Hakob Paronyan

Պտոյտ մը Պօլսոյ թաղերու մէջ

ԻԱ, ԻԲ, ԻԳ

ԻԱ.
ՊՕՅԱՃԻ ԳԻՒՂ

Այս գիւղին ազգայինները ժամանակաւ այնչափ կքնանային, որ շատ մը բժիշկներ իրենց չքնացող հիւանդները հոս կղրկէին։ Ոմանք ալ կպնդէին, թէ Եպիմենիդէսը հոս ծնած ըլլայ։ Չհաւատալու բան չկայ. իրենց շատ քնանալուն ամենահզօր մէկ փաստն ալ այս էր, որ հոն բնաւ թաղականի կռիւ լսուած չէր. եթէ չքնանային՝ կարելի՞ էր միթէ որ կռիւ չհանէին եւ իրենց աղաղակներովն լրագիրներու էջերը չլեցնէին ։

Բայց քանի մը ժամանակէ ի վեր այս գիւղն արթնցած է շնորհիւ երիտասարդութեան, որ ընկերութիւն մը հաստատած է՝ գիւղին վարժարանը յառաջ տանելու համար եւ որ վերջերս իւր հաշուեցուցակն ալ հրատարակած է ։

Գիւղիս հայերը շատ ուժեղ ստամոքս ունին. անոնց իւրաքանչիւրն ոչխար մը կարող է ուտել եթէ ուրիշի մը տունը ճաշի հրավեր ուի։ Համեղ կերակուրներէն աւելի կախորժին քան թէ խօսարաններէն եւ լսարաններէն ։

Պօյեաճի գիւղցին շատ կսիրէ իւր անունը փոխել։ Կարապետը Քարլօ եւ Մկրտիչը Պաթիսթ կ՚ըլլան հոն։ Շաբաթէ մը ետքը նորէն կփոխուին անոնք եւ Ժան կամ Բօլ կ ՚ ըլլան, եւ մարդս կստիպուի ամեն շաբթու առաջին օրն իւր բարեկամն հարցունել ։

Այսօրուան անունդ ի՞նչ է ։

Ժօզէֆ ։ Քուկի՞նդ ։

Մարթէն ։

Զուարճութիւնը շատ կսիրեն, ամիս մը շարունակ կրնան ուտել, խմել եւ երգել, առանց ամենափոքր անհանգստութ եան մը զգալու ։

Հոս սա աղէկութիւնը կայ, որ իրարու միս չեն ուտեր եւ իրարու հետ շատ սիրով են։ Եթէ երբեմն պատահի իրարու հետ վէճի բռնուիլ՝ քառորդէ մը կհաշտուին եւ դրսէն բնաւ միջամտութիւն չեն ընդունիր, իրենց անկախութիւնը պաշտպանելու համար։ Ասոնք ընդհանրապէս այնչափ իրարու քիթ մտնելով կխօսակցին, որ հեռուանց տեսնողն կկարծէ, թէ իրենց խօսակցութիւնը քթի վրայ է ։

Կիներէն ոմանք թէպէտ եւ իրենց անունները չեն փոխեր, բայց այնչափ կփոխեն կերպարանքն, որ ցերեկին չես ճանաչեր այն կինն, զօր առաւօտուն տեսած ես, ոչ ալ երեկոյին կճանաչես այն աղջիկն, զոր ցերեկին տեսած ես։ Միօրինակութիւնն այս գիւղին մէջ շատ ձանձրութիւն կպատճառէ, եւ մենք կզարմանանք, որ Պօյաճի գիւղցին ի՞նչպէս կը համբերէ եւ շաբաթը անգամ մը տուն չփոխեր։ Խնդրենք Աստուծմէ, որ այս մոլութիւնն թաղականներուն եւ վարժարանը կառավարող անձերուն վրայ չգործադրուի։

Իգական սեռն շատ կսիրէ ճաշակով հագուիլը եւ ճաշակով բամբասելը ։

Ամառուան եղանակին մէջ շատ տեղերէ կու գան հոս օդափոխութեան համար։ Ժամանակաւ ուխտի կ ՚ երթային, հիմա միայն օդափոխութեան կ ՚ երթան ։

Գիւղիս հայ տուներուն թիւը ճիշտ չգիտցուիր, բայց վաթսունի եւ եօթանասունի մէջ տեղը կկարծուի ։

Օդը խիստ է, այսինքն միապետական է, իսկ բնակիչները մեղմ են ։

Գիւղիս անունէն ոմանք կենթադրեն, թէ ատենօք կիները հոս պօյա ներ կշինեն եւ իրենց երեսներուն, մազերուն եւ աչերուն կը քսեն եղեր։ Ես ենթադրութեամբ ուրիշներուն մեղքն առնելու կը վախնամ։

ԻԲ.
ՂԱԼԱԹԻԱ

Ղալաթիոյ սահմանն է հարաւէն քսակահատներ, արեւելքէն գինովներ, հիւսիսէն ոճրագործներ եւ արեւմուտքէն երգիչ աղջիկներ ։

Դրամի կողմէն սահման չունի. մոլութիւններու մասին անսահման է ։

Դաշտի վրայ շինուած ըլլալով՝ ամառը գրեթէ միշտ ցամաք է. իսկ ձմեռը՝ թաղիս երեք քառորդը ծով կդառնայ եւ մէկ քառորդը ցամաք կմնայ։ Այս թաղը երկու տեղագրութիւն ունի, մին ամառուան եւ միւսը ձմեռուան. ամառուան տեղագրութիւնն առաջնորդ բռնելով եթէ ձմեռն այս թաղին մէջ պտըտիլ ուզես՝ ջուրերու մէջ կխղդուիս. իսկ եթէ ձմեռուանովն ամառ ատեն հոս շրջագայիս՝ նաւդ ցամաքը կնստի։ Արդ մեծ զգուշութեամբ քալելու ես այս թաղին մէջ, որպէսզի վտանգի մը մէջ չիյնաս ։

Գլխաւոր լեռն է Ղալաթիոյ աշտարակը, որ Բաբելոնի աշտարակ ալ կրնայ կոչուիլ՝ երբ քաղաքական տեսակէտով նայուի հոն։ Հրդեհի նշանը կտրուի միշտ այս լեռնէն, որուն գագաթը ձիւն չգտնուիր բնաւ այլ միայն կրակ, եւ ասոր համար հրաբուխ լեռ ալ կկոչուի ։

Ջերմուկներն են գինետուններն, որոնց մէջ մարդ չափէն աւելի կքրտնի։ Հանքային ջուրերն են. ապսենթ, մասթիքա, քօնեաք եւ այլն։ Գլխաւոր ջերմուկն է Քօմիսիօն խանը, ուր քօնսօլիտի վրայ գործ կլինի։ Ամենէն աւելի քրտնցնող ջերմուկն է այս, որուն մէջ շատերը կմտնեն ուժ առնելու համար, եւ ուժաթափ դուրս կելնեն անկէ ։

Թաղիս ամենէն մեծ ճանբան այն է, որ ուղղակի մինչեւ Միջագիւղ կտանի, եթէ թրանվէյ ի կառքերուն մէկուն տակը չմնայ մարդ ։

Կրօնքը շատ է. գործածականը յայտնի չէ ։

Բնակիչն է խաղամոլութիւն. թիւն որոշ չգիտցուիր ։

Թաղիս օդը բնաւ կարեւորութիւն չունի. ամենքը կյարգեն Քօմիսիօն խան ին օդը, որ շատերուն կը վնասէ եւ սակայն ամենուն ալ սիրելի է ։

Թաղիս մէջ բնիկ հազիւ քսանըհինգ կամ երեսուն տուն կայ Հայու։ Պանդուխտ եղբայրներն, որք ստորերկրեայ տեղեր կբնակին հոս՝ ամեն կիրակի օրերը թաղին եկեղեցին կ ՚ երթան եւ գանձանակներուն ստակ կը ձգեն։ Եթէ թաղեցիներուն մնար՝ շատուց ծախուած էր եկեղեցին, որ այսօր շատ եկամուտներ ունի ։

Այս եկեղեցւոյն թաղական խորհրդարանին մէջն էր ժամանակաւ Ղալաթիոյ օճախը ։ Այս եկեղեցւոյն մէջ կ ՚ ըլլան ազգային Երեսփոխանական Ժողովոյ նիստերն, որք ամեն արժանիք ունին Ղալաթիոյ աշտարակին մէջ տեղի ունենալու ։

Հոս բարձրացած է Կենդրոնական վարժարանն, որ դեռ բացուած չէ ։

Ղալաթիացին տասներկու տարիներէ ի վեր կփափաքէր վար առնելու իւր թաղականն, որ ազգային շահերուն ջերմ պաշտպան ըլլալով՝ չէր թողուր, որ քիչ մ ՚ ատեն ալ ուրիշները թաղականութիւն ընեն եւ խնդան. իսկ այս տարին թաղեցին յաջողեցաւ հրաժարեցնել իր թաղականն, որ լալով հեռացաւ խորհրդարանէն։ Ընտրուեցաւ ուրիշ թաղական խորհուրդ մը, որուն անդամներուն մէջ անշահասէր մարդիկ կգտնուին, սակայն ասոնք ալ դասատուներու փոփոխութիւնը շատ կը սիրեն եւ գրեթէ շաբաթ չանցնիր, որ առանց պատճառի դասատու չփոխեն ։

Հոս է կենդրոնական թանգարանն, որ ըստ ծանուցման՝ շաբաթն երեք օր բաց է եւ ըստ իրողութեան՝ շաբաթը ժամ մը միայն բաց է՝ սիկառա խմել ուզողներուն ։

Այս թաղն է Միացեալ ընկերութեանց գրասենեակն, որ երկու ամսուան մէջ երկու գործադիր ժողով տեսնելու պատիւն ունեցաւ։ Աստուած երրորդէն պահէ ։

Վերջապէս այս թաղն կենդրոնական ըլլալով՝ շատ դիւրութիւններ կու տայ մեզի՝ հոն երթալու եւ շաբաթը քանի մը անգամ ազգային խնդիրներու վրայ կռիւներ յարուցանելու ։

ԻԳ.
ՂՈՒՐՈՒՉԷՇՄԷ

Այս գիւղին Գուրուչէշմէ կոչուելուն պատճառն են գեղին աղբիւրներն, որ բնաւ չեն վազեր ։

Գեղացին աղբիւրը կշինէ, բայց անոր ջուր բերելու հոգ չըներ։

Միայն աղբիւրներուն հետ չէ որ այսպէս կը վարուի. իւր վարժարանին եւ եկեղեցւոյն հետ ալ նոյն ընթացքն ունի ։

Այս գիւղին ազգայիններն այնքան կաշխատին եկեղեցւոյն պայծառութեանը, որ անցեալները եկեղեցւոյն մէջ շաբաթ մը կաթիլ մը եղ չկար։ Երբ քահանան իմացուց իրենց, թէ եղը հատեր է՝ ասոնք շրճարանի մը մէջ հաւաքուեցան՝ խորհրդակցելու համար ։

Ի՞նչ կ ՚ ըսէք, եղբայրներ, եկեղեցւոյ եղը հատեր է ։

Ի՞նչ կ ՚ ըլլայ եղեր, թող առանց եղի կատարուին արարողութիւնները ։

Ես ալ համակարծիք եմ. արարողութիւնն առանց եղի ալ կ ՚ ըլլայ ։

Ցերեկ ատեն կանթեղ վառելն ի՞նչ նշանակութիւն ունի ։

Շռայլութի՜ւն է, շռայլութի՜ւն ։

Մեր քահանան ալ այլանդակ մարդ մ ՚ է, Դիոգինէսի պէս ցերեկ ատեն կանթեղ կը վառէ ։

Առաւօտները մութուն կսկսի եկեղեցին, եւ անպատճառ լոյս պէտք է ։

Լուսնի լուսովը թող կարդայ ։

Եւ վերջապէս որոշում կտրուի, որ քահանան քիչ մը տնտեսագիտական օրէնքներով վարուի ։

Վարժարանին գալով՝ Գուրուչէշմէցին դասատու կբերէ, բայց ամսական չտար։ Շատ դասատուներ մինչեւ այսօր թաղական խորհրդարանը կ ՚ երթան իրենց մնացած ամսականներն ուզելու համար եւ չառնելու համար ։

Կիրքն այս գեղացիներուն մէջ չափազանց ըլլալու է, որ իրենց մէջ համաձայնութիւն գոյացնելն միշտ անկարելի եղած է ։

Հոս երեսուն ֊ քառասուն տուն կայ Հայու. եթէ ութսուն տուն ըլլար՝ ամեն օր նոր կռիւներ պիտի ծագէին ։

Կիներն այրերէն աւելի դպրոցասէր եւ եկեղեցասէր են. բայց իրենք իշխանութիւն չունենալով՝ լռութիւն պահելու ստիպուած են ։

Կիներն շատ չեն սիրեր պտոյտն այն պատճառաւ, որ պտըտելու տեղ չկայ ։

Օդը շատ աղէկ է գեղին բարձունքին վրայ, իսկ ծովեզերքի օդն աղէկ չէ։ Օդին ազդեցութեան շնորհիւն է, որ վերի կողմին ազգայիններն աւելի աղէկ են քան վարիններն, եւ եթէ վերիններն վար իջնան կամ վարիններն վեր ելնեն՝ օդափոխութեամբ իրենց բնաւորութիւնն ալ կփոխեն ։

Be the first who will comment on this

Other parts of "Պտոյտ մը Պօլսոյ թաղերու մէջ"

Yatuk Music
The Resurrection Of Christ
George Gurdjieff

The Resurrection Of Christ

Constantinople
Constantinople
Play Online