Гевонд Алишан

Յուշիկք հայրենեաց Հայոց

Ս․ Սահակ Պարթեւ

Ա

ԿԷՍ դարէ աւելի էր որ Հայաստան յերկու վիճակ բաժնուած` երկու ինքնակալ տէրութեանց վերատեսչութեան տակ, Պարսից եւ Յունաց, անոնց երկար եւ աշխարհախռով կռիւները գրեթէ բոլորովին դադրեցուցեր էր։ Բայց Յազկերտ Բ` հազիւ թագաւորած Պարսից, յամի 439, անպատճառ պատերազմ հրատարակեց ընդդէմ կայսերաց․ հրաման տուաւ իր յառաջապահ սահմանակալ գունդերուն, որ մէկն Ասորեստանէն երթայ Մծբնայ վրայ, մէկ այլն յԱտրպատականէն մտնէ ի Հայաստան, Յունաց հայկական բաժինը խլելու։ Այս գունդս` Երասխայ հովիտը եւ Վանայ պարատափը անջրպետող միջոցէն փութալով` կ՚ելնէ․ Ծաղկոտան վայելչութիւնները կոխկռտելով կու փճացնէ, տօնահանդէս Բագրեւանդայ բարձրատափին վրայ կու բանակի․ եւ առանց ակնածութեան եւ գթոյ` կու գայ նոյն իսկ անոր շինագլուխ տօնագլուխ տեղւոյն` Բագաւանին քով` իր զօրապետաց վրանները կու զարնէ։ Ո՜րքան այլափոխուած էր Բագաւան այն առջի զուարթածաղիկ պայծառութենէն, զոր երբեմն տեսար, Հայկակ․ եւ սակայն շատ ատեն չէր անցած այս երկու կերպարանաց մէջ․ հազիւ տասն տարի էր` որ Այրարատայ թագաւորին բանակն չէր կանգներ ի Շահապիվան, եւ ոչ իրդրօշներն ու վաշտերն կռուէին ի Բագաւան։ Բագաւան թէ եւ դեռ իր հեթանոսական անունը պահէր, բայց գրեթէ դար ու կէս առաջ Լուսաւորչի աջով օծուած էր, Տրդատայ եւ իր աշխարհախումբ բանակին հոն մկրտուած ատեն․ եւ Տարօնոյ դիցաւանին հետ` նուիրեալ էր Ս․ Յովհաննու Մկրտչի․ որոյ անունը առնըլով իր սրբեալ ճակատուն վրայ թագաւորն Տրդատ, իր յիշատակն այլ խառնեց Մկրտիչին հետ․ անոր համար շատոնք կարծեն թէ յանուն Յովհաննու – Տրդատայ թագաւորի` Ս․ Յովհաննէս կոչուի մինչեւ ցայժմ Բագրեւանդայ Իւչ գիլիսէ անուանեալ տաճարն եւ վանքն․ եւ ի միացեալ յիշատակ Տրդատայ, Լուսաւորչի եւ Յովհաննու Մկրտչի` Հայոց ամենէն սրբազան ուխտատեղեաց մէկն է եղած, եւ հիմա մեր աշխարհքին սրբազան տաճարաց ամենէն վսեմագոյնն է ահեղակերպ մեծութեամբն եւ հնութեամբն․ գեղեցիկ ծնունդ ճարտարապետութեան մեր Իսրայէլ վարդապետին եւ առատաձեռնութեան Հերակլի կայսեր․ որոյ շինութեանն աւարտը եւ նաւակատիքը Հայադիրն նշանակէ ի 28 նաւասարդի (որ է 7 սեպտեմբերի) 639 ամին։ Այսօրուան քեզի յիշելիքս այլ, Հայկակ, զարմանադէպ զուգութեամբ` նոյն օրաթուին նշանած է եւ նոյն դարաթուին, այսինքն յեօթն սեպտեմբերի յամին 439, ճիշդ 200 տարի առաջ։ Այս ատեն Բագաւանի Ս․ Յովհաննէս կայսերակուռ կերպարանքը չունէր, սակայն անշուք շինուած մ՚այլ չէր, Գրիգորի եւ Տրդատայ դաստակերտ ըլլալով․ վասն այսորիկ ոչ միայն պաշտօնասէր ժողովուրդք, այլ եւ ժողովրդապետք եւ հայրապետք գային պատուելու զտեղին յիշատակաց։

Եւ ահա հիմ` այլ Յազկերտի վարազացեալ զօրաց արշաւանաց ատեն, հոն Բագաւանայ խաղաղաւէտ խորաններու քով քաշուած կու նստէր, եւ երկայն գիշերուան լուսապահող լապտերի մը պէս` որ դանդաղ առաւօտուն մօտ պսպղալով կու մարմրի, այնպէս կու հսկէր մօտ ի գերեզման իննսնամեայ ծերունի մը․ բայց աստուածափայլ աստուածապատիւ ծերունի մը, որոյ նման` ամենայն բարեմասնութեամբքն եւ ծայրացեալ հասակաւն, ոչ յառաջ եւ ոչ յետոյ չերեւցաւ ի Հայաստան։ Սա է թոռն թոռնորդւոյ սրբոյ Լուսաւորչին մերոյ, մեծ կաթուղիկոսն Հայաստանեայց Ս․ ՍԱՀԱԿ ՊԱՐԹԵՒ։

Բ

Ամեն կենսագիրքն վկայեն թէ ծնած եւ մեռած է մի եւ նոյն ամսաթուի մէջ նաւասարդի 30ին․ վախճանած տարին յայտնի նշանակեալ ըլլալով, եւ շաբաթուան օրն ալ (հինգշաբթի), կ՚իմանամք որ այդ նաւասարդն շարժական ամսովն է, որոյ 30նէր անշարժ նաւասարդի 28, յամին 439, եւ 7 սեպտեմբերի․ իսկ իր ծնած տարին` ըստ շարժական տարւոյ նաւասարդի 30ն քսան կամ 21 օր այլ ետք էր, որով Ս․ Սահակայ ծնած օրն կ՚ըլլայ սեպտեմբերի 27, համարելով թէ ծնած տարին է Քրիստոսի 352 55 թուոց մէջ։ Յայսմաւուրաց մէկն կ՚ըսէ Սահակայ համար, Կեցեալ ամս ԾԶ (56), որ ուղղագրելով ՁԶ, մեզի կ՚ընծայէ կենաց տարիքը 86, եւ ծնած տարին 354․ իր աշակերտքն վկայեն թէ հասաւ «ի յերկար ծերութիւն»․ սակայն անտեղի է պատմչաց ոմանց ըսածն` թէ 110 կամ 120 տարի ապրած ըլլայ Ս․ Սահակ․ վասն զի այդ թուով` ծնունդն կ՚ելնէ յ319 կամ 329 թիւն Քրիստոսի, յաւուրս Ս․ Լուսաւորչի։ Բաւական է Ս․ Սահակայ 86 90 տարուան կենաց` դեռ սովորականէ երկայն` շրջան մ՚այլ․ որ եւ երկարութենէն աւելի նշանաւոր եղաւ իրեն պատահած դէպքերով եւ անձինքներով, որով ոչ միայն ազգային պատմութեան այլ եւ ընդհանուր նոյնաժամանակ պատմութեան մէջ լաւ նշանելի է․ ազգայնոց մէջ` թէ՛ քաղաքական թէ՛ եկեղեցական եւ թէ՛ ուսումնական տեսութեամբք, իսկ օտարաց առջեւ` աւելի եկեղեցական մերձաւորութեամբն։ Սահակայ երկայն կեանքն եւ երկայն կաթուղիկոսութիւնն (51 տարի), սնունդն եւ զարգացումն ի Կեսարիա եւ ի Կոստանդնուպօլիս, զինքը մերձաւոր եւ ծանօթ եւ շաղկապ ըրին այն մեծամեծ Անձանց` որք Եկեղեցւոյ մէջ վհագոյն յեղանակ մը բոլորեն, անոր ամենէն գերապանծ հայրապետքն ըլլալով։ Այս յեղանակս` «այն ատենն է, կ՚ըսէ Վիլմէն, որ եկեղեցին ընկերական օրինօք այլ հիմնեալ հաստատեցաւ եւ հասարակային տէրութիւն մը դարձաւ․ այն ատենն է, որ ի պերճախօսութեան եւ ի դպրութեան` յառաջ բերաւ այն վսեմ եւ պայծառ հանճարները, որոց ոչ երբեք նման գտուեցան հաւասարորդք` բայց եթէ Գաղղիոյ ԺԷ․ դարու սրբազան քարոզիչքն։ Ո՜րչափ մեծամեծ մարդիկ, ո՜րքան գերագոյն ճարտասանք ելան Ս․ Աթանասէն մինչ ի Ս․ Օգոստինոսի միջոցն․ ի՜նչ հրաշազօր մտաւորական շարժմունք բոլոր հռոմէական աշխարհին մէջ․ ի՜նչ տաղանդներ` խորհրդական մրցմանց մէջ հանդիսացեալ․ ինչպիսի՜ ոյժ մարդկան` հաւատոց վրայ բանեցուցած․ ի՜նչ կերպարանափոխութիւն բովանդակ ընկերութեան, որ եղաւ ձայնիւ այն կրօնից` որ գետնադամբաններէն կու վերանայ ի գահոյս Կեսարուց, որ ուզածին պէս ի գործ ածէ` իր մարտիրոսաց արեամբ մաշեցուցած սուրը։ … Մտաց եւ արիութեան ամենէն ամօթալի ցածութեան իջած ատենն է, երբ ներքինք կառավարէին զինքնակալութիւն, եւ բարբարոսք վրդովէին, այն ատենն է որ Աթանաս մը, Բարսեղ մը, Գր․ Նազիանզացի մը, Ոսկեբերան մը, Ամբրոսիոս մը, Օգոստինոս մը` կու լսեցընեն ամենէն մաքուր բարոյականը եւ ամենէն գերագոյն պերճախօսութիւնը։ Միայն ասոնց հանճարն կանգուն մնաց ինքնակալութեան ընկնալու ատեն, կործանմանց եւ փլատակաց մէջ ասոնք` հիմնարկուք կ՚երեւին․ եւ յիրաւի, վասն զի ճարտարապետք էին այն մեր կրօնական շինուածոյն` որ պիտի փոխանորդէր հռոմէական ինքնակալութիւնը»։ Մեր Հայոց ազգին այլ հին թագաւորութիւնն եւ ինքնատիրութիւնն վերնալու ատեն Ս․ Սահակ չէ՞ր որ զազգն եւ զեկեղեցին կանգուն պահեց` մինչեւ ցայժմ․ (թերեւս աւելի քան) հաւասար այդ յոյն եւ լատին սուրբ Հարց․ որոց ոմանց կենաց վերջին կայծերը տեսաւ իր նորավառ աչօքն, սմանց պայծառագոյն օրերուն հասաւ, ոմանց կենակից եւ աթոռակից եղաւ, շատերուն` եւ նաեւ իրմէ վերջ սկսողներուն` շրջանին լմընցընելը տեսաւ, եւ հազիւ զոմանս թողուց դեռ իրենց պայծառ աթոռին վրայ։ Ասոնցմէ ոմանց, եւ անոնց 150 ընկեր հայրապետաց Ա․ Կոստանդնուպօլսոյ եւ Բ․ տիեզերական ժողովոյն, (յամին 381), հաւանօրէն ականատես եղաւ, իր կաթողիկոսութենէն ութ կամ ինն տարի առաջ, երբ թերեւս սուրբ կարգ այլ առած չէր, բայց իբրեւ որդի եւ թոռնորդի սուրբ քահանայապետաց եւ վկայից` ծանօթ էր ի դրան կայսերաց։ Քահանայապետութենէն առջի կեանքը, 35 տարի, աւելի Հայաստանէ դուրս քան ներսը անցուցած կ՚երեւի։ Բոլոր մեր նախնի լուսաւորչազարմ հայրապետք` Յունաց մէջ կրթութիւն առած են, մանաւանդ Ս․ Ներսէս, որ նախ ի Կեսարիա եւ յետոյ ի Կ․ Պօլիս վարժեցաւ յուսմունս․ եւ ըստ պատմչաց ոմանց, առաջին քաղաքին մէջ իր պատանեկութեան ատեն Վարդան Մամիկոնեան նախարարին Սանդուխտ դուստրը կին առաւ, ըստ այլոց (որ աւելի հաւանելի է) Կոստանդնուպօլսոյ մէջ Ասպիոն անուամբ ազնիւ (Յոյն) իշխանազին դուստրը, որ եւ յետ երեք տարւոյ վախճանելով` թողուց զՆերսէս այրի պատանի մը․ բայց անոր հասակին եւ մեծ սրտին մխիթարանք, եւ յաւիտենական մխիթարանք մըն այլ` միածին որդեակ մը, զմեծն ՍԱՀԱԿ։ Թերեւս աշխարհքիս մէջ չէ եղած քան զասոնք` վեհագոյն հայր մը վեհագունի որդւոյ։ Աստուած` միայն մեր եկեղեցւոյ շնորհեց 140 տարւոյ չափ` Ղեւտացւոց նման` քահանայապետական պայազատութիւն, որք վեց ազգ զիրար յաջորդեցին։

Սահակ ի Կոստանդնուպօլիս եւ ի Կեսարիա վարժեցաւ իր ցեղին եւ աշտիճանին յարմար ուսմանց․ յունարէն իբր մայրենական լեզու գիտէր, եւ ուսմամբ այլ այնքան հմուտ էր անոր քերականական արուեստին` որ նոյն իսկ բնիկ Յունաց վարդապետներէն շատը կու գերազանցէր․ ասորերէն այլ գիտէր անշուշտ չափաւորապէս․ պարսկերէնն այլ` իբրեւ տիրող լեզու ի Հայս․ իսկ իր եւ մեր բնիկ հայերէն լեզուին` թագաւորն կրնայ ըսուիլ, կամ առաջին հայկաբան․ վկայ` հայերէն աստուածաշունչ գիրքն, որ իր ոսկի գրչէն եւ մեղր լեզուէն առած է իր մեծագոյն ողորկութիւնը, քան զոր քաղցր եւ կակուղ հայախօսութիւն չկայ ազգերնում մէջ․ եւ թերեւս ըստ այսմ մասին` քան այլովքն` արժանապէս գերազանց դասուի քան զամենայն թարգմանութիւնս Ս․ Գրոց։ Իր աստուածաշնորհ հայրն` Մեծն Ներսէս, լաւ գիտենալով եւ թերեւս տեսնելով այլ իւր անարժան հօրը, Աթանագինէի, եւ հօրեղբօրը (Պապայ) անվայել վարքը, եւ խանգարեալ արքունեաց հրապոյրքը, չեմ տարակուսիր որ թողեր էր իր դեռաբոյս ծնունդը զգոյշ տեղ եւ զգոյշ վարժապետաց ձեռք․ որոց մէջ մնալն աւելի ընտրեց Իսահակ այլ_քան հօրը ահեղ եւ տխուր մահուընէն ետեւ` փութալ անոր գահը ելնել հազիւ 20 ամեայ հասակաւն, ինչպէս Ս․ Գրիգորիս իր պապուն հօրեղբայրն (15 ամեայ), կամ նոյն իսկ իր հայրն Ներսէս, որ չէր աւելի քան զ՚25ամեայ նորահաս երիտասարդ մը` գահը ելած ատեն, եւ ոչ աւելի քան զ՚35ամեայ ի գերեզման իջած ատեն։

Ս․ Սահակ այլ կանուխ կարգուեցաւ, Լուսաւորչի աթոռոյն ժառանգ մը աւելցընելու համար․ բայց Աստուած սահմաներ էր իրմով դադրեցընել այն յաջորդութիւնը․ եւ հրաշալի երկայն տեսիլքով մը յայտնեց անոր` մինչ դեռ սարկաւագ էր, եւ Վաղարշապատայ մայր եկեղեցւոյն (Էջմիածնի մէջ) հսկումն կ՚ընէր աւագ հինգշաբթի գիշեր մը, իր ազգին եկեղեցւոյն հանդիպելիքն ուխտապահ եւ ուխտազանց հաւատացելոց գործովք։ Միայն դստրիկ մ՚ունեցաւ Ս․ Սահակ, զոր անուանեց իր անուամբն Սահականոյշ, եւ տուաւ ի կնութիւն Համազասպայ Մամիկոնէից տեառն․ ի Համազասպայ ծնան երեք սահակավայել կորիւնք, Կարմիրն Վարդան, Համազասպեան եւ Հմայեակ, որոց առաջինը իրեն որդեգրեց իբրեւ հարազատ ժառանգ, բայց Վարդան այլ իր սուրբ պապուն պէս արու զաւակ չունեցաւ` իր Դստրիկ կնոջէն, այլ երկու աղջիկ, Վարդանոյշ եւ Շուշանիկ կոչուած, զորս զգուեց Մեծն Իսահակ իր պապական ծնգաց վրայ, եւ սեպեց իրեն պայազատ, թողլով անոնց այլ իր սեփական հայրենի ժառանգութենէն․ հաւանօրէն իր թոռանց թոռունքն այլ տեսաւ Ս․ Սահակ, գոնէ Ս․ Շուշանկան շառաւիղքը, (որ` ափսո՜ս, դժնկի մը հետ զուգեցաւ, Վազգենի Վրաց բդեշխին, սակայն այնով այլ աւելի ինքն զարմանալի եւ տօնելի եղաւ)։ Վարդանայ մէկայլ եղբարց ցեղն արու զաւակօք յաջորդեց ինչուան ԺԳ դար (թերեւս անկէ ետեւ այլ), եւ Ս․ Սահակայ արեամբը Պահլաւունի ըսուեցաւ․ արեան հետ արդիւնքն այլ ժառանգեց արժանապէս, եւ ԺԱ ԺԲ դարերու մէջ շատ արժանաւոր անձինք ընծայեց աշխարհի եւ եկեղեցւոյ, եւ այսպէս կատարեցաւ իր տեսլեան մէջ հրեշտակին խոստումն, թէ վերջի ատենները իր ցեղէն նորէն քահանայապետներ պիտի ելնէին, եւ էին Գրիգորեանքն եւ Ներսիսեանք, յետ կիսոյ ԺԱ դարու մինչեւ ի սկիզբն ԺԳ․ դարուն։

Գ

Ս․ Սահակայ վարքն չորս նշանափայլ երեւոյթ կ՚ընծայեն նըատմամբ իր անձին եւ ազգային պատմութեան․ Ա․ ուսումնական պայծառութիւն կամ հայերէն դպրութիւն, որ իր գործակցութեամբն զարգացաւ։ Բ․ Եկեղեցական կարդաց վայելչութիւն, որոց նոյնպէս հիմնադիր կրնայ ըսուիլ, յետ Ս․ Լուսաւորչին․ Գ․ քաղաքական տեսչութիւն, որոյ մասնակից եղաւ հաւասար իր հօրն, եւ աւելի քան զբազումս յօտար հայրապետաց․ Դ․ անձնական առաքինութիւնք, կամ նուիրական կեանք։ Ասոնցմով կ՚երեւի սուրբն Սահակ աշխարհքիս մէջ փայլած հոգւոց մէկն․ խորին տեսութեամբ, հարուստ հանճարով, տաք սրտով, գործունեայ կամօք, վսեմ զգացմամբք։ Այս չորս գլխաւոր գիտելեաց վրայ կ՚ուզեմ դարձընել աչքդ։ Հայկակ, թէ եւ համառօտ տեսութեամբ, քան պատմական դադարմամբ։ Որչափ որ Ս․ Սահակայ ժամանակն փառաւոր եւ պայծառ էր ըստ եկեղեցական կարգի, այնչափ այլ անշուք եւ անշնորհք մեր բնիկ աշխարհին քաղաքական վիճակն․ իր երախայութեան տարիները, նոր յաթոռ նստեր էր Տիրան թագաւոր, սկիզբն ազգերնուս կործանման, իր անքրիստոնեայ վատ եւ թոյլ վարուք․ որոյ դէմն ջանալով Ս․ Յուսիկ` պապահայր Սահակայ` զոհ եղաւ․ Տիրանայ յաջորդն Արշակ` չարագոյն քան զհայրն, վեհագոյն քան զՅուսիկ քահանայապետ ունեցաւ` անոր թոռը, զՍ․ Ներսէս, որ ժրութեամբ ջանաց այնպիսի մոլի անձին իշխանութեան ատեն` թէ զաշխարհքն թէ զեկեղեցին չէն պահել․ նոյնպէս անկէ այլ մոլի որդւոյն ատեն, Պապայ, որոյ անօրէնութեանն ինքնայլ զոհ եղաւ։ Իրմէ վերջ 15 տարւոյ չափ Հայաստանի քաղաքական շփոթութեանց միջոց, Պապայ, Վարազդատայ, Արշակայ եւ Վաղարշակայ եւ Խոսրովու թագաւորութեանց ատեն` չորս կաթուղիկոսք նստան օտար ցեղէ, ասոնց վերջնոյն ատեն Խոսրով Գ․ յաջողեցաւ ազգին յերկու բաժնուած նախարարները միաբանելով` հանդարտեցընել զՀայաստան, եւ յամին 389 նստուց յաթոռ մեծին Ներսիսի` անոր արժանաժառանգ որդին, զմեծն Իսահակ, որ այն ատեն իր հօրը վախճանած տարիքն ըլլալով եւ անոր ձրիւքն եւ շնորհօք զարդարեալ եւ յաւելեալ, կերպով մ՚այլ անոր քահանայապետութիւնը նորոգեց եւ յառաջ վարեց ամբողջ կէս դար։ Խոսրով քան զայս մեծ շնորհք չէր կրնար ընել իր ազգին, եւ այնքան մեծ եղաւ եւ գովելի շնորհքն, որչափ որ անով իր անձնական շահուն վնաս բերաւ, վասն զի այնպիսի կաթուղիկոս մը իր աթոռոյն հեղինակութենէն զատ, թագաւորաց ազգական այլ ըլլալով` ազգին վրայ մեծ ազդեցութիւն պիտի ունենար, այս բանս վախ բերաւ Պարսից թագաւորին, եւ որովհետեւ Խոսրով առանց իրեն իմացընելու` այնպիսի նշանաւոր անձն մը Հայոց սրբազան գահուն վրայ բարձրացուցեր էր, Պարսիկն զերկուքն այլ պարտաւոր սեպեց․ եւ զի Խոսրով ուրիշ ինքնագլուխ գործեր այլ կ՚ընէր, եւ ինչուան անկէ գլուխ քաշելու եւ Յունաց հնազանդելու կու սպառնար, խաւրեց իր Արտաշիր որդին` որ զԽոսրով վերցընէ ի թագաւորութենէ, զՍ․ Սահակ այլ ի հայրապետութենէ։ Խոսրով խաբուելով եւ ստիպուելով` Արաաշրի ձեռքն ընկաւ, եւ տեղը գրուեցաւ իր եղբայրն Վռամշապուհ (390), որ քան զեղբայրն զգուշաւոր եւ վախկոտ գտուելով` ինքնագլուխ բան չէր ըներ․ անոր համար չհաւանեցաւ Ս․ Սահակայ խնդրոյն այլ, որ դստերը (Սահականայ) աղաչանօք` խնդրեր էր իր փեսայն Համազասպ Մամիկոնեանք սպարապետ դնել Հայոց, փոխանակ նոր վախճանածին (Սահակայ ասպետի)։ Այս բանս երկրորդ պատճառ մ՚եղաւ Ս․ Սահակայ` անձամբ երթալուն առ թագաւորն Պարսից եւ միտքը շինելու։ Գնաց ի Տիզբոն, տեսաւ արքայից արքայն, հաճելի եւ պատկառելի եղաւ անոր․ խնդիրքները ընդունեցաւ զՀամազասպ ոչ միայն սպարապետ կարգեց, այլ եւ Հայոց նախարարաց մէջ բարձրացուց պատուով ինչուան ի հինգերորդ գահն․ ուրիշ յանցաւոր սեպուած նախարարաց այլ ներումն առաւ, եւ անոնց պատուոյ կարգերը նորոգելով` դարձաւ առ Վռամշապուհ, եւ անոր ձեռքով այլ հաստատել տալով Հայոց Գահնամակը, իր սուրբ հօրը նման նորէն նորոգիչ եղաւ քաղաքական դասակարգութեանց․ եւ եւս առաւել աշխարհքին խաղաղութեան եւ շինութեան։ Բայց քաղաքական խնամքը թողլով առ խոհեմ թագաւորն Վռամշապուհ, ինքն սկսաւ մեծ հոգով եւ ջանքով իրեն վայլածը հաստատել եւ աճեցընել, եկեղեցական բարեկարգութիւնքը, որ շատ տարիներէ վեր խանգարեր էին շատ տեղ, եւ անարժան սովորութիւնք տիրեր էին։ Ուղղութեան համար բաւական գիտութիւն եւ հմտութիւն, կամք եւ ոյժ ունէր․ բայց ուղղութիւնը հաստատուն եւ մնայուն ընելու համար` կարեւոր հնարք մ՚այլ կար` որ կու պակ­սէր իր հօրը, եւ Յուսկան եւ Լուսաւորչի անգամ․ այսինքն է ազգային լեզուի դպրութիւնն, որ ի վաղուց խափանեալ էր, բնիկ հայերէն գիրն խա­փա­նուե­լուն համար․ եւ անով` օտար լեզուներ (յոյն, ասորի եւ պարսիկ) սովրիլ ստիպէին թէ աշխարհականք եւ թէ եկեղեցականք, իրենց արտաքին եւ սուրբ պաշտամանց մէջ վարելու․ եւ ամէնքն այլ հաւասար լեզուաց յաջողութիւն չունենալով` ի հարկէ կրթութեան եւ կրօնից մեծ պակասութիւն կ՚ըլլար։ Պէտք էր հայերէն գիր հնարել։ Այս հնարքը Աստուած մեր քահանայապետին մովսիսանման գաւազանին չտուաւ, այլ իրեն ահարոնանման աջակցին, Ս․ Մեսրովպայ։

Դ

Այս անձը դու լաւ կու ճանաչես, Հայկակ, որ յամենայնի լծակից եւ գործակից եղաւ մեծին Սահակայ, գրեթէ եւ կենակից․ (անկէ հինգ ամիս ետեւ յաշխարհքէ ելաւ եւ անկէ այլ քիչ մը առաջ յաշխարհ եկած կ՚երեւի)․ նախ Ս․ Ներսիսի փոքրաւոր էր, եւ անոր վսեմական մահուն ատեն ըսածները մտիկ ընելով` աւանդեց յետնոց․ յետոյ Հայոց թագաւորին արքունիքը մտաւ քարտուղարութեամբ, լաւ թարգմանիչ եւ գրիչ ըլլալով․ քանի մը տարիէն` արքունիքը թողուց, առանձնացաւ յաստուած խոհութիւն եւ ի ճգնութիւն․ եւ հոգին ու միտքը աստուածային շնորհօք լուսաւորելով, ելաւ (յամին 396) քարոզելու եւ վարդապետելու զանազան կողմեր, առաւել ի Սիւնիս։ Այս վարդապետութեան ատեն աւելի քան զաւելի ճանչցաւ ազգային գրոց եւ դըպրութեան հարկաւորութիւնը, որոյ համար եկաւ խորհրդակցելու ընդ սրբոյն Սահակայ, եւ տեսաւ որ արդէն կաթուղիկոսն այլ նոյն մտածութեամբ եպիսկոպոսաց ժողովոյ մէջ է (403) բայց ուրիշ եկեղեցական հոգեր վրան առած ըլլալով` յանձնեց Մեսրովպայ մասնաւոր խնամքով այս բանիս ետեւէն ըլլալ․ եւ ինքն անձամբ առ թագաւորն երթալով զնա այլ յորդորեց յայս ջանս։ Բարեսէր թագաւորն այլ եթէ գանձով եւ եթէ քաղաքական ծանօթութեամբք օգնութիւն ըրաւ, մանաւանդ որ ինքն այլ պէտք ունէր լաւ քարտուղարաց, Ս․ Մեսրովպայ յարքունեաց երթալէն ետեւ` յարմար մը չէր գտած։

Չերկնցընենք այս պատմութիւնս․ Ասորի Դանիէլ եպիսկոպոսի մը քով հին հայերէն գրեր կային, անոր խաւրեց զՍ․ Մեսրովպ (404), որ առաւ բերաւ ի Հայս, եւ երկու տարի աշխատելով, դպրոցաց մէջ սորվեցնելու տղայոց, ճանչցաւ որ անբաւական են այն Դանիելեան նշանագիրքն․ եւ յետ ուրիշ շատ հնարից եւ ուղեւորութեանց, ինչուան ի Սամոս երթալով` հոն աւելի աղօթքով եւ Աստուծոյ յայտնութեամբ` քան մարդկային հնարիւք` գտաւ եւ յարմարցուց իր եւ մեր փափագելին (յամի 406), եւ ճարտար յոյն գրչի մը ձեռօք մտցընելով ի ձեւ, (որ մեսրովպեան տառք կամ երկաթագիր կ՚ըսուին հիմա), իբր փորձի համար ձեռք արկաւ թարգմանելու եւ գրելու հայերէն Սողոմոնի Առակաց գիրքը։ Այս եղաւ սկիզբն թարգմանութեան Ս․ Գրոց, հեռու եւ անծանօթ կղզւոյ մը մէջ, այն տարին` յորում Պաղեստինոյ առանձնութեան մէջ Ս․ Հերոնիմոս դադրեցուց իր գրիչը` սուրբ գրոց լատիներէն (վուլկադա թարգմանութենէն։… Հոս քեզի թողում ազգիդ եւ նախնեացդ արդար եւ համաշխարհական խնդութեան եւ հանդիսից մասնակից ըլլալ․ կ՚ուզես Ս․ Մեսրովպայ հետ փութա ի հայրենիքդ, իբրեւ ի Սինա լեռնէն իջնելով աստուածագին պատգամներով կ՚ուզես թագաւորին եւ կաթուղիկոսին եւ բոլոր մեծաց եւ փոքունց հետ անոր դիմացն ելիր, օրհնել, համբուրել եւ ընդունել այն անտես մտացդ հետ խօսող եւ լուսաւորող գծիկները․ եւ մի առ մի նկատէ՛, տե՛ս դպրոցաց կանգնումը, աշակերտաց ժողովումը, փոյթ եւ ջանքն, իբրեւ երկայն ծոմաջանութենէ ետեւ պահոց պնակները կոտրող եւ զատիկ ընողք` յոյն եւ ասորի պնակիտները թողլով` հայերէն այբուբենը գրող ու սովրող մեծ ու պզտիկները․ անոնց մէջէն` Սողոմոնի 60 զօրաւորաց պէս` բոլոր աշխարհքէն ջոկած 60 ամենընտիր աշակերտքը, որք իբրեւ ուշիմագոյնք, փափկաձայնք, երկարոգիք, կու ղրկուին յԱղեքսանդրի, յԱթէնս, ի Կոստանդնուպօլիս, յԵդեսիա, եւ յայլ ուսմամբ անուանի քաղաքս, լաւ սովրելու յոյն եւ ասորի լեզու, եւ թարգմանելու սուրբ եւ պիտանի գրքեր։

Այս գիւտս եւ յեղափոխութիւնս այսպէս երգէ հին գանձասաց մը, (Գէորգ)․

«Ո՜վ անվեհեր փութոյն պնդութեան` ի գիւտ հանճարոյ սրբոց թարգ­ման­չացն․ խոհին ստեղծանել տառս գծագրաց, նշանակ խօսից հայկական լեզուիս․ ո­րով վաղ անցեալքն յիշատակին, եւ մեկնեալքն` դէմ յանդիման խօսին։ Յայս հոգ զարթուցեալ սքանչելին Սահակ, զարմն վեցերորդ սրբոյն Գրիգորի․ զսոյն առ նովաւ եւ զոյգ ընդ նմին աստուածաբնակ հայրն սուրբ Մեսրովպ․ որ եւ զըղձալի պարգեւս տառիցն ընկալաւ յԱստուծոյ ի մեծ գթութեանցն։ Լե՛ր Քրիս­տոս, պահ­պանիչ աշակերտացս երջանիկ սրբոց թարգմանչացն, աղաչեմք»։ է …

«Գրաւորական տառից առլըրմամբ մեծապէս խընդայր տէրն սուրբ Սահակ․ իսկոյն ձեռնարկէր ի թարգմանութիւն մարգարէականն աստուածախօսութեանց, ժողովեալ մանկունս ի վարժ դպրութեան, աճեցուցանէր զուսումն իմաստից, ջամբելով զկաթն նշանագրացն` առնէր վարդապետս եւ եւ պատմաբանողս, զի յաջորդք հարանցն վարդապետաց` լիցին աշակերտքն պայծառագոյնք։ Լեր Քրիստոս, եւն»։

«Եւ եւս ի զօրագոյն զօրութիւն գնալով գրաւորականին վարժից կրթութիւն, պարզ գրագիտութիւնն զարգանալով ի քերթողականն արուեստ յառաջիւր․ որոց առաջին մեզ հայր քերթողաց պայծառն Մովսէս այն Խորենացին, նախնին աշակերտ սրբոյն Մեսրովպայ ի քերս բայից հզօր քան զնա․ համազոր նմին` Յովսէփ Պաղնացի, նորուն վարժակից Եզնակ Կողբացի․ Անյաղթն Դաւիթ եւ սուրբն Կորիւն, եւ միահամուռ դաս քերականացն․ որք աստուածեղէն վարդապետութեամբ փարթամացուցին զՀայաստանեայս։ Լե՛ր Քրիստոս, պահապանիչ աշակերտացս երջանիկ սրբոց Թարգմանչացն»։

Ե

Պարագլուխ թարգմանչաց եւ մատենագրաց ինքնին Ս․ Սահակ` քահանա­յա­պե­տի արժանաւոր կարգերը հոգալով, յառաջ քան զայլս Ձեռնադրութեանց կարգը դրեց․ ինչուան իր ատեն գործածուած Ս․ Լուսաւորչի յունարէնէն առածը փոխելով եւ ընդարձակելով, եւ յամին 410 նաւասարդի տօներուն, տարւոյն սկիզբը հրատարակեց զայն հանդիսապէս․ գուցէ ձեռագրերով բազմութիւն եկեղեցւոյ սպասաւորաց, քահանայից, եւ թերեւս եպիսկոպոսաց այլ։ Նոյն կամ յաջորդ տարին` թագաւորէն եւ բոլոր եպիսկոպոսաց ուխտէն խնդրուելով` յանձն առաւ գլուխ կենալու Աստուածաշունչ գրոց թարգմանութեանը․ եւ ընդ Ս․ Մեսրովպայ` բոլոր եկեղեցական պաշտամանց եւ ծիսից, այսինքն Մաշտոց ըսուած գրոց, մասն մի թարգմանելով ի զանազան հարց, եւ մասն մի նոր շարադրելով, եւ մասամբ Ս․ Լուսաւորչի գրուածները փոխելով ի հայ։ Ընդհանուր թարգմանութեանց սկիզբն սեպուի 411 2 տարին, եւ վերջն 426․ այս 14 տարուան միջոց Մաշտոց, եւ Աստուածաշունչ գիրք հայերէն գրուեցան եւ կանոնեցան, հաւանօրէն` գրագրութեամբ քաջին Մովսիսի Խորենացւոյ որ Ս․ Մեսրովպայ քեռորդին էր, եւ Ս․ Սահակայ Գրիչն։ Թարգմանութեան երկրորդ տարին Ս․ Սահակ յԷջմիածին ըլլալով, (ուր եւ կ՚երեւի թէ այն ատեն նորոգեց Ս․ Հռիփսիմեայ լուսաւորչաշէն մատուռը, եւ այն հրաշագեղ կուսին տապանին վրայ դրաւ իր հայրապետական կնիքն այլ Լուսաւորչի կնքոյն քով), հոն հրատարակեց ննջեցելոց Աշխարհաթաղի կարգը․ իսկ Քահանայաթաղը եւ Հոգեհանգիստը` զոր Ղազարիկ թարգմանիչն բերած էր` (Ս․ Եփրեմայ շինածը ասորերէն ի հայ փոխելով եւ աւելցընելով), հրատարակեց տասն տարի ետեւ։ Ուրիշ կանոններէն միայն Սէրմնօրհեաց թուականն յայտնի է, յամին 423 4 հրատարակուած․ մնացեալքն այլ այս միջոցիս ոմանք ի Ս․ Սահակայ եւ շատն այլ ի Ս․ Մեսրովպայ կարգաւորեցան, անոր համար իր մականուամբն Մաշտոց ըսուեցաւ գիրքն, կամ թէ ինքն Մաշտոց ըսուեցաւ գրոց պատճառաւն, որ կ՚ըսուի եւս Օրհնութիւնաբեր։ Մեր Տօնացոյցն այլ ըստ հայ եւ հոռոմ ամսոց ինքն Ս․ Սահակ նախ կարգաւորեց, եւ ինչուան հիմա գտուի իր գրածն այլ, յետոյ փոփոխածներէն զատ։ Թարգմանութեանց գլուխ գործոց եղաւ նախայիշեալ Աստուածաշունչ գիրքն, որ եւ սուրբ Սահակայ անթիւ յիշատակաց եւ պարծանաց պարծանքն է հիմա մեր մէջ․ զոր նախ ի Հաաստան գտուած ասորերենէն թարգմանեց, վերջը յունարէն Եօթանասնից թարգմանութենէն սրբագրեց, կամ նորէն թարգմանեց․ եւ այլ վերջը` Եփեսոսի ժողովէն ետեւ` երբ թարգմանիչք բերին աւելի ընտիր եւ ստոյգ Եօթանասնից օրինակ մը, անոր համեմատեց` եւ փոփոխեց առաջին թարգմանածը․ եւ վերջապէս վերջին ձեռք դնելու եւ ըստ կարելւոյն կատարելագործելու համար, աշակերտներէն քաջագոյնները (յորս Մովսէս Խորենացի, Դաւիթ, Եղիշէ, եւ այլք), խաւրեց յԱղեքսանդրիա, որպէս զի տիրաբար հմտանան յոյն լեզուին, եւ ամենեւին անտարակոյս եւ հաւատարիմ ըլլայ թարգմանութիւնն․ բայց աշակերտաց անյագ ուսումնասիրութիւնն եւ ընթերցմունքն զիրենք ուշացուցին Աղեքսանդրիոյ հարուստ գրատանց, եւ Ս․ Կիւրղի վարդապետարանին մէջ․ եւ երբ դարձան ի Հայս` զիրենք զրկող մեծ վարդապետքն վախճանած էին։

Ս․ Սահակայ հեղինակօրէն շարագրածոց մէջ`մաշտոցի քանի մը կանոններէն զատ, գլխաւորքն են Աւագ շաբաթու շարականք (բաց ի քանի մը օրհնութիւններէ), սկսեալ ի Ղազարու յարութեան ազնիւ վսեմ երգոյն, «Այսօր գոլով ի Բեթանիա` քո ամենազօր հրամանաւդ ձայնեցեր Ղազարու, եւ դողացաւ մահ․ դժոխք պարտեցաւ, ապականութիւն լուծաւ․ կենդանարար Քրիստոս, կեցո զմեզ»․ մինչեւ ի վսեմախաղաղ յետին նուագն Քրիստոսի թաղման․ «Որ արարիչդ ես արարածոց, հանգուցեալդ ի քերովբէս, վիմով կնքեցար յերկրի»։ Այս հազասլաց խորամուխ լեզուին եւ բանից` յարմարցուց երաժշտական եղանակներն այլ․ վասն զի այս զմայլելի արուեստին այլ քաջահմուտ էր։ Ժամագրոց աղօթից այլ մէկ մասին հեղինակն է Ս․ Սահակ, մընացելոց` իր աշակերտքն եւ յաջորդքն Գիւտ եւ Յոհան, եւ այլք յետոյ։ Պատարագամատոյց մ՚այլ ունի հիմակուան գործածուածէն աւելի ճոխաբան եւ ճշդարան։ Ասոնք թէ՛ իր մատենագրական հանճարոյն աներկբայ հաւաստիք են, եւ թէ՛ իր եկեղեցական կարգաց եւ հոգեսիրութեան խնամոցն, որոց համար` (բաց յայսպիսի պաշտամանց կամ սրբազան գրոց) շատ անգամ ժողովներ ըրաւ եպիսկոպոսաց, եւ արժանաւոր քահանայապետութեան կանոններ, խըրատներ, կոնդակներ հրատարակեց․ յորոց մնան հիմա վեց կամ եօթն խոհական եւ յստակախօս բանք․ Ա․ առ Եպիսկոպոսունս, Բ․ առ Քորեպիսկոպոսունս, Գ․ առ Քահանայս եւ Վանականս․ Դ․ վասն եկեղեցւոյ եւ վանաց, եւ տրից կամ նուիրեց ժողովրդեան ի վանս․ Ե․ վասն տնտեսութեան եպիսկոպոսաց եկեղեցական նուիրաց․ Զ․ դարձեալ վասն նուիրաց եկեղեցւոյ, թէ որպէս բաժնելու է եկեղեցւոյ սպասաւորաց։ Այս խրատներս Ս․ Գրիգորի դրած կանոններէն առնելով ընդարձակած է, ինչպէս ինքնին կու վկայէ, եւ իր կաթուղիկոսութեան առաջին տարիներն հրատարակեց յունարէն, եւ յետ գիւտի գրոյն` հայերէն, անոնց հետ ուրիշ կարճ կանոններ այլ, որ յանուն Ս․ Լուսաւորչին պահուին ցարդ ի կանոնագիրս մեր։ Ս․ Սահակայ ամենայն գրուածոց լեզուն սքանչելի յստակութիւն, մաքրութիւն եւ ողորմութիւն մ՚ունի հանդերձ վսեմութեամբ, զոր իր հոգեկիր եւ արիւնաժառանգ Ս․ Շնորհալիէն զատ` թերեւս ուրիշ մը չկրցաւ ստանալ նոյն աստիճանի։

Այս աստուածատուր եւ ամենահարկաւոր եկեղեցական եւ ուսումնական շնորհքները պատրաստելէն ետեւ, իր բոլոր ազգին եւ վիճակին մէջ ծառայելու այլ ջանաց մեծն Իսահակ․ Պարսից բաժնին մէջ անաշխատ ընդունելի ըրաւ, բայց Յունաց բաժնին մէջ դժուարութիւն կրեց։ Երկու տէրութեանց մէջ կռուոյ պատճառ չըլլալու համար, քիչ մ՚այլ իրարատեցութեամբ` յունաբաժինը խորշէին ի Պարսկահայոց․ մինչեւ ոչ հայերէն դպրութիւնը ընդունեցան, եւ ոչ Ս․ Սահակայ օրհնութիւնը․ այլ ի Կեսարիոյ արքեպիսկոպոսէն կ՚առնուին ձեռագրութիւնն այլ։ Ս․ Սահակ փորձ մը ետեւ` առ ժամանակ մը լռեց․ մանաւանդ որ այն տարիներն Կոստանդնուպօլսոյ աթոռոյն յաջորդութեան մէջ այլ շփոթութիւն կար․ մինչեւ որ շատ տարիէ ետեւ (420) ստիպուելով Յունաց բաժինը երթալ, եւ նորէն հոն իրեն արժանի պատիւ չգտնելով, թուղթ գրեց առ կայսրն Թէոդոս Փոքր եւ առ հայրապետն Ատտիկոս, նուիրակ խաւրելով իր փոխանորդը, զՍ․ Մեսրովպ, եւ իր թոռը` Վարդան․ կայսրն եւ հայրապետն նախ մեղադրեցին Ս․ Սահակայ` աւելի Պարսից եւ Ասորւոց կողմ կենալը, եւ հայերէն գրոց գիւտին համար Ս․ Ոսկեբերանին խորհուրդ չհարցնելն․ (չյիշեցի՞ն` որ այն ատեն իրենք զՈսկեբերան կու հալածէին ի սառնամանիս հիւսիսային Փոքր Ասիոյ)․ վերջապէս հաւանեցան որ Ս․ Սահակ հովուէ յունաբաժին Հայերն այլ, եւ հոն այլ դպրոցներ բացուին հայերէն դպրութեան․ Ս․ Մեսրովպայ այլ յունական վարդապետութեան աշտիճան եւ պատիւ տալով յետ դարձուցին։ Այսպէս զբոլոր Հայաստան աշակերտեցին Սահակ եւ Մեսրովպ․ եւ խնամքնին տարածեցին անկէ դուրս այլ իրենց դրակից եւ մասամբ թեմակից ազգաց վրայ, Վրաց եւ Աղուանից, որոց լեզուին գրերն այլ հնարեց Ս․ Մեսրովպ, եւ սուրբ գրքերը թարգմանել տալ սկսաւ։

Յոնաց բաժնին մէջ եղած ատեն` Ս․ Սահակ իմացաւ որ հոն իր վիճակելոց մէջ չար եւ այլանդակ աղանդ մը կայ, զոր Բորբորիտոն կ՚անուանեն պատմիչք մեր, եւ ոչ այնքան մտաց չարափառութիւն, որքան բարուց անբարութիւն կու ցուցանեն․ խստիւ ետեւէ ընկաւ այս աղտեղութիւնը վերցընելու․ եւ երբ հարկ եղաւ իրեն նորէն դառնալ ի Պարսից բաժինն (421), յանձնեց սուրբ Մեսրովպայ` որ անաչառ քննէ դատէ, եւ անհաւանները պատժէ, անուղղաները` ճակատնին խարանով այլ նշանելով` հալածէ։ Այս բանս թէ՛ այն աղանդին սաստիկ աղետութիւն կու ցուցընէ եւ թէ՛ Ս․ Սահակայ արիութիւնն․ որ յայլսն քաղցր եւ հեզ, զիջող եւ համբերող, ուր որ Աստուծոյ իրաւանց վրէժխնդրութիւնն յանձնած էր իրեն` հոն արդար եւ անաչառ էր․ զնոյն արթնութիւն ցըցուց յետոյ նեստորականաց եւ ուրիշ աղանդաւորաց դէմ․ զնոյն` իր կանոնական գրոց մէջ այլ կու սպառնար․ եւ զնոյն խրատ գրէր շատ տարի ետեւ առ Ս․ Պրողկ` աշակերտ եւ աթոռաժառանգ Ոսկեբերանի, տրտմախառն յիշատակաւ իր ազգին վիճակին, որ անտէր ըլլալով այն ատեն` կու դժուարացընէր կաթուղիկոսութեան տիրաբար իշխանութիւնն այլ․ իսկ դուք կ՚ըսէր «թագաւորս ունիք` որ զհոգ Աստուծոյ յանձին բարձեալ բերեն, եւ … կարող են ըզփուշն ի միջոյ սրբել․ (վասն այնորիկ պարտ եւ պատշաճ է ձեզ որ ի մեծամեծ իշխանութիւնդ վայելէք` նախանձել զնախանձն Աստուծոյ եւ ի գլուխ վարել զայնպիսի նախանձու վրիժուց հատուցմունս, եւ ոգւով եւ մարմնով ջանալ` զի բարձցին ի միջոյ եկեղեցւոյ Քրիստոսի` անուանարկ անօրէն ամբարշտութեան գայթակղութիւնք»։ Այս թուղթս սուրբ հայրապետն մեր մահուընէն քիչ տարի առաջ գրած է, երբ ինքն կաթուղիկոսի քաղաքական կամ իշխանական տիրութենէն հրաժարած` միայն աստուածային տիրական իշխանութիւնը անհրաժեշտ կու վարէր, անդադար վարդապետութեամբ եւ հովուութեամբ։ Այս ցաւալի եւ սխրալի դէպքը պէտք է յիշեմք։ Ս․ Սահակայ քաղաքագիտութիւնը եւ քաջ ազգասիրութիւնն այլ լաւ ճանաչելու համար։

Զ

Գրեթէ գրոց թարգմանութեան սկիզբն եւ քահանաօրհնէքի հրատարակման տարին (412) վախճանեցաւ բարեացապարտ թագաւորն մեր Վռամշապուհ, որ Տրդատայ մահուընէն ետեւ` կէս դարու մէջ եղած չըլլալու չարիքն եւ շփոյթքը` մոռացուցեր էր իր 21 տարի խաղաղ եւ խոհեմ կառավարութեամբն․ իր մահն նորոգեց հին վէրքերը, որք` աւա՜ղ, անբժշկելի մնացին։ Վռամշապուհ` իրեն ժառանգ տասը տարեկան աղեկ մը թողուց, Արտաշէս անուամբ․ աշխարհը մէկէն վերվար չըլլալու համար` փութացաւ զգաստ հովուապետն Ս․ Սահակ, (որ եւ յետ թագաւորին ազգապետ ճանաչուէր), գնաց առ Յազկերտ Ա․ եւ կերպով մը իր պատճառաւ զրկուած Հայոց առաջին թագաւորին փոխարէն ընելով, խնդրեց որ նորէն թագաւորեցընէ Վռամշապհոյ եղբայրը, Խոսրովը, որ Անյուշ բերդին մէջ արգելուած եւ ծերացած` մահուընէ զատ ազատութեան յոյս, եւ թերեւս փափագ այլ չունէր։ Ս․ Սահակայ շնորհքն միայն կրցաւ Պարսից անփոփոխելի օրէնքը փոխել, եւ ինչուան ի մահ եւ ի բանտ դատապարտեալը` հանել ի բանտէ, եւ հաւանեցընել զնա այլ` նորէն իր երիտասարդ գլխին կրած թագը` դնելու հիմա կորացել եւ ալեւորեալ գլխին վրայ․ որ եւ տարիէ մը աւելի չկրցաւ վերցընել զայն․ սակայն գոնէ փառօք մեռաւ, եւ Ս․ Սահակայ օրհնութեամբը իջաւ քնանալու իր ազգակից թագաւորաց հետ հասարակաց քունը։ Ս․ Սահակայ փափագն կատարեցաւ անոր թագաւորութեամբն, այլ կիսակատար մնաց` կարճ թագաւորութեամբն․ յետ որոյ քանի մը տարի պարապ մնաց աթոռն, Արտաշիսի տղայութեանն համար․ եւ թէպէտ հասաւ նա յարբունս, բայց Յազկերտ իր որդին Շապուհը թագաւորեցուց Հայոց, որ եւ յետ չորս տարի անարգանօք թագաւորութեան` հօրը հիւանդութինը լսելով փութացաւ ի Պարսկաստան անոր յաջորդելու, բայց մէկտեղ ի գերեզման մտաւ, իրեններէն սպաննուելով, եւ թագաւորեց Պարսից Վռամ Բ։ Սա մէկէն Յունաց դէմ պատերազմ բացաւ (420), մեր աշխարհքն այլ նոէն ոտնակոխ եղաւ․ եւ ահա այս շփոթութեանս համար էր որ Ս․ Սահակ անցաւ ի բաժին Յունաց, եւ որովհետեւ Շապհոյ թագաւորութեան ատեն մեռեր էր իր փեսայն Համազասպ Մամիկոնեան` սպարապետն Հայոց, անոր որդին եւ իր թոռը` Վարդանը` զրկեց ընդ Ս․ Մեսրովպայ առ կայսրն Թէոդոս, եւ ստրատելատ պատուանուամբ հօրը տեղ իշխանութեան հասուց։ Անոր հետ Թէոդոս կայսր պատուէր զրկեց առ Անատոլ` իր արեւելից կողմնակալ զօրավարն, որ յապահովութիւն յունաբաժին Հաոց ամուր քաղաք մը շինէ, եւ շինեցաւ Կարնոյ քաղաքն (422)։ Այսպէս Յունաց կայսրն եւ անոր իշխանութեան տակ եղած արեւմտեան Հայաստանը շահելով եւ յանձնելով ի վարդապետութիւն Ս․ Մեսրովպայ, Ս․ Սահակ ճարտար քաղաքագիտութեամբ` արեւելեան այլ չթողուց Պարսից թագաւորին վրէժխնդրութեանը, այլ զասպետն Սահակ եւ (յետոյ) զթոռն իւր Վարդան (երբ դարձաւ սա ի Յունաց) ղրկեց ի դուռն թագաւորին` հաշտութիւն խնդրելու․ որովհետեւ Շապհոյ երթալէն ետեւ` Հայք գլուխ քաշեր եւ վռնտեր էին զՊարսիկ պաշտօնեայս, ասոնց պատգամաւորութիւնը բաւական չըլլալով, (ըստ ոմանց) ինքնին Ս․ Սահակ` երբ արեւմտեան Հայոց եկեղեցական բաները կարգի դրաւ, երկու փոքր թոռներուն հետ (Համազասպայ եւ Հմայեկայ) գնաց ի դուռն Վռամայ (422), եւ իր բնաձիր եւ աստուածատուր շնորհօքն` ոչ միայն թափեց թագաւորին զէնքերը, այլ եւ Վռամշապհոյ որդին Արտաշէսը թագաւորեցընել տուաւ եւ բերաւ կանգնեց իր հօրը աթոռը։ Երկու տէրութեանց մէջ եւ այնպիսի վտանգաւոր եւ խառնակ ժամանակ մը` այսպիսի խորագէտ եւ անխարդախ խաղ մը խաղալ եւ յաջորդել` միայն սուրբն Սահակ կարող էր։ Ո՜րքան անոր երախտագէտ եւ անձնատուր պէտք էր ըլլալ Հայաստան` իր թագաւորաւն եւ իշխանօքն եւ ամենայն ուխտիւ եկեղեցւոյն եւ ռամկաց։ Լուսաւորչէ սկսեալ իր յաջորդ հայրապետքն` շատ հեղ այսպիսի բարիք եւ տիրութիւն ըրին իրենց որդիացեալ ազգին, բայց այն օրհնեալ եւ օրհնելի ազգին որդիքն` շատ պակաս եւ պարտական գտուեցան առ բարերարսն։ Այսպէս ալ հիմա, նախ թագաւորն` անարժան որդի զգօն Վռամշապհոյ, Պապայ եւ Արշակայ ճամբաները երթալով` զզուեցուց նախարարները, արհամարհեց անոնց երեսդարձութիւնը, անսաստեց Ս․ Սահակայ խրատուցը, միայն իր ծաղկեալ եւ հուժկու երիտասարդութեանը լսելով։

Նախարարք եւ իշխանք վեց տարիէ աւելի (423 428) չկրցան համբերել անկէց իրենց եւ իրենց կանանց հասած անարգութեանը, եւ միաբանեցան մերժելու զԱրտաշէս ի ձեռն Վռամայ Պարսից թագաւորի, եւ անոր դռնէն կողմնակալ կամ հարկաժողով մը դնել տալով` իւրաքանչիւր իրենց տէրութիւնը եւ ազատութիւնը խաղաղութեամբ վարելու, առ այս կու յորդորէին զՍ․ կաթուղիկոսն այլ։ Թերեւս մըտածութիւննին բոլորովին անիրաւ չէր․ իրենց առջի կրածները յիշելով յանկարգ թագաւորաց, այլ դեռ շատ հեռու էր յուղիղ եւ ի խոր տեսութենէ․ մանաւանդ որ եղածէն աւելի սեւ կ՚ուզէին ցուցընել զԱրտաշէս, եւ յիրաւի իրմէ սեւ ու աղտեղի թագաւորի մը մատնել իրենց զեղխ` բայց քրիստոնեայ թագաւորը․ ինչպէս որ շատ պայծառ եւ գեղեցիկ խօսքերով բացատրեց այս բանը Ս․ Սահակ, եւ երկար ջանաց հանդարտեցընելու զնախարարս։ Բայց անոնց համբերութիւնն հատեր էր․ եւ չուզելով ետ կենալ իրենց բռնած ճամբէն, չէին այլ կրնար ուրիշ անտեղի եւ վատ գործ մըն այլ չաւելցընել․ այսինքն, իրենց աշխարհական տիրոջ` թագաւորին հետ` դադարեցընել նաեւ հոգեւոր տիրոջ կաթուղիկոսին իշխանութիւնն այլ․ վասն զի եթէ նա չմիաբանէր հետերնին` խօսքերնին առաջ չէր երթար․ ապա պէտք էր զնա այլ յանցաւոր ցուցընել Պարսից թագաւորին դիմաց։ Ահա հոս էր մեծագոյն փոսն, որոյ վրայէն չկրցան ցատքել, ընկան մէջը, եւ ձգեցին իրենց տեարքը եւ բոլոր աշխարհքնին։ Ելան գնացին Պարսից դուռը․ Վռամ յօժարութեամբ լսեց անոնց ամբաստանութեանց եւ զրպարտութեանց․ եւ քիչ մը վերջը կանչեց ի դուռն զթագաւորն եւ զկաթուղիկոս․ թագաւորն արդարացուց զինքը․ կաթուղիկոսն այլ ցուցընելով թէ թագաւորին անքրիստոնեայ գործքերը` իր (Սահակայ) ատենին մէջ դատելի է եւ ոչ Պարսից ատենին մէջ դատապարտելի, անոր իրաւունքը պաշտպանեց․ եւ հոս այլ երեւցաւ Ս․ Սահակայ մինակ մեծութիւնն` բոլոր բազմութեան իշխանաց պզտիկութեանը քով։ Արտաշէս ներքին խղճովը, նախարարք իրենց արտաքին խղճովը, Վռամ իր անփոյթ խճղովը` մթնցած միգամած կորացած էին․ միայն Ս․ Սահակ սպիտակ եւ պայծառ սիւնացեալ ամպոյ պէս հոն կու բարձրանար։ Պարսից թագաւորն առանձինն այլ յորդորելով զՍ․ հայրապետն, եւ չկարենալով անոր բերնէն ամբաստանութիւն մը լսել, բաւական սեպեց նախարարաց ըսածը, եւ յանիրաւի դատապարտեց զԱրտաշէս, զրկելով յաթոռոյ եւ յազատութենէ․ նոյնպէս այլ ըրաւ կաթուղիկոսին․ դարձեալ նախարարաց լսելով, (որք ամօթով կ՚ըսեմ) ամբաստանեցին զնա իբր Յունաց կուսակից, եւ փաստ բերին անոր գրած նամակները առ կայսրն եւ առ Անատոլ, եւ զՎարդան ղրկելն առ նոսա։ Ս․ Սահակ այլ արգիլուեցաւ ի Պարսս, երեք չորս տարի։ Հայոց թագաւորին տեղ Պարսիկ մարզպան մը ղրկուեցաւ ի Հայս․ իսկ այն սուրբ եւ մեծ կաթուղիկոսին տեղ ո՞վ․ չարալեզու երէց, չերէց մը, Արծկեցի Սուրմակն․ որ ի վարձ մատնութեան այնպիսի աստուածարեալ եւ պատկառելի անձի մը, անոր աթոռը ժառանգեց։ Հայոց քահանայապետ անուանուեցաւ, գոնէ կաթուղիկոսի արտաքին իշխանութիւնը բանեցընելու, որովհետեւ ինքն եւ ոչ եպիսկոպոս էր։ Եկաւ ի Հայս, իր սեւ երեսօք Ս․ Սահակայ պայծառութեանը մէջ բիծ երեւելու համար․ բայց եւ ոչ տարի մը դիմանալով` նոյն իսկ իր գործակից եւ բանակից նախարարներէն վռնտուեցաւ․ որք եւ ուրիշ կաթուղիկոս մ՚ուզեցին ի Վռամայ․ նա այլ Բրքիշու կամ Բարդիսո անուամբ Ասորի մը խաւրեց, որ եկաւ տանտիկիններով լեցուց Հայոց հայրապետանոցը, զոր Ս․ Սահակ իմաստուն վարդապետօք եւ թարգմանչօք եւ խարազնազգեաց ճգնաւորօք զարդարեր էր։ Այն ատեն շատ լաւ իմացուեցաւ անոր արժէքը, եւ ոչ միայն աշխարհին մէջ, այլ եւ կայսեր քով եւ Եփեսոսի 200 հայրապետաց մէջ` հարցուեցաւ բնտռուեցաւ Հայոց սուրբ հայրապետին վերադաս գահը․ հայրասէր թարգմանիչքն մեր որ հոն գտնուեցան` ցուցին հեռուէն Տիզբոնի բանտը։ Այս անկարծելի յանդիմանութիւնս ի սիւնհոդոսի աշխարհագումար հայրապետաց, արդարեւ ծանր` այլ արժանի էր մեր կարճամիտ կամ կարճատես իշխանաց․ որք աչքերնին աղէկ մը շփելով` յետ երեք տարւոյ մերժեցին զԲրքիշու այլ․ եւ ոմանք լռելեայն` ոմանք յայտնի` Ս․ Մեսրովպայ եւ բոլոր եկեղեցւոյ ուխտին հետ մէկտեղ` նորէն զՍ․ Սահակ խնդրեցին յետ դարձընել․ միայն ոմանք Պարսից թագաւորին կամացը թողուցին զո՛վ որ ուզէ խաւրելու․ յունաբաժին Հայք այլ ուրիշ մ՚առաջարկեցին․ Վռամ թէ իր ուզածը եւ թէ անոնց ուզածը միաբանելու հնարք մը սեպեց` Շմուէլ (Սամուէլ) անուամբ ասորի մը խաւրել փոխանակ Բրքիշոյ, կաթուղիկոսի արտաքին իշխանութիւնը վարելու, եւ մարզպանին օգնական ըլլալու․ Ս․ Սահակն այլ արձակեց, որ Շմուէլի ընտրածները ձեռնադրէ յեպիսկոպոսութիւն, եւ հոգեւորապէս հովուէ իր ժողովուրդը․ եւ այսպէս յերկու բաժներով կաթուղիկոսութեան իշխանութիւնը, եւ արտաքին հոգաբարձութիւնը վերցընելով ի Ս․ Սահակայ, անոր վիճակեալ ռոճիկն այլ պակսեցուց․ այսինքն կաթուղիկոսին տրուած կալուածքներուն մեծ մասն առաւ, եւ քիչ գեղ ու ագարակ թողուց անոր․ արձակելու ատենն այլ երդումն պահանջեց ի Ս․ Սահակայ` որ հաւատարիմ կենայ իրեն, եւ չմիտի Յունաց կողմը․ ապա թէ ոչ` բոլոր ազգին վրայ չարիք կու հասցընէ։ Այն ատեն Ս․ Սահակ` որ կ՚իմանար իր հարկաւորութիւնը ազգին համար, բայց չէր այլ կրնար յանձնառու երեւիլ Վռամայ ամեն հրամայածին, իր արժէքը անգամ մ՚այլ ցըցուց․ եւ յոտք կանգնելով բոլոր արքունի հանդիսին մէջ, երկար ատենաբանութեամբ մէկիկ յառաջ բերաւ իր 40 տարիէ աւելի հաւատարիմ ծառայութիւն եւ երախտիքն առ դուռն եւ ի Դրանէն անվարձ եւ աներախտ մնալն, Պարսից սուտ խոստմունքը եւ խարդախութիւնը, եւ անիրաւ դատաստանները, եւ իր քրիստոնեայ հաւատոց անհրաժարելի պարտքը` հաւատակցաց հետ (Յունաց եւ այլոց) հաղորդութիւն ընելու։ Եւ այնքան տիրաբար ճարտասանութեամբ, այլ հանդարտ եւ վսեմ կերպով խօսեցաւ այն վսեմափայլ ութսնամեայ ալեւորն, մինչեւ թագաւորն եւ իշխանքն եւ մոգերն պապանծած իրար կու նայէին, եւ չկրցաւ մէկն պատասխան տալ․ այլ յետոյ ինքնին թագաւորն հրամեց իր մեծերուն, որ շատ գանձ ստակ տան մեր կաթուղիկոսին, այնպէս գեղեցիկ եւ անվախ համարձակ խօսելուն համար․ որոյ համբաւն յետոյ մեր աշխարհն այլ հասանելով` այլ աւելի սիրելի ըրաւ իր ծերունի ամենաշնորհ հայրապետը։ Իսկ ինքն` ստակը մերժելով` տուողներուն աղաչեց որ անոր տեղ թագաւորէն խնդրեն` ինչ որ ինքն երբեմն յԱրտաշրէ խնդրեր էր․ այսինքն, նախարարաց իշխանութեան գահնամակը անփոփոխ հաստատել, եւ մասնաւորապէս Արշակունեաց խնամի եղող նախարարաց կալուածքները յետ դարձնել իրենց։ Վռամ հոս այլ յաղթուեցաւ յԻսահակայ, ամեն խնդրածները կատարեց, եւ անոր թոռը, Ս․ Վարդանը` հաստատեց ի պատիւ Մամիկոնէից տիրութեան եւ զօրավարութեան Հայոց։ Այսպէս յետ երեք կամ չորս տարի արգելանաց դարձաւ Ս․ Սահակ ի Հայս, եւ իր հին փառաւոր աթոռը Վաղարշապատը թողլով, նկատմամբ անարժան Շմուէլին, բայց յանձնելով զայն ի հոգաբարձութիւն իր հոգեկցին` Ս․ Մեսրովպայ, ինքն ընտրեց իրեն կայանք` Հայոց մկրտարանը, Բագրեւանդայ Ս․ Յովհաննու ուխտատեղին․ եւ երբեմն այլ անոր մօտ վիճակները պտըտելով, հարազատ հովուի պէս կու խնամէր իր հեռացող եւ երբեմն մոլորեալ հօտը․ եւ առաջուան պէս անխնայ քարոզէր եւ վարդապետէր։

Է

Այս ատեն մխիթարութեամբ ընդունեցաւ սուրբն Սահակ զԱղան` Արծրունեաց հոգեսէր իշխանն ի կրօնաւորական կեանս, ինչպէս 40 տարի առաջ այլ խնդրեր էր, բայց Ս․ հայրապետն` Պարսից թագաւորէն ակն ածելով չէր յանձն առած այն ատեն, Ս․ Սահակայ արգելանաց ատեն Եփեսոսի ժողովն կատարուեր էր (431)․ որոյ վեց կանոնները եւ ոմանց ի Հարց ժողովոյն առանձին թղթերը առ Ս․ Սահակ բերին ի Կոստանդնուպօլիս եղած թարգմանիչք մեր` Ղեւոնդ եւ Կորիւն, Եյնիկ եւ Յովսէփ, ուրիշ սուրբ հարց գործքերով, եւ գտան զՍ․ Սահակ եւ զՄեսրովպ յԱշտիշատ Տարօնոյ․ զորս ընդունելով Ս․ Սահակ`ժողովրդական ատենաբանութիւն մը ըրաւ իր հաւատարիմ եպիսկոպոսաց առջեւ, եւ հաւանութեամբ նոցա եւ Ս․ Մեսրովպայ` պատասխան գրեց հայրապետաց․ եւ սկսան նոր բերած գրքերը թարգմանել եւ սուրբ գրոց թարգմանութիւնը ուղղագրել։ Բայց Եփեսոսի ժողովին վճիռը չդադրեցուց ի Յոյնս` Նեստորի եւ իր հետեւողաց վէճերը, այլ աւելի զայրացաւ եւ ընդարձակուեցաւ։ Ուղղափառ եւ այլափառ իրարու դէմ գրէին, եւ օտարաց խաւրէին գրածնին, յորոց շատք չկարենալով ընտրել զուղիղն եւ զծուռն` շփոթէին․ աւելի շփոթցընողն էր Նեստորի վարժապետին Թէոդորի Մոպսուեստացւոյ գրուածքն, որ Արիոսի եւ Մակեդոնի եւ ուրիշ հերձուածոց դէմ գրուած ըլլալով ուղղափառ կ՚երեւէր, բայց երեւոյթին տակ ծածկած էր նեստորական թոյնն․ սակայն ի սկզբան շատոնք իբրեւ ուղիղ ընդունեցան․ ինչպէս եւ Կիւրայ եպիսկոպոսն Թէոդորետոս իմաստուն պատմիչն․ որք ի Հայս այլ խաւրեց այն գրոց օրինակները, եւ որպէս երեւի` ոմանք ի մերոցս այլ ընկալան, եւ բարեկամն Թէոդորետեայ` մեր Եւլալ եպիսկոպոսն Մարդաղւոյ (զոր յետոյ յիշէ Եղիշէ ի ժողովի Արտաշատու) թարգմանեց զայն գրեանքն ի հայ։ Այս բանիս կասկածելով նախ Ս․ Սահակայ մերձաւոր աթոռակիցքն Ակակ Մելտենոյ եպիսկոպոսն, եւ երանելին Րաբուլաս` Եդեսիոյ եպիսկոպոսն, գրով իմաց տուին առ ծերունի հայրապետն մեր (յամի 434 5), որ եւ մէկէն քննել տուաւ ու գտաւ․ եւ Թէոդորոսի գրուածոց հետ` Րաբուլայի եւ Ակակայ նամակն այլ խաւրեց առ ծանօթն իւր Ս․ Պրոկլ Կոստանդնուպօլսոյ հայրապետն, ձեռամբ Ղեւոնդի երիցու եւ Աբբայ կամ Աբելի, որպէս զի նա երկու կողմէն գրուածներն այլ քննէ եւ իր դատաստանը իմացընէ։ Պրոկղ ուրախութեամբ ընդունելով Ս․ Սահակայ ղրկած նուիրակութիւնը, եւ անոր ծայրազարդ հասակին, եւ թերեւս հին ծանօթութեան եւ դիպուածոց համեմատ, ինքն որ դեռ նոր նստեր էր յաթոռ (434) գորովելով եւ պատկառանօք, իբրեւ իր վարդապետին (Ոսկեբերանի) ընկերակիցը տեսնելով` կու գրէր այս նշանական խօսքերով սկսելով․ «Երանի՜ որ հանապազորդ լինիցին ի քաղցրահայեաց տեսիլ աստուածագեղ երեսացդ, եւ զի՞ ասեմ հանապազ, այլ գոնեայ յաւուրս կամ յամիսս կամ ի տարեկանս։ Ասասցէ եւ իմ անձն։ Ո՞ առնէր զիս արժանի հասանել անկանել յոտս աւետարանիչս…։ Եւ ուստի՞ ինձ այդ լինիցի, բայց եթէ յաղօթից սրբոյդ, զոր մեծ պատարագաւ միշտ ի վերայ արժանաց եւ անարժանաց` ամենասուրբն Աստուծոյ հատուցանես»։ Իսկ խնդրոյն վրայօք երկայն բացատրութիւն մը գրեց․ բայց նախ քան զրկելն ի Հայս, խաւրեց առ անուանին Յովհաննէս Անտիոքայ հայրապետն, որ ինքն այլ իր հաւանութիւնը եւ ստորագրութիւնը տայ, նա այլ իր եպիսկոպոսաց ժողովով ստորագրեց եւ գովութեամբ դարձուց․ նուիրակն տարաւ թուղթը նաեւ առ մեծն Կիւրեղ Աղեքսանդրի հայրապետն․ նա այլ հաւանեցաւ եւ առանձինն այլ գրեց թէ առ Ս․ Պրոկլ եւ թէ առ Ս․ Սահակ ընդդէմ Թէոդորի Մոպսուեստացւոյ․ այսպէս Պրոկլ երկու պատրիարքաց վկայութեամբ այլ հաստատելով գրածը` անկէ ետեւ զրկեց ի Հայս` (436), բայց իր նուիրակն Բասիլ` իր կողմանէ այլ բաներ աւելցուց ընդդէմ Թէոդորի, իր հայրապետին գրածը բաւական չհամարելով։ Այս թղթոյն այլ միաբան պատասխան գրեց Ս․ Սահակ ընդ Մաշտոցի, եւ ապահովցուց որ Թէոդորի սերմունքը չկան Հայոց մէջ․ «Եւ որ Դիոդորեայ (Դէոդորեայ (Թէոդորի) Մամուեստացւոց աշակերտեալք իցեն, առ ժամանակս` ի շնորհացն Աստուծոյ` այնպիսի ինչ չեւ է յայտնեալ, ապա թէ իցէ ծածկեալ ի ժանգոյ աղտեղութեան, ի հարկէ ջան լիցի մեզ խլել զխաչն եւ զգայթակղութիւնն զայն ի միջոյ ի բաց կորուսանել․ զի միաբանութիւն` որպէս ի ձերում միջի փառաբանի, եւ զմեզ ի նմին հաւասարութեան փառաւորութիւն առ Աստուած հասուցանել արժանի արասցէ»։ Այս թուղթսդրած է Ս․ Սահակ հազիւ երկու կամ երեք տարի յառաջ քան իր մահը․ այն միջոցին հանդիպեցաւ եւ մահ Շմուէլի, որ ագահութեամբն աւելի քան զԲըրքիչոյ զզուելի եղած էր ամենուն, բաց ի Սուրմակայ, Հաւատարիմ նախարարք եւ եպիսկոպոսունք ազատելով այն անուանեալ քաղաքացի ասորի կաթուղիկոսէն, Ս․ Սահակայ ոտքն ընկան, եւ լալով ներումն խնդրէին եւ օրերով կ՚աղաչէին որ իր հօրը Ս․ Ներսիսին պէս անյիշաչարութեամբ յանձն առնու նորէն իրեն կատարեալ կաթուղիկոսութիւնը․ բայց ամենայն ջանք եւ աղաչանք անօգուտ եղան․ Ս․ Սահակ ոչ յիշաչարութեամբ մերժեց, այլ արդէն լաւագոյն հանդերձեալ կենաց պատրաստութեան մէջ ըլլալով այն ծանրացեալ հասակի, միանգամայն եւ հին տեսիլքն միշտ աչացն առջեւ ըլլալով, յիսուն վաթսուն տարի զայն լռութեամբ պահելէն ետեւ, պատմեց իրեն աղաչողաց, թէ՛ իր ցեղէն քահանայապետութեանը դադրիլն եւ թէ իր եկեղեցւոյն հանդերձեալ հալածանքը եւ վտանգը։ Զոր լսելով ամենքն զարհուրեցան, ապշեցան, ափ ի բերան եղան, եւ ակամայ իրաւունք տուին այն մեծ սրտակտուր անձին` որ կ՚ըսէր․ «Երթայք յինէն ի բաց, եւ թոյլ տուք ինձ ողբալ զընդհանուր կորուստ աշխարհիս Հայոց․ զոր տեսանեմ աչօք մտացս` ի զօրութենէ վերին ցուցակութեան․ մի բռնադատէք մխիթարել զիս ի վերայ բեկման ժողովրդեան իմոյ»։ Ելան կորակոր, ի բաց գնացին լուռմուռ, եւ անկէ ետեւ ոչ ոք համարձակեցաւ այն խնդրոյն վրայ բան մը խօսիլ` այն վսեմ ցաւով կնքուած սրտին հետ․ որուն բռնի հնչած հառաչանքն այլ` հիմա շատ ազդու կու գար նախարարաց ակընջին, քան անկէ տասն տարի առաջ երկայն յորդորանքն` զիրենք կրկին տիրամատնութենէ յետ կեցընելու համար։ Իր լուսաւորչական գահը իշխանական փառօք դառնալէն աւելի` մխիթարութիւն եղաւ իրեն կենաց վերջընթեր տարին` (438), իր մեծ աթոռակցին։ Ս․ Ոսկեբերանի մարմնոյն դարձն ի Կոստանդնուպօլիս, որուն մահը, աքսորանքը, եւ եպիսկոպոս նստիլն տեսեր էր Ս․ Սահակ իր կաթուղիկոսական աթոռէն։ Իսկ հիմա այն աթոռոյն աստիճանաց վրայ նստած` եւ նկատելով ի գերեզմանն, «յայնմհետէ ամփոփեալ զինքն յամենայն աշխարհածուփ զբօսանաց, աղօթից միայն պարապէր եւ վարդապետութեան»։

Ը

Հոս պէտք է յիշել Ս․ Սահակայ վարուց սրբագոյն նրբագոյն կերպարանքն այլ, աստուածային համակամութիւնն, կամ ներքին կենակցութիւնն ընդ Աստուծոյ․ յորում այնքան գերազանց էր քան իր սուրբ նախնիքն անգամ, մինչեւ անաչառ պատմիչն համարձակ վկայէ թէ, «Սա ամենայն առաքինութեանց հարցն նմանեալ, աղօթիցն մասամբ առաւելեաց։ Քանզի ստացաւ աշակերտս 60, արք կրօնաւորք, խարազնազգեստք, երկաթապատք, բոկագնացք, որ յար ընդ նմա շրջէին․ որովք` մշտնջենաւոր պաշտամամբ կատարէր զկանոնն, որպէս զայն` որ յանապատսն են․ եւ հոգայր զաշխարհս, որպէս զայն` որ յաշխարհի են»։ Այս երկու աննման հարկաւոր հոգերը բոլոր կենացը մէջ այնպէս մէջ այնպէս միացուցեր էր Ս․ Սահակ, որ երկու անձ կարծուէր մի եւ նոյն կերպարանօք, մէկն յաշխարհի եւ յարքունիս` զընկերս եւ զազգ հոգալով, միւսն յանապատի եւ յառանձնութեան` իր հոգին եւ զԱստուած մտածելով։ Այսպէս կ՚ընէր կաթուղիկոսութենէն առաջ, այսպէս կաթողիկոսութեան ատեն, եւ այսպէս իր կենաց վերջերն այլ․ եւ թէ եւ հիմա բոլորովին առանձնանալ փափագէր, այլ «Բազումք յեպիսկոպոսաց եւ յայլոց պատուական քահանայից` ոչ երբէք ժուժէին տեւել եւ մեկուսանալ ի մշտաբուղխ աղբերէ վարդապետութեան սրբոյն, ուր ուրեք եւ դիպէր, ի յոստանի եւ կամ ի հովս»։

Յետին անգամ ի հով ելեր էր յամարան 439 տարւոյ, երբ յետ մահուն Վռամայ` անոր յաջորդ որդւոյն` Յազկերտի` զօրքն եկան ի Բագուան, ինչպէս տեսանք ի սկզբան պատմութեանս․ եւ ահա այս անժամ ու անպատշաճ շփոթութենէն պէտք էր հեռացնել այն ի մահ եւ յանմահութիւն հասունացեալ հայրապետը, որ արդէն յետին հիւանդութեամբ մօտ էր իջնելու յանկողնէն ի գերեզման։ Հայրասէր հաւատարիմ ձեռասունքն` աւելի գրկօք քան պատգարակօք` վերուցին ժամանակին հայրապետաց նահապետը, եւ Լուսաւորչի յետին պայազատը․ տարին քանի մը ժամ հեռու` Ալաշկերտի Բլուր կամ Բլրոցաց ըսուած գիւղը․ որ ապահով եւ ճամբէ հեռու տեղ մ՚էր, (զոր դժբաղդութեամբ ես շատ փնտռեր եւ չեմ տեսած)։ Հոն հիւանդութիւնն ծանրանալով, իմաց տրուեցաւ ծանօթիցը․ հաւանօրէն պատերազմի պատճառաւ սուրբ Վարդան հեռացեր էր, բայց իր կինն Դստրիկ` եւ մէկ այլ եղբարքն եւ մերձաւորք` եկան իրենց պապուն եւ ամենայն Հայոց հօրն քով․ իր համանուն համահոգի Իսահակ նահապետին նման` կռթնելով մահուան բարձին, աշխարհական եւ հոգեկան կտակներն ըրաւ․ բաժնեց անոնց իրմէ կողոպտուած ստացուածոց մնացորդը․ բայց առատապէս տուաւ իր անկողոպտելի ստացուածքը, այսինքն «ամբարձեալ զձեռս իւր օրհնեաց զնոսա օրհնութեամբ բազմաւ․ եւ պատուիրեաց նոցա պահել զվարդապետութիւն պատուիրանի սրբոյն Գրիգորի, զոց ուսոյց եւ աւանդեաց ճշմարտութեամբ ամենայն աշխարհիս Հայոց»։ Զնոյն պատուէր եւ օրհնութիւն տալով իր հաւատարիմ ձեռնասուն հոգեսուն աշակերտացն, ապա բոլորովինամփոփեց զինքն յինքեան․ եւ թերեւս իբրեւ յետին բարով մնաս ըսելով աշխարհիս` անցուց անգամ մ՚այլ մտքէն ընդարձակ նկարի մը պէս` իննսնամեայ կենաց բազմակերպ տեսարանները փոփոխութիւնները, քսանէն աւելի թագաւորաց յաջորդութիւնները` զոր տեսեր էր երեք տէրութեանց մէջ, Հայոց, Յունաց եւ Պարսից, որոց շատին հետ տեսութիւն եւ զրոյց այլ ունեցեր էր․ իր աշխարհին կերպ կերպ եւ շատը ողբալի դիպուածները։ (Տիրանայ կուրութենէն ինչուան Արտաշիսի աքսորը)․ եւս առաւել եկեղեցւոյն անցքը, իր մեծ պապուն` Յուսկան` բրածեծ մահուրընէն մինչեւ ի մահ իր անարժան աթոռակցին` Շըմուէլի․ ուսկից փոխելով յիշատակը` անցուց առջեւէն երկայն սուրը չար մը իր հովուակից հայրապետաց` զորս դար եւ կէս ժամանակ սնուցեր եւ իրեն ծանուցեր էր․ եւ որոց ետեւէն ահա կ՚երթար ինքն այլ, յետ շատերէն երկար` (կէս դար հովուութեան եւ բազմաթիւ վաստակաց եւ վշտաց) առ հովուապետն եւ վարձահատոյցն ամենեցուն, Քրիստոս․ որոյ յանձնելով զազգն եւ զեկեղեցին, զերախտաւորս եւ զապերախտս, եւ ապա իր ի մանկութենէ առ նա փափագած եւ կարօտած հոգին, փոխեցաւ «խաղաղական հանգըստիւ» ի կենաց աշխարհիս` ի կեանս արքայութեան երկնից, յեօթն սեպտեմբերի 439 տարւոյն, յօր հինգշաբթի, յերկրորդ կամ յերրորդ ժամուն «Ի պաշտաման անուշահոտ իւղոյն»․ մեծն ան անձն․ «Որ մահկանացու ծնեալ, անմահ զիւրն յիշատակ եթող․ պատուեաց զպատկերն, պատկառեաց ի կոչնականէն, փոխանորդեաց զկեանսն․ եւ այսքան կենցաղավարեաց` իբր զի ոչ պակասութեան իրիք մասն ի ծերութենէն եղանիլ, եւ ոչ յախտից առընդունել»։ …

Հանգի՜ստ, ո՛վ Մեծ, քու սրբասնեալ մարմնոյդ յերկրի, եւ փա՜ռք պայծառ հոգւոյդ` յերկինս։ Բայց ի՞նչ ըսեմք քու հաւատարմացդ, քու անմխիթար սրբոցդ, քու կարօտեալ աշակերտացդ, որք յետ երկար ժամանակաց եւ աշխարհէ աշխարհ պանդըխտութեանց` կու դիմէին յԱղեքսանդրիոյ եւ ի Բիւզանդիոյ, յԱթենայ եւ ի Հռովմայ` քու եւ քու հոգեկիցդ (Մեսրովպայ) ամենընկալ հայրագորով գրկացդ, յուսալով հարսանեաց պարովք եւ առագաստի երգովք դիմաց ելնել, եւ ութ կամ տասն տարուան մտաւոր աշխատանաց պտուղն ընծայել։ Իսկ հիմա՞, «Ու՞ր է քաղցր աչացն հանդարտութիւն առ ուղիղս, եւ ահաւորութիւն` առ թիւրս, ու՞ր զուարթ շրթանցն ժպտումն առ բարի աշակերտացըն հանդիպումն, ու՞ր խնդամիտ սիրտն` ընդունող արբանեկաց, ու՞ր երկայն ճանապարհաց յոյս հեշտացուցիչ, աշխատութեանցն հանգուցող։ Կորեաւ ժողովօղն, թռեաւ նաւահանգիստն, ելիք օգնականն, լռեաց ձայնն յորդորեցուցիչ»։ Այս խօսքերս եթէ նախ Խորենացւո մը գրչէն լսած ես, Հայկակ, գիտցիր որ կրքերն` շատերուն են, իմս այլ են, որ այն ատեն եւ անկէ ետեւ եղածներն այլ նկատելով, աւելի անոր նման «Հառաչումն յիս ի ներքո ընթանայ եւ արտօսր, եւ կամեցուցանէ բարբառել բան տխրական եւ սգաւոր», քան թէ փափագ գայ Ս․ Սահակայ վրայ «հրաշափառագունիւ անցանել բանիւ ըստ արժանի սուրբ հօրն դրուատից»։

Սակայն դարձեալ նոյն անուասիրտ աշակերտին եւ պատմիչին հետ «այլում տեղւոյ եւ ժամանակի զայսոսիկ թողցուք» եւ երթանք մեք այլ հեռուէն` ընկերելու այն լուրջ յուղարկաւորաց հետ, որոց աշխարհական պարագլուխն է մեծին Վարդանայ կինն, սեւասքողեալ սիբիլլայի պէս, իսկ եկեղեցականաց` Երեմիա երէցն, սարկաւագապետ Սրբոյն, հանդերձ բազմութեամբ աշակերտացն եւ խարազնազգեաց միաբանից, քահանայից, ազատ եւ ռամիկ մարդկան աշխարհախումբ հանդիսի, որք լեռնէ լեռ ձորէ ձոր անցնելով, եւ Արածանւոյ հառաչաձայն կարկաջանաց քարավազ ճամբան բռնելով` կ՚իջնեն ի Տարօն գաւառ, եւ կու դադրին անոր հիւսիսակողմը պարսպող լերանց ստորոտը` սարատափի մը վրայ, ուր է հանգուցելոյն սեփական կալուածն, եւ բուն հին զոհից տեղն` Յաշտիշատ գեղն․ հոն այն աստուածանման հոգւոյն անարատ պահարանը` պարկեշտ մարմինը` կ՚ամփոփեն պատուական տապանի մէջ, որոյ վրայ յետոյ կու շինեն այնպիսւոյն արժանաւոր Եկեղեցի մեծապայծառ եւ վկայարան սրբոյն, պատուական եւ մեծագին սպասուք»․ անոր այլ բոլորտիքը «հիմնացուցեալ կանգնեցին ի տեղւոջն վանս բազմութեան պաշտօնէիցն, կարգեալ դարմանս անպակաս պտղոց ի հանգիստ առաւելեալ եղբայրութեանն»․ ուր ժողովեցան իր ճգնազգեցիկ աշակերտներէն ոմանք․ ոմանք այլ ուրիշ տեղեր ցրուած վանքեր հաստատեցին։ Իսկ հաւատարիմ երախտագէտ սիրելիք սրբոյն` Աշտիաշատայ եկեղեցին եւ վանքն այլ բաւական չսեպելով, «Ժողովս տարեւորականս աշխարհայորդոր բազմութեամբ հաստատեցին ի տեղւոջն, որ ըստ ժամանակի` բազմամբոխ ժողովրդոք` կամաւոր յօժարութեամբ ազատք եւ քահանայք գաւառին, այլ եւ կարի յոյժ հեռաւոր տեղեաց դիմեալք յօր կարգադրութեան նորա տօնեն, որ եւ բազում օգնութիւնս առողջութեան ըստ իւրաքանչիւր ախտից շահին ի նշխարաց սրբոյն, եւ ուրախալից սրտիւ դառնան»։

Երջանիկ հայրապետ եւ յայսմ մասին, որ Վարդանայ պէս թոռն ունեցաւ, եւ Մամիկոնէից նման բարեպաշտ եւ տաքսիրտ ազգականներ, որք կրցան ուրիշ նախարարաց ապերախտութեան փոխարէն` մեծագործ սուրբ յիշատակարան մը հոյակապ տաճար մը կանգնել, իրենց նահապետին նշխարաց վրայ․ այնքան արժանապէս մեծ ու փառահեղ էր այս տաճարս, որ երբ լման 200 տարի ետեւ (639) մոլէնախանձ Հագարացիք առաջին անգամ մատն ի Հայաստան, հասարակ եկեղեցեաց խնայելով` ամենէն աչքի զարնողները փլուցին, որոց մէջ չորս հատն յանուանէ յիշատակի, եւ առաջինն է սա։ Յայտնի է որ յետոյ դարձեալ շինեցաւ վայելչապես, բայց զայն այլ քակեց, կ՚ըսեն, գաղտնասիրտն Լէնկթիմուր, եւ անոր քարերով Արածանւոյ Սուլուխ գիւղին քով կամուրջ կապեց, բայց մինչեւ հիմա կու տեսնուին աւերակք հին եկեղեցւոյն, նշանք մամիկոնեան մեծագործութեան, որոց մէջ փոքրիկ, պարզ, ու կէս գետնաթաղ չէն մտաուռ մը` 14 դարէ վեր կու ծածկէ զգերեզման մեծին Սահակայ։ Անոր դիմաց գրուած է պատշաճապէս` իր յետին հոգէկիր եւ արենակիր շառաւիղն, շուշանագեղ եւ Շուշան անուն թոռնեայն, Վարդենի` դուստրն Վարդանայ մեծի։ Անոնց տօնին` յիշատակին մինչեւ ցայսօր յուխտ երթան խոնարհ տեղացիք, կարծեմ թէ եւ Քուրդք անգամ, փոխանակ փոխանակ այնքան հեռաւոր եւ մերձաւոր ազգայնոց, որոց պարտ եւ պատշաճ էր ոչ միայն նորէն կանգնել վայելուչ եկեղեցին, այլ եթէ աւելի առատութիւն եւ ազատամտութիւն բանեցընէին, բլրաչափ բուրգ մ՚այլ բարձրացնել ի յիշատակ աննման հայրապետին մերոյ եւ ամենայն հայրապետաց արժանաւոր օրինակին, փափագելի էր այն բրգան չորս երեսաց վրայ կռել գրել իրանշան քանդակներով` իր վարուց չորս սքանչելի կերպարանքը, առաջնոյն վրայ գրել ՀԱՅՐԵՆԱՍԷՐ ԱՇԽԱՐՀԱԿԵՑՈՅՑ, դրուագելով երկու անգամ իր ազգի թագաւոր կանգնելը, եւ երկու անգամ անոր ազնուականութեան գահնամակը նորոգելը, մէկ մը` Պարսից դուռը, մէկ մը նախարարաց ժողովին մէջ իրաւաբանելն, եւ այլն․ երկրորդ երեսին վրայ գրել ՈՒՍՈՒՄՆԱՏՈՒՐ ԲԱՆԱՍԷՐ, եւ շարել իր շարականները, թարգմանութիւնները, նախադասելով աստուածաշունչը, Ս․ Մեսրովպայ ձեռք տալը, դպրոցաց բացումը ընդ բոլոր Հայաստան, Վրաստան, Աղուանստան, եւ թարգմանչաց առաքումը յԱսորիս, յԵգիպտոս, ի Յունաստան եւ յԻտալիա․ երրորդին վրայ գրել ԵԿԵՂԵՑԱԶԱՐԴ ՀԱՅՐԱՊԵՏ, եւ դրուագել իր գումարած ժողովքները, դրած կանոնները, գրած եւ հաստատած եկեղեցական գրքերը, Հայրապետաց հետ թղթակցութիւնը, հերձուածները հալածելը․ չորրորդին վրայ գրել ԵՐԿՆԱԿԵՆՑԱՂ ՍՐԲԱՍՈՒՆ, նշանակելով իր նուիրական, ճգնազդեցիկ կեանքը, եւ կենաց յետին ժամը։ Իսկ քառակուսի բրգան ծայրն ալ քիչ մը տաշելով` անկել ի գագաթը երկնասլաց սպիտակ սրտաձեւ սափոր մը ոսկի բոցով եւ ոսկի գծով նշանուած, զոր փափաքէի Հայկակ, որ` թէ ոչ այնքան մեծ, գոնէ այնքան մեծ, գոնէ այնքան փայլուն ըլլար` մինչեւ ուր որ ըլլայինք` կարենայինք տեսնել զայն եւ կարդալ հոն ՍԱՀԱԿ ՊԱՐԹԵՒ։

Будьте первым, кто оставит комментарий по этому поводу

Другие части "Յուշիկք հայրենեաց Հայոց"

Ятук Музыка
Вагаршапат
Комитас

Вагаршапат