել այս հարցման` մենք միայն կ՚ըսենք, թէ ինքը մարդ շահելու արհեստին մէջ այնքան վարպետ է, որ միտքը չէ կարող երեւակայել. եթէ մարդու տեղ դրամ դնէինք` Ռոչիլտ մը կ՚ունենայինք ազգին մէջ: Գիտէինք, որ ժողովրդեան մէջ կայ մաս մը, որ բութով աւելի փութով կ՚որսացուի քան թէ բառերով. չանգիտէր նաեւ թէ ուրիշ մաս մ՚ալ կայ, որուն բութն ալ ազգային շահն է եւ վերջակէտն ազգային իրաւունք: Ասոնք գիտնալով իւրաքանչիւրին մտային կարողութեանը համեմատ կը շարժի, թէպէտեւ եկեղեցիէն դուրս իւրաքանչիւրին ճաշակն ալ գոհացնել չմոռնար: Օրինակի համար, երբ զաւեշտական լրագրի մը խմբագրի մը հետ խօսակցի` կարծիք կը յայտնէ, թէ երգիծաբանութիւնն մեծ օգուտներ կ՚ընծայէ ազգին, թէ շատ մը մոլութիւններ եւ զեղծումներ անով միայն կրնան անհետանալ, իսկ երբ գտնուի այնպիսի մարդու մը քով, որուն մէկ գործն հեգնուած է` կը սկսի նկարագրել այն վնասներն, զորս հասուցած է ազգին գլխուն հեգնաբանութիւնը. վահ, կ՚ըսէ լալով, միթէ զաւեշտական թերթերը չե՞ն որ մեր Ռուբինեան թագաւորութիւնը կործանեցին: Բայց աս չէ իւր տիրող նկարագիրն. զինքը լաւ ճանաչելու համար հարկ է գիտնալ, թէ Քազանճեան այն մարդն է, որուն գլուխը եթէ աշխարհիս բոլոր դափնիները թափես` այս ազգը ապերախտ է, կ՚ըսէ, բարութիւն չճանաչեր: Եթէ լուացուելու համար բաղնիք մտնէ` կը փափաքի, որ բաղնիքի մէջ գտնուած բոլոր մարդերն իրեն թեւը մտնեն եւ այնպէս տանին ներս, բնաւ չխորհելով, որ երկու թեւը քառասուն հոգի չկրնար բռնել: Եթէ մլուկ մը ճզմէ` Էնէականի մէջ տեղ կը փնտռէ, որ դիւցազներուն մէջ երթայ նստի: Գնա այցելութիւն մը տուր իրեն, թղթադրամով խահուէ եփել կու տայ: Ճշմարտութիւնը վիրաւորել է չխոստովանիլը, թէ Քազանճեան ազգը կը սիրէ, բայց արդարութիւնը սպաննել է չյայտնելը, թէ փառքն աւելի կը սիրէ. եւ եթէ օր մը ազգին ու փառքին շահերը զինքը տեղ մը հրաւիրելու ըլլան` վերջնոյն հրաւէրը կ՚ընդունի եւ առաջնոյն կը պատասխանէ, թէ վաղը պիտի գայ:
Քաղաքավար անձ մ՚է եւ հետն անգամ մը տեսակցիլը բաւական է անոր իմաստուն խօսքերէն եւ քաղաքավար վարմունքէն յափշտակուելու համար: Բացի մէկ երկու ամիրաներէն` ամէնն ալ կը սիրեն զինքը, բայց միշտ վախնալով անոր փառասիրութենէն, զոր անցնելու համար շատ մը բժիշկներ բաւական դեղեր առաջարկեցին, բայց ինքը մերժեց, յայտնելով, որ եթէ այդ հիւանդութենէն բժշկուի` չկրնար ապրիլ: Ճշմարիտ է, փառասիրութիւնը այնպիսի հիւանդութիւն մ՚է, որուն ենթակայ եղողին հաճոյք կը պատճառէ եւ վնասն ուրիշներու կու տայ. ո՜վ կ՚ուզէ հաճոյքէ զրկուիլ:
Հայր Սուքիաս կարմիր այտերով եւ ճերմակ մօրուքով պատկառելի մարդ մ՚է: Եթէ առաջարկէ մէկուն, որ երթայ ինքզինքը ծովը նետէ` այդ անձը կը քաշուի անոր առաջարկութիւնն մերժելու եւ եթէ ծովը չնետուի՝ մէյ մ՚ալ անոր երեւնալու կ՚ամչնայ: Իւր դէմքին վրայ գաղափար մը տալու համար պարտաւոր ենք յիշել դէմքն այն մարդուն, որ աթոռի մը վրայ նստելու պատրաստուած ժամանակը ուշադրութիւն չընելով, որ սատանային մէկը աթոռը ետեւէն քաշած է՝ կռնակի վրայ կ՚իյնայ: