Запел Есаян

Սիլիհտարի պարտեզները

Վարի թաղերը

Մեր տան կիները, բացի Երանիկ մօրաքոյրէս, արհամարհական որակումներով կը խօսէին կամ կ’ակնարէին այն փողոցներու մասին, որոնց ամբողջութիւնը կը կոչէին վարի թաղերը։ Այդ փողոցներու բնակիչները, ըստ մեր տնեցիներու հեղինակաւոր կարծիքին, գռեհիկ էին. կիները՝ ջլդիկ, տղամարդիկ՝ այագ թախըմի։

Մախառնաճիին տունը փոխադրուելէ յետոյ այդ թաղերու գռեհկութիւնը կարծես աւելի խտացաւ մեր տնեցիներուն համար եւ երբ մօրաքոյրերս դուրս կ’ելլէին այցելութիւն մը ընելու կամ բաղնիք երթալու համար, հակառակ որ մեր յաճախած բաղնիքը, Չինիլի Ճամիի համամը, կը գտնուէր Ենի Մահալլէի վերջաւորութեան, մեծ շրջաններ կ’ընէինք, որպէսզի չանցնէինք այդ վարի թաղերէն։

Բայց ես ամենափոքր հասակէս քանիցս անցեր էի այդ թաղերէն Երանիկ մօրաքրոջս հետ եւ յաճախ այցելութեան գացեր էի այդ փողոցներուն մէջ գտնուող տուներ։

Երանիկ մօրաքոյրս թէ՛ ֆիզիքապէս եւ թէ ներքին էութիւնով բոլորովին տարբեր էր իր քոյրերէն։ Ան թուխ էր եւ կարճահասակ։ Ունէր շատ սեւ մազեր եւ մանր, սեւ աչքեր։ Ծաղիկը չեչոտ դարձուցեր էր Երանիկ մօրաքոյրս եւ ան հաստատ կարծիք գոյացուցեր էր որ ինքը տգեղ է։ Իրականութիւնը սակայն այն էր որ մեր տնեցիներէն ոչ մէկը այնքան սիրուած եւ փնտռուած չէր հեռու եւ մօտ ազգականներէ, դրացիներէ, ամբողջ թաղեցիէն, որքան Երանիկ մօրաքոյրս։

Երբ անիկա իմ ձեռքէս բռնած կ’իջնէր մեր փողոցին վարի մասերէն, նեղ փողոցներու երկու կողմերէն, պատուհաններէն եւ դրան սեմերու վրայէն՝ մեծ ու պզտիկ պաղատագին մեզ կը հրաւիրէին ներս մտնել, խահուէ մը խմել, «երկու խօսք ընել»։ Մենք երկուքով դանդաղօրէն կը յառաջանայինք եւ Երանիկ մօրաքոյրս, մերժելով հանդերձ հրաւէրները, կը խօսէր մէկին եւ միւսին հետ։ Այդ կիները կ’ոգեւորուէին լսելով մօրաքրոջս խօսքերը եւ երբեմն լիաթոք կը խնդային։ Չեմ գիտեր ի՛նչ կ’ըսէր կամ ի՛նչպէս կ’ըսէր, բայց կը զգայի որ մօրաքոյրս ամենուն հոգերը կը ցրուէր, իր խօսքերը առաջ կը բերէին ժպիտ եւ ծիծաղ, մինչ ինքը կը մնար անայլայլ։ Եւ ես կը սիրէի որ մեր անցքին այսպէս ուրախութիւն, հաճոյք եւ ծիծաղ կը սերմանէինք մեր ճամբուն վրայ։

Մեծ մայրս եւ մօրաքոյրերս տհաճութեամբ կ’անդրադառնային Երանիկ մօրաքրոջս «յարաբերութիւններուն» եւ կը քննադատէին իր ճաշակը, որ գռեհիկ կը համարէին։

Տանը մէջ ան գրեթէ չէր մասնակցեր ընդհանուր կեանքին։ Ունէր իր առանձին սենեակը, ուր թեզկեահի վրայ եազմա կը բանէր։ Ան չէր սիրեր որ յանկարծակի խանգարէինք իր առանձնութիւնը։ Միւս կողմէ, երբ մեր տունը հիւր մը ըլլար, ինքը չէր երեւար, քոյրերուն չէր ընկերանար, երբ այցելութիւն մը ընէին։ Կարծես թէ ան կ’ուզէր բաժնուիլ տնեցիներէն, ունենալ իր յատուկ որջը, ուր կը պահէր իր ինքնութիւնը եւ նաեւ իր անձնական ինչքերը։

Այդ ինչքերը հազար ու մէկ գիշերներու սքանչելիքներ էին մեզ, երեխաներուս համար։ Պզտիկ քոյրս սկսած էր մեծնալ։ Անիկա առողջ, կայտառ եւ հանդարտ երեխայ էր։ Մեզ երկուքս կը կոչէին ոչ թէ մեր անունով, այլ կ’ըսէին մեծը, պզտիկը։ Պզտիկը ուրեմն կատարելութիւն մըն էր, ուրուր չէր մեծին պէս։ Ան կը վայելէր ընդհանուրին համարումը եւ Երանիկ մօրաքրոջս մասնաւոր հոգացութիւնը։ Ան յաճախ պզտիկը կը տանէր իր սենեակը, կը բանար իր գանձերը անոր առաջ եւ ժամերով պզտիկը հանդարտ կը խաղար։ Ինձ համար այդ դրախտին դռները հազուադէպ կերպով կը բացուէին, բայց երբ բացուէին, ուրախութիւնս այնքան մեծ կ’ըլլար որ երբեմն տենդ կ’ունենայի։

Երանիկ մօրաքոյրս կը սիրէր բուրումները եւ դարանին մէջ ունէր ամէն տեսակ անուշահոտութիւններ։ Իմ պաղատագին խնդրանքիս վրայ ան կը բանար դարանը եւ ես վերացած կը դիտէի այդ զանազան ձեւի սրուակները եւ անոնց գոյնզգոյն բովանդակութիւնը։ Այդ փակ սրուակներէն դուրս կը սպրդէր խառն բուրումներու տարտամ հոտ մը, որ հոգիս կը պարուրէր գերագոյն զգայութիւններով։ Բուրումները կը վերացուէին տեսիլքներու եւ անորոշ երաժշտութեան մը։ Կը տեսնէի եւ կը լսէի բաներ, որոնք ոեւէ կապ չունէին անմիջական իրականութեան հետ եւ յետոյ, երբ այդ տպաւորութիւնները իմ մէջս կը վերածուէին պատմութիւններու, որ ինքզինքիս կը պատմէի, ինձ համար կը դառնային աւելի իրական, քան ինձ շրջապատող իրականութիւնը։

Բայց Երանիկ մօրաքոյրս դեռ ուրիշ հրաշալիք մը ունէր իր սենեակին մէջ։ Այդ՝ իր սնտուկն էր։ Այնտեղ պահած էր իր մանկութեան տարիներէն ձեռքը անցած իրերը։ Այնտեղ կային հին եւ մաշած հնդկական շալերու բեկորներ, պարսկական մետաքսեղէններ, ոսկեթելով բանուած Պրուսայի շղարշներ, վառ եւ շլացուցիչ գոյներով կերպասի կտորներ, նմուշներու ծրարներ, փղոսկրէ եւ արծաթաթելէ շինուած պզտիկ առարկաներ, բաժակներ, սկահակներ, մետաքս գոյնզգոյն թելեր, սաթէ մանեակ մը եւ դեռ անհամար ուրիշ բաներ։

Այդ իրեղէններուն եւ մօրաքրոջս պատմութիւններուն մէջ սերտ աղերսներ կային։ Ան միակ անձն էր տանը մէջ որ կը խօսէր իր մեծ մօրը, Շիրին օղլու Յակոբին մօրը մասին։ Անոր տունը լիքն էր այն բոլորով, որ կարաւանի առաջնորդները, իրենց երկար ճամբորդութիւններու ընթացքին, առեր ու բերեր էին տուն։ Երանիկ մօրաքոյրս կը պատմէր որ իր մանկութեան նեղ օրերուն, զառամած հանիին ձեռքէն մէկիկ-մէկիկ խլած էին թանկագին շալերը եւ կերպասները ու ծախեր էին։ Ամէն ինչ ցրուեր, «ուրին ջուրին» գացեր էր։

– Բան չմնաց, կ’ըսէր ան ցաւելով, մինակ աս մնաց, կը հառաչէր ցոյց տալով սնտուկին մէջ հաւաքած բեկորները։

Արդարեւ, մեծ հայրերուս անհետացած ուժեղ սերունդէն մնացեր էին պատմութիւններ, իրենց կարգին անցնելու վրայ եղող կիներու եւ այլասերած տղամարդոց բերանը եւ Երանիկ մօրաքրոջս սնտուկին մէջ՝ նախկին շքեղ շալերու, գեղեցիկ կարպետներու, թանկագին բեհեզներու փեռեկտուած եւ ցեցերէ ծակոտկէն աննշան բեկորներ։

***

Իր սենեակին մէջ, երբ «էշրէֆ սահաթն» էր, անիկա կը բանէր եւ միեւնոյն ատեն կ’երգէր կամ կը պատմէր։ Այդ սենեակին մէջ է որ գտած եմ լուսաբանութիւնը ընտանեկան կարգ մը անցեալ եւ ներկայ դէպքերու։ Եւ անտարակոյս Երանիկ մօրաքոյրս մետտահի տաղանդ ունէր, ինչպէս իր մեծ հօրեղբայրը, Ֆերհատը, բայց իր ժամանակի իրականութեան մէջ այլեւս մետտահի տեղ չկար։ Ան նուազ ոգեւորութեամբ կը խօսէր իր մեծ հօր՝ Շիրինի՝ աշուղի տաղանդի մասին, քան Ֆերհատի պատմելու հրաշագործ յատկութիւններու վրայ։

– Քերուանները կ’երթային եւ ներսերը կը տանէին պազիրկեաններ, կառավարութեան մարդիկ, սնտուկներով զէնկինութիւն...։ Կ’երթային Քիւչիւկ Չամլըճային ետեւէն, կ’երթային, կ’երթային օրերով, ամիսներով... վեր երկինք՝ վարը քերուանպաշին...

Ու կը պատմէր թէ ի՛նչպէս Ֆերհատ, կարաւանի պետը, իր ճամբորդները կը կառավարէր հաստատակամութեամբ եւ արդարութեամբ։ Եթէ պատահէր որ կարաւանին ընկերացող թուրք աստիճանաւոր մը պահանջէր բացառիկ վերաբերմունք, Ֆերհատ կը մերժէր ու կը կատղէր, եթէ պնդէին։ Ոչ սպառնալիքը, ոչ խոստումները չէին զօրեր իր վրայ։ Բայց Ֆերհատ իր կարաւանի առաջնորդի յատկութիւնները երեւան կը բերէր, երբ ոեւէ վտանգ սպառնար կարաւանին։ Ան աղուէսի պէս խորամանկ էր, երբ պէտք ըլլար, եւ աւելի կ’ընտրէր ճամբու աւազակներու պետերուն հետ համաձայնութեան գալ, քան թէ վտանգի ենթարկել ճամբորդներու կեանքը եւ ինչքը։

Երբեմն ալ ձիւնը կը գոցէր ճամբաները, հարկ կ’ըլլար օրերով կանգ առնել եւ սպասել։ Կարաւանի ուտեստի եւ ջուրի պաշարը կը սպառէր պէտք էր համբերել։ Ֆեհրատ իր շուրջը կը հաւաքէր ճամբորդները եւ կը պատմէր։ Երանիկ մօրաքոյրս կ’ըսէր որ Ֆերհատ այնպիսի կատարելութեամբ այդ անօթի մնացած մարդոց կը նկարագրէր խնջոյքներ, կերուխում, տեսակ-տեսակ խորտիկներ, որ լսողները ոչ թէ աւելի կը զգային իրենց քաղցածութիւնը, այլ կը յագենային եւ թմրած կը մնային։ Իսկ երբ վտանգ մը սպառնար, Ֆերհատ այնպիսի շնորհով եւ ուժով կը պատմէր առասպելական քաջութիւններու մասին որ ճամբորդներէն ոմանք կը ցանկային որ յարձակում ըլլար, ոեւէ դէպք պատահէր, որպէսզի իրենք այլ ցոյց տային իրենց քաջութիւնը, դառնային մետտահի արժանի զահրիման։

Երանիկ մօրաքոյրս այս բաները պատմած ատեն կը ժպտէր արցունքոտ աչքերով եւ երբեմն կ’արտասուէր ժպտելով։ Յուզմունքը եւ ոգեւորութիւնը կ’այլափոխէին իր ծաղկաւեր թուխ դէմքը, եւ իր աչքերը կը վառէին հրայրքով եւ յաճախ հեգնութիւնով։

***

Երանիկ մօրաքոյրս արագութեամբ կ’անցնէր բուռն աշխուժութենէ ափրիկեցիի մեղկութեան։ Երբեմն ան կը մնար ժամերով անշարժ եւ յամր, ընկղմած ծուլութեան մէջ։ Նոյնիսկ երբ միւս տնեցիներուն հետ ըլլար, խօսակցութեան չէր մասնակցեր եւ այնպէս կը ձեւացնէր որ մրափելու վրայ է։ Երբեմն կը պատահէր որ հետեւեալ օրը պատասխանէր իրեն եղած հարցումի մը, ըսելով որ ան միջոցին «իւշէնմիշ եղաւ խօսելու»։ Նոյնիսկ իրիկնադէմին, քաֆէի ժամուն, յուսահատական դանդաղութեամբ կը վերցնէր բաժակը եւ նոյնքան դանդաղութեամբ կը տանէր շրթունքին։ Այդ ծուլութեան ժամերուն անոր մարմինը այնքան կատարելապէս կ’անշարժանար որ ծալած սրունքները կը թմրէին եւ իր քնած նայուածքը կը պտըտցնէր ամենուն վրայ, ինչպէս եթէ երազէ մը արթննար ու իր շրջապատը չճանչնար։

Բայց երբ իր թմրած միտքը կ’արթննար յանկարծական կայծկլտումներով, այն ատեն ոչ միայն կը դառնար սրամիտ եւ պատրաստաբան, այլեւ հակում կ’ունենար դուրս գալու իր առանձնութենէն, հաղորդակցութեան մտնելու արտաքին աշխարհին հետ, խառնուելու ամբոխին, հասարակ ժողովուրդին եւ այդ ընելու համար ան կը դիմէր ամէն կարգի միջոցներու։

Տանը մէջ կար ջրամբար մը, երկու հոր եւ ջուրը առատութեամբ կը գործածուէր, բայց Երանիկ մօրաքոյրս յանկարծ գաղտագողի կ’առնէր դոյլ մը եւ սափոր մը եւ պարտէզին դռնէն կ’երթար փողոց, հասարակաց աղբիւրէ մը ջուր բերելու։ Ան կը սիրէր բաց օդը, փողոցը, հաղորդակցութիւնը դրացիներուն, նոյնիսկ անծանօթներու հետ։ Այդպիսի տրամադրութեան մէջ եղած ժամանակ էր նաեւ որ վարի թաղերը կ’երթար, կը դեգերէր փողոցները կամ ուղղակի կ’երթար տուն մը այցելութեան։

***

Երբ տունը հիւանդ ըլլար կամ ոեւէ տիրապետող հոգ մը անուշադիր դարձնէր տնեցիները, Երանիկ մօրաքոյրս ձեռքէս կը բռնէր եւ հետը դուրս կը հանէր։ Ան կը ծածկէր ինձմէ մեր պտոյտին նպատակակէտը։ Մտքովս ենթադրութիւններ կ’ընէի եւ ամէն անգամ որ փողոց մը կը դառնայինք, իմ ենթադրութիւններս կա՛մ կը հաստատուէին, կա՛մ կը խախտէին։ Իմ մանկական յիշողութիւններուս մէջ, Երանիկ մօրաքրոջս հետ կատարած մեր այցելութիւնները եւ մեր անցքերը վարի թաղերէն՝ մնացած են որպէս ֆէէրիկական յուշեր։ Անակնկալը, զուարճալին, արտառոցը կը դառնային սովորական։ Կը հիանայի այն բանին վրայ որ ոչ միայն ամէնքը կը ճանչնային Երանիկ մօրաքոյրս, այլեւ մտերիմ էին իրեն հետ ու կը սիրէին զինքը։ Ամէնքը հաղորդակից կ’ընէին մօրաքոյրս իրենց հոգերուն եւ խոնարհ ուրախութիւններուն։ Չքաւորութեան մէջ տուայտող այդ ընտանիքները ունէին իրենց բոլորովին տարբեր կեանքը, որ անծանօթ էր վերի թաղերը բնակողներուն։

Մեր յաճախած տուներէն գլխաւորաբար կը յիշեմ ձկնավաճառ Նիկոթին եւ Կարիանէ հանըմին տուները։

Նիկոթ արդէն ծերացած մարդ էր, բայց երբեմն կ’երթար ձուկ որսալու եւ կը ծախէր փողոցները կամ Ենի Մահալլէի շուկան։ Բայց աւելի յաճախ կը գնէր ուրիշ ձկնորսներէ եւ պզտիկ շահով մը կը ծախէր յաճախորդներուն։ Անիկա ալեխառն մազերով մարդ մըն էր որ ժամանակին եղեր էր նաւավար։ Մազերը բուսած էին գրեթէ մինչեւ յօնքերը եւ ծոծրակին վրայ կը կորսուէին շապիկին օձիքին մէջ։ Դէպի դուրս ցցուած խիտ եւ մացառուտ յօնքերուն տակէն անոր գորշ աչքերը վարէն վեր կը նայէին այնպէս, ինչպէս եթէ նայուածքը աւելի հեռուն երթար, քան իր նպատակակէտը։ Անիկա տարօրինակ խօսուածք մը ունէր, որ սկիզբները բնաւ չէին հասկնար, բայց քիչ մը հեռուէն կարծես իր խօսքերը թիերու հարուածներ էին նաւակի մը կողմերուն կամ ճողփիւններ՝ ջուրի մէջ։ Ան անզգալաբար տոգորուեր էր նաւավարութեան րիթմով եւ երբ պատմութիւն կը պատմէր իր երիտասարդական տարիներէն, իր խօսքը կը դառնար պատկերաւոր, գրեթէ շօշափելի։

Անիկա մերաք մը ունեցած էր կեանքին մէջ, հեյալ կը խաղցնէր։ Իր պառաւ կնոջ ըսելով այդ հեյալն էր որ մոխիրի վրայ նստեցուցեր էր ամբողջ ընտանիքը։ Անոնց զաւակները իրար ետեւէ մեռեր էին փոքր հասակէն։ Իրենց պապենական տունը, չորս սենեակով, այրեր էր Վանքին պաղի հրդեհին։ Այս բոլոր դժբախտութիւնները չէին զօրեր Նիկոթը ետ կեցնել իր մենամոլութենէն։ Տունը այրելէն ետքը ան իր ձեռքով փայտաշէն պարանկա մը շիներ էր եւ առաջին գործը եղեր էր սաւան մը կախել միակ սենեակին մէջ եւ հեյալ խաղալ։ Նիկոթ իր կարասիներու կորուստէն աւելի ցաւեր էր իր շինած փայտէ խամաճիկներու կորուստին, բայց չէր յուսահատեր, բան գործ թողած, իր տնակի սեմին վրայ, իր թանձր մատներով, զմելիի մը օգնութեամբ սկսեր էր կրկին շինել իր դերակատարները, որոնց գլուխը եւ անդամները մեծ ճկունութեամբ շարժման մէջ կը մտնէին առասաններու ճարպիկ խաղով մը։

Ձմեռուան երկար գիշերներուն ան կը հրաւիրէր քէօշէին ձկնավաճառները եւ սաւանին վրայ կը ցուցադրէր իր հնարած խաղերը։ Անգամ մը յաջողեր էր հրաւիրել Սամաթիայէն հռչակաւոր հեյալճի Աթովթոսը եւ անոր խաղէն յետոյ, որ սովորական գարակէօզն էր Աթովթոսի ինքնայատուկ տարբերակներով, Նիկոթ ներկայացուցեր էր իր խաղերը։

Երբ Նիկոթի պառաւ կինը կը հասնէր իր պատմութեան այս կէտին, Նիկոթ իր մացառուտ յօնքերուն տակէն նայուածքը երկարելով Երանիկ մօրաքրոջս, կ’ըսէր.

– Աթովթոսը ճակատս պագաւ...

Դիտեր էի որ Երանիկ մօրաքոյրս առերես համաձայն գտնուելով պառաւին գանգատներուն, մեծ հետաքրքրութեամբ կը լսէր Նիկոթին նկարագրութիւնները իր նոր հնարած խաղերուն մասին։ Ան հարցումներով կը ճշդէր կէտեր եւ երբեմն ալ թելադրութիւններ կ՚ընէր որ կը գնահատուէին Նիկոթի կողմէ։

– Քա Երանիկ հանըմ, իրիկուն մը չգա՞ս հեյալ խաղցունեմ... Չոճուխն ալ հետդ բեր։

Բայց այդ անկարելի բան մըն էր։ Նոյնիսկ մօրաքոյրս մինակը չէր կրնար ելլել տունէն գիշերով, ո՞ւր մնաց ինձ հետ։ Բայց ձմեռուան իրիկուն մը, մայրամուտէն յետոյ, հապճեպով տեսանք Նիկոթի խաղը։ Սենեակին մէկ կողմը պիրկ կախուած եւ չորս ծայրերէն բռնուած սաւանին ետեւէն Նիկոթ խաղցնել տուաւ իր խամաճիկները։ Իւրաքանչիւր դերակատարին խօսքերը ինք կ’ըսէր տարբեր ձայներով. նոյնիսկ կին մը կար այդ դերակատարներուն մէջ։ Յետոյ էշ մը զռաց, աքաղաղներ պոռացին ու կռիւ մը յառաջ եկաւ շուկայի մը մէջ։ Ինձ կը թուէր որ մարդոց բազմութիւն մը կար սաւանին ետեւ եւ երկար ատեն չկրցայ հաւատալ որ մինակ ձկնավաճառ Նիկոթն էր որ այդ բազմամարդ խաղը կը խաղար։

Նիկոթ իր նիւթը կ’ընտրէր պարզ եւ խաղի միջոցին է որ իր ներշնչման համեմատ կը բարդացնէր, կը ճիւղաւորէր եւ բանաւոր վախճանի մը կը հասցնէր։ Երանիկ մօրաքոյրս ստիպուած կ’ըլլար իմ անհամար հարցումներուս պատասխանելու եւ այդ հեյալի խաղէն վերադարձիս է որ ինձ ըսաւ՝ թէ Նիկոթը ըսուած խօսքերը «ույտուրմիշ» կ’ընէ, առաջուընէ բան մը չի պատրաստեր։

Այդ հեյալի խաղը խոր տպաւորութիւն գործեց իմ վրաս։ Ես ալ իմ կարգիս պատրաստեցի անհամար քուրջէ պուպրիկներ, որոնց իւրաքանչիւրին դեր մը կու տայի։ Բայց ես իմ պատմութիւններս կը պատրաստէի առաջուց եւ մտքովս բոլոր հաւանական խօսակցութիւնները իրենց վերջնական ձեւին կը հասցնէի։ Մնաց որ իմ պատմութիւններուս տուեալները կը վերցնէի իրական կեանքէ, միայն եզրակացութիւնները կը յարմարցնէի իմ փափաքիս համեմատ։

Կարիանէ հանըմին տունը բոլորովին ուրիշ բան էր։ Ան այրի մնացեր էր երիտասարդ տարիքի մէջ եւ եազմա բանելով կը մեծցնէր երկու մանչ զաւակներ, որոնց մէկը ինձ տարեկից էր։ Ան ունէր նաեւ իր հայրը եւ մեծ հայրը, որուն համար կ’ըսէին թէ հարիւրի մօտ է։ Հայրը նոյնպէս եազմա կը բանէր եւ երբեմն գանգատելով կ’ըսէր.

– Է՜յ, Երանիկ հանըմ, հէ՜յ կիտի ժամանակներ, ո՞վ կ’ըսէր որ ասանկ պիտի ըլլայինք, տունը նստեցանք, կնիկ ապլա դարձանք։

Անիկա ժամանակին եղեր էր եազմաճիի խալֆա, «ուժը, լուսը տեղը մարդ», բայց յօդացաւի հետեւանքով հարկադրուեր էր գործէ քաշուիլ, տունը նստիլ։

Կարիանէ հանըմ, հակառակ իր վրայ ծանրացող բեռին եւ հակառակ մնայուն չքաւորութեան, ուրախ զուարթ կին էր։ Երբ շատ մեծ եռանդով կը խնդար Երանիկ մօրաքրոջս ըսած մէկ խօսքին, յանկարծ կը սթափէր, կը լրջանար եւ խոր հառաչելով կ’ըսէր.

– Ինչի՞ս կը խնդամ կոր աճապ... քա մի՛ մեղադրէք ինծի, Երանիկ հանըմ, սիրտս շէն է, գրողը տանի, Ֆուխարէ ենք ամա, սիրտս հարուստ է։

Երբ մօրաքրոջս ձեռքէն բռնած կ’իջնէինք մեր փողոցը, իմ բուռն ցանկութիւնս ան էր որ երթայինք Կարիանէ հանըմին տունը։ Կ’անցնէինք Ենի Մահալլէի աղքատիկ փողոցներէն, կը բարձրանայինք Պաղլար Պաշըի պողոտան, կը շեղէինք դէպի Վանքի պաղը եւ կ’երթայինք զարնելու միյարկանի փայտաշէն տան մը ճախջախը։

Երբեմն, դեռ տանը չմօտեցած, տնեցիները կը տեսնէին մեզ, ուրախութեամբ կը խուժէին մեր վրայ եւ գրեթէ ձեռքի վրայ մօրաքոյրս կը տանէին կը նստեցնէին բազմոցին անկիւնը, եւ անմիջապէս կը սկսէր այն գունագեղ շատախօսութիւններէն մէկը, որուն նմանը չէի լսեր ոչ մեր տան մէջ եւ ոչ ալ մեր սովորական ծանօթներուն մօտ եւ որ մեծ հրապոյր ունէր ինձ համար։ Ըլլար այդ տունը Ենի Մահալլէ, թէ Չինիլի ճամիի հեռաւոր թաղին մէջ, Վանքին պաղ, կամ Տաղ համամի, միշտ չքաւոր մարդոց տուն էր, լիքը կիներով, երեխաներով, որոնց կու գային կը միանային դրացիներ, վայելելու համար Երանիկ մօրաքրոջս ներկայութիւնը։

Այդ տուներուն մէջ մօտէն ճանչցած եմ չքաւորութեան քստմնելի երեւոյթները, այդ տուներուն մէջ լսած եմ ինքնաբուխ ըմբոստութեան խօսքեր, բնորոշում եազմայի գործատէրերու, որոնք չարաչար կը շահագործէին բանուորները, բայց մանաւանդ բանուորուհիները, լսած եմ թէ ի՛նչպէս պակաս ոսկի կը քշէին, հաշիւներու վրայ խարդախութիւն կ’ընէին, գին կը կոտրէին եւ նեղ օրի երեսնին չէին նայեր։ Լսած եւ տեսած եմ նաեւ իրարու օգնելու, հիւանդութեան եւ այլ պարագաներու իրարու հանդէպ անձնուիրութեան դէպքեր, ապշեցուցիչ անձնազոհութիւններ։ Տեսած եմ թէ ի՛նչպէս արցունքը եւ ծիծաղը միեւնոյն ատեն կ’երեւային այդ խոնարհ մարդոց դէմքերուն վրայ եւ թէ ի՛նչպէս համով-հոտով կը խօսէին եւ հիւմուրով կը պատմէին իրենց գլխուն եկած բաները։

Այդ տուներուն մէջ Երանիկ մօրաքոյրս կ’այլափոխուէր, կարծես կը բազմապատկուէր եւ իր սրամտութիւններով, տեղին ակնարկներով, իր սուր եւ ճիշդ դատողութիւնովը կը զբօսցնէր եւ կ’ամոքէր այդ մարդիկը։ Երբեմն կը պատահէր որ մեզ ճաշի վար դնէին։ Այդ կը պատահէր միշտ, երբ Կարիանէ հանըմին կ’երթայինք։

Տնեցիներէն մէկը յանկարծ կ’ըսէր, երբ մօրաքոյրս շարժում կ’ընէր ոտքի ելլելու.

– Քուզում Երանիկ հանըմ, մնացի՛ր, միասին պատառ մը բան կ’ուտենք, ետքը կ’երթաս։

Երանիկ մօրաքոյրս կը մերժէր. ինձ պատրուակ կը բռնէր։

– Հարը չ’ուզեր քի ուշ պառկի...

Ուրիշ առարկութիւններ կ’ընէր։

Կարիանէ հանըմ կը պնդէր, տանը ծերունիները եւ երեխաները կը պնդէին, դուռ դրացի կը միջամտէին։ Ես սրտատրոփ կը սպասէի բանակցութիւններու ելքին եւ երբ կ’որոշուէր որ ճաշի պէտք է մնային, այն ատեն երջանկութիւնս չափ չէր ունենար։

Շտապով ճաշը կը պատրաստէին սենեակին մէջ դրուած սաճէ վառարանին վրայ, եթէ արդէն պատրաստ կերակուր չկար։ Ես որ ընդհանրապէս դժուարապէս դժուարահաճ էի ուտելիքի, ախորժակս սրած կը սպասէի որ սեղանը դնեն։ Երբեք ոչ մէկ տեղ այնքան հաճոյքով չեմ կերած, որքան այդ տուներուն մէջ։ Երբեմն այնքան անյագ ախորժակով կ’ուտէի որ նոյնիսկ մօրաքոյրս կը զարմանար եւ կը սրդողէր, որովհետեւ իմ մասիս այն համբաւը հռչակած էր որ «թեմիզ պողազ չոճուխ եմ»։

Վերջապէս կը հասնէր ճաշի ժամը։ Կարկտած սինի պեզին կը փռէին թեզկեհին մը վրայ եւ մենք շուրջը կը նստէինք ծալապատիկ, գետինը դրուած մինտէրներու վրայ։ Մէկ տեսակ կերակուր կ’ըլլար։ Խաշած լուբիա, փիլաւ կամ խաւիծ, որ մեծ պնակի մը մէջ կը դնէին սեղանին մէջտեղը։ Ամենուն առաջ թէեւ կը դնէին փոքրիկ պնակներ եւ պատառաքաղներ, բայց ամէն մէկը իր պատառաքաղով մէջտեղն ափսէէն կ’առնէր եւ կ’ուտէր։ Սեղանին վրայ կ’ըլլար նաեւ թթու եւ ձիթապտուղ։ Պանիրը այդ տուներուն համար թանգ ապրանք էր, բայց ես արդէն կը նախընտրէի ձիթապտուղը եւ հրճուանքով կ՚ուտէի, միտքս լարած մեծերուն խօսակցութեան։

– Ժամանակները գէշ են, առաջուան պէս չէ...

Մի՛շտ այդ մորմոքը անցեալին համար... Եթէ հաւատայի մեծերու խօսքերուն, առաջ ամենուն համար առատութիւն էր եւ մթերքներու առասպելական աժանութիւն։

– Երկու ահչէով օխա մը բրինձ կ’առնէինք, կ’ըսէր Կարիանէ հանըմին ծերունի հայրը երկու վտիտ ձեռքերը տաքցնելով կրակարանին վրայ։

Աւելի խոր ծերութեան մէջ ընկղմած մեծ հայրը կը միջամտէր խռպոտ ձայնով.

– Դուք ի՞նչ տեսած էք... Ես Մահմուտիէի ոսկիները մէջքս, գօտիիս մէջ կապած, մէկ ահչէով հինգ օխա բրինձ կ’առնէի։ Պելետիէ հացը, թիւթիւնը ձրի կու գար։ Երկու ղրուշով արապա մը խաւուն, խարբուզ կ’առնէինք։ Ձմեռ չեկած, երկու-երեք մահմուտիէ կը խարճէի, ամբարներս կը լեցուէին, դուռս, պատուհաններս կը գոցէի, չոլուխ չոճուխս թոփ կ’ընէի, քէֆիս կը նայէի... հիմա մեծ ու պզտիկ չինկեանէ դարձեր էք։ Անցած օր քէօշէի պախալն էի։ Թորոս էֆէնտիի տունէն եկան պինլիք մը զէթին եաղի ուզեցին... հէ՜յ կիտի ժամանակներ, հէ՜յ, վախտին ալ չմեռանք, տեղերնիս չտեղաւորուեցանք, սա զալըմ օրերը տեսանք։

– Թորոս էֆէնտին ո՞վ է... կ’ըսէր մօրաքոյրս հարցական եւ արտեւանունքը կծկելով։ Պէրպէր Նիկողոսին տղան չէ՞... հիմա է քի վիւքելա դարձեր են, ամա՜ն... բերանս բանալ մի տաք։ Ի՞նչ ճամբաներով առաջ եկած մարդիկ են։ Պէրպէր Նիկողոսը Փիշմիշ ամիրային քեսէճին էր... Կնիկն ալ... Ամա՜ն, սուս եղէք, աւելցուց մօրաքոյրս, շատ բան կայ ըսելիք, ամա պատին վրայ ճանճ կայ...

– Պուլղարը քարոտ է, կրկնեց Կարիանէ հանըմ ակնարկովը մեզ՝ երեխաներս ցոյց տալով, որ քով քովի նստած մինտէրի մը վրայ, թուշերնիս ցցած մտիկ կ’ընէինք մեծերուն խօսքերը։

Եւ մօրաքոյրս աւելի քողարկուած խօսքերով սկսաւ պատմել իրեն ծանօթ պատմութիւններէն մէկը, որով կը յայտնուէին թեւ առած եւ հետզհետէ հեղինակութիւն ձեռք բերող «չտես» ընտանիքի մը գաղտնիքները։

– Ատ ճինսը, կ’ըսէր ան ակնարկելով նոր հարստացող առեւտրականներու, անանկ ճինս մըն է քի մէկ օր քէֆ ընելու, ճախա ընելու համար, հիչ հոգը չէ, քանի մը ընտանիք մոխիրի վրայ կը նստեցնէ, հարը մարը կը ծախէ։

– Իրենց ալ չի մնար... կ’ըսէր ինքզինքը մխիթարելով Կարիանէ հանըմին հայրը։

– Կ’ուզէ մնայ, կ’ուզէ չմնայ, կ’ըսէր Երանիկ մօրաքոյրս սրտնեղած, մենք մեր գործը նայինք։

Ճաշից անմիջապէս ետքը Կարիանէ հանըմ ճէզվէն կը քշէր կրակարանին տաք մոխիրին մէջ եւ քաֆէ կը պատրաստէր։ Այդ միջոցին ծերունիները կը խօսէին Շիրինի եւ Ֆերհատի մասին։

– Անոնք ուրիշ մարդիկ էին, կ’ըսէին իրարու խօսք կտրելով, քօռ գինով կ’ըլլային, ճիշդ է, բայց թապիէթ սահապըսը էին։ Իրենց հախը կը պաշտպանէին, ուրիշին հախին մազաչափ ձեռք չէին տար... դեռ աւելին. ուրիշին հախն ալ կը պաշտպանէին։

Ծերունիները ճանչցած էին Շիրինը եւ Ֆերհատը։

– Քա՛, Երանիկ հանըմ, հարիւր տարեկան մը կային... շա՜տ ապրեցան։ Աճի պատեմի արապաճիներու խանին առաջ քով քովի կը նստէին։ Ճերմակ մօրուքներով, հասակնին շիտակ, մէշէի ծառի պէս ամուր մարդիկ էին... Էսկի քէրէստէ... հալա թուրքերը պիլէ խօսքերնին կը յարգէին, աք սաքալլար կ’ըսէին, Շիրինն ալ ամա, Ֆերհատը եաման մարդ էր։ Քէօշէին մէջ բան մը ըլլար, կռիւ մը ծագէր, կ’երթային Շիրինին ու Ֆերհատին վրայ։ Անոնք մտիկ կ’ընէին, դատաստան կ’ընէին։ Ֆերհատ զոբան հազըր կը պահէր եւ յանցաւորը ձեռքովը կը ծեծէր։ Ես իմ աչքովս տեսած եմ որ մէկը քովը կանչած է պատիժը տալու համար, ան ալ եղած է... Չէ՛, փարա-մարա չունէին, ամա կէօնիւլ ունեցող մարդիկ էին... արդար էին, էսնաֆին թեւ ու թիկունք էին... հիմա ո՞ւր են ատանկ մարդիկը...

Երանիկ մօրաքոյրս կը հառաչէր, եւ միւսները արձագանգ կու տային։

– Ումետիկը անոնց պատկերները շինած էր, կ’ըսէր մեծ հայրը։ Տունը էրեցաւ, պատկերներն ալ էրեցան։

Ոմանք կ’ըսէին որ նոյն նկարիչ Ումետիկը Շիրինին եւ Ֆերհատին վրայէն նկարած էր Պօղոս Պետրոս առաքեալներու պատկերները, որոնք օծուած եւ կախուած էին Սուրբ Խաչ եկեղեցիին խորանին երկու կողմերը։

Ժամանակին, սկիւտարցի ամիրա մը լսելով թէ որո՛նց օրինակովը շինուած էին «սուրբ առաքեալ»ներուն պատկերները, գայթակղեր էր եւ ուզեր էր այդ սրբապիղծ նկարները վերցնել։ Լուրը հասցուցեր էին Շիրինին ու Ֆերհատին ականջը, եւ թաղին բոլոր ջրհանկիրները ոտքի ելեր էին եւ պաշտպան կանգներ ծերունիներուն։ Պատկերները մնացեր էին իրենց տեղը եւ ամիրան ամիսներով զգուշացեր էր Աճի պատեմի ճատտէէն անցնիլ։

Ակնարկելով այդ հին եղելութեան, Երանիկ մօրաքոյրս կ’ըսէր.

– Մեծ հարս ու աղբարը արապաճի էին, ճիշդ է... ամա չէ՞ մի որ Պօղոս Պետրոսն ալ պալըխճի էին, ամիրա չէին...։

Գէշ օրեր

Առաւօտ մը մայրս գտանք հիւանդ իր անկողնին մէջ։

Հայրս կանուխէն գացեր էր գործի։ Մեծ մայրս եւ մօրաքոյրերս իրենց յաջորդական քաֆէները խմելէ յետոյ անդրադարձեր էին որ մայրս դեռ չէր իջեր սենեակէն եւ վերջապէս գացեր էին տեղեկանալու։ Զինք գտեր էին նստած անկողնին մէջ եւ ընկղմած յուսահատ տխրութեան մէջ։ Ոչ մէկ հարցումի ան չէր պատասխաներ, ինչպէս եթէ խօսելու ընդունակութիւնը կորսնցուցած ըլլար, եւ արցունքը անդադար կը հոսէր այտերէն։ Ոչ մէկ ակներեւ պատճառ չկար այդ տխրութեան, եւ տնեցիները կարծեր էին որ մայրս գէշ երազ մը տեսած է, եղածը անցողական բան է։

Բայր մօրս համր տխրութիւնը տեւեց օրեր եւ օրեր։ Ան դարձաւ անտարբեր իր շրջապատին, նոյնիսկ իր զաւակներուն, ինչպէս եթե ամէնքս անճանաչ դարձած ըլլայինք իրեն։

Մեր տան բժիշկը, որ այդ միջոցին տոքթոր Թորգոմեանն էր, երիտասարդ եւ նոր վերադարձած Փարիզէն եւ որ եղեր էր մօրս կաթնեղբայրը, – մեծ մայրս դիեցուցեր էր զինքը իր մօրը հիւանդութեան պատճառով, – մեծ անձնուիրութեամբ փորձեց խնամել մայրիկս, բայց առանց արդիւնքի։

Մօրս հիւանդութիւնը, որ կը կոչէին մելամաղձոտութիւն, մեծապէս ազդեց մեր տան վիճակին վրայ։ Հայրս, բանը գործը թողած, մէկ կը վազէր բժիշկին եւ դեղագործին, մէկ ճամբու կէսին կը վերադառնար տուն հոգալու համար հիւանդին վրայ։ Մօրս տխրութիւնը սկսաւ տիրապետել ամբողջ տանը։ Երբ մենք, փոքրերս, ոեւէ բան ուզէինք, կամ խաղի մը ձեռնարկէինք, մեզի կ’ըսէին սնստող ձայնով.

– Մայրդ հիւանդ է. խելօք կեցէ՛ք...

Մօրաքոյրերս դժուարաւ կը հանէին մայրս անկողինէն, կը հագուեցնէին եւ կը բերէին վարի սենեակը, ուր, բազմոցին անկիւնը նստած, լուռ, առանց հեծկլտանքի եւ առանց հառաչանքի կ’արտասուէր։ Գրեթէ բռնի, սեղմուած ակռաները դգալով բանալով, անոր կը խմեցնէին կաթ եւ մսաջուր։ Մօրս դէմքը հետզհետէ այլափոխուեցաւ, անոր վառ գոյները թօշնեցան, բերանը ստացաւ անյատակ վշտի արտայայտութիւն, աչքերը միշտ թաց, փոքրացան եւ իր ակնապիշ նայուածքը երբեմն դարձաւ մոլորուն։

Բերայէն բերին ֆրանսացի մասնագէտ բժիշկ մը եւ տոքթ. Թորգոմեանի հետ խորհրդակցութիւն տեղի ունեցաւ։ Հաստատուեցաւ այն կարծիքը որ մայրս ջղային ծանր հիւանդութիւն մը ունի, թէ պէտք է գիշեր-ցերեկ հսկել իր վրայ, կամ դնել հիւանդանոց, որովհետեւ բժիշկի կարծիքով ան նոպայի մը մէջ կարող էր յանկարծ ինքնասպանութիւն գործել։

Մեզ, երկու քոյրերս, կը ջանային հեռու պահել մայրիկէս, բայց երբեմն կը սպրդէինք սենեակը եւ տխրութեամբ կը նայէի մօրս արցունքով խոնաւ դէմքին։ Անոր արտայայտութիւնը սիրտս կը ճնշէր, աղիքներս կը գալարէր խոր ցաւով։ Դեռ շատ փոքր էի ըմբռնելու համար մօրս հիւանդութեան ծանրութիւնը եւ անկէ առաջ եկած ընտանեկան դժբախտութիւնը, բայց հիւանդութեան արտայայտութիւնները այնքան խոր կ’ազդէին իմ վրաս որ գիշերները անքուն կը մնայի եւ իմ կարգիս կ’արտասուէի հեծկլտանքներս խեղդելով։

Մօրաքոյրերս ստիպուեցան աշխատանքը դադրեցնել, որպէսզի փոխն ի փոխ հսկեն մօրս վրայ, որովհետեւ հայրս առաջին օրէն յայտարարեց թէ ինչքան ատեն որ ինքը ողջ էր, մօրս խնամքը չէր յանձներ օտար ձեռքերու։

Շուրջ ամիս մը յետոյ մայրս խզեց իր լռութիւնը խելագարի պէս խնդալով։ Ան սկսաւ խօսիլ, բայց անկապակից բառերով։ Յաճախ կ’ունենար տեսիլքներ եւ լսողութեան պատրանքներ։ Բժիշկներու կարծիքով շատ ծանր էր իր վիճակը։

Հայրս իր վարկի վերջին կարելիութիւնները սպառեց նոր պարտքեր ընելու համար։ Մեր տան անկայուն տնտեսութիւնը բոլորովին կործանեցաւ։ Տխրութիւնը եւ անձկութիւնը տիրապետեցին ամենուն եւ մենք, երկու քոյրերս, դարձանք դժբախտ եւ գրեթէ լքուած երեխաներ։ Մենք մեր սեփական տան մէջ դարձանք անտէր, որովհետեւ ամենուն ուշադրութիւնը դարձած էր հիւանդ մօրս վրայ։

Փոքրիկ քրոջս հետ կը թափառէինք պարտեզը եւ տանը վարի յարկի սենեակները։ Երբեմն մեծ մայրս, դողահար եւ շուարուն, մեզ կը խնամէր, երբեմն ալ ապաստան կը գտնէինք Երանիկ մօրաքրոջս սենեակը, ուր ինք մինակ կը շարունակէր աշխատիլ։ Ու լուռ եւ տխրած տան մէջ եղերական կերպով կը հնչէին մօրս խելագար ծիծաղները, որոնք միշտ կը վերջանային երկարաձիգ հեծկլտանքներով։

Այդ օրերուն առաջին անգամ զգացի մարդոց չարութիւնը։ Դրացիներ, որ փակ վարագոյրներու արանքէն քննադատաբար կը դիտէին մեր սովորականէ դուրս կեանքը, հօրս եւ մօրաքոյրերուս ֆանթազիաները, կարծես անձնական գոհացում մը գտեր էին մեր տան պատահած դժբախտութեան մէջ։ Անոնք այլեւս մեր տունը կը մտնէին կ’ելլէին, որովհետեւ տանը օրէնքները խախտած էին, եւ յաճախ, մեր, փոքրերուս ներկայութեան՝ տեսակ-տեսակ անհարկի խորհրդածութիւններ կ’ընէին մօրս հիւանդութեան ենթադրեալ պատճառներուն վրայ։

Նոյնիսկ հեռաւոր փողոցներուն մէջ, անցած ատենս, ինձ մատնացոյց կ’ընէին եւ կ’ըսէին.

– Շիրինենց Աղաւնիին աղջիկն է...

Եւ իրարու կը փսփսային խորհրդաւորութեամբ։

Օր մը, երբ օգտուելով տնեցիներուն զբաղուած վիճակէն փողոց նետուեր էի, մեր դրացուհիներէն մօրուք Կարապետի կինը, Բարիս հանըմ, ինձ ըսաւ չարախնդութեամբ.

– Ա՛լ մար չունիս, մարդ սեպէ քի մեռած է, խելքդ գլուխդ ժողվէ։

Այդ խօսքին վրէժը լուծեցի երկու տարի յետոյ, Մալթեփէ, խոշոր քար մը նետելով այդ կնոջ գլխուն, որ բոլոր հոգւովս կ’ատէի։

Ոչ ոք հասկցաւ իմ արարքիս դրդապատճառը, որ արտառոց համարուեցաւ։ Ես ալ չզիջեցայ բացատրութիւն տալ եւ այլեւս ամէն առիթի իմ երեսիս կու տային այդ անբացատրելի մնացած կոպտութիւնը, ըսելով թէ ամէն բան կը սպասուէր ինձ նման չոճուխէ մը։ Միայն վարի թաղերուն մէջ է որ անկեղծ արգահատանքով կը վարուէին մեզ հետ։

– Ճանըմ, Երանիկ հանըմ, քուրիկդ ինտո՞ր եղաւ, կը հարցնէին կիներ, տան սեմերուն վրայէն։

Ֆրանսացի բժիշկը մանրամասն հետազօտութիւններէ յետոյ եկեր էր եզրակացութեան մը մօրս հիւանդութեան բուն պատճառի մասին։ Հայրս համաձայներ էր բժիշկի կարծիքին, բայց մօրաքոյրերս բուռն թափով կը մերժէին այդ։ Միայն մեծ մայրս գլուխը կը շարժէր սրտմտութիւնով եւ համաձայն կը թուէր հօրս որդեգրած կարծիքին։

– Քուրո՛ւկ, կ’ըսէր Երանիկ մօրաքոյրս Կարիանէ հանըմին, կէս լալով, կէս խնդալով, ատ ֆրենկին խօսքին նայելով հարս, պապս խորուխ կերեր են, Աղաւնիին ակռաները թթուն առեր է... ատանկ է նէ մենք ինչո՞ւ հիւանդ չեղանք։

Կարիանէ հանըմ պահ մը դադրելով վրձինը եազմային վրայ քսել, կ’ըսէր մխիթարական շեշտով.

– Պարապ խօսքե՜ր... չար սահաթ էր, հիքքէթին տէր եղաւ...։

Բայց ուրիշ ատեններ Երանիկ մօրաքոյրս կ’ըսէր մեծ դառնութեամբ։

– Ամենուն հարը, պապը տուն-տեղ կը ձգեն իրենց զաւակներուն, թոռներուն, մերիններն ալ աս մերասը թողեր են...։

Տարիներ յետոյ միայն հասկցայ որ այդ ակնարկուած ժառանգութիւնը ալքոլիզմն էր։

Որոշուեցաւ որ մայրս տարուի գիւղ մը, հեռանայ իր սովորական միջավայրէն։ Բժիշկի խորհուրդին համաձայն պէտք էր ընտրել ոչ թէ ամարանոց մը, այլ իսկական գիւղ մը, ծովեզերքէ հեռու, թեթեւ բարձրութեան մը։ Արթին Ամուճան, որ ժամանակին այգիներ ունեցած էր Քիւչիւք Չամլըճային ետեւ, մեզ առաջարկեց երթալ Լիպատէ անուն թրքական գիւղ մը, ուր մէկը կը ճանչնար, որ ժամանակին աշխատեր էր իր մօտ եւ որուն տունը կրնայինք վարձել յանձնարարութեամբ։

Հայրս այդ փորձութեան օրերուն չկորսնցուց իր յոյսը եւ արիութիւնը։ Ան դարձեր էր անխոնջ։ Կ’երթար, կու գար միշտ քալելով, երբեմն օրը երկու անգամ, որպէսզի աւելորդ դրամ չծախսէր։ Ան իր բոլոր ուժերը կեդրոնացուցեր էր մօրս վրայ, որուն վիճակը հետզհետէ կը սաստկանար։ Կցկտուր խօսքերէ կը լսէի որ ան չէր ճանչնար իր մերձաւորները, որ մէկ կողմէ կը սոսկար մահէ եւ միւս կողմէ կը փորձէր մոլորեցնել քոյրերուն հսկողութիւնը ինքզինքը հորը նետելու համար։ Կը սարսռայի լսելով թէ ի՛նչպէս մայրս կը սարսռար պաղ ջուրի տուշերէն եւ երբ թաց սաւանով կը պատէին իր մարմինը, ան կ’ուզէր խոյս տալ, կը գոռար, կ’ահաբեկէր, բայց մօրաքոյրերս կը կատարէին բժիշկին պատուէրները, որովհետեւ այլապէս հարկ պիտի ըլլար հիւանդը փոխադրել հիւանդանոց։

Եւ օր մը, իմ պաղատանքներուս տեղի տալով, հայրս ինձ տարաւ Լիպատէ։

Տան տէրը աղքատ եւ ծերունի թուրք գիւղացի մըն էր որ իր տասնըչորս տարեկան որբ թոռան հետ հողը կը մշակէր։ Հօրս կարգադրութեամբ անոնք սեղանակից կ’ըլլային մեզի։ Ծերունի գիւղացին յարգանքով եւ խոնարհ քաղաքավարութեամբ կը վերաբերէր մեզ հետ, նոյնիսկ ինձ հետ, որ դեռ երեխայ էի։

Երբ կէսօրէ ետք մայրս տարինք պտոյտի, բոլոր գիւղացիները, այր թէ կին, կարեկցութեամբ կը նայէին այդ երիտասարդ եւ գեղեցիկ կնոջ, որ անգիտակից վիճակի մէջ ինկեր էր, եւ իրենց կարելի բոլոր միջոցներով կ’օգնէին հօրս եւ մօրաքոյրերուս, երբ հարկ ըլլար։

Իրիկուան ճաշէն յետոյ, պարտէզը, երբ մօրաքոյրերս մայրս տարին պառկեցնելու, հայրս պահ մը խօսակցեցաւ ծերունիին հետ մշակութեան վերաբերեալ խնդիրներու վրայ։ Յետոյ, երբ մենք երկուքս մինակ մնացինք, ինձ ըսաւ.

– Կը տեսնե՞ս, աղջիկս, հողին կապուած հելալ աշխատանք ընող մարդիկ են, բայց արիւն քրտինք թափելով չեն հասնիր տաք կերակուր մը ուտելու... Այս խեղճ մարդիկը պարտք ըրեր են տուրքերը վճարելու համար, հիմա ալ պիտի աշխատին պարտքը եւ տոկոսները վճարելու համար եւ մէջէն չեն կրնար ելլել։

Սկիւտարէն հազիւ վեց-եօթը քիլոմեթր հեռու գտնուող այդ գիւղը արդէն Անատոլուն էր իր խաւար տգիտութեամբ եւ յետամնացութեամբ։ Կարդալ գրել գիտցող մարդ չկար եւ ոչ միայն գիւղը, այլեւ գիւղախումբը նոյնիսկ այցելու բժիշկ չունէր։ Պիիւճիներ եւ աղօթողներ կը ստանձնէին այդ դերը, երբ հարկ ըլլար։ Գիւղը կը պատկանէր գիւղատէրի մը, որ Սթամպուլ կը բնակէր։ Գիւղացիները անոր երեսն անգամ չէին տեսած։ Բայց անոր վէքիլլը յաճախակի կու գար գիւղ եւ անխնայ խստութեամբ կը վերցնէր տասանորդ, տուրք, զանազան նուէրներ։ Բացի այդ, գիւղացիները տուրք կը վճարէին նաեւ պետութեան։

Քանի մը տարի յետոյ անկարելի պիտի ըլլար որ հայ ընտանիք մը անվտանգ երթար բնակէր միայն թուրքերէ բնակուած շրջանի մը մէջ։ Այդ ժամանակները դեռ փոխադարձ ցեղային ատելութեան հետքը չկար եւ երկու ժողովուրդներու պատկանողները իրար հետ կը վերաբերուէին մարդկային խաղաղ զգացումներով։

Նախքան որոշուած ժամանակը, ստիպուեցանք մայրս փոխադրել Լիպատէէն։ Առաջին օրերը գիւղական մթնոլորտը լաւ ազդեր էր, բայց հետզհետէ մայրս սոսկացեր էր, մանաւանդ գիշերային ամայութենէն։ Ան ուրուականներ կը տեսնէր ամէն կողմ եւ երբ իր անդիմադրելի ծիծաղը կը հնչէր լուռ տանը մէջ, իր ձայնէն կը վախնար։

Հապճեպով թողուցինք մախառնաճիին տունը, որուն վարձքը չէինք կրցեր վճարել, եւ փոխադրուեցանք «առժամանակեայ» փայտաշէն համեստ տուն մը, Սելամսըզի թաղին մէջ։ Բայց այդ «առժամանակեան» դարձաւ տեւական։ Վերջ ի վերջոյ, զանազան փոփոխութիւններէ յետոյ, կանգ առինք Տիամանտափոլ փողոցը տուն մը, որ ունէր չորս սենեակ, ընդարձակ բակ մը եւ պարտէզ մը։ Տանտէրը կը բնակէր Բերա եւ վարձքը կը ստանար Խաչիկ մօրեղբայրէս, որ առանց մեզ յայտնելու անշշուկ կը ստանձնէր իր այդ պարտաւորութիւնը։

Շնորհիւ հօրս գիտակ եւ համբերատար խնամքին եւ մօրաքոյրերուս անխոնջ անձնուիրութեան, մայրս երկու տարի յետոյ ապաքինեցաւ իր ծանր հիւանդութենէն։ Ան սկսաւ գիտակցիլ իր շրջապատին, զբաղիլ նոյնիսկ տնային թեթեւ գործերով, բայց դեռ տասնեակ մը տարիներ ան մնաց թոյլ եւ ենթակայ ջղային տագնապներու։ Մեծով-պզտիկով ստիպուած էինք խնայել իրեն ոեւէ յուզում եւ այդ էր այլեւս մեր տան գլխաւոր մտահոգութիւնը։

Будьте первым, кто оставит комментарий по этому поводу

Другие части "Սիլիհտարի պարտեզները"

Ятук Музыка
Enzeli
Александр Спендиарян

Enzeli

Испанская танцовщица, 1901 год.
Испанская танцовщица, 1901 год.
Играть онлайн