Հակոբ Պարոնյան
Խիկար
Խօսակցությիւնք մեռելոց
Ա
ԽԻՂՃ ԵՒ ԳՈՒԹ
Խիղճ. Շատ ուրախ եմ զձեզ տեսնելուս վրայ, սիրելի քոյր իմ։ Երէկ ազդ պիտի ընէի ձեզ, որպէսզի այսօր բարեհաճէիք ինձ գալ եւ օգնել ելակի օշարակ եփելու համար։ Չունիմ անուշեղէն մը հիւրերուն հրամցնելու եւ այսօր անդիի աշխարհէն ստացայ գիր մ՚որ կը ծանուցանէ, թէ մեր դիւցազնուհի քոյրը, ճշմարտախօսութիւնն անօթութենէ մեռած է եւ քանի մ՚օրէն անօթութենէն դէպի մեզ կ'ուղեւորի։ Շաքարն ու ելակը պատրաստ են. կարծեմ մէկ մաս ելակին երկու մաս շաքար կը դրուի։
Գութ. Ճշմարտութիւնը ո՞ղջ էր…
Խիղճ. Կը շնչէր միայն խեղճը։ Պզտիկ կաթսայ մ՚ալ անկեղծութենէն փոխ առի, ածուխ ալ ունիմ…
Գութ. Անկեղծութի՞ւնն ալ հոս է։
Խիղճ. Անկեղծութիւնն շատուց ի վեր հոս կը բնակի։
Գութ. Միանանք ուրեմն, սիրելի քոյր իմ, խօսակցինք եւ մխիթարուինք իրարու հետ. բանանք միմեանց մեր սիրտերը, սփոփուինք որովհետեւ այս կեանքէս ալ գոհ չեմ ես եւ կ'ուզեմ անգամ մ՚ալ մեռնիլ։ Հոս ալ չգտայ ծանօթ մը, բարեկամ մը, հոս ալ ամէնքն ընդ ակամբ կը նային ինձի։ Ինչո՞ւ այսքան հակակրութիւն ազդեմ անոնց` որոց հետ կ՚ապրիմ։
Խիղճ. Կը սխալիք, սիրելի քոյր իմ, ամէնքը կը յարգեն ու կը պատուեն զձեզ, թէ՛ հոս եւ թէ՛ հոն։ Ամէնուրեք պատկառանօք կ'արտասանուի քու անունդ, ամէն սրահներու մէջ պատերը գուրգուրանօք կը կրեն քու պատկերդ։
Գութ. Ի՞մ պատկերս, բնաւ երբեք։ Ո՛չ կենդանագիրս հանել տուած ունիմ ես եւ ոչ լուսանկար պատկերս…
Խիղճ. Ի՞նչ են ուրեմն այն շրջանակուած պատկերներն, որոց տակ գութ գրուած է։
Գութ. Խայտառակութիւն։
Խիղճ. Ի՞նչ հարկ խայտառակութիւն կախել պատէն մեծ սրահներու մէջ։
Գութ. Ի՞նչ կ'ուզէիր, որ գտնուէր շատ մը մեծատանց սրահներու մէջ…
Խիղճ. Կը խնդրեմ, շատ առաջ կ'երթաք։
Գութ. Կ'աղաչեմ, շատ ետ մնացած եմ։ Ես ալ տեսած եմ երբեմն այդ պատկերներն, որոց դէմ բողոք բարձած եմ եւ բողոքս անլսելի մնացած է։ Այդ պատկերն` որոյ ստորեւ գութ գրուած է` կը ներկայացնէ կին մ՚որ եօթը սիրական ունի եւ մէկ ամուսին։
Խիղճ. Ի՞նչ կը լսեմ։
Գութ. Նոյնպէս կին մը իւր լուսանկար պատկերը հանել կու տայ Եւայի դարու տեքոլթէով եւ այդ պատկերին տակը գրել կու տայ Աստղիկ ։ Մեծատուններն կ'առնեն այդ պատկերներէն եւ իրենց ալպոմին առաջին երեսը կ'անցունեն։ Մրգավաճառ Աւրամին լուսանկարը կը հանեն, գլուխն երկու եղջիւր կը դնեն եւ պատկերին տակը կը գրեն Մովսէս Մարգարէ ։ Մեր ձկնորս Աբրահամը կը նստեցնեն ի խելս նաւակի` ուր կը մտցունեն նաեւ քանի մը թափառաշրջիկ եւ գինով թիավարներ, Աբրահամ մէջը դատարկ ուռկան մը կը քաշէ։ Լուսանկար մը այս դիրքով պատկեր մը կը հանէ եւ տակը կը գրէ Առաքեալներուն ձուկ բռնելը։ Թաղական խորհրդոյ անդամ մ՚որ խեղճ մարդիկը ծեծելով կամ ծեծել տալով միայն կը զբաղի, պատկերը քաշել կու տայ եւ տակը Արամազդ գրել կու տայ։ Ինչո՞ւ հեռուն երթանք, խոհարար Եօրկին լուսանկարը հանել կու տայ կարճ բայց ազդու սփածանելիով մը միայն, մէկ ձեռքը գաւաթ մը Կիպրոսի գինի եւ միւս ձեռքը կտոր մը վահանաձուկ բռնած եւ պատկերին տակը կը գրէ Մահ Սոկրատայ ։ Եւ պատկերը տեսնողները կ'ըսեն, խեղճ մարդ ։ Աւելի մի՛ խօսեցներ զիս, սիրելի քոյր իմ։ Ինչպէս կը տեսնես` մարդիկ կան, որ շողոքորթութենէ չկշտանալով` իրենք զիրենք աստուածացնել կ'ուզեն, մարդիկ ալ կան, որ շահու համար ուրիշները կ'անմահացնեն։ Գութ չէ ուրեմն պատկերն, զոր տեսած ես, այլ անբարոյականութիւն։ Անդիի աշխարհ չեմ գտնուիր ես, ոչ ալ իմ պատկերս։
Խիղճ. Եթէ օր մը յարութիւն առնէք` կը փափաքի՞ք անգամ մ՚ալ երթալ անդիի աշխարհ։
Գութ. Բնաւ երբեք, որովհետեւ շատ հալածուեցայ, տանջուեցայ եւ չարչարուեցայ հոն։
Խիղճ. Սիրտդ չվիրաւորուի, սիրելի քոյր իմ, ներէ ինձ, որ անաչառաբար խօսիմ քիչ մը։ Կարծեմ թէ շատ տուներ կործանած ես անդիի աշխարհին մէջ։ Սնանկացուցած ես այն սեղանաւորներն ու վաճառականներն, որոց քով ապրած ես։ Այնքան գթասիրտ ըրած ես զանոնք, որ միշտ օգնելով որբին, աղքատին, տնանկին, հեղինակներուն, լրագրապետներուն, գրագէտներուն, սովեալներուն, հրկիզեալներուն, աղքատ դպրոցներուն, թատրոններուն, հիւանդանոցներուն, կորուսած են իրենց դրամարկղին հաւասարակշռութիւնն եւ ինքեանք օգնութեան կարօտ մնացած են։
Գութ. Այո՛, այո՛, եւ ո՞վ կ՚ըսէ, թէ գութն զոհ չպահանջեր, զոհել միոյն հարստութիւնն հարիւրաւորներու երջանկութեան։
Խիղճ. Խօսքը մեր մէջ մնայ, քանի մը կանանց ալ անբարոյականութեան պատճառ եղած ես։ Յիսուն տարեկանէն վար կանանց սրտին մէջ գործ չունէիր դուն, ներէ՛ համարձակութեանս։
Գութ. Չեմ հասկնար ինչ ըսել կ'ուզես։ Բայg դուն ալ քու ծառայութիւններդ պատմէ։
Խիղճ. Ես խիստ քիչ ժամանակ մնացի անդիի աշխարհ, քանի մը անգամ միայն ուզեցի խօսքի մէջ մտնել. «Դու մեր գործին մի՛ խառնուիր» ըսին ինձ, ես ալ քաշուեցայ։ Տարակոյս չկայ, թէ բաւական տուներ ալ ես պիտի կործանէի, եթէ քեզի պէս զեղծում գործէի պաշտօնիս մէջ։ Տնտեսագիտութիւն գթոյ` ինչպէս նաեւ խղճի մէջ, սիրելի քոյր իմ, գթոյ եւ խղճի շռայլութիւնն վնասակար է։ Այժմ երթանք եփելու օշարակն եւ ուրիշ անգամուան թողունք մեր խօսակցութեան շարունակութիւնը։
Գութ. Շատ լաւ։ Երթանք։ Բայց ո՞վ է դա, որ մեզի կը մօտենայ։
Խիղճ. Քալէ՛, երթանք հիմա, օր մը քեզի կը ներկայացնեմ անոր։
Բ
ԳՈՒԹ ԵՒ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆ
Գութ. Ո՞վ էք դուք։
Ճշմարտութիւն. Ականջներս ծանր են, քիչ մը բարձր խօսէ՛։
Գութ. Ողորմութի՞ւն կ'ուզէք։
Ճշմարտութիւն. Ո՛չ, Ճշմարտութիւն եմ ես…
Գութ. Ճշմարտութի՜ւն… ի՜նչ կերպարանափոխութիւն… թոռմած դէմք, ատամնազուրկ լինտեր, կունտ գլուխ, մէկ թեւը կտրուած, փայտեայ ոտքեր, գաճէ ականջներ, թղթէ քիթ… ի՞նչ վիճակ է այս, ո՛ Ճշմարտութիւն։
Ճշմարտութիւն. Թող տուէք ինձ, հանգչիլ քիչ մը։
Գութ. Հանգչեցէք։ Ո՞վ կը համարձակիր կարծել, թէ Ճշմարտութիւնն որ անմահ էր, պիտի ծերանար օր մը եւ հաշմանդամ պիտի ելնէր անդիի աշխարհէն մուրացկանի մը վիճակի մէջ։
Ճշմարտութիւն. Այո՛, թէեւ անհաւատալի` բայց ճշմարիտ է, թէ մեռայ։ Մահուանս օրը մարդոց մեծագոյն մասը կաքաւեց, երգեց, կերաւ եւ խմեց. մեռնելուս համար յոբելեան կատարեց։ Իրաւունք ունէր։
Գութ. Իրաւո՞ւնք ունէր։
Ճշմարտութիւն. Այո՛։ Ես իսկ զգացի վերջին օրերուս մէջ, թէ իմ դարս անցած էր, թէ պարզապէս շաղակրատ ու ցնդած կին մը դարձած էի, թէ ամէնուն գլխու ցաւ կը պատճառէի, թէ բազմաց համակրութիւնն կորուսած էի, թէ գոյութեան պատճառ չունէի այլեւս, թէ շատ իսկ ապրած էի, թէ անհնար էր ինձ այլեւս իշխանութիւն վարել անդ։
Բազումք կ'ըսէին ինձ. «Ո՛, Ճշմարտութիւն, ծերացած ես դուն, ամէն գործի մէջ մի՛ մտներ, ամէն խօսքի մէջ մի նետուիր, մեկուսացի՛ր եւ աշխատէ՛ միայն խաղաղ կեանք վարելու։ Աշխարհս փոխուած է, տասնեւիններորդ դարու մէջ չկրնար երջանիկ կեանք վարել Ճշմարտութիւնն եթէ խօսի, Ճշմարտութիւնն լռելու է այլեւս, որովհետեւ մարդիկ` հացի խնդրով զբաղած` ժամանակ չունին առասպելներ մտիկ ընելու»։
Գութ. Առասպե՞լ…
Ճշմարտութիւն. Մեռայ եւ… դուրսը մա՞րդ կայ…
Գութ. Ո՛չ, առանձին ենք։
Ճշմարտութիւն. Եւ անօթութենէ մեռայ. մարդիկներու մէկ մասն անօթութենէ մեռցնելէ յետոյ յետին թշուառութեան մէջ թողլով միւս մասն ալ, որ կը շարունակէ մեռնիլ սովալլուկ։ Ետեւէս եկող բոլոր ընտանիքները կործանեցան եւ մոխրի վրայ նստեցան, առջեւէս գնացողները կանգնեցան եւ հոյակապ շէնքերու մէջ կ՚ապրին։ Աչօքս իսկ տեսայ մարդկանց ողբալի դժբախտութիւնն։
Գութ. Ո՜րքան փոխուած է աշխարհ…
Ճշմարտութիւն. Անօթութենէ մեռայ, երկար ժամանակ հալածուելէ ու բազում տարիներ անդամալուծեալ վիճակի մէջ չարչարուելէ յետոյ։
Գութ. Բժիշկ մը չդարմանե՞ց զձեզ։
Ճշմարտութիւն. Բժիշկ մ՚այցելեց։ Օր մը շողոքորթութեան ոգիով շփեց չորս կողմս։ Օր մ՚ալ կեղծաւորութեան բոյսն եփեց ու մէջը ստութիւն խառնեց ու տուաւ որ խմեմ. խմեցի, օգուտ մը չտեսայ։ Ուրիշ մ՚ալ եկաւ ու պատուիրեց, որ ստութեան ցուրտ ջուրին մէջ լուացուիմ. լուացուեցայ եւ ցաւերս սաստկացան։ Կը տանջուէի եւ կը չարչարուէի ցաւոցս մէջ։
Գութ. Հիւանդութեանդ պատճառաւ էր ուրեմն, որ դուրս չէիք կրնար ելնել, որովհետեւ քանի մը ժամանակէ ի վեր ձեր անունը չէր լսուեր հրապարակի վրայ։
Ճշմարտութիւն. Չէի համարձակիր դուրս ելնել, կը վախնայի փաստաբաններէն, որոց մին օր մը քարաձգութեամբ ոտքս վիրաւորեց եւ սենեակիս մէջ բանտարկեց, մինչեւ որ բժիշկ մ՚եկաւ եւ բժշկեց զիս, ոտքս կտրելով։
Գութ. Միւս ոտքդ ո՞վ կտրեց հապա։
Ճշմարտութիւն. Միւս ոտքս ալ բանաստեղծ մը կտրեց, որպէսզի ներդաշնակութիւն գոյանայ ոտքերուս մէջ, որոց մին կարճ ըլլալով, տաղաչափական աչաց հաճելի չէր երեւնար։
Գութ. Ամէն կողմէն հալածանք…
Ճշմարտութիւն. Յետոյ երկու կտոր փայտ բերին եւ ըսին. «Ոտքերուդ պաշտօնն ասոնք պիտի վարեն փոխանորդաբար»։
Գութ. Ի՜նչ ընտրութիւն։
Ճշմարտութիւն. Զրկուելով ոտքերէս, զրկուեցայ նաեւ ուժէս։ Չէի կարող վազել եւ ժամանակին հասնիլ հոն, ուր հրաւիրուած էի։ Ստութիւնն արծուի թեւերով կը սլանար եւ կայծակի արագութեամբ կ'իջնէր ամէնուրեք, մինչդեռ իմ կառացս լծուած էին երկու ցնդած կրիաներ։ Եւ ստութիւնն կը ստանար մրցանակը։
Գութ. Դժբախտութի՜ւն։
Ճշմարտութիւն. Պիտի գոհանայի եթէ ոտքերէս միայն զրկուած ըլլայի եւ ականջներս չկորուսնէի օր մը երեսփոխանական ժողովոյ մէջ, ուր երեսփոխան մը` չուզելով որ լսէի իւր անիրաւութիւններն եւ պատասխանէի անոնց` յանդգնեցաւ երկու ականջներս մէկէն կտրել։ Այս հարուածը սոսկալի էր։ Բարկութեամբ տուն կը վերադառնայի՝ երբ փոխանորդ ոտքս քարի զարնուելով` ինկայ թեւս կոտրեցի եւ քիթս ջախջախեցի։
Գութ. Խե՜ղճ Ճշմարտութիւն։
Ճշմարտութիւն. Երկար է իմ պատմութիւնս, սակայն պիտի աշխատիմ համառօտել զայն։ Չպիտի յիշեմ մասնաւորներէ կրած հալածանքս, օրինակի համար, իրենց դրամագլուխը մէկ միլիոնի բարձրացնելու համար զիս ամէն վայրկեան ուրացող վաճառականներն, աշխարհիս բոլոր ոսկիներն իրենց սնտուկին մէջ բանտարկելու համար հետս անիրաւութեամբ վարուող դրամատէրերն, բոլոր անշարժ ստացուածքներու տիրանալու համար զիս անպատուող կալուածատէրերը, իրենց ցանկութիւնը յագեցնելու համար զիս հալածողները, իրենց ամուսինը խաբելու համար զիս վռնտող կիները, մէկ խօսքով զիս իրենց կրից, տռփանաց ու շահուն զոհող մասնաւորները, պիտի յիշեմ միայն զանոնք, որ զիս պաշտպանելու պաշտօնն ստանձնած են, իմ ընդհանուր դատախազներուս վրայ պիտի խօսիմ համառօտիւ։ Նախ եւ առաջ պիտի ըսեմ, թէ փաստաբան չգտնուած տեղերը Ճշմարտութիւնն շատ երջանիկ է։ Ճշմարտութիւնն կատարելապէս կը պակսի հոն` ուր իրաւագէտ կայ։ Երկրորդ` պիտի յայտնեմ, թէ լրագիրներն եւս ոչ նուազ կը նպաստեն ճշմարտութեան բարձրացման։ Երրորդ` չպիտի մոռնամ ազգային ժողովն, ուր շատ գանակոծուած է ճշմարտութիւնը եւ ոչ ոք բողոքած է, մինչդեռ վարժարանի մէջ եթէ տղայ մը ծեծուի` ամէն կողմէ բողոքոյ ձայներ կը բարձրանան։
Գութ. Ի՞նչ է այս հալածանաց շարժառիթը։
Ճշմարտութիւն. Շահը։ Փաստաբան մը ճշմարտութեան դէմ զինուելով է, որ պերճախօսութեան համբաւ կը ստանայ, ստակ կը շահի եւ իւր ապագան կը պատրաստէ։ Խմբագիր մը ճշմարտութեան դէմ մարտնչելով է որ իւր բաժանորդաց թիւը կը բազմապատկէ եւ իւր զաւակաց ապագան կ՚ապահովէ. երեսփոխան մը ճշմարտութիւնն ուրանալով է, որ յառաջ կ'երթայ իւր… ասպարէզին մէջ։
Գութ. Ո՞յք են ուրեմն ճշմարտութեան կուսակիցները, կ'աղաչեմ, ըսէք ինձ։
Ճշմարտութիւն. Անոնք` որ ոչ հարստութիւն ունին եւ ոչ հարստանալու յոյս։ Ճշմարտութիւնն ամէնէն աւելի յարգողներն գինովներն են. եթէ անոնք ալ չըլլային` շատուց մեռած էի ես։
Գութ. Գինովութիւնը քաջալերել պէտք է ուրեմն։
Ճշմարտութիւն. Եւ այն ատեն միայն կրնամ վերադառնալ անդիի աշխարհ։
Գութ. Ճշմարտութիւնը գինիի բաժակի մէջ…
Ճշմարտութիւն. Այս է ճշմարտութիւնը. գինի եւ ճշմարտութիւն։
Գ
ԳՈՒԹ ԵՒ 8/10 ԿՐՕՆՔ
Գութ. Ի՜նչ կը տեսնեմ… կրօնքի բեկորներ… բայց ասոնք ամբողջութիւն չեն կազմեր, ութ մասը միայն մեռած է, երկու մասն ո՞ւր է… կ'ապրի՞ արդեօք… կարելի՞ է… ո՞վ գիտէ քանի չարչարուած է եւ տակաւին ի՜նչ անհնարին ցաւոց մէջ կը տառապի այսպէս մաս֊մաս մեռնելով։ Ո՛ մահ, գիտե՞ս որքան ատելի են կոտորակներդ, թէեւ ամբողջութիւնդ ալ յանձնարարելի բան մը չէ։ Մօտենանք սա մահուան տասնորդականներու եւ հարցաքննենք զանոնք մի ըստ միոջէ։ Ըսէ՛ք ինձ, ո՛ տասնորդներ, ո՞վ բաժնեց զձեզ ամբողջէն։
Ա. Տասնորդ. Մարդուն մէկն եկաւ եւ խնդրեց մեր ամբողջէն, որ դրամատան մը մէջ գանձապետի պաշտօն տրուէր իրեն։ Չկրցանք կատարել խնդիրն, ուստի հարուած մը տուաւ ամբողջին եւ սպաննեց զիս։
Բ. Տասնորդ. Պագշոտ մը ներկայացաւ օր մը, արտօնութիւն խնդրեց, որ թոյլ տրուէր իրեն ամուսնանալ քրոջն աղջկան հետ, որ հինգ հազար ոսկւոյ օժիտ մը պիտի բերէր։ Մեր ամբողջը հրաման չտուաւ։ Պագշոտն բարկացաւ, թշնամի եմ այն կրօնքին, որ սիրածս ինձի չտար ըսաւ, քաշեց փրցուց զիս ամբողջէն եւ գնաց գրկել այն կրօնքն, որ թոյլ կու տար իրեն գրկել քրոջն աղջիկն։
Գ. Տասնորդ. Ես բոլորովին պարապ տեղը մեռայ։ Աղքատ վաճառական մ՚եկաւ եւ ուզեց, որ երկու հազար ոսկւոյ վարկ մը բանայինք իրեն վաճառականի մը վրայ Ամերիկա, ուսկից վառարաններ, մահճակալներ, հայելիներ եւ այլն պիտի բերել տար վաճառելու համար։ Ի՞նչ ընէր խեղճ ամբողջն, յայտնեց, որ կարողութենէն վեր էր այդ գործը։ Վաճառականն սրդողեցաւ, եւ գործ չունիմ այդ կրօնքին հետ, որ վաճառականները չքաջալերեր ըսաւ. զիս մեռցուց եւ գնաց ուրիշ կրօնքի մը յարեցաւ` հետը տանջելով հարիւրի չափ ընտանիք։
Դ. Տասնորդ. Ես ալ զոհուեցայ անիրաւութեան մը։ Սնանկացած սեղանաւոր մը եկաւ հազար ոսկի ուզեց, որ արժ է թուղթի գործով կը զբաղէր։ Կրօնքն ուսկի՞ց գտնէր ստակն, չունիմ ըսաւ։ Չունի՞ս, ապա ուրեմն ի՞նչ բանի կը ծառայես դուն, ըսաւ եւ սպաննեց զիս։
Է. Տասնորդ. Իմ մահուանս պատճառն ալ քիչ մը ծիծաղելի է։ Տրամաբան մ՚որ չէր կրնար իւր ասպարէզին մէջ յառաջդիմել, փաստաբանելով սա եզրակացութեան յանգեցաւ, թէ մեր ամբողջն է եղեր պատճառ իւր ուղեղին տկարութեան. ուստի անքաղաքավարութեամբ յարձակուեցաւ ամբողջին դէմ եւ զիս սպաննեց։
Զ. Տասնորդ. Իմ մեռնելուս պատճառը շատ պարզ է. անօթութենէ մեռայ։
Է. Տասնորդ. Քառասունի չափ աղքատներ ներկայացան եւ ձմեռուան փայտ եւ ածուխ ուզեցին։ Կրօնքը փայտի եւ ածուխի վաճառակա՞ն էր, ի՞նչպէս ունենար, թող որ ինքն ալ կը մսէր. տղաներս, չունիմ ըսաւ։ Փայտ եւ ածուխ չունեցող կրօնքին լեզուն ալ կարճ ըլլալու է ըսին եւ կտրեցին զիս։
Ը. Տասնորդ. Կրօ՛նք, դուն ես պատճառ սովին, եթէ քիչ մ՚անձրեւել տայիր, առատ հունձք կ'ունենայինք։ Եթէ հիմա անձրեւել չտաս` գնա քերթել մեր անունները քու տոմարէդ, պոռացին քաղաքի մը բնակիչները եւ ուրիշ կրօնքի մ՚առաջնորդութեամբ ամբողջովին վրայ յարձակուեցան եւ սպաննեցին զիս։
Գութ. Այսպէս պէտք էր ըլլալ։ Այո՛։ Դուք ալ ինձի մտիկ ըրէք այժմ, դուք որ կրօնքին եթէ ոչ ամբողջութիւնն` գէթ մեծամասնութիւնն կը կազմէք, թէեւ խօսք հասկցող մասն անդին է, բայց վնաս չունի, որովհետեւ ըստ սահմանադրութեան` մեծամասնութիւնն վերադասելի է փոքրամասնութեան, այսինքն խօսք չհասկցող ութը հոգի խօսք հասկցող երկու հոգիէն նախապատիւ են։ Տեարք իմ կոտորակք մահուան, ձեր տեղեկութիւններէն սա ճշմարտութիւնն քաղեցի, թէ ձեր ժողովրդեան ուսեալ` ինչպէս նաեւ անուս մասին մէջ կրօնքն ներքին համոզում մը չէ, այլ պարզապէս վաճառականութիւն. այսինքն նա կը յարի այն կրօնքին, որ շահաւոր կը թուի իրեն եւ զոր կը թողու, եթէ շահաւորագոյնը գտնէ, թէեւ ամէն կրօնափոխ ներքին համոզմամբ մէկ կրօնքէն միւսը գաղթել կը ձեւանայ։ Բայց ո՞վ թուլացուց եւ ուծացուց այդ ժողովուրդն կրօնասիրութենէ։ Դուք։
8/10 Կրօնք. Մե՞նք։
Գութ. Այո՛, ո՞ւր է այժմ այն ժպիտն, որ ձեր դէմքին վրայ կը փայլէր, երբ խեղճ մարդոց քթէն բռնած կը խաղցնէիք զանոնք, ո՞ւր այն պսակներն, որովք անմիտներու խումբը ճակատդ կը բոլորէր, երբ կնոջ մ՚որ տասը տարիներ անբարոյականութեան տղմին մէջ թաթաւեալ էր` ամուսինն կը հալածէիր եւ հրաման չէիր տար անոր վերստին կարգուելու, մինչդեռ անբարոյականութեան ովկիանոսին մէջ լողացող կրօնաւորի մը թոյլ կու տայիր զքեզ քարոզելու։
8/10 Կրօնք. Մե՞նք։
Գութ. Երբ աղքատ ննջեցեալները թաղելու կը դժկամակէիր, մինչեւ որ անոնց ճանապարհի ծախքը կանխաւ չստանայիր եւ միւս կողմէ սիրայօժար կամօք կը թաղէիր հարուստներն քանի մ՚անգամներ. երբ փորդ պարարելու եւ քսակդ գիրցնելու համար հարուստներն կը շողոմէիր եւ թոյլ կու տայիր անոնց` ինչ որ կ'արգիլէիր աղքատներուն. երբ առաջնորդութիւններն ու վանահայրութիւններն աճուրդով ի վաճառ կը հանէիր եւ տգիտագունին կը յանձնէիր զանոնք. երբ պաշտպաններուդ՝ որ հարուստ չէին՝ բերանը կը խփէիր եւ հալածանք կը յարուցանէիր անոնց դէմ, հալածանք` զոր սուրբ կը կոչէիր. երբ հառաչանաց ու ողբոց ձայներ կը լսէիր, որք հաց կ'աղաղակէին եւ դուն սեղանին առջեւ անցած` կէս ոչխար կուլ կու տայիր հին գինիով, մերկ ենք, կը պոռային եւ դու շքեղ ու փառաւոր հագուստներու մէջ փաթտուած ու ծրարուած Ամերիկայի լուրեր կը կարդայիր. բանտն ենք, կը հառաչէին, եւ դու հոյակապ տան մը մէջ օրիորդներու հետ թուղթ կը խաղայիր եւ ինչ որ զարմանալի է, կամ բնաւ զարմանալի չէ, սիրաբանութիւն կ'ընէիր, ո կրօնք, կամ մեծամասնութիւն կրօնքի։
8/10 Կրօնք. Ի՞նչ կը լսեմ… ձիւնը գլխուս…
Գութ. Գայլեր կը մտնէին հօտիդ մէջ եւ ոչխարներդ կը փարատէին, եւ դու անտարբեր աչօք կը դիտէիր գառնուկներուդ արեան մէջ խայտալն, ու կ'ըսէիր. «Այդ քաղաքին կլիման վնասակար է առողջութեանս»։ Ծեծ մ՚ալ ես քաշե՞մ քեզի։
8/10 Կրօնք. Պատասխանատու չեմ այն անհոգութեան եւ անտարբերութեան, որ ներկայացուցչացս ոմանց կողմէ ցոյց կը տրուին. սէր, գթութիւն եւ եղբայրութիւն քարոզած եմ միշտ։
Գութ. Ներկայացուցիչներդ զո՞վ կը ներկայացնեն ուրեմն, եթէ ոչ զքեզ։
8/10 Կրօնք. Զիս կը ներկայացնեն, բայց ոչ ամէն պարագայի մէջ։
Գութ. Ի՞նչպէս որոշէր ժողովուրդդ` թէ այնինչ պարագային մէջ զքեզ կը ներկայացնեն եւ այն պարագային մէջ իրենք զիրենք, մանաւանդ թէ ժողովուրդն գիտէ եւ ներկայացուցիչներէդ ուսած է թէ դու եւ ներկայացուցիչներդ մի էք։
8/10 Կրօնք. Սխալ։
Գութ. Գնացէ՛ք այսուհետեւ, եթէ կարելի է երթալ ուղղել այն սխալն, պատժել անտարբեր եւ միայն իրենց որովայնովն զբաղող պաշտօնեաներն եւ ըսել իրենց` թէ քիչ մ՚ալ տիրոջը գործերով զբաղին, հերիք տիկնոջ գործերուն պարապեցան։
8/10 Կրօնք. Իրաւունք ունիք։
Գութ. 2/10 մասն, որ կ'ապրի դեռ, աշխատի թո՛ղ, որ բացառիկ կերպով չսպանուի ան ալ, որովհետեւ կրօնի մասին անտարբերութիւնն այնչափ յառաջ գնացած է, որ կրօնքի հիմնական կանոնը բացառութիւն եւ բացառութիւնն իբրեւ հիմնական սկզբունք ընդունուիլ սկսաւ։ Երթաս բարեաւ, ո՛ կրօնք։
Դ
ԱՆԿԵՂԾՈՒԹԻՒՆ, ՄԱՐԴԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ, ԱՐԺԱՆԻՔ
Անկեղծութիւն. Դո՞ւն ալ զգացիր վերջապէս օդափոխութեան պէտքը, ո՛ Արժանիք։ Բժիշկնե՞րը խորհուրդ տուին քեզ մեկնիլ անդիի աշխարհէն։
Արժանիք. Ի՞նչ օդափոխութիւն։
Անկեղծութիւն. Կատարեալ օդափոխութիւն, բառին ընդարձակ նշանակութեամբ, որովհետեւ հոս գաղթելու պէտք պիտի չունենայիր, եթէ կարենայիր ապրիլ անդիի աշխարհին օդը ծծելով։ Երանի թէ ուղղակի հոս աշխարհ եկած ըլլայինք առանց անցնելու այն ապականեալ կայարանէն, որուն կլիմային ներքեւ կարելի չէ մեզ շնչել։
Մարդասիրութիւն. Այդ մասին բարերարդ եմ ես ուրեմն։
Արժանիք. ( Առ Անկեղծութիւն ) Ո՞վ է սա։
Անկեղծութիւն. Մարդասիրութիւնն է։
Արժանիք. Անդիի աշխարհ գնացած չէ՞ բնաւ։
Անկեղծութիւն. Ո՛չ, բնիկ աս տեղացի է։
Արժանիք. Մեռելածի՞ն է խեղճը։
Անկեղծութիւն. Ծնելամահ է։ Սիրելի Արժանիք, թթուածինէ ու ազօդէ բաղադրեալ օդոյն մէջ չենք կարող շնչել։ Բնութիւնն սահմանած է զմեզ ապրիլ այս մթնոլորտին մէջ։
Արժանիք. Ինչո՞ւ ուրեմն բնութիւնն զմեզ անդիի աշխարհին մէջ ի լոյս կը բերէ եւ հոն զմեզ խայտառակելէն ետքը հոս կը դարձնէ։ Միթէ խաղալի՞քն ենք անոր։
Անկեղծութիւն. Աշխարհիս վրայ կա՞յ միթէ բան մը, որ բնութեան խաղալիքը չըլլայ։ Բայց այս նիւթին վրայ ուրիշ օր մը կը խօսինք։ Այժմ, կը վստահացնեմ զքեզ, թէ շատ գոհ պիտի ըլլաս այս օդափոխութենէն։ Հաւատացէ՛ք, շատ քաջառողջ եմ մեռնելէս ի վեր։ Չէի ապրեր, եթէ չմեռնէի։
Արժանիք. Ճշմարիտ է, դեռ ամիս մ՚առաջ քու վրայ կը խօսէին։
Անկեղծութիւն. Ի՞նչ կ'ըսէին, վէս, կոշտ, ամբարտաւան, յամառ ածականներով կը յիշատակէին զիս, այնպէս չէ՞։
Արժանիք. Ո՛չ, բայց…
Անկեղծութիւն. Գիտեմ, գիտեմ, կը ճանաչեմ այդ անպիտաններն, որոց ջախջախած եմ գլուխները։
Մարդասիրութիւն. Ինձի համար ի՞նչ կ'ըսեն։
Արժանիք. Ձեր վրայ գաղափար չունին, որ կարծիք յայտնեն, եթէ տեսած ըլլային…
Անկեղծութիւն. Ապուշ է, կ'ըսէին։ Բայց, ձեր վրայ խօսինք, Արժանի՛ք եթէ ոչ օդափոխութեան համար` ի՞նչ նպատակաւ ուրեմն բարեհաճեցաք ձեր ներկայութեամբն զմեզ պատուել։
Արժանիք. Նպատակ չկայ, պարզապէս ճաթեցայ։
Անկեղծութիւն. Ճաթեցա՞ր, եւ ինչո՞ւ բարեհաճեցաք ճաթիլ։
Արժանիք. Կը խնդրեմ, մի՛ ստիպեր զիս խօսելու, որովհետեւ դող եւ սոսկում կը բռնէ զիս։
Անկեղծութիւն. Մի՛ յուզուիր… պաղ արեամբ պատմէ։
Արժանիք. Ուսկի՞ց սկսիմ…
......................................................
Արժանիք. Բայց պիֆթէք չպիտի շինենք անոնցմէ։ Չեփած կովու մը գլուխը յիսուն դահեկանի կը վաճառուի եւ խմբագրի մ՚եփած գլխուն դանգ մը տուող չկայ։
Անկեղծութիւն. Կովու գլուխներն ի վաղուց անտի կը փնտռուին։
......................................................
Անկեղծութիւն. Աս ճաթեցուցիչ է։
Արժանիք. Կնճռալի դատ մը կը ներկայանայ։ Ամէնէն քաջ իրաւագէտն այն է, որ շատ կը խօսի, բարձր ձայնով կը խօսի եւ պարապ բաներու վրայ կը խօսի։ Կը մեծարեն այն իրաւագէտն, եւ բուն խորհող փաստաբանն կը ստիպուի իւր պարտքերը չվճարելու համար յօդուածներ փնտռել հռովմէական օրինագիրքին մէջ։
Անկեղծութիւն. Զարմանալի է արդարեւ։
Արժանիք. Համեստութեամբ ու պարկեշտութեամբ օժտուած եւ հրապուրիչ գեղեցկութեամբ փայլող ազնիւ աղջիկներն մեծ դժուարութեամբ կրնան զաշխարհ ճաշակել, մինչդեռ ոսկւոյ գեղեցկութեամբ միայն զարդարուած աղջիկները զաշխարհ կը լափեն եւ հասարակաց կարծիքը կ՚ըսէ. «Գեղեցիկ չեն. բայց սիրուն են»։ Դուն ալ գետնին տակն անցիր, ո՛ հասարակաց կարծիք, փորձանք մ՚ալ դուն ես, բարով խէրով չելնէիր մեր դէմը։
Անկեղծութիւն. Մի՛ բարկանաք։
Արժանիք. Ստինքները կաթով լի ստնտու մը` որ տգեղ է` յարմար չդատուիր մեծատան մը նորածին տղուն կաթ ջամբել։ Կաթին մէջ ջուր խառնած է եղեր։ Տան բժիշկը` որ ծանօթ է մեծատան ճաշակին` ընտիր եւ առաջին կարգի կաթ կը գտնէ գեղեցիկ եւ պչրող ստնտուի մը ստեանց մէջ, որք բնաւ կաթ չունին։ Կաթի կարօտ են եւ գեղեցկութիւն կը փնտռեն։ Միթէ երեխան իւր ստնտուին ծիծերը միայն բռնելով անոր այտե՞րը պիտի ծծէ։ Երեխան գործիք է…
Անկեղծութիւն. Չափազանցութեան մէջ կ'իյնաս, Արժանիք։
Արժանիք. Ո՛չ, երիցս ոչ։ Կը խնդրեմ, ա՛լ խօսիլ մի տար ինձի, որովհետեւ ասոնց յիշատակն իսկ առողջութեանս վնասակար է։
Անկեղծութիւն. Գեղեցկութիւնն, դրամն, շաղակրատութիւնն եւ տգիտութիւնն ճաթեցուցած են զձեզ։
Արժանիք. Այո՛։
Անկեղծութիւն. Ձերբակալուեցա՞ն գոնէ։
Արժանիք. Եթէ ես չյաջողեցայ ձերբակալել զանոնք, ուրիշ մ՚ալ չպիտի կրնայ յաջողիլ։
Անկեղծութիւն. Ելնենք պտտինք քիչ մը, ձեզի ներկայացնեմ Խիղճը, Գութը, Ճշմարտութիւնն եւ մեր ուրիշ ընկերները։
Արժանիք. Երթանք։
Անկեղծութիւն. Ուրիշ ուղեւոր չկա՞յ մօտերս հոս գալու։
Արժանիք. Կարծեմ Ամօթը կը հասնի մէկ ամիսէն։
Անկեղծութիւն. Ամօթը հո՞ն է տակաւին։
Արժանիք. Այո՛։
Անկեղծութիւն. Սխալ ըլլալու է։ Երթանք։