Hakob Paronyan

Պտոյտ մը Պօլսոյ թաղերու մէջ

ԺԸ, ԺԹ, Ի

ԺԸ.
ԱՐՏԱՔԻՆ ՔՈՒՄ ՔԱԲՈՒ

Արտաքին Քում Քաբուն բոլորովին տարբեր է ներքին Քում Քաբուէն, ինչպէս որ ամեն մարդու ներքինն տարբեր է արտաքինէն։ Քում Քաբուի ներքինն օձ է, իսկ արտաքինն աղաւնի ։

Քում Քաբուի ներքինն օտարէն կփախչի, իսկ արտաքինն անոր կփակչի. օրինակի համար, երբ տեղւոյս նաւամատոյցին վրայ գտնուիս՝ բոլոր նաւավարներն շուրջդ կը պատեն եւ զգեստներէդ կը սկսին քաշել ու քաշքշել ըսելով.

Սամաթիա՞ պիտի երթաս, աղա. եկու տանիմ ։

Եկուր երթանք, պարո՛ն ։

( Ականջդ ի վար ) Ո՞ւր պիտի երթաս, բարեկամ ։

Դուն անոր ականջ մի՛ կախեր. անոր նաւակը ծակ է, տակէն ջուր կ ՚ առնէ ։

Մտի՛ր, աղա, մտի՛ր. մէկ հոգի կ ՚ ուզեմ, եկուր շուտ մը երթանք ։

Փառք տուր Աստուծոյ, եթէ առանց զգեստդ պատառուելու կամ մէկ կողմդ կոտրուելու՝ կարողացար նաւակի մը մէջ նետել ինքզինքդ. իսկ ընդհակառակն, եթէ նաւակ չմտար եւ յետ դառնալ որոշեցիր՝ ականջներդ բաց եւ մտիկ ըրէ հետեւեալ ուղերձներն, որք յետեւէդ կուղղուին ։

Թո՛ղ տուր, պէ՛. նաւակ մտնելու դրամ չունի ։

Ինչո՞ւ չունենայ … տնտեսագիտութեան դար է հիմա. տապանակ ուխտի ով ( քալելով ) աւելի շուտ կ ՚ երթայ ։

Աղա, կօշիկներդ թեւիդ տակն առ, որ չպատռին ։

Ոտներդ ալ կռնակիդ վրայ դիր, որ չյոգնին ։

Թաղիս ազգայիններն գրեթէ ընդհանրապէս կա՛մ ձկնորս են, կա՛մ նաւավար, կամ ջրհանկիր եւ երբեմն ալ երեքն միանգամայն են ։

Ասոնք ուրիշ թաղերու ազգայիններու պէս չեն, որ կարծեն թէ քաղաքական խնդիրները լուծուելուն պէս՝ Պիզմարք իշխանը պիտի գայ եւ իրենց հացագործին ստակը պիտի տայ. ուստի քաղաքական գործերու վրայ խօսելով չեն անցուներ իրենց ժամերը։ Ասոնց ներքին կացութիւնը այն ատեն կխանգարուի, երբ տանը տիկինը հիւանդանայ, եւ արտաքին գործերն ալ այն ատեն կը վատթարանան, երբ Ամբակում եղբայրն տկարութիւն ունենայ եւ չկարենայ գործի երթալ։ Երբ նաւակին թին կը կոտրուի՝ Ամբակում եղբօր համար նաւային ցոյց ի նշան է, իսկ երբ նաւակը խորտակուի՝ արտաքին միջամտութեան նշան է. այլ երբ անառակին մէկն իւր կնկանը սիրտը գրաւել փորձէ՝ պատերազմ կը հրատարակէ եւ թող չտար, որ ուրիշ մը իր երկրէն մաս մը գրաւէ առանց արիւնհեղութեան ։

Թաղիս ազգայիններն քաջ են. յետեւէդ չեն ըներ այն խօսքը, զոր չեն համարձակիր երեսդ ի վեր զրուցելու։ Հաւատարիմ են իրանց խոստմանը. եթէ խոստանան քեզ ապտակ մ ՚ իջեցնելու՝ անմիջապէս կգործադրեն զայն ։

Ասոնք դպրոցասէր եւ եկեղեցասէր են. առանց ուսումնական ըլլալու՝ ուսման յարգը կը ճանաչեն եւ իրենց զաւակներու կրթութեանը համար կու տան իրենցմէ պահանջուած գումարը, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյն պայծառութեանը համար չեն զլանար իրենց լումայն ։

Ո՛չ նարտ կը խաղան եւ ո՛չ թուղթ. գիշերները զբօսանքի կամ մարմնամարզութեան համար երբեմն իրենց կիները կը ծեծեն ։

Խմելով կխմեն օղին ։

Կիներն ալ ճիշտ այրերու պէս են աշխատասէր եւ անկեղծ։ Ասոնց ներքինն շատ պարկեշտ է, իսկ արտաքինն, որ այլանդակ հագուստներով կներկայանայ՝ ներքինին հակապատկերն է։ Թէեւ իրենց թեւերը, կուրծքերը եւ սրունքները բացած փողոցի մէջ լաթ կփռեն, սակայն դարձեալ վերադասելի են այն շատ մը կիներուն, որք գոց թեւերով, կուրծքով եւ սրունքներով տան մէջ լաթ կը փռեն։ Այս կիները շատ անգամ իրարու հետ կը ծեծուին եւ կը հաշտուին ։

Ասոնք ուրիշ կիներու վրայ սա առաւելութիւնն ալ ունին, որ ազգը շատցնելու համար մեծ զոհողութիւն, անձնանուիրութիւն կ ՚ ընեն. իւրաքանչիւր կինն առ նուազն տասնվեց տղաներէ մայր կոչուելու պատիւն ունի ։

Երկու հարիւրի մօտ տուն կայ։ Այս գումարը տասնեւութով բազմապատկելով՝ կ ՚ ունենանք երեք հազար վեց հարիւր հոգի։ Տէր Աստուած աճեցուսցէ եւ բազմացուսցէ ։

Ներքին բերքն է ընտիր հայհոյութիւն ։

ԺԹ.
ՀԱՍԳԻՒՂ

Այս գիւղն իրաւունք ունի պարծենալու այն մեծ տուներովն, որոնց մէջ ամիրաներ կբնակէին ժամանակաւ եւ որք այժմ զօրանոց եղած են մուկերու։ Հարկ չէ, կարծենք, կրկնել, թէ ամիրաներու յաջորդեցին մուկերն, եւ հետեւապէս, մուկերը կգործեն այժմ՝ ինչ որ կգործէին երբեմն ամիրաները ։

Կենդանութեան նշան տուած ըլլալու համար միայն այս թաղը միշտ շարժման մէջ է. շարժում՝ որ կկայանայ թաղական փոխելու, հոգաբարձութիւն ընտրելու, դասատու փոխելու եւ երբեմն ալ պատրիարք փոխելու մէջ ։

Թաղեցին միապետութեամբ կկառավարուէր՝ երբ Բարմաք Քաբուի բնակիչները թաղականի պաշտօն կը վարէին։ Ուրիշ փողոցներու բնակիչները չէին կարող թաղական ընտրուիլ. որովհետեւ Բարմաք Քաբ ույ ի աղաներն, վեց տարի թաղականութիւն ընելէն ետքը, երբ օրինաւորապէս հրաժարէին՝ իրենց գահաժառանգ զաւակները կբազմեցունէին այն աթոռին վրայ, որ թաղական կկոչուի եւ որուն վրայ նստիլ շատերը կփափաքին։ Իսկ երբ Պօղոս պատրիարքին օրով մեծ յեղափոխութիւն տեղի ունեցաւ՝ միապետական կառավարութիւնն փոխուեցաւ հանրապետականի։ Այս թուականէն ի վեր կօշկակարներն եւ ջրհանկիրներն են, որ մեծ ազդեցութիւն կբանեցունեն թաղականի ընտրութեան վրայ։ Միապետական կառավարութեան ատեն թաղականը վեց տարի պաշտօն կը վարէր եւ չէր գործեր ոչինչ, իսկ հանրապետութեան ատեն թաղական մը հինգ օրէն աւելի չէ կարող պաշտօն վարել։

Թաղեցին արդարեւ կշարժի՝ բայց երբ զայն շարժող գտնուի. եթէ ինք իր գլխուն ձգելու ըլլաս՝ տարիներով կքնանայ։ Թաղիս մէջ շարժող երիտասարդներ շատ կը գտնուին, երբ խնդիրն այնպիսի բանի մը վրայ ըլլայ՝ որու մէջ անձնական կիրք շատ գտնուի եւ դպրոց բնաւ չգտնուի։ Երբեմն Ներսէսեան վարժարանն ընկերներուն նախանձը կյուզէր, իսկ այսօր ընկերներուն վրայ նախանձելու տրամադիր է։ Ժամանակաւ գեղին հր եա ներէն եւ տաճիկներէն աշակերտ կ ՚ ընդունէր, իսկ այսօր անոնց վարժարաններուն աշակերտ կու տայ։ Այն ատեն թաղեցին ուրի՞շ սիրտ ունէր։ Շատ հաւանական է ։

Գիւղիս ազգայինները մեծ ջանք ցոյց կու տան առաջքն առնելու համար այն վնասին՝ որ նիւթական է. իսկ մեծ անհոգութիւն կը ներկայացնեն այն վնասին՝ որ բարոյական է, չգիտնալով անշուշտ որ բարոյական վնասէն ալ կծագի նիւթական վնաս, ինչպէս որ բարոյական շահէն ալ կը ծագի նիւթական շահ կ ՚ աղաչեմ, մի՛ բարկանաք, տէր երեսփոխաններ։ Այսպէս, երբ թաղին մէջ հրդեհ պատահի՝ ամբողջ թաղեցին տունէն դուրս կը վազէ եւ կրակը մարելու համար կարողութենէն վեր կաշխատի. իսկ երբ վարժարանն բարոյապէս մոխիր դառնայ՝ ոչ մէկ թաղեցին գլուխը պատուհանէն դուրս չհաներ։ Թաղեցւոյն ուշադրութիւնն վարժարանին վրայ հրաւիրելու ամենէն դիւրին եւ կտրուկ ճանբան. վարժարանը նախ կազով թրջելու է եւ լուցկիով մը բռնկցնելու է զայն. ամբողջ թաղեցին գիշերազգեստով կը վազէ վարժարան եւ կրակը մարելու կ ՚ աշխատի։ Մոռնալու չէ սակայն, որ Հասգիւղցին լուցկիի պէս մէկէն ի մէկ հայրենասիրութեամբ կը վառի, կը բորբոքի երբեմն. եթէ այս բորբոքումէն անմիջապէս օգուտ քաղես՝ կրնաս իրմէ ստակ հաւաքել, մանրերկրորդ մը անցնելուն պէս՝ Հասգիւղցին կը մարի. Վիէննայի ամենէն գէշ լուցկիներուն տեսակէն է Հասգիւղցին, բռնկիլն ու մարիլը մէկ է. մինչեւ իսկ երբեմն սիկառ մը վառելու համար անոնց քսան հատը մէկէն բռնկցնելու է ։

Այսօր հինգ վարժարան կայ գիւղիս մէջ … մրցումն որպէս թէ յառաջադիմութիւն պիտի արտադրէր … հինգ վարժարանէն աշակերտ մը չելներ տարին ։

Հասգիւղցին ինքնիրմէ բանի մը ձեռնարկելու յանդգնութիւն չունի, իսկ երբ գրգռող մը ըլլայ՝ այն ատեն ծայրայեղութեան կդիմէ ։

Լուսաւորեալ երիտասարդներ կան հոս, որք իրարու հետ երկար ատեն բարեկամ չեն կրնար մնալ։ Ասոնց բարեկամութիւնն շաբաթ մը միայն կտեւէ եւ այս պայմանաժամը լրանալուն պէս իրարմէ կբաժանուին։ Ես ասոնց բարեկամութիւնն գէշ չուխայէ շինուած բանթալօն ի կը նմանցեմ. շաբաթէ մը կը մաշի եւ օր մ՚ալ քիչ մը ուժով նստելուդ պէս՝ երկուքի կը բաժնուի եւ շապիկդ յետեւէդ կ՚երեւայ։ Բանթալօն ին այս կերպ բաժնուելուն ընդհանրապէս կ՚ըսեն. « բանթալօն ս բացուած է ». Հասգիւղցին ալ երբ իր մէկ բարեկամէ բաժնուի՝ կ ՚ ըսէ. « մենք բացուած ենք »։ Իսկ Հասգիւղի մէջ մտերիմ բարեկամ կը ճանչցուի այն մարդն՝ որ իւր ընկերին ուրիշէ մը գանակոծումը կը տեսնէ եւ չտեսնելու համար ճանբան կը փոխէ։ Երբ այս մարդուն յանդիմանես իւր կամաւոր կուրութիւնն՝ քեզի կպատասխանէ.

Իմ սիրտս փափուկ է. երբ կտեսնեմ որ բարեկամներէս մին ցաւ ունի՝ սիրտս գէշ կ ՚ ըլլայ ։

Եթէ այս պատասխանով գոհ չըլլաս՝ ուրիշ մ ՚ ալ կու տայ քեզ.

Եղբայր, ես ազատամիտ մարդ եմ, կարծիքներու ազատութիւնը կյարգեմ ։

Հասգիւղցին ո՛չ շողոքորթ է, ո՛չ կեղծաւոր եւ ոչ ազատախօս. բարեխառն բարք մ ՚ ունի ։

Յարատեւութիւնը հոս միմիայն վէճ յարուցանելու մէջ կգտնուի ։

Ասոնք երբ շոգենաւ նստին՝ նախ կխօսին սոխի վրայ, ետքը խնդիր կյարուցանեն փայտի վրայ եւ վերջը հարցապնդումներ կ ՚ ընեն ածուխի վրայ. մինչդեռ հրեայն դրամներու գիներուն վրայ կը խորհրդակցի եւ յոյնը վաճառականութեան վրայ ։

Գեղիս կիներն ընդհանրապէս գեղեցիկ են, պարկեշտ եւ միանգամայն ազատ։ Ասոնք կաշխատին կա՛մ մետաքս քաշելով կամ զինուորականի ճերմակեղէն կարելով։ Պտոյտը շատ կսիրեն։ Հոս միայն ապօրինաւոր ամուսնութիւններ տեղի կ ՚ ունենան. օրինաւոր ամուսնութիւնն արգիլուած է, եւ գիւղը լի է ամուրիներով։ Ամեն անոնք, որ աղջիկ կփախցունեն՝ հոս կու գան ապաստանելու ։

Հազարի չափ տուն կայ հայու. եթէ իւրաքանչիւր տունէն ամեն օր մէյմէկ հոգի թաղային խնդիր յարուցանէ՝ ամեն օր 2, 77 խնդիր կ ՚ ունենայ թաղը ։

Ներքին բերքն է մայրապետներ եւ հայրապետներ ։

Բժիշկները շատ կը գովեն գեղիս օդը. բժիշկներու վկայութենէն կրնաք մակաբերել անշուշտ, որ գիւղս առատ հիւանդներ կմատակարարէ Ասկղեպիոսի աշակերտներուն ։

Ի.
ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻ

Նախ եւ առաջ խօսինք այս կղզւոյն մէկ հրաշագործութեանը վրայ, որուն ականատես եղած են շատերը։ Այս հրաշագործութեան վրայ խօսելով՝ մեր նպատակն է ծառայութիւն մը մատուցանել ամեն անոնց, որք կը փափաք ին կղզւոյս մէջ գետին ծախու առնել ։

Գիտնալու էք, որ կղզւոյս մէջ գետինները շարժուն են եւ կը քայլեն ։

Մենք այդ հրաշքին չենք հաւատար ։

Թերահաւատ էք ուրեմն ։

Թերահաւատութիւնն չենք ընդունիր ։

Շատախօսութիւն ընելու ժամանակ չունիմ. ըսածս ապացոյցներով եւ կենդանի վկաներով կարող եմ հաստատելու։ Այո՛, գետինները կքալեն. ուստի անոնք որ կղզւոյն հարաւային կողմը գետին ունենալ կ ՚ ուզեն՝ պարտաւոր են հիւսիսային կողմէն գետին ծախու առնել. քանի մը օրուան մէջ այդ գետինը դէպ ի հարաւ ճանբայ կելնէ։ Անոնք որ ծովեզերքին վրայ գետնի տէր ըլլալ կ ՚ ուզեն՝ ծովու մէջ քանի մը հազար կանգուն գետին առնելու են. շաբթուան մը մէջ այդ գետինը ծովեզերքին վրայ կու գայ կհաստատուի։ Սա ալ մտքէ հանելու չէ, որ եթէ գետին մը ծախու առնելու ըլլաս՝ չորս կողմը պատ քաշելու ես, վասն զի եթէ պատով չշրջափակես զայն՝ այնչափ կքալէ որ ծովէն անցնելով Քարթալ կ ՚ երթայ եւ երբեմն ալ այնչափ կ ՚ երթայ, որ բոլորովին անտեսանելի կ ՚ ըլլայ ։

Բայց ի՞նչպէս կը քալեն այս գետինները. բնաւ հաւատալիքս չգար ։

Եթէ չես հաւատար՝ փորձի համար քանի մը հարիւր կանգուն տեղ առ եւ կը հաւատաս ։

Ուրեմն այդ գետինները քալեցնո՞ղ մը կայ ։

Չգիտեմ, բայց բարեկամներէս մին կ ՚ ըսէր, թէ կղզւոյն գետիններն անիւի վրայ դրուած են. կրնաս զանոնք տանիլ՝ ուր որ ուզես ։

Այդ անիւը դարձնո՞ղ մը կայ արդեօք ։

Հարկաւ ։

Այդ դարձնողը կրնա՞ս ինձի ներկայացնել ։

Ի՞նչ պիտի ընես ։

Պէօյիւք տէրէ տուն մը ունիմ այնպիսի թաղի մը մէջ, որ բնաւ յարգ չունի. եթէ այդ մարդն իմ տունս Պէօյիւքտէրէի ծովեզերքն քալեցունէ՝ հազար ոսկի կու տամ իրեն։ Կը քալէ՞ արդեօք ։

Կղզւոյն մէջ ոչ միայն կը քալէ, այլ կը վազէ. բայց չգիտեմ թէ Պէօյիւք տէր էյ ի մէջ ալ կքալէ ։

Շատ բան, շատ բան, գետինին ալ քալելը բնաւ լսած չունէի. ըսել է թէ այդ կղզւոյն բնակիչներն չեն շարժիր, կը պառկին եւ կը քնանան ։

Ինչո՞ւ ։

Վասնզի այդ երկրին մէջ, ուր գետինը կշարժուի՝ մարդերը պարտաւոր են չշարժուիլ ։

Թողունք ա՛լ այս շարժման խնդիրն եւ դառնանք կղզւոյն։ Այս կղզւոյն վրայ կատարեալ ծանօթութիւն մը տալու համար՝ կյիշեմ քեզ բժշկի մը պատասխանը, զոր տուած է շոգենաւի մէջ իւր մէկ բարեկամին, որ Գընալը կ ՚ երթար։ « Կը զարմանամ թէ Գընալըին ինչո՛ւ այսչափ կարեւորութիւն կը տրուի, ըսաւ բժիշկը. հոն ուրիշ բան չկայ՝ եթէ ոչ չընար մը եւ Ասապա էֆէնտի մը »։ Ասապա էֆէնտին, որ ազգային երեսփոխան ալ է՝ կղզւոյն պետն է։ Ով որ ցաւ կամ դատ ունի՝ անոր կդիմէ, որ խրատելով եւ հաշտեցունելով յետ կը դարձունէ զանոնք։ Կղզւոյն մէջ ամենէն կը յարգուի իբրեւ երիցագոյն բնակիչ եւ հիւրասէր մարդ մը, որ Թաղական Խորհրդոյ ալ անդամ է ։

Ասապա էֆէնտիին ալ գետինները կը քալե՞ն ։

Չէ՛, անոր գետինները ծոյլ են, բնաւ չեն շարժիր եւ կը մնան ուր որ են ։

Կիրակի առաւօտները չընար ին տակը կ՚երթան կղզւոյն բնակիչները, որք ձմեռը քառասուն տունէ եւ ամառը վաթսուն֊եօթանասուն տունէ կը բաղկանան։ Հոս ձմեռը երեսունի չափ տուն կայ հայու։ Անցեալները կղզեցւոյն եւ թաղականին մէջ վէճ մը ծագեցաւ, որ հաշտութեամբ վերջացաւ։ Երեսուն աշակերտի համար երկու վարժարան կայ, մին թաղային եւ միւսը մասնաւոր։ Թաղային վարժարանը կկառավարուի բարի քահանայէ մը, որ եկեղեցւոյն ալ քահանան է, եւ աշխատող դասատուէ մը, որ եկեղեցւոյն ձայնաւորն է։ Այս վարժարանին մէջ Եղիշէն թարգմանող աշակերտներ կան, ինչպէս նաեւ աւետարանը հասկցող աշակերտուհիներ։ Մասնաւոր վարժարանին ալ դասատու տնօրէններն են երկու պարկեշտ եղբայրներ, որք կմրցին թաղային վարժարանին հետ։ Երեսուն աշակերտի համար երկո՛ւ վարժարան… յառաջադիմութեան նշան չէ՞ այս…

Կղզւոյն բնակիչներն եկեղեցի չեն երթար. անոնց միայն մտմտուքն է, թէ ի՛նչպէս կարելի է տասը բարա արժէք ունեցող մէկ բանը քառասուն բարայի ծախել։ Ամառուան եղանակն անցունելու համար կղզի գնացողներուն ալ միայն մտմտուքն է, թէ ի՛նչպէս ընեն, որ կղզւոյն բնակիչներուն հետ առեւտուր չընեն։ Ասոր համար է որ անոնք իրենց միսը, եղը, պանիրը, հացն եւ ջուրը Պօլիսէն կը տանին իրենց հետը ։

Հոս բնաւ շուն չկայ. փողոցներու մէջ կատուները կը պտըտին եւ տուներու մէջ ալ մուկերը։ Կղզւոյն մէջ առատ կով կայ. բաւական էշ ալ կգտնուի, ինչպէս նաեւ այծեր։ Այս կովերն, էշերն եւ այծերն կանաչ խոտ եւ ծառ չեն թողուր կղզւոյն մէջ։ Եթէ լուսին չեղած գիշեր մը կղզւոյն մէջ պտըտելու ելնես՝ կովերը մազերդ կփրցունեն, մարգագետին կարծելով գլուխդ. մէկ կողմէ դուն կքալես միւս կողմէն ալ կովը մազերդ կը կտրէ ։

Կովը չհասկնար, թէ մարդ ես ։

Գիշերը ի՞նչպէս պիտի հասկնայ ։

Քալելէդ չ՞ը հասկնար ։

Կարծեմ յիշողութիւնդ շատ տկար է. քիչ մը առաջ չըսի՞նք որ գետիններն ալ կը քալեն հոս ։

Բնիկ կիները գեղջկական կեանք կը վարեն. ո՛չ պճնասիրութիւն գիտեն, ո՛չ բամբասանք եւ ոչ արտասահման պտոյտ ։

Օդափոխութեան համար ուրիշ թաղերէն եկողներն ալ ծովեզերքին վրայ պտըտելէն եւ կօշիկ հինցունելէն զատ՝ գործ տեսած չունին։ Ծովեզերքի վրայ շաբաթ եւ կիրակի իրիկունները շատ բազմութիւն կ ՚ ըլլայ։ Այս հրապարակն բոլոր միւս գեղերու հրապարակներէն ամենէն պարկեշտն է ։

Կղզւոյն օդն այնչափ մաքուր եւ առողջարար է, որ եթէ բժիշկ մը գայ հոն՝ երկու օրուան մէջ կմեռնի … անօթութենէն ։

Be the first who will comment on this

Other parts of "Պտոյտ մը Պօլսոյ թաղերու մէջ"

Yatuk Music
Lullaby for Mum
Elen Yolchyan

Lullaby for Mum

Constantinople
Constantinople
Play Online