Акоп Паронян

Ազգային ջոջեր

ՎԱՀԱՆ ՊԱՐՏԻԶԱԿՑԻ

1850֊ին Պարտիզակ ծնած է Վահան վարդապետ, երեսփոխան, թատրեր­գակ, առակախօս, այցելու եւ պատուիրակ Բարձր Հայաստանի: Այնչափ բարի զաւակ մ՚էր, որ իր ծննդենէն երկու ամիս առաջ հայրը մեռաւ, իւր տղուն երեսը չտեսնելու համար. երկու ամիս ետքն ալ մայրը հոգին փչեց` իւր զաւակին երեսը տեսած ըլլալուն համար:

Կնքահայրն, որ այսօրուան բոլոր կնքահայրերու պէս իւր սանին երկու անուն դնելու մոլութիւնն ունէր, Լիլի Կապէ անուանեց զայն, որ ըսել է Խեռ Կարապետ: Եւ արդարեւ սանն իւր առաջին անուանը հաւատարիմ մնալու համար բան մը չխնայեց. վեց տարեկան էր երբ թռչուններ, հաւեր, սագեր ու բադեր կը զարնէր նետով. երբեմն ալ ամբողջ օրերը խաղալով կ՚անցունէր շուներու հետ, որոնց աչերը կը հանէր:

Թաղական խորհրդոյ որոշմամբ 1858֊ին Փրկիչ կը ղրկուի Կարապետ, բայց հոն ալ խելօք չնստիր. դասերը սորվելու տեղ ճանճ որսալու արհեստը կը մշակէր: Կառավարիչն, անկարող այս աշակերտն ի կարգ բերելու, անա­ռականոց կը դնէ զայն, որպէսզի հոն սորվի իւր չգիտցած անառակութիւն­ները: Երկար ատեն չկրնար մնալ այս յարկին մէջ, վասն զի 1862 թուականին երբ Փրկիչը բարեկարգելու համար բոլոր աշակերտները կը վռնտուին յիշեալ վարժարանէն, Կարապետ ալ Պարտիզակ կը դառնայ:

Պարտիզակ դառնալուն պէս Կարապետ կ՚ուզէ թաղականներէն վրէժ լու­ծել. ուստի կը սկսի անոնց եզներուն, էշերուն եւ գոմէշներուն պոչը կտրել: Թա­ղական խորհուրդը կը տնօրինէ, որ այս տղան նորէն Փրկիչ ղրկուի եւ Կարա­պետ 1863֊ին վերստին Փրկիչ կը մտնէ: Մէկ ու կէս տարի կը մնայ հոն եւ ամէն ուսումէ ու գիտութենէ մէկ երկու տրամ բան առնելով` 1865֊ին խոլե­րայի պատճառաւ կը ստիպուի նորէն իւր քաղաքը դառնալ:

1866֊ին վերստին Պոլիս կը դառնայ եւ պայտավաճառի մը քով աշակերտ կ՚ըլլայ: Այն թուականին պայտավաճառները կօշկակարներէն շատ աւելի դրամ կը վաստկէին. վասն զի դրամական նեղութիւնն այն ատենները խիստ զգալի չըլլալով` ձիերն ու էշերն հիմակուան պէս երկու ժամ չէին խորհեր, թէ ո՛ւր կոխելու են, որպէսզի իրենց կօշիկները չհիննան եւ, հետեւապէս, չստիպուին բոկոտն քալելու: Կարապետ կարծելով, թէ այս ասպարէզին մէջ կրնայ մեծ մարդ ըլլալ՝ ինքզինքն իւր տիրոջը սիրելի ընելու համար բոլոր աշխոյժն ի գործ կը դնէր: Շատ ապրանք ծախելու համար ունեցած եռանդն զինքը ծայրայեղութեան կը մղէր. երբ կը տեսնէր այնպիսի մարդեր, որոնք դիպ­ուածով հարստանալով, դիպուածին արդիւնքն իրենց խելքին կ՚ընծայէին, կը կանչէր զիրենք ըսելով. «Հրամմեցէք, աղէկ կօշիկներ ունիմ ձեզի համար… Պարտիզակէն եկած…»:

Սակայն այսչափ աշխատութեան փոխարէն չյաջողիր իր նպատակին հասնելու: Տէրն, որ կերակուր ուտելէն վերջը չէր քալեր որպէսզի կերածը չմարսէ եւ նորէն ուտելու համար ստակէ չելնէ, գիշեր մը կը ճամբէ Կարա­պետն, որ անկողինը կռնակը շալկելով դուրս կ՚ելնէ խանութէն: Չմոռնանք հոս յիշել, որ Կարապետ պարապոյ ժամերը կատարելագործելու կը զոհէր, ինչ որ սորվիլ սկսած էր անցեալին մէջ:

Այն, որ անկարող է իւր առաջադրած նպատակին երթալ, ականջները կը բանայ բախտին եւ անոր կոչած տեղը կը սկսի վազել: Կարապետ իւր աշխու­ժութեամբը կրնար թերեւս առեւտուրի մէջ մեծ մարդ ըլլալ, բախտը զինքը ուրիշ տեղ կը կանչէ. կամ երթալու է եւ կամ անօթի մեռնելու է. Թորոս բեռ­նակրութեան կոչում ունի. կոչումը ձայն չունի, բախտը զայն սեղանաւորու­թեան կը հրաւիրէ: Ես վիճաբանելու եւ դիմացինս համոզելու փափաք ունիմ. բախտը կը հրամայէ ինձ, որ անտառաբան ըլլամ. եւ համոզելու պաշտօնն այնպիսի մէկու մը կը յանձնէ, որ իւր միտքը բացատրելու անկարող է: Դու գիտութիւններու մէջ կը կարծես առաջ երթալ. բախտն զքեզ բանաստեղծ կ՚ընէ, եւ բախտին շինած բանաստեղծին պէս անճոռնի բան չկայ աշխարհիս երեսը: Արդ, այս բախտը, որ քիչ բացառութեամբ միշտ կը հրաւիրէ զմեզ այն­պիսի տեղեր, ուր չենք ուզեր երթալ, վարժապետութեան կը կանչէ Կարա­պետն, եւ որ 1867֊ին իշխաններու ընկերակցութեամբ Պոլիսէն կը մեկնի Զէյ­թուն երթալու համար: Երբ Հալէպ կը հասնի` հիւանդ կ՚իյնայ: Ընկերները զինքը հոն թողլով կը շարունակեն իրենց ճամբան: Ամիս մը անկողնոյ մէջ մնալէն ետքը առողջութիւնը կը գտնէ եւ էշ մը առնելով՝ վրան կը հեծնէ ու ճամբայ կ՚ելնէ: Կարապետ Զէյթուն կ՚ուզէ երթալ, իսկ էշը հոն, ուր կանաչ խոտ կայ: Ուր որ իրարմէ տարբեր շահեր կան` հոն միաբանութիւնն անկարելի է: Կարապետ մարգագետնի հետ բնաւ գործ չունի. էշն ալ Զէյթունէն բան չհասկնար, ոչ ալ հոն տրուելիք դաստիարակութենէն. ուստի անօթի ըլլալով ուղիղ ճամբան կը խոտորի եւ մարգագետնի մը վրայ կը գտնէ իւր Զէյթունը` ուր նստած էին քանի մը չերքեզներ: Ասոնք այս ինքնահրաւէր աւանակին գալուստը սիրով կ՚ողջունեն եւ տիրոջն ալ կ՚ըսեն, թէ «Սա էշը մերն է, տես ի՞նչպէս մեզի ճանչցաւ ու եկաւ»: Իզուր կը ջանայ Կարապետ զիրենք համո­զելու համար վկաներու դիմել. քրիստոնէին վկայութիւնը ի՞նչ արժէք ունի, մանաւանդ երբ էշն ալ համակրութիւն կը յայտնէ չերքեզներու: Արքատիի սոխակն հոն պատուական ճաշ մը ընելէն ետքը, մարգագետնի վրայ կ՚երկնցնէ ոտներն ու գլուխը կը դարձունէ Կարապետին, որ անօթի ետ կը դառնայ մօտ գիւղ մը երթալով գլխուն ճարը փնտռելու համար: Մօտակայ գեղի մը մէջ ձի մը կը գտնէ եւ անով վերստին կը սկսի ուղեւորիլ դէպի Զէյթուն, ուր կը հասնի քսան օրէն: Տարի ու կէս հոն դասատւութեան պաշտօն վարելէն ետքը 1870֊ին Զէյթունէն կը մեկնի Եգիպտոս կ՚երթայ, Եգիպտոսէն ալ Կ. Պոլիս:

1871֊ին Շահ Նազարեան վարժարանի աշակերտները ընկերութիւն մը ունէին, որ Զէյթունի մէջ վարժարան մը բացած էր: Սոյն ընկերութենէ կ՚աղաչուի Կարապետ նորէն Զէյթուն դառնալ եւ հոն դասատւութիւն ընել ըն­կերութեան վարժարանին մէջ: Կարապետ կ՚ընդունի այս առաջարկութիւնը եւ ճամբայ կ՚ելնէ, բայց երբ կ՚իմանայ Եգիպտոսի մէջ` թէ զրպարտուած էր Զէյ­թունի ժողովուրդը գրգռելու ամբաստանութեամբ եւ պիտի ձերբակալուէր, իս­կոյն աշխարհականի հագուստը կը հանէ եւ կրօնաւորի զգեստներ հագնելով շունչը Երուսաղէմ կ՚առնէ:

1871֊ին սարկաւագ կը ձեռնադրուի հոն եւ 1872֊ին Գագիկ Բ. թատրեր­գութիւնը կը գրէ: Այս թատրերգութեան անձերուն մէջ կին մ՚ալ կար. վանա­կան մամուլը չուզեց, որ կին գտնուի վանքի մէջ տպուած թատրերգութեան մէջ, ուստի կինը հանեց եւ տեղը մանչ դրաւ: Սարկաւագ ձեռնադրուելուն պէս վանքը բարեկարգելու կը ձեռնարկէ: Խնդիր կը յարուցանէ, թէ ս. պատրիարքն պարտաւոր է հաշիւ տալ միաբաններուն, թէ ընտրութիւններն քուէարկու­թեամբ կատարուին:

Երբ իւր առաջարկութիւնները կը մերժուին` բոլոր ուժովը կը սկսի պո­ռալ, թէ ուր խտրութիւն կայ` հոն արդարութիւն չկայ, եւ ուր արդարութիւն չկայ` հոն Աստուած չկայ, եւ ուր Աստուած չկայ` հոն Աստուծոյ պաշտօնէի գործ չկայ: Ս. պատրիարքն, որուն ականջներն արդարութիւն եւ աստուած բառերը լսե­լու վարժուած չէին, անմիջապէս Կարապետը կարգէն կը լուծէ եւ պարոն Կա­րապետը Պոլիս կու գայ եւ կը սկսի հոն ֆէսով պտտիլ: Ճարը հատնելով կը դիմէ Ղալաթիոյ օճախին, որ նոր կազմակերպուելու վրայ էր. անոր անդամ կը գրուի, մշեցիները Խրիմեանին դէմ կը գրգռէ. Մելքիսեդեկ եպիսկոպոս Մու­րատեանին Եկեղեցական Պատմութիւնն կը քննադատէ իբրեւ մոլորական, Երուսաղէմայ պատրիարքէն վրէժ լուծելու նպատակաւ: Այսպէս, օճախին ծա­ռայելէն ետքը, անոր պետին կը դիմէ վարձատրուելու համար: Օճախին գլու­խը գիշեր մը Հասգիւղ ամեն. Ներսէս ս. պատրիարքին այն ատեն տեղա­պահ տունը կ՚երթայ եւ հետեւեալ անուանումները կ՚առաջարկէ. «Մամբրէ եպիսկոպոսն Մշոյ սուրբ Կարապետի վանահայր անուանելու է. Իզմիրլեան Մատթեւոս վարդապետն եպիսկոպոսութեան բարձրացնելու է. Կ. սարկաւագը վարդապետ ձեռնադրելու է»:

Խառն Ժողովը հետեւեալ օրը այս առաջարկութիւնները կ՚ընդունի եւ յա­ջորդ օրը Կարապետ սարկաւագը կ՚ըլլայ Վահան վարդապետ:

1874֊ին Մամբրէ եպիսկոպոսին ետեւէն Մուշ կը ղրկուի, որպէսզի վանա­հօր հետ աշխատելով վանքը բարեկարգէ: Քառասուն աշակերտի համար տա­րեկան տասն վարտիք եւ քսան շապիկ կ՚որոշէ. այս հաշուով չորս աշակերտ մէկ վարտիք պիտի հագնէին եւ երկու հոգի մէկ շապիկ: Տնտեսագիտութեան մասին վանահօր որոշումն արդարեւ գովելի էր. բայց Վահան վարդապետ չուզեր համաձայնիլ այս որոշման, տեղեկագիր մը կը շինէ Պոլիս կու գայ:

1875֊ին Րումելի Հեսարի վարժարանին դասատու կ՚անուանուի: Տեղեկա­գիր մ՚ալ հոն կը շինէ:

1876֊ին Իսկիւտար Սուրբ խաչի վարժարանին տեսուչ կը կարգուի եւ աւագ հինգշաբթի օրը ժողովրդեան քարոզ մը կը խօսի սապէս.

«Ժողովուրդ, դպրոցը գէշ վիճակի մէջ է. աղաները աղէկ չեն նայիր. քա­նի մը օրէն վարժարանը պիտի փլի, թաղականն անհոգ է»:

Այս քարոզին վրայ ժողովուրդը Խորհրդարանը խուժեց, աղաները վար առաւ: Նոր ընտրութիւն եղաւ, նորէն տեսուչի պաշտօն առաւ: Դարձեալ լուծուեցաւ, նորէն ընտրուեցաւ եւ յիշեալ թաղը քանի մը անգամ տակնուվրայ ընելէն ետքը հեռացաւ անկից:

Այս իրարանցումի մէջ ս. պատրիարքն այցելուներ ղրկել կ՚ուզէր Կար­նոյ կողմերը: Վարդապետին մէկն երկու հազար ոսկի կը պահանջէր այս պաշտօնն յանձն առնելու համար, եպիսկոպոս մը Պոլիսէն ճամբայ ելնելու համար երեք հազար ոսկի ուզելէն ետքը, չորս ձի, երկու կառք եւ տասներկու շիշ լաւանտայ կը պահանջէր Հայաստանի մէջ գաղթականութեան առաջքն առնելու համար: Երբ պատրիարքն յուսահատած լապտեր ի ձեռին կրօնաւոր կը փնտռէր` Վահան վարդապետ կ՚ընդունի այս պաշտօնն եւ իբրեւ փոխարի­նութիւն ուրիշ բան չպահանջեր, այլ միայն հրացան մը եւ տասներկու շիշ օղի: Ահա հոս է Ազգային Ջոջերուն մէջ Վահան վարդապետին մտնելուն գաղտնիքը: Անմիջապէս ճամբայ կ՚ելնէ այս այցելուն հրացանն ուսէն կախուած: Ճամբան երբեմն որսորդութիւն ընելով, երբեմն երգելով, երբեմն խմելով Դերջան կը հասնի, ուր Սըրըխլը սուրբ Թորոս եկեղեցին կ՚իջնէ: Հետեւեալ օրը ծառի մը վրայ կ՚ելնէ եւ կը յորդորէ ժողովուրդը, որ չգաղթէ: Կարին կը մտնէ ճիշտ այն օրը, ուր իրմէ ժամ առաջ մտած էր Հայկական խնդրոյն անյաջողութեան լուրը: Կ՚ուզէ հոն եկեղեցւոյն մէջ կարդալ այն կոնդակն, որ պատրիարքարանէ տրուած էր իրեն եւ որ նպատակ ունէր ժողովուրդը համոզել չգաղթելու համար: Յարութիւն եպիսկոպոս կ՚ընդդիմանայ. այցելուն ձայն չհաներ, հրացան եւ օղիի շիշն առնելուն պէս ճամբայ կ՚ելնէ դէպի Կարս: Հոն կը ներկայանայ Լազարեֆին, որ կը ղրկէ զինք տէր Ղուկասոֆին, որ Տփղիսի ճամբան ցոյց կու տայ իրեն: Ալաշկերտէն եւ Պայազիտէն լուր կու գայ Տփղիսու Յանձնաժողովին յայտնելով, որ այն տեղի ժողովուրդն խմբովին Ռուսաստան պիտի գաղթէ: Վեհափառ կաթողիկոսը կը քնանայ: Այվազովսքին, Փորձի, Մշակի եւ Մեղուի խմբագիրներն կ՚աղաչեն այցե­լուն, որ Ալաշկերտ եւ Պայազիտ երթայ: Կ՚ընդունի Վահան վարդապետ, բայց կոնդակին մէջ Ալաշկերտ եւ Պայազիտ յիշուած չըլլալով` կ՚որոշէ նախ Բիւ­րական երթալ կաթողիկոսին եւ ապա իւր պաշտօնին: Բիւրական կ՚երթայ. կ՚արթնցնեն կաթողիկոսը, որ ո՞վ է ան հարցնելէն ետքը ձախ կողմը կը դառ­նայ եւ նորէն կը քնանայ: Քանի մը ժամէն նորէն կ՚արթնցնեն նորին վեհա­փառութիւնն, որուն չկրնար ներկայանալ մէկն առանց քսանըհինգ օր դռան առջեւ սպասելու: Վերջապէս կ՚արժանանայ դէմն ելնել կաթողիկոսին, որ պար­զապէս կը յայտնէ, թէ ինքը չէզոք ութիւն պահել որոշած է այս գաղթակա­նութեան խնդրոյն մէջ եւ այս յայտարարութիւնն ընելէն ետքը կը սկսի սանտրել իւր մօրուքն:

Վահան վարդապետ Պայազիտ կը վերադառնայ այն օրերն, ուր Ռուսիոյ զօրքերը Պայազիտէն քաշուած էին եւ մեր զօրքերը մտնելու կ՚ուշանային: Ժողովուրդը գաղթելու պատրաստուած, կը փնտռէ իր քեհեաները եւ քահանանե­րը, զորս այցելուն վարպետութեամբ մը վանքին մէջ բանտարկած էր: Քանի մը գիւղեր միայն կը գաղթեն հակառակ ջանից Վահան վարդապետին, որ նորէն Բիւրական կ՚երթայ ու կաթողիկոսին կը ներկայանայ ըսելով.

«Ձեր անհոգութեամբը երկու երեք հազար տուն կորսուեցաւ. հարիւր քսան վարդապետ եւ հարիւր քսան հազար ոսկի ունենալով չուզեցիր օգնութեան հասնիլ քանի մը գիւղերու, որք Էջմիածնէն տասներկու ժամ միայն հեռաւո­րութիւն ունին: Անոնց արիւնը ձեր գլուխն ըլլայ»:

Կաթողիկոսը գլուխը քերեց:

Այս պաշտօնն ալ կատարելէն ետքը Փոթիի ճամբով Պոլիս եկաւ եւ տե­ղեկագիր մը ներկայացուց ս. պատրիարքին: Հիւանդութիւն մը եկաւ վրան եւ Պարտիզակ երթալով վեց ամիս ցաւով զբաղեցաւ:

Պատրիարքարանն, գոհ անոր մատուցած ծառայութիւններէն, 1879֊ին պատուիրակութեան պաշտօնով Կարին երթալ հրամայեց իրեն. հրամանն ան­միջապէս կատարեց շոգենաւ մտնելով: Հոն ընդհանուր ժողով գումարեց. հոն գրուեցաւ հռչակաւոր ծրագիրն, որ մատուցուեցաւ կայսերական քոմիսերնե­րուն: Ասոնք ընելէն ետքը բարեկարգութիւններուն ձեռնարկեց: Երբ իմա­նար, որ գեղի մը մէջ հարստահարութիւն մը գործուած էր` իսկոյն նոյն գե­ղին քեհեաներն ու քահանաներն կանչել կու տար:

Ձեր գեղին մէջ ոչխարներ գողցուած են:

Հրամմեր էք, հայր սուրբ:

Քիւրտերը գողցած են:

Ծառայ եմ, հայր սուրբ:

Ինչո՞ւ ուշադրութիւն չէք ըներ եւ թող կու տաք, որ խեղճ ժողովուրդը կողոպտուի:

Ծառայ եմ, հայր սուրբ, շուները չհաջեցին, որ իմանայինք:

Շուները ինչո՞ւ չպատժեցիք:

Ծառայ եմ, հայր սուրբ:

Սա ֆալախան բերէք:

Ծառայ ենք, հայր սուրբ:

Եւ քանի մը քեհեաներ ու քահանաներ ֆալախայի տակ երգել կու տայ: Պատրիարքարանը կ՚իմանայ եւ կը գրէ իրեն, որ բարեկարգութիւնն առանց ֆալախայի ընէ. կը պատասխանէ, թէ անկարելի է, վասն զի, կ՚ըսէ, այս մարդերն իրենց ոտներէն աւելի շուտ խօսք կը հասկընան քան թէ իրենց գլխէն:

Շատ իրաւացի է այս պատասխանը: Արիստիպպոս, զոր շուն արքունի կ՚անուանէր Անտիսթենէսի աշակերտներէն անառակագոյնը, իւր բարեկամներէն մէկուն համար երբ Դիոնեսիոսին կ՚աղաչէր եւ չէր յաջողեր իւր խն­դիրքը լսելի ընելու համար` անոր ոտներուն փարեցաւ: Ներկայ եղողներն երբ դիտողութիւն ըրին իրեն այս վարմունքին՝ յանցանքն իմս չէ, պատասխա­նեց, այլ Դիոնեսիոսին, որուն ականջներն ոտներուն վրայ են:

Զարմանալի է տեսնելն, որ այսօր ալ շատերուն ականջներն իրենց ոտնե­րուն վրայ են: Այս ոտները համբոյր կ՚ընդունին, եթէ հզօր են, իսկ փայտ` եթէ տկար են: Մանաւանդ վերջին տարիներս համբոյրներն հարուստներու եւ ազդեցութեան տէր անձերու հողաթափի տեղ կը ծառայեն, ամէն օր կը կոխ­ուին անոնց վրայ. իսկ բուն ականջներն կը գործածուին իբրեւ զարդ եւ կամ բան մը չլսելու համար:

Բնական էր, որ Վահան վարդապետին այս ընթացքն ապարդիւն չմնար, վասնզի ֆալախային տակէն ելնողներն առաջուան պէս չէին կրնար անտարբերութեամբ շարունակել իրենց պաշտօնը: Այս քահանաներն ու քեհեաներն իրենց գիւղերը մտնելուն պէս, կը սկսին յորդորել ժողովուրդն, որ գողերու դէմ ինքզինքը պաշտպանէ. ամէն տեղ անձնապաշտպանութիւն կը քարոզեն, որպէսզի քիւրդերու յանցանքն իրենք չքաւեն ֆալախային տակ:

Վահան ժամը մինչեւ տասնըմէկ բարեկարգութիւն կ՚ընէր եւ տասնըմէկէն ետքը օղի խմելու կ՚երթար Յարութիւն եպիսկոպոսին քով, որ տասնըմէկէն առաջ կը սկսէր Բաքոսի արարողութիւններուն: Գործող եւ կտրուկ մարդ ըլլալն յայտնելու համար` Յարութիւն եպիսկոպոսին կատուն ղրկեց ազգային վարչութեան ձեռամբ բանտարկուած վարժապետի մը, որ նամակ գրած էր աղաչելով, որ ազատեն բանտէն, վասնզի մուկերը պիտի ուտեն զինքը: Երբ Յարութիւն Եպիսկոպոսն իւր կատուն հարցուց` Վահան վարդապետ պա­տասխանեց, թէ կրթական գործի մը ծառայեցուցած էր զայն:

Իւր պաշտօնն աւարտած ըլլալու համար, ֆրանսերէն տեղեկագիր մը կը հրատարակէ եւ Թրոթրին կու տայ: Այս տեղեկագրին մէջ հայերու վէրքերուն վրայ կը դնէ իւր մատն՝ զոր ուրիշներն մատանիով կը պատուեն, եւ զոր մենք կը կտրենք անոր համար, որ մատանի չունինք:

Քանի մը ամիսներ Պոլսոյ փողոցներուն մէջ թափառելէն ետքը` Գատը գեղի քարոզչութեան պաշտօն կը տրուի իրեն: Այս գեղին ազգայիններն ոչ թէ միայն պատիւ չեն տար, այլ պառկելու համար սենեակ մ՚ալ ցոյց չեն տար, եւ ինքը կը ստիպուի, գիշեր մը քանի մը ժամ փողոցի մէջ մնալէն ետքը սենեակ մը ճարել եւ իւր գտած ընդունելութեան վրայ մտմտալ: Հետեւեալ օրը կը հրաժարի այս պաշտօնէն, եւ երբ Գատը գեղի ազգայիններն կը յայտնեն իրեն, թէ եթէ սենեակ մ՚ունենար սիրով պիտի ընդունէին զինքը` կը պատաս­խանէ, թէ կրիայ քարոզիչ մը ընտրեցէք դուք, որ ինչպէս կ՚ըսէ չեմ յիշեր ով, ո՛ւր ալ երթայ սենեակն հետը կը տանի:

Իւր սկզբունքներն են.

«Նախ համոզել, ապա հայհոյել, յետոյ սպառնալ եւ ետքը զարնել:

Մարդերն ուրախ եւ զուարթ ըլլալու են ամէն պարագայի մէջ:

Մեղք չգործելն Աստուծոյ յատուկ է, իսկ մեղանչելն ու զղջալը մարդու, հետեւապէս, այն մարդն, որ չմեղանչեր, մարդ չէ:

Իբրեւ փողոցի մարդ յաճախ կ՚առաջարկէ մեծ պաշտօնեաներուն, երբ տանիքներն աւլէք` ապականութիւնները փողոց մի՛ թափէք. վասն զի, կ՚ըսէ, փողոցի վարչութիւնն ալ ունի իւր ապականութիւնները:

Շատախօսութեան այն աստիճան թշնամի է, որ եթէ իշխանութիւն ունե­նայ, բոլոր շատախօս երեսփոխանները լեզուներէն կը կախէ, որպէսզի ինքը միայն խօսի:

Վահան վարդապետ հիմակուհիմա փողոցները կը չափէ եւ օրուան ամէն ժամերուն յատուկ տեղեր ունի, բայց կեդրոնատեղին է Ղալաթիոյ օճախն, ուր ամէն օր կ՚երթայ կէսօրին: Զինքը ճանաչելու համար բնաւ դժուարութիւն չկայ, երբ կը տեսնէք փողոցի մէջ երիտասարդ վարդապետ մը, որ ձեր երեսը նա­յելով աճապարանօք կ՚երթայ, անմիջապէս ձեր մտքէն պիտի ըսէք.

Ես այն մարդուն բան մը ըրած չունիմ, ինչո՞ւ համար ինձի դէմ դատ բանալու կը վազէ:

Будьте первым, кто оставит комментарий по этому поводу

Другие части "Ազգային ջոջեր"

Ятук Музыка
Прийти
Давид Баласанян

Прийти

Давид Бек
Давид Бек
Играть онлайн