Акоп Паронян
Ազգային ջոջեր
ՍԻՄՈՆ ՖԵԼԵԿԵԱՆ
Սիմոն Հ. Ֆելեկեան, դասատու, ատենաբան, բանաստեղծ եւ տնօրէն Ֆելեկեան վարժարանի, ծնաւ ի Չմշկածագ 1831 սեպտեմբեր 18֊ին:
Մօրն արգանդին մէջ ինն ամիս քնատ մնալուն պատճառաւ աշխարհ եկած ատեն անանկ քուն մը կը քաշէր, ինչ քուն որ կը քաշէ առջի գիշերւընէ հարսնիք գացող մէկը:
Ծնողքն առջի բերան մեծ ցաւ զգացին, տեսնալով` որ զաւակնին արթննալու նշան մը չցցուներ, բայց երբ վեց ամիսէն ետքը արթնցաւ, ծնողացն ցաւն ուրախութեան փոխուեցաւ: Սիմոնիկն արթննալուն պէս` իւր քիթը քննեց եւ ասկից հասկցաւ, որ ապագային մէջ բանաստեղծ մը պիտի ըլլայ որովհետեւ ներկայ դարուս մէջ մէկու մը բանաստեղծ ըլլալն անոր քիթէն կը հասկցուի եւ ոչ գրութիւններէն: Շնորհակալ եղաւ իւր քիթէն, որ զինքը բանաստեղծութեան կոչած էր: Մէկ ու կէս տարեկան եղած միջոցին ոտանաւոր խօսելու կը վարժուէր. վեց տարեկան ըլլալուն պէս՝ արձակը ատենաբանութեան համար պահելով` միայն ոտանաւոր կը խօսէր: Մայրն օր մը զինք նպարավաճառի մը խանութ ղրկեց, որ հարիւր տրամ պանիր առնէ: Սիմոնիկը գնաց նպարավաճառին խանութը, անոր առջեւը կանգնեցաւ եւ սկսաւ պանիրին վրայ ատենաբանութիւն մը ընել, որուն մէջ մէկիկ մէկիկ բացատրեց պանիրին օգուտներն եւ անկից ծագած վնասներն: Պանիրին ի՛նչպէս շինուելուն եւ ի՛նչպէս ուտուելուն վրայօք ամենապարզ բացատրութիւններով ճառեց, եւ վերջապէս պանիրին ազգային մանկտեաց դաստիարակութեան համար օգտակար չըլլալն յայտնելով` վերջացուց ատենաբանութիւնն: Այսպէս վերջացունելուն պատճառն ալ պանիր աժան առնել ուզելն էր: Երբ նպարավաճառն ապուշ֊ապուշ երեսը կը նայէր, Սիմոնիկը գրպանէն քառասուն բարայ հանեց եւ նպարավաճառին տալով ըսաւ.
Նպարավաճառ, ոհ, հարիւր, ոհ, տրամ
Գընել կամէի ես պանիր ի քէն.
Առ զքառասուն, ոհ, բարայս, զոր տամ,
Եւ տուր ինձ պանիր ի լաւագունէն:
Նպարավաճառն թէպէտեւ ոտանաւոր չէր հասկնար, բայց քառասուն բարան արդէն տեսած ըլլալով` եւ հարիւր տրամ պանիր բառերն ալ լսելով` հասկցաւ, որ հարիւր տրամ պանիր կ՚ուզէ քառասուն բարայով եւ որովհետեւ այդ գնով չէր կրնար տալ Սիմոնիկին, ըսաւ, որ հարիւր տրամ պանիրն վաթսուն բարայ կ՚ըլլայ: Նպարավաճառին այս պատասխանին վրայ Սիմոնիկն նորէն ատենաբանութիւն մը ընել սկսաւ, մեր ազգին առաջ չերթալուն պատճառներէն մէկն ալ ազգին աղէկութեան համար խօսողներն մտիկ չընելնիս է, ըսաւ, եւ անհամաձայնութեան շատ վնասակար ըլլալը երկար բարակ մեկնութիւններով բացատրելէն ետքը առաջարկեց նպարավաճառին, որ խօսքն մտիկ ընէ եւ պանիրն իր ուզած գնովն տայ` ի սէր ազգային յառաջադիմութեան: Հայրենասէր տղուն այդ ազգասիրական եռանդն հաճոյ թուեցաւ նպարավաճառին եւ ստակ մը չառնելով, պանիրն տուաւ: Այս դէպքին վրայ Սիմոնիկն բանաստեղծութեան աւելի ուժ տուաւ: 1841֊ին Պոլիս եկաւ դաստիարակութիւն առնելու, եւ Հիւանդանոցի վարժարանը մտաւ: Մէկ֊երկու տարուան մէջ հսկայի քայլով ճամբայ առաւ. ճաշակը կրթեց, զգացումներն բխելով կը բխէին սրտին մէջ. զգացումներն կ՚ողողէին հայրենասէր բանաստեղծին սիրտը, եւ վերջապէս յորդելով մինչեւ Պառնասայ գագաթը բարձրացան, ուր Ապողոն հաճեցաւ քնար մը նուիրել իրեն: Սիմոնիկը քնարն ձեռք առնելուն պէս` աչքերը Հայաստանի աւերակաց վրայ դարձուց, հայրենեաց սէրն վառեցաւ, արտասուքներն հոսեցան: Սուգ արաւ պանդխտին քնարն եւ անոր մեղմ, անուշ ու փափուկ թելերն տխրագին կ՚եղերերգէին.
Թէ իմս հայրենեաց քնար սգաւոր
Հեծէ տխրագին` իմ սրտիկս է այն,
Թէ նորա բեկբեկ թելեր վշտաւոր
Խօսին ողբաձայն՝ իմ ձայնիկս է այն,
..............
Շատ քերթողներ արցունք թափեցին Հայաստանին համար, բայց այն արցունքը, զոր Ֆելեկեանը ցօղեց հայրենեաց աւերակաց վրայ` ամէնէն փափուկն եւ ամէնէն սրտառուչն է:
Ձեռք առնենք, ընթերցող, կենսագրութեանս երգիծական մասն, զոր յակամայից ստիպուեցանք պահ մը ընդմիջել Սիմոնիկին քնարին անիրաւութիւն մը չընելուն համար:
Եւ ահա այսպէս Սիմոնիկը Հայաստանը կ՚ողբար, թէպէտեւ ինքն ալ Հայաստանէն աւելի աղէկ վիճակ մը չունէր: 1855֊ին Սիմոնիկը դասատւութեան սկսաւ, դասատւութենէն աւելցած ժամերն ալ ատենաբանութիւնով կը զբաղէր, բայց ոչ առաջնոյն եւ ոչ ալ վերջնոյն մէջ իւր բանաստեղծական անօթութեան յագուրդ չկրնալով տալ, Պոլսէն դուրս ելաւ եւ շրջակայ գեղերուն մէկուն մէջ ագարակ մը վարձեց բանաստեղծութիւն ընելու համար: Հոն կ՚երգէր բնութիւնն, ծառերն, առուակներն, հովիւն, սրինգն, կովերն, ձիերն, էշերն եւ սագերն, սոխն ու սխտորն ալ իր քնարէն չէին վրիպած, ինչ որ տեսնէր` քնարովը կ՚երգէր. բայց որովհետեւ ոտանաւոր գրելով ագարակ մը չկառավարուիր, ստիպուեցաւ հոնկից հեռանալ՝ անիծելով մարդոց շահասիրութիւնն եւ բանաստեղծէ մը ստակ պահանջելու յոռի գրութիւնը: 1868֊ին նորէն Պոլիս դառնալով՝ երկու տարի ամբողջ ագարակին մէջ իրեն եղած անիրաւութիւններն իր բարեկամաց պատմելով զբաղեցաւ: Ագարակին պատմութիւնը լմնցնելուն պէս` վարժարան մը մտաւ դասատւութեամբ: Այս միջոցներն էր, որ Եփրատ անունով բանաստեղծական հանդէս մը հրատարակելու արտօնութիւն առաւ, որուն մէջ քանի մը ոտանաւորներ հրատարակելէն ետքը՝ սկսաւ ոտանաւոր գրել նաեւ ազգային յօդուածներն, որոնք քիչերուն հասկնալի ըլլալուն պատճառաւ` շատերէն չէին կարդացուեր:
Սիմոնիկն ստիպուեցաւ դադրեցնել իւր հանդէսը. քանի մը ամիսէն վերահրատարակել սկսաւ, նորէն դադրեցուց, դարձեալ հրատարակեց. կը ցաւինք, որ համրիչ չունէինք, որպէսզի քանի անգամ հրատարակուիլն ու դադրիլն ճիշտ գտնայինք: Վերջերը Եփրատը ուրիշներուն, ինչպէս նաեւ այս տողերը գրողին խմբագրութեանն ներքեւ ալ հրատարակեցաւ, բայց վերջապէս օր մը առանց հրամանի հրատարակած ըլլալուն համար իսպառ խափանեցաւ: Այս խափանման վրայ Ֆելեկեան էֆենտին ոտանաւոր գրելով շատացաւ: Քիչ մը ժամանակ անցնելէն ետքը՝ քանի մը դասատուներու հետ միանալով Իսկիւտար Սելամսըզ վարժարան մը բացաւ, ուր երկու սեռէ ալ աշակերտներ պիտի ընդունէր` եթէ երթային: Ժամանակը թող չտուաւ, որ աշակերտ ընդունէր, որով վարժարանին դռները քաշեց, գոցեց, ինքն ալ դուրս ելաւ: Երկու տարի անցաւ չանցաւ, չորս աշակերտ գտաւ ու գիշերօթիկ մեծ վարժարան մը բացաւ Իճատիէի եւ Գուզկունճուքի մէջտեղ: Քանի մը ամիսէն օդափոխութեան համար այս վարժարանն Գատըգիւղ փոխադրեց, անկից նորէն Իսկիւտար փոխադրելու միջոց կը խորհի կոր, բայց չկրնար կոր գտնալ:
Այսպէս ուրեմն, բախտը թող չտուաւ, որ Ֆելեկեանը խնդայ. օր մը չըլլար, որ դժբախտութիւն մը չհանդիպի. օր մը Գում Գաբու երթալու տեղ սխալմամբ Ֆերիգեղ կ՚երթայ. օր մը իրիկուան դէմ հելուաճիէն հարիւր տրամ հելուայ առնելու կ՚երթայ ու հելուային տեղ հելուաճիին լապտերը կ՚առնէ տուն կը դառնայ. օր մը փողոցէն գացած միջոցին կոյրի մը կը զարնուի, կ՚իյնայ, ոտքը կը ցաւցնէ, որովհետեւ գիշերները մտատանջութենէն չկրնալով քնանալ` ցերեկները քալած ատենը կը քնանայ:
Ֆելեկեան էֆենտին պճնասէր չէ, ուրիշներուն պէս հագուելու սգուելու փափաք չունի, խել մը երիտասարդներու պէս առտուները ժամերով հայելիին առջեւը անցնիլ ու մազերը սանտրելու ալ սովորութիւն չունի: Չմշկածագէն հոս գալու համար ճամբայ ելած օրը մայրն սանտրած էր մազերը. Ֆելեկեանն ալ այս յիշատակը անմոռաց պահելու համար` այն օրէն մինչեւ այսօր սանտր դպցուցած չէ մազերուն:
Ֆելեկեան էֆենտիին դէմքը այն մարդուն դէմքին նմանութիւն կը բերէ, որ կամուրջին վրայ կեցած` քովիններուն կը հարցունէ, թէ կամուրջը ո՞ւսկից կ՚երթցուի: