Акоп Паронян
Ատամնաբոյժն արևելեան
Արարուած երկրորդ
ՏԵՍԻԼ Ա.
ՄԱՐԹԱ, ՄԱՐԳԱՐ
ՄԱՐԳԱՐ, Մարթան քաշկռտելով կը բերէ
Տիկին, չվայլեր ձեզի, որ փողոցն իյնաք, ասդիս անդին վազէք, ժամկոչ փնտռելու: Դուք երկու աղաւնիներու պէս սիրով վարուելու էք, որպէսզի ուրիշներն ալ ձեզմէ օրինակ առնեն: Պարոն Թափառնիկոսը կ՚երեւի թէ քիչ մը բարկացած ըլլալուն, ձեզի հետ խստութեամբ վարուեր է, անկարելի է որ զձեզ չսիրէ:
ՄԱՐԹԱ
Չէք գիտեր, պարոն Մարգար, շաբաթը գիշեր մը միայն տունը կը պառկի, միս մինակ կը թողու զիս, այս տան մէջ զիս պահապան ընելո՞ւ բերաւ հոս:
ՏԵՍԻԼ Բ.
ՆՈՅՆՔ եւ ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Փախաւ գարշելին, բոլոր այս ձախորդութիւններու պատճառ ինքն է… ( Զանոնք տեսնելով ) դուք հո՜ս, պարոն Մարգար։
ՄԱՐԳԱՐ
Այո՛, պարոն Թափառնիկոս, ձեր սիրոյ կապը ամրապնդելու համար եկայ տիկինին հետ:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Չէ՛, չէ, չեմ ուզեր, արդէն անիկա քիչ մը թուլցած էր, այսօր բոլորովին քակուեցաւ. ինձի պէտք չէ ասկեց ետքը, ուր որ ուզէ թող երթայ:
ՄԱՐԹԱ, առ Մարգար
Կը լսե՞ս: ( Առ Թափառնիկոս ) Պարո՛ն, այս խաղը դեռ շատ պիտի տեւէ՞:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Պիտի տեւէ, հինգ արարուած պիտի ըլլայ:
ՄԱՐԹԱ
Կարծեմ այս արարուածները թատրոնէն կը սոր վ իք:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Թատրոնէն:
ՄԱՐԹԱ
Եւ ինչպէս որ կ՚երեւի, կատակերգութիւնը շատ կը սիրէք:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Շատ կը սիրեմ, աւելի կ'ուզեմ խնդալով կրթուիլ քան թէ լալով… աչերս ցաւցնել:
ՄԱՐԹԱ
Վաստկած ստակներդ թատրոնի կու տաս. թէ որ ես ստակ ուզելու ըլլամ, կը բարկանաս, անօրէն մարդ, դուն իմ ստակովս մարդ եղար, եւ հիմա զիս ասանկ առանց մէկ ստակի կը թողուս. կ'ուզե՞ս որ ձայնս բարձրացնեմ, բարբարոս մարդ, գրպաններս պարապ են, լումայ մը չունիմ. երկու ոտքս մուճակի մը մէջ խոթած կը պտըտիմ:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Զոյգ մը ոտքի աման ապսպրէ:
ՄԱՐԹԱ
Կը լսե՞ս, պարոն Մարգար, ահա ասանկ այլանդակ մէկն է ասիկա:
ՄԱՐԳԱՐ
Կ՚աղաչեմ, մի՛ կռուիք, հաշտուեցէք եւ ուխտ ը րէք, որ մ է յ մ՚ալ կռիւ չընէք, եկուր, տիկին, ամուսնոյդ ձեռքը համբուրէ:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Ես չեմ տար ձեռքս:
ՄԱՐԹԱ
Ես չեմ համբուրեր անոր ձեռքը:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Ինձի այնքան հայհոյութիւններ ըրաւ:
ՄԱՐԹԱ
Ինձի հետ բարբարոսութեամբ վարուեցաւ:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Առաջուց հոգւոյս պէս կը սիրէի:
ՄԱՐԹԱ
Ի ՜ նչպէս կը գուրգուրայի վրան:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Միշտ կը պոռայ, որ իր ստակովը մարդ եղեր եմ:
ՄԱՐԹԱ
Ամէն օր կ՚ըսէ, թէ ես կահ կարասիք եմ եղեր:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Ո՞ւր է առջի սէրը:
ՄԱՐԹԱ, լալով
Ինքն է պատճառ որ… որ… որ…
ՄԱՐԳԱՐ, Մարթային
Գնա ձեռքը համբուրէ:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Ես անոր ձեռքը համբուրեմ, անիկա իզմէ մեծ է. տուր ձեռքդ, տո՛ւր համբուրեմ ( Կը պագնէ ), ասկէ վերջը կը խ ո ստանամ մօրս պէս սիրել զքեզ. ( Մեկուսի ) դարձեալ հաշտ ու եցանք:
ՄԱՐԹԱ, ճակտէն համբուրելով
Ո՜հ, իմ ամուսինս, կորսնցուցած էի քեզի, հիմա գտայ, կը յիշե՞ս մեր հարսնիքը, եւ այն գիշերը… ( Լալով ) ինչպէս պարեցինք, ո՞ւր էր թէ այն վայրկեանները ետ դառնային…
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Դառնային:
ՄԱՐԹԱ
Ը՜հ, բերանդ խածնեմ: ( Միշտ կը պագնէ ) Ա՛հ, չեմ կշտանար. ( Կ՚երգէ ).
Խնդացէք դուք, օրիորդներ,
Ծիծաղեցէք, ով պարոններ,
Ամենեւին չեմ բարկանար,
Քանզի գիտեմ ես բառ առ բառ
Սէրը որքան յառաջ երթայ
Այնքան հաստատ ւ՚անուշ կ՚ըլլայ,
Ես համբուրեմ, դո՛ւք ծաղրեցէք,
Զիրար սիրել ալ սորվեցէք,
Երբ ծերութեան դուռը զարնէք,
Մի մոռնաք այս խօսք յիշեցէք`
Սեր ը որքան յառաջ երթայ,
Այնքան հաստատ ւ՚անուշ կ՚ըլլա յ:
( Կը պագնէ ) ա ՞ հ, պարոն Մարգար, գուցէ մտքէդ անցնի, թէ ինչո՛ւ այսչափ իրարանցում… ինչո՛ւ այսքան համբոյրներ… ինչ ընեմ, տակաւին սէր կրող սիրտ մը կը տանիմ այս հողաշէն մարմնոյս մէջ. այնպիսի սէր մը, որ միշտ երթալով կ՚աճի ՛ ու չկրնալուն ամանին մէջ պարունակիլ, դուրս կը պոռթկա յ եւ վազելու ճամբայ չգտնալով ուղղակի ամուսնոյս երեսը կը հոսի. ( Պագնելով ) ու կ՚ոռոգէ զանիկա:
ՄԱՐԳԱՐ
Կ՚աղաչեմ, մի քաշուիք, տիկին, գործերնիդ նայեցէք, չըլլայ որ հոս արգելք ըլլամ, եթէ կ՚ուզէք, դուրս երթամ:
ՄԱՐԹԱ
Չէ, ահա ես կ՚երթամ, քիչ մը միւս սենեակը հանգստանալու:
ՄԱՐԳԱՐ, թեւը մտնելով
Հրամմեցէք, տիկին, ես կը տանիմ եւ շատ ուրախ եմ, որ կարող եղայ զձեզ հաշտեցնել:
ՄԱՐԹԱ
Շնորհակալ եմ:
ՄԱՐԳԱՐ
Երթանք տիկին: ( Կ՚երթան ):
ՏԵՍԻԼ Գ.
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ, վերջը ՆԻԿՈ
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Այս հասակին մէջ այսքա՜ն սէր, ալ հիմա կը համոզուիմ, որ մէկը կարգուելու է կանանց ինչ աստիճան սիրավառ եւ նախանձոտ սիրտ մ՚ունենալնին հասկնալու համար: Երբ իւր ձեռքը պագի, այնպէս ուրախացաւ` իբր թէ աշխարհի թագուհի անուանուած ըլլար եւ…
ՆԻԿՈ, վազելով
Տէր, նամակ մը…
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Ո՞վ տուաւ:
ՆԻԿՈ
Մարդ չտուաւ, ես գտայ: Խոհանոցին մէջ աղտոտ ամանները մաքրելու զբաղած էի, մէյ մ՚ալ ի՜նչ տեսնեմ, չոր, սեւ, դողդոջուն թոռմած ձեռք մը պատուհանէն վար կ՚երկննար, երկու մատներուն մէջ թուղթ մը բռնած. իսկոյն պահւըտեցայ, որպէսզի չտեսնուիմ, վարագուրին ծակ է ն կը նայէի… ո՜հ, ի ՜ նչպէս սիրտս կը զարնէ… եւ ահա նամակը ինկաւ, բայց անանկ գաղտնի տեղ մը ՝ որ եթէ հոն չըլլայի, անհնարին էր մէկու մը զայն տեսնել. ձեռքն սկսաւ կամաց կամաց վեր համբառնալ, վերջէն անյայտ եղաւ: Գացի թուղթը առի, խորհեցայ որ նամակ մը ըլլալու է, թերեւս մէջը գաղտնի գործ մը գրուած ըլլա յ. եւ ինչպէս որ կարդալ չեմ գիտեր, մակաբերեցի թէ ասիկա քեզի համար կրնայ ըլլալ, առի բերի:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Շատ աղէկ: ( Նիկո կ՚երթայ ) Ուսկի՞ց կրնայ ըլլալ այս նամակը: ( Հասցէն կարդալով ) Առ օրիորդ Երանեակ Թափառնիկոսեանց: Ա՞ս ինչ պիտի ըլլայ. ( Կը բանայ նամակը, կը սկսի կարդալ ).
« Ա յս օրուան դէպքը զիս բոլորովին վհատեցուց, այնպէս որ ասկէ վերջը ձեր տանը մէջ ոտք չեմ կրնար կոխել… պատմութիւնը երկար է, առանձին գտնուած ժ ամանակնիս կը պատմեմ քեզի… հօրդ ատամնաբուժութիւնը».
Իմ ատամնաբուժութի՜ւնս. ( Կը շարունակէ ):
« Ո ւրիշ տեղ մը որոշենք տեսնուելու համար, քեզի համար հալ ու մաշ կ՚ըլլամ, շատ կը սիրեմ զքեզ, լեզուովս չեմ կրնար բացատրել » …
Շատ կը սիրէ եղեր, շարունակենք:
«Ուր մնաց թէ գրչով: Նամակիս պատասխանը գրելու ո ր ըլլաս` տեղ մը իմացուր ինձի, որ հոն երթամ. հասցէն այսպ է ս ըլլա յ.
Առ Հ. Գ. Կ. Լ ԵՒՈՆ.
Սիրահարեալներու փողոց, թիւ 20
Ալ հիմա բոլոր կասկածները փարատեցան. հապա ստորագրութի ՞ ւնը… ( Կարդալ ջանալով ) Տ…ա…ր…փ…ած… տարփած… տարփածող… տարփածուդ… Լե… լե… ւոն…
Քիչ մ՚առաջ եկող ու ակռայի ցաւ ունիմ ըսողն ըլլալու է աս… ուրիշ ցաւ ունի եղեր… Աղջկանս առանց բան մը իմացնելու սա նամակին պատասխանը գրեմ… ու զինքը հոս հրաւիրեմ, աղուորիկ մը ծեծեմ: Զիս խա ՜ բել… բայց Երանեակին գիրին նմանեցնելու է… ժամանակ կորսնցունելու չգար… ( Կը գրէ ):
Տարփածուդ իմ Լեւոն Հ. Գ. Կ.
Նամակդ առի, շատ ուրախացայ: Ուստի ներկայիւս կ՚իմացնեմ, որ վաղը առաւօտ կանուխ եկուր, դուռը կը բանամ, կը նստինք կը խօսակցինք, երկար գրելու ժամանակ չունիմ:
ԵՐԱՆԵԱԿ
Առ Հ. Գ. Կ. Լ ԵՒՈՆ.
Սիրահարեալներու փողոց, թիւ 20
ՏԵՍԻԼ Դ.
ՆՈՅՆ եւ ՄԱՐԳԱՐ, դռնէն կը մտնէ
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Նի կ ոյին տամ որ տանի… Նիկո… Նիկո… Նիկո… Նիկո…
ՄԱՐԳԱՐ, յառաջ գալով
Ի՞նչ…
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ, ետեւը չնայելուն Նիկոն կարծելով
Առ սա նամակը… Ահ, դո՞ւք էք, պարոն Մարգար…
ՆԻԿՈ, մտնելով
Զի՞ս կանչեցիք, տէր…
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Ա՛ռ սա նամակը ու Սիրահարեալներու փողոցը տար:
ՆԻԿՈ
Սիրահարեալներու փողո՞… ո՞ւր է այ դ փողոցը…
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Տիկին Մարգրիտի տունը գիտե՞ս:
ՆԻԿՈ
Անիկա, որ առջի օրը հոս եկած էր:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Այո՛։
ՆԻԿՈ
Ակռան կը ցաւ է ր:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Ինքը:
ՆԻԿՈ
Վերջ է ն ինձի ալ ստակ տուաւ:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Ճիշտ:
ՆԻԿՈ
Որուն դուն այտերը շոյեցիր:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Ի՞նչ կ՚ըսես, թշուառական:
ՆԻԿՈ
Սխալ տուն մը չերթանք, տէր:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Անոր գնա. քեզի տեղ մը ցոյց պիտի տայ, հոն ձգէ նամակը եւ շուտով եկուր:
ՆԻԿՈ
Աղէկ, տէր: ( Կ՚երթայ ):
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
է՛հ, պարոն Մարգար, խ օ սէ՛ նայինք, ի՞նչ լուր ունիս… ազգային գործերը ի ՞ նչպէս կ՚երթան:
ՄԱՐԳԱՐ, մեկուսի
Ես որ իրեն հարսնիքի օր մը որոշելու համար եկայ, ինձի ազգային գործեր կը հարցնէ: ( Բարձր ) Շատ ցաւալի, պարոն… բայց ես կ՚ուզէի…
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Կ՚ըսեն թէ ժողովները օրինաւոր կերպով կը շարունակուին…
ՄԱՐԳԱՐ
Այնպէս է… մենք մեր գործին…
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Լսեցի թէ նիստերը կանոնաւոր կերպով կ՚ըլլան… իւրաքանչիւր անդամ իր աստիճանին յարմար տեղ կը նստի եղեր…
ՄԱՐԳԱՐ
Ես ալ անանկ լսեցի… ի՞նչ փոյթ մեզի, ինչպէս որ ուզեն թող նստին… ես եկայ որ…
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Մենք հայ չե՞նք, մենք ալ գիտնալու ենք թէ ի՛նչ է ըրածնին:
ՄԱՐԳԱՐ
Ըրածնին ի՞նչ պիտի ըլլայ, ոչինչ: Ամէն օր նորընտիր անդամներ, նորածին խնդիրներ, նորատիպ հրաւէրներ, անհատնում հրաժարականներ, անթիւ մերժումներ, անսպառ քուէներ, միլիոնաւոր զերոներ, ահա ասոնք են… մեզի ի՛նչ…
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
է՜հ, ասկեց աւելի ի՞նչ կ՚ուզէիր որ ընեն, ըսել է որ կ՚աշխատին:
ՄԱՐԳԱՐ
Քանի որ շաբաթը գոնէ անգամ մը կանոնաւոր ժողովք չունինք…
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Ինչո՞ւ ուրեմն այս երեսփոխանները չեն գար, միթէ ազգը չե՞ն սիրեր:
ՄԱՐԳԱՐ
Չկրնար ըլլալ, որ ազգը չսիրեն, հարկաւ իրենք ալ պատճառ մ՚ունին:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Կամ թէ ժողովուրդը չկրնա՞ր աղէկ ընտրութիւն ընել. լրագիրները ի՞նչ կ՚ըսեն:
ՄԱՐԳԱՐ
Ամէն բան կ՚ըսեն. Շար Մտածմանց անուն լրագիրը միշտ Պատրիարքարանի վրայ կը դարձընէ իր մտածութիւնը. եւ կը պոռա յ թէ մինչեւ որ ամսականաւ հմուտ անձինք չդրուին հոն` Սահմանադրութիւնը անգործադրելի պիտի մնայ: Ի պատասխանի այս մտածողութեան կ՚ըսեն` «Ստակ չկայ, ստակ չկայ». մինչդեռ ժողովուրդը ազգին բարելաւութեանը համար կը խոստանայ նպաստել: Մասիսն, իր բարձրակատար գագաթէն սէր եւ միութիւն կը պոռայ, ափսոս, որ այս բառերը դեռ շատերուն ականջը մտած չեն: Երբեմն ալ ստորոտէն ձայն կ՚արձակէ, կարծելով թէ անկէ դիւրութեամբ կը լսուի, դարձեալ չօգտեր. մեծ մասը ունկնախից կ՚անցնին անոր առջեւէն: Ծաղիկն քաղցրաբոյր, որ ամառ ձմեռ կը բացուի, եւ որուն ամէն մէկ կոկոնը ազգին լուսաւորութեան հիւթ կը պարունակէ, փթթելուն պէս կը սկսի անուշ անուշ բուրել, թէպէտ եւ քաղցր եւ ազդու է իր հոտը, բայց մեր ազգին մէջ մտքի հարբուխ շատ ըլլալուն պատճառով շատերը զուրկ են թէ իրմէ եւ թէ հոտէն: Ժամանակն ալ կ՚ըսէ, թէ ազգին յառաջադիմութիւնը ժամանակէ կախում ունի, ինչ օգուտ որ ըսելը գործադրել չէ: Բ այց կ՚աղաչեմ, ես ազգային գործերու վրայ օ ք խօսելու չեկայ, մասնաւորապէս…
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Չըսե՞ս որ հայութիւնը թշուառ կացութեան մէջ կը գտնուի այսօր…
ՄԱՐԳԱՐ
Այնպէս է: Մինչդեռ լուսաւորեալ ազգերը ազգի ազգի հնարքներով զանազան մեքենաներ կը շինեն եւ անոնցմով կը կատարեն անասուններուն տեսնելու գործը, մենք, հայքս, անասուններու վերաբերեալ գործերն անգամ ( կ՚ամչնամ ըսելու ) մեր վրայ կ՚առնենք: Մեր պանդուխտ եղբայրները ըսել կ՚ուզեմ, որ, բեռնակրութեան անտանելի լուծին երկնցնելով իրենց վիզը, հազիւ կրնան իրենց օրական ապրուստը ճարել, փողոցի մէջ, քարերու վրայ, գիշերն ալ պանդոկներու մէջ, հեռու հայրենիքէն… զուրկ ընտանիքէն, եւ թերեւս ոմանք ալ բոլորովին յուսաբեկ հայրենիք դառնալէն, ահ ու դողով կ՚անցընեն իրենց ժամերը. այսպիսի գթաշարժ տեսարանի մ՚առջեւ ո՞ր հայն կրնայ անտարբեր հանդիսատես մնալ: Որովհետեւ ազգին վիճակը իմանալ կ՚ուզես, բա՛ց ականջներդ, լսէ՛, խորհէ՛ եւ թո՛ղ աչքերէդ արտասուաց յորդառատ վտակներ իջնան ծնօտդ ի վայր. անոնց համար կը խօսիմ, վասնզի Հայաստանի զաւակունք են եւ հայրենիքը իր ազատութեան յոյսը անոնց բազուկներուն վրայ դրած է, այն բազուկներուն` որք այսօր տկարանալու վրայ են եւ թերեւս օր մը բոլորովին ոչնչանան հայրենեաց յուսոյ հետ:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Արդարեւ, իրաւացի են քո ւ խօսքերդ, պարոն Մարգար, եւ ինքզինքս երջանիկ կը համարիմ քեզի պէս ազգասէր փեսացու ունենալուս համար: Հապա չըսե՞ս ինձի թէ ինչ բանի կը ծառայէ Սահմանադրութիւնը:
ՄԱՐԳԱՐ
Սահմանադրութիւնը ծոյլ մարդու մը կը նմանի, որ եթէ ձեռքէն չբռնես, չքալեր, նստած տեղը կը մնայ, օր քան զօր կը տկարանայ եւ կը մեռնի: Աահմանադրութիւնը ի՞նչ կրնայ ընել ինք իր գլխուն, ոտք չունի, որ քալէ, երեսփոխանները պէտք է զանիկա քալեցնեն, անոնց ալ մեծ մասը տարին անգամ մը միայն ժողովքին ներկա յ կը գտնուին. ահա այսպէս է, պարոն Թափառնիկոս… բայց կ՚աղաչեմ, ուրիշ անգամուն թողունք այս խօսակցութիւնը: Քիչ մ՚առաջ եկած էի մեր հարսնիքի օր մը որոշելու համար ձեզի հետ խօսելու. շատ զբաղած էիք, հարկադրուեցայ երթալ, ուստի հիմա որ…
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Լաւ, որոշենք, բայց չգիտեմ թէ տիկինը պատրա՞ստ է:
ՄԱՐԳԱՐ, մեկուսի
Տիկինի՞ն հետ պիտի կարգ ու իմ ։ ( Բարձր ) Տիկինին համար պատրաստուելու հարկ չկայ, բաւական է որ դուք հաւանութիւն տաք:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Իրաւունք ունիք. տիկինին հետ ալ անգամ մը խորհրդակցելու էք, վասնզի իրեն աղջիկն է. թէպէտ եւ կէսը իմս է, բայց մայրերը կ'ուզեն միշտ աղջիկներուն գործակատարը կանգնիլ:
ՄԱՐԳԱՐ
Զարմանալի բան, ուրեմն երթամ տիկինին հետ խօսելու:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Վերջը կը տեսնուինք:
ՄԱՐԳԱՐ
Աղէկ ( Կ՚երթայ ):
ՏԵՍԻԼ Ե.
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ, ՆԻԿՈ, ԵՐԱՆԵԱԿ
ՆԻԿՈ, վազելով
Տարի, տէր իմ. ըսին, որ ինքը հոն չէ եւ թէ գալուն պէս պիտի յանձնեն:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Աղէկ։
ՆԻԿՈ
Ետ դարձած ժամանակս, նոյն փողոցին մէջ աղուորիկ կին մը պատուհանը նստեր էր, ձեռքովը կանչեց զիս, ես ալ գացի:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ, մեկուսի
Սոֆին ըլլալու է:
ՆԻԿՈ
Կոտրտուելով, բարակ ձայնով մը, Թափառնիկոսի ծառա՞ն ես, ըսաւ: Ծառան եմ, ըսի: Քեզի յանձնարարութիւն մը պիտի ընեմ, կ՚ընդունի՞ս, ըսաւ: Կ՚ընդունիմ, ըսի. ինչպէս ալ գրաբառ կ ը խօսի սատանան. ուրիշ անգամուն կանանց քով բառարանով երթալու է, շատ անգամ անհասկնալի խօսքեր թող կու տան բերաններէն: Քչիկ մը սպասէ, ըսաւ: Սպասեմ, ըսի. պատուհանէն աներեւութացաւ, ես ալ արձանի պէս փողոցին մէջ դրան առջին կը սպասէի: Քանի մը վայրկեանէն պատուհանէն երեւցաւ մեր բարակաձայն տիկինը, ձեռքը նամակ մը բռնած` առ, ըսաւ ցած ձայնով: Առնեմ, ըսի բարձր ձայնով: Մի՛ պոռար, ըսաւ, տղաս կը քնանայ, կ՚արթննա յ. Թափառնիկոսին տար, ըսաւ: Տանիմ, ըսի: Ըսէ որ, ըսաւ, ինձի թող գայ, իրեն խիստ կարեւոր խօսք մը ունիմ ըսելու, ըսաւ. ահա ես ալ ձեզի` թո՛ղ գայ կարեւոր խօսք մը պիտի ըսէ, կ՚ըսեմ ըսելով եկայ:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Թշուառական, խօսք մը հասկցնելու համար « Ը սեմ » բայը ամբողջ խոնարհեցիր:
ՆԻԿՈ
Ահա նամակը ( Կու տայ, կը մեկնի ):
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Նախ հասցէն կարդանք:
«Առ ՍԻՐԵՑԵԱԼԴ ԻՄ ՊԱՐՈՆ ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ, ԱՏԱՄՆԱԲՈՅԺՆ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ.
( Նամակը կը բանայ կը սկսի կարդալ )
Պատիւ ունիմ ներկայիւս քեզի իմացնելու, որ…
( Այս միջոցին Երանեակը կը մտնէ, Թափառնիկոս չտեսնելով զանիկա, կարդալը կը շարունակէ ):
«Այս գիշեր մեր տունը գաս, պարոն Թովմասը խաբենք ու պարահանդէս երթանք, շատ բազմութիւն պիտի ըլլայ հոն, կ՚աղաչեմ, մ՚ուշանար, շատ կը սիրեմ զքեզ, գալուդ պէս գնդասեղով մարմինէդ արիւն պիտի հանեմ:
ՍՈՖԻ»
ԵՐԱՆԵԱԿ, իւրովի
Ո՞վ է այս Սոֆին…
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Մարմինէս արիւն պիտի հանէ, հա՛, հա՛, հա՛, շատ սիրուն էակ մ՚է սա Սոֆին, ի՞նչ պզտտիկ ոտք ունի, որքան ալ գեղանի է, սոխակի պէս կը խօսի թշուառականը, տատրակի պէս կը նայի գարշելին, սիրամարգի նման ալ պճնասէր է սատանան, ազնիւ բնաւորութիւն մը ունի, անոր համար կը սիրիմ զինքը, եւ պիտի սիրեմ յաւիտեան. ըստ իս, բնութեան գեղեցկութիւնը դիմաց գեղեցկութենէ աւելի պաշտելի է. կեցցես Սոֆի… կը սիրեմ զքեզ ( Երանեակը տեսնելով աճապարանօք կը պահէ նամակը գրպանին մէջ ):
ԵՐԱՆԵԱԿ
Զո՞վ կը սիրէք, հայր իմ:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Առանց ինձի հարցնելու ինչո՞ւ համար ներս կը մտնես:
ԵՐԱՆԵԱԿ
Ես հիմա եկայ:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Նամակին պարունակութիւնը լսեցի՞ր:
ԵՐԱՆԵԱԿ
Չէ, հայրիկ: ( Մեկուսի ) Կեղծենք։
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Առեւտրական գործերու վրայօք տեղեկութիւն կու տայ:
ԵՐԱՆԵԱԿ, մեկուսի
Սիրոյ առուտուր: ( Բարձր ) Մտած ատենս մինակ սա չափը լսեցի «Կը սիրեմ զքեզ»:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Խելացի տղայ է, կը սիրեմ զինքը… միւս խօսքերը չլսեցի՞ր:
ԵՐԱՆԵԱԿ
Չէ՛, հայրիկ:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Ապրիս, աղջիկս, վասնզի աղջիկ մը պէտք չէ, որ ամէն տեսակ խօսքերու ունկնդիր ըլլա յ:
ԵՐԱՆԵԱԿ
Գիտէ՞ք, հայրիկ, առանձին կ՚ուզէի գտնալ ձեզ, որպէսզի ձեզի իմ սիրտս բանամ:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Բա՛ց նայիմ: ( Մեկուսի ) Կեղծենք:
ԵՐԱՆԵԱԿ
Առաւօտուն պատանի մը եկած էր հոս, որ ակռայի ցաւ ունէր:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Այո՛, եկած էր:
ԵՐԱՆԵԱԿ
Ինչպէ՞ս գտաք այն պարոնը:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Անիկա ինքնիրեն եկաւ:
ԵՐԱՆԵԱԿ
Այսինքն իր վարքը, դէմքը, գեղեցկութիւնը, խօսքը, ոտքը.,.
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Պարկեշտ տղու մը կը նմանի:
ԵՐԱՆԵԱԿ
Իմ նշանածէս աւելի խոհեմ, սիրուն, աղուոր, հագուստները նոր, սիրտը զգայուն, ոտքը պզտիկ, ձեռքը փափուկ…
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Չեմ հասկնար, ի՞նչ ըսել կ՚ուզես:
ԵՐԱՆԵԱԿ
Ըսել կ՚ուզեմ, թէ այսպիսի պատանի մը գտնուած ատեն ինչո՞ւ իմ սիրտս Մարգարի տամ:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Մարգարի յատկութիւնները այն պատանւոյն հ ագուստը, ոտքը կը գերազանցեն, Մարգարը ազգասէր է:
ԵՐԱՆԵԱԿ
Ը՛հ, ազգասէր, միշտ պատռտած հագուստներ կը հագնի:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Խոնարհ երիտասարդ մ՚է:
ԵՐԱՆԵԱԿ
Ը՛հ, խոնարհ, միշտ հին լաթերով կը պտըտի:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Խելացի տղայ մ՚է:
ԵՐԱՆԵԱԿ
Ը ՛հ, խելացի, նոր հագուստ մը տեսած չունիմ վրան:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Ի բարկութիւն մի ՛ հրապուր ե ր զիս:
ԵՐԱՆԵԱԿ
Ինչո՞ւ բարկութեան հրապուրեմ, չէ՞ք տեսներ, միշտ հին լաթերով կը պտըտի:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ, բարկութեամբ
Դուք կանայք նոր լաթերը ամուսիններէդ աւելի կը սիրէք, եւ անոնց քսակը կը պարպէք. խելքս չհասաւ եւ չպիտի հասնի… աս ի՞նչ շռայլութիւն է…: Դարուս օրիորդները աւելի նորութիւններու կը սիրահարին քան թէ երիտասարդներու, եւ երիտասարդութիւնը` այն ըղձալի հասակը, այս անիծեալ հագուստին կը զոհուի. խեղճ երիտասարդութիւն, ի՛նչ ժամանակի հասար: Մենք Զատկին նոր հագուստ մը շինել կու տանք, երկու երեք տարի անով կը բաւականանանք, տե՛ս սա գիշերուան հագուստս, Սահմանադրութեան առաջին տարեդարձին առած էի եւ դեռ կը հագնիմ, բայց դուք նորաձեւութիւն կ'ըսէք հագուստ կ՚առնէք, հնաձեւութիւն կ՚ըսէք լաթ կ՚ուզէք. ամուսիններնիդ չկենան առնեն. անկէ վերջը դաշտերու վրայ դրուած զօրականներու վրաններու պէս ահաւոր Մալաքոֆ ներու մէջ կը մտնէք, փողոցի վրայ անցորդները կ՚արգելուք, թէ՛ որ մէկը հագուստնիդ ոտքովը պատռէ, ծուռ ծուռ կը նայիք, եւ իրիկունը ամուսիններնուդ կ՚ըսէք, մէկը աւանակի պէս անցաւ, հագուստս պատռեց, ստակ տուր, վաղը ուրիշ մը առնեմ: ( Կ՚երգէ ):
Կանայք ասանկ են,
Միշտ նոր լաթ կ՚ուզեն,
Եւ թէ որ չառնես`
Պզտիկ տղու պէս,
Որ դեռ ծծէ կաթ,
Ես լաթ կ՚ուզեմ, լաթ
Կ՚ըսեն կը պոռան,
Կու լան ու կու լան:
Առտուանց կանուխ կ՚ըսէ լաթ լաթ լաթ,
Պառկելու ատեն պոռա յ լաթ լաթ լաթ:
Ամառը կու գայ դարձեալ լաթ լաթ լաթ.
Ձմեռ կը հասնի, բայց մ իշտ լաթ լաթ լաթ:
Դուն ալ հիմա ելեր, նշանածիդ հագուստներուն չես հաւնիր: Ես գիտեմ, յանցանքը իմս է, քեզի հետ միշտ անուշութեամբ վարուեցայ, եւ իբրեւ բարբարոս հայր մը ամէն մէկ խօսքդ ապտակով չվարձատրեցի. ուստի ալ ժամանակն հասաւ, պէտք է որ քաղցրութիւնը դառնութեան փոխուի. ահա վերջին խօսքս, Մարգարը պիտի սիրես:
ԵՐԱՆԵԱԿ
Անհնարին է ինձ զայն սիրել, քանի որ անդին լուսնոյ պէս երիտասարդ մը յափշտակեր է իմ սէրս:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Ինչո՞ւ յափշտակել տուիր:
ԵՐԱՆԵԱԿ
Սրտիս հարցուցէք, ինձի ի՞նչ կը հարցնէք:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Շուտ կորի առջեւէս, գնա՛, սենեակդ քաշուէ, անզգամ աղջիկ:
ԵՐԱՆԵԱԿ, մեկուսի
Ինքը որ այս հասակին մէջ ուրիշ կանանց կը քծնի: ( Բարձր ) Մարգարի հետ չպիտի կարգուիմ: ( Կ՚երթայ ):
ՏԵՍԻԼ Զ.
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ, վերջը ՆԻԿՈ
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Շուտով հագուիմ, իմ Սոֆիիս երթամ, գիշերը կը մօտենայ, սա նամակներն ալ գրպանս դնեմ երկուքն ալ, որուն մէկը Լեւոնին է, որ վաղը առտու պիտի գայ սիրահարութիւն ընելու ինձի հետ… փատով. միւսը Սոֆիիս, որուն հետ այս գիշեր պիտի սիրահարութիւն ընենք… լեզուով: ( Զանգակը կը զարնէ, Նիկո կը մտնէ ): Շուտ հագուստներս բեր, կարմիր ու ճերմակ ներկերն ալ միատեղ: ( Նիկո կ՚երթայ ) Սովորութիւն եղած է, ինչ ընեմ, հնազանդելու է. խնդալու բան, հա՛, հա ՛, հա՛, ինձի պէս մարդու մը երեսը ներկելը ճիշտ հին տուներու ճակատը ներկելու կը նմանի, որոնք դրսէն անցորդներուն ուշը կը գրաւեն, ներս մտնողներուն ալ ծիծաղը կը շարժեն:
ՆԻԿՈ
Հագուստներդ բերի, տէր:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Բռնէ հագնիմ։
ՆԻԿՈ, հակառակ կողմէն բռնելով, Թափառնիկոս չկրնար թեւերը գտնել
Հրամմեցէք տէր:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ, բարկութեամբ
Ո՞ւր են թեւերը։
ՆԻԿՈ
Ո՞ւր պիտի ըլլան, վրան են. կարծեցիր թէ գողցա՞յ:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ, ետեւը նայելով
Դեռ հագուստ մը բռնել չսորվեցար: Ասանկ բռնէ, ասանկ կեցիր ( Կը հագնի ): Հոս մտնելդ տիկինը տեսա՞ւ:
ՆԻԿՈ
Չէ, տէր իմ:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Դուռը գոցէ: ( Մեկուսի ) Չըլլայ որ մէկէն ի մէկ գա յ: ( Նիկո կը գոցէ ) Հիմա ալ երեսնիս նայինք: ( Հայելիի առջեւ կ՚երթայ ): Առաջ ճերմակը, վերջը կարմիրը ( Կը քսուի ): Տեսնողը տասնվեց տարու մէկը պիտի կարծէ: ( Նիկոյին դառնալով ) Ինչպէս… աղուորցա՞յ:
ՆԻԿՈ
Ըհ… կապիկի դարձար:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Պապանձէ՛, ոտքի ամաններս ո՞ւր են, բեր. ( Նիկո կը բերէ ): Շուտով հագուիմ երթամ. թէ որ զիս փնտռող մը ըլլայ, պատասխանէ թէ ծանր հիւանդի մը գնաց, եւ թէ այս գիշեր չպիտի գայ: Տիկինին բան մի՛ զուրցեր, կ՚իմանա՞ս. երբ որ հարցնէ քեզի, պատասխան տուր, թէ հիմա պիտի գայ. կամացուկ մը սա դուռը բաց, նայէ մարդ կա՞յ, ( Նիկո կը նայի ) առանց տիկինին իմացնելու կծիկը դնեմ. թէ որ իմանալու ըլլայ, դարձեալ պիտի կռուինք:
ՆԻԿՈ
Մարդ չկայ, տէ՛ր:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Ահա ես պիտի երթամ, կարելի է որ այս գիշեր չգամ, վաղ առտու կանուխ հոս պիտի գտնուիմ: ( Երթալու վրայ ):
ՏԵՍԻԼ է.
ՆՈՅՆՔ եւ ՄԱՐԹԱ
ՄԱՐԹԱ, դռնէն երեւնալով
Սիրելի ամուսինս… միւս խուցին մէջ միս մինակ նստելէն սիրտս նեղացաւ, ելնեմ, ըսի, ամուսնոյս քովն երթամ… հագու ե ՜ր ես… իրիկուն եղաւ… ինչո՞ւ համար:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Թո՛ղ, Աստուած սիրես. մեզի համար հանգստութիւն չկայ. բժիշկ չե՞ս, ամէնուն ծառան ես: Այս գիշեր, որ քիչ մը հ անգչել կ՚ուզէի, փափաքս ի դերեւ ելաւ. հիմա նամակ մը ստացայ, որուն մէջ կը գրեն թէ անպատճառ երթամ, մէկը ակռային ցաւէն բռնուած ըլլալուն, շաբաթ մ՚է որ գիշերներ ը չքնանար… թէ որ չերթամ մեղք է:
ՄԱՐԹԱ, մեկուսի
Սուտ կը խօսի: ( Բարձր ) Հապա աղուորցեր ես:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Տէր ողորմեա՜. առաջ տգե՞ղ էի:
ՄԱՐԹԱ
Կ՚աղաչեմ քեզի, այս գիշեր մ՚երթար:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Կու գան բռնի կ՚առնեն կը տանին:
ՄԱՐԹԱ
Ոչ, այս անգամ ալ իմ խօսքս թող ըլլայ:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Տղու մը պէս կը խօսիս, տիկին. գործս մ՚արգելուր ( Երթալու վրայ ):
ՄԱՐԹԱ, հագուստէն բռնելով
Ո՛չ, չպիտի երթաս:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Ալ չափն անցուցիր, քաղցրութեամբ կը խօսիմ չես հասկնար, թէ որ անգամ մ՚ալ բարկութեան դէմքս առնեմ:
ՄԱՐԹԱ
Միտքդ ի՞նչ է, յայտնէ ինձի:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Թո՛ղ զիս, հիւանդի պիտի երթամ:
ՄԱՐԹԱ, միշտ Թափառնիկոսը արգիլելով
Չպիտի երթաս. ես ալ հիւանդ եմ:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Կորի՛ սըկէ, ցնդա՛ծ պառաւ:
ՄԱՐԹԱ
Ցնդա՛ծ պառա՜ւ… ցնդած պառաւ. մոռցա՞ր որ իմ ստակովս մարդ եղար:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Գետինը անցնիս. ես զղջացայ քեզի հետ կարգուելուս:
ՄԱՐԹԱ
Զղջացար, ստակներս ինչո՞ւ կերար. տո՛ւր ստակներս, բաժնուինք:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Բարկութեանս ամանը լեցաւ:
ՄԱՐԹԱ
Կարծես թէ իմինս պարա՞պ է, տո՛ւր ստակները, վերջացնենք խաղը:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Ոչ ստակներդ կու տամ, ոչ ալ քու խօսքդ մտիկ կ՚ընեմ:
ՄԱՐԹԱ
Այս խաղն ալ չլմննար:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Թո՛ղ չլմննայ, հին գ արարուած ըլլայ, երկրորդին մէջն ենք:
ՄԱՐԹԱ
Այն արարուածները քթէդ բերնէդ պիտի հանեմ:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Վերջապէս պիտի լռե՞ս:
ՄԱՐԹԱ
Չպիտի լռեմ, դուն իմ ստակովս համբաւ ստացար, տուր ստակներս, ուր որ ուզես, հոն գնա՛:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Սա չուանը տո՛ւր, Նիկո… տեսնես հիմա ստակները… ոտքերդ կապեմ, որ հասկնաս… ( Նիկո չուանը կը տայ, Թափառնիկոս կապել կ՚ուզէ, Մարթա չթողուր ): Պիտի կապեմ եւ անանկ պիտի երթամ, անիծեալ ըլլաս, անօրէն կին: ( Մեկուսի ) Տէր Աստուած, մեղայ, տէր Աստուած:
ՄԱՐԹԱ
Աստուած պատիժդ տա յ: ( Մեկուսի ) Սուրբ Աստուածածին, դուն մեղք մի՛ գրեր:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Դեռ պիտի պոռա՞ս:
ՄԱՐԹԱ
Ստակովս մարդ եղար:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Սատկի՛ս: ( Մեկուսի ) Տէր ողորմեա, տէր ողորմեա՜:
ՄԱՐԹԱ
Դո՛ւն սատկէ: ( Մեկուսի ) Սուրբ Աստուածածին, մեղք մի՛ գրեր:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Աշխարհի առջեւ ծաղր ու ծանակ պիտի ըլլանք. քրէական յանցանք մը գործեցի քեզի հետ ամուսնանալուս:
ՄԱՐԹԱ
Ստակներս տուր:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Շունչդ կտրի: ( Մեկուսի ) Մեղայ, մեղայ:
ՄԱՐԹԱ
Ստակովս մարդ եղար:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Ստակդ գետնին տակը անցնի:
ՄԱՐԹԱ
Քեզի հետ մէկտեղ:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ, վրան երթալով
Կեցիր, խայտառակ, հասկցնեմ քեզի, թէ ինչ է էրիկ մը. ( Կը պառկեցնէ, ոտքերը կը կապէ ) ա՛հ. հիմա պառկէ, որ ես ալ երթամ ( Կ՚երթայ ):
ՆԻԿՈ, բարձրաձայն կը խնդայ
Ասոնք ալ ամէն օր կռիւ պիտի ընեն:
ՄԱՐԹԱ
Օգնութեան հասէք:
ՆԻԿՈ
Ձը, ձը, ձը, ինչ բան:
ՄԱՐԹԱ
Եկո՛ւր քակէ սա կապը, ոհ, չեմ կրնար դիմանալ, ջիղերս կը քաշուին, ի՞նչ մեղք գործեցի Աստուծոյ դէմ, որ ասանկ կը տանջուիմ… ա՜հ, կանայք թշուառ են, իմ ծեր հասակիս մէջ հետս այսպէս գազանաբար վարուի… ( Լալով ) Երանեակ… Երանեակ…
ՆԻԿՈ, դուռը բանալ ուզելով
Դրսէն կղպեր է… Օգնութի՜ւն…
ՄԱՐԹԱ
Մարգար, Երանեակ…
ՆԻԿՈ
Օգնո ւ թի՜ւն… օգնութի՜ւն:
ՄԱՐԹԱ
Չեն լսեր, ուժ չմնաց վրաս… աչքերս կը մթագնին. թմրութիւն կու գայ վրաս… ահա կը մարիմ. ( Կ՚իյնայ ) կը մեռնիմ… ձեռներս…
ՆԻԿՈ
Տիկին, ի՞նչ կ՚ըլլաս… օգնութի՜ւն… ինչո՞ւ պառկեցար, տիկին… օգնութի՜ւն ( Ասդիս անդին վազւըռտելով ): Մի՛ վախնար, տիկին, հոս եմ… օգնութի՜ւն… հիմա կ՚անցնի, բան մը չէ… ձայն չհաներ. ( Պոռալով ) օգնութի՜ւն… ուժդ ժողվէ, տիկին… ( Դրան ծակէն դուրս կը պոռայ ): Օգնութի՜ւն, տիկինը պիտի մեռնի, մեռաւ… կը մեռնի…
ՏԵՍԻԼ Ը.
ՆՈՅՆՔ եւ ԵՐԱՆԵԱԿ
ԵՐԱՆԵԱԿ, շփոթած դուռը կը բանայ
Ի՞նչ պատահեցաւ:
ՆԻԿՈ
Չե՞ս տեսներ… տիկինը կը մեռնիմ, ըսաւ, ի՞նչ գիտնամ, սո՞ւտ է, ճշմարի՞տ է:
ԵՐԱՆԵԱԿ, լալով մօրը քով կ՚երթայ
Ի՞նչ ունիս, մայրիկ… սուրբ Աստուածածին, մարմինը պաղ է… քիչ մը ջուր, ջուր, ջուր, ջուր, աւանակի պէս ինչո՞ւ կեցեր ես, ջուր, ջուր, ջուր:
ՆԻԿՈ, վազելով
Ջուր, ջուր, ջուր, կարծես թէ տունը կը բռնկի. մեռած մարդուն ջուրը ի՞նչ կ՚օգնէ:
ԵՐԱՆԵԱԿ
Բա՛ց աչքերդ, մայրիկ, բա՛ց, ես եմ քովդ նստողը, քու աղջիկդ Երանեակն է, ա՛հ, մայրիկ, մայրիկ, ( Լալով ) ինչո՞ւ չես պատասխաներ, մարմինը որքան պաղ է:
ՆԻԿՈ, վազելով կու գայ
Ջուր չկայ. ( Կը թքնէ Մարթային երեսը ) պարապ տեղը մի ՛ լար, օրիորդ, թէ որ մեռած չըլլար պատասխան կու տար:
ԵՐԱՆԵԱԿ
Սեղանին վրայ անուշադրի ոգի կայ, բեր:
ՆԻԿՈ
Լուսահոգին կոտրեր է աս առտու:
ԵՐԱՆԵԱԿ, վազելով սեղանին վրայէն շիշ մը կ՚առնէ մօրը քիթը կը բռնէ
Ասով, հիմա…
ՄԱՐԹԱ, սթափելով
Ի՞նչ է… ինչո՞ւ քովս…
ԵՐԱՆԵԱԿ
Բան մը չկայ, մայրիկ։
ՄԱՐԹԱ
Ո՞ւր գնաց հայրդ:
ԵՐԱՆԵԱԿ
Չգիտեմ:
ՆԻԿՈ
Հիմա պիտի գայ:
ՄԱՐԹԱ
Ա՛հ, բարբարոս մարդ. տես ինչ վիճակի մէջ թողուց զիս:
ԵՐԱՆԵԱԿ
Աթոռի վրայ նստէ, մայրիկ… ահ, աս ինչ է… ոտքերդ կապուած…
ՄԱՐԹԱ
Ինքը կապեց ու գնաց:
ՆԻԿՈ
Հիմա պիտի գայ:
ԵՐԱՆԵԱԿ
Ես գիտեմ ուր գնաց: ( Մօրը ոտքը քակելով ):
ՄԱՐԹԱ
Գիտե՞ս ուր գնաց:
ՆԻԿՈ
Հիմա պիտի գայ: ( Կ՚երթայ ):
ՄԱՐԹԱ, աթոռի վրայ նստած
Զուրցէ՛, Երանեակ, վրէժ պիտի լուծեմ իրմէ, վրէժ:
ԵՐԱՆԵԱԿ
Քիչ մը առաջ հոս մտած ժամանակս նամակ մը կը կարդար, Սոֆի անուն տիկինէ մը ուղղեալ ու սէր բառերով տողեալ:
ՄԱՐԹԱ
Գիտէի որ կին մը կը սիրէ, բայց ո՞վ ըլլալը չիմացայ մինչեւ հիմա:
ԵՐԱՆԵԱԿ
Անիկա, որ մտնելս չտեսաւ, կ՚ըսէր «Սոխակի պէս կը խօսի, տատրակի պէս կը նայի, սիրամարգի պէս պճնաս է ր է »:
ՄԱՐԹԱ
Շարունակէ՛:
ԵՐԱՆԵԱԿ
Եւ թէ այն կինը հօրս մարմին է ն արիւն պիտի հանէ եղեր:
ՄԱՐԹԱ
Թող հանէ, թող հանէ, որ հասկնայ:
ԵՐԱՆԵԱԿ
Գնդասեղով:
ՄԱՐԹԱ
Գնդասեղո՞վ:
ԵՐԱՆԵԱԿ
Եւ այս գիշեր ալ պարահանդէս պիտի երթան զուարճանալու համար:
ՄԱՐԹԱ
Ի ՞ նչպէս կրնանք սոր վ իլ այս Սոֆիին տունը:
ԵՐԱՆԵԱԿ
Նիկոյէ ն, նամակը անիկա բերաւ. կանչենք զինքը հարցնենք. Նիկո, Նիկո:
ՆԻԿՈ
Եկայ:
ՄԱՐԹԱ
Պարոն Թափառնիկոսը ո՞ւր գնաց:
ՆԻԿՈ
Հիմա պիտի գայ:
ՄԱՐԹԱ
Ո՞ւր գնաց:
ՆԻԿՈ
Չեմ գիտեր ուր երթալը, բայց… հիմա պիտի գայ…
ՄԱՐԹԱ
Նամակը ո ՞ ւրկէ բերիր:
ՆԻԿՈ
Ին՛չ ըսեմ, տիկին… հիմա պիտի գայ:
ԵՐԱՆԵԱԿ
Աս ապուշն ալ խօսք չհասկնար:
ՆԻԿՈ
Հիմա պիտի գայ, օրիորդ:
ԵՐԱՆԵԱԿ
Նամակը ո ՞ ւրկէ առիր:
ՆԻԿՈ
Սիրահարեալ… նե… րու… փողոցէն:
ԵՐԱՆԵԱԿ
Ի նչո՞ւ համար հոն գացիր:
ՆԻԿՈ
Նամակ մը տարի:
ԵՐԱՆԵԱԿ
Որի՞ն:
ՆԻԿՈ
Թիւ 20… Թափառնիկոսը հիմա պիտի գայ:
ԵՐԱՆԵԱԿ, մեկուսի
Թիւ 20: Լեւոնին տունը… ( Բարձր ) նամակը ո՞վ տուաւ:
ՆԻԿՈ
Չեմ ճանչնար, կնիկ մը տուաւ, առ ասիկա Թափառնիկոսին տար, ըսաւ, ես ալ բերի:
ՄԱՐԹԱ
Այն կնկան տունը գիտե՞ս:
ՆԻԿՈ
Գիտեմ, տիկին, գիտեմ:
ԵՐԱՆԵԱԿ
Հապա թիւ 20 տունը ո՞վ կար:
ՆԻԿՈ
Ան տունը… ան տունը… չեմ յիշեր ո՞վ կար… շատ բաներ կային, բայց միտքս չէ:
ԵՐԱՆԵԱԿ, մեկուսի
Ի՞նչ պիտի ըլլայ արդեօք… Լեւոնը սատանայութիւն մը ըրած է, ակռայի ցաւ ունիմ ըսելով… ասիկա ալ դեղ տարած ըլլալու է:
ՄԱՐԹԱ
Պէտք է որ երթամ գտնեմ զիրենք, բայց այս հագուստներովս պարահանդէսի մէջ կը ճանչցուիմ: Էրիկ մարդու կերպարանք մտնեմ… այո՛, ժամանակ չկորսնցնենք, գիշերը կը մօտենա յ: ( Կ՚երթայ, Նիկո ալ ետեւէն ):
ՏԵՍԻԼ Թ.
ԵՐԱՆԵԱԿ, վերջը ՄԱՐԳԱՐ
ԵՐԱՆԵԱԿ
Այս գիշեր միս մինակ պիտի մնամ տան մէջ. այս առանձնութենէն օգուտ քաղելու է: Մէկը գտնեմ Լեւոնիկիս ղրկեմ, իմացնելով որ ամենայն դիւրութեամբ կրնայ հոս գալ ու հետս խօսակցիլ: Իւրաքանչիւր ոք իր գործին ելնելուն կը նայի. ես ալ ինչ ընեմ, այս աշխարհի վրայ ամէնը ամէնը մէկ սիրական մը ունիմ: Դեռ ամիս մը չեղաւ Փարիզէն դառնալը, այսքան ալ շուտ սիրտս գրաւեց… այնպէս որ Մարգարէն բոլորովին պաղեցայ. ի վերա յ այսր Փարիզի մէջ կրթուող երիտասարդները սիրելու կերպն աղէկ կը սորվին: Պոլսեցիներ է ն շատ վարպետ են այս մասին. հարկաւ աղէկ պիտի սորվին, քանի որ հոն սիրելու արուեստ անունով գիրքեր կը տպուին:
ՄԱՐԳԱՐ
Դուն հոս մինա՜կ, Երանեակ:
ԵՐԱՆԵԱԿ, մեկուսի
Եկաւ: ( Բարձր ) Մինակ:
ՄԱՐԳԱՐ
Ի՞նչ ըրիր:
ԵՐԱՆԵԱԿ
Ոչինչ։
ՄԱՐԳԱՐ
Ձեռքդ երկնցո՛ւր տեսնեմ, դուն այսքան աղմկոտ չէիր, ի՞նչ եղեր ես… ձեռքդ տո՛ւր նայիմ:
ԵՐԱՆԵԱԿ
Ձեռքս աղտոտ է:
ՄԱՐԳԱՐ
Մօտ եկո՛ւր, համբոյր մը տպեմ երեսդ:
ԵՐԱՆԵԱԿ
Իմ երեսս տպարան չէ:
ՄԱՐԳԱՐ
Թերեւս աղջիկները աս տեսակ ծանր վարքով կ'ուզեն զիրենք սուղ ծախել… վնաս չունի… ո՜հ, Երանեակ, կը խնդացնես զիս, դուն ծախուած ես, եկուր քովէ քով նստինք… այս գիշեր հոս պիտի մնամ, հարսնիքի օր մը պիտի որոշենք հօրդ հետ… բայց հայրդ ո՞ւր է…
ԵՐԱՆԵԱԿ
Չգիտեմ:
ՏԵՍԻԼ Ժ.
ՆՈՅՆՔ, ՄԱՐԹԱ, էրիկ մարդու հագուստով
ՄԱՐԹԱ, արտորնօք գալով
Ահա պատրաստուեցայ:
ՄԱՐԳԱՐ
Աս ի՛նչ կերպարանք է, տիկին:
ՄԱՐԹԱ
Որովհետեւ մեր փեսացուն ես…
ԵՐԱՆԵԱԿ, մեկուսի
Աստուած չընէ…
ՄԱՐԹԱ
Քեզի ամէն բան կը յայտնեմ:
ՄԱՐԳԱՐ
Զրուցէ, վասնզի կը դողդղամ…
ԵՐԱՆԵԱԿ, մեկուսի
Ցրտէն:
ՄԱՐԳԱՐ
Արդեօք դժբախտութի՞ւն մը պիտի լսեմ. արդէն Երանեակի տխրադէմ կենալը ինձի գուշակել կը տար… բայց… ի՞նչ պատահեցաւ:
ՄԱՐԹԱ
Ահա բարձրաձայն կ՚ըսեմ, Թափառնիկոսը Սոֆի անունով կին մը կը սիրէ:
ՄԱՐԳԱՐ
Կարելի՞ է որ…
ՄԱՐԹԱ
Կարելի է. եւ այս ժամուն անոր տունը կը գտնուի, մէկ երկու ժամէն պարահանդէս պիտի երթան. դիտմամբ այս կերպարանքն առի, որպէսզի չճանչցուիմ, ձեզի ալ կ՚աղաչեմ որ ընկերանաք ինձի:
ՄԱՐԳԱՐ
Անհաւատալի կը թուի որ…
ՄԱՐԹԱ
Հաւտացէք, շատոնց գիտէի սիրուհի մը ունենալ ը. բայց ո՞ւր եւ ո՞վ ըլլալը մինչեւ այսօր չէի իմացեր, ահա հիմա ամէն բան երեւան եկաւ, ժամանակ կորսնցնելու չգար: ( Նիկո կը մտնէ լապտեր մը բռնած ) Եւ դուն, Երանեակ, դուռը լաւ մը կղպէ, սենեակդ մտի՛ր, թէ որ կը վախնաս` դրացիին գնա, հոն նստէ մինչեւ որ դառնանք:
ԵՐԱՆԵԱԿ
Չէ, մայրիկ, չեմ վախնար, հոս կը նստիմ, ես հիմակուան նորելուկ աղջիկներէն չեմ, որ մուկէն անգամ կը վախնան:
ՄԱՐԳԱՐ
Շատ ուրախ եմ, որ այսպիսի քաջասիրտ օրիորդի մը գլխուն պիտի դպցնեմ գլխուս:
ԵՐԱՆԵԱԿ, մեկուսի
Գլուխդ չորնայ: ( Կ՚երթայ ):
ՄԱՐԹԱ
Ապրի՜ս, աղջիկս…
ՄԱՐԳԱՐ
Շատ հեզ բնաւորութիւն ունի:
ՄԱՐԹԱ
Եւ ո՜վ կրթեց զինքը, եթէ ոչ իր մայրը, որ իր խիստ բնաւորութեամբը աղջիկը դաստիարակեց. կարգը հիմա հօրն եկաւ, անիկա ալ աղէկ մը կրթեմ, կանանց օրինակ ըլլամ, տեսնեն թէ կի՞ն մը աւելի զօրաւոր է, թէ էրիկ մը: Չէք կրնար երեւակայել, կատակերգութիւն պիտի խաղանք, կ՚ըսէ, երկրորդին մէջն ենք կ՚ըսէ, հիմա ալ ես պիտի սկսիմ երրորդ արարուածին. երթանք: ( Կ՚երթան ):