Акоп Паронян

Ազգային ջոջեր

ՄԿՐՏԻՉ ԷՍԱՅԵԱՆ

Իմ այսօրուան կարծիքս այն է, որ անհնար է մարդու մը նկարագրին վրայ կատարեալ գաղափար ունենալ՝ առանց նախապէս գիտնալու այդ անձին ար­հեստը: Եւ որպէսզի չկարծուի, թէ յառաջաբանս ծիծաղաշարժ ընելու համար այլանդակ կարծիքներ կը քարոզեմ, կը փութամ յայտնել, որ այս օրերս հան­դիպեցայ մարդու մը՝ որուն ուղեղը, իւր խօսքերէն դատելով, առաձգական է, այսինքն քաշելուդ պէս կ՚երկննայ եւ թող տալուդ պէս իւր առաջին չափին կը վերածուի. եւ երբ այս մարդուն արհեստն գիտնալ ուզեցի, սա պատասխանն առի.

Լասթիկ կը ծախէ:

Այս պատասխանը խիստ գոհացուցիչ գտայ, եւ վերջապէս համոզուեցայ, որ ինչպէս լեռնային վայրերը քաջ եւ պատերազմող կ՚ընեն իրենց բնակիչներն, այնպէս ալ կտաւն փափուկ կ՚ընէ այն մարդերն, որք կտաւի առեւտուրով կը զբաղին, մանաւանդ թէ փոփոխամիտ կ՚ընէ զանոնք, եթէ նկատողութեան առնենք այսօրուան վաճառուած կտաւներն, որ ջուր տեսնելուն պէս կը նետեն իրենց գոյնը, թէեւ կան մարդեր ալ, որ առանց ջուր տեսնելու կը փոխեն իրենց կարծիքը: Եթէ չէք ձանձրանար` օրինակ մ՚ալ կու տամ. ինչպէս որ ծովեզերեայ ժողովուրդները վաճառական կ՚ըլլան, այնպէս ալ մեր Ընդհանուր ժողովին բնակիչները շատախօս կ՚ըլլան. եւ մենք, որ շատ անգամ իրարու կեղեւներու վրայ կը հիմնենք մեր դատողութիւնները, լեռան քաջութիւնը մարդու կը վե­րագրենք եւ ժողովին շատախօսութիւնը երեսփոխաններու վրայ կը բեռցու­նենք:

Արհեստներու մարդուս վրայ ունեցած ազդեցութիւններն անհերքելի փաս­տերով ցոյց տալէս ետքը, կը մնայ ինձ երկու խօսք ալ ընել երկաթի վրայ, որով կը զբաղի այն անձը, որու կենսագրութիւնն կ՚ընենք հոս:

Արդէն ամէնուս ծանօթ են այն ծառայութիւններն, զորս այս մետաղը նուիրեց մարդկութեան, ինչպէս նաեւ աւելի ծանօթ են այն չարիքներն, զորս հասուց աշխարհիս: Դանակները, զէնքերը, թնդանօթները, մեքենաները, կա­մուրջները, զրահաւորները բամբակէ չեն, ամէնն ալ իրենց գոյութիւնը եր­կաթի կը պարտաւորին: Ժամանակաւ վարպետ օրէնսդիրին մէկն, որ անշուշտ ոսկի չունէր, եւ թերեւս փոխառութիւն ընելու ալ կ՚ամչնար, առանց կարմրելու երկաթեայ դրամ կոխեց, որպէսզի դիմացկուն ըլլայ եւ թղթեայ դրամին պէս` քա­նի մը օրուան մէջ չպատռուի. Պատմութիւնը չյիշեր, թէ այդ երկաթեայ դրա­մը ի՛նչ ընդունելութիւն գտաւ, ո՛րչափ ատեն տեւեց եւ վերջէն ի՛նչպէս վերց­ուեցաւ հրապարակէն: Այս մետաղն մեր ազգէն շնորհակալութիւն սպասելու բնաւ իրաւունք չունի, վասնզի մեզի հետ աղէկ վարուած չէ, իւր օգուտներն ուրիշներու տուած է եւ վնասները մեզի, եւ եթէ քանի մը վաճառականներ չյա­րուցանէր մեր մէջը` իւր անունն մեր բերանին մէջ գործ չէր ունենար:

Ընթերցողն այս տողերը կարդալէն ետքը կը փափաքի գիտնալ` թէ այս մետաղն ի՞նչ ազդեցութիւն ըրած է Մկրտիչ էֆենտի Էսայեանի վրայ, թէ Մկր­տիչ էֆենտիի միտքը երկաթի պէս հաստատ է, թէ զրահաւորէ չվնասուիր: Հասարակութիւնը շատ իրաւունք ունի այս հարցումն ընելու, վասն զի քանի մը անգամներ իւր աչերովը տեսաւ, եւ ոչ թէ ուրիշներուն աչերով, երկաթեայ կամուրջին զրահաւորէ վնասուիլը: Հասարակութիւնն հետաքրքիր է նաեւ հաս­կնալու, թէ մէկն այս անձին կարծիքները կրակին մէջ տաքցունելէն ետքը` կարո՞ղ է, թէ չէ, անոնց իւր ուզած ձեւը տալ:

Այս հարցումներուն կանոնաւոր կերպով պատասխանելու համար, հարկ էր ինձ դիմել այնպիսի մէկու մը, որ Էսայեանը խիստ մօտէն ճանաչէր: Այս ալ հերիք չէր, մօտէն ճանաչելն իւր արժէքը կը կորսնցնէ` եթէ իրեն ընկեր չու­նենայ ճշմարիտ խօսիլը: Գոհ եմ, որ ուզածս գտայ, այո՛, շատ գոհ եմ, վասն զի ճշմարտախօս մը գտնելն այսօր այնչափ դժուար է, որչափ որ դժուար է թա­ղային վարժարաններու մէջ կարգ ու կանոն գտնելը եւ աղաչեցի զինքն, որ հաճի տեղեկութիւններ տալ ինձ այդ անձին վրայ: Բարեկամս սիրով ընդունեց խնդիրքս: Քանի մը օրէն ետքը` տեղական թղթատունէ նամակ մը ստացայ, որ կը պարունակէր ուզած տեղեկութիւններս, այնքան կանոնաւոր գրուած, որ ամենափոքր փոփոխութիւն մը անիրաւութիւն համարելով՝ նոյնութեամբ կը հրատարակենք:

«Մկրտիչ Գեւորգ Էսայեան, վաճառական, սեղանաւոր, ազգային երեսփո­խան, Յարաբերութեան դիւանի ատենապետ, հայ աւագանւոյ Մասնաժողովին անդամ, եւ բացի հանդերձեալ տիտղոսներէն, եւ այլն, եւ այլն, եւ այլն, կեանք առաւ Կեսարիոյ մէջ 1843֊ին, բայց հոն շատ կանգ չառաւ, վասն զի ոչ այն­քան սէր ունեցաւ իւր միւս հայրենակցաց նման կեսարացի կոչուելով միայն գոհ լինելու, որքան իղձ ու տենչ տածեց կեսարացւոց յատուկ գործունէու­թիւնն յինքեան անձնաւորելու:

Մկրիկը ծնածին պէս՝ Էսայեան մականունին ստուգաբանութիւնը խնդրեց եւ երբ իմացաւ, որ ոմանց կարծածին պէս Էսայի անունէն ծագած չէր այն, այլ Յիսուս բառին պարսկական Իսա թարգմանութեան աղաւաղումն էր, շատ սրտնեղեցաւ, թէ ինչո՞ւ իւր կարծիքը չէին առած, իրեն ընծայեալ մականուան համար: Վասն զի Մկրիկ նախընտիր պիտի համարէր Է՛ սա … մականունն ընդունել, եւ անոր բնութեան խնդիրը դնելն իւր չափահասութեան վերապահել: Ուստի անմիջապէս կտրուկ ծանուցագիր մը ուղղեց իւր ծնողաց, իմացնելու համար, թէ նշանաւոր մարդ մ՚ըլլալու մտադիր է ինքն, եւ պատուիրելու հա­մար, որ զինքն ըստ այնմ պատրաստեն:

Ծնողքը վախնալով, որ այս կրակոտ տղուն արիւնը գլուխը չցատկէ, խօսք տուին, որ սահմանափակ ասպարէզի մէջ չդնեն զնա, եւ ներշնչեն նմա ի մանկութենէն այն սկզբունքներն, որք իւր ապագային անկիւնաքարերը պի­տի լինէին:

Մանկիկն Մկրիկ այս ապահովութիւնները ձեռք բերելուն վրայ ուրախ` կերաւ, խմեց, զարգացաւ իւր մօրը խնամոց ներքեւ Կեսարիոյ օդը շնչելով:

Երբ Մկրիկ պատանեկութեան հասակը թեւակոխեց, Կեսարիոյ հորիզոնը շատ նեղ եկաւ իրեն. հազիւ հայերէն ընթերցանութիւն ուսանելու միջոց գտաւ հոն: Ուստի` այն ինչ 14 տարեկան` ճամբայ ինկաւ Կեսարիայէն ի Կ. Պոլիս, ուղղակի Պալատու թաղը գնաց եւ տեղւոյն ազգային վարժարանը մտաւ:

Պատանին Մկրտիչ գործունէութեան առաջին փորձն այն տեղէն տալ ուզելով, բարձրագոյն դասարանէն սկսեալ զատկական հաւկթի պէս աստիճա­նաբար ակռային զարկաւ զանոնք իւր կարողութեան հետ բաղդատելու հա­մար, եւ նախակրթարանի ստորին դասուն մէջ գնաց զետեղեցաւ, հսկայաքայլ բարձրագոյնն ելնելու համար:

Տասնեւչորս ամսոյ միջոցը բաւական եղաւ մեր աշխոյժ Մկրտիչին` դպրո­ցին ամէնէն յառաջադէմ աշակերտը դառնալով` առաջին մրցանակներն յափշտակելու, եւ քերականութեան դասերն աւարտելով՝ հայերէնն ուսնելու այնչա՛փ, որչափ գիտեն այսօր մեր ազգային լրագրապետք, կամ աւելի ճիշտն ըսելու համար, որչափ չեն գիտեր այսօր մեծ մասն ազգային լրագրապետաց:

Միայն թէ բայերը սորվելու համար խեղճ դասատուին հոգին բերանը բե­րաւ, վասն զի Մկրտիչ անոնց կատարեալը միայն սորվիլ կ՚ուզէր եւ ամէն օր կռիւ կ՚ընէր դասատուին հետ, որ միւս եղանակները վերցնէ արտաքսէ քերա­կանութեան մէջէն. մանաւանդ ներկան ու ապառնի անկատարը խոնարհելու շատ կը դժկամակէր: Այս տպաւորութեան գործնական հետեւանքն պահած է մինչեւ այսօր, երբ իւր ուշադրութիւնը գրաւող խնդրոյ կամ անձի մը վրայ կը խորհի, կը խօսակցի, կ՚առաջադրէ եւ չգործեր, մեծ նեղութիւն կը զգայ սրտին մէջ, վասն զի մէջը բայի կատարեալ եղանակ չկայ, եւ չարամիտք կրնան զայն սին մեծամտութեան եւ կեղծ քաղաքավարութեան վերագրել:

Խիստ գեղեցիկ է Մկրտիչ էֆենտիի այս հանգամանքն, եւ թերի կողմն այն է միայն, որ նորա արդի քերականութեան մէջ կատարեալին դասաւորու­թիւնը մեր գիտցած դրութենէն կը տարբերի եւ երբեմն կարգն այնչափ ուշ կու գայ, որ քրիստոնէավայել համբերութիւն չունեցողները կը վհատեցնէ:

Դպրոցական ասպարէզէն առեւտրական ասպարէզը ցատկեց Մկրտիչ էֆենտի, եւ մէկ կողմէ գաղիերէն, անգղիերէն եւ տոմարակալութիւն ուսնելով, միւս կողմէ ստակ շահելու հետամտեցաւ:

Իւր առեւտրոյն համար այնպիսի նիւթ մ՚ընտրել ուզեց, որ յաջողութեան ամէն պայմաններն ընծայէր, ուստի երկաթի վաճառականութեան ձեռնարկեց, որպէս զի ո՛չ գողէն վախնայ, ո՛չ հրդեհէն սոսկայ եւ ո՛չ ալ խոնաւը հոգայ: Հե­տեւաբար մեր Մկրտիչը երկաթ առաւ, երկաթ ծախեց, բայց անոր ժանգն ոսկւոյ փոխարկեց, եւ սնտուկին մէջ դիզելէ ետեւ` վրան ելաւ ու բարձրէն դիտեց երկաթի միւս վաճառականներն, որք իրենց ծախած ապրանքին անշարժու­թեան հանգամանքով տոգորուեր եւ անոր հանքային բնութեան միայն ընդունակ եղեր էին:

Անոնք, որ Մկրտիչ էֆենտին բարեսիրտ մարդ կը ճանաչեն, կը կարծեն թէ շատ ցաւեցաւ նա իւր արհեստակցաց այդ յետամնաց վիճակին վրայ, իսկ անոնք, որ Մկրտիչ էֆենտիի քով յառաջադիմական բուռն իղձ մը կը տեսնեն, կ՚ենթադրեն թէ կարի գոհ եղած լինի նա, միւս զամէնքը գերազանցած ըլլա­լուն վրայ: Իսկ մենք ո՛չ առաջիններուն հետ կը կարծեմք եւ ո՛չ միւսներուն հետ կ՚ենթադրեմք, այլ պարզապէս երկուքին ալ կը հաւատամք:

Մկրտիչ էֆենտի 1859֊ին դեռեւս դպրոցական` ազգային կենաց մէջ նետուեցաւ: Յիշեալ թուականին Պալատու ժողովրդական ընկերութիւնը հիմնողնե­րէն մէկն ալ ինքն եղաւ, եւ անոր համարակալի պաշտօնն ստանձնելով, մին­չեւ որ այդ ընկերութիւնը հազար ոսկւոյ արժողութեամբ կալուած չգոյացուց թաղին վարժարանաց համար, իւր պաշտօնը չթողուց, եւ ամէն տարեգլուխ հաշուեկշիռ հրատարակելով, ընկերութեան արդեանց հետ իւր յաջողակու­թիւնն ու հաշուագիտութիւնն ի հրապարակ հանեց:

1868֊ին երբ զինքն Ընտրողական ժողովոյ ատենապետ ընտրեցին Իս­կիւտարցիք, ինքն ալ զարմացաւ, բայց երբ տեսաւ որ թաղին կուսակցութիւն­ները չէզոք ատենապետ մը գտնելու եւ զայն իրենց դիմակ ընելով իրարու հետ կռուելու համար զինքը կարգեր են, Խորհրդարանը թողուց, տուն քաշուեցաւ:

1870֊ին Տնտեսական խորհրդոյ անդամ եղաւ եւ համարակալութեան ճիւ­ղին հսկողութիւնն ստանձնելով` այնչափ հոգածութեամբ հսկեց պատրիարքա­րանի տոմարներուն վրայ, որ Տիգրանեան իւր աշխարհածանօթ հրաշագործու­թեամբ հազիւ ուրեմն իւր ժապաւինեալ հանգանակութեան տետրակը կրցաւ գողնալ պատրիարքարանէն, առանց մտքէն անցընելու, որ Տնտեսական խոր­հուրդն անոնց ամփոփումն արձանագրած էր արդէն իւր ատենագրութեանց մէջ, որով Տիգրանեանի հրաշքն ալ խայտառակուեցաւ, ինքն ալ:

1873֊ին, երեսուն տարեկան ըլլալուն պէս, Պալատցիք զինքն ազգային երեսփոխան ընտրեցին, որպէս զի իրենց թաղին սանն ուրիշները չյափշտա­կեն: Մկրտիչ էֆենտի տեսնելով, որ երեսփոխանութեան մէջ շատ խօսելու է քիչ գործելու համար, գնաց Քաղաքական ժողովոյ անդամ եղաւ, ազգային աս­պարէզին ալ գործնական կողմը գտնելու համար: Քաղաքական ժողովին մէջ ժողովականներն իրենց պաշտօնին ազնւութեան բարձրացնելու միջոցին վրայ կը խորհէր շատ անգամ, եւ երբ ինքզինքը խառն ժողովին մէջ գտնէր, բոլորո­վին այս մտածմամբ կը պաշարուէր: Հաւատացողներ կան, թէ Մկրտիչ էֆեն­տի այդ միջոցը պիտի կրնար գտնել, եթէ այն միջոցին վանեցի Պօղոս վար­դապետին եւ Խաչատուր կաթողիկոսի խնդիրները վրայ չգային, եւ Վարչութեան բոլոր անդամոց զանոնք արդարացնելու ճգանց դէմ միս մինակ խօսելէ եւ մաքառելէ ատեն գտնէր Մկրտիչ էֆենտին:

Օր մը Վարչութեան նախագահն Ամբրոսիոս վարդապետը վռնտեց ժողո­վէն, որ նոյն միջոցին` իւր եղբօր կնոջ դատին մէջ յաղթանակ կանգնելու համար` Կրօնական ժողովին անդամ եղեր էր, իրեն պէտք ունեցողներուն քուէովը: Ամբրոսիոս բաւական պինդ երես ունեցաւ յաջորդ նիստին ժողովա­րան մտնելու, եւ ժողովականք ալ բաւական սիրտ չունեցան ձայն հանելու: Մկրտիչ էֆենտի զանի տեսածին պէս, առնել քալել ուզեց, բայց գլխին ֆէսը չգտաւ, վասն զի ատենապետն ուսուլիկ մը առեր պահեր էր, որպէս զի Մկր­տիչ էֆենտի չկարենայ ձգել երթալ: Ժողովը վերջացածին պէս Մկրտիչ էֆեն­տի շիտակ Ղալաթիա անցաւ եւ ֆէսը ծախեց, տեղը գլխարկ մ՚առաւ, զոր մինչեւ այսօր կը գործածէ: Այնուհետեւ ամէն անգամ, որ ժողովարան եկած ատեն Ամբրոսիոսը հոն տեսնէր, նախ բարապան մը ներս կը ղրկէր, իւր աթոռին կռնակն անոր դարձնել կու տար, եւ յետոյ կ՚անցնէր կը նստէր, որպէս զի զանի իրեն անդամակից չտեսնէ:

Ազգային ժողովին մէջ Մկրտիչ էֆենտի ինք խօսելէ աւելի կը փափաքի, որ երեսփոխանք աղէկ խօսին: Եթէ ատենապետն ինք ըլլար` խօսիլ չգիտցող երեսփոխանները բեմն ելնելէ պիտի արգիլեր: Ոմանք կ՚ըսեն, թէ Մկրտիչ էֆենտի երկու տարիէ ի վեր ուխտած է լռիկ մնջիկ գործել ազգային խնդրոց մէջ, այն մեծ մարդոց նման, որք շատ բան կ՚ընեն, բայց իրենք բնաւ չեն երեւիր: Այս ուխտին վերագրեցին, երբ Մկրտիչ էֆենտի խոստացաւ Ազգային ժողովն Ղալաթիա գումարելու համար ս. պատրիարքն համոզել ու չհամոզեց:

Մկրտիչ էֆենտի ի բնէ ընկերական մարդ է, բայց իւր ծանօթներէն շա­տեր կան, որոնց ներկայութենէն կը նեղուի, մանաւանդ երբ քառորդ ժամէն աւելի տեւէ ու ինքը մինակ մնայ անոնց հետ: Իսկ բարեկամաց տեսակցու­թենէն այնչափ կ՚ախորժի եւ կը զուարթանայ, որ դեռ գիտցուած չէ, թէ բարե­կա՞մք աւելի գոհ կ՚ըլլան իւր սիրաբոյր ընդունելութենէն, թէ ինքն անոնց ներկայութենէն: Պարագաներ կան, յորում սոխակին չափ քաղցրախօս կը կտրի եւ Տելեմաքին պէս սրտագրաւ` քունն ու հանգիստը կը մոռնայ եւ ժամա­ցոյցին կը պատուիրէ, որ չբանի, կամ գիշերին կ՚աղաչէ որ չլուսնայ: Վասն զի Մկրտիչ էֆենտի բնաւին չախորժիր առանձնութենէ, եւ ամէն գործի մէջ թէեւ առաջինը ըլլալուն նազ չըներ, բայց միայնակ մնալ չուզեր: Ազգային գործոց մէջ ասոր փորձն ստեպ կու տայ. ուրիշներէն առաջ նետուելէ եւ անոնցմէ աւելի զոհողութիւն ընելէ չքաշուիր, բայց երկու անփոփոխ պայման ունի. նախ` կ՚ու­զէ, որ իրեն հետեւող ցոյց տան, եւ երկրորդ՝ կը պահանջէ, որ իւր մատուցած ծառայութիւնն ի վերայ տանեաց չքարոզեն եւ միայն ականջէ ականջ փսփսան:

Այսու ամենայնիւ ո՛չ իւր քսակը կը խնայէ ազգին եւ ոչ իւր խելքը, եւ այսու կենդանի յանդիմանութիւն մը կը դառնայ այն անձանց, որք իրենց քսակն ազգին գլխէն վեր կը բռնեն, եւ դրամական զոհողութեան կարգն եկած ատեն` խնդրոյն համակարծիք դառնալով՝ կը զրաբանեն, եւ կամ շատ նեղը մտած ատեննին, նպաստի ձեւով պարգեւ (prime) մը կը վճարեն իրենց վերըն­ծայալ դասէն սրբուելու վտանգին դէմ, ինչպէս որ սովոր են վճարել իրենց կալուածները հրդեհին դէմ ապահովելու համար:

Մկրտիչ էֆենտի միշտ բարիք ընել կը փափաքի, այլ ըստ որում ս. պա­պին անսխալականութեան ամբարշտութիւնը չունի, եւ գիտէ, թէ չարիքն ալ մարդու գործն է, զայն գործած ըլլալու համար՝ զաւկներ գգուած ատեն կը կսմթէ, մօր դէմ երբեմն կամակորութիւն կ՚ընէ եւ իւր սիրելեաց բարեկամնե­րը խօսքով կը կճէ, եւ այնչափ յառաջ կ՚երթայ երբեմն, որ իրաւունք կու տայ կասկածելու, թէ մի գուցէ իւր սիրուելուն աստիճանը փորձելու միջոց մ՚ըլլայ իւր այս վարմունքը:

Մկրտիչ էֆենտի խիստ զգայուն է. զգայնութիւնն այն աստիճան նրբու­թեան հասցուցած է, որ կ՚ըսեն, ամառը հովը փոխուելուն պէս հագուստ կը փո­խէ, իսկ ձմռան մէջ տանն սենեկին յատուկ հագուստ ունի: Կը սիրէ, ինչ որ վսեմ է ծագմամբ, եւ անոր թերի կողմերուն հաշտ ակամբ կը նայի, կ՚ատէ, ինչ որ նսեմ է սկզբմամբ, թէեւ հաճոյական հանգամանքներ ալ կրէ նա, որոց թէպէտ կը յափշտակուի ի սկզբան, բայց ամսէ մը աւելի չխաբուիր: Վայր­կեաններ ունի, յորում արտառոց բաներ ընելէ հաճոյք կը զգայ, եւ գործելու նոր եղանակ մը հնարելով` զանոնք ազնուացնել կը ճգնի, բայց ուրիշներէ առաջ ինք կը համոզուի չյաջողելուն եւ չյամառիր: Զի ինքն, թէ դիւրագրգիռ եւ թէ լրջմիտ, կը թողու որ սոյն հակոտնեայ բնաւորութիւնք ի պայքար ել­նեն յանձինն, եւ մինչեւ որ լրջամտութեան յաղթանակ տանիլը չտեսնէ, չհան­դարտիր:

Ժողովրդականաց ազատամտութեան վրայ կը սքանչանայ, ազնուապետակա­նաց բարեկրթութեան վրայ կը հիանայ, եւ կը թուի, թէ մինչեւ որ այս երկու յատ­կութեանց յանձին իւրում ի մի ձուլմանը չհամոզուի, իւր արժանապատւու­թիւնը յագուրդ չպիտի գտնէ: Վասն զի Մկրտիչ էֆենտի գիտէ, թէ փայլուն աստղի մը տակ ծնած է, գիտէ նաեւ թէ դէպքերը շատ անգամ զոմանս կը բարձրացնեն եւ երբեմն ալ զայլս կը խոնարհեցնեն, ուստի եւ մեծ սիրտ մը կը կրէ, մեծագոյն գաղափարներ կը սնուցանէ եւ ամենամեծ նպատակներ կ՚ա­ռաջադրէ:

Մկրտիչ էֆենտի միջին հասակով, թուխ գոյնով, սեւ աչքերով, խիտ մօրուքով, երկար փեղոյրով, զուարթադէմ, գիրուկ երիտասարդ մ՚է: Երբ սոյն նկարագիրն ունեցող մէկուն հանդիպիս ճամբան, որ աճապարողի մը պէս կը քալէ եւ ամէն քայլափոխին միտքը բան մ՚ինկածի պէս մէկ մի յաջ մէկ մի ձախ ետ դառնալու մտադիր կը թուի, գիտցի՛ր նա ինքն է` Մկրտիչ էֆենտի Էսայեան:

Будьте первым, кто оставит комментарий по этому поводу

Другие части "Ազգային ջոջեր"

Ятук Музыка
Не бойся - Хайтарма
Александр Спендиарян

Не бойся - Хайтарма

Давид Бек
Давид Бек
Играть онлайн