Акоп Паронян
Պտոյտ մը Պօլսոյ թաղերու մէջ
ԺԵ, ԺԶ, ԺԷ
ԺԵ.
ԻՃԱՏԻԷ
Բնակութիւն հաստատելու համար պատուական թաղ մ ՚ է, եթէ մարդս նապաստակ ըլլայ … լեռնէն վեր ելնելու դիւրութիւն ունենալու համար ։
Երանի՜ անոնց, որք նապաստակ չեն, բայց երկար շունչ ունին. վասնզի անո՛նց համար է այս թաղն։ Վա՜յ անոնց, որոնց շունչը կարճ է. վասնզի անոնք արժանի չեն այս թաղին մէջ բարձրանալու. անոնց շունչը կէս ճանբան չհասած կսպառի, մանաւանդ երբ Գուզկունճուքէն վեր ելնել ուզեն ։
Հոս բնակելու համար լայնածաւալ սիրտ մ ՚ ալ ունենալու է, որ չճաթի մարդ՝ թաղեցւոյն ընթացքը քննելով ։
Եկո՜ւր մտնենք նախ եւ առաջ թաղիս ծովահայեաց զբօսարանն, ուր տասնի չափ ազգայիններ օրուան խնդիրներուն վրայ կխօսին։ Ասոնց ամենն ալ ստոյգ աղբիւրներէ լուրեր կհաւաքեն եւ իրարու կհաղորդեն։ Կը փափագի՞ս այս օրուան լուրերն իմանալ ։
Շատ հետաքրքիր եմ նոր լուրեր իմանալու ։
Եկո՛ւր, իրենցմէ քանի մը քայլ հեռու նստինք եւ նոր լուրեր իմանանք։ Ահա սկսան խօսիլ.
«Իքը հրաժարական տուած է այսօր ։
Այո՛, տուած է, բայց Մէկալը չէ ընդունած ։
Մուշտակը կպնդէ եղեր այս կէտին վրայ ։
Ես չեմ կարծեր, որ համաձայնութիւն գոյանայ, որովհետեւ Իքը Բան ընելուն պէս՝ միւս կողմէն ալ Բանը Իք պիտի ընէ ։
Իքին տեղն ես ալ ըլլամ՝ այնպէս կը վարուիմ ։
Դուն Մէկալը գիտե՞ս. ի՜նչ յամառ է ։
Բայց Իքը ի՞նչ իրաւունք ունի Բանին երեսն այդպէս պօռալու ։
Բանն ալ իրաւունք չունէր Իքը վար զարնելու ։
Ես չեմ կարծեր, որ միաձայնութիւն գոյանայ. վասնզի Մուշտակն Իքին կողմն է, Մեծաւորն ալ Բանը կսիրէ ։
Վերջին լուրն իմացա՞ք. Մեծը բան մը պիտի խօսի եղեր ։
Պզտիկը երէկ գացեր է ։
Եթէ ասանկ երթայ՝ իմ կարծիքովս Բանը տարիէ մը Իք կ ՚ ըլլայ ։
Իքն ալ Բան կ ՚ ըլլայ ։
Բայց Մուշտակն ալ պիտի ըսէ. « ի նձի նայեցէք. եթէ Բանը Իք ըլլայ՝ ես ալ Իք պիտի ընեմ, ապա թէ ոչ Իք չեմ ըներ »։
Իրաւունք ունիս, շատ վարպետորդի է։ Մինչեւ որ Իքը Բան չընէ՝ չպիտի ընդունի։ Ամիրային կարծիքն ի՞նչ է այս մասին ։
Ամիրան առաջին օրը լուր առած էր ներսէն, որ Իքը պիտի շարունակէ եղեր մինչեւ որ Բանը գայ »։
Կարծեմ բաւական տեղեկութիւն առիք այս օրուան դէպքերուն վրայ. ա՛լ լրագիր կարդալու հարկ չմնաց։ Օ՛ն, ելնենք եւ քիչ մ ՚ ալ թաղային վարժարանը երթանք ։
Իքը ո՞վ է. Բանն ի՞նչ է. Մէկալը կը ճանչնա՞ս …
Եւ ոչ մին կճանաչեմ … ահա թաղային վարժարանը ։
Ատոր վրայ Ներսէսեան գրուած է ։
Ներսէսեանին մի՛ նայիր դուն, ազգին ստակովը շինուած է ան ։
Ինչո՞ւ ուրեմն Ներսէսեանը իւր անունը դրած է վրան ։
Վասնզի Ներսէսեան արքունի շինութիւններու մէջ աշխատող գործաւորներուն շաբաթականներէն զեղչ ընելով՝ գումար մը գոյացուց եւ այդ գումարը գումարելով այն գումարին հետ, զոր թաղեցին տուած էր՝ շինեց այդ քարուկիր վարժարանն, որ կանոնաւոր …
Ի՜նչ անիրաւութիւն է աս … եթէ քսակէն գումար մ ՚ ալ տուած ըլլար՝ այսպէս գրելու չէր, այլ, ինչպէս սովորութիւն է՝ գրելու էր. « Ներսէսեան նուիրեց այսչափ ոսկի դպրոցիս շինութեանը համար »։ Այս թաղին մէջ մարդ չկա՞յ, եղբայր ։
Ըլլալու է … շինեց այս քարուկիր վարժարանն, որ քանի մը դասարան եւ քանի մը ճեմիշ ունի. ճեմիշները դասարաններէն աւելի կանոնաւոր եղած են միշտ։ Այս վարժարանին մէջ ժամանակաւ դասատու մը գանակոծուած է. կարծեմ մօտերս ալ կարգը պիտի գայ հոգաբարձութիւնը ծեծելու ։
Շուտ ընենք, ելնենք սա թաղէն, չըլլայ որ մեզի ալ ծեծեն ։
Թաղեցին պաղած է վարժարանէն. վասնզի անոր շինութեանը համար իր կողմէ տրուած գումարն ոչինչ համարուեցաւ եւ վարժարանին անունը Ներսէսեան դրուեցաւ ։
Աղջիկներու վարժարանն ի՞նչպէս է ։
Շատ աղէկ է, քարուկիր է։ Հոս աղջիկներու վարժարան մ ՚ ալ կայ, զոր Մէզպուրեան բացած է եւ զոր թաղեցին գոցել կ ՚ ուզէ։ Այս վարժարանն օր ըստ օրէ յառաջ կ ՚ երթայ ։
Թաղեցին ի՞նչ կ ՚ ընէ ։
Նարտ, թուղթ եւ իքի եիւզ կխաղայ եւ ընդհանրապէս լայնածաւալ սիրտ մ ՚ ունենալով՝ կարեւորութիւն չտար վարժարաններուն փակուելուն. միայն իւր քսակը լեցնելու կաշխատի եւ միայն հացի պարկ կկրէ, ուրիշ առթի թողլով ազգային զգացում կրելը։ Թէպէտեւ բացառութիւններ կան, բայց շահը կպահանջէ, որ անոնք ալ ձայն չհանեն ։
Աս ի՞նչ զարմանալի թաղ է, եղբայր ։
Ընկերութիւն մ ՚ ալ կայ հոս, բայց չգիտեմ թէ ինչ կ ՚ ընէ. կարծեմ մօտերս ուրիշ ընկերութիւն մ ՚ ալ պիտի կազմուի՝ այս ընկերութիւնը առաջ տանելու համար ։
Աս ի՞նչ անտարբեր թաղ է ։
Արդէն այս թաղն հին չէ, քանի մը տարուան թաղ է. ուրիշ թաղերէ ձանձրացողները հոս եկած են. ուստի այս թաղը Պօլսոյ միւս բոլոր թաղերուն թերութիւններէն մէյմէկ քիչ ունի ։
Ընթերցասիրութիւնն ի՞նչպէս է գոնէ ։
Հայերէն լրագիր կարդալն արգիլուած է. եւ այս արգելքին դէմ վարուողը կա՛մ երեք ոսկի տուգանք կը վճարէ կամ տասնըհինգ օրէն մինչեւ ամիս մը բանտարկութեան կդատապարտուի։ Հոս կկարդացուին ընդհանրապէս Թէրճէմանը հաքըքաթ, Վաքըթ եւ Ճերիտէի հավատիս լրագիրները ։
Երիտասարդութիւն չկա՜յ հոս ։
Չկայ։ « Այս թաղին կլիման, կ ՚ ըսէր մէկ բարեկամս, երիտասարդի մազերն շուտով կը ճերմկցունէ. բայց ճերմկցնելէն վերջն ալ դեռ շատ կապրեցունէ. ասոր համար երիտասարդք դեռ մազերնին չճերմկցուցած եթէ ուրիշ թաղ մը երթան, եւ ուրիշ թաղերու մէջ մազերնին ճերմկցուցած անձինք հոս գան՝ շատ լաւ եւ օգտակար կ ՚ ըլլայ ։
Անհասկանալի թաղ մը ։
Մեծագոյն մասն առանց օղի խմելու չկրնար հանգիստ ընել. հոս ընդհանրապէս շատ կը ծխեն եւ քիչ կ ՚ ուտեն ։
Քի՞չ ուտելու համար շատ կը ծխեն, թէ շատ ծխելնուն համար քիչ կ ՚ ուտեն ։
Առաջինը հաւանական է. վասնզի կեսարացիներ կան հոս։ Քիչ կ ՚ ուտեն՝ բայց գեղեցիկ օդով կը սնանին։ Թաղեցին ընդհանրապէս նիհար է։ Թաղս ջերմեռանդ քիչ ըլլալուն պատճառաւ եկեղեցի շինուած չէ հոս՝ իբրեւ աւելորդ ծախք. թաղեցիներէն մէկ քանին երբեմն Սէլամսըզի եկեղեցին կ ՚ երթան, երբեմն ալ Քուզկուճուք ։
Իգական սեռն ի՞նչպէս է ։
Կիները գեղեցիկ են, բարեձեւ, կրթութեան հակամէտ։ Կիներն իրենց մայրենի լեզուն Սէլամսըզի կիներէն շատ աղէկ կխօսին։ Այս թաղի կիներուն տանտիկնութիւնը Իւսկիւտարի թաղերուն եւ ոչ մէկուն մէջ տեսնուած է։ Երեսի ներկը միայն քիչ մը չափէն աւելի յառաջ երթալու վրայ է հոս. ծեր այրերն ալ երբեմն այս ներկէն կգործածեն։ Նորաձեւութեան մասին Գատըգեղցիներուն չափ յառաջ գնացած չեն։ Հոս կիները գեղեցկաձայն են եւ միշտ տաճկական երգեր կերգեն, ինչպէս որ իրենց ամուսիններն ալ տաճկական սէթրի կհագնին։ Թաղիս մէջ մեծ ֆէսը շատ յարգի է. երբեմն իրենց գլուխը կդնեն այնչափ մեծ ֆէսեր, որոնց իւրաքանչիւրին մէջ չորս օխա խաղող կդրուի ։
Օդը խիստ է. քաջառողջներուն չդպչիր, վատառողջներն անդիի աշխարհ կղրկէ ։
Հայերէ բնակուած տուներուն թիւը հինգ հարիւրի մօտենալու վրայ է, իքի եիւզ խաղացողներուն թիւն ալ վեց հարիւրի։
ԺԶ.
ՍԱՄԱԹԻԱ
Օղի չխմողները զատուին … անոնք իրաւունք չունին այս թաղը մտնելու ։
Բաժնուին մեզմէ նաեւ անոնք, որք սովորած են ծառայ եմ ֊ի. հոս ամեն մարդ տէր է, վասնզի ամենքն ալ իրենց աշխատութեամբն եւ արհեստովը կապրին եւ, հետեւաբար, պէյ֊ երու, էֆէնտի֊ ներու ոտները լզելու պարտաւոր չեն ։
Մեզի հետ չգան նաեւ այն անձերն, որք արձակ հայհոյել գիտեն. անոնք հոս կծաղրուին, վասնզի սամաթիացիներուն հայհոյութիւնն գրեթէ միշտ ոտանաւոր է ։
Բնաւ հոս պտըտելու չեն այն օրիորդներն կամ տիկիններն, որոնց երեսներուն վրայ կարմիրը անպակաս է. սամաթիացին կարմիրն միշտ հաւկիթներու վրայ տեսնել կ ՚ ուզէ ։
Ամենեւին գործ չունին հոս այն կիներն, որք ամեն քայլափոխին կէս մէջքէն կկոտըրտուին թղթեայ կիներուն պէս, զորս հէյալ ը կներկայացնէ. վասնզի սամաթիացին այնպիսիներու վրայ կխնդայ ։
Այս թաղին մօտենալու չեն նաեւ այն երիտասարդները, որք կամ շատ թեթեւ են եւ կամ շատ ծանր ։
Մարդ երթալու չէ ուրեմն հոս ։
Ինչո՞ւ. ամեն մարդ ստիպուա՞ծ է այդ թերութիւններն ունենալու։ Եկո՛ւր քեզի հետ երթանք. բայց այնպիսի փողոցէ մը մտնենք, որ մէկէ մը չտեսնուինք. վասնզի տեսնուելնուս պէս մեր օձիքէն կքաշեն ու գինետուն կտանին։ Տեսնուեցանք … ահա քանի մը երիտասարդներ սա փողոցէն ելան եւ խնդալով մեզի կը մօտենան … մօտեցան ։
Օ՜օ՜օ՜, բարի էք եկեր ։
Շնորհակալ ենք ։
Եկէք նայինք, եկէք. Հայկական ընկերութիւնը երթանք եւ քանի մը հատ տնկենք ։
Հայկական ընկերութիւնը օղի խմելու համա՞ր հաստատուած ընկերութիւն մ ՚ է ։
Նպատակն այն չէ … բայց ո՞ր ընկերութիւնն է, որ նպատակին ծառայած ըլլայ ։
Գոնէ անունը փոխեն ։
Ինչո՞ւ … աղէ՞կ գիտես, որ Հայկ օղի չէր խմեր ։
Պետրէ, Հայկական ընկերութեան օղին թէ՛ աղէկ չէ եւ թէ՛ սուղ է. Օրմանօզին տանինք մեր բարեկամները ։
Օրմանօզիին ալ երեսուն աստիճան է, եղբայր. անցեալ շաբթու օխա մը տիւզ խմեցի հոն եւ դպաւ ինձի ։
Եթէ ինձ հարցուէր՝ ես Կիւմիւշ հալգալը ֊ին կը տանէի բարեկամներս ։
Եղբա՛յր, ան ալ օղիի հետ կտոր մը պանիր միայն կու տայ ։
Ալթը ն օլուք֊ ին երթանք ։
Եղբայրներ, մենք թաղին մէջ քիչ մը պիտի պտըտինք ։
Թաղին մէջ մարդ չկայ. ամենն ալ գինետուններու մէջ են այսօր ։
Մահտեսիին երթանք. մարդը հայ է եւ պատուական օղի ալ ունի ։
Շատ աղէկ, Մահտեսիին երթանք ։
Լա՛ւ … երթանք …
Քանի մը փողոց դառնալով՝ մտանք Մահտեսիին գինետունն, որու գինւոյ սեղանին առջեւ կայնած կը խմէին տասնի չափ հաստաբազուկ ձկնորս ազգայիններ ։
Տամ աման, աման էֆէնտիմ, աման …
Թարալալա թարի լալալա, թիրալալա, թարիլլալալա ։
Պինի վար …
Թարալալա թարիլլալամ …
Թիրալալա թարիլլալամ …
Սէնին կիպի մանիճիլէր տէֆթէրիմտէ… պինի վար ։
Այս բարեկ …
Թարալալա թարիլալիլալիլա … թիրալալալիլալամլամ … օ՜օօօ՜հ ։
Այս բար …
Տամ աման աման աման եէր պէնի …
Ա՛ռ նայինք տա՛յը եւ տնկէ՛, ըսաւ ասոնց մին իր քովինին՝ անոր կուրծքին հարուած մը տալով իւր ափով ։
Այս հարուածն, որ անոնց քով մտերմութեան նշան կը համարուի, եթէ մեզ տրուի՝ գերեզմանի նշան կը …
Պիր կիւզէլի մայիլ օլտում եէր պէնի …
Թարալալա թարիլլալալամ …
Եէր պէնի… իշէրիմէ պիր քուրտ տիւշմիւշ կէճէ կիւնտիւզ …
Աա՜ա՜ա՜ա՜հ … թարալալալալիլալամ ։
Հոս նայեցէք, տայի ՛ներ, մանին ձգեցէք ու ցնծացէք… վարժանին գանձանակն է ։
Ծօ տղաք, դպրոցին թապախ ն է. տուէք նայինք … խմենք, բայց դպրոցնիս ալ չմոռնանք ։
Ա՛ռ վարպետ ։
Բռնէ վարպետ ։
Ա՛ռ ։
Շէն կեցէք ։
Տամ աման… ակա՜ն.
Պիզ վէրէլիմ բարալարը եէսին թաղական ։
Ծօ տղա՛յ, ինչո՞ւ անանկ բաներ կխառնես ։
Քեզի ի՛նչ պէ, վայ կէչմիշի քընալը ։
Հիմա մեռելներուդ պառկած տեղէն կը սկսիմ, հա՛ ։
Երթանք … աֆ կ ՚ ընէք, աղա ներ. ձեզի ձանձրութիւն տուինք ։
Չէ, չէ ։
Զրուցեցէք նայինք, բարեկամներ. քիչ մը ձեր թաղին վրայ խօսինք ։
Բարեկամ, մեր թաղին ժողովրդեան մէկ մասին պատգամաւորութիւնը տեսաք ահա. ասոնք ձկնորսներն են, որ իրենց օրականը հանելուն պէս գինետուն կու գան եւ կը խմեն. այսու ամենայնիւ, ինչպէս տեսաք՝ դպրոցին համար միշտ ստակ կու տան. մասնաւոր սէր ունին թաղին վարժարաններուն համար։ Միւս մասին ալ ներկայացուցիչները կրնանք համարուիլ մենք, արհեստաւորներս։ Հոս ազնուապետութիւն չկայ. մեր դրօշակն է ազատութիւն, հաւասարութիւն, եղբայրութիւն։ Եթէ դրօշակին վրայ պարապ տեղ մնացած ըլլար՝ տիւզ բառն ալ պիտի աւելցնէինք հոն։ Հոս բնիկ էֆէնտի չկայ. իբրեւ արտաքին բերք՝ քանի մը էֆէնտի ներ կը գտնուին երբեմն ։
Թաղական խորհուրդ ունի՞ք կանոնաւոր ։
Թաղական ըլլալն շատ դժուար է հոս, իսկ ըլլալէն վերջն եթէ առաջին շրջանն առանց կռուոյ անցունէ՝ արուեստահանդէս ղրկուելու չափ հազուագիւտ բան մը եղած կ ՚ ըլլայ. իսկ եթէ երկրորդ շրջանին դարձեալ թաղական ընտրուի՝ անպատճառ կարտաքսուի։ Հոս ամեն թաղէն աւելի շարժում կայ։ Ասկէ երկու֊երեք ամիս առաջ քսան ֊ երեսուն երիտասարդներ թաղական խորհրդարանը մտան եւ թաղական խորհրդին թեւէն բռնելով դուրս հրամցուցին զայն ։
Ինչո՞ւ ։
Վասնզի դպրոցն աղէկ չէին նայեր։ Պատրիարքարանն ալ առժամանակեայ թաղական մը տուաւ մեզի ։
Նոր թաղականն ե՞րբ պիտի ընտրուի ։
Երբ որ հին թաղականը դուրս հրամցնող երիտասարդներն մեղայ ըսեն ։
Եթէ չըսե՞ն ։
Քուէարկութեան չպիտի մասնակցին ։
Վարժարաններն ի՞նչպէս են ։
Երկու տարի է, որ շտկելու կաշխատին. ընդհանուր կարծիքն այն է, թէ տաս տարիէն կարելի պիտի ըլլայ զանոնք բարեկարգելը։ Հոս ծնած է Մինէճի Անդրանիկն, որ ժամանակաւ շատ աշխատած է այդ վարժարաններուն համար. անգղիերէն խօսող հայն առաջին անգամ Սամաթիայէն ելած է. ջրհանկիրներու մէջ ալ այսօր անգղիերէն կարդացողներ կգտնուին ։
Հիմա ո՞վ կը հսկէ դպրոցներու վրայ ։
Այսինքն ո՞վ չհսկեր, ըսել կ ՚ ուզես ։
Հիմա ո՞վ է, որ չհսկեր դպրոցներուն վրայ ։
Երբեմն հոգաբարձուներու եւ հոգաբարձուհիներու մէջ կարծիքներու անհամաձայնութիւն ծագած ըլլալով՝ հիմա որոշուած է, որ ամուսնացած թաղականներն իրենց կիներովը չհսկեն վարժարաններու վրայ։ Հիմակուան թաղականներն այնչափ օրինապահ են, որ ընդհանուր Ընդհանուր Դատախազի դրութիւնն կառավարութենէ ընդունուելէն ի վեր՝ թաղական խորհրդոյ մէջ ալ ամեն օր հարիւրէն աւելի մասնաւոր դատախազներ կը գտնուին ։
Հայկականէն զատ ընկերութիւն չկա՞յ հոս ։
Շատ մը ընկերութիւններ կային ատենօք, բայց հիմայ չկայ ։ Պարզասիրաց ընկերութիւն մը կայ միայն, որ կիներուն պարզ հագնիլ պիտի սորվեցնէ. կարծեմ ասոր ալ անունը կայ միայն ։
Եկեղեցասիրութիւն կա՞յ հոս։
Այո՛, բոլոր թաղերէն աւելի. թաղեցին հաւասարապէս կսիրէ ազգն եւ եկեղեցին. բայց ասկէ հետեւցնելու չէ, թէ նուազ կսիրէ օղին, զոր կխմէ երեկոյեան ժամը մինչեւ մէկ ու կէսին։ Գինետան մէջ մէկուկէսէն աւելի նստողներն կբամբասուին, իսկ մինչեւ մէկ ու կէս նստելով ճաթելու չափ օղի խմողներն մեծ համակրութիւն կը վայելեն՝ իբրեւ օրինաւոր մարդեր։ Եկեղեցւոյն գորգերն այնչափ շատ կհամբուրուին, որ ամիսն անգամ մը կը պատառուին. թաղականը այս կէտը նկատողութեան առնելով տեսաւ, որ այդ համբոյրներուն գորգ չպիտի դիմանայ, ուստի որոշեց գորգերը վերցնել։ Ժողովուրդը հիմայ հողի վրայ կը կայնի եւ հողը կը համբուրէ. թող որ եկեղեցւոյ հողն ալ հինցած է այդ համբոյրներէն ։
Սամաթիացին ցած ձայնով խօսիլ չգիտեր. թէպէտեւ երբեմն գաղտնիք մը հաղորդելու համար ականջդ ի վայր կխօսի, բայց դարձեալ այդ խօսքը Եէնի Գաբուէն կլսուի ։
Ինչպէս վերը յիշեցինք՝ քծնիլ չսիրեր, շողոքորթութենէ կփախչի, բայց երբ ազգային կռիւ մը ելնէ՝ հոգւով մարմնով կնետուի. իսկ եթէ ազգային վէճ մը չըլլայ՝ կաշխատի վէճ մը հանելու։ Առանց վէճի կարելի չէ իրեն ապրիլ ։
Սամաթիացիներուն մէկ մասն ոսկերիչ է, եւ այս հերիք է հասկցնելու համար, թէ կերակուրի մասին ո՛րքան բծախնդիր է։ Ամենէն լաւ միսն, ձուկն, կարագն, պանիրն, ապուխտն եւ պտուղն սամաթիացիին կ ՚ երթան։ Մեծ կարեւորութիւն կը տրուի հոս փորին, զոր գոհացնելու համար բան մը չխնայուիր։ Հոս փորը պճնասէր է ։
Սամաթիացին թաղին մէջ հայերէն, իսկ շուկան տաճկերէն կը խօսի ։
Դառնանք գեղեցիկ սեռին, որ իրօք գեղեցիկ է, պարզասէր եւ աշխատասէր։ Սամաթիոյ տիկինները դաստիարակութեան պէտքը զգացած են եւ կ ՚ աշխատին, որ իրենց աղջիկներն ալ ուսում եւ կրթութիւն առնեն, մինչդեռ ուրիշ թաղի մը տիկիններն կփափագին, որ իրենց աղջիկներն բրինձի փոշի եւ կարմիր ներկ առնեն։ Թաղիս տիկիններն շատ մը թաղերու այրերէն աւելի ազգասէր են։ Առաջին անգամ Սահմանադրութեան տարեդարձը պատուող կինը սամաթիացի էր ։
Եթէ Պօլսոյ միւս թաղերն Սամաթիոյ հետեւող ըլլան՝ Պօլսոյ ժողովուրդն քիչ ատենի մէջ զգալի փոփոխութիւն կկրէ, բայց օղիին գինն ալ շատ կբարձրանայ ։
Թաղիս օդն շատ աղէկ չէ. ուստի զայն բարեխառնելու համար է, որ թաղեցին օղին շատ կխմէ ։
ԺԷ.
ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔ
Վոսփորի մէկ հոսանքը կպահանջէ, որ Գուզկունճուքի նաւամատոյցին մերձենալու համար՝ նաւավարն իւր նաւակն միշտ դէպի Պէյլէրպէյ ուղղէ եւ դէպի հոն թի քաշէ. վասնզի եթէ դէպի Գուզկունճուք ուղղուի՝ Իւսկիւտարի առջեւ կը գտնէ ինքզինք։ Գուզկունճուքցին միշտ այս ճանբով երթեւեկելուն համար սովորութիւն ըրած է իրեն՝ եկեղեցի երթալու համար դէպի Պէյլէրպէյի նաւամատոյցին զբօսարանն ուղղել իւր գնացքը, վասն զի եթէ դէպի եկեղեցին առնէ իւր քայլերն՝ ինքզինքը գինետուններու մէջ կգտնէ։ Ցամաքն ալ ունի իւր հոսանքները ։
Այս թաղն թէպէտեւ պաշտօնապէս Իճատիէյի հետ միացած է, բայց ոչ֊պաշտօնապէս չէ միացած եւ ոչ մէկ թաղին հետ ։
Օրհնեա՜լ է Աստուած. հոս բնաւ կռիւ չպատահիր թաղին վարժարանին վրայ …
Փա՜ռք քեզ Աստուած. վերջապէս տեսանք թաղ մը, ուր կռիւ չըլլար եղեր վարժարանին վրայ։ Կեցցէ՛ Գուզկունճուքցին … Գուզկունճուքցիին օղի մը տար ինձմէ …
Այո՛, Գուզկունճուքին մէջ բնաւ կռիւ չեն յարուցաներ թաղին վարժարանին վրայ. եւ ասոր պատճառն ալ կրնաք գուշակել, եթէ ըսեմ ձեզ, որ Գուզկունճուքի մէջ ազգային վարժարան չկայ …
Հիմայ հասկցուեցաւ, որ թաղին վարժարաններն են եղել կռուոյ պատճառները ։
Արդարեւ կայ պզտիկ շէնք մը, ուր պզտիկ տղաներ կ ՚ երթան քնանալու համար։ Թաղեցին անգամ մը սրդողած ըլլալով վարժարանին դէմ՝ ուխտ ըրած է լումայ մը չտալ անոր համար, եւ հիմայ ուխտադրուժ չսեպուելու համար՝ ստիպուած է քսակին բերանը չբանալ իւր վարժարանին համար ։
Մինչեւ այսօր հոս թաղային կռիւ ալ տեսնուած չէ, եւ ասոր ալ պատճառն սա է, թէ այս թաղին մէջ …
Թաղ չկայ, այնպէս չէ՞ ։
Այս թաղին մէջ եթէ մէկը սխալի եւ սեւին ճերմակ ըսէ՝ իւր դէմը չգտներ ուրիշ մէկն՝ որ ելնէ ըսէ. ո՛չ, այդ սեւ է եւ ոչ ճերմակ։ Ահա ասանկով վիճաբանութիւն բնաւ չըլլար, գլուխներն առաջուան պէս անփոփոխ կը մնան եւ միայն ֆէս երը կը փոխուին, եւ այն ալ երկու տարին անգամ մը ։
Հոս տարին երկու հարիւր յիսուն օր կը տօնեն եւ կը հանգչին։ Ոչ ոք կը փափագի հարստութիւն դիզելու, փառք վաստկելու եւ համբաւ հանելու. ամեն մարդ կփափագի ձուկ դիզելու, ձուկ վաստկելու եւ ձուկ հանելու. տկար ստամոքս ունենալով՝ ոչխարի կամ կովու միսը կդպչի իրենց։ Եթէ իրենց սիրտերուն մէջ քիչ մը դպրոցասիրութեան եռանդ ունին՝ ան ալ կմարի այն գինիէն, զոր կը խմեն ձուկին վրայ եւ որ կը թափուի իրենց եռանդին վրայ։ Եթէ օղի խմէին՝ թերեւս եռանդն բորբոքէր. բայց ասոնք ուրիշ թաղերու ազգայիններուն պէս երեկոները գինետուններու մէջ շատ չեն անցուներ, այլ քանի մը գաւաթ խմելով՝ իրենց տուները կ ՚ երթան ։
Ասոնց սովորութիւնն է՝ ամեն գիշեր կամ ամեն կիրակի կամ տօնի օրերն մէյմէկ տուն հաւաքուիլ եւ զբօսնուլ։ Ասոնց խօսակցութիւնն ընդհանրապէս կկազմուի նարտէ կամ խաղի թուղթէ։ Շատ անգամ ալ նաւամատոյցի զբօսարանին մէջ նարտ կխաղան հրէաներու հետ, որոնցմէ զուարճախօսութեան դաս ալ կ ՚ առնեն Անի ոճով։ Նարտ կամ թուղթ խաղալու ատեն կորսնցնողը իրաւունք կ ՚ ունենայ ուզածին եւ կրցածին չափ հայհոյութիւն ընելու. վաստկողը կատարեալ լռութիւն պիտի պահէ եւ երբեմն քթին տակէն պիտի խնդայ, ընկերն ա՛լ աւելի բարկացնելու համար։ Հայհոյութեան մասին՝ այս թաղն պահպանողական կուսակցութեան կը վերաբերի ։
Այս թաղը կբնակէր վսեմափայլ եւ բարձրապատիւ Ստեփան փաշա Ասլանեան, որ, ինչպէս յայտնի է՝ Երուսաղէմի հաշիւները անձնանուիրաբար քննելու համար երկու հարիւր ոսկի օսմանեան առաւ վեհանձնաբար ։
Կոկիկ եկեղեցի մը կայ հոս, որ կոկիկ եւ գեղեցկաձայն քահանաներ ունի, բայց կոկիկ ջերմեռանդներ չունի ։
Իգական սեռն ալ գրեթէ արականին պէս կեանք կ ՚ անցունէ. ուսումնասիրութեան վրայ գաղափար ունենալու պատրաստութիւն չունի դեռ։ Օրուան կէսը կ ՚ անցունէ տապկելով այն ձուկերն, որք արականէն կուղղուին։ Ինչպէս Քերականութեան, նոյնպէս ալ Գուզկունճուքի մէջ արականն նախապատիւ է իգականէն. հոս կինն իւր էրկանը յետեւէն կ ՚ երթայ, մինչդեռ Բէրայի մէջ ասոր հակառակն է եւ էրիկն կնոջը յետեւէն երթալու ստիպուած է ըստ աւետարանին, թէ « թողցէ այր զհայր եւ զմայր իւր եւ երթիցէ զհետ կնոջ իւրոյ »։
Գուզկունճուքի կիները աշխատասէր են։ Նորաձեւութեան մասին Իճատիէյէն կ ՚ առնեն իրենց դասերը ։
Բամբասանք ընելու տրամադրութիւն չունին շատ, իսկ հագուստի մասին բամբասուելու բաւական յարմարութիւն ունին ։
Գուզկունճուքի օդը հոտած ձուկ կը հոտի եւ կը ստիպէ հոն գացողն իւր քիթը բերանը ծամածռելու։ Օդին պատճառաւն է, որ ընդհանրապէս Գուզկունճուքցիները ծամածռած երես ունին ։