Hakob Paronyan

Խիկար

Խիկարի հետ

ՄԵՐ ԽԻԿԱՐՆ ԱԼ ԱԼԱՖՐԱՆԿԱ է ԵՂԵՐ

Պոնժուր, պոնժուր, մոնսիո, քոմա՞ն թալէ վու, քոմա՞ն վա լա սանթէ:

Աստծու բարին: Ատ ի՞նչ կերպարանք է, Խիկար, ակնոց, պասթոն, ալաֆրանկա ես եղեր:

էյէ լոնէոր տը բարլէ ան ֆրանսէ, մոնսիո, ան ֆրանսէ, ան ֆրանսէ, քոմբրընէ՞ վու, օ՜հ, լը ֆրանսէ, օ՜հ, լա ֆրանսէզ:

Խենդեցա՞ր, ի՞նչ եղար, Խիկար:

Ժը նը վու քոմբրան, մուշու, մը քոմբրընէ՞ վու4:

Բայց հայերէն խօսէ, որ հասկնամ:

Ես ա՛լ ալաֆրանկա եղայ, հա՛, հասկցա՞ր, եւ ալաֆրանկա ըլլողի մը համար հայերէն լեզուն քիչ կու գայ: Իլ ֆո բարլէ ան ֆրանսէ, մոն շեր, ահ, մոն շեր, թիեն, մոն շեր, տոնէ մուա տեօ մեճիտիէ, մոն շեր: Նայէ, ի՛նչ անու­շութիւն կայ արտասանութեան մէջ:

Հայերէնին մէջ չկա՞յ այդ անուշութիւնը:

Չկայ, հապա, օրինակի համար, ինձի երկու մեճիտիէ տուր:

Վրաս չունիմ:

Չէ՛, այսինքն` օրինակի համար, ինձի երկու մեճիտիէ տուր ըսես նէ` հայերէնին մէջ պաղ կու գայ կոր, թանտիս քան ֆրանսէ տոնէ մուա տեօ մեճիտիէ, կարծես որ անուշութիւն մը կայ:

Միտքդ ի՞նչ է, երկու մեճիտիէ՞ կ՚ուզես:

Չէ:

Ի՞նչ գիտնամ հապա. մոն շեր, թիեն մոն շեր, ահ, մոն շեր, տոնէ մուա տեօ մեճիտիէ, մոն շեր կ՚ըսես նէ…

Ալաֆրանկա եղողները այդ խօսքերը շատ կը գործածեն տէ, ես ալ իբրեւ օրինակ գործածեցի:

Ըսել է որ այս ալաֆրանկա երիտասարդները դէմերնուն ելնողէն ստակ կ՚ուզեն կոր:

Կ՚ուզեն կոր, հապա, ալաֆրանկա ըլլալէն ետքը ինչո՞ւ չուզեն, ալաֆրանկայի մէջ ստակ առնելն ու չտալն ամօթ չեն սեպեր կոր. բայց հայերէն լեզուով ուզես նէ` չեն տար կոր, որովհետեւ հայերէն խօսիլը մեծ ամօթ կը սեպեն կոր: Անցեալ օր ազնուական ըսուած ընտանիքներուն մէկուն մէջ կը գտնուէի: Տասնի չափ երիտասարդներ եւ երիտասարդուհիներ նստած իրարու հետ ֆրանսերէն կը խօսէին կոր, ես ալ խօսակցութեան խառնուելու համար երկու խօսք ըրի հայերէն, ասոր վրայ ամէնքն իրարու ըսել սկսան. ահ, մոն շեր, ահ, մա շեր, սէթ էոն սովաժ, սեթ էոն կրանթ անիմալ: Հարցուցի որ ի՞նչ կը խօսիք կոր ինձի համար, օրիորդներէն մէկը կարմրելով ըսաւ՝ թէ կ՚ըսեն կոր որ դուն շատ քաղաքավար եւ ազնիւ մարդ մ՚ես: Այս խօսքին վրայ կրակոտ երիտասարդին մէկը ոտք ելլալով ըսաւ. մոն շեր, պեն էֆքեար սերպեսթլիյինի սեւերիմ, պիր ինսան սերպեսթ տիւշինմելի վէ սեյլեմելի, շու ճիհեթլէ Խիկար էշէք ատամ տըր, սիւիլիզասիոնտան պէ խապար, բրոկրետեն պիպեհրէ էոքիւզ միսալի պիր մախլուդ տըր քի արապայա գոշմագտան պաշգա պիր շեյէ եարամազ։

Ճեսարեթիմէ աֆվ էտինիզ, Խիկա՛ր, պեն տողրույու սեօյլեր պիր ատա­մըմ, պունտան մատէ, պիր խասթալըղը կիզլի թութարսաք իլաճընը պուլա­մայըզ, պունուն իչին սենին հալին սենտեն սագլարսաք օ հալտէ գալըրսըն, էվվեթ. սեն պիր աւանակ սըն, լաքին րիճա իտերիմ, կիւճենմեյին, էվիմիզէ կելմիշսին սանա րայեթ իթմէք պորճումուզ տուր, նասըլ քի րայեթտէ գուսուր էթմեյորուզ զաննըմ, պիզ միսաֆիր սեւեր ատամլարըզ, շու հալտէ սեն թեր­պիյեսիզ, ահմագ, եապանի, տիւնեատան պէ խապար պիր մախլուքսուն, լա­քին բարտոն, կիւճենմեյին, տերտ սեյլենմետիքճէ տերման պուլունմազ. պեն սենի սեւտիյիմտեն սեյլեյորում, պու ճիւմլէ րայեթիտէ էլտեն պրագմայորում, էվեթ, ատամ սըրասընա կեչմեք իսթերսեն, պու քըյաֆեթինի տեյիշիպ, սեթրի բանթալոն կիյիպ, կեօզլիւք, պասթոն քուլլանմալըսըն, էրմենիճէ լաքըրտը ասլա էթմեմելիսին, իշտէ օ վագըթ ֆամիլեալար իչինէ կիրերսին, մատմազել­լերիլեն քոնուշուպ կիւլեր օյնարսըն, կեզերսին, կիտերսին, կելիրսին։

Ասոր պէս խել մը խօսքեր ալ ըսաւ, բայց ողջ ըլլայ, միշտ ներումն խնդրելով ըսաւ եւ պէտք եղած յարգանքներն ալ ըրաւ: Ես ալ հետեւեալ առ­տուն շիտակ պիթ բազար գացի, միւս հագուստներս ծախեցի եւ ասոնք առի: Դուն իմին տեղս ըլլայիր նէ` ալաֆրանկա չէ՞իր ըլլար, մոն շեր, թիեն, մոն շեր, ահ, մոն շեր, տոնէ մուա տեօ մեճիտիէ, մոն շեր:

Այնչափ անվայել խօսքեր ըրին նէ` չբարկացա՞ր:

Բարկանալու ժամանակ չեն տար կոր որ, աւանակ ըսելնուն պէս` ետեւէն ներումն կը խնդրենք, կ՚ըսեն կոր, ե՞րբ բարկանամ: Ալաֆրանկան սա
աղէկութիւնն ալ ունի, որ դիմացինիդ ուզածիդ չափ կը հայհոյես կոր ու ներեցէք ըսելուդ պէս` դիմացինիդ ալ յօշը կու գայ կոր, բերանը չը բանար կոր: Մեր մէջ ըլլայ նէ` ան անոր կը զարնէ, ան անոր կոկորդը կը սխմէ ու կռիւ կ՚ելլայ. ալ այսչափ առաւելութիւն տեսնելէն ետքը ինչո՞ւ ալաթուրքային պո­չը բռնեմ երթամ:

Ալաֆրանկա ըլլալու համար նախ ի՞նչ պէտք է:

Նախ պէտք է հայերէն չխօսիլ, հայերէն խօսողներէն հեռու փախչիլ:

Ի՞նչ լեզու գործածելու է:

Ֆրանսերէն, տաճկերէն, յունարէն, հրէաերէն, չինկեաներէն. հայերէն չըլլայ տէ` ինչ ըլլայ նէ` ըլլայ: Երկրորդ` պէտք է քիչ մը թեթեւ ըլլալ, իգական սեռէն հեռու չփախչիլ, կարելի եղածին չափ տիկիններն ու օրիորդները յար­գել. անոնց առջեւ կապիկի պէս ցատկռտել, կոտրել, կոտըրտուիլ։ Երրորդ` ծանր չըլլալ: Չորրորդ` ասկից անկից ստակ ուզել, մանիքեթ առնել, ակնոց առնել:

Դուն մէկէ մը ստակ ուզեցի՞ր:

Ալաֆրանկա ըլլալէս ի վեր տասը մեճիտիէ տուի անոր ասոր։

Դուն ալ չուզե՞ս:

Ես աղէկ մը չկրցի վարժուիլ տէ, դժուար կու գայ կոր: Հինգերորդ` պէտք է որ ամէն առտու բուտրա քսես երեսդ, ասոնք չընես ալ նէ` կ՚ըլլայ, բայց թեթեւութիւնը անպատճառ ընելու ես: Մոռցայ ըսելու, որ անունդ ալ ֆրանսերէն պիտի դնես. Գէորգ ես նէ` Ժորժ պիտի ըլլաս, Կարապետ ես նէ` Շարլ կամ Քարլո: Ահաւասիկ այսչափ է: Վուալայ, մոն շեր, ահ, մոն շեր, թիեն, մոն շեր, թիեն, մոն շեր, տոնէ մուա աեօ մեճիտիէ, մոն շեր: Ի՞նչպէս, աղէկ կ՚ընե՞մ կոր:

Գէշ չէ:

Եկուր քիչ մ՚ալ բոլքա խաղանք քեզի հետ:

Գրասենեակին մէջ բոլքա կը խաղցուի՞, բա՛նդ գնա, ձեռագիր գրեմ պիտի:

Եկուր խաղանք, եկո՛ւր, չէ նէ` օտապաշին կամ ուրիշ մէկը գտիր, որ խաղամ, որովհետեւ այս գիշեր սուարէ տանսանթ մը կայ, ես ալ հրաւիրուած եմ, բոլքա պիտի խաղամ, քիչ մը վարժութիւն պէտք է:

Ի՞նչ վարժութիւն պիտի ընես:

Սա վարժութիւնը պիտի ընեմ, որ տամային ձեռքը ի՞նչպէս սխ­մելու է, որ ուրիշները չտեսնան:

Խիկա՛ր, դուն ալաֆրանկային վնասակար կողմերը սորվեր ես:

Հիմակուան գործածուածը սորվեցայ: Ահ, մոն շեր, թիեն մոն շեր, տոնէ մուա տեօ մեճիտիէ, մոն շեր: Ատիէո, մոն շեր, ժը վու սալյու, մոն շեր, ժը լոնէոր տը վու սալյուէ, մոն շեր, վու զաւէ լոնէոր տը վու զեթրը սալիւէ, մոն շեր, ահ, մոն շեր, տոնէ մուա տեօ մեճիտիէ, մոն շեր, ասոնք են ահա հիմակուան գործածուած ալաֆրանկա խօսքերը:

Աստուած շնորհք տա յ:

Մեր երիտասարդներուն:

ԱԶԳ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ

Խիկա՛ր, ուրբաթ օրը ընդհ. ժողովին պիտի երթա՞ս:

Չէ՛, պարապ խօսքեր մտիկ ընելու ժամանակ չունիմ:

Ինչո՞ւ պարապ ըլլան, կը բողոքեն, կ՚առաջարկեն, բեմը կ՚ելնեն, ատե­նաբանութիւն կ՚ընեն, դուն ձախակողմեան ես, ես աջակողմեան եմ, խօսքս սխալ արձանագրուած է, շտկեցէք, աւրեցէք ըսելով…

Ազգին ծառայութիւն կ՚ընեն, այնպէս չէ՞, արդեօք երեսփոխան էֆեն­տիները գոնէ հիմա սկսա՞ն ամչնալ` համոզուելով, որ տասնըեօթը տարիէ ի վեր խեղճ ազգի մը գլխուն անցած՝ չնչին եւ տղայական խնդիրներով զբաղե­լով՝ ազգին մէջ դաստիարակութեան ծաւալման արգելք եղան. համոզուեցա՞ն արդեօք, որ տասնըեօթը տարուան մէջ ազգին ամենափոքր ծառայութիւն մը ըրած չեն։

Անոնց հոգն անգամ չէ, աշխարհ կործանի, աշխարհ վերականգնի նէ` հարիւր տասնըեօթը տարի ալ այսպէս պիտի շարունակեն:

ԿԱՆՈՆԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ ԱՆԿԱՆՈՆՈՒԹԻՒՆԸ

Բարի՛ եկար, Խիկա՛ր, Վանէ՞ն կու գաս:

Չէ, Վանէն չեմ գար, բայց ինչո՞ւ հարցուցիր:

Գլուխդ ֆէս եւ ոտքդ ոտքի աման չտեսայ ու կարծեցի, որ Վանէն կու գաս:

Վանեցիները ֆէս ու ոտքի աման չե՞ն հագնիր:

Չէ։

Գլուխ չունի՞ն, ոտք չունի՞ն:

Ինչո՞ւ պիտի չունենան. Վանեցիները մեր ազգային իշխանութի՞ւնը կարծեցիր. գլուխ ալ ունին, ոտք ալ ունին, բայց գլուխնին բաց պտտիլ սկսան…

Ալաֆրանկա՞ ըլլալու համար…

Ոտքի աման ալ չգործածել սկսան…

Ոտքի ամաններու վրայ ալ տո՞ւրք դրուեցաւ, թէ կառավարութիւնը հարուստներու ձիերը առած ըլլալով՝ աղքատներն ալ ոտքի ամանները տալու որոշում տուին:

Ոչ մին եւ ոչ միւսը:

Ինչո՞ւ ուրեմն առանց ֆէսի եւ ոտքի ամանի կը պտտին:

Որովհետեւ Վանայ մէջ գտնուած կանոնաւոր զօրքերը դէմերնին ելնող­ներուն ոտքի ամաններն ու ֆէսերը կը յափշտակեն եւ իրենք կը գործածեն եղեր: Գիւղերը մտնալով գտածնին կ՚առնեն եղեր. դասատուներուն փայտ կրել կու տան եղեր:

Կանոնաւո՜ր զօրքերը…

Արանց եւ կանանց, ծերոց եւ տղայոց ամէն տեսակ չարիք կ՚ընեն եղեր:

Կանոնաւո՜ր զօրքերը…

Վանէն գրուած նամակի մը նայելով, մարդ չհամարձակիր եղեր դուրս ելնելու:

Կանոնաւո՜ր զօրքերը:

Այո՛, կանոնաւոր զօրքերը:

Կանոնին այսչափ վնասները տեսնուելէն ետքը, ինչո՞ւ կանոնը չեն վերցներ այդ զօրաց մէջէն:

Ո՛վ գիտէ: Բայց ի՞նչպէս կ՚ըլլայ, որ տեղական կառավարութիւնը թող կ՚ուտայ որ…

Տեղական կառավարութիւնը հո՞ն է մի:

Հոն է եա՛. .

Ի՞նչ գիտնամ, այդ ըսածներդ լսեցի նէ` կարծեցի, որ տեղական կա­ռավարութիւնը այդ զօրաց ձեռքն է:

Չէ, բայց կը զարմանամ, թէ կուսակալը ի՞նչպէս ձայն չհաներ:

Ինչէ՞ն գիտես, որ այդ խեղճին ալ ոտքի ամաններն ու ֆէսը չեն առած:

Բայց ինչո՞ւ ձայն չհաներ:

Ինչէ՞ն գիտես, որ զօրքերը անոր ձայնն ալ չեն առած, քանի որ կ՚ըսեն` թէ ամէն գտածնին կ՚առնեն ու կը տանին:

Ներեցէ՛ք, Խիկար, ձեզի բան մը պիտի յիշեցունեմ, որովհետեւ քու յիշողութիւնդ տկար է:

Պարտքի մասին տկար, իսկ առնելիքի մասին խիստ զօրաւոր է, կ՚ըսէր ատենօք Սոկրատը ծաղրող կատակերգուն: Յիշեցուցէք:

Կը խոստովանի՞ք ուրեմն, թէ պարտքի մասին տկար է յիշողու­թիւննիդ…

Այո՛, ըստ տիրող սովորութեան:

Ուստի ես ալ ձեր մէկ պարտքը պիտի յիշեցունեմ ձեզի, այն է, թէ լեզունիդ քիչ մը չափաւորեցէք եւ այնպէս խօսեցէք:

Ես ամիս մը խորհեցայ եւ գործածելիք լեզուս որոշեցի, եւ ի՞նչ ըսի որ: Վանէն Մանզումէին գրուած նամակի մը ըսածները պատմեցիր ինձի, ես ալ անոնց վրայօք հարցումներ ըրի:

Այո՛, բայց եւ այնպէս…

Մանաւանդ որ Հայաստանի մէջ գործուած անիրաւութիւնները օս­մանեան երեսփոխանական ժողովին մէջ ալ վաւերացուեցան միաձայն հա­ւանութեամբ:

Այո՛, բայց եւ այնպէս…

Ցաւերնիս յայտնելու ենք, որ բարեխնամ կառավարութիւնը իմանայ եւ հարցունէ Վանայ կուսակալին, թէ ի՞նչ կ՚ընէ ան տեղը: Եթէ ասկից առաջ ունենայինք խօսելու հիմակուան ազատութիւնը, զոր Սահմանադրութիւնը շնորհեց մեզի, այս հարստահարութիւնները շատոնց կը վերնային:

Այո՛, բայց եւ այնպէս… ի՞նչ հարկ կայ… ըսէ՛ ինծի, եթէ Վանէն չես գար` ի՞նչ եղան ուրեմն ֆէսդ ու ոտքի ամաններդ:

Երէկ իրիկուն մեծ ընկերութեան մը մէջ վիսթ խաղացի, բարեկա՛մ:

Հասկցայ, ազնուական չերքեզներու հանդիպեր ես:

Այո՛, մնաք բարով:

Երթաք բարով, չորեքշաբթի կը սպասեմ:

Կու գամ:

ԽԻԿԱՐԻՆ ԵՐԱԶԸ

Բարի՛ եկար, հայր Խիկար:

Բարո՛վ տեսանք, ինձի աթոռ մը տուր, գէշութիւն եկաւ վրաս… պիտի մարիմ…

Պիտի մարի՞ս… մարելու ի՞նչ կայ, խելքդ գլուխդ բեր, բաղնիքի մէջ չենք…

Հիմա մարելու համար ելնելու ջուրերը երթալու չէ ա՛, հոս ալ կրնամ մարիլ… լիմոն բերէ՛ք:

Բայց ինչո՞ւ պիտի մարիք…

Խաղաղութեան հաստատ մնալուն համար պիտի մարիմ, որովհետեւ քառասուն օր է ծոմ կը բռնեմ կոր եւ խաղաղութիւն չունիմ, շո՛ւտ ըրէք, լիմոնը:

Վարդապե՞տ պիտի ըլլայիր, որ քառասուն օր ծոմ բռներ ես:

Ստակ մը չմնաց վրաս:

Պաշի պոզուխներո՞ւն հանդիպեցար:

Այո՛, առանց գործի մնացի. անգործութիւնը անանկ պաշի պոզուխ մ՚է, որ մարդուս վրայ բան չթողուր. լիմոնը տո՛ւր:

Ինչո՞ւ անգործ մնացիր:

Անոր համար, որ շիտակ լուր բերողներուն ստակ տուող չկայ, օրը հարիւր սուտ կ՚ելլայ կոր:

Կերակուր բերէք Խիկարին:

Շնորհակալ եմ, Աստուած զիս Թատրոնէն չզատէ:

Խօսէ՛ տեսնենք, երեք ամիս ի՞նչ ըրիր:

Յիսուն օր քնացայ, քառասուն օր ալ ասդին անդին պտտեցայ։

Քունդ պարա՞պ անցուցիր:

Չէ, քունիս մէջ բաւական բաներ տեսայ, շատ անգամ ալ քեզի հետ տեսնուեցայ, քուկին միտքդ չգա՞ր կոր աշտարակին վրայ խօսելնիս:

Չէ։

Կեցի՛ր, համառօտիւ պատմեմ ուրեմն:

Գիշեր մը ժամը երեք ու կէսին միջոցները Թոփհանէին աոջեւ ձի մը հեծայ եւ սկսայ վազել դէպի երկինք. Աստուած բարին կատարէ:

Սիւրիճին ալ ետեւէն կը վազէ՞ր կոր:

Մինչեւ որ ստակը չառնեն նէ` անոնք ձիուն պոչէն կը բաժնուի՞ն:

Բարձրանալով բարձրացայ եւ երկնքին երեսը գտնուող գիսաւոր աստղի մը պոչէն բռնեցի. Աստուած բարին կատարէ: Այս միջոցին հիւսիսը սկսաւ սաստկաշունչ փչել. ես ալ գիսաւորին պոչին փաթըթուած սկսայ օդին մէջ տարուբերիլ հիւսիսէն դէպի արեւմուտք, արեւմուտքէն դէպի հիւսիս: Հիւսի­սային կողմը նուագածուին մէկը առջեւը նոթայ մը առած, վրան նայելով խաղ մը կը կանչէր. արեւմտեան կողմն ալ երկու երեք հոգի նստած` օբերայ կ՚եր­գէին: Էհ, կ՚ըսէի մտքովս, դուք խաղ կանչեցէք, ես ասանկ օդի մէջ պարեմ։ Այս խօսքս լմնցնելու չմնաց, այդ երեք հոգիներէն մէկը ձեռքը լուսթրոճիի վրձին մը բռնած` եկաւ ասդիի մարդուն առջեւի նոթային վրայ քսելով` աւրեց զայն: Աս աւրուելուն պէս` գիսաւորին պոչը բրթաւ եւ ես ալ ինքզինքս աշ­տարակ իմը վրայ տեսայ. Աստուած բարին կատարէ: Բնական է, որ աշտարա­կի վրայ մնալն աւելի քիչ վախ կու տայ մարդուս` քան օդի մէջ տարուբերիլը. ուստի սիրտս քիչ մը հանգստացաւ: Աշտարակէն վար նայեցայ, որ ամէն ազգէ շատ մը գործաւորներ իրարու հետ կը խօսէին, առանց իրարու խօսք հասկնալու. այս տեսածիս պէս` ըսի մտքովս, ընդհանուր ժողով գումարուեր է հոս, սահմանադրութեան վերաքննութեան վրայ վիճաբանելու համար. սակայն, կ՚ըսէի, օտարականներն ի՞նչ գործ ունին այս ժողովին մէջ:

Այդ օտարականներն ի՞նչ գործ ունին եղեր հոն:

Այդ կէտը հասկնալու վրայ էի, երբ զքեզ տեսայ եւ ուրախութենէս արթնցայ:

Քու արթննալէդ ետքը, օտարականներն հոն մնացի՞ն, կ՚ըսես:

Չեմ կարծեր, իմ արթննալէս ետքը ամէնն ալ ցրուած ըլլալու են:

Ինչէ՞ն գիտես:

Անկից գիտեմ, որ հրէային մէկը խօսք կ՚ուզեմ, խօսք կ՚ուզեմ ըսե­լով՝ արիւն քրտինքի մէջ մտաւ եւ իրեն ոչ թէ միայն խօսք չտրուեցաւ, այլ ի կարգ հրաւիրուեցաւ սա յայտարարութեամբ, որ եթէ անգամ մ՚ալ խօսք ուզէ` պաշտօնէն կ՚իյնայ:

Ակռաներդ սխմելով չէի՞ր կրնար քիչ մ՚ալ քնանալ եւ սա բազմութեան ինչ ըրածն աղէկ մը հասկնալ:

Թող կու տա՞ն մարդուս, որ ուզածին չափ երազէ:

Յիսուն օրուան մէջ ուրիշ երազ չտեսա՞ր:

Շատ երազ տեսայ. ամէնն ալ մէկ օրուան մէջ պատմել կ՚ըլլա՞յ. մնա­ցածներն ալ մէկիկ մէկիկ կը պատմեմ:

Գալ շաբթու կը սպասեմ:

Շատ աղէկ:

ԽԻԿԱՐՆ ԿՐՕՆԱՒՈՐ

Վերջապէս, հայր Խիկար, ըսածդ կատարեցիր ու կրօնաւոր եղար:

Ի՞նչ ընէի, ուրիշ ճամբայ չկար. ինձի սըկէ սուրճ մը ապսպրէ :

Շատ աղէկ, ի՞նչպէս էք, նայինք:

Փառք Աստուծոյ, սա ծխախոտդ տուր:

Հրամմեցէ՛ք, ազգային ի՞նչ լուր ունիս նայինք:

Ի՞նչուս պէտք իմին ազգային լուր, սա կրակը տո՛ւր:

Հրամմեցէ՛ք, հա՛յր, ի՞նչպէս ժամանակ կ՚անցունէք կոր, նայինք:

Ի՞նչպէս պիտի ըլլայ, վարդապետ մը ի՞նչպէս կեանք կրնայ անցունել, ծանօթներուս տունը կ՚երթամ, կերակուրս բարեկամներուս տունը կ՚ուտեմ, ցերեկները կը քնանամ, գիշերները կը քնանամ… սա տեղ ճաշարան կայ նէ` ինձի կերակուր ապսպրէիք:

Գլխուս վրայ. տղա՛յ, գնա՛ վարպետին ըսէ, որ վարդապետին կերա­կուր բերէ: Թաղին վարժարանը ի՞նչպէս կ՚երթայ կոր:

Իրաւ որ հարցուցած չունիմ, հարցունելու ժամանակ ալ չունիմ: Սա ծխախոտդ տայիր… սա անցնողները ո՞վ են:

Չեմ ճանչնար:

Շնորհալի ընտանիքի մը կը նմանին կոր, տղան ալ ի՛նչ սիրուն է:

Հրամմեցէ՛ք, հա՛յր, կերակուրը բերի:

Ծօ տղա՛յ, աս խորովածին քանի՞ ղուրուշ կ՚առնէք:

Չորս ղուրուշ, հա՛յր:

Գնա՛, թշուառական, վարդապետներուն համար չէ ա՛, ես ստակ մը չեմ տար, վաղը հայրդ մեռնելու ըլլայ նէ` կը թաղեմ, ես ալ ան ատեն ստակ չեմ ուզեր:

Ի՞նչ կ՚ըսէք, վարդապե՛տ:

Գործդ գնա՛, ես գիտեմ ըսածս, սըկէ շիշ մը գինի բեր:

Շատ աղէկ, կը բերեմ:

Հայր Խիկար, չըսէ՞ք, ազգային գործերուն վրայօք ի՞նչ կարծիք ունիք:

Մոռցանք ըսելու տղուն, որ քիչ մը բիլաւ բերէ:

Կ՚ըսենք. ազգային գործերն ի՞նչպէս կ՚երթան կոր:

Բիլաւն ալ ցերեկ ատեն ծանր չնստիր մի եա՜. մաքարոնին աւելի աղէկ է կարծեմ. բժիշկներն ալ խրատ կու տան, որ մաքարոնի ուտենք:

Ուզածդ բերել կու տանք: Երեսփոխանական ժողովին կ՚երթա՞ք երբեմն:

Ծօ տղա՛յ, լաքերթայով գինին ի՛նչ աղուոր կ՚երթայ կոր, գիտե՞ս, անց­եալ գիշեր Հայիմէն առի կէս օխայ, սակայն պատուական բան էր:

Այո՛, աղէկ կ՚ուտուի. Կրօն. ժողովն ի՞նչ ջուրի վրայ է:

Սակայն հետը քիչ մ՚ալ սոխ ըլլալու է:

Եկայ, հա՛յր, ուրիշ բան մ՚ալ կ՚ուզէ՞ք։

Էհ, քիչ մը էքմէք քատայիֆի ըլլայ նէ` գէշ չըլլար:

Հիմա կը բերեմ, վարդապետ:

Իզմիրի խնդիրը ի՞նչ եղաւ, հայր Խիկար:

Նոր վերարկու մը կ՚ուզեմ կոր շինել տալ, սա խանը բարեկամներ ունիմ, երթամ նայիմ խումաշը ձրի կրնա՞մ փրցունել:

Հայաստանի մէջ հարստահարութիւններ կ՚ըլլան կոր եղեր:

Խումաշը ձրի առնեմ նէ` կարողչէքը մեծ բան մը չէ:

Լսեցի, որ վարդապետները Պոլիսէն պիտի հանեն ու վանքերը պիտի ղրկեն եղեր:

Ւ՞նչ ըսիր, վարդապետները Պոլիսէն պիտի հանեն վանքերը մի պիտի ղրկեն, ըլլալո՞ւ բան է աս, մեր ազգին մէջ տակաւին վարդապետներու ար­ժէքը ճանչցուած չէ եւ ասոր համար է, որ ազգերնիս ետ ետ կ՚երթայ կոր… խեղճ վարդապետները վանքերը երթան ի՞նչ ընեն… ո՞վ է աս որոշումը տուողը… ո՞ր ժողովքին մէջ խօսքը անցեր է:

Իրաւ որ չգիտեմ:

Անանկ է նէ` սա կերակուրս ուտեմ ու վազելով պատրիարքարան իջ­նամ սա լուրը ստուգեմ, ասանկ բան մը իրաւ կայ նէ` վարդապետութիւնը լմնցաւ: Մնաք բարով, մնաք բարո՛վ, կու գամ, Տէր ընդ ձեզ:

Ե՞րբ կու գաք նորէն, հայր:

Գալ շաբթու:

Be the first who will comment on this

Other parts of "Խիկար"

Yatuk Music
Hoghushogh
Elen Yolchyan

Hoghushogh

Church Karmravor of VII century
Church Karmravor of VII century
Play Online