Hakob Paronyan

Խիկար

Դիտողություններ Խիկարի

Պատիւ ունեցանք կարդալու Յառաջդիմական Միութեան յայտագիրն` որուն պատճէնն կը դնենք հոս։

«Ստորագրեալ երեսփոխանքս նկատելով որ,

Ա. Ազգային ժողովոյ ժամերուն մէկ մասն անկարեւոր խնդիրներու վիճաբանութեանց եւ թիւրիմացութեանց զոհուելով, ժողովոյն յարգը կը նուազեցնեն, կենսական խնդիրներ ետ կը թողուն, վարչական մեքենան կը տկարացնեն եւ ծանր հետեւանաց տեղի կու տան։

Բ. Երեսփոխանք Ազգ. ժողովոյ ներկայացեալ խնդիրներն քննելու եւ սերտելու ժամանակ եւ միջոց չունենալով, վիճաբանութիւնները չափազանց կ՚երկարին կամ որոշումներ կը տրուին յանպատրաստից։

«Այս անտեղութեանց մերովսանն դարման տանելու համար, որոշեցինք Բեմական խումբ մը կազմել Յառաջդիմական Միութիւն անուամբ։

Այս միութեան նպատակն է ուրեմն` Ազգ. ժողովոյ իւրաքանչիւր նիստէն առաջ նախապատրաստական գումարում ընելով, օրակարգի խնդիրները սերտել եւ զանոնք խորհրդակցութեան ենթարկելով համոզում գոյացնել եւ կարծիքներ համախմբել, զերծ յամենայն կուսակցական նկատմանց ( ? )։ Յառաջդիմական Միութեան անյեղլի պայմանն է Ազգ. ժողովոյն նիստերն արդիւնաւորել, հանրային կարեւորութիւն ունեցող խնդիրները նախադասելով եւ զանոնք գործնական ոգով լուծելու հետամտելով, համաձայն Ազգ. Սահմանադրութեան հիմնական սկզբանց եւ ներքին կանոնագրի տրամադրութեանց, Հայաստանեայց եկեղեցւոյ կանոնաց եւ տէրութեան ընդհանուր օրինաց։

«Այս միութեան յարիլ ուզողները պէտք է որ ստորագրեն ներկայ յայտագիրն եւ պարտականութիւն ստանձնեն բացակայ չմնալ Ազգ. ժողովոյ նիստերէն»։

Ահա գեղեցիկ յայտագիր մը, սքանչելի յայտագիր մը, զոր այն երեսփոխաններ միայն չպիտի ստորագրեն, որ ժողովոյն յարգը կոտրել կ'ուզեն, կենսական խնդիրներ ետ թողուլ կ՚աշխատին, Ազգ. ժողովոյ նիստերն արդիւնաւորել չեն փափաքիր, Ազգ. Սահմանադրութեան հիմնական սկզբանց կը հակառակին, ներքին կանոնագրի տրամադրութիւնները չեն ընդունիր, Հայաստանեայց եկեղեցւոյ կանոնաց դէմ կ'ըմբոստանան եւ տէրութեան ընդհանուր օրինաց չեն հպատակիր։

Չենք կարծեր, որ գտնուի երեսփոխան մ՚որ վարանի իւր ստորագրութիւնն դնել ասանկ հիանալի յայտագրի մը։ Հետեւապէս ամէն երեսփոխան պիտի ստիպուի յարիլ այս միութեան, եւ այս միութեամբ ուրիշ բան ըրած չպիտի ըլլանք, այլ միայն Ազգային ժողովոյ Յառաջդիմական Միութիւն անունն տուած պիտի ըլլանք։

Եւ ի՞նչ պիտի ընէ այս Յառաջդիմական Միութիւնն։

Նախապատրաստական գումարումներ պիտի ընէ, այսինքն օր մը առաջ պիտի սկսի Ազգային ժողովոյ ժամերն անկարեւոր խնդիրներու վիճաբանութեանց եւ թիւրիմացութեանց զոհելու, ժողովոյն յարգը նուազեցնելու, կենսական խնդիրներն ետ թողլու եւ վարչական մեքենան տկարացնելու։ Եթէ համոզում չգոյանայ` երկրորդապատրաստական գումարում մը պիտի ընէ եւ վերջապէս պիտի շարունակէ իւր… պատրաստական գումարները մինչեւ որ համոզում գոյանայ։ Ազգային գործերը միշտ ետ պիտի մնան, միայն թէ ազգային երեսփոխանք ազգային ժողովոյ մէջ ժամավաճառ ըլլալու տեղ նախապատրաստական գումարման մէջ ժամանակ պիտի անցունեն եւ ազգային սնտուկն պիտի ազատեն ժամավաճառութեան ատենագրութեանց տպագրութեան ծախքէն։ Իսկ եթէ համոզում գոյանայ, նոյն օրն երկու երեսփոխաններ պիտի ընտրուին եւ պաշտօն պիտի տրուի անոնց հետեւեալ օրն ժողովոյ մէջ թեր ու դէմ խօսիլ, որպէսզի ունկնդիր ժողովուրդն լսէ. եւ յետոյ միաձայն հաւանութեամբ օր մ՚առաջ տրուած որոշումն պիտի տրուի։ Այս պարագային մէջ ալ օրուան մը կորուստ կայ, որովհետեւ այն խնդիրն, որ կը լուծուի նախապատրաստական գումարման մէջ` կրնայ իւր լուծումն ստանալ Ազգ. ժողովոյ մէկ նիստին մէջ. հետեւապէս նախապատրաստականն աւելորդ է։

Ի՞նչ է ուրեմն Յառաջդիմական Ընկերութեան նպատակն։

Սատանան առնէ մեղքը, բայց կ'ըսուի թէ երկաթապետական, կտաւապետական եւ բրդապետական միութիւնն ամրացնել է նպատակն։ Եթէ Յառաջդիմական Միութիւնն բացորոշ կերպով յայտնէր նպատակն իւր յայտագրին մէջ, աւելի քաջութիւն ցոյց տուած կը լինէր եւ թերեւս աւելի համակրութիւն վաստակէր։

Իսկ ելնել յայտագիր մը հրատարակել եւ անոր մէջ ըսել թէ.

Ով nր բարի է այս թուղթն ստորագրէ, կարծենք եւ ոչ մէկ երկրի մէջ նմանը չտեսնուած եւ չտեսնուելիք յայտագրի մը հեղինակ ըլլալ է, յայտագրի մը՝ որ բան մը չյայտներ, եւ զոր անպատեհ չէ ծածկագիր անուանելն։

***

Բարեկամ մ՚որոյ անկեղծութեանը վրայ կասկածելու պատճառ մը չունինք` հետեւեալ տողերը կը գրէ մեզ Երիզայէն.

«Ձեզ հետ ունեցած մտերմութիւնս կը պահանջէ դիտողութիւն մը ներկայացնել ձեզ Խիկարի համար։ Դիտողութիւնս եթէ միայն իմ կարծիքովս ըլլար` չպիտի ընէի. բայց որովհետեւ շատերէ կը լսեմ` օգտակար համարեցի ընել։ Այժմեան Խիկարն անցեալ Թատրոններուն եւ Ծիծաղներուն շարունակութիւն չհամարուիր, անոնց չափ զուարճալի յօդուածներ չպարունակեր։ Կ'երեւայ թէ քաղցրիկ բարեկամս, այս դառն ասպարէզէն բաւական սառած էք։ Եթէ հաճիք ձեր… գրիչն սրել, կը յուսամ թէ աւելի բաժանորդներ պիտի ունենաք։ Քաջայոյս եմ, թէ սոյն անկեղծ դիտողութիւնս ներողամտութեամբ կ՚ընդունուի»։

Անկեղծ դիտողութիւններն միշտ կը յարգենք. ուստի մեր բարեկամն կրնայ վստահ ըլլալ, թէ իւր դիտողութիւնն գոհութեամբ եւ սիրով ընդունուած է։

Սոյն դիտողութիւնն մենք եւս ներկայացուցած ենք մեր գրչին. մենք եւս զգացած ենք, թէ Խիկար իւր ընթերցողաց ծիծաղն շարժելու տեղ ձանձրոյթ կը պատճառէ անոնց։ Իսկ հիմա, որ շատերուն կողմէն եւս կը կրկնուի նոյն դիտողութիւնն, եւ քանի որ շատերուն ձայնն Աստուծոյ ձայնն է, ըսել է թէ Խիկար սկսած է զաստուած ալ ձանձրացնել. ուստի հարկ անհրաժեշտ կայ յայտնել եւ բառնալ այն պատճառն, որ թոյլ չտար Խիկարին զուարճալի յօդուածներ պարունակել։

Մարդերէն եւ իրերէն մեր ընդունած տպաւորութեան ներքեւ գրելու վարժուած լինելով` մեր գրչին կը յանձնենք մեր սիրտն, որ կրած ազդեցութեան տակ կը ծիծաղի, կը տխրի կամ կը ձանձրանայ։

Էր ժամանակ յորում մեր ծիծաղը կը շարժէին այն թերութիւններն եւ զեղծումներն, զորս կը նշաւակէինք։ Ուստի կը ծիծաղէինք եւ մեր ընթերցողներն կը ծիծաղէին։ Լացնելու համար, կ՚ըսէ Ովրատիոս, լալ պէտք է, եւ մենք կը խնդայինք մեր ընթերցողներն խնդացնելու համար։

Իսկ այժմ ինչ որ կը տեսնենք կամ կը լսենք տխրութիւն կը պատճառէ մեզ. կը տխրինք, կը ձանձրանանք եւ մեր ընթերցողներն ալ կը ձանձրանան եւ հնար չէ, որ ծիծաղին անոնք, երբ մենք կը տխրինք։ Մինչեւ իսկ կը վախնանք, որ իրաց այս վիճակն, եթէ շարունակէ, հայհոյութեան պիտի առաջնորդէ մեզ, պիտի հայհոյենք եւ մեր ընթերցողներն ալ պիտի սկսին հայհոյել։

Տխուր է իրաց վիճակն, սիրելի բարեկամ, կտաւապետութիւնն, երկաթապետութիւնն եւ բրդապետութիւնն երրորդութիւն մը կազմած՝ կը քանդեն ազգն եւ ազգաշէն կը յորջորջուին։ Ազգային ժողովն շատուց կորուսած է իւր նշանակութիւնն եւ շատերն դեռ այն կարծիքն ունին, թէ Ընդհ. ժողովն իւր իրաւանց սահմանին մէջ կարող է գործել ինչ որ ազգին շահաւոր կը կարծէ։ Դասատուաց հալածումն կը շարունակուի, լրագրութիւնն վերոյիշեալ առեւտրական երրորդութեան ձեռքն անցած է։ Ողջամիտներն կը քարկոծուին, եւ հիւանդամիտներն ամէնուրեք սիրով եւ պատուով կ՚ընդունուին. եւ դժուար է հասկցնել թէ մարդ մ՚իւր ազգն սիրելու համար անպատճառ երկաթ, ափիոն, բուրդ կամ կտաւ վաճառելու պարտաւոր չէ. թէ դագաղի առջեւ յարգանք, իսկ ճշմարտութեան առջեւ միշտ պատկառանք պէտք է, թէ դագաղ մը բարձրացնելու համար ճշմարտութիւնն ալ դագաղի մէջ դնելն առեւտրական ազգասիրութիւն մ՚է, թէ հարստապետութիւնն, որ տասը տարիներէ յետէ կը տիրէ ազգին մէջ, բառնալու համար ժողովրդական լրագրաց ուժ տալ պէտք է, թէ հարուստներէն ոմանք աղքատաց կամ ժառանգորդաց ոմանց իրաւունքն կը յափշտակեն եւ այս մասին իրենց ուղղուելիք հարցմանց առաջքն առնելու համար Բեմական միութիւն կը կազմեն, համոզումներ գոյացնելու, սահմանադրական սկզբանց եւ եկեղեցւոյ օրինաց համաձայն մարսելու այն ոսկիներն, որոնց հաշիւն կը խնդրուի իրենցմէ, թէ ամէն խաղ եւ նենգութիւն ազգասիրութիւն կը հռչակուի հարուստներու գործիք լրագրին մէջ…

Չեմ ուզեր երկարել եւ ընթերցողներս երկնցնել. միայն կ'ուզեմ հասկցնել, թէ իրաց այս ճաթեցուցիչ վիճակն շատ հեռի է մեր ծիծաղը շարժելէ։

Այսուամենայնիւ Խիկար ամէն ջանք պիտի դնէ իւր ընթերցողներն գոհացնելու, եւ կը յուսայ, թէ պիտի շարունակէ վայելել նոցա քաջալերութիւնը։

***

Դէմքը սրտին հայելին է, կ'ըսեն։ Կը խնդրեմ ուրեմն Բեմական Յառաջդիմական Միութեան յայտագիրն ստորագրող երեսփոխաններէն, որ հաճին իրենց պատկերն ուղարկել մեզ…

ՔԱՆԻ ՄԸ Խ ՕՍՔ ԱՌ ՕՐԻՈՐԴ ԿԱՄ Տ ԻԿԻՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ

Ներեցէք, նազելաշուք եւ համեստուհի Պատմութիւն, եւ թոյլ տուէք ինձ, որ քանի մը խօսք ըսեմ ձեզ։

Ապագայ սերունդնե՛ր, դուք ալ խոնարհեցուցէ՛ք ձեր ականջն եւ երկիւղածութեամբ լուարուք ինձ, ինձ, որ ձեր նախահայրերէն մին ըլլալու պատիւն ունիմ, ինձ, որ ձեր բարօրութեանը համար աշխատողներէն մին եմ։

Մի յուսար բնաւ, ո՛ ազնուաշուք Պատմութիւն, թէ հաւատարմաբար պիտի կարենաս արձանագրել այն անցքերն եւ դէպքերն, որ կ՚անցնին ներկայ ժամանակիս մէջ։

Տեղեկութիւններ քաղելու համար անշուշտ լրագիրներու պիտի դիմես։

Սա լրագիրներուն չդիմելու համար հնարք մը, ի սէր Աստուծոյ, ճար մը չե՞ս կրնար գտնել։

Շատ պիտի յոգնիս եւ պիտի ձանձրանաս եւ ոչինչ պիտի կրնաս ստուգել թերթերէն, որոնց ամէնուն ալ հաւատարիմ աղբիւրը տարբեր կերպով կը ներկայէ միեւնոյն դէպքը։ Որո՞ւն պիտի հաւատաս, որո՞ւն չպիտի հաւատաս։

Ահ, ապագայ սերունդներ, վստահ եմ, որ աղէկ համարում պիտի չունենաք ձեր նախահարց վրայ, որոց, կարծեմ ըսի, մին ըլլալու պատիւն ունիմ, թէեւ չեմ կարծեր, թէ դուք ալ ձեր նախահայրերուն չհաւնելու չափ աղէկ ըլլաք, թերեւս պիտի փնտռէք զմեզ, ինչպէս մենք մեր նախահայրերը։

Ո՛ պատմութիւն, ի բաց առեալ իրերն ճշտութեամբ աւանդող գրիչներն, որ խիստ սակաւաթիւ են, բազում գրիչներ դէպքերն խեղաթիւրելն բաւական չհամարելով, կը յանդգնին իրենց ստութեանց ներքեւ գրել. Այս տողերն պատմութեան կ'աւանդենք … թող պատմութիւնն դատէ … թող ապագան իւր վճիռը տայ ։

Ո՜հ, օրիորդ կամ տիկին Պատմութիւն, մի խաբուիք այս սուտակասպասներու շողոքորթութենէ, կ'երդւընցնեմ զձեզ, մի զգաք շողոքորթուելու հաճոյքը, եւ դէպքերն իմաստասիրելով դատեցէք անաչառաբար։

Հասարակաց կարծիք, ազգին շահ, արդարութիւն եւ ուրիշ գեղեցիկ բառերու ականջ մի՛ կախէք, մեր Ձայն բազմաց ձայն Աստուծոյին ալ մի՛ հաւատաք, որովհետեւ աչքովս տեսայ, որ մեր մէջ երկու հոգի կարող են Աստուծոյ ձայն մը կազմելու, ինչպէս անհատ մը շատ իսկ է ժողովուրդ հանդիսանալու համար։

Ի տեսութիւն։

Ապագայ սերունդներ, ընդունեցէք իմ, ձեր նախահարց միոյն օրհնութիւններն։

ԱՌ ՏԻԿԻՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ

Սիրելի տիկին.

Կը յուսամ թէ ժամանակին ստացած էք առաջին թուղթս։

Որոշած եմ ձեզ գրել շարունակ այն ամէն դէպքերու վրայ, որ ձեզ միայն կը վերաբերին, հնազանդելով միշտ այն հրամանին, որով կը պատուիրուի ինձ եւ քեզ անձերն իրենց անունովն չկոչել։

Չեմ հասկնար Իսոկրատն երբ կը պոռայ. « ՅՈՒՆԱՐԷՆ » ։ Կարծեմ չհասկցաք` Իսոկրատին այս խօսքը։ Իմ ուզածս ալ այս էր։ Գոհ եւ ուրախ եմ, սիրելի տիկին, որ յունարէն չէք հասկնար եւ առիթ կ'ընծայէք ինձ Իսոկրատին այդ վճիռն հայերէնի թարգմանելով հաճոյք զգալու։ Մեր գրագէտք, մեծ մասամբ իրենց գրուածոց գլուխն եւրոպական լեզուներէ պարբերութիւններ կը դնեն, եւ այս երեւակայել կու տայ ինձ շալ ու ար հագած մարդու մը գլուխը եւրոպական երկար գլխարկ եւ շատ անգամ չեն թարգմաներ զանոնք, զի մի գուցէ ընթերցողք հասկնան, եւ ընթերցողք կարծելով, թէ գրողն գաղտնի պահել կ'ուզէ իրենցմէ այդ պարբերութեան իմաստն, հետաքրքիր չեն ըլլար հասկնալու։

Ես ալ իբրեւ գրագէտի մը կոտորակ` պարտաւոր եմ հետեւիլ մինչեւ աստիճան մը` այս նորութեան, կամ, աւելի ճիշտը խօսելով` հնութեան։ Ուրեմն, սիրելի տիկին, այս Իսոկրատ ըսուած պարոնը, կ՚ըսէ, թէ փառքը ստակով չգնուիր, սակայն պատուելի աթենացին կը մոռնայ մեզ ըսել, թէ ինչ բանով կը ստացուի այն, որպէսզի մենք ալ մէյ֊մէկ կտոր առնէինք։ Եթէ Իսոկրատին նկատմամբ գոհացուցիչ տեղեկութիւններ առած չըլլայի, անմիջապէս պիտի վճռէի, թէ այս անձն կամ Էջմիածին երթալու կը պատրաստուի, կամ հարուստներուն շողոքորթութեան սպաս արկանելու պէտք ունի, կամ Տփղիս դերասանուհի մը տանելու դիտաւորութիւն ունի, կամ իւր բաժանորդներն ալ չկորսնցնելու համար կեղծելու կարօտութիւն ունի, կամ եպիսկոպոս ձեռնադրուելու փափաք ունի, կամ վաճառականի մը հովանաւորութեան ներքեւ ամէն ստութիւն խօսելու արտօնութիւն ունի, կամ երեսփոխանական աթոռի մը վրայ բազմելու իղձ ունի, կամ ոտանաւոր մը գրելով մէկէ մ՚երկու երեք ոսկի փրցնելու նպատակ ունի, կամ իւր թեթեւութիւնն յարգող կրօնաւորի մը համակրութիւնն ունի, կամ հարուստի մ՚աղջկան հետ նշանուելու յոյս ունի, կամ… կամ… այս ամէնն միանգամայն ունի, բայց անուանի ատենախօսին նկատմամբ ինձ տրուած նպաստաւոր վկայութիւններն սա համոզման կ'ածեն զիս, թէ Իսոկրատին ապրած կամ մեռած դարուն մէջ փառքն ստակով չէր գնուեր։ Երջանիկդ Իսոկրատ, արեւդ սիրեմ Իսոկրատ, ի՜նչ գեղեցիկ եւ սքանչելի դար է այն, ուր փառքն ստակով ծախու չառնուիր։ Իսոկրատ, այն դարուն մէջ, ուր մենք մեռնելու կ՚աշխատինք, ամէն բան դրամով կը գնուի, փառաց առեւտուրի համար յատկապէս խանութներ շինուած են եւ ազատ ես այն խանութներն երթալով հարիւր տրամ, կէս օխայ փառք առնել ու երթալ։

Պանիրի պէս փառքին ալ աղէկ կամ գէշ տեսակը կայ, սակայն աղէկ փառքը, բուն փառքը հազուագիւտ է։ Պիտի ըսես, թէ ստակով գնուած փառաց կեանքն կարճատեւ է, ի՞նչ վնաս ունի, բաւական է, որ ներկային մէջ մեր բարօրութեան նպաստէ, պատանքն հագնելէն վերջը եկող փառքն ի՞նչ կ՚արժէ. անմահութիւն գերեզմանէն անդին կը սկսի եղեր… հա՛, հա՛, հա՛… մեռնելէն ետքը անմահանալ… ի՞նչ հակասութիւն, ի՜նչ յիմարութիւն… ասանկ խօսքերու կարեւորութիւն տուողներն լաւ կ'ընեն, եթէ գիւղ մը քաշուին եւ խրճիթի մը մէջ ճգնին, այսպիսեաց համար չէ երկրիս արքայութիւնը։ Այո՛, սիրելի Իսոկրատ, ստակ չունեցողն չկրնար փառք ունենալ, հարուստ չեղողի մը կենաց համար ոչ թէ միայն բաժակ չառաջարկուիր, այլ գինիին վրայ կտոր մը մեզէ իսկ չուտուիր։ Չե՞ս կարծեր. մտիկ ըրէ՛ եւ հաւատա՛։ Դեռ վերջերս խնջոյք մը տեղի ունեցաւ։ Այս խնջոյքը կը կազմէին հարուստ վաճառականներ եւ սեղանաւորներ, որք միմեանց կենաց երկարութեան համար հարիւր յիսունի չափ բաժակներ պարպեցին։ Չգիտեմ այս մարդիկ գինիով գինովցած, փառաց արբշիռ, որովհետեւ գինիին վրայ ջուրի տեղ գովեստներ կը պարպէին ի՛նչպէս կրցին առանց գլտորելու դառնալ իրենց բնակարանն։ Ի՞նչ չարիք կը հասնէր եթէ այս հարիւր յիսուն բաժակներէն մին դաստիարակի մը, վիպասանի մը, բանաստեղծի մը, գրագէտի մը կամ խմբագրի մը երկարութեանը համար խմուէր. կախուելու արժանի մարդիկ էին ասոնք, ի՞նչ է ասոնց յանցանքն, պիտի հարցնես բնականաբար։ Ասոնց յանցանքն այն է, որ, սիրելի Իսոկրատ, ոսկի չունին, եւ ոսկի չունեցողն ատանկ բարձր հացկերոյթներու մէջ յիշուելու արժանի չէ։ Փառքն ոսկիով կը գնուի, սիրելիս, եւ փառք ստանալէն ետքը, ոսկի վաստկելն շատ դիւրին է։ Նոյնիսկ ես, եթէ քիչ մը հետամուտ ըլլայի փառաց` մէկ օրուան մէջ կը թունաւորուէի, կը հիւանդանայի, կը մեռնէի, կը թաղուէի, յարութիւն կ'առնէի, կ'անմահանայի, կ'աստուածանայի, կը գերաստուածանայի եւ գերաստուածանալէս ետքը գիտե՞ս ինչ կ'ընէի, արգոյ Իսոկրատ, երկինք եւ երկիր չէի ըներ, մարդ ալ չէի ստեղծեր, գործս քալեցնելէն ետքը, կարեւորութիւն չէի տար լուսինին ալ, այլ նախ եւ առաջ երկու մատերովս քու աչքերդ կը փորէի, բերանդ քիչ մը մեղր կը քսէի, ետեւէս եկուր կ'ըսէի եւ տասը տարի զքեզ կը պտտցնէի առանց տեղ մը տանելու, քեզի համար զոհուելու խօսք կու տայի, եւ զքեզ կը մորթէի, դաստիարակութեան բնաւ հոգ չէի տաներ, վանական եւ տնտեսական գործերն վատթարագոյն վիճակի մը կը հասնէին իմ անհոգութեամբս, ողջամտաց դէմ, որ թուով քիչ են ընդհանրապէս, միամիտ հարուստներու եւ պարզամիտ ժողովրդեան զայրոյթն եւ ցասումն կը գրգռէի, իւր հմտութեամբն եւ իւր գրական երկերովն ազգին գրականութիւնն ծաղկեցունող, ազգին պարծանքն եղող խմբագրի մը թերթին ընկալագիրն պատռել կու տայի թեթեւի մը, արդարութիւնն դէմս հանողներն իբրեւ վատ ազգատեաց եւ գազանաբարոյ մարդիկ կը ներկայացնէի զիս շողոքորթող եւ ինձմէ շողոքորթուող հարուստներուն, լրագրաց գրել կու տայի, թէ հակառակորդներս եւ թշնամիներս թոյլ չեն տար ինձ գործել, կը համարձակէի նոյնիսկ ամէնուն ծանօթ անաչառ, արդարախօս դաստիարակի մը դիակը ձաղկել տալ, այս ամէնը կ'ընէի եւ դարձեալ բարի, առաքինի, ներողամիտ, գթած, անկեղծ, աննենգ, աստուածատիպ եւ այլն կը յորջորջուէի եւ ամէնքն ի բաց առեալ ճշմարիտ ազգասէրներն, ոչ միամիտներն եւ այն անձերն, որ անկախ են եւ կարող են ապրիլ առանց հարուստներու քծնելու երկինք կը պագնէին ինձի, ըստ որում երկրիս վրայ ա՛լ գործ չէի ունենար։ Այս ամէնը կ'ընէի, սակայն եկո՛ւ տես, որ կազմուածքս տրամադրութիւն եւ յարմարութիւն չունի այս տեսակ անկեղծութեան։ Թերեւս հարցնես ինձ, թէ ով բերաւ իրեն այս վիճակին։ Կը պատասխանեմ՝ թէ լրագիրք ոմանք` որ իրենց սեղանն կը ճոխացնեն հարուստին սեղանէն ինկած փշրանքներով։ Միշտ ըսած եմ իրենց, թէ ձեր չափազանց եւ անիրաւ գովեստներով կ՚ապականէի անձերն եւ գործերն։ Ո՞վ մտիկ ըրած ունի. գովեստը հակերով վաճառեցին եւ այնքան շատ վաճառեցին, որ գովեստի գինը շատ ինկած է այսօր։ Միւս կողմէն, իւրաքանչիւր ոք արժանեացը համեմատ գովեստէն կը վիրաւորուի, խոհարարը կ'ուզէ, որ Պեզճեանի քով թաղուի, մեղքերու հաւաքածոյն հարուստն սրբոց դասը կարգուիլ կ'ուզէ, եւ այս իրարանցումին մէջ ձայն ունիս, մարէ, եթէ սիրտ ունիս, մաշէ՛։ Լաւագոյն ճամբան, որ առողջապահական ալ է, բնաւ միտք չես յոգնեցներ, սիրտ չես հատցներ, մէկդի կը քաշուիս, իրերն ի հեռուստ կը դիտես եւ կ'արձանագրես։ Դեռ երէկ, սիրելի Իսոկրատ, տեսայ խմբագիր մը, որ հարուստին ետեւէն կ'երթար` ուսն առած իւր շողոքորթութեան կողովը։ Արդէն ամէն մեծատուն սկսած է խոհարարի, մատակարարի կամ սպասաւորի պէս մէյ֊մէկ խմբագիր կամ դասատու վարձել ամսականով։ Թո՛ղ հրճուի այն անձն, որ խարազան ի ձեռին հալածեց եւ կը հալածէ դեռ դասատուներն եւ գրագէտներն։ Գալով դասատուաց եւ խմբագրաց` տարակոյս չկայ, թէ իրաց այս վիճակին մէջ չեն կարող ազգին ծառայութիւններ մատուցանել. ուստի կամ քիչ մը վեր վերնալու են, կամ բոլորովին վերնալու են։

***

Ի՞նչ կարծիք ունիս մեր ապագային վրայ։ Կը յուսա՞ս, որ մարդ ըլլանք օր մը։ Մեր նախահարց արժանի թոռնե՞ր ենք։ Մեր թոռանց արժանի նախահա՞րք ենք։ Կը հաւնի՞ք այն ուղղութեան, որուն կը հետեւինք ազգային գործոց մէջ։ Կը խնդա՞ս քիչ մը, երբ տեսնես մեր իրարու գլուխ պատռելը վիճաբանութեամբ եւ երբեմն ալ փատով։ Որո՞ւ իրաւունք կու տաս, որո՞ւ իրաւունք չես տար. կարծեմ եւ ոչ միոյն, եթէ էք որպէս պարտիք ըլլալ. ի քեզ, տիկի՛ն, միայն յուսացած են։ Ամէն բան քեզի կը յանձնեն ամէն օր, անոնք, որ չկրնալով իրենց կարծեաց յաղթութիւնը տեսնել՝ կը պոռան յուսաբեկ. «Պատմութիւնը թո՛ղ դատէ»։ Իսկ անոնք, որ մեծամասնութիւն կը կազմեն եւ իրենց բաղձանացը համաձայն կը կարգադրեն ամէն բան, ոչ միայն բնաւ երկիւղ չունին քեզմէ, այլ նաեւ երբեմն կը ծաղրեն ալ զքեզ, ըսելով իրենց հակառակորդաց. «Դուք ալ պատմութեան յանձնեցէք ձեր դատը»։ Իսկ դո՛ւ, տիկի՛ն, որ անաչառաբար կը դատես մարդերը, չեմ կարծեր, որ իզմէ եւ իմ բաժանորդներէս աւելի աղէկ մարդիկ կարենաս գտնել։ Այս է իմ հաւատքս եւ հաւատքիս մէջ սխալած չեմ ցարդ։ Ուստի ներեցէ՛ք ինձ, երբեմն երբեմն գրել ձեզ մեր ազգային գործոց մասին եւ իմ խոնարհ կարծիքներս յայտնել անոնց վրայ։

Այս անգամ եթէ կը հաճիս, բանաստեղծներէ սկսինք։

Եւ մեծ բանաստեղծին գալուստն էր այսպէս։ Կու գայ կոր, եկաւ։

Տեսայ անոր աստղը յարեւելս եւ գնացի հարցնել.

Ո՞ւր է, որ եկաւ հայոց բանաստեղծը։

Այսօր Բերա կը նախաճաշէ։

Բերա կը վազեմ, որպէսզի տեսնեմ զինքն ու ոսկի եւ կնդրուկ եւ զմուռս մատուցանեմ իրեն։

Հիմա ճաշելու գնաց Վոսփոր։

Վոսփոր կը ճանապարհորդեմ եւ կը հարցնեմ.

Ո՞ւր է, որ կը ճաշէ։

Իշխանաց կղզին պիտի ընթրէ այսօր։

Հետեւեալ օրն շոգենաւ կը մտնեմ, կղզին կ'երթամ ու կը հարցնեմ միշտ.

Ո՞ւր է, որ կ՚ուտէ եւ կը խմէ։

Քաղկեդոն անցաւ ճաշելու։

Կերակուր ուտելո՞ւ համար եկաւ մայրաքաղաքս։

Ո՛չ, բայց հարուստները թող չեն տար զինքը։

Քաղկեդոն կ՚անցնիմ եւ կը հարցնեմ շարունակ.

Ո՞ւր է, որ չեկաւ։

Հիմա Բերա գնաց, կերակուրի հրաւիրուած է։ Վաղը կը մեկնի կոր… մեկնեցաւ։

Զրկուեցայ, տիկին, բանաստեղծը տեսնելու բախտէն, սակայն ուրախացայ տեսնելով, թէ ազգային մեծատունները կամաց կամաց կը վարժուին քերթողները հիւրասիրելու եւ կշտացնելու, թէեւ տեղական բանաստեղծներն անօթի են։ Կը ցաւիմ միայն, թէ չկրցի դասատուներէ, հեղինակներէ եւ խմբագիրներէ շրջապատուած սեղան մը տալ եւ ցոյց տալ իրեն հոն, որպէս ի ջինջ հայելւոջ, ազգային կենաց պատկերը։ Կը յուսամ սակայն, որ երբ օր մը հաճի մայրաքաղաքս գալ այս անգամ եկած չհամարուիր պիտի բարեհաճի յագուրդ տալ մեր փափաքանաց։ Այս անգամ մեծ բանաստեղծն յագուրդ տուաւ միայն իւր որովայնին, անօթի պահելով մեր փափաքներն եւ մեկնեցաւ ուսումնասիրելով ազգային խոհարարները։

Մեկնեցաւ փուշերէ եւ դափնիներէ հիւսուած պսակով մը։

Երանեալ է բանաստեղծն, որու պսակին մէջ քիչ մը դափնի կը գտնուի… մեր տեղական բանաստեղծներն պռասէ պսակ… կ՚ուտեն, որպէսզի լցցի բանն, թէ մարգարէ ի գաւառի իւրում պատիւ ոչ ունի, բայց տեղական բանաստեղծներն չեն միայն, որ այս բանջարեղէն պսակաց կ'արժանանան, այլ ամէն անոնք, որ սկզբունքի մը ծառայելու յիմար սկզբունքն ունին, իրենց խղճին ձայնին անսալու տկարութիւնն ունին։

Մնաք բարեաւ, ո՛ տիկին Պատմութիւն, աջդ կը համբուրեմ սիրով, յատկապէս կ'աղաչեմ, որ հաճիք ամենախորին յարգանացս հաւաստիքն մատուցանել տիկին Անկողմնակալութեան։

***

Ուրիշները լան թո՛ղ, մենք խնդա՛նք, տիկի՛ն, խնդանք մինչեւ որ արտասուք հոսեն մեր աչերէն։ Նպատակը կ՚արդարացնէ միջոցը ։ Ո՞չ ապաքէն ժպիտն արտասուաց պզտիկ քոյրն է, որպէս կատակերգութիւնն ողբերգութեան։ Կարդացած էք անշուշտ Մոլիեռի Սէրը բժիշկ է կատակերգութիւնն. այսուամենայնիւ ներեցէք ինձ անոր առաջին տեսարանն ամփոփել հոս։ «Հայրն իւր աղջկան մելամաղձոտութիւնը փարատելու նպատակաւ կը փափաքի անոր տխրութեան պատճառներն իմանալ. ուստի կը դիմէ իւր եղբօրը դստեր, դրացուհւոյն եւ բարեկամաց խորհուրդ հարցնելու համար անոնցմէ։ Բարեկամներէն մին՝ որ ակնավաճառ է՝ խորհուրդ կու տայ, թէ աղջկան մը տխրութիւնը փարատելու միակ միջոցն է անոր ադամանդ եւ գոհար գնել։ Միւսն` որ գորգ կը վաճառէ` կը խրատէ, որ աղջկանը սենեակը կանաչագոյն գորգերով զարդարէ, որպէսզի աղջկան սիրտը բացուի եւ մոռնայ ցաւերը։ Դրացուհին` որ կ'ուզէ կարգուիլ երիտասարդի մը հետ, որ մասնաւոր սէր մը կը յայտնէ ծանուցեալ մելամաղձոտ աղջկան համար՝ կը յորդորէ, որ աղջիկն անմիջապէս կարգէ ուրիշ երիտասարդի մը հետ, որ կնութեան ուզած էր զայն։ Եղբօրը դուստրը` որ նպատակ ունի ժառանգել հօրեղբօրն հարստութիւնը` կը հակառակի ամուսնութեան եւ համոզել կը ջանայ հօրեղբայրն, որ վանք մը դնէ իւր աղջիկն։ Հայրն ուշադրութեամբ լսելէ յետոյ այս խրատներուն` կ՚ըսէ. «թէեւ ձեր խրատները շատ լաւ են, հաւանեցէք եթէ կը հաճիք, որ անոնց եւ ոչ մէկուն հետեւիմ»։ Այս տեսարանը կը յիշեմ ամէն անգամ, որ ազգային կենսական խնդիր մը կը ծագի եւ այլ եւ այլ անհեթեթ կարծիքներ երեւան կու գան։ Չորս, հինգ խաւարադէմներ, մին՝ յագուրդ տալու համար իւր փառասիրութեան, միւսն՝ գոհացում տալու համար իւր անձնական կրից, մէկը` ժողովրդականութիւն ձեռք բերելու համար, մէկալը` աթոռի վրայ բազմելու առաջադրութեամբ՝ արդէն բազմողը հրաժարեցնելու համար, խաղալիք ըրած են կրօնքն իրենց ձեռաց մէջ եւ կը տանին զայն ուր որ կամին։ Կրօնքը կը հակառակի, կ'ըսեն, փոխադրութեան խնդրոյն, այսուամենայնիւ կ՚աշխատինք կրօնքին հաւանութիւնն առնելու եթէ, եթէ… մեր պայմաններն ընդունին։ Չեն գիտեր, թէ այդ եղանակաւ կաշառակերութեան մուր կը քսեն այն կրօնքին, որու պաշտպանները կը ձեւանան, եւ գայթակղութեան որոմն կը ցանեն ժողովրդեան մէջ։ Բայց ինչ որ ըսենք, անօգուտ է, իրերը կը հետեւին իրենց բնական ընթացքին։ Խմբագիր մ՚որպէս երեսփոխան մը բերան բանալու չէ, եթէ առնուազն չունի յիսուն հազար ոսկի։ Ականջը խօսի մեծ. Մինաս էֆենտի Քափամաճեանին։ Քանի մ՚օր առաջ պատիւ ունեցայ տեսնուելու իրեն հետ։ Ազնուացնելու է, բարձրացնելու է, ըսաւ, խմբագրական ասպարէզը եւ քիչ մ՚ալ մեղադրեց այն խմբագիրներն, որ իրենց անվայել ընթացքով ստորնացուցին եւ մուրացկանութեան վիճակին բերին հասուցին խմբագրութիւնն։ Իրաւունք տուի նմա. քաջալերեցի զինքն մխիթարական խօսքերով եւ մեկնեցաւ, գնաց իւր Պատկերը գրելու։ Այո՛, Կիրակնօրեայ Հայրենիքի խմբագիրն սկսած է հրատարակել շաբաթական թերթ մը զաւեշտական, Պատկեր անուն, որոյ մէկ երկու թիւերն տեսնելու պատիւն ունեցանք։ Պատկերի խմբագիրն ծանօթ է արդէն մերազնէից իւր այնքան լուրջ, ծանր, տրամաբանական եւ շրջահայեաց տեսութիւններով, որքան նուրբ, զաւեշտական եւ ծիծաղաշարժ յօդուածներով։ Այն գրական ծառայութիւններն` որովք իբր քառորդ դարէ յետէ սպասաւորած է ազգին` իրաւունք տուած են իրեն ստանալու ազգին քաջալերութեան մենաշնորհը։ Հարկ է խրախուսել եւ քաջալերել Պատկերն ։ Յաջողութիւն կը մաղթենք մեր պաշտօնակցին ինչպէս նաեւ յարատեւութիւն իւր թերթին եւ սկզբանց, որովհետեւ այնպիսի ժամանակի մը մէջ ուր կ՚ապրինք, երկար ատեն մէկ սկզբունքի ծառայելը, իբրեւ միօրինակութիւն ձանձրոյթ տալ սկսած է խմբագրաց ոմանց։ Տեսէ՛ք, Արեւելքի անպատասխանատու երեսը երկրորդը Կայծոռիկ, Անհաչաղ, Ն. Վ. Թ. Հրանտ ի՞նչ գեղեցիկ եւ փայլուն լեզուով իրարու հետ կը խօսին։ Ի՞նչպէս կծու ակնարկութիւններ կ'ընեն իրարու եւրոպական ոճով. ես չկրցայ եւրոպական ոճով հայհոյել սորվիլ. Դիտելի է սակայն թէ այդ կծու ակնարկութիւններն երբեմն կ՚անցնին պատասխանատու երեսին վերջին սիւնա՞կն ալ, որ պատասխանատու սիւնակ է։ Բայց ո՞վ է մեր մէջ պատասխանատուն, ունի՞նք անանկ մարմին մը, ունեցա՞ծ ենք անցելոյն մէջ, ունենա՞նք պիտի ապագային մէջ։ Բերանդ ժողովէ՛, ամօթ է։ Մեր մէջ կարելի է ամէն զեղծում գործել, ազգին ամէնէն նուիրական իրաւունքներն վաճառել եւ յանուն կրօնի ամենապարզ խնդիր մը կնճռոտել եւ յետոյ արդարանալ։ Ահա արդարացուցիչ փաստերը։

Գիտութեամբ չըրաւ ա՛։ Թոշակաւոր պաշտօնեայ չէր ա՛։ Անձնուիրաբար աշխատեցան, չվայլեր, որ անոնց սիրտը կոտրենք։ Ուրիշ ի՞նչ կրնային ընել։

Եթէ պատասխանատւութիւն ըլլար մեր մէջ` մեր կրօնական եղբայրներէն ոմանք մեծ սխալ մը չպիտի գործէին կամ պիտի իյնային` եթէ գործէին։ Վստահ ենք սակայն, թէ պիտի իյնայ օր մը անոնց շապիկն, որպէս ինկաւ Խիկար իմաստնոյն։ Կը պատմուի թէ Խիկար իմաստունն օր մը պատուհանէն փողոցը կ'իյնայ։ Անկումը բարձրէն էր, բնականաբար անոր ձայնն ալ բարձր պիտի ըլլար։ Դրացիները փողոց կ'ելնեն եւ կը հարցնեն Խիկարի.

Ի՞նչ ձայն էր աս։

Շապիկս վար ինկաւ։

Շապիկ մը այնքան ձայն չհաներ։

Ես ալ մէջն էի, կը պատասխանէ Խիկար իմաստունը։

***

Այս տարի բնութիւնը քիչ մը յետաձգեց գարունը, Մայիսը Յունիսի մէջ եկաւ։ Իցիւ թէ բնաւ չգար… լաւ էր երբեք, քան ուշ։ Բարձր լեռանց ձիւնով ծածկուած կատարներն, որք պատկառելի երեւոյթ մ՚ունէին, դալարեօք ծածկուեցան եւ նսեմացան, մերկ ծառերն կանաչ տերեւներով հագուեցան եւ տգեղացան կորուսանելով իրենց բնական գեղեցկութիւնը, շաղակրատ սոխակն գլխացաւ պատճառեց իւր կարկաչովն։ Հակակիր եմ գարնան, որուն չեմ ուզեր տեսնել երեսը։ Կը սիրեմ վարդն` երբ կը սկսի թոռոմիլ, կը պաշտեմ սոխակն երբ պապանձի։ Ամէն տարի գարուն… ի՞նչ կը նշանակէ այս, եթէ ոչ յուզել, գրգռել ողորմելի մարդն, որ չգարնանար վերստին եւ, աւելի ցաւալին` աշնանալէն ետքը կը զգայ թէ գարնացած էր երբեմն, ինչպէս ձմեռնանալէն յետոյ կ'իմանայ, թէ անցած է աշնան սահմաններէն։ Եւ կենաց ձմեռէն ետքը ունի՞նք նոր օրացոյց, ինչո՞ւ համար ներել գարնան, որ անցեալն` որուն թշուառագոյնն իսկ երջանկութիւն է ներկային` ամէն տարի մեզ ներկայացնելու անկրթութիւնն ընէ։ Ինչո՞ւ մանաւանդ ներդաշնակ բառերով երգեր հիւսելով եղանակել այս եղանակն, որ տխրութիւն կը լցնէ մեր սրտերուն մէջ։ Ինչո՞ւ կ'ըսեմ, գարունը տեսնելու համար դաշտեր, լեռներ, ձորեր վազել։ Ո՛ մարդիկ, ձեր զաւակներուն նայեցէք, եթէ կ'ուզէք տեսնել ձեր մանկութիւնը. միթէ սոխակն անոնց ձայնով չը՞ գեղգեղեր, միթէ զեփիւռն անոնց շունչով չը՞ փչեր, միթէ վարդն անոնց այտերուն վրայ չը՞ բացուիր։ Օդափոխութի՞ւն կ'ուզէք ընել, դարձեալ անոնց նայեցէ՛ք։ Իսկ անոնք, որ գարուն չունին, մինչեւ որ իրենց մանկութիւնը տեսնեն` շատանան իրենց ձմեռը տեսելով իրենց հայրերուն վրայ։ Այս մտածումներն արգիլեցին զիս գարունը տեսնելէ։

Երկու երեք օր առաջ պատիւ ունեցայ ծանօթանալ այն մարդուն, որ շատերուն զարմանք կը պատճառէ։ Ազգային թղթավաճառներէն, մեծ Ա. Քոռանեան էֆենտի այն մարդը ներկայացուց ինձ։ Ապշեցայ, թէեւ լուսանկար պատկերը տեսած եւ կենսագրութիւնը կարդացած էի լրագրաց մէջ։ Նիհար կազմ մ՚ունի, այսուամենայնիւ շատ սիրուն իւր բարակ թեւերովն եւ քնքուշ մատներովն, դէմքը ձուաձեւ է եւ համակրելի փոքրիկ աչերով եւ պզտիկ քիթով, թէեւ ոչ յունական հին յունական անշուշտ շուրթերն այնքան իրարու կպած են, որ կարծես սեւ գիծ մը կը բաժնէ վերին շուրթը վարինէն։ Մօրուքը շատ երկար չէ։ Տխուր է. քանի մը հարցումներ ուղղեցի, պատասխան չտուաւ։ Պիտի զարմանաք անշուշտ, երբ ըսեմ ձեզ, թէ այդ մարդը ունէր նաեւ ընկեր մը, զոր գրկած էր։ Աղաչեցի բարեկամէս, որ թոյլ տայ ինձ հիւրընկալել այն մարդն եւ ընկերն ու ներկայացնել բարեկամացս։ Քոռանեան էֆենտին մերժեց խնդիրքս, առաւ ձեռքէս մարդն ու ընկերն, թուղթի մը մէջ փաթթելով գրպանը դրաւ, որովհետեւ շատ դիւրատար են, իրենց հասակին երկայնութիւնը հազիւ կը հաւասարի հասարակ մահկանացուաց ոմանց քիթերուն։ Այս մարդն ու ընկերն, որոց անունն լոշտակ է, մտքիս մէջ այլ եւ այլ խորհուրդներու ծնունդ տուին։ Մարդու կերպարանքով արմա՜տ, ծա՜ռ… արդեօք մեր նախահայրերը պտուղներու պէս ծառերէ՞ն փրցուած են հին ժամանակաց մէջ եւ հետզհետէ, քաղաքակրթութեան շնորհիւ, երկրագործութեամբ մարդ հասցնելու սովորութիւնը մէկդի թողուած է։ Արդեօք մենք ալ գետնէ՞ն բուսած ենք այս բուսեղէն մարդուն պէս, որ, չեմ համարձակիր յայտնելու, հնդեւրոպականին կը պատկանի, թէպէտեւ չխօսիր։ Եւ չխօսելովն կը դադրի՞ մարդ ըլլալէ, միթէ մարդկութեան ախտանիշը խօ՞սքն է։ Բծախնդրութիւն պէտք չէ, ախտանիշը բուն բառն է, մարդկութիւնը փոխաբերաբար հիւանդութիւն կը նշանակէ կարելի չէ՞ արդեօք այս բուսեղէն մարդուն կենդանի շունչ փչել։ Բայց ի՞նչ հարկ կայ, այս վիճակին մէջ աւելի երջանիկ չէ՞, ինչո՞ւ բաժանորդ ընել զայն աշխարհիս ցաւոց եւ տառապանաց, ո՞չ ապաքէն ան ալ պիտի ստիպուի օր մը Նորավէպ մը հրատարակել եւ յարձակում կրել։ Զմեզ բուսացնելու, այսինքն բոյսի փոխելու կարելիութիւն չկա՞յ արդեօք, եթէ արդէն բոյսի պէս չենք ապրիր… բայց ինչո՞ւ այսքան մելամաղձոտութիւն։ Ո՜, գիտուններ, կենդանաբանութեան մէջ տեսանք մարդը, բուսաբանութեան մէջ ալ հանդիպեցանք մարդուն, ձեզ անկ է ցոյց տալ մեզ նաեւ հանքային մարդը… հարուստը չհասկնաք։

Գիտութիւնն ալ սկսաւ չափն անցունել։ Ամէն անգամ որ խահուէ կը խմեմ, կը նայիմ որ խմած խահուէիս մէջ վարտիքի կտոր մը չգտնուի, որովհետեւ գիտութիւնը հինցած վարտիքներէն ու շապիկներէն ալ սկսած է շաքար հանել։ Շաքարէն ալ պաղեցայ, որովհետեւ ամէն բանէն կ՚ելնէ, եղբայր, կօշիկներդ ցո՛յց տուր գիտունին, ասոնցմէ պատուական շաքար կ՚ելնէ, կ՚ըսէ։ Լաթէն շաքար, կօշիկներէն շաքար, աղտոտ գլխարկներէն շաքար, փայտի կտորներէն շաքար, ծննդական գործարաններէն շաքար, ի՞նչ գիտնամ, չկայ բան մ՚որու մէջ քիչ մը շաքար չտեսնէ գիտութիւնը միայն շաքարի եղէգէն է որ շաքար չեն հաներ շաքարեղէն դարու մէջ կ՚ապրինք, բայց հակառակ շաքարին այս առատութեան, անուշութիւնն օր ըստ օրէ կը նուազի։ Պէտք չէ շփոթել շաքարն անուշութեան հետ։ Խահուէի մը մէջ որքան շատ շաքար դրուի, խահուէն այնքան նուազ անուշ կ'ըլլայ։ Բնական է ուրեմն, որ պակսին մեր մէջ այսօր անուշ խահուէներ եւ, հետեւաբար, անուշ մարդեր։ Բնաւ չեմ պնդեր, բայց կրնամ բոլոր ուժովս կարծել, թէ մեղուներն ալ քանի մը տարիներէ ի վեր թողած են ծաղիկներէ նիւթ քաղելու սովորութիւնը։ Կ'երեւի թէ ասոնք ալ` գիտութեան մէջ յառաջանալով` սկսած են բիթ բազարի խանութներէն կախուած հին ու աղտոտ հագուստներէն մեղր քաղել, որովհետեւ վերջերս մեղրիս մէջ գտայ պզտիկ կոճակ մ՚այն կոճակներէն, որ ճիւպպեներու թեւերուն կը կարուին ընդհանրապէս։

***

Խոնաւ յարկի մը մէջ տրուած որոշումները բաղդատա՞ծ էք երբեք չոր յարկերու տակ տրուած որոշմանց հետ։ Որոշում մը, ուղիղ եւ արդար ըլլալու համար խոնաւութեա՞ն կը կարօտի, թէ չորութեան։ Ասոնց որո՞ւն կը կարօտի միտքը, պարզ, յստակ, ուղիղ եւ տրամաբանական ըլլալու համար։ Եթէ ճիշտ է այն առածն, թէ առողջ միտքն առողջ մարմնոյ մէջ միայն կը գտնուի, ճիշտ համարուելու է նաեւ, թէ առողջ որոշումներն առողջ յարկերու մէջ միայն կրնան տրուիլ։

Արգոյ հասարակութիւնը խիստ աղէկ ըմբռնած է արդէն, թէ առողջ դատողութիւնները կովու միսէն կը բխին, թէ պակլայի տրամաբանութիւնները վատառողջ են միշտ, թէ սոխէն յառաջ եկած խորհրդածութիւնները սխալ են յաճախ, թէ վերջապէս մարդ արարածը պարտաւոր է իւր ստամոքսին մէջ ամէն օր առնուազն կէս օխայ կով իջեցնել, որպէսզի ստամոքսը կարենայ քաջ տրամաբանել եւ ուղիղ եզրակացութեան յանգիլ։

Ձեր ստամոքսն ի՞նչ կարծիք ունի այս մասին։

Իմ ստամոքսս պատիւ ունի կարծելու, թէ քիչ մը որկրամոլութիւն կը նշմարուի մտքին գործողութիւնները միայն ստամոքսի վերագրող փիլիսոփայութեան մէջ։

Ի՞նչ ըսել է։

Աղէկ կշտացուր զիս, որ աղէկ տրամաբան ըլլամ։

Քանի մը ստամոքսներ ալ կը կարծեն մինչեւ իսկ, թէ մարդուս բարի յատկութիւններն ալ պիֆթեքէն յառաջ կու գան։

Աղէկ կշտացուր ինձի, որ հաւատարիմ մնամ եւ գողութիւն չընեմ։

Այս տեսութեամբ հանճարն ալ կովու միս է, ազնւութիւնն ալ կովու միս է, առողջութիւնն ալ կովու միս է, մէկ խօսքով մարդուս միտքն ալ, սիրտն ալ, մարմինն ալ կովու միս են։ Անդին ի՞նչ մնաց։

Ի՜նչ որկրամոլութիւն մարդու, որ ամէն պարագայի մէջ նախ եւ առաջ իւր փորը գոհացնել կը ջանայ եւ երբ անիրաւութիւն մը պաշտպանէ կամ գողութիւն մ՚ընէ, կ'աշխատի ինքզինքն արդարացնել սա փաստաբանութեամբ.

Լաւ կշտացած չէի, սխալ խորհեցայ, կովու միս կերած չէի ու կարծեցի` թէ գողութիւնը վեհանձնութիւն է։

Եւ օրէնքն ալ պատրաստ է այս պատասխանն իբրեւ մեղմացուցիչ պարագայ ընդունիլ։

Մարդակազմութեան գիտութեան համաձայն, ցարդ մարդու դէմքը կը քննէինք անոր մտքի եւ սրտի կարողութիւնները հասկնալու համար, այսուհետեւ անոր փորին պիտի զարնենք իմանալու համար, թէ բանաստեղծութեա՞ն կոչում ունի, թէ իմաստասիրութեան. աստուածաբանութեա՞ն, թէ պիւխներաբանութեան, ճշմարտախօսութեա՞ն, թէ ստախօսութեան։ Ոչ միայն անոր փորին պիտի զարնենք, այլ նաեւ պիտի քննենք անոր բնակութիւնն ալ, որովհետեւ, ինչպէս ըսի, առողջ որոշումներն առողջ յարկերու մէջ միայն կրնան տրուիլ։

Ա՛րդ, քննելու շատ բաներ ունինք այսօր։

Այսօր ամէն տեղ կը խօսուի մեր ազգային պատրիարքարանի վրայ, այսինքն անոր հնութեան եւ խոնաւութեան վրայ։ եթէ կ'ուզէք հասկնալ, թէ ինչո՛ւ երէկ չէր խօսուեր եւ այսօր կը խռովի պատրիարքարանի շէնքի հնութեան վրայ, պատճառն այն է` թէ նախ Մասբերո միշտ կը խօսէր անոր վրայ, երկրորդ` երէկ չէինք գիտեր, թէ պատրիարքարանի շէնքն այնքան հին, այնքան խոնաւ է։ Շատ ազգայիններ այն ատեն պատրիարքարան կը տեսնեն, երբ թեզքերէ մ՚առնելու յարկին մէջ գտնուին ազգային տուրք չվճարելու լաւագոյն ճամբաներէն չէ պատրիարքարանի ճամբան։ Ազգայնոց մէկ մասն ալ այն ատեն կը տեսնեն պատրիարքարանն, երբ նորընտիր պատրիարքը տեսնելու փափաք ունենան։

Արդ, անոնք, որ վերջին օրերս ամենապատիւ ս. պատրիարքին աջն համբուրելու համար բարեհաճեցան պատրիարքարան երթալ, տեսան անոր շէնքին հնութիւնն եւ սկսան փափաքներ յայտնել անոր ի հիմանէ կործանման եւ ի հիմանէ կառուցման համար։ Ըստ մեզ, գործն աւելի ապահովեալ կը լինէր, եթէ նախ անոր ի հիմանէ կառուցման սկսէին եւ յետոյ ի հիմանէ կործանման։

Այո՛, այս փափաքները յայտնուեցան պատրիարքարանի մէջ։ Չգիտեմ` թէ պատրիարքարանէ դուրս ալ կրկնուեցա՞ն նոյն փափաքները։

Բայց ինչ որ ալ ըլլայ, յայտնի է, թէ մեր պատրիարքարանի շէնքը տրամադրութիւն չունի առողջ որոշումներ արտադրելու եւ ամէն հայ կը փափաքի, պատրիարքարանի մէջ, կամ պատրիարքարանէն դուրս, որ նորոգուի այդ շէնքը։

Այս փափաքը շատ բանաւոր է, թէեւ մեր մէջ բանաւորութիւն չփնտռուիր փափաքներու մէջ։ Ազգային մեռելոց համար ունինք Բերա, որպէս կը հաստատեն, սքանչելի գերեզմանատուն մ՚որ օտար մեռեալներու նախանձը կը շարժէ։ Մեր մեռեալները մեր կենդանիներէն շատ աւելի երջանիկ են։ Ո՜ղջ ըլլան։ Առատաձեռն ազգայնոց շնորհիւ քանի մը տարիէն պիտի ունենանք նաեւ ազգային յիմարներու, ապուշներու, անառակներու, հիւանդներու եւ ծերերու համար ընդարձակ եւ եւրոպական ճաշակով կառուցուած հոյակապ շէնքեր` որու բնակիչներն եւս, քաջառողջներու հետ բաղդատմամբ, նախանձելի վիճակ մը պիտի ունենան։ Այնպէս որ, երբ օտարի մը մեր յառաջադիմութեան վրայ գաղափար մը տալ ուզենք` անոր ձեռքէն պիտի բռնենք, նախ պիտի առաջնորդենք իրեն Բերա եւ պիտի ներկայացնենք մեր մեռեալները, յետոյ Ետիգուլէ տանելով զինքն` կարգաւ պիտի ներկայացնենք իրեն մեր խենթերը, մեր ապուշները, մեր անառակները, մեր հիւանդներն եւ մեր ծերերը. բնական է, որ մեր խենթերն ալ, մեր ապուշներն ալ, մեր անառակներն ալ ի պատիւ ազգին քիչ մը խենթութիւն, քիչ մ՚ալ անառակութիւն պիտի ընեն այն օտարին, որպէս վարժարանի մ՚աշակերտները սովոր են իրենց լաւագոյն շարադրութիւնները ցոյց տալ իրենց այցելող հիւրերուն։ Օտարն ալ անշուշտ պիտի հրճուի, եթէ հայասէր է, իւր տեսած մեռելութեան, յիմարութեան եւ անառակութեան վրայ, գոհ սրտով պիտի մեկնի։

Իսկ այս օտարն եթէ անքաղաքավարութեամբ հարցնէ մեզ.

Տեսայ ձեր մեռեալները, ձեր յիմարներն եւ ձեր անառակներն. ուրիշ բան չունի՞ք դուք. ո՞ւր են ձեր կենդանիները, խելացիները եւ զգաստները. ասոնք ալ մեռեալներու, յիմարներու եւ անառակներու հե՞տ կը բնակին։ Ո՞ւր է այս գեղեցիկ վայրերն ու հաստատութիւնները վարող եւ անոնց վրայ տիրող մարմինը։ Ո՞ւր է ձեր կեդրոնը… Այն ատեն պիտի տխրինք քիչ մը. որովհետեւ պիտի ստիպուինք իրեն ներկայացնել ծառ մ՚որուն արմատը փտած է եւ ճիւղերը ծլած ծաղկած։ Կարելի՞ է երեւակայել ասանկ ծառ մը բնութեան մէջ։ Ասանկ բնական ծառ մ՚երեւակայելն առողջ մտքի գործ չէ, բայց ասանկ արուեստական ծառեր շատ կը բուսնին մեր ազգին մէջ։

ԳՐՊԱՆԻ ՏԵՏՐՍ

Այս տարի եւս մեծ շուքով կատարուեցաւ Իզմիրեանց կտակի մրցանակաբաշխութեանց հանդէսը։

Եւ որովհետեւ յանձնաժողովոյն տեղեկագիրը կը յայտնէր, թէ Ենայի համալսարանի փիլիսոփայական կանտիտադ Պ. Իսահակ Յարութիւնեանցի Հայոց գիրը անուն երկը նոր ուսումնասիրութիւն մը չէր, ազգային եւ օտար ազգի բանասիրաց կարծեաց հաւաքածոյ մ՚էր եւ նոր լոյս մը չէր սփռեր հայկական տառերուն վրայ, որոշուեցաւ ըստ սովորութեան նուիրել մրցանակն, 600 ռուպլի, Ենայի համալսարանի փիլիսոփայական կանտիտադ Պ. Իսահակ Յարութիւնեանցի, իւր Հայոց գիրը անուն երկասիրութեանն համար, որ ինչպէս վկայած էին նորին քննիչք, նոր ուսումնասիրութիւն մը չէր, ազգային եւ օտարազգի բանասիրաց կարծեաց հաւաքածոյ մ՚էր եւ նոր լոյս մը չէր սփռեր հայկական տառերուն վրայ։

***

Ազգային բանաստեղծները բարձր գովեստներով կը խօսին Սէթեանի Յուզման ժամեր անուն քերթուածքին վրայ, բայց կարելի եղածին չափ ցած ձայնով կը խօսին, որ այդ գովեստներն ամէն մարդ չլսէ։ Լուրջ թերթերու մէջ, բացի Երկրագունդէ բանադատական յօդուած մը չերեւցաւ դեռ այս գործին վրայ։ Այս տխուր երեւոյթը կը վերագրենք մարդկային այն տկարութեան, որով մարդս չուզեր գրիչով խոստովանիլ, ինչ որ բերնով կը խօսի։ Սէթեան կրնայ մխիթարուիլ սակայն, երբ համոզուի սա ճշմարտութեան, թէ մեր մէջ լաւագոյն գործերն անոնք են, որոց վրայ քիչ կը խօսուի կամ բնաւ չխօսուիր։

Յուզման ժամերն, որոց վրայ խօսուի կամ ոչ, կ'աղաղակեն թէ բեղմնաւոր բանաստեղծի մը ծնունդ են իրենք։ Իմաստից վսեմութիւն, բացատրութեանց գեղեցկութիւն, ոճոյ յստակութիւն եւ տաղաչափական օրինաց կատարեալ հնազանդութիւն գլխաւոր նկարագիրները կը կազմեն սոյն քերթուածոց։ Եւ այս առաւելութեանց քով հազիւ կը նշմարուին քիչ մը դանդաղութիւն եւ ներդաշնակութեանց պակասութիւն։

Ամէն քնար խորհելու եւ լալու եղանակ մ՚ունի. ազատ թողունք ուրեմն Յուզման ժամերու հեղինակն եւ մանաւանդ քաջալերենք զինքն, որպէսզի ընտիր գործերովն շարունակէ զարդարել մեր գրականութեան աղքատ մատենադարանը։

***

Հրատ մոլորակի մէջ ջրանցքներու բացումը գիտական աշխարհին գլխաւոր ուշադրութեան առարկայ եղած է այս օրերս։

Գրեթէ հաստատուած է, կ'ըսեն, թէ երկրաչափներն մեծ փութաջանութեամբ ջրանցքներ կը բանան Հրատ մոլորակի մէջ։

Ուրիշ կողմէ լուր կը տրուի, թէ աստղագէտ մ՚այդ ջրանցքներէն քանի մը շոգենաւներու անցնիլն իսկ տեսած է, բայց դրօշակները չէ կրցեր տեսնել, որպէսզի իմանար թէ այդ շոգենաւներն Անգլիական էին թէ Իտալական։ Միայն քանի մը նաւապետներու շարժումներէն ու ձեւերէն հասկցեր է, թէ նաւապետներն առանց ջրանցքի տուրք վճարելու անցնիլ կ'ուզեն եղեր։

Իտալացի աստղագէտ մ՚ալ երկաթուղիներ տեսած է այդ մոլորակին մէջ եւ շատ գովեստով կը խօսի կառքերուն մաքրութեանը եւ մանաւանդ քոնտիւքթեօրներու քաղաքավարութեանը վրայ։

Այս քոնտիւքթեօրները, կ՚ըսէ յիշեալ աստղագէտը, չեն հրեր, չեն մշտեր ճամբորդները, կառքերու մէջ տեղաւորելու համար զանոնք որպէս սովորութիւն է Սիրքեճի, այլ կը թողուն եղեր ճամբորդներն մտնել իրենց ուզած կառքերուն մէջ։ Այս կերպով ճամբորդներուն ոչ թեւն եւ ոչ ալ ոտքը կը կոտրի եղեր։ Ասկեց զատ տասնմէկ ժամուան ճամբորդութեան մը համար երկու մեճիտիէ պակաս կը վճարեն եղեր։

Թրամուէյներ ալ կան եղեր, որոնց ձիերը կէս ճամբան չեն իյնար ու մարիր եղեր, այլ մինչեւ որոշեալ վայրը կրնան եղեր քաշել կառքերը։

Կառքերուն մէջ ոչ մլուկ եւ ոչ լու կը գտնուի եղեր։

Հրատ մոլորակի մէջ հոյակապ թատրոններ, թանգարաններ, գեղարուեստական հաստատութիւններ եւս կը գտնուին եղեր։

Միայն չգիտցուիր տակաւին, թէ բնակիչ ալ կա՞յ արդեօք Հրատ մոլորակի մէջ։

***

Անցած ըլլայ բարեկամ։

Շնորհակալ եմ։

Նոր իմացայ հիւանդ պառկելնիդ, անոր համար քիչ մը ուշացայ, ներեցէ՛ք։

Հոգ չէ։

Պա՞ղ առիք։

Յանցանքն իմս է, գիտեմ ես։

Դուք ինչո՞ւ յանցաւոր ըլլաք։

Գիտես, ես քիչ մը կը սիրեմ բանաստեղծութիւնը։

Այո՛։

Բարով խէրով չսիրէի։ Գիտես ա՛, բանաստեղծները գեղջկական կեանքը միշտ կը գովեն, հովիւը, կ'ըսեն, ծառի մը տակ, առուակի մ՚առջեւ նստած սրինգը կը հնչեցնէ, ոչխարներն ալ դալարի վայրերու մէջ կը ճարակին, չկայ մի՞ եա ասանկ խօսքեր, ես ալ ելլամ ըսի քանի մ՚օր գիւղ մ՚երթամ եւ գեղջկական անմեղ կեանք մը վարեմ, մարդ ես, չե՞ս ըսեր մի, աղբար։

Կ'ըսես ա՛։

Ելանք Ալեմտաղի կողմերը գիւղ մը գնացինք։ Երկար չընեմ, հովիւ մը գտայ եւ աղաչեցի իրեն, որ մէկ երկու օր հետը գտնուիմ։ Ընդունեց մարդը։ Հովիւի հագուստ հագայ, հովիւը կը խնդայ ու կը խնդայ։ Առտուն կանուխ ելանք, ու սկսանք քալել մացառներու մէջ, ետքն ալ ճահիճներու մէջ, հոգիս բերանս եկաւ մինչեւ որ արօտավայրն եկանք, ո՞ւր է կ'ըսեն, որ զեփիւռը կը շոյէ եղեր, սրինգը կը հնչէ եղեր, առուակը կը խոխոջէ եղեր… Մրկեցայ, էրեցայ արեւուն ճառագայթներուն տակ. հովանոց չունէի հետս. առուակ ըսածը կանաչ եւ լեղի ջուր մ՚է, որ խմուելու բան չէ, մէյ մ՚ալ ոտքերուս տակը օձի մը գալարիլը չտեսնա՞մ մի… որչափ ձայն ունէի նէ` պոռացի եւ լեղապատառ փախայ։ Հովիւին մնաք բարով ըսելու ժամանակ չունեցայ։

Վախցար ըսել է։

Վախնալն ալ խօ՞սք է, բայց միայն վախով չլմնցաւ, գալէս ի վեր իչաղրըսի մը ունիմ, որ չանցնիր, քիչ մը հողի վրայ նստեցայ` անկից ըլլալու է. ա՛ռ քեզի գեղջկական կեանք ու վար նստէ՛։ Զեփիւռը սանկ կ՚ընէ եղեր տէ, սրինգն ալ նանկ կ՚ընէ եղեր տէ… հովիւն ալ երջանիկ է եղեր։ Գետնին տակն անցնին ամէնքն ալ։ Հապա անօթի մնալս… հաճարի ալիւրէ շինուած հաց մ՚որ բերան չդրուիր, քար, յարդ, հող, ամէն բան կայ մէջը, չկրցի ուտել որ։

Հովուական կեանքին ալ ճաշակն առիր ուրեմն։

Առինք ա՛։ Բայց կարդացած ժամանակդ, ո՛րքան կ՚ախորժիս, ո՜ւր էր թէ հովիւ ըլլայի, կ'ըսես։

Այսուհետեւ ուրեմն հովիւներուն վրայ նախանձէ, բայց մի՛ ուզեր հովիւ ըլլալ։

Ոչ իսկ կը նախանձիմ, բայց բանաստեղծութեան մէջ այսչափ ալ խոշոր սուտ ըլլալո՞ւ է, ամօթ չէ՞, աղբար։ Հապա վախէս լեղիս բրդեր ու մեռնէի նէ. ասանկ բանաստեղծութի՞ւն կ'ըլլայ։

Բանաստեղծներն ալ յանցանք չունին, բուն երջանկութիւնը կը կայանայ թշուառութիւնը չզգալու մէջ եւ հովիւն այս տեսակէտով երջանիկ է։

Այսուհետեւ բանաստեղծութիւն չեմ կարդար։

Կարդա Յուզման ժամերն, որ նորէն սիրես բանաստեղծութիւնը։ Կը վաճառուի բոլոր գրավաճառաց քով, գին` 10 դահեկան։

***

Քոլեռայի դէմ ազդու դեղ մը գտնուած է։

Քոլեռայով պիտի պատուաստեն զմեզ. աւելի պարզ խօսելով, ամէնքս ալ մէյ֊մէկ քոլեռայ պիտի ըլլանք եւ քոլեռայէն չպիտի վախնանք. միայն թէ չպատուաստուած մարդոց չպիտի կրնանք մերձենալ, որպէսզի անոնց չփոխանցուինք։ Եթէ Բասդէորեան այս դրութիւնն այսքան գոհացուցիչ արդիւնքներ յառաջ կը բերէ՝ ինչո՞ւ կ'ուշանան զմեզ պատուաստելու տիփուսով, կարկինոսով, սիքոզիսով, պարազիատապով, էմպեթկոյով եւ այլն եւ այլն. որպէսզի քիչ մը շունչ առնենք։ Նոյնպէս ինչո՞ւ կ'ուշանան զմեզ պատուաստել քիչ մ՚անամօթութեամբ, կտոր մ՚անհոգութեամբ, պատառ մ՚անքաղաքավարութեամբ, որպէսզի չչարչարուինք այս ախտերէն։

Ի վերջոյ, ինչո՞ւ չեն պատուաստեր զմեզ մահուամբ։

***

Ուրախութեամբ կ'իմանանք, թէ տիկին Մատակեան միտք ունի հաստատել Գատը գիւղ մանկանց պարտէզ մը, ուր պիտի ընդունուին չորսէն մինչեւ եօթը տարեկան տղայք։

Կը յուսանք, թէ մեր ազգայինները պիտի փութան քաջալերել նաեւ սոյն ձեռնարկութիւնը։

***

Սրճարանի մը մէջ.

Քանի մ՚օրէ ի վեր է, որ գլխարկաւոր մուրացկաններ երեւան ելան, ո՞ւսկից կու գան կոր ասոնք։

Վիեննայէն կու գան կոր շոգեկառքով։

Պոլսոյ մէջ արուեստ մը մնացած էր ան ալ ձեռւընուս պիտի առնեն աս եւրոպացիները։

ԱՆՀԱՏԱԿԱՆ ԿԱՐԾԻՔ, ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԿԱՐԾԻՔ, ՈՏԱՆԱՒՈՐ ԿԱՐԾԻՔ, ԱՐՁԱԿ ԿԱՐԾԻՔ,
ԲԵՐԱՆԱՑԻ ԿԱՐԾԻՔ, ԳՐԱՒՈՐ ԿԱՐԾԻՔ

Բացատրելու համար թէ ի՛նչ է պատճառ, որ շատ անգամ ամենապարզ խնդրոյ մը մէջ իսկ իրարու միտք չենք հասկնար, բաւական է ամենապարզ խնդիր մը ստեղծել եւ անոր վրայ կարծիքներ հաւաքել։

Ենթադրենք ուրեմն, որ մարդուն մէկն ի ներկայութեան երեք անձանց ապտակ հանած ըլլայ քեզի եւ դուն ալ դատդ այդ երեք անձանց յանձնես։ Այդ երեք անձերն ի նիստ կը գումարին, կը վիճաբանին, կը խօսին, կը խորհին եւ կ'որոշեն, որ այդ մարդը քեզի ապտակած չըլլայ։

Քանի մ՚օր յետոյ այդ երեք անձերէն մին կը տեսնես փողոցի մը մէջ եւ կը հարցնես.

Ձեր որոշումն արդա՞ր է։

Ինձի նայէ՛, քեզի ըսեմ, իմ անհատական կարծիքս այն է, թէ այդ մարդը քեզի ապտակեց, բայց պաշտօնական կարծիքս ասոր բոլորովին հակառակն է։

Չեմ հասկնար։

Այլ է անհատապէս խորհիլ, այլ է պաշտօնապէս խորհիլ։ Օրինակի համար, ժողովոյ մը մէջ ելնել ըսել, թէ այդ մարդն ապտակեց զքեզ, քիչ մը պաղ կը փախչի կոր, ի՞նչպէս ըսեմ, խորհրդարանական կենաց չյարմարիր կոր, վերջապէս անհամ բան մը կ'ըլլայ կոր եւ վերջը ամէն մարդ կ՚ըսէ կոր «որքան գէշ խօսեցաւ»։

Կը հասկնամ, ճշմարտութիւն խօսողն գէշ խօսած կ'ըլլայ կոր։

Մինչդեռ եթէ չապտակեց, ըսեմ, ատենաբանութիւնն ազդու կ'ըլլայ կոր եւ ամէն կողմէ կը ծափահարուի կոր։ Այսուամենայնիւ, խօսքը մէջերնիս մնայ, այդ մարդը քեզի ապտակեց կրնամ խոստովանիլ զայս, ձեռքս խղճիս վրայ դնելով։

Ժողովոյ մէջ ալ խիղճդ ձեռքիդ վրայ դնելով հակառակը կը խոստովանիս։

Խորհրդարանական կարծիքն ուրիշ բան է։

Շնորհակալ եմ։

Այդ երեք անձերուն կը տեսնես նաեւ միւս երկուքն ալ, որ առաջնոյն պէս կը խօսին։

Այս երեք անձերն այս ընթացքով կը կարծեն վաստկիլ ժողովրդականութիւն ու բարձր պաշտօն։

Դիցուք, թէ այդ երեք անձերն խմբագրական դասուն կը վերաբերին։ Իրաւունքը քեզի կու տան բերանացի, այդ մարդուն ըրածը անկրթութիւն է, կ'ըսեն, մինչեւ իսկ կը յորդորեն քեզի, որ դատ բանաս այդ մարդուն դէմ, եւ հետեւեալ օրն իրենց լրագրաց մէջ կը հրատարակեն.

«Սուտ է այն զրոյցն, թէ այսինչ մարդն այնինչ մարդն ապտակեր է»։

«Ստոյգ աղբիւրներէ մեզ տրուած տեղեկութեանց նայելով` այնինչ մարդուն ըրածն պարզապէս զրպարտութիւն մ՚է»։

«Հաւատարիմ աղբիւրներէ քաղուած լուրերուն նայելով, ոչ թէ այսինչ մարդն այնինչ մարդուն զարկեր է, այլ այնինչ մարդն այսինչ մարդուն զարկեր է։ Ճշմարտութիւնն այս է»։

Սրճարանի մը մէջ առանձին տեսակցութիւններ կ'ունենաս անոնց իւրաքանչիւրին հետ։

Ի՞նչ գրած էք, աղբար, աս կը վայլէ՞։

Ի՞նչ ըսեմ, աղբար, ես ալ չիյտեմ։

Ճանըմ, այս մարդն չզարկաւ ինձի։

Զարկաւ։

Ի՞նչպէս կ'ըլլայ ուրեմն, որ հաւատարիմ աղբիւրներն, այդ չորնալիք աղբիւրներն…

Ճանըմ, դուն այդ հաւատարիմ աղբիւրներուն մի՛ նայիր, ամէն տպարանի մէջ յիսուն հատ շարուած, պատրաստ հաւատարիմ աղբիւրներ կան, գրաշարներն կը գործածեն լուրերուն առջեւը դնելու համար։

Ինչի՞ նայիմ։

Աւետարանէն թուղթ չբրդա՞ւ ա՛, մեր ազգին մէջ քանի՞ հոգի լրագիր կը կարդայ, ո՞վ իմացաւ։ Լրագրին անանկ գրել կը վայլէ։

Սո՞ւտ գրել։

Լրագիրն կրնա՞յ մի ըսել, որ այս անուն մարդն այն անուն մարդուն զարկաւ. բնականաբար աղէկ չփախչիր. բաժանորդները հաճութեամբ չեն կարդար անանկ լուրերը։ Այսուամենայնիւ ամէն մարդ գիտէ այսօր, թէ այդ մարդը զարկաւ քեզի։

Շնորհակալ եմ։

Այս եղանակաւ որպէս թէ գործը անուշ տեղը կապուած կ'ըլլայ կոր։

Համարէ՛ թէ այդ երեք անձերը բանաստեղծական խումբին կը պատկանին։

Լրագրաց մէջ կը կարդաս անոնց յօդուածներն, որ ի նպաստ քեզի գրուած են, ապտակահանը կը դատապարտեն եւ զքեզ կ'արդարացնեն։

Գոհ կ'ըլլաս տեսնելով, թէ ազգին մէջ կը գտնուին գոնէ երկու երեք գրիչներ, որ ճշմարտութիւնը կը պաշտպանեն։ Շնորհակալութեան նամակներ կ'ուղղես իրենց։ Սիրտդ հանդարտ է։

Բայց շաբաթ մը յետոյ այդ երեք բանաստեղծներու միոյն մէկ ոտանաւորը կը կարդաս։ Բանաստեղծն կը դատապարտէ ոտանաւորով ինչ որ պաշտպանած էր արձակով։

Կը հանդիպիս իրեն ու կը հարցնես.

Ի՞նչ եղաւ, որ կարծիքդ փոխեցիր։

Քաւ լիցի, ես կարծիքս չեմ փոխեր, եւ մէկու մը չեմ ներեր, որ այդ նախատինքն ընէ ինձ։

Ոտանաւորիդ մէջ դատապարտեր ես զիս։

Ոտանաւորն ուրիշ ճիւղ է, արձակն ուրիշ, բանաստեղծ ըլլալու էք, որ գիտնաք։

Բայց զարկաւ ինձի այդ մարդը։

Ո՞վ կը պնդէ հակառակը, բայց ոտանաւորի մէջ չզարնելն աւելի դիւրութիւն ընծայեց վանկերուն եւ յանգերուն. փափկութիւն մը, քաղցր ներդաշնակութիւն մը տուաւ քերթուածին. մինչդեռ եթէ զարկաւի վրայ ոտանաւոր մը գրէի, շատ պաղ պիտի երթար։

Անամ, պապամ, թող ոտանաւոր մը պակաս ըլլար։ Ասկից զատ, գէշ մարդ ըսելու տեղ, աղէկ մարդ ըսած ես, գովեր ես ալ այդ անպիտանը։

Գէշն մէկ վանկ է, աղէկն երկու, եւ ինձի երկու վանկով բառ պէտք էր։ Ա՛հ, պուէտ ըլլալու էք, որ այս նրբութիւնները հասկնաք։

Չեմ հասկնար։

Էֆենտիմ, ղեկ բառին հետ յանգ չկազմեր էշը, աղէկ բառը անհրաժեշտ էր հոն։

Թող նոյնայանգ չըլլար այդ ոտանաւորն ու ճշմարտութիւն ըլլար։

Ոտանաւորի մը մէջ ճշմարտութիւնէն աւելի վանկ ու յանգ կը փնտռուին։

Ճշմարտութիւնն ո՞ւր փնտռելու է ուրեմն…

Այդ տարբեր խնդիր է։

Հասկցայ, մնաք բարով։

Եթէ չէք հաւատար, փորձեցէ՛ք։ Հարցուցէ՛ք երեսփոխանի մը, թէ ի՛նչ է իւր կարծիքն այս ինչ խնդրոյ վրայ։

Ժողովը չմտած կարծիք մը պիտի յայտնէ եւ ժողովոյ մէջ այդ կարծեաց հակառակ կարծիք պիտի յայտնէ։

Լուսաւորեալ դարուս մէջ խնդրոյ մը վրայ մէկ կարծիքն բաւական չէ՛, աղքատութիւն է. իսկ շատ կարծիքներ հարստութիւն կ'ենթադրեն։

Օր պիտի գայ, ուր ընդհ. ժողովոյ ատենապետն խնդրոյ մը վրայ երեսփոխանաց կարծիքներն ժողվելու համար պիտի ըսէ.

Խնդիրը քուէի կը դնեմ, ուստի հաճեցէք յայտնել.

Ա. Ձեր անհատական կարծիքն,

Բ. Ձեր պաշտօնական կարծիքն,

Գ. Ձեր բերանացի կարծիքն,

Դ. Ձեր գրաւոր կարծիքն,

Ե. Ձեր արձակ կարծիքն,

Զ. Ձեր ոտանաւոր կարծիքն։

Եւ ձայնից մեծամասնութեամբ պիտի տրուի որոշումն։

Արդեօք մեր նախնիք ալ ասա՞նկ էին։

Արդեօք մեր թոռներն ալ ասա՞նկ պիտի ըլլան։

Be the first who will comment on this

Other parts of "Խիկար"

Yatuk Music
Yerevan etudes
Alexander Spendiaryan

Yerevan etudes

Church Karmravor of VII century
Church Karmravor of VII century
Play Online