Hakob Paronyan

Ատամնաբոյժն արևելեան

Արարուած հինգերորդ

ՏԵՍԻԼ Ա.

ԵՐԱՆԵԱԿ, աթոռի վրայ նստած թաշկինակ ի ձեռին աչերը կը սրբէ

Սէ՛ր… սէր. այս գիշեր ալ վանեցիր արտեւաններէս այն անուշ նինջը, որ սիրահարեալ սրտերու առժամանակեայ հան­կուցիչն է. բաբէ՛, կը փախչի՞ս աչքերէս, զրկուեցայ ես քեզ­մէ, միայն արտասուք թափել մնաց ինձի բաժին եւ այն այս երիտասարդ հասակիս մէջ: Ամբողջ գիշեր թաշկինակ ի ձե­ռին արտասուքս սրբելով ժամերուն անցնելուն կը սպասէի անկողնոյս մէջ… Ո՜վ Աստուած իմ, սիրոյ թակարդին մէջ իյ­նողներուն ինչ դժուար է եղեր քնանալը… սիրականէն հեռու: Ո՜հ, նինջդ անուշակ, անհաշտ թշնամիդ սիրոյ, ո՞ւր ես, եկուր ծանրացի՛ր արտեւաններուս վրայ եւ ցրուէ՛ մտքէս դառն խոր­հուրդները, որք զիս ի գերեզման պիտի մղեն: Ահ, Լեւոն, չքնաղդ իմ Լեւոն, քեզմէ հեռու մեռեալ եմ ես, քու ներկայութիւնդ է, որ հոգի կու տայ ինձի, կը սիրեմ զքեզ մահու չափ, կեանքս քեզի հետ անցնելու որոշած եմ, քեզի նուիրած եմ իմ սիրտս, քեզի համար ստեղծուած եմ… թող հայրս սպառնալեօք խրոխ­տայ եւ անէծք թափէ գլխուս, ընդունայն է… թող մեր սիրոյ ամ­րապինդ շղթայն քայքայել աշխատի, անօգուտ է. չպիտի յա­ջողի իր բարբարոսական ձեռնարկութիւնը: Ա՜հ, Լեւոն, առաջին անգամ որ տեսայ զքեզ, սիրեցի, քու մէկ նայուածքդ հրապուրեց զիս. եւ երբ խօսիլ սկսար, բառերը սիրաբոյր շուրթերէդ սահելով, սիրտս մտան վիրաւորեցին զանիկա, ոչ ոք կրնայ բուժել այն վէրքը բացի քեզմէ: Քու շունչդ զեփիւռի պէս քաղցր է, եւ երբ քաղցրաբոյր շուրթերէդ սկսի փչել անուշ բուրումն, կը ծաւալի շուրջանակի. իբր թէ անուշահոտ իւղի սրուակի բերանը բացուէր, իսկ երբ շուրթերդ անշարժ դիրք մը առնուն, վարդի նախանձն կը յուզին. աղջիկ մ՚եմ, չեմ կարող նկարագրել, բանաստեղծ մը ըլլալու էի, որ ճիշտ քու պատ­կերդ ըսէի, եւ աղջիկ մը այսպիսի պատանի մը չպաշտէ, զո՞վ սիրէ… ինչպէս սիրտս կը բաբախէ: ( Պատուհանէն նայելով ) Ինչ կը տեսնեմ, Լեւոնն է… արդեօք կը սխալի՞մ: ( Աչ­քը սրբելով ) Նա ինքն է: ( Ասդիս անդին վազելով ) Զիս գրկելու կու գայ, հասի՛ր, Լեւոն… միս մինակ եմ… հասի՛ր անգամ մը փարիմ քեզի: ( Ցնորածի պէս ) Եկո՛ւր վարդագեղ այտերէդ սիրոյ պտուղներ քաղեմ ( Միշտ վազելով ):

ՏԵՍԻԼ Բ.

ՆՈՅՆ, ՆԻԿՈ


ՆԻԿՈ, վազելով

Փախան թշուա…

ԵՐԱՆԵԱԿ, առանց Նիկոյին երեսը նայելու կը պլլուի

Ա՛հ, իմ սիրուն Լեւոնիկս…

ՆԻԿՈ

Ի՞նչ կ՚ընէք, օրիորդ, պիտի խղդէք զիս:

ԵՐԱՆԵԱԿ

Ա՜հ դուն…

ՆԻԿՈ

Ես ի՞նչ յանցանք ունիմ… ես բռնեցի, անոնք փախան:

ԵՐԱՆԵԱԿ

Ահ, ես եմ, չբաժնուիս:

ՆԻԿՈ

Թո՛ղ զիս, երթամ գտնեմ:

ԵՐԱՆԵԱԿ, միշտ պլլուած

Ա՜հ, կ'ուզես զիս թողո՞ւլ:

ՆԻԿՈ

Օրիորդ… տիկին, փախուցի՞ր:

ԵՐԱՆԵԱԿ

Դուն կ'ատես զիս… դուն, Լեւոն:

ՆԻԿՈ

Խելքդ գլուխդ բեր:

ԵՐԱՆԵԱԿ

Դուն Լեւոնն ես, որ ուրիշի կերպարանօք կը ներկայանաս:

ՆԻԿՈ

Ես Նիկոն եմ, ձեր ծառան:

ԵՐԱՆԵԱԿ

Զիս խաբել կ'ուզես… պատուհանէն տեսայ դուն Լեւոն…

ՆԻԿՈ

Օրիորդ, Լեւոնը չեմ ճանչնար, եւ ոչ ալ Լեւոնն եմ:

ԵՐԱՆԵԱԿ

Լեւոնն ես դուն, Լեւոն… ( Պլլուած ):

ՆԻԿՈ

Լեւոնն ես… Լեւոնն ես… աս ի՞նչ փորձանքի հանդիպե­ցանք, բռնի Լեւոն ընել կ՚ուզէ զիս… թող զիս երթամ, գործ ունիմ, օրիորդ, ես չեմ Լեւոնը, սատկի շուն շան որդին ով որ է. ես Լեւոնը չեմ գիտեր:

ԵՐԱՆԵԱԿ

Դուն Լեւոնն ես, դուն ինքզինքդ չես ճանչնար:

ՆԻԿՈ

Ըսելիք չմնաց. կարելի է որ ես սխալած ըլլամ:

ԵՐԱՆԵԱԿ

Հերիք է, մի՛ տանջեր զիս, քեզի համար կեանքս վտանգի մէջ դրած եմ: ( Պագնելով ) Որքան կը փափաքէի քեզ համ­բուրել. եւ դուն զիս չես պագներ:

ՆԻԿՈ

Համբուրեմ, տիկին… համբերէ… համբուրէ քիչ մը, հի­մա կը համբերեմ… համբուրեմ ըսել կ՚ուզեմ. ես ասանկ բան ըրած չունիմ… քաջալերուէ, Նիկո: ( Կը համբուրէ ) Ահ… ( Լեւոնը դրան առջեւ կը տեսնուի ): Ծունկերս կը դողդողան ( Երանեակ աթոռի վրայ կ՚իյնայ ):

ՏԵՍԻԼ Գ.

ՆՈՅՆՔ, ԼԵՒՈՆ


ԼԵՒՈՆ, վազելով

Ինչ կը տեսնեմ. ա՜յ ուխտադրուժ աղջիկ… ինձի այն­քան գգուանք եւ հիմա ծառային հետ. ապերախտ ծառայ… ( Նիկոն կը հրէ ) ըրածդ ի՞նչ է:

ՆԻԿՈ

Ըրածս… ըրածս… ես ի՞նչ գիտնամ, բան մ՚է կ՚ընեմ… ես ծառայ մ՚եմ, ինչ որ հրամայէ օրիորդը, զայն կատարելու պարտաւոր եմ… ինձի կ՚ըսէ, որ դուն Լեւոնն ես… ես Լեւոն չեմ, կ՚ըսեմ. անիկա կը պնդէ, թէ ես Լեւոնն եմ. էհ, ըսի, հար­կաւ ինքը իզմէ աղէկ գիտէ ով ըլլալս, ինչ ըսեմ, մինչուկ հիմա ինքզինքս Նիկո գիտէի, սխալած եմ, Լեւոն եմ եղեր… ո՞վ գիտէ, ինչ շուն շան որդի սրիկային մէկն է աս Լեւոնը. դուք կը ճանչնաք զինքը թերեւս. համբուրէ զիս ըսաւ. ես, որ մինչեւ հիմա աս բառը շատ քիչ անգամ լսած եմ, գործողու­թիւնն ալ տեսայ. եւ դուն կը հարցնես, թէ ինչ է ըրածս. աղ­ուոր հարցմունք:

ԵՐԱՆԵԱԿ, սթափելով

Ո՞ւր եմ ես… ( Լեւոնը տեսնելով ) ահ, Լեւոն դուն… դուն…

ԼԵՒՈՆ

Ես… ես… կարծեմ անյարմար ժամանակին եկայ… ճիշտ այն կէտին, որ Նիկոն համբոյր կը թափէր այտերուդ:

ԵՐԱՆԵԱԿ

Նիկոն… Նիկոն… ահ, քնացած ժամանակս… թերեւս…

ԼԵՒՈՆ

Ա՛հ, թշուառական… ( Կը զարնէ Նիկոյին, որ կը փախչի ):

ԵՐԱՆԵԱԿ

Ի՞նչ է Նիկոյի յանցանքը:

ԼԵՒՈՆ

Դեռ կը համարձակի՞ս հարցնելու, դռնէն ներս մտած ատենս քեզ կը համբուրէր, եւ դուն անխօս…

ԵՐԱՆԵԱԿ

Միթէ դուն չէի՞ր, որ կու գայիր:

ԼԵՒՈՆ

Ի՞նչ կ՚ըսէք, ես հիմա եկայ:

ԵՐԱՆԵԱԿ

Պատուհանէն տեսայ, որ կու գայիր… չգիտեմ վրաս թմ­րութիւն մը եկաւ, աթոռի վրայ ինկայ… եւ…

ԼԵՒՈՆ

Նիկոն իզմէ առաջ մտած ըլլալուն պահուեցայ, որ ելնէ վերջը մտնեմ. երբ տեսայ, որ ելնելիք չունի, դուռն ալ բաց էր, մտայ, եւ տեսայ որ…

ԵՐԱՆԵԱԿ

Ներէ, ցնորեալ սիրուհւոյդ… ուրեմն Նիկոն սխալմամբ… ( Լալով ) թշուառ եմ ես…

ԼԵՒՈՆ

Սրբէ՛ արցունքդ, կը ներեմ քեզի…

ԵՐԱՆԵԱԿ

Բոլոր գիշերը չքնացայ… մէկը չկրցի գտնել, որ ղրկէի քեզի իմաց տալու թէ գայիր. միս մինակ էի… եւ հիմա որ առտու եղաւ…

ԼԵՒՈՆ

Նամակդ առնելուս պէս շուտով տնէն ելայ պարահան­դէս գացի, հոն ալ քիչ մը նստայ, տուն դարձայ, որ պառկիմ քնանամ… չկրցի քնանալ որ…

ԵՐԱՆԵԱԿ

Ի՞նչ նամակ… ես չգրեցի:

ԼԵՒՈՆ

Դեռ ցնորա՞ծ ես. գրածդ չե՞ս յիշեր. մանաւանդ իմա­ցուցած էիր, թէ այս առտու կանուխ գամ:

ԵՐԱՆԵԱԿ

Կը սխալիս, Լեւոն…

ԼԵՒՈՆ

Ի՞նչպէս կը սխալիմ, իմ նամակս ալ ընդունած ըլլալդ գրած էիր:

ԵՐԱՆԵԱԿ

Ես նամակ չառի քեզմէ… ո՞րու հետ ղրկեցիր:

ԼԵՒՈՆ

Մեր ծերուկ Անթառամին հետ. եւ ինչպէս որ ապսպրած էիր, պատուիրեցի, որ խոհանոցին պատուհանէն վար նետէ: Բայց… նստելու աթոռ չունի՞ք հոս:

ԵՐԱՆԵԱԿ

Զարմանալի բան… սա խուցին մէջ աթոռ կայ, երթամ բերեմ: ( Երթալու վրայ ):

ԼԵՒՈՆ

Թո՛ղ ինձի ես բերեմ:

ԵՐԱՆԵԱԿ

Ի՞նչպէս կրնայ ըլլալ, որ ինձի նամակ գրէ եւ ես ալ պա­տասխանը ղրկեմ… բոլորովին անծանօթ են ինձի այս նա­մակագրութիւնները… խոհանոցին մէջ փնտռեմ նայիմ իր նամակը: ( Կ՚երթայ ):

ՏԵՍԻԼ Դ.

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ, վերջը ԼԵՒՈՆ, ԵՐԱՆԵԱԿ

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ, վազելով

Շունչս հատաւ վազելէն, այնչափ խայտառակութիւն… խեղճ Սոֆիս ալ ետեւէս կը վազէր, իյնալով ելնելով. տե՛ս սա երկու ցնդած պառաւներուն ըրածը` մեզի բռնելու համար պարահանդէս եկած են… թէ որ իմացուի ասոնք… ով կը կան­չէ զիս իր տունը… անպատիւ եղայ ( Աթոռի վրայ կը նստի ):

ԼԵՒՈՆ, աթոռ բերելով

Ահ, Երանեակ, քու սիրոյդ համար…

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ահ, իմ սիրոյս համար… ( Փատով կը ծեծէ ) ահ, իմ սի­րոյս համար… ուրիշ տեղ մը որոշենք տեսնուելու համար… առանձին մնանք… քեզի կը պատմեմ հօրդ ատամնաբուժու­թիւնը: ( Միշտ ծեծելով ) Շատ կը սիրեմ զքեզ… լեզուով չեմ կրնար բացատրել, ուր մնաց թէ… փատով… թէ որ ինձի նա­մակ գրելու ըլլաս… հասցէն այսպէս ըլլայ. առ Հ. Գ. Կ. Լեւոն, Սիրահարեալներու փողոց, թիւ 20.

ԼԵՒՈՆ

Ինչո՛ւ կը զարնէք, պարոն:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Շատ կը սիրեմ զքեզ…

ԵՐԱՆԵԱԿ

Բաւ է, բաւ, բարբարոս մարդ, չե՞ս ամչնար ուրիշ կնիկ­ներ կը սիրես այդ տարիքիդ մէջ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Դէ՞մ կը խօսիս:

ԵՐԱՆԵԱԿ

Այո՛, կը խօսիմ. ասիկա իմ հոգիս է, դուք զայն մեռցնել կ՚ուզէք… կը սիրեմ զինքը, ամուսինս է, կ՚իմանա՞ք:

ՏԵՍԻԼ Ե.

ՆՈՅՆՔ, ՍՈՖԻ

ՍՈՖԻ

Շունչս հատաւ վազելէն… քեզ ալ կորուսի… ի՞նչ ընեմ, ո՞ւր պահուիմ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Մի՛ խօսիր, գնա պահուէ սա խուցին մէջ:

ԼԵՒՈՆ

Կը խնդրեմ, պարոն Թափառնիկոս, լսէ աղաչանքս, աղ­ջիկդ ինձի տուր, զինքը երջանիկ պիտի ընեմ, կ՚աղաչեմ, ան­գութ մ՚ըլլար, իր սիրովը կ՚այրիմ, կը տոչորիմ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ինչ որ կ՚ուզէք ան ըրէք, կորսուեցէք, աչքս չտեսնէ։ ( Կը նստի աթոռի վրայ ):

ՏԵՍԻԼ Զ.

ՆՈՅՆՔ, ԹՈՎՄԱՍ

ԹՈՎՄԱՍ

Վերջապէ՛ս ձեռք բերի զինքը, բարեւ, պարոն:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ, աթոռէն ելնելով

Հրամմեցէք պարոն, Թովմաս… այսքան կանուխ… երէկ գիշեր աղուոր զուարճացանք, բաւական գինի խմեցինք… ես ալ հիմա արթնցայ… գիշերուան հագուստովս կը նստիմ: ( Մե­կուսի ) Կեղծենք:

ԹՈՎՄԱՍ

Ձեզի հետ խօսելու եկայ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Կրնաք խօսիլ… բայց առաջուց ըսէք ինձի, տիկինին ցաւը ինչպէ՞ս եղաւ:

ԹՈՎՄԱՍ

Շատ հանգիստ է, ձեզի ալ բարեւ ըրաւ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ողջ ըլլայ, խեղճը ո՛րքան կը տանջուէր:

ԹՈՎՄԱՍ

Ձեզի քանի մը խօսք պիտի զրուցեմ, բայց մի սրդողիք:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Սրդողի՞լն ինչ ըսել է. հրամմեցէք խօսեցէք… սուրճ մը բեր, Նիկո:

ԹՈՎՄԱՍ

Դուն սրիկային մէկն ես… դուն անառակին մէկն ես… դուն սինլքորին մէկն ես… դուն բարբարոսին մէկն ես… դուն խարդախ մէկն ես… վերջապէս մարդու կերպարանքով իշուն մէկն ես…

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ո՞վ ըսաւ:

ԹՈՎՄԱՍ, պոռալով

Ո՞վ կարծեցիր զիս… կինս առնես պարահանդէս տա­նի՜ս:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Հիւանդ էր, օդափոխութեան համար տարի:

ԹՈՎՄԱՍ

Զիս կը խաբէք, սրիկաներ, աշխարհի առջեւ քեզ իբրեւ սրիկա մէկը ներկայացնելէն ետքը վրէժ ալ պիտի լուծեմ:

ՏԵՍԻԼ է.

ՆՈՅՆՔ, ՄԱՐԹԱ


ՄԱՐԹԱ

Աստուած փորձանքնիդ տայ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Աս ո՞վ է:

ՄԱՐԹԱ

Տես ով եմ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Պարոնը կարծեմ իմ կինս է:

ՄԱՐԹԱ

Այդպէս է, անիծից ծնունդ. ի՞նչպէս, շատ աղուո՞ր է:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ի՞նչ բան:

ՄԱՐԹԱ

Սոխակի պէս կը խօսի՞:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ո՞վ:

ՄԱՐԹԱ

Տատրակի պէս կը նայի, այնպէս չէ՞:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ի՞նչ ըսել կ՚ուզէք:

ՄԱՐԹԱ

Ըսել կ՚ուզեմ, որ սիրամարգի պէս պճնասէր է: Ինչպէ՞ս էր գնդասեղի ցաւը… ասկէ շիտակ բանտ պիտի երթաք;

ԹՈՎՄԱՍ

Պատասխան տուր, ո՞ւր կը գտնուի հիմա իմ կինս:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ինձի՞ կը հարցնէք:

ՄԱՐԹԱ

Համբերեցէք, պարոն Թովմաս, հիմա ամէնն ալ երեւան պիտի գան, նախ եւ առաջ սա հագուստս փոխեմ ( Սոֆիին մտած խուցը կը մտնէ ):

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ, մեկուսի

Ի՞նչպէս պիտի կրնանք ազատիլ։

ՄԱՐԹԱ, Սոֆին քաշկռտելով

Ահա ձեր կինը, նամակ մ՚ալ ունի ի ձեռին…

ԹՈՎՄԱՍ

Սատանորդի կին, կը խաբես զիս… ի՞նչ նամակ է անի­կա, կարդա՛ մտիկ ընենք:

ՍՈՖԻ

Ներէ, իմ սիրելի ամուսինս, ( Կը կարդայ ). «Առ Պ. Հ. Թովմաս Մելքիսեդեկեան».

ԹՈՎՄԱՍ

Ինձի համար է… չըլլայ որ առեւտրական գաղտնիք մը ըլլայ:

ՍՈՖԻ, կարդալով

«Սիրեցեալդ իմ, անցեալ օր եկեղեցւոյն դրան առջին կեցած ինձի սիրոյ նշաններ կ'ուղղէիր ձեռքովդ… Քովս եղող մէկ քանի կնիկներ տեսան ու կասկածի գացին, կ՚աղաչեմ ուրիշ անգամ զգուշանաս… Թափառնիկոսին տուն չգտնուած ժամանակը…

ՄԱՐԹԱ, մեկուսի

Աս ի՞նչ է…

ՍՈՖԻ, շարունակելով

Առտուներն են… կրնաք գալ ու տեսութիւն ընել հետս

ՄԱՐԹԱ»:

ԹՈՎՄԱՍ, մեկուսի

Ով Աստուած իմ, ուրկէ՞ գտար այդ նամակը…

ՍՈՖԻ

Ձեր գրպանէն…

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Դուն սրիկային մէկն ես… դուն անառակին մէկն ես… դուն ծերացած ցնդած ցմդռկած պառաւին մէկն ես… կինս ալ անանկ է… զիրար կը սիրէք, անամօթներ, երիտասարդ­ներէն ամչցէ՛ք:

ԹՈՎՄԱՍ, շփոթուած

Ե՞ս:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Էական դերանուն եզակի Ա. դէմք ուղղական:

ՄԱՐԹԱ

Մե՞նք:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Էական դերանուն յոգնակի ուղղական Ա. դէմք:

ԹՈՎՄԱՍ

Ամենեւին…

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Մակբայ:

ԹՈՎՄԱՍ

Սուտ…

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ածական:

ՏԵՍԻԼ Ը.

ՆՈՅՆՔ, ՆԻԿՈ


ՆԻԿՈ

Ամէնքն ալ հոս են…

ԵՐԱՆԵԱԿ

Ա՜հ, իմ սիրուն Լեւոնս…

ՆԻԿՈ

Կը յիշե՞ս, օրիորդ, քիչ մը առաջ ես Լեւոնն էի… ի՛նչ աղէկ էր Լեւոնութիւնը:

ԹՈՎՄԱՍ, ցած առ Մարթա

Ի՞նչպէս եղաւ որ աս նամակը իրենց ձեռքը կ՚անցնի։

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ, ցած առ Սոֆի

Թէ որ այս նամակը չգողնայի՜ր:

ԼԵՒՈՆ, ցած առ Երանեակ

Անգամ մը քեզի հետ ամուսնանամ:

ՄԱՐԹԱ, ցած առ Թովմաս

Ի՞նչ պիտի ընենք:

ՍՈՖԻ, ցած առ Թափառնիկոս

Տեսնենք ի՛նչ պիտի որոշեն:

ԹՈՎՄԱՍ, ցած առ Մարթա

Պատիւնիս չարատելու համար անուշի կապենք:

ՄԱՐԹԱ, ցած առ Թովմաս

Ես ալ այն պիտի ըսէի:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ, ցած առ Սոֆի

Անուշութեամբ լմնցնենք սա խաղը:

ԹՈՎՄԱՍ

Չէք խօսիր…

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ի՞նչ պիտի խօսիմ. իմ կինս կը սիրես:

ԹՈՎՄԱՍ

Հապա դուն որ իմինս կը սիրես:

ՍՈՖԻ

Եւ տիկինը, որ իմ ամուսինս կը սիրէ:

ՄԱՐԹԱ

Եւ դուն որ…

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Դատի ելլալու ենք, որպէսզի իրաւունքը երեւան ելնէ:

ԹՈՎՄԱՍ

Անպատիւ պիտի ըլլանք ամէննիս ալ:

ՍՈՖԻ

Թող ըլլանք, իրաւունք կ'ուզենք մենք…

ՄԱՐԹԱ

Անամօթներ… ի՞նչ իրաւունք ունիք իրաւունք ունենալու:

ՏԵՍԻԼ Թ.

ՆՈՅՆՔ, ՄԱՐԳԱՐ


ՄԱՐԳԱՐ

Բարեւ, պարոնայք եւ տիկնայք:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Բարի եկար, պարոն Մարգար, մեր դատը դուն տես. պա­րոնը իմ կինս կը սիրէ, ես ալ անորինը կը սիրեմ. իրաւունքը որո՞ւ քով կը մնայ:

ՄԱՐԳԱՐ

Դուք արդէն դատը կտրեր էք, կռիւ պէտք չէ, հաշտ­ուեցէք:

ԵՐԱՆԵԱԿ

Հապա ե՛ս, որ Լեւոնը կը սիրեմ:

ՄԱՐԹԱ

Պապանձէ՛:

ՄԱՐԳԱՐ

Ահա ես ալ հրապարակաւ կը յայտնեմ միտքս, իմ փա­փաքս ալ ան է, որ Երանեակը Լեւոնի հետը ամուսնանայ, եւ մե­ծապէս շնորհակալ եմ որ առաջուց իմաց տուաւ:

ԵՐԱՆԵԱԿ

Պարոն Մարգարի ցուցուցած մարդասիրութենէն գոհ եմ, եւ ահա կը խոստանամ մինչեւ վերջին շունչս Լեւոնի հետ ապրիլ:

ՄԱՐԹԱ

Եւ դուն կը խոստանա՞ս ինձի հաւատարիմ մնալ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Այո՛:

ՄԱՐԹԱ

Այս եղելութիւնները պիտի մոռցուին… չեղածի պէս…

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Այո՛, անանկ պիտի ըլլայ:

ԹՈՎՄԱՍ, առ Սոֆի

Ձեր ակռայի ցաւն ալ կ'անցնի՞։

ՍՈՖԻ

Կ'անցնի:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ամէնքնիս ալ ուխտենք իրարու հաւատարիմ մնալ, զիրար սիրենք եւ այս գաղտնիքը մեր մէջ պահենք. որպէսզի պա­տիւնիս չարատի:

ՄԱՐԹԱ

Ահ, որքան որ չար բնաւորութիւն ունենաս, դարձեալ կը սիրեմ զքեզ ( Կը պագնէ Թափառնիկոսը ): Ասանկ պարա­գաներու մէջ չեմ կրնար արտասուքս զսպել: ( Լալով ) Երբ կը սկսին համբոյրները բերնէս վազել, արցունքն ալ աչքէս կը հոսի. դուն զիս լաւ մը չես ճանչցեր, քեզի համար կը մեռնիմ ես:

ԹՈՎՄԱՍ, լալով

Զիս յարտասուս շարժեցիր, իմ սիրուն Սոֆիս… ո՛րքան ժամանակ է որ շուրթերս այտերուդ դպած չէին:

ԼԵՒՈՆ

Ա՜հ, իմ Երանեակս:

ԵՐԱՆԵԱԿ

Ա՜հ, իմ Լեւոնիկս:

ՆԻԿՈ

Հապա, օրիորդ, որ զիս Լեւոն ըրիր:

ՄԱՐԹԱ

Աշխատէ, աղջիկս, Լեւոնը սիրելու:

ԹՈՎՄԱՍ

Առաւօտ եղաւ, երթանք, Սոֆի:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Քովս եկուր, անուշիկս:

ՄԱՐԹԱ

Ըհ, բերանդ պագնեմ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ըհ, լեզուդ խածնեմ:

ՍՈՖԻ, մեկուսի

Ինչպէս որ ձեռքս խածաւ:

ՄԱՐԹԱ

Ձեռքերդ սիրեմ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Սիրէ, սիրէ, կշտացիր:

ՆԻԿՈ

Ինձմէ զատ ամէնքն ալ ոտքի վրայ են:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ի՞նչ կը խնդաք ( Կ՚երգէ )

Հոս դպրոց մ՚է բարոյական,
Կառավարիչն է ձեր խղճի ձայն,
Թատրերգութիւնք անոր դասեր,
Որոնց մենք ենք դասատուներ:

( Ամէնքը մէկէն եղանակաւ )

Ի՞նչ ծանր պաշտօն:
Մնաք բարեաւ, հանդիսականք,
Կ՚աղաչեմք ձեզ ա՛լ չմոռնաք,
Կերակրեցէք մեզ նիւթապէս,
Որ կերակրիք բարոյապէս:

( Ամէնքը երթալու վրայ )

ՆԻԿՈ

Հապա օրիորդը, որ զիս Լեւոնը ըրաւ:

ՎԵՐՋ

Be the first who will comment on this

Other parts of "Ատամնաբոյժն արևելեան"

Yatuk Music
Lullaby
Alexander Spendiaryan

Lullaby

Split personality
Split personality
Play Online