Hakob Paronyan
Պտոյտ մը Պօլսոյ թաղերու մէջ
Զ, Է, Ը
Զ.
ԷՅՈՒՊ
Էյուպի մէջ երկու սուրբ կայ, որ իրարմէ կէս ժամու չափ հեռաւորութիւն ունին։ Այս սուրբերէն միոյն անունն է Աստուածածին եւ միւսինը Եղիա։ Այսօր Ս. Եղիայի Էյուպի վրայ պիտի խօսինք ։
Այս թաղին մէջ բնաւ սատանայ չկայ, գրեթէ մեծ մասամբ աղաւնիի պէս միամիտ են։ Ժողովուրդը պահպանողական ըլլալով՝ քայլ մը յառաջ գնացած չէ այն վիճակէն, որուն մէջ ստեղծած է զինքն Աստուած։ Այս թաղին մէջ պտըտողը ինքզինքն Ադամայ ժամանակակից կը կարծէ ։
Հարիւր տասը հայ տուն կայ հոս։ Ժամանակաւ երկու վարժարան ունէին, մին աղջիկներու եւ միւսը մանչերու. իսկ հիմա այդ շէնքերն այրած ըլլալով՝ աշակերտներու մէկ մասը տան մը մէջ կը խաղան եւ մէկ մասն ալ փողոցներու մէջ։ Աշխատող պզտիկ մաս մը կայ, որ հանգանակութեամբ վերաշինել կաշխատի թաղին վարժարանները ։
Ժողովուրդն իւր զաւակներուն դաստիարակութեանը համար սիրտ չհատցուներ. եթէ Աստուած կամենայ, կըսէ, մեր զաւակներն առանց վարժարան երթալու ալ կրնան ուսումնական ըլլալ ։
Հոս ո՛չ ընկերականութիւն կայ եւ ո՛չ երիտասարդութիւն, այլ առանձնասիրութիւն եւ տղա յութիւն կայ. ամեն մարդ պարտաւոր է իւր տունը քաշուիլ ու նստիլ. մեծ անիրաւութիւն է դրացւոյն տունն երթալ եւ մէկ երկու ժամ նստելով ժամանակ անցունելը ։
Այս թաղին մէջ արհեստն ալ իւր օրօրոցին մէջ է դեռ։ Էյուպի ազգայիններուն մէկ մասը բրուտ ըլլալով՝ հողէ տեսակ֊տեսակ ամաններ եւ անօթներ կը շինեն։ Հողէ տեսակ մ ՚ ալ անօթ կը շինեն, որուն հայերէնը չենք յիշեր, բայց մեր ընթերցողներուն կատարեալ գաղափար մը տալու համար յիշեալ անօթին վրայ՝ կը պարտաւորինք ըսել, թէ շատ մը կիներ հիմայ ճիշտ այդ հողէ անօթը յարդէ շինելով՝ վրան լաթ մը կ ՚ անցունեն եւ քիչ մը ծաղիկով եւ քօրտէլայով զարդարելէն ետքը իրենց գլուխը կ ՚ անցունեն ։
Այս թաղին մէջ գինետուն չկայ եւ օղի ծախուիլը արգելուած է … ի՜նչ դժբախտութիւն։ Թաղեցին երեկոները ընդհանրապէս Իլիմօն Իսկէլէսի կը հանդիպի եւ հոն քանի մը գաւաթ օղի խմելէն ետքը կ ՚ երթայ իւր թաղը՝ ուր տան մը մէջ ալ գաղտնի օղի կը ծախուի։ Շատ մը ընտանիքներ իրենց զաւակներն օղիէ կտրելու համար այս թաղը կու գան, ինչպէս որ տենդ ունեցողներն ալ հիմա Միջագիւղ կ ՚ երթան՝ ջուր խմելէ կտրուելու համար ։
Ժողովուրդն եկեղեցասէր է, սակայն քարոզիչ չուզեր. եթէ տարին մէկ֊երկու անգամ Պատրիարքարանէ քարոզիչ մը ղրկուի հոն՝ թաղեցին սիրով կ ՚ ընդունի զայն այն պայմանաւ, որ քարոզը տալուն պէս թաղէն դուրս ելնէ ։
Կիները մեզի պէս ժրաջան են, վայրկեան մը պարապ չեն նստիր, էնթարի, շալվար հագած՝ ֆէսհանէ ի համար ֆէս կը հիւսեն, նստած իրենց տանը դրան սեմին վրայ, որու առջեւէն կ՚անցնի թաղին կոյանոցը։ Թաղին աշխատաւորներէ գոնէ հանգանակութիւն մ՚ալ բանային եւ անոր արդիւնքովն մաքրէին սոյն կոյանոցն, որուն մէջ երբեմն կ՚իյնան լամպիքա շատկէկ խմողները. իսկ եթէ թաղեցւոյն քիթը շահ մ ՚ ունի այդ կոյանոցին հոտէն՝ ատոր ըսելիք չունինք ։
Կիները լայնածաւալ սիրտ մ ՚ ունին, եւ այս պատճառաւ երկարակեաց են. ամենէն կարճ կեանք ունեցող կինն իննսունըինը տարեկան է, եւ երբ հարիւր տարեկան կին մը մեռնի՝ ծաղիկ հասակին մէջ առ Աստուած փոխուած կը համարուի, իսկ երբ մէկ տարեկան աղջիկ մը մեռնի՝ վիժած կը սեպուի ։
Իգական սեռին մէջ փոքրիկ մաս մը կայ, որուն հետ խօսելու համար զրահ հագնելու է, վասնզի ասոնք փայտով կը խօսին, եւ եթէ կանխաւ զգուշութիւն չընես՝ գլուխդ կը պատառեն ։
Բամբասանքն հոս յուսացուածէն աւելի է, միայն թէ սահմանափակ ըլլալով՝ էնթարի շալվար ին վրայ կը դառնայ միշտ ։
Թաղին բերքն է փայտէ շինուած տղու խաղալիկներ, որոնցմէ երբեմն մեծ մարդեր ալ ծախու կ ՚ առնեն իրենց համար ։
Օդը թէպէտեւ աղէկ է, բայց բնակիչներուն թմրութեանը նայելով՝ կ ՚ երեւի որ քիչ մը թմրեցուցիչ է։ Էյուպցիներէն ոմանք փողոցը քալած ժամանակնին կը քնանան եւ աղուոր երազներ կը տեսնեն ։
Է.
ԳԱՏԸ ԳԻՒՂ
Աշխարհագրական հնաւանդ սովորութեան դէմ խօսած չըլլալու համար՝ պարտաւոր ենք ըսել, թէ այս գիւղն ալ ունի իւր արեւելքն, արեւմուտքն, հիւսիսն եւ հարաւն. բայց մեր խիղճն ալ յարգելու համար՝ կը ստիպուինք խոստովանելու, որ արեւելքին, արեւմուտքին եւ հիւսիսին գոյութիւնն անուանական է. հարաւն է միայն, որ կտիրէ այս գեղին վրայ։ Հիւսիսն իսկ եթէ երբեմն քանի մը խօսք ընել ուզէ՝ հարաւին բերնով կխօսի։ Արեւն հոս հարաւային կողմէն կելնէ եւ հարաւային կողմէ կմտնէ, վերջապէս ամեն բան հարաւ է հոս ։
Այս տողերը գրելով մեր նպատակն է իմացունել արգոյ հասարակութեան, որ ձմեռուան եղանակին մէջ այս գիւղն երթալ փափաքողներն ամառուան հագուստ հագնելու են. իսկ ամառուան տաք օրերուն մէջ երթալ ուզողները մերկ երթալու են հոն, այսինքն տէքօլթէ հագնելու են ։
Մահսուսիյէ֊ ի ընկերութիւնն իւր ճամբորդները զովացնելու համար է, որ այնպիսի ձեւով շոգենաւներ կբանեցունէ, որոնք միշտ ծովու ալիքներ կ ՚ ընդունին իրենց մէջ, որով ճամբորդները ծովու ջրով կլուացուին եւ կը զովանան։ Եթէ այս չըլլար՝ ճանբորդները տաքէն կմարէին ։
Այս գիւղն այնչափ օրհնեալ գիւղ մ ՚ է, որ քանի մը տարիներէ առաջ, երբ հրէային մէկը գուշակութիւն ընելով ըսաւ, թէ գետնին տակ պիտի անցնի այն գիւղն, որու անուան սկզբնատառը գ է՝ ամեն մարդ միաբերան պօռաց, թէ Գատը գիւղն ըլլալու է այդ գիւղը։ Հրէային գուշակութիւնը չելաւ, բայց ի՜նչ օգուտ, գեղին պատիւը հրապարակի վրայ կոտրեցաւ։ Այն թուականին ըսողներ ալ գտնուեցան, որ այս լուրը տարածողները մեր կեսարացի ազգայիններն էին, որոնք աժան գնով տուն վարձելու համար հնարած էին այդ լուրը։ Եւ արդարեւ, տուներուն գիները հարիւրին վաթսուն իջան. շատ մը վաճառականներ իրենց առնելիքն ուզեցին գեղիս մէջ նստող վաճառականներէն. շատերը հեռացան գեղէն. իսկ մեր կեսարացի ազգայիններն իրենց նստած տեղէն չշարժուեցան, թող աժան նստինք ու գետնին տակն անցնինք, ըսելով ։
Այս գեղին մէջ թէպէտեւ երեքհարիւր յիսուն տուն հայ կայ, բայց բնիկ ազգային հազիւ քսաներեք ու երեք քառորդ մարդ կայ. մնացածն այլեւայլ թաղերէ գաղթած է։
Ժամանակաւ ամայի դաշտ մ ՚ էր այս գեղը. իսկ երբ քանի մը եւրոպացիներ, որոնք որսորդութիւն ընելու մոլութիւնն ունէին, այս գեղն եկան զայն որսորդութեան յարմար գտնելնուն համար՝ մեր ազգայիններէն ալ շատերը անոնց հետեւելով եկան բնակութիւն հաստատեցին հոն։ Այսօր եթէ եւրոպացիներն հեռանան այդ գեղէն՝ մեր ազգայիններն ալ կթողուն զայն։ Ո՞վ կրնայ պնդել, թէ մեր ազգայիններն եւրոպացիներու նմանիլ չեն ուզեր … ։
Այս գեղին մէջ բաց ի հարաւէն կտիրէ նաեւ ազնուապետութիւնն, որ հարաւին չափ տենդ կպատճառէ գեղին ազգային գործերուն եւ թերեւս անկէ աւելի վնասակար է ։
Ամեն անգամ, որ թաղական խորհուրդ ընտրուած է՝ անդամներու մէջ անհամաձայնութիւն գոյացած է։ Թաղական խորհուրդն այնքան կարծիքներէ բաղկացած է, որքան անդամներէ որ կազմուած է, եւ այս շատ վնաս տուած է ազգային վարժարանին յառաջադիմութեան։ Թաղական խորհրդոյ իւրաքանչիւր անդամն իրեն հաճելի եղած դրութեամբ կ ՚ ուզէ առաջ տանիլ վարժարանը. մին ֆրանսական դրութիւնը կպաշտպանէ, ուրիշ մը գերմանական դրութեան վրայ կյարձակի, երրորդ մը անգղիական դրութիւն իբրեւ փրկարար միջոց կնկատէ, չորրորդ մը թրքական դրութենէն մազիւ չափ չշեղիր, հինգերորդ մը աւստրիական դրութիւնը կփաստաբանէ, եւ կարծիքներուն այս անհամաձայնութեան մէջ վարժարանը կգոցուի, եւ բացուելու համար կսպասէ, որ թաղական խորհուրդն հաճի դրութիւն մը ընդունիլ։ Թաղական խորհուրդն չկրնար համաձայնութիւն գոյացնել. բայց վարժարանը կբացուի եւ կսկսի կառավարուիլ, օր մը գերմանական դրութեամբ, օր մը ֆրանսիական դրութեամբ, առաւօտ մը թրքական դրութեամբ եւ երեկոյ մը անգղիական դրութեամբ. այսպէս թաղականի մէջ համաձայնութիւն կգոյանայ եւ թաղեցին ուրախ սրտով զիրար կշնորհաւորէ ըսելով. « Ապրին թաղական խորհրդոյ մեծապատիւ անդամներն, որ իրարու հետ համաձայնած են »։ Սակայն այս վարժարանին անկանոն ընթացքը մեծ օգուտ բերաւ ազգին, ծնունդ տուաւ Պէրպէրեան վարժարանին, այժմ Իճատիէ, որ պատիւ կբերէ ազգին ։
Գիւղիս բնակիչներ շատ քաղաքավար են. իրարու սիրտ չկոտրելու համար ամենամեծ զոհողութիւններու յանձնառու կ ՚ ըլլան ։
Անցեալները ազնուապետական դասէն մէկը կացինով մը վարժարանին հիմը տեղէն կհանէր. ուրիշ մ ՚ ալ քանի մը քայլ հեռուէն կդիտէր։ Երբ այս վերջնոյն հարցուեցաւ, թէ ինչո՛ւ անտարբեր կեցած էր՝ հետեւեալ պատասխանը տուաւ.
Մտերիմ բարեկամս է, եղբա՛յր. միտքս դրի, որ երթամ երկու խօսք ընեմ, բայց վերջէն մտածեցի, որ մեր բարեկամութիւնը պիտի վիրաւորուի. անոր համար թող տուի, որ ուզածն ընէ ։
Մաս մը կայ հոս, որ ազնուապետներու գործիք ըլլալով՝ այն ատեն միայն ազնուապետներու առջեւ ձայն կրնայ հանել՝ երբ շարքի մը երգել հարկ ըլլայ ։
Մէկ մասն բոլորովին անտարբեր ազգային գործերու՝ կա՛մ ծովեզրեայ սրճարաններու մէջ նարտ կխաղայ եւ կամ նարկիլէ կքաշէ ։
Ուրիշ ազնուապետական մաս մ ՚ ալ կայ, որ միայն ուիսթով կամ պէզիքով կծառայէ ազգին ։
Այս գեղին եկեղեցին, որու անունն է Ս. Թագաւոր եւ ուր Ս. Աստուածածնայ օրը մեծ տօնախմբութիւն կ ՚ ըլլայ՝ ուխտատեղի մ ՚ է եւ ուխտաւորներէն շատ դրամ կ ՚ ընդունի։ Այս Թագաւորն ալ ուրիշ թագաւորներու պէս բաւական հասոյթ ունի, բայց զայն գործածելու կերպը չգիտեր, ելմտագէտ թաղականներ չունենալուն համար։ Եթէ ուխտաւորներէն առնուած դրամներն լաւ մատակարարուէին՝ երջանիկ Ս. Թագաւոր մը կ ՚ ունենայինք եւ իւր վարժարանն ալ միշտ բարեկարգ վիճակի մէջ կյարատեւէր ։
Այս գեղին մէջ ընդհանրապէս կ ՚ ամչնան ազգային զգացում կրելու, ինչպէս դու կամչնաս տունդ ջուր կրելու։ Եթէ երբէք ստիպուին ասոնք օր մը ազգային զգացման պէտքը ճանաչելու՝ դարձեալ իրենք անձամբ չպիտի կրեն զայն, այլ իրենց սպասաւորներուն պիտի տան զայն, որ իրենց ետեւէն բերեն ։
Բայց այս գեղին մէջ կգտնուին նաեւ այնպիսի անձեր, որոնք ազգային զգացում կկրեն ։
Ասոնցմէ է Մուրատեան բարեհամբաւ գերդաստանն, որ ծանօթ է իւր ազգասիրական գործերովն։
Մեծ. Մկրտիչ էֆէնտի Մուրատեան աղջիկներու վարժարան մը բացած է հոս 1868 ֊էն ի վեր եւ ամիսը 6 ֊ 700 դահեկան ծախք ընելով՝ աղքատ աղջիկներ դաստիարակել կու տայ հոն։ Ձմեռուան եղանակին մէջ աղքատներու ձրի ածուխ կբաշխէ, ինչպէս նաեւ աղքատներու ձրի բժիշկ կղրկէ եւ ձրի դեղ կու տայ։ Մուրատեան եղբայրներն իրենց մօրը թաղման համար եկեղեցւոյն եօթանասուն ոսկի եւ կտակի պաշտօնի համար ութսուն ոսկի, վարժարանի շինութեան համար հարիւր ոսկի նուէր ընելէն զատ՝ երկու հարիւր յիսուն ոսկի դարձեալ նուիրած են վարժարանի շինութեան համար ։
Նմանապէս հոս կբնակին Մեծ. Սերովբէ Կիւլպէնկեան, Աբիկ Ունճեան եւ Շաշեան Պօղոս էֆէնտիներն, Սովելոց Մասնաժողովոյ անդամներէն երեքն, որոնք իրենց միւս ընկերներուն հետ մինչեւ այսօր գիշեր ցերեկ աշխատելով՝ ամեն ազգասէր սրտերու մէջ անմոռաց յիշատակ մը թողած են, թէպէտ եւ մեր Ազգային Ջոջերէն հնգական օրինակ առած չեն։ Ասանկ աշխատող ազգասէրներ ունենալնէս ետքը՝ սովն դեռ քառասուն տարի ալ տեւէ՝ բնաւ փոյթ չենք ըներ ։
Թաղիս բնակիչներն ընդհանրապէս հարուստ են եւ ընդհանրապէս մէկ ձիթապտուղը, կ ՚ ըսեն, չորս պատառ կ ՚ ընեն. տնտեսագիտութիւնն մինչեւ այս աստիճան յառաջ գնացած է. բայց շատ հարուստներ այս ալ շռայլութիւն համարելով՝ որոշած են սեղանի վրայ մէկ ձիթապտուղ միայն դնել ։
Քանի մը հարուստներուն համար ալ արեւը սովորականէն երեք ժամ վերջը կծագի, երբեմն ալ բնաւ չծագիր, եւ այդ հարուստներն մինչեւ երեկոյ քնանալով՝ գիշերը կարթնանան եւ կսկսին իրենց բրէֆայ ին ։
Ուրիշ թաղերու հետ բաղդատմամբ՝ օղիի եւ գինիի գործածութիւնը քիչ է հոս. ընդհանրապէս գոնեաք կգործածուի ։
Իգական սեռն գոնեաքի տեղ բամբասանք կգործածէ եւ առանց ջուրի։ Իրարու ետեւէ զիրար գետինը կ ՚ անցունեն, իսկ երբ դէմ առ դէմ գան՝ զիրար երկինք կը բարձրացունեն ։
Եթէ գործ չունիս՝ եկո՛ւր սա պատուհանին առջեւ քիչ մը կայնինք ու մտիկ ընենք ։
Տիկին Քաթի՛կ, օրիորդ Աղաւնին տեսա՞ր երէկ ։
Բարով խէրով չտեսնէի, ատ ո՛րչափ ճերմակ քսուած էր … գլուխն ալիւրի պարկին մէ՞ջ է խօթ եր, ի՛նչ է ըրեր ։
Անանկ ալ շրջազգեստ մը հագած էր, որ չորս կողմը բաց էր ։
Թերեւս քումաշ պակսած է ։
Գոնէ ոտները պզտիկ ըլլային ։
Այսու ամենայնիւ սատանան շատ գեղեցիկ է ։
Գեղեցկութիւնն ալ ո՞ւր է ատոր … երեսը բնաւ տեսնել չեմ ուզեր, կռողը տեսնէ ։
Ահա օրիորդ Աղաւնին դուռը կը զարնէ այն տան, ուր այս խօսակցութիւնը կ ՚ ըլլայ։
Բարի եկաք, օրիորդ Աղաւնի, աս ո՞ւր էք. հիմա տիկին Քաթիկին քեզի համար կը խօսէի եւ կ ՚ ըսէի, թէ օրիորդ Աղաւնին մեզի բոլորովին մոռցաւ ։
Ես ձեզի կը մոռնա՞մ, ամեն օր գալ կ ՚ ուզեմ, բայց տան գործերը թող չեն տար։ ( Մեկուսի ) Կռողը տանի երկուքնիդ ալ։
Օրիորդ Աղաւնի, իրաւ որ ձեզի տեսնամ նէ՝ քոյրս տեսածի պէս կ ՚ ըլլամ։ ( Մեկուսի ) Սատանան տեսնէ երեսդ։ ( Բարձր ) Օրիորդ Աղաւնի, ամեն օր տեսնամ նէ քեզի՝ չեմ վշտանար ։
Շնորհակալ եմ։ ( Մեկուսի ) Խենթ ըլլալու էի, որ խօսքերուն հաւատայի ։
Այդ շրջազգեստիդ ձեւն ո՞ւսկից առիր, Աղաւնի ։
Հաւնեցա՞ք ։
Շատ հաւնեցայ, օրիորդ Աղաւնի, հատ մ ՚ ալ ես պիտի շինեմ անանկ ։
Հաւնելու բան մը չէ կարծեմ ։
Ի՞նչ կ ՚ ըսես, օրիորդ Աղաւնի, շատ ձեւաւոր էր։ Օրիորդ Աղաւնի, խահվէ՞ կ ՚ ուզէք, անո՞ւշ կ ՚ ուզէք, պտո՞ւղ կ ՚ ուզէք, կերակո՞ւր կ ՚ ուզէք, գինի՞ կ ՚ ուզէք, սիկարա՞ կ ՚ ուզէք. կաղաչեմ, օրիորդ Աղաւնի, առանց քաշուելու զրուցեցէ՛ք ։
Բան մ ՚ ալ չեմ ուզեր, ձեր ողջութիւն կ ՚ ուզեմ ։
Անուշ մը հրամմեցէք ։
Շատ լաւ, կ ՚ ընդունիմ ։
Քեզի բան մը պիտի հարցնեմ, բայց շիտակ պիտի զրուցես, վասնզի շաբաթ մը կայ որ տուներուս մէջ կռիւը պակաս չէ. տիկին Թէրէզային առջեւի ակռաները շինծու չե՞ն մի ։
Ետեւիններն ալ շինծու են ։
Ողջ ըլլաս, ես կ ՚ ըսեմ նէ՝ ինծի չեն հաւատար … անուշ մ ՚ ալ կհրամմէ՞ք, օրիորդ Աղաւնի։
Չէ, շնորհակալ եմ ։
Բան մ ՚ ալ պիտի հարցունեմ, բայց կը քաշուիմ կոր … ։
Մի՛ քաշուիք ։
Տիկին Մարթային գիրութիւնը բնակա՞ն է թէ բամպակ թխմած է։
Տիկին Անթառամին ըսածին նայիս նէ՝ բամպակ է, իսկ տիկին Շուշանին խօսքին հաւատանք նէ՝ բուրդ կը թխմէ եղեր ։
Շնորհակալ եմ, օրիորդ Աղաւնի, մեզի մեծ հոգէ մը ազատեցիր. չգիտես քանի մը օրէ ի վեր ո՛րչափ անհանգիստ էի … օրիորդ Աղաւնիին կերակուր բերէք ։
Օրիորդ Աղաւնին մնաք բարով կ ՚ ըսէ եւ կը մեկնի մռմռալով. « ասոնք ալ միշտ ուրիշները վար զարնելու խօսքեր կ ՚ ընեն »։
Իգական սեռի մէջ կայ ընտիր մաս մը, որ երբեմն ազգային խնդիրներու վրայ կխօսի. կայ մաս մ ՚ ալ, որ Ազգանուէր֊Հայուհեաց ընկերութեան մէկ ճիւղը կկազմէ այս գեղին մէջ եւ որ մեծ գործեր տեսնելու պատրաստուած է։
Նորաձեւութիւնը տեսակ մը ախտ եղած է հոս. գեղեցիկ սեռը շատ անգամ դիտակով Մարսիլիայի շոգենաւին կը նայի, որ վերջին ձեւն ամենէն առաջ իւր վրայ երեւի ։
Գեղիս զբօսավայրն է Մօտա պուռնու ըսուած տեղն, որ ծովու վրայ կնայի. բայց հոն գացողները ծովին չեն նայիր, այլ գեղեցիկ սեռին, որ անշուշտ ծովէն աւելի զուարճութիւն կը պատճառէ ։
Գեղիս բերքն է առաջին կարգի տենդ. աղքատները տենդին երրորդ տեսակէն կրնան առնել. առաջին տեսակը հարուստներու համար պահուած է եւ շատ սուղ կծախուի ։
Զարմանալի է սակայն, որ բժիշկներն երբեմն հիւանդներ կղրկեն հոս՝ օդափոխութեան համար ։
Օդին վիճակը խեղճ է. Իւսկիւտարը թող չտար, որ հիւսիս մտնէ հոն եւ բարեկարգութիւն մտցունէ օդին մէջ ։
Ը.
ՐՈՒՄԷԼԻ ՀԻՍԱՐ
Հրամմեցէք, աղա՛, պատուական սթաքոզ, աժան պիտի տամ ։
Մի՛ քաշեր, եղբայր, թո՛ղ տուր օձիքս ։
Պատուական սթաքոզ, աղա, օղիի հետ աղէկ կ ՚ երթայ ։
Թո՛ղ տուր, պէտք չունիմ ։
Ինծի նայէ դուն, աղա՛, եկուր քեզի աղուոր քէֆալ տամ, անոնց մի՛ նայիր դուն …
Ձուկ առնելու համար չեկայ հոս, եղբայրներ ։
Ասդին եկուր, բարեկա՜մ, անոնք խարդախ մարդեր են … օխա մը ձուկ ունիմ պահած, քեզի տամ, օղիին վրայ շատ աղէկ կ ՚ ուտուի. այս առտու բռնեցի, բարեկամի տրուելու բան է …
Չեմ ուզեր ։
Եկուր քեզի օղի մը հրամցունեմ ։
Շնորհակալ եմ, ես թաղը պտտելու համար եկայ եւ ոչ թէ օղի խմելու համար ։
Այս գեղին մէջ օղի կխմուի, բարեկամ, եւ առանց օղի խմելու պտտիլն անկարելի է հոս ։
Սովորութիւն չունիմ ։
Գոնէ սա ձուկէն առ, աժան պիտի տամ ։
Չեմ ուզեր ։
Ի՞նչ կ ՚ ուզէք մարդէն, անպիտաններ, թող տուէք, որ գործին երթայ, ինչո՞ւ օձիքին փակեր էք ։
Ձեր մարդասիրութենէն շնորհակալ եմ ։
Ասոնք անանկ մարդիկ են, որ նաւամատոյցին վրայ մէկը տեսնելուն պէս չորս կողմէն կը պաշարեն ։
Այո՛ ։
Եւ կ ՚ ուզեն, որ բռնի ձուկ առնել տան քեզի ։
Ճիշտ է ։
Քանի անգամ ըսած եմ իրենց, որ այս բնաւորութիւննին փոխեն ։
Շատ բարի մարդ էք։ Մնաք բարով, թաղը քիչ մը պիտի պտտիմ ։
Հազար անգամ պատուիրեցի իրենց, որ գեղը եկողներն մի ձանձրացունէք, բայց որո՞ւ կ ՚ ըսես ։
Շնորհակալ եմ, մնաք բարով ։
Ասոնք անանկ մարդիկ են, որ գլուխնուն դրածը կ ՚ ընեն ։
Շնորհակալ եմ ։
Գեղին վարժարանին համար քանի մը ղուրուշ նուէր կու տա՞ք, աղա. ծառադ իմ վրաս առած եմ դպրոցին տնօրէնութիւնն եւ կը կառավարեմ ։
Թաղեցին ի՞նչ կ ՚ ընէ ։
Թաղեցին ձուկ կբռնէ ։
Դպրոցն եկամուտ ունի՞ ։
Ոչ, դպրոցը եկամուտ չունի, եւ առանց եկամուտի ալ շատ աղէկ կառավարուելու վրայ է … փառք Աստուծոյ, մենք եկամուտի պէտք չունինք ։
Առանց դրամի ի՞նչպէս կկառավարուի ։
Վարժապետներու ամսական չեմ տար ։
Լա՛ւ ։
Տնտեսի ալ ամսական չեմ տար ։
Շատ աղէկ ։
Թուղթի, գրիչի եւ մելանի ալ ստակ չեմ տար ։
Կեցցե՜ս ։
Փայտի ածուխի համար ալ բան մը չեմ վճարեր ։
Սքանչելի՜ … գոնէ բոլոր վարժարաններու տնօրէնութիւնը դուն առնէիր վրադ ։
Հիմա, հարցուր ինձ, թէ ի՞նչպէս կը կառավարես ։
Հարցուցի ։
Հարցուցի ըսելով չըլլար, հարցո՛ւր ։
Շատ աղէկ, ի՞նչպէս կկառավարես ։
Ռոպէրթեան վարժարանի հայ ուսանողներէն մէկ քանին կու գան ձրիաբար դաս կու տան. է՛յ, ըսէ ։
Է՛յ ։
Տնտեսի համար պէտք չունիմ. աշակերտներն իրենց ուտելիքն ու խմելիքն իրենք կբերեն. է՛յ, ըսէ ։
Է՛յ։
Թուղթը գրիչը եւ մելանը ասդիէն անդիէն կմուրամ. է՛յ, ըսէ ։
Է՛յ ։
Փայտի, ածուխի պէտք չունիմ, վասնզի մեր աշակերտները մրսելու սովորութիւն չունին։ Ահա այսպէս կկառավարեմ դպրոցը, բայց դարձեալ կբամբասուիմ ։
Ի՞նչ ըսելով կբամբասեն ։
Կ ՚ ըսեն թէ երբեմն քանի մը ընկերներուս հետ վերը այգին կելնեմ օղի խմելու եւ դպրոցին աշակերտներուն խաղ կանչել կու տամ։ Կ ՚ ըսեն թէ ձկնորսներու օղի խմցունելով զանոնք շահած եմ եւ գեղին մէջ հասարակաց կարծիքը խղդած եմ։ Անցեալները վարժուհիի մը խնդիր ծագեցաւ. ես կ ՚ ուզէի որ վարժուհին ելնէ. գեղին բոլոր ձկնորսներն ժողովքի եկան եւ միաբերան պօռացին վարժուհին չենք ուզեր ։ Քանի մը լուսաւորեալներ սկսան հարցնել, թէ վարժուհուն ինչո՛ւ չէք ուզեր, եթէ յանցանք ունի՝ ըսէք յանցանքն եւ ան ատեն մենք ալ ձեզի հետ կ ՚ ըլլանք եւ չենք ուզեր։ Ձկնորսները, որ բարի մարդիկ են՝ նորէն պօռացին ։
Չենք ուզեր ։
Ինչո՞ւ չէք ուզեր ։
Մենք ի՞նչ գիտնանք. Բառնիկ աղային հարցուցէք։
Բայց վարժուհին յանցանք չունի ։
Յանցանք չունենալուն համար չենք ուզեր, ըսին եւ վէճը գոցուեցաւ. եթէ չգոցուէր՝ ձկնորսներն աղէկ մը պիտի ծեծէին այդ լուսաւորեալները։
Վարժարանն հիմա ի՞նչ վիճակի մէջ է ։
Աղէկ է. ես ուրիշ գործ չունիմ, առաւօտէ մինչեւ երեկոյ դպրոցի համար կաշխատիմ. ուզած ժամանակս ալ ազգային հանդէս ըսելով՝ լրագիրներու մէջ ծանուցում կ ՚ ընեմ, հանդէս մը կու տամ, քանի մը հարիւր դահեկան ալ անկէ կփրցունեմ։
Ի՞նչ բանի հանդէս է այն։ Սահմանադրութեան տարեդարձի՞ հանդէս է, եկեղեցւոյն տօնախմբութեա՞ն հանդէս, թէ վարժարանին … ։
Իրաւ որ կարեւորութիւն տուած չեմ անուն մը դնելու համար. եկո՛ւ տես, որ հարցնող փնտռո՛ղ ալ չկայ, բայց գալ տարի անուն մը պիտի դնեմ ։
Քանի՞ տուն հայ կայ ։
Ամառը ութսուն տուն է, աշունը եօթանասունըհինգ, ձմեռը վաթսուն եւ գարունը վաթսունըհինգ ։
Թաղեցիին արհեստն ի՞նչ է ։
Թաղեցիին մէկ մասը նաւավար է եւ մէկ մասը ձկնորս։ Ամենքն ալ մաքուր սիրտ կկրեն եւ մաքուր օղի կխմեն, բայց այնչափ առողջ են, որ սովորական խօսակցութեան մը մէջ անգամ իրենց ձայնը Թարապեայէն կը լսուի։ Հաստանդամ մարդիկ են, շատ կապրին. անուշ֊անուշ հայհոյել մը ունին ։
Ողջ ըլլան։ Կիներն ի՞նչպէս կեանք կ ՚ անցունեն ։
Եազմա կշինեն, կծախեն եւ էրիկնին կնային։ Ուրիշ թաղերու մէջ՝ գործը կարգին դնողն միայն կկարգուի, որ կարենայ իւր կինը ապրեցունել. հոս հակառակն է. ապրուստը ճարել չկրցողը կկարգուի, որ կինը զինքը նայի։ Հոս պճնասիրութիւն, բամբասանք, շռայլութիւն, թատրոններ, զբօսարաններ չկան. հոս կեանքն անմեղ է ։
Մեծապէս շնորհակալ եմ տուած տեղեկութիւններէդ ։
Օդը շատ քաջառողջ է. եթէ առջի իրիկուընէ երկու օխա օղի խմես՝ առտուն անանկ թեթեւ կ ՚ արթննաս, որ կկարծես թէ առջի գիշերը բան մը խմած չես. շատերը հոս կու գան օղի խմելու ։
Շնորհակալ եմ ։
Եթէ վարժարանին համար նուէր մը ընես՝ ես ալ շնորհակալ կ ՚ ըլլամ ։
Եկո՛ւր սա ձուկը մի՛ փախցուներ, աղա ։
Սա ստաքօզն առ ու օղիի մէզէ ըրէ, տղա՛ս ։
Սա քէֆալը չառնե՞ս ։
Պէտք չունիմ, ըսի եւ ինքզինքս նաւակի մը մէջ նետեցի։