Акоп Паронян
Պտոյտ մը Պօլսոյ թաղերու մէջ
ԻԴ, ԻԵ, ԻԶ
ԻԴ.
ԷՅՈՒՊ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ
Ս. Եղիայի Էյուպը պտըտած ենք, քիչ մ ՚ ալ Աստուածածնայ Էյուպը շրջինք ։
Այս թաղն ձեռներն աշխարհէս քաշած է. քայլ մը յառաջ երթալու կամք չունի, եւ եթէ չենք սխալիր՝ աշխարհ եկած ըլլալուն վրայ ալ զղջացած է։ Եթէ կարելի ըլլար՝ երկնից դէմ բողոք կբառնային ասոնք, թէ ինչո՛ւ զիրենք աշխարհ ղրկած է ։
Այս թաղեցին վերջին ծայր բարեպաշտ եւ ջերմեռանդ է. քիչ կ ՚ ուտէ, շատ կաղօթէ ։
Դաստիարակութիւնը չսիրեր, ուստի կարեւորութիւն չտար վարժարանին. թէպէտեւ երիտասարդներէն ոմանք կջանան թաղին մէջ ուսման սէր տարածելու ։
Այրերն եւ կիներն յուսահատ վիճակ մ ՚ ունին. ընդհանրապէս իրենց գլուխներն միշտ ի խոնարհ կբռնեն, որպէս թէ մէկէ մը յանդիմանուած ըլլային ։
Պէտք է գիտնալ, թէ ասոնք ծոյլ չեն, կաշխատին, բայց մեքենաբար եւ միշտ կը մնան հոն՝ ուր որ են ։
Աստուծոյ մօտ եւ սատանայէ հեռի են եւ այնչափ երկիւղած են, որ եթէ Ս. Եղիա անդիի թաղին մէջ երկաթեայ տախտակն քիչ մը ուժով շարժէ՝ ամենքն ծակէ ծակ կփախչին մուկի պէս ։
Ասոնց մէջ գիրութիւն չկայ. ընդհանրապէս նիհար են բայց քաջառողջ ։
Արբեցութիւն չունին, ջուր կխմեն միայն ։
Լաւ երազ կմեկնեն. այս թաղին մէջ մարդ չկայ, որ ամեն գիշեր քանի մը հարիւր երազ չտեսնէ։ Օր մը ծերերին մէկը կ ՚ ըսէր.
Այս գիշեր մինչեւ լոյս աչքերս չգոցեցի. բայց ո՜րչափ ալ երազ տեսայ ։
Կերեւի թէ ասոնք իրենց արթուն եղած ատենն ալ երազ կտեսնեն։ Եւ ես չպիտի զարմանամ այսուհետեւ, թէ ինչո՛ւ երբեմն քանի մը ամիսներ երազ չեմ տեսներ. վասնզի Էյուպցիները կտեսնեն իմ տեսնելիք երազներն, եւ կամ այնչափ շատ երազ կտեսնեն, որ մեզի երազ չմնար տեսնելու ։
Շատ տուներու մէջ Պղնձէ քաղաք, Երազահան եւ վիճակահանութեան գրքեր կը գտնուին, բայց Համպուրկի վիճակահանութեան չեն գրուիր ։
Հագուստի մասին ալ բնաւ փոփոխութիւն չէ կրած այս թաղն լուսահոգի Յակոբ պատրիարքին օրէն ի վեր ։
Այսու ամենայնիւ կիներն, թէպէտեւ աշխատասէր եւ հաւատարիմ՝ զիրար բամբասելու մասին ալ ծոյլ չեն ։
Օդը շատ թեթեւ է, եւ այս թեթեւութիւնն ալ այդ միլիոնաւոր երազներէն առաջ եկած է ։
ԻԵ.
ՊԷՕՅԻՒՔ ՏԷՐԷ
Գիւղ մ ՚ է, ուր օդափոխութեան համար կ ՚ երթան ընդհանրապէս. բայց էրիկ փոխելու համար գացողներ ալ չեն պակսիր ։
Գրեթէ ամենէն հարուստներն են, որ այս գիւղը կ ՚ երթան ամառներն եւ շռայլութեամբ կեանք կ ՚ անցունեն. շատերն ալ հարուստ կոչուելու համար կ ՚ երթան հոն ։
Շատ գեղեցիկ տուներ կան ծովեզերքի հրապարակին վրայ։ Կիներն այն տուներուն դռները կբանան եւ այն դիրքով կնստին գաւիթի մէջ, որ անցնողները կտեսնեն անոնց ամուսիններուն նիւթական եւ մարմնական հարստութիւնը։
Գիշերները շատ բազմութիւն կ ՚ ըլլայ այդ հրապարակին վրայ, բազմութիւն սիրահարութիւններու։ Այդ հրապարակին վրայ նոր սէրեր կստեղծուին. հոն կ ՚ ըլլան խօսկապներ, նշանտուքներ եւ հարսնիքներ. եւ ինչո՞ւ չըլլան. ամեն մարդ հոն աղէկ ժամ անցունելու համար կ ՚ երթայ. անանկ չէ՞, Մարթա տուտու ։
Բնիկ ազգայիններն քիչ են հոս եւ ունին ախոռի պէս տեղ մը, որուն անունը վարժարան դրած են եւ ուր կ ՚ երթան գեղին տղաները՝ ապականեալ օդ ծծելու համար։ Վարժարանն ողորմելի վիճակին մէջ է. գեղացին ալ իւր վարժարանէն նուազ խղճալի չէ, որ աչեր ունի եւ չտեսներ, ականջ ունի եւ չլսեր, իսկ բերան ունի եւ կ ՚ ուտէ։ Անիրաւութիւն չընենք. այս վարժարանին վրայ այն ատեն յարձակինք՝ երբ թաղային կանոնաւոր վարժարանի մը հանդիպինք մեր պտոյտներուն մէջ ։
Բնիկն եկեղեցի ալ չերթար. օդափոխութեան համար գեղը գնացող ազգայիններն են, որ կիրակիէ կիրակի եկեղեցի կ ՚ երթան եւ քիչ մը ստակ կձգեն ։
Գեղիս ազգայիններուն մեծագոյն մասին գործն է սրճարաններու մէջ քաշուիլ եւ նարտ կամ թուղթ խաղալ։ Պզտիկ մասն ալ ձուկ բռնելով կզբաղի ։
Գիւղիս մէջ ազգային տեսակէտով եթէ նշանաւոր եւ մեծ բան մը կայ՝ ան ալ հարուստ ազգայնոյ մը պարտէզն է, որուն դռները հասարակութեան երբեմն կբացուին եւ երբեմն կգոցուին ։
Այս գիւղն շատ յարմար է ամեն անոնց, որք միայն զուարճանալու համար եկած են աշխարհ. ամեն տեսակ զուարճութիւն կայ հոն։
Այս գիւղը թէպէտեւ խոնաւ է, բայց գեղացիներուն գլուխները միշտ չոր են. չգիտեմ, թէ արեւո՛ւ մէջ կտաքցունեն, թէ փուռի մէջ ։
ԻԶ.
ԵԷՆԻ ԳԱԲՈՒ
Սքանչելի օդ ունի … ։
Եէնի Գաբուցին առաւօտուն արթըննալուն պէս կզգայ, թէ իւր գլուխն վրան է եւ թէ գողերը չեն կտրած զայն. սակայն երբ գլուխն գերցունել ուզէ՝ յուսահատութիւն կու գայ իւր վրայ, վասնզի գլուխն այնքան ծանր է, որ չկրնար վերցունել զայն։
Արդեօք այս գլուխներն շա՞տ մեծ են եւ ադո՞ր համար չեն կրնար վեր առնել զանոնք։ Չեմ կարծեր։ Արդեօք այդ գլուխները շա՞տ լեցուն են եւ ա՞յդ պատճառաւ է որ ծանրակշիռ են։ Միթէ չգիտե՞ս, որ Եէնի Գաբուի մէջ պարապ գլուխներն ալ, որ թեթեւ ըլլալու էին՝ ծանր կկշռեն։ Թեթեւ երիտասարդներու համար ի՜նչ պատուական թաղ։ Արդ, Եէնի Գաբուցին երբ անկողինէն ելնել ուզէ՝ ուրիշ մէկը պիտի գայ իրեն օգնելու, գլուխն վերցնելու, որպէսզի կարողանայ կանգնիլ հայկական յատկանիշ ապա թէ ոչ շաբաթներով կպառկի։ Եէնի Գաբուցիին գլխուն ծանրութիւնը ապացուցուած է գողութեան դէպքով մը որ հետեւեալն է. Եէնի Գաբուցի երիտասարդ մը իր նշանածէն համբոյր մը գողնալու համար՝ գիշեր մը անոր տունը կ ՚ երթայ։ Աղջկան հայրն, որ խաւարեալ էր եւ չէր ուզեր իւր ապագայ փեսայն հարսանիքէն առաջ տանը մէջ տեսնել՝ կ ՚ իմանայ, որ փեսան դռնէն կամացուկ մը ներս մտած է, ուստի կ ՚ երթայ զայն յանդիմանելու։ Փեսան իւր ապագայ աները տեսնելուն պէս՝ պատուհանէն վար կը ցատկէ, գլխիվայր գետինը կ ՚ իյնայ եւ քանի մը րոպէ ալ այնպէս կմնայ։ Ահա ասկէ փորձուած է, որ Եէնի Գաբուցիին գլուխն ամբողջ մարմինէն ծանր է ։
Սոյն թաղն երկու վարժարան ունի, մին մանչերու եւ միւսն աղջիկներու համար ։
Այս վարժարաններն այժմ միացուած են Գում֊Գաբուի վարժարաններուն հետ եւ մեծ յոյս կու տան, որ ապագային մէջ ալ չպիտի կրնան լաւագոյն վիճակ մ ՚ ունենալ՝ եթէ հոգաբարձութեան ուսումնական անդամներն իրենց դերը կատարելու վախնան ։
Երբ ազգային մեծ խնդիրներ երեւան կու գան՝ այս թաղն պատերազմի դաշտ կորոշուի։ Սահմանադրութեան վրայօք վէճերուն եւ ուրիշ կարեւոր խնդիրներուն համար կարեւոր կռիւներ տեղի ունեցած են հոս. անգամ մը կռիւն այնքան ծանր կերպարանք առաւ, որ Եէնի Գաբուցիի մը գլխէն աւելի ծանրացաւ եւ թաղին եկեղեցւոյն մէջ քսանէն աւելի անձեր վիրաւորուեցան ։
Նախորդ թաղական խորհուրդն, որ վարժարանները բարեկարգելու պաշտօնով ընտրուած էր՝ եկեղեցւոյն կից փողոցն բարեկարգեց եւ հասարակաց զուարճութեան համար չխնայեց եւ ոչինչ։ Անոր շնորհիւն է, որ եկեղեցւոյն կից հրապարակն ծառերով զարդարուեցաւ եւ այժմ պատիւ ունի տեսնել իւր վրայ պարոններ եւ օրիորդներ, որք ամառուան գիշերները հոս կխմբուին եւ անմեղ զբօսանքներով ժամանակ կ ՚ անցունեն։ Նախորդ թաղական խորհուրդն իւր աշխատութեան պտուղն տեսնելով՝ բերնին ջուրերը կը վազցունէ. թաղականն է, որ կտեսնէ պտուղն, սակայն երիտասարդներն են, որ կքաղեն զայն ։
Թաղիս ազգայիններն երկու կարգի կը բաժանուին. արհեստաւոր եւ դիւրակեաց ։
Արհեստաւոր մասն իւր պարապոյ ժամերն թաղին սրճարաններու մէջ նարտով եւ թուղթով կսպաննէ։ Հոս ընդհանրապէս իքի եիւզ կը խաղան եւ այս խաղին մէջ այնքան համբաւ հանած են, որ եթէ ուրիշ գեղերու մէջ իքի եիւզ ի վրայօք վէճ մը ծագի՝ հոս կու գան վճիռ ընդունելու ։
Արբեցութեան կողմէն նշանաւոր չեն կէս օխա օղի խմելէն ետքը կզգան, թէ գաւաթ մը օղի խմած են եւ բնաւ չեն կարող մրցիլ իրենց սահմանակից տէրութիւններուն հետ … թաղեցիներուն հետ պիտի ըսէի … ։
Դիւրակեաց մասը դրսէն հանդարտ կերեւայ, բայց երբ թաղային խնդիր մը ծագի՝ անմիջապէս ասպարէզ կնետուի ։
Թաղիս կիներն պարկեշտ են եւ աշխատասէր։ Ահա իրենց ծրագիրն.
«Երկուշաբթի՝ լաթ լուալ եւ երեկոյին ձեռներն իրենց ամուսիններուն ցոյց տալ.
«Երեքշաբթի՝ տախտակ սրբել.
«Չորեքշաբթի՝ պատուհան մաքրել.
«Հինգշաբթի՝ կարկտել եւ քթի տակէն մռմռալ.
«Ուրբաթ՝ ճերմակեղէնները հարթել.
«Շաբաթ՝ խոհարանի վերաբերուած գործերը տեսնել եւ բաղանիք երթալ.
«Կիրակի՝ եկեղեցի երթալ եւ վերջը զիրար բամբասել »։
Թաղիս մէջ երկու հարիւր վաթսունի չափ տուն կայ հայու ։
Հոս պարոն ի տեղ տէր կգործածեն, բայց տէր ի տեղ դեռ բան մը չեն գտած։