Запел Есаян
Սիլիհտարի պարտեզները
Ալեմտաղի
Եօթը տարեկան էի, երբ տունէն փոխադրուեցանք։ Հայրս վարձեր էր նոյն թաղին մէջ աւելի ընդարձակ տուն մը, որ ունէր տասնըչորս սենեակ, ընդարձակ պարտէզ դարատափերով եւ երկու բակ։
Հայրս իր բնաւորութեամբ չէր կրնար համակերպիլ միջակ եւ համեստ կեանքի։ Ան չափազանց լաւատես էր եւ ձգտում ունէր ամէն ինչ մեծ տեսնելու. իր ծրագիրները, որոնք բաւականին հարուստ երեւակայութեան արդիւնքներ էին, համապատասխան չէին իր նիւթական միջոցներուն։ Հօրս այդ տրամադրութիւնը մեծ դժուարութիւններու կը մատնէր զինքը, բայց անիկա ընկճուող մարդ չէր։
Այդ միջոցին իր արհեստանոցը բաւականին հասոյթ կը բերէր լայնօրէն ապրելու համար, եւ մօրաքոյրերս համաձայներ էին տան վարձքը վճարել իրենց աշխատանքի արդիւնքով։
Անմիջապէս որ փոխադրուեցանք նոր տունը, հայրս կահաւորել տուաւ իր ճաշակին համաձայն եւ սկսանք ապրիլ լայն եւ ուրախ կեանքով։ Ազգականներ եւ բարեկամներ կու գային, օրերով հիւր կը մնային։ Հայրս կ’երթար շուկայ եւ կը ղրկէր ոչ նուազ քան կէս ոչխար, ազնիւ տեսակի ձուկեր, զանազան բանջարեղէններ եւ միրգեր։ Երբ անգամ մը տունը կը լեցուէր բարիքներով, հակառակ որ բազմանդամ ընտանիք էինք, հայրս կը համարէր որ լաւագոյն է մարդիկ հրաւիրել, որպէսզի օրը ուրախ անցնի։
Ժրաջան մօրաքոյրերս եւ հայրս ինքը ամբողջ շաբաթը չարաչար կ’աշխատէին եւ Կիրակի ու տօն օրերը կը մսխէին ոչ միայն իրենց վաստակը, այլեւ աւելին։ Պարտքերը կը դիզուէին վաճառողներուն մօտ եւ երբեմն հայրս հարկադրուած կ’ըլլար վաշխով դրամ փոխ առնելու, քիչ մը «ոսկեզօծելու» համար կացութիւնը։
Այդ շրջանին, ամէն տարի գարնան կ’երթայինք Ալեմտաղի, զբօսնելու։ Հայրս կը վարձէր երկու սայլ, որոնց վրայ կը սարքէին հովանիներ։ Սայլերու մէջ կը զետեղէին անկողիններ, բարձեր, ծածկոցներ եւ ետեւները կը կապէին մեծ սակառներ, լիքը ամէն տեսակ ուտելիքներով։ Յետոյ, մեծ ու պզտիկ, բարեկամներով եւ երբեմն դրացիներով կը տեղաւորուէինք սայլերուն մէջ եւ իրիկնամուտին ճամբայ կ’ելլէինք։
Եզերու լծուած սայլերը կը յառաջանային կռնչելով Սկիւտարի փողոցներէն։ Տղամարդիկ քալելով կ’երթային մինչեւ Բոստա եոլու եւ այնտեղ կը միանային մեզի եւ կը շարունակէին քալել սայլերու երկու կողմերէն։ Կ’անցնէինք Թոփհանէ օղլուի պողոտայէն, կը հասնէինք Սարը Խայա (դեղին ժայռ), ուրկէ յետոյ դուրս կ’ելլէինք քաղաքէն, Քիւչիւք Չամլըճայի ստորոտէն դառնալով, եւ կը մտնէինք Եալընըզ Սեւլի օվասին (առանձին նոճիի հովիտը)։
Ընդհանրապէս կ’ընտրէինք լուսնակ գիշեր։ Փոքր քոյրս վաղուց քնացած կ’ըլլար մօրը գիրկը, բայց ես աչքերս չորս բացած կը դիտէի շուրջս եւ աւելի ճիշդ ներուժօրէն կ’ապրէի ամէն մէկ րոպէն։ Հովիտէն անդին կ’երեւէին Ղայըշ տաղկի լեռներուն կոհակաւորումները։ Լուսնի լոյսին տակ հովիտը կը պարզուէր մեր առաջ սատափային ցոլքերով։ Մեզ հետ կ’ըլլային անվրէպ երգող մարդիկ եւ նուագածուներ։ Սայլերու կռինչին եւ եզերու վիզէն կախուած բոժոժներու հնչիւններուն կը միանային անոնց սիրատարփ եւ տխուր երգերը։ Այդ մարդոց հառաչագին երգը լսելով ինձ կը թուէր թէ անձնական տառապանք մը կ’արտայայտեն, մանաւանդ երբ յաճախ իրենց երգը կ’ընդհատէին եւ կը կոչէին.
– Ամա՜ն... ամա՜ն...
Եթէ Տիգրան մօրեղբայրս մեզ հետ ըլլար, կը խնդրէին որ երգէ եւ ան իր բանաստեղծութիւնները կ’երգէր, երբեմն յանպատրաստից, ներշնչուելով տեղէն կամ մեր կացութենէն։ Բայց ես անհամբեր կը սպասէի այն րոպէին, երբ Երանիկ մօրաքոյրէս պիտի խնդրէին որ Մեմոն երգէ։ Սա ժողովրդական հովուերգութիւն մըն էր բազմատեսակ տարբերակներով։ Ամէն մէկը իր Մեմոն ունէր։ Երանիկ մօրաքոյրս իւրայատուկ Մեմօ մը կ’երգէր։ Ան կը դժկամակէր սկսիլ, նազ կ’ընէր, կը մերժէր։ Այն ատեն երկու սայլերէն կին ու տղամարդ միաբերան կը սկսէին։
Շու գարշըքի տաղլարտա գոյուն էօլմիւշ,
Աման Մեմօ՜, ճանըմ Մեմօ՜, տերտլի Մեմօ, հէ՜յ:
Անգամ մը որ Երանիկ մօրաքոյրս ձայնը կը խառնէր ամենուն երգին, միւսները հետզհետէ կը լռէին եւ մօրաքոյրս ինքնիրենը կը շարունակէր մինչեւ վերջը իր ինքնուրոյն Մեմոն։
Այդ երգը խորապէս կ’ազդէր ամենուն վրայ։ Մարդիկ կը դառնային ինքնամփոփ ու լռին եւ յանկարծ մէկ-մէկ կը հառաչէին արձագանգ տալով ներքին յոյզերու։
Ու սայլերը դալար ոստերով զարդարուած դանդաղօրէն եւ կռնչելով կը յառաջանային Եալընըզ Սեւլի օվասըէն։ Այս այն ճամբան էր ուրկէ մեծ հայրերս առաջնորդած էին իրենց կարաւանները։ Տիգրան մօրեղբայրս կը յիշէր եւ կը գոչէր. – Վա՜յ Շիրին, վա՜յ Ֆարհատ...
Օղիի շիշը կ’անցնէր ձեռքէ ձեռք եւ տղամարդիկ կը խմէին «զեման»-ի ցաւերը մոռնալու համար։
Երբեմն ալ հակառակ ուղղութեամբ եկող գիւղացիներ, որ հեռաւոր գիւղերէ կաթնամթերք կը տանէին քաղաք ձիու կամ էշի վրայ բեռցուցած եւ իրենք հետիոտն, հանդիպելով մեր սայլերուն կանգ կ’առնէին եւ կը բարեւէին.
– Մերհապա՜...
– Ուղուր օլա՜, կը պատասխանէին տղամարդիկ։
Հակառակ, սակայն, արթուն մնալու ցանկութեանս, գլուխս կը դնէի բարձի մը եւ կը քնանայի։ Այգուն առաջին պահուն աչքերս կը բացուէին։
Մեր դիմացը կը խտանային Ալեմտաղիի անտառները։ Սայլերը կամաց-կամաց կը մօտենային եւ կանգ կ’առնէին անտառի մուտքին, Խոռու Պաչը կոչուած տեղը։ Կ’իջնէինք սայլերէն եւ կը նախաճաշէինք։ Հայրս շերտ-շերտ կը կտրէր տապկած միսը եւ կը բաժնէր մեզ առատութեամբ։ Դուրս բերել կու տար սակառներէն տեսակ-տեսակ աղանդերներ եւ իր ամբողջ հաճոյքը ան էր որ ամէնքը լիանան, գոհ եւ ուրախ ըլլան եւ այդ էր իր երջանկութիւնը...
Անտառը իր զով եւ թանձր բուրմունքով, իր մթին կամարներով, իր անհամար շշուկներով, իր բզէզներով եւ խորհրդաւոր ու վայրի կեանքով ինձ կը հրապուրէր եւ կը գրաւէր։ Կ’ուզէի երթալ մոլորիլ անոր արահետներուն մէջ եւ քանի ինձ զգուշացնէին պատմելով օձի եւ գայլի սարսափելի պատմութիւններ, այնքան կը հրապուրուէի. կը վախնայի եւ կը սիրէի վախնալ եւ հաճոյքով անձնատուր կ’ըլլայի այն սարսուռին, որ չէի գիտեր թէ անտառային զովութեան հետեւա՞նքն էր, թէ անորոշ սարսափին։
Բայց արեւը դեռ չբարձրացած կը մտնէինք սայլերը եւ սայլապաններու ծանօթ ճամբաներէ կը մխրճուէինք անտառի մէջ։
Ընդհանրապէս առաջին օրը կ’անցնէինք Դաշտելէն. ոչխար մը կը խորովէինք եւ գիշերը բացօթեայ, փսիաթներու վրայ անցընելէ ետք, հետեւեալ օրը կ’երթայինք Էլմալը, ուրկէ յետոյ կը վերադառնայինք Սկիւտար։
Անգամ մը Ալեմտաղի մեր ճամբորդութեան ընկերացան երկու դեռահաս պատանիներ, 13-14 տարեկան, որոնք Պէրպէրեան վարժարանի աշակերտներ էին։ Անոնցմէ մէն էր Թէոդիկ Լապճինճեան եւ միւսը՝ Տիրան Չրաքեան։ Դաշտելէն, գետինը փռուած փսիաթներու վրայ ընկողմանած արտասանեցին Պէշիկթաշլեանի եւ Դուրեանի ոտանաւորներ։ Ես անյագ հետաքրքրութեամբ կը լսէի եւ խօսքեր, երբեմն բառեր ինձ անսահման հուզմունք կը պատճառէին։ Հայրս երկու անգամ կրկնել տուաւ Պէշիկթաշլեանի «Եղբայր եմք մենք»ը եւ յետոյ այդ պատանիներուն խօսեցաւ բանաստեղծութեան իմաստի մասին եւ բացատրեց հայ Պատրիարքարանի կատարած հալածանքները կաթոլիկ հայերուն դէմ։ Ես դեռ այն ատեն շատ բան չէի հասկնար այդ խօսքերէն, բայց կը յիշեմ որ հօրս խիստ քննադատութիւնները մեր «սեւագլուխներու մասին» ինձ ներշնչեց տեսակ մը հպարտութիւն հօրս արդարամտութեան համար։
Տասնեակ տարիներ, ամէն գարնան կը կատարէինք այդ ճամբորդութիւնը։ Տարուէ տարի հօրս նիւթական վիճակը վատթարացաւ։ Նեղ օրերը բազմացան եւ լայն օրերը դարձան հազուադէպ։ Տան վարձքը չէինք կրնար վճարել, զանազան պարտատէրներ դուռը ձեռք կ’առնէին, բայց հայրս նոր պարտք կ’ընէր, ծանօթ, անծանօթ կը հրաւիրէր եւ կ’երթայինք Ալեմտաղի։
Մեր նոր բնակարանին տանտէրը մաքարոնիի Ֆապրիք ունեցող լըվանտեն մըն էր, «Թաթլը սու Ֆրենկի», կ’ըսէին արհամարհանքով մեր տնեցիները։ Անիկա չափազանց խստապահանջ էր վարձքը ժամանակին գանձելու։ Ամէն ամսագլխին այդ վարձքի խնդիրը կը դառնար տնեցիներուն մտահոգութեան առարկան։ Մօրաքոյրերս գիշեր ցերեկ կ’աշխատէին, բայց իրենց վաստակին մեծ մասը կը յատկացուէր գործատէրերէն կամ այլ վաշխառուներէ փոխ առնուած դրամներու տոկոսներուն։
Այդ օրերուն մօրաքոյրերուս արհեստանոց սենեակին մէջ սրտնեղութիւնը, դժգոհութիւնը եւ երբեմն ալ ըմբոստութիւնը կը պոռթկային։ Տուտուն, որ ընդհանրապէս խօսքով չէր միջամտեր այս կարգի խնդիրներու, լռելեայն կը հասկցնէր իր քննադատական վերաբերմունքը եւ խոր արհամարհանքը։
Մօրաքոյրերս երբեմն ստեղծուած դրութեան յանցանքը կը բեռցնէին հօրս վրայ – իր բացակայութեան – երբեմն ալ իրենց բոլոր զայրոյթը կը թափէին գործատէրին վրայ, որ այդ միջոցին քէլ Պօղոսն էր։ Անիկա կոտրած քիթով, հերաթափ, տգեղ մարդ մըն էր որ պարզ բանւորութենէ յառաջանալով դարձեր էր գործատէր։ Ժլատ էր եւ խարդախ՝ հաշիւներուն մէջ։ Անիկա առիթը չէր փախցներ մեղադրելու մօրաքոյրերս, բայց մանաւանդ հայրս, որպէս շռայլ մարդ, եւ ինքզինքը օրինակ կու տար իբրեւ իր գործը գիտցող եւ խնայասէր մարդու։ Ինչո՞ւ շռայլութեամբ կը ծախսէին մեր տնեցիները, երբ դրամ ըլլար եւ յետոյ այդպէս բացը կը մնային. ո՞ւր տեսնուած էր այսպէս ընտանիք... «աշխարհքիս էօրնե՞կ պիտի ըլլաք... մարդս իր եորղանին կէօրէ ոտքերը պիտի երկնցնէ... »։ Գործատէրին այս նկատողութիւնները ա՛լ աւելի կը թունաւորէին կացութիւնը եւ երբեմն պարտք ու պարտական մոռցած՝ Մաքրիկ մօրաքոյրս կը յարձակէր քէլ Պօղոսին վրայ։
Անիկա, խայթուած՝ իր հպարտութեան մէջ, պապենական զինարանէն դուրս կը հանէր պատկերաւոր հայհոյութիւններ, անողոք որակումներ։ Ան «ցեխը կը խոթէր կը հանէր» այդ ողորմելի մարդուկը, որ յանդգներ էր իրենց, Շիրինենց աղջիկներուն չափաւորութեան խորհուրդներ տալ։ Մաքրիկ մօրաքոյրս հետզհետէ կը փրփրէր, դէմքը կը դառնար շառագոյն, աչքերէն կայծեր կը ցայտէին։ Անիկա ձեռքի շարժումով մը կասեցնելով միջամտութիւնը իր քոյրերուն – որոնք սակայն զսպուած գոհունակութեամբ կը հետեւէին այդ յարձակողականին – մէջտեղ կը դնէր քէլ Պօղոսին հօրը եւ մեծ հօրը, ամբողջ «Սինսիլէ»ին ճղճիմ եւ գետնաքարշ ստորնութիւնները «պատառ մը հաց ձեռք ձգելու համար», նոյնիսկ իրեն քստմնելի ժլատութիւնը, խարդախութիւնները, գրել կարդալ չգիտցող բանուորուհիներու հաշիւներուն մէջ «խամին» ընելը, կեղծ կամ աւրուած դրամ քշելը, իր հիւանդ կնկանը հանդէպ ունեցած անխիղճ վարմունքը եւ այլ այնպիսի խայտառակութիւններ որ քէլ Պօղոս սմքած, յուսահատ, «մահուան դողերու մատնուած», անդադար կը սրբէր աջ երեսի քրտինքը, - անոր մէկ երեսը միայն կը քրտնէր, - եւ վերջապէս մօրաքոյրերուս պահանջած կանխավճարը թեզկեահին վրայ դնելով, կը սողոսկէր սենեակէն դուրս եւ սանդուխներէն կ’իջնար կոյրի պէս խարխափելով։
Մայրս այդ կարգի տեսարաններէն կը պժգար, ան խորապէս կը տխրէր եւ լուռ ու հեզիկ կը տառապէր։ Անոր գեղեցիկ դէմքը կարծես կ’ամպոտէր եւ նայուածքը կը դառնար մոլորուն։
Իրիկունը, երբ առանձին կը մնար հօրս հետ եւ ինձ քնած կը կարծէին, մայրս քաղցր ու դողդոջուն ձայնով կը պատմէր օրուան մէջ պատահածները։ Պարտատէրեր, որ «տերեմիշ» ըրած էին, որ դրան առաջ ձայն բարձրացուցեր էին, անհրաժեշտ ծախքեր, որ չէին կրցած ընել, քէլ Պօղոսին հետ կռիւ եղեր էր, հիւր մը, որ չէին կրցեր պատուել ինչպէս հարկ էր, վաղուան պարտատէրներուն տալիք պատասխանները եւ դեռ անհամար հոգեր։ Մայրս կը պաղատէր որ վերջ տրուի այս անկանոն կեանքին, պարտքով ապրելու սիստեմին։ Հայրս նախ կը համաձայնէր եւ կնոջը իրաւունք կուտար։ Մայրս կ’առաջարկէր փոխադրուիլ աւելի փոքր վարձքով տուն մը, ամփոփուիլ, կարգ կանոն դնել մեր տնտեսութեան մէջ։
– Ես ալ կ’աշխատիմ, կ’ըսէր ան. նոր պարտք չընենք, ո՛տքդ պագնեմ... կամաց-կամաց հին պարտքերը կը վճարենք, քիչ մը ատեն ակռանիս կը սեղմենք, կը խալսինք, անկէ ետքը հանգիստ կ’ապրինք... մեզ ուտողը Ֆայիզն է. չէ նէ վաստկածնիս կը բաւէ, Մկրտի՛չ աղա, կ’ըսէր ան խոր ցաւով. ուրիշներ մեր տունը մտած փարային կէսովը վարդի պէս կ’ապրին, մենք ինչո՞ւ ասանկ պիտի ըլլանք։
Հայրս կը համոզէր իր կինը հանգստացնող խօսքերով։ Ծրագիրներ ունէր, այսօրուան դժուարութիւնները ոչինչ բաներ էին...
– Աղաւնիցա, վերջերնիս աղէկ պիտի ըլլա...
Մայրս լուռ կ’արտասուէր եւ յետոյ վերջին անգամ մըն ալ կոչում կ’ընէր հօրս ողջամտութեան։
– Չոճուխները կը մեծնան կոր, մեղք են, ինձ չես մեղքնար՝ անո՛նց մտածէ...
Բայց հայրս կրկին մէջ կը բերէր իր ծրագիրները, ապագային երազները եւ մայրս, այլեւս անզօր, խոր կը հառաչէր ու կը լռէր։
Ես ալ իմ կարգիս կ’ազդուէի այդ ներքին փոթորիկներէն եւ առանց կարենալ թափանցելու ստեղծուած կացութեան պատճառներուն, անձկութեամբ կը սպասէի որ խնդիրները լուծուին, որպէսզի տնեցիներուն երեսները խնդային եւ շուրջս զգայի գոհունակութիւն եւ ուրախութիւն։
Իմ մանկական առաջին տարիներէս կը խորշէի տխրութենէն եւ ատելով կ’ատէի թթուած դէմքերը։ Երբ աչքերս հանդիպէին դժգոհ արտայայտութեամբ դէմքի մը, կարծես կը ջլատուէի եւ ամէն ինչ կ’ընկղմէր խաւարի մէջ։ Սիրտս կը ճնշուէր պայթելու աստիճան եւ ակնապիշ կը դիտէի մինչեւ որ ոեւէ պատճառով ժպիտ երեւար այն տխրած դէմքերուն վրայ, որ ինձ կը շրջապատէին։
Բայց այդ ատելի տխրութիւնը ոչ միայն հազար պատճառներով կը յայտնուէր, այլեւ մնայուն կերպով կը տիրապետէր տանը, ամէն առաւօտ։
Բացի հայրիկէս, որ օրուան ամէն ժամերուն եւ նոյնիսկ ծանր հոգերուն տակ ճնշուած միշտ լաւ տրամադրութեան մէջ էր, մեր տնեցիները թիրեաքի էին։ Սա այնպիսի ախտ մըն էր որ անխուսափելիօրէն կը յայտնւէր ամէն առաւօտ ոչ միայն մեր տան մէջ, այլեւ բոլոր այն տուները, ուր տարեց մարդիկ կային։ Մեծ մայրս, մօրաքոյրերս եւ մօրեղբայրներս առաւօտ կանուխ իրենց անկողիններէն կ’ելլէին խոժոռ եւ սրտնեղած դէմքերով, կարծես վշտացած էին կամ մխրճուած անյաղթելի տխրութեան մէջ։ Անոնք անխօս, յօնքերը պռստած կը խմէին իրենց առաջին քաֆէն, առանց շաքարի եւ հացի։ Եթէ այդ միջոցին մէկը իրենց խօսք ուղղէր, սրտնեղութիւնը կը հասնէր ծայրայեղ աստիճանի։ Երկրորդ սատէ քաֆէէն յետոյ է միայն որ մօրաքոյրերս, միշտ խոժոռ դէմքերով, կը փոխանակէին միավանկեր։ Մօրեղբայրներս տունէն դուրս կը սպրդէին սրդողած մարդոց պէս, իսկ մեծ մայրս իր երրորդ քաֆէն կը խմէր, այս անգամ շաքարով եւ պատառ մը հացով, որմէ յետոյ կը հագւէր, գլուխը կը ծածկէր սեւ շալով եւ կ’երթար եկեղեցի, ուր իր մունջ շրթները կը բացուէին առաջին անգամ աղօթելու համար խորանին առաջ։
Քաֆէի արարողութիւններու միջոցին, շունչս բռնած, աչքս մէկին եւ միւսին դէմքին, բոլոր հոգւովս կը տառապէի մինչեւ երեւար հօրս ժպտուն դէմքը, որ արեւի պէս կը ծագէր ինձ համար։ Այն ատեն կը սկսէի եռանդով շատախօսել, թռչկոտիլ սենեակին մէջ եւ այդ բոլորով կարծես կը փարատէի չար ոգի մը, որ եկած չոքած էր մեր հոգիներուն վրայ։
Իմ սիրելի հայրիկս սովորութիւն չունէր առաւօտուն քաֆէ խմելու։ Ան կը սկսէր պատրաստել թէյը։ Մինչեւ ջուրը կ’եռար, ան խնամքով շաքարը կը վերածէր հաւասար մանր կտորներու եւ համբերութեամբ ու սիրով կը պատասխանէր իմ բոլոր հարցումներուս, եւ ի զուր մօրաքոյրերս կը տրտնջային որ «առտուանցով ատքան կը խորաթեմ»։
Բայց, արդէն յաջորդական քաֆէներու ազդեցութեան տակ, անոնց թիրեաքիութիւնն ալ կը փարատէր եւ բնականոն կեանքը կը սկսէր տան մէջ։
Բայց եթէ լոտոս ըլլար, այդ վատ տրամադրութիւնը կ’երկարաձգուէր օրուան մէջ։ Երկար ատեն չեմ կրցած հասկնալ թէ ի՞նչպէս այս կամ այն կողմէն փչող քամին կրնայ այդքան խոր կերպով ազդել մարդոց տրամադրութեան վրայ։ Երբ մէկն ու մէկը կ’ըսէր տհաճ ձայնով «այսօր լոտոս է», ինձ համար յոյսի բոլոր դռները կը փակուէին, տունը կ’ըլլար խորթ եւ անհիւրընկալ, ինձ սիրելի եւ ընտանի դէմքերը կը դառնային օտար եւ անճանաչելի եւ այլեւս չէի գիտեր ո՛ր անկիւնը ապաստանիլ իմ մէջ եւ ինձմով գտնելու համար սփոփանք՝ գալիք ծանր ժամերուն դէմ։
Եւ այդպէս էր բոլոր տուներուն մէջ, բոլոր մանուկներուն համար։
Այդ տանը մէջ, որ հետագային մեր ընտանեկան յիշողութիւններուն մէջ կը կոչէինք մախառնաճիին տունը, իմ մանկական տպաւորութիւններս հետզհետէ փոխակերպուեցան զգացումներու եւ երբեմն ալ յանգեցան դատողութիւններու։
Տիգրան մօրեղբայրս յաճախ կու գար մեզ այցելութեան, բայց առանձին։ Իր կինը, Մաքրուհի, որ պզտիկ հարս կը կոչէինք, հեզ եւ խոնարհ կին էր, չափազանց աշխատասէր. ան եազմա կը բանէր եւ մեծ համբերութեամբ կը տանէր ամուսինին արբեցութիւնը եւ արհամարհական բռնապետութիւնը։ Որովհետեւ թէեւ մեզ հետ գողտր սիրով կապուած, Տիգրան մօրեղբայրս արհամարհանք ունէր կնոջը եւ անոր ընտանիքին համար։ Ոչ թէ այն պատճառով որ չքաւոր էին, այլ որովհետեւ, ինչպէս ինքը կ’ըսէր, «թապիէթ սահապը» չէին, ինքնուրոյն զգացում, խառնուածք չունէին եւ յետոյ խնայասէր էին։ Պզտիկ հարսը տասնոցը տասնոցին վրայ դնելով կը ձգտէր տուն մը գնել, «կուլիպա»յի մը տէր ըլլալ։ Բացի ծայրայեղ չքաւորներէն, բնիկ սկիւտարցիներուն մէջ, ինչպէս էր մօրս ընտանիքը, գրեթէ մարդ չկար որ տան տէր չըլլար։ Բայց մերինները որդւոց որդի սորված էին ոչ միայն իրենց բոլոր վաստկածը ծախսել, այլեւ ինքզինքնին մսխել։ Ոչ միայն մօրս մեծ հայրը եւ եղբայրը, այլեւ մօրս հօրեղբայրները, ամուճաները, նետուող, ամէն բանի խառնուող, ինքզինքնին վտանգի դնող մարդիկ եղած էին։
Այդ ամուճաներէն ես անձամբ ճանչցած եմ Արթին ամուճան։
Անիկա արհեստով սայլապան էր եւ ունեցած էր սայլեր եւ ջուխտակ եզեր, որ շահագործման կը դնէր։ Ան երկար ատեն իր իշխանութեան տակ պահած էր Սկիւտարի սայլապանները, որոնց եւ քեհեան եղած է։ Կռուազան եւ մեծաբարբառ՝ ան անձնատուր եղած է ամէն կարգի արկածախնդրութիւններու։ Իր ժամանակը չէ եղած հասարակական կամ համայնական շարժում մը, որուն մասնակցած չըլլայ։ Իր երիտասարդական տարիներուն տեղի ունեցած է Սկիւտարի հայոց գերեզմանատան կռիւը բողոքականի մը թաղման առիթով։
Այն ժամանակ բողոքականութիւնը նոր սկսած էր մուտք գործել Կ. Պոլսոյ հայ հասարակութեան մէջ։ Մատով կարելի էր դեռ համրել այն հայերը, որոնք դարձեր էին բողոքական։ Պատրիարքարանը անողոք պայքար կը մղէր անոնց դէմ եւ Արթին ամուճան եղեր էր նախապէս անոնցմէ, որոնք ամէն միջոցներով կը հալածէին «բրոտ»ները։ Այդ օրերուն սկիւտարցի բողոքական մը կը մեռնի եւ անմիջապէս հարց կը ծագի թէ ո՞ւր պիտի թաղեն մեռելը։ Դեռ բողոքական հայերը չէին ճանչցուած կառավարութեան կողմէ, որպէս առանձին համայնք, եւ հետեւաբար չէին կրնար ունենալ իրենց յատուկ գերեզմանատունը։ Լուսաւորչական Պատրիարքարանը ոչ միայն խստիւ կը մերժէ հերետիկոս բողոքականի դիակը թաղելու արտօնութիւնը «սուրբ հող»ի մէջ, այլեւ կը պատուիրէ որ պահակներ դրուին հայոց գերեզմանատան շուրջը, որպէսզի գաղտնի կերպով թաղում չկատարուի։
Օրերը կ’անցնին եւ բողոքական մեռելը կը մնայ անթաղ իր տանը մէջ։ Դրացիները, ամբողջ թաղը կը յարձակին մեռելի տէրերուն վրայ եւ կը ստիպեն որ «լէշ»ը վերցնեն։ Այն ժամանակ ճարահատ, չեմ գիտեր ի՛նչ հնարքով, գիշերը, գաղտագողի, թերեւս պահակները կաշառելով, մեռելը կը թաղեն հայոց գերեզմանատան այն մասին մէջ, որ «հիւրանոց» անունը կը կրէ եւ ուր կը թաղեն ընդհանրապէս ճամբորդութեան մէջ եղող եւ «թաղ» չունեցող մեռելները, պանդուխտները եւ չմկրտուած երեխաները։ Այն ատեն դեռ Սկիւտարի հայոց գերեզմանատունը շրջապատող պարիսպ չունէր եւ «հիւրանոցը» կը տարածուէր դէպի ամայի տարածութիւններ։
Երբ Պատրիարքարանը կը լսէ որ բողոքականի մեռելը թաղուած է, կը հրամայէ հողէն հանել դիակը եւ վտարել հայ համայնքի սեփական գերեզմանատունէն։ Այդ դաժան հրամանը կը սթափեցնէ վերջապէս թաղեցիները, որ կը բաժնուին երկու մասի։ Անոնք, որ կողմնակից էին Պատրիարքարանի որոշումին եւ անոնք, Սկիւտարի էսնաֆները, որ անհանդուրժելի կը գտնեն այդ կարգի բարբարոս միջոցի մը կիրառումը։ Արթին ամուճան, որ եղեր էր «բրոտ»ներու հալածիչներէն, կը միանայ էսնաֆին եւ ըմբոստացած թաղեցիներու հետ կը դիմէ գերեզմանատուն, արգիլելու համար Պատրիարքարանի որոշումին գործադրութիւնը։ Պատրիարքարանի բարապանները իրենց համախոհ թաղեցիներու եւ կառավարական ոստիկաններու հետ երբ տեղ կը հասնին, կը տեսնեն որ դիրքերը գրաւուած են արդէն էսնաֆներու կողմէ, որ նախատելու համար կը կոչէին «այագ թախըմը»։
Բուռն կռիւ մը տեղի կ’ունենայ երկու հակամարտ կողմերուն միջեւ եւ Արթին ամուճան կռիւի միջոցին կը վիրաւորէ ոստիկան մը։ Այդ խնդրին հետեւանքով ան երեք տարի բանտը նստած էր։
Արթին ամուճա ոչ միայն նսեմացած չէր համարել ինքզինքը այդ բանտարկութեան պատճառով, այլեւ պարծանքով կը յիշատակէր այդ եղելութիւնը։ Ինքզինքը բաղդատելով ոեւէ քաղաքացիի հետ, ան արհամարհանքով կ’ըսէր.
– Ես անոր պէս խամ մարդ չեմ, ես երեք տարի բանտը նստած եմ։
Այդ բանտը իրեն համալսարանն է։ Իր ըսելով այնտեղ սորված էր կեանքը եւ որոշած էր այդ կեանքին բարին ու չարը։ Ան երբեմն կը պատմէր արենապարտ դատապարտեալներու բանտային կեանքէն ապշեցուցիչ դրուագներ եւ առանց վարանելու կ’ըսէր ակնարկելով մարդասպանի մը.
–Հասանը ազնիւ եւ մեղմ մարդ էր…
Բնական է որ այն բարոյականը, որ բանտին մէջ որդեգրեր էր, համապատասխան չէր հասարակութեան ընթացիկ բարոյականին եւ Արթին ամուճան այդ պատճառով կ’արհամարհէր ընդունուած օրէնքները։
Երանիկ մօրաքոյրս միայն կ’ըմբռնէր ամուճային ներքին էութիւնը եւ միշտ պաշտպան կը կանգնէր անոր։ Մեծ մայրս կ’ատէր իր տագրը եւ կը դժկամէր նոյնիսկ երեսը տեսնել։ Երբ հիւանդութենէ եւ անտէրութենէ ընկճուած ան կու գար երբեմն մեր տունը մնալու, յուսահատութիւնը կը պատէր տնեցիները։ Արթին ամուճան առանց նախապէս զգուշացնելու, այնպէս ինչպէս մէկը իրիկունը իր տունը կը դառնայ, կարմիր թաշկինակին մէջ կէս օխա թուզ կամ եղանակին ոեւէ միրգը դրած, կու գար մեր դուռը կը զարնէր։ Երբ ներս կը մտնէր, կը նստէր բակի բազմոցին վրայ, կօշիկները կը հանէր, կարմիր թաշկինակով միրգը կ’երկնցնէր մօրաքոյրերէս մէկուն եւ գրեթէ անմիջապէս կը դառնար պահանջկոտ։
– Մէկը ղրկեցէ՛ք, թազէ միս առէք, ամա խվըրճըխ ըլլայ, ես ղարաման չեմ կրնար ուտել, խաշլամա մը դրէք կրակին վրայ։
Մօրաքոյրերս կը մտադրէին ճամբու դնել ամուճան, ատ փորձանքը հեռացնել տունէն, բայց Երանիկ մօրաքոյրս պաշտպան կը կանգնէր անոր.
– Իմ ամուճաս է, կ’ըսէր վճռականօրէն, դուք չէք ուզէր նէ ես իմ օտաս կ’առնեմ, ես կը նայիմ։
Բարեբախտաբար Արթին ամուճան ինքը կը ձանձրանար հանգիստ եւ ընտանեկան կեանքէն։ Քանի մը օր մնալէ ետք մեր տունը, որու միջոցին կը հրամայէր, կը պահանջէր, կը սպառնար, վերջապէս ամենուն հետ կը կռուէր, նոյնիսկ մայրիկիս հետ, եւ ցուցարար կերպով դուրս կ’ելլէր տունէն, առանց մնաս բարով մը ըսելու։
Երանիկ մօրաքոյրս կը պատմէր որ Արթին ամուճան ժամանակին շատ դրամ վաստակած է. բայց մսխած է։ Ան ունեցած է նոյնիսկ այգիներ Քիւչիւկ Չամլըճային ետեւը եւ միջոց մը քաշուած է իր այգիներուն մէջ եւ հողը մշակած է, միեւնոյն ատեն մինակը պաշտպանելով իր ստացուածքը թափառականներու եւ ամէն տեսակ աւազակներու դէմ, որ այն ժամանակները պատուհաս դարձած էին այդ շրջանի անպաշտպան թրքական գիւղերուն։
Օր մըն ալ Արթին ամուճան ծախեր էր այգիները եւ դրամը կերեր էր «գէշ» կիներու հետ։ Այդ «գէշ» կիներէն մէկը, որ մահալլէպի Բուբուլ կը կոչէին, հաւատարիմ մնացած էր իրեն։ Արթին ամուճան իր ծերութեան օրերուն, երբ այլեւս բան մը չունէր եւ ի փոխարէն ունէր միզային գործարանի ծանր հիւանդութիւն մը, որ մշտատեւ խնամք կը պահանջէր, ապաստան գտած էր մահալլէպի Բուբուլին տունը, որ մինչեւ ամուճային մահը խնամած է հաւատարմութեամբ եւ անձնազոհութեամբ, անշշուկ կրելով անոր բռնաւոր քմահաճոյքները։
Իմ մանկութեան տարիներուն անիկա դեռ իր ուժին եւ զօրութեանը տէր մարդ էր։ Կը յիշեմ զինքը իր թուխ եւ արեւահար կնճռոտ դէմքով, կայծկլտող աչքերով, թաւ յօնքերով եւ պեխերով։ Ան երբեք չէ ուզած հագնիլ եւրոպական հագուստ ըսելով թէ ինքը մարդ է, մայմուն չէ։ Կը կրէր բաց գոյն ասուիէ շալուար, սրունքներուն վրայ սեղմուած, կռնակին՝ ձմեռը մուշտակէ կարճ վերարկու, ներքեւէն Պրուսայի մետաքսէ շապիկ, լայն թեզանիքներով, մէջքին կարմիր լայն գօտի, դաշոյնը խոթած մէկ կողմէն, գօտիի ծալքերուն մէջ։ Գլխու ֆէսին շուրջ կապած ունէր կարմիր եազմա, ինչ որ անատոլցի իսլամներու սովորոյթն էր եւ որով կը ջոկուէին քրիստոնեաներէն։ Չափազանց հոգածու մաքրութեան, ան երբ կու գար մեր տունը եւ բակը բազմոցին վրայ կը նստէր, անմիջապէս կը հրամայէր.
– Ինծի ճուր մը տուէք, ամա պարտախը մաքուր ըլլայ, հա՜…
Մեր տնեցիները, որ բծախնդիր հոգածութիւն ունէին ջուրի ընդունարաններու եւ բաժակներու մաքրութեան, սաստիկ կը զայրանային Արթին ամուճայի այս պատուէրէն։
Բայց անոր հոգը չէր կանանց զայրոյթը, որ իրենց համար կշիռք չունեցող արարածներ էին։
Կը սիրէր հրամայել ոչ միայն տան մէջ, այլեւ դուրսը։ Փողոցը քալած ատեն, երբ առիթ չունենար ոեւէ վէճի միջամտելու, շուները կը հալածէր կամ դիտողութիւն կ’ընէր սարսափահար կիներու իրենց դրան առաջ ինկած միրգի կճեպներու կամ ոեւէ ուրիշ բանի համար։ Եւ ո՞վ կը համարձակէր դիմադրել իրեն։ Կիները կը հնազանդէին անշշուկ, իսկ տղամարդիկ կը քաշուէին տան ներքնամասերը, իրեն հետ վէճի չբռնուելու համար։
Արթին ամուճան, հակառակ տնեցիներուն ներշնչած տհաճութեան, ինձ տեսակ մը հիացում կը պատճառէր։ Ութ տարեկան էի արդէն, դարձեր էի անզուսպ երեխայ, երբ օր մը վէճի բռնուեցաւ ինձ հետ։
Սկսեր էի սորվիլ Լաֆոնթենի առակներէն «Ճպուռը եւ մրջիւնը»։ Ամբողջ օրը սանդուխներէն վեր վար վազելով – անձրեւոտ օրեր էին եւ կարծեմ լոտոս էր – կ’արտասանէի բարձրաձայն։ Արթին ամուճան, բազմոցին անկիւնը նստած, չիբուխը ձեռքը, միւս ձեռքով հաստ գաւազանին կոթը փայփայելով, կը գոռար.
– Հերի՜ք է, պէ՜… Ճպուռը մրջի՜ւնը, ճպուռը մրջի՜ւնը… Եւ սարսափելի ու թրքաբարբառ հայհոյութիւն մը կ’ընկերանար այս խօսքերուն։
Ես պահ մը կը լռէի, յետոյ կրկին կը վերսկսէի։
Արթին ամուճան տեղէն ելլելու եւ գաւազանով վրաս յարձակելու շարժում մը կ’ընէր, բայց պէտք է ենթադրել որ չէր համարձակեր գործադրութեան դնել իր սպառնալիքը։ Ան կը դիմէր հրամայաբար մօրս եւ մօրաքոյրերուս՝ ըսելով.
– Սուս ընել տուէք լակոտը, ա՞ս է ձեր ըրած թերպիէն… ծօ ի՞նչ խազէպ պիտի ըլլայ վաղը մէկալ օր, ամա Աստուած ըրածը գիտէ, բանով մը կը զսպէ… աս խազէպն ալ զսպողը ան պիտի ըլլայ, որ աղջիկ ծներ է… եւ դարձեալ բուռն հայհոյութիւն։
Իրիկունը՝ հայրս մինչ իր սովորական անդորրութեամբ թէյը կը պատրաստէր եւ ես իր մօտերը կը դեգերէի, ինձ պատուիրեց արտասանել ինչ որ սորված էի «Ճպուռը եւ մրջիւնը» առակէն։ Ես ծայրէ ծայր արտասանեցի, չարաճճի գոհունակութեամբ եւ շեշտելով առակին իմաստը։
Յանկարծ Արթին ամուճան իր կէս թմրած վիճակէն դուրս ելաւ, գլուխը ցցեց, ուշադրութեամբ լսեց եւ կատղեցաւ։ Անիկա այդ առակին մէջ անձնական ակնարկութիւն գտեր էր, ինչպէս յետոյ գանգատեր էր մօրեղբայրներուս, եւ ամբողջ օրուան կուտակուած զայրոյթը պոռթկալով ոտքի ելաւ, դուրս նետուեցաւ սենեակէն եւ սկսաւ լուտանքներ թափել եւ անլուր հայհոյութիւններ ընել այդ առակը գրողին, սորվեցնողին եւ սորվողին հասցէին։
Քիչ յետոյ տանը դուռը փակուեցաւ ահագին դղրդոցով, պատուհանները զնգացին եւ մօրաքոյրերս պիտի սկսէին իրենց դառն կարծիքը յայտնել, երբ հայրս ձեռքով նշան ըրաւ որ լռեն։
Եւ ան կը ժպտէր ներողամտութեամբ։