Hakob Paronyan
Ատամնաբոյժն արևելեան
Արարուած երրորդ
ՏԵՍԻԼ Ա.
Թովմաս թիկնաթոռի վրայ նստած. Սոֆի անկէ քիչ մը անդին աթոռի վրայ նստած, թաշկինակովը երեսը գոցած.
Կիրակոս դրան առջին նստած կը մրափէ.
ԹՈՎՄԱՍ
Ցաւը չմեղմացա՞ւ, տիկին:
ՍՈՖԻ
Չէ, սիրելի ամուսինս, մանաւանդ թէ երթալով կը սաստկանայ, թէ որ այսպէս շարունակէ, վախնամ որ աչքս բաց պիտի անցընեմ գիշերը…: Ինձի մի ՛ սպասեր, դուն գնա անկողինդ մտիր, պառկէ: ( Մեկուսի ) Կարծես թէ այս գիշեր դիտմամբ չպառկիր:
ԹՈՎՄԱՍ
Համբերելու է, ինչ ընենք. ես իմ բախտիս վրայ կու լամ: Երիտասարդութեանս ատեն իմ միակ փափաքս էր ուժով, առոյգ ու գեղանի կին մը ստանալ, չեղաւ… չեղաւ… չեղաւ… փափաքս ի դերեւ ելաւ: Քեզ սիրեցի, ամուսնացայ հետդ, այսօր ակռադ կը ցաւի… վաղը գլուխդ… միւս օրը աչքդ… մէկ շաբաթէն մազերդ…: Ինչ գիտնամ, ամէն ատեն ցաւ մը կը զգաս վրադ…: Ափսո՜ս, որ ծերութեանս ատեն խաղաղ կեանք չեմ կրնար վարել… ամէն օր ցաւ… ցաւ… ցաւ…: Պարոն ատամնաբոյժն ալ չերեւցաւ, արդեօք տունը չէ՞ր:
ՍՈՖԻ
Ո՞վ գիտէ: Բժիշկները զիրենք ծանր ծախելու կը ջանան, հիւանդը կը տանջուի կամ կը մեռնի, չէ իրենց փոյթ, բաւական է, որ իրենց աշխատութեան վարձը առնուն… ա՜հ… որքան ալ սաստկութեամբ կը ցաւի: ( Մեկուսի ) Որքան ալ սատանայութեամբ կը կեղծեմ:
ԹՈՎՄԱՍ
Ցաւը ո՞ր կողմն է, տիկին:
ՍՈՖԻ
Ձախ կողմն է, սիրելի ամուսինս… ինչո՞ւ պարապ տեղը նստած կը խորհիս, անկողինդ պատրաստ է, պառկէ:
ԹՈՎՄԱՍ
Պառկէ… պառկէ… ինչ աղուոր կը տրամաբանես… առանց քեզի անկողին մտնելը ինձի համար գերեզման իջնալ է. պիտի կրնա՞մ անհոգ քնանալ, երբ այսպէս կը տանջուիս… քիչ մ՚ալ համբերէ տեսնենք, թէ որ Թափառնիկոսը չգայ, ուրիշ մը կանչել կու տանք:
ՍՈՖԻ
Պարոն Թափառնիկոսը որ ակռաներուս բնութիւնը գիտէ..
ԹՈՎՄԱՍ
Եթէ այդպէս է, անգամ մ՚ալ ղրկենք Կիրակոսը նայելու, թէ որ տունն է` առնէ գա յ …: Հա… դուռն է: ( Դրսէն կը զարնեն ) Դուռը կը զարնեն, Կիրակոս… Կիրակոս… Կիրակ…
ԿԻՐԱԿՈՍ, արթննալով
Ի՞նչ կայ… ի՞նչ…
ԹՈՎՄԱՍ
Ի՞նչ պիտի ըլլայ, դուռն է, գնա բա՛ց: ( Կիրակոս կ՚երթայ ) Վերջապէս եկաւ: Աստուած տար, որ շուտով անցընէր սա ցաւը, մենք ալ ազատէինք: Գալուն պէս մէկէն ի մէկ քովդ մի՛ կանչեր, վասնզի բժիշկներուն սովորութիւնն է եկած ժամանակնին սուրճ մը խմել եւ…
ՍՈՖԻ
Գիտեմ այդ սովորութիւնը…
ԹՈՎՄԱՍ
Աղէկ մարդ է սա Թափառնիկոսը. Եւրոպայի մէջ ուսեալ բժիշկներու պէս շատ ստակ ալ չուզեր. ինչ որ տաս` կ՚ընդունի ու հազար շնորհակալութեամբ կը մեկնի… ահա կու գայ:
ՏԵՍԻԼ Բ.
ՆՈՅՆՔ, ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ եւ ԿԻՐԱԿՈՍ
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Բարեւ… բարեւ…
ԹՈՎՄԱՍ, աթոռէն ելնելով
Բարի եկար, պարոն ատամնաբոյժ, հրամմեցէք, նստեցէ՛ք, ի ՞ նչպէս էք, աղէ՞կ էք:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Փառք Աստուծոյ, գէշ չեմ… ( Մեկուսի ) անօրէն կին: ( Բարձր ) Հրամանքնի՞դ:
ԹՈՎՄԱՍ
Ի՞նչ ըսեմ… մենք ալ… մենք ալ աղէկ. բան չկայ, փառք Աստուծոյ, միայն թէ մեր տիկինին ակռաները չգիտեմ ինչու այսքան շատ կը ցաւին… Կիրակոս, սուրճ բեր…
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Շնորհակալ եմ… չեմ ուզեր…
ԹՈՎՄԱՍ
Տարիէ մը ի վեր է միշտ կը ցաւի:
ՍՈՖԻ
Առաջուց ալ կը ցաւէր:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Ակռայի ցաւն ասանկ է:
ԹՈՎՄԱՍ
Ցերեկն այնքան շատ չցաւիր որքան որ գիշերը:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Այդպէս է, գիշերը կը սաստկանայ:
ԹՈՎՄԱՍ
Հրամանքնիդ ուշ մնացիք, ո՞ւր էիք, բաւական սպասեցինք ձեր ազնւութեանը:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Իմ ազնւութիւնս ակռայ քաշելու գացած էր, անոր համար ուշացաւ. թէ որ գիտնայիր ազնւութեանս գլուխն եկած փորձանքները… ինչ եւ է…
ԹՈՎՄԱՍ
Այսօր կ'երեւի որ շատ յոգնած էք. քանի՞ ակռայ հանեցիք:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Հարիւր կնկան ակռայ քաշեցի, տասը էրիկ մարդու:
ԹՈՎՄԱՍ
Աստուած բազկիդ զօրութիւն տա յ:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Ամէն։
ՍՈՖԻ, մեկուսի
Ի ՜ նչպէս սատանութեամբ կը խօսի մեր ատամնաբոյժը:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ, մեկուսի
Ի ՜ նչպէս վարպետութեամբ հիւանդ կը ձեւանայ տիկինը:
ԹՈՎՄԱՍ
Կրնա՞ք ինձի զրուցել, թէ ի՞նչ բանէ յառաջ կու գայ այս ցաւը:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Շատ պատճառներէ, ո՞ր մէկն ըսեմ, թէ որ մէկը քրտնած ժամանակը ոտները հողմին դէմ վերցնէ, ակռայի ցաւ կ՚ունենա յ:
ԹՈՎՄԱՍ
Մեր տիկինը ոտները հողմին դէմ չվերուց, հէ՞… տի ՛ կին…
ՍՈՖԻ
Ոտներս հողմին դէմ ի՞նչ գործ ունին: Տէր ողորմեա՜… խե՞նդ ես… ինչ ես:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Կրնայ ըլլալ որ… շատ ջուր խմելէն ալ ըլլա յ … ծառերն անգամ, որ ջրոյ կարօտութիւն ունին, թէ որ արմատէն ջուրը պակաս չընես, ան ալ կը փտտի… ուր մնաց որ ակռայ մը… ասկէ առնելով կրնամ ըսել, որ շատ ջուր խմելն ակռայի կը վնասէ: Բայց ասիկա Եւրոպայի բժիշկներուն կարծիքին դէմ ըլլալով, կը ջրեն:
ԹՈՎՄԱՍ
Կը ջրեն… կը ջր ե ն… իրաւունք ունիս… հայրս ալ կ՚ըսէր որ Եւրոպացիները ծառերը շատ կը ջրեն… անկէ միտքս մնացեր է: Եկուր տե՛ս, որ մեր տիկինը շատ ջուր ալ չխմեր:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Կրնայ ըլլալ որ… ( Մեկուսի ) Սուտերը կը հատնին: ( Բարձր ) Ատամնաբուժութեան քիչ մը տեղեակ ըլլալու էիք, որ կար ե նայիք հասկնալ… թէ որ մէկուն սիրտը նեղի ու չկարենայ ուզածն ընել, ակռայի ցաւ կ՚ունենա յ:
ՍՈՖԻ
Ը՛հ, ո՜հ, ո ՜ րքան կը ցաւի: ( Մեկուսի ) մարդ համոզելը էրիկ մարդերու տրուած է:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ, մեկուսի
Խարդախութիւնը կանանց առաջին ձիրքն է: ( Բարձր ) Կրնայ ըլլալ որ… թէ որ մէկը քսակին մէջ ստակ ունենայ, ակռայի ցաւ կ՚ունենա յ. ինչպէս որ հիմակուան երիտասարդներուն շատը այս ցաւէն չեն ազատիր. մի՛ նայիր որ իրենց հագուստը կապուստը տեղն է. միշտ այս ցաւն ունին, երբեմն կը սաստկանայ, երբեմն կը մեղմանայ: Այս օրերս շատցեր է այս ցաւը. մեր դրացի կօշկակար պարոն Նիկոդիմէոս Նաբուգոդ ո նոսորեանցին կինը տիկին… տիկին… անունը չեմ կրնար մտաբերել… տիկին… տիկին… տիկին… տիկին… տիկին… լեզուիս ծայրն է… տիկին… տիկին… տիկին… տիկին… նորելուկ անուն մ՚է… ի նքը քառասուն տարեկան է… տիկին… տիկին…
ԹՈՎՄԱՍ
Թող մնայ անունը…
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Վերջապէս անոր ալ ակռաները կը ցաւին, եւ ինչպէս որ յայտնի է, աւելի երիտասարդներուն ակռան կը ցաւի ՝ քան թէ ծերերուն… ծերութեան ատեն խիստ քիչ ան գ ամ կը պատահի… վասնզի…
ԹՈՎՄԱՍ
Ծերերը ակռայ չունին, ըսել կ՚ուզէք:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ, մեկուսի
Ինչպէս համոզելու է. ( Բարձր ) վասնզի մարդս քանի որ ծերանայ, ակռաներուն զօրութիւնը կը պակսի, եւ այն ատեն, փոխանակ ցաւելու, հասուն տանձերու պէս կը թափթփին: ( Մեկուսի ) Ժամանակն ալ կ՚անցնի:
ՍՈՖԻ, մեկուսի
Պարահանդէսի ուշ պիտի մնանք: ( Բարձր ) է՜հ, պարոն ատամնաբոյժ, կ՚աղաչեմ, որ ժ ամ առաջ սա ցաւն անցընենք, վասնզի ժամը կ՚անցնի:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Ահա եկայ. քիչ մը յառաջ եկէք, որպէսզի ուշադրութեամբ նայիմ: ( Տեսարանին առաջը կու գան ) Բաց բերանդ ( Ցած առ Սոֆի ) Ի՞նչ ճամբայ բռնելու է զինքը քնացնելու համար: ( Մատւըները Սոֆիին բերանը խոթած ակռաները քննելով ) Պատասխան չես տար… ինչո՞ւ չես պատասխաներ… ի՞նչ ճամբայ բռնեմք… ինչո՞ւ չես խօսիր… ( Սոֆի ձեռքովը Թափառնիկոսին ձեռքը վար կը քաշէ ) պատասխան տո՛ւր:
ՍՈՖԻ, ցած առ Թափառնիկոս
Պատրուակաւ մը զինքը դուրս ղրկէ, որ ընելիքնուս վրայ մտածենք.
ԹՈՎՄԱՍ, մօտենալով
Ի՞նչ կը մրմրաք… ինչպէ՞ս է:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Տակաւին յայտնի չէ: ( Սոֆիին աջ կողմի այտին մատւըներովը զարնելով ) Կարծեմ թէ ցաւը…
ԹՈՎՄԱՍ
Կ'ըսէր որ ձախ կողմը…
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Ես ալ անանկ պիտի ըսէի: ( Ձախ կողմի այտին մօտեցնելով ականջը ) Հա՛… հոս…
ԹՈՎՄԱՍ, մեկուսի
Ճարտար մարդու կը նմանի… ( Բարձր ) ի՞նչ կը նշանակեն ասոնք:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Ասոնք շատ նշանակութիւններ ուն ի ն, բաւական է որ յաջողինք:
ՍՈՖԻ
Ա՛լ չեմ կարող դիմանալ, ա՛հ… ո՛ւհ…
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ, ցած առ Թովմաս
Թէ որ կ՚ուզէք, հրամանքնիդ քիչ մը դուրս ելէք, ակռան պիտի քաշեմ… կրնայ ըլլալ որ վախնաք… վասնզի ծերացած էք:
ԹՈՎՄԱՍ, ցած առ Թափառնիկոս
Ինձի համար հոգ չէ, դուն գործդ տես, ես փտտած ծերերէն չեմ:
ՍՈՖԻ
Ի՞նչ կը խօսիք, ինձի ալ ըսէք. միթէ վտանգաւո՞ր է հի ւ անդութիւնս, յայտնապէս զրուցեցէք:
ԹՈՎՄԱՍ
Տէր ողորմեա՜… կանանց առջեւ գաղտնի խօսակցութիւն չըլլալու է. շուտով կասկածի կ՚երթան:
ՍՈՖԻ
Քիչ մը շուտ եղիք ուրեմն:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Գինի ունի՞ք, պարոն Թովմաս:
ԹՈՎՄԱՍ
Ունինք. ունինք, երթամ բերեմ. կը խմէ՞ք:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Խմելու համար չէ… պէտք է արդէն:
ԹՈՎՄԱՍ
Շատ աղէկ, երթամ բերեմ, Կիրակոս… Կիրակոս… Կիրակօս… աս տզան ալ միշտ կը քնանայ. ( Բարձրաձայն ) Կիրակ…
ԿԻՐԱԿՈՍ
Ի՞նչ կայ… ի՞նչ կայ…
ԹՈՎՄԱՍ
Ետեւես եկուր, մառանը իջնանք գինի բերենք:
ԿԻՐԱԿՈՍ, մեկուսի
Գիշեր ատեն գինի. աս գինեմոլն ալ ուրկէ՞ ելաւ:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Գաւաթ առնելու չմոռնաք, կուժ մ՚ալ:
ԹՈՎՄԱՍ
Աղէկ, աղէկ: ( Կ՚երթան ):
ՏԵՍԻԼ Գ.
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ, ՍՈՖԻ
ՍՈՖԻ, խնդալով
Խելքդ սիրեմ:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Ակռադ սիրեմ:
ՍՈՖԻ
Ի՞նչ վարպետութիւն բանեցնելու է, որ կարենանք այս գիշեր պարահանդէս երթալ. զինքը պառկեցնել անհնարին է, քովէս բաժնուիլ չուզեր:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Գինի կը խմէ՞:
ՍՈՖԻ
Կերակուրի ատեն միայն գաւաթ մը…
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Եթէ ստիպելու ըլլամ…
ՍՈՖԻ
Փորձէ… Կ՚ըսեն թէ այս գիշեր շատ բազմութիւն պիտի ըլլայ պարահանդէսի մէջ. ուր էր թէ մենք ալ կարող ըլլայինք այն բազմութեան մասնակցիլ, հագուստներս պատրաստած եմ:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Հապա ինձի՞ համար, ատամնաբոյժի մը շատ պատիւ չբերեր, որ պարահանդէսի մէջ պարէ, ցատկռտէ, պէտք է որ ես ալ ծպտեալ երթամ, որպէսզի ուզածիս պէս կար ե նամ զուարճանալ:
ՍՈՖԻ
Իմ մէկ շրջազգեստս կու տամ, կը հագնի՞ ս:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Ինչո՛ւ չէ:
ՍՈՖԻ
Հիմա առաջին գործերնիս պիտի ըլլայ պարոն Թովմասը վարպետութեամբ մը գինովցնել:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Այդ գործը ինձի թող:
ՍՈՖԻ
Ինչո՞ւ այսչափ ուշացար:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Տունը կնոջս հետ ծեծկուեցայ. չէր ուզեր զիս թողուլ. ես ալ պառկեցուցի զինքը, ոտները կապեցի, տնէն դուրս ելայ, կրնաք գուշակել որ ձեր սիրոյն համար ըրի ասոնք… ահ, Սոֆի, շատ կը սիրեմ զքեզ, գիշերուան հագուստէս աւելի կը սիրեմ, ինչ օգուտ որ դուն չես ճանչեր իմ արժէքս:
ՍՈՖԻ
Ե՞ս չեմ ճանչեր, կը սխալիք, պարոն Թափառնիկոս, հոգւոյս պէս կը սիրեմ զքեզ, ( Ցատկռտելով ) պարահանդ է սի մէջ…
ՏԵՍԻԼ Դ.
ՆՈՅՆՔ եւ ԹՈՎՄԱՍ շիշ մը, կոնք մը եւ գաւաթներ բերելով
ԹՈՎՄԱՍ
Ա՞ս ինչ պիտի ըլլայ, տիկինը կը պարէ:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Ես հրամայեցի, որ քիչ մը ցատկռտէ, որպէսզի… այսինքն … ըստ որում… որովհետեւ… իբր թէ… արիւնը տաքնայ եւ ցաւը… պաղի:
ԹՈՎՄԱՍ
Կարծեցի որ ցաւէն խելքը փախուց… ցատկռտէ, տիկին, ցատկռտէ՛, որովհետեւ բժիշկը այնպէս կը պատուիրէ:
ՍՈՖԻ
Յոգնեցայ:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Բա՛ւ է, ալ մի՛ ցատկեր, որ վերջն ալ պիտի ցատկռտես ( Մեկուսի ) պարահանդէսի մէջ:
ԹՈՎՄԱՍ
Ահա գինին, բաժակը եւ կոնքը բերի:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Տուէք… տիկինին պիտի տամ, որ բերանը լուայ, ( Լեցնելով ) բերաննիդ լուացէք, տիկին… այսինքն ակռաներդ:
ԹՈՎՄԱՍ
Գինի կը հրամմէ՞ք:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Թէ որ հրամանքնիդ ալ խմէք, չեմ մերժեր: Բժիշկները ընդհանրապէս գինին կը սիրեն, ինչպէս որ գեղջուկները սխտորը. չեմ խմեր ըսելու ալ ըլլամ, անհաւատալի պիտի թուի ձեզի, բայց աւելի ախորժակով կը տնկեմ, երբ ընկեր մը ունենամ դիմացս, մանաւանդ թէ ձեզի պէս մտերիմ բարեկամ մը:
ԹՈՎՄԱՍ, լեցնելով
Տնկեցէք ուրեմն:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Շնորհակալ եմ… կենդանութիւն:
ԹՈՎՄԱՍ
Անուշ անմահութիւն:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ, լեցնելով
Հրամմեցէք, բարեկամ:
ԹՈՎՄԱՍ, առնելով
Կենդանութիւն:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Անուշ ըլլա յ: ( Առ Սոֆի ) Ցաւդ ի ՞ նչպէս է, տիկին:
ՍՈՖԻ
Հարիւրին տասը պակաս:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Ըսել է որ գինին օգտեց. ա՛ռ քիչ մ՚ալ լուա ակռաներդ, ( Լեցնելով ) որպէսզի աս անտանելի ցաւէն խալըսիք: ( Սոֆի կ՚առնէ կը լուայ ) Ուրկէ՞ բերել կու տաք այս գինին, պարոն Թովմաս:
ԹՈՎՄԱՍ
Ադրիանուպոլսէն, թէպէտ եւ գինեմոլ մէկը չեմ, բայց կ՚ուզեմ որ խմելիքս ըլլա յ ընտիր գինի:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Պատուական գինի… ազնիւ գինի… աղուոր գինի… ափս ո ս որ ես ասանկ գինի չկրցի ձեռք բերել… կ՚ափսոսամ….
ԹՈՎՄԱՍ
Խմեցէք, պարոն, կ՚աղաչեմ, մի՛ քաշուիք:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Եթէ ընդունի ք ինձի հետ նետելու, այն ատեն կը խմեմ: ( Լեցնելով ) Հրամմեցէ՛ ք:
ԹՈՎՄԱՍ
Ի կենդանութիւն մեր տիկնոջ:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Անո ւ շ հրամմեցիք: ( Լեցնելով ) Ի կենդանութիւն ամէնուն ( Կը խմէ ): Տիկին, ինչպէ՞ս էք:
ՍՈՖԻ
Հարիւրին քսան:
ԹՈՎՄԱՍ
Ըսել է որ ցաւն սկսաւ պակսիլ, օրհնեալ ըլլաս, պարոն Թափառնիկոս, որ այս գիշեր մեզի հանգստութիւն պարգեւեցիր, անդադար քալեն այն ոտքը որ զքե զ մեր տունը բերին. վերջապէս ինչ որ ըսեմ քեզի համար քիչ է, թէ որ աս գիշեր գալու չըլլայիր, մինչեւ առտու բուի պէս պիտի սպասէինք. մեծապէս շնորհակալ ենք քէնէ, պարոն Թափառնիկոս, հրամմեցէք:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ, կը խմէ
Որովհետեւ գինին մարդու ոյժ ու զօրութիւն կը տայ, ծերերու համար ալ առողջարար ըմպելիք մը կրնայ սեպուիլ. ես ձեր տեղն ըլլայի երկու երեք տակառ աւելի բերել կը տայի այս գինիէն:
ՍՈՖԻ
Արդէն բաւական ունիմք:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Ուրախ լեր, պարոն Թովմաս, տիկինն ալ մեր խօսակցութեան մասնակից եղաւ. օ՜ն, ուրեմն խմենք, կը յուսամ, որ այս եղանակաւ ցաւն բոլորովին պիտի անցնի:
ԹՈՎՄԱՍ
Ինձի համար բաւ է բա՛ւ… ձեր խօսքն ալ չեմ կրնար կոտրել. կ՚ընդունիմ. կենդանութիւն:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Անուշ:
ԹՈՎՄԱՍ, քիչ մը գինովցած
Ընտիր գինի… ա՛ռ, տիկին, բերանդ լուա ՛ … ի ՞ նչպէս ես:
ՍՈՖԻ
Փառք Աստուծոյ, հանգիստ եմ, հարիւրին երեսուն: ( Մեկուսի ) Գինովութեան սանդուխին առաջին աստիճանին ոտքը կոխեց:
ԹՈՎՄԱՍ
Դուք չէք խմեր… զիս մինակ թողուլ, ամօթ… ամօթ…
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Շնորհակալ եմ: ( Կը խմէ ):
ԹՈՎՄԱՍ, աւելի գինովցած
Ընտիր գինի… եւ ինչպէ՜ս ալ շուտով ցաւն անցուց… ( Կը խմէ ) առողջութիւն, տիկին… ցաւդ ինչպէ՞ս է:
ՍՈՖԻ
Հարիւրին քառասուն:
ԹՈՎՄԱՍ
Աղէկ գինի… երկու գործ կը տեսնէ, առաջին, որ տիկինին ցաւն անցուց, երկրորդը ՝ իմ սիրտս կը նորոգէ… կարծեմ փակագծի մէջ առնուած: ( Լեցնելով ) Գինի ( Կ՚երգէ ):
Ով դու գինի կենսատու,
Որ ոյժ կու տաս ծերերու,
Կրնա՞մ մերժել ես զքեզ
Մինչդեռ կինս դու բուժես.
Բոլոր աշխարհ քեզ կը պաշտէ, գի ՛ նի,
Քանզի ծերերը կ'ընես պատանի:
Օ՛ն, ուրեմն խմենք զուարճանանք… տիկին, դուն ալ լուա… բերանդ: ( Կը խմէ ) Ցաւն ինչպէ՞ս է:
ՍՈՖԻ
Հարիւրին յիսուն ( Մեկուսի ): Ուշ պիտի մնանք…
ԹՈՎՄԱՍ
Ամէն բաժկին տասը կը պակսի ցաւը…
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Այո՛, ես ալ ան կը դ իտեմ:
ԹՈՎՄԱՍ
Ինձի այնպէս կու գայ, որ ցատկռտելն ալ աղէկ եկաւ, հրաման տուէք քիչ մ՚ալ ցատկռտէ:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Թող ցատկռտէ:
ԹՈՎՄԱՍ
Ես ալ փափաք ունիմ, ե՛լ, տիկին, պարենք: ( Կ՚ելնէ. կ՚իյնայ ): Ոհ, գլուխս դարձաւ:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Անկողինդ պառկէ, պարոն Թովմաս:
ԹՈՎՄԱՍ
Լեցո՛ւր, լեցո՛ւր, ( Կը խմէ ): Ի ՛ նչ անուշ… ( Կ՚երգէ ):
Որքան ազդու է այս գինի,
Ինչպէ՛ս ալ շուտ կը բուժէ,
Ամէն բաժկին ցաւն կը պակսի,
Մեր տիկինն ալ շատ հանգիստ է:
Բոլոր աշխարհ քեզ կը պաշտէ, գինի՜,
Քանզի ծերերը կ՚ընես պատանի:
Տիկինը հարիւրին յիսուն աղէկ է… անդին կը մնա յ յիսուն… բան մը չէ… լեցուր խմենք հիմա ի յիշատակ Նոյ նահապետի, որ այգի տնկելով գինովներու պարագլուխ հանդիսացաւ. լեցո՛ւր խմենք. իր անունը անմահացնելու համար անդադար տնկենք:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ, գինովցած
Ժամանակ չկորսնցնենք ( Կը խմէ ):
ԹՈՎՄԱՍ, խմելով
Զարմանալի են քու հրամաններդ, ո՛վ գինի: ( Կ՚երգէ ):
Գինի, գինի, դու վարդերես,
Բանաստեղծից կը հրամայես.
Ծերերուն սիրտ կը նորոգես,
Դերասանաց վարպետն դուն չե՞ս:
Եւ ո՞վ կրնայ քեզ մերժել, ո՛վ գինի,
Մինչդեռ ծերերը կ՚ընես պատանի ( Կը խմէ ):
ՍՈՖԻ
Ես ալ ձեռքովս մէյմէկ հատ հրամցնեմ, որ ամուսինս սանդուխին վերի աստիճանը ելնէ. առէք, սիրելի ամուսինս:
ԹՈՎՄԱՍ
Ձեռքդ սիրեմ, տո՛ւր ( Կը խմէ, կը սկսի աթոռին վրայ քնանալ ):
ՍՈՖԻ
Հրամմեցէք, պարոն Թափառնիկոս:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Շնորհակալ եմ ( Կը խմէ ): է՛հ, ընկեր, մի՛ քնանար:
ԹՈՎՄԱՍ
Ե՞ս… ե՞ս… չեմ քնանար:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ, գինով
Մի քնանար ( Բաժակ ի ձեռին կ՚երգէ )
Ուրախութիւն պարգեւող,
Տխրութիւնը փարատող,
Բժիշկ բոլոր ցաւերու
Դու չե՞ս, գինի կենսատու: ( Կը խմէ ):
ՍՈՖԻ
Զինքը անկողնոյն մէջ պառկեցուր, ես ալ երթամ հագուստները բերելու, որ երթանք: ( Կ՚երթայ ):
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Պարոն Թովմաս… ըշշշ… Թովմաս, է, հը, եղբայր, ընկեր, ել, պառկէ՛:
ԹՈՎՄԱՍ, քնոյ մէջէն
Ի՞նչ կայ:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Անկողինդ մտի՛ր:
ԹՈՎՄԱՍ, արթննալով
Ձեռքս բռնէ՛… չեմ կրնար ելնել… ոտներս կը ցաւին:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Մի՛ վախնար, ես հոս եմ, ձեռքէդ կը բռնեմ, քալէ: ( Երկուքն ալ գլտորելով աթոռի քով կ՚իյնան ):
ԹՈՎՄԱՍ
Աթոռը… աթոռը…
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ, պառկած տեղէն
Աթոռը վերուցի՞ր:
ԹՈՎՄԱՍ
Ես… որ… ինքզինքս… չեմ… կրնար… վերցնել աթոռը… պիտի վերցնեմ. էո… էո… ( Փսխել ջանալով ):
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ, պառկած
Մեզի ասանկ գետնի վրայ պառկեցնող, դուն չե՞ս, գինի կենսատու: Պարոն Թովմաս:
ԹՈՎՄԱՍ, պառկած
Ի՞նչ է…
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Ի՞նչպէս էք… հանգի՞ստ էք:
ԹՈՎՄԱՍ, ելնել ջանալով
Չես օգներ ինձի, բարեկամ:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ, կամաց կամաց ելնելով
Ես հոս եմ, անհոգ եղիր, եկուր անկողինդ պառկեցնեմ քեզի: ( Թովմասին ձեռքէն կը բռնէ որ քալեն, երկուքը մէկէն կ՚իյնան ) է՜հ, ինչո՞ւ կը պառկիս, բարեկամ:
ԹՈՎՄԱՍ
Ոսկորներս կը ցաւին… ո՜վ դու գինի կենսատու. ծերերը կ՚ընես պատանի:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Ծերերը կ'ընես անդամալոյծ… Թրա թա թա թրա թա թա թի թա թա: ( Կամաց կամաց կ՚ելնէ ) Ե՜լ: ( Կը բռնէ Թովմասին ձեռքէն ) Կամաց կամաց քալենք: ( Գլտորելով ) Աս կողմէն, ( Գլտորելով ) ան կողմէն, ( Իյնալով ) մէջտեղէն… ( Թափառնիկոս անանկ ուժով մը կը հրէ Թովմասը որ զանիկա անկողնոյ մէջ կը ձգէ ինքն ալ կռնակի վրայ կ՚իյնայ ): Ո՛հ…
ԹՈՎՄԱՍ
Ես եկայ:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ, ելնելով
Պառկէ վրադ ծածկեմ… ապրիս… հա՛… ասանկ քնացիր… Ես ալ գինի մը խմեմ, թրա թի թա թա:
ՏԵՍԻԼ Ե.
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ, ՍՈՖԻ, ԹՈՎՄԱՍ, ի քուն
ՍՈՖԻ, շրջազգեստ մը ու գլխարկ մը բերելով
Հագուստներդ բերի… պատրաստուէ. աս ի՞նչ է. դո՞ւն ալ գինովցար:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Ե՞ս… ե՞ս… դուն… դուն գինով, պարահանդէս, հա՛, հա՛, հա՛, կնկան հագուստով, ծաղրելի բան, հա՛, հա՛, հա՛:
ՍՈՖԻ
Խելքդ գլուխդ ժողվէ, տե՛ս թէ որո՞ւ տունն ես… շիտակ քալէ:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Ես ծո՞ւռ կը քալեմ: ( Քայլ առ քայլ ) Տե՛ս, մէկ… երկու… երեք… ( Կ՚իյնայ կ՚ելնէ ) երեք… չորս… ( Կ՚իյնայ կ՚ելնէ ) չորս… հինգ, վեց… ( Կ'իյնայ կ՚ելնէ ) վեց… եօթն… տեսա՞ր… համրեցի՞ր, բեր հագնիմ: ( Վրայի հագուստը կը հանէ, միշտ ասդիս անդին գլտորելով ) Անցո՛ւր գլխէս… անցո՛ւր, ( Սոֆի կ՚անցընէ գլխէն շրջազգեստը ), կոճկէ՛, կոճկէ՛, ես գինո՞վ, հա՛, հա՛, հա՛, գլխարկը բեր… օրիորդ Թափառնիկոս, ես… գինի մը տուր, թի րա րա թի թա թա:
ՍՈՖԻ
Աս ի՞նչ փորձանքի հանդիպեցայ:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ, բարձրաձայն
Փորձա՜նք:
ՍՈՖԻ
Մի՛ պոռար, ծառան կ՚արթննայ:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ, հազալով
Ես…
ՍՈՖԻ
Մի՛ հազար, ծառան պիտի արթննայ:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Ես չհազա՞մ, ինչո՞ւ ( Գրպանէն թաշկինակը հանած ժամանակը երկու նամակ կ՚իյնան գրպանէն ). Թաշկինակս: ( Կը հազայ ):
ՍՈՖԻ
Մի՛ հազար, կ՚ըսեմ:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ, թաշկինակովը բերանը կը սրբէ
Երթանք, տիկին…
ՍՈՖԻ
Աս վիճակին մէջ ինչպէ՞ս պիտի երթաս պարահանդէս… տունդ գնա պառկէ…
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Տուն երթա՞մ… տուն երթա՞մ. արթնցնե՞մ ամուսինդ… ( Դէպի անկողին երթալ կ՚ուզէ ):
ՍՈՖԻ, արգիլելով
Կը պաղատիմ:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Համբերէ, գաւաթ մ՚ալ խմեմ, երթանք: ( Լեցնելով ) Դուն ալ կ'ուզե՞ս գինի, սատանայ քեզի… խաբեբայ… էրիկդ կը խաբես, հէ՜, պոռա՞մ, ( Բարձրաձայն ) Թովմա՛ս եղբայր, եղբա՛յր Թովմաս:
ԹՈՎՄԱՍ, քնոյ մէջէն
Ի՞նչ կայ…
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Բան չկայ. ձեռքդ տուր, տիկին Սոֆի… ձեռքդ համբուրեմ, եկուր, իմ տոտոշիկս… ( Կոտրտուելով կնկան ձայնով ) ինտո՞ր էք, տիկին Սոֆի… շաբաթը քանի՞ անգամ լաթ կը վլաք … Մըմծար տուտու, ընտո՞ր ես, քա չըսե՞ս…քա վոյ… անցած օրը փողոցը տեսայ, քա մեյայ, որքան աւրուեր է խեղճը, քա չըսես որ էրիկը գէշ մարդ է եղեր… շատ պան շիտակը տիժարս կընաց… անանկ լուսնի պէս աղուորիկ կնիկը… կապիկի դարձեր է, քա վոյ… քա վոյ… քա վոյ…
ՍՈՖԻ
Տէր ողորմեա, տէր ողորմեա:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Քեզի հետ մէյմէկ գինի խմենք:
ՍՈՖԻ
Կ՚օգտէ, ալ մի՛ խմեր, աւելի կը գինովնաս… ես գիտէի որ…
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ, խմելով
Ուղիղ ճամբան գտեր է, շիտակ վար կ՚երթայ:
ՍՈՖԻ
Հազար անգամ զղջացի քեզ կանչել տալուս:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Եթէ այդպէս է…
ՍՈՖԻ, ի ծունկ իջանելով
Պիտի իմացուի, վերջը երկուքնիս ալ խայտառակ պիտի ըլլանք, կայնէ դիմակդ դնեմ ( Կը դնէ ). ես ալ ծածկեմ երեսս ( Դիմակը կ՚անցնէ ): Քալէ՛:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Թեւս մտիր: ( Կը նստի ) Ժամը քանի՞ է:
ՍՈՖԻ
Կէս գիշեր է, ե՛լ. ( Դրսէն հազալու ձայն մը կը լսուի ) Կիրակոսը արթնցեր է, մոմը մարէ, մոմը:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Բուֆֆ…
ՍՈՖԻ
Շունչդ կտրի:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Ո՞ւր ես, Սոֆի:
ՍՈՖԻ
Պապանձէ՛, քովդ եմ:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Ձեռքդ երկնցուր:
ՍՈՖԻ
Բռնէ:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ, բռնելով
Աս քու ձեռքդ է… հիմա բանս բուսաւ, ահ, որքան փափուկ… ինչքան փոքր… ( Կը խածնէ ):
ՍՈՖԻ
Ուֆֆ, ինչո՞ւ կը խածնես:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Փափուկ է, փափուկ:
ՏԵՍԻԼ Զ.
ՆՈՅՆՔ եւ ԿԻՐԱԿՈՍ
ԿԻՐԱԿՈՍ
Մոմը մարեր են:
ՍՈՖԻ, ցած առ Թափառնիկոս
Ձայն մի հաներ, Կիրակոսն է, ետեւէս եկուր:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ, ցած
Գամ։ ( Միջին դռնէն կ՚ելնեն ):
ԿԻՐԱԿՈՍ
Աս ի՞նչ աղմուկ էր. արդեօք տիկինին փորձա՞նք մը պատահեցաւ. խեղճը այսօր այնչափ չարչարուեցաւ. բայց լսեցի ձայն մը որ կ՚ըսէր, «Ո՞ւր ես, Սոֆի». մեռած ըլլալու է, ով Աստուած, ինչպէս կը դողամ, ճրագն ալ մարեր են, սեղանը ո՞ր կողմն է արդեօք… հա՛, պզտիկ դուռը գոցուեցաւ… տնէն դուրս կ՚ելնեն… տան մէջ գո՞ղ կար… ահա մեծ դուռը կը զարնեն… ճրագը ո՞ւր է… ես ալ իշու պէս քնացեր եմ, թո՛ղ սպասեն քիչ մը… այս գիշեր բան մը կը դառնայ, բայց չկրցի իմանալ: ( Դուռը կը զարնեն ) Մինչեւ որ ճրագը չվառեմ, չպիտի բանամ: ( Սեղանը փնտռելով ) Ահա վեր կ՚ելնեն… Օգնութի՜ւն, օգնութի՜ւն… ( Ճրագը կը վառէ ):
ՏԵՍԻԼ է.
ԹՈՎՄԱՍ, ի քուն, ԿԻՐԱԿՈՍ, ՄԱՐԹԱ, ՄԱՐԳԱՐ, ՆԻԿՈ
ՄԱՐԹԱ, ծեծելով Նիկոն
Թշուառական, առաջի գիշերուընէ ի վեր մեզի փողոցէ փողոց պտըտցուցիր, տունը գիտեմ ըսելով:
ՆԻԿՈ
Տիկին. գիշեր ատեն:
ՄԱՐԹԱ
Լռէ՛ անպիտան: ( Կը հրէ Նիկոն, որն որ կ՚իյնայ, լապտերը կը կոտրի ):
ԿԻՐԱԿՈՍ
Ո՞վ էք դուք, եւ ի՞նչ կ՚ուզէք:
ՄԱՐԹԱ
Տիկին Սոֆին կ՚ուզեմ տեսնել, խօսելիք ունիմ հետը:
ԿԻՐԱԿՈՍ
Անիկա որ անհանգիստ է, գիշերը չկրնար ձեզի հետ խօսիլ, խեղճը այսօր ակռայի ցաւէն քիչ մնաց որ պիտի մեռնէր:
ՄԱՐԹԱ
Ստիպողական գործ մ՚է, որ զիս գիշեր ատեն փողոցներու վրայ նետեց, ինչ որ ալ ըլլայ կը պարտաւորիք իրեն իմաց տալ որ գայ… անկողնոյ մէջ քնացողն ո՞վ է:
ԿԻՐԱԿՈՍ
Տիկինին ամուսինն է:
ՄԱՐԹԱ
Աւելի աղէկ. ամէնքնիդ ալ դուրս ելէք, իրեն հետ առանձին մնալ կ՚ուզեմ:
ԿԻՐԱԿՈՍ
Բայց պարոն…
ՄԱՐԹԱ
Պարո՞նը ինչ է. մի վախնար, տէրդ չեմ ուտեր. դուրս ելէք կ'ըսեմ:
ԿԻՐԱԿՈՍ
Բայց…
ՄԱՐԳԱՐ
Առանձին թողունք զիրենք… ( Կ՚երթան ):
ՏԵՍԻԼ Ը.
ՄԱՐԹԱ, ԹՈՎՄԱՍ, ի քուն
ՄԱՐԹԱ, անկողնին մօտենալով
Պարոն… ըշշշ… պարոն… մեռելի պէս կը քնանայ… արթնցի՛ր:
ԹՈՎՄԱՍ
էո… էո…
ՄԱՐԹԱ
Սուրբ Աստուածածին… բերանը գինիի տակառ կը հոտի: ( Հրելով ) է՛հ… արթնցիր…:
ԹՈՎՄԱՍ
էո… էո…
ՄԱՐԹԱ
Աչքերդ բաց:
ԹՈՎՄԱՍ, քնոյ մէջէն
Դո՞ւն ես, Սոֆի:
ՄԱՐԹԱ
Ես եմ, Սոֆի, արթնցիր:
ԹՈՎՄԱՍ
Կը ցատկռտե՞ս:
ՄԱՐԹԱ
Ցատկռտելն ի՞նչ պիտի ըլլայ… այո՛, կը ցատկռտեմ:
ԹՈՎՄԱՍ
Ցաւդ ի՞նչպէս եղաւ:
ՄԱՐԹԱ
Ցաւ… ցաւ… աղէկ է:
ԹՈՎՄԱՍ
Հարիւրին քանի՞:
ՄԱՐԹԱ
Աս ի՞նչ հարցումներ են… երկու հարիւր, պարոն, երկու հարիւր:
ԹՈՎՄԱՍ
Գինի, գինի, ուժ կու տաս ծերերու… կրնա՞մ ատել ես զքեզ…
ՄԱՐԹԱ
Արթնցիր, պարոն, արթնցիր:
ԹՈՎՄԱՍ
Թափառնիկոսը գնա՞ց:
ՄԱՐԹԱ
Հիմա գործը ստուգուեցաւ: ( Բարձրաձայն ) Պարոն, պիտի արթննա՞ս:
ԹՈՎՄԱՍ, անկողնոյ մէջ նստելով
Ի՞նչ է, ի՞նչ կ՚ուզես, Սոֆի:
ՄԱՐԹԱ
Սրբէ աչքդ, տե՛ս թէ ո՛վ է դիմացինդ:
ԹՈՎՄԱՍ
Դու ո՞վ ես:
ՄԱՐԹԱ
Ով ըլլալս հիմա կ՚իմանաք. դուն իբրեւ մա՞րդ կը պտտիս աշխարհի վրայ:
ԹՈՎՄԱՍ
Ի՞նչ ըսել կ՚ուզես:
ՄԱՐԹԱ
Ըսել կ՚ուզեմ թէ, պատիւդ չե՞ս պահեր, ասանկ…
ԹՈՎՄԱՍ
Ի՞նչ կ'ըլլայ եղեր, ամէն մարդ գինով կ՚ըլլայ. տասը տարին անգամ մը գինով ըլլալովս անպատիւներու կա՞րգը կը դասես զիս:
ՄԱՐԹԱ
Թէ որ ես դուն ըլլայի, աւելի մեռնիլ պիտի փափաքէի քան թէ ապրիլ:
ԹՈՎՄԱՍ
Ատամնաբոյժը հոս էր… ինձի ալ ստիպեց որ խմեմ, թէ որ դուն ես ըլլայիր չպիտի՞ խմէիր:
ՄԱՐԹԱ
Առանց կարմրելու դեռ կը շարունակե՞ս այդ խօսքերը. ափսո՛ս, պարոն. յիրաւի, քեզ ճանչնալու պատիւն չունիմ, բայց կ՚ափսոսամ, կը խղճամ վրադ:
ԹՈՎՄԱՍ
Ուրիշ անգամուն չպիտի խմեմ:
ՄԱՐԹԱ
Քու կինդ կը մատնէ քեզ եւ դուն չես իմանար. քու կինդ ուրիշ մէկը կը սիրէ, քու կինդ զքեզ իշու տեղ դրած է. հասկցա՞ր, քու կինդ ան տեսակ կնիկներէն է, որոնց պատմութիւնները շատ են. ականջներդ բաց, թէ որ ուզես մէկ հատը պատմեմ:
ԹՈՎՄԱՍ
Ինչե՜ր կը լսեմ… սուտ են ըսածներդ. պատմէ տեսնեմ:
ՄԱՐԹԱ
Կնկան մէկը առաւօտուն կանուխ ելած շուկան գացած ժամանակը՝ բարեկամուհիներէն մէկուն կը հանդիպի, որն որ կը հարցնէ թէ ո՞ւր կ՚երթայ. կնիկը պատասխան կու տայ թէ էշ մը ծախու առնելու կ՚երթայ, որպէսզի տունը փատ ածուխ կրէ. խելքդ սիրեմ, կ՚ըսէ բարեկամուհին աճապարանօք, փոխանակ էշ ծախու առնելու, էրիկ մը առ` փատ ալ կը բերէ, ածուխ ալ, ես անանկ ըրի՛, հիմա շատ հանգիստ եմ ըսելով, բարեկամուհին կը հեռանայ, եւ կնիկը տունը կը դառնայ, եւ երեք ամսէն կը կարգուի, իր բարեկամուհւոյն խրատին անսալով: Ահա, պարոն, քու կինդ ալ աս տեսակէն է: Քեզի խարդախութեամբ գինովցուցեր է, եւ ինքը հիմա կը զբօսնու:
ԹՈՎՄԱՍ
Ակռան կը ցաւէր. եւ քու ըսածներդ հիմնովին զրպարտութիւն են, ատամնաբոյժը հոս էր:
ՏԵՍԻԼ Թ.
ՆՈՅՆՔ, ՄԱՐԳԱՐ, ԿԻՐԱԿՈՍ, ՆԻԿՈ
ՄԱՐԹԱ
Ահա նոյն իսկ ատամնաբոյժը կը սիրէ:
ԹՈՎՄԱՍ, բարկութեամբ
Ատամնաբոյժը կը սիրէ՛, կ՚ըսէք, բոլորովին անհիմն խօսք. թէ որ մէկն ըսելու ըլլար որ ես ատամնաբոյժի կինը կը սիրեմ, քու ըսածէդ աւելի հաւանական էր:
ՄԱՐԹԱ
Պարոն, գիտէ՞ք, թէ առանց ստուգելու կնկան մը պատիւն արատելը ի՛նչ է:
ԹՈՎՄԱՍ
Ես ինքն ես, եկեղեցպան եղած ժամանակս հետը սիրահարութիւն կ՚ընէի. անունն ալ Մարթա էր, նախանձոտ բնաւորութիւն մը ունէր…
ՄԱՐԹԱ, մեկուսի
Ո՜վ Աստուած իմ, ի՜նչ կը լսեմ:
ՄԱՐԳԱՐ, ցած առ Մարթա
Տիկին, պատիւդ պահելու չաշխատի՞ս:
ԹՈՎՄԱՍ
Ինչո՞ւ լռեցիր, պարոն:
ՄԱՐԹԱ
Վասնզի յանիրաւի կը զրպարտէք:
ԹՈՎՄԱՍ
Ես, յանիրաւի՜, աղէկ կը ճանչեմ այն Մարթան, իր երեսը համբոյրներու արտ մ՚էր, որուն վրայ եթէ համրելու ըլլամ, հազարի չափ սերմանած եմ: Դուք չէք ճանչեր զանիկա. դէմքէն պարկեշտ կնիկ մը կ՚երեւի: Իրեն հետ շատ մը սիրահարական նամակներ առած տուած եմ:
ՄԱՐԹԱ, մեկուսի
Ո՞վ կրնայ ըլլալ:
ՄԱՐԳԱՐ, ցած առ Մարթա
Տիկին, որո՛ւ է ըսածը։
ՄԱՐԹԱ, ցած առ Մարգար
Սուտ է, սուտ:
ԹՈՎՄԱՍ
Կիրակոս, գնա՛ նայէ տիկինը միւս սենեա՞կն է: ( Կիրակոս կ՚երթայ ) Չէք խօսիր, կարծեմ ըրած ամբաստանութիւններուդ համար զղջացար, իմ կինս պարսաւել, ո՞վ գիտէ, խեղճը միւս սենեակին մէջ կը քնանա՞յ թէ արթուն է:
ՄԱՐԳԱՐ, գետնէն նամակները առնելով վրան կը կարդայ
Այս նամակը հոս ի՞նչ գործ ունի:
ԹՈՎՄԱՍ
Գրպանէս ինկած ըլլալու է… հասցէն կարդա տեսնենք:
ՄԱՐԳԱՐ
Չէ, պարոն, Թափառնիկոսի գրպանէն ինկած ըլլալու է, հասցէն անոր համար է:
ՄԱՐԹԱ
Կարդա տեսնենք պարունակութիւնը։
ՄԱՐԳԱՐ
Թերեւս գաղտնիք մը ըլլայ:
ՄԱՐԹԱ
Կարդա՛:
ՄԱՐԳԱՐ, կը կարդայ
«Պատիւ ունիմ ներկայիւս քեզի իմացնելու, որ այս գիշեր մեր տունը գաս, պարոն Թովմասը խաբենք…
ԹՈՎՄԱՍ
Պարոն Թովմասը խաբե՜նք, շարունակէ՛…
ՄԱՐԳԱՐ, կարդալով
«Ու պարահանդէս երթանք, շատ բազմութիւն պիտի ըլլայ հոն, կ՚աղաչեմ, մ՚ուշանար, շատ կը սիրեմ զքեզ, գալուդ պէս գնդասեղով մարմինէդ արիւն պիտի հանեմ:
ՍՈՖԻ»
ԿԻՐԱԿՈՍ, մտնելով
Տիկինը չկրցի գտնալ:
ՄԱՐԹԱ
Ճշմարի՞տ են ըսածներս թէ զրպարտութիւն:
ԹՈՎՄԱՍ
Ի՜նչ կը լսեմ:
ՄԱՐԳԱՐ, միւս նամակին հասցէն կարդալով
Առ օրիորդ Երանեակ Թափառնիկոսեանց
Ասիկա կարդալու ազատութիւն ունիմ ( Նամակը կը բանայ կը կարդայ ):
«Այս օրուան դէպքը զիս բոլորովին վհատեցուց, այնպէս որ ասկէ վերջը ձեր տանը մէջ ոտք չեմ կրնար կոխել, պատմութիւնը երկար է, առանձին գտնուած ժամանակնիս կը պատմեմ քեզի… հօրդ ատամնաբուժութիւնը: Ուրիշ տեղ մը որոշենք տեսնուելու համար, քեզի համար հալ ու մաշ կ՚ըլլամ, շատ կը սիրեմ զքեզ, լեզուովս չեմ կրնար բացատրել, ուր մնաց թէ գրչով, նամակիս պատասխանը գրելու որ ըլլաս, տեղ մը իմացուր ինձի, որ հոն երթամ:
Հասցէն այսպէս ըլլայ».
Առ Հ. Գ. Կ. ԼԵՒՈՆ, Սիրահարեալներու փողոց, թիւ 20.
Տարփածուդ
ԼԵՒՈՆ»
Աս ի՞նչ պիտի ըլլայ:
ՄԱՐԹԱ
Աղջիկն ալ գլուխ վերուցեր է:
ՄԱՐԳԱՐ
Լեւոնը կը սիրէ:
ԹՈՎՄԱՍ
Թափառնիկոսը կը սիրէ… եւ հիմա պարահանդէս են… ես անձամբ պիտի երթամ զիրենք գտնելու ու բանտարկելու: Ներեցէք, պարոն, անգիտաբար կարելի է որ ձեզ վշտացուցի. ամէն բանի տեղեկացայ… հիմա բոլոր պարահանդէսները պիտի մտնեմ, ուր որ գտնեմ, խայտառակեմ պիտի զիրենք, բայց այս հագուստով պիտի ճանչնան զիս, կերպարանքս փոխեմ… Կիրակոս, վարի յարկը խուցին մէջ հին պատըռտած վարտիք մը կայ. առ բեր. տասը տարիէ ի վեր է որ հոն կախուած մնացեր է: ( Կիրակոս կ՚երթայ ) Վրաս ալ հին հագուստ մը առնեմ. թշուառականը այս հասակիս մէջ ինձի թշնամութիւն ընէ՜:
ՄԱՐԹԱ
Ես ալ պիտի ընկերանամ ձեզի:
ԹՈՎՄԱՍ
Շատ աղէկ, պարոն, դիմակ ալ պէտք է. երթամ երկու երեք հատ դիմակ բերեմ, եւ երթանք ( Կ՚երթայ ):
ՏԵՍԻԼ ժ.
ՄԱՐԹԱ, ՄԱՐԳԱՐ, ՆԻԿՈ
ՄԱՐԳԱՐ
Տիկին, ձեր աղջիկը, բացակայութեանս միջոցին, իրեն սիրական մը գտած է. շատ ուրախ եմ, որ չկարգուած իմացայ, ուստի այս վայրկենէ տուած նշանս ետ կ՚առնեմ:
ՄԱՐԹԱ
Իրաւացի են քու խօսքերդ, պարոն Մարգար, բայց դուն ուշիմ ու հանճարեղ պատանի մ՚ես, կրնաս դիւրութեամբ գուշակել, որ աղջիկ մը շատ անգամ նոր հագուստներու կը խաբուի: Այս Լեւոնը, որ Փարիզէն նոր դարձած է, ամէն օր նոր նոր հագուստներ կը հագնի, աղջիկս ալ… ի՞նչ ընէ խեղճը…
ՄԱՐԳԱՐ
Որովհետեւ ձեր դուստրը Լեւոնի կամ իր հագուստներուն սիրահարեալ է, պէտք է որ հետը կարգուի. ես նորասէր չեմ, մանաւանդ թէ հնասէր եմ, հին լաթերով կը պտըտիմ:
ՄԱՐԹԱ
Ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ, որ Լեւոնի հետ ամուսնանայ, քանի որ ձեզի հետ նշանուած է:
ՄԱՐԳԱՐ
է՛հ, ինչ կ՚ըլլայ նշանած ըլլալովը, կարծես թէ նշանը կարո՞ղ է երկու իրարմէ պաղ սրտեր տաքցնել. եւ միթէ պսակը կրնա՞յ երկու գլուխ մէկմէկու դպցնել, երբ անոնք իրարու դպած ատեննին բուռն զօրութեամբ կը մղուին: Տիկին, աղջիկները մէյմէկ մագնիս են, որ մէկ ծայրէն կը քաշեն, միւսէն կը վանեն, երիտասարդներն ալ՝ ասեղ. ասեղին մէկ ծայրը կը մօտեցնեն մագնիսին. տեսար որ քաշեց, կը քաշէ յաւիտեան. իսկ թէ որ վանէ` միշտ կը վանէ. մենք ալ, ինչպէս որ կ՚երեւի, վանիչ կողմն հանդիպած ենք: Ինչո՞ւ իզուր աշխատիլ որ սիրուիմ:
ՄԱՐԹԱ
Առաջին անգամին համար, ամէն յանցանք ներելի են։
ՄԱՐԳԱՐ
Տիկին, ձեր աղջիկը ամէն օր կը գործէ եղեր այս յանցանքը. այսօր իր քովը գտնուեցայ, խօսիլ ուզեցի հետը. անիկա չէ թէ միայն խօսքերուս ականջ չէր կախեր, այլ նաեւ կարծես թէ երեսս տեսնել չէր ուզեր։
ԱՐԱՐՈՒԱԾ ԱՌԱՋԻՆ
ԱՐԱՐՈՒԱԾ ԵՐԿՐՈՐԴ
ԱՐԱՐՈՒԱԾ ԵՐՐՈՐԴ
-
ՏԵՍԻԼ Ա
ՏԵՍԻԼ Բ
ՏԵՍԻԼ Գ
ՏԵՍԻԼ Դ
ՏԵՍԻԼ Ե
ՏԵՍԻԼ Զ
ՏԵՍԻԼ Է
ՏԵՍԻԼ Ը
ՏԵՍԻԼ Թ
ՏԵՍԻԼ Ժ
ՏԵՍԻԼ ԺԱ
ԱՐԱՐՈՒԱԾ ՉՈՐՐՈՐԴ
ԱՐԱՐՈՒԱԾ ՀԻՆԳԵՐՈՐԴ
ՏԵՍԻԼ ԺԱ.
ՆՈՅՆՔ, ԹՈՎՄԱՍ, պատռտած զգեստով
ԹՈՎՄԱՍ
Առէք դիմակնիդ, եւ սա նամակը տուէք, որ գրպանս դնեմ, ( Կիրակոս կու տայ ), դէմքս ալ գոցեմ:
ՄԱՐԹԱ, մեկուսի
Պէտք էր որ յայտնէի զինքս սա մարդուն ( Դիմակով կը ծածկէ երեսը ):
ԹՈՎՄԱՍ, առ Նիկո
Առ քեզի արջու դէմք մը:
ՆԻԿՈ
Տուէք, տուէք: ( Դիմակը կը դնէ ):
ԹՈՎՄԱՍ
Սա նամակը պահեմ: ( Աջ կողմի գրպանը կը դնէ, միւս ձեռքովն ալ ձախ կողմի գրպանը խառնելով նամակ մը կը հանէ ): Ա՞ս ինչ է, քսան տարուան նամակ մը ըլլալու է. գրերը չեն կարդացուիր. ան ա՛լ թող հոս մտնէ ( Ձախ գրպանը կը դնէ ):
ՄԱՐԳԱՐ
Մնաք բարեաւ ( Կ՚երթայ ):
ԹՈՎՄԱՍ
Ո՞ւր կ՚երթաք:
ՆԻԿՈ
Պարահանդէսի մէջ ամէնն ալ պիտի վախցնեմ. ես ալ ասանկ առիթի մը կը սպասէի. ոչ ոք կը վախնայ ինձմէ, վասնզի աղքատ եմ. հարուստները հարստութեան դիմակով կը վախցնեն, աղքատներն ալ արջի դիմակով թող վախցնեն հարուստները. երթանք:
ԹՈՎՄԱՍ
Օ՛ն, ուրեմն:
ՆԻԿՈ
Որ ծակն ալ մտած ըլլան պիտի հանեմ սա գարշելիները: