Акоп Паронян

Ազգային ջոջեր

ԳՐԻԳՈՐ ԷՆՖԻԵՃԵԱՆ

Կ՚աւանդուի թէ երկար տարիներէ յետէ վիճաբանութիւն մը բացուած էր աստուածաբաններու մէջ Աստուածաշունչին այն խօսքին վրայ, որ կ՚ըսէ. «Ստրկացաւ Աստուած զի արար զմարդն ի վերայ երկրի»: Իւրաքանչիւր դպրոցին աշակերտներն իրենց ուզածին պէս կը մեկնէին այդ պարբերութիւնն: Ոմանք սա բացատրութիւնը կու տային, թէ Աստուած չէր գիտեր, որ մարդն մոլու­թիւններու մէջ պիտի խեղդուէր: Ուրիշները կը պնդէին, թէ Աստուծոյ խղճին դպած էր մարդու գոյութիւն տալով` անոր խեղճութեան պատճառ ըլլալն: Վիճաբանութիւնն երբ այսպէս կը շարունակուէր, եւ ահա 1840֊ին Գրիգոր Էնֆիեճեան կը ծնէր Տիգրանակերտի մէջ: Երախային ծննդեան չորրորդ օրն մկրտութեան հանդէսը կը կատարուէր եկեղեցւոյ մէջ, ուր կը գտնուէին երկու վարդապետներ: Արարողութիւնն լմննալուն պէս, այս վարդապետներէն մին իւր ընկերոջը դարձաւ եւ հարցուց.

Կրցա՞ր գուշակել, թէ ինչո՛ւ զղջաց Աստուած` մարդն ստեղծած ըլլալուն համար:

Դժբախտաբար այո՛, պատասխանեց միւսն, իւր կանխատեսութեամբն Աստուած գիտէր անշուշտ, որ Էնֆիեճեան մը պիտի գար աշխարհ:

Այն թուականէն ի վեր, կ՚ըսեն, լուծուած է այս խնդիրն եւ հիմա բոլոր աստուածաբաններն իրաւունք կու տան Աստուծոյ: Եթէ Աստուած զղջացած է մարդն ստեղծելու համար, որչափ աւելի զղջացած է արդեօք զայն իւր պատ­կերին համեմատ ստեղծած ըլլալուն համար: Իսկ մենք, մեր սովորութեան համեմատ, աստուածաբաններու թողլով այս խնդիրներու լուծումն, կը դառ­նանք մեր նիւթին:

Հետաքրքիր ընթերցողն կը փափաքի հարկաւ գիտնալ, թէ ի՛նչպէս եկաւ աշխարհ Գրիգոր Էնֆիեճեան:

Փառք կու տանք Աստուծոյ, որ 1840֊ին կառք չկար Տիգրանակերտ. եթէ ըլլար՝ աշխարհ գալուն պէս պիտի ըսէր այս երախան.

Մէկ ոսկի տուէք կառքի վարձք, հիմա Բարձրագոյն Դռնէն եկայ:

Այսպիսի խօսք մը ըրած չէ, ոչ ալ կառքի վարձք առած է աշխարհ գա­լու համար, վասն զի պատրիարքարանի հաշուետոմարներու մէջ ասանկ գու­մար մը նշանակուած չէ:

Առանց Օլենտորֆ կարդալու` վեց ամիսէն խօսիլ սկսաւ. ստակ կ՚ուզեմ, ինձի անուշ բերէք, կերակուր տուէք խօսքերն այնպէս կը գործածէր, ինչպէս մենք կը գործածենք բարի լոյս, Աստուծոյ բարին: Շատ անգամ կ՚ըսէր. հաց կ՚ուզեմ, հիմա կ՚ուզեմ, եւ այս պահանջումը իւր ծնողացը կը յիշեցունէր. կնիկ կ՚ուզեմ, հիմա կ՚ուզեմ:

Իւրաքանչիւր մարդ իւր վրայ կ՚ունենայ անդամ մը, որով սիրելի կ՚ըլլայ ուրիշներուն: Մին իւր ձեռներովն, միւսն իւր ականջներովն, ուրիշ մը իւր բերանովն, չորրորդ մը իւր ուղեղովն համակրութիւն կը գրաւէ: Էնֆիեճեա­նը սիրելի ընող անդամն լեզուն էր, որուն շատերը սիրահարած էին:

1840֊ին Տիգրանակերտի մէջ նոր սկսած էր բարեկենդանի ատեն դիմակ անցունելով տունէ տուն պտտիլը: Քանի մը երիտասարդներ կը փափաքին, որ դիմակ մ՚անցունեն Էնֆիեճեանին, որ դեռ մէկ տարեկան էր, եւ մէկտեղ պտտին: Պզտիկ տղաներու համար դիմակ ուսկի՞ց գտնելու է, սովորութիւն եղած չէ մինչեւ հիմա, որ պզտիկ տղաներն դիմակ կրեն: Աղօթենք, որ գո­նէ այս սովորութիւնն տղաներու մէջ մուտ չգտնէ, որպէսզի կարող ըլլանք անդիմակ դէմքեր տեսնելու: Երիտասարդներն վերջապէս կ՚որոշեն, որ իրենք շինեն հատ մը եւ անմիջապէս պզտիկ դիմակ մը կը շինեն եւ այս տղուն երե­սը կ՚անցունեն: Աղուո՛ր դիմակ, ազգասիրութիւն բուրող դիմակ մը: Կարաւանը ճամբայ կ՚ելնէ եւ քանի մը փողոց դառնալէն ետքը պզտիկ դիմակաւորին դիմակը կ՚իյնայ. դերձանը շատ բարակ ըլլալով բրդած էր: Նորէն կը կապեն, նորէն կը բրդի: Փողոցի մէջ կայնած երբ այս երիտասարդներն կը խորհէին իրենց ընելիքին վրայ, ատաղձագործ մը՝ որ նոյն գիշերը խանու­թին մէջ կ՚աշխատէր, կարծելով թէ գողերն կը խորհրդակցին փողոցը` խա­նութէն դուրս կը նետուի եւ կը սկսի զանոնք դիտել: Երիտասարդներն ատաղձա­գործին կը մօտենան եւ իրենց ցաւն կը յայտնեն անոր, որ շուտ մը խանութը կը մտնէ եւ քանի մը վայրկենէն դուրս կ՚ելնէ պնակ մ՚ի ձեռին: Դիմակը կ՚առնէ եւ ետեւը առատօրէն սոսինձ քսելէն ետքը` տղուն երեսը կը փակ­ցունէ եւ խումբը կը ճամբէ: Բաւական կը զուարճանան նոյն գիշեր: Երբ իրենց տուները կը դառնան` ամէնքն ալ, ինչպէս օրէնք է, իրենց դիմակներն վար կ՚առնեն, բայց մանուկն Էնֆիեճեան չկրնար իրենը հանել, վասն զի սոսինձով փակցուած էր եւ անհնար էր քաշել հանելն առանց երեսը պատ­ռելու: Բարեկամները խորհելով, որ դիմակը հանելու համար երեսը պատ­ռելը դարմանն չար քան զախտն պիտի ըլլար` թող տուին, որ դիմակը մնայ, յուսալով միանգամայն, որ տղուն դէմքը քանի մեծնայ դիմակն ինքնիրեն կ՚իյնայ: Իսկ Էնֆիեճեան, որ մանկական հասակին մէջ վարժուած էր դիմակ կրելու, չհանեց եւ ստիպուեցաւ կրել այն ազգասիրութեան դիմակն մինչեւ մօտ ատեններս:

Յայտնի բան մ՚էր, որ խելօք չնստող տղաները մեր մէջ ընդհանրապէս ուրիշին տուները կը ղրկուին. հռովմէական ազգայիններու մէջ ալ սովորու­թիւն է, քիչ բացառութեամբ, վանք ղրկել այն ամէն տղաները, որ տունը տակնուվրայ կ՚ընեն, Էնֆիեճեանի ծնողքն իրենց զաւակին բարիք ընելու եւ ազգին չարիք հասցնելու համար վանքէն ուրիշ տեղ մը չէին կրնար դնել զայն:

1856֊ին Լիբանան Զմմառի վանքը կը մտնէ, հոն եւրոպական լեզունե­րու աշխատած ժամանակը չմոռնար նաեւ ուսանելու տաճկերէն լեզուն, զոր ինչպէս կը վկայեն, ձեռք կը բերէ այնչափ, որչափ որ պէտք է դիմացինը շողոքորթելու համար: Շուրջ վեց տարի յիշեալ վանքին մէջ իրեն հարկաւոր եղած բաներն սորվելէն ետքը՝ Գրիգոր Ը. Կաթողիկոսէ վարդապետ կը ձեռ­նադրուի: Սեւ հագուստներու մէջ փաթըտուելէն մէկ երկու տարի ետքը` Եւդո­կիա կ՚ուղեւորի, ուր շատ ընդունելութիւն չգտներ: Գերապայծառ Անտոն Հա­սունեան, որ Եւդոկիոյ կողմերը կը գտնուէր նոյն թուականին, կ՚աղաչուի հետն առնել տանիլ Էնֆիեճեանն: Հասունեան կ՚ընդունի իրեն եղած աղաչանքն եւ կը հրամայէ Էնֆիեճեանին պատրաստութիւն տեսնել ճամբայ ելնելու հա­մար: Ասկէ ծնունդ կ՚առնու ահա այն թշնամութիւնն, որ մինչեւ այսօր կ՚ապ­րի այս երկու սեւ գլուխներու մէջտեղը:

1866֊ին Կ. Պոլիս կու գայ Մաքսատունէն ի՞նչպէս թող տուին, չգի­տենք եւ կը սկսի զինքն ծանօթացնել այն քարոզներով, զորս կու տար Բե­րայի սբ. Աստուածածնայ եկեղեցւոյն մէջ: Բարձր ձայն մը ունենալու հա­մար ժողովուրդը խուռն բազմութեամբ կը դիմէր անոր քարոզն կամ, լաւ եւս, ձայնը լսելու համար, ինչպէս մենք կ՚երթանք երբ տեղ մը աղէկ երգիչ մը տեսնենք: Քարոզներուն մէջ միշտ ազգային ոգւով շարժելու կը ճգնէր ժողո­վուրդն, եւ գաղտնապէս Հասունեանի դէմ կը մաքառէր ազգային իրաւունք­ներու պաշտպան կանգնելով: Ժողովուրդն, որ շատ անգամ կը խաբուի, սի­րեց այս ազգասէր քարոզիչն, որուն բերանը Դիոգինէսի կարասին բերանին պէս երբեմն հարաւային կողմը, երբեմն ալ հիւսիսակողմը կը դառնար:

Այս եղանակաւ ժողովուրդը շահեցաւ, եւ Հասունեան խաղին մէջ մեծ դեր կատարեց:

Ի՞նչ դեր կատարեց, կը հարցունէ մին:

Ազնուական հօ՞ր դեր խաղաց, կը հարցունէ ուրիշ մը:

Հակառակորդի՞ դեր:

Սպասաւորի՞ դեր:

Սիրահարի՞ դեր:

Ամէնն ալ կատարեց, բայց կ՚աղաչեմ, մի՛ ընդմիջէք խօսքս:

1870֊ին թեւերը սոթտելով ազգային գործերուն մէջ մտաւ… կառքով: Քաղաքականութիւնն արդէն նպաստաւոր էր Հակահասունեան դատին այն թուականին քաղաքականութիւնը Հակահասունեանները քաթոլիկ կը ճանա­չէր, մինչդեռ հիմակուանը Հասունեանները քաթոլիկ կ՚ընդունի եւ Էնֆիեճ­եան այս առիթէն օգուտ քաղելով` կը քաջալերուէր եւ յանդգնութեամբ Բ. Դռնէն կը պահանջէր ազգին իրաւունքներն, զորս… արդէն ունէր ազգը: Ճանչցուց զինքն բոլոր բարձրաստիճան պաշտօնատարներու, որոնցմէ ոմանք լաւ ընդունեցին զինքն եւ ոմանք ալ բնաւ չընդունեցին: Ամենաչնչին բանե­րու վրայ տեղեկութիւն առնելու համար Բ. Դուռը կը վազէր, եւ առանց քաշ­ուելու Արտաքին գործերու պաշտօնէին նստած սենեակը կը մտնէր, հարցնելու համար, թէ ժամը քանի՞ին շոգենաւ կայ Իսկիւտարի համար: Երբ Բ. Դռնէն հրաման եղաւ, որ եկեղեցիներն Հակահասունեանց յանձնուին` ինքը ժողովրդեան գլուխն անցնելով, գնաց տիրեց եկեղեցիներու, զորս տարի մը առաջ նորէն ձեռք անցուց Հասունեան:

Այսպէս ազգային գործերուն ղեկավարութիւնն ստանձնեց ես իւր ղե­կավարութեամբը Սամաթիայէն Քումքաբու նաւակով երթալու կը վախնամ եւ իրեն պաշտպան գտաւ մէկ երկու ամիրաներ, զորոնք այնպէս կը գործա­ծէր` ինչպէս կը գործածէ Խասգիւղ բանող շոգենաւի մը նաւապետ` շոգե­նաւին սուլիչը. չուանը քաշելուն պէս սուլիչը կը սուլէ: Այս ամիրաները չխորհեցան, կամ, աւելի ճիշտը, պակաս խորհեցան Քիւբելեանը պատրիարք ընտրելով: Ինչո՞ւ ընտրեցին Քիւբելեանը: Վասն զի թշնամի էր Հասունեանին մասնաւոր գործի մը համար, ինչպէս է Էնֆիեճեանը: Այս թշնամութեան պատճառն վերնալուն պէս բնական էր, որ թշնամութիւնը տեղի տար հաշ­տութեան, ինչպէս որ եղաւ: Այսպիսի պարագայի մէջ Հասունեանին ոչ թէ անձին, այլ սկզբունքին հակառակ եւ միանգամայն ողջամիտ ու անշահասէր մէկը գտնել պէտք էր: Եթէ կար ասանկ մէկն ու չընտրեցին՝ շատ ողբալու պարտաւոր են, իսկ եթէ չկար՝ բնաւ չողբան Քիւբելեանն ընտրելուն վրայ, վասն զի ուշ կամ շուտ պիտի կորսնցունէին իրենց դատը: Սակայն այս ընտ­րութեան մէջ ալ մեծ դեր խաղացած է Էնֆիեճեանն, որ ամիրաներու ընտրելի ներկայացուց Քիւբելեանն, որ պատրիարք եղաւ եւ վերջը կամովին հրաժա­րելովը վերջին հարուածը տուաւ Հակահասունեաններուն:

Որչափ որ պատրիարքը Քիւբելեան էր` գործողն Էնֆիեճեան էր, ազգին գործերը… խառնակելու համար: Պատրիարքարանի սնտուկին մէջ դրամ չկար, վարչութիւնը կ՚աշխատէր ազգին ներքին վիճակը բարւոքելու եւ Էնֆիեճեան կառքէն վար չէր իջնար:

«Բարի լոյս, ոսկի մը տուէք կառքի վարձք: Աստուծու բարին, վաղը Բ. Դուռը պիտի երթամ, երկու ոսկի տուէք»: Ասոնք էին ահա իւր տէրունական աղօթքը: Ազգը լաւ կ՚ընէր, եթէ Բ. Դռան մէջ սենեակ մը ուզէր Էնֆիեճեա­նին համար եւ ազատուէր երթեւեկութեան ծախքէն: Սնտուկն անկարող իւր եկեղեցականներն հոգալու` կը սնուցանէր Էնֆիեճեանի վարձած կառքին ձիերը, որք ազգին բաւական եկամուտը փճացուցին եւ աղէկ կերան ու խմե­ցին դատին շնորհիւ: Հոս դնել արժան կը դատենք այն տեղեկութիւններն, զորս խնդրած եւ ստացած ենք մեր բարեկամներու մէկէն, որ ճշմարտախօ­սութեան համբաւ կը վայելէ: «Գիտնալու է, կը գրէ մեզ մեր բարեկամը, որ այս մարդուն համար չկայ կաթողիկոս, պատրիարք, սիւնհոդ, աթոռակալ, վարչութիւն եւ երեսփոխանութիւն: Ընկերութեանց հակառակ է: Երբ վարչու­թիւնն բարեկարգութեանց կը ճգնէր, Էնֆիեճեան իւր շռայլ ծախքերով կը ծանրանար վրան: Երբ կղերը ազգօգուտ կանոնադրութիւններ կը սահմանէր, ասի մէկ երկու ամիրայից կռթնած կը տապալէր արմատէն ինչ որ շատ աշ­խատութիւններով շինուած էր: Վերջապէս քիչ օգուտ եւ մեծ վնաս տուած է Հակահասունեանց իւր անխոհեմ բնութեամբն եւ վարուքը. եւ այսօր Բերա Ոս­կեբերան եկեղեցւոյ մեծ ժողովրդարանն իրեն սեփականած` փառաւորապէս հանգիստը կը վայելէ: Այս անձին անունն մեծ հռչակուեցաւ, բայց չունի գո­վեստի գործ մը ամենեւին…: Իւր ազնիւ եղբարցը չնմանիր… իւր Միաբա­նութիւնը չսիրեր զինքը իւր կրքոտ բնաւորութեանը համար: Խոհեմութիւն բառն իրեն համար նշանակութիւն չունի, ամէն գործերը գահավիժական են: Խնդումն ու լացը մէկ վայրկեանի մէջ կը տեսնուի աչքերուն վրայ… վերջա­պէս իւր… գործողութիւններովն ազգին եւ ընդհանուր կղերին շատ վնասած է:

Այս ընթացքովն Հակահասունեաններուն վնասելէն ետքը փափաքեցաւ ուրիշ գործի մը ձեռնարկել, վասն զի Էնֆիեճեան, գործունեայ մարդ, վայր­կեան մը չկրնար առանց գործի ապրիլ, միշտ զբաղած ըլլալու է: Անտոնեան միաբանութիւնն իւր ճաշակին հակառակ էր, ուստի պէտք էր ջնջել զայն, բայց ջնջելու համար ծրագիր մը պէտք էր: Էնֆիեճեան շինեց այդ ծրագիրն, որով կը յայտնէր, թէ բոլոր անմիաբանութիւններն Զմմարու մէջ միանալու էին: Վէճ մը ծագեցաւ երկու միաբանութիւնների մէջ: Հակահասունեաններն իրենց մէջ երկուքի բաժնուեցան, կղերն իրարու դէմ ելաւ եւ Հասունեան սկսաւ զուարճանալ: Այս խնդրոյն մէջ է, որ Էնֆիեճեանի դիմակն վար առնուեցաւ եւ երեսը քիչ մը պատռեցաւ, բայց ինքը չկարմրեցաւ, կարմիրի վրայ գաղա­փար չունի. մանաւանդ թէ քաջ մարդ է. իւր գրածը, կ՚ըսէ Ծերենց, կ՚ուրանայ առանց քաշուելու:

Միշտ կը խոստանայ, եւ եթէ այսօր երթաս եւ իրմէ տեղեկութիւն խնդրես` կը պատասխանէ.

…Էֆենտին խօսք տուաւ քանի մը օրէն Հասունի ձեռքէն առնել պատրիարքական հրամանագիրն եւ մեզի տալ:

Թեթեւամիտները կ՚ըսեն.

Ի՜նչ գործունեայ մարդ:

Ողջամիտները կը մրմռան.

Ի՜նչ գործունեայ սուտ:

1877֊ին Միտհատ փաշայ Օսմանեան երեսփոխանական ժողով հրաւիրեց բոլոր հպատակ ազգերու գլուխներն, որ կարծիք յայտնեն պատերազմի՞նք թէ ոչ ի վրայ, Էնֆիեճեան խօսք առնելով ատենաբանութիւն մը ըրաւ, որով հասկցուց թէ ոչ միայն պէտք էր պատերազմիլ, այլ նաեւ հարկ էր անպատ­ճառ կուրծքէն զարնուիլ, կռնակէն զարնուիլն չընդունիր: Շատ քաջալերա­կան էր այս խօսքն, թէպէտեւ աւելի աղէկ կ՚ըլլար եթէ ըսէր, պէտք է կուրծ­քէն զարնենք, եւ ոչ թէ զարնուինք: Այս վերջինը քիչ մը մութ էր. շատերն այնպէս հասկցած էին, թէ Էնֆիեճեան գիտէր թէ մեր զօրքերն անպատճառ պիտի զարնուէին եւ անոր համար ո՛ր կողմէն զարնուելու համար հրահանգ կու տար, թէպէտեւ պէտք չէ ուրանալ, որ Էնֆիեճեան վերջէն չբարկացաւ այն զինուորներուն դէմ, որոնք թեւէն կամ սրունքէն վիրաւորուած էին, եւ այս կերպով մատնեց զինքն ցոյց տալով, որ կուրծքէն զարնուիլը պերճախօսու­թեան համար գործածած էր: Իրաւունք ալ չունէր, կարծենք, մեռնելու գնա­ցող մարդերու պայման դնել եւ ստիպել զիրենք, որ իրենց կուրծքէն զարնուին: Այս ատենաբանութիւնն շատ ծափահարութիւն վաստկեցաւ եւ Էնֆիեճեան վարձքն առաւ սիրելի ընելով զինքն իրեն… անծանօթներուն:

Լեզուն` որուն պարտի իւր բոլոր համբաւն, քիչ մնաց, որ Վատիկանու ժողովոյ մէջ փորձանք բերէր գլխուն: Կը զրուցուի, թէ վերջին անգամ Հռովմէն ծպտեալ փախաւ Կ. Պոլիս. եթէ ձերբակալուէր` չգիտցուիր, թէ ո՛ր վանքին մէջ պիտի առնէր շունչը:

Իբրեւ խմբագիր եւս ոչ նուազ յաջողակութիւն ունի ուրիշներն յանիրաւի ձաղկելու մասին:

Շատ յօդուածներ գրած է Մեճմուայի մէջ, եւ շատ տետրակներ հրատա­րակած է առանց ստորագրութեան: Ինքն է, որ լրագիրներու մէջ յարձակեցաւ Ապտուլլահ մեծ. Միքայէլ էֆենտիին վրայ, զոր վիրաւորեց, կ՚ըսեն, առանց իրաւունք ունենալու:

Իբրեւ բանահիւս չենք կարծեր, որ մեծ արժէք ունենայ: Ոչ միայն չենք կարծեր, այլ կրնանք պնդել, որ տաղաչափութիւն ընելու անկարող է, վասն զի իրեն համար չափ, կշիռ, ոտք նշանակութիւն չունին: Նոյնայանգ ոտա­նաւոր մ՚ալ չկրնար գրել, վասն զի իւր գործերէն հաստատուած է որ գործի մը վախճանը բնաւ չխորհիր: Արձակի մէջ միայն կը յաջողի:

Էնֆիեճեան, ինչպէս ըսինք, գործող մարդ մ՚է. եւ եթէ աշխարհական մնար` աւելի օգտակար կրնար ըլլալ քսանըհինգ երեսուն աղուորիկ զաւակ­ներ ընծայելով ազգին, վաճառականութիւնը ծաղկեցնելով, ուրիշներէն փո­խառութիւն ընելու դիւրին ճամբան սորվեցունելով: Չենք կարող ըսել` թէ այս անձն բնաւ ազգասիրութիւն չունի, բայց միայն կը խորհինք, թէ կատուն մուկ բռնելու պատրաստուած ժամանակը իւր տիրո՞ջն բարութիւն ընելու կը խորհի, թէ իւր փորը կշտացնելու:

Եթէ քիչ մը իւր տարիքն առնելով՝ Էնֆիեճեան իւր եռանդն եւ կիրքը քիչ մը զսպէ ու խելքով գործել սկսի, կարող է ազգին նուազ չարիք հասցու­նել եւ երախտապարտ կացուցանել զայն: Կղերէն, քիչ բացառութեամբ, ազգն արդէն բարիք չսպասեր, եւ եթէ երբեմն կրօնական մը կը յարգէ` պատճառն այն է, որ նուազ չարութիւն տեսած է անկէ:

Թերեւս հարցնողներ գտնուին՝ թէ այս մարդն եթէ այսչափ գործունեայ է` հիմա ինչո՞ւ չգործեր: Կը պատասխանենք իրենց, որ այս մարդը հիմա ալ կը գործէ, միայն թէ առաջ լեզուովը կը գործէր, իսկ հիմա ստամոքսովն: Երբ աս վերջինն ալ գործելէ դադրի` այն ատեն Էնֆիեճեան զղջումի պիտի գայ, ծունկ պիտի չոքի Հասունեանին առջեւ եւ Մեղայ յերկինս եւ առաջի քո ըսելով` աջը պիտի համբուրէ Հասունեանին, որ ուրախութենէ այլայլած պիտի պոռայ.

Կորսուած էր անառակ որդիս եւ գտնուեցաւ:

Հասակով երկար, կազմով բարեձեւ, դէմքով գեղեցիկ մարդ մ՚է Էնֆիեճեան: Երբ տեղ մը նստած տեսնեն զինքն, այնպիսի դէմք մը կ՚ունենայ, որ կարծես թէ երկու օրէ ի վեր բերանը բան մը դրած չըլլալով՝ տեղէ մը ճաշի կը հրաւիրուի, սեղանը կը նստի եւ կերակուրի կը սպասէ: Իսկ անցուդարձը քիչ փողոցէ մը անցած ատենդ եթէ քովդ գտնուի տասնըեօթը տարեկան աղջիկդ եւ Էնֆիեճեան յանկարծ դէմդ ելնէ` իւր ահարկու դէմքը հետեւեալը կ՚ազդէ քեզ.

Անդիի կողմը անցնինք, աղջիկս, սա մարդուն աչքերը չեմ հաւնիր ես:

Будьте первым, кто оставит комментарий по этому поводу

Другие части "Ազգային ջոջեր"

Ятук Музыка
Концерт для скрипки ре минор
Арам Хачатрян

Концерт для скрипки ре минор

Давид Бек
Давид Бек
Играть онлайн