Hakob Paronyan

Ատամնաբոյժն արևելեան

Արարուած առաջին

ԱՐԱՐՈՒԱԾ ԱՌԱՋԻՆ

Թափառնիկոսի տան մէջ սրահ մը, մէջտեղը սեղան` որու վրայ դրուած են գրքեր, մեծ ու փոքր շիշեր, չուաններ, դի­տակ մը, ատրճանակ մը եւ գիր գրելու պիտոյք. պատէն հա­յելի մը կախուած. թիկնաթոռ եւ աթոռներ, աջ կողմը խուց մը. միջին դուռ:

ՏԵՍԻԼ Ա.

ՄԱՐԹԱ գիշերուան հագուստով, վերջը ՆԻԿՈ

ՄԱՐԹԱ բարկութեամբ ներս կը մտնէ ծառան կանչելով

Նիկո… Նիկո… Աս վերջապէս դիմանալու բան չէ, ալ համբերութիւնս հատաւ, ամէն գիշեր սպասել եւ դարձեալ միս մինակ պառկիլ… շաբաթը գիշեր մը միայն տունը կը պառկի, միւս գիշերները… չգիտեմ ուր: Պիտի հարցնեմ իրեն, նայիմ, գերի՞ առաւ զիս այս տանը մէջ… ստակովս գերի ըլլալ չեմ ուզեր: Ոչ… գիտեմ իս ինչու համար միս մի­նակ կը թողու, վասնզի ես ա՛լ ծերացած եմ, թէ որ տասնու­վեց տարու օրիորդ մը ըլլայի, աս ճամբան չէր բռներ: Իսկ եթէ օրէնքը այսպէս կը պատուիրէ, որ կանայք երիտասար­դութեան ատեն սիրուին, եւ ծերութեան ատեն նախատուին, ըսելիք չունիմ. բայց կ՚ուզեմ գիտնալ թէ ո՞ր օրէնքն է այս… միթէ՞ Սահմանադրութիւնը կը տայ այս պատուէրը. ո՞ր յօդուածին մէջ կը գրէ… տեսէ՛ք մէյ մը եւ պոռացէք թէ ազգը յառաջադիմութեան ասպարէզին մէջ կը քայլէ… բոկ ոտքով: Ո՜վ յառաջադիմութիւն, հայութիւնը պոչդ կախած գետնա­քարշ ո՞ւր կը տանիս, այդպիսի հապճեպով դէպի ո՞ւր կը դիմես. մի՛, մի՛ այնքան շուտ վազեր, վասնզի բեռդ ծանր է, կը յոգնիս եւ ճամբու վրայ կը մնաս, եւ հայութիւնը կռնըկի վրայ կ՚իյնայ… պոչ ի ձեռին: Տեսէ՛ք, կնիկնին ծերութեան ատեն ասանկ երեսի վրայ կը թողուն, եւ իրենք գեղեցիկ ու երիտասարդ… ուհիներու քծնելու կ՚երթան… ա՛հ բոլոր ան­դամներս կը դողան: ( Աթոռի մը վրայ կը նստի: Այս միջոցին Նիկո միջին դրան առջին կ՚երեւի, ձեռքը կօշիկ մը` զոր վրձինով կը ներկէ )։ Ես ալ երիտասարդութեանս ատեն երբ տասնու­վեց տարու էի, անանկ աղուոր աղջիկ մ՚էի որ, բոլոր աշխարհ ճամբուս վրայ կը սպասէր զիս տեսնելու համար. այն ատեն չէի՞ կրնար, եթէ ուզէի, մէկու մը հետ սիրահարութիւն ընել. օր մը աչւըներս վեր առած մէկուն երեսը նայած չունիմ, որովհետեւ մայրս այսպէս կը պատուիրէր, որովհետեւ պարկեշ­տութիւնը ասանկ կը պահանջէր: Բնաւ չեմ մոռնար, եկեղե­ցիէն ելած ժամանակս բոլոր եկեղեցպանները դրան առջին կը շարուէին եւ իբր թէ իրարու հետ կը խօսակցէին, քանի քանի անգամներ եւ ականջներովս լսած եմ, որ անկէ անցած ժամանակս իրարու կ՚ըսէին. «Ընկեր, նայէ սա կնիկը որքան աղուոր է, հազար ոսկի կու տայի ասանկ կին մը ունենալու համար. տես աչքերը որքան հրապուրիչ են, այտերը որքան կարմիր են»: Ասոնք իրաւ էին, վասնզի ան ատեն վարդի պէս այտեր ունէի. ետքէն ուրիշ մը կ՚ըսէր. «Եղբայր, տես ինչպէս սեւ են մազերը, ինչպէս ճերմակ են ձեռքերը, որքան փոքր են ոտքերը»: Ասոնց ամէնն ալ ճշմարիտ էին. բայց ես առանց նայելու ճամբաս կը շարունակէի, եւ ինքը հիմա զիս մինակ կը թողու ասանկ: Արդարեւ իրմէ տասնհինգ տարու մեծ եմ, բայց իր օձիքէն բռնելով` եկո՛ւր ինձի հետ կարգուէ չըսի իրեն. ինքը յօժար կամքով եւ մանաւանդ աղաչելով ամուսնացաւ հետս, վասնզի աղուոր էի… վասնզի հարուստ էի… վասնզի ուսումնական էի…, վասնզի ստակ ունէի… վասնզի… վասն… ինչ գիտնամ, խել մը աղուոր բաներ ունէի, եւ հիմա ամէն գիշեր գլուխն առնէ երթա՜յ, ակռայ պիտի քա­շեմ ըսելով… ( Կ՚երգէ ):

Ոչ, ոչ, չեմ ուզեր,
Որ ամէն գիշեր,
էրիկս դուրս երթայ,
Եւ քաշէ ակռայ:
Այո՛, գալուն պէս,
Յայտնեմ ամէն բան
Թող գիտնայ թէ ես
Մարդ եմ, չեմ անբան։

( Նիկոն տեսնելով ) Հի՞մա կու գաս:

ՆԻԿՈ

Տիկին, ես հոս էի…

ՄԱՐԹԱ

Հո՞ս էիր, ե՞րբ եկար:

ՆԻԿՈ

Երբ տասնուվեց տարու աղուոր աղջիկ մ՚էիր, եւ բոլոր եկեղեցպանները ճամբուդ վրայ կը սպասէին քեզ տեսնելու հա­մար, ես այն ատենէն ի վեր հոս եմ, տիկին, ձեզի կը սպասեմ:

ՄԱՐԹԱ

Սուրճս բեր:

ՆԻԿՈ

Տիկին… ( Կ՚երթայ ):

ՄԱՐԹԱ

Այս ամէնը մէկդի թողունք: Չէ՞ր գիտեր, որ իրմէ շուտ պիտի ծերանամ, այս յանցանքը ի՞մս է չէ նէ բնութեան, որուն ինքը ֆաթո՛ւրա կ՚ըսէ, նաթուրա՞ կ՚ըսէ. նաթուրայովը մէկտեղ գետինն անցնի: Ամուսին մը, որ իր կնկանը ստա­կովը հարստացեր է, վերջէն այս ընթացքը ձեռք առնու… ի՜նչ անզգայութիւն… ի՜նչ բարբարոսութիւն…: Փառք Աս­տուծոյ, կոյր չեմ, սապատող չեմ, մարմնոյս կողմէ պակա­սութիւն մը չունիմ, ( Հայելի կը նայի ) ի՞նչ ունիմ.. : Ինչո՞ւ համար չհաւնիր ինձի. մազերս միայն քիչ մը ճերմկցեր են, ի՞նչ վնաս ունի: Ինչպէս որ տարւոյն ամէն մէկ եղա­նակը իւր գեղեցկութիւնը եւ յարգը ունի, միթէ տարիքն ալ չունի՞ նոյն գեղեցկութիւնը. օրինակի համար, գարնան ատեն դալարեօք զարդարուած լեռ մը որքան որ գեղեցիկ տե­սարան մը ընծայէ մեր աչքին, ձմեռ ատեն ալ երբ նոյն լեռը ձիւնով ծածկուի աղուոր չե՞րեւար, բայց էրիկ մարդիկ միշտ գարունը կ՚ուզեն. ի վերայ այսր պէտք է գիտնալ, որ ամէն տարիք իր գեղեցկութիւնն ու յարգը ունի: Հասակը առած տիկիններէն ծափահարութիւն առնելու համար չեմ ըսեր, ես շողոքորթ չեմ, ճշմարիտը կը խօսիմ: Ա՜հ… էրիկ մարդեր, ամէն տեղ կանայքը վար կը զարնէք, կը բամբասէք. հան­դարտ եղիք, ա՛լ ժամանակը հասաւ, որ անոնք ալ պիտի սկսին ձեր վարքը նկարագրելով գրքեր յօրինել, ա՛հ, Թա­փառնիկոս, վրէժ պիտի լուծեմ քէնէ, վրէժ: ( Սեղանին վրա­յէն շիշ մը կ՚առնու եւ գետինը զարնելով կը կոտրէ ):

ՆԻԿՈ, սուրճը բերելով

Հրամմէ՛, տիկին:

ՄԱՐԹԱ

Թափառնիկոսը եկա՞ւ:

ՆԻԿՈ

Տիկին ես հազիւ թէ անկողին մտած էի, դրան ձայնը առի` բա ա աթ. իսկոյն ոտք ելայ, սկսայ ճրագը փնտռել. այս միջոցին դարձեալ չրրրրրաթրարարաթրաթ, իբրեւ որոտումն երկնից, խելքս գլխէս թռաւ, ինչ ընեմ, գիշեր ատեն ճրագ չկայ, սենեկին դուռն ալ կորուսի, ծունկի վրայ գալով, «Ով Աստուած իմ, դուն ողորմէ» ըսելու չմնաց, դարձեալ թրրրաթ, կարծեցի որ տունը կը փլի… կամաց կամաց սենեկին դուռը գտայ, վարտիքս գլուխս անցուցի, փողոցին դուռը բանալուս պէս, աս ինչ կերպարանք է ( Բարձրաձայն ), է՛շ ( Ցած ) ըսաւ…

ՄԱՐԹԱ, վախնալով

Կորի՛ գարշելի:

ՆԻԿՈ, երթալով

Վերջը ապտակ մը զարկաւ, ես ալ գացի պառկեցայ:

ՏԵՍԻԼ Բ.

ՄԱՐԹԱ, ԵՐԱՆԵԱԿ

ԵՐԱՆԵԱԿ

Բարեւ, մայրիկ, ի՞նչ ունիս աս առտու. բարկացած կ՚երեւիս:

ՄԱՐԹԱ

Մ՚ըսեր բարկացած, այլ խելքը փախուցած: Երանեակ, հայրդ իւր ընտանիքին թշուառութիւն կը պատրաստէ իր ան­վայել վարքով, աս առտու, երբ արթնցայ ու զինքը սենեկին մէջ չտեսայ, կարծեցի որ տունը գլուխս փլաւ: Ո՞ւր գացեր է դարձեալ երէկ գիշեր:

ԵՐԱՆԵԱԿ

Անշուշտ հիւանդ նայելու գացած պիտի ըլլայ:

ՄԱՐԹԱ

Ի՞նչ տեսակ հիւանդներ ունի, որ միշտ գիշեր ատեն կ՚երթայ նայելու:

ԵՐԱՆԵԱԿ

Ինքը կ՚ըսէ, որ ակռայի ցաւն շատ անգամ գիշերը կը հանդիպի, եւ թէ ցաւած ժամանակը պէտք է որ դարման մը ըլլուի շուտով:

ՄԱՐԹԱ

Ասոնց ամէնն ալ անտեղի բացատրութիւններ են. ես չեմ հաւտար: Այսօր պիտի խօսիմ հետը, կամ իր վարքը ուղղէ եւ կամ… ես գիտեմ ինչ ընելիքս, ասանկ ամուսնութիւն չըլլար: ( Երանեակը կը հառաչէ ) Ի՞նչ ունիս, աղջիկս… ինչո՞ւ կը հառաչես:

ԵՐԱՆԵԱԿ

Ոհ, մայրիկ, ինչպէս չհառաչեմ մինչդեռ ակներեւ կը տեսնեմ որ իմ ամուսնութիւնս ալ ձերինին պէս պիտի… պիտի…

ՄԱՐԹԱ

Ի՞նչ կը խօսիս, Երանեակ, Մարգարը ազնիւ բնաւորու­թեան տէր…

ԵՐԱՆԵԱԿ

Ազնիւ բնաւորութեան տէր… ի՞նչ ընեմ որ դրսեցի է… ես կ՚ուզէի Պոլսեցւոյ մը հետ եթէ հնար էր…

ՄԱՐԹԱ

Դուն ալ իմ բարկութիւնս աւելի եւս գրգռելու համար կ՚ընես այդ խօսքերը. ամբողջ տարի մ՚է որ հետը նշանուած ես եւ գոհ էիր, այսօր մէկէն ի մէկ պաղի՜լ, ի՞նչ ունի տղան. քաղցրաբարոյ պատանի մ՚է:

ԵՐԱՆԵԱԿ

Ըհ, քաղցրաբարոյ, միշտ հին լաթեր կը հագնի, բնաւ նոր հագուստ մը տեսած չունիմ վրան. նշանուած մէկը անանկ պատռտած զգեստով պտըտի… ոչ, մայրիկ, ոչ, աւելի կը սիրեմ ամուրի մնալ, քան թէ Մարգարի պէս հնասէր մարդու մը հետ… հետ… ( Մեկուսի ) ահ, Լեւո՜ն, Լեւոն…:

ՄԱՐԹԱ

Ալ պիտի բարձրացնեմ ձայնս, ապստամբ աղջիկ, դուն ալ գլուխ վերուցիր, չե՞ս հաւնիր նշանածիդ, որուն ազգասի­րութիւնը…

ԵՐԱՆԵԱԿ

Ըհ, ազգասէր, միշտ հին լաթեր կը հագնի: Մեծ քիթ մը ունի, ճակատը դուրս ելած, կարճահասակ, մինչդեռ անդին լուսնի պէս աղուոր երիտասարդ մը…

ՄԱՐԹԱ, բարկութեամբ

Ի՞նչ ըսիր, ի՞նչ, անգամ մ՚ալ զուրցէ, շուտ եղիր:

ԴՐՍԷՆ

Թրի թա թա թի թա թա:

ՄԱՐԹԱ

Աներես աղջիկ, գնա սենեակդ քաշուէ՛, վերջը կը խօսիմ քեզի հետ: ( Երանեակ կ՚երթայ ):

ԴՐՍԷՆ

Թի թա թի թա թի թա թի…

ՄԱՐԹԱ

Շուտ եկուր որ տեսնես թի թա թի:

ԴՐՍԷՆ

Թի րա րա թի րա րու…

ՄԱՐԹԱ

Եկուր որ խօսք հասկնանք իրարու:

ԴՐՍԷՆ

Թի թա թա:

ՄԱՐԹԱ

Աստուած պատիժդ տայ:

ՏԵՍԻԼ Գ.

ՆՈՅՆ եւ ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ գիշերազգեստով

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Թի րա րա, բարեւ, անուշիկս:

ՄԱՐԹԱ, մեկուսի

Անուշիկը:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ինչո՞ւ համար առանձին նստեր ես, նոնոշիկս:

ՄԱՐԹԱ, բարկութեամբ

Չեմ գիտեր:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Տիկինը այսօր բարկացած է, հա՛ հա՛ հա՛, ծերուկ տիկին:

ՄԱՐԹԱ, բարկութեամբ

Ծերուկ տիկին, եւ կը յանդգնի՞ս:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Չյանդգնելու ի՞նչ կայ:

ՄԱՐԹԱ

Կ'ուզե՞ս որ բերանս բանամ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Բա՛ց, որ հով առնես:

ՄԱՐԹԱ

Երկուշաբթի գիշեր ո՞ւր էիր:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Հիւանդ նայելու գացեր էի:

ՄԱՐԹԱ

Երեքշաբթի՞:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Մէկուն ակռան քաշելու:

ՄԱՐԹԱ

Չորեքշաբթի՞:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ակռայ լցնելու:

ՄԱՐԹԱ

Հինգշաբթի՞:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ակռայ պարպելու, հա՛ հա՛ հա՛, մեր տիկինը օրացոյց է. շաբթուան բոլոր օրերը անսխալ կը ցցունէ:

ՄԱՐԹԱ

Այո՛, պարոն, օրացոյց մ՚եմ, եւ այնպիսի օրացոյց մը, որ մինչեւ վերջին շունչդ չպիտի փոխես: Երէկ գիշեր ո՞ւր էիր, ո՞ւր կորսուած էիր, ո՞ր ծակը մտած էիր:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Երէկ գիշեր կորսուած չէի, թատրոն մտած էի, ուր ազ­գային ներկայացում մը տուին: Հայ եղողը պէտք է ազգային հանդէսներուն ներկայ գտնուի:

ՄԱՐԹԱ

Առանց ինձի թատրո՞ն կ՚երթաս:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Թատրոնը ծերերու համար չէ:

ՄԱՐԹԱ

Հապա ձեզի համար, երթալ անկէ վարպետութիւններ սորվիլ. եւ ետքը ձեր կիները խաբել, վասնզի դուք միայն խաբելու եւ խնդալու կտորներու ուշ կը դնէք, ոչ թէ ամբողջ խաղին` որ լի է բարոյականութեամբ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Դուն ի՞նչ կը ծախես:

ՄԱՐԹԱ

Ես ի՜նչ կը ծախեմ, սրիկայ. դուն իմ ստակովս մարդ եղար, համբաւ ստացար, հիմա զիս միս մինակ թողլով, գլուխդ կ՚առնես թատրոն կ'երթաս:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ուրիշ անգամուն գլուխս քեզի կը ձգեմ անանկ կ՚երթամ:

ՄԱՐԹԱ

Կը ծաղրե՞ս զիս, խայտառակ, իմ ստակովս մարդ եղար:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Անցեալ օր աղուոր երգ մը լսեցի, մտիկ ըրէ, երգեմ նայէ ինչպէս պիտի հաւնիս: ( Կ՚երգէ ):

Ստակով կնիկ մ՚առներ
Իշխել կ՚ուզէ վրադ
Առտու, ցերեկ, գիշեր
Ապտակ կու տայ բադ, բադ:
Ո՜հ գէշ ատեն
Անշահ բան
Իրաւ շատ
Անպիտան:

ՄԱՐԹԱ

Մտիկ ըրէ, երկրորդ տունն ալ ես երգեմ, նայէ ինչ աղ­ուոր է: ( Կ՚երգէ ):

Առանց ստակի կնիկ

Թէ որ առնել ուզես`

Ծախես բաճկոն շապիկ

Որ զինք սնուցանես:

Գէշ ատեն, եւ այլն:

Առանց ինձի թատրոն կ'երթաս, այնպէս չէ՞:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Այնպէս է:

ՄԱՐԹԱ

Պարոն, քեզի բան մը հարցնեմ, գիտե՞ս թէ ինչ է կին մը:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Այո, գիտեմ. կին մը իր ամուսնոյն գլխուն փորձանք է:

ՄԱՐԹԱ

Լեզուդ չորնայ, ի՜նչպէս ալ առանց կարմրելու կը հա­մարձակիս ըսելու թէ փորձանք է, մինչդեռ բոլոր աշխարհ կը վկայէ որ դուն իմ ստակովս մարդ եղար: Պատասխան տո՛ւր, նայիմ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Տամ:

ՄԱՐԹԱ

Պապանձէ՛:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Պապանձիմ:

ՄԱՐԹԱ

Բերանդ գոցուի, զրուցէ՛, գերի՞ առիր զիս այս տանը մէջ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ինչո՞ւ գերի պիտի ըլլաս. կին մը տան մէջ կահ կա­րասիք կը սեպուի:

ՄԱՐԹԱ

Կահ կարասիք. տեսէք ի՜նչ պաղարեամբ պատասխան կու տայ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

էրիկ մարդիկ պաղարիւն են, կնիկները տաքարիւն կ՚ըլլան. ( Մեկուսի ) ամառը:

ՄԱՐԹԱ

Անօրէն մարդ, ըրածիդ կը հաւնի՞ս, ամուսնութեան մէջ միշտ վէճ, կռիւ կը վայլէ՞:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Առանց կռուոյ ամուսնութիւնը անլի կերակուրի կը նման­ցնեն խոհարարները:

ՄԱՐԹԱ

Աղջիկ զաւակ ունիս, պէտք չէ՞ որ խնամք ունենաս վրան, հոգաս եւ կառավարես զինքը:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Աստուած մարդս ազատ ինքնիշխան ստեղծեց. աղջիկս անձին տէրն է, կրնայ զինքը կառավարել. ես Աստուծոյ դէմ չեմ մեղանչեր:

ՄԱՐԹԱ

Գիտցիր որ այդ խօսքերը մահուանս պատճառ պիտի ըլլան. ասանկ կեանք անցունել չըլլար. ես ապրիլ կ՚ուզեմ, մանաւանդ շատ ապրիլ։

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ինձի ի՞նչ կ՚ըսես, Արուեստ երկայնակեցութեան կարդա:

ՄԱՐԹԱ

Լռէ՛, անգութ. ափսոս որ ինձի պէս պարկեշտ կին մ՚ունիս:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Քու տարիքիդ մէջ կանայք պարկեշտ ըլլալու են:

ՄԱՐԹԱ

Ալ բաւ է, պիտի լռե՞ս:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Դուն ալ լռէ:

ՄԱՐԹԱ

Ամուսնութեան կապը կամաց կամաց թուլնալ սկսաւ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Տաքէն անանկ կ՚ըլլայ:

ՄԱՐԹԱ

Բոլորովին պիտի քակուի, գիտե՞ս:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Զանիկա կապողը պինդ կապեր է. չքակուիր, քահանա­ներուն կապածը աշխարհականները չեն կարող քակել:

ՄԱՐԹԱ

Ես կը քակեմ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Գէշ չըլլար:

ՄԱՐԹԱ

Բոլոր լրագիրներու մէջ հրատարակել պիտի տամ թէ ( Բարձրաձայն ) Թափառնիկոս իր կինը թողուց:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Շատ աղէկ խորհեր ես. ասով բարութիւն մը ըրած կ՚ըլլանք, թէ որ մեզի պէս ուրիշ կռուող ամուսիններ ալ գտնուին, անոնց օրինակ կ՚ըլլանք, թող անոնք ալ բաժնուին: Ասով լրագրապետներն ալ կը վաստկին. թո՛ղ վաստկին, ինչու որ անոնք ազգին եւ ընդհանուր մարդկութեան յառաջա­դիմութեան համար կ՚աշխատին. գրել տո՛ւր, ծանուցման մէկ տողը երեք դահեկան է:

ՄԱՐԹԱ

Ինչպէս որ կ'երեւի դուն չես ամչնար:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Փառք Աստուծոյ, ամչնալու ի՛նչ կայ որ…

ՄԱՐԹԱ

Երբ ըսեն թէ Թափառնիկոս իր կինը թողեր է:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Պիտի ըսեն թէ պատերազմէն ողջ դարձեր է:

ՄԱՐԹԱ

Շատ աղէկ, մնաք բարով:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Երթաք բարով:

ՄԱՐԹԱ

Ապրիս…

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Դուն ալ ապրէ:

ՄԱՐԹԱ

Ուրեմն մնաք բարով:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Երթաք բարով:

ՄԱՐԹԱ

Վերջինն է որ կ՚ըսեմ, աղէկ խորհէ եւ անանկ պատաս­խանէ. մը… նաք… բա… րր…ո…վ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Երթաք բարրր… ով…

ՄԱՐԹԱ

Քեզի դէմ դատ պիտի բանամ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Բա՛ց:

ՄԱՐԹԱ

Տանդ դռները պիտի գոցեմ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Գոցէ՛:

ՄԱՐԹԱ

Ընդհանուր ժողովքը պիտի ելնեմ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ելի՛ր։

ՄԱՐԹԱ

Վերջէն Թաղական պիտի իջնամ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Իջի՛ր:

ՄԱՐԹԱ

Վերջը կը տեսնուինք: ( Կ՚երթայ ):

ՏԵՍԻԼ Դ.

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ, առանձին, վերջը ՄԱՐԿՈՍ

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Կորսուեցաւ, գնաց թշուառականը. առաւօտուն ելեր` կռիւ ընելու պատճառ կը փնտռէ. կը տեսնես անգամ մը ըրած հարցումները, երկուշաբթի ուր էիր, երեքշաբթի ուր էիր, չորեքշաբթի ուր, ուր էիր, ուր էիր, ուր էիր… ո՞ր ծակը մտած էիր, ո՞ւր կորսուած էիր. կարծես թէ դպրոցի մէջ ենք եւ քննու­թիւն կու տանք: Ա՜հ… ես մեծ յանցանք մը գործեցի ստակով կնիկ առնելուս… Բայց ինչ ընելու է… թէ որ հարուստ աղջիկ մը առնուս, ահա ասանկ կ՚ըլլայ. իրեն գերի ըլլալու է… թէ որ աղքատ աղջիկ մը առնուս, ան ատեն ալ իրեն ծառայ ըլլալու է. միշտ անոր համար աշխատելու է, որ ուտէ, խմէ, հագուի, սգուի… ինչեւէ գոնէ այն ժամանակ հանգիստ ու եր­ջանիկ կեանք մը կը վարես, ասանկ ամէն օր կռիւ չըլլար, ես այսպէս կը հաւատամ. իւրաքանչիւր ոք իրեն հասակին, հարստութեան, բնութեան, սիրոյն համապատասխանող ըն­կեր մը գտնալու է, որպէսզի այս վաղանցուկ կեանքին մէջ երանելի ամուսնութեամբ ապրի: Վաթսուն տարուան եղեր է եւ սիրուիլ կ՚ուզէ… Սէ՜ր, սէ՜ր, ո՛ր տեղուանք կ՚երթաս. դուն յի­րաւի կոյր ես եղեր: Իսկ ես ալ աղէկ պատասխանեցի իրեն, ինչ որ ուզէ թող ըսէ: Սա աղէկութիւնը ունի որ շուտով կը հաշտուի. քէն չպահեր: ( Գետինը կոտրած շիշը տեսնելով ) Ա՛յ սատանորդի, շիշը կոտրեր է: ( Կ՚առնէ գետնէն կը հոտւը­տայ ու քիթը բռնելով ասդին անդին կը վազւըռտէ ) Ո՜հ… քիթս… բերանս… գլուխս… ամէնէն պիտանի դեղն թափեր է, անուշադրի ոգին:

ՄԱՐԿՈՍ, դռնէն մտնելով

Ասիկա ըլլալու է պարոն Թափառնիկոսը:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ, չը լսելով, բարկութեամբ

Ա՛հ, կանա՛յք, կանայք, տուներու մէջ դուք էք անհան­գստութեանց պատճառ:

ՄԱՐԿՈՍ, ինքնիրեն

Բարկացած կ'երեւի:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Թէ որ տան մէջ ոտք կոխէ, բզիկ բզիկ պիտի ընեմ զինքը:

ՄԱՐԿՈՍ

Բարով, պարոն Թափ…

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ամէն օր, ամէն ժամ կը պոռայ թէ իր ստակովը մարդ եղած եմ…

ՄԱՐԿՈՍ

Բարեւ, պարոն Թափառ…

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ես չեմ ուրանար, իր ստակին համար առի զինքը. բայց դաշնադրութեան ատեն չըսաւ որ ամէն օր այսպէս պիտի պոռայ: ( Կնկան ձայնով ) Իմ ստակովս մարդ եղար:

ՄԱՐԿՈՍ

Բարեւ, պար…

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Երբ էրիկ մը կնկան իշխանութեանը տակ է` ամուսնու­թիւնը անկատար է եւ վնասակար:

ՄԱՐԿՈՍ

Բարեւ, պարոն Թափ…

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ծունկերս կը դողդղան, չեմ կրնար ոտքի վրայ կայնիլ, այսպէս բարկացնէ զի՜ս… չգիտեմ ո՛ր փիլիսոփան կը գրէ թէ` մէկը բարկացած ժամանակը ա բ գ֊ ը մինչեւ վերջը եթէ կար­դայ, բարկութիւնը կ՚անցնի. փորձենք…

ՄԱՐԿՈՍ

Բարեւ, պարոն Թափ…

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Աբգդեզէըթժիլխծկհձձղճ… սխալեցայ: ( Աւելի բարկութեամբ նորէն կը սկսի, դարձեալ կը սխալի ) Լսողն ալ պիտի կարծ է որ աբգ ֊ը չեմ գիտեր. ահա հարուստ աղջիկ առնող ամուսիններն ասանկ Քերական կը կարդան: ( Աբգ֊ը մինչեւ վերջը կ՚ըսէ ) Բարկութիւնս երթալով կ՚երթայ եւ կը սաստկանայ, ուրիշ կերպով փորձենք. աա բբ գգ դդ եե զզ էէ ըը թթ ժժ իի լլ խխ ծծ կկ հհ ձձ ղղ ճճ մմ յյ նն շշ ոո չչ պպ ջջ ռռ սս վվ տտ րր ցց ււ փփ քք եւեւ օօ ֆֆ: Աս բարկութիւնը ինձի սուղի պիտի նստի…

ՄԱՐԿՈՍ, ինքնիրեն

Փախո՞ւկ է, ի՞նչ է:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ախչ բծպ գկջ…

ՄԱՐԿՈՍ, բարձրաձայն

Իձս զղվ…

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ, բարկութեամբ վրան երթալով

Զի՞ս կը ծիծաղիս, խայտառակ մարդ:

ՄԱՐԿՈՍ

Էհ, պարոն երկու ժամէ ի վեր ձեզի կը սպասեմ, ակռաս կը ցաւի:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Նստէ՛ քիչ մը:

ՄԱՐԿՈՍ

Շատ աղէկ, պարոն, նստիմ: ( Կը նստի ):

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Արդէն աչքէդ յայտնի է, որ ակռադ կը ցաւի:

ՄԱՐԿՈՍ

Կ՚աղաչեմ, պարոն ատամնաբոյժ, ձեռքէդ եկածը մի ՛ խնայեր զիս բուժելու համար: Ձեր համբաւը Պոլսոյ մէջ ամբողջ տարածուեր է, ես ալ, ձեր անունը լսելով, փութացի հոս գալ, որպէսզի…

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Վասնզի` արուեստս կանոնաւոր կերպով յառաջ կը տա­նիմ: Ես Եւրոպայի մէջ ուսեալ բժիշկներէն չեմ. իմ բժշկու­թիւնս բնականէն է. ինձի եկող հիւանդները միշտ գոհ կ՚ըլլան, կը յուսամ, որ դուն ալ անոնց պէս շնորհակալու­թեամբ պիտի երթաս:

ՄԱՐԿՈՍ

Շատ աղէկ…

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Մէ՞կ հատ միայն կը ցաւի, չէ նէ ամէնն ալ…

ՄԱՐԿՈՍ

Մէկ հատ, պարոն, մէկ հատ…

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Մէկ հատ կամ երեսուն երկու հատ ըլլայ, չէ ինձ փոյթ. ինձի համար միեւնոյն բանն ըսել է:

ՄԱՐԿՈՍ, մեկուսի

Ճարտար մէկու մը կը նմանի:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Շատո՞նց ի վեր է որ ունիս այդ ցաւը:

ՄԱՐԿՈՍ

Շուրջ երկու շաբաթ…

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Արուեստդ ի՞նչ է:

ՄԱՐԿՈՍ

Վաճառական մը…

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ, թիկնաթոռէն ելնելով

Ներեցէք, եթէ չկրցի ճանչնալ զձեզ. հրամմեցէք հոս նստեցէք, ոտքդ պագնեմ, ելէք թիկնաթոռը նստեցէք:

ՄԱՐԿՈՍ

Հոգ չէ, պարոն. աշխատ մ՚ըլլաք:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Կ՚աղաչեմ: ( Մարկոս թիկնաթոռին վրայ կը նստի ) Շարու­նակեցէք: ( Յարգանօք կը վարուի ):

ՄԱՐԿՈՍ, մեկուսի

Ի՜նչ խոնարհ մարդ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ, մեկուսի

Ի՜նչ ագահ մարդ:

ՄԱՐԿՈՍ

Վաճառական մ՚էի ատենօք, իսկ հիմա ջաղացքի մը մէջ գործաւոր եմ: Մարդ չե՞նք, այսօր հարուստ ՝ վաղը աղքատ, այսօր առողջ` վաղը հիւանդ. այսօր աշխարհ ՝ վաղը գերեզ­ման. բայց ես յոյսս չեմ կտրեր, քիչ ժամանակէն երեւելի վաճառական մը ըլլալու դիտաւորութիւն ունիմ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ըղձալի դիտաւորութիւն: ( Մեկուսի ) Սա անօրէն կնկան պատճառով այսօր գործերս ձախորդ կ՚երթան:

ՏԵՍԻԼ Ե.

ՆՈՅՆՔ եւ ՆԻԿՈ


ՆԻԿՈ, սուրճը բերելով

Տէր…

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ, Մարկոսին

Ի ՞ նչպէս անցուցիր այս գիշեր:

ՄԱՐԿՈՍ

Ամենեւին աչքս չգոցեցի:

ՆԻԿՈ

Յայտնի է որ պարոնին աչքը կը ցաւի:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Մինչեւ որ սուրճս խմեմ, դուն նախապատրաստութիւն­ները լմնցու, Նիկո՛. պարոնին ակռան պիտի քաշենք:

ՆԻԿՈ

Այո՛, տէր իմ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ, սուրճը խմելով

Ուշադրութեամբ ըրէ՛ որ չվախնայ:

ՆԻԿՈ

Այո՛, տէր:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Նայէ որ բռնութիւնը ձեռք չառնենք:

ՆԻԿՈ

Այո՛:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Անուշութեամբ լմնցուր:

ՆԻԿՈ

Շատ աղէկ: ( Կ՚երթայ սեղանին վրայէն չուան մը կ՚առնու ) Քովս եկուր, եղբայր:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Քովը գնա:

ՆԻԿՈ, Մարկոսին ձեռները կապել կ՚ուզէ, որն որ չթողուր

Թող տուր որ կապեմ:

ՄԱՐԿՈՍ

Ինչո՞ւ, եղբայր, ես խե՞նդ եմ. փառք Աստուծոյ, խելքս գլուխս է. ակռայի ցաւ ունիմ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Հնազանդութիւն, պարոն. իմ բանեցուցած կերպերս թէպէտ եւ հիւանդներուն անհաճոյ կ՚երեւին, բայց վերջէն հա­ճութեամբ դուրս կ՚ելնեն. թող որ կապէ, թո՛ղ, թո՛ղ:

ՄԱՐԿՈՍ

Ի՞նչ կ՚ըսէք, ես գո՞ղ եմ, աւազա՞կ եմ որ…

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ես քու գիտցած բժիշկներէն չեմ. իմ արուեստս ինչ որ կը պահանջէ, կատարելու եմ. կ'իմանա՞ս, պարապ տեղը մի՛ բարկացներ զիս. թող տուր կապէ:

ՆԻԿՈ

Վերջէն պիտի զղջաս:

ՄԱՐԿՈՍ

Բայց…

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ, սեղանին վրայէն ատրճանակն առնելով Մարկոսին կ՚ուղղէ

Հնազանդութիւն:

ՄԱՐԿՈՍ

Թո, թո… թո թող կենայ…

ՆԻԿՈ, կապելով

Ինչո՞ւ խօսք մտիկ չէք ըներ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Մի վախնար, իմ սովորութիւնս է, երբ մէկուն ակռան պիտի հանեմ, ձեռները կը կապեմ, անհոգ եղիր դուն. սեպէ ՛ թէ ակռադ ելաւ. հիմա իմ հարցումներուս պատասխան տո՛ւր. արեւելեա՞ն թէ արեւմտեան կողմը կը ցաւի:

ՄԱՐԿՈՍ

Ջաղա ՞ ցքը կը հարցնէք, պարոն հոս մօտ պարտէզին մէջն է:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ատիկա իմ հարցմանս պատասխան չէ:

ՄԱՐԿՈՍ, Նիկոյին

Ի՞նչ ըսել կ՚ուզէ:

ՆԻԿՈ

Միշտ ասանկ կը հարցնէ, պատասխանելու է…

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Վարի՞ յարկն է չէ նէ վերի:

ՄԱՐԿՈՍ

Վերի յարկը, պարոն, վերի յարկը, յիսուն դահեկան ամսականաւ վարձեր եմ. պզտիկ սենեակ մ՚է, ձմեռը շատ տաք կ՚ըլլայ, վասնզի թղթապատ է. կին մ՚ալ կայ հոն որ ան­կողինս կը շինէ եւ ինձի ծառայութիւններ կ՚ընէ, թէ որ կ՚ու­զէք, սենեակ մ՚ալ ձեզի համար վարձեմ, փողոցն ալ գէշ չէ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Չհասկցար իմ հարցումներս, բերնիդ ո՞ր կողմն է ցաւող ակռան:

ՄԱՐԿՈՍ, մատովը կը ցուցնէ աջ կողմը

Ահա, պարոն, սա կողմը:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ես ալ քեզի աս հարցուցի, եւ դուն ջաղացքին պարտէզի մէջ ըլլալն ըսիր: Վարի՞ շարքէն է ցաւող ակռան:

ՄԱՐԿՈՍ

Այո՛, այո՛, ահա ( Ցցունելով ), վարի շարքէն:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Եւ դուն բնակած սենեակիդ վերի յարկը թղթապատ եւ տաք ըլլալը ըսիր: Ես բերնին մէջ գտնուած տեղերուն եւ գոր­ծիքներուն մէյ մէկ անուն տուած եմ, եւ միշտ անանկ կը հարց­նեմ. կ՚ուզեմ որ ինձի եկող հիւանդներն ալ սորվին:

ՆԻԿՈ, ցած, առ Մարկոս

Ջանա որ սորվիս, ուրիշ անգամուն պէտք կ՚ըլլա յ:

ՄԱՐԿՈՍ, մեկուսի

Ասիկա վարպետ մէկուն կը նմանի. ինչե՜ր կը հարցնէ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Էհ, գործը լմնցաւ, ցաւող ակռային ուր ըլլալն ալ իմա­ցանք, հիմա զայն հանելու աշխատելու է. Նիկո, սա ատրճա­նակը ա՛ռ եւ պարոնին դէպի բերանը ուղղէ:

ՄԱՐԿՈՍ, վախնալով

Ի՞նչ կ'ըսէք, պարոն:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ամենափոքր շարժում մը ընելուն պէս պարպէ՛:

ՄԱՐԿՈՍ, թոթովելով

Թող կենայ, չեմ ուզեր:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Լռէ՛. պիտի պարպէ:

ՄԱՐԿՈՍ, ապշած, շուարած, արձանի պէս կը կայնի անշարժ

Ով Աստուած իմ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ինչչափ վախկոտ ես, ծօ տղա՛յ:

ՄԱՐԿՈՍ

Չէ… չէ… վախ… կոտ… չեմ…

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Բերանդ բա՛ց… քիչ մ՚ալ բա՛ց, որ լոյսը ներս մտնէ, կրցածիդ չափ բա՛ց… սա պզտի փատը մէջտեղը դնեմ, որ չգոցուի. ( Կը դնէ ) հա՛. այսպէս կեցիր, ես ալ պատրաստ ու իմ որպէսզի դիւրութեամբ կարենամ գործել: ( Գիշերազգեստը, գլխարկը կը հանէ, շապիկին թեւերն վեր կ՚առնէ ) Ալ վախ պէտք չէ. սեպէ թէ ակռադ ելաւ:

ՄԱՐԿՈՍ

Ըհ, ուհ… ըհ…

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ, դիտակով Մարկոսին բերնին մէջը կը նայի

Չկրցի տեսնել: Նիկո, սա ճրագըս վառէ. ինչ անտեսա ն ելի ակռայ, նայինք ճրագով պիտի կարենա՞նք գտնել: ( Ճրա­գը Մարկոսին բերնին կը մօտեցնէ ):

ՄԱՐԿՈՍ, ետ ետ կ՚երթայ

Ա՜հ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Նիկո, կապէ՛ ոտքերը:

ՆԻԿՈ

Կը հնազանդիմ, տէր: ( Կը կապէ ):

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ, աթոռի վրայ կ՚ելնէ

Ծունկ չոքէ, շուտ եղիր. ժամանակ չկորսնցնենք: ( Աք­ցանը բերնին մէջ կը խոթէ եւ կը սկսի քաշել ) Ա՜հ, փատը ին­կաւ:

ՄԱՐԿՈՍ

Ի՞նչ կ'ընէք, պարոն, լեզուս պիտի փրցնէք:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Մարդս կը սխալի երբեմն:

ՄԱՐԿՈՍ

Կ'աղաչեմ, թո՛ղ աքցանը եւ ուրիշ կերպով եթէ հնար է հանել, կատարէ՛, ապա թէ ոչ` ես պիտի երթամ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Տեսակ տեսակ գործիքներով յառաջ կը վարեմ արուեստս, հանդարտ եղիր, սեպէ՛ թէ ակռադ քաշուեցաւ: Իմ վարպե­տութիւններս Եւրոպայի բժիշկները կը զարմացնէ եւ ի ծի­ծաղ կը շարժէ զանոնք: Ինձի նայէ՛, բարեկա՛մ, մէկը կատար­եալ բժիշկ ըլլալու համար բաւական խելք ունենալու է. միայն բժշկութեան վկայականով չլմննար, ինչպէս որ վարդապետ մը սեւ վեղարով չկրնար կատարեալ վարդապետ ըսուիլ` թէ որ ուսմունք չունենայ. ասոնցմէ զատ ատամնաբոյժ մը շատ վարժած ըլլալու է որ…

ՆԻԿՈ

Ինքը շատ վարժած է:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Անհո՛գ եղիր դուն, թէպէտ եւ քիչ մը խստութեամբ խօսեցայ հետդ, բայց իմ արուեստս այնպէս կը պահանջէ. անու­շութեամբ չըլլար: Խստութեամբ սկսած գործին անուշութիւն կը յաջորդէ, ինչպէս որ անուշութեամբ սկսած գործին խստու­թիւն… ինչպէս որ փոթորիկէն վերջը խաղաղ հողմ… ինչպէս որ տրտմութենէ վերջը ուրախութիւն, ինչպէս որ… ինչպէս որ աղքատութենէ վերջը…

ՄԱՐԿՈՍ

Մո ՛ ւրողութիւն…

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Չէ, հարստութիւնը կը յաջորդէ: Կռնակիդ վրայ պառկէ՛, զաւակս, ես մինչեւ հիմա կրնայի քու բոլոր ակռաներդ քաշել, այլ ինչ ընեմ որ քիչ մը բարկացած եմ այսօր. պառկէ, տղաս, պառկէ. սեպէ թէ ակռադ ելաւ: ( Մարկոս կը պառկի, Թա­փառնիկոսը սեղանին վրայէն դերձան մ՚առնելով) Սա դեր­ձանը ակռայիդ պիտի կապեմ, կապելուս պէս լմնցաւ գործը. բա՛ց բերանդ… տեսայ… ահա կապեցի… անհոգ եղի՛ր… տեղէդ չերերաս… Նիկո, ատրճանակը շտկէ՛: (Մարկոսին առջեւը կը նստի եւ ոտները Մարկոսին ոտներուն կռթնած կը սկսի քաշել ) Կը ցաւի՞… համբե ՛ րէ… ինչ ընենք, հիմա պիտի ելլայ… թշուա՜ռ տղայ, ընկո՞ւզ կոտրեցիր, ինչ ըրիր, որ ասանկ… տէր ողորմեա… ասանկ ակռայ մը, որ տեղէն չշարժիր:

ՄԱՐԿՈՍ, պոռալով

Ահ, ուհ, բուֆ…

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Նիկո, ատրճանակը մի՛ թողուր… համբերութիւն, տղաս… սեպէ՛ թէ ակռադ ելաւ: ( Քիչ մ՚ալ ուժով կը քաշէ դերձանը կը փրթի. ինքն ալ կռնըկի վրայ կ՚իյնայ ):

ՆԻԿՈ, տիրոջը վրան մաքրելով

Փոշի եղաւ վրադ:

ՄԱՐԿՈՍ, պառկած

Ա՛հ… ո՜ւհ…

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Գիտեմ ես… բոլոր յանցանքը կնկանս է, որ զիս բար­կացուց: ( Ոտները գետին զարնելով ):

ՄԱՐԿՈՍ

Ո՛ւհ… բո՜ւֆ… ( Ոտք ելնել կը ջանայ ):

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ինչո՞ւ կ՚ելնես, պառկէ՛, տեղէդ մի՛ շարժիր, մ՚աճա­պարեր, ծունկ չոքէ՛ եւ սեպէ թէ ակռադ ելաւ։ ( Ուրիշ դեր­ձան մը կը հանէ, կը կապէ ցաւող ակռան ) Այս անգամ ալ թէ որ չյաջողիմ… ( Կը սկսի քաշել ) ահա ձայն մ՚առի, պիտի ելլայ…

ՄԱՐԿՈՍ

Ա՜հ, պարոն, թո՛ղ տուր ելնեմ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Պապանձէ, ահա ելաւ… ահա… քիչ մ՚ալ համբերէ… ( Ուժով կը քաշէ ) Ա՛հ, վերջապէս յաջողեցայ… ( Ակռան Մար­կոսին տալով ) ա՛ռ ակռադ… ինձի Թափառնիկոս կ՚ըսեն… ինքզինքս գովելու համար չեմ ըսեր, բայց կը պարծենամ որ այս արուեստին մէջ ինէ յաջողակը չկայ: Թող Եւրոպայի մէջ ուսեալ բժիշկները պնդեն թէ իրենք շատ վարպետ են…

ՄԱՐԿՈՍ

Գիտէ՞ք, պարոն, որքան դժուար է այս ակռայի ցաւն քաշելը:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Գիտէ՞ք, պարոն, որքան դժուար է ակռայ քաշելը:

ՄԱՐԿՈՍ

Ողջ ըլլաք… բայց ցաւն փոխանակ մեղմանալու սաստ­կացաւ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Առջի բերան անանկ կ՚ըլլա յ:

ՆԻԿՈ

Անանկ կ՚ըլլա յ ամէնուն ալ:

ՄԱՐԿՈՍ, մատւըներովը ակռաները զննելով

Ցաւող ակռան հոս է, ահա տե՛ս, դուք սխալմամբ քովի ակռան քաշեր էք:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Կոյր ըլլալու եմ, որ ատանկ բան մը ընեմ:

ՄԱՐԿՈՍ

Սխալած էք. է՛հ, պարոն ատամնաբոյժ, այս խաղը դեռ շատ երկար պիտի տեւէ՞ …

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Կեցիր: ( Մատւըներովը կը քննէ ակռաները ) Իրաւունք ունիք… բայց ես դիտմամբ քովի ակռան քաշեցի:

ՄԱՐԿՈՍ, բարկութեամբ

Դիտմա ՞ մբ… դիտմա՞մբ, մեղք չէ՞ իմ ողջ ակռայիս որ…

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ի՞նչ ըսեմ, տղայ, դուն անմիտ ես… թէ որ այս ակռան չհանէի, միւսը շատ դժուարութեամբ պիտի կրնայինք քա­շել. չեմ յուսար որ այս խօսքիս չհամոզուելու չափ տխմար ըլլաս. կը հարցնեմ քեզի, միթէ կրնա՞ն ծառ մը խլել, թէ որ արմատը աղէկ չբանան, պատասխան տուր:

ՆԻԿՈ

Ըսածները ճշմարիտ են:

ՄԱՐԿՈՍ

Է՛հ, իմ բերանս պարտէ՞զ է:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Իմ ըսածս նմանութիւն մ՚է: Ես քեզի չափ չե՞մ խորհիր, որ ցաւող ակռան մէկէն ի մէկ հանեմ, հա ՛, հա՛, հա՛:

ՆԻԿՈ

Ինքը աղէկ կը խորհի:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ես կ'ուզեմ, որ ընելիք գործս առաջուց մտածեմ, վերջը կատարեմ. կը հասկնա՞ս, ալ վախ չկայ, ասոր արմատը աղէկ բացուեցաւ:

ՆԻԿՈ

Ամէնուն ալ անանկ կ՚ընենք:

ՄԱՐԿՈՍ

Տակաւին պիտի խօսի՞ք, ինչ որ պիտի ընես ըրէ՛ լմն­ցո՛ւր, շուտ եղիր, շո՛ւտ…

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Կամաց քալողը չյոգնիր, կ՚ըսէ առածը:

ՆԻԿՈ

Իրաւ է, ինքը բնաւ չյոգնիր:

ՄԱՐԿՈՍ, մեկուսի

Անգամ մը ոտքս դռնէն դուրս կոխեմ… ( Բարկութեամբ բարձրաձայն ) Շո՛ւտ եղիր, ես ձեր խաղալի՞քն եմ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ, որ սեղանին վրայէն շիշերը կը խառնէ իբր թէ բան մը կը փնտռէ

Փատը… փատը դիր բերանը. ապերա՛խտ, հոգւով մարմնով կ՚աշխատիմ քեզի ծառայութիւն մը ընելու եւ դուն կը յանդգնիս առանց ամչնալու ինձի դէմ խօսելու, կարծե­ցիր թէ քէնէ ստա՞կ պիտի առնեմ. ի՞նչ եղար, համբերէ քիչ մ՚ալ, ա՛ռ ակռադ գնա:

ՏԵՍԻԼ Զ.

ՆՈՅՆՔ եւ ՄԱՐԳԱՐ


ՄԱՐԳԱՐ

Բարեւ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ, սեղանին առջեւ զբաղած

Աստուծոյ բարին:

ՄԱՐԳԱՐ

Երէկ գիշեր ուշ հասայ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Հասար:

ՄԱՐԳԱՐ

Չկրցի հոս գալ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Չկրցիք:

ՄԱՐԳԱՐ

Ձեզի ըսելիք ունիմ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ, միշտ զբաղած

Կրնաք ըսել:

ՄԱՐԳԱՐ

Տիկինը տեսայ որ բարկացած կ՚երթար:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Կրնայ երթալ:

ՄԱՐԳԱՐ

Կռու ե ՞ր էք հետը:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Կռուեր ենք:

ՄԱՐԳԱՐ

Բայց չվայլեր։

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Չվայլեր:

ՄԱՐԳԱՐ

Պէտք է որ ամուսին մը իր կինը սիրէ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Պէտք է որ սիրէ:

ՄԱՐԳԱՐ

Ըսել է որ դու ք չէք սիրեր:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Չեմ սիրեր:

ՄԱՐԳԱՐ

Այսպէսով իր մահուանը պատճառ կ՚ըլլաք:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Կ՚ըլլամ:

ՄԱՐԳԱՐ

Պէ՞տք է որ ըլլաք:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Պէտք է:

ՄԱՐԳԱՐ

Պէտք չէ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Պէտք չէ։

ՄԱՐԳԱՐ

Կը տեսնեմ որ գործ ունիք:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Գործ ունիմ:

ՄԱՐԳԱՐ

Ձեզի հետ խօսիլ կ'ուզէի:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Խօսեցէք:

ՄԱՐԳԱՐ

Կ՚երեւի որ զբաղեալ էք:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Զբաղեալ եմ:

ՄԱՐԳԱՐ

Ինչպէս ընենք, քանի մը ժամէն գա՞մ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Եկուր:

ՄԱՐԳԱՐ

Կրնա՞մ հոս գտնալ ձեզ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Կրնաք:

ՄԱՐԳԱՐ

Թէ որ չգտնա՞մ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Չէք գտնար:

ՄԱՐԳԱՐ, մեկուսի

Կ'երեւի որ միտքը շատ յուզուած է, որովհետեւ ըսածը չգիտեր: ( Բարձր ) Քանի մը ժամէն պիտի գամ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Եկուր:

ՄԱՐԳԱՐ

Մնա բարով:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Գնա բարով: ( Մարգար կը մեկնի ):

ՏԵՍԻԼ է.

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ, ՄԱՐԿՈՍ, ՆԻԿՈ

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Մօտ եկո՛ւր, երկու ժամէ ի վեր քեզի համար դեղ կը փնտռէի, ահա գտայ: ( Շիշ մը տալով ) Ա՛ռ ասիկա, բամ­պակի վրայ քանի մը շիթ կաթեցուր, օրը ութն անգամ ցաւող ակռային վրայ դի՛ր, քանի մը օր ասիկա ըրէ, տեսար որ ցա­ւը կ՚աւելնա յ ինձի եկուր, սեպէ՛ թէ բժշկուեցար: ( Մարկոս գլուխը կը շարժէ, իմացնելով որ հասկցաւ ): Կայնէ հիմա, բերնէդ հանեմ սա փատը: Նիկո՛, ոտները, ձեռները քակէ. ( Նիկո կը քակէ ) հասկցա՞ր, տղաս, կարծեմ թէ առանց քաշե­լու այդ ցաւող ակռան պիտի բուժիս:

ՄԱՐԿՈՍ, սեղանին մօտենալով ատրճանակը կ՚առնէ

Պատասխան տո՛ւր հարցումներուս, արեւելեա՞ն է թէ արեւմտեան:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ա՞ս ինչ պիտի ըլլայ:

ՄԱՐԿՈՍ

Ամենափոքր շարժում մը կրնայ մահ պատճառել. Նիկո՛, ձեռները կապէ՛։

ՆԻԿՈ

Պարոն…

ՄԱՐԿՈՍ

Հիմա կը մեռցնեմ, շուտ կապէ՛. ( Առ Թափառնիկոս ) վերի՞ թէ վարի ՛ յարկն է:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Կորի՛ սըկէ, գարշելի…

ՄԱՐԿՈՍ

Ապերա՛խտ, ինձի դէմ կը խօսիս. Նիկո, փատը դիր բերանը:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Վերջապէս պիտի…

ՄԱՐԿՈՍ

Համբերութիւն, սովորութիւնս այս է, կը կապեմ, վա­սնզի ատամնաբոյժ մը միայն վկայականով չկրնար կա­տարեալ ատամնաբոյժ ըլլալ, պէտք է քիչ մ՚ալ խելք ունե­նալ, ինչպէս որ վարդապետ մը սեւ վեղարով չկրնար կա­տարեալ վարդապետ ըլլալ, թէ որ ուսմունք չունենայ: Թէպէտ եւ իմ բռնած ընթացքս հիւանդներու տհաճոյ կը թուին, բայց վերջը գոհ կ՚ըլլան: ( Աքցանը առնելով ) Համբերէ՛, սեպէ՛ թէ ակռադ ելաւ:

ՆԻԿՈ, մեկուսի

Ես երթամ, չըլլայ որ իմ ալ ակռաս քաշէ: ( Կ՚երթայ ):

ՄԱՐԿՈՍ, աքցանը Թափառնիկոսի բերանը խոթելով

Ա՛հ, թշուառ տղայ… շատո՞նց ի վեր է որ կը ցաւի:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ա՜հ… ա՜հ…

ՄԱՐԿՈՍ

Ինձի տուած իւղ է դ քանի մը կաթիլ կաթեցուր եւ ցաւող ակռային դիր… մնաք բարով… ահա, պարոն ատամնա­բոյժ, ասիկա Ատամն ընդ ատաման եղաւ: ( Կ՚երթայ ):

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ա՞հ… Ուրկէ էր որ դիմացս ելաւ սա մարդը… ձեռներս, ոտներս կապեց: ( Կանչելով ծառան ) Նիկո, Նիկո…

ՏԵՍԻԼ Ը.

ՆՈՅՆՔ եւ ՄԱՐԹԱ

ՄԱՐԹԱ, բարկութեամբ մտնելով

Ո՛չ Քաղաքական կայ, ո՛չ Թաղական եւ ոչ Կրօնական ժո­ղով6)… միշտ Խառն ժողով կ՚ըլլայ. կանոնաւորը տեսած չու­նինք: Որո՞ւ երթամ յայտնեմ ցաւերս… ա՜հ, կանայք թշուառ են… ( էրիկը տեսնելով ) Աս ի՜նչ է… ա՜հ, անօրէն մարդ… պատիժդ գտեր ես… ահա այսպէս կապուած կեցիր… ո՜հ… հիմա քիչ մը սկսաւ սիրտս ուրախութիւն զ գ ալ… կը յիշե՞ս ինձի ըրածներդ, անզգամ. տես գլուխս, դուն ճերմկցուցիր աս մազերը…

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ճերմակը սեւին վրայ աղէկ կը վայլէ:

ՄԱՐԹԱ

Այս վիճակիդ մէջ անգամ զիս կ՚ատես. դուն իմ ստա­կովս մարդ եղար…

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ես քեզ չեմ ճանչնար:

ՄԱՐԹԱ

Չե՞ս ճանչնար, հիմա կը ճանչցընեմ ինքզինքս… երթամ ժամկոչները կանչելու, որ գան առնեն Փրկիչ տանին քեզ: ( Վազելով կ՚երթայ ):

ՏԵՍԻԼ Թ.

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ առանձին, վերջը ԼԵՒՈՆ


ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Թէ որ մինչեւ հիմա սրտիս մէջ իրեն համար սէր կը կրէի, ան ալ դուրս ըրի. ասկէ վերջը անհնարին է, որ կարե­նամ հետը ապրիլ… այսպիսի նախանձորդ կանանց հետ ապրիլը… կատուներու հետ խաղալու պէս է, պանիր տուած ժամանակդ կը ճանկռտեն… եւ ո՞վ եղաւ բոլոր այսօրուան ձախորդութեանց պատճառ, եթէ ոչ ինքը. կ՚ուզէ որ սիրուի վաթսուն տարուան հասակին մէջ. թէ որ մէկ ուրիշ կնկան երեսը նայիմ, կռիւ ընելու կու գայ վրաս… այս նախանձը չէ ՞ որ կանանց գեղեցկութիւնը կ՚ոչնչացնէ…

ԼԵՒՈՆ

Մարդ չկայ հոս…

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Պարոն…

ԼԵՒՈՆ, մէկէն ի մէկ երեսը բռնելով իբր թէ ակռան կը ցաւի

Ի՞նչ կայ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ի՞նչ կ'ուզէք:

ԼԵՒՈՆ

Ատամնաբոյժը կը փնտռեմ, կ՚ուզեմ ակռաս ցցունել, ո՞ւր գացեր է արդեօք:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Հոս է, հիմա կու գայ:

ԼԵՒՈՆ, մեկուսի

Ո՞ւր էր թէ սա մարդը երթար ու Երանեակը գար հետը խօսէինք:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ, մեկուսի

Իրեն զուրցեմ անգամ մը նայիմ կը քակէ՞ ձեռներս. ինչ գիտնայ, զիս գող կամ աւազակ պիտի կարծէ:

ԼԵՒՈՆ

Դուք ինչո՞ւ հոս կեցեր էք:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Պիտի երթամ… սա ոտներս քակեցէք:

ԼԵՒՈՆ

Շատ աղէկ, պարոն ( Կը քակէ ):

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Հրամանքնիդ քիչ մը սպասեցէք, ատամնաբոյժը հիմա կու գայ: ( Մեկուսի ) Երթամ սա թշուառական Նիկոն գտնալու…

ՏԵՍԻԼ Ժ.

ԼԵՒՈՆ, վերջը ԵՐԱՆԵԱԿ


ԼԵՒՈՆ

Քիչ մնաց որ ձեռք պիտի անցնէի, այս դէպքը Երանեա­կին նամակին չյարմարեցաւ: ( Նամակ մը կը հանէ կը կարդայ ) « Վ աղը ժամը երեքին տան մէջ մինակ պիտի ըլլամ, եկո՛ւր զիս գրկելու»: Ո՞ւր է, չգար, որ գրկեմ, կարծեմ, հայրը, մայ­րը հոս են. ծառան ծուռ ծուռ երեսս նայեցաւ, չըլլա՞յ թէ Երանեակը զիս մատնելու համար հոս հրաւիրած ըլլա յ. կը յուսացուի, վասնզի հայ ենք. հայ ըսելը մատնութիւն ըսել է:

Այո ՛, մեր ստացուածքն է մատնութիւնը ի վաղուց անտի, հարուստներէն մինչեւ աղքատները, լուսաւորեալներէն մինչեւ խաւարեալները, ամէնքն ալ ունին ասիկա. մեր առաջին զէնքն է. Բրուսիոյ ասեղնաւոր հրացաններէն աւելի զօրաւոր է. ամէն պարագաներու մէջ անոր կը վստահինք, անով յառաջ կը քալենք. այլ ինչ օգուտ, որ վերջէն անով գետինը կը տա­պալինք, ու ծաղր ու ծանակ կ՚ըլլանք… արդեօք Երանեակը… ( Երանեակ կը մտնայ տխուր ) ա՜հ, իմ երանելի Երանեակս, ճիշտ այն միջոցին եկար ուր` քե զ ի համար կը կասկածէի: Բայց ինչո՞ւ ասանկ տրտում տխուր…

ԵՐԱՆԵԱԿ

Տրտում տխուր:

ԼԵՒՈՆ

Լռիկ մնջիկ:

ԵՐԱՆԵԱԿ

Լռիկ մնջիկ:

ԼԵՒՈՆ

Միթէ իմ ներկայութի՞ւնս վանեց այտերէդ այդ վար­դագեղ կարմրութիւնը, պատասխանէ՛, կո՛յսդ նազելի, միթէ իմ տե՞սքս կապեց լեզուդ, պատասխան տո՛ւր, ինչո՞ւ այդ ժպտափայլ շուրթերդ թալկացեր ու չեն շարժիր: Ա ՜ հ, Երան ե ակ, խօսէ՛, քո ւ այդ լռութիւնդ դառնաղէտ խորհուրդներ կ ը ստեղծէ մտքիս մէջ:

ԵՐԱՆԵԱԿ

Լեւոն, քեզի նուիրած եմ սիրտս, կեանքս ու պատիւս. այլ ինչ օգուտ որ ընտանիքիս տգիտութիւնը քէնէ յա փ շտակել կ՚ուզէ զանոնք:

ԼԵՒՈՆ

Ի՞նչ. ընտանիքդ հաւանութիւն չե՞ն տար, որ սիրես զիս:

ԵՐԱՆԵԱԿ

Այս առտու մօրս ըսի` թէ Մարգարի հետ չեմ կարգուիր. այս լսելուն պէս բարկացաւ, բորբոքեցաւ, կատղեցաւ…

ԼԵՒՈՆ

Երանեակ, բոլոր գիշերը չքնացայ, անհամբեր այս ժա­մուն կը սպասէի, այս խօսքերը լսելո՞ւ համար. երբեմն աչերս կը գոցէի քու գեղածիծաղ պատկերդ կը տեսնէի, եւ այն խօս­քը զոր առջի օրը քու սիրաբոյր շուրթերէդ սահեցաւ, գի­շերուան խոր լռութեան ատեն միշտ ականջներուս կը հնչէր. այո՛, այն ձայնը, որով արտաբերեցիր «կը սիրեմ զքեզ» խօսքը սիրտս վիրաւորեց, անբուժելի վէրք մը բանալով հոն եւ դեռ առաւօտուն անկողինէն ելնելուս պէս ( Կ՚երգէ ):

Երթամ ըսի Երանեակի՛ս,
Յայտնել իրեն գաղտնիք սրտիս,
Զուրց ել թէ իւր դէմք գեղանի
Երջանկութեանս է հայելի:

Համբոյրի՛կ մը, օ՛ն Երանեակ,
Տուր որ առնեմ քու այտերէն.
Կոյսդ նազելի, սիրուն հրեշտակ,
Թո՛ղ շուրթերս սէր ճաշակեն:

Ինձի լսէ, Երանեակ, ի՞նչ փոյթ քեզի, որ ընտանիքդ հա­ւանութիւն չտար. քանի որ դուն զիս սիրել կը հաճիս, ամէն ջանք ընտանիքիդ անօգուտ է. միթէ կրնա՞ն սրտիդ մէջ յոր­դաբուղխ սիրոյ վտակն չորցնել… օ՛ն, քաջալերուէ՛… մի՛ վհատիր:

ԵՐԱՆԵԱԿ

Բա՛ւ է, ալ բաւ է. ես քեզի համար կեանքս կը զոհեմ, պիտի բաժնուիմ ընտանիք է ս, քեզի պիտի ընկերանամ ուր որ երթաս. ինչ վիճակի մէջ ալ գտնուիս, թէ որ անօթութենէ մեռնիլ հարկ ըլլայ, պիտի մեռնիմ, Լեւոն, բուռն կիրքով կը սիրեմ զքեզ, բուռն ուժով կը մերժեմ Մարգարը, որ բռնութեամբ ինձի նշանեցին, կ՚ատեմ իւր սէրը, կ՚անիծեմ նաեւ ընտանիքս` որ թող չեն տար սիրոյս համապատասխանող անձի մը հետ միանամ… քուկդ եմ ես, Լեւոն, ք ո ւկդ: ( Լեւոնի բազկացը վրայ կ՚իյնայ ):

ՏԵՍԻԼ ԺԱ.

ՆՈՅՆՔ, ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ եւ ՆԻԿՈ


ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ, փատ ի ձեռին Նիկոն հալածելով

Ո՞ւր կը փախչիս, անիծից արմատ… իմ ոտքս ձեռքս կը կապես, ո՞վ հրամայեց քեզի:

ՆԻԿՈ

Ատտըրրճաճանակը…

( Երանեակ եւ Լեւոն շուարած կը նային ):

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Անպիտա ՜ ն, թէ որ անգամ մ՚ալ ասանկ բան մը ընես, գլուխդ կը ջախջախեմ:

ՆԻԿՈ, առանց հասկնալու

Ինձի ի՛նչ, ջախջախէ՛:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Կորի՛ սըկէ ( Նիկո կ՚երթայ ): Երանեակ, դուն ի՞նչ գործ ունիս հոս:

ԵՐԱՆԵԱԿ

Ե՞ս…

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Դուն։

ԼԵՒՈՆ

Անիկա…

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ինքը։

ԵՐԱՆԵԱԿ

Ե՞ս…

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Սենեակդ քաշուէ՛:

ԵՐԱՆԵԱԿ, երթալով

Իմս ես, Լեւոն:

ՏԵՍԻԼ ԺԲ.

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ, ԼԵՒՈՆ վերջը ՆԻԿՈ


ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Եկուր սա ակռան քաշենք:

ԼԵՒՈՆ

Ակռայիս ցաւն անցաւ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ատիկա ինձի չվերաբերիր, թող չգայիր, հոս տեղ հիւան­դանոց չէ, պէտք է որ ակռադ քաշել տաս, իմ աշխատու­թեանս վարձը տաս ու ետքը երթաս, կ՚իմանա՞ս. եւ քեզի բա­րեկամաբար սա ալ իմաց կու տամ, որ յօժարակամ անձնա­տուր եղիր, ակռան քաշենք, ապա թէ ոչ, վերջը գէշ կ՚ըլլայ, Նիկո՛… Նիկո՛… Նիկո՛ … Նիկ…

ՆԻԿՈ

Հրամմէ, տէր:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Նախապատրաստութիւնները տես…

ՆԻԿՈ

Վերջը միւսին պէս չըլլայ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

է՛շ. քեզի ինչ որ կը հրամայեն, զայն կատարէ:

ՆԻԿՈ

Պարոնը ո՞ր կողմէն է, արեւելեա՞ն թէ արեւմտեան:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Գործդ տե՛ս:

ՆԻԿՈ, չուանը առնելով Լեւոնին կը մօտի

Կայնէ՛:

ԼԵՒՈՆ, մեկուսի

Ի՞նչ ընել կ՚ուզէ, ոտքս պիտի կապէ, փախչելու ճար մը:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Շուտ եղիր:

ՆԻԿՈ

Շուտ, ( Այն միջոցին որ Լեւոնի ոտքը պիտի կապէ, Լեւոն կից մը կու տայ կը փախչի. Նիկոն գետնի վրայ պառկած թողլով ):

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ, վազելով

Բռնեցէք գողը, աւազակը:

ՆԻԿՈ, ելնելով, իյնալով

Ես ալ սըւոր ետեւէն երթամ բռնեմ, վասնզի տէրս բար­կանալուն պէս բերնիս մէջ ակռայ չթողուր, կը քաշէ… շատ վարպետ է ( Վազելով կ՚երթայ ):

Be the first who will comment on this

Other parts of "Ատամնաբոյժն արևելեան"

Yatuk Music
Don't be afraid - Haytarma
Alexander Spendiaryan

Don't be afraid - Haytarma

Split personality
Split personality
Play Online