Запел Есаян
Սիլիհտարի պարտեզները
Մանչ ըլլայի
Ութ-ինը տարեկանիս դեռ անարիւն էի եւ մշտատեւ խնամքի ենթակայ, բայց արդէն հիւանդութիւններու շարքը կանգ առած էր։ Կարծես կեանքը վերադարձեր, հաստատուեր էր իմ մէջ եւ անոր ուժը զիս կը մղէր շարունակական անհանդարտութեան։
Մեր տան ընդարձակ պարտէզը իմ գլխաւոր շահաստանս էր, կը մագլցէի ծառերուն մինչեւ գագաթները, կը շուլլուէի պատերուն վրայ, կը ցատկէի դրացի պարտէզները եւ կ’երթայի խաղալու տարեկից մանչերու հետ։ Աղջիկները չէի սիրեր։ Կը զզուէի երբ կու լային եւ իրենց մօրը կը գանգատէին, երբ խաղի եռանդին մէջ իյնային կամ հարուած մը ընդունէին։ Փորձով տեսած էի որ աղջիկները խարդախ են, ծածկամիտ եւ սնափառ, մինչ մանչերը ոեւէ խաղի կը մտնէին ուղղամտութիւնով եւ առաջուց ընդունելով խաղի րիսքերը։ Մեր ամենէն սիրած եւ եռանդով խաղացած խաղը խայտըռախն էր որ իբր վտանգաւոր՝ արգիլուած էր մեծերէն։ Քանի՜ անգամներ քարի ձախող արձակումով գլուխ պատռած, իրար վիրաւորած ենք։ Կարմիր արիւնը առատութեամբ կը հոսէր, բայց մենք անշշուկ վէրքը կը կապէինք թաշկինակով եւ խաղը կը շարունակէինք։
Իրիկունը, հօրս վերադարձէն առաջ, տուն կը մտնէի յոգնած սպառած, յաճախ գոգնոցս եւ հագուստներս պատռուած։ Մայրս յուսահատութենէն կու լար եւ ինչքա՜ն գէշ գուշակութիւններ կը լսէի իմ ապագայիս մասին։ Պէտք է մտածել սակայն որ այդ «մարզանքները» օգտակար եղած են իմ առողջութեանս, որ հետզհետէ ամրացած է, ինձ դարձուցած են ճկուն եւ ճարպիկ եւ զարգացուցած՝ մկանային ուժերս։
Ինչ որ կը յիշեմ այն ժամանակի ներքին էութենէս այն է որ անսանձ ուժերու մղումը քաոսային վիճակ մը հաստատած էր իմ մէջ. իմ արարքներս՝ անմիջական տրամադրութիւններու արդիւնք՝ կը համարուէին հակասական, անբացատրելի։
Կը յիշեմ որ գութ եւ սէր ունէի անասուններու համար, բայց անգութ էի մարդոց նկատմամբ։ Կարծես շրջապատուած էի թշնամիներով եւ ոչ ոքի չէի կրնար ապաւինիլ։ Ինձ համար օրէնք էի ըրած երբեք, ոեւէ բանի համար չգանգատիլ մեծերուն, որոնք կը համարէի հակառակորդներ եւ որոնց դէմ պզտիկները ստիպուած էին պայքարիլ յայտնի կամ գաղտնի միջոցներով։ Տկար տղաքը կ’արհամարհէի, իսկ ինձ համարժէք երեխաները խաղի ընկերներ էին որոնց հետ կապուած էի համերաշխութեան զգացումով։ Երբեք չեմ դավաճանած այդ համերաշխութեան, երբեմն նոյնիսկ կրելով անարդար պատիժներ եւ զրկանքներ եւ, ինչ որ ինձ համար ամէնէն ծանրն էր, հօրս յանդիմանական ակնարկը։ Որովհետեւ մեծերուն մէջ հայրս բացառութիւն էր ինձ համար։ Միայն անոր նկատմամբ ունէի յարգանք եւ սէր։ Կը սիրէի նաեւ Իւղաբեր մօրաքոյրս եւ Տիգրան մօրեղբայրս, բայց այդ սէրը անխառն չէր։ Իսկ Երանիկ մօրաքոյրս ինձ կը հետաքրքրէր եւ կը հրապուրէր։ Այդ տարիներուն մայրս մշուշի մէջ էր ինձ համար։ Շատ աւելի ուշ է որ մայրս վերստին գտայ եւ սիրեցի։
Ձեղնայարկի սենեակի մը մէջ դեռ պահեր էինք Տիգրան մօրեղբօրս գոյքերը եւ թուղթերու ծրարներ։ Ան երբեմն կը բարձրանար այդ սենեակը եւ ժամերով կը մնար։ Անգամ մը, երբ Տիգրան մօրեղբայրս իր թուղթերը կը սարքէր, ես մօտն էի։ Յանկարծ, ոլորուած, մեծադիր թուղթ մը, որ մէկ կողմ դրաւ, ուշադրութիւն գրաւեց։ Մօրեղբայրս ոլորուած թուղթը բացաւ եւ ինձ ցոյց տուաւ զարմանալի պատկեր մը։
Տիգրան մօրեղբայրս ինձ բացատրեց որ այդ պատկերին մէջ եղած եաթաղաններով մարդիկը ենիչէրիներ են եւ ծնկաչոք պաղատողները՝ պուլկարներ։ Ինձ բացատրեց նաեւ որ ժամանակին սուլթանը կոտորել տուեր էր պուլկարները, որովհետեւ անոնք ապստամբեր էին սուլթանական բռնապետութեան դէմ։
– Սուլթանները իրենց արհեստով բռնաւորներ են, ըսաւ։
– Հապա սուլթան Ազի՞զը, հարցուցի։
Յաճախ լսած էի գովեստ սուլթան Ազիզի մասին, որ կը կոչէին «ազիզ սուլթանը»։ Շատեր կ’ափսոսային անոր եղերական մահը։ Մեծ մայրս կ’ըսէր որ սուլթան Ազիզի օրով կար առատութիւն, շքեղութիւն։
– Ալեմտաղի կ’երթար եւ բուռերով ոսկի կը ծախսէր։
Անգամ մը իր ապարանքներէն մէկը այրել տուեր էր որպէս լուսավառութիւն իր անցքին։ Նահապետ մօրեղբայրս, որ շատ ցանցառ այցելութեան կու գար մեզի – եւ ան ալ իր կնոջմէն գանգատելու համար – մոռնալու համար իր ցաւերը, կը վերյիշէր անցեալը եւ կը խօսէր սուլթան Ազիզի մասին։ Անիկա զեղխ եւ շուայտ փատիշահ մըն էր, ճիշդ էր, բայց ահալլին կ’օգտուէր անոր զեղխութենէն։ Թոփհանէ օղլուէն մինչեւ Չամլըճա շինել տուեր էր պալատներ եւ ապարանքներ, որպէսզի իր անցքին, երբ որ սիրտը ուզէր, պահ մը կանգ առնէր եւ շէրպէթ մը խմէր։ Այդ ապարանքները այլեւս կիսափուլ եւ անբնակ շէնքեր էին, կոտրտած ապակիներով, բայց ժամանակին եղեր էին սուլթանական քմահաճ խրախճանքի շքեղ ապաստաններ։ Պաղլար-պաշիի լայն պողոտան շինուեր էր մէկ շաբթուան մէջ, որովհետեւ սուլթանը Հայտար-Փաշայէն անցնելով ասիական ափունքը՝ այդ ճամբէն պիտի անցնէր իր շքախումբով։
– Օգուտը որի՞ն էր, կ’ըսէր Նահապետ մօրեղբայրս, շուրջ բոլորը նայելով հարցական։ Սուլթանին սայէյէն ահալլին փարա կը վաստկէր։ Անոր քէֆը մեր վաստակն էր։
Կը պատմէին որ սուլթան Ազիզի մահը ցաւ պատճառած էր ժողովուրդին եւ բազմաթիւ տեստաններ շինուած էին, որոնք գաղտագողի կ’երգէին մինչեւ իմ մանկութեան օրերուս։ Իւղաբեր մօրաքոյրս երբեմն կ’երգէր այդ տեստաններէն մէկը, գլուխը անդադար շարժելով։ Անիկա սուլթան Ազիզի նախասիրած սուլթանուհիին ողբն էր.
Պէնի թախտան էնտիրտիլէր
Տէօրթ չիֆթէլէ պինտիրտիլէր,
Թոփ Գափուեա կէօնտէրտիլէր։
Աման սուլթան, ազիզ սուլթան,
Գան աղլըլեոր պիւթիւն ճիհան…
(Ինձ գահէն իջեցուցին,
Չորս ջուխտակը դրին,
Թոփ Գափուի պալատը տարին։
Աման սուլթան, ազիզ սուլթան,
Արիւն կու լայ ամբողջ ժողովուրդը)։
Այս բոլորը լսած ըլլալով, վստահ էի որ Տիգրան մօրեղբայրս իր կարգին ափսոսանքով պիտի խօսէր այն սուլթանի մասին, որ իր լոգարանին մէջ գտնուեր էր արնաքամ, բազկերակները կտրուած սուր մկրատով եւ որուն համար ըսեր էին թէ անձնասպան եղած է։ Բայց Տիգրան մօրեղբայրս իմ հարցումիս փոխարէն յօնքերը բարձրացուց ճակտին վրայ եւ ըսաւ զայրոյթով.
– Սուլթան Ազիզը աւելի ալչաք բռնաւոր էր։
Միտքս մտաւ յուզմունքի մէջ։ Ճիշդը ըսելով, պատկերին մէջ ներկայացուած սարսափները խոր ազդեցութիւն չգործեցին իմ վրաս, որովհետեւ չընդգրկեցի անոնց տարողութիւնը։ Դեռ այն ատեն չկային հայկական կոտորածներ կամ գոնէ ես այդպիսի բան չէի լսած եւ պուլկարներուն պատահածը ինձ թուեցաւ հեռաւոր, անիրական, տեսակ մը գէշ երազ։ Բայց ինչ որ հասկցայ, այն էր որ սուլթանները մեծերուն մեծերն են եւ անարդար բան կը գործեն, այդ է իրենց կոչումը այս աշխարհիս վրայ… եւ զգացի որ Տիգրան մօրեղբայրս դէմ էր այդ մեծերու մեծերուն եւ ուրախ պիտի ըլլար, երբ անոնք պատժուէին։
– Ըսել է, – ըսի, աչքերովս փնտռելով իր նայուածքը, – սուլթան Ազիզը մեռցնողները աղէկ մարդիկ էին։
– Հի՜չ …, գոչեց ան սրտնեղած. յետոյ ինձ խօսեցաւ չէրքէզի մը մասին, որ խումբ մը համախոհներով ուզեր էր սուլթան Համիտը սպաննել, վրէժը լուծել դաւաճանութեամբ սպաննուած Միտհատ փաշային, որուն նպատակը եղեր էր կարգ ու կանոն հաստատել երկրին մէջ, օրէնքով զսպել բռնապետութիւնը։ Այդ չէրքէզը չէր յաջողած, որովհետեւ իր համախոհները վերջին պահուն մատներ էին զինքը։ Ան բռնուեր ու գլխատուեր էր։ Ու յանկարծ Տիգրան մօրեղբայրս բացագանչեց.
– Դուն դեռ պզտիկ ես, ատ բաները քու գիտնալիք բաներդ չեն։
Յօնքերը աւելի բարձրացան ճակատին վրայ եւ ինքնիրեն ըսաւ.
– Ես ալ ի՜նչ խելք դրեր եմ չոճուխին, ապուխ-սուպուխ կը խօսիմ։
Բայց Տիգրան մօրեղբայրս սերմ մը դրեր էր մտքիս մէջ։ Այլեւս միանգամ ընդմիշտ տհաճութեամբ կը լսէի երբ սուլթանին ծննդեան կամ գահակալութեան տարեդարձին գոհաբանական խօսքեր կ’ըլլային եւ սուլթանին «արեւշատութեան» համար մաղթանքներ կ’ըլլային։ Բարեբախտաբար մեր տան մէջ ոչ ոք հարկադրուած էր իր «հաւատարիմ հպատակ»ի զգացումները յայտնել։ Տունը կը մնար չէզոք այդ կարգի խնդիրներու մէջ եւ նոյնիսկ տհաճ՝ այն ընտանիքներու նկատմամբ, որ իրենց տուներուն ճակատները լապտերներ կը դնէին, այդ առթիւ քաղաքին լուսավառութեան մասնակցելու համար։
Բացի ատելութիւնը դէպի բռնաւոր սուլթանները, ըմբոստ եւ գլխատուած չէրքէզի դէպքը մտքիս մէջ յարոյց շատ մը պատմութիւններ, որոնք ամէնքն ալ կը մեկնէին այդ դէպքէն, բայց աստիճանաբար կ’այլափոխուէին իմ երեւակայութեանս մէջ։ Ամէն իրիկուն, երբ գլուխս կը դնէի բարձին, աչքերս կը փակէի, բայց արթուն կը մնայի երկար ատեն եւ ինքզինքիս պատմութիւններ կը պատմէի։ Կը տեսնէի չէրքէզը, բարձրահասակ, վայելուչ, կապոյտ աչքերով, որ իր խարդախ համախոհներով կը բարձրանար պալատի սանդուխներէն։ Ան ականջ կը դնէր ձայներուն եւ շշուկներուն՝ ոչ թէ վախնալուն, այլ զգուշութեան համար, որպէսզի իր գործը յաջողի։ Ան յանդուգն էր եւ քաջ ու մեռնելէ չէր վախնար… Ան տեսակ մը խառնուրդն էր Արթին ամուճային եւ հօրս։ Հայրս ալ մեռնելէ չէր վախնար… քանի՜-քանի՜ անգամներ լսեր էի այդ։ Թերեւս մէկ անգամ միայն լսեր էի բայց այդ խօսքը բազմապատկուեր էր իմ մէջ, ճիւղեր էր արձակեր։ Ես ալ չէի վախնար մեռնելէ… եւ այդ բանը, որ կ’ուզէի մտքովս հաստատել ինքզինքիս, ինձ կը խորասուզէր ցաւագին հեշտանքի մը մէջ։
Հետզհետէ իմ հնարած պատմութիւններուս մէջ, այդ չէրքէզը ես էի… Իմ համախոհներս այն տղաքն էին որոնց մասին կասկած ունէի, որ խամազ են, կամ կրնան ըլլալ։ Անոնց հետ կը բարձրանայի պալատի սանդուխներէն… (Միշտ սանդուխ մը կար այդ պատմութիւններուն մէջ)։
Ժամանակի ընթացքին անձնազոհութեան այդ հրայրքը ուրիշ սնունդ գտաւ եւ ստացաւ տարբեր ուղղութիւններ։
Հայրս ունէր լեարդի հիւանդութիւն մը, որ երբեմն սաստիկ խիթեր կը պատճառէր իրեն։ Այդ ցաւերը յանկարծակի կը յայտնուէին եւ հայրս տուն կը դառնար եւ կը պառկէր։ Բժիշկի կարծիքով այդ ցաւերը անտանելի էին, բայց հայրս կը ջանար իր կամքի ուժովը յաղթահարել անոնց։ Երբեմն, հակառակ այդ կամքին, բառաջիւնի նմանող խուլ աղաղակ մը կը հասնէր մինչեւ վարի յարկերը, ուր մեզ՝ երկու երեխաներս կը պահէին, որպէսզի աղմուկ չընենք տան մէջ։ Հօրս դիմադրութիւնը ցաւին, այն բանը, որ իմ սիրելի հայրիկս երկու ցաւի մէջ կը ժպտէր եւ մօրս հետ կը կատակէր, որպէսզի սիրտ տայ անոր, ինչպէս մօրաքոյրերս կը պատմէին զարմանքով, այդ բոլորը խոր ազդեցութիւն կը գործէին իմ վրաս։ Ու երբ երկու-երեք օր յետոյ, հայրս կ’ելլէր անկողինէն, դեռ տժգոյն, բայց արդէն ամուր իր սրունքներուն վրայ, ինձ կը թուէր որ ան յաղթած է աներեւոյթ հրեշի մը եւ ան հերոս մըն է։ Ու ես ալ կ’երազէի ըլլալ իրեն պէս ու յաղթել բոլոր հրէշներուն, ունենալ առիթ յաղթելու հրէշներու։ Ու ամէն ինչ ինձ կը ներկայանար հրէշի պատկերով։ Հիւանդութիւնները հրէշներ էին, չքաւորութիւնը, որու մասին կը խօսէին արդէն, զզուելի հրէշ մըն էր եւ մեծերու մեծերը անտանելի հրէշներ էին, առասպելական արարածներ, որոնց կոտոշներէն պէտք էր բռնել եւ սանձահարել…
Մանչ ըլլայի՜ եւ ըլլայի չէրքէզ, էշքեա, խաչախճի, լեռը ապաստանող աւազակ… եւ արդարութիւն գործադրէի ու այդ ընելու համար կը մեռնէի հեշտանքով։
Իմ մանկական յիշատակներուս ամենէն տարտամ միգամածին մէջ կը գտնեմ Խաչիկ մօրեղբօրս թուխ եւ առնացի դէմքը։ Հաւանական է որ օրօրոցիս վրայ հակած այն ժպտուն եւ ընտանի դէմքերէն մէկը եղած է ան, որմէ տեսողական յուզում մը կրած եմ։ Երբ հազիւ վեց-եօթը տարեկան էի, ան ինձ կ’երեւէր ինչպէս մարդկային ցեղին ամենէն կատարեալ մէկ տիպարը։ Իրապէս գեղեցիկ տղամարդ էր այն ատեն, թիկնեղ եւ բարձրահասակ, սեւ լայնաբիբ աչքերով, կամարաձեւ յօնքերով, որոնցմէ մէկը աւելի վեր թառած, երբեմն զարմացական, երբեմն ալ սրտնեղութեան արտայատութիւն մը կու տար իր դէմքին։
Անիկա կ’ապրէր մեզմէ հեռու, Բերա, ուր վարպետ երկաթագործ էր եւ իր սեփական արհեստանոցը ունէր։
Մեր տնեցիները Խաչիկ մօրեղբօրս անունը կ’արտասանէին յուզմունքի սարսուռով եւ սրտմտութեամբ։ Կը պարծենային եւ կ’ամչնային անով։ Կուռքի պէս կը պաշտէին եւ միեւնոյն ատեն դառն եւ քողարկուած մեղադրանքներ կ’արձակէին իր հասցէին։ Տարակոյս չկար որ ծանրակշիռ բան մը պատահած էր, եւ ինչ որ պատահած էր, անդարմանելի էր։
Երբ Տուտուն նստած կ’ըլլար բազմոցին անկիւնը եւ իր արհամարհական նայուածքը կը նետէր բազմաթիւ աղջիկներուն վրայ, ոչ ոք կը համարձակէր իր նախասիրած տղուն մասին բառ մը արտասանել։ Բայց անմիջապէս որ հեռանար, շաղակրատութիւն կը սկսէր։ Հառաչանքներ եւ ակնարկութիւններ կը պատասխանէին իրարու։ Երբեմն ամբողջ տնեցիները համաձայն կ’ըլլային, երբեմն ալ ընդդիմադիր խումբերու կը վերածուէին, եւ խօսակցութիւնը կը վերջանար վէճով, յորդառատ արցունքներով։
Տուտուն իր կարգին ներողամիտ չէր այդ «անդարմանելի» պատահածի մասին։ Ընդհակառակն, ան կը կրէր մշտնջենական տխրութիւնը իր նուրբ դէմքին վրայ, որ մասունքի պէս ճերմակած էր եւ ակօսուած խորշոմներով։ Իր մայրական հպարտութիւնը այնքան խոր վիրաւորուած էր որ կը նախընտրէր մունջ մնալ, քան թէ ոեւէ գանգատ յայտնել իր տղուն վարմունքին մասին։
Ինչ որ պատահած էր՝ երկար ատեն գաղտնիք մնաց ինձ։ Յետոյ, օր մը լսեցի, որ Խաչիկ մօրեղբայրս ամուսնացեր էր իր ընտրած եւ սիրած յոյն աղջկան մը հետ։
Խաչիկ մօրեղբայրս Տուտուին բազմաթիւ զաւակներուն մէջ ամենասիրելին էր։ Ոչ քոյրերը եւ ոչ եղբայրները կ’ըմբոստանային իրենց մօրը այդ նախընտրութեան դէմ։ Անիկա, այնպէս ըսելով, ամենէն յաջողածն էր մեծ մօրս զաւակներուն։ Ոչ միայն գեղեցիկ տղամարդ էր, այլեւ կը վաստկէր առատութեամբ եւ իր վաստկածը կը ծախսէր լիաբուռն իր անձին եւ ուրիշներուն զուարճութեան համար։ Իր բոլոր արարքները, որոնց արձագանգը կը հասնէր մեզ, խուլ հիացում եւ վախ կը ներշնչէին։ Երբ հազուադէպ առիթներու Խաչիկ մօրեղբայրս գար մօրը այցելութեան, ամբողջ թաղեցին կը հետաքրքրուէր այդ դէպքով։ Ընդհանրապէս ան կու գար Շաբաթ իրիկուն մը եւ Կիրակին կ’անցընէր մօրը հետ։ Այդ օրը բոլոր հրուշակ եւ պաղպաղակ ծախողները կը դանդաղէին փողոցին մէջ, հազուագիւտ ձուկ կամ միրգ վաճառողները շուկայէն կ’երկարէին մինչեւ մեր թաղը, կանգ կ’առնէին դրանը առաջ եւ իրենց ապրանքը կը գովէին նոր ձեւերով։
Կեանքը արեւի պէս կը մտնէր իրեն հետ տան մէջ։ Բակին եւ պարտէզին դռները կը բացուէին, վարագոյրները կ’ուռէին եւ կը շաչէին առագաստներու պէս, դրացիները՝ համարձակութիւն առած՝ կը մտնէին կ’ելլէին, մօրաքոյրերս կը հագուէին կը սքուէին եւ տեսակ մը անկախութեան ձգտում կը ստանային, բայց ինչ որ ամենէն զարմանալին ու հրաշալին էր, այն էր որ մեծ մայրիկիս տխուր եւ կնճռոտ դէմքին վրայ ժպիտը կ’երեւէր։ Դողդողացող ժպիտ մը, լիքը յուզումով եւ գորովով եւ նայուածքը կ’երկարէր տղուն հասակն ի վեր, հպարտութեամբ եւ հիացումով։
Մօրաքոյրերս կ’արտորային խոհանոց, ուր երսանկներու տրոփին հետ հնչուն ծիծաղը կը լսուէր եւ հայրս, իր մշտնջենական լրագիրը – որ ընդհանրապէս լայն բացած կը պահէր վարագոյրի պէս դէմքին առաջ – կը ծալէր եւ կը խօսակցէր Խաչիկ մօրեղբօրս հետ։ Իսկ տանը երեխաները՝ անձնատուր խելայեղ ուրախութեան՝ իրենց գրպանները կը ձեռնոտէին, լիքը շաքարով, պիստակով եւ ամէն կարգի չոր պտուղներով։
Մինչեւ Տուտուին մահը Խաչիկ մօրեղբօրս կինը ոտքը չդրաւ մեր տան սեմին։ Աւելի ուշ գիտցանք որ այդ յոյն կնոջ ամենամեծ փառասիրութիւնը եղած է հաշտուիլ կեսրոջը հետ։ Բայց տուտուն ոչ միայն մնաց անհաշտ, այլեւ երբեք չհանդուրժեց որ այդ կնոջ խօսքը ըլլայ։ Այդ կինը տեսակ մը վտարեալ, անիծեալ արարած էր։ Քանի տարիները անցան, փոխանակ մեղմանալու, Տուտուն աւելի ամրացաւ իր զգացումին մէջ, քանի որ այդ սիրով ամուսնութիւնը ամուլ մնաց եւ Խաչիկ մօրեղբայրս զաւակ չունեցաւ։ Հետզհետէ նաեւ մօրեղբօրս դէմքին վրայ ալ սկսան գծուիլ խորշոմներ եւ անոր դէմքն ալ սկսաւ թթուիլ, մթագնիլ տխրութիւնով։ Իր որդեզրկութիւնը թերեւս վերագրեց մօրը անէծքին։ Իրողութիւնը այն է որ Խաչիկ մօրեղբօրս կենսուրախ շէնութիւնը հետզհետէ մարեցաւ, հետզհետէ աւելի ցանցառ եկաւ իր մօրը այցելութեան եւ վերջապէս դադրեցուց այդ այցելութիւնները։
Ամէն տաղաւարի նախօրեակին, յոյսը, սակայն, կը ծնէր Տուտուին յուսահատ հոգիին մէջ։ Առանց բացուելու իր ակնկալութիւններուն մասին, տանը մէջ կը հրամայէր հիմնական մաքրութիւն։ Խաչիկ մօրեղբօրս գիշերանոցները, ձիւնի պէս ճերմակ, կը կախուէին պարտէզը՝ պարանին վրայ, թեւերը կախ։ Վա՜յ մեզի, եթէ այդ բազկատարած եւ խոնաւ ճերմակեղէնին տակէն անցնէինք եւ մազի ծփուն թել մը դպէր, կամ պարանը ձիգ բռնող ձողը ցնցէինք մեր աղմկալի եւ հեւ ի հեւ խաղերու եռանդին մէջ։ Այն սենեակը, ուր կը պառկէր մօրեղբայրս, մասնաւոր հոգածութեան առարկայ կ’ըլլար։ Ձեղունը անգամ կը լուացուէր։ Մնաց որ ամբողջ տունը բաղնիքի նման թաց կ’ըլլար եւ ողողուած տախտակներու հոտը կը բռնէր մթնոլորտը։ Այլեւս չէին գիտեր ո՞ւր նստիլ, ուրկէ՞ քալել, ի՞նչպէս ապրիլ։ Իրիկունը հայրս գլուխը կը շարժէր քննադատաբար եւ կ’ապաստանէր իր լայն բացուած լրագրին ետեւ, որուն մինչեւ վերջին տողը կը կարդար իր անհամբերութիւնները զսպելու համար։
Ընթրիքին՝ տան կիները Փարաւոնի գերիներու պէս խոնջած կը հեծեծէին եւ ախորժակ չէին ունենար ուտելու։ Ամեն մէկը ներքնապէս գիտէր որ այդ պատրաստութիւնները զուր են, բայց ոչ ոք կը համարձակէր իր կարծիքը ըսել։ Վաղուան ունենալիք յուսախաբութիւններով դառնացած, կը մնային սենեակին մէջ լռին եւ խոկուն, ինչպէս եթե քինոտ ըլլային իրարու հետ։ Սիրտ չէին ըներ նոյնիսկ լոյս վառելու։ Թերեւս չէին ուզեր իրարու երես նայիլ եւ մէկիկ-մէկիկ կ’երթային պառկելու։
Օր մը վերջապէս Տուտուն որոշեց ինք երթալ իր տղուն այցելութեան։ Այդ որոշումը հետեւանք էր հոգեկան բուռն պայքարներու, անդոհական գիշերներու, տաժանելի երկմտութիւններու։
Այն առաւօտուն լուսածագին արթնցայ եւ իջայ սենեակ, երբ մեծ մայրիկս իր երրորդ սուրճը կը խմէր, որմէ յետոյ միայն իր շրթները կը բացուէին, ան ալ դժկամութեամբ։ Ան իր թախծալի նայուածքը յամրօրէն դարձուց իմ վրաս եւ կարծես միտք մը յղացաւ, յետոյ գլուխը շարժեց տարակոյսով։ Բայց այդ միտքը հետզհետէ արմատացաւ իր մէջ եւ կցկտուր բառերով յայտնեց իր մտադրութիւնը մօրաքոյրերուս։
Կը յիշեմ վարդառատ եւ լուսաւոր առաւօտը։ Արեւը նոր կը բարձրանար հորիզոնին վրայ դեղնաւուն ամպերուն մէջէն։ Պարտէզներու մէջ թռչունները կը ճռուողէին։ Բաց պատուհանին առաջ, այգուն զովութիւնը կը շնչէի երանութեամբ։ Կեանքը եւ իր ուրախութիւնները կարծես ալիքներու պէս կը բարձրանային եւ կու գային դէպի ինձ։ Գինով էի տանը երեսը ծածկող վարդենիի բուրումնաւէտ շունչէն, գինով՝ լոյսէն եւ իմ մէջ եռացող յորդառատ եռանդէն։ Ապագան ինձ կը յայտնուէր հրաշքի մը պէս, մտածումի արագ փայլատակումներով։ Երջանիկ էի, աննպատակ, անհաշիւ ուրախութիւնով մը։ Իմ էութիւնս կը բարձրանար կեանքիս հորիզոնին վրայ, ինչպէս նորածագ արեւ եւ շրթներուս վրայ կը զգայի մեղրի քաղցրութիւն։
Այլ սակայն մօրաքոյրերս ինձ կը պատրաստէին գթութեան եւ աղապատանքի մրմունջներով։ Երբեմն-երբեմն կ’ըսէին. «խեղճ մախսումը»։ Ինչո՞ւ կը մեղքնային ինձ։ Ի՞նչ կար այդ Բերային մէջ, որ ամէնքը միաձայն դժոխք կը համարէին։ Կը մեղքնային թերեւս ինձ վիճակուած միջնորդի դերին համար կամ պարզապէս անոր համար որ ներկայ պիտի ըլլայի մօր եւ որդու երկիւղալի հանդիպումին։
Խաչիկ մօրեղբորս արհեստանոցը կը գտնուէր Բանկալթիի գերեզմանատունը եզերող ճամբուն վրայ։ Այդ ժամանակ արդէն մօրեղբայրս դարձեր էր խոժոռ, մռայլ, անմերձենալի։ Բառերը համրանքով դուրս կ’ելլէին շրթներէն։ Իր վեր թառած մէկ յօնքը այլեւս միմիայն սրտմտութիւն կ’արտայայտէր։ Որո՞ւ դէմ սրդողած էր, ի՞նչ կ’ուզէր մեզմէ եւ առհասարակ մարդկութենէն։ Կարծես ակամայ ան կը հպատակէր ներքին օրէնքի մը, կարծես պաշտօն ստացեր էր այդ դժկամ դերը կատարել կեանքի մէջ։ Կը զգայի որ կ’ուզէր ժպտիլ, ուրախանալ, բայց կարծես բանով մը շղթայուած էր եւ կորսնցուցած՝ իր ազատութիւնը։
Այդ օրը շոգենաւով անցանք Պէշիկթաշ, յետոյ քալելով բարձրացանք մինչեւ Բանկալթի։ Մեծ մայրս ձեռքէս բռնած կը քալէր, անտարբեր եւ անուշադիր այն բազմաբղէտ ամբոխին, որ կայսերական պալատներու մերձաւորութիւնը կը խռնուէր Պէշիկթաշի մեծ ճամբուն վրայ։ Ինձ համար այս ճամբորդութիւնը կը ներկայացնէր յարափոփոխ մոգական տեսարաններու յաջորդութիւն մը։ Թրքուհիներու դեղին, վարդագոյն, կապոյտ էնթարիներ կը շլացնէին աչքերս։
Կը սիրէի սարսափիլ երկայնահասակ եւ վտիտ սեւամորթերու խոնաւ աչքերէն։ Կանացի ճիչերը, ծախողներու կոչերը, պալատական պարտէզներէ եկող աքասիայի բուրմունքը, փողոցի ոսկեզօծ փոշին, խանութներու առաջ՝ գոյնզգոյն զովացուցիչ ըմպելիքները, շաքարեղէն աքաղաղներն ու թմբուկները ինձ կը փոխադրէին հեքիաթական աշխարհ մը, որու մէջէն կ’անցնէինք ստուերներու պէս։ Վերջապէս յոգնած՝ տեսածներէս եւ երեւակայութեանս թռիչքներէն, շրթներս տոչորուն, կը միտէի կանգ առնել զեպիլներու առաջ, ուր մուրացիկներ եւ տէրվիշներ, աղբիւրի պատուանդանին աստիճաններուն վրայ տարածուած, կարծես կեանքի ամբողջ բերկրանքը կը սպառէին, ջուրին մրմունջը լսելով։ Տուտուն երբեմն կանգ կ’առնէր եւ, իր նիհար մատներով բանալով վտիտ քսակը, տասնոց մը կու տար ողորմութիւն հայցող մուրացիկներու, միւսլիման թէ ոչ, առանց խտրութեան, մինչեւ որ ողորմութեան յատկացուած տասնոցները սպառէին։
Կազհանէի զառիվերին վրայ մեծ մայրիկս ձեռքս թողուց եւ կողք կողքի քալեցինք մեր յոգնած քայլերը դանդաղելով ճամբու փոշիին մէջ։ Գլխարկս եկեր էր ծոծրակիս վրայ եւ թեւերս կը ծանրանային ուսերուս։ Երբեմն կանգ կ’առնէի եւ ետեւ կը դառնայի։ Պալատներէն եւ ծովեզերեայ թաղերէն անդին, Վոսփորը կը փալփլար արեւի շեշտակի ճառագայթներէն։ Երբեմն քամին կը բարձրանար եւ կը զովացնէր մեր քրտնաթոր ճակատները։ Վերջապէս հասանք թրքական թաղերը եւ զառիվերի տաժանքէն ազատելով, նոր եռանդով սկսանք քալել։ Թափուր եւ լքուած քէօշկեր, կոտրտած ապակիներով, որոնց վերեւէն բեհեզեայ վարագոյրներու փերթեր կը կախուէին, յաջողեցան խզել Տուտուին լռութիւնը։ Ան կեցաւ, նայեցաւ եւ ինձ խելք դնելով մրմնջեց. «Ինչքա՜ն արիւն արցունք արժած են... »։ Յետոյ սրտագին հառաչեց եւ շարունակեց ճամբան։
Քանի կը մօտենայինք Բերայի, մեծ մայրիկս կը դառնար աւելի շնչատ եւ հեւքոտ։ Աւելի յաճախ կանգ կ’առնէր։ Ձիւնի պէս ճերմակ թաշկինակով կը սրբէր ճակատին եւ երեսին քրտինքը եւ շրթները կը մրմնջէին. «Փա՜ռք քեզ, Աստուած»։ Այդ ճամբան իր վշտագին մայրութեան Գողգոթան էր։
Երբ Բանկալթիի շիտակը ելանք, ինձ թողուց որ առաջ անցնիմ։ Ինձ համար անհասկնալի էր այն մտավախութիւնը եւ անհամարձակութիւնը, որով համակուեր էր Տուտուն։ Ի՞նչպէս, ինչո՞ւ եւ ի՞նչ աստիճանական փոփոխութիւններով մայր եւ որդու յարաբերութիւնները հասեր էին այդ վիճակին։ Կարծես երկուքին մէջ խուլ պայքար մը կար որ յառաջ կը բերէր այդ բռնի հեռաւորութիւնը։ Այլ սակայն իրար կը սիրէին հրայրքով, հպարտութեամբ եւ հիացումով։ Ի՞նչ բան կ’արգիլէր որ իրարու վիզ իյնային, համբուրուէին, նստէին խօսակցէին հաճութեամբ, ինչպէս ա՜յնքան մայրեր իրենց որդիներուն հետ։
Երբ արհեստանոցին մօտեցանք եւ լսեցինք սալին վրայ ինկող մուրճերու արագ աղմուկը, մեծ մայրիկս ուժաթափ եղաւ, տժգունեցաւ եւ սկսաւ դեդեւիլ։ Այն ատեն ես խելագարի պէս մտայ արհեստանոցը, գտայ մօրեղբայրս, կախուեցայ վիզէն եւ սկսայ համբուրել եւ շաղակրատել, հարցնել առանց պատասխանի սպասելու, պատասխանել՝ առանց հարցումի։ Մօրեղբօրս քրտնած եւ արեւահար դէմքը պարզուեցաւ, աչքերը կը ժպտէին եւ անզօր ճիգեր կ’ընէր որ ինձ հեռու պահէ, որպէսզի իմ տօնական հագուստներս չաղտոտին իր կաշեայ մուրոտ գոգնոցին քսուելով։
Խաչիկ մօրեղբայրս անմիջապէս գործը ընդհատեց, ձեռքի գործիքները յանձնելով աշկերտին։ Անիկա գոգնոցը կը հանէր եւ հապճէպ հրամաններ կու տար արհեստաւորներուն։ Յետոյ գնաց լուացուելու, բայց կարծես միտքը փոխեց, վերադարձաւ աշխատանքին, ինձ թողլով անձնատուր այն բազմատեսակ հիացումներուն, որ արհեստանոցի շռնդալից եւ բարդ կեանքը կ’ընծայէր իմ անյագ հետաքրքրութեանը։ Կը սիրէի տեսնել հնոցին գրեթէ ճերմակ բոցը, փքոցին հեւքը, շիկացած երկաթին ձեւափոխութիւնը սալին վրայ, մուրճին մետաղեայ եւ հնչուն հարուածներուն տակ, յետոյ դեռ տաք մետաղի մրմունջը ջուրին մէջ եւ կրակին հոտը, որով կարծես ամէնքը խանձուած էին։ Այդ պահերուն Խաչիկ մօրեղբայրս ինձ հսկայի մը պէս կ’երեւէր։ Անոր կիսաբաց եւ մազոտ կուրծքը, հանգրիճած բազուկները ամենազօր ուժի տպաւուրութիւնը կ’ընէին եւ անձնական հրճուանք ու հպարտութիւն զգացի, երբ արհեստանոցի ժխորին մէջ անոր հանդարտ ձայնը հրամաններ կու տար աշխատողներուն։
Ակներեւ էր որ Խաչիկ մօրեղբայրս հաճոյք զգաց ինձ տեսնելով, հակառակ որ գերմարդկային ճիգեր կ’ընէր զսպելու համար հաճոյքի ոեւէ արտայայտութիւն։ Բայց իմ մանկական բնազդս չէր սխալած եւ համարձակութեամբ կը վարուէի իրեն հետ։ Մնաց որ սիրելու իրենց այդ դաժան եղանակը բոլորովին խորթ էր իմ ներքին էութեանս։ Ան հասկցաւ որ մայրը արհեստանոցին ետեւ, գերեզմանատունն է եւ անձկութեամբ կը սպասէ իրեն։ Այլ սակայն չէր շտապեր։ Ես բոլորովին անգիտակ հոգեկան այդ գալարումներուն, որ մայր ու որդի կը կրէին հաւասար տաժանքով, կը մտնէի կ’ելլէի եւ պատճառ մը չէի գտնէր որ այդ հեքիաթունակ րոպէները վերջ գտնեն։
Մեծ մայրս նստած էր տապանաքարի մը վրայ, կնձնիի մը շուքին տակ։ Երկու մաշած եւ ճերմակ ձեռքերը ծունկին, ան դիմացը կը նայէր անթարթ։ Երբեմն իր մութ ու ներզօր նայուածքը կը դարձնէր ինձ եւ կարծես բան մը կը հարցնէր։ Երբեմն ալ ցասումը կը փայլատակէր բիբերուն սեւեռումին մէջ։ Երբ սկսայ շատ անհանգիստ ընել զինք, ձեռքով տարտամ շարժում մը ըրաւ որ հեռանամ։
Այն ատեն սկսայ թափառիլ հինաւուրց գերեզմանատան ճամբաներուն վրայ, եզերուած մաշած տապանաքարերով։ Հնամենի եւ բարձրաբերձ ծառերու վրայ աչքերով կը փնտռէի այն հրաշալի պտուղը, որ կարծեմ սերունդէ սերունդ մեր երկրի երեխաներու ընչաքաղցութեան առարկան եղած է։ Երբ մէկ կամ երկու հատիկ ձեռք անցուցի՝ երանութիւնս դարձաւ անչափ։ Յետոյ գացի պառկեցայ կռնակի վրայ խոտերու մէջ եւ աչքերս յառած ծառի մը օրօրուն հովանիին, մնացի շլացած։ Փալփլացող տերեւներու յարաշարժ եւ կշռաւոր սօսաւիւնը կարծես բան մը կը պատմէր։ Սիրտս կը դողար յուզումով, երբ երկու կատարներ իրարու կը հակէին եւ իրենց մրմունջը կը փոխանակէին։ Աւելի վերեւ երկնակամարը կը թաւալէր եւ ճերմակ ամպի ծուէն մը կ’անցնէր արագ։ Այդտեղ է որ առաջին անգամ շփոթութեամբ, անհնարին յուզումով եւ սարսափով անդրադարձայ իմ առանձին գոյութեանս անսահման տիեզերքին մէջ։
Երբ վերջապէս մօրեղբայրս երեւցաւ արհեստանոցի ետեւի դռնէն, վազեցի եկայ մեծ մայրիկիս մօտ։ Մօրեղբայրս կը յառաջանար յամրաքայլ եւ գետնի խճաքարերը կը ճռնչէին։ Կարծես ա՛լ աւելի դանդաղելու համար, ան գրպանէն հանեց ծխախոտի տուփը եւ սկսաւ պապիրոս մը ոլորել։ Անիկա չէր նայեր իր մօրը, ինչպէս եթէ իրենց հանդիպումը շարունակութիւնը ըլլար ընդհատուած խօսակցութեան մը։
– Նստէ՛, ըսաւ վերջապէս Տուտուն, իր տժգունած եւ դողահար շրթներով։
Մօրեղբայրս դեռ գնաց մօտակայ սրճարանէն աթոռ մը առնելու։ Այդ միջոցին կարծես պատրուակ մը կը փնտռէր բանով մը ուշանալու։ Հաւեր կը քշէր, շուն մը կը հալածէր, հեռուն կեցող մէկու մը խօսք կ’ուղղէր։ Բայց վերջապէս այդ բոլոր արգելքները սպառեցան եւ Խաչիկ մօրեղբայրս, ձեռքը բռնած առանց յեցակի աթոռ մը, եկաւ նստաւ մօրը դէմ։
Հազար բան ունէին անշուշտ իրարու ըսելիք, բայց երկուքն ալ լուռ կը մնային։ Կը դիտէի մօրեղբօրս կնճռոտ ճակատը, վեր թառած յօնքը, ջղաձիգ մատները, որոնցմով պապիրոսը կ’ուզէր ոլորել, բայց այդ անիծեալ պապիրոսը չէր ոլորուեր։ Կարծեցի որ այդ իսկ է պատճառը մեծ մօրս եւ մօրեղբօրս փոխադարձ դժկամութեան, որովհետեւ մօրեղբայրս սկսաւ զայրոյթով գանգատիլ եւ ըսել թէ «թուղթերը անաշահ են»։
Այս բոլորէն ետքը մօրեղբօրս դէմքը մեղմացաւ, ինձ նայեցաւ եւ մտահոգութեամբ ու գորովով լի նայուածքը բարձրացնելով դէպի մայրը՝ հարցուց քաղցր ձայնով.
– Չոճուխը բան մը կերա՞ծ է...
Այլեւս սառոյցը խորտակուեցաւ եւ մայր ու որդի սկսան խօսակցիլ մտերմութեամբ։ Երբեք ոչ ոքի հետ Տուտուն չէր խօսած ա՜յնքան մայրական, ա՜յնքան ցաւագին քաղցրութեամբ լի ձայնով, որքան երբ կ’ըսէր իր նախասիրած տղուն.
– Եաւրո՜ւմ, Խաչիկ...
Ո՛չ շատ կարեւոր բաներ կը յայտնէին իրարու, ո՛չ ալ սրտագին զգացումներ։ Կը խօսէին սովորական եւ առօրեայ բաներու վրայ, եօթը օտար մարդոց վրայ, բայց այն աննշան խօսակցութեան միջոցին իրար գտած էին եւ պահ մը կը վայելէին այն քաղցր անդորրութիւնը, որուն ցանկացեր էին ամիսներէ ի վեր։ Կարծես տանջալի ծարաւ մը կը յագեցնէին, կարծես անհասանելի նպատակի մը հասեր էին։
Այսպէս տեւեց մէկ երկու ժամ։ Յետոյ Տուտուն ոտքի ելաւ եւ պատրաստուեցաւ մեկնելու։ Մօրեղբայրս մինչեւ փողոց մեզ առաջնորդեց եւ մօրը ձեռքը համբուրեց։ Տուտուին աչքերը խոնաւցան եւ ինքն ալ տղան համբուրեց երկու այտերէն։ Ես, շլացած այս սրտի զեղումներէն, սքանչացումով կը նայէի մէկին եւ միւսին, երբ զգացի որ մօրեղբօրս դէմքը կը թթուէր։
Փղձկած մօրը արցունքներէն՝ մօրեղբայրս խոժոռած, աչքերը կը սեւեռէր գետին։
– Մի՛ սրդողիր, եաւրո՛ւմ, մրմնջեց Տուտուն եւ աւելցուց.
–Օր մը չգա՞ս Սկիւտար, օդ մը կ’առնես։
– Հոս օդ չկա՞յ, ի՞նչ է, պատասխանեց մօրեղբայրս։
Այդ պահուն արդէն Տուտուն ինքզինքը գտաւ։ Ան դարձաւ հեռաւոր եւ փակ, ինչպէս տուն մը, որուն պատուհանները գոցէին եւ դռները կղպէին։ Ան նայեցաւ աղմկալի պողոտային եւ արհամարհական շեշտով ըսաւ.
– Չեմ գիտեր ի՞նչ հասկցեր են սա Բերայէն։
– Բերայի Աստուածը անգամ ուրիշ է..., պատասխանեց մօրեղբայրս զայրոյթով։
Բայց անմիջապէս կակղեցաւ եւ անշուշտ ուզելով մօրմէն բաժնուիլ հաշտութեամբ, ուրիշ բան չգտաւ ըսելի, բայց եթէ զգուշութեան խորհուրդներ տալ մեզ, որպէսզի կառքի տակ չմնանք, ճամբանիս չկորսնցնենք եւ վերջապէս շոգենաւը չփախցնենք։
Տարիներ յետոյ, իրիկուն մը, երբ հօրս հետ պարտէզէն վարդեր կը քաղէի, վարդի մը հոտը ինձ յիշեցուց այն բուրումնաւէտ առաւօտը, երբ Տուտուն որոշեց ինձ հետը տանիլ Խաչիկ մօրեղբօրս։ Հայրս կը կտրէր գեղեցկագոյն վարդերը եւ միեւնոյն ատեն կը խօսէր հանդարտ եւ համոզիչ ձայնով. «Մարդուս ամենամեծ երջանկութիւնը... »։
Յանկարծ ընդհատեցի զինքը եւ հարցուցի.
– Ինչո՞ւ Խաչիկ մօրեղբայրս չէր սիրեր մայրը։
Հայրս կանգ առաւ եւ, իր պայծառ ու իմացական նայուածքը յառելով ինձ, ըսաւ.
– Ընդհակառակն, կը սիրէր, բայց իր ուժէն վեր չափով մը։ Ամէն մարդ բաւական ուժ չունի սիրելու։ Պէտք է հզօր ըլլալ այդ ընկճող բեռը ուրախութեամբ կրելու համար հոգւոյն մէջ։