Hakob Paronyan

Պտոյտ մը Պօլսոյ թաղերու մէջ

ԺԲ, ԺԳ, ԺԴ

ԺԲ.
ԻՒՍԿԻՒՏԱՐ ԵԷՆԻ ՄԱՀԱԼԷ

Լսած էք անշուշտ, որ ախտ մը կայ, որու անունն է ինձի մի՛ դպչիր, բայց չէիք իմացած հարկաւ, որ այդ ախտն այս թաղին մէջ ծնունդ առած է ։

Հիմայ հասկցաք ա՛լ, որ այս թաղին մատ դպցունելու չէ՝ եթէ չէք ուզեր աւելի եւս վատթարացունել զայն ։

Մեր ուշադրութենէ վրիպելու չէ, որ եթէ այս թաղին աղաներուն դպչելու չըլլաք՝ թաղին բոլոր իրաւունքներն օտարի կծախեն. իսկ եթէ դպչելու ըլլաք՝ ազգին իրաւունքներն օտարի կու տան. ահա դպչելու եւ չդպչելու տարբերութիւնն ։

Փոքրիկ պատմութիւն մը ընենք հոս ։

Բաւական տարիներ առաջ, տեղւոյն յոյները գերեզմանատուն չունենալով հոն՝ կը փափագին աժան գնով ծախու առնել գետին մը, ուր թաղել կ ՚ ուզէին իրենց ննջեցեալները ։

Թաղին քանի մը հայ աղաները յոյներու այս դիտաւորութիւնը լսելով՝ անոնց հետ բանակցութեան կմտնեն ։

Իմացանք, որ թաղիս մէջ տեղ մը կը փնտռէք եղեր ձեր ննջեցեալները թաղելու համար ։

Այո՛, անանկ միտք մը ունինք ։

Այս մասին մեր ձեռքէն եկած ծառայութիւնը չենք զլանար ձեզի. երկու եկեղեցիներն արդէն քոյր֊եղբայր են, իրարու շատ կնմանին, երկուորեակ են կարծես …

Շնորհակալ ենք ։

Քոյրն եղբօրն վրայ կխենդենայ ։

Ողջ ըլլայ ։

Ըսէ՛ք մեզի հիմայ, դուք ո՞ր կողմ կ ՚ ուզէք գետին ունենալ ։

Մենք կ ՚ ուզենք, որ ձեր գերեզմանատանը կէսը մերն ըլլայ ։

Այդ ըլլալու բան չէ, ատոր խօսքը մի՛ ընէք …

Ինչո՞ւ. քոյրն իւր եղբօրն այս ծառայութիւնը չկրնա՞ր ընել ։

Անկարելի է ։

Ինչո՞ւ անկարելի ըլլայ. ատկէ դիւրին ի՞նչ կրնայ ըլլալ …

Մեր գերեզմանատունն ի՞նչպէս ձերինը կրնայ ըլլալ …

Գիշերուան մը մէջ մեր Պալըքլըյի գերեզմանատունէն գերեզմանաքարեր բերել կու տանք, կը դնենք, եւ հետեւեալ օրը կ ՚ ըսէք, թէ յոյները մաս ունին եղեր մեր գերեզմանատան մէջ ։

Ատանկ բան մը կարո՞ղ ենք ընել ։

Կարո՜ղ էք հապա. դուք թաղին երեւելիներն էք, մեծերն էք. դուք ամբողջ թաղն ալ կրնաք ծախել ։

Հապա մեր խի՜ղճը …

Խիղճն ասանկ գործերու մէջ մտնելու իրաւունք չունի. խղճին ապտակ մը կը զարնէք դուրս կը վռնտէք … կամ թէ ձեր խղճին քանի մը ոսկի կու տաք …

Իրաւունք ունիք. խղճին դպչելու բան մը չկայ հոս. մեր ըրածը գողութիւն չէ, սպանութիւն չէ. եղբայրն իւր քոյրէն գետին կ ՚ ուզէ, եւ քոյրն ալ կու տայ. ասոր ո՞վ կրնայ բան մը ըսել … ։

Խղճի վերաբերեալ խնդիր չէ աս … փառք Աստուծոյ, ձեր ըրածը գողութիւն չէ. ազգին մէկ կալուածէն մեզի ալ բաժին պիտի հանէք։ Աւետարանը կ ՚ ըսէ. երկու շապիկ ունեցողն մէկն ընկերին տալու է. եւ որովհետեւ դուք հոս մէկ գերեզմանատուն ունիք՝ պէտք է որ կէսը մեզի տաք … Աստուածահաճոյ գործ մ ՚ է աս ։

Մեզի ալ այնպէս կթուի …

Ձեր այս աստուածահաճոյ գործին համար վարձատրութիւն ալ պիտի ընդունիք …

Չէ, չէ, մենք կաշառքով գործ չենք տեսներ ։

Կաշա՞ռք … Աստուած չընէ ։

Չենք ուզեր որ ըսեն, թէ աղաները ստակ կերած են ու ազգին տեղն ուրիշին ծախած են ։

Մենք ալ չենք ուզեր ։

Ինչո՞ւ բամբասուինք ։

Ինչո՞ւ բամբասուիք … ես վարձատրութիւն բառը գործածելով՝ հասկցնել ուզեցի, թէ Աստուծոյ կողմը պիտի վարձատրուիք …

Ատոր ըսելիք չունինք. բայց կաշառք չենք ընդունիր։ Ուրիշ բան է, եթէ դուք մեր տեսած գործէն գոհ ըլլաք եւ ձեր շնորհակալութիւնն յայտնելու համար մեզի դրամական նուէր մը ընէք … նայէ, ատոր ըսելիք չունինք, իբրեւ նուէր կ ՚ ընդունինք. բայց իբրեւ կաշառք՝ բնաւ երբէք. ատ մեր պատւոյն կդպչի ։

Շատ լաւ. մնաք բարով ։

Երթաք բարով ։

Քանիմ ՚ օրէն կտեսնուինք ։

Քանիմ ՚ օրէն ետքը յունական տապանաքարեր կտեսնուին մեր գերեզմանատան մէջ. ժողովուրդն իրար կ ՚ անցնի ։

Իմացա՞ր, պ. Կարապետ ։

Չիմացայ. ի՞նչ կայ ։

Մեր գերեզմանատան մէջ յունաց քարեր կան ։

Անկարելի է ։

Ես տեսայ ։

Թերեւս մեր քարերը յունարէնի թարգմանած են ։

Ժողովուրդն աղաներու կը դիմէ ։

Աղանե՛ր, ինչո՞ւ նստած էք ։

Ի՞նչ ընենք հապա ։

Գերեզմանատունը երթալու վրայ է ։

Ո՞ւր ։

Չգիտենք ուր … յունաց քարեր կան ։

Օրհնեալ ժողովուրդ, առաջուց չկայի՞ն այդ քարերը ։

Չկային ։

Մեր գիտցածին նայելով՝ այդ քարերը շատուց ի վեր կային հոն, եւ յոյներն իրաւունք ունին այդ գետնի վրայ ։

Ժողովուրդը կյուզուի. գերեզմանատան մէջ կռիւը կսկսի. յիսունէն աւելի հայ երիտասարդներ կբանտարկուին, եւ ազգը մեծ դժուարութեամբ կարող կ ՚ ըլլայ առնելու գերեզմանատան կէսը յոյներէն՝ որք ամբողջ գերեզմանատունը կլնել կ ՚ ուզէին։ Հոս կը վերջանայ այն փոքրիկ պատմութիւնն, որ այն ատեն մեծ յուզում պատճառած է ժողովրդեան մէջ ։

Թաղականութիւնը հոս մենաշնորհ մ ՚ է քանի մը անձերու, որք քսան տարիէ ի վեր իրենք զիրենք կ ՚ ընտրեն, ամեն տարի հրաժարական կու տան, նորէն կ ՚ ընտրուին, դարձեալ կհրաժարին, վերստին կ ՚ ընտրուին։ Ասոնց քաղաքականութիւնը միապետական է. խեղճ Սահմանադրութիւնը ինքզինք կպատռէ եւ դարձեալ չէ կարող իւր ձայնը լսելի ընել։ Թաղական խորհուրդն ուզածին պէս կկառավարէ վարժարանն, որ այժմ անդրջրհեղեղեան կարգի դպրոց մը կրնայ համարուիլ։ Ճեմարանն այն աստիճան հինցած է, որ ամենաթեթեւ հով մը փչած ժամանակ երկրպագութիւն կ ՚ ընէ։ Եկեղեցին բաւական հարուստ ըլլալով՝ կարող էր իւր թաղին վարժարանին ծախքերը հոգալ՝ եթէ Աստուած կամենար … ։ Թաղեցին այս մասին բոլորովին անհոգ է. իմին ինչո՞ւս պէտք. թաղական խորհուրդն հարկաւ իրաւունք ունի որ, կ՚ըսէ, այսպէս կը վարուի։ Ազնուապետական մասը թաղական խորհրդոյ համամիտ է ամեն խնդիրներու մէջ, եւ այս մասն պատարագի ժամանակ երկու անգամ, առաքելոց ֊ին եւ օրհնեալ եղերուք ֊ին, թաղական խորհրդարանը կ ՚ երթայ, սիկար քաշելու եւ խահուէ խմելու. եթէ երբեմն այս մասէն մին մոռնայ թաղական խորհրդարանն երթալու եւ խահուէ խմելու՝ թաղականէն ժամակոչ մը կղրկուի եկեղեցին եւ իմաց կտրուի այդ աղային, որ խահուէն պաղած է, հրամմէ թող խմէ ։

Եկեղեցւոյն մէջ առաջին փնտռուելիք բանն է իրենց համար՝ փառաւոր ձայնաւորներ ունենալ. ասոնք կ ՚ ուզեն, որ իրենց ձայնաւորին ձայնը Գատը գեղէն ալ լսուի, որ այդ գեղէն ալ ժողովուրդ գայ իրենց եկեղեցւոյն ։

Եէնի մահալէն երկուքի բաժնուած է, վերին Եէնի մահալէ եւ ստորին Եէնի մահալէ, եւ Եէնի մահալէ նոր թաղ կոչուելուն բուն պատճառն ալ թաղին հին ըլլալն է ։

Վերին Եէնի մահալէն բոլորովին ազնուապետական է. ամեն մարդու հետ տեսնուելու չզիջանիր։ Ողիմպոսի աստուածներուն հետ միայն տեսնուելու արժանի կհամարին զիրենք։ Այս մասն, ինչպէս ըսինք՝ իւր կարծիքը թաղական աղաներուն տուած է եւ բնաւ բանի մը չխառնուիր. միայն կխառնուի այն խնդիրներուն, որոնք աղէկ միսի, կարագի, բանջարեղէնի, գինիի, օղիի եւ վերջապէս մարմինը ուռեցնելու արհեստին հետ կապակցութիւն ունին ։

Ահաւասիկ վերի թաղին բնակիչներէն մէկուն խօսակցութիւնն Սէլամսըզցիի մը հետ.

Էֆէնտի, այսօր ազգային ժողով գացի՞ր ։

Երթալու միտք չունէի. բայց այդ կողմէն միս առնելու ստիպուած ըլլալով՝ քիչ մը ներս նայեցայ ։

Ի՞նչ կար ։

Շուն շանորդիները պատուական միս կը կտրեն կոր …

Ազգային ժողովին համար ըսի …

Վեց ու կէս օխա առի, բայց ասանկ ընտիր միս …

Երեսփոխանները ամբողջ եկա՞ծ էին ։

Բաշա լիմանի գինիով ի՞նչ աղուոր կ ՚ երթայ, գիտե՞ս ։

Եղբայր, ազգային ժողովոյ մէջ ի՛նչ խօսեցան այսօր ։

Ի՞նչ գիտնամ, եղբայր … փորձա՞ծ էք, ոչխարի միսէն պիֆթէք կշինուի՞ մի ։

Իմ խօսքի՛ս պատասխանէ ։

Ի՞նչ պատասխանեմ. ես գիտե՞մ ինչ խօսեցան։ Երեսփոխանին մէկը դուրս ելած մէկուն կպօռար ըսելով, թէ ես քեզի պէս ազգին ստակները կերած չեմ եւ քեզմէ աղէկ օրէնք գիտեմ … աղէկ օրէնք գիտնալն ստակ չըներ, մարեան անանկ մէջ կկլլեցունեն որ… այսօր ինչո՞ւ համար քէֆալ չկար ։

Մնաք բարով ։

Երթաք բարով. գիշերը եկուր նարտ խաղանք ։

Տեղս հեռու է, մնաք բարով ։

Վերի թաղին իգական սեռը գեղեցիկ է, բայց արական սեռն այդ գեղեցկութենէ զրկուած է։ Իգական սեռին մէջ բամբասանքն այն աստիճան յառաջ գնացած է, որ եթէ ուրիշ մը բամբասելու համար նստին՝ շաբաթէ մը հազիւ կրնար լմնցունել։ Հոս կիներն պատուհաններու առջեւ կը նստին եւ փողոցէն անցնողին հասակին, քթին, մօրուքին, հագուստին վրայ դիտողութիւններ կ ՚ ընեն։ Կիները հոս երկու գլխարկով եկեղեցի կ ՚ երթան, թէպէտեւ մէկ գլուխ ունին։ Գլխարկին մէկն իրենց գլուխը կը դնեն եւ միւսն սպասաւորն կտանի իրենց ետեւէն։ Եկեղեցւոյ մէջ գլխարկը կփոխուի։ Կիներուն գլուխներն այնքան փոքր են, որ հիմակուան գլխարկներէն հատ մը բաւական էր չորս կնկան գլուխ գոցել՝ եթէ սովորութիւն ըլլար չորս֊հինգ հոգիի մէկ գլխարկ դնելը։ Նորաձեւութիւնը հոս կպաշտուի։ Եէնի մահալէցուհին Սէլամսըզ կ ՚ երթայ եւ անկէ հագուստի նոր ձեւեր կը գողնայ ։

Վարի թաղն հասարակապետական է։ Երիտասարդութեան մէջ երբեմն շարժում կը տեսնուի, բայց այդ շարժումն միշտ ապարդիւն կմնայ. վասնզի միապետութիւնն թող չտար, որ երիտասարդութիւնը գործէ ։

Այս թաղին մէջ ալ ընկերութիւններ հաստատուած եւ կործանուած են. թէպէտեւ այժմ չգիտենք, թէ ընկերութեան մասին ի՛նչ վիճակի մէջ է, սակայն դիւրին է գուշակել, որ կա՛մ ընկերութիւն մը կազմուելու վրայ է կամ ընկերութիւն մը կործանուելու վրայ։

Երիտասարդութեան մէջ մաս մ ՚ ալ կայ, որ ինքզինք ձայնաւորութեան տուած է եւ աղուոր խաղեր երգելով՝ պօռալ կփափաքի. այս մասին կարծիքն այն է, թէ գեղեցիկ ձայնով խաղ կանչելն մեծապէս կնպաստէ ազգային յառաջադիմութեան եւ թէ՝ եթէ քիչ մ ՚ ալ օղի կամ գինի խմելով խաղեր կանչուին՝ ազգին վերականգման գործը դիւրացած կը համարուի ։

Թաղեցւոյն ընդհանուր լեզուն տաճկերէն է, իսկ աղքատներունը հայերէնով խառն տաճկերէն ։

Գինետուն յաճախողները մեծ մասամբ աղքատ են եւ մոլի. իրենց սովորութիւնն է ժամը չորսին տուն դառնալ։ Հարուստները չեն երթար գինետուն եւ չերթալու ալ պատճառ ունին. վասնզի գինետուններն իրենց տուներնուն մէջ փոխադրած են։ Այս թաղին թէ՛ հարուստն եւ թէ՛ աղքատն ընդհանրապէս ուտելու, խմելու, պառկելու եւ քնանալու համար միայն աշխարհ եկած կը կարծէ զինքը։

Հոս կբնակի Պ. Խաչատուր Միսաքեան, որուն գործերուն հրատարակութեանը կսպասէ դեռ ազգն ։

Հոս կբնակէր Փունջ լրագրի խմբագիր Պ. Համբարձում Ալաճաճեան, որ իւր թերթը շաբաթն երկու անգամ հրատարակել բաւ կը համարի ազգին ծառայելու համար ։

Այս թաղն նոյնն է այսօր՝ ինչ որ էր հարիւր տարի առաջ. եւ եթէ երիտասարդութիւնն թաղին գործերուն ձեռք չերկնցնէ՝ երկու դար ալ այսպէս կ ՚ երթայ։ Ուստի Սէլամսըզցիին կ ՚ իյնայ, որ շաբաթը մէկ անգամ հսկում ընէ իւր դրացւոյն համար ։

Շատերը կպնդեն, թէ եթէ Եէնի մահալլէցիք քանի մը շաբաթ ուրիշ գեղ մը փոխադրուին օդափոխութեան համար՝ թաղին օդը կփոխուի եւ թաղեցին ալ իւր կարծիքներուն մէջ փոփոխութիւն զգալով՝ քիչ մը կարթննայ քունէն ։

Տեղւոյս քարոզիչն է Մատթէոս եպիսկոպոս Իզմիրլեան, որ եպիսկոպոսանալու համար Ղալաթիոյ օճախը գործիք եղած է ժամանակաւ, եւ իւր ձեռներէն բռնելով քալեցնող Հայրիկն տապալելու աշխատած է գիշեր ցերեկ… թերեւս օր մը արդարանար այս մարդն, եթէ աշխատակից չլինէր այնպիսի խմբակի մը, որ իրեն անձնական շահուն համար կգործէ միայն։ Արդեօք պատրիարք ըլլալու համար զո՞վ պիտի մատնէ այս կրօնաւորը…։

ԺԳ.
ԲԷՐԱ

Բէրայի սահմանն է արեւելքէն խաղամոլութիւն, արեւմուտքէն պճնասիրութիւն, հարաւէն շռայլութիւն եւ հիւսիսէն խարդախութիւն ։

Ա՛լ ասանկ սահմանակիցներ ունենալէդ ետքը հանդարտ սրտով կեանք անցո՛ւր ։

Այս թաղը Պօլսոյ Բարիզն է եթէ Բարիզն իրեն նուաստութիւն չհամարիր իւր անունն Բերայի վրայ տեսնելը ։

Անուանի են հասարակաց պարտէզներն, որք դրախտ ալ կկոչուին եւ ուր կգտնուի ծառ գիտութեան բարւոյ եւ չարի. բարւոյ ծառը դեռ պտուղներով բեռնաւորուած է, իսկ չարի ծառին վրայ ոչ թէ պտուղ, այլ տերեւ անգամ չես կարող գտնել ։

Փողոցները բաւական լայն են. միայն թէ առաւօտներն այդ փողոցներէ անցնելու չգար, վասնզի ամեն առաւօտ կ ՚ աւլըուին եւ փոշեղէն մառախուղ մը չորս կողմը կպատէ ։

Ունի գեղեցիկ խօսարաններ, որոնց մէջ երգեցիկ աղջիկներ մինչեւ առաւօտ եղանակով կը խօսին այլեւայլ նիւթերու վրայ։ Ունի նաեւ համալսարաններ, որոնց մէջ աղէկ թուղթ խաղալու, վարպետութեամբ դիմացինդ կողոպտելու գիտութիւնը կ ՚ աւանդուի դիւրուսոյց եղանակով ։

Տուներուն գրեթէ երեք մասը քարուկիր է։ Այս տուները շատ քաջ են. կրակէ բնաւ չեն վախնար, բայց կայրին ։

Ձեռագործներն մեծ կատարելութեան հասած են. գեղեցիկ սեռէն անոնք, որ գող կ ՚ ըլլային, եթէ արական սեռին վերաբերէին՝ հոս խանութներ բացած՝ մեր ազգին աղջիկներուն եւ տիկիններուն գրպաններէն ամեն օր, ամեն ժամ, ամեն վայրկեան, ամեն րոպէ բազում դրամ կքաշեն ։

Փոքրիկ գլխարկի մը համար երկու ոսկի կ ՚ ուզեն, իսկ զայն շտկելու համար, այսինքն վրան ծաղիկ մը կապելու համար՝ մէկ ոսկի կպահանջեն։ Բարիզէն եկած գաղափարին համեմատ շապիկներ կկարեն, զոր առաջին անգամ կոճկելուդ կոճակները կբրդին, եթէ քիչ մը երկար շունչ առնես՝ կարերը կքակուին. այսպէս հասկցիր բոլոր հագուստներուն համար։ Այս տեղէն շապիկ կամ զգեստ ծախու առնողն ուշադրութեամբ եւ որոշեալ չափով շունչ առնելու է ։

Նշանաւոր է իւր լիճն, որ ձմեռ ատեն կգոյանայ Թագսիմէն մինչեւ Ղալաթիոյ Սէրայը։ Ընկերութիւն մը այդ լճին վրայ նաւակներ բանեցնելու արտօնութիւն խնդրեց, բայց չկրցաւ ստանալ ։

Եթէ արտօնութիւն տրուած ըլլար՝ այդ մարդը մեծ գումարներ կշահէր. սակայն այս արտօնութեան հակառակեցան կիներէն ոմանք, որք բարեպատեհ առիթ կհամարէին սոյն լիճն՝ իրենց խոշոր սրունքներն արգոյ հասարակութեան ցոյց տալու համար. վասնզի երբ այդ լճակէն անցնէին՝ մինչեւ ծունկերը վեր կ ՚ առնէին իրենց շրջազգեստն։ Գալով այն կիներուն, որք նիհար սրունքներ ունէին՝ ասոնք բաւական աշխատեցան, որ շնորհուի այդ արտօնութիւնն, որպէսզի իրենք ալ ձմեռուան եղանակին մէջ կարողանային դուրս ելնելու ազատութիւնը վայելել, վասնզի ասոնք կզգուշանային իրենց տկար սրունքներն ուրիշներու ցցունելէ, միանգամ ընդ միշտ հաստատելու համար այն ճշմարտութիւնն՝ թէ կիներն իրենց տգեղ կողմերն ծածկելու համար միշտ մեծ զոհողութիւններ կ ՚ ընեն ։

Այս թաղին ազգայիններուն վրայ կատարեալ տեղեկութիւն տալու համար՝ պարտաւոր ենք շատ մասերու բաժանել զանոնք ։

Մաս մը կայ, որ բնիկ Բերացի չէ, այլ կամ Հասգիւղցի կամ Եէնի Գաբուցի է, որ ժամանակաւ շատ հարուստ ըլլալուն պատճառաւ այս թաղն եկած է եւ սնանկացած է, որպէս թէ Հասգիւղի կամ Եէնի Գաբուի մէջ սնանկանալն մեծ դժուարութիւններ ունենար։ Արդ սնանկացած բոլոր ամիրաներն գրեթէ այս թաղին մէջ կբնակին։ Եւ արդարեւ, այս թաղն շատ դիւրութիւններ կ ՚ ընծայէ այն անձերուն, որք հաստատապէս որոշած են դադրեցնել իրենց վճարումներն, եւ ասոր համար է, որ շատ վաճառականներ հոն կ ՚ երթան՝ երբ սնանկանալ փափաքին։ Շատերն ալ սնանկանալէ վերջը հոն կ ՚ երթան՝ իրենց ծանօթներէ հեռու մնալու համար. վասնզի սնանկութիւնն ժամանակաւ այնքան անպատիւ բան մը նկատուած էր, որ սնանկացող մը նորընծայ քահանայի մը պէս քառասուն օր ապաշխարանք կը քաշէր եւ տունէն դուրս չէր ելներ։ Հիմա, փա՜ռք լուսաւորութեան, սնանկութիւնն թէպէտեւ սովորական բան մը դարձած է, բայց դարձեալ կգտնուին խաւարեալ մարդեր, որոնք իրենց փոքրութիւն եւ ամօթ կը համարին ուրիշին իրաւունքն կլնելը։ Ահա այս խաւարեալներն են, որ Բէրա կգաղթեն. լոյս մաղթենք իրենց համար, որպէսզի նախապաշարումն մէկդի թողլով՝ հանդարտ խղճով սնանկանան եւ իրենց մեծ պատիւ համարին ուրիշներու ստակներն ուտելը։ Արդէն հարստանալու համար ամենէն կարճ ճանբան է աս, եւ այն բոլոր հարուստներն, զորս այսօր կտեսնենք, բայց տեսնել չենք ուզեր՝ այդ ճանբով հասած են իրենց նաւահանգիստը։ Ահա մարդ մը, որ իւր կեանքին մէջ բնաւ վաճառականութեամբ չէ զբաղած եւ այսօր Վոսփորի երկու ափերուն վրայ բարձրացած հոյակապ շէնքերու տէր է։ Ի՞նչպէս կառուցած է զանոնք. մի՛ հարցուներ, յափշտակութեամբ կառուցած է։ Ասդին դարձիր եւ կը տեսնես այնպիսի անձեր, որք իրենց կեանքին մէջ հազիւ ապրելու համար դրամ վաստկած են. բայց այդ անձերն այսօր, չգիտեմ ո՛ր կղզւոյն մէջ, տէր են այնչափ գետիններու՝ որոնցմէ Նոյ նահապետին օրէն ի վեր մաս֊մաս կը ծախեն, եւ այդ գետինները չեն սպառիր. ոչ թէ միայն չեն սպառիր, այլ որքան ծախուին՝ այնքան կ ՚ ընդարձակուին։ Ի՞նչպէս. մի հարցուներ, վասնզի պատասխանը գողութիւն է, եւ այս գողերն մեծ յարգ ու պատիւ կը վայելեն հասարակութեան մէջ՝ որ կ ՚ ըսէ անոնց համար.

Շատ խելացի, շատ ճարպիկ մարդեր են. կանխաւ պատրաստած են իրենց ապագայն ։

Եթէ ասոնք ուրիշ հողի մը վրայ գտնուէին՝ ցմահ բանտարկութեան կդատապարտուէին ։

Դաս մ ՚ ալ կայ, որ ո՛չ գործ ունի եւ ո՛չ եկամուտ եւ ո՛չ ալ հոգ ապրելու համար։ Այս մասին վրայ եթէ ակնարկ մը ընես՝ կզարմանաս, թէ ի՛նչպէս կապրի եւ ինչո՛ւ անօթութենէ չմեռնիր. բայց երբ իր ընթացքը քիչ մը քննես՝ կզարմանաս, թէ ինչո՛ւ միլիոնի տէր չըլլար։ Այս մասին բոլոր դրամագլուխն է իւր կրած հագուստն, զոր կշինէ՝ բարեկամներէ նախ փոխ առնելով եւ յետոյ չվճարելով։ Բոլոր հարստութիւնն իւր վրայ կը կրէ, Պիասի աշակերտներէն է։ Այդ հագուստին տէր ըլլալուն պէս՝ բարեկամէ մը քանի մը դահեկան կգտնէ եւ կ ՚ երթայ թաղին ամենէն նշանաւոր սրճարանին մէջ կնստի։ Աչերը կյառէ սրճարանին դրանը, ուսկից անծանօթի մը մտնելուն կսպասէ ճիշդ այն ձկնորսին պէս, որ կարթը կձգէ ջուրին մէջ եւ ձուկի մը գալուն կսպասէ։ Օտարական մը մտաւ՝ անոր հետ իսկոյն բարեկամ կ ՚ ըլլայ, քովը կ ՚ երթայ եւ կը սկսի խօսակցութեան.

Ե՞րբ եկաք, կը հարցնէ անոր ։

Եր ե կ գիշեր եկայ ։

Ես զձեզ տեղ մը տեսած եմ, զձեզ պիտի ճանաչեմ … բայց յիշողութիւնս քիչ մը տկար է ու …

Կարելի է ։

Մարտիրոս աղային քեռորդի՞ն էք դուք ։

Ո՞ր Մարտիրոս աղային ։

Մարտիրոս աղա մը կար … սա ինքը … սա Մարտիրոս աղան, որ վերջը … վերջը բան մը եղաւ ։

Վերջաբա՞ն մի եղաւ…

Վերջաբան մը եղաւ, ըսին այն ատենները ։

Մարտիրոս անունով մօրեղբայր չունիմ ես ։

Չունի՞ք մի ։

Չունիմ ։

Ո՞վ է ան ուրեմն, որ Մարտիրոս անունով մօրեղբայր մը ունի, որ վերջը բան մը եղաւ … ներեցէ՛ք, ներեցէ՛ք, հիմա յիշեցի … դուք չէք. ես ձեզի ուրիշի մը նմանցուցի … Կարապետն էր այն, որ ձեզմէ աղէկ չըլլայ. բարեկամս էր եւ որ Մարտիրոս աղային քեռորդին էր. պատուական երիտասարդ մ ՚ էր, բայց վեց տարի կայ, որ զինքը տեսած չունիմ։ Մարտիրոս աղան ալ բարի մարդ մ ՚ էր, որ վերջը … վերջը … տէր ողորմեա, ի՞նչ եղաւ այս մարդը վերջը … հա՛, վերջը շատ աղքատ եղաւ. վասնզի իր բոլոր հարստութիւնը քօնսօլիտի մէջ թաղեց … խե՜ղճ Մարտիրոս աղան։ Բայց ես զձեզ ալ անպատճառ տեղ մը տեսած եմ, եւ ձեր դէմքն ինձի ծանօթ է ։

Հաւանական է, որ Եէնի Գաբու տեսած ըլլաք ։

Ճիշտ Եէնի Գաբու, ճիշտ, ահ, եղբայր, կաղաչեմ, որ քօնսօլիտ չխաղաք, քօնսօլիտ ը կսնանկացնէ մարդս, ինչպէս նաեւ երբեմն մարդս կսնանկացնէ քօնսօլիտ ը ։

Ես չեմ խաղար ։

Կեցցե՛ս. հիմա սիրեցի զքեզ … ներեցէ՛ք, խօսքի բռնուեցանք եւ մոռցայ հարցնելու, թէ ի՛նչ պիտի հրամէք … խահուէ՞ թէ օղի ։

Բերանս չեմ դներ օղի ։

Դարձեալ կեցցե՛ս, դարձեալ սիրեցի զքեզ. քանիներո՛ւ խրատ տուած եմ, որ սա անիծեալ ըմպելիքէն յետ կենան, եւ խրատս լսելի չէ եղած։ Խահուէ մը բեր։ Տունը ի՞նչպէս են, աղէ՞կ են. մայրդ ի՞նչպէս է ։

Մայր չունիմ ։

Դուք ողջ եղէք։ Ներելի՞ է հարցունել, թէ ինչով կզբաղիք ։

Պզտիկ վաճառականութեամբ մը … կտաւի գործ ։

Շատ լաւ. կտաւի գործը ամենէն աղէկն է։ Հօրեղբօրորդի մը ունիմ, զոր միշտ յորդորած եմ կտաւի գործ ընել, բայց մտիկ չէ՛ ըրած իմ խօսքերս ։

Հրամանքնի՞դ ինչով կզբաղիք ։

Շիտակը խօսելով՝ ես հիմակուհիմա գործ մը չունիմ. մեր հօրէն մնացած քանի մը տուներ կան, անոնց եկամուտովը կապրինք. կ ՚ ուզեմ գործի մը ձեռն զարնել, բայց չգիտեմ թէ ի՛նչ գործ բռնեմ …

Այս պահուն տան սպասաւորի կերպարանքով մէկը կը մտնէ եւ ատենաբանին խօսքը կ ՚ ընդմիջէ՝ անոր ականջն բան մը փսփսալով.

Առաջ ինչո՞ւ իմաց չտուիք ։

Ինքն քսան ոսկի ուզած էր, մենք ալ ձեր մեծապատուութենէն այնքան ուզեցինք ։

Տէր ողորմեա … հիմա ի՛նչ ընելու է … Ղալաթիա՛ գնա սենեակը բաց …

Մարդը հիմա կ ՚ ուզէ. վասնզի վար չը պիտի իջնայ եւ հոս մէկու մը պիտի տայ եղեր ։

Ճաթելո՜ւ բան …

Ի՞նչ կայ, կհարցունէ օտարականը ։

Ոչինչ, քսան ոսկիանոց հայելի մը ապսպրած էի, մարդն երեսուն ոսկիանոցէն բերած է եւ հիմա տասն ոսկի ալ կ ՚ ուզէ. չսպասեր ալ, որ սպասաւորը Ղալաթիայէն երթայ բերէ … աս եւրոպացիները զարմանալի մարդեր են …

Եթէ կ ՚ ընդունիք՝ ես տամ եւ ժամէ մը ինձի կու տաք ։

Չէ, չէ. ի՞նչ ըսել է, ամօթ բան է. մանաւանդ թէ ես չեմ սիրեր փոխառութիւն ընել ։

Ի՞նչ վնաս ունի. ժամուան մը փոխառութեան խօսքը կ ՚ ըլլա՞յ … եկուր, պարոն, ա՛ռ …

Աս մեծ ամօթ եղաւ շիտակը ։

Վնաս չունի ։

Մինաս, շո՛ւտ ըրէ, Ղալաթիայէն տասն ոսկին բեր ։

Շատ աղէկ ։

Սպասաւորը կթռի ։

Ներումն կխնդրեմ, բարեկամ ։

Չարժեր ։

Ի՞նչ բանի վրայ կխօսէինք ։

Գործ մը բռնելու վրայ ։

Այո՛, կ ՚ ուզեմ գործի մը սկսիլ. բայց կը վախնամ, որ դրամագլուխս կկորսնցնեմ, վասնզի հիմակուան գործերն շատ աղէկ չեն. իմ բռնած ընթացքս աւելի շահաւոր է ։

Իրաւունք ունիք … գործ բռնելու ժամանակը չէ ։

Ժամ մը կխօսակցին գործի վրայ. սպասաւորն, որ տասը ոսկին բերելու գնացած էր՝ վազելով զբօսարանին առջեւէն անցած ատենը ներս կկանչուի իւր տէրէն.

Ո՞ւր է, կհարցնէ իրեն, ստակը ։

Բանալին սխալ առած եմ. փոխելու կ ՚ երթամ ։

Ա՜յ ապուշ, շուտ ըրէ … Ապուշ սպասաւորներն ալ քաշուելու բաներ չեն շիտակը. քառասուն սպասաւոր փոխեցի. աս քառասունմէկերորդը պիտի ըլլայ։ Խելքը գլուխն սպասաւոր մը կճանաչէ՞ք ։

Չեմ գիտեր անանկ մէկը ։

Այս խօսակցութեան միջոցին մեր բարեկամը մէկէն ի մէկ զբօսարանէն դուրս կը ցատկէ եւ երեսուն տարու մէկու մը վիզը կը փաթտուի եւ կսկսի անոր հետ պագտուիլ։ Համբոյրի արարողութիւնն լմննալուն պէս՝ իւր համբոյրակիցին հետ զբօսարանին դրան առջեւ կու գայ եւ իւր բարեկամին կ ՚ ըսէ.

Եղբայրս է, որ Մարսիլիայէն եկած է … հետը տուն երթամ եւ քառորդէ մը դառնամ. ներեցէք, հազար ներումն, միլիոն ներողութիւն …

Մարդն մինչեւ այսօր կը սպասէ այդ սրճարանին մէջ սպասաւորին՝ որ մինչեւ այսօր բանալին չէ կրցած գտնել, բարեկամին՝ որ եղբօրը հետ դեռ կպագտուի, եւ տասը ոսկիին՝ որ յետ դառնալու միտք չունի։ Ահա այս դասին մէկ գործն, որու ականատես ըլլալու պատիւն ունիմ։ Տարակոյս չկայ, թէ այս տեսակ գործերն այսօր վաճառականութենէն աւելի շահ կբերեն՝ եթէ ամեն օր պատահին ։

Ուրիշ մաս մը իւր բոլոր ժամերը խաղամոլութեամբ կ ՚ անցունէ. նարտ, թուղթ եւ կամ ուրիշ տեսակ խաղ մը իւր արհեստն է. ատով իւր ընտանիքը կկերակրէ կամ անօթութենէ կմեռցունէ։ Այս խաղամոլներն ալ երկու կարգի կբաժնուին, հարուստներն ոսկիով կխաղան, աղքատներն արծաթով ։

Մաս մ ՚ ալ կայ հոս, որ միջնորդ է կամ տան, կա՛մ սիրոյ եւ կամ երբեմն երկուքին մէկէն ։

Չմոռանանք յիշել, որ ընդհանուր կանոն մ ՚ է հոս՝ շաբաթ մը անօթի մնալ եւ դարձեալ հին հագուստներով չպտըտիլ. քսան փարա չունեցողն Ռօչիլտի տղուն պէս կը հագուի, եւ ասկից է, որ Բէրան ուրիշ թաղերէն աւելի հարուստ կկարծուի ։

Այս թաղին մէջ կբնակին ազգին ամենէն նշանաւոր հարուստ ազգայիններն, որք վերջին տարիներս իրենց քսակը բացած են բարենպատակ գործերու համար … միայն այն տեսակ բարենպատակ գործերու համար կու տան, որոնց շնորհիւ իրենց անունները լրագիրներու մէջ կը հրատարակուին եւ իրենք ալ կը փառաւորուին. իսկ լումա մը չեն տար այն բարենպատակ գործերու համար, որք ազգին պատիւը եւ փառքը կկազմեն. վասնզի այդ լումայն լրագիրներու մէջ պիտի չհրատարակուի, եւ մեծ անխելքութիւն է, որ մէկն ազգին երկու դահեկան տայ եւ անունը լրագիրներու մէջ չհրատարակուի։ Բացառութիւնները մոռանալու չէ ։

Կայ երիտասարդութիւն մը, որ հինգ տարին անգամ մը կսթափի եւ մտքէն կ ՚ անցունէ կազմել ընկերութիւն մը՝ եթէ չկայ, իսկ կործանել՝ եթէ կայ։ Ատենօք Համակամ ընկերութիւն մը կար, այժմ չիք։ Կազմուած էր նաեւ Օժանդակ ընկերութիւն մը, որու նպատակն էր աղքատ հիւանդներու ձրիաբար բժիշկ ղրկել եւ դեղ տալ։ Այս ընկերութիւնն բաւական դրամ հաւաքեց. բայց ետքը անոր քանի մը անդամներն որ աղքատ էին, հիւանդացան, եւ իրենց հիւանդութիւնն ալ ծանր ըլլալով՝ ընկերութեան դրամով ինքզինքնին դարմանեցին, որով ընկերութիւնն ալ իւր նպատակին հասած համարուեցաւ ։

Հոս կբնակին ազգին ամենէն երեւելի բժիշկներն։ Հոս կգտնուին ընդհանրապէս ազգին ամենէն նշանաւոր հիւանդութիւններն, ինչպէս են կալուածոց հոգաբարձութեան խնդիրը, Հասունեան խնդիրը եւ այլն ։

Քարակէօզեան եղբայրներուն շինելիք վարժարանը այս թաղին գերեզմանատան մէջ պիտի բարձրանայ, եթէ … քօնսօլիտ ները բարեհաճին բարձրանալ ։

Հոս ալ թաղեցին իւր թաղականէն գոհ չըլլար երբէք եւ այս պատճառաւ թաղականի կռիւները պակաս չեն ։

Թաղային վարժարանը, Նարեկեան անուն, ուրիշ թաղային վարժարաններու հետ բաղդատելով՝ շատ խեղճ է, հարբուխէ բռնուած է աս, մինչդեռ միւսերը տենդէ կը տանջուին ։

Թաղիս մէջ չորս եկեղեցի կայ Ս. Երրորդութիւն, Խոր վիրապ, Ոսկեբերան եւ Ս. Յարութիւն, եւ այս չորս եկեղեցիներու մէջ չորս բարեպաշտ քրիստոնեայ չկայ ։

Թաղեցին շատ զբօսասէր է. ամառուան եղանակին մէջ հասարակաց պարտէզը կամ մասնաւորաց պարտէզները կ ՚ երթան եւ ձմեռն ալ թատրոններ, պարահանդէսներ եւ ուրիշ զբօսարաններ կյաճախեն ։

Իգական սեռն ինքզինքը բոլորովին հայելիներուն տուած է. ժամերով, օրերով, շաբաթներով, ամիսներով, տարիներով եւ դարերով հայելիներու առջեւ կը կանգնի եւ ինքզինքը կգեղեցկացունէ։ Բացառութիւնը խիստ քիչ է այս մասին։ Կիներէն շատերն այն ատեն միայն կհագուին, երբ դուրս ելնել կամ հիւր ընդունիլ հարկ ըլլայ. իսկ եթէ այս հարկը չներկայանայ՝ տան մէջ գիշերազգեստով կը պտըտին. արդեօք ցերեկազգեստո՞վ կմտնեն անկողին ։

Կիներուն բամբասանքը հոս քիչ է. եթէ երբեմն բամբասանք մը ընել պէտք ըլլայ՝ խիստ քաղաքավարութեամբ կը վարուին ։

Տիկին Ք … իմացայ որ Փ … ին կինը Զ … ին էրիկը կսիրէ եղեր. բայց կխնդրեմ որ այս խօսքս գաղտնի մնայ քովդ ։

Վստահ եղիր, որ մէկու մը չեմ ըսեր ։

Լուր տուող տիկինը կմեկնի, եւ Տիկին Ք … իւր դրացւոյն տունը կզարնէ։ Սպասաւորը դուռը կբանայ ։

Տիկինդ վար կանչէ, Մինա՛ս ։

Տիկինը չորս ժամ է որ հագուելու համար սենեակը մտաւ եւ տակաւին չելաւ ։

Շուտ գնա՛ ըսէ՛ իրեն, որ Տիկին Ք … եկած է եւ կարեւոր խօսք մը ունի ըսելու ։

Սպասաւորը վեր կը վազէ, իմաց կու տայ Տիկնոջն, որ հագուած ըլլալով՝ վար կիջնայ։

Վեր հրամեցէք, Տիկին Ք …

Չեմ կրնար, տիկին Շ … խօսք մը ընեմ եւ երթամ պիտի. վասնզի գործ ունիմ տունը ։

Խէ՞ր է ։

Ի՞նչպէս խէր … Փ … ին կինը Զ … ին էրիկը կսիրէ եղեր. բայց ոտքդ պագնեմ, ուրիշի մի՛ ըսեր, գաղտնի պահէ. մնաք բարով ։

Ասանկ բան ուրիշին կ ՚ ըսուի՞ … անհոգ եղիր ։

Տիկին Ք … կը մեկնի, եւ տիկին Շ … սպասաւորին կ ՚ ըսէ.

Սա հովանոցս ինձի բեր ։

Հովանոցը կբերուի, եւ Տիկին Շ … ձախ թեւի փողոցը կմտնէ եւ տան մը դուռը կզարնէ։ Դուռը կբացուի, վեր կելնէ եւ կդիմաւորուի խոշոր կնիկէ մը ։

Հրամեցէք, Տիկին Շ … կ ՚ ըսէ տան տիկինը. հրամանքնիդ ալ հո՞ս կու գաք եղեր. ո՞ր հովը փչեց ասանկ ։

Սանկ … ի՞նչպէս էք, աղէ՞կ էք. ի՞նչպէս է ձեր ամուսինը … Փ … ին կինը Զ … ին էրիկը կսիրէ եղեր. հիմա իմացայ եւ շատ ցաւեցայ։ Ոտքդ պագնեմ, չըլլայ որ ուրիշի զրուցես. վասնզի ինծի ըսողն պատուիրեց, որ մէկու մը չըսեմ ։

Անհոգ եղիր, կ ՚ ըսէ, եւ Տիկին Շ … ին մեկնելէն անմիջապէս ետքը փողոց կը վազէ՝ իւր ծանօթներուն աւետիս տալու ։

Բայց իրա՞ւ է, որ Փ … ին կինը Զ … ին էրիկը կսիրէ. քաւ լիցի … մեծ սուտ մ ՚ է … արդէն Փ … ին կինն իւր էրիկն անգամ չսիրէ։ Փ … ին կինն օր մը այս լուրը ստեղծող տիկինին շրջազգեստն դիպուածով կոխած էր եկեղեցւոյն մէջ եւ զայն քիչ մը պատռած էր. այդ տիկինն ալ Փ … ին կինէն վրէժ լուծելու համար՝ ասանկ արատ մը քսելու ելած էր անոր վրայ։

Բէրայի գեղեցիկ սեռին վրայ աւելի խօսիլն աւելորդ կհամարինք, քանի որ ըսինք, թէ հայելիին առջեւ միայն կեանք կ ՚ անցունէ. այսչափը բաւական է, այսչափը շատ իսկ է։

Ամառուան եղանակին մէջ այս թաղին մէջ ջուր չգտնուիր, եւ թաղեցին կստիպուի առանց ջուրի անցունել … իւր օղին ։

Օդն աղէկ է, բայց կերեւի որ ամառն օդ ալ չգտնուիր. վասնզի հարուստները գեղերը կ ՚ երթան օդ առնելու ։

Բէրայի մէջ հայու ո՞րչափ տուն կայ. այս հարցման այն ատեն կրնանք գոհացուցիչ պատասխան տալ՝ երբ օրինաւոր վիճակագրութիւն մը ըլլայ։ Առանց այս վիճակագրութեան սպասելու ինչ որ ըսենք՝ վաւերական չպիտի համարուի, մանաւանդ թէ այս մասին կարծիքները համաձայն չեն։ Ոմանք կկարծեն, թէ Բէրայի մէջ երկու հազար հինգհարիւր տուն կայ. ըսողներ ալ կան, հազար հինգհարիւր է Բէրայի տուներուն թիւը… Չափազանցութիւն, չափազանցութիւն… չափազանցութիւն… իմ կարծիքովս հազիւ երեք տուն հայ կայ Բէրայի մէջ…

ԺԴ.
ՊԱԼԱՏ

Մայրաքաղաքիս թաղերուն առաջինը կը համարուի, երբ աժան գնով բանջարեղէն կամ պտուղ ծախու առնելու վրայ է խնդիրը. փա՜ռք հրեայ ազգին. բուսային ուտելիքն շատ վար գնով կը վաճառուի հոս։ Բայց միայն Պալատցին օգուտ կքաղէ այս աժանութենէ. որովհետեւ Բէրացին կամ Իւսկիւտարցին կաղամբ կամ խնձոր գնելու համար Պալատ չկրնար երթալ, ինչպէս որ ես ալ Ամերիկա չեմ երթար սնտուկ մը կազ գնելու համար ։

Այս թաղին մէջ կայ քարուկիր մեծ եկեղեցի մը։ Այդ քարուկիր շէնքին անունն է Հրեշտակապետ, որ ինչպէս յայտնի է՝ մահկանացուներուս հոգիները կ՚առնէ եւ որ, ինչպէս յայտնի չէ՝ բժիշկներու վերատեսուչը կը համարուի։ Այսուհետեւ ա՛լ մի զարմանար, թէ ինչո՞ւ ընդհանրապէս շատ համբաւ կստանան այն բժիշկներն, որք ընդհանրապէս շատ մարդ կմեռցունեն. վասնզի անոնք Հրեշտակապետ ին պաշտպանութիւնը կը վայելեն ։

Հրեշտակապետն էր, որ հոգին առաւ Ռոտոսթօյի առաջնորդ Թադէոս եպիսկոպոսին, որուն մարմինն յիշեալ եկեղեցւոյն մէջ թաղուած է։ Եթէ գիտնայինք, որ Հրեշտակապետն մամլոյ ազատութիւնն կյարգէ՝ կ ՚ իմացունէինք իրեն, որ այս ընտրութեան մէջ սխալած է. վասնզի Թադէոս եպիսկոպոսն ազգին շատ վնասակար որովհետեւ բնաւ վնասակար չեղողը չկայ կրօնաւոր մը չէր, եւ եթէ Հրեշտակապետն անպատճառ որոշած էր կրօնաւորի մը հոգին առնել՝ մենք կրնայինք իրեն ներկայացնել քառասուն ընտրելիներ, որոնցմէ իւր ուզածն կարող էր անդիի աշխարհ ղրկել ։

Այս եկեղեցւոյն մէջ ատենօք տասնեւութ քահանայ կապրէր, իսկ հիմայ միայն հինգ քահանայ անօթութենէ կմեռնի … ձեզի կթողում թաղեցւոյն ջերմեռանդութեան հաշիւն ընել ։

Պալատ ունի մանչերու թաղային վարժարան, ուր հարիւր ութսուն աշակերտ կ ՚ երթայ։ Կայ նաեւ աղջիկներու թաղային վարժարան մը, որ ութսուն աշակերտ ունի։ Երկու վարժուհի, ինը դասատու, մէկ տեսուչ եւ քառասուն ոսկի օսմանեան՝ կկառավարեն այս երկու վարժարանները։ Այս քառասուն ոսկիին քսանը եկեղեցիէն կը վճարուի, տասներկուքը աշակերտներու թոշակ էն եւ մնացած ութը ոսկին հոգաբարձութենէ, որ բնաւ չդադրիր վիճակ հանելէ եւ նուիրատոմս տպել տալէ յօգուտ այս վարժարանին ։

Հոս թաղական կ ՚ ընտրուին միշտ այն անձերն, որոնց մազն ու մօրուքը ճերմկցած են. իսկ երբ սեւ մազերով ու պեխերով մարդեր թաղական ընտրուին՝ ընտրութիւնն ապօրինաւոր կհամարուի։ Այս սովորութիւնն եթէ իւր վնասն ունի՝ սա օգուտն ալ ունի, որ շատերը, թաղական ընտրուելու փափաքով, իրենց մազերն ու պեխերը չեն ներկեր ։

Պալատու մէջ կար ժամանակաւ Ժողովրդասէր անուամբ ընկերութիւն մը, որուն անունը վերջէն Շահասէր֊ ի փոխուեցաւ եւ որուն քանի մը հարիւր ոսկիներն քանի մը ազգասէր ստամոքսներու մէջ հալեցան։ Հիմայ Աղքատասէր անուամբ ընկերութիւն մը կայ, որ Ս. Ծնունդին եւ Զատկին օրերը թաղին աղքատներուն կբաժնէ տարուան մէջ հաւաքուած գումարը եւ տարին երկու օր կխնդացնէ թաղին աղքատները ։

Վեցհարիւր քսանեւչորս տուն հայ կայ թաղիս մէջ ։

Թաղեցւոյն մեծ մասը արհեստաւոր է, որուն սովորութիւնն է ամեն կիրակի առաւօտ բաղնիք երթալ եւ բաղանիքէն ետքը եկեղեցի եւ եկեղեցիէն վերջը գինետուն։ Աղօթքն, ինչպէս կտեսնուի՝ իւր առջեւն ունի մաքրութիւն եւ ետեւն օղի։ Ըստ մեզ՝ թաղեցին աւելի տրամաբանօրէն վարուած կ ՚ ըլլար՝ եթէ նախ գինետուն երթար, ետքը բաղանիք եւ ամենէն վերջը եկեղեցի մտնէր։ Թէպէտեւ թաղիս մէջ տասը գինետուն կայ՝ բայց թաղեցին հազար հինգհարիւր գինետուն ապրեցնելու կարող է, վասնզի գինետուն պահելն վարժարան պահելու պէս դժուարութիւններ չունի, վասնզի ամեն մարդ ամեն երեկոյ ազգասիրաբար առ նուազն քառասուն բարա կու տայ գինետան ։

Պալատցին որչափ քիչ դպրոցասէր՝ այնչափ շատ հիւրասէր է. իւր հիւրասիրութենէ ծնունդ առած է հետեւեալ առածը.

«Պաղտատ գնացողը վերադարձած է, իսկ Պալատ գնացողը վերադարձած չէ »։

Եթէ թաղիս մէջ գիշեր մը հիւր գտնուիս՝ զքեզ կատարելապէս կգինովցնեն ։

Մեր ազգայիններն հոս գրեթէ մեծ մասամբ դիւրահաւան են։ Գաղտնեաց գտող, գուշակութիւններ ընող կիներուն մեծ պատիւ եւ հաւատք կ ՚ ընծայեն. ամենէն երեւելի կախարդուհիներն այս թաղին մէջ կբնակին։ Առանձնասէր են. նախապատիւ կհամարին ամիսներով առանձին նստիլ՝ քան թէ ժամ մը մէկ երկու բարեկամներու հետ խօսակցիլ։ Չը մոռանանք ըսել, թէ շատակեր են, եւ եթէ այս դարուս մէջ մէկը պալատցի սպասաւոր մը ունենայ՝ հացավաճառին հետ ամեն օր կռիւ ընելու կստիպուի, կարծելով թէ հացավաճառը մէկ հացի տեղ չորս հաց անցուցած է հաշւոյն մէջ ։

Սովորականէն աւելի անգործ շատախօսներ կան, որք կոյր են մտօք եւ դեղ ալ առնելու տրամադիր չեն՝ իրենց միտքը բանալու համար ։

Թաղիս մէջ սովորութիւն մը կայ, որով մէկն իւր բարեկամներուն բարեւ տալը կդադրեցունէ, եթէ երկու֊երեք հարիւր ոսկի մէկէն վաստկի ։

Շատ ուշ կամուսնանան հոս. յիսունէն առաջ կարգուիլն անխոհեմութեան նշան կհամարուի, եւ երբ մէկն յիսունէն առաջ կարգուի ամենուն երեսէն կ ՚ իյնայ եւ իբր շռայլ ոք կնկատուի թաղեցիէն։

Երիտասարդութիւն մը կայ սակայն, որ ամեն ճիգ կթափէ թաղը լուսաւորելու համար կազով չհասկնաք։ Այս երիտասարդութիւնն աւելի թատրոն կշինէ քան թէ դպրոց, եւ եթէ իշխանութիւն տրուի իրեն՝ թաղային վարժարանը թատրոնի կփոխէ. եկեղեցւոյ մէջ ալ ներկայացում տալու համար Պատրիարքարանէն արտօնութիւն խնդրելու կ ՚ երթայ ։

Պալատին կիները նշանաւոր են իրենց պարկեշտութեամբն եւ հաւատարմութեամբ։ Ասոնք շաբաթն երեք անգամ տախտակ կը սրբեն եւ երեք անգամ լաթ կը լուան։ Նորաձեւ հագուստներ հագնելու համար իրենց քունը չեն խռովեր. պարզութիւնը կսիրեն եւ նորաձեւութիւնն միշտ պարզութեան մէջ կգտնեն ։

Թաղիս օդը աղէկ չէ. բայց ի՞նչ ազդեցութիւն ունի աղէկ օդն, երբ մարդ իւր քսակին մէջ օդէն ուրիշ բան չունենար ։

Be the first who will comment on this

Other parts of "Պտոյտ մը Պօլսոյ թաղերու մէջ"

Yatuk Music
New sky for Moon
Elen Yolchyan

New sky for Moon

Constantinople
Constantinople
Play Online