Հակոբ Պարոնյան
Խիկար
Օրագրութիւն Խիկարի - 2 - 3
ՆՈՐ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՀԱՅԱՏԱՌ ԱՐԵԳԱԿԸ
Որպէս ծանուցին մայրաքաղաքիս ազգային լրագիրք, Ամերիկայի մէջ ծնանիլ սկսած է, շաբաթը մէկ անգամ, Արեգակ անուն ազգային եւ քաղաքական թերթ մ՚որուն առաջին ճառագայթներն ընդունելու պատիւն ունեցած ենք նաեւ մենք։
Իբրեւ փափաքող ազգային մամլոյ զարգացման` ստուգիւ չգիտենք ինչպէս յանձնարարել այս թերթը մեր ազգայնոց։ Եթէ իբրեւ քաջալերութեան արժանի թերթ մը հռչակենք զայն ՝ անմիջապէս դիտողութիւնները կ ը սկսին մեր ընթերցողաց կողմէ.
Արեգակն աղէկ ծաղրեր է։
Իրաւունք ունի Խիկար, Արեգակի պէս թերթերուն պակասութիւնը մեծապէս կը նպաստէ ազգային մամլոյ յառաջադիմութեան։
Իսկ եթէ, քաջալերութեան անարժան դատենք զայն` դիտողութիւնները նորէն կ ը սկսին.
Խիկար իրաւունք չունի թերթ մ՚այնքան խստիւ դատելու։
Վերջապէս թերթ մ՚է, պէտք է քաջալերել։
Ճիշտ պարագան է հարցնելու. ի՞նչպէս խաղամ, վարպետ ։
Օ ՜, խմբագիր Արեգակի, գործ չունէի՞ր դուն, եղբայր, ինչո՞ւ նոր խնդիր կը յարուցանես… չկրցա՞ր հոն ատաղձագործութեամբ կամ կօշկակարութեամբ զբաղիլ կամ թերթ հրատարակելու մարմաջմանդ դեղ մը գտնել։
Մեր մօրուքին խնդալո՞ւ համար հրատարակեցիր այդ թերթը, որ կարծես հրատարակուած է 1492֊ին, թուական` յ որում լուսահոգի Քրիստոֆ Քոլոմպոս գտաւ Ամերիկան։
Զմեզ ծաղրելո՞ւ նպատակաւ թերթիդ անունն Արեգակ դրիր, աւելի յարմար ուրիշ անուն մը չկրցա՞ր գտնալ… Քերականութիւն չե՞ս կարդացեր, եղբայր… Անուն կամ գոյական դաս առած չե՞ս, չե՞ս յիշեր թէ անունն իր մը կամ բան մը կը ցուցնէ, ինչպէս ծառ, տուն, փայտ, Կիրակոս եւ այլն. ինչո՞ւ այս անուններէն մին չդրիր, չհաւնեցա՞ր ասոնց… Բարեկամ, քու թերթիդ անունն իր մը կամ բան մը չցուցներ։
Տե՛ս, եթէ Մոլորակ դնէիր, յանցանքդ քիչ մը կը թեթեւնար։ Իսկ եթէ որոշած էիր Արեգակ անունը անպատճառ դնել թերթիդ գլուխը, գէթ Խաւարումն արեգական ըսէիր, եւ այն ատեն ոչ ոք բերանը կը բանար։
Ոչինչ կը տեսնուի ձեր թերթին մէջ, որ կարենայ համակրութիւն գրաւել։ Կը խնդրեմ սակայն, մի՛ վիրաւորուիք։ Խմբագրութիւնն շատ խղճալի է, ողբալի է, մանաւանդ երբ Ամերիկայէն կու գայ այն։ Տպագրութիւնն, թէ յօդուածներու եւ թէ պատկերներու, խոր սգոյ մէջ թողուցին աստ մամլոյ բարեկամներն եւ ազգականներն, որք արտասուալից աչօք կ'աղաչեն եւ այլն։ Անհասկնալի յառաջաբան մը, մայրաքաղաքիս թերթերէ քաղուած քանի մը ներքին եւ ազգային լուրեր հրատարակելու համար հարկ չկար մինչեւ Ամերիկա երթալ։ Կախեալ կամուրջին պատկերն այնքան գէշ տպուած է, որ եթէ հոն ըլլայի այդ կախուած կամուրջը կը վերցնէի եւ անոր տեղ տպագրիչդ կը կախէի։ Կ'աղաչեմ, ըսէք ձեր տպագրիչին, որ քիչ մը ժամանակ դուրս չելնէ, որովհետեւ հոն ալ կրնան գտնուիլ մարդիկ, որ իմ բնաւորութիւնս ունենան։
Գալով հայրենասիրական զգացմանց` կ՚ըսեմ թէ թերթին մէջ հայրենասիրական զգացումներէն շատ աւելի կը տեսնեմ ծանուցումները։ Չեմ մեղադրեր, ըստ որում ծանուցումներն հայրենասիրական զգացումներէն աւելի շահ կը բերեն այսօր, այլ քաղցր է ինձ գուշակել, թէ Արեգակ աւելի ծանուցմանց թերթ ըլլալու նպատակ ունի, քան թէ ազգային թերթ։
Վերջապէս ամէն ինչ տխուր է Արեգակին մէջ. Քաղդէացւոց, Եգիպտացւոց եւ Պարսկաց ex աստուածը շատ ինկած վիճակի մէջ է։ Եթէ մխիթարական բան մը կայ` այն ալ սա է թէ թուղթը վարդագոյն է, եւ անոր խմբագիրը կրնայ պարծանօք ըսել.
Եթէ թերթիս խմբագրութիւնն ու տպագրութիւնն արեգակի չնմանիր, գոնէ գոյնը կը նմանի ա՛։
Իսկ մենք իբր չեղեալ կը նկատենք Արեգակին առաջին թիւն եւ կը փափաքինք, որ ապագային մէջ չկրկնուին նմանօրինակ թերթեր։ Նոյնպէս իբր չեղեալ կը համարինք մեր սոյն յօդուածը` որու մէջ մեր կամքէն անկախ մեր ուրիշ մէկ կամքը ծանր խօսքեր արտասանել տուաւ մեզի Արեգակի դէմ։ Ներումն կը խնդրենք այդ ծանր խօսքերուն համար։ Մեր յանցանքը կը ճանաչենք մենք։
Տեսա՞ր, ընթերցո՛ղ, ի՞նչ վարպետութիւն բանեցուցի խօսքը անուշ տեղը կապելու համար։
Ըսելիքներս ըսի եւ յետոյ սիրտն առի։ Հիմա ամէն մարդ կը գործածէ այս վարպետութիւնը։ Եւ ի՞նչպէս արդարացուցի ինքզինքս։ Իմ կամք է ս անկախ իմ մէկ ուրիշ կամքիս վրայ նետեցի գործը եւ ինքզինքս ազատեցի։ Այնպէս որ ես բնաւ յանցանք չունիմ եղեր եւ այդ կամքէս անկախ կամքս ՝ առանց իմ գիտութեան ՝ ծանր խօսքեր արտաբերել տուած է ինձ։
Բայց ուսկի՞ց ծնար, ո՜վ Արեգակ, որ հարկադրեցիր մեր վերոյիշեալ կամքն այսպէս վարուիլ հետդ։
Հոգի՜դ սիրես, մարըդ մտիր, որ փակուի այս միջադէպը։
ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ՄՕՏ
Բարեկենդանը մօտենալ սկսելուն պէս, մարդիկ բնազդմամբ կարծես, զիրար զուարճացնելու եւ խնդացնելու համար ծիծաղաշարժ բաներ կ'ընեն։
Այս ծիծաղաշարժ բաները` զորս դէպ եղաւ ինձ տեսնել` պատմեմ ձեզ համառօտիւ, եթէ չէք նեղանար։
Ամսոյս վերջերը բարեկամի մ՚ընկերակցութեամբ թղթատուն մը գնացի փնտռելու համար նամակ մ՚որուն մէջ հրամանիս վճարելի թուղթ մը գտնել կը յուսայի։ Հարցուցի թղթատան պաշտօնէին նամակ մ՚իմ անուանս։ Անոր հարցուցէք, ըսաւ, ցոյց տալով ուրիշ մ՚որ քովը նստեր էր։ Հարցուցի այս ուրիշին։ Դիմացը հարցուր, ըսաւ։ Դիմացը հարցուցի։ Դիմացը հարցուր ըսաւ։ Նորէն հարցուցինք անոր, որ դիմացը հարցուր ըսած էր մեզ, դիմացը հարցուր ըսինք ա՛, պատասխանեց, մատնանիշ ընելով մեզ այն տեղն, ուր դիմած էինք։ Նորէն հարցուցինք մեզ ցոյց տրուած դիմացը. Կարծեմ, պատասխանեց, ըսինք ձեզի, որ դիմացը հարցնէք. Դիմացը դուք չէ՞ք. Ոչ. Ո՞ւր է դիմացը. Դիմացն է ահա. Ան չընդունիր կոր դիմացութիւնն. Դիմացն ան է. Դուք էք, միացէ՛ք երկու դիմացներ եւ նայեցէ՛ք նամակս. Ձեր անուան նամակ չկայ հոս. Ե՞րբ կը մեկնի Տրապիզոնի շոգենաւը. Տախտակին վրայ կրնաք կարդալ։ Կարդացի տախտակն, որուն աւասիկ պարունակութիւնը.
« Շ ոգենաւը նաւապետ
պիտի մեկնի յառաջիկայ
ժամը…ին
հանդիպելով… ի ի»
Մանրամասնաբար սորվեցանք, ըսի բարեկամիս, Տրապիզոնի շոգենաւին մեկնելու օրն եւ խնդալով հեռացանք ես ու բարեկամս։ Եւ ահա մեր դէմն ելաւ բեռնակիր մը, որ կռնակը, բեռնակալին վրայ էշ մը կը տանէր։ Տեսարանը բնականաբար անոր համար միայն ծիծաղաշարժ էր, որ հաստատուած սովորութեանց հակառակ էր… ես քիչ մ՚ազատամիտ եմ եւ շատ անգամ բնաւ խտիր չեմ դներ էշերու եւ մարդոց ոմանց մէջ։ Մարդ մը իշու մը վրայ նստեր է կամ էշ մը մարդու մը վրայ նստեր է, ինձի համար միեւնոյն բանն է, բաւական է, որ անկեղծութիւն ըլլայ գործին մէջ։ Ուստի քիչ մը խնդացի, բայց շատ ուրախացայ, խորհելով՝ թէ այս պարագան մեծապէս պիտի նպաստէր բարեկամական յարաբերութիւններ հաստատելու մարդոց եւ կենդանեաց մէջ, ուրախացայ մանաւանդ տեսնելով, թէ էշը չէր մտրակեր բեռնակիրն, երբ սա ծանր կը քայլէր. հրճուեցայ երբ դիտեցի իշուն ներողամիտ եւ մարդասէր ոգին, զոր ցոյց կու տար իւր դէմքին վրայ` երբ բեռնակիրն, յոգնութիւն առնելու համար, իւր կենդանի բեռը բարձր քարի մը վրայ կայնեցուցած էր։ Մարդիկ ալ, կ'ըսէի մտօք, երբեմն֊երբեմն մարդկութեան նշաններ ցոյց տալու են էշերուն, ինչպէս նաեւ երախտագիտական զգացումներ արտայայտելու են էշերուն, որ, առանց ոեւէ շահու ակնկալութեան, անձնանուիրաբար կը ծառայեն մարդոց։ Շատ դժուար է, կ'ըսէի, ասանկ անձնանուէրներ գտնել։ Այս խորհրդածութիւններով ես ու բարեկամս ճաշարան մը մտանք։ Նոյն աւուր կերակրոց ցուցակն ուզեցինք։
Սա ցուցակը բերէ՛ք։
Աւասիկ։
Մսի ջուր մը բեր։
Լմնցաւ։
Շիշ քեպապի մը բեր։
Երկու շիշ կար, ան ալ հիմա Յակոբ աղային տուինք։
Ինչո՞ւ չէք ջնջեր ցուցակին մէջ… մաքարոնի մը բեր։
Քիչ մ՚առաջ ուզէիք նէ` կար։
Բրիզոլայ մը դի՛ր։
Չկայ, եթէ կ'ուզէք պուտ քեպապի մը տամ։
Ինչ կերակուր ունիք նէ` անոր ցուցակը բե՛ր։
Ֆասուլեայ կ'ուզէ՞ք։
Բերէ՛ք այն կերակուրը, զոր կը սիրէք։
Կերակուրի կարեւորութիւն չենք տար ոչ ես եւ ոչ բարեկամս, ուստի սկսանք ուտել ինչ որ բերին մեր առջեւ։ Այս միջոցին մին երկու անձերէն` որ մեր քով նստած էին, ոտք ելաւ եւ սկսաւ բան մը փնտռել գետինը։ Կը սիրեմ օգնել ուրիշներու, ուստի ես ալ սկսայ չորս դին նայել ու փնտռել ինչ որ կորուսած էր մեր դրացին։
Ի՞նչ կորսնցուցիք։
Ոչինչ… կը գտնեմ։
Ըսէք, որ ես ալ փնտռեմ։
Մարդը չուզեց ըսել, բայց վերջապէս հասկցանք անուղղակի կերպով` թէ ինչ կորուսած էր։
Ի՞նչ էր կորուսածը։
Մեծ բան մը չէ, առջեւի երկու ակռաները, զորս գտաւ ինքը եւ դրաւ բերանը։
Առանց ուրիշի զգալ տալու, քիչ մը խնդացի մտքովս։
Տարակոյս չկայ, թէ այսօր շատ կը խնդանք, երբ մէկը մեզի ըսէ.
Երէկ կորսնցուցի քիթս… ի՜նչ աղուոր քիթ էր… հինգ ոսկի տուած էի։
Կամ ուրիշ մը.
Ականջներս եթէ գտնէք, կ'աղաչեմ, ինձի դարձուցէք։
Բայց քիչ կը խնդանք, եթէ այսօր մէկը մազերը կամ ակռաները փնտռէ։
Օր պիտի գայ սակայն, եւ այս օրը շատ հեռու չէ, շնորհիւ գիտութեանց շինծու պիտի ըլլան ոչ միայն մեր մազերն, ակռաները, քիթն ու ականջները, այլ նաեւ մեր գլուխը։ Եւ եթէ չեմ սխալիր, կը գտնուին կարծեմ անանկ մարդիկ, որոց գլուխը փայտեայ է, գլուխ մ՚որ ազատ է ցաւերէ եւ կրակէ միայն կը վախնայ։
Ի՞նչ կ'ըսես, հարցուցի բարեկամիս, մեր այս օրուան տեսածներուն։
Ոչինչ, պատասխանեց ժպտելով, բարեկենդանի մօտ ասանկ բաներ կ'ըլլան։
Բարեկենդանի մէջ ուրեմն ո՜վ գիտէ ինչեր կ'ըլլան։
Շատ բաներ կ'ըլլան. դիտէ՛ ու գրէ՛ մարտի թերթիդ մէջ։
Խոստացայ եւ բաժնուեցանք։
ԴԻՄԱԿԸ
Ակամայ զուարթ ըլլալու համար դրուած ջանքերէն կը կազմուի բուն տխրութիւնն, որպէս շատ ապրելու համար շարունակ տարուած խնամքներէն կը բաղկանայ մահ։ Մելամաղձոտ մարդու մը կեղծ զուարթութիւնը շատ տխուր է. իննսուն տարւոյ ծերունւոյ մը շինծու երիտասարդութիւնը սոսկալի ծերութիւն մ՚է. մուրացկանի մ՚արուեստական հարստութիւնը սրտաշարժ տնանկութիւն մ՚է։
Մարդս ըստ իւր կազմուածքին, հասակին եւ դիրքին պարտի լինել տխուր կամ զուարթ, ծեր կամ երիտասարդ, աղքատ կամ հարուստ։
Բայց ոչ, մարդ ըսուած էակն երջանկութիւն կ՚անուանէ այն բաներն, որոնցմէ զրկուած է։ Այս սխալ դատողութեամբ կը տանջուի, կը հալի, կը մաշի, իւր բոլոր ուժը կը սպառէ լինելու համար ինչ որ չէ. եւ երբ կը տեսնէ, թէ ջանքերն ապարդիւն կը մնան, կ՚որոշէ, առ ի չգոյէ լաւագունին, դիմակով ըլլալ` ինչ որ են այլք առանց դիմակի։ Ուստի` մելամաղձոտը զուարթ դիմակ մը կ՚անցունէ իւր դէմքին վրայ դիտելի է, թէ դիմակները միշտ հակասական են դէմքերու հետ ամէն ատեն եւ ոչ թէ բարեկենդանի մէջ միայն. եւ եթէ հակասական չըլլային դէմքերու հետ, որոյ վրայ կ՚անցուին` կը կորսնցնէին իրենց արժէքն ու կարեւորութիւնը մուրացկանը միլիոնատէրի դիմակով հրապարակ կ՚ելնէ եւ առատաձեռնութեան ու վեհանձնութեան ցոյցեր կ՚ընէ քալուածքովն ու շարժումներովը։ Երիտասարդի դիմակով ծերունին տասն եւ ութը տարեկան գեղեցիկ աղջիկ մը թեւն առած՝ շունչն սպառելու չափ կը յոգնի, այնպէս իմն ցոյց տալու համար, թէ ոյժ ունի տակաւին եւ թէ նշանածն է այդ աղջիկն, որու հետ որպէս թէ կարգուելու կ'երթայ դիմակով։
Ո՜վ դիմակի երջանկութիւն…
Կ'ատեմ ես դիմակները։
Դիմակներն ատելու իրաւացի պատճառներ ունիմ։
Բնաւ չեմ մոռնար, գիշեր մը բացայայտիչի եւ բացայայտեալի դասս կը պատրաստէի, երբ ճիչ մ՚արձակեցի, տեսնելով դէմս դիմակաւոր մ՚որ անակնկալ հաճոյք պատճառելու համար կը ներկայանար ինձ։ Երկու ամիս հիւանդ պառկեցայ եւ մեծ դժուարութեամբ պրծայ մահուան ճիրաններէն։ Բժշկուեցայ, այո՛, բայց այդ երկիւղը չանհետացաւ սրտէս, եւ այժմ իսկ կը սոսկամ, կը դողամ յիշելով այն վայրկեանն, ուր բացայայտիչ եւ բացայայտեալով կը զբաղէի, երբ դիմակաւորն վախցուց զիս։ Տղայութեան ժամանակ ընդունուած տպաւորութիւնները գարնան ժամանակ տնկուած տունկերու կը նմանին, չեն չորնար, խոր արմատներ կը ձգեն։ Թողուցի հիւանդութեան անկողինս, բայց ոչ երկիւղս. ամէն մարդ դիմակաւոր կը կարծէի եւ մարդ մը տեսնելուս պէս ծակէ֊ծակ կը պահւըտէի։ Մի՛ վիրաւորուիք, կ'աղաչեմ, եթէ յայտնեմ, թէ մինչեւ այսօր չեմ կրցած ազատիլ այն տպաւորութեան սոսկալի ազդեցութենէն, որ հիւանդութիւն մը ստեղծեց վրաս. հիւանդութիւն մ՚որուն անունն ալ գիտեմ. մարդավախութիւն կամ մարդադող, անմեղ հիւանդութիւն մը, anthropophobie, յունարէն անթրոբոս եւ Ֆովոս բառերէ բարդուած անկեղծ հիւանդութիւն մը, զոր նոր սերունդը կրնայ անթրոպոփոպութիւն անուանել. գէթ նախնեաց հնչման վարժուելու համար, սորվելու համար, թէ նախնիք ինչպէս կը հնչէին պ. փ. բ տառերը։
Անկեղծ ըլլալու համար սակայն փութամ խոստովանիլ, թէ բնաւ չեմ սոսկար այն մարդերէն, որ կապուած են ի՜նչ աղէկ կ'ըլլար, եթէ բոլոր մարդիկ կապուած ըլլային թէեւ չեմ մերձենար անոնց… հեռուանց կը դիտեմ անոնց շարժումներն եւ անմիջապէս կը փախչիմ, երբ տեսնեմ, թէ զիրար կը խածնեն կամ իրարու կից կ'արձակեն։ Արդարեւ այս հիւանդութենէն շատ չեմ վնասուիր, իրաւ է թէ սկիզբն իմաստութեան երկիւղ մարդոյ է վերջապէս, բայց իմաստութեան սկիզբն ալ հիւանդութիւն մ՚է, եւ այս հիւանդութիւնը դիմակները տուին ինձ, հետեւաբար, հաշտ աչօք չեմ նայիր դիմակներուն։
***
Բայց չեմ կրցած ըմբռնել, թէ ինչո՞ւ համար դիմակի պէտք կը զգացուի։ Միթէ մարդիկ ամէն օրուան դիմակ չունի՞ն։ Ի՞նչ հարկ կայ դիմակի վրայ դիմակ անցնելու։ Շռայլութիւն չէ՞։
Կը զգամ, թէ դիմակն անհրաժեշտ է քանի մը պարագաներու մէջ, ինչպէս, օրինակի համար, երբ տիկին մ՚էրիկ մարդ կերպարանիլ ուզէ, կամ ծերն՝ երիտասարդ. բայց անառակութիւն, գողութիւն, անկրթութիւն, միմոսութիւն եւ այլն ընելու համար բարեկենդանի դիմակի բնաւ պէտք չկայ։ Ամէն օր կը տեսնենք գողեր, աւազակներ, քսակահատներ, անբարոյականներ, ստախօսներ, զրպարտիչներ, որք բարեկենդանի դիմակ չունին եւ ամէն օրուան դիմակով կը գործեն, ինչ որ կը պահանջէ իրենց շահը։ Արդարեւ ժամանակաւ դէմքի մորթերը շատ բարակ էին եւ քիչ տրամադրութիւն ունէին յանդգնութիւններ ընելու, այնպէս որ երիտասարդ մը սէրն յայտնելու համար աղջկան մը` մաղ կ՚անցունէ եղեր իւր երեսն եւ ծունր դրած` թոթովելով կ՚ըսէ եղեր. «քեզի բան մը պիտի ըսեմ, բայց համարձակութիւն չունիմ»։ Յետոյ աղջիկն ալ երեսը մաղ մ՚անցունելով կը պատասխանէ եղեր. «ես անանկ բաներ չիյտեմ», եւ կը փախչի եղեր։ Իսկ այսօր, փա՜ռք քաղաքակրթութեան, մաղի պէտք չկայ, ոչ իսկ դիմակի, քծնելու համար օրիորդի մը, պարելու համար մեր ընտրած աղջկան կամ տիկնոջ հետ, մանաւանդ պարահանդէսի մէջ։ Ինչո՞ւ երկարենք, մարդիկ զիրար խաբելու համար, մանաւանդ զիս խաբելու համար, ամէն օր բարեկենդանի դիմա՞կ կ'անցունեն իրենց երեսները։ Դեռ երկու օր առաջ ամերիկա ֆստըղը ըսուած պտուղէն գնեցի քիչ մը. յետոյ մէկ բարեկամիս ցոյց տուի հասկնալու համար, թէ աժան եւ աղէկ տեսակէն առա՞ծ եմ։ Բարեկամս ամերիկա ֆստըղին վրայ նայեցաւ քիչ մը, յետոյ յայտնեց ինձ, թէ ամերիկա ֆստըղիս պարզապէս բամբակի հունտ էր։ Եւ ծախողը բարեկենդանի դիմակ չունէր։
Բացէ՛ք ձեր դէմքերը, խեղճ էակներ, իրարմէ խպնելու պատճառներ չունինք, ամէն չարութիւն կարող էք գործել առանց մեղադրուելու։ Բարի մարդիկ թող դիմակ անցունեն իրենց դէմքերուն, որովհետեւ բարիք գործելն ամօթ է այսօր, մարդիկ կը խպնին այսօր սուտ չխօսելու, չշողոքորթելու, չզրպարտելու, դժբախտին օգնելու, անկեալը կանգնելու, իրենց կրօնքն եւ լեզուն սիրելու, վախնալով որ ծաղու նշաւակ կ'ըլլան։ Մարդիկ ձեռք չեն կարկառեր ծով ինկած մարդուն իսկ` հետեւեալ առածն յիշելով.
«Բարիք ըրէ՛, որ չարիք գտնես»։
Չարագործութիւնն արդարացնող ասանկ առածներ ալ ունենալէն ետքը դիմակի բնաւ պէտք չկայ։
***
Ըսի՞ր բարի մարդոց, որ ծածկեն իրենց դէմքերն, ահա կանայք ոմանք կը սկսին հանուիլ։ Բարեկենդանի մէջ, պարահանդէսի մէջ մանաւանդ, կը բանան իրենց թեւերն, իրենց ուսերն, իրենց պարանոցներն իրենց լանջքերն եւ իրենց թիկունքը։ Ահա բուն անձնանուիրութիւն, բառին ընդարձակ նշանակութեամբ, թէեւ մասնաւոր առմամբ։ Եւ պարահանդէսի մէջ ասանկ անձնանուիրութիւն մը, թէեւ մասնաւոր առմամբ, կը գոհացնէ սակաւապէտ աչքերը, բանաստեղծներու խանդը կը վառէ եւ խորհրդածութեան ընդարձակ նիւթ կ՚ընծայէ իմաստասէրներու եւ մաթիմաթիկոսներու։ Ո՜րքան իցի՜ւ թէ ֊ներ կը թռին այդ ձեան պէս սպիտակ լանջքին շուրջը։ Բանաստեղծք կը յիշեն Անակրէոնի հետեւեալ տաղն.
Երբեմն հափունս Իլիոնի փոխեցաւ
Տ անտալոսեանն աղջիկ ի ժայռ ահաւոր։
Պ անդիոնի դուստրն երբեմն յօդ սլացաւ
Ծ իծեռն եղեալ թեւաւոր։
Եւ ես իցի՜ւ ի հայելի շրջէի`
Զ ի դու անդուլ յիս հայեցեալ նայէիր։
Ո ՜հ Աղջիկ, խունկ թէ լինէի բոյր ի բոյր
Զ եղուլ զքեւ ծալ ի ծալ։
Ո՜հ, թէ վարսից քոց լինէի ծամակալ,
Կ ամ թէ ակն այն` զուլնըդ փաղփուն որ պճնեն.
Ո ՜հ, թէ էի գոնէ ոտից քոց սանդալ
Կ ոխան լինիլ գէթ ի քէն։
Եւ զգալով, թէ չպիտի կրնան իրենց իղձերը լսելի ընել նոյնիսկ եթէ Պոն Մարշէի վաճառատունն ըլլային, հառաչանքներ կ'ուղղեն այն պատկերին։
Եպիկուրեան բանաստեղծութեան մէջ պղատոնական սէր…
Ասդին իմաստասէրներ, որ այլեւայլ դրութեանց կը հետեւին` կը համաձայնին համադրական ( Synthétique ) դրութեամբ լուծել խնդիրը։ Իմաստասէրք արդէն պարագաներու համեմատ կը փոխեն իրենց դրութիւններն, եւ այս իսկ է պատճառ դրութեանց օրըստօրէ բազմանալուն։ Երբ հոսանք տեսնեն` հոսանքն ի վեր կ'երթան` ակը գտնելու համար. եւ երբ գտնեն էւրեքա կը պոռան եւ դրութիւն մը կը հաստատեն, զոր կ'անուանեն «հետեւութենէ սկիզբ գտնալու գրութիւն»։ Իսկ երբ աղբիւր ներկայանայ իրենց, հոսանքն ի վար կ'երթան, եւ երբ կը տեսնեն, թէ աւազանի մը մէջ կը վազէ այդ ջուրը, դրութիւն կը հաստատեն, զոր կը մկրտեն «սկիզբէ հետեւութիւն հանելու դրութիւն» անուամբ։ Երբ տիկնոջ մը դէմքը տեսնեն, անոր ոտքերը գտնելու դրութեան կը հ արին. եւ ընդհակառակն, երբ անոր ոտքերը տեսնեն` դէմքը գտնելու դրութիւնը կ՚ընդունին։ Բնական էր ուրեմն, որ տեքոլթէ կնոջ մ՚առջեւ միանային. թերեւս բնական ազդմամբ, որ ի վեր է քան զամենայն դրութիւնս, համադրական դրութիւնն ամէնէն ուղիղն ճանաչելու, դրութիւն մ՚որ, ինչպէս յայտնի է, պարզէն բաղադրեալին, մասերէն ամբողջին տանելու հաճոյքն ալ կ՚ընձեռէ մեզ։ Այս դրութեամբ ուրեմն իմաստասէրք ժամերով կ'ուսումնասիրեն տեքոլթէ կինն եւ սա հետեւութեան կու գան կը հասնին, թէ վերլուծական ( analytique ) դրութիւնն ամէն խնդրոյ չյարմարիր։ Մինչդեռ անդին մաթեմաթիկոսներ համեմատութեան կանոնով գտնելու կ՚աշխատին անծանօթն, այսինքն ոտքերը։
Իսկ Խիկար կը հարցնէ. տիկին մը կամ օրիորդ մը ի՛նչ հաճոյք կը զգայ իւր տեքոլթէով հաճոյք պատճառելով արգոյ հասարակութեան։ Ուրիշներու հաճոյք պատճառելու հաճոյքը չափ եւ սահման չունի՞։ Ես մահու չափ թշնամի եմ տեքոլթէին, կէ՜ս միջոցներուն, որ այնքան վնասներ տուած են մեր ազգին բարուց։ Եւ եթէ կարենայի այն տիկնոջ քովը երթալ. աչքերս պիտի գոցէի, որպէսզի չգայթակղէի, եւ պիտի ըսէի իրեն, տիկին, դիմակ մը դիր կուրծքիդ վրայ, դիմակ մը թեւերուդ վրայ, դիմակ մը ուսիդ վրայ, դիմակ մը թիկանցդ վրայ, որպէսզի աւելի եւս յուզես բանաստեղծներն եւ իմաստասէրներն։
***
Եւ արդարեւ, ի՞նչ է դիմակը։
Ըստ իս` ոչ այս է, ոչ այն է, այլ պարզապէս թզենիի տերեւն է, որ քաղաքակրթութեան յառաջադիմութեամբ հագուստի փոխուած է։ Այս մտօք դիմակ կը համարուին մեր շապիկն, մեր գուլպաներն, մեր բաճկոնակն եւ վերջապէս ինչ որ կը հագնինք։
Աւելի ընդարձակ նշանակութեամբ դիմակն ամօթարգել մ՚է, այսինքն կը խափանէ ամօթը. այսինքն թող չտար մարդուս ամչնալ, թէեւ, որպէս կը տեսնենք, մանաւանդ պարահանդէսներու մէջ, քիչ մարդիկ կան, որ դիմակի պէտք ունենան չամչնալու համար։
Արդ, կանայք ոմանք չգիտնալով դիմակին նշանակութիւնն, չեն գիտեր նաեւ անոր գործածութիւնը։
Մարդկութեան նախահայրն եւ նախամայրն այս մասին կենդանի օրինակներ են մեզի համար։ Երբ պարահանդէսի զգեստով մնացին դրախտին մէջ, միթէ թզենիի տերեւներով իրենց երեսնե՞րը ծածկեցին։ Mais nous avons changé tout cela, պիտի ըսէք գիտեմ, բայց ես միշտ պիտի պոռամ, պիտի կանչեմ, թէ խենթութիւն է դիմակներու մէջ փնտռել մեր փափաքներու գոհացումը, թէ դիմակաւորուելու համար թեթեւութիւններ ստեղծելը յիմարութիւն է, թէ դէմքը դիմակով ծածկելն եւ թեւերը մերկացնելը դիմակ դնելու տեղը չգիտնալ է, թէ մարդիկ բնաւ դիմակ գործածելու չեն եւ այն ատեն միայն դիմակ դնելու են, երբ պակասութեան մէջ գտնուին։
Եւ այս դիմակին գոյնը պէտք է լինել կարմիր եւ վրան մեծ տառերով գրուած.
ԱՄՕԹԽԱԾՈՒԹԻՒՆ
Միակ դիմակ, որ կարող է մեր պակասութիւնները ծածկել։
ԶԷՆ ՈՒ
Օսմ. Ոսկի
Իրարու խօսք չհասկնալէն գոյացած վնաս
44000
Հօր մը գործէ քաշուելու որոշումէն յառաջ եկած զէն
500
Վերջին պարահանդէսներու պատճառաւ շատ ընտանեաց մէջ ծագած վէճերէ աղբերացած վնաս
50000
Արժ. Հօր մը աստուածայայտնութիւնը հասկնալու համար վնասուած ուղեղներէն ծագած զէն
678
Պճնամոլ վարդապետի մը հագուստէն ու կապուստէն գայթակղեալ մտքերուն յառաջ բերած վնասն
982
Կրօնքին դիմակ մ՚անցնելու համար եղած ծախք
40000
Ամուսնութեան մը կարգադրութեան համար
Միջնորդաց ոմանց խոստացուած միջնորդչէք
1000
Առաջնորդաց ոմանց իրենց վիճակին վարժարաններն այցելելէն գոյացած զէն
8000
Ժողովոյ մը ատենագրութեան ծախքը
4
Ամսոյս ազգային լրագրաց ընթերցումէն
400
֊֊֊֊֊֊֊֊֊֊֊֊֊֊֊֊֊֊֊֊
145564
ՄԵՐ ՕՏԱՐԱՄՈԼՈՒԹԻՒՆԸ
Չեմ կրցած ըմբռնել, թէ օտարին թերութիւնն իբրեւ առաւելութիւն եւ տգեղութիւնն իբրեւ գեղեցկութիւն տեսնելու աչքի տկարութիւնն ի՛նչպէս մուտ գտած է մեր մէջ։ Ընդունիմ որ մարդս կ՚ընդօրինակէ ուրիշներէն` ինչ որ բարի է, գեղեցիկ է, ճշմարիտ է, եւ այս օտարասիրութիւն չսեպուիր. բայց կարծել, թէ ինչ որ օտար է՝ բարի է, գեղեցիկ ու ճշմարիտ, այս է ահա օտարամոլութիւնն, որ կարծես մեր արեան մէջ մեծ մաս մ՚ունի։
Բարիզի ազգային ժողովոյ մէջ երեսփոխաններ միմեանց նախատալից խօսքեր կ'ուղղեն, մէկմէկու խօսք կ'ընդմիջեն, ժողովը կը խանգարեն։ Այս նստին նկարագրութիւնը կը կարդանք լրագրաց մէջ եւ կը սկսինք իրարու վազել.
Կարդացի՞ք գաղղիացւոց ազգային ժողովոյ վերջին նստին նկարագրութիւնը։ Ի՞նչ ազգ է աս, եղբայր։
Տաքարիւն ազգ է։
Ի՞նչ ծանր խօսք ուղղած է իւր ընկերին։
Բայց ընկերն ալ ի՞նչ աղուոր պատասխանած է։
Վերջապէս պերճախօս են մարդիկ։
Մեծ ազգ է, մեծ։
Միեւնոյն դէպքը տեղի կ'ունենայ մեր ազգային ժողովոյ մէջ։
Եղբայր, մեր ազգային ժողովոյ երէկուան խայտառակութիւնն ի՞նչ էր։
Գոցէ՛, գոցէ՛, օտարներէն ամչցայ։
Ան ի՞նչ խօսքեր են, կը վայլէ՞։
Խօսիլ չիյտեն որ։
Ատենաբան չունինք արդէն։
Տիրացու ազգ մ՚ենք, ես ան գիտեմ։
Օտար վարժարանաց մէջ մեր տղայոց չտարուիր այնքան խնամք, որքան մեր ազգային վարժարանաց մէջ։ Օտար վարժարանի մը մէջ տղան կը գանակոծուի. կը հանդուրժենք, օտարն արդարացնելով.
Թո՛ղ գանակոծուի, որ մարդ ըլլայ, ծեծի արժանի յանցանք մը գործած է անշուշտ. անոնք լաւ մանկավարժ ու դաստիարակ են, չեն ծեծեր` եթէ իրաւունք չունենան. օրհնեալ ըլլայ տղաս ծեծող ձեռքը։
Ազգային վարժարանի մը մէջ տղայ մը թեթեւ ապտակ մը կ'ընդունի.
Տղաս ծեծե՜լ… ծեծն անբան անասուններու համար է, ի՞նչ է ըրեր տղաս, որ անանկ գազանաբար ծեծեր են… պարապ բան է, պարապ, մեր մէջ ո՛չ մանկավարժ կայ, ո՛չ դաստիարակ… վաղը կառավարիչը դպրոցէն հանել կու տամ եւ լրագրի մը մէջ ալ կը խայտառակեմ անպիտանը։
Օտար վարժարանէն մեր տղան կ՚ելլէ շրջանաւարտ եւ գլուխն պարապ.
Վարժարանն ի՞նչ յանցանք ունի, տղաս ըմբռնելու յատկութիւն ու տրամադրութիւն չունէր։
Ազգային վարժարանէն կ՚ելլէ բաւական ուսեալ.
Մեղք տուած ստակներուս, մեղք տղուս կորսնցուցած ժամերուն, բան մը չէ սորված, արդէն մեր վարժարանաց մէջ բան չեն սորվեցներ որ։
Միեւնոյն կօշիկը թէ՛ հայը կը ծախէ թէ՛ օտարը։
Օտարէն կը գնենք մեր կօշիկները, որ երկու ամիսէն կը պատռտին.
Ի՞նչ ընէ մարդը, կօշիկին մէջ չէր ա՛, թո՛ղ որ այս երկու ամիս ես ալ շատ քալեցի։
Ազգայինէն կը գնենք եւ կը հագնինք երեք ամիս։
Ես արդէն երդում ըրած էի հայէն առուտուր չընել ա՛, ինչ որ է, սխալեցայ. անպիտան մարդ, ինձի անանկ խաբել… մարդ ըլլալիք չունին մերինները, չունին մարդ ըլլալիք… յաճախորդ բռնելու ճամբան չիյտեն։
Միեւնոյն կօշիկը թէ՛ հայը կը ծախէ թէ՛ օտարը։
Օտարաց գինետունները լի են հայերով. մոլութեան մէջ մոլութիւն։ Հայոց գինետուններու մէջ օտար բնաւ չերեւիր. մոլութեան մէջ առաքինութիւն։
Օտարին օղին անուշ է.
Ի՜նչ պատուական օղի կու տայ թշուառականը, այս արուեստն ալ ասոնց տրուած է, մերինները յաճախորդներու հետ չեն կրնար վարուիլ։
Ազգային օղին լեղի է.
Աս ի՞նչ օղի է, աղբար, կը խմուի՞ աս… վերցուր սուիկա, Աստուածդ սիրես։
Օտարին գինետան մէջ մուկ կը դառնանք, հայու մը գինետան մէջ առի՞ւծ կը կտրինք։
Օտար բժիշկը սխալ դեղ մը կու տայ եւ հիւանդն անդիի աշխարհ կը ղրկէ։
Ի՞նչ ըներ մարդը, Աստուծոյ համար գիշեր ցերեկ աշխատեցաւ, հոգի չպիտի տար ա՛, ես գոհ եմ իրմէ։
Հայ բժիշկը կու գայ, կը բժշկէ մեր հիւանդը։
Աղբար, երկու աւուր մէջ ոտք ելնելիք հիւանդս շաբաթ մը պառկեցուց, Աստծմէ գտնայ, հայ բժիշկներն ասանկ են։
Օտար եւ տկար բանաստեղծութիւն մը կը կարդան.
Ի՜նչ աղուոր կը գրեն, աղբար, ի՞նչ շնորհք, ի՞նչ փափկութիւն, ի՞նչ գեղեցկութիւն։
Ազգային նշանաւոր քերթուածք մը կը կարդան.
Անհամ է, վերջապէս գրող չկայ մեր մէջ։
Ուրիշ ոտանաւոր մը կը կարդան գաղղիերէն։
Ի՜նչ աղուոր է, տեսա՛ր, բանաստեղծութիւնն ասանկ կ'ըլլայ. մենք ասանկ գրող մ՚ունի՞նք։
Աղեքսանդր Փանոսեանը գրած է ան։
Փանոսեա՞նը… Աստուած խելք տայ քեզի։
Փանոսեանը գրած է։
Կարելի է… հաւանական է… Աստուած տայ… բայց ի՞նչ գիտնամ… անգամ մ՚ալ կարդամ սա տողը։
Կը կարդայ եւ յետոյ.
Իրաւունք ունիս… յայտնի է, որ հայու գրած է. տես սա տողը, գաղղիացին այս կտորն ասանկ չգրեր, այս բառը վեր կ՚առնէ, այս յանգն ալ չգործածեր հոս. տես, բայց կը տեսնա՞ս կոր, անկում կայ հոս… անդին նայէ, սա տողը չբռներ կոր վերինը։ Ասդին եկուր, տե՛ս, որքան աւելորդ խօսքեր կան։
Ակներեւ կը տեսնուի այս օրինակներէն, թէ հայն կը կասկածի իւր մտային կարողութեանը, ճարպիկութեանը եւ բարոյականին վրայ. ամէն ինչ որ հսկայ է, բարձր է, գեղեցիկ է, հայու անձին վրայ գաճաճ, ստորին եւ տգեղ կը տեսնէ, եւ այսպէս կամօք ստորնանալով կը փափաքի, որ օտարները բարձրացնեն զինքն։ Եւ երբ այն օտարներն, որ իրմէ շատ ետ մնացած են եւ յառաջադէմ լինելու յաւակնութիւնն ունենան` այն ատեն կը վիրաւորուի, որպէս համեստ գրագէտ մ՚որ գրագիտութեան վրայ գաղափար իսկ չունեցող շաղակրատէ մը իբրեւ կօշկակար կը նկատուի։ Ժամանակն եկած է, եթէ անցած չէ, որ հայն սկսի վստահութիւն տածել իւր վրայ, որ փոխանակ օտարն քաջալերելու, վերջը անորմէ նախատուելու համար՝ իւր արիւնակիցն, իւր եղբայրը խրախուսէ, ուժ տայ իւր ազգային վարժարանաց, մասնաւոր կամ թաղային, որոնց մէջ ազգային կրթութիւն կը տրուի իւր զաւակաց, զօրացնէ ազգային գրագէտներն, որք առանց ոեւէ մեկենասի, ամէն զոհողութիւն ընելով, ամէն նախատանաց կուրծք տալով, անօթի, ծարաւ, հայ աշխարհիկ գրականութեան ծնունդ տուին եւ այսօր իսկ կը ծաղկեցնեն զայն առանց այսինչ ամիրայէն քսակներով ոսկի ստանալու տպագրութեան ծախուց համար։ Ուրիշները չափազանց յարգելու տկարութիւնը, խոհեմ քաղաքավարութիւնն` տկարութիւն կը թարգմանեն օտարները։ Աշխատինք, որ օտարներն այլեւս մեր հարազատ թարգմանութիւնն ունենան։