Гевонд Алишан

Յուշիկք հայրենեաց Հայոց

Յանուարի 6 ի Հայս

ՏԱՐՒՈՅՆ առաջին ամիսն` մեր կիսագնտին վրայ, գրեթէ ամեն տեղ ըստ կերպարանաց բնութեան տխուր է, քիչ շատ ձմեռն ըլլալով․ զոր միայն քաղաքական եւ եկեղեցական տօնք կու մխիթարեն եւ յիշատակք անցելոց կու զբօսեցընեն։ Այս ամիս մեր Հայաստան աշխարհին երեսն այլ ամենէն սգակերպ եւ ծանր երեւոյթներէն մէկը կ՚ընծայէ, գրեթէ բոլորովին ձիւնով եւ սառնամանեօք ծածկուած․ ձմեռն հոն իր աթոռոյն վրայ անշարժ կ՚երեւի, կամ բուքերով երկինք երկիր մրրկելով, կամ թէ եւ պարզ ընէ` անանկ չոր եւ բարակ ցուրտ մը կու տարածէ օդուն մէջ, որ կարծես թէ արեւ` իր պայծառութիւնը միայն պահեր եւ կրակը մարեր է։ Հա՞պա գիշերը․ երբ չորացած սառնապատ ծառոց միջէն սարսռալի օձասուլիկ պախրցին կամ արեւելեան հովն, գոգաւոր ձորակներու մէջ որոտալով այն երկայն վայերը վույերը լսեցընէ՞։ … Գոցեցէ՛ք գոցեցէ՛ք դուռն ու երդիք, ամեն ճեղք ու ծակտիք։ Ո՛հ, ի՜նչ քաղցր է, Հայկակ, շարուիլ նստիլ ամրածածուկ ձեղուան մը տակ, թէ եւ հողէ ըլլայ, կարմրաբոց փռան կամ թոնրի մը եզերք, եւ 14 15 ժամ երկայն գիշերուան քառորդ մաս մը անցեալ դիպուածոց, եւ մանաւանդ հայրենեաց, ամսոյն նոյնաթիւ օրերուն մէջ հանդիպած բաները զրուցելով վիպասանելով անցընել։ Ո՜րչափ ցանկալի էր մեզի այլ եկեղեցականին հետ քաղաքական եւ ազգային Յայսմաւուրք կամ Հայադիր մ՚ունենալ․ առաւօտը զայն կարդալ, իրիկունը ասով զբօսնուլ կրակին բոլորտիքը։

Յանուար ամսոյս մէջ գիշեր մը եւ օր մը կայ, զոր Հայն գրեթէ ամեն ազգէ աւելի մեծահանդէս կ՚անցընէ, եւ չի կրնար տան մէջ արգիլեալ մնալ, այն որ ձմեռ չկայ, փոթորիկը կութողու, ձիւն բուք կ՚արհամարհէ, դուրս կ՚ելլէ, կու փութայ յեկեղեցի, Աստուածայայտնութեան տօնը կատարելու, եւ եռանդեամբ ցատքըտելով թզաչափ թանձր սառեր անգամ կու կոտորէ, թմրած պաղած ջուրը կ՚արթընցընէ, մէջը կու մտնէ` քրիստոսանիշ խաչին կնքահայր ըլլալու ։

Այդ մեծ տօնին օրը սովորական հանդէսներէն զատ` շատ նշանաւոր դէպք այլ հանդիպած են մեր նախնեաց ատեն․ որոց մէկ քանին յիշենք այս իրիկուն մեր ընտանի կրակարանին եզերքը բոլորած, թողլով վիպասանից զանոնք բանազարդելու, եւ գուսանաց` երգելու։ Յիշելու դէպքերէս շատն հանդիպած է մեզմէ 800 եւ աւելի տարի առաջ, ԺԱ դարուն երկրորդ քառորդին, մեր Պետրոս կաթողիկոսին օրերը․ որ այն դէպքերուն գլխաւորին պատճառաւ` Գետադարձ ըսուեցաւ․ եւ թէպէտ քիչ մը չափէն աւելի ազգասէրք եւ չափէն պակաս յունասէրք այլայլեր են եղածին պատմութիւնը, բայց անհիմն չերեւիր իր պարզ եւ հին վկայութեանը մէջ։ Եթէ Պետրոս կաթողիկոսի աջն հրաշագործ չէր, իր ձեռքը եղած խաչն իրմէ առաջ այլ շատ հրաշքներ ցուցեր էր․ մենք կու սիրեմք Պետրոսի պերճախօսիկ շարականները, բայց չեմք կրնար գովել իր պերճասէր հնարքները, որովք եկեղեցիէն աւելի քաղաքական տեսութեանց մէջ անուն թողած է։ Իր քառասնամեայ հոգեւոր տիրութեան առաջին տարիները` Անի թագաւորաբնակ քաղաքին մէջ կու նստէր, եւ երկրորդ թագաւորի մը պէս փառօք կու փայլէր, 500 մեծ գեղերու տէր ըլլալով, եւ հայրապետանոցին մէջ կամ իր հետ քանի մը վարդապետ, 12 եպիսկոպոս, 60 կրօնաւոր քահանայ եւ 500 աշխարհիկ երէց պահելով․ իսկ իշխանութեանը տակ կային 500 եպիսկոպոս կամ թեմ, որ թէ եւ չափազանց երեւի, գոնէ եղածին կրկնէին աւելի չէ։ Ընդդիմակ բանն այս է, որ որչափ այն Հայոց կաթուղիկոսն իշխանասէր կ՚երեւար, ժամանակակից թագաւորն այլ` Յովհաննէս – Սմբատ` իմաստասէր էր․ երկուքն այլ խորագէտ, որով երբեմն համաձայն` երբեմն հակառակք իրարու։ … Բայց ի՞նչ պէտք է մեզի հիմա ծաղկած եւ վաճառաշահ մայրաքաղաքի մը մեծերուն քաղաքական գաղտնիքը քննել․ մինչդեռ չորս դին համբաւ կու հնչէ` թէ մեծազօր կայսրն Վասիլ Կ․ Պօլսէն ելեր եւ շատ զօրօք կու գայ ի Պոնտոս․ կ՚անցնի ի Տայս, Վրաց թագաւորէն պահանջելու այն երկիրները` զոր Դաւիթ կիւրապաղատն Տայոց թողեր էր կայսեր, եւ Վրացին կորզեր էր։ Շրջակայ թագաւորք եւ ազատագլուխ իշխանք վախով կամ պատուով կու փութան կայսեր առջեւ․ մեր բագրատունի թագաւորն Յովհաննէս Սմբատ, ոչ այնքան թանձրամսութեանն համար կու դանդաղի եւ չի շարժիր, որչափ մեծամտութեամբն չուզեր Հայոց իշխանութեանց մէջ իր նախապատիւ աթոռը նուաստացընել, եւ իր դրացի մանրիկ թագաւորաց նմանիլ․ բայց` անոնցմէ, եւ ինչուան իր եղբօրէն, եւ այլ աւելի կայսեր սպառնալից յօնից համբաւէն կասկածելով, իր տեղ անոր երեսը պատուելու կ՚ուղարկէ զՊետրոս կաթողիկոս։ Սա իր եկեղեցական հետեւողաց եւ սպասաւորաց հետ` արքունի դրան մարդիկ եւ զինուորական գունդ առած, իբրեւ երկթագեան իշխանապետ մը` կ՚ելլէ կայսեր դիմաց, անոր ձմերոցը` ի Պոնտոս․ եւ ըստ արժանւոյն պատուելով եւ պատուըւելով, կու հրաւիրուի մերձակայ Աստուածայայտնութեան տօնին օր ջրօրհնեաց հանդէսը կատարել․ ըստ ոմանց Ճորոխ գետոյն վրայ, այլ հաւանօրէն ըստ այլոց` Տրապիզոնի գետակին վրայ։ Յետ աղօթից եւ օրհնութեանց` երբ միւռոնը կու թափէ ի ջուրն` եւ մէջը կու ձգէ այն խաչը` որ մասն ունէր ի բուն փրկչական խաչէն, եւ ի Ս․ Սեղբեստրոսէ ընծայուած էր առ Լուսաւորիչն մեր, յանկարծ ջրէն լուսոյ ցնցուղք կու ծագեն, ի զարմանս ամենեցուն եւ ի մասնաւոր պարծանս Հայոց։ Այս է պարզ եւ ստուգագոյն պատմութիւնն` զոր ժամանակակիցն Արիստակէս Լաստիվարտցին պատմէ, եւ իրմէ առած Վարդան այլք․ որք ոչ քաղաքը յիշեն եւ ոչ գետոյն անունը, եւ ոչ ասոր ջրոց յետս ի վեր դառնալը, ինչպէս կ՚ըսեն Կիրակոս եւ այլք։ Վանայ Վարագայ վանքը պարտողն տեսած է հոն Պետրոս կաթողիկոսի գերեզմանը այսու արձանագրութեամբ․ «Թւին ԳՃՀԱ։ ԱՅՍ Է ՀԱՆԳԻՍՏ «ՏԵԱՌՆ ՊԵՏՐՈՍԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ․ ՈՐ Ի ՏՐԱՊԻԶՈՆ «ԶԳԵՏՆ ՃՐՈԽ ԱՐԳԵԼԱՑ ԱՌԱՋԻ ՎԱՍԻԼ ԱՐՔԱՅԻՆ»։ Այս արձանագիրս կաթողիկոսին մահուան ժամանակակից չէ․ վասն զի ինքն այդ թուականէն շատ տարի վերջը վախճանեցաւ ի Սեբաստիա, եւ հոն այլ ի Ս․ Նշան վանս կայ անոր գերեզմանն․ ըսել է որ նշխարաց մէկ մասն փոխադրուեր է ի Վարագ, ուր երբեմն նստէր, եւ գերեզմանին վրայ գրուեր է ջրօրհնեաց հրաշից թուականն, որ եւ է ստուգիւ 471 (ԳՃՀԱ) Հայոց թուականն (1022 23 ամ Քրիստոսի)․ թուականը այսպէս կու համեմատեմք, բայց Ճրոխ (կարդա՛ Ճորոխ) գետը չեմք կրնար Տրապիզոնի մոտեցնել, վասն զի լեռներով զատուած եւ շատ հեռու են իրարմէ․ ուրեմն յայտնի սխալ կայ ատոր մէջ, եւ վերջին ժամանակի արձանագրութիւն մ՚է։ Զայն այլ թողլով հանդերձ յօդուածոց պատմութեամբք, կարդամք գլխաւոր դիպուածին մէկ ճոխաբան գրուած նկարագրութիւնը, որոյ հեղինակն մեր ծանօթ պատմիչներէն չէ, եւ քիչ մը ճամարտակող եւ ճակատամարտող է։

Եւ գնացեալ կաթուղիկոսն առ կայսրն ի Տրապիզոն, ունելով ընդ իւր եպիսկոպոսունս երկոտասան եւ եօթանասուն քահանայս յաբեղայից․ եւ երկու բանիբուն վարդապետս, զբազմիմաստն զՅովսէփ Հընծուցն, եւ զքաջն եւ զանյաղթն զԿոզեռն Յովհաննէս․ այլ եւ ի զինուորական դասէն եւ յաւագաց արս․ երեք հարիւր։ Եւ առեալ ի թագաւորական տանէն գանձս ոսկւոյ եւ արծաթոյ, ձիս եւ ջորիս։ Զոր տեսեալ ինքնակալն Վասիլ զՏէր Պետրոս հայրապետն` յոյժ ուրախացաւ․ քանզի համբաւ առաքինութեան նորա եւ վարուց սրբութեան` հասեալ էր յառաջագոյն առ թագաւորն։ Վասն զի էր սքանչելի այր, լի ամենայն բարի մասամբ, եւ ունէր շնորհ իմն աստուածական բժշկելոյ զախտաժէտս եւ հալածելոյ զդեւս։ Վասն որոյ եւ Վասիլ գերագոյն մեծարեաց զնա քան զամենայն պատրիարքունս Յունաց․ եւ լրջամտութեամբ ընկալաւ զբերեալ ընծայս նորա․ եւ մեծաշուք փառօք պատիւ արարեալ եպիսկոպոսացն եւ ազատացն` որ ընդ նմա էին։ … եւ ի նոյն աւուրսն եհաս տօնն ծննդեանն եւ յայտնութեանն Քրիստոսի․ եւ ել ամենայն զօրօքն իւրվք եւ քահանայիւք յօրհնել զջուրն։ Կոչեաց եւ զկաթողիկոսն Հայոց իւրայնօք ի յեզր գետոյն․ եւ հրամայեաց զի նախ Տէր Պետրոս օրհնեսցէ զջուրն, եւ ապա Յոյնք։ Եւ յորժամ օրհնեաց եւ էարկ Տէր Պետրոսն զմեռոնն ի ջուրն, եւ զկնի սուրբ իւղոյն հարկանէ երեք անգամ զսուրբ խաչն ի գետն․ եւ ահա հուր սաստկապէս բոցագոյն ծիրանածաւալ փայլատակեաց ի խաչէն, եւ իբրեւ զաղեղն որ յամպս դնի ցոլացեալ` խորան առնոյր ի վերայ գետոյն․ եւ որպէս զսրահատաճար Աստուծոյ ի մէջ առեալ ունէր զամենեսեան զարս եւ զկանայս․ եւ շող լուսոյն բակ առեալ պարփակէր զբազմութիւն ամբոխին ընդ ինքեամբ։ Եւ լուսաւորեցան դէմք մարդկան առ հասարակ որպէս զվարդ կարմիր․ եւ լոյս ելանէր ի խաչէն իբրեւ զյորդահոս ջուրս որ բղխեն յաղբերաց։ Իսկ սուրբ խաչն երեւէր ի ձեռն կաթողիկոսին որպէս բոց վառեալ լուսով․ եւ ի լուսոյ անտի երփն երփն հատանէր խաչաձեւ ըստ չափոյ խաչին, եւ խաղայր ի վերայ ջուրցն իբրեւ զթռչուն սլացեալ որիշ որիշ ի միմեանց․ եւ հոտ անուշութեան լնոյր զամենեսեան։ Իսկ բազմութեան ժողովոյն զահի հարեալ կային եւ աղաղակէին եւ ասէին, Տէր ողորմեա։ Եւ մինչդեռ նոքա աղօթէին, ժողովեցաւ լոյսն միագունդ, եւ երիցս անգամ եհար զջուր գետոյն եւ ամփոփեցաւ լոյսն ի ծոց խաչին․ եւ ջուր գետոյն զետեղեալ ի կրունկն դառնայր եւ զառ ի կոյս արգելաւ վայր մի։ Յայնժամ զարհուրեալ ամբոխին եւ բազմութիւնն անդեալ յերկիր դողային։ Եւ սուրբ խաչիւ տեառնագրեաց կաթողիկոսն երիցս անգամ զգետն եւ ասաց․ Տեսին զքեզ ջուրք Աստուած, տեսին զքեզ ջուրք եւ երկեան, խորք խռովեցան․ եւ տեսին ամենայն ծագք երկրի զփրկութիւն քո, եւ ժողովուրդք զսքանչելիս սուրբ նշանի քո։ Եւ արդ որպէս ի ձեռն սուրբ խաչիս քո եկաց ջուր գետոյս կանգուն, գնասցէ դարձեալ յընթացս իւր որպէս յառաջն։ Եւ ապա դարձաւ գետն ի տեղի իւր, եւ խաղացեալ գնայր որպէս յերէկն եւ յեռանդն։ Յայնժամ թագաւորն Վասիլ եւ ամենայն զօրք նորա անկան առ ոտս երանելի սուրբ կաթողիկոսին Պետրոսի․ եւ մեծագոչ հառաչանօք համբուրէին զսուրբ նշանն եւ արկանէին զօրհնեալ ջուրն ի վերայ գագաթանց իւրեանց։ Իսկ թագաւորն Վասիլ դնէր զթագն ի գետինն․ եւ հրամայէր Տէր Պետրոսին արկանել ափովն իւրով զջուրն օրհնեալ ի վերայ գլխոյն իւրոյ։ Եւ առեալ կայսրն զգետարգել սուրբ նշանն ի ձեռս իւր եւ անյագաբար համբուրէր զնա, եւ նովաւ կնքէր զամենայն զգայարանս իւր․ նոյնպէս եւ մետրապօլիտն եւ ամենայն ժողովուրդքն` եռափափաք համբուրիւ ողջագուրէին զամենայաղթ սուրբ նշանն եւ զաջ կաթողիկոսին, եւ ի համբուրելն զսուրբ նշանն` բազմաց լինէր առողջութիւնն։ Եւ մինչեւ օրն տարաժամեցաւ` ոչ աւարտեցաւ համբոյրն ժողովրդեանն ի բազմութենէ ամբոխին»։

Պետրոս կաթուղիկոս այս հանդէսը եւ դեսպանութիւնը կատարելէն ետեւ` դարձաւ յԱնի․ բայց երկար ատեն հոն չմնաց, թագաւորին եւ իր մէջ տարաձայնութիւն ընկաւ․ Յովհաննէս մերժեց զնա ի կաթողիկոսական աթոռոյն, եւ տեղը գրաւ զԴէոսկորոս Սանահնի վանաց եւ թեմին արքեպիսկոպոս առաջնորդը․ որ հարկաւ քիչերուն ընդունելի եղաւ, անոր համար ստիպեցաւ թագաւորն նորէն զՊետրոս դարձնել տալ յաթոռը, միջնորդութեամբ Յովսեփայ Աղուանից կաթողիկոսի․ որուն հետ 4000 եկեղեցականք այլ ժողովքի եկան յԱնի․ եւ թագաւորն ու կաթողիկոս հաշտեան։ Այս հանդէսն այլ մասամբ Աստուծայայտնութեան տօնին եղաւ․ եւ երբ հակաթոռ կամ բռնադատեալ կաթողիկոսն Դէոսկորոս` աւուր պատշաճ տօնը կու կատրէր, քանի մը յանդուգն անձինք գլխէն քողը պատռեցին, որ կաթողիկոսութեան նշան էր, եւ դարձուցին զինքը իր վանքը, ուր եւ յօժարութեամբ գնաց, բայց այդ անարգանաց հարուածը շատ ծանր էր իրեն, քիչ ատենէն սրտառած մեռաւ․ յոմանց իբրեւ բռնաբարող` դատափետեալ, եւ յոմանց իբրեւ ակամայ յանձնառու` արդարացեալ, եւ իր ճգնասէր բարուցը եւ գիտութեանը համար պատուեալ։

Դարձեալ յետ ինն տարւոյ (1045) նոյն ինքն Պետրոս կաթուղիկոս` Ջրօրհնեաց հանդէսը կատարեց ուրիշ խառն տեսարաններով ի Կարին գաւառի․ որ հիմակուան Էրզիրում քաղաքէն զատ` անուանի եւ հարուստ քաղաքաւան մ՚այլ ունէր, Արծն ըսուած, Կարնոյ դաշտին մէջէն անցնող եփրատական Սեւ ջրոյն աջ կողմը, չամբին (Սաղլըգ) մօտ, որ հարիւրաւոր եկեղեցիներ ունէր եւ վաճառականութեան բարեօք լցեալ էր, եւ մեր պատմելու դիպուածէն իրեք չորս տարի ետեւ այրելով եւ աւրելով ի Թուրքաց` հիմա թողած է իր անուան եւ նշխարաց յիշատակ` Գարաարզ եւ Վաղաւեր գեղերը․ ուր թերեւս հնախոյզք դեռ կարենան գտնել հետաքննութեան արժանի բաներ։ Պետրոսի երկրորդ անգամ կաթողիկոս նստելէն մինչեւ այս նոր հանդիսին սակաւաթիւ տարիներուն միջոց` Հայաստան շատ յեղափոխութիւններ տեսեր էր․ Յովհաննէս թագաւորն մեռած․ որդին Գագիկ թագաւորութենէ զրկած։ Անի մայարաքաղաքն ի ձեռս Յունաց անցեր, թագաւորազունք ելեր է Փոքր Հայս գացեր էին․ իսկ ինքն Պետրոս որ Անոյ վաճառման կամակից էր` նստեր էր հոն առաջին փառօքն, եւ քաղքին նոր յոյն քաղաքապետէն այլ պատիւ կ՚ընդունէր։ Ասով բուն քաղաքացեաց այնչափ հաճոյ չէր ըլլար․ քիչ ատենէն Յունաց այլ կասկածելի եղաւ․ եւ երբ նոր քաղաքապետ եկաւ` կայսեր հրամանաւ զինքը քշեց անկէ եւ հրամեց երթալու նստելու յԱրեն Կարնոյ․ ուր եւ վերը յիշեալ տարին մեծաւ հանդիսիւ կատարեց Ջրօրհնեաց հանդէսը Եփրատայ նորընծայ վտակաց մէջ։ Երբ խաչալուայ ընելու պահն հասաւ եւ կտրիճք պատրաստուէին նետուելու ի ջուր, տաճիկ մ՚այլ ուզեց անոնց հետեւիլ․ կաթուղիկոսն հասկցընել տուաւ անոր` թէ այդ բանը քրիստոնէից միայն կու պատշաճի իբրեւ կրօնական հանդէս մը․ տաճիկն այլ իմացուց որ ինքն այլ քրիստոնեայ ըլլալու եւ մկրտուելու համար կ՚ուզէր մտնել ի ջուրն, եւ հաւանութեամբ կաթուղիկոսին մտաւ։ Այն ատեն միւռոնակիր փոքրաւորն` ապակեայ շիշը ձեռացը վրայ զարնելով կոտրեց եւ թափեց թէ ջրին եւ թէ նորահաւատին վրայ, երկուքը մէկէն կնքելով․ բայց շիշը կոտրելու ատեն ապակւոյ կտոր մը ձեռքը վիրաւորելով` իւղը, ջուրը եւ արիւնը մէկտեղ խառնեց։ Այս բանս, կ՚ըսէ ժամանակագիրն, անյաջող դիպուածի մը գուշակութիւն սեպեց հանդիսատես ժողովուրդն․ մանաւանդ երբ իրօք այլ հանդիպեցաւ։ Վասն զի երբ յետ հանդիսին կաթուղիկոսն նստեր էր ի սեղան, յանկարծ կայսերական հրամանաւ մարդիկ եկան զինքը վերուցին, տարին Խաղտոյ Առինճ ըսուած գիւղին բերդը, որ հիմա Գաղտառիճ կ՚ըսուի, եւ երկու գեղ է, մեծ եւ փոքր, Կարնոյ եւ Խաղտեաց միջասահման։ Նոյնպէս քիչ ատենէն Պետրոսի քեռորդին եւ յաջորդը Խաչիկն այլ` բռնեցին եւ ուրիշ բերդ մ՚արգիլեցին․ յետոյ զերկուքն ալ ի Կոստանդնուպօլիս խաւրեցին։

Այս դիտուածէս եօթն կամ ութ տարի ետեւ (1052)` նոյն կաթուղիկոսին որը, բայց ոչ իր ներկայութեանը, նոյն մեծ տօնին խթման գիշերը ցաւալի դիպուած մը հանդիպեցաւ ի Կարս քաղաքի, որ Արծին նման վաճառականութեամբ հարստացեր էր, եւ Անիի պէս առանձին թագաւորաց մայրաքաղաք էր քիչ մ՚առաջ․ մինչդեռ պաշտօնասէրք գիշերային ժամերգութիւնը կատարէին, եւ ամենեւին թշնամւոյ կասկած մը չկար, եւ անոր համար քաղաքապահ զօրքն այլ անզգոյշ էին, տօնին զբաղած, Թուրքաց Տօղրուլ բէկ սուլտանին հօրեղբօրորդւոյն ապստամբ Գուդուլմուշին թափառական ասպատակներն` ձմերային սովալլուկ գայլոց պէս մտան ի քաղաք, եւ սրբազան ու ազգային հանդէսները յարցունք եւ յարիւն դարձուցին․ տուն եւ եկեղեցի ողբոց եւ մահու տեղ եղան․ ով որ կրցաւ քաղքին ամուր բերդը փախչիլ` ազատեցաւ․ մնացելոց շատն ջարդուեցաւ, ամենքն կողոպտեցան իրենց ստացուածքներէն․ հարստութեամբ լցուած քաղաքն աւեր դարձաւ․ վասն զի անզգամ կողոպտիչքն ինչպէս աւազակօրէն մտան` այնպէս ելլելն այլ բաւական չսեպելով` կրակ այլ տուին, եւ ետեւնէն սեւ ծուխը վկայ թողուցին իրենց գազանութեանը։ Բայց Կարս իր ամուր բերդին պատճառաւ բաղդաւոր գտնուեցաւ քան զԱրծն, նորէն նորոգուելով․ սակայն նոյն պատճառաւն այլ աւելի շատ անգամ պատերազմի հարուածներ եւ մեծ նեղութիւններ կրեց, ինչուան մեր օրերը, (1855)։

Թշնամիք դիտելով եւ գիտնալով որ Հայք յանուարի վեցին մեծ տօնախմբութեան պատճառաւ տուներնէն տեղերնէն կը հեռանան, շատ անգամ նոյն օրը վազած են անոնց վրայ, եւ ազգերնուս մեծագոյն տօնն ի սուգ դարձուցեր են, օրհնեալ ջուրն այլ յարիւն մինչեւ ազգային առակ եղեր է ըսել․

«Աստուած պահէ

Յայտնութիւնի հեծելէն,

Վարդավառի հեղեղէն»։

Բայց մենք թողլով հիմա այս տխուր տեսարանները, քիչ մ՚այլ ուրախ դիպուածներ տեսնենք․ փոխադրինք ուրիշ հայ աշխարհք մը, անցնինք դարուկէս ժամանակ, երթանք ի Կիլիկիա, մեր վերջի թագակապ ցեղին հանդէսներուն ներկայ ըլլալու, նոյն այս սրբազան օրը զոր թերեւս աւելի քան զԲագրատունիս պայծառապէս տօնէին Ռուբինեանք․ վասն զի առաջիններուն կորուսած թագը` իրենց գլուխը դրուեցաւ յետ իբր 100 ամաց` յայտնութեան տօնին օր, յամին 1198, ի ներկայութեան նուիրակաց զանազան ազգաց։ Այս ազգաշուք փառաց նորոգութիւնն` արդիւնք է քաջութեան, ճարտարութեան, նաեւ արդար փառասիրութեան Լեւոնի, որ ըստ կարգի պայազատաց` Բ է այդ անուամբ, եւ ըստ կարգի թագաւորաց Ա կ՚ըսուի։ Իր նախորդքը սովորաբար Պարոն եւ երբեմն սեբաստոս կամ մարգիզ կ՚ըսուէին, կամ մեծ իշխանք, եւ Լերանց իշխեցող․ որովհետեւ առաջ Փռիւդիոյ եւ Իսաւրիոյ լերանց, յետոյ Կիւլիկիոյ լերանց եւ դաշտաց սկսան տիրել։ Լեւոնի պապուն եղբոր եւ նախորդին` քաջին Բ Թորոսի անուամբ այլ` Թորոսի երկիր կոչուեցաւ իր վիճակն․ իսկ այս Լեւոնս իր պապուն` Ա Լեւոնի կործանած անունը կանգնելով` իր տիրած երկիրն ալ Լեւոնի երկիր անուանել տուաւ։ Քաջութեամբ եւ խորամանկութեամբ շրջակայ իշխանաց ահաւոր եւ պատկառելի ըլլալով եւ եւրոպացի մերձաւոր իշխանաց սիրելի եւ օգնական, համարձակեցաւ Ալեմանաց Փրետերիկոս կայսերէն թագաւորութեան թագ ուզել, երբ կայսրն իր երկիրը եկաւ ի Սելեւկիա քաղաք, ուր փութացաւ Լեւոն խաւրել ընդ առաջ նորա զկաթողիկոսն եւ զՍ․ Ներսէս Լամբրոնացին․ դժբաղդաբար ծերունի կայսրն հոն անզգուշաբար գետոյն մէջ լուացուելով խեղդեցաւ, եւ թագադրութեան խոստումը անկատար մնաց։ Բայց Լեւոն դարձեալ խնդրեց զնոյն անոր յաջորդող որդիէն, յԵնրիկոս կայսերէ, եւ նաեւ ի սրբազան պապէն Կելեստինոսէ, որք քան մը պայման պահանջելով ի Լեւոնէ (ի նշան հաւատակցութեան եւ միաբանութեան) խաւրեցին իրեն փափագած պերճափայլ թագը, եւ առիւծանիշ դրոշ մը, յամին 1197, ի ձեռն Կոնրադոսի ծիրանազգեաց արքեպիսկոպոսին Մայենցայ, որոյ ընդ առաջ խաւրեց Լեւոն` իր խնամին եւ քարտուղարը` Յովհաննէս Սսոյ արքեպիսկոպոսը։ Յաջորդ նոր տարին ի տօնի Աստուածայայտնութեան` ժողովեցան ի Ս․ Սոփիա եկեղեցի Տարսոնի, եւ մեծաւ հանդիսիւ թագաւորեցուցին զԼեւոն ի վերայ Հայոց․ օծողն էր Գրիգոր Ապիրատ կաթողիկոսն, թագաւորն` վերոյիշեալ լատին եպիսկոպոսն` իսկ հանդիսատեսքն` դեսպանք կամ պայլք արեւմտեան տէրութեանց եւ վաճառակից հասարակապետութեանց, կրօնակարգ ասպետք, պատրիարքն Ասորւոց Անտիոքայ, մետրապօլիտն Յունաց, Երուսաղեմի Հայոց եպիսկոպոսապետն, վեց մեծաթոռ արքեպիսկոպոսք, տասն եպիսկոպոսք Կիւլիկիոյ, բազմաթիւ վանահարք, վարդապետք եւ քահանայք․ իսկ յաշխարհականաց յիսունի չափ բերդատէր հայ իշխանք (որոնց անունը եւ բերդերը կու համրէ Սմբատ գունդստապլ պատմիչ` Լեւոնի քեռառն որդին), եւ ուրիշ լատինացի իշխանք Անտիոքայ եւ Կիպրոսի տէրութեանց։ Հանդիսին փառքն Լեւոնի համբաւն ընդարձակեց․ Պաղատայ խալիֆայն եւ Կոստանդնուպօլսոյ կայսրն իրենց կողմանէ այլ թագ խաւրեցին, իսկ Լեւոնի երկրին չորս կողմը եղող իշխանք, ըստ բանի Սմբատայ գունդստապլի` «ամսումն ճանապարհաւ հեռու յիշէին զանուն թագաւորին Լեւոնի, եւ անտես` դողային»։

Մեծին Լեւոնի թոռն Բ Լեւոն թագաւորն այլ, յետ 74 ամաց, նոյն քաղքին եւ նոյն քաղքին եւ նոյն եկեղեցւոյն մէջ նոյն տօնին օրը յանձն առաւ թագաւոր օծուելու, եւ հանդիսին հռչակող ատենարան եղաւ իր քարտուղարն Վահրամ Րաբուն վարդապետ։ Թագաւորք մեր եւ ժողովուրդք` իրենց մեծագոյն հանդիսի օր սեպէին այն օրը` յորում Քրիստոսի երեք անօրինական մեծ եւ փառաւոր յիշատակները տօնէին, թէ սրբազան թէ արտաքին հանդիսիւ։

Անշուշտ ախորժելի պիտի ըլլայ այս հանդիսից մէկ նկարագիրը լսել ականատես օտարազգիէ մը, որ Ա Լեւոնի թագաւորութեան երեքտասաներորդ տարին հանդիպեցաւ իրեն եւ տօնին, այս անձս է Վիլլէպրանտ օլտէնպուրկեան, Հաննովրէի Հիլտէս հայմ քաղաքին կանոնիկոս վարդապետն, որ 1211 թուականին ճանապարհորդելով յարեւելս` եկաւ ի Կիւլիկիա, եւ երկու ամսոյ չափ հիւրընկալութիւն գտաւ մեր թագաւորէն, որ նախ տեսաւ ի Տարսոն, եւ յետոյ ի Սիս, որոյ համար կ՚ըսէ․ «Այս քաղաքս տէր թագաւորին մայրաքաղաքն է․ բնակիչքն անթիւ եւ հարուստ, բայց պարիսպ չունի, անոր համար կրնայի աւելի քաղաքաւան կոչել քան թէ բուն քաղաք, թէ որ Հայոց արքեպիսկոպոսարանը չունենար․ նաեւ Յոյնք հոն պատրիարք ունին։ Սակայն ունի ամուր բերդ մը լերան գագաթը, որոյ ոտքէն կու սկսի քաղաքը աստիճանաբար դար ի վայր տարածուիլ…։ Ջրօրհնեաց հանդէսը Հայք այս կերպով կատարեն, տօնէն 12 օր առաջ, զոր մենք (լատինք) խնտումով եւ կերուխումով կ՚անցունենք, անոնք ի պատիւ տօնին` ապաշխարութեամբ եւ պահօք անցուցին, հրաժարելով ի ձկանէ, ի գինւոյ եւ ի ձիթոյ, իսկ բուն խթման օրը բոլորովին ծոմապահութեամբ կեցան, որպէս զի յետ վերջալուսոյն պատարագը մատուցանեն, եւ բոլոր այն գիշերը աստուածային պաշտամամբք անցուցին։ Իսկ երկրորդ օրը Քրիստոսի Ծննդեան տօնը կու կատարեն, ըսելով թէ Քրիստոս նոյն օրը ծնաւ, եւ յետ 30 տարւոյ դարձեալ նոյն օրըմկրտեցաւ։ Առաւօտուն ամենքն փութային քաղքին մօտ գետոյն եզերքը երթալու, ուր որ թագաւոր տէրն այլ կ՚երթար, այսպիսի կարգաւ։ Ինքն թագաւորն բարձրահասակ ձիու մը վրայ հեծած էր, իր քովէն կ՚երթային Ալեման ասպետաց կարգապետն, Սելեւկիոյ Հիւրընկալ ասպետաց բերդապետն, իրենց կրօնակից հազար ընկերներով, յետոյ զայր տէրն Ռուբէն, փոքր թագաւորն, (Լեւոնի եղբօր դստեր որդին), զոր ինքնակալն Ոթոն` ի խնդրոյ մեծ թագաւորին` թագով պսակել տուեր էր․ ասոր ետեւէն կու գային իր երկրին ազնուականներն․ եւ բազմութիւն զօրականաց գեղեցկազարդ հագուած, որոց ճորտերն ամեն մէկուն դրօշները եւ վառերը ձեռընուին բարձրացուցած, եւ անոնց սարած ձիերուն սանձէն բռնած` մեծ թագաւորին առջեւէն կ՚երթային։ Իրեն եւ ասոնց խումբին միջէն կու վազվռտէին բազմութիւն զինակիր փայեկաց, իբրեւ անձնապահք թագաւորին․ իսկ բազմութիւն ժողովրդեանն չորս կողմէն կ՚ողջունէր զնա սաստկաձայն աղաղակաւ, ՍՈՒ՜ՐԲ ԹԱԳԱՒՈՐ։ Այսպիսի մեծ հանդիսիւ թագաւորն կու գար իջնելու իրեն համար գետոյն եզերքը կանգնած վրանին տակ։ Իրմէ ետեւ կու գային Յոյնք եւ իրենց պատրիարքն` հետեւակք, շատ սրբազան սպասներով, եւ այնչափ փողերու եւ ուրիշ երաժշտական նուագարանաց ձայն ձգեր էին, որ աւելի հանդէս մը` քան թափոր մը կու ձեւանար։ Ասոնք այլ իրենց որոշուած տեղը` գետեզերքը կու սպասէին ուրիշներուն։ Յետոյ գային Հայոց եկեղեցւոյն ուխտն, մկրտելու խաչը բերելով եւ վայելչապէս յառաջելով` իրենց արքեպիսկոպոսին հետ․ որոնց խոնարհական կերպը եւ վայելչակարգ թափօրը` շատ աւելի պիտի գովէին, եթէ մէկ երկայնամօրուք քահանայ մը (ասով` նման ուրիշներուն), դժբաղդաբար շփոթութեան պատճառ չըլլար․ վասն զի ասիկայ վերոյիշեալ գետոյն խառնուող պզտիկ վտակէ մը անցնելու ատեն` ոտքին մէկ կօշիկը կորսընցուց, եւ ջրին ընթացքէն ազատելու համար անզգուշութեամբ աշխատելովը` եպիսկոպոսին եւ ուրիշներու անցնելուն արգելք եղաւ․ թէ որ մէկն այսպիսի անհոգութիւն մ՚ընէր ի Հիլտէսհայմ թափորի ատեն, սաստիկ յանդիմանութիւն կ՚առնուր։ Ասոնք այլ վերոյիշեալ գետոյն եզերքը` իրենց տեղը բռնեցին կեցան։ Երբոր բոլոր թափօրն մէկտեղ եկաւ, սկսան ասդիէն երգել․ եւ ինչուան կուրծքերնին իջած օդուռոյց կծկի նման երկայն մօրուքներուն շարժելէն կ՚իմացուէր` որ աղէ ոյժ կու տային յունարէն եւ հայերէն աւետարաններ եւ ընթերցուածներ կարդալու ատեն, եւ այն կերպարանեալ Յորդանանը օրհնելով` բերած խաչերնին մէջը մկրտեցին, եւ աջ կողմէն աղաւնի մը թռուցին։ Այն ատեն մէկն` իշու վրայ հեծած` գետոյն մէջ մտնալով եւ կանգուն կենալով` շաքարաձայն` կոկորդով կանչեց, Կեցցէ թագաւոր մեր յաւիտեան․ եւ դարձեալ, Օրհնեսցի եւ նախախնամեալ պահեսցի ամենայն ուխտ քրիստոնէից, եւ երբ ամենքն միաբերան անոր պատասխանելով` Ամէն կու կանչէին, ինքն երգապետն ջրին մէջ կու թապըլտըկէր, որ եւ ծիծաղելու պատճառ եղաւ շատերու։ Յետոյ թագաւորն եւ ուրիշներն այլ այն ջրով իրենք զիրենք ցողեցին, իսկ Ասորիք մերկացած կու լուացուէին անոր մէջ։

,Այս արարողութիւնս լմըննալէն ետեւ` եկեղեցականք իրենց վանքը քաշուեցան, իսկ թագաւորն եւ զինուորականք փութացան դէպ ի դաշտերը․ եւ պալարակապ երիվարները վազցնելով եւ նիզակներ նետելով` զինուորական խաղեր ըրին․ եւ բոլոր օրը մեծ ուրախութեամբ անցուցին։ Երկրորդ օրը ամենքն իրենց տեղը դարձած։

«Այս այլ գիտցէք, որ տէր թագաւորին` այդ (Սիս) քաղքին քով իրեն զբօսանաց պարտէզ մը պատրաստեր է, որուն սքանչելի փափկութիւնները նկարագրելն` կու խոստովանիմ որ կարողութենէս վեր է։ Տօնը կատարելէն եւ տէր թագաւորէն հրաման առնելէն ետեւ, որ զմեզ շատ մեծապէս պատուեց, եկանք Նաւարզա (Անաւարզա) ամուր բերդը… որոյ անուամբ թագաւորն իր նշանը «Նաւարզա կու հռչակէ»…։

Այսպիսի հանդէսներ` եթէ չկարենան այլ ձմեռուան սառամանիքը բոլորովին հալեցընել, գոնէ գունագոյն ծիածաններ կու ձգեն վրանին։

Ե․ Զապել

+22 Յանուարի, 1252․

Եւ դու զաչըս տակաւին, մատաղ բամբիչն, առ քեզ գերես,

Նազելիդ Զապէլ, միայն թագաւորեալ Հայոց դշխւյդ,

Ոչ զերկրի սոսկ եւեթ, այլ եւ զերկնից աչս եւ ըզսիրտ,

Խըտտըղեալ ի գեղ ոգւոյգ եւ գիրդ մարմնոյդ․ եւ զքոյսըդ դու

Յերկրի` Հեթմոյ միայն, եւ ի յերկինս` Աստուծոյ տաս։

ՀԱՅԿ․ ԺԶ․ 1069 73

ԶԱՊԵԼ անուն` որ հիմայ շատ մերազգի ընտանեաց մէջ անուշութեամբ կու լսուի, աւելի անոյշ յիշատակներէ առաջ եկած է, եւ թերեւս աւելի քան ուրիշ ազգաց` մեզի նուիրական եղած․ կան անոնց մէջ այլ Իզապել թագուհիք, բայց գուցէ ոչ մի այնքան սիրելի եւ պաշտելի ` որքան մերս Զապել, ժամանակակից եւ նման մաքրութեամբ վարուց` իր անուանակցին Ս․ Իզապելի` քրոջ Ս․ Լուդվիկ թագաւորին Փռանկաց։ Զապել առաջին է այս անուամբ ի մէջ ազգակցացն, առաջին բարձր թագաւորական պատուովն, եւ առաջին գեղեցիկ վարուքն եւ սրբութեամբ, հռչակաւոր` նաեւ քաղաքական կենաց դիպուածովք։ Եւ ինչպէս մէկ հատիկ Տիգրանուհի ի մէջ հայկազուն թագուհեաց մերոց, մէկ հատիկ Սաթենիկ կամ Ս․ Աշխէն Արշակունեաց մէջ, կամ Կատրամիդէ եւ Խոսրովանոյշ ի Բագրատունիս, Ռուբինեան հարստութեան մէջ այլ մէկ հատիկ Զապէլ թագուհի․ մանաւանդ թէ բոլոր մեր ազգին պայազատաց մէջ` սա մէկիկ թագաժառանգ աշխարհատիկին եղաւ․ ոչ թագաւորի կին ըլլալովն` կոչեցաւ թագուհի, այլ իր ամուսինն իրմէ կոչեցաւ թագաւոր։ Իրմէ առաջ` օտար պատմիչք կու յիշեն, (եւ դրամն այլ կու վկայէ) որ Երատոյ անուամբ Հայոց իշխեցող թագուհի մը եղած է, Քրիստոսի յաշխարհ գալուն տարիները, իբրեւ կին եւ քոյր Տիգրանի, բայց անունն եւ համբաւն իսկ անծանօթ է մնացեր իր ազգին։

Ա

Զապել իր տկար սեռով, փափուկ հասակաւն, հեղուկ սրտովն, նոր թագաւորութեամբ ձեւացեալ ազգի մը` կէս ինքնագլուխ եւ պայազատօրէն վարող բերդատէր իշխանները միացընելու, եւ Հայոց մանաւանդ այնպիսի ժամանակի Հայոց ազգավար ըլլալու, երթէ անկարելի անձ մը եւ բան մը կ՚երեւէր․ եւ սակայն վերին ազգախնամ տեսչութիւնն, փորձ եւ կտրիճ իշխանի մը (Կոստանդնի) քաղաքագիտութիւն, եւ մեծ ու հասարակաց երախտաւոր ու պատկառելի թագաւորի մը (Լեւոնի) կամք, որ իր դեռաբոյս դստրիկը կտակաւ տիկին կարգեց իր 34 տարի արեան քրտամբք խնամեալ ազգին եւ քսանամեայ պայծառացեալ թագաւորութեանն, կարողացուցին այս բանս․ եւ եղաւ Զապել առիթ հանգստեան Հայոց նորաթագ հարըստութեանը, որպէս եւ իր անարատ վարքովն` ըստ անուանն ստուգաբանութեան` Աստուծոյ հանգիստ (Էլի սաբէթ` հրէարէն)։ Մեր պատմութեան, եւ մասնաւորապէս Ռուբինեանց միջոց։

Զապել ազնիւ եւ գեղեցիկ գոհար մ՚երեւցաւ, բարձր գլխոյ եւ բարձր բաղդի մը սահմանուած, եւ իբրեւ այսպիսի գոհար, (եթէ կրնամ ըսել, լուսափայլ` դեռ չբանուած իսկ, դեռ նոր գտուած) անկարելի այլ էր որ բազմաց բաղձալի, ակնունելի եւ հակառակելի չըլլար, եւ կրնայ քաղաքական մտօք յարմարուիլ Զապելի վրայ` ինչ որ թէ՛ նոյն թէ սրբազան մըտօք ըսաւ մեր հոգերգակ հայրապետն` Հռիփսիմէի համար․

«Ի վերայ միոյ պատուական մարգարտի

Խաղացին ցընծալով ամենայն (հեթանոսք)։

Արեւմուտք` յարեւելս ընթացեալ հասին

Քարոզել յայտնապէս ըզչքնաղ տեսութիւնն։

Լըւան թագաւորք եւ լըցան խնդութեամբ․

Որսալ յանձն առին ըզգաղտնի մեծութիւնն․

Պարգեւել իրերաց խոստանային բանիւք,

Եւ ծածուկ հընարիւք` գողանալ ի միմեանց»։

Զապելի այսպիսի բաղդի ենթակայ ըլլալը իմանալու համար` բաւական չէ գիտնալն որ Հայոց առաջին եւ անուանի թագաւորի մը դուստր է, եւ ոչ թէ միամօր դուստր այլ, կամ հրատարակեալ ժառանգ Լեւոնի․ այլ հարկաւոր է եւ գիտնալն թէ ի՞նչպէս այսպիսի մեծ ժառանգութեան սահմանեցաւ, եւ ի՞նչպէս հասաւ ի նոյն։ Իր մեծասիրտ հեռատես եւ խորատէտ հօրն գլխաւոր հոգոց եւ գործոց մէկն էր այս․ Լեւոն` ոչ միայն Ռուբինեան թագաւորութեան հեղինակն եղաւ, այլ եւ պահող, զօրացընող ու հռչակող հայրենի տէրութեանը, յորում եւ յաջողեցաւ անհուն ջանքով, կտրճութեամբ, երկայնամտութեամբ եւ բարակ քաղաքագիտութեամբ մը, որով գերազանցեց քան զամենայն Հայպետս, եւ քան զչատս յազգապետաց օտարաց։ Գիտես, Հայկակ, որ իր նախորդքն ամբողջ դար մը ո՞րչափ աշխատեցան իրենց բոյնը հաստատելու Տորոսի ժայռերուն վրայ, պաշտպանելով ի Յունաց եւ ի Սէլչուկեանց․ ո՞րչափ կըռուեցան` յաղթուելով այլ` յաղթելով այլ․ գիտես, որ իր հայրն` Ստեփանէ` Յունաց կրակով եռացուցած կատսայի մը մէջ խաչեցաւ (յամի 1164 1165)․ գիտես, որ իր հորեղբօր (Թորոսի) որդին` Բ․ Ռուբէն մանուկը, տէրութեան օրինաւոր ժառանգը` չարաչար սպաննեցին` Հայոց տունը քանդել փափագողք․ գիտես, որ իր միւս հօրեղբայրն Մլեհ` Հայոց նախատինք եւ աննման անզգամ մ՚էր եւ բռնութեամբ յանիրաւի տիրեց կամ նուաճեց աշխարհքը, իբրեւ տասն տարի, մինչեւ յետ անոր մահուն կրցաւ Լեւոնի անդրանիկ եղբայրն` Ռուբէն Գ․ պայազատել Հայոց պարոնութիւնը (1175)․ բայց ապահով մնալու համար կարօտ էր եղբօրը (Լեւոնի) օգնականութեան։ Սա ազատեց զՌուբէն Անտիոքայ դքսին ձեռքէն, որ խաբէութեամբ բռներ եւ բանտեր էր զնա․ անոր համար Ռուբէն կրկին երախտապարտ առ Լեւոն, իր տարաժամ հիւանդութեամբ ծանրացած ատեն` կրօնաւորելով, անոր թողուց տիրական աթոռը (1186), եւ անոր հետ` արժանաւոր խրատներ տուաւ` չվըստահանալու մեծամտութեամբ իր քաջութեանը եւ հանճարոյն վրայ, այլ եւ մեծ խոհեմութեամբ եւ բարեպաշտութեամբ քաղաքավարելու։ Ջանաց Լեւոն այս ամեն ձիրքերը յարմարցընելու իրարու, եւ դժուար պարագայից մէջ շատ անգամ յաջողեցաւ քան թէ սխալեցաւ։

Բ

Առաջին դժուարութիւնն ի սկզբան տէրութեանն եւ գրեթէ մինչեւ ի վերջն այլ, իր դրակից եւ համազոր Անտիոքայ դքսին կողմէն էր, որ ինչպէս իր եղբայրկ դաւաճանեց` այսպէս իրեն այլ կու դարանէր․ երկայն խաղեր խաղաց Լեւոն անոր հետ, եւ եթէ Եւրոպացւոց դաշնակցութեան ու երախտեաց պարտքը չունենար,եւ մանաւանդ պատկառանքն ի սրբազան գահէն Հռովմայ, որոյ միջնորդութեամբ այլ իր թագը եւ իր դրօշն ընդուներ էր, թերեւս բոլորովին զինուորական ուժովը վարուէր Անտիոքացւոց հետ․ բայց հարկ էր երբեմն ուժէն աւելի խորագիտութեամբ վարուիլ։ Այսու մտօք Լեւոնի առաջին խաղն կամ հնարքն եղաւ խնամենալն իր նախանձորդին կամ թշնամւոյն հետ, որ էր դուքսն Պեմունդ Գ․ որոյ աներձագին դուստրը` Իզապելը` առաւ ի կնութիւն (1189)․ իսկ անոր (Պեմունդի) անդրանիկ որդւոյն Ռայիմոնտի կամ Ռեմունդի` կին տուաւ (1195) իր եղբօր (Ռուբինի) դուստրը` Ալիծ, (որ այրի մնացեր էր ի Հեթմոյ Սասնեցւոյ), եւ ասոնցմէ (յԱլիծայ եւ ի Ռեմունդէ) ծնաւ (1196) Ռեմունտ Ռուբէն Բրինձն, որ պիտի ըլլար օրինաւորապէս ժառանգ դքսութեան Անտիոքայ․ եւ մայրենի արեամբն` անկասկած եւ բարեկամ պիտի պահէր զՀայաստան։ Բայց երբ ասոր հայրն Ռայիմոնտ տարաժամ մեռաւ (1200) եւ իր հնգամեայ որդին անուանեցաւ կոմս, անոր հօրեղբայրն Պեմունդ Դ․ յափշտակեց` ոչ միայն անոր իշխանութիւնը, այլ եւ իր խռֆած եւ ապշած հօրը աթոռը․ (ապշութեանն համար le Bambe կ՚անուանէին զնա)։ Բայց իրաւունքն եւ Լեւոն` վռնտեցին զհայրանենգ գահասէրը, եւ դարձուցին ծերը յաթոռն, իսկ երբ սա քիչ ատենէն բնական մահուամբ մեռաւ (1201), որդին (Պեմունդ Դ) նորէն իշխանութիւնը ձեռք ձգեց ընդդէմ իրաւանց Ռուբենի Ռեմունտայ։ Ահա այս բանիս համար գրեթէ քսան տարի հակառակութիւն եւ կռիւ էր Լեւոնի եւ Պեմունդի մէջ, եւ Անտիոքայ դքսութիւնն տակն ու վրայ եղաւ․ իրեք չորս անգամ առաւ Լեւոն զԱնտիոք եւ նստուց իր եղբօր թոռը․ Անտիոքացիք երկպառակած` ոմանք Լեւոնի` ոմանք Պեմունդի կուսակից կ՚ըլլային․ Լատինք բնականապէս աւելի այս ետքինիս կողմն էին, վախնալով որ չըլլայ թէ բոլոր երկիրն այլ Հայոց թագաւորին իշխանութեան տակ անցնի․ մանաւանդ որ Լեւոն արու զաւակ չունելով` զՌուբէն անուաներէր իրեն յաջորդ, եւ թագով այլ պսակեր էր զնա (1210)։ Լատինք մեծ օգնութիւն գտան իրենց Հռովմայ սրբազան քահանայապետը․ եւ թէ՛ անոր նամակօք ու նուիրակօք, թէ պատրիարգօք Անտիոքայ եւ Երուսաղեմի, թէ ժողովքով յԱնտիոք, եւ թէ բանադրանօքկու բռնադատէին զԼեւոն թողլու զԱնտիոք ի Պեմունդ․ Լեւոն այլ դեսպաններով եւ նամակներով եւ իշխանական ուժով երկար տարիներ դիմացաւ, իր իրաւունքը եւ դաշնագրութիւնը պաշտպանելով․ ինչուան որ ուրիշներն այլ ճանչցան զՌուբէն օրինաւոր ժառանգ դքսութեան, եւ բանադրանքը վերուցին ի Լեւոնէ։ Այս բաներս գոնէ համառօտիւ հարկ է գիտնալ, լաւ հասկընալու համար Զապելի ապագայ բաղդը, որ կերպով մը այս անտիոքեան խնդիրներէն ծագեցաւ։

Լեւոն թէ իր ըրած ամուսնութեամբն եւ թէ Ռուբէնը որդեգրելովը` որչափ որ Անտիոքայ մերձաւորեցաւ, այնչափ այլ ետքի տարիները իրեն զզուելի եղաւ այս մերձաւորութիւնը, եւ ամենէն աւելի իր կինն եղաւ իր սրտին վիշտ, զոր թերեւս աւելի քաղաքական տեսութեամբք քան սրտին փափագանօքն առեր էր․ եւ չէր այլ ունեցած իրմէ իրեն նման կտրիճ զաւակ մը, ժառանգ իր այնքան աշխատանօք գտած եւ պահած թագին, բայց դեռ նախախնամութեան կամօք վարելով, եւ Ռուբէնը իրեն յաջորդ ընտրելով` գոհութեամբ կ՚ապրէր։ Սակայն երբ յետ իբր քսան տարւոյ (1206) կենակցութեանն` ծանր ամբաստանութիւն լսեց թագուհւոյն վրայօք հաւատարիմ անձէ, թերեւս իր ազնուական չափէն այլ աւելի դուրս ելնելով եւ պատժելով զկինն` բանտարգել ըրաւ ի Վահկա բերդի․ եւ անկէ ունեցած մատղաշ աղջիկը` յանձնեց իր մօրը` Ռիթա տիկնոջ, որ դեռ ողջ էր, եւ որոյ անուամբ կոչէր էր դուստրն այլ։ Մեր պատմիչք զսա միայն յիշեն զաւակ Լեւոնի․ բայց օտարք անուանեն նաեւ զՍտեֆանիա` կամ Եսդեֆեմի (Estephemie) դուստրն այլ զոր տուաւ ի կնութիւն քաջին Յովհաննու Պրիենայ Երուսաղեմի թագապահին կամ թագաւորին։ Իզապելի վերջն ինչ եղաւ` անյայտ է․ հաւանօրէն քանի մը տարիէն մեռաւ յարգելանին․ եւ Լեւոն երկրորդ ամուսնութիւն ըրաւ, երթալով ի Կիպրոս առ (թագաւորն Հիւկ՛) որդին Ամաւրեայ, եւ առնլով (1210) ի կնութիւն, հաւանութեամբ Ս․ Պապին ասոր մատաղ օրիորդը` Սիպիլ, որ էր ըստ մեր ժամանակագրին (Սմբատայ) ,Կին իմաստուն եւ համեստ»։ Ասկէ` Լեւոնի ծերութեան ծիրանի ծաղիկ ընծայեցաւ մէկհատիկ աղջիկ մը, ԶԱՊԵԼ, յամի 1216։

Գ

Զապել իր ծերունի հօրը խոնարհած արեւուն յանկարծափայլ լոյս մը, նոր յոյս մը բերաւ։ Լեւոն նոյն տարին արդէն անգամ մ՚այլ Անտիոքայ տիրեր եւ հաստատեր էր հոն զՌուբէն․ բայց երբ նա նորէն հալածուած ի Պեմունդայ` դիմեց առ հայրագիր եւ պաշտպանն իւր, Լեւոն` արդէն ձանձրացեալ, ծերացեալ եւ հիւանդ, յայտնի տեսնելով որ եթէ Ռուբէն ինքն իրեն կարող չէ աթոռը պահելու, անով Հայոց գահուն այլ վնասաբեր պիտի ըլլայ, ոչ միայն վերջի անգամ (1219) չօգնեց անոր, այլ եւ մերժեց իր աթոռոյն յաջորդութենէն այլ, կտակը փոխեց, եւ իր ստացուածոց ու թագին ժառանգ անուանեց, (եւրոպական օրինաց հետեւելով) իր նորընծայ Զապել դստրիկը, իբրեւ նախախնամութենէ պարգեւեալ պայազատ մը։ Իր վերջի տարիները` երբ ձեռքի եւ ոտքի յօդացաւութեամբ տանջուելով` չէր կրնար կատարել իր քառասուն տարի ըրած առիւծական արշաւանքները, եւ ոչ արծուի պէս ճանկերը ձգել լեռնէ լեռ, բերդէ բերդ, իր ընդարձակած երկրին սահմանակից հակառակորդաց վրայ, դեռ երբեմն մռնչալովը կը վախցընէր զանոնք․ զօրքն ու զօրավարները կու ղրկէր կամ յօգնութիւն նեղելոց եւ կարօտելոց, կամ ի հալածել զթշնամին․ եւ եթէ սա զօրացեալ` զիրենները քշէր ու վտանգէր, Լեւոն երկաթի տեղ ոսկի սփռելով` կու հեռացընէր վտանգաւոր մերձաւորը եւ կ՚ազատէր իր գերելեալ զօրքն եւ իշխանները։ Այսպէս այլ ըրաւ յամի 1217, երբ Իկոնիոնի Ազզէտին Քէյքաուս սուլտանն պաշարեց զԿապան բերդն, եւ գերեց Լեւոնի գլխաւոր զօրավարները, որ էին մեծ իշխանն եւ պայլն Սիր Ատան, եւ Կոստանդին գունդստապլ (սպարապետ), իր (Լեւոնի) քեռւոյն որդին` Պապեռոն բերդին տէրն, ի ցեղէ Հեթմեանց։ Լեւոն գերեթափ ընելով զԱտան եւ զԿոստանդին` բոլորովին երախտապարտ եւ անձնանուէր ըրաւ զանոնք․ «զի լաւ է թագաւորի աղէկ ճորտ պահել` քան զայլ հարստութիւն»։

Այսպիսի աղէկ եւ հաւատարիմ ճորտերու վրայ վստահացեալ եւ զանոնք իր զաւկին խնամակալ կարգելով` իր դեռակայծ դստեր լոյսը պայծառացեալ կու տեսնէր․ եւ իր ծանրացած սեւցած թեւերուն վրայ թրթռացընելով այն ճերմակ փափուկ ձագը` կու յուսար թէ անով նորոգուի իր արծուային մանկութիւնն այլ․ անով կարենայ կամ նոր որսեր ընել կամ հիները պահել։ Միայն կու մնար անոր արժանաւոր վարուժնեակ մը գտնել, արժանաւոր լծակից մը, որ թէ՛ իր, թէ անոր, եւ թէ Հայոց բաղդը հաստատէ։ Բայց Զապել շատ դեռաբուսիկ էր․ Լեւոնի յօդացաւն այլ չէր յուսացըներ զանիկա չափահաս տեսնելու․ սակայն անոր համար այլ աւելի կու հոգար կու մտածէր․ եւ իր անգին գոհարը (դուստրը) զզուելով, միտքը պալատէ պալատ, արքունիէն արքունիք կ՚երթար, Զապելի փեսայ մը, Հայոց իշխան եւ իրեն գահակալ մը գտնելու, մինչդեռ այն հոգած մտած վրայ եւ յօգնաց ձեռաց մէջ` Զապել անհոգ եւ անգէտ կու ծաղկէր կու ծիծաղէր, կու բացուէր գոցուէր, ժայռերու եւ հեղեղոց եզերք բուսած նունուֆարի մը նման։

Սուլտանին ի Կիլիկիա ասպատակած տարին` (1217) յԵւրոպիոյ բազմութիւն Խաչակիր զօրաց եկան նորէն զԵրուսաղէմ ազատելու, յետ երեսնամեայ գերութեանն ի Սալահէտտինայ․ Լեւոն անձամբ չկարենալով երթալ` զօրք տուաւ իր աներձագին` Կիպրոսի Հիւկ թագաւորին, որ եւ գնաց ի Թափոր եւ ի Պտղամայիս, եւ ԽԱչակրաց կանուխ հասան գնդից հետ քաջութեամբ գործ տեսաւ։ Այս յառաջապահ գնդից գլխաւորն եւ ամենէն կտրիճ իշխանն` էր Մաճառաց թագաւորն Անդրէաս Բ․ որ մեծ համբաւ այլ հանեց․ բայց իր երկրին շփոթութեանը համար` ստիպուեցաւ շուտով հոն փութալու․ ի դարձին եկաւ յԱնտիոք, (որ այս ատենս այլ Ռուբենի ձեռքն եղած կ՚երեւի)։ Լեւոն` որ ամեն բան կու գիտէր կ՚իմանար, հաւատարիմ դեսպան մը խաւրեց առ Անդրէաս, եւ դաշամբք խօսեցան որ անոր համանուն որդին Անդրէասը` պսակեն Զապելի հետ․ թէպէտ եւ դեռ երկուքն այլ բաւական տարիք չունէին, վասն զի Անդրէաս այլ հազիւ 8 տարուան կրնար ըլլայ։ Ունկարաց հին արեւելեան արիւնը յարմարագոյն սեպեց Լեւոն իրենին հետ խառնել, անոնց թագաւորին այլ ասկէ հաճոյ անակնկալ օժիտ չէր կրնար ըլլալ` իր որդւոյն համար, զոր յանկարծ Հայոց թագաւոր պիտի տեսնէր։ Այս բանիս համար Անդրէաս գոհութեամբ թուղթ մը գրեց (ի մարտի 1219 տարւոյ) առ պապն Ոնորիոս, իմացընելով Լեւոնի հետ ըրած խնամեխօսութիւնը, եւ տնօրինումն խնդրելով որդւոյն համար, միանգամայն եւ աղաչելով որ ինքն քահանայապետն յանձնէ զնա Տաճարական եւ Հիւրընկալ ասպետաց` խնամակալ ըլլալու տղային` յետ մահուան Լեւոնի։

Բայց այս գործս չյաջողեցաւ, վասն զի Լեւոն շուտով մեռաւ նոյն տարին (1219) եւ Անդրէաս թագաւորն զբաղած էր ի Կալիցիա` հոն թագաւորեցընելու իր երկրորդ որդին․ եւ ինչուան որ հոս բաները ուղղեց։ Հայք ուրիշ ընկեր գտան Զապելի․ մանուկն Անդրէաս այլ Վենետիկցի օրիորդ մ՚առնըլու բաղդ ունեցաւ։ Այսպէս զուր եղաւ Զապելի առաջին փափագողին ակնկալութիւնը, թէպէտ եւ կ՚երեւի` թէ Լեւոն այլ նոյն յուսով մեռաւ, նորէն յանձնելով զԶապել` կաթուղիկոսին եւ իր հաւատարիմ իշխանաց, եւ գլխաւորապէս Ատանին, զոր եւ պայլ գրեր էր, այսինքն իբր խնամակալ տէրութեանն եւ հայրագլուխ (աթաբէկ) իր դեռահասակ ժառանգին։

Դ

Զապելի խնամակալութեան տակ եղած ժամանակն` որ եօթն ութ տարի քշեց, շատ դժուարակնճիռն եղաւ․ եւ իրեն փոքրիկ սրտին այլ ոչ փոքր վախեր եւ ցաւեր բերաւ․ որոց առաջինն եղաւ կորուսանելն իր հայրագիրը, որուն ձեռքէն հազիւ վարժեր էր ծնողական խնամք ընդունիլ։ Ատան պայլ օր մը Սսայ Ս․ Պարսամ եկեղեցին երթալու ատեն շատ չբանուկ ճամբէ մը, Իսմայելացւոց կամ Հաշիշի աւազակաց սրի տակ ընկաւ, որոց սատանայական պաշտօնն էր յանկարծ հասնիլ իշխողաց վրայ եւ սպաննել։ Ատան` Լեւոնի հազարապետն եւ երբեմն սպարապետն ըլլալով` անշուշտ այլազգեաց ատելի էր։ Իշխանք Հայոց անոր տեղ հաւանեցան պայլ ճանչնալու Լեւոնի համշիրակը, զԿոստանդին գունդստապլն, զոր արդէն երկրորդ խնամակալ գրեր էր Լեւոն, այս անձս որ 50 տարւոյ չափ Ռուբինեան տէրութեան նեցուկ եւ գրեթէ կառավար եղաւ, այս ժամանակիս ամենէն նշանաւոր անձն էր, ամենայն բարեմասնութեամբք եւ յետ Լեւոնի մեծի` առաջին մեծ մարդ կրնայ ըսուիլ բոլոր մնացեալ տէրութեան ժամանակին․ ցեղով, ինչպէս առաջ յիշեցի, ի Հեթմեանց էր, որ թշնամիք էին Ռուբինեան տանը․ բայց սա ցեղին կրսեր ճիւղէն էր, որոյ անդրանիկն` Տարսոնի եւ Լամբրոնի տէր ըլլալով` հակառակ էր Ռուբինեանց․ իսկ այս ճիւղս Պապեռոնի եւ ուրիշ բերդերու ժառանգ` Լեւոնի հօր հետ խնամութեամբ միաբան եւ հաւատարիմ եղաւ Ռուբինեանց․ Կոստանդնի անձնական արդիւնքն այլ հասուց զինքը այս բարձր աստիճանին, ուր կրցաւ այլ ամուր եւ փառաւոր կենալ հնարագէտ խելքովն, զորութեամբն եւ բարեկիրթ որդւոց օգնութեամբ։ Այսպիսի զօրաւոր եւ բանգէտ անձի մը դէմ կենալ կամ հնարել` շատ դժուար էր, եւ ով որ փորձեց` մեծապէս վնասեցաւ․ եւ նախ Բրինձն Ռուբէն Ռեմունտ։

Սա հալածուած յԱնտիոքայ, մերժուած իր բազմերախտ մեծ քեռիէն, մինչդեռ տարակուսեալ կու մտածէր` վրայ հասաւ Լեւոնի եւ յետոյ Ատանայ մահն, Ռուբէն` մէկ իշխանութենէ զրկուած` աչքը երկուքի դարձուց, որոց ատենօք իրաւամբ այլ կրնար յուսալ․ իսկ հիմայ թէ ոչ զօրութեամբ հին կտակին Լեւոնի` գոնէ ազգականութեամբն եւ խնամութեամբ, (վասն զի Զապելի մօրքոյրն էր իր կինն այլ) եւ Հայոց ու Լատինաց լեզուին եւ սովորութեան վարժութեամբն` վստահացաւ խնդրելու Հայոց թագաւորութիւնը։ Բայց Լեւոնի կամքն եւ Կոստանդնի վախն հեռացուցին զնա․ սակայն տարաբաղդ երիտասարդն` չէր կրնար շուտով մօռնալ որ տասն տարի առաջ Լեւոնի հետ թագակից եւ ձիակից` Հայոց հանդիսական տօնից հաղորդ կ՚ըլլար․ եւ շատեր կային` որ ոչ միայն զինքը ճանչցեր էին յաջորդ Լեւոնի, այլ թերեւս եւ հիմայ այլ չհակառակէին, այն ատեն` դեռ պատանեակ, հիմայ իբր 25 տարուան կտրիճ ասպետ մը, Հայոց եւ Անտիոքայ եւ Խաչակրաց նշաններով զարդարուած, իր ամենէն վառվռուն եւ յուսագին կենաց ատեն, յէր կրնար այնպիսի մեծ փափագէ մը յետ դարձընել սիրտը․ խնդրանօք չկրցածը` ուզեց փորձել ուրիշ հնարքով, նաեւ զինուց զօրութեամբ։

Այն ատեն (1219 20) Խաչակիրք առաջնորդութեամբ Յովհաննու Պրիենայ` Երուսաղեմի թագաւորին` եկեր պաշարեր եւ առեր էին զՏամիադ․ հոն էր Պապին նուիրակն այլ` Պելագիոս ծիրանաւորն, որ իբրեւ փոխանորդ քահանայապետին` կ՚ուզէր Խաչակրաց գլուխ այլ սեպուիլ եւ հրամայել։ Ասոր դիմեց Ռուբէն, եւ գտաւ օգնութիւն ստակի եւ զօրաց․ Խաչակիրք Տամիադայ առմամբ հպարտացած եւ չփացած անհոգ կեցեր էին․ դիւրին էր ասոնցմէ ժողովել գունդ մը բաղդախնդրաց, եւ նոր տեղի մը ձեռք ձգել։ Այսպէս այլ եղաւ, Ռուբէն յանկարծուց գնդովն եկաւ ի Կիւլիկիա, մտաւ ի Տարսոն, եւ առանց ընդդիմութիւն գտնելու հոն, (ուր որ միշտ Լեւոնի ցեղին հետ սերտ բարեկամութիւն չէր եղած), իշխեց ինքզինքը Հայոց թագաժառանգ անուանել, եւ գտաւ կուսակից այլ զինքն այնպէս ճանչցնելու։ Ասկէ քաջալերուած` առաջ անցաւ` ձեռք ձգելու ուրիշ քաղաքաց եւ Լեւոնի թագին վրայ․ բայց զգաստն Կոստանդին հաւատարիմ գնդով մը յանկարծ վրան հասաւ` Մամեստիոյ կողմերը․ անոր կուսակիցները ջարդեց ցրուեց, զինքն այլ բռնեց բերաւ իրեն ապաստան կարծած Տարսոն քաղաքը, եւ շղթայակապ բանտարգել ըրաւ։ Թշուառ երիտասարդն անյոյս ի Հայոց եւ յԱնտիոքայ, դեռ կու յուսար Խաչակրաց եւ Քահանայապետին օգնութեանը, եւ սա յիրաւի հարաբար խնամելով եւ ճանչնալով զնա օրինաւոր տէր Անտիոքայ` գրով յանձնեց առ նախայիշեալ նուիրակն` որ հոգ տանի անոր ազատութեան, եւ անօգնական չթողու անոր կինը եւ երկու աղջիկները․ նուիրակն կրցած ջանքն ըրաւ, նզովեց զԱնտիոքայ բռնաւոր դուքսը, եւ Տաճարական ասպետաց յանձնեց առնուլ քաղաքը, որով թերեւս յոյս ըլլար Ռուբենի գոնէ նորէն հոն դառնալու, բայց նա ողբերգական վախճան մ՚ունեցաւ, բանտին, եւ աւելի սրտին նեղութենէն` երկու իրեք տարիէն` իր դալար արեւովն ու ամեն յոյսերովն մարեցաւ, մեռաւ։ Հայոց թագն իրեն համար չէր, եւ ոչ այլ իրեն պէս ուրիշ մերձաժառանգ ակնկալուի մը, թէ եւ աւելի այլ արժանաւոր անձն։

Այս երկրորդ կամ երրորդ (յետ Անդրէի եւ Ռուբենի) ակնկալուն` եղաւ նախայիշեալ թագաւորնԵրուսաղեմի Յովհաննէս Պրիէն, պատճառաւ կնոջն խնամութեան, այս կտրիճ, զգոն եւ արդէն տարիքն առած մարդն, որ մեծ անուն ունէր Եւրոպացւոց առջեւ, եւ դեռ նոր Տամիրադն առնըլով` այլ աւելի հռչակուած էր, իր ժամանակին բաղդախնդիր, նաեւ բաղդակորոյս եւ բաղդագիւտ գլխաւոր անձն այլ կրնայ ըսուիլ․ եւ ըստ այսմ` քաջութիւնն եւ ուրիշ ձիրքերն կու մթանան։ Լսելով Լեւոնի մահը եւ Ռուբենի հանդիպածը, իրեն յարմար սեպեց ժառանգութիւնը․ այս մտքով ելաւ Տոմիադէն եկաւ ի Պտղոմայիս (Աքքեա), ու պահանջեց Հայոց թագը։ Այսպիսի մեծ եւ զօրաւոր անձի դէմ կենայն դիւրին չէր, բայց որովհետեւ կնոջն իրաւամբք եկեր էր, Կոստանդին այլ նովին իրաւամբ պահանջեց իրմէ` որ զկինը` (որ էր համահայր քոյր Զապելի) հետը բերէ։ Յովհաննէս դարձաւ իր կարծեցեալ թագաժառանգին, եւ հիւանդ գտաւ զնա, որ եւ քիչ ատենէ մեռաւ․ 15 օր վերջը իր մէկհատիկ չորս տարուան մանչ զաւակն այլ մեռաւ։ Սրբազան քահանայապետն Ոնորիոս այլ խրատ եւ բանադրանք գրեց Յովհաննու` եթէ Հայոց հետ պատերազմի անոնց թագաւոր ըլլալու համար։ Ամեն կողմէ Յովհաննիսի հայկական ակնկալութիւնն փճացաւ․ անոր վրայ շատ չանցաւ` Երուսաղեմի թագաւորութիւնն այլ կորուս, եւ անոնց տեղ գտաւ Կոստանդնուպօլսոյ կայսրութիւնը (1231), ու յունական թագով մխիթարուած մեռաւ (1237)։

Ե

Զապել` առանց իր գիտնալու այս յափշտակիչներէն ազատելով, պէտք էր որ շուտով ապահովուէր նոր ակնկալուներէ․ եւ թէպէտ Կոստանդին ամենայն արթնութեամբ կու հսկէր, բայց երկար տարիներ այլ անխռով մնալու չէր յուսար, ուստի Զապելի չափահաս տարիքին չկարենալով սպասել, գոնէ խելահասութիւնը տեսնելով, երբ եօթն տարեկան եղաւ` ի ժողով կանչեց ազգին գլխաւոր իշխանները, պաշտօնեայքը, զօրապետները եւ եկեղեցականքը, եւ ըսաւ (ըստ պատմելոյ իր որդւոյն` Սմբատայ սպարապետի եւ ժամանակագրի) «Պարոնայք, դուք գիտէք թէ յի՞նչ նեղութեան գտի զաշխարհս, ու զմեր Պարոնին (Լեւոնի) յետամնացքն․ ու Աստուծով ինչու ի յայս բերի․ ու մեր Պարոնի դուստրս` կարգման եղաւ․ ամենդ թատպիրուեցէք (պատրաստուեցէք) որ մեզ Պարոն բերեմք, զի ես ուզեմ որ իմ տան եւ իմ որդւոցն անդորրութիւն առնեմ»․ այսինքն, Զապելի փեսայ մը բերեմք` որ ես պայլութեան հոգէն ազատած` իմ տունս հոգամ։ «Նա ամենն թատպիրուեցան շատ օրեր, եւ հայնց պատեհեցին (պատշաճ տեսան`) որ քան յայլ տեղաց` բերեն պարոն Ալոզին զԱնտաքայ Բրնձին որդին` զՖիլիպն․ զի ի մօտս է, եւ լաւ կարէ օգնել մեզ ի մեր ամեն կարիք»։

Այս Անտիոքայ Բրինձն կամ իշխանն էր ծանօթ Պեմունդ (կամ ըստ ոմանց Բեմունդ) Դ․ Շիլ կամ միականի կոչուած` (Le Borgne), որ այնչափ վիճից պատճառ եղաւ ընդ Լեւոնի եւ իր եղբոր թոռին Ռուբենի․ ի վերայ այսր ամենայնի մեր պարոնայքն շատ օրեր մտածելով` քան զամենքն պատեհ գտան իրենց պարոն բերելու անոր երրորդ որդին` Փիլիպպոսը, որ իբրեւ 17 տարուն պատանի մ՚էր․ եւ արդէն մօր կողմանէ խնամի էր Հայոց եւ տեղեակ անոնց սովորութեանց, կու յուսային որ իր հօր եւ հանգուցեալ աներոջ մէջ անցածները գիտելով` իրենց վրայ երախտապարտ ըլլայ, եւ հլու հաւատարիմ մնայ իր նոր հայրենեաց օրինաց։ Այս բանս ապահովելու համար` հաւատարմութեան խօսք եւ երդումն այլ պահանջեցին իրմէ․ ,Բերին ի պոման (պայման) որ հայենակ կենայր, ,ու զեկեղեցին եւ զսեղանն հայենակ տանէր․ եւ զամեն մարդ յիւր իրաւունքն պահէր», Այսինքն, եկեղեցական եւ արքունական հանդէսները` հայկական ծիսով վարէ, եւ զամենքն իրենց իշխանութեան եւ իրաւանց մէջ պահէ։ Ապա (1222) մեծ հանդիսիւ պսակեցին անոր հետ զօրիորդն Զապել, որ իբրեւ քոյրահարսն փեսային եւ թագուհի Հայոց եւ միամիտ աղաւնի` չորս տարի այլ հօրը արքունի դարպասին եւ առագաստին մէջ կու ճեմէր, դեռ իր խնամակալ եւ հայրանախանձ Հայ իշխանաց հսկողութեան տակ․ եւ շատ բարեբաղդ եղաւ ընտիր դաստիարակներ ունենալու թէ յիւրոցն եւ թէ ի Փրանկաց, միտքը եւ հոգին կրթելու, եւ իր բարձր վիճակին յարմար ստացաւ ի կուսական հասակին` սիրտ մայրենի, աղքատաց եւ կարօտելոց համար, ճաշակ եւ սէր իմաստութեան եւ գիտութեանց, եւ ամենէն աւելի` բարեպաշտութիւն, համեստութիւն եւ աստուածսիրութիւն։

Աշխարհն` իրեն տիկնութեան, փեսայն` հարսնութեան, երկինք` ազգին մայրութեան կու պատրաստէին զնա․ ինքն դեռ արտաքին փառաց անհմուտ` միայն պարկեշտութիւնը գիտէր գեղեցկագոյն զարդ․ եւ կարծէր թէ այնպէս կուսախառն կենակցութեամբ ապահով պիտի մնայ իր պսակակցին հետ։

Բայց թէ իր եւ թէ հասարակաց կարծիքն խաբուեցաւ։ Փեսայն Փիլիպ յառաջ քան առ հարսնն` անարժան գտուեցաւ առ աշխարհն` որոյ թագովն պսակուեր էր։ Առջի իրեք տարին վախով եւ զգուշութեամբ քաղաքավարելով` երբ ուժովցաւ քսանամեան եռանդով եւ համարձակութեամբ, սկսաւ ինքն իր խելքով վարուիլ, մանաւանդ թէ հօրը խելքովն, որ ոչ այնքան որդեսիրութեամբ` որքան շահասիրութեամբ` պղտորեց անոր միտքը, եւ սկսաւ սա պաղիլ Հայոց սովորութենէն, եւ ,իւր հօրն թապտրով կ՚ուզէր որ ձգէր զՀայոց զամեն իշխանքն, եւ յիւրոցն դնէր»․ Հայ պաշտօնէից տեղ` Փրանկ մտցընել, եկեղեցւոյն եւ սեղանին ծէսը փոխել, Սիսէն աւելի Անտիոքայ մօտենալ։ Իշխանք խրատեցին զնա, բայց նա իր հօրմէն մոլորած` ոչ միայն ճամբէն չդարձաւ, այլ եւ գաղտուկ հօրը խաւրեց Հայոց արքունի զարդերը, եւ մանաւանդ Լեւոնի մեծածախ շինած պալատաձեւ վրանը, զոր մեծ հանդիսի օրեր կու կանգնէին։ Եւ ոչ այնքան երդմունքէն` որքան Հայոց վրէժխընդրութենէն վախելով` ուզեց ինք զինքն այլ փախցընել իր հայրենիքը։ Գաղտուկ զԶապել հետն առած ճամբայ ելեր եւ հասեր էր ի Թիլ Համտընոյ` Ջահան կամ Ճիհուն գետոյն քով։ Կոստանդին կտրիճ զինուորներով հասաւ ետեւէն, գիշերանց դարանելով պաշարեց զբերդը, եւ ներս մտաւ անկարծելի ատեն․ մինչդեռ յօգնութիւն, քուն եւ սէր մեծագոյն խաղաղութեան եւ երջանկութեան մէջ կու կարծեցնէին ծաղկահասակ ամուսինքը, յանկարծ զամենն այլ ընդհատեց, խռովեց, հալածեց․ եւ ի~նչ անդարձական հալածանք․ երկաթեղէն ձեռօք առագաստին միջէն յափշտակեց զՓիլիպ, երբ զարհուրեալ եւ կիսամեռիկ լծակիցն Զապել` դողդըղալով լալով, եւ երեսները ցըտելով` հազիւ կրցաւ կանչել «Վա՛յ տէր, վա՛յ տէր», ձեռուըները դէպ ի գրկէն փրթած փեսայն կարկառելով․ մինչդեռ անգութ յափշտակողքն` անոնց կաթոգին կապերը իսպառ կտրելով` յանցաւորաց կապանօք պրկեցին զՓիլիպ, եւ խուլ ականջով` ելան քշեցին զնա մինչեւ ի Սիս, ուր եւ բերդարգել ըրին, իբրեւ մատնիչ ազգային իրաւանց եւ երդմնազանց։ Լուր խաւրեցին Անտիոքայ Բրնձին այլ` որ յետ դարձնէ Հայոց գանձը, եւ զորդին ազատէ, իսկ չիլ եւ շուար հայրն` Հայոց ոսկւոյ եւ արծաթին հետ կու կշռէր որդւոյն սէրը։ Առջի բերան, քիչ մ՚այլ վախէն լռեց, որ չըլլայ թէ Հայք դեռ կրից տաքութեան մէջ ըլլալով անոր կենացն այլ վնաս հասցընեն․ ատեն անցնելէ ետեւ դեսպաններ աղաշաւորներ խաւրեց որ գոնէ միայն արձըկեն, իրեն խաւրեն որդին, խոստանալով բոլորովին հրաժարելու յիրաւանց թագաւորութեանն Հայոց։ Ի~նչ դժուարակնճիռն եւ ողբերգական խնդիր, թագէն հրաժարելն թերեւս ըլլար դիւրին, բայց ի՞նչպէս հրաժարէր Զապելի սրտէն, որ եւ անխարդախ սիրէր իր վարուժանը։ Երկու տարւոյ չափ տեւեց այս խղճալի վիճակն։ Պե մունդ տեսնելով որ դեսպանութեամբ բանն առաջ չ՚երթար, անձամբ եկաւ ի Համտուն, աղաչելու զիշխանս Հայոց, զիջանելով զանոնք գոհ ընելու եւ փրկանաւորելու թշուառ զաւակը։ Հայք չկրցան չէ ըսել` թող տուին որ մարդ զրկէ իմացնելու որդւոյն։ Ափսո~ս, շատ ուշ․ կամ նենգութիւն կամ սրտնեղութիւն արդէն ազատեր էին զՓիլիպ… ի կենաց։ Պատգամաւորքն լուր բերին թէ դեռ նոր` քանի մը (տասն) օր առաջ Փիլիպպոսի դալար արեւն բանտին մթութեան եւ տխրութեան մէջ մարեր էր (1225), ի պատիժ` իրմէ աւելի` իր անզգաստ հօրը, ի վրէժ ազգային հայենակ իրաւանց, բայց եւ ի փուշ փափուկ սրտին Զապելի։ Զապել հիմայ զարգացեալ` սկսեր ղր զգալ իր վիճակը եւ պարտքերը, աչքին դիմաց սարսափելով տեսեր էր իր կողակիցը` զինեալ եւ զայրացեալ մարդկան ձեռք ընկած․ եթէ ազգին իրաւանց դպչողին չէր կրնար պաշտպան կենալ, միթէ իր կենակցին եւ թագակցին բարեխօս ըլլալու իրաւունք չունէ՞ր։ Կ՚իմանար` որ իր տկար հասակն խաղալիկ կ՚ըլլայ բաղդին եւ շատերու բաղդի․ բայց դեռ ամեն փափագովն այլ չկարենալով իր աղաւնոյ սահմանէն վեր թռչիլ` լռիկ սիրտը դրած կու դադրէր։

Զ

Ազգանախանձ պարոնայքն Հայոց` երկրորդ անգամ պայլ դրին զԿոստանդին, որ ֆութացաւ Փիլիպպոսի կողմնակից իշխանները ցրուել․ եւ անոնցմէ 28, կամ ըստ ոմանց 70 հոգի բռնեց, կամ սպաննեց կամ վռընտեց կամ նուաճեց։ Տարի մ՚այլ արթնութեամբ կառավարելէն ետեւ, իր անուանակից Կոստանդին կաթուղիկոսը եւ մեծ իշխաններէն մէկ քանին հաւանեցուց` որ Զապելը հարսնացընէ իր որդւոց մէկուն, որպէս զի ինքն այլ հայրաբար պաշտպանելով` ամեն փորձանքէ ազատ պահէ զթագն եւ զթագուհին Հայոց։ Եթէ փառասիրութենէ ազատ այլ չէր այս խորհուրդս, սակայն իրմէ արժանաւոր մարդ այլ չկար Զապելի սկեսրայր ըլլալու, ոչ ոք իշխեց ձայն հանելու, եւ ոչ ոք յետոյ զղջացաւ։ Ինքն Լեւոնի համշիրակ, որդիքն այլ նոյնպէս էին Զապելի, եւ գրեթէ մէկտեղ մեծցած․ ասոնցմէ փեսայացունէր ՀԵԹՈՒՄ, երրորդ որդին Կոստանդնի, իբրեւ 15 տարեկան, ,Մանուկ տիօք, առոյգ մարմնով եւ գեղեցիկ տեսանելով»․ ըստ ասելոյ ժամանակակից պատմչին․ (Կիրակոսի), եւ ըստ ականատեսին (Վարդանայ) ,մեծահոգի եւ հանճարեղ պատանեակ, որ էր անձնեայ եւ թիկնեղ եւ գեղեցկագիտակ երիտասարդ»։

Այս վայելուչ եւ հաճոյական ձիրքերն` եթէ օտարաց անտարակոյս գրաւ մ՚էին աշխարհքին խաղաղութեանը եւ իրենց տիկնոջ երջանկութեանը, սակայն Զապելի մեծ եւ զգայուն սրտէն չի կրցան խլել Փիլիպի փուշը, որչափ այլ երախտաւոր ճանչնար իր կրկին անգամ հայրագլուխ եղած Կոստանդինը` Զապել կ՚իմանար որ ոչ միայն անոր թեւոց տակն է` այլ կերպով մը եւ ճանկերուն․ եւ այս ճանկերը շատ սուր եւ արիւնոտ կ՚երեւէին իրեն․ Հեթում այլ սիրուն ձագ մ՚էր, բայց բազէի կամ արծուոյ ձագ։ Զապել` որսերէ զզուած` անխռով խաղաղութեան բոյնի մը կու փափագէր, կ՚ուզէր մէկ ուժով մը զինքը բազէի եւ արծուոյ չհասած բարձրութեան ծոցը ձգել, ու մնաք բարով ըսել թէ հարսնութեան եւ թէ թագաւորութեան պսակին, որոյ համար պատճառած կու սեպէր երկու կտրիճներուն (Ռուբենի եւ Փիլիպի) իրեն մէկմէկէ մերձաւորներուն` կարճ օրով ու սեւ սգով ցաւալի մահերը։ Մտածածը մեծ եւ յօժար, բայց ի գործ դնելն էր դժար, պայլ պարոն իշխանք եւ եպիսկոպոսք կու յորդորէին զնա ի կենակցութիւն Հեթմոյ եւ ի տիկնութիւն․ ինքն իբրեւ անօգնական աղաւնեակ եւ որոջ` մնչէր մայէր, լայր ու լռէր։ Կամայ ակամայ նշանելով նա ընդ պատանւոյն (1226) թողուցին որ ժամանակն այլ յորդորէ զսիրտ դշխոյին, եւ ապա մեծահանդէս կատարեն թագօրհնէքը։

Այն միջոցին սրբասէր աղաւնին սրտին միամտութեան հետ հոգւոյ խորագիտութիւն միացնելով` ուզեց որ երթայ մայրը տեսնէ` թողուցին իշխանքն․ յուսալով որ սիրտն այլ հանգչի եւ մխիթարուած դառնայ։ Մայրն` Իզապել` կամ իր կամօք, կամ Հայոց զգուշութեամբն քաշուեր էր իր Սելեւկիա Իսաւրիոյ, եւ իր փրանկ ազգականաց քով կու կենար։ Այս ամուր բերդաքաղաքս` որ Կիւլիկիոյ արեւմըտեան սահմանածայրն էր, Լեւոն տուեր էր Լատինացի Հիւրընկալ ասպետաց, որոնք մեծ պատուով եւ սպասաւորութեամբ ընդուներ եւ կու պահէին զայրի դշխոյն Լեւոնի․ հիմայ անոր ժառանգ դուստրն այլ աւելի պատուով ընդունեցան, մանաւանդ երբ իմացան որ աղջիկ թագուհին չուզէր անկէ եւ մորմէն բաժանուիլ, կամ անոր եւ ազգականացը խրատովն, կամ իր կամօքն, եւ փափագի վանք մը քաշուիլ` քան արքունեաց մէջ նազել։ Բերդին դռները ամրացուցին։ Կոստանդին զայս լսելուն` մէկէն զօրքերը ժողովեց, հասաւ պաշարեց քաղաքաը․ քաղաքապետն կամ գլխաւորն ասպետաց` Ֆրէր (Եղբայր) Պերգրան` իր ասպետաց կտրճութեան եւ բերդին ամրութեան վրայ վստահացած` դէմ կեցաւ Հայոց․ Կոստանդին չուզելով երկայն պաշարմամբ վտանգի ձգել բաղդը, սպառնացաւ Պերդրանայ` որ եթէ շուտով չտայ զԶապել, մէկէն պիտի երթայ Իկոնիոնի Ալայէտտին սուլտանին հետ դաշնակցելու, եւ անոր զօրքերն այլ առած` գալ բնաջինջ ընելու ասպետաց տունը տեղը։ Պեդրան մէկ կողմէ վախնալով սպառնալիքէն` մէկալ կողմէն այլ իր եւ իրեններուն պատուոյն եւ քաջութեան նախատինք սեպելով քաղաքը մատնել հակառակորդին, եւ անկէ աւելի` իր հիւրերը, հոն ապաւինեալ թագուհիները, ասպետական հնարագիտութեամբ մը պատասխանեց Կոստանդեայ, թէ մենք ոչ կ՚ուզեմք ձեր դէմ կենալ ու քաղաքս պաշտպանել, եւ ոչ այլ կրնամք մատնել․ վասն զի բարեյիշատակ Լեւոն թագաւորն մեզի տուած է, եւ հոս են իր կինն եւ դուստրն` ձեր թագաժառանգն, եւ հոս կ՚ուզեն մնալ․ ի՞նչպէս կրնամք մենք համարձակիլ մեր բարերարները եւ մեզի դիմողները ձեր ձեռքը տալ իրենց կամաց դէմ․ ուրեմն թողուցէք մեզի` որ մենք մեր կամօք դուրս ելլենք բերդէն, եւ դուք գիտցածնիդ ըրէք։ Այս պայմանաւ ասպետքն իրենց պատուովն ելան, թողուցին զՍելեւկիա, Կոստանդին նորէն ձեռք ձգեց մօրը բունէն բռնած ձագի պէս` Զապելը, եւ հրաւիրեց ի տիկնութիւն եւ ի մայրութիւն Հայոց։

Է

Այլ չկարացաւ Զապել ընդդիմանալ Հայոց, եւ Կոստանդնի ու Հեթմոյ խնդրածին․ իմացաւ Աստուծոյ կամքը, եւ յանձնելով զինքը անոր նախախնամութեան․ ի ազգին հաւատարմութեան, պայլին պաշտպանութեանը, եւ փեսային սիրոյն, պսակեցաւ ի հարսն Հեթմոյ եւ ի թագուհի Հայոց, եկեղեցական եւ քաղաքական մեծ հանդիսով եւ հասարակաց հաճութեամբ եւ ուրախութեամբ, որոց մասնակից ըրաւ Կոստանդին` (ի հաստատութիւն աշխարհին եւ իր զաւակին) այն ազգերը կամ այն թագաւորները` որոնց հետ յարաբերութիւն մ՚ունէին Հայք։ Գրեց առ սրբազան Քահանայապետն, առ կայսրն Ալամանաց, դաշնակցեցաւ ընդ սուլտանին Իկոնիոնի․ տէրութեան պաշտօնները յանձնեց արժանաւորաց։ Իր անդրանիկը (Սմբատ) սպարապետ դրաւ, մէկ որդին այլ (Լեւոն) մարաջախտ կամ իշխան թագաւորութեան, իսկ ինքն անուանեցաւ Արքահայր եւ Աւագ պարոն․ եւ թէ՛ իր թագազարդ տանը եւ հարսին, թէ բոլոր աշխարհին խորհրդատու, եւ ամենահաս օգնական ու կառավարիչ եղաւ քառասուն տարւոյ չափ` ցխոր ծերութիւնն (1263)․ Հեթմոյ եւ Զապելի թողլով աւելի փառք եւ վայելքը, իրեն վրայ առաւ հոգ եւ աշխատութիւնը․ եւ այսպէս ճշմարտեց իր որդւոյն ըսածը, թէ հարիւրապատիկ փոխարինեց Լեւոնի` զինքն ազատելուն ի կապանաց սուլտանին, անոր դստեր ասանկ հայրութիւն եւ հազարապետութիւն ընելով․ եւ ճանչնալով միշտ նա ժառանգ թագաւորութեան Հայոց եւ տիկին։ Այսպէս այլ ազգն` թէ եւ թագաւոր կոչէր զՀեթում, բայց նախապատիւ կու ճանաչէր զթագուհին Զապել,նոյնպէս եւ յետագայք, գոնէ մինչ անոր մահը եւ Հեթմոյ մինակ մնալը․ ինչպէս որ այն մօտ ատեններ գրուած յիշատակագիրք ոմանք առանց իսկ Հեթմոյ` կ՚ըսեն․ ,Ի թագաւորութեան Հայոց Լեւոնի, որդւոյ Զապել թագուհւոյն, դստեր Լեւոնի թագաւորի»․ կամ ինչպէս Յովհան Երզնկացի զատելով կ՚ըսէ վասն նոյն Լեւոնի (Գ), ,որդւոյ իմաստուն արքային Հեթմոյ` հօր, եւ մօր` Զապելի սրբոյ թագուհւոյ»․ եւ Վահրամ ի չարս թագաւորաց զԶապել միայն յիշէ։

Նոյն ինքն Հեթում` ինչպէս որ կ՚երեւի, իր անուամբ կտրած դրամներուն վրայ` Զապելը իր աջակողմը կեցած կու դրոշմէր, բարձրաձող խաչ մը հաւասար բռնելով, եւ արքունի գաւազան․ որ (եթէ չեմ սխալիր) երբեմն միայն Զապելի ձեռքը կ՚երեւի, (դրամին եզերքն այլ գրուած է Կարողութիւն Աստուծոյ է․ միւս կողմն` առիւծ մը խաչակիր, նշան Լեւոնի տան, զոր պահեց եւ Հեթում եւ իր պայազատքն, եզերքը իրենց անունը գրելով, ինչպէս ՀԵԹՈՒՄ ԹԱԳԱՒՈՐ ՀԱՅՈՑ։

Մեր երկայնաչար թագաւորաց պատմութեան մէջ ամենէն ցանկալի եւ գեղեցիկ մասերէն մէկն է Հեթմոյ թագաւորութիւնն, (որ մեծ մասամբ այս օրուան յիշատակէս դուրս է) եւ շատ երջանիկներէն մէկն, գոնէ երկու թագակցաց կենակցութեանն ատեն։ Հեթում` որ երբեմն իբրեւ զքոյր զգուեր էր զԶապել իր հօր պայլութեան ատեն, եւ հիմայ իբրեւ հարսն լծակից ունէր, պատուէր զնա եւ իբրեւ տիկին եւ իր թագին պատճառ։ Զապել որ իր առաջին տարաբաղդ ամուսնոյն կուսախառն սէրը եւ ցաւը չէր կրցած ջնջել իր փափուկ սրտէն, շատ տարիներ (իբրեւ 8 կամ 9) չուզեց նոր առագաստը վայելել․ մինչեւ երկար փորձով տեսնելով Հեթմոյ գաստութիւնը եւ բարեպաշտութիւնը, յօժարութեամբ կ՚ուզէր անոր թագաւոր հռչակուիլն։ Կուսութիւն քան զամուսնութիւն նախապատիւ սիրելի էր իրեն, բայց վերջապէս հաւանեցաւ բոլոր տէրութեան մը փափագին եւ օգտին․ սիրեց նոր ամուսինը, նախախնամութիւնն այլ օրհնեց իրենց սէրը եւ պարգեւը ըրաւ։ Զապել 11 ամեայ էր պսակուած ատեն եւ իբր 36 ամեայ բոլորեց կենաց պսակը․ իրենց թագակցութիւնն եղաւ յամին 1226, իսկ անդրանիկ որդին յիշուի իբրեւ տասն տարի վերջը։ Ութ զաւակ ընծայեց, երեք մանչ եւ հինգ աղջիկ․ առաջին` Լեւոն (Գ) թագաւոր Բ, Թորոս Գ․ Ռուբէն որ շատ չապրեցաւ երկրիս վրայ․ (դստերքն) Դ Ֆիմի, որ Սիդոն քաղաքին գաղղիացի իշխանին` Յուլիանու Իպլինեան` կին եղաւ․ Ե Սիպիլ` կին Պեմունդայ Զ․ Անտիոքայ բրնձին․ Զ, Ռիթա կին Սարուանդիքար բերդին տիրոջ, (զոր արեւմըտեայք Sire de la Roche անուանեն)․ Է․ Մարիամ` կին Կիտայ Իպլինեան (Guy d՚lbelin) գաղղիացի սենեջալին Կիպրոսի (senechal)․ Ը Իզապէլ, իր մօր եւ մամուն անուանակից, որ շուտով թռաւ յերկինք։

Ը

Զաւակաց զարգացման եւ դաստիարակութեան խնամքը չսկսած, Զապել` իր տիկնութեան առաջին տարիներն, ինչպէս Ֆիլիպի ատեն այլ, իր անձնական կրթութեանը կու պարապէր, մասնաւոր սիրով եւ յօժարութեամբ բարեգործութեանց եւ ուսման, հետեւելով իր հօրը փափագանաց եւ օրինակին, եւ ջանակից գտնելով իր փեսային, երկուքն այլ իրենց աստիճանին կար՞որ փառք եւ պատշաճ կու սեպէին զգիտութիւնս, մանաւանդ սուրբ գրոց, գրասիրաց եւ գիտնոց ձեռնտու կ՚ըլլային, կու պատուէին, ընտանեբար կ՚ընդունէին, հարցընէին, եւ իրենց համար գրել տային։

Երբ մեծանուն վարդապետն (եւ պատմիչն) Վարդան Արեւելցի ի Կիւլիկիա` կաթուղիկոսին քով, Հեթում եւ Զապել մեծ պատիւ ցուցին իրեն, եւ իբրեւ աշակերտք` ի սուրբ գրոց եւ ի քերականութենէ խընդիրներ կու հարցընէին․ որոց պարզ եւ ժամանակին դիւրահասկանալի լեզուովն պատասխան եւ մեկնութիւն գրած է Վարդան․ մէկուն մէջ կ՚ըսէ առ Հեթում, յիշելով զթագուհին․ «Այժմ հայնց արա` իմ Պարոն, սակաւ մի աշխատեա (ի կարդալն)․ քո սակաւ աշխատիլն` առաւել է քան զայլոց չտան…

Եւ զոգի իմ տառապեալ եւ տկար յիշեսցես, որ զքեզ սիրէ առաւել քան զասել… Բայց աղաչեմ զպարզամիտ (տգէտ) մարդ եւ զառաքինի` մի հարցանել (այս դժուար խնդիրները), որ չամաչեն, զի (եւ) ես նախահոգութեամբ գրեցի․ եւ թէ առժամայն զիս հարցանեն` եւ ես գտանիմ տկարացեալ․վասն որոյ մի մեղադիր լինիր ժմուն (առժամայն մէկէն) չգտանողացն զտեսութիւն բանին։ Եւ ես գիտեմ որ այս չէ թագաւորական իրք, (գրած գիրքն) այլ ոսկէգիր պիտէր եւ ճարտար գրչի․ ես շատ պատճառ ունէին` որ խափանէր զիս յայս ձեռնարկութենէս»… բայց սիրովն հրաշագործիւ յաղթահարեալ եղեն պատճառն, եւ որպէս տեսանէք` եղեւ․ թէ կամիս` դիւրին է տալ փոխել յաղէկն (մաքուր օրինակել), որ հեշտ կարդայք, եւ թող Գրիգորէսն փոխէ, որ բան չկորնչի։ Բաց իմ կամ է որ իմ մատանց սատարն` մնայ առ ձեզ․ ո՛ գիտէ թէ աւելի շնոհւոր լինի ձեզ, վասն յուսոյն իմոյ որ առ Տէր, եւ սիրոյն` որ առ ձեզ, զի այնց (այնպիսի) ճառ եւ պատմութիւն չէ` որ շատ աշխատանք տանին, եւ ապա բան գտանեն, թէ թուղթ մի կարդաս ժմուն կամ երկուք` գտանես յոլով խորհուրդըս։ Եւ՞ Աստուծով` տղայահասակ եւ մտոք եւ աչօք զօրաւոր էք․ եւ ի միանգամ կարդալն սակաւ ինչ աշխատիք, եւ յայլն, անհոգ լինիք։ Եւ զի արքայ եւ արքայուհի ի միում մարմնի տեսանի, եւ հասարակ է հոգեւորն եւ մարմնաւորն, թէ Աստուծով իրք մի օգուտ լինի ի գրելոցդ կամ մխիթարութիւն` երկուցդ (այլ) լիցի։ Եւ զակնդ բազմագոյն եւ պայծառ` որ պսակէ զձեզ յաւիտեան (գիրքն), թող Թագուհի պահէ, եւ ի պիտոյ ժամս` առնոյք ի նմանէ․ եւ նմա հրամայէ Պօղոս հարցանել զձեզ եւ զպատեհն ծանուցանել, եւ պարտական են, ասէ, ապրեցուցանել զիրեարս` առն եւ կնոջ։ Եւ զերկոսինդ ապրեցուսցէ Տէր Յիսուս կենդանութիւնն ձեր` ի խնամս Հօր եւ ի գութ Հոգւոյն սրբոյ, յոռոգումն սննդեան դալարարձակ տնկաբողբոջ շառաւեղեալ ոստոցդ, ծիրանածին տղայոյդ, ի գիրկս Սիոնի սրբոյ․ ի կատարումն պսակման հայակոյտ ազնուական ազգաց եւ ազանց, տոհմից ազատաց, ազատեցուցիչք` արեանառու զարմից, լծագիրք եւ բեռնաբարձողք, կորացուցիչք օտար ազգաց․ ի փառս փառաւոր եւ պաշտեցեալ Աստուածութեանն»։

Զապելի ձեռնտուութեանն առ ուսումնասէրս` գեղեցիկ վկայ եւ պտուղ մ՚այլ է իր որդւոյն (Գ․ Լեւոնի) քարտուղարն` Վահրամ վարդապետ․ որ եւ ինքնին ըսաւ իր տիրոջ թագաւոր օծման օրը ատենաբանելով մայր եկեղեցւոյն մէջ․ «Երանելին Զապել թագուհին, որոյ ողորմութեանն եւ առատ պարգեւացն որ առ ուսումնականսն` պտուղ է մերս նուաստութիւն, եւ եւս վեհագունից քան զմեզ, ընդ որում զանճառ բարութիւնսն ընկալցի փոխարէն»։ Որով կ՚իմացընէ Վահրամ թէ Զապել կամ իր մասնաւոր ծախքովն դաստարակել տուեր էր զնա եւ անոր նմաններ, կամ պատճառ եղեր` արքունեաց դպրութեան մէջ մտցընելու զնա։

Զապելի աւելի եւս հռչակեալ, գովեալ եւ օրհնեալարդիւնքն` իր գթած եւ կարեկից սրտին արգասիք` ողորմութեան գործքերն էին, որք եւ առանձնական բարեպաշտութեան գործոց քով` իր պայծառ հոգւոյն արտաքին ճառագայթներն կրնային ըսուիլ։ Ժամանակից պատմիչ մը կ՚ըսէ․ «Յոյժ բարեպաշտ էր կինն այն եւ ողջախոհ․ սիրող ամենայն երկիւղածաց Աստուծոյ, եւ աղքատասէր, պահօք եւ աղօթիւք հանապազ ճգնէր»։ Իսկ ի թագուհւոյն բարերարեալ ատենադպիրն` իր ոտանաւոր գրած Ռուբինեանց պատմութեան մէջ այլ կու դրուատէ զնա այսպէս․

«Սա առաւել բարեպաշտեալ

Եւ հաւատովըն բարձրացեալ,

Սիրով յԱստուած էր միացեալ

Եւ յերկիւղ Տեառըն խրատեալ,

Բարի գործովք էր զարդարեալ,

Եւ աղօթիւքըն միշտ մաքրեալ,

Զխոնարհութեան զարդ ըզգեցեալ,

Զպարկեշտութիւն նախապատուեալ»։

Ոչ միայն անթիւ ողորմութեան գործքեր լռիկ եւ անցողաբար ըրաւ Զապել, այլ եւ երկարատեւ մնայուն յիշատակներ թողուց, որոց գլխաւոր կարծեմք զյիշեալն ի գրոց Հիւանդանոցն Սսոյ, զոր կանգնեց յամին 1241․ եւ իր ծիրանածին աւակներէն աւելի, եթէ կրնամ ըսել, գթով կու խնամէր զհիւանդս․ ոչ միայն առատ ռոճկաւ` զոր իր զարդերէն եւ անցաւոր զբօսանքներէն կտրելով` կապեր էր անոնց, այլ եւ անձամբ այցելութեամբ եւ ձեռօք դարմանելով, ըստ Խոսրովանուշայ բարեպաշտ դշխոյի Բագրատունեաց։ Այս բանին ամենէն մերձաւոր եւ սրտակից վկայ է ինքնին իր փեսայն Հեթում թագաւոր, որ իր մէկ պարգեւագրին մէջ` գրեթէ Զապելի մահուան տարին գրած, այսպէս կ՚ըսէ․ «Եւ կողակիցս Զապել թագուհի, որ տառապանօք հոգայ կրօնաւորս եւ հիւանդս»։ Անշուշտ բոլոր Ռուբինեանց տէրութեան ատեն անջինջ մնացեր էր այս Զապելի գթութեան յիշատակարանն, թէ եւ Սիս քաղաքն շատ հեղ թշնամեաց եւ կրակի մատնուեցաւ․ իսկ յետ բոլորովին տէրութեան վերցուելուն եւ քաղաքին աւերման, եւ ամենայն արքունի յիշատակաց մոռացութեան, Զապելի չքնաղ սրտին յիշատակին այս մէկ փոքրիկ յայտարար նշոյլն` յանկարծ յետ 600 բազմադէպ տարիներու` մեր օրերս յերեւան ելաւ, (1833)։ Սսոյ հիմնակուան կաթուղիկոսարանէն մղոն մը հեռու արեւելեան կողմէն, հողու տակ մնացած սրբատաշ վէմ մը, զոր թէպէտ փճացուց մոլեռանդն նախանձ այլակրօնից, բայց բարեբաղդաբար վրայի արձանագիրն մնաց օրինակուած, եւ էր այսպիսի։

ԿԱՏԱՐԵՑԱՒ

ՅԱՐՄԱՐՈՒՄՆ ՇԻՆՈՒԱԾՈՑ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻՍ

ՔՐԻՍՏՈՍԱՍԷՐ ԹԱԳՈՒՀՒՈՅ ԶԱՊԵԼԻ

Ի ԹՎԻՆ ՀԱՅՈՑ ՈՂ․

Յուսալի է որ ազգերնուս երախտագէտ պատկառանքն եւ սէրն առ յետին գերահռչակ մայրն եւ տիկին իւրեանց` Զապել, չուշանայ անոր ուրիշ յիշատակ այլ յերեւան հանել, ի փառս անցելոցն եւ ի մխիթար մնացելոցս։

Թ

Բայց Զապելի ամենէն մեծ եւ գովելի շնորհքն` իր սրբասէր եւ երկիւղած կենցաղավարութիւնն էր, զոր այնպէս զմայլելով յիշեն ամենայն ականատեսքն եւ մերձաւորք ժամանակաւ, ինչպէս քիչ մ՚առաջ լսեցիր․ որոց մէկն այլ համառօտիւ կոչէ զնա ,Ամենագով թագուհին Զապել»․ միւս մը` ,զգուշակենցաղ թագուհի եւ ըստ Աստուծոյ քաղաքավարեալ»․ ուրիշ մ՚այլ` թէ «Աստուածահաճոյ կենօք կային ի Քրիստոս» (ընդ Հեթմոյ)։ Իր բոլոր հոգն իրեքի դարձընելով` առանց իրարմէ բաժնելու, ի խնամս մայրական եւ տիկնական, (որոց համար իմացաւ իր կոչումը, եւ թէ անկէ հրաժարելն` իր աշխարհքին մեծամեծ շփոթութեանց եւ կռուոց պատճառ պիտի ըլլար), ի խնամս աղքատաց եւ կարօտելոց, եւ ի խնամսներքին մարդոյն` իր հոգւոյն․ զոր եւ յարքունիս եւ ի լծակցութեան առն թագաւորի` իբրեւ ի կուսաստանի ամօթխածութեամբ եւ համեստութեամբ զարդարէր․ եւ բազմաբողբոջ զաւակացն միանգամայն գորովի մայր եւ արթուն դաստիարակ էր։ Եւ այնքան պարտուց եւ պատշաճից մէջ` երբ մինակ ըլլար յարքունիս (շատ հեզ Հեթմոյ պատերազմի կամ ուրիշ գործոց համար հեռանալովն), յառանձնութեան պալատանն ճգնէր պահօք եւ աղօթիւք։ Բայց իր աստուածասէր եւ մարդասէր սրտին միշտ բաւական չէր ըլլար առանձնակեաց սրբութիւնն․ շատ հեղ պալատէն դուրս կ՚ելնէր` թէ իբրեւ յայտնի թագուհի եւ թէ իբրեւ ծածկեալ անծանօթ անձ մը, երթալ վազել` ուր որ բարեպաշտութիւն եւ ողորմածութիւն կրնային տանիլ։ Կ՚երթար երբեմն իր սիրելի զբօսարանը, իր դաստակերտ թէատրոնը` լսելու սրտառուչ ձայներ, կ՚երթար իր Հիւանդանոցը եւ Աղքատանոցը․ կամ ուրիշ հիւանդանոցներ եւ առանձին տուներ, ուր այլ որ լսէր թէ հիւանդ մը կամ երեսէ ընկած մը կայ, կամ կարօտ մը թէ մարմնաւոր թէ հոգեւոր դարմաններու։ …

Կու յիշեմ զմեծ եւ դիւցափառ կայրսն Օգոստոս, որ իմաստութեան այլ պատուող` շատ հեզ կու հրաւիրէր իր առանձին սեղանին կցորդ` իր ժամանակին երկու մեծ բանաստեղծքը, Վիրգիլիոս եւ Ովրատիոս․ ասոնց մէկն, կ՚ըսեն, շնչառութեան նեղութիւն ունենալով` ստէպ հեկեկալու ձայն կու հանէր, մէկայլն` աչքը ճպռոտ` ստէպ արտասունք կաթէր։ Օգոստոս կու ծիծաղէր ու կ՚ըսէր․ «Նստեալ կամ ես ընդ մէջ արտասուաց եւ հառաչանաց»։ Վերցու՛ր գլուխդ, ով տիեզերակալ սեբաստոս Օգոստոս, որոյ մեծութեանդ արձաններն եւ կամարներն ի Տիբերիսէ մինչեւ ի Սանգարիս դեռ կանգուն են, որ Անկիւրիոյ յիշատակարանիդ մէջ յիշես Հայոց թագաւոր մը դնելդ այլ․ տե՛ս (եթէ կրնան տեսնել այն աչքերն` որ 14 տարի մէկտեղ ապրելով` չտեսան զերկնից եւ զերկրի լոյսն` Քրիստոս) տե՛ս զՀայոց թագուհիս այս, որ Քրիստոսի խաչին նշանաւ թագը կապեր եւ բարձրացուցեր է․ տե՛ս ով մեծդ եւ ամենամեծդ յերկրի, տե՛ս այս փոքրիկ դշխոյս Կիւլիկիոյ, ինչպիսի~ արտասուաց եւ հառաչանաց մէջ նստեալ կայ, եւ կու սիրէ նստիլ ընդ երկար․ լսեցի՞ր դու այլ այսպիսի հեկեկանք մը․ սրբեցի՞ր այսպիսի արտասունք մը․ նստա՞ր երբէք ընդ մէջ հեծութեան հիւանդաց եւ արտասուաց աղքատաց։ Տե՛ս մենք տեսնենք հոս զԶապել․ ի՞նչպէս ոմանց առատապէս ստակ, զգեստ եւ դեղ բաշխէ, ոմանց անձամբ այլ ծառայէ, սփոփէ, մխիթարէ․ ի՞նչպէս, շատերը` աւելի առատ ու քաղցր սրտով եւ բերնով կու յորդորէ հոգինին հոգալու․ հին եկեղեցւոյ զգաստ այրեաց եւ սարկաւագուհեաց նման` կու սովրեցնէ տգիտաց զկանոնս եւ հրամանս հաւատոց․ կու սիրեցնէ անհոգներու` եկեղեցւոյ սուրբ խորհուրդները, կու յիշեցընէ իրենց անցեալ վարքը․ եւ զղջումն կու շարժէ խիստ կամ աղտոտ սրտերը․ խոստովանել կու տայ մեղքերնին եւ սուրբ հաղորդութեամբ զօրացընել հոգինին․ եւ այսպէս զոմանս մարմնով բժշկէ, զոմանս այլ հոգւով յաւիտեան հանգչեցընէ։ Իսկ այնպիսի տեղուանք` ուր որ պատշաճողութիւնն կամ ատենն չեն թողուր իրեն երթալ, իր հաւատարմաց մէկը կու ղրկէ` նոյն խնամք եւ հոգը մատուցանելու։ Զապել այս բաներուս մէջ կու ճանչնար զինքն` թագուհի եւ մայր ազգի։

Երբեմն այլ իր սրտին վերաթռիչ կրակէն վառուած ու վարուած` կ՚ելնէր գաղտուկ հաւատաւորի մը պէս, գլուխը քօղով ծածակած ու ի գետին խոնարհած, հոգւով քան թէ աչքով տեսնելով զճամբան․ կու փութար կ՚երթար ուխտատեղեաց եւ վանորէից դրանց քով աղօթքի կենալու․ մանաւանդ ուր որ լսէր թէ սուրբ անձ մը կայ, ոչ միայն հոն անոր մօտ փափագէր հասնիլ, այլ եւ կ՚ուզէր նոյն ճամբէն երթալ, նոյն հողն ու քարը կոխել` զոր սրբազանն կոխած էր։ Քանի~ լուռ եւ անշփոթ ժամեր, քանի~ մութ ու ցուրտ գիշերներ, լուսնկայ կամ անլուսին երկինք` տեսան մեր ջերմեռանդն ուխտաւորը` անծանօթ եւ անմարդաձայն ճամբուն վրայ․ ոչ ձմրան ձիւն ու բուք, ոչ տօրոսական ցուրտ պախրցին, ոչ հողմակոծ ծառերուն եւ ջրերուն մրմռալն, գազանաց մռնչել ու կանչելն, եւ ոչ յանկարծ դարանողի մը եւ իր առաջին պայլը սպաննող աւազակին պատահելու վախն, կրնան արգիլել զսրբասէր թագուհին։ Իբրեւ այն հրաշալի հարսն տիեզերական փեսային խանդակաթ` կու լսէր անոր ծածուկ ձայնը․ «Ե՛կ ի Լիբանանէ (ի քո պալատանէ) հարսն․ եկ այսր ի Լիբանանէ․ եկեսցես եւ անցցես ի գլխոյ հաւատոյ, ի կատարէ Սանիրայ եւ Հերմոնի, ի մայրեաց առիւծուց եւ ի լերանց ընծուց»․ եւ կ՚անցնէր կ՚երթար իբրեւ զաղաւնին միակ կատարեալ եւ գեղեցիկ` կենալու սրբութեան տաճարաց դրանգեաց ներքեւ, անձայն լռիկ աղօթքով` սրտանալու ի սէր հոգւոյն տիրոջը, եւ սրտացընելու զնա իր մաքուր սիրոյն։ Երբեմն այլ ճամբուն վրայ կանգ առնելով, հազիւ վանաց եւ եկեղեցեաց դրանց մօտեցած` կ՚ընկնէր ի ծունկս, կու պագնէր սրբազանից կոխած գետինը, կու թրջէր մարգարտակաթ արտասուօքը, կու քսէր գալար դէմքերը այն կրկին սրբեալ հողոյն ու կաւոյն վրայ․ անով կու շփէր շպարէր թագուհին Հայոց իր պայծառ հոգւոյն դրսի հայելին։ Այս էին սիրելագոյն զարդարանք եւ գեղերանք եւ զբօսանք Զապելի։

Այսպիսի դէմք, այսպիսի սիրտ, այսպիսի հոգի` ի՞նչ կերպով կրնար երեւիլ աշխարհային եւ թագաւորական հանդիսից մէջ։ Ինչպէս որ կու վայլէր սուրբ եւ զգաստ դշխոյի մը․ որ իր ամեն պարտքը եւ պատշաճը գիտելով` չէր պակսէր եւ ի տօնից եւ յընկերութեանց, անոնց նոր վայելչութիւն մ՚աւելցընելով իր չափաւորութեամբ եւ պարկեշտութեամբը․ եւ ինչպէս արքունի ծիրանեաց վերարկուք չէին կրնար խափանել իրենց ներքեւէն հագած խոշոր խայթող զգեստը, եւ ոչ այլ շնորհագեղ թափանցիկ ժպիտն` հոգւոյն զուարթութեան ճառագայթը․ աս էր զինքը աւելի պատկառելի ընծայողը` քան իր ծաղկած հասակն եւ ծանրագին թագն։ Ոչ ոք երբէք լսեց այն շրթունքներէն աւելորդ խօսք կամ կատակ մը, եւ ոչ ձայնով ծիծաղ մը փրթաւ բերնէն, ծանրիկ լրջութիւնն` բնական ձեւ եւ գոյն կ՚երեւէին իր կերպարանացը։

Ժ

Բաներուս բարեբաղդաբար վկայ ունիմք, Հայկակ, ժամանակից յիշատակագիրներն, բայց դժբաղդաբար` այսչափիս միայն, ու՞ր էր թէ աւելի ըլլային կամ մեզի հասնէին այսպիսի յիշատակք, եւ այլ աւելի բաներ պատմած ըլլային Զապելի վրայ․ գուցէ մեր միջէն այլ ելնէր Մոնդալանպէր մը մանրամասնաբար գրելու Հայոց սրբակենցաղ դշխոյին վարքը, որպէս նա Ունկարացի դշխոյին եւ Զապելին (Եղիսաբեթ)։ … Այս յիշատակս` որ յանկարծ բերնէս ելաւ, կու ստիպէ զիս, Հայկակ, խորհրդածութիւն մ՚այլ ընելու եւ ցուցընելու զարմանալի եւ վերնախնամ հանդիպակցութիւններ այս երկու թագուհեաց մէջ, որ թերեւս դեռ դիտուած չեն եւ կ՚արժեն մտադրութեան։ Երկուքն այլ համանուանք․ երկուքն այլ ժամանակակիցք, դշխոյն Կիւլիկիոյ եւ դշխոյն Թուրինկիոյ․ ասիկա` իբրեւ տասն տարի յառաջ ծնած քան զմերն, 20 տարի այլ անկէ առաջ բոլորեց կեանքը․ նա երկու երկվեցեակ տարի ապրելով, մերս` երեք։ Երկուքն այլ չորս տարեկան էին` երբ իրենց վիճակին տիրուհի սահմանուեցան․ երկուքն այլ նոյն մէկ տարուան մէջ (1221 2) պսակուեցան․ Զապել ընդ Ֆիլիպի, Եղիսաբէթ ընդ Լուդվիկ Հերմանայ գաւառատեառն (Լանտկրավի)։ Բայց մեծագոյն եւ հրաշախառն հանդիպուածն այս է, որ ատեն մը` քանի մը տարի սահմանուած էր` որ այս երկու լեռնաբնակ հաւբալներս իրարու քոյր ըլլային․ Թուրինկիա եւ Կիւլիկիա սխրալի կերպով զիրար ողջունեցին։ Եղիսաբեթ` դուստր է այն Անդրէասի եւ քոյր այն Անդրէասի` որոց մէկն Զապելի այր․ միւսն սկեսրայր պիտի ըլլային․ եւ եթէ անոնք չեղան, եթէ Զապել չեղաւ կողակից կրսեր Անդրէի, եւ եթէ երկու սրբաճեմ աղաւնիքն չեղան թեւակիցք մէկ թառի, մէկ սեղանի, մէկ խորանի քով, եթէ Ունկարաց սուրբ օրիորդն երիցութեամբ հասակին չգրկեց ու գգուեց զօրիորդ Հայոց, եւ ոչ սա բազկիկ բոլորելով անոր նազելի վզէն կախուեցաւ, սակայն երկնաւոր բաղդն զուգեց դրեց ըրաւ զանոնք քոյրակից,գործակից, հոգեկից։ Ինչ մասնաւոր առաքինութիւն եւ գործ տեսանք Զապելի վրայ, զնոյն պատմեն եւ Եղիսաբեթի վրայ․ երկուքն այլ նոյնպէս սրբասէր, աշխարհատեաց, պահեցող, աղօթող, աղքատասէր, հիւանդապահ։ Զապել վանաց եւ եկեղեցեաց դրանց քով կ՚աղօթէր։ Եղիսաբեթ երբ իր պալատին մատրան դուռը գոց գտնելու ըլլար` դուրսը ծունկ դրած կ՚աղօթէր․ Զապել իր մայրաքաղաքին` Սսոյ մէջ` հիւանդանոցը շինեց, որ ուզած ատեն երթայ դարմանէ ցաւագարները․ Եղիսաբեթ իր Մարպուրկի ապարանից ստորոտը շինեց հիւանդանոց մը, նոյնպէս խնամք տանելու։ Երկուքին ամուսինքն այլ տեսնելով իրենց ընկերին բարեպաշտութիւնը` թողուցին համարձակ եւ գործակից այլ եղան անոնց առաքինի գործոց։ Երկուքն այլ գրեթէ նոյն մէկ տարուան միջոց (1225 6) իրենց երկրաւոր մեծ կորուստն ըրին, Զապել զՖիլիպ, Եղիսաբէթ զՀերման․ սա 20 տարուան երեք զաւակօք այրի մնացած` իր աներձագին գրգռութեամբը` իբրեւ տէրութեան գանձը վատնող (առ աղքատս), հալածեցաւ յարքունեաց եւ իբրեւ անաշխարհիկ պանդուխտ վարած մնաց եւ մեծ չարակրութեամբ եւ աւելի մեծ ու սրտառուչ համբերութեամբ, մինչեւ հալածողն անգամ զգաստանալով` նորէն դարձուց զտիկինն յարքունիս․ բայց նա իր աւակաց վիճակն ապահովացընելէն ետեւ` քաշուեցաւ պալատէն դուրս առանձին անակի մը մէջ, եւ միանձնական զգեստ հագնելով (Ս․ Փրանկիսկոսի երրորդական կարգին), քիչ ատենէն մեծ ճգնութեամբ եւ սրբութեամբ կնքեց կեանքը (19 նոյեմբ․ 1231) եւ քանի մը տարիէն (1235) դասեցաւ եւ յեկեղեցւոյ ի կարգս սրբոց։ Այս վշտաց եւ հալածանաց` կերպով մը կրնայ համեմատուիլ նոյն ատեն Զապելի ցաւը` Ֆիլիպի սպանման վրայ, առանձնանալն ի Սելեւկիա, եւ բռնի բերուիլն ի Սիս յընկերութիւն Հեթմոյ։ Եւ եթէ սա այլ Հերմանայ պէս վաղամեռ ըլլար` անտարակոյս է որ Զապել այլ Եղիսաբեթի միանձնական կեանքն կ՚ընտրէր, որուն արդէն այնչափ փափագեր էր յառաջ քան զպսակիլն ընդ Հեթմոյ։ Նախախնամութիւնն այսչափ սահմանեց երկրի վրայ նմանակցութիւն այս երկու թագուհեաց, որոց անշուշտ աւելի մեծ է նմանութիւնն յերկինս, ուր` թէպէտ քանի մը տարի ուշ եւ աւելի ապրելով, բայց դեռ շուտ եւ անկատար կենօք` թռաւ եւ Զապել առ զուգակից անուանն, բաղդին եւ հոգւոյն, թողլով անմխիթար յերկրի իր երկրաւոր զուգակից եւ թագակիցը, անկէց ունեցած զաւակները, (որոնց ոմանք դեռ հազիւ իրենց մօր կաթը եւ սիրոյն մեղրը ճաշակեր էին) եւ բոլոր զինքը պատուող եւ պաշտող աշխարհը։

ԺԱ

Արդեօք դիպուածական ցա՞ւ մը, թէ իր փափուկ սրտին հին հարուածէն բուսած վէ՞րքն, թէ մանաւանդ սաստիկ փափագն առ լաւագոյն երանաւէտ կեանս, իր արդէն գեղեցիկ կեանքը փութացուցին ի գեղեցկագոյն վախճան, առ ի փոխել յամենագեղեցիկ կենդանութիւն։ Ո՜հ․ քանի՜ քաղցր եւ անոյշ էր այն հոգւոյ հրաւէրքն` որ եկաւ իրեն (ի 22 յանուարի 1252 ի)․ ձա՜յն ցանկալի երկնաւոր եւ անմահ փեսային, որուն հարսնացեալ է ամենայն մաքուր եւ մաքրասէր հոգի․ վասն զի ինչու՞ է հոգին` եթէ ոչ առ միանալ իր ստեղծողին հետ․ ձա՜յն Քրիստոսի Աստուծոյ, զոր ոչ միայն հոգւոյն անշունչ անյօդ ականջովն իմացաւ Զապել, այլ եւ զգալի կերպով մը լսելով` անպատմելի ուրախութեամբ իմացուց իրեն քովն եղող եւ իբրեւ հիւանդի նայողներուն, թէ ահա լսեմ ձայն` որ կանչէ զիս։ Ե՛կ աղաւնի իմ, ե՛կ կատարեալ իմ, ե՛կ սիրելի իմ․ եւ այս խօսքս իբրեւ վերջին բարով մնաք ըսելով մերձակայիցն, հոգին` հոգւոյն փափագողաց հետ խառնուեցաւ, թողլով յերկրի քըմծիծաղ ու պայծառ` այլ անշարժ մարմին մը, ի սուգ եւ ի սէր հասարակաց։ …

«Իսկ թագուհին զկեանս աւանդեալ

Ու ի կէտ կոչմանըն ժամանեալ,

Ձայն ի յերկնից ըզնա կոչեալ,

Զոր իւր ունկամբն յայտնի լըւեալ,

Ե՛կ աղաւնի՜ իմ, ասացեալ,

Իսկ նա յորժամ զայս ձայն լըւեալ

Զըւարթագին սրտիւ բերկրեալ,

Տեսլեամբ կերպին զըւարճացեալ

Եւ ի հոգին իւր ցընծացեալ,

Մերձակայիցըն զայս ազգեալ,

Եւ ընդ պատմելն` իսկոյն փոխեալ,

Զհոգին ի ձեռս Տեառն աւանդեալ,

Զխեցին ունայն` յերկրի թողեալ,

Զոր քահանայքն ակումբ առեալ

Զնա օրհնութեան հողոյ տըւեալ,

Արդ թագուհին յերկրէ ելեալ

Եւ առ Քրիստոս վերափոխեալ»։

Այսպիսւոյ բարւոյ եւ բարերարի, սրբակեաց եւ սիրելւոյ թագուհւոյ, հարսին եւ մօր մահ` ո՞րչափ ցաւալի եւ սգալի եղած է կենակցին, զաւակացն, մերձաւորաց, պաշտօնէից եւ բոլոր աշխարհին, ազատաց եւ ռամկաց, աղքատաց եւ հիւանդաց, կրօնաւորաց եւ զինաւորաց, քեզի դիւրագոյն է հասկանալ, ինծի աւելորդ ըսելն, Հայկակ, աւելորդ սեպեմ եւ խառնել զքեզ անոր երկարաչար յուղարկաւորաց մէջ, յոր կրնամք եկած սեպել զբովանդակ Կիւլիկիա եւ զմասն Կիպրոսի եւ Անտիոքայ, եկեղեցական, քաղաքական եւ զինուորական խմբերով, որոց մէջ չեմ այլ կրնար գոնէ պաղած պատկառանօք մատնանիշ չընել` երկու զանազան ձեւով բարձրապատիւ ալեւոր գլուխներ, երկու նահապետքն Հայոց, երկու անուանակիցքն, Կոստանդին կաթուղիկոս եւ Կոստանդին արքահայր, խնամակալք եւ դաստիարակք թագուհւոյն եւ հայրաբար սիրողք, որք իբրեւ երկու մեծամեծ մայրիք մրրկաշարժ անտառի մը` իրենց դիմաց իրենցմէ շատ դալար եւ ծաղկաբողբոջ միջաբեկեալ ծառին վրայ ծռած` դողդոջուն ճիւղերով կ՚ոլորին կ՚երերան։ Բայց դարձընենք աշուընիս իրեն գիլ ու դալար բարակ բարունակներէն, որոց անդրանիկն (Լեւոն) դեռ հազիւ 16 տարեկան է․ դարձընենք մանաւանդ այն փափուկ տնկոյն նեցուկ ու նշդարիկ եղող արքակաղնոյ նման պանծալի` բայց հիմակ քակեալ մենացեալ եւ կորացեալ թագաւորէն… Հեթում` այն օրերն մեծ պատրաստութեան մէջ էր, հարկաւորաբար երթալու առ Մանգու խաքանն Թաթարաց` յաշխարհ հեռի։ Զապելի յանկարծ յանդարձ աշխարհ երթալն` այնքան խոր եւ արժանաւոր սգով պատեց զայրիացեալ թագաւորն, որ երկու տարի չկարցաւ հեռանալ սեւու սենեկէն, ապա թէ գնաց։

Հեթում` ոչ կենակից եւ թագակից միայն էր Զապելի, այլ եւ անարգել գործակից անոր սրտին բարի բերմանց․ եւ եթէ իր արքունի անհրաժեշտ պարտքն եւ ի մօրէ որբացեալ զաւակներուն հոգն` չպատուիրէր, թերեւս աւելի շուտով թողուր ինքն այլ թագը, եւ առանձնակեաց հոգեկեաց, մ՚ըլլար․ ինչպէս որ ըրաւ այլ վերջը, յետ տեղաւորելու իր դստերքը` եւ թագը թողլու (յամին 1269) առ անդրանիկն Լեւոն։ Եւ սա իր ցանկալի եւ ցաւալի մօրն անմոռաց յիշատակը կերպով մը կենդանացընելու համար` իր իրեք երեց դստերքն անուանեց Զապլուն, Զապել, Սիպիլ։

Զապել թագուհւոյ մահացու նշխարքը անմահութեան մաղթանօք եւ անսուտ յուսովն պատելովու կնքելով` հանգուցին ն տապանատուն Ռուբինեան պայազատաց, ի վանքն Դրազարկ, ուր նախ հանգչէր էր տեղւոյն շինողն Թորոս Ա, թոռն Ա եւ մեծ Ռուբինի․ եւ իրմէ ետքն իրեն ցեղէն շատ պարոնայք եւ պարունուհիք․ եւ ուր յետ 19 տարւոյ (1270) հանգուցին թագուհւոյն քով էր թագակից եւ կողակիցն այլ, թէ իբրեւ արքայ Հեթում եւ թէ իբրեւ Եղբայր Մակար․ որ եւ Զապելի պէս բաղդ ունեցաւ օտար սուրբ թագաւորի մը հանդիպակից ըլլալու։

Իրենց երախտագէտ եւ սիրանուէր որդիքն եւ պայազատք` արքունի սրբապատում Յայսմաւուրաց մէջ նշանակեցին Հեթմոյ հանգստեան օրը (28 հոկտեմբերի), եւ այս օրս (22 յանուարի) Զապելի պաշտելի յիշատակը, զոր ի կեանս եւ ի մահուն` ճանաչողք եւ մերձագայք` սուրբ` անուանէին․ ինչպէս որ Հեթմեանց յիշատակն այլ` ոչ միայն մեր այլ եւ լատին միանձանց հին ժամագրոց ոմանց մէջ անցած է երանելեաց կոչմամբ։ Երանի՜ էր ազգիս այլ, եթէ` ինչպէս շատ արժանաւորաց յիշատակն անմահացուցեր է, զոմանցն այլ նորէն արթընցընէր։ Իսկ քեզ, Հայկակ, անշուշտ ախորժելի կ՚ըլլայ, քու ընտանեաց եւ մերձաւորաց միջի մատղաշ Զապելաց ծանօթանցնել` իբրեւ իրենց նախընթաց օրինակ համեստութեան եւ իմաստութեան ու պաշտպան մեր ազգին վերջի պայազատութեան մէջ ամենէն անուանի, պատուելի, սիրելի եւ սրբենի եղած թագուհին ԶԱՊԵԼ։

Будьте первым, кто оставит комментарий по этому поводу

Другие части "Յուշիկք հայրենեաց Հայոց"

Ятук Музыка
Mечты
Арно Бабаджанян

Mечты