Акоп Паронян

Ատամնաբոյժն արևելեան

Արարուած չորրորդ

ՏԵՍԻԼ Ա.

Պարահանդէս. մէկ կողմ նստած երեք հոգի թուղթ կը խա­ղան, անոնց քով չորս հոգի գինի կը խմեն, դիմակաւորներ աթոռներու վրայ նստած: Վարագոյրը բացուելուն պէս երա­ժշտութիւն:

Գինի խմողները կ՚երգեն.
Խմենք, ընկերք, տնկենք պարպենք.
Տառապանք ցաւ մէկդի նետենք,
Խնդանք, զի այս պարահանդէս
Ուրախութեանց է ասպարէզ:
Վայրկենի մը երջանկութիւն
Կը փարատէ վիշտ տրտմութիւն.
Այսպէս ըսած են մեր նախնիք,
Որք անցուցին կեանք երջանիկ:

Ա.

Մանչուկ, գինի բեր:

Բ.

Օղի ալ բեր։

Գ.

Սուրճ մը բեր:

Ա.

Մեր բարեկամը միշտ սուրճ կը խմէ, առաւօտուն կ՚ելնէ սուրճ, գիշերը կը պառկի սուրճ, ցերեկը սուրճ. ինչո՞ւ օղի չէք խմեր. սուրճը կնիկներուն առաջին ըմպելիքն է:

Գ.

Իրաւունք ունիք:

Ա.

է՜հ, բարեկամ. զգայուն սրտերու գիտէ՞ք ինչպէս կ՚ազ­դէ այս օղին, ուրախ սրտերուն առջեւ դրախտ կը բանայ, տխուրներուն ալ դիմացը դժոխքը կը հանէ. բացի ասոնցմէ մարդուս օգտակար է, ինձի համար քնարին թելերէն աւելի հաճելի են օղիի գաւաթները, առաւօտուն կը խմեմ որպէսզի սիրտս ոգի առնու, ցերեկը նախաճաշիկէն առաջ կը խմեմ, որ ախորժակս բացուի, նախաճաշիկէն վերջն ալ կը խմեմ, մարսողութեան կ՚օգնէ. իրիկուն ըլլալուն պէս կը խմեմ, պառկելու ատենս ալ կը խմեմ, շուտ կը քնացնէ: Տեսակ մը հարուստներէն չեմ, որ ունեցած ստակովնին տուներ կը շի­նեն, պարտէզներ ծախու կ՚առնեն, որոնց ամէնն ալ աշխարհի վրայ պիտի մնան, ես ունեցած ստակովս օղի կ՚առնեմ ու կը խմեմ, աշխարհի վրայ բան մը չեմ ձգեր, ինչ որ ունիմ ամէնքն ալ մէկտեղ գերեզման պիտի տանիմ. գերեզմանին բերանը մեծ է, ամէնն ալ մէջը կ՚առնէ: Մանչուկ, գաւաթները լեցուր ( Մանչուկը կը լեցնէ ). Խմենք, կենդանութիւն ( Կը խմէ ):

ԴԻՄԱԿԱՒՈՐ ՄԸ

Բարեւ, պարոն:

Ա.

Բարի եկար, օրիորդ, նստեցէք:

ԴԻՄԱԿԱՒՈՐԸ, նստելով

Մեզ խաբեցիր, այնպէս չէ՞. առջի գիշերը թատրոնէն ելած ժամանակդ խօսք տուած էիր, որ զիս պիտի գտնայիր:

Ա.

Ներեցէ՛ք, ուրիշ անգամուն չեմ խաբեր. ի՞նչ կը հրամ­մէք… ի՞նչ կը խմէք… ի՞նչ կ'ուզէք:

ԴԻՄԱԿԱՒՈՐԸ

Ձեզ կ՚ուզէի. մինչեւ առտու սպասեցինք մօրս հետ:

Ա.

Ի՞նչ կը խմէք:

ԴԻՄԱԿԱՒՈՐԸ

Օղի:

Ա.

Կեցցես, օրիորդ. ( Լեցնելով ), հրամմեցէք:

ԴԻՄԱԿԱՒՈՐԸ

Շնորհակալ եմ ( Կը խմէ ):

Ա.

Կ՚ուզէ՞ք ինձի հետ պարել:

ԴԻՄԱԿԱՒՈՐԸ

Բոլորով սրտիւ: ( Կը պարեն ):

ՏԵՍԻԼ Բ.

ՆՈՅՆՔ, ԼԵՒՈՆ

ԼԵՒՈՆ, ինքնիրեն

Վաղ առտու կանուխ եկուր, կանուխ գամ, մայրս դարձ­եալ պիտի սրդողի. վաղ առտու պիտի պոռայ. Լեւոն, տղաս, ո՞ւր կ՚երթաս այսքան կանուխ. ի՞նչ պատասխանելու է… ( Կը նստի ) Մանչո՛ւկ, սուրճ մը բեր: Անպատճառ երթալու է, սէրն է որ կը կանչէ. սիրոյ հրամանները մօրս հրամաններէն առաջ կատարելու եմ:

Ա.

Յոգնեցա՞ք, օրիորդ:

ԴԻՄԱԿԱՒՈՐԸ

Այո՛, այո՛, նստինք:

ՏԵՍԻԼ Գ.

ՆՈՅՆՔ, ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ, ՍՈՖԻ. դիմակներով


ՍՈՖԻ

Հիմա հանգիստ ես քիչ մը. այնպէս չէ՞:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Այո՛, այո՛, կերածներս դուրս հանեցի, խմածներս ալ մէկտեղ, միայն թէ գլխու ցաւ ունիմ… եւ ոտներս որ… չեն ուզեր քալել, թէ որ պարոն Թովմասն ալ ինձի պէս եղած է, արթնցած պիտի ըլլայ եւ մեզ փնտռելու ետեւէ է:

ՍՈՖԻ

Ըհ, մի յուսար, մինչեւ առտու մեռելի պէս կը քնանայ. այդ կողմէն ապահով եղիր, բայց…

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ուրեմն մենք մեր զբօսման նայինք: Մանչո՛ւկ, մանչո՛ւկ, անուշեղէն բեր:

ՍՈՖԻ

Ա՛հ, ճամբան որքան նեղութիւն տուիր ինձի, գիտե՞ս. պատէ ի պատ զարնուելով, իյնալով, ելնելով, վերջն ալ դրան մը առջեւն նստար. պատուհանէն մէկն սկսաւ պոռալ ինձի, ըսելով թէ «Ընկերդ ինչո՞ւ գինիի տակառէն դուրս հանեցիր»: Ամօթէս կաս կարմիր կտրուեցայ. փառք Աստուծոյ, որ դիմա­կէս յայտնի չեղաւ, մինչեւ հիմա ասանկ փորձանքի հանդի­պած չէի:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Վնաս չունի. փառք տուր Աստուծոյ, որ ողջ առողջ հոս կը գտնուինք հիմա:

ՍՈՖԻ

Հոս կը գտնուինք, բայց ես կասկածի մէջ եմ տակաւին. տնէն դուրս ելած ժամանակնիս այնքան պոռացիր, որ Կիրա­կոսը արթնցաւ ու մեր գտնուած սենեակը եկաւ… թէ որ ամու­սինս արթնցնէ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ամուսինդ ինչո՞ւ պիտի արթնցնէ:

ՍՈՖԻ

Պարահանդէս, պարահանդէս կը պոռայիր բարձր ձայ­նով, հասկնալով, որ պարահանդէս գացինք, պիտի իմանայ մեր խարդախութիւնը եւ…

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Պիտի կարծէ, թէ ես կ՚արգիլէի քեզի պարահանդէս եր­թալը եւ քնացած պիտի ըլլայ. մէկդի ըրէ այդ խորհուրդները, մեր զուարճութեանը նայինք. անուշեղէնդ կեր, անուշիկս:

ԼԵՒՈՆ

Սա կնիկներէն մէկը պարելու հրաւիրեմ: ( Կ՚երթայ Սո­ֆիին կ՚երկնցնէ ձեռքը, Թափառնիկոս կ՚ելնէ, որուն հետ կը պարեն ):

Ա.

Ես ալ սա կնկան հետ պարեմ: ( Կ՚երթայ Սոֆին կ՚առնէ կը պարեն ):

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ, պարած ատեն իյնալով

Ա՜հ, ոտքս ցաւցուցի:

ԼԵՒՈՆ

Ներեցէք, տիկին ձեզի վար ձգելուս:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Բան մը չէ, պարոն… ( Սոֆին փնտռելով ) բայց Սոֆին ո՞ւր գացեր է, ի՛նչ… ուրիշի մը հետ կը պարէ… ուրիշի վի­զը պլլուած… ուրիշի մէջքէն բռնած… ուրիշի հետ գլուխ գլխի տուած… ըլլալո՞ւ բան է, տես, ես որ իրեն համար կը մեռ­նիմ… ուրիշի հետ կը խաղայ. զիս ի նախանձ կը հրապուրէ… կանայք նախանձորդ են… ես չեմ նախանձիր, բայց ինչո՞ւ ուրիշի հետ կը խաղայ, ասիկա նախանձել չէ, զինքը հոգալ է։

ՍՈՖԻ

Ուֆ… յոգնեցայ…

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Կեցցես, Սոֆի. զիս կը թողուս եւ ուրիշի հետ կը պարես:

ՍՈՖԻ

Այնպէս բարկութեամբ կը խօսիս. իբր թէ պարելը սիրել ըլլար:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ես չեմ ուզեր տեսնել քեզ, ուրիշի… վիզը պլլուած…: Մանչուկ, մանչուկ, գինի՛ բեր: ( Նարտ խաղացողները կը սկսեն կռուիլ ):

Ա.

Պարոն, հրամայէ, գինիները բերին:

Բ.

Կարգը քուկդ է:

Ա.

Խաղի մէջ կարգ կ՚ըլլա՞յ, կորսնցնողը կը վճարէ. ընդ­հանուր սովորութիւն մ՚է:

Բ.

Փարիզի՞ սովորութիւնն է աս:

Ա.

Պիտի ստիպես զիս որ…

Բ.

Շատախօսութիւն պէտք չէ: ( Կը սկսին կռուիլ ):

Ա.

Ինձի շատախօս…

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ, մօտենալով

Պարոնայք, մի՛ կռուիք, ամօթ է, հայութեան պատիւն պահելու կը պարտաւորինք, ուր որ ալ ըլլանք. աստեղ պարահանդէս է, ամէն ազգէ մարդ կայ… չէ՞ք ամչնար, պարա­հանդէսը ամէն ազգերու պատուոյն արուեստահանդէսն է… հաշտուեցէք:

Ա.

Դուն մեր գործին մի՛ խառնուիր:

Բ.

Դուն գնա սիրուհւոյդ քովը նստէ, զինքը համոզելու աշ­խատէ, եւ ծառայութեան պատիւն պահէ՛ :

Ա.

Պարահանդէսի մէջ կրթութիւն տալու ելեր է:

Բ.

Դուն քու սիրուհիդ կրթէ՛:

Ա.

Դուն քու պատիւդ պաշտպանէ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ես…

Բ.

Սիրուհւոյդ պատիւը պաշտպանէ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ես…

Ա.

Տեղդ նստէ՛ դուն…

Բ.

Անխելք մարդ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ես որ…

Ա.

Անպիտան մարդ…

Բ.

Քու կարծիքդ քեզի:

Ա.

Դուն ալ սիրուհւոյդ:

Բ.

Անամօթ…

Ա.

Սրիկայ… ստակները տո՛ւր, պարոն, վերջը գէշի պիտի երթայ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ես ալ ձեզի մարդ կարծեցի:

Ա.

Կորի սըկէ, անպիտան մարդ: ( Կը հրէ Թափառնիկոսն, որն որ գլտորելով կ՚իյնայ ): Ստակները պիտի տա՞ս:

Բ.

Բարեկամ, ստակ չունիմ, ( Վազելով պարահանդէսէն կ՚ելնեն, Լեւոնն ալ կը մեկնի ):

ՏԵՍԻԼ Դ.

ՆՈՅՆՔ, ԹՈՎՄԱՍ, ՄԱՐԹԱ, ՆԻԿՈ. դիմակներով

ՄԱՐԹԱ

Ահ, դուն պարոն Մելիքսեդեկեանն ես, չկրցի ձեզ ճանչել, շատ ծերացած էք:

ԹՈՎՄԱՍ

Ի՞նչ կ՚ըսէք, տիկին, այն ժամանակէ ի վեր, ուր կը սի­րէի քեզի, տասը տարի կայ. ձեր դէմքն ալ փոխուեր է, եւ էրիկ մարդու կերպարանքին տակ ես ալ ի՞նչպէս կրնայի ձեզ ճանչնալ:

ՄԱՐԹԱ

Կ՚աղաչեմ, չըլլայ որ մեր գաղտնիքը յայտնէք, ինչպէս որ քիչ մը առաջ փեսայիս առջին. մանաւանդ թէ հիմակուան գործերնուս ալ արգելք կ՚ըլլայ. էհ, ուրեմն, ղրկենք Նիկոն, որ ասդիս անդին փնտռէ:

ԹՈՎՄԱՍ

Այո՛, այնպէս ընենք. սրամիտ տղու մը կը նմանի, բայց զգուշութեամբ վարուելու է, չըլլայ որ մեր հոս գալն իմանալով ի փախուստ աճապարեն: Նիկո, ինձ մտիկ ըրէ. գնա Թափառ­նիկոսն հարցուր. մի՛ ըսեր, որ պիտի ծեծենք. մէկը ակռայի ցաւ ունի, անոր համար կ՚ուզենք, հրամմէ գայ, այսպիսի հա­մոզական խօսքերով քովի սենեակներուն մէջը բեր, որ հոն աղուոր մը ծեծենք:

ՆԻԿՈ

Շատ աղէկ, շատ աղէկ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

էհ, ինչո՞ւ լուռ կեցեր ես, խօսէ։

ՍՈՖԻ

Ի՞նչ խօսիմ…

ՆԻԿՈ, գինի խմողներուն քով երթալով Ա. ֊ի ականջն ի վայր

Պարոն Թափառնիկոս ատամնաբոյժն եկա՞ւ հոս, մէկը ակռայի ցաւ ունի պիտի կանչենք, որ…

Ա., մեկուսի

Խաղ մը խաղամ ասոր… ( Ձայնը փոխելով ) Որո՞ւ ակ­ռան կը ցաւի:

ՆԻԿՈ

Տիկնոջ մը…

Ա.

Ձեր փնտռածը ես եմ, բայց հիմա չեմ կրնար գալ. վա­սնզի կինս հոս մինակ չեմ կրնար թողուլ ( Քովի աղջիկը ցցունելով )։

ՆԻԿՈ

Անիկա ալ մէկտեղ թող գայ պարոն:

Ա.

Բայց ես երկու ոսկի կ՚առնեմ, վերջէն բան մը չըսեն:

Բ.

Ի՞նչ կայ, ընկեր, ո՞ւր պիտի երթաք:

Ա.

Ոչինչ. մէկը կը կանչէ, շուտ պիտի դառնամ:

ՆԻԿՈ, ցած առ Ա.

Հիւանդը պարահանդէսի մէջ է. սա քովի սենեակը. կ՚ա­ղաչեմ, պարոն ատամնաբոյժ, շուտ եղիր երթանք:

Ա.

Հիմա, հիմա, ահա կու գամ:

ՆԻԿՈ, Թովմասին երթալով

Գտայ, գտայ, ձայն մի հանէք:

Ա., ինքնիրեն

Մէկ երկու ոսկի առնեմ:

Բ.

Ի՞նչ խօսեցաք, եղբայր:

Ա.

Բան մը չէ:

ԹՈՎՄԱՍ

Ո՞ւր են:

ՆԻԿՈ, մատովը ցցունելով

Ահա քու կինդ ալ անոր քովը կը նստի:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ե՛լ, Սոֆի, երթանք: ( Կ՚ելնեն ):

Ա.

Ե՛լ, օրիորդ, երթանք: ( Դուրս կ՚ելնեն ):

Բ.

Մեր բարեկամը մեզի մինակ թողուց եւ ուր երթալը չի­մացուց:

Գ.

Ով գիտէ, սատանայութիւն մը ըլլալու է: ( Երաժշտութիւնը կը սկսի, ամէնքը կը պարեն քանի մը վայրկեան ):

ՏԵՍԻԼ Ե.

ՆՈՅՆՔ, Ա., ՄԱՐԹԱ, ԹՈՎՄԱՍ, ՆԻԿՈ


Ա., պոռալով

Ի՞նչ իրաւամբ կը ծեծէք զիս, պարոն, քթէս բերնէս արիւն հանեցիք:

ԹՈՎՄԱՍ

Սխալեցանք. դուն սխալեցուցիր, մենք բժիշկ կը փնտ­ռենք: ( Թափառնիկոս ու Սոֆի չեն լսեր. պարելու վրայ ):

Ա.

էհ, պարոն, մարդ ծեծելը դիւրին բան չէ, պիտի խեղ­դէիք զիս:

ԹՈՎՄԱՍ

Սխալեցանք:

Ա.

Սխալեցա՞ք, պիտի խղդէիք զիս եւ սխալեցաք, սխալե­ցաք:

ԹՈՎՄԱՍ

Կարծեցինք, որ…

Ա.

Կարծեցի՞ք, պիտի մեռցնէիք զիս եւ կարծեցիք… կարծելով պիտի մեռնէի։ ( Քթէն բերնէն արիւն կը վազէ ) էհ, փոխարինութիւն կը պահանջեմ. պարոն, դատի պիտի քաշեմ ձեզի:

ԹՈՎՄԱՍ

Ներեցէք:

Ա.

Ներեմ… պիտի մեռնէի ես…

ՄԱՐԹԱ, ցած առ Թովմաս

Գինով է… օղի մը առ, կը լռէ:

ԹՈՎՄԱՍ

Մանչուկ, մեր բարեկամին օղի բեր:

Ա.

Ինչ եւ է… ( Մեկուսի ) գոնէ օղի մը վաստկեցանք: ( Բա­րեկամներուն քովն երթալով ):

Բ.

Ի՞նչ եղար, բարեկամ:

Ա.

Վարպետութիւն մը ընել ուզեցինք, ծեծ կերանք, ինչ գիտնամ, օղի մը խմեմ երթանք. արիւնը տես ինչպէս կը վազէ քթէս: ( Կը խմէ, կը մեկնին երեքը մէկտեղ ):

ՍՈՖԻ

Բաւ է, նստինք, քիչ մը հանգչինք:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Շատ աղէկ:

ԹՈՎՄԱՍ

Նիկո, փնտռէ նայինք… բայց այս անգամուն պէս չսխալինք:

ՆԻԿՈ

Դուք անհոգ եղիք, ես պիտի գտնեմ զանոնք ( Թափառնի­կոսին քովն երթալով ): Պարոն Թափառնիկոսը տեսա՞ք հոս:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ, մեկուսի

Նիկոյին ձայնն է: ( Բարձր` ձայնը փոխելով ) Ի՞նչ պիտի ընէիք:

ՆԻԿՈ

Ճշմարիտը կ'ուզե՞ս հասկնալ, պիտի ծեծէինք, վասնզի իր կինը թողեր, պարոն Թովմաս կ՚ըսեն, վաճառականի մը կինը կը սիրէ. նամակները բռնեցինք, որոնք պարոն Թով­մասի գրպանն են:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ, մեկուսի

Նամակները առեր են: ( Գրպանները խառնելով ) Իրաւ որ ես չտեսայ զինքը: ( Մեկուսի ) Նամակները հոս չեն:

ՆԻԿՈ

Թէ որ տեսնելու ըլլաք զինքը, մի՛ զրուցէք թէ պիտի ծե­ծենք, որպէսզի չի փախչի:

ՍՈՖԻ, մեկուսի

Ո՜վ Աստուած իմ, իմացուեր է:

ՄԱՐԹԱ

Կը տեսնէ՞ք, մեր Նիկոն ինչ վարպետութեամբ կը փնտռէ:

ԹՈՎՄԱՍ

Ես ալ ան կը դիտեմ:

ՍՈՖԻ

Բռնուեցանք, պարոն Թափառնիկոս, ըսածիս պէս է գոր­ծը, Կիրակոսը իմացաւ մեր տնէն դուրս ելնելը եւ ամուսնոյս իմաց տուաւ, որ ելեր հոս եկած է:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ես ալ աւանակի պէս նամակները ձեր տունը թողեր եմ. վարպետութեամբ մը զանոնք գրպանէն գողնալու ճար մը փնտռելու է, վերջը ինձի թող. ես կրնամ արդարացնել մեզի:

ՍՈՖԻ

Ի՞նչպէս գողնալու է:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Քովը կ՚երթաս, կը քծնիս, երբեմն իրեն գինի հրամցը­նելով խօսակցութեան կը բռնես, սիրոյ վրայ կը խօսիս եւ կա­մացուկ մը կը գողնաս գրպանէն:

ՍՈՖԻ

Թէ որ զիս ճանչէ՞:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ձայնդ փոխելու ես:

ՍՈՖԻ

Թէ որ դիմակս վար առնէ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Չկրնար առնել, քաղաքավարութեան դէմ է:

ՍՈՖԻ

Փորձենք ուրեմն:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Քաջալերուէ, Սոֆի, թէ որ յաջողելու ըլլաս, մեծ յաղթա­նակ մը կանգնած պիտի ըլլաս, քեզ տեսնեմ: ( Սոֆի Թով­մասին քովը կ՚երթայ ): Տեսնենք սա խաղը ի՛նչպէս պիտի վեր­ջանայ:

ՍՈՖԻ, առ Թովմաս

Գինի կը հրամմէ՞ք, պարոն:

ԹՈՎՄԱՍ

Ո՞վ է այս կինը:

ՄԱՐԹԱ

Պարահանդէսներու մէջ այսպիսի անծանօթ կանայք շատ կը գտնուին, որք անմիտներ որսալու համար կը պտըտին:

ԹՈՎՄԱՍ

Գինի՞ ուզեցիք, օրիորդ:

ՍՈՖԻ

Այո, պարոն Թով… ( Մեկուսի ) Քիչ մնաց, որ անունը պիտի տայի:

ԹՈՎՄԱՍ

Հրամմէ՛ խմէ՛:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Տեսնենք պիտի կարենա՞յ յաջողիլ։

ՍՈՖԻ, առ Մարթա

Դուք չէք խմեր, պարոն:

ՄԱՐԹԱ

Շնորհակալ եմ:

ՆԻԿՈ, պտըտելով

Եթէ չկարենամ ձեռք բերել սա անամօթ սրիկաները…

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ, իւրովի

Թէ որ ձեռք անցնինք, խայտառակ պիտի ըլլանք աշ­խարհի առջեւ:

ԹՈՎՄԱՍ, առ Մարթա ցած

Ասիկա համարձակ կնկան մը կը նմանի. կրնանք իրեն հարցնել եւ տեղեկութիւններ քաղել, հարցնենք անգամ մը, կարելի է որ տեսած ըլլայ: Օրիորդ, ձեզի քանի մը հարցում­ներ ունիմ ընելիք, կը բարեհաճի՞ք պատասխանել:

ՍՈՖԻ, մեկուսի

Եղելութեան տեղեկանամք: ( Բարձր ) Հարցուցէ՛ք, պարոն, յօժար կամօք պատասխանելու պատրաստ եմ, ինչ որ ալ ըլլայ ձեր հարցմունքը:

ԹՈՎՄԱՍ

Ապրիս, աղջիկս, շատ օրեր տեսնես, անունդ ի՞նչ է:

ՍՈՖԻ

Անունս… անունս… իրաւ որ միտքս չի գար… Թերեզա է… Թերեզա:

ԹՈՎՄԱՍ

Կարգուա՞ծ էք:

ՍՈՖԻ

Չէ՛, ես չեմ ուզեր կարգուիլ եւ գերի ըլլալ, ասանկ ինք­նիր գլխուս խաղաղ կեանք մը կը վարեմ:

ԹՈՎՄԱՍ, ցած առ Մարթա

Ըսածիս պէս լիրբ աղջիկ մ՚է: ( Բարձր ) Ձեզի հարցնելիքս սա է որ, տեսա՞ք պարոն Թափառնիկոսը:

ՍՈՖԻ

Թափառնիկոս… Թափառնիկոս… Ո՞վ է աս մարդը:

ՄԱՐԹԱ

Ատամնաբոյժ մը:

ՍՈՖԻ

Ակռանի՞դ կը ցաւի:

ՄԱՐԹԱ

Ակռա՜յ…

ՍՈՖԻ

Հասկցայ… հասկցայ ով ըլլալը, Արեւելեան ատամնաբոյժն կը հարցնէք:

ԹՈՎՄԱՍ

Ճիշտ:

ՍՈՖԻ

Բարեկամս է, ծանօթութիւն ունիմ հետը, ծեր, նախան­ձորդ կին մը ունի:

ՄԱՐԹԱ, մեկուսի

Ուրիշ կնիկներ ալ կը սիրէ:

ԹՈՎՄԱՍ

Տեսա՞ք զինքը հոս:

ՍՈՖԻ

Չտեսայ, վասնզի հոս եկած չէ, թէ որ գալու ըլլար, ան­պատճառ զիս պիտի գտնէր:

ԹՈՎՄԱՍ

Աս կողմերը ուրիշ պարահանդէսներ ալ կան այնպէս չէ՞:

ՍՈՖԻ

Այո՛, կան. ինչո՞ւ այսքան բարակ բարակ հարցումներ. ի՞նչ կայ, պատմեցէք ինձի եղելութիւնը, եւ կը խոստանամ ձեզի ծառայութիւն մը ընելու:

ԹՈՎՄԱՍ

Էհ, օրիորդ Թերեզա, աս Թափառնիկոսը աղէկ մարդու չնմանիր, սրիկային մէկն է:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ, ինքնիրեն

Իմ գովեստս կ'ընեն:

ՍՈՖԻ

Մի՛ սրդողիք, հանդարտեցէք, տեղն ի տեղ յայտնեցէք ինձի ձեր գաղտնիքը, թերեւս կրնամ ձեզի օգտակար ըլլալ, բայց առաջ մէյ մէկ հատ տնկենք: Մանչուկ, մանչուկ, գինի բեր:

ՄԱՐԹԱ

Այո՛, թող պատմէ, ինչ ձուն բերաւ մեր գլխուն անօրէնը, եւ կ՚ըսէ թէ իւր կինը նախանձորդ է:

ՆԻԿՈ

Անիծեալ մարդ, ինչպէս ծեծեց տիկինը:

ԹՈՎՄԱՍ

Կինս ակռայի ցաւ ունիմ ըսելով, զինքը տունը կանչել տուաւ:

ՍՈՖԻ

Վասնզի քաղաքիս մէջ շատ համբաւ ունի: Ատամնաբու­ժութեան արուեստը գրեթէ նորէն հնարեց. իմս ալ երկու երեք անգամ ակռաներս նայեցաւ. սուտ չեմ կրնար խօսիլ, ապերախտութիւն ըրած կ՚ըլլամ, երկու ժամուան մէջ բուժեց, ձեռ­քը շատ թեթեւ է, բնաւ չցաւցուներ: ( Մեկուսի ) Նամակը գող­նալուն մէկ ճարը:

ԹՈՎՄԱՍ

Ատամնաբոյժին եկած ժամանակը կինս ակռայի ցաւէն կը մեռնէր, թո՛ղ սատկէր, անպատիւ կին:

ՍՈՖԻ

Ինչո՞ւ համար սատկի, մեղք չէ՞… կրնա՞ք ըսել ինձի, թէ ո՞վ էք դուք:

ԹՈՎՄԱՍ

Ներեցէք, ով ըլլալս չեմ կարող յայտնել, որպէսզի ձեր առջեւն ալ անպատիւ չըլլամ: Վերջապէս այս ատամնաբոյժը զիս գինով ըրաւ:

ՍՈՖԻ

Որպէսզի ակռային ցաւէն չվախնաս:

ԹՈՎՄԱՍ

Անկողնոյս մէջ պառկեցուց զիս:

ՍՈՖԻ

Որպէսզի հանգիստ ըլլաս:

ԹՈՎՄԱՍ

Մէկ երկու ժամու չափ քնանալէն վերջը ձայն մը դպաւ ականջս, որ զիս կը կանչէր:

ՄԱՐԹԱ

Ես էի կանչողը:

ՆԻԿՈ

Մենք ալ դուրսը կը սպասէինք:

ԹՈՎՄԱՍ

Մէկէն ի մէկ արթնցայ եւ սա պարոնին հետ ալ վիճաբա­նութիւն ըրինք:

ՍՈՖԻ

Վիճաբանութի՞ւն… եւ ինչո՞ւ:

ԹՈՎՄԱՍ

Երբ ըսաւ, որ Թափառնիկոսը կինս կը սիրէ, եւ թէ խօսք մէկ ըրեր են զիս խաբելով պարահանդէս երթալ. կին մը իրեն գործակից գտնելով իր ամուսինը մատնէ. ( Սոֆի, որ Թովմասին ձախ կողմը նստած է, նամակը գրպանէն կը գող­նայ ): Կրնաք գուշակել, թէ ինչ աստիճան քարասիրտ կին մը ըլլալու է, որ յանդգնի այսպիսի չարագործութեան ձեռք զար­նել:

ՍՈՖԻ, մեկուսի

Նամակը գողցայ:

ԹՈՎՄԱՍ

Առջի բերան չհաւատացի պարոնին ըսածներուն, իսկ երբ կնկանս նամակը տեսի, որ Թափառնիկոսին գրած էր, այն ատեն իրազգած եղայ, ու հագուստս փոխելով ծեր հա­սակիս մէջ փողոցն ինկայ, որ իրենց հետքը գտնելով արդար վրէժխնդրութիւն պահանջեմ, եւ պարոն Թափառնիկոսի կինն ալ այնքան համեստ, բարեպաշտ մէկն է. ինքն անձամբ մեր տունը եկաւ, աչերէն արտասուք կը վազէին. ի՜նչ անպատ­ւութիւն ընտանիքի համար, խեղճ Մարթա:

ՍՈՖԻ

Բայց արդէն Թափառնիկոսի կինը սիրուելու տեղ մը չու­նի, պառաւ, ցնդած, ցմտռքած ծերին մէկն է:

ՄԱՐԹԱ, մեկուսի

Համբերելու է:

Բազմութիւնը կամաց կամաց երթալ կը սկսի։

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ, ինքնիրեն

Խօսակցութիւննին դեռ չլմնցաւ:

ԹՈՎՄԱՍ

Թէպէտ եւ այնպէս, երիտասարդութիւնը գեղեցիկ էր, չքնաղ կին մ՚էր, պաշտելի էակ մ՚էր:

ՍՈՖԻ

Վերջապէս նամակը…

ԹՈՎՄԱՍ

Նամակը ես կարդացի դողալով…

ՍՈՖԻ

Թշնամութիւն ըլլալու է, պէտք չէ որ ամէն կնկան խօս­քին եւ ստորագրութեամբ գրուած նամակներուն պարունակու­թեանը հաւատք ընծայէք. վասնզի շատ անգամներ այնպիսի սուտ խօսքերով եւ կեղծ գրութիւններով մարդիկ խաբուելով, յանիրաւի կը մեղադրեն իրենց կիները ու վէճի մը ծննդեան առիթ կու տան, ուստի լաւ մտածեցէք, կարելի է թշնամանք մը, կամ…

ՆԻԿՈ

Ինչ թշնամանք… տիկինը անանկ ծեծեց, որ խեղճին ոտքը ձեռքը կապեց:

ՍՈՖԻ

Եւ զինքը գտնելու համար հո՞ս եկար:

ԹՈՎՄԱՍ

Այնպէս է… Դուք չտեսա՞ք զինքը:

ՍՈՖԻ

Այո, պարոն, ո՛չ. թէ որ հոս ըլլար, անպատճառ զիս պիտի տեսնէր. աւելի եւս կ'ուզէ՞ք ձեզի յայտնապէս խոստո­վանիմ. Թափառնիկոս իզմէ ուրիշ կին մը չսիրեր. եւ զձեզ ապահովելու համար, կ՚երդւըննամ, որ ես եմ իր սիրուհին. ուստի ձեր այս խօսքերը բոլորովին անտեղի են եւ կասկածնիդ անհիմն, ինչ ատեն կ՚ըսէք որ ձեր կինը կը սիրէ:

ՄԱՐԹԱ, մեկուսի

Աւելի գէշն:

ՍՈՖԻ

Պարոն Թափառնիկոս զիս սիրելու շատ մը իրաւունք երեւան կը բերէ. կինը հարիւր տարուան դուռը զարկեր ներս մտեր է. մինչդեռ ինքը դեռ քառասուն տարուան երիտասարդ մը՝ ծերութեան դռնէն դուրս, ի՞նչպէս կրնայ հետը ապրիլ. ասկէ զատ կինը զզուելի բնութիւն մը ունի. շատ նախան­ձորդ է կ՚ըսէ:

ՄԱՐԹԱ, մեկուսի

Ինչեր կը խօսի լիրբը: ( Բարձր ) Երթանք մենք, քանի որ նամակները մեր քովն են այսօր կամ վաղը զիրենք պիտի գտնենք, վրէժնիս կը լուծենք:

ԹՈՎՄԱՍ

Շատ աղէկ, երթանք:

ՍՈՖԻ

Կը ցաւիմ, պարոն որ չկրցի ձեր ծառայութեան մէջ գտնուիլ, նաեւ կը խղճամ վրադ, որ այդ ծեր հասակին մէջ, թշնա­միի մը խարդախութեան հաւատալով, կնոջդ վրայ այնքան զրպարտութիւններ դիզեցիր, գնա՛ տունդ, հանգիստ եղիր… բայց մնաք բարովի ատեն ալ խմենք, թէ որ կը հաճիք իմ ձեռքէս գաւաթ մը գինի ընդունիլ: ( Կը լեցնէ ) Հրամմեցէք:

ԹՈՎՄԱՍ

Կենդանութիւն:

ՍՈՖԻ

Անուշ անմահութիւն:

ԹՈՎՄԱՍ

Կ՚աղաչեմ, թէ որ հոս գալու ըլլան մ՚ըսեր, որ զիրենք փնտռեցինք, որ չփախչին. թէ որ կ՚ուզես քեզի ստակ ալ կու տամ:

ՍՈՖԻ

Այդ մասին անհոգ եղիք:

ԹՈՎՄԱՍ

Մնա բարով:

ՍՈՖԻ

Երթաք բարեաւ: ( Թովմաս, Մարթա, Նիկո, կ՚երթան ):

ՏԵՍԻԼ Զ.

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ եւ ՍՈՖԻ

Դրսէն անձրեւի ձայնը կը լսուի

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Կեցցե՛ս, Սոֆի։

ՍՈՖԻ

Տեսա՞ր, ինչպէս յաջողեցայ. կ՚ըսէք որ կանանց ձեռքէն գործ չի գար:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ի՞նչ ըսիր, ի՞նչ ըսին:

ՍՈՖԻ

Քեզի գրած նամակս գրպանէդ ինկեր է մեր տունը, անոնք ալ առեր բացեր կարդացեր են, հիմա ճարպիկութիւն մը հնարելու է ինքզինքնիս արդարացնելու համար:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Նամակները չգողցա՞ր գրպանէն:

ՍՈՖԻ

Մէկ հատ մը միայն կար, անիկա առի:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Տուր տեսնեմ. տար Աստուած, որ քու գրածդ ըլլար, վասնզի գրպանիս մէջ երկու նամակ կային, մէկը քուկդ է, միւսը ուրիշէ մը…

ՍՈՖԻ

Ուրիշէ… ուրիշէ… ո՞վ է այս ուրիշը:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Առեւտրական գործերու վրայօք նամակ մը:

ՍՈՖԻ

Կը ստէք, պարոն. ի՞նչ է այն նամակին իմաստը, պատմէ ինձի:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ճշմարիտը կ՚ուզե՞ս, ընտանեկան գաղտնիք մ՚է, զոր սրտիս մէջ պահեր եմ:

ՍՈՖԻ

է՛հ, պարոն Թափառնիկոս, պարահանդէսի մէջ մեզնէ ուրիշ մարդ չմնաց: ( Դիմակը հանելով ) Դիմակնիս վար առ­նենք եւ այնպէս խօսինք. ( Թափառնիկոսին դիմակը կը քաշէ ): Մինչեւ այսօր քեզմէ գաղտնիք մը ծածկած չունիմ, թէ որ կ'ուզես ինձի հաւատարիմ մնալ եւ իզմէ սիրուիլ, ինչ որ ալ ըլլայ այդ գաղտնիքը, զոր սրտիդ մէջ պահեր ես, կը պարտա­ւորիս ինձի հաղորդելու, ապա թէ ոչ, շուտով պիտի հասկնամ, որ ինէ ուրիշ կին մ՚ալ կը սիրես: Թող մեր սիրոյ շղթայն այս վայրկեանէն խորտակի, է՛հ, գիտես որ մեծ ամօթ է մարդու մը երկու կնիկ սիրել:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Չէ, անուշիկս, չէ, սիրունիկս, քեզմէ զատ ուրիշ մը սի­րած չունիմ եւ չպիտի ունենամ, սէրս քեզի նուիրած եմ. կ՚ու­զեմ որ միշտ քու քովդ մնայ. ինչո՞ւ ասանկ կասկածներու կ՚երթաս: Այն նամակը աղջիկիս ուղղեալ է, եւ ինչպէս որ ձեզի յայտնի է, նշանուած է, ուրիշ նորելուկ պատանի մը կ՚ուզէ իրեն գրաւել աղջիկս, ահա աս է գործը…

ՍՈՖԻ

Ապրիս… կեցիր հիմա կարդամ նամակը եւ երթանք, վասնզի անձրեւը դադրելիք չունի: ( Կարդալով ). «Առ պարոն Թովմաս Մելքիսեդեկեան»: Ա՛հ, սխալմամբ ուրիշ նամակ առած ենք, ասոր գրերը չեն կարդացուիր… շատոնց ի վեր գրուած է իմ ամուսնոյս ուղղեալ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Կարդայ տեսնենք մէջը…

ՍՈՖԻ, կարդալով

«Անցեալ… օր… եկեղեցիէն… ելած ժամանակդ…» չեն կարդացուիր որ…

ՏԵՍԻԼ է.

ՆՈՅՆՔ, ՄԱՐԹԱ, ԹՈՎՄԱՍ, ՆԻԿՈ

ԹՈՎՄԱՍ, վազելով

Աս անձրեւին ո՞ւր պիտի երթանք:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Դիմակները…

ՄԱՐԹԱ

Ին՛չ անձրեւ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ, ձեռքով երեսը ծածկելով

Ո՞ւր փախչինք:

ՍՈՖԻ

Դիմակները…

ՄԱՐԹԱ

Եկէք, հասէ՛ք, Նիկո…

ԹՈՎՄԱՍ

Վա՛յ շուն շան որդիներ…

ՆԻԿՈ

Ո՞ւր է, բռնեցէք ծեծեմ…

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Փախչինք: ( Թափառնիկոս եւ Սոֆի դռնէն դուրս ելնելու կը ջանան: Մարթա Թափառնիկոսին շրջազգեստէն բռնած կը քաշէ, Թովմաս ասդիս անդին վազվռտելով Սոֆին բռնել կ՚աշխատի. Թափառնիկոսի եւ Սոֆիի մէյմէկ ոտքը դուրս` փախչելու կը ջանան, որք կ՚արգիլեն Թովմաս ու Մարթա ):

Будьте первым, кто оставит комментарий по этому поводу

Другие части "Ատամնաբոյժն արևելեան"

Ятук Музыка
Воскресение Христа
Георгий Гурджиев

Воскресение Христа

Раздвоение личности
Раздвоение личности
Играть онлайн