Հակոբ Պարոնյան
Խիկար
Կրթական ծրագիր մը
ԺԱՄԱՆԱԿԻՍ ՊԱՀԱՆՋՄԱՆՑ ՀԱՄԱՁԱՅՆ ԿՐԹԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐ ՄԸ
Մեր նախահարք եւ մեր նախահարց նախահարք, առանց ուսումնասիրած լինելու Սբենսերի դաստիարակութիւնն, նախ արհեստ ուսանելու կը հետամտէին եւ ապա իրենց պարապոյ ժամերուն մէջ կը զուարճանային իրարու հետ նարտ խաղալով եւ կռիւ ընելով։ Անոնց մանկութեան առաջին հառաչանքն կաթի համար էր եւ երկրորդն խաղալիքի համար։ Մեր բարեյիշատակ նախահարք` որոնց չենք հաւնիր մենք լուսաւորեալքս` խօսքով եւ գործով կը հաստատէին սա ճշմարտութիւնն թէ նախ սնունդ եւ ապա զբօսանք ։ Մենք զաւակներ այդ նախահարց, սերտած լինելով հանդերձ Սբենսերի քարոզած կրթական սկզբունքներն, նախ պրիճ կը սորվինք եւ ապա ստախօսութիւն ստախօսութիւնն արհեստի իմաստով գրուած է հոս։ Մեր առաջին հառաչանքն զբօսանաց եւ զարդու համար կ'արձակուի եւ երկրորդն գողութեան համար գողութիւնն գիտութիւն բառի մտօք ըմբռնելու է հոս։ Մենք խօսքով ամէն օր կ՚ընդունինք, թէ նախ սնունդ պէտք է եւ ապա զբօսանք, իսկ գործով ամէն րոպէ ցոյց կու տանք, թէ զբօսանքն սնունդէն առաջ է։ Եթէ բանաստեղծ մը լինէի եւ ընթերցողներս յարտասուս շարժելու կարողութիւնն եւ անգթութիւնն ունենայի, ոտանաւոր կը շարադրէի այս յօդուածս եւ քանի մը ժամ կու լայինք ու ժամանակ կ'անցունէինք։
Մեր աղջկանց մեծագոյն մասին մանկութեան առաջին հառաչանքն գլխարկի համար է, երկրորդն` ձեռնոցի, երրորդն` կօշկի, չորրորդն` քորսէի եւ հինգերորդն կարծեմ կաթի համար է, թէեւ աւելի գոհութեամբ եւ երախտագիտութեամբ կ՚ընդունուին, եթէ կաթի տեղ գլխարկ տրուի իրենց։ Կանանց ստամոքսն անոնց գլխուն, ոտներուն, ձեռներուն, կուրծքին եւ մէջքին վրայ է։ Ծաղիկներով եւ թռչուններով կահաւորեալ գլխարկով մը կարող են չանօթնալ, զոյգ մը փայլուն եւ փոքրիկ կօշիկ խորոված միսէն աւելի սննդարար է անոնց համար. զոյգ մը ձեռնոց պատուական նախաճաշ մ՚է. իսկ անոնց կուրծքին վրայ դրուած վարդի նորափթիթ կոկոն մը, կամ բանաստեղծական շռայլութեամբ վարդի երկու կոկոններ` աստուածներու արժանի ճաշ մ՚է ոչ միայն իրենց համար, այլ նաեւ էրիկ֊մարդոց համար։ Կանայք զարդով կը կշտանան եւ զարդով կը յագեցնեն էրիկ մարդերը։ Քանի քանի անգամներ հանդիպած եմ երիտասարդաց, որ թանկագին զարդերով եւ պատուական քարերով պճնուած գեղանի օրիորդի մը տեսքը վայելելու համար մոռցած են երկու օր կերակուր ուտել եւ Խիկարի բաժանորդագրութիւնը վճարել։ Վերջապէս կին մ՚երբ քորսէով սղմէ իւր մէջքը եւ կուրծքն եւ այսպէս ճնշում բանեցնէ իւր շնչառական ազատութեան վրայ` զոր վայելելու բարեբախտութիւնն ունի` քովը գտնուող ծանօթներուն կ՚ըսէ. «Այսօր անյագաբար կերայ եւ անհանգիստ եղայ» թէեւ փշրանք մը դրած չէ բերանը։
Մեր երիտասարդներն ալ տարբեր կազմունք ունին, անոնց ալ ստամոքսը տեղափոխութիւն ըրած է։ Երիտասարդ մը, զոր մօտէն ճանչնալու պատիւն ունիմ, օր մ՚ըսաւ ինձ. «Բարեկամ, անօթի եմ, երթամ քիչ մը պարեմ օրիորդ Ք…ին հետ»։ Ծանօթութիւն ունիմ քառասնամեայ մարդու մը հետ, որ կանոնաւոր աղքատ մ՚է եւ կը հագնի բանթալոն մ՚որ Աբրահամու զաւակներուն չափ ծակեր ունի, չըսեմ հրաժարականներու չափ, որպէսզի չափազանցութեան մէջ չիյնամ։ Այս անձն առաւօտ մը քովս եկաւ նստեցաւ։ Քանի մը վայրկեան ետքը ցոյց տուաւ ինձ ակնոց մը, զոր գնած էր, իւր խոստովանութեանը նայելով, կէս ոսկւոյ։ Ակնոցին եւ անոր գնոյն նկատմամբ կարծիքս իմանալ ուզեց. պատասխանեցի, թէ չէի կրնար զինքն գոհացնել այդ մասին։ Հեռացաւ։ Առանձին մնացի եւ ինքնիրենս հարցուցի. «Իրաւ է թէ մարդս իւր թերութիւններն չտեսներ, բայց բանթալոնին ծակե՞րն ալ չտեսներ»։ Կենացս մինչեւ վերջին օրն չպիտի մոռնամ այս պատառուն բանթալոնն ու ոսկիէ ակնոցն, զորս ամէն օր կը տեսնեմ, կարծես, մեր խորհրդարանական, վարչական, գրական եւ կրթական գործոց մէջ։
Դաստիարակութեան վրայ խօսելով` ընդունուած ճշմարտութիւն մ՚է ի վաղուստ անտի` թէ գիտութեանց մէջ անոնք նախապատւութիւն ունին, որ քաջառողջ ապրելու եւ ստակ վաստկելու կ'առաջնորդեն մեզ, ի բաց թողլով առայժմ քաջառողջ ապրիլ սորվեցնող գիտութիւնն` որոյ վրայ պիտի խօսինք մասնաւոր յօդուածով մը. դառնանք փնտռել ու գտնելու այն գիտութիւններն, որ ամէնէն աւելի արդիւնաւոր եւ շահաբեր են այսօր։ Լեզուագիտութիւնն տարակոյս չկայ թէ առողջութիւն չունի, ըստ որում ամէն օր կը տեսնենք, որ ամէնէն աւելի շատ ստակ վաստակող ազգայիններն անոնք են, որ իրենց մայրենի լեզուն իսկ չեն գիտեր։ Բնական գիտութիւններն ալ կարող չեն մեր պիտոյքը գոհացնելու, որովհետեւ նոյն գիտութիւններն աւանդող դասատուներն են, որ ամէնէն աւելի պարտամուրհակներ կը ստորագրեն։ Բժշկական գիտութիւնն ալ կարծուածին չափ նախանձելի վիճակ մը չունի, վասնզի բաւական թուով բժիշկներ հիւանդ փնտռելու համար թաղերը կը շրջին։ Բայց ինչ հարկ կայ անպէտ գիտութիւններն թուելով ժամավաճառ լինել, փութանք օգտակարագոյններն եւ անոնց ուսուցման եղանակն ցոյց տուող մեր ծրագիրն ներկայացնել մեր ընթերցողաց։
Առաջին տարի
ԳՈՂՈՒԹԻՒՆ
Ազգային մանկտւոյն մտքին մէջ տպաւորել սպասաւորներ, աղախիններ, ձիեր, կառքեր, պարտէզներ, անտառներ, հոյակապ քար ու կիր շէնքեր, այն ամէն ճոխութիւններն, զոր գողութիւնն կ՚ընձեռէ մեզ։ Տղայոց դիւրըմբռնելի լեզուով կենսագրութիւնն ընել այն անձանց, որ գողութեան շնորհիւ ոսկիներ ամբարած են եւ այսօր ամէն կողմէ յարգ ու պատիւ, խունկ եւ հալուէ կ՚ընդունին եւ դափնեաց անտառներով կը պսակուին։ Փարատել աշակերտաց այն վնասակար նախապաշարումն, թէ գողութիւնն մեղք է եւ անջնջելի կերպով դրոշմել անոնց ուղեղին մէջ, կամ, եթէ աւելի դիւրին է, սրտին մէջ՝ թէ գողութիւնն առաքինութիւն է եւ թէ գողութիւնն իբրեւ մոլութիւն քարոզողներն այն անպիտան անճարակներն են, որ գողնալու կարողութիւն չունին։ Մանրապատում նկարագրել աշակերտաց հանդերձեալ կենաց երջանկութիւններն, զորս հարուստ գողերու կը խոստանան կրօնաւորներն, համոզել զանոնք, ըսելով` թէ նոյնիսկ արքայութիւն երթալու համար քիչ մը գողութիւն անհրաժեշտ պէտք է։ Գողութիւն չընողներուն խեղճ ու կրակ վիճակը սրտաճմլիկ ոճով նկարագրել աշակերտաց եւ պատուիրել անոնց, որ ընդարձակեն այդ նիւթը։ Տեսականէն գործնականին անցնիլ, անօթի պահել աշակերտներն այնքան ժամանակ, մինչեւ որ ստիպուին իրենց դասատուին գրպանէն ստակ գողնալ եթէ գտնեն, անօթի մնալով հանդերձ գողութեան անընդունակ աշակերտն նախ խրատել, յետոյ գանակոծել եւ ապա դպրոցէն վռնտել իբրեւ վնասակար աշակերտաց բարոյականին։ Իսկ գողցող աշակերտն նախ պատուանիշով վարձատրել, յետոյ ստակով եւ ապա թաղին քարոզիչին ներկայացնել իբրեւ յառաջադէմ աշակերտ, վարժարանին եւ ազգին ապագայ կարեւոր ազգասէր եւ մեծապատիւ անդամներէն մին։
Երկրորդ տարի
ՍՏԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ
Շատ մանկավարժներ սա համոզումն ունին, թէ աշակերտ մը, դպրոցական շրջանն աւարտելէ յետոյ, առեւտրական ասպարէզին մէջ ալ կրնայ գործնական կերպով սովրիլ այս գիտութիւնն, եւ թէ ստախօսութեան դասախօսութիւնն լոկ ժամավաճառութիւն է։ Այս համոզումն փորձառութեան վրայ հիմնուած չէ։ Ըստ մեզ, աշակերտք դպրոցական կենաց մէջ պատրաստուելու են առեւտրական ասպարէզին, որպէսզի, երբ դպրոցէն ելնեն, իրենք զիրենք տարբեր աշխարհի մէջ փոխադրուած չկարծեն։ Գործնականն այս դասախօսութեան մէջ ալ անհրաժեշտ է։ Դասատուին պարտքն է ստեղծել պարագաներ, որոնց մէջ աշակերտն իւր անձին վրայ զգայ ստախօսութեան օգուտները։ Նկարագրել այն անձերն, որ ճշմարտախօսութեան պատճառաւ չեն կրցած յառաջադիմել։ Հասկցնել աշակերտաց, թէ առանց ստախօսութեան ապրիլ կարելի չէ, թէ բոլոր մուրացկաններն՝ որ այսօր հարկադրուած են սուտ խօսիլ շարունակ` այդ վիճակին մէջ ինկած են այն միակ պատճառաւ, թէ ժամանակաւ յամառած են եւ խրատ մտիկ չընելով ուզած չեն սուտ խօսիլ։ Իմացնել մատաղ տղայոց, թէ ճշմարտախօսութիւնն ուշ կամ շուտ կը պատժուի եւ ստախօսութիւնն միշտ յաղթող է, թէ ստախօսութեան շնորհիւ է, որ շատ ամուսնութեանց մէջ ներդաշնակութիւն կը տիրէ, թէ ճշմարտախօսութիւնն ինչպէս ընտանեկան նոյնպէս խորհրդարանական եւ ազգային գործոց մէջ միշտ վէճի դուռ կը բանայ. թէ ստախօսութեամբ միայն կարելի է հեզահամբոյր, պարկեշտ, քաղաքավար եւ ազգասէր ըլլալ, թէ ճշմարտախօսութիւնն անկրթութիւն է, գոռոզութիւն է, մարդատեցութիւն է, եւ ճշմարտախօսն ընկերութեանց մէջ մտնելու մարդ չէ։ Միանգամ ընդ միշտ համոզել աշակերտներն, թէ սուտ չխօսողին խօսքին չեն հաւատար, թէ մէկն հարիւր յիսուն անգամ սուտ խօսելէն ետքը, հարիւր յիսուն եւ մէկ երորդ սուտին հաւատացողներուն թիւն կը բազմապատկուի, թէ ստախօսութիւնն` որ ատենօք մեղք կը համարուէր` այսօր գիտութեան կարգ անցած է եւ բնաւ առնչութիւն չունի խղճին հետ, թէ վերջապէս ստախօսութիւնն կարեւոր գիտութիւն մ՚է, օգտակար եւ հաճոյալից։ Ստախօսութեան վերաբերեալ պզտիկ նիւթեր տալ աշակերտաց, որ ոտանաւորի դարձնեն։
Երրորդ տարի
Ի ՆՊԱՍՏ ԱՅԼՈՑ ԱՇԽԱՏՈՒԹԻՒՆ ԿԱՄ ԱՆՁՆԱՆՈՒԻՐՈՒԹԻՒՆ
Սոյն գիտութիւնն թէեւ հին` բայց շատ ուսուցչաց անծանօթ լինելով` պզտիկ բացատրութիւն մը կարեւոր է։
Սոյն գիտութեամբ մարդս ուրիշներու օգտին համար միայն կ'աշխատի եւ իւր շահուն համար աշխատող մարդերէն աւելի ստակ կը շահի։ Այս գիտութեան անձնանուիրութիւն անունը կու տան ոմանք։
Մատնանիշ ընել աշակերտաց այն անձերն, որ բազում ոսկի վաստկած են յանձնաժողովներու, մասնաժողովներու, խորհուրդներու մէջ պաշտօն ստանձնելով։ Հասկցնել ազգային մանկտեաց, թէ մէկն կրնայ յանուն աղքատի մը ստակ հաւաքել եւ այդ ստակով իւր քսակն պարարել, թէ բարեգործական նպատակի մը համար դիւրութեամբ կարող է բազում ոսկիներ հանգանակել եւ անոնց տոկոսներն գրպանը նետել առանց ամենափոքր կասկած մը հրաւիրելու իւր վրայ։ Ճանչցնել աշակերտաց այն անձերն, որ տարւոյս ամբողջ օրերն յօգուտ ընկերութեանց կ՚աշխատին եւ շատ աղէկ կ՚ապրին, նման այն ազգասէրներուն, որ գրեթէ ամէն օր խեղճերն, անօթիներն, հրկիզեալներն եւ այլն կը հոգան, յօգուտ անոնց ներկայացումներ տալով։ Վերջապէս աշխատիլ աշակերտաց մէջ սա ընդհանուր համոզումն գոյացնել, թէ անձնանուիրութիւնն շահաւոր գիտութիւն մ՚է։
Հրահանգներ պատրաստել աշակերտաց համար հետեւեալ եղանակաւ.
( Աշակերտք պարտաւոր են կէտերուն տեղ մէկ֊մէկ յատուկ անուն դնել )։
… անձնանուիրութեամբ երկու քարուկիր տուն շինեց… անձնանուիրութեամբ խորհրդոյ մը անդամ եղաւ եւ ուրիշի մը ժառանգութիւնն կերաւ բուն ժառանգորդներուն ջուր տալով… անձնանուիրութեամբ վաճառատուն մը բացաւ… անձնանուիրութեամբ մեծ դրամագլխոյ տէր եղաւ եւ այլն, եւ այլն, եւ այլն։
Ութերորդ տարի
ԳԱՂՂԻԵՐԷՆ, ԴԱՇՆԱԿ, ԱՆԳՂԻԵՐԷՆ, ԳԾԱԳՐՈՒԹԻՒՆ, ԳԵՐՄԱՆԵՐԷՆ ԵՒ ԱՅԼՆ
Իբրեւ զբօսանք աշակերտք սորվելու են ասոնք, երբ ժամանակ ունենան։
Իններորդ տարի
ԹՈՒԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ, ԲՆԱԿԱՆ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆՔ, ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ, ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ, ԻՄԱՍՏԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ, ԵՒ ԱՅԼՆ, ԵՒ ԱՅԼՆ
Թէեւ բոլորովին անօգուտ են այս գիտութիւնները, բայց ծրագրին մէջ գտնուիլը կրնայ հաճոյ թուիլ ծնողաց ոմանց։
Ահա հոս կը վերջանայ մեր կրթական ծրագիրը։
Գիտենք, շատերն կարդալով մեր այս ծրագիրն, մէկդի պիտի նետեն զայն, եւ շատ վառվռուն երիտասարդներ պիտի պոռան.
«Անօթի կը մնանք եւ ստախօսութիւն չենք ընդունիր։
«Գլուխս կտրեն իսկ` շողոքորթութիւն չեմ ըներ։
«Մեռնելիքս գիտնամ իսկ` գողութիւն չեմ ըներ»։
Մեր պատասխանն է այս երիտասարդաց.
«Այդ պատճառաւ է, որ ձեր բերանն անօթութենէ կը հոտի»։
Եթէ կ'ուզենք այս վաղանցուկ կեանքին մէջ քիչ մը հանգիստ ապրիլ, անպատճառ սորվելու ենք այն գիտութիւնները, զորս վեց տարուան բաժնեցինք վերը. իսկ եթէ գիտութիւններն մեզի ստակ վաստկցնելու նպատակ ունեցող ուսումներ չենք նկատեր` այն ատեն մեր ծրագիրն իւր բոլոր ուժն կը կորսնցնէ եւ ամէն մարդ ազատ է իւր սիրած գիտութիւնն սորվիլ։
Մեր խոնարհ կարծեաց համեմատ իւրաքանչիւրին համար այն գիտութիւնն առաջնութիւն ունի, որով իւր օրական պարէնն հայթայթելու կարող կը լինի, եւ այսօրուան օրս գրեթէ բոլոր մեծ մարդիկ, պզտիկ բացառութեամբ, մեր գրած սոյն ծրագրին ընթացքին հետեւած են եւ կը հետեւին ցարդ, թէպէտեւ կը քաշուին խոստովանելու, թէպէտեւ անոնց խոստովանութեան պէտք չկայ։
Չպիտի լան այն մայրերը, որ մեր ծրագրին համաձայն պիտի մարզեն իրենց տղայոց միտքն օրօրոցէն սկսելով։