Hakob Paronyan

Պտոյտ մը Պօլսոյ թաղերու մէջ

Թ, Ժ, ԺԱ

Թ.
ՍԷԼԱՄՍԸԶ

Ահա վիճաբանելու, հայհոյելու եւ իրարու գլուխ պատառելու յարմարութիւն ունեցող թաղ մը, որու մէջ մարդս եթէ վայրկեան մը մնայ՝ ինքզինքն ազգային երեսփոխանական ժողովոյ մէջ կկարծէ եւ դուրս ելնելու ճար մը կմտածէ։ Հարցո՛ւր սա թաղեցւոյն, թէ ի՛նչ է այս անսպառ վիճաբանութիւններու պատճառն, եւ վստահ եղիր, որ հետեւեալ պատասխանը պիտի առնես.

«Սահմանադրութեան գործադրութիւն »։

Այս թաղին մէջ մտնալուդ պէս՝ գինետունէ մը հետեւեալ խօսակցութիւնը պիտի լսես.

Այս շաբաթ անպատճառ փոխելու է ։

Այո՛, ես ալ ձեր կարծիքէն եմ, վար առնելու է եւ տեղը ուրիշ մը դնելու է։ Թաղական խորհուրդ ընտրուողը գործ տեսնելու է ։

Ասանկ թաղական խորհուրդութիւն չըլլար ։

Ներեցէ՛ք, բարեկամ, թաղական խորհուրդը դեռ երկու օր է, որ պաշտօնի անցաւ … սպասեցէք նայինք ի՛նչ պիտի ընէ … ։

Քանի օր կ ՚ ուզէ թող ըլլայ. փոխանակագիր ընդունել տալու չենք, որ օր համրենք ։

Եւ դեռ գործ մը չտեսաւ որ … ։

Տեսա՞ր խելացի խօսքը … գործ մը տեսած չըլլալուն համար պէտք է որ իյնայ. մենք թաղական խորհուրդ ընտրեցինք, որ վարժարանները բարեկարգէ, թաղին գործերը կարգադրէ, մէկ֊երկու գանձապետներու քով մնացած դրամն ուզէ … ։

Երկու օրուան մէջ ի՞նչ կրնայ ըլլալ, եղբայր … ։

Երկու օրուան մէջ ի՜նչ կրնայ ըլլալ … երկու օրուան մէջ գանձապետին մէկը թաղականին ամբողջ ստակը պարպեց … Շիշ մը օղի բեր ծօ։ Ինծի մի՛ բարկացներ, Աստուածդ սիրես։ Քիչ մ ՚ ալ մէզէ բեր ։

Ես ալ համակարծիք եմ բարեկամիս … շիշ մ ՚ ալ ինծի ղրկէ, Յակոբիկ ։

Թաղին մէջ քանի խաղաղութիւն ըլլայ, վարժարանները շտկուին կ ՚ ըսենք նէ՝ միշտ բան մը կ ՚ ելլայ … ազգերնիս անոր համար ետ֊ետ կ ՚ երթայ կոր ա՛ … Օխա մը ճերմակ գինիէն ղրկէ ինձ, վարպետ … Սէր եւ միութիւն ըլլայ նէ՝ գէշ կ ՚ ըլլայ … Գինիի հետ քիչ մ ՚ ալ ձուկ ղրկէ՛ … Որո՞ւ պիտի հասկցնես, ամեն մարդ մէկ կողմ կը քաշէ Կենդանութի՜ւն … ի՜նչ պատուական գինի … Փոխենք, եղբա՛յր, փոխենք սա թաղական խորհուրդը եւ տեղը մեր ծանօթներէն քանի մը հոգի դնենք …

Սա Տ … աղան դնենք. մօտերս շատ ինկած է խեղճը, տունը օխա մը ածուխ առնելու համար դրամ չունի. ան ալ մեր ազգն է, թո՛ղ քանի մը ղրուշ ալ ան վաստկի ։

Սա շիշը լեցո՛ւր, ծօ … չեմ ըսեր որ Տ … աղան չվաստկի. բայց մեր ալ վիճակն աղէկ չէ, եղբա՛յր … գործերը շատ դադրած են ։

Իմ կարծիքս ալ սա է, որ սահմանադրութենէն գոնէ մեր ածուխին ու փայտին ստակը հանենք … բայց սահմանադրութիւնն ալ գործադրուելու է … սահմանադրութեան դէմ եղողն իմ առաջին թշնամիս է … մեղք է սահմանադրութեան, թէպէտեւ Տ … աղային ալ մեղք է ։

Ելէ՛ք, ազգային դեղարանը երթանք ու հոն լուծենք խնդիրնիս ։

Շատ աղէկ ։

Տեսարանն է ազգային դեղարանին մէջ ։

Բարեւ, էֆէնտի ։

Բարեւ ։

Բարի իրիկուն ։

Աստուծու բարին ։

Բարեկամներու հետ եկանք ձեզի ձանձրութիւն տալու ։

Ձեր տալիք ձանձրութենէն շնորհակալ եմ … ո՞վ է հիւանդ մէջերնիդ ։

Թաղական խորհուրդը հիւանդ է ։

Հասկցայ … բայց մարդիկը դեռ երկու օր է, որ անցան պաշտօնի ։

Աղէկ ա՛, մինչեւ որ տապալենք նէ՝ երկու շաբթուան կ ՚ ըլլան ։

Ի՜նչ յանցանք պիտի գտնենք, զայն տապալելու համար ։

Եղբա՛յր, նախ եւ առաջ տապալելու վրայ խորհինք, վերջը յանցանք մը կգտնենք հարկաւ … յանցանքներու սով չկայ, փա՛ռք Աստուծոյ ։

Գիտէք որ ես զձեզ միշտ պաշտպանած եմ, բայց այս խնդրոյն մէջ կէտ մը կայ, որուն հակառակ եմ ես ։

Ի՞նչ կէտ ։

Թաղականը յանցանք չունի դեռ. սպասեցէք քանի մը օր, որ սխալ քայլ մ ՚ առնէ եւ ան ատեն իրաւունքով հրապարակ ելնենք ։

Պիտի համաձայնիս մեզի ։

Անկարելի է այս կէտին մէջ ։

Մեզնէ չպիտի բաժնուիս ։

Խղճիս կդպչի ։

Ռօպ տը լաֆէքթէօր մը կու տա՞ս ինծի դուն ։

Գլխուս վրայ ։

Ինձ ալ շիշ մը Պօրտօյի գինի տուէք։

Շատ լաւ։ Չհասկնաք թէ ես թաղականը չտապալելու կողմն եմ. ես ալ կ՚ուզեմ որ տապալուի, բայց…

Երկար մի՛ ըներ, օխա մը ձկան իւղ տուր ինձի։

Ձեր ալ սիրտը կոտրել չեմ ուզեր… կաշխատիմ այս գիշեր մէկ աղուոր պատուական եւ ընտիր յանցանք մը գտնել եւ անով տապալել թաղականը, բայց պայմանաւ մը…

Այսինքն մէկու բան չըսենք։

Ո՛չ … ։ Սա պայմանաւ, որ եթէ ասկից վերջը հիւանդանալով դեղ գնելու ստիպուիք՝ իմ դեղարանս հրամմէք։

Պարտքերնիս է, եղբայր, այս գիշերուընէ բոլոր բարեկամներուս կ ՚ ըսեմ, վաղուընէ անդին հիւանդանան եւ հոս գան դեղ առնեն. հիւանդ չեղած ատեննին ալ թող գան առնեն. էֆէնտիմ, ի՞նչ կ ՚ ըլլայ եղեր … պարապ տեղը հազարումէկ բանի ստակ կտրուի կոր …

Շնորհակալ եմ ։

Մնաք բարով ։

Երթաք բարով ։

Հետեւեալ օրը կռիւը կծագի թաղին մէջ. թաղեցիներէն խումբ մը պատուաւոր ազգայիններ փայտերով զինուած՝ Թաղ. խորհրդարանի վրայ կյարձակին եւ թաղականներուն մէկուն ոտներէն, միւսին մօրուքէն, մէկալին ականջէն քաշելով խորհրդարանէն դուրս կը հանեն։ Պատրիարքարանը եղելութիւնը կ ՚ իմանայ եւ հրահանգ մը կղրկէ, որ նկատելով, որ֊ ով կսկսի եւ խորհուրդ լուծեալ է ֊ով կը վերջանայ ։

Ինչ որ կպատմենք հոս՝ տարին հինգ վեց անգամ կպատահի այս թաղին մէջ։ Սահմանադրութեան հաստատութենէն ի վեր չէ եղած թաղական մը, որ իր պաշտօնավարութեան ամբողջ շրջանն լրացուցած ըլլայ։ Առժամանակեայ թաղական խորհուրդ մը մէկ քանի տարի պաշտօն կը վարէ երբեմն։ Եւ ոչ մի թաղական խորհուրդ կանոնաւոր հաշիւ կրցած է տալ այս թաղին մէջ. թաղեցին ալ թաղական խորհուրդ ընտրելէն գլուխը քերելու ժամանակ չունի, որ հաշիւ պահանջէ եւ առնէ։ Հինգհարիւր քսանեւհինգ տուն հայ կայ հոս, վեցհարիւր երեսուն քուէարկու եւ երկու հազարի մօտ բնակիչ … բայց երբ թաղականի համար քուէ տալ հարկ ըլլայ՝ քուէարկուներու թիւը վեց հազար կ ՚ անցնի. ա՛լ հասկցիր, թէ մէկ հոգի քանի՛ քուէ կու տայ հոս. Սէլամսըզցին շատ շռայլ է … քուէի մասին ։

Երեք կուսակցութիւն կայ հոս կեդրոնական, աջակողմեան եւ ձախակողմեան ։

Կեդրոնականն է՝ թաղական տապալող, աջակողմեանն է՝ վայրահաջ մասն, որ քահանաներու գործիք է, իսկ ձախակողմեանն է՝ անտարբեր մասը, որ միշտ խոհեմութիւն կը համարի լռելն ։

Թաղեցւոյն բարեպաշտութեանը գալով՝ կրնաք շուտով հասկնալ զայն, երբ ըսեմ ձեզ, թէ կիրակի օրերը եկեղեցւոյ մէջ երկու հարիւրէ աւելի մարդ չըլլար, եւ ժողովրդեան մէջ շրջաբերութեան հանուած գանձանակին մէջ ալ հազիւ եօթանասունըհինգ փարա կգոյանայ։ Այս եկեղեցին տասը քահանայ ունի. Աստուած ամենն ալ անփորձ պահեսցէ եւ Սէլամսըզցիին պարգեւեսցէ։ Եկեղեցւոյ խաչահանգստին ջուրը երկու տեսակ է. մէկն անարատ է, իսկ միւսը նենգուած։ Անարատին գինը քիչ մը սուղ է, իսկ միւսը ձրի է, ուզածիդ չափ կրնաս խմել։ Առաջին տեսակէն ուզողն լուսարարին կդիմէ, որ անմիջապէս կ ՚ երթայ եւ պահած տեղէն կբերէ. երկրորդ տեսակէն խմել ուզողը գլուխն եկեղեցւոյ ջրշեղջին վրայ դրուած դոյլին կ ՚ երկնցնէ եւ ուզածին չափ կը խմէ. այդ ջուրն ախորժակ կը բանայ եղեր ։

Հոս ալ թաղային վարժարանն յետ երթալու մասին կը մրցի միւս թաղային վարժարաններու հետ, եւ շատերը կը յուսան թէ առաջին մրցանակն աս պիտի վաստկի ։

Քանի մը տարիներ առաջ սովորութիւն կար հոս՝ օրը երեք ընկերութիւն կազմել … տարուան մը մէջ երեք հազարի չափ ընկերութիւններ կազմուեցան … դպրոցներ բարեկարգելու ընկերութիւն, ընթերցասիրութիւն տարածելու ընկերութիւն, ծխախոտը ձգելու եւ ափիոն կլնելու ընկերութիւն, ընկերութիւններ կազմելու ընկերութիւն, գիրք հրատարակելու ընկերութիւն, գիրք չկարդալու ընկերութիւն … ո՞ր մէկը համրեմ. բայց ասոնց ամէն ն ալ խոտի պէս անցան գնացին։ Հիմ այ հատ մը միայն կայ, որու անուն է Կրթասիրաց ընկերութիւն, բայց գործը չգիտենք տակաւին, եւ չգիտնալու իրաւունք ունինք, վասն զի դեռ նոր է, տղայ է եւ Աստուած գիտէ մեծնալիքը։ Մեր փափաքն է, որ գոնէ այդ ընկերութիւնն իւր նախորդներուն չնմանի ։

Իւսկիւտարցին ուր որ ալ ըլլայ՝ շուտ կը ճանչցուի։ Երբ կտեսնես մարդ մը, որ լեցուն ճերմակ տոպրակ մը ունի ձեռքը՝ գիտցիր, որ մարդը իւսկիւտարցի է, եւ եթէ չէ՝ մօտերս անպատճառ իւսկիւտարցի պիտի ըլլայ ։

Իւսկիւտարցին իւր կեանքի մէջ բնաւ չըսեր իւր մէկ մտերիմ բարեկամին կամ ազգականին. « Այս գիշեր մեր տուն հրամմէ, կերակուրը մէկ տեղ ուտենք »։ Բայց իւր կեանքին ամեն օրերու մէջ ըսելէ չդադարիր այն մարդուն՝ որու երեսը կեանքին մէջ անգամ մը տեսած է. « Գիշեր մը խնճոյք մը ըրէ՛ ու զիս ալ հրաւիրէ եղբայր, ի՞նչ կ ՚ ըլլայ. մենք ալ օտարական չենք »։

Գինետուները հոս այնչափ համակրութիւն եւ քաջալերութիւն գտած են, որ յանդգնած են եկեղեցւոյն քիթը մտնել, այնքան մօտեցած են անոր։ Գինետու նն երուն յաճախորդները Արամեան զաւակներն են, որ գիշերուան երեքին տուն կդառնան, վասնզի, ինչպէս ըսինք՝ ազգային վիճաբանութիւնները գինետան մէջ տեղի կ ՚ ունենան եւ ան ալ ժամը երկուքէն վերջը։ Ժամը երկուքէն առաջ վիճաբանութիւնն արգիլուած է. երկու ժամ շարունակ օղի կը խմուի եւ ետքը ատենապետն գինեպանը զանգակ հնչեցնելով՝ դիւանին պատրաստուած եւ ատենին բացուած ըլլալն կը յայտնէ ։

Իւսկիւտարցիին նմանը չկայ առեւտուրի մէջ. Պօլսոյ կողմը տասը բարայի ծախուած թօմաթէսը երկու դահեկան վար չեն տար Իւսկիւտար ։

Սէլամսըզցին լաւ հմտութիւն եւ կատարեալ տեղեկութիւն ունի ածուխին վրայ. ուստի երբ ձմեռուան համար ածուխ առնելու երթաք՝ սէլամսըզցի մը առէք ձեր հետը եւ թող տուէք, որ ան ընէ ընտրութիւնը։ Ածուխդ առի՞ր, մնաք բարով դ ըսէ ու գործդ գնա՜ ։

Սէլամսըզցի ժողովուրդն ընդհանրապէս բարձր ձայնով կխօսի կամ կհայհոյէ, եւ աս ալ քաջութեան եւ անկեղծութեան նշան կը համարի։

Հնութիւններու մէջ նշանաւոր են թիւյսիւզի սրճարանն եւ անոր բազմոցները։ Այս սրճարանի մէջ կսովորի ամեն մարդ, թէ ի՛նչ է ածուխի, փայտի եւ միսի գիները թէ որո՛ւ կնիկն էրիկն թողած ու փախած է, թէ էրիկն թողած ու ինչո՛ւ փախած է, թէ որո՛ւ աղջիկն ո՛ր երիտասարդի պիտի նշանուի եւ թէ ինչո՛ւ պիտի նշանուի։ Հոս է նաեւ չիֆթլիկ ըսուած զբօսավայրն, որ ամեն տեսակ զբօսանք ունի իւր մէջը. մուտքը ազատ է, ելնելու համար ալ դրամ վճարելու հարկ չկայ։ Հոս ալ երբեմն ազգային խնդիրներու վրայ վիճաբանութիւններ տեղի կ ՚ ունենան։ Ազգային վիճաբանութիւնները տեղի չեն ունենար միայն այն տեղերն՝ ուր որ պէտք էին ըլլալ ։

Իգական սեռն ալ արականին պէս վիճաբանութիւնը քիչ մը շատ կսիրէ հոս։ Քանի մը անգամներ խնամակալութիւններ կազմուեցան եւ լուծուեցան՝ աղջիկներու վարժարանն բարեկարգելու համար. չյաջողեցան բարեկարգելու … ինքզինքնին նախ եւ առաջ ։

Գեղեցիկ սեռն հոս գեղեցիկ է, աղքատասէր է, զբօսասէր է։ Նորաձեւութեան դասերը Գատը գիւղէն կսովրի ։

Այս թաղին մէջ կան պակլայ նետող, թուղթ բացող կիներ, որ ամեն բան կբացատրեն քեզի, ամեն գաղտնիք կգտնեն։ Իգական սեռին մէջ շատ հաւատացողներ կան այս կիներուն, սակայն չմոռնանք ըսելու՝ որ Սէլամսըզի այրերուն մէկ քառորդն իգական սեռին մէջն կը հաշուի միշտ։

Հոս ամեն տուն Լէպլէպիճի Հօռհօռ էն մէյ֊մէկ կտոր կկանչեն, եւ եթէ օր մը ամբողջ Սէլամսըզը պտտելու ըլլաս՝ Լէպլէպիճի Հօռհօռին ամբողջ օբերան մտիկ ըրած կ ՚ ըլլաս ։

Ազգային երգերը մինչեւ այսօր չեն կարողացած այս տուներէն ներս մտնել ։

Սիրահարութեան համար հոս մինչեւ հիմա յատուկ տեղ մը պատրաստուած չըլլալով՝ թաղեցին շատ անգամ Իճատիէ կ ՚ երթայ Խալֆային լեռը եւ հոն խօսկապ, նշանտուք կ ՚ ընէ։ Կիները շատ անգամ հոն ձեռնոց կը նետեն իրենց անարգանք ընող կիներուն եւ մենամարտութեան կհրաւիրեն զանոնք։ Դեռ անցեալ օր երկու կին իրարու բաւական հայհոյութիւններ ուղղեցին եւ իրարու գլխարկ պատռտեցին, եւ եթէ ոստիկանութիւնը չմիջամտէր՝ իրարու գլուխ ալ պատռտելու հաւանականութիւն կար։

Դպրոցականներուն մեծագոյն մասը փողոցներու մէջ հայերէն չեն խօսիր, սակայն երբ հայհոյել հարկ ըլլա լ ՝ մայրենի լեզուն կը գործածեն եւ սամաթիացիներու երկրորդը կրնան համարուիլ։

Սէլամսըզցին այնքան սիրով է իրեն դրացի եէնիմահալ լէց իի հետ, որ անցեալներն երբ դպրոցները միացնելու փորձ եղաւ՝ մազ մնաց, որ երկու թաղն ալ զիրար կործանելու չափ յառաջ պիտի երթային։ Սէլամսըզցին իւր դրացւոյն հետ դժոխք անգամ երթալ չուզեր։ Եէնիմահալլէցին ալ անոր հետ արքայութիւն ալ չերթար։ Սէլամսըզցին հիմա այնչափ բաժնուած է եէնիմահալլէցիէն, որ ներքին համոզմամբ զայն ուրիշ ազգ մը կ ՚ ընդունի։ Իրարու քահանայէ հաղորդութիւն չեն առներ, եւ ոչ ալ իրարու եկեղեցի կ ՚ երթան. արդէն երկու թաղի քահանաներն ալ իրենց ծուխերուն հետ համընթաց կը քալեն ։

Եթէ Եէնիմահալլէի վարժարանի մէջ աշակերտ մը կռիւ ընէ՝ իսկոյն զինքը կյանդիմանեն ըսելով. « Կ ՚ երեւի, որ Սէլամսըզի քահանաները կնքած են զքեզ »։

Իւսկիւտարի օդը խիստ է. տկարները անմիջապէս կ ՚ առնէ կտանի անդիի աշխարհ ։

Ներքին բերքն է հրաժարեալ պատրիարքներ, որ կու գան այս թաղին մէջ կնստին տան մը մէջ, որ ձրի կտրուի. թէպէտեւ շատ մը պատրիարքներ առանց վարձքի նստելու տուն մ ՚ ունենալով հանդերձ՝ չեն ուզեր իրենց հրաժարականը տալ ։

Ժ.
ԹՕԲ ԳԱԲՈՒ

Կ ՚ աղաչեմ, այս թաղին անունը մի՛ տար, եղբա՛յր ։

Ինչո՞ւ ։

Վասնզի այս թաղին անունը տխուր յիշատակներ կ ՚ արթնցնէ մտքիս մէջ ։

Ի՞նչ պատահեցաւ ։

Երկու տարուան տղաս զոհ տուի այդ թաղին ։

Օդը այդչափ գէ՞շ է ։

Ո՛չ ։

Շիտա՛կ զրուցէ, եթէ գէշ է՝ մենք ալ չերթանք ։

Ո՛չ, բարեկա՛մ, օդը պատուական է ։

Ի՞նչպէս եղաւ, որ տղադ մեռաւ հոն ։

Կիրակի առաւօտ մը տղաս հետս առի ու եկեղեցին գնացի. ես ալ ուրիշներու պէս աղօթքիս զբաղած էի … մէյ մ ՚ ալ ժամերգութեան միջոցին անանկ ձայն մ ՚ ելաւ, որ … ա՜հ, մինչեւ այսօր ականջէս չելնէր այդ ձայնը … ա՜հ, եղբա՛յր, անանկ ձայն մ ՚ ելաւ, որ տղաս վախցաւ, մարեցաւ, ինկաւ ։

Տէ՜ր ողորմեա … որոտո՞ւմ էր ։

Ո՛ւր էր թէ որոտում ըլլար … անբացատրելի ձայն մ ՚ էր ։

Թնդանօ՞թ էր ։

Երանի թէ թնդանօթ ըլլար … անմեկնելի բան մ ՚ էր ։

Ի՞նչ էր ուրեմն ։

Տիրացուին ձայնն է եղեր … Անմիջապէս տղաս գիրկս առի ու բժիշկներու դիմեցի. յոյս չկայ, լեղին բրդած է, ըսին, եւ զաւակս մեռաւ ։

Այո՛, պարոնին խօսածը սուտ չէ, իմ կինս ալ օր մը վախցաւ այդ ձայնաւորին ձայնէն եւ երեք ամսու զաւակ մ ՚ անցուց ։

Օր մ ՚ ալ ես լեղապատառ դուրս փախայ այդ եկեղեցիէն ։

Այս տեղեկութիւնները կարդալէն ետքը բնական է, որ մեր ընթերցողներն դժկամակին մտնել Թօբ գաբուի եկեղեցին, ուր թաղեցին ալ մտնել շատ չսիրեր։ Թաղեցիին եկեղեցի չերթալուն պատճառն՝ եկեղեցւոյն զանգակ չունենալն է կ ՚ ըսուէր. իսկ երբ երկու տարի առաջ Խրիմեան հոն քարոզ խօսելու գնաց եւ եկեղեցւոյն մէջ մարդ չտեսաւ՝ թաղականներուն դառնալով ըսաւ.

Պարապ բան է, որ ծախքեր կ ՚ ընէք ասանկ ժողովուրդին զանգակ շինել տալու համար. իմ տեսածիս ու հասկցածիս նայելով՝ սա պարիսպէն թնդանօթ ալ նետելու ըլլաք՝ աս տեղ մարդ եկեղեցի չպիտի գայ ։

Ջերմեռանդներուն գալով՝ ասոնք կը պատասխանեն, թէ իրենք կ ՚ ուզեն ամեն օր եկեղեցի երթալ, բայց կը վախնան, որ ձայնաւորին ձայնէն կը վախնան եւ կը հիւանդանան ։

Մենք ալ ուրեմն եկեղեցւոյն դռնէն նայելով շատանանք, վասնզի բժիշկի ստակ տալու ժամանակ չէ ։

Այս եկեղեցւոյն մէկ կողմն է թաղային վարժարանն, ուր, եթէ Աստուած կամենայ, մանչեր պիտի դաստիարակուին օր մը։ Այս վարժարանին դրան վրան տախտակ մը կար ժամանակաւ, որու վրայ գրուած էր Լեւոնեան վարժարան ։ Հիմայ այդ տախտակը վերցուած է եւ տեղն ուրիշ բան մը դրուած չէ։ Երկու հարիւր մօտ աշակերտներ կան սոյն վարժարանին մէջ, որու ուսման ընթացքը վեց տարուան բաժնուած է հետեւեալ եղանակաւ.

Ա. տարի Ուղղական Բան

Բ. տարի Սեռական Բանի

Գ. տարի Տրական Բանի ՚ ի Բան

Դ. տարի Հայցական Զբան

Ե. տարի Բացառական ի Բանէ

Զ. տարի Գործիական Բանիւ ։

Աշակերտ մը վեցերորդ տարին լրացունելուն պէս վարժարանէն կելնէ, եւ հայրը վաճառական մը կփնտռէ, որ տղան անոր քով գրագրութեան տայ։ Իսկ երբ հայրն չյաջողի զաւակը վաճառականի մը քով գրագրութեան դնել՝ կսրդողի եւ կզղջայ իւր տղուն այնչափ ուսմունք սորվեցուցած ըլլալուն համար ։

Կարապետ աղա, զաւկիդ տեղ մը գտա՞ր ։

Չէ, ուսմունքն ալ պարապ բան է եղեր, եղբա՛յր. տղաս տասնեւվեց տարի կարդալ տուի, որ ուսումնական ըլլայ եւ վարժարանէն ելնելուն պէս վաճառականի մը քով դնեմ, որ մարդ ըլլայ։ Ամեն բան գիտէ, կրակի պէս է, գրիչէն արիւն կկաթէ, բայց ի՞նչ օգուտ ։

Վաճառական մը չգտա՞ր ։

Քանի մը վաճառականներու ներկայացուցի զինքը, բայց այդ վաճառականներն ալ տգէտ ըլլալով՝ տղուս յարգը չեն ճանչնար. միւս տղաս պիտի հանեմ վարժարանէն եւ արհեստի պիտի տամ ։

Շատ լաւ կ ՚ ընէք ։

Եկեղեցւոյն միւս կողմն է աղջիկներու վարժարանն, որու վրայ ալ ժամանակաւ Գոհարիկեան վարժարան գրուած էր եւ վարժարանին մէջ քիչ֊շատ ուսում կար. իսկ հիմա Գոհարիկեան վարժարան անունն եւ ուսմունքն վերցուած են իբրեւ աւելորդ բաներ եւ միայն վաթսունի չափ աղջիկներ կ ՚ երթան կու գան՝ իրենց կերածը մարսելու եւ քալել սորվելու համար. վերջինը կրնայ օգտակար ուսում մը համարուիլ, վասնզի շատ աղջիկներ քալելու կերպն ալ չեն գիտեր ։

Թաղիս թաղականները գրեթէ բնաւ չեն փոխուիր. մէկ կողմէ հրաժարական կու տան, միւս կողմէ հրահանգ կղրկուի Պատրիարքարանէն, հին թաղականները նորէն կ ՚ ընտրուին եւ առօք փառօք պաշտօնի գլուխ կ ՚ անցնին եւ կը սկսին գործել ։

Վիճաբանութեան մէջ թաղականներու գործածած պաշտօնական լեզուն հետեւեալն է.

Շուն շանորդի՛, ես քեզի չըսի՞, որ այդ գումարը հաշւոյն չանցունես ։

Փատի կտո՛ր, ինչո՞ւ պիտի չանցունեմ եղեր ։

Իրարու ինչո՞ւ անվայել խօսքեր կ ՚ ընէք, իշու կտորներ, չէ՞ք ամչնար. մենք թաղական պիտի ըլլանք, ամեն մարդ մեզմէ բարի օրինակ պիտի առնէ … աւանակի պէս կը վարուիք իրարու հետ … արջու պէս կխօսիք … ։

Հիմա հօրդ պառկած տեղէն կսկսիմ հա՛ … քեզի ի՞նչ կ ՚ ըլլայ կոր … մենք իրարու հետ հաշիւի մը վրայօք մարդու պէս կխօսինք կոր … ։

Սա աթոռն բռնելուս պէս գլխուդ կիջեցունեմ հա՛, իշու թոռ. իրարու հետ քաղաքավարութեամբ խօսեցէք ըսի, աւանա՛կ, գոմէշ … գէ՞շ ըսի։

Թաղականի մէջ մէկ հոգի կայ միայն, որ Ս. Զատկի կամ Ծնունդի օրերը առատ֊առատ ժամուց կու տայ իւր քսակէն. մնացածներն ալ առատօրէն ժամուց կու տային, բայց թաղականի սնտուկէն կու տային ժամանակաւ. իսկ հիմայ, որ թաղին մէջ իմացուած է սնտուկէն ժամուց տրուիլը, Ս. Զատկի եւ Ծնունդի օրերը յիշեալ թաղականներն եկեղեցիէն կանուխ կ՚ելնեն կ՚երթան, որ չստիպուին ժամուց տալ իրենց քսակէն…

Եթէ հարցուի, թէ ի՛նչ է թաղական խորհրդոյ տեսած գործը՝ կպատասխանենք, որ անոր գլխաւոր գործն է չորս կալուածներէ գոյացած եկամուտը հաւաքել եւ մէկ լուսարարին ու երկու ժամակոչին ամսական վճարել։ Եթէ լուսարարին ու ժամակոչին հրահանգ տրուի, որ իրենց ամսականներն երթան այդ կալուածները վարձողներէն առնեն ամսէ ամիս՝ թաղականներուն գործ չմնար։ Չմոռնանք ըսել սակայն, որ թաղականն երկու ամիսէ ի վեր թաղին վարժարանին հոգաբարձութիւնն իւր վրայ առած է … Տէր Աստուած ընդունելի արասցէ … ։ Ելնող հոգաբարձութիւնը, կ ՚ ըսեն, ողջ ըլլայ, վարժարանները բաւական կործանեց եւ հեռացաւ։ Յիշեալ հոգաբարձութեան անդամները երկու տարի առաջ Ս. Ստեփանոսի տօնախմբութեան օրը չորս տակառ օղի եւ ութը տակառ գինի բերել տալով վարժարանը՝ հոն սեղան շտկեցին եւ մինչեւ երեկոյ այնքան օղի եւ գինի խմեցին, որ չկրցան քալել եւ տակառի պէս գլտորուելով կրցան իրենց տուները մտնել։ Վարժարանին աշակերտներն տեսան իրենց հոգաբարձուներն նոյն վիճակին մէջ եւ իրենք ալ գինետուն մը մտնելով՝ մէյմէկ հատ տնկեցին ի փառս սրբոյն Ստեփանոսի նախավկային ։

Եկեղեցին երեք քահանայ ունի, որք խօսք կ ՚ առնեն այն խնդիրներու մէջ՝ որք հարսանիքի, կնունքի կամ ննջեցեալի հետ վերաբերութիւն ունին. ուրիշ խնդրոյ մը վրայ խօսք բացուած ժամանակ կքնանան ։

Թաղեցին ալ շատ հոգ չտանիր իւր վարժարանին ու եկեղեցւոյն, միայն տիւզ օղիին վրայ է իւր խելքը։ Թոբ գաբուցին միշտ մինչեւ առաւօտ կնստի գինետունը, իւր առջեւն ունենալով տիւզի հետ քիչ մը եփած լուբիա կամ քիչ մը պտուղ՝ եթէ ոստիկաններ չգան ժամը երեքին եւ գինետան դուռը զարնելով՝ դուրս չհանեն զայն գինետունէն։ Իւր խօսակցութիւնը եղանակով է, կա՛մ շարգը պիտի կանչէ կամ մանի ։ Ազգային գործերուն վրայ բան մի՛ հարցուներ իրեն, վասնզի սովորութիւն չունի ատանկ բաներու վրայ խօսելու։ Իսկ եթէ Կլատսթըն, Պիքօնսֆիլտ, Կրանվիլ անուններէն մին փախցունես՝ անմիջապէս ապտակ մը կու տայ երեսիդ ըսելով, թէ ֆրանսերէն լեզուով հայհոյած ես իրեն։ Ձայնաւոր վարժապետն այս գինետունը բերելու է, որ ձայնը հանէ եւ հոն եղողները վախցունէ, որ մէյ մ ՚ ալ չերթան հոն ։

Ուրիշ գինետան մը մէջ խումբ մը կայ, որ թաղին ազնուական մասն է։ Ասոնք իրարմէ մէյմէկ կանգուն հեռաւորութեամբ աթոռակներու վրայ նստած են. իրենց առջեւն ունին երեսուն փարանոց մէյմէկ շիշ տիւզ ։ Բնաւ իրարու հետ չեն խօսիր, կարծես սրդողած են իրարու. իրենց երեսը կախած՝ լռիկ մնջիկ իրենց շիշը պարպելու եւ նորէն լեցնել տալու կնային։ Այնպիսի ձեւով մը եւ պարկեշտութեամբ մը կխմեն, որ կարծես թէ օղի խմելն պարտաւորիչ է, եւ մեծ պատիժի պիտի ենթարկուին՝ եթէ կաթիլ մը օղի մնայ շիշերուն մէջ։ Լռութիւնը կանոնաւոր կերպով կտիրէ հոն… մէկը աչերը վեր առնելով իւր քովինին օղիի շիշին չնայիր. հոն արտասանուած խօսքերն են բարի իրիկուն. սա լեցուր. գիշեր բարի ։ Խօսելու վարժուած երեսփոխան մը կճաթի, եթէ վայրկեան մը նստի ասոնց մէջ ։

Կիները բնական է որ բամբասանքը սիրեն, բայց իրենց աշխատասիրութիւնն վարքն ու բարքը մեծ գովեստի արժանի են։ Ասոնք շատախօսութիւն ընելու համար տունէ տուն պտըտող ու փողոցները չափող կիներէն չեն. կաշխատին եւ իրենց ձեռագործները ծախելով ստակ կը վաստկին։ Պճնասիրութիւն բնաւ չունին. պարկեշտութեամբ կը հագուին եւ մեծ հնազանդութիւն ու հաւատարմութիւն կը ցցունեն իրենց ամուսիններուն։ Շատ մը այրեր իրենց կիներուն, հայրեր իրենց աղջիկներուն, մանչեր իրենց մայրերուն բեռ եղած են եւ անոնց վաստկած դրամով կապրին … կեցցէ՜ արական սեռին պատիւը … ։

Թաղիս մէջ 400 տուն կայ հայու, որուն իւրաքանչիւրին մէջ գրեթէ երկու ընտանիք կայ ։

Թօփ գաբուի օդը շատ առողջ է, եւ եթէ այսպէս շարունակէ՝ քահանաները այդ թաղէն հրաժարիլ պիտի ստիպուին, վասնզի բնաւ ննջեցեալ չըլլար եղեր ։

ԺԱ.
ԿԷՏԻՔ ՓԱՇԱ

Այս թաղին ազգայիններն իրարու խօսք չեն հասկնար. լեզուները խառնուած են հոն. վասնզի վերջին հրդեհէն ի վեր Պօլսոյ բոլոր թաղերէն, ինչպէս նաեւ գաւառացի ազգայիններէն գաղթականութիւն հաստատուած է հոս ։

Ինչպէս որ աշտարակը շինողներն իրարու լեզուն չհասկնալնուն համար չկրցին աշտարակին շինութիւնն աւարտել, այնպէս ալ ասոնք դեռ չյաջողեցան իրենց վարժարանին շինութիւնն աւարտել ։

Եօթը կամ ութը ամիս է, որ ձեռնարկած են վարժարանի շինութեան, առանց անոր ծախքը նախապէս հոգալու. ի սկզբան այնպէս կարծած են ասոնք, որ վարժարանի հիմը դրուելուն պէս՝ ուրիշ բան չմնար ընելու, եթէ ոչ առաւօտ երեկոյ քիչ մը ջուր տալ շէնքին արմատին, որ բոյսի պէս աճի ու բարձրանայ։ Ուստի հիմը դրուելուն պէս թաղեցին ուրախացաւ, որ վարժարանի խնդիրն ա՛լ լուծուեցաւ, եւ սպասեց, որ ինքնիրմէ բարձրանայ։ Իսկ երբ տեսաւ, որ սխալած է իւր կարծիքին մէջ՝ սկսաւ ասդին անդին վազել դրամ ճարելու համար։ Շատ ծանր կերպով բարձրացաւ այս շէնքը. կէս կանգուն բարձրանալուն պէս՝ երկու ամիս դադար կ ՚ առնէր եւ կսպասէր, որ թաղեցին դրամ ճարէ եւ նորէն սկսի բարձրանալ. եթէ մէկ կանգուն բարձրանար՝ չորս ամիս կսպասէր։ Հիմայ որ բաւական բարձրացած է՝ դարձեալ կսպասէ, որ պատուհաններու համար ապակի ճարեն ու բերեն։ Այս ընթացքով յուսալի է, որ մէկ֊երկու տարիէն յիշեալ վարժարանն աշակերտ պիտի կրնայ ընդունիլ ։

Եկեղեցիէն քիչ մը վեր թաղային սրճարանին դէմ խրճիթ մը կայ, ուր կդաստիարակուին թաղին աշակերտները, որոնց թիւը քսանըհինգ կամ երեսուն է։ Դպրոցին մէջ հետեւեալ դասերը կ ՚ աւանդուին։

Առաւօտէն մինչեւ կէս օր եկեղեցական երգերու վարժութիւն.

Կէս օրէն վերջը Քերական, Սաղմոս, Նարեկ եւ քիչ մ ՚ ալ պնակի վրայ գրավարժութիւն։

Այսու ամենայնիւ այս վարժապետը ննջեցեալի մը լուր առնելուն պէս՝ դասերը կթողու, ննջեցեալին կը դիմէ եւ ննջեցեալէն վերադառնալուն՝ աշակերտները ծեծելու կձեռնարկէ։ Ծեծի դասը շաբաթը երեք անգամ է եւ ան ալ երեկոյեան դէմ ։

Ս. Յովհաննէս Աւետարանիչ անուամբ եկեղեցի մը կայ հոս, որուն քարոզիչն ուրիշ մտմտուք չունի, եթէ ոչ սա՝ թէ ի՛նչպէս կարելի է քանի մը ամիսէն եպիսկոպոսութեան բարձրանալ։ Ամեն կիրակի քարոզ կը խօսի. ամեն քարոզին բնաբան կը դնէ Աւետարանէն մէկ պարբերութիւն մը եւ քարոզը կը վերջացունէ արեւելեան խնդիրով։

Հոս ալ թաղական խորհուրդն ուրիշ թաղական խորհուրդներու պէս կարեւորութիւն չտար վարժարանին, այլ կնայի, որ հարուստ ազգայիններէն մէկը մեռնի եւ անկէ երեք֊չորս հարիւր ոսկի փրցունելով անոր մարմինն եկեղեցւոյ մէջ թաղէ ։

Անհաւատալի չէ, որ երբեմն թաղականի անդամներէն մէկը իւր հարուստ բարեկամներէն մէկուն հետ խօսակցի այսպէս.

Բարեկամ, քեզի համար գեղեցիկ տեղ մը կայ ։

Ո՞ւր, Վոսփո՞ր ։

Չէ։ Կէտիկ փաշայի կողմը … ծովահայեաց գետին մը ։

Չեմ ուզեր։

Սքանչելի տեղ … երեկ քանի մը բարեկամներ կխօսէինք, ամենքս ալ քեզի արժանի տեսանք այդ տեղը։ Եթէ ես ստակ ունենայի՝ ես կ ՚ առնէի ։

Առնեմ ի՞նչ ընեմ, եղբայր ։

Եթէ մեռնելու ըլլաս՝ իմաց տուր ինծի, որ այս տեղը քեզի տանք … ։

Մեռնելէս ետքը գետինն ի՞նչ ընեմ ։

Թաղուելու համար, եղբայր ։

Հիմայ հասկցայ միտքդ. բայց ես դեռ մեռնելու միտք չունիմ ։

Ես ալ չեմ ուզեր որ հիմա մեռնիս. Աստուած չընէ։ Սակարկութիւնը լմնցունենք հիմայ. դուն երբոր ուզես՝ ա՛յն ատեն մեռիր, միայն թէ ստակը կանխիկ տուր, որ վարժարաննիս շինենք լմնցունենք ։

Բարձր ձայն ունեցող ժամկոչները մեծ յարգ ու պատիւ կը վայելեն թաղիս մէջ ։

Հոս 300 տուն կայ հայու։ Մեծ մասը կեսարացի է. ժողովրդեան մէկ մասին գործը սեղանաւորութիւն է, աննշան մաս մ ՚ ալ արհեստաւոր կգտնուի ։

Եթէ այս թաղին մէջ ժիր եւ գործունեայ մէկը տեսնես՝ ան ալ գաւառացի հայն է. բնիկ թաղեցին գործունէութենէ զուրկ է ։

Թաղեցին նշանաւոր է իւր անտարբերութեամբն, զոր ցոյց կու տայ ամեն խնդիրներու մէջ։ Հոս եթէ մէկու մը հագուստը կռնակէն քաշես առնես՝ ինչո՞ւս պէտք կ ՚ ըսէ եւ թող կու տայ, որ հագուստը առնեն տանին։

Հոս հարուստ եւ փոքր կուշտ մարդ չկայ շատ. աղքատն ու արբեցողն չափէն աւելի է ։

Եթէ հոս վարպետորդի մէկը գտնուի՝ ամբողջ թաղն մատի վրայ կ ՚ առնէ եւ ամիսներով ու տարիներով կխաղցունէ ։

Թաղեցիներն այն աստիճան վախկոտ են, որ եթէ քիչ մը բարձր ձայն հանես՝ ամենքն ալ կզարհուրին եւ կփախչին ։

Այստեղ ընկերական կեանք չկայ. իրենց ամենէն գլխաւոր զբօսանքն է զբօսարանի մը մէջ մտնել եւ իքի եիւզ խաղալ ։

Իգական սեռն ոչ գործ ունի եւ ոչ արհեստ. իր կեանքը քնանալով կամ պատուհաններու առջեւ նստելով կ ՚ անցունէ։ Պարոններէն եւ օրիորդներէն ոմանք գիշերները փողոցները կը շրջին եւ անմեղ սիրահարութիւններով ժամանակ կ ՚ անցունեն։

Այս թաղին մէջ կբնակի Փանոսեան, խմբագիր Մանզումէ ի, բայց չգիտցուիր, թէ թաղին վարժարանին վրայ ինչո՛ւ հոգ չտանիր։ Հոս կբնակին նաեւ քանի մը բժիշկներ, որոնցմէ մին անցեալները մինչեւ որ ստակը չառաւ՝ տունէն դուրս չելաւ աղքատ հիւանդի մը երթալու համար։ Հարուստներն ալ պարտաւոր են հոս նախ բժիշկին այցելութեան գինը ղրկել եւ ապա աղաչել բժիշկն, որ բարեհաճի գալ եւ իրենց հիւանդն … մեռցունել։ Այն ատեն բժիշկը վազելով կ ՚ երթայ ։

Հոս է Վարդովեանի թատրոնը, որ ձմեռուան եղանակին մէջ ներկայացումներ տալով ժողովուրդը կկրթէ։ Քանի մը ատենէ ի վեր հայերէն ներկայացումներն արգիլուած ըլլալով Բ. Դրան կողմէ՝ միայն տաճկերէն լեզուով ներկայացումներ կտրուին։ Թաղեցին ալ վախէն հայերէն չխօսիր, որ Բ. Դռնէն դիտողութիւն մը չըլլըուի իրեն ։

Այս թատրոնէն օգուտ քաղելով քանի մը խաբեբաներ՝ չորս կանգուն երկայնութեամբ եւ մէկ ու կէս կանգուն լայնութեամբ յայտարարութիւններ կհրատարակեն, փառաւոր ներկայացում, սքանչելի ներկայացում, խիստ շքեղ ներկայացում, արտաքոյ կարգի ներկայացում, ներքոյ կարգի ներկայացում եւ այլն ըսելով խեղճ ժողովրդեան քթէն կբռնեն եւ անճոռնի ներկայացումներ տալով ժողովրդեան քսակը կպարպեն։ Հոս թատրոնի դռնապանն հեղինակ կ ՚ ըլլայ եւ ողբերգութիւն մը կգրէ՝ եթէ առաւօտ մը քսակին մէջ ստակ չգտնէ։ Թատրոնի տեսարանին վրայ փառաւոր ներկայացումներ տրուած են շնորհիւ Վարդովեանի անդուլ աշխատութեանը, բայց տեսարանէն դուրս օթեակներու մէջ ալ ներկայացումները պակաս չեն եղած։ Քիչեր են, որ թատրոն կ ՚ երթան՝ ներկայացուած խաղը տեսնելու համար. շատերը օթեակներու մէջ կնային՝ իրենց փնտռած անձերը գտնելու համար ։

Երբ վարագոյրը բացուի՝ հանդիսականները ուժգին ծափահարութեամբ կ ՚ ողջունեն դերասաններն եւ իրենց երեսը կդարձունեն դէպի օթեակները. շատ անգամ ծափահարութիւն մը կլսուի այնպիսի վայրկենի մը մէջ, ուր բնաւ հարկ չկայ ծափ զարնելու։ Հանդիսականներէն ոմանք կ ՚ ըսեն.

Ի՜նչ անպիտան մարդեր կան. հիմա ծափահարութիւն ընելու ի՞նչ կայ ։

Եւ չեն գիտեր խեղճերն, որ ծափահարութիւն ընողն խաղին համար չըրաւ, այլ իւր սիրուհիէն ժպիտ մը կամ նշան մը առած ըլլալուն համար ծափ զարկաւ ։

Ընդհանրապէս ուրիշ թաղերէն ազգայիններ կու գան թատրոն։ Կէտիկ բաշացին շռայլութիւն կհամարի տարին անգամ մը թատրոն երթալը։ Եւ արդէն հոս բնակողներուն մեծ մասը ոսկւոյ միայն երկրպագութիւն կ ՚ ընեն եւ ոչ ուրիշ բանի։ Կան քանի մը հոգիներ, որ տարին անգամ մը կրնան թատրոնէն ներս մտնել, ան ալ եթէ յաջողին չքշուած պակաս ոսկիները թատրոնի տոմսավաճառին կլլեցունել։ Եթէ տոմսակավաճառն դիտողութիւն ընելով յայտնէ ոսկւոյ պակաս ըլլալն՝ սա՛ պատասխանը կ ՚ առնէ.

Եթէ մեր ոսկին պակաս է՝ ձեր տալիք խաղն ալ լման չէ ա՛ ։

Ուրիշներն ալ տնտեսագիտութեան համար իրենց ընտանիքները կ ՚ առնեն եւ փողոցի մէջ թատերաբեմին ետեւի կողմը կկայնին, որ անկից լսեն ներկայացումն. մէկ մասն ալ տոմսակավաճառի եւ կամ ուրիշ պաշտօնեայի մը հետ խօսքը մէկ ընելով՝ ձրի կմտնէ թատրոնէն, եւ Վարդովեան կը կարծէ, թէ այս անկարգութիւններուն առաջքն առնելով՝ դրամ պիտի վաստկի ։

Կէտիկ բաշայի դիրքը բարձր է եւ օդն ալ գէշ չէ. միայն թէ մարդս իւր տունէն մինչեւ որ շուկայ երթայ՝ հազար ու մէկ գոյն փոշիներու մէջ լողայ, եթէ լողալ չգիտնայ՝ խեղդուի ։

Be the first who will comment on this

Other parts of "Պտոյտ մը Պօլսոյ թաղերու մէջ"

Yatuk Music
Al Ailughs
Komitas

Al Ailughs

Constantinople
Constantinople
Play Online