Акоп Паронян

Ազգային ջոջեր

ԳՐԻԳՈՐ ԱՐԾՐՈՒՆԻ

Գրիգոր Արծրունի, պատմագէտ, թատրոնապետ, ինդուկտիւ խմբագիր դեդուկտիւ Մշակի, ծնած է Մոսկուա, 1845 թուականին:

Հայրն, աղայ Երեմիա Արծրունի, իմանալուն պէս, որ զաւակ մ՚ունեցած է, անմիջապէս տուն վազեց եւ, Գրիգորին դէմքը դիտելէն ետքը, դուրս ելաւ իւր ծանօթներուն ըսելու.

«Եթէ տղաս տեսնէք` ինձի ողորմիս պիտի հանէք»:

Մանկական հասակէն փորձով ցոյց տուաւ Արծրունին, որ խմբագրա­կան ասպարէզին մէջ մեծ անուն պիտի հանէր օր մը, վասն զի նոյն հասա­կին մէջ իսկ մեծ կոչում ունէր… չհամոզուելու: Օրօրոցին մէջ ժողովրդակա­նութիւն կը քարոզէր. ամէն անգամ, որ ազնուապետական դասէն հիւր մը կը գտնուէր սենեակին մէջ, շորերը փոխելու կը ստիպէր մայրն այն նշաններով՝ զորս երախաներ կու տան նոյնիսկ բարձրապատիւ անձերուն առջեւ:

Պատանեկութեան օրերը Մոսկուա անցունելէն ետքը` Գերմանիա գնաց, ուր քանի մը տարիներ աշխատելով հսկայաքայլ յառաջադիմութիւններ ըրաւ իւր դասերուն մէջ. ծայրագունութեան աստիճան առաւ պատմութեան մէջ եւ եպիսկոպոսութեան աստիճանին բարձրացաւ յամառութեան մէջ:

1868֊ին Վենետիկ գնաց, ուր մէկ ամսու մէջ հայերէն սորվելով Հայր Ղեւոնդէն` հայկաբանութեան դաս տալ ուզեց հայր Արսէն Բագրատունւոյ:

Գրական ասպարէզը մտնելու համար գլխուն մէջ բաւական պաշար ամ­բարելէն ետքը` Տփղիս դարձաւ: Երբ տեսաւ հոն, որ հայերու մէջ մեռած էր ամէն կեանք եւ ոգի, սաստիկ բարկացաւ, եւ եթէ զինուորական եղած ըլլար` տարակոյս չկայ, որ ռմբակոծել կու տար այդ քաղաքը: Քանի մը ամիսներ խորհելէն վերջը, թէ ի՛նչ եղանակաւ կրնայ կենդանութիւն տալ ազգայիննե­րուն` որոշեց լրագիր մը հրատարակել այն լեզուով, զոր չէր գիտեր:

Երբ գրաքննիչին ներկայացաւ լրագրի մը արտօնութիւն խնդրելու հա­մար` գրաքննիչն հարցուց իրեն.

Լրագիր հրատարակելու չափ գիտէ՞ք հայերէն լեզուն:

Ես չեմ գիտեր, պատասխանեց Մշակին տէրը, բայց ընթերցողներս շատ աղէկ գիտեն… բարեկամներս ալ գիտեն:

Արտօնութիւն առնելուն պէս տուն վազեց Արծրունին եւ հարիւր քառա­սուն նամակ գրեց հրաւիրելով իւր ծանօթներն, որ հաճին Մշակի խմբագրու­թեանը մասին նպաստել իրեն: Բարեկամներն ընդունեցին այս հրաւէրն եւ 1872֊ին ի լոյս եկաւ Մշակն, որ բաժանորդէն աւելի խմբագիր ունէր: Խմ­բագրութեան կանոնադրութիւնը կը պահանջէր, որ ամէն յօդուած ամբողջ խմբագրութեան համաձայնութեամբը հրատարակուէր: Այս կանոնադրութիւնը շատ նպաստաւոր չէր Գրիգորին, որուն ամէն յօդուածները մէկի դէմ հարիւր երեսուն եւ ինը քուէով կը մերժուէին, եւ եթէ երբեք լոյս տեսնէին՝ մեծ փոփոխութիւն կը կրէին: Այսպէս, Մշակը, որուն ամսականն ինքը կը վճարէր, փո­խանակ իրեն ծառայելու` ուրիշներու կը հնազանդէր: Այս կէտն իրեն ծանր եկաւ եւ օր մը ինքնիրեն ըսաւ.

«Պէտք է որ իմ Մշակս միայն ինձի ծառայէ եւ ոչ ուրիշներու»:

Այս վճռոյն վրայ բարեկամները կամաց կամաց քաշուեցան խմբագրու­թիւնէ եւ Մշակն ալ սկսաւ իւր տիրոջը միայն ծառայել: Մշակն այս պարագային մէջ իւր պարտքը կը կատարէր, որովհետեւ Պ. Ամբակումին մշակն ալ չերթար Պ. Կիրակոսին սեղանը դնելու կամ կերակուրն եփելու:

Արծրունին իւր բարեկամներէն ազատուելուն պէս` յարձակողական դիրք մը առաւ: Սկսաւ հարուածել բոլոր այն անձերն, որոնք պատիւ չունէին Մշակի բաժանորդ ըլլալու. ձաղկել երիտասարդութեան անտարբերութիւնը, ազգային խեղճ մամուլն, որ աւելի խեղճ կացութեան մէջ ինկած էր Մշակին երեւմամբը, կղերն, որ միայն որովայնին կը ծառայէ եւ ազգասիրութիւնը միշտ իւր կոկորդին մէջ կը փնտռէ, կղերն, որ շատ հեռաւոր դարերէ ի վեր սկսած է արգելք դնել ամէն յառաջադիմութեան, հալածելով իմաստասէր մը, որ յանդգնած էր ըսելու թէ արեգակը Պեղոպոնեսէն մեծ է: Արծրունւոյ այս յարձակումները բոլորովին ապարդիւն չմնացին, ծնունդ տուին երիտասար­դական կուսակցութեան մը, որ մեղուական խումբ անուանուեցաւ: Վիճաբանութիւնն սկսաւ Մշակի եւ Մեղուի մէջ:

Յայտնի է, որ մեր մէջ ոեւէ խնդիր մը լուսաբանելու համար երբ վիճա­բանութիւն մը բացուի` բանակռուոյ մէջ իբրեւ փաստ մեծ տեղ կը բռնեն վի­ճաբանողներու մօրուքը, հասակը, հագուստը, ծնած քաղաքն եւ մինչեւ ան­գամ այդ քաղաքին բերքը: Եթէ կեսարացիի մը հետ վիճաբանութեան բռնուիս` ի՞նչ հարկ երկար բարակ տրամաբանել, պարզապէս զրուցէ իրեն. «Բարեկամ, որովհետեւ Կեսարիայէն պատուական ապուխտ կ՚ելնէ եւ որովհետեւ ժամանա­կաւ կեսարացի մը էշ մը ներկած է` ըսել է թէ իրաւունքը իմ քովս է»: Ադրիանուպոլսեցիի մը հե՞տ է վէճդ, ասկէ աւելի ի՞նչ դիւրին բան կայ. յաղթանակը միշտ քուկդ է: Ինչո՞ւ: Հարցունելդ աւելորդ է, վասն զի Ադրիանուպոլսէն քաշեր (պանիր) կ՚ելնէ, եւ քաշերէն աւելի ի՞նչ զօրաւոր փաստ կա­րող ես մէջ բերել զինքը համոզելու համար: Վառնացի՞ է ընդդիմաբանդ, հաւկիթի մէջ գնա փնտռել փաստերդ, անմիտ: Իզմիրցի՞ է, չամիչով եւ թու­զով կրնաս բերանը գոցել: Եթէ ասոնք բաւական չեն, ազատ ես քթէն կտոր մը փաստ փրցունել. քիթը պզտի՞կ է. հասակին վրայ ցատկէ. եթէ հասակը բարձր է՝ հագուստէն բռնէ. եթէ հագուստ չունի` մերկութիւնը ծաղրէ եւ վստահ եղիր, որ պիտի փառաւորուիս անմիտներու առջեւ: Քանի որ այս է մեր ազգային տրամաբանութիւնը` բնական է, որ Մեղու եւ Մշակ լրագիրներն ալ գոնէ ազգասիրութեան համար ընդունին զայն, ինչպէս որ ընդունեցին: Ասոնց մէջ այնչափ տաքցաւ վիճաբանութիւնն, որ եկաւ անձնականութեան յանգեցաւ: Արծրունւոյ կազմը Տեքարթի մեթոտէն աւելի զօրաւոր փաստ մ՚էր Մեղուի խմբագրին գրչին ծայրը. Սիմէոնեանի ամուրիութիւնը աւելի արժէք ունէր քան Քանթի մէկ վկայութիւնը: Անհրաժեշտ հարկ էր, որ այս երկու պարոնները կամ իրենց լեզուն փոխէին եւ կամ իրենց կազմը, որպէսզի վի­ճաբանութիւնն օրինաւոր ըլլար եւ չարժանանային ռուս լրագրի մը յանդիմանութիւններուն: Արծրունին երեք չորս տարի շարունակ Մեղուի հետ հո­գեւորական վիճաբանութիւն ընելէն ետքը, ուխտ ըրաւ, որ Մեղուի անունը բե­րանը չառնէ եւ սկսաւ հրատարակել այնպիսի յօդուածներ, որոնք բոլորովին հակառակ էին առաջին գրուածներուն: Եթէ երբեմն յօդուած պակսէր, Մշակը լեցնելու համար` իւր բաժանորդներուն թիւը կը ծանուցանէր եւ պակասը կը լեցնէր: 1877֊ին Մշակ սկսաւ շաբաթը երկու անգամ հրատարակուիլ եւ Արծ­րունի ամէն օր գովել գերմանական ուսումը եւ դրօշակը:

1878֊ին Արծրունւոյ թերթն ամէն օր կը հրատարակուէր այլանդակ գաղափարներով: Կը յանդիմանէր ս. պատրիարքն, թէ ինչո՞ւ պատրիարքարանն ու երեսփոխանական ժողովն Կարին չփոխադրեր, որպէսզի ուժը հոն միանայ: Կը կարծէր, անշուշտ, թէ Կարին նամակ ղրկելու չափ դիւրին բան է պատ­րիարքարանն ու երեսփոխանական ժողովն Հայաստան ղրկելն եւ թէ` պատ­րիարքն այս մասին անտարբեր է: Կ. Պոլսոյ ազգայիններն, որ Մշակի այս տեսակ կարծիքները կը կարդային, իրարու ականջն ի վար կը փսփսային.

Մշակ վաղը պիտի առաջարկէ, որ կամ Պոլիս Կարին փոխադրենք կամ Կարին Պոլիս:

Եւ Արծրունին պոլսեցիներուն այս անտարբերութեանը վրայ սրդողելով կը մկրտէր զանոնք թեթեւ, կեղծ ազգասէր, շուներու եւ գողերու խառնուրդ եւ ուրիշ այնպիսի ածականներով, զորս լրագրի մը մէջ հրատարակելու համար մարդս անպատճառ գերմանական դրօշակ ունենալու է:

Վերջերս երբ ս. պատրիարքն հայերու Հայաստանի մէջ ունեցած մեծա­մասնութիւնը կը հաստատէր՝ Մշակ իւր սովորական լեզուովը կը խրատէր պատրիարքն, որ էշերու եւ կովերու վիճակագրութիւնն ալ ընէ, եթէ մեծա­մասնութեան վրայ էր խնդիրը: Մարդերու, կ՚ըսէր, մտաւորական եւ բարոյա­կան հանգամանքը նկատողութեան կ՚առնուի եւ ոչ թէ անոնց թիւը: Բայց երբ Եւրոպան մեզմէ թուաբանութիւն կը պահանջէ, մենք չենք կարող իրեն փի­լիսոփայութիւն ներկայացնել: Ամէն մարդ կը փափաքի, որ Մշակի կարծիքն յաղթանակէ, բայց ի՞նչ օգուտ, քաղաքագիտութիւնը դեռ տգէտ ըլլալով` չէ կարող ըմբռնել պ. Արծրունւոյ բարձր գաղափարները:

Երբեմն այլանդակ կարծիքներ կը յայտնէ այնպիսի այլանդակ լեզուով, որ ընթերցողն կը շուարի, կը մնայ, թէ երկու այլանդակութիւններուն որո՞ւն վրայ խնդայ եւ որո՞ւն վրայ լայ: Ութը տարիներէ յետէ կ՚ուղղէ իւր աշխարհա­բարը, զոր ֆրանսացի մը աւելի շուտ կը հասկնայ այսօր քան հայ մը: Եւ որպէսզի զրպարտութիւն չհամարուի մեր ըսածը` հոս հեռագիր մը կը թարգ­մանենք իր լեզուով:

«Րեյնալ պատերազմական մինիստրին պախարակեց, որ խիստ մեծուրա­ներ չգործադրեց սենատորի մը դէմ, որ լեքիդիմական ցուցմունքներ առաւ: Կապինեդը կամենում է դեմիծիոնէ տալ: Բիւդժէի սոմաները ընդունուած են սենատից. եպիսկոպոսների կրեդիտը մերժեց եւ ժողովի սեսիան փակուած է յայտնում: Բիւլլըդենը կը ծանուցանէ, թէ կայսրուհին պլեւրիտ ունի»:

Եւ երբ եւրոպական լեզուի մը ծանօթ չեղող մէկը կարդայ այս տողերը ու բան մը չհասկնայ` պ. Արծրունին կը սրտմտի եւ հետեւեալ օրը Մշակին մէջ շանթ եւ հուր կը թափէ այն ամէն ընթերցողներուն գլխուն, որոնք իւր լեզուն չեն հասկնար: Խնդիր մը իմաստասիրելու ատեն որոշ ուղղութիւն մը չունի. ամառը պատճառէն արդիւնք կ՚երթայ, իսկ ձմեռը արդիւնքէն պատճառ. ինչպէս որ կաթողիկոսն ալ ամառը Էջմիածնէն Բիւրական կ՚երթայ եւ ձմեռը ետ կը դառնայ:

Այս ընթացքով յաջողած է վերջապէս իրականացնել իւր փափաքն, որ էր Մշակը կարեւոր թերթ մը ընել եւ զինքն ալ կարեւորութիւն ունեցող խմբա­գիր մը: Տփղիսու մէջ կառավարութիւնը հայ լրագրապետներու խորհուրդ չէր հարցուներ, իսկ հիմա պ. Արծրունին կը հրաւիրուի այն ժողովներուն, ուր քաղաքի մասին կարեւոր որոշում մը պիտի տրուի: Ռուս թերթերն երբեմն հատուածներ կը թարգմանեն Մշակէն: Եւրոպայի թղթակիցներն «Հայաստա­նեայց եկեղեցւոյ հայ Յակինթոս» կամ «հայ մամլոյ Էմիլ տը Ժիրարտէն» կը կոչեն զինքն եւ ինքն բնաւ բողոք չբառնար այս զրպարտութիւններուն դէմ:

Տփղիսու մէջ առաջին անգամ ինքը հաստատեց լսարանն, որու մէջ ինք ըրաւ առաջին ատենախօսութիւնը: Թէպէտեւ ատենախօսութեան նիւթն «Հայաստանի տնտեսական դրութիւնն» էր` բայց ատենախօսին ձեւերէն եւ շար­ժումներէն սա կը հասկցուէր, թէ մարդս ատենաբանելու ժամուն լայն թեւնոց­ներ դնելու չէ, որպէսզի ատենախօսն ժամանակ ունենայ իւր նիւթովն զբա­ղելու եւ ոչ թէ թեւնոցներովը:

Ունկնդիրները կը սորվէին նաեւ, թէ հազը ատենաբանութեան մէջ ստո­րակէտի տեղ կը ծառայէ եւ թէ ներելի է այնչափ հազալ, որչափ որ կը ներէ ունկնդիրներուն երկայնամտութիւնը կամ ատենաբանին անգթութիւնը: Իսկ երբ երկրորդ անգամ ժողովրդեան առջեւ ելնելու պատիւ ունեցաւ, իւր յու­զումները զսպեց եւ ճարտասանի մը պէս ատենախօսեց:

Ժողովուրդը կրթելու համար խմբագրութեամբ եւ ատենախօսութեամբ չշատացաւ. իւր ծախքովը թատրոն մ՚ալ հիմնեց, որպէսզի հոն ալ քիչ մը ծառայէ ազգին: Սակայն չյաջողեցաւ այս ասպարէզին մէջ. վասն զի գնոյ մասին չկրնալով համաձայնիլ դերասաններուն հետ` հարկադրեց զանոնք, որ ուրիշ տեսարանի մը վրայ ներկայացնեն իրենց խաղերը, մուկերու թողլով խաղալ իրենց դերն պ. Արծրունւոյ թատրոնին մէջ: Մշակի խմբագիրն այս անյաջողութեան վրայ սկսաւ ձաղկել այս դերասաններն եւ ատոնց ներկայա­ցումներն:

Քրիստոնեաներու անկախութեանը համար օգնելն իրեն նուիրական պարտք մը համարելով` վիրաւորեալները քաջալերելու համար բացաւ անոնց իւր հիւրանոցները, որպէսզի աներկիւղ վիրաւորուին եւ երթան հիւրանոցներու մէջ դարմանուին: Այս ծառայութեանը փոխարէն կայսրուհիէն շնորհակալու­թեան գիր ստացաւ:

Պ. Արծրունին, ինչպէս ըսինք, ժողովրդական մարդ է եւ այնչափ ատեն կը սիրէ իր ծանօթներն, որչափ ատեն, որ ասոնք միջակ աստիճանի մէջ ըլլան. իսկ բարեւ տալը դադրեցուցած է այն անձերուն` որոնք ստորագրութիւն չեն տուած իրեն, թէ իրմէ աւելի հարուստ չպիտի ըլլան: Իւր ծանօթներուն հետ ծանօթ կ՚ըսենք, վասն զի մեզ տրուած տեղեկութիւններուն նայելով` բարեկամ չունի հեզ եւ բարեբարոյ է. զանոնք շողոքորթելու կը զիջանի եր­բեմն, բայց ազնուապետականներն եւ հարուստները միշտ կ՚արհամարհէ եւ այս է պատճառն, որ Տփղիսու ազնուապետականներու հետ չէ կրցած երկար յարաբերութիւն ունենալ:

Առատաձեռն է` երբ մէկը շողոքորթէ զինքը. վարպետորդի մը երկու շլացուցիչ ածականներով կարող է անոր քսակն գրպանէն առնել:

Իբրեւ հայ` ազգասէր է, եւ իբրեւ խմբագիր` անխոնջ գրող եւ կռուող: Արա­րատեան ընկերութեան մատուցած ծառայութիւններն զինքը շատ սիրելի ըրած են ազգայիններուն, որոնք միշտ կ՚ըսեն, թէ «Եթէ Տփղիսու մէջ Արծրունւոյ պէս ուրիշ աշխատողներ ալ գտնուէին, Արարատեան ընկերութիւնն այսօր աւելի մեծ դրամագլուխի տէր կ՚ըլլար»:

Կրօնականներուն այն աստիճան հակառակ է, որ երբ փողոցի մը մէջ ասոնցմէ մին տեսնէ` ետ կը դառնայ եւ ուրիշ փողոցէ մը ճամբան կը շարու­նակէ: Իւր հօրը թաղման ժամանակ, երբ կղերական դասը կ՚ուզէ, որ ըստ սովորութեան մեծ հանդիսիւ կատարէ յուղարկաւորութիւնը` պ. Արծրունին կը դառնայ քահանաներուն եւ կ՚ըսէ.

«Դուք գէշ մարդեր էք, ես ձեզի պէտք չունիմ»:

Վերին աստիճան ուղիղ մարդ է, եւ ժողովուրդը վստահութեամբ հազար ռուբլի կը յանձնէ իրեն, որ ընկերութեան մը ղրկէ: Պոլսոյ մէջ չէ տեսնուած մէկը, որ ռուբլի մը վստահի Պոլսոյ բոլոր խմբագիրներուն:

Վիճաբանութեան մէջ պնդագլուխ է: Այնպէս համոզուած է, թէ այն մարդն, որ վկայական մ՚ունի ծոցը` ազատութիւն ունի յանուն գերմանական դաստիարակութեան՝ ծիծաղաշարժ կարծիքներն յայտնել եւ ստիպել ուրիշ­ներն ընդունիլ իւր խօսքերը. իսկ երբ առանձին կը մնայ` խելքի ու բանակա­նութեան կը վերադառնայ եւ կը համոզուի, թէ այսօր մարդս աւելի իւր գոր­ծերէն կը դատուի քան թէ իւր ծոցի վկայականէն: «Աւելորդ է համարում, կ՚ըսէ Հարո, խօսել արեւելեան քաղաքականութեան վերաբերեալ Մշակի սխալ ու անտակտ յօդուածների մասին, որոնց համար իրաւամբ յանդիմանեցին նորան տեղական լրագիրները եւ որոնցմով պ. Արծրունու օրգանը` չափազանց ջերմեռանդութիւն ցոյց տալով, կարծես դիտմամբ ցանկանում էր ինքնա­կոչ կիսապաշտօնական լրագրի դեր խաղալ եւ նմանուել «աւելի թագաւորա­կան քան զթագաւորն» կոչուածին:

Ապստամբութիւն քարոզելով տաճկական Հայաստանի հայերին (թէպէտ երբեմն ասում էլ էր, որ Հայաստանում հայ չկայ) բոլորովին մոռանում էր, չգիտէր, թէ հաճելի՞ կը լինի այդ բանը այն կառավարութեանը, որին ինքը իբր թէ ծառայում է, համաձա՞յն կը լինի արդեօք այդպիսի երեւոյթը այն տէրութեան հայեացքների հետ: Թիւրքիայի հայերը արդեօ՞ք իրաւ մի տէրու­թիւնից միայն պիտի սպասեն իրենց փրկութիւնը, թէ այդ ցնորք է, երեւա­կայութիւն եւ այլն, եւ այլն այսպիսի հիանալի, հրաշալի քաղաքականութիւն»:

Ընկերութեան մը մէջ երբ պ. Արծրունին չվիճաբանիր, զուարճալի խօսքեր կ՚ընէ, փոքր վէպեր կը պատմէ, եւ լսողները խնդալէն կը մարեցունէ, սա­կայն իրեն հետ տեսնուողը միշտ զգուշանալու է հպարտ դիրք մը բռնելէ, զուարթութիւնն իսկոյն բարկութեան կ՚այլափոխուի:

Գրեթէ ամէն երեկոյ քաղաքին հրապարակին վրայ կը ճեմէ եւ օտարական մը տեսնելուն պէս հետը կը տեսակցի, քանի մը կարծիքներ կը յափշտակէ վարպետութեամբ եւ հետեւեալ օրը զանոնք ոսկեզօծելով կը հրատարակէ առաջնորդող յօդուածի մէջ:

Երբ հրապարակի վրայ ժուռ կու գայ, միշտ զբաղուած է շտկելու իւր շապիկն, փողպատն, թիկնոցն, բաճկոնն եւ գլխարկն, որ առաջնորդող յօդուածներուն գլուխը դրուած վերնագիրներէն շատ փոքր է: Եթէ շարադրութիւնը լաթերէ շինուէր` Մշակի լեզուն այսօր բաւական կոկիկ լեզու մը պիտի ըլլար, կոր­սնցնելով իրեն տգեղ եւ տձեւ կողմերը: Քիչ մը ման գալէն ետքը կը նստի զբօսարանի մը մէջ, ուր քանի մը գաւաթ միայն գարեջուր խմելով` հետեւեալ աւուր հրապարակելիք յօդուածներուն վրայ կը սկսի խորհիլ։ Քաղաքին մէջ գրե­թէ միշտ կառքով կը շրջագայի, եթէ սանդուխէն վեր կառք հանելը կարելի ըլլար՝ մինչեւ անկողինը կառքով պիտի երթար, այնքան կը սիրէ չքալելը, թէպէտեւ անկէ նուազ չսիրեր գեղեցիկն, ինչպէս նաեւ բարոյականութիւն քարոզելը:

Պ. Արծրունին, ի՛նչ որ ալ ըլլայ, իւր թերութիւններովն աւելի ծառայած է ազգին քան իւր հմտութիւններովն: Ժողովուրդ մը իւր թմրութենէն սթա­փեցնելու համար կծու յանդիմանութիւններն եւ խորհրդածութիւններն ուշիմ եւ խոհեմ գրութիւններէն շատ աւելի օգուտ կ՚ընեն. եւ ասոր քաջ համոզուած ըլլալուն համար է, որ խրատելու տեղ կը նախատէ եւ շոյելու տեղ կը խած­նէ: Քանի որ նպատակս սուրբ է, կ՚ըսէ պ. Արծրունին, միշտ իրաւունք կ՚ունե­նամ հայերուն ծոյլ, շուն, գող, անառակ, լիրբ, աւանակ եւ այլն ըսելու: Թէեւ այս լեզուն հակառակ է մամլոյ ազատութեան, բայց համաձայն ըլլալով հայ­րենեաց ազատութեան, կը հրաւիրենք մեր ազգայիններն չզայրանալ պ. Արծ­րունւոյ յանդիմանութիւններուն դէմ, որքան ալ անմարսելի ըլլան անոնք, վասնզի առանց հայհոյութեան չիք փրկութիւն:

Զինքն անձամբ ճանաչելու պատիւը չունենալով` չենք կարող անոր կազ­մութեանը վրայ գաղափար մը տալ մեր ընթերցողներուն. իսկ եթէ հաւատանք մեզի տրուած ծանօթութիւններուն` կը պարտաւորինք ըսել, թէ պ. Արծրունւոյ կազմը նոյն ուղղութիւնն ունի, ինչ ուղղութիւնն ունի Մշակը, եւ անշուշտ փառք մ՚է իրեն եթէ ոչ Մշակին մէջ, գոնէ իւր անձին վրայ Եզոպոսն ներ­կայացնելը: Դարձեալ մեր քաղած տեղեկութիւններուն յենլով` պ. Արծրունին պէտք է ունենայ այն դէմքը, զոր կ՚ունենայ մարդ, երբ սխալմամբ գաւաթ մը կազ խմէ:

Будьте первым, кто оставит комментарий по этому поводу

Другие части "Ազգային ջոջեր"

Ятук Музыка
Fides Tua
Тигран Амасян

Fides Tua

Давид Бек
Давид Бек
Играть онлайн