Акоп Паронян

Ազգային ջոջեր

ՄԿՐՏԻՉ ՏԻԳՐԱՆԵԱՆ

Սուրբ Գիրքէն գիտենք, որ Փարաւոն երբ Աստուծոյ առաջարկութիւնը մերժեց. Աստուած սկսաւ եգիպտացիներուն իրարու ետեւէ պատիժներ ղրկել, որոնց թիւը տասնի յանգեցաւ, Փարաւոն մինչեւ իններորդ պատիժը յամա­ռութեամբ դէմ կեցաւ. եւ տասներորդին առջեւ ալ կը վարանէր հնազանդութիւն յայտնել՝ երբ Մովսէս եւ Ահարոն իրեն յայտնեցին թէ` եթէ նորէն յամառիս` իբրեւ մետասաներորդ պատիժ Մկրտիչ Տիգրանեանը պիտի ղրկէ Աստուած: Փարաւոն այս յայտնութենէն սոսկալով` Մովսէսն եւ Ահարոնը անմիջապէս կանչել տուաւ, արտօնեց զիրենք որ ելնեն երթան, իրենց ունեցածն ալ մէկ­տեղ տանելով: Փարաւոնին հնազանդութեանը վրայ Աստուած ստիպուեցաւ քովը պահել Տիգրանեանը: 1815 թուականին երբ տեսաւ Աստուած, որ մեր կրած տառապանքներէն չխրատուելով` անարժաններէն վարդապետ, քահանայ կը ձեռնադրենք եւ ազգին իրաւունքներն անոնց ձեռքն կը յանձնենք, բարկացաւ եւ Մկրտիչ Տիգրանեանը, պատիժներուն նախագահը, ղրկեց որ խրատուինք, թէպէտեւ մենք այս պատիժն ալ առ ոչինչ գրելով շարունակեցինք եւ կը շա­րունակենք մեր ընթացքը:

Մկրտիչ եպիսկոպոսին աշխարհ գալուն բուն պատճառն մեր ընթերցող­ներուն յայտնելէ ետքը, պարտք կը սեպենք անոր քանի մը մականուններն ալ հոս յիշել, որպէս զի ուրիշ Մկրտիչներու հետ չշփոթեն իւր անունը:

Մկրտիչ եպիսկոպոս Տիգրանեան պոլսեցիներէն կ՚անուանուի հրաշագործ. Հայաստանի մէջ քիւրտերէն կը յորջորջուի շամմաս հուլուպ, որ կը թարգ­մանուի ապուրի վարդապետ, լուսահոգի Յակոբ պատրիարքէն կը կոչուէր եօթն փորձանք, զորս արդի վեհափառ Գեւորգ կաթողիկոսն մեր ազգին համար բա­ւական չհամարելով` փորձանք մ՚ալ ինք աւելցուց եպիսկոպոսութեան աստի­ճան տալով անոր:

Արդ, Մկրտիչ եպիսկոպոսը ծնած է Տիգրանակերտ, 1815 թուականին:

Ի ծնէ վառվռուն եւ բարեկարգութեան սիրահար գոլով` վայրկեան մը հան­գիստ չէր մնար: Շաբաթն երեք անգամ տունը կը լուար, կը մաքրէր, կ՚աւլէր, պատին վրայ բեւեռ մը գամելու համար տանը հիմերուն բեւեռները կը քակէր բարեկարգելու համար տունն, որ վանքերէն աւելի հաստատ հիման վրայ շին­ուած ըլլալուն պատճառաւ չէր կործանուէր: Մայրն զաւակին ըրած բարեկար­գութիւններէն ձանձրանալով` բռնեց զինքը Կոնոնոսի վանքը ղրկեց:

1827֊ին կը մտնէ Կոնոնոսի վանքը: Բաւական տարիներ հոն կերակրուելէն ետեւ, ձեռք կը զարնէ վանքը բարեկարգելու, իսկ երբ կը տեսնէ, որ մէկ կող­մէն վանքը յօժարութիւն ցոյց չտար բարեկարգուելու, եւ միւս կողմէն վա­նահայրն յարգը չճանաչեր իւր ծառայութիւններուն` որովք վանքն օրըստօրէ ետ ետ կ՚երթար, կը թողու այս ագարակն անիծելով մարդերու ապերախտու­թիւնը: Չվհատիր սակայն, միտքը կը դնէ վանք մը փնտռել, ինչպէս որ ամէն մարդ գործ մը կը փնտռէ ոչ այդ գործով ապրելու, այլ այդ գործը բարեկարգելու համար:

1837֊ին Մշոյ ս. Կարապետի վանքը կ՚երթայ: 1839֊ին վարդապետ կը ձեռնադրուի եւ իւր ապաշխարանքը կը քաշէ Կաղ Գրողին օճախին մէջ: Աւանդութիւն մը կայ թէ սատանան տարին քանի մը անգամ այդ օճախը կու գայ եւ անոր մոխիրը կը խառնէ եւ թէ այս է պատճառ, որ յիշեալ վանքին մէջ խռովութիւնն միշտ անպակաս է: Ուրիշ աւանդութեան մը նայելով` Մկրտիչ եպիսկոպոս այդ օճախին մէջ ապաշխարանք քաշած ժամանակն երբ սատանան կու գայ մոխիրը խառնելու` ապաշխարողէն վախնալով կը փախ­չի, եւ Մկրտիչ եպիսկոպոս կը սկսի այս մոխիրը խառնելու:

1841֊ին ձանձրանալով վանքին մէջ անգործ մնալէ, ճամբայ կ՚ելնէ Քիւրտստանի բարեկարգութեան համար, ինչպէս կը գրէ ինք իւր Հայելի գործոցին մէջ, հայելի մը, որ դժբախտաբար շատ լաւ կը ցուցնէ անոր պատկերը: Քիւրտստանի բարեկարգութեան խնդիրն, ինչպէս յայտնի կը տեսնուի, Տիգրանեանի օրով ծնած է: Հայաստանի վանքերուն եւ Քիւրտստանի բարեկարգութեան վրայ տասներեք յօդուածներէ բաղկացեալ կանոնագիր մը կը խմբագրէ, եւ երբ անոնց գործադրութեանը պիտի ձեռնարկէր, իւր դէմը կը տեսնէ Դոն Քիշոտի օդային ախոյեանները, որոնց դէմ թէպէտեւ քաջութեամբ կը կռուի, բայց յաղթուելով ետ կը դառնայ:

Այս պարտութիւնն զինք սուրբ Յովհաննէսի վանքը կը նետէ: Եւ որով­հետեւ առանց պարտքի վանք չըլլար, այս վանքն ալ ունէր իրեն պարտքերն՝ որոնց վճարման համար վանահայրէն կ՚աղաչուի Մկրտիչ եպիսկոպոս` երթալ Պաղդադ ու Պարսկաստան հանգանակութիւն ընել: Տիգրանեան ո՛չ միայն Պաղդադ ու Պարսկաստան կ՚երթայ, այլ Կիլիկիոյ կողմերն ալ երթալով ցամա­քէն Պոլիս կու գայ 1844֊ին` միշտ հանգանակելով:

Հանգանակութիւնը գոհ չըներ նորին գերապատւութիւնը, որ կը փափա­քի Քիւրտստանի Հայաստանի չհասկնաք տղաներ դաստիարակել, Պատ­րիարքէն կոնդակ մը կ՚առնէ, ուրիշէ մ՚ալ ութը հազար դահեկանի արժողութեամբ դասագիրք նուէր առնելէն ետքը յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ կը սկսի նորէն հանգանակութեան Նիկոմիդիայէն ցամաքէն մինչեւ Տիգրանա­կերտ, ուր կը հասնի 1845֊ին: Ինք ալ իբրեւ Քիւրտստանի տղայ, դաստիարա­կութեան պէտք ունենալով, բնական էր, որ անբաժ չմնար հանգանակած գու­մարէն: Իւր խոստովանութեանը նայելով` ամբողջ Քիւրտստանի մէջ վար­ժարաններ կը շինէ… օդի մէջ: Սիլուանայ մէջ կը փափաքի վարժարան մը հաստատել… գետնի վրայ. բայց այս գործը քիչ մը դժուար ըլլալով փափաքն չկրնար իրականացնել, մանաւանդ թէ Սիլուանաբնակ ազգայիններն հայերէն չէին գիտեր, անխնամ, անհովիւ եւ ան տէր ունչ մնացած էին: Այս ժողովրդեան համար հասարակօրէն կ՚ըսեն եղեր.

Պաղ ջուրը կու գայ մեծ Սիլիւանա
Գէշ քրթու տղան է սեւ սատանայ.

Ա՛ռ բուրդ բամբակը շուտով մկրտէ:
Կ՚ուզէ հայ մնայ, կ՚ուզէ թրքանայ:

Այնպիսի գեղի մը մէջ, որուն վրայ ասանկ ոտանաւոր մը կը զրուցուի, վարժարան բանալը յայտնի է թէ որչափ դժուար գործ մ՚է, լաւ չենք յիշեր Սղերդի՞ մէջ թէ երազին մէջ ալ վարժարան մը կը բանայ. սակայն լաւ կը յի­շենք, որ Սղերդի մէջ են եզիդի աղանդաւորներն, որոնք սատանային գէշ չեն ըսեր եղեր: Դիտողութեան արժանի է, որ յիշեալ աղանդաւորները Մկրտիչ եպիսկոպոսին վրայօք ալ գովեստով կը խօսին:

Սակայն մարդը հանգիստ չեն թողուր, որ ամէն բան կարգադրէ: Մշոյ եւ Տիգրանակերտի առաջնորդներէն առնուած տեղեկութիւններուն վրայ Պատրիարքարանէն հրաման կ՚երթայ, որ կոնդակն Մկրտիչ եպիսկոպոսին ձեռքէն առնուի եւ ինքն ալ վանքի մէջ բանտարկուի: Մկրտիչ եպիսկոպոս կ՚իմանայ այս լուրն, եւ փոխանակ ձերբակալուելով վանք տարուելու, յօժար կամքովը անձնատուր ըլլալու համար ճամբայ կ՚ելնէ, սակայն ճամբան մոլորելով Մշոյ վանքը երթա­լու տեղ Կ. Պոլիս կու գայ երկրորդ անգամ 1845֊ին: Ս. պատրիարքին կը ներ­կայանայ եւ կը հարցնէ թէ ի՞նչ են իր յանցանքները: Պատրիարքն` որ գիտէր թէ իւր հարցման պատասխանելը անօգուտ էր, դուրս հանել կու տայ զինքը: Ամիրաներն, որ շատ անգամ գործերն անուշութեամբ կարգադրելու սկզբունքին կը հետեւէին, Քիւրտստանի վեց վանքերու անկախ առաջնորդ կ՚անուանեն Տիգրանեանն, որ կոնդակն առնելուն պէս ճամբու պատրաստութեան կը սկսի:

1846֊ին ճամբայ կ՚ելնէ… դժբախտութիւնն ալ ետեւէն: Խնուզ Այրոզ գիւղն իջած էր, ուսկից Մուշ պիտի երթար, եւ ահա քանի մը անձեր կը ձերբակալեն զինքը, զրպարտելով թէ մախաղին մէջը բողոքականի գիրքեր գտած են, եւ գա­նակոծելով կը բանտարկեն Աւագի Ովէի ախոռին մէջը: Քսան օրէն ետքը ախոռէն կը հանեն եւ երբ Ս. Կարապետի վանքին մէջ բանտարկուելու համար ճամբայ կը հանեն, բարեկամ քիւրտերն կ՚ազատեն զինքն ու կը յանձնեն կա­ռավարութեան, որ Կարին կը ղրկէ զայն՝ հոն դատուելու համար: Ինքը կը փափաքի Ս. Յովհաննու վանքն պատուել իւր ներկայութեամբը, իսկ երբ կը լսէ, որ կապանքով Ս. Կարապետի վանքին մէջ պիտի պատուասիրուի, կը փախ­չի. բայց կը ձերբակալուի, Մուշ կը բերուի, Մուշէն Ս. Կարապետ կը ղրկուի, ուր կը բանտարկուի ութսուն օր: Իւր բանտարկութեան այս շրջանին մէջ կը թարգմանէ Աւետարանն քրտերէնի. որպէսզի քրտերէն գիտցող ազգայիններն ալ հասկնան Աւետարանի հոգին եւ իրեն օրինակին չհետեւին: Բարեկամները կ՚երթան եւ կը յաջողին այս հալածեալ առաքեալն բանտէն հանելու:

1847֊ին երրորդ անգամ Պոլիս կու գայ: Մայրաքաղաք հասնելուն պէս պատրիարքարանն իրեն պատիւ ընելու նպատակով, երկու մարդ կը ղրկէ, որոնք կ՚ընկերանան նորին գերապատւութեան մինչեւ Փրկիչ, ուր կը բանտարկ­ուի տասնըհինգ օր եւ ուր խեղճին մախաղէն կը գողցուի հազար եօթը հարիւր դահեկան զոր չունէր:

Սակայն գործող մարդ մը բանտին մէջ չկրնար երկար ատեն մնալ. ուստի այս անգամ ալ բանտէն ազատուելու համար կ՚առաջարկէ որ Հայաստան դառնայ եւ Մարաբաս Կատինա Հայոց պատմութիւնը գտնէ: Ամիրային մէկն այս առաջարկութիւնն ընդունելով դրամ կու տայ իրեն, որ երթայ գտնէ այս Ազգա­յին Պատմութիւնը զոր` թէպէտեւ գտած կը համարի Տիգրանեան դրամը գրպա­նը նետելուն պէս, սակայն նորէն ճամբայ կ՚ելնէ:

1852֊ին իւր ըրած ազգօգուտ գործերուն համար նորէն Պոլիս գալու հա­մար հրաւէր կ՚ընդունի, որուն վրայ կ՚ելնէ չորրորդ անգամ Պոլիս կու գայ, բայց նորէն օձիքը կ՚ազատի եւ վարպետութեամբն ինքզինքն Եօզղատի առաջ­նորդ ընտրել կու տայ: Հազիւ թէ իւր պաշտօնատեղին կ՚երթայ, պսակի խնդիր մը կը յարուցանէ հոն եւ հինգերորդ անգամ Պոլիս կը բերուի: Այս անգամ քիչ մը խիստ կը վարուի. ազգային վարչութեան դէմ բողոքող աղերսագիր մը կու տայ Կայսեր: Կառավարութենէն հրաման կ՚երթայ պատրիարքարան, որ սրբա­զան պատրիարքը Բ. Դուռն երթայ եւ Տիգրանեանի հետ դատուի: Ամիրաները գործին կը միջամտեն եւ մեծ նեղութեամբ կը յաջողին ազգին իրաւունքները պաշտպանել Տիգրանեանի դէմ, որ ազգին իրաւունքներն պաշտպանելու նպա­տակով դատ բացած էր ազգին պատրիարքին դէմ: Պատրիարքարանն այն ատեն կը համոզուի, որ անկարելի է այս փորձանքին հետ վարուիլը: Քիւրտս­տան կը ղրկեն զայն. բայց հոն ալ նորէն մոխիր խառնելով կը ստիպէ պատ­րիարքարանն, որ զինքը Պոլիս բերել տայ. ուստի 1858֊ին վեցերորդ անգամ մայրաքաղաք կը մտնէ:

Այս թուականին Սամաթիոյ Ենի Մահալէի քարոզիչ կը կարգուի. բայց քարոզչութեամբ չկրնալով ապրիլ, կը սկսի հրաշագործութեան: Կաղեր, կոյրեր, խուլեր, համրեր, այսահարներ, անդամալոյծներ կը բժշկէր: Ամէն օր հի­ւանդներ կ՚երթային իրեն:

Հայր սուրբ, իմացանք որ դուք ամէն ցաւերը կը փարատէք:

Հրամմեր էք, օրհնած:

Քանի մը շաբաթէ ի վեր գլխու ցաւ ունիմ, կ՚ուզեմ որ փարատէք:

Գլո՞ւխդ թէ ցաւդ:

Գլուխս, հայր սուրբ, գլուխս:

Շատ լաւ, ինձի համար երկուքն ալ միեւնոյն բանն են: Եկուր խաչահանգիստ մը ընեմ:

Մարդը կը մեկնի եւ քանի մը ժամէն ետքը անդիի աշխարհը կ՚երթայ:

Երկրորդ մը կը ներկայանայ.

Հա՛յր սուրբ, սենեակին պատուհանը կոտրեցաւ:

Պատուհանը հոս բեր, վրան բժշկութեան աւետարան մը կարդամ:

Երրորդ մը.

Հա՛յր սուրբ, մազերս կը թափուին:

Այս ջուրով գլուխդ լուա՛:

Չորրորդ մը կը մտնէ.

Հայր սուրբ, անձրեւ եկած օրը սենեակս կը վազէ, ի՞նչ ընեմ:

Այս ջուրէն քիչ մը դի՛ր սենեակիդ վրայ:

Պատրիարքարանէն մէկը.

Հա՛յր սուրբ…

Այս ջուրէն ա՛ռ:

Պատրիարքը ղրկեց զիս…

Պատրիարքին ալ այս ջուրէն:

Ձեզի ըսելու որ…

Ձեզի ալ այս ջուրէն:

Քիչ մը…

Այս ջուրէն:

Պատրիարքարան հրամմէք:

Պատրիարքարանի ալ այս ջուրէն:

Եթէ չի գաք…

Եթէին ալ այս ջուրէն:

Նորէն բանտ պիտի երթաք:

Բանտին ալ այս ջուրէն:

Եթէ ընդդիմանաք` ոստիկանութեան ձեռքով…

Ոստիկանութեան ալ այս ջուրէն:

Պիտի բերուիք Փրկիչ:

Փրկիչին ալ այս ջուրէն:

Կառավարութիւնը…

Կառավարութեան ալ այս ջուրէն:

Վերջապէս ամէն ցաւերն այս ջուրով կը բժշկէր: Միայն այսահարներուն փորէն դեւերը կը հանէր, սակայն չկրնալով միշտ խոզեր գտնել, որ անոնց ղրկէ, շատ անգամ իւր փորին մէջ կը հիւրընկալէր դեւերը առժամանակեայ կերպով: Պատրիարքարանն թէպէտեւ կ՚աշխատէր անոր արգելուլ տուներու մէջ մտնելն, բայց այն ատեն ամէն տուն հետաքրքրութեան համար հիւանդ գտնուելով, չէր կրնար առաջքն առնել:

Մէկ կողմէն հրաշք կը գործէր, միւս կողմէն միշտ հանգանակութիւն կ՚ընէր: Ազգային եւ քրտերէն գրականութիւնը կը ծաղկեցնէր: Քրտերէն Քե­րական, Լապտեր, Լուսատու եւ Ընթերցարան տպել կու տար եւ տպագրութեան ծախքը ժողովրդէն կ՚առնէր: Երբեմն տպարանին չէր վճարեր ծախքը, երբ տպարանապետն երթար ոտք կոխէր եւ ստակ ուզէր այս ջուրէն ըսելով անոր ալ ջուր կու տար:

Բաւական ժամանակ հրաշագործութեամբ ապրելէն ետքը 1861֊ին Բալուի առաջնորդութիւնն կը ստանձնէ: Պաշտօնատեղին երթալէն քանի մը ամիս ետ­քը իւր փոքրաւորը ճամբայ կը դրուի Պոլիս գալու համար, եւ զարմանալի զու­գադիպութեամբ մը փոքրաւորին կինն ալ նոյն օրը Պոլիսէն կը մեկնի Բալու երթալու համար: Լրագիրներու մէջ գոռում գոչումը կը սկսի: Տիգրանեանը կը զգայ որ նորէն մոխիր խառնած է, գիրք ցրուելու համար Բալուէն… կը փախչի: Բ. Դռնէն հրաման կը տրուի Բալուի կառավարութեան, որ Տիգրանեանը Պոլիս ղրկէ: Կը լսէ այս լուրը, Կարին կը փախչի, Կարինէն Էջմիածին, ուր կաթողի­կոսն զինքը չընդուներ եւ կը ստիպուի վեցերորդ անգամ Պոլիս դառնալ 1863֊ին: Յանձնաժողով մը կը կազմուի, որ իւր յանցանքները քննելով տեղեկագիր մը պատրաստէ: Յանձնաժողովը նկատելով, որ տեղեկագիրն տասը հատորի բարձրացաւ եւ յանցանքներուն վերջը գալիք չունի` հրաժարեցաւ պաշտօնէն:

1866֊ին Հալէպի առաջնորդ անուանուելով Զէյթուն կը ղրկուի` հոն ծագած խռովութիւնները հանդարտեցնելու համար: Զէյթուն մտնելէն երկու ամիս ետքը հինգ տղայ կ՚առնէ հոնկից եւ անոնց դաստիարակութեանը համար կը սկսի ժողովրդէն դրամ հաւաքել: Յիշեալ հինգ տղաները առջեւը ձգած Եգիպտոս կ՚երթայ, հոն ալ բաւական հանգանակութիւն ընելէն ետքը Իզմիր կու գայ, Իզմիրէն Պոլիս միշտ հանգանակելով շոգենաւի մէջ ալ: Պոլիս Ալի փա­շային կը ներկայացնէ տղաները, որոնց երգ մը երգել կու տայ եւ յիսուն ոսկ­ւոյ գումար մ՚ալ նորին բարձրութենէն ընդունելով, տղաներն իբրեւ աղքատ ձրիաբար Փրկիչ կը դնէ, եւ Հալէպի ժողովուրդը հոգեւորապէս մխիթարելու հա­մար նորէն ճամբայ կ՚ելնէ դրամ հաւաքելու:

1868֊ին եպիսկոպոսանալու համար հանրագրութիւններ պատրաստել կու տայ եւ Էջմիածին կը մեկնի, ուր եպիսկոպոսութեան աստիճան կ՚ընդունի:

Բարձեալ Պոլիս կը դառնայ եւ Զէյթունի խնդիրը կարգադրելու համար պարտք ըրած կարծելով` ստակ ժողվելու համար կոնդակ մը կ՚առնէ եւ Ռու­մանիա կ՚ուղեւորի: Բաւական գումար մը կը հաւաքէ, սակայն երբ Պոլիս կու գայ եւ համար կը պահանջուի իրմէն` հաշուոյ տետրակները Պատրիարքարա­նի մէջ հրաշքով կը կորսուին եւ ինքն ալ ազատ կը մնայ հաշիւ տալէ:

1872֊ին Տիգրանակերտ կը քաշուի քիչ մը հանգստանալու համար, բայց որովհետեւ երկար ատեն չի կարող հանգիստ նստիլ, Մշոյ դաշտը կ՚ելնէ եւ որ­չափ կոյր, կաղ, խուլ, համր մարդեր որ կը տեսնէ, ամէնն ալ քահանայ կը ձեռնադրէ ի փառս Հայաստանեայց եկեղեցւոյ: Այս ձեռնադրութիւններուն պատճառը հարցուելով կը պատասխանէ թէ` այս խեղճերն արդէն քառասուն օրէ ի վեր բան մը կերած չըլլալով` իրենց ապաշխարանքն քաշած էին եւ հե­տեւապէս իրաւունք ստացած էին քահանայ ձեռնադրուելու: Պատրիարքարանը կը սպառնայ. Տիգրանեան կը ծիծաղի, բայց վերջապէս օր մը կը ձերբակալուի ծառի մը տակ եզ մը քահանայ ձեռնադրած ժամանակը: Սակայն անմիջապէս թողլով նորընծայ եզն, որուն փիլոն ալ տուած էր, կ՚աներեւութանայ… անտառներուն մէջ: Երբ Ներսէս արքեպիսկոպոս պատրիարքական գահուն վրայ կը բարձրանայ` կը գրէ վեհափառ կաթողիկոսին, որ շնորհ ընէ եւ հրաշագործն իւր իշխանութեանը տակ առնէ: Վեհափառ կաթողիկոսն՝ որուն աւելի արժանի էր եօթն փորձանքն ` չուզեր զայն իւր քովն պահել` յայտնելով թէ ինք արդէն բաւական ունի անոնցմէ: Տիգրանեան տեսնելով, որ ազգն դժուարութիւն կը յարուցանէ իւր վրայ փորձանք հրաւիրելու մասին` առանց հրաւէրի կ՚ելլէ դարձեալ Կ. Պոլիս կու գայ, ուր կը գտնուի այժմ Սամաթիոյ սուրբ Կարապետ եկեղեցին քարոզչութեան պաշտօնով:

Այս է ահա հրաշագործին կեանքը` որուն մէկ քառորդն անցած է ճամբոր­դութեան մէջ, մէկ քառորդը բանտերու մէջ, մէկ քառորդը մոխիր խառնելու մէջ եւ միւս քառորդն ալ ստակ հաւաքելու մէջ:

Շատ բաներ գրուած եւ զրուցուած են այս անձին վրայ: Լրագիրները հրատարակած են երբեմն, որ իր փոքրաւորներէն մին, ընդհանուր սովորութեան հա­մեմատ, շրջազգեստ հագնելու տեղ սխալմամբ բանթալոն կը հագնէր: Շա­տերը պոռացին այն ատեն` թէ այդ փոքրաւորն իգական սեռէ էր, բայց ինքը հերքեց այդ զրպարտութիւնն սա փաստերով, թէ հագուստը յօդ մ՚է. բանթա­լոնը արական գոյականներու վրայ կը դրուի, իսկ շրջազգեստն իգականներու վրայ. ուստի քանի որ իւր փոքրաւորն բանթալոն կը հագնի, քերականութեան կանոնին համեմատ արական է եւ ո՛չ իգական, սակայն խմբագիրներն, որ քերականութիւնը շատ չեն յարգեր, այս բացատրութիւնը գոհացուցիչ չգտան:

Հրաշագործն գիտնական մ՚է, սակայն շատ խնդիրներու մէջ կը տարբերի դարուս միւս գիտուններէն: Օդը չէ որ, կ՚ըսէ, շրջապատած է մեր բնակած երկրագունդն, այլ խաբէութիւնն, որ`

Անօսր է, վասն զի հաշիւներու ամենափոքր մասերու մէջ կրնայ մնալ:

Տարածական է, վասն զի պարագաներու համեմատ իւր նախկին ծաւա­լէն աւելի մեծ ծաւալ կրնայ ունենալ:

Թափանցիկ է, վասն զի շատ մը կրօնաւորներ անոր մէջէն կ՚անցնին:

Առաձգական է, վասն զի կրնայ ճնշուիլ պատրիարքարանէն, բայց նորէն իւր առաջին ծաւալը կ՚առնէ: Գիտնականութեան շնորհիւն է, որ մինչեւ այսօր այնչափ պաշտօն վարեց, եւ մօտերս Պաղդադու առաջնորդ պիտի անուանուի այնտեղի ազգայիններն առաջ տանելու համար:

Ոմանք կ՚ուզեն հաւատացնել թէ հրաշագործն, որուն ճակատէն վաթսուն­հինգ շնիկ աստղ անցած է, ազգն ա՛յնչափ տարիներ զբաղեցնելու վրայ շատ զղջացած է եւ թէ որոշած է փորձանք ըլլալ այն ամէն անձերու, որոնք ազգին շահն ոտնակոխ ընել կ՚ուզեն:

Մկրտիչ եպիսկոպոս Տիգրանեան միջին հասակով, թուխ դէմքով եւ փոքր աչերով մարդ մ՚է: Փողոցը գնացած ժամանակն այնպիսի ուշադրութեամբ կը նայի մարդու երես, որ կը ստիպուիս ձեռքդ բաճկոնիդ տանելու՝ նայելու հա­մար թէ ժամացոյցդ քո՞վդ է:

Եթէ իւր դէմքն կարելի ըլլայ կենդանի գոյներով նկարել` մեր առջեւը կ՚ունենանք պատկեր մը, որ կարծես մեզի կ՚ըսէ. կը բարեհաճի՞ք ձեր քսակն անուշութեամբ ինձ տալու, որպէսզի ձեզի քահանայ ձեռնադրեմ:

Իւր ամէնէն նշանաւոր կարծիքներէն մին է բոլոր աշխարհականները կրօնաւոր ընել: Այս եղանակով, կ՚ըսէ, աշխարհականները հոգեւորապէս մխիթարուելու համար քահանաներու դիմելու հարկ չեն ունենար եւ իրենք զի­րենք կը մխիթարեն: Այս համոզմամբ է, որ չորս հազարէն աւելի քահանայ ձեռնադրած է:

Будьте первым, кто оставит комментарий по этому поводу

Другие части "Ազգային ջոջեր"

Ятук Музыка
Песня старых дней
Тигран Мансурян

Песня старых дней

Давид Бек
Давид Бек
Играть онлайн