Hakob Paronyan
Պտոյտ մը Պօլսոյ թաղերու մէջ
ԻԷ, ԻԸ, ԻԹ
ԻԷ.
ՔԱՐԹԱԼ
Քանի մը օր առաջ Քարթալ գնացինք տեղւոյն ազգայիններուն վրայօք տեղեկութիւններ հաւաքելու համար. բայց բարեբախտաբար թաղին մէջ մարդ մը չկրցինք գտնել բացի գինեպաններէ, որք գինի կու տային մեզ ամեն անգամ, որ իրենցմէ տեղեկութիւն կ ՚ ուզէինք։ Բարեբախտաբար ըսինք, եւ իրաւունք ունինք. վասնզի իմացանք, որ թաղիս Հայերն այգեգործ ըլլալով՝ իրենց այգիները գնացած էին աշխատելու։ Երանի թէ բոլոր թաղերու հայերն այգեգործ ըլլային եւ սրճարաններու մէջ խաղերով չանցունէին իրենց թանկագին ժամերը։ Ուստի յետ դառնալով՝ Պօլիս անցանք եւ հետեւեալ տեղեկութիւնները քաղեցինք այնպիսի անձէ մը, որ լաւ կճանաչէ Քարթալցին եւ մանաւանդ անոր գինին ։
Քարթալցին ըսաւ այս անձը, բնաւ հոգ չըներ, թէ ազգային վարչութիւն կայ, թէ երեսփոխանական ժողովն չըներ, ինչ որ ընել պարտաւոր է, թէ ազգային վարժարանները կիրքերու վառարան դարձած են եւ այլն. վասնզի ազգային վարչութիւն, երեսփոխանական ժողով, ազգային վարժարան բառերն իրեն համար օտարական են, եւ Քարթալցին այն ատեն կսիրէ օտարականն՝ երբոր ութը դահեկանի ծախէ անոր գինին՝ որ դահեկան արժէք ունի. եւ որովհետեւ Ազգային վարչութիւնն, Երեսփոխանական ժողովն եւ ազգային վարժարանները Քարթալ գնացած չեն գինի առնելու համար, այս պատճառաւ Քարթալցիին անծանօթ մնացած են ։
Օտարական մը Քարթալ մտնելուն պէս՝ կշրջապատուի գինեպաններէն, որոնց իւրաքանչիւրն իւր գինին կգովէ եւ դրացւոյնը կը պարսաւէ ։
Հիւանդի համար հին գինի ունիմ պատուական, կ ՚ ըսէ մին, առողջի անգամ վնասակար գինի մը կու տայ քեզի ։
Սեղանի գինի ունիմ, կպօռայ ուրիշ մը, ցոյց տալով գինի մը, որ ոչ թէ սեղանի, այլ աթոռի գինի չկրնար ըլլալ ։
Այսպէս իրենց խօսակցութիւնն կամ այգիի վրայ կդառնայ եւ կամ գինիի վրայ ։
Քարթալցին եկեղեցասէր է. ժամկոչը փատ ի ձեռին ամեն առաւօտ դռները կը զարնէ եւ կարթնցնէ բարեպաշտ ժողովուրդն, որ աղօթքին երթայ։ Յայտնի չէ, որ փատէ՞ն թէ Աստուծմէ վախնալուն համար եկեղեցի կ ՚ երթան։ Ինչ որ ալ ըլլայ՝ սա յայտնի է, որ կսիրեն իրենց եկեղեցին. թող միւս թաղականներն ալ իրենց ժողովուրդներն ոստիկաններու միջոցաւ եկեղեցի բերել տան ։
Թաղային վարժարանն, որ շատ տարիներէ ի վեր խեղճ էր, դասատու չունենալուն պատճառաւ՝ այժմ աւելի խեղճ է՝ դասատու մը ունենալուն համար։ Վասնզի դասատու մը վարժարանէն ներս մտնելուն պէս՝ վէճն ալ քանի մը շաբաթէն կմտնէ թաղեցիին մէջ։ Աս ընդհանուր օրէնք մ ՚ է ։
Կայ հոս բարի քահանայ մը, որ շատ տարիներէ ի վեր կարածէ այս հօտն եւ շատ տարիներէ ի վեր գինի կծախէ կաթողիկոսն եթէ Քարթալ գայ՝ շաբաթուան մը մէջ գինւոյ վաճառականութեան կսկսի. պանդուխտ քահանայ մ ՚ ալ կայ, որ գիւղին քահանային օգնականն է թէ՛ եկեղեցւոյ մասին եւ թէ գինւոյ ։
Կիներն ալ այրերուն պէս այգիները կ ՚ երթան գործելու։ Ասոնք Պօլսոյ միւս թաղերուն թերութիւններէն զերծ են անոր համար, որ այգի մշակելէն ժամանակ չեն կարող գտնել թերութիւն մշակելու։ Պարզասէր, աշխատասէր, հաւատարիմ եւ բարի քրիստոնէուհիներ ըլլալու ստիպուած են այս գեղին մէջ ։
Հոս կգտնուի այնպիսի հիւր մը, որ իրեն զաւակներն անօթի թողլով՝ ուրիշներուն կիներուն եւ քոյրերուն համար հանգանակութիւն կ ՚ ընէ։
Թաղիս մէջ իբր հարիւր քսան տուն կայ Հայու։ Օդափոխութեան համար այլեւայլ թաղերէ հոս կու գան ամառներն եւ տենդ առնելով յետ կդառնան ։
Գիւղիս տենդը շատ գլխացաւ կու տայ. երեք օրը անգամ մը կբռնէ, իմ Պտոյտ իս պէս, որ երեք օրը անգամ մը կհրատարակուի … ։
Շատերն ալ գինի առնելու համար կու գան եւ առանց գինովնալու չեն վերադառնար ։
ԻԸ.
ԳԱՆՏԻԼԼԻ
Ահա գեղ մը, ուր ոչ քօլերա մտած է եւ ոչ նորաձեւութիւն ։
Հայու քսան եւ հինգ տուն կայ ։
Պ. Աբրահամ Այվազեան քանի մը տարիներ առաջ հանգանակութիւն ընելով՝ յաջողած է կանգնել վարժարան մը, որուն մէջ թաղին տղաները միշտ կկարդան այն բաները, զորս կ ՚ աւանդեն մանկավարժներն նախնական դպրոցներու մէջ։ Աւելորդ է ըսել, թէ կամ թաղին տղաները բնաւ չեն մեծնար եւ կամ թաղեցին աղքատ լինելով՝ դասատուի մը ամսական վճարելու կարողութիւն չունի։ Գիտենք որ այս դպրոցին մէջ տարին քանի մը անգամ պէօրէկ կ ՚ ուտեն աշակերտները, բայց չգիտենք, թէ տարին քանի՛ անգամ ծեծ կ ՚ ուտեն ։
Գեղիս ազգայիններն մեծ մասամբ նաւավար են. եկեղեցին կյաճախեն եւ գինետուն բնաւ չեն երթար։ Դիտողութեան արժանի է, որ յօգուտ Հայաստանի սովեալներու երեսուն ոսկի գոյացաւ այն նուէրներէն, որք հաւաքուեցան այս գիւղին մէջ ։
Կիներն եազմա կբանին եւ ստակ շահելով երբեմն իրենց ամուսիններուն պարտքերն ալ կը վճարեն։ Կիներն էին, որ անցեալ տարի կռուեցան գերեզմանատան մէջ գերեզմանի խնդրոյն համար ։
Ասոնք պարզասէր, աշխատասէր եւ հաւատարիմ ըլլալով հանդերձ՝ ազգային զգացում այլ կկրեն. իրենց աղջիկները միշտ ազգային երգեր կերգեն ։
Ծեր քահանայ մը ծեր ժամանակէ մ ՚ ի վեր քահանայութիւն կգործէ եւ վէճի մը առիթ տուած չէ բնաւ ։
Գիւղիս բարձունքէն կմեկնին թնդանօթին այն եօթը ձայներն, զորս երբ լսենք՝ մեր անկողիներէն կցատկենք եւ փողոցը կը վազենք հասկնալու համար, թէ հրդեհն ո՛ւր է ։
Նաւավարներն երբեմն գիւղիս մէջ անանկ կտակներ կ ՚ ընեն ազգին, որ կարծես թէ կատակ կ ՚ ընեն. նաւավարի մը ըրած կտակն մեր ամենէն հարուստներն իսկ չեն ըներ, ուսկից կհետեւի թէ գիւղիս մէջ ազգասիրութեան կրակը վառ է միշտ ։
Գիւղիս օդն եւ ջուրն այնքան առողջարար են, որ եթէ մէկը շաբաթ մը մնայ հոս՝ հետեւեալ շաբթուն կպարտաւորի թիկնաթոռն փոխելու եւ աւելի ընդարձակն գնելու ։
ԻԹ.
ԵԷՆԻ ՄԱՀԱԼԷ ՍԱՄԱԹԻՈՅ
Այս թաղը Սամաթիոյ ձագն է եւ ամեն նկատմամբ իւր հօրը կնմանի ։
Հոս ալ թաղականի կռիւները պակաս չեն, բայց հրաշագործ Մկրտիչ եպիսկոպոսի շնորհիւ այժմ կռիւները առաջուան պէս մշտնջենական չեն, այլ առժամանակեայ։ Վարժարանին գալով՝ յայտնի է, որ թաղային վէճերու մատնուած թաղի մը վարժարանն գոհացուցիչ չկրնար ըլլալ ։
Թաղիս այրերն եւ կիներն ազգային զգացում ունին. միջին դասէն ըլլալով՝ շողոքորթութիւն չեն գիտեր եւ ճշմարտութիւնն բարձրաձայն կխոստովանին ։
Այրերն օղին կսիրեն, ինչպէս նաեւ գինին. ասոր համար շատերն իրենց հետը լապտեր կ ՚ առնեն, որ եթէ ուշանան գինետան մէջ՝ մութուն չստիպուին երթալ իրենց տուները ։
Հրաշագործը հոս հրաշքներ կ ՚ ընէ եւ հիւանդներ կբժշկէ ։
Օդը լաւ է, բայց թաղեցին օդէն աւելի դրամը կսիրէ ։