Ղևոնդ Ալիշան
Յուշիկք հայրենեաց Հայոց
Սկիզբն տարւոյ եւ մարդկութեան ի Հայս
Ա
ԱՀԱՒԱՍԻԿ Մարտ ամիս, որուն սպասեցինք չորս ցուրտ եւ երկայն ամիսներ․ բոլոր բնութիւն կու հառաչէր կու կանչէր զմարտ․ ոչ իբրեւ տարւոյ գեղեցկագոյն ամիսը, այլ պատճառ մերձաւոր գեղեցկութեանց․ ոչ իբրեւ զապրիլ դալար, կամ գունաւոր իբրեւ զմայիս, ծաղկազարդ եւ պտղացոյց, այլ այդ ամենայն շնորհաց նշան տուող․ եւ ծնող մանկագոյն եւ զուարթագոյն եղանակի տարւոյն, գարնան։ Գարունն դեռ եկած տիրած չէ, այլ ահա կու գայ եւ յառաջէ, եւ ձմեռն երթայ եւ հեռանայ։ Մեր կրակարանին ժամերն կու կարճընան․ առաւօտն կու կանխէ, իրիկունն կ՚ուշանայ։ Ցորեկն աճելով` իր թագաւորին (արեգական) ճառագայթներովը կու զարդարի․ օդն կու զգայ եւ կու պահէ զտաքութիւնն․ կու զգան ջուր եւ հող․ ցամաքած, սեւացած, պնդացած երկիրն` ձմեռուան ձիւնը եւ եղեամը կու հալեցընէ եւ կակղանայ․ եւ ահա հինգ վեց ամիս իր ծոցը թողեալ թաղեալ սերմանք, թմրեալ թոռմեալ տունկք` ծայր արձըկեն, կանչն կ՚ընծայուի, կարմիր կու գայ, ծաղիկ կ՚երեւի։
Իրաւ դեռ մեր բարձրադիր աշխարհին ամեն տափերն այլ իրենց կերպարանքը չեն փոխեր, եւ այս շնորհքներն չերեւիր վրանին․ դեռ ձիւն եւ սառն յամառեալ կու բռնեն զսար ու ձոր, բայց ամենեւին անզգայ այլ չեն․ ալեւոր ժայռերն սկսին սեւ խայծ առնուլ․ հողն թէ եւ ոչ դալար` գոնէ կու յայտնէ զինքն եւ կու ջանայ թօթուել վրայի ճերմակ թանձրութիւնը։ Մեր հիւսիսային խորահովիտներն, եւս առաւել արեւելեան եւ հարաւոյ եզերքն` կ՚առնուն բարեխառն կլիմայից հաւասար գարնան գոյն եւ շնորհք․ որք արդէն մեր դրացեաց եւ մեր դէպ ի հարաւ գաղթական եղբարց երկիրներուն վրայ համարձակ կու փայլին, եւ զուարթացեալ բնակիչքը ի գործ եւ ի զբօսանս հանեն։ Ահա Թադոս տիրոջ երգաձայնն այլ Երուսաղեմէն կու գայ․
Հա՜ մըտաք յամիս մարտին․
Ծառերն ամենայն ծաղկին …
Հոտըն գայր գարնանային
Լոյսն ելնէ Հայոց զատկին։ …
Մենք` թէ ծաղիկը եւ թէ լոյսն ամենուն հաւասար մաղթելով` լսենք ուրիշ ճարտարագոյն երգչի եւ բազմարուեստ անձի մ՚այլ որ Տիգրանակերտի կողմերէն կ՚երգէ, նոյնպէս մարտի ծաղկանց հետ խառնելով Զատկին յիշատակը։
Մարտըն կու գայր ծաղկըներով,
Երկնից հաւերըն կարդալով,
Հրեշտակապետք փառըս տալով․
Յորժամ Հայոց զատիկըն գայր։
Բարկ արեգակըն ծագեցաւ․
Սաստիկ ձըներըն հալեցաւ․
Գառն ու մաքին ընծայեցաւ․
Յորժամ Հայոց զատիկըն գայր։
Ամպ ու երկինքըն խիստ գոռաց,
Ողորմութեան ցօղըն ցօղաց,
Ծով ու գետերըն խիստ ծըփաց․
Յորժամ Հայոց զատիկըն գայր։
Աղբերակունքըն յորդորին
Ծառ ու ճըղերըն զարդարին․
Խոտ անասունքըն կերակրին․
Յորժամ Հայոց զատիկըն գայր։
Մարդապէս է դատեր մեղուն,
Ժողվեր ծաղիկն ի լեռներուն․
Ոչ վախենայ ի մեռելուն,
Յորժամ Հայոց զատիկըն գայր։
Պիւլպիւլ ղումրին` առաւօտուն
Երկիր դարձեր վարդին հոտուն,
Գանկատ կ՚առնէր նա ի հողմոյն,
Յորժամ Հայոց զատիկըն գայր։
Կաքաւըն գայր սարէ ի սար
Կարկաչելով ի ձորն ի վայր,
ԶԱստուած օրհնէր ինքն անդադար,
Յորժամ Հայոց զատիկըն գայր։
Հաւ ու ձագերն հաւսարական
Սաղմոս ասեն նոքա լըման,
Աղաղակեն առ տէր միայն
Յորժամ Հայոց զատիկըն գայր։
Դաշտ ու սարերըն նորոգին
Եւ զերդ նոր հարսըն զարդարին,
Ի յԱստուծոյ փառաւորին,
Յորժամ Հայոց զատիկըն գայր։
Քար արտասուս բղխէ ըզջուր,
Որպէս ըղծով եղեւ աղբիւր․
Վարդ ու ծաղիկն է համասփիւռ․
Յորժամ Հայոց զատիկըն գայր։
Երուսաղէմ քաղաքն այսօր,
Աշխարհս ի հոն երթան յուսով․
Սուրբ Յարութիւն լըցվի լուսով,
Յորժամ Հայոց զատիկըն գայր։
Հայ ու Հոռոմըն խաչապաշտ
Ամեն բոպիկ ու գլխիբաց
Ուրախանան լուսոյն դիմաց․
Յորժամ Հայոց զատիկըն գայր։
Տէրըն տացէ խաղաղութիւն
Եւ աշխարհի ուրախութիւն․
Հոտըն կու գայ անմահութիւն,
Յորժամ Հայոց զատիկըն գայր։
Իմաստասէրք ուրախանան
Եւ աստընվորըս լիանան,
Ամեն մեղաց ձեռք լըւանան,
Յորժամ Հայոց զատիկըն գայր։
Եւրոպիոյ մէջ այլ կան աշխարհք` ուր գարնան գալը հանդիսիւ կատարեն զատկի օրերը, բնութեան եւ շնորհաց հաճոյագոյն երկու յիշատակները յիրար զուգելով, զգարուն եւ զզատիկ․ ինչպէս մեր երգիչն այլ, որ է ըստ ոմանց արքեպիսկոպոսն Ամդայ, Մկրտիչ Նաղաշ, թերեւս մեր ամենէն նշանաւոր եւ ճարտար անձն ԺԵ դարուն մէջ։ Ինքն հայկական Միջագետաց ծնունդ եւ հոգեւոր տէր բազմաթիւ վիճակաց այն կողմերուն` Հայաստանի շատ գաւառներէն առաջ կու տեսնէր գարնան բերքը․ եւ մեզի հետ կ՚ողջունէր այս օրերս, եւ մեզմէ առաջ այլ` բաբելական կամ լալական ուռենեաց երկայն խարտեաշ խոպոպները, լելակին տերեւները, լորւոյն (tilleul) կարմիր բողբոջները․ հոն արդէն պարկեշտ մանուշակն կապոյտ աչուըները բացեր է իր անխնամ մենարանէն, անուշիկ հոտ մը խառնելով անուշիկ հովի մը․ եւ եթէ ասպատակող գնդի մը վերջամնաց զօրաց նման` յանկարծ բարբարոս հոմ մը չփչէ, օրէ օր բուսաբերութիւնն կու յառաջէ, եւ գրեթէ դիտող աչք մը չիկրնար հասնիլ անոր շուտ շուտ զարգանալուն։
Արդ անտարակոյս բնութիւնն կու նորոգուի, ծերացեալ տարին կու վերջանայ, կամ նորէն մանկանայ․ եղանակաց եւ ժամանակաց սկիզբն դարձեր է։ Արժան էր որ այս բնութեան նորոգութեան եղանակին` սկսէին ժողովուրդք իրենց քաղաքական տարին, եւ գարնան գիշերահաւասարին կարգել իրենց կաղանդը կամ խնդարար նուիրամսակը։ Յայսմ մասին շատ խելոք եւ իրաւամբք գործէին հին ժողովուրդք, որոց առջեւ մեք ծաղկեալ նոր ժողովուրդքս` անտեղութեամբ անյարմար միջոցէ մը կու սկսիմք մեր տարին, (ձմեռնային արեւադարձէն 10 կամ 20 օր վերջը, 1 յունուարի)։ Այն հին ազգերէն մինակ քիչ շատ անփոփոխ մնացած Հրեայն` մինչեւ ցայսօր իր սրբազան տարին կու սկսի գարնան հետ․ միայն թէ տարին արեւու հետ համեմատելու ատեն` ամիսներն այլ լուսնի հետ կ՚ուզէ յարմարցընել, որով ոչ ճիշդ եւ ոչ միշտ գարնան հետ կու սկսի տարին։ Բարեբաղդաբար, յայսմ իր հետ եւ իրմէ հին ազգ մ՚այլ կայ` որ նոյնպէս իր հին սրբազան տարեմուտը հաւատարմութեամբ կու նշանակէ իր տօմարին մէջ, եւ մինչեւ ցարդ միշտ արժանապէս կու սկսի այդ տարին` երբ արեւն անոր եւ իր սիրական Խոյ աստեղատունը մտնէ, որ է ըսել սոյն որս գարնանամտի, (9 մարտի կամ 21 ըստ նոր տոմ․)։ Այս ազգս` որ յայսմ մասին աւելի քան զՀոռոմս եւ զՀելլէնս` իմաստասէր մանաւանդ թէ ճշմարտասէր գտնուեր է, եւ այս գիւտը պահեր է` թերեւս յանգէտս օտարաց, Հայ ազգն է․ որոյ համար իրաւամբ պարծելով իր հին հեղինակաց մէկն, անոր աստուածատուր ձրից մէկը սեպելով իր տօմարն այլ, կ՚ըսէ համարձակապէս, թէ Աստուծմէ առին «զտումարն, անդ Մովսէս, աստ ՀԱՅԿՆ յառաջ քան զնա»։ Հայոց քաղաքական սովորական տարին ալ, ըստ ամենայն հին ազգաց (որոց ռամիկն ոչ երբէք աստղաբաշխ կ՚ըլլայ) շարժական եւ փոփոխական էր, նահանջ չընելով․ այլ սրբազան տարին` հաստատուն է․ որոյ սկիզբն ոչ ըստ քաղաքական տարւոյ, Նաւասարդ ամիսն է, լատինաց օգոստոսի 11 23ին հաստատեալ անշարժապէս, այլ բուն արեւու ամիսն, ԱՐԵԳ։ Բաց օրացոյցդ եւ նայէ, կու տեսնես որ Արեգ ամիսն Խոյի տանուտէրութեան հետ կու կսկի, որ է կէտն գարնանային գիշերահաւասարի․ եւ ուրախութեամբ պարծէ նախնեացդ վրայ, որ այս գեղեցիկ բնական ճշմարտութիւնը անփոփոխ պահելով յաւուրց ջրհեղեղին` հասուցեր են մինչեւ ի մեզ, եւ մեզմով օտարաց, առեալ իրենց գերադիւցազն նախահօրմէն, ի Հայկէն, որ ոչ միայն ճարտար շարժիչ էր աղեղան, այլ եւ թուոց եւ չափուց։ Միանգամայն եւ ցաւէ որ չեմք կրնար դեռ ի գործ դնել եւ զուգել այս հին տօմարը նորոյն հետ եւ վարել։ Քաղաքական տարւոյ սկզբան հանդիսից, այսինքն Նաւասարդին, փոքր ի շատէ տեղեկութիւն ունիմք․ այլ կրօնական տարւոյն եւ Արեգին սկզբան հանդէսներն` Հայկազանց խորհրդապահ քրմարանաց հետ ծածկուած են մեզմէ։ Շատ է գիտելն եւ տեսնելն` որ իմաստութեամբ գարնան սկզբան հետ Արեգին սկիզբն այլ զուգած է նշանակած է Հայադիրն։
Բ
Նոյն Հայադիրն յափշտակելով զմեզ ի հնութիւն ժամանակաց, ներելի կ՚ընէ թողուլ այսօր նորագոյն յիշատակները, եւ հնութենէ հնութիւն ելնել ի վեր քան զարեգն եւ զսկիզբն հայկական ամսոց, եւ կու նշանակէ այսօր յիշատակ մ՚այլ, որ ոչ մեր հիմկու աշխարհիս դարուց մէջն է, եւ ոչ այլ անկէ առջինին, ալ երկու աշխարհաց միջոցն կրնայ ըսուիլ, նախաջրհեղեան եւ յետջրհեղեան աշխարհքները միացընող կամրջոյն վրայ․ որ է ծեր նաւողին` Նոյի` տապանն։ Սուրբ գրոց հետ հաշուելով անոր ի տապանը մտնելուն օրը, ըստ սրբազան ամսոց Եբրայեցւոց (եւ ոչ ըստ քաղաքականին` որպէս ոմանք կ՚ընեն) ջրհեղեղին գալը եւ դադրիլը, տապանին նստիլը ի լերինս Արարատայ, պատուհանին բացուիլը, եւ այլն, այս օրուանս կու հանդիպի տապանին ձեղուան բացուիլն, այսինքն վրայի ծածքին։ Տապանին ի լերինս Հայոց նստելէն ինչուան լերանց գլուխներուն ջրէն դուրս երեւնալը` երկու ամիս անցաւ, յորմէ գուշակուի տապանին մեծութիւնն եւ բարձրութիւնն․ յետ 40 աւուրց բացուեցաւ անոր պատուհանն, վասն զի ջուրն անկէ այլ վայր իջեր էր․ եւ իբր յետ ամսոյ մը, այս եղանակաց նորոգութեան օրը` բացին արգելականքն տապանին վերնածածքը, եւ իբրեւ տան դարպասներու կամ դիտանոցի վրայ ելնելով` տեսան «զի նուազեալ էր ջուրն յերեսաց երկրի»․ նուազեալ էր այլ ոչ ցամաքեալ բոլորովին․ վասն զի ասոր համար դեռ երկու ամիս այլ պէտք եղաւ։ Ի՞նչ հիանալի եւ սրտառուչ տեսարան։ Այն լերանց կողն` որոց տափի մը վրայ նստեր էր տապանն, կ՚արգիլէր համարձակ տեսութիւնը` ի պատուհանէն․ անոր համար Նոյ կու ստիպուէր թռչուններ արձըկելով անոնց դառնալ գալէն կամ չդառնալէն իմանալ ջրոց ցածութիւնը եւ երկրին ցամքելուն չափը։ Իսկ հիմա իր 30 – կանգնեայ նաւատան դիտանոցին վրայ ելած` իր համբերող ընտանեօքը, կու տեսնէ այն ամրակերտ ընդարձակ նաւը ծովային բերդի մը պէս ամենաբարձր լեռնատափից միջոց նստած, որոց ետեւէն` դէպ յարեւելս, յարեւմուտս եւ ի հիւսիս դառնալով` Հայաստանի աւելի կամ պակաս բարձր լեռներն կ՚երեւին․ ոմանք ամենեւին լերկ ու մերկ նոր ջրէ դուրս ելածի նման․ ոմանք քանի մը ամսական արեւու տաքութեամբ սկսած իբր աղուամազով մը ծածկուիլ բարակ կանաչութեամբ, որոց վրայ ծիրանափայլ ծիծաղի արեգակն ի խոյի աստեղատունէն․ անոնց մէջ այլ կ՚երեւին խորաձորիք եւ հովիտք, եւ քանի մի դաշտք` իբր աշնան վերջին արօրած պատրաստած սերմնացան եւ անբոյս սեւ արտեր։ Իսկ հարաւային կողմէն կ՚երեւին ծովածաւալ դաշտք եւ անապատք Միջագետաց եւ Ասորեստանի, որ յիրաւի դեռ, թէ ոչ ծովու` գոնէ ճահճի պէս կու ծածանին, եւ տեղ տեղ ցամաքած, տեղ տեղ ջրածածուկ, արեւուն զարնուածքներէն իբրեւ փշած հայլիներ կու ցոլանան։ Երկու ամիս Նոյեանք տապանին երդիքէն կու դիտեն այս տեսարանը, մանաւանդ թէ միշտ փոփոխեալ տեսարան մը, ջրոյն օր ըստ օրէ քաշուելովն, եւ արեւուն օր ըստ օրէ տաքանալով` եւ այն դաշտաց վրայ տեղ տեղ երեւցած տխրալի դէմքերը, աւերեալ աշխարհի եւ խղդուած հասակաց եւ գեղեցկութեանց մնացորդները բոլորովին քայքայելով, ծածկելով, եւ թողլով միայն (տխրագո՜յն մնացորդ) չոր ու ճերմակ ոսկորներ, այն հեշտամոլ փափուկներուն, եւ այն յանդուգն հսկաներուն` որք կարծեցին թէ միայն երկրիս վրայ է մարդուս վիճակն․ եւ անիծեալք յերկնից` երկրէս այլ դուրս ի ծոց անդնդացեալ ծովուն ծածկեցան, կերակուր կիտից եւ վիշապաց․ հազիւ թողլով սակաւ ինչ նշխարքնին ծովէն փոխած` իրենց հին բնակարանաց քով․ որոց հիմունքն անգամ տակնուվրայ եղած հողուն հետ խառնուած կորած են։ Եւ երկիր երկրորդ անգամ կ՚երեւի «աներեւոյթ եւ անպատրաստ» անապատ մը ամայի, անմարդաձայն, անկենդանի․ յորոյ վրայ հազիւ իբրեւ պզտի շարժուն գծեր կամ բծեր` տապանին պատուհանէն արձըկուած թռչուններն թափառելով կ՚անցնին` դադար կամ բոյն մը փնտռելու։ …
Գ
Ո՜րչափ տարբեր էր այս երեւոյթս երկրի` այն առաջին սկզբնական անպատրաստ վիճակէն ելած եւ նորակերտ զարդարածէն․ երբ ձայնն եւ մատն արարչապետին` հինգ աստուածային օրուան մէջ` գործելով եւ ներգործելով, փոխեց զտարերս երկրի եւ բոյսս եւ ի կենդանիս, պատրաստելով ի վայելս գերագոյն արարածոյ մը` զոր անոնցմէ ետեւ պիտի ստեղծեր․ եւ որոց այսօր իսկ յիշատակ է ըստ Հայադիր կարգի` գարնանամտի եւ բացման տապանին հետ․ այսինքն Արարչագործութեան, որոյ սկիզբն յ՚17 ամսոյս նշանակի եւ վերջն ի 22, ստեղծմամբ մարդոյն։ …
Ստեղծումն մարդոյս․ ի՜նչ մեծ եւ արժանաւոր յիշատակ․ ոչ այնքան հնութեամբ, որքան հիացմամբ մտաց եւ քննութեամբ։ Ո՞վ կրնայ անտարբեր կենալ երբ իրեն ծագմանը, եւ առաջին ծագման խնդիր մը ընկնայ ի միտքը։
Շատ հեղ լեռնադաշտակի մը վրայ վայրի կաղնին տեսնալով ինչուան հարիւր ոտք բարձրութեամբ, որուն տերեւազարդ թեւերուն բոլորտիքն 5 600 եւ աւելի ոտք կու շրջապատեն, եւ չքին տակ հովիւ մը բոլոր իր հոտիւն կ՚ապաստանի, եւ որոյ կռթընած բունն` պապուն պապուն այլ յենարան եւ հովանի եղած է․ հիանալով այդ հին ու նոր հսկայ հասակին վրայ, որ ինչուան եօթ ութ հարիւր նոր գարնան ծիծաղեր եւ նոր ձմերանց դիմացեր է, զարմացմամբ հարցեր եմք, Ուսկի՞ց եւ ի՞նչպէս առաջ եկած է․ եւ աւելի զարմացմամբ լսեր եմք` թէ պզտի խոզակէ մը, բթաչափ կաղինէ մը առաջ եկած է այդ ահեղ հսկահասակ բուսական նահապետն։ Հապա այդ կաղի՞նն․ այն այլ ասոր նման եւ ասկէ առաջ հսկայ ծառէ մը․ այն հին կորած վերցուած ծառն այլ ուրիշ խոզակէ մը․ եւ այսպէս մէկմէկէ։ Վերջապէս, մանաւանդ թէ սկզբնապէս, ամենէն առաջ ո՞րն էր, կաղնի՞ն թէ կաղինն, ծա՞ռն թէ կուտն․ կամ որ նոյն է` ըստ բիւրբայ փիլիսոփայից, հա՞ւն թէ հաւկիթն։ Իրենց խնդիրքն եւ քննութիւնք դեռ այս մեծ հարցման պատասխանը չեն կրցած տալ․ եւ դեռ հաւերը թռցնելով` հաւկիթները գլորցընելով առաջ կ՚երթան։ Մենք հաւանեալ եւ հաւատացեալ եմք մովսիսական աստուածաշունչ գրոց պատմութեան, որ ամենէն առաջ մեզի ցուցընէ զտիեզերս` իբրեւ ամենածրար ձու մը ստեղծուած յանժամանակէն Աստուծոյ․ որոյ Հոգին` իբրեւ հոլաթեւ համասփիւռ հաւ մը` գրգայր ի վերայ անդնդապտոյտ տարուբերած տարերացն, իր կամքով եւ հրամանաւ կոչելով եւ կոկելով ի զանազան ձեւ ու բնութիւն․ որով միանգամայն կերպացաւ կաղնին առանց կաղինի եւ հաւն առանց հաւկըթի։
Մեր սկիզբն այլ այս կանոնով եղաւ, բայց ազնուագոյն կերպով, մեր ազնիւ բնութեան համեմատ։ Ո՞վ ի հաւատացելոց` իր կրօնական եւ պատմական ուսմանց սկիզբը չէ լսած չէ սովրած․ բաց անգամ մ՚այլ հրաշալի նախամարգարէին գրոց գլուխը, եւ կարդա քու սկզբանդ սկզբնաւորութիւնը, մարդոյն ստեղծագործութիւնը․
Եթէ ուզես, մտացդ վրայ հեծած` թռի՛ր մինչեւ քու հայրենիքդ, եդամական սահմանները․ եւ դեռ դրախտին մէջ չիմտած` անկէ դուրս եւ քիչ մի հեռու (բայց մի՛ մինչեւ ի Դամասկոս), ընտրէ՛ դարատափ կամ ձորավայր մը․ դիցուք թէ ըլլայ մեր հին Սրմանց, (թերեւս եւ Սերմանց) լեռներուն մէջ, որ հիմա Պինկէօլ կ՚ըսուին․ եւ անկէ վերանալով պատմական ժամանակաց սկիզբը, տե՛ս նկատէ հոն իջած` յառաջ քան ի Սինա, եւ յառաջ քան ի Քորեբ` մէկ մեծ թեթեւ ու շարժուն բրգան պէս բան մը, իբրեւ ամպով, ծխով, լուսով, բիւրեղով շաղուած, որոյ միջէն կարծես տեսնել մարդկային կերպարանաց ուրուական մը, որ ծիրանի գօտւոյ նման ընդարձակ գիրկ ու թեւեր շարժելով, եւ իր ստորոտը եղած կաւային հողի կոշտ մը քրքրելով` յիրաւի քեզի մեզի նման նիւթական կերպարանք մը վեր կու կանգնէ։ Առջի ստեղծուածներէն տարբեր եւ ազնուագոյն կենդանւոյ մը կաղապար կ՚երեւի ատիկայ․ հազիւ երկու թաթով գետինը կոխած, ուղղաձիգ կու վերանայ երկնադիտակ բոլորակ գլխով․ երկու կողմէն թեւեր արձըկած, ոչ թռչելու յարմար, այլ իբրեւ փարելու իրեն նմանւոյ մը հետ, կամ թէ նոյն իսկ իրեն ստեղծողին` երբ ճանչնայ զայն։ Տեսածնիս դեռ անկատար կաղապար մ՚է․ անշարժ, անյարդ, անզարդ պատկեր մը, բայց Աստուծոյ պատկեր ըլլալ գուշակուի․ կաւակերտ կարմրակերտ արձան մը, որ կարծես թէ ներսէն կենդանանալու աշխատելով` մանր քրտան կայլակներ կու թորէ բոլոր զանգուածէն դուրս, զոր երեկոյեան զովագին հողմիկն կամաց կամաց ցամքեցընելով կու ճերմըկցընէ, կ՚ամփոփէ․ եւ իբրեւ հեռուէն մօտեցընելով աչքիդ` հետզհետէ յայտնագոյն կու ցուցընէ մարդկային կերպարանք․ նախ եգիպտական արձան մը կարծես զայն, վերջը կովկասեան կերտուած մը, յետոյ մոմէ մարդ մը․ հիմա բուն մարդ ըսել չըսել չես գիտեր, վասն զի բան մ՚է, բայց ոչ կենդանի եւ ոչ մեռեալ, ոչ ի քուն եւ ոչ արթուն․ այլ այսպիսի` որ ոչ անուն ունի եւ ոչ ճիշդ պատկեր մը` մեր հիմակուան գաղափարաց մէջ։ Իսկ հրաշագործ ճարտարապետն` իբր թէ պահ մը կիսկատար թողլով իր ամենէն զարմանալի շէնքը` կու դիտէ անոր չափակցութիւնը, եւ ծանրութեամբ ու մտածմամբ կ՚ուզէ այդ կաւեղէն պատկերին ազդել ողորկութիւն, գոյն, շարժումն, շունչ, կեանք, զգացումն, բան եւ հոգի․ եւ այս ամեն ըսածներս` իր դիտելուն եւ հաճելուն ատեն` կ՚ազդին, կ՚երեւին իր ձեռակերտին վրայ։ … Տես, ի՞նչ շուտ շուտ այդոր արտաքին երեւոյթն կակղած կոկած սկսաւ փայլիլ, հետզհետէ մոմագոյն, մոխրագոյն, շուշանագոյն, ծիրանագոյն, վերջապէս մարմնագոյն․ եւ այնքան բարակ ու փափուկ, որպէս թէ թափանցիկ մաշկ մը միայն ծածկէր ներքին զարմանալի մեքենայն, եւ իբրեւ ապակւոյ մը տակէ ցուցընէր կապուտաթել ջղեր եւ երակներ։ … Ահա յանկարծ բոլորակ գլխէն ինչուան ուսերը ընձուեցան արձըկեցան գունդ գունդ խոպ խոպ փունջեր, բայց իբրեւ պղնձի անդրիի մը վրայ` անշարժ են․ աղօտ աղօտ արշալուսէ մը ծագած առաւօտու պէս յանկարծ կ՚երեւին բարակ թարթափք եւ յունից կամարք, որոց ներքեւը երկու մարգարտափայլ գոգք կան, մէջտեղուանքն սեւ ադամանդ․ անշուշտ ճանչցար աչքերը․ բայց անոնք զքեզ չեն ճանչեր, քեզի չեն նայիր, չեն շարժիր․ սառնամած լճակներ են, ծածկուած ակունք են, որ կ՚ուզեն լոյս առնուլ եւ լոյս տալ։ … Եղիցի՜ ուրեմն լոյսն, անհամբերութեամբ կանչես․ եղիցի՜ լոյս ի վերայ այդ սքանչելի դաստակերտիդ․ եղիցի՛ դա կենդանի պատկեր Աստուծոյ։ … Եւ ահա եղեւ լոյսն կենդանի։ Կու տեսնե՞ս, անդրին մարդ կ՚ըլլայ․ կ՚ըլլայ ըսելու չմնար, կաւէ կաղապարն` Ադամ եղաւ։ Ի՞նչպէս եղաւ, ուսկի՞ց եկաւ այն ճառագայթն, այն գոյներն, այն շարժումն… Դեռ վայրկեան մը, րոպիկ մը, պիկ մ՚առաջ պատկեր էր, հիմա անձն է։ Վասն զի հրաշագործն` աստուածային երագութեամբը դպաւ այդոր ճակտին, եւ մէկէն արձանին մեքենաներն սկսան շարժիլ։ Դիտէ՛ դա գանգուր գիսակներն` ի՞նչպէս բարդ բարդ կու ծփան․ նայէ դա չիկորակ շրթանց շարժմունքը, դա զմրուխտէ աչաց հրեղէն թաւալմունքը, երկխորշեայ ռնգանց բարակ շնչառութիւնը, դա գեղեցիկ գլխոյն հեզիկ պտոյտքը, դա ջաջուռ թեւոց թափ տալը․ դա դռոյթ տուող ոտից դոփիւնը, որ ոչ միայն անդրին ի պատուանդանէն կտրեցին, այլ բոլոր անձին ներքին ազդուածքէն ուժ առած` այնպէս սաստկութեամբ մը գետնին թունդ կու տան, որ օդապարիկ գունտէն աւելի շոյտ եւ բարձր պիտի ցատքէր յերկնից միջոց, թէ որ դեռ ճակտին վրայ գրուած չըլլար մատն աստուածային, որ իբրեւ ամեհի երիվար մը` սանձով, կամ ծխով հողմով զինուած պատրաստ նաւ մը` խարսխով, դեռ բռներ է զայն․ բայց այնպէս մը կ՚երեւի` թէ հազիւ եւ ոչ ընդ երկար կրնայ համբերել բռնուածն։
Իսկ աստուածապետականն յետին հաճութեան ժպիտ մ՚այլ տալով, իր անքննելի ծոցէն կու փչէ նորաշէն պատկերին վրայ շունչ մ՚այլ․ շունչ բանական, աննիւթ եւ անապական, որով բոլորովին կ՚ըլլայ կու կատարուի մարդն․ եւ հաղորդ աստուածային զօրութեան, աստուածային երագութեամբ մը ճանչնալով ինք զինքը, ի՛նչպէս եւ ուստի՛ ըլլալն, միանգամայն աչքով եւ շրթամբք, թեւօք եւ ծնգօք, սրտիւ եւ բանիւ եւ հոգւով կու կանչէ` ԱՍՏՈՒԱ՜Ծ ԻՄ։
25 Ապրիլի 775․
«ՅԱԿՈՒՆՍ Եփրատայ, ի ծաղկազարդ վայելչութիւնսն», ըստ սրբազան երգչին, ի ծմակս Ծաղկոտան եւ ի բարձրավանդակն Բագրեւանդայ, հրաւիրեն զմեզ այսօր հայադիր յիշատակք։ Ի՞նչ գեղեցիկ հովիտ, մանաւանդ թէ ի՞նչ ընդարձակ դաշտ` լցեալ զարդուք բուսաբերութեան․ զոր կու սնուցանեն հարիւրաւոր ականակիտ վտակք, իջնելով ի կողից այրարատեան լեռնաշարից եւ Աղթամարայ պարատափին․ որք ամեն կողմանէ շրջապատեալ ձեւացընեն այս ձուաձեւ եւ տաշտանման հովիտս, իբրեւ 90 մղոն երկայն արեւելքէ յարեւմուտք, եւ 30 մղոն լայն ի հիւսիսոյ ընդ հարաւ․ եւ ժողովելով ի գոգավայրն եւ խառնելով ընդ գլխաւոր վտակին` կու գետանան կ՚ըլլան պայծառն Արածանի, որ է արեւելեան օժանդակ եւ զուգակից եդեմաբուղխն Եփրատայ, որ ի Բարձր Հայոց ի գագաթէն Կարնոյ կ՚իջնէ, եւ երկուքն այլ ի համանուն Ծաղկի լեռներէն։ Եթէ այս մեծ տաշտաձեւիս հարաւային շրթունքն, այսինքն Ապահունեաց (Մէլազկերտ) եւ Ծաղկոտան (Խամուր, Տիատին) լերինքն` ճեղքուելով անցք մը չտային Արածանւոյ, անշուշտ գեղեցիկ եւ քան զԱղթամար ընդարձակ ծովալիճ մը կ՚ըլլար Բագրեւանդ․ եւ թերեւս երբեմն այնպէս այլ եղած ըլլալը ստուգեն մեզի երկրաբանք։ … Բայց դու, Հայկակ, դու հոս գուցէ աւելի ծաղկահան կ՚ուզես ըլլալ քան երկրաբան․ այս հովիտներուս մէջ մտած ատենդ` Շահապիվանը կու փնտռես․ մեր հին նախնեաց հետ կու փափագիս նաւասարդի աշխարհախումբ հանդէսները կատարել․ բայց դեռ իրեք չորս ամիս կայ այն տօներուն․ ուրիշ անգամ այլ կու գամք ի Բագրեւանդ, որ ոչ սակաւ յիշատակներ ունի։… Բայց քանի մը ամսէ ետեւ ամառուան տաքուն` հիմկու ծաղկանց դալարութիւնը չեմք գտներ․ թէ եւ այն ատենն այլ ունի իր լեռնաբուսիկ գոյնզգոյն ծաղկներն։
Հիմայ գարնան ծաղկունքն ծածանին փնջիկ փնջիկ, թռչունք ձայնեն մանրամնչիկք, ջրերն կրկըջան զովիկ զովիկ․ ո՜ւր էր թէ ազգային գուսնակ մ՚այլ երգէր մեզի զգարուն։ Չեն պակսեր գարուն երգող Հայ գուսանք, ձեռնաւորք եւ մշակք, սրբամօրուս պաշտօնեայք, պատրիարքք եւ կաթողիկոսք անգամ․ այսքան զգալի եւ շօշափելի բնութեան եւ վայրաց գեղեցկութիւնն` գրեթէ հարկաւ երգիչ եւ բանաստեղծ ըրած է զանոնք, գոնէ գարուն գովելու համար․ բայց Կոստանդին Երզնկացին, իսկաշնորհ, իսկատիպ գուսան 550 տարուան, յանձն չառնուր ասանկ դրսէն դրդեալ քերդող ըլլալն, այլ տեսիլք տեսնելով, լոյս տեսնելով առեր է այդ շնորհքը․
«Այնպէ՜ս որ, կ՚ըսէ, ես ի յիմ խօսից շարելըն զարմացայ»։
Եւ այսպէս կ՚երգէ զգարուն․
Մեծ գոհութիւն, հարիւր հազար,
Մեզ աւետիք է նոր հասել․
Եւ մեզ շընորհք յերկնաւորէն
Յերկնից յերկիրս ի մեզ հոսել։
Երկիր է լի մութն եւ մըլար,
Սառն էր կապել եւ պաղ ու քար․
Հանց որ չըկար բոյս մի դալար․
Հիմի` ինք նոր է զարդարել։
Ձըմեռըն բանդ էր եւ խաւար․
Գարուն եհաս ու նոր բահար,
Ի էառ ի մէնջ գիշերն աւար․
Զի արեգակն է մեզ ծագել։
Երկիրս է մայր աննըմանի,
Զինչ գեղեցիկ իրք` ծընանի,
Շատ բարութիւնք յինք սընանի․
Հանց որ փռին գեղեցկացել։
Երբոր հնչեց հողմըն հարաւ`
Զինչ տրտմութիւն` յերկրէ տարաւ․
Հանց որ չըկայ տեղ մի ծարաւ․
Ամենն են բարութեամբ լըցել։
Հեզ որոտաց ամբ ցօղաբեր․
Կամար կապի յերկինս ի վեր,
Հոսէ յերկիր ահեղ գետեր․
Հաւսար զերկիր են արբուցել։
Է հարսանիք տիեզերաց,
Է ցընծութիւն պտղաբերաց․
Գոյնըզգոյնով ցեղք ի ցեղաց
Ծաղկունք զերկիր են զարդարել։
Ծովըն դըրուրդ առնու սիրով,
Խաղան զեռունք յերկիր ու ի ծով․
Ակունքդ յորդոր գան պաղ ու հով`
Եւ ի քարէն յառաջ բղխել։
Ահեղ գոչեն գետերս յոլով
Յորդ ի լերունքս ի վայր գալով,
Գան ման ի ման ծաւալելով․
Սիրով ի ծովն երես դըրել։
Խաղան եղունք եւ այծեմունք,
Իջնուն ի դաշտ ւ յաղբիւրակունք,
Երէվայրիք եւ անասունք
Ի կապանաց են արձակել։
Հաւերըդ գան քաղցըր ձայնով
Ծիծեռն ի հետ սաղմոսելով․
Գայ արտուտիկըն կարդալով,
Զառաւօտուն է բարբառել։
Աճումն առնուն եւ ծընանին
Հաւք ու գազանք ւ երէվայրին։
Ձագօք հաւերտ ելնեն պարին,
Ի են միաբան երամ կապել։
Ծաղկունքըն գան եւ ժողովին
Ի բուրաստան ւ ի բաղչանին․
Մէկ մի մըտել ի մէջ ծովին,
Տեսն է դեղին ւ յերեր կացել։
Բլբուլն եհաս շաքարբերան,
Աւետաբեր մեծ յարութեան․
Վարդին եհար կանանչ վըրան
Որ գայ բազմի զերդ հուր վառել։ …
Երբ բլբուլի եւ վարդի խօսք բացուի` երգն շատ կ՚երկըննայ․ ապրի՜ Կոստանդին` մեր երգիչն․ բայց հիմա հանգչի քնարն, հանգչին ծաղկունքն այլ․ վասն զի յանկարծահաս հովու մը պէս օրուանս յիշատակն կ՚անցնի հովտէս, եւ կ՚այլագունէ զգարուն։ Դաշտիս երկու ծայրերէն կու լսուի խոր դղրդիւն մը, ոտնաձայն մը, ահեղ շշնկոց մը․ լերանց գլխէն փոշէխառն ամպեր կ՚ելնեն, անոնց մէջէն ճերմակ փայլակներ․ արեւմուտքէն եկածն դիմացի արեւուն ճառագայթներովը վառվըռած արծաթէ հեղեղ մը կու նմանի, որ Բարձր Հայոց դարերէն փութափոյթ թնդալով կու թափի հոս․ արեւելեան կողմէն եկածն աղիւսագործաց հնոցէն ելած սեւ ծուխերու պէս կու ծառանայ ու կու ցածնայ … Ասոնք յիրար չմօտեցած` մենք մօտենանք պատմութեան ճամբով․ անցնինք հազարով տարիներ, այսօրուան ամսակէտին հետ զուգենք տարէկէտն այլ, Քրիստոսի 775 թուականն։
Այս նշանակեալ տարիս` վերջին տարի է կենաց եւ իշխանութեան երկու մեծ ինքնակալաց, որք մէջերնին բաժնած են արեւելքի բաղդը կամ դժբաղդութիւնը։ Մէկն է Կոստանդին կայսրն, անուանի իր պատկերամարտութեամբ եւ մոլութեամբ, որոց յարմար ստացած գարշելի անունը` պահէ մինչեւ ցայսօր, Կոբրո Նիմոս․ (……․․)։ Պուլկարաց եւ պատկերաց հետ կռուելէն` ատեն չունէր արեւելք հոգալու եւ պաշտպանելու հպատակները, որոց մէջ սեպուէին եւ մասն մի Հայոց։ Իսկ մէկայլն է Էպուսճաֆար Ապտ Ալլահ Էլ Մանսուր, զոր պատմիչք մեր Ջափր անուանեն, խալիֆայ Արաբացւոց, որ ամիրապետութեան հին աթոռը փոխադրեց ի նորոգեալն Բաղտատ (763), եւ Կորբոնիմոսի թուլութիւնը տեսնելով` իր բռնութիւնը տարածեց ինչուան ի Կիւլիկիա, որով Մեծ եւ Փոքր – Հայք այլ ընկան իր ընչաքաղցութեան եւ անգթութեանց տակ․ որոց համար շատ մեղադրուած է բնիկ եւ օտար պատմիչներէ․ վասն զի համառօտ ըսելով, իր 21 տարուան ու 4 ամսուան իշխանութեան ատեն վեց հարիւր հազար մարդ ջարդել սպաննել տուաւ, կ՚ըսեն․ որոց մէջ անշուշտ քանի մը բիւր այլ ազգակից պէտք է ողբալ։ Այդպիսի ամիրապետ մը ունող ամիրայք` անկէ գթասիրտ չէին կրնար ըլլալ։ Իր իշխանութեան ատեն Հայաստանի ոստիկանաց մէջ (վասն զի այսպէս կ՚անուանէին յԱրաբացւոց եկեալ կուսակալքն) ամենէն գլխաւորն է Աբդլլա, եղբայր համանուն նախորդ ամիրապետին, որ ընդհանուր Պարսից եւ Հայոց կողմանց մեծ կողմնակալ էր․ եւ ուրիշ կամահաճոյ հրամաններէն զատ` այս այլ դրաւ իր հպատակացը, որ մօրուքնին ածիլեն, եւ գլուխնին կանգուն ու կէս բարձր խոյր մը դնեն․ այս եւ ասոր նման պատուէրքներով կու գային ի Հայս ոստիկանք եւ հարկահանք․ (ինչպէս Սուլէման, Զալեհ, Ռուհ, Մուսէ, Մուհամմէտ, Եզիտ, Պէքիր` Բաքար ըստ մեր պատմչաց)․ որք այնչափ կեղեքեցին աշխարհնիս, մինչեւ շատերն փախչելով գետնի տակ եւ քարայրներու մէջ պահուըտէին։ Ժամանակին հոգեւոր տէրն` Տրդատ կաթողիկոս, եւ Հայոց ազգային հոգաբարձուն Սահակ բագրատունի` շատ անգամ բողոքեցին Աբդլլայի․ իսկ նաոստիկանները կու փոխէր, բռնութիւնը կու թողուր։ Այսպէս յետ վերոյիշեալ Եզիտաց եւ Պէքիրաց` խաւրեց (770) զՀասան Իպն Քահդապա (որդի Կահադրայ` ըստ մերոցս), որ հետը բերաւ խորասան – պարսիկ անկարգ գունդ մը, որոց ըրած չարութիւններէն քանի մը յիշելով ժամանակակից եւ ականատես պատմիչն (Ղեւոնդ), զզուելով կ՚ըսէ․ «պատմել ոչ կարեմք զաղէտից պատմութիւն»․ մեք այլ այնպէս ընեմք, որ արցունքով չիթօշնին ապրիլի ծաղկըներն։ … Բայց ի՞նչ ընէ խեղճ ժողովուրդն, որ ունեցածը բռնահան հարկահանաց տալէն ետեւ` չունեցածն այլ տալու համար կու ծեծուի, կու կախուի, սառուցեալ լճից մէջ կու ձգուի․ ի՞նչ ընէ հին հայութեան մնացած զինուորութիւնն, որ իր եղբարց դառն հեծութիւնը կու լսէ․ ի՞նչ ընեն Խրամի եւ Նախջուանի եկեղեցեաց մէջ այրած նախարարներէն մնացեալ ճիռ իշխաններն` որ իրենց սեփական պայազատութիւնը այսպէս տակն ու վրայ կու տեսնեն․ ի՞նչ ընեն մանաւանդ մեծասիրտ Մամիկոնեանքն` Արտաւազդ եւ Մուշեղ, որդիք Հմայեկայ եւ Հրահատայ․ միթէ վիրաւորեալ առիւծուց նման միայն մռնչե՞ն իրենց աչաց առջեւ անապատացեալ հայրենեաց վրայ։ Չէ, այսպէս չըրին․ այլ յուսահատութեան մռունչ մը զայրագին սրտիւ, իրենց սրտակցաց ու պատուակցաց ձայն տուին․ որք, ըստ ասելոյ պատմըչին, «եդին զոգի ի ձեռն իւրեանց, եւ ձեռնամուխ եղեն յիրս` զոր ոչ կարէին վճարել, վասն զի նուազունք էին․ այլ սակայն լաւ համարեալ զմահ քաջութեամբ` քան զկեանս վտանգաւոր, ձեռնամուխ եղեն»։ Նախ եռանդունն Արտաւազդ, անվախ, բայց եւ ոչ առանց խորամանկութեան իրեն հին նախնոյն` Գայլ Վահանայ, յանդգնօրէն գնաց ի մայրաքաղաքն Հայոց` ի Դուին, ուր արաբացի ոստիկանին փոխանորդ զօրավար մը նստէր, եւ գրեթէ անոր աչաց առջեւ իր սակաւաթիւ գունդը ժողովելով` սկսաւ զինքը զրահել պատերազմական պատրաստութեամբ, համբաւելով` թէ թշնամեաց դէմ պիտի երթայ։ Արաբացի զօրավարք` իրենցմէ հաւատարիմ կարծելով զնա, միանգամայն եւ չուզելով իրենք զիրենք վտանգել, թերեւս օգնեցին այլ զինքը զինելու․ եւ իբրեւ յառաջամարտիկ գունդ բանակի` թողուցին իրենցմէ զատուելու։ Արտաւազդ մէկ մ՚որ խաբուած բանակին բազմութենէն դուրս ելաւ, մէկէն վազեց դէպ ի հիւսիս` Շիրակ գաւառ, անկէ Վրաց ամուր եւ ազատ կողմերը երթալու․ այն ատեն այս գաւառս դեռ իր Անի բերդը իշխանանիստ չէր ըրած, այլ կ՚երեւի թէ հիմակուան Ռուսաց իշխանանիստ եւ ամուր բերդաքաղաքն Կիւմրի` էր գլխաւոր աւան մը, ուր անիրաւ հարկահան մը նստէր։ Արտաւազդ անոր շատ անիրաւութենէն թերեւս ոչ շատ պակաս անիրաւութեամբ մը վրէժ պահանջեց․ սպաննեց․ եւ ժողոված ստակները յափշտակելով գնաց Վրաց կողմը, միաբանեալ իշխանազանց հետ մէկտեղ։ Արաբացւոց աչքերն բացուեցան․ մէկէն նախնի ոստիկաններէն մէկը զօրապետ դնելով եւ իրենց ծառայութեան մէջ եղող Հայոց սպարապետ Սմբատն այլ մէկ տեղ ասած` Արտաւազդայ ետեւէն ընկան, ինչուան Ախըլցխայի կողմերը յարձըկելով․ բայց հազիւ քանի մը կտոր բան կրցան աւարել, եւ յետ դարձան․ վասն զի Արտաւազդեանք ինչուան Եգերացւոց երկիրը (Աճարա) գացին, եւ այն տեղւոյն ու մօտի Վրաց գաւառաց տիրեցին։ Իսկ Իպն – Քահդապա ոստիկանն` ուրիշ բան չկրցաւ ընել, բայց եթէ առջի անգութ հնարքը բանեցընել․ այսինքն` դարձեալ ամեն դի հարկահաններ ղրկել․ որք պժգալի պիծակներու պէս ելան ժողովրդեան մնացեալ վաստակը ուղեւծուծը քամելու․ բայց այս անգամ շատ չյաջողեցան։ Վասն զի եթէ Արտաւազդայ հեռու էր, մօտ էր Մուշեղ․ որ նախ իր երկիրներուն մէջ մտածները հալածեց, եւ բռնութիւն ընողներն այլ բռնաբար սրով դատեց․ եւ պահ մը իր ընտանիքը Երասխաձորոյ մօտ Արտագերից ամուր բերդը ապահովցընելով, ելաւ անկէ 60 կտրիճ առած հետը, մտաւ այս մեր եղած Բագրեւանդայ գաւառը, ուր Էպու Մճուր` փոխանակ հեզաբար ծաղիկ քաղելու բռնաբար հարկ կու պահանջէր․ զնա այլ անոր մարդիկներն այլ կոտրելով` փոթորկի պէս յառաջ անցաւ․ իսկ ծխահալած պիծակներն` ահով դողով սկսան ծակերու մէջ քաշուիլ․ որով համարձակութիւն առին նեղեալ եւ լլկեալ փախստականք Հայոց` գալու եւ Մուշեղայ պզտիկ գնդին քառնուելու․ որուն համբաւն եւ սարսափը չորս դի տարածեցաւ․ բայց զօրաց քիչուորութիւնն այլ իմանալով` ոմանք ի թշնամեաց սիրտ ըրին մէկէն վրան հասնելու եւ թերեւս մէկ հարուածով վերցընելու իրենց արգելք եւ սատակիչ եղողը։ Բայց այնպէս գազանացեալ Մամիկոն մը բռնել` շատ դժար եւ վտանգաւոր փորձ էր։ Այսպէս փորձեցին նախ 200 արաբացի պատերազմողք, որք Կարնոյ քաղքէն (Էրզիրում) ելան, աղէկ զինուած եւ զրահուած, իջան ի Բասեն, գալու ի Բագրեւանդ․ գիշերը վրայ հասնելով` մտան Խարս գիւղը, (թերեւս Մժնկերտոյ մօտ), եւ անոր այգեստանեայց մէջ փռուեցան․ այգեաց պատերը իրենց պատնէշ կարծելով։ Իմացաւ Մուշեղ, եւ հետը քանի մը կտրիճ առած` գիշերանց հասաւ հոն․ եւ որովհետեւ այդ պատերը հիւսած չէին` այլ միայն քար քարի վրայ դիզած` ցանկի մը պէս, անոնց տակ նստող եւ պառկողներուն վրայ փլուց․ հոն կապուած ձիանն այլ խրտելով սկսան իրենց տէրէրը կոխկըռտել, գիշերուան, ձիերուն, պատին փլչելուն շփոթութեան հետ մէկտեղ` ներս թափեցան Մուշեղեանք։ Եղածն յայտնի է․ թերեւս ոմանք յայլազգեաց կրցան` մերկ կողոպուտ փախչիլ ազատիլ, բայց շատերն այն քարերուն տակ քնացան, մնացին։
Հազիւ քիչ մ՚ատեն կրցաւ Մուշեղ հանգիստ առնուլ իր ամրոցը, վասն զի այլազգեաց աղաղակն կու գոռար․ Դըւնայ կողմնակալ զօրավարն իր պահապան զօրաց մէջէն չորս հազար կտրիճ ձիաւոր ընտրեց եւ յանձնեց Էպու Նէճիպ զօրապետին, որ երթայ ջարդէ ջնջէ ապստամբները։ Նէճիպ իր գունդը անոնց երագընթաց տաճիկ ձիերուն պէս թռցընելով հասարակաց դուրան ճամբէն, յԱյրարատայ ի Կոգովիտ, անկէ ի Բագրեւանդ հանեց, եւ եկաւ անոր գլխաւոր շինաւանին մօտ, որ է Բագաւան (Իւշ գիլիսէ)։ Այս աւանին մօտ, այս Արածանւոյ նախընծայ վտակաց եզերք, այս մօտիկ Նպատ լերան շքին տակ էր, որ անկէ 400 տարի առաջ ուրիշ Մուշեղ մը, Քաջակորովն Մուշեղ, Շապհոյ արքայից արքային ահեղ բանակը ցրուեց․ բայց այն ատեն Հայ Արշակունի թագաւորի մը ամբողջ զօրաց սպարապետ էր, եւ յունական գունդ մ՚այլ մարտակից ունէր, եւ Մեծ Ներսէս մը բազկատարած աղօթաւոր։ Անկէ 200 տարի վերջ` ուրիշ Մուշեղի մը վրայ գալով` անցաւ Բագրեւանդէն Խոսրով Անուշրէւան, եւ կոտրեցաւ ի Մուշեղայ Եփրատ գետոյն վրայ։ Իսկ այսօր ասոնց թոռանց թոռն հրահատեանն Մուշեղ` 4000 արաբացի սպառազէն ձիաւորաց դէմ ունէր 200 Հայ․ քսանի դէմ մէկ միայն․ սակայն ունեցածն բաւական եղաւ իրեն։ Ասոնք յարձըկեցան եկողներուն վրայ, շփոթեցին, ցրուեցին, շատերը գետին փռեցին, աւելի շատերը փախուցին․ փախստականաց ետեւէն ընկան, օրով ճամբայ հալածեցին դէպ ի հիւսիս, ինչուան Արագած լերան ոտքը․ շատերն այլ ճամբուն վրայ փռելով, եւ անոնց հետ զօրավարնին ալ․ եւ աւարներով ու ձիոց երամակով յաղթական դարձան։ Այլազգեաց մնացորդքն հասան ի Դուին․ բոլոր քաղաքը ի դող, ի սուգ, անէծք եւ նզովք շարժեցին․ եւ այնպէս ահ ընկաւ մէջերնին` որ կարծէին թէ ամեն դռնէ Մուշեղը ներս կու մտնէ․ եւ գրեթէ չվստահանալով քաղաքին ամրութեանը` ներքին ամրոցը քաշուած սմքեցան։
Այս անակնկալ եւ գրեթէ անհաւատալի յաղթութիւնն եւ յաջողութիւնն, եւ այն ահարկու Արաբացւոց ահաբեկ ըլլալն` կրնայ գուշակուիլ` թէ երկայն ատենէ ի վեր ընկճած ժողովրդեան մը ի՛նչ ազդեցին․ ի՛նչպէս համբաւն հռչակուեցաւ․ ի՛նչպէս գլուխներ տաքցան` խելապատակէն այլ ի վեր, մինչեւ խոհեմութեան եւ նախագոհութեան ձայները չլսեցին․ եւ զիրար գրգռելով պատշաճէն վեր բաներ մտածեցին․ մանաւանդ չափազանց բորբոքեալ ճգնաւոր մը, աւելի սրտին հարցնելով քան Աստուծոյ, զամենքը կու յորդորէր եւ քաջալերէր, եւ իբրեւ տեսիլք տեսած հաւանեցնէր, թէ արդարեւ ազգին բաղդն հասած է․ մի տարակուսիք կ՚ըսէր, ձեր մէջէն մէկն բաւական է հազարի դէմ կենալու, երկուքն` բիւրուց դէմ։
Յիրաւի շատ դժար էր ռամկաց` (յետ տեսնելու որ 200 կտրիճ 4000 սպառազէն հեծեալները վանեց) այս դիպուածին մէջ` սրբութիւնը եւ ստութիւնը իրարմէ որոշել։ Բայց ոչ միայն ռամիկ մարդիկ եւ առանձին իշխանք միաբանեցան, այլ ինչուան Սմբատ բագրատունի սպարապետն այլ` հաւանեցաւ թողլու զԱրաբացիս եւ միաբանելու ընդ համազգեացն։ Այս բանս յաղթութեան մը չափ արժեց միաբանելոց․ բայց մեծագոյն յաղթութեան մ՚այլ կու փափագէին․ այսինքն հաւանեցընելու զԱշոտ, նախայիշեալ Սահակայ իշխանապետին որդին․ որ չափաւոր տարւօք, եւ տարիքէն աւելի փորձ հռչակեալ խելացի մարդ էր․ որչափ այլ հայրենեաց փառքը փափաքէր, այլ աւելի անոր ապահովութիւնը կու պահանջէր․ կ՚իմանար կ՚իմացընէր այն ճգնաւորին չափազանց նախանձաւորութիւնը, եւ կ՚ըսէր իրեն եղող իշխանաց եւ յորդորչաց․ «Ո՜վ հայրենասէրք, զգոյշ կեցէք․ քաջ էք եւ եռանդուն, բայց աւելի լաւ է իմաստութեամբ գործել եւ ձեզմէ առջիններուն փորձը քննել․ կամք եւ կարողութիւն միշտ չեն կրնար իրարու հաւասարիլ․ մէկն ի ձեր ձեռքն է, մէկայլն ոչ․ շուտ եւ անակնկալ յաջողութիւնք` երբեմն մեծագոյն անյաջողութեանց պատճառ կ՚ըլլան։ Քանի մը հարկահան եւ զօրավար զարկիք, քիչով շատերու դէմ կեցաք, եւ երթալով կու յուսաք շատնալ․ սակայն ինչուան ո՞րչափ կրնանք բազմանալ, ինչուան ե՞րբ միագունդ մնալ։ Դեռ Արաբացւոց մեծ զօրավարն ի Դուին է․ դեռ ի Կարին ուրիշ մեծ զօրավար մ՚այլ կայ, դեռ շատ բերդեր անոնց ձեռքն են։ Եթէ բերդերն այլ առնուք, եթէ Հայաստանի մէջ եղած զօրքն այլ հալածէք, դեռ դժուարութիւն քիչ մը կ՚ուշացընէք, վտանգը կը մօտեցընէք։ Ի՞նչ պիտի ըլլայ ձեր բովանդակ գունդն Էմիր Էլ – Մումնեայ տէրութեան ծովածաւալ եւ ահաւոր զօրութեան դէմ։ Ո՞ր ազգ, ո՞ր տէրութիւն կրցաւ կամ կրնայ անոր դէմ կենալ․ Յունաց տիեզերական ինքնակալութիւնն այսչափ անգամ կռուելով` չկրցաւ իր կորուսած երկիրներն ի ձեռք ձգել, ահա կայսերն Կոստանդին` որ մինակ առիւծներու դէմ ելլելով` սպաննեց, տեսէք ի՞նչպէս սարսափած` թող կու տայ որ ամիրապետն կոխէ իր սահմանները։ Ինքն ծովն ու ցամաքը բաւական ամուր չիգտներ այնպիսի թշնամւոյ մը դէմ, դուք ի՞նչ բանի վրայ գրած էք ձեր ապահովութիւնը։ Արդ եթէ կ՚ուզէք ճշմարտապէս հայրենեաց օգուտը, ինչպէս եւ ես ամենայն սրտիւ, հանդարտօրէն մտածելով կեցէք տեղերնիդ․ եւ ջանացէք իմաստութեամբ դարման տանիլ եղած եւ կրած չարեաց։ Ապա թէ ոչ, ինծի կ՚երեւի, թէ կամ յետ վնասակար փորձոյ` պիտի յանձն առնուք կորակոր նուաճիլ մնալ տեղերնիդ․կամ յուսահատած` միայն զձեզ ապրեցընել ջանալով` ինքնակամ թողուլ հայրենիք, տուն, տեղ եւ վաստակ, ձեր հարց քրտինքով ժառանգած բարիքը, ձերնախնեաց հաւատքով կանգնած եկեղեցիները, եւ ձեր ծնողաց գերեզմաններն այլ` ատելեաց ոտից կոխան, եւ երթալ ի ծառայութիւն կայսեր Յունաց, եւ պանդըխտութեամբ կեանքերնիդ մաշեցընել։ Եւ կամ, որ շատ վախնալի է, շուտ կամ ուշ` ձեր թշնամեաց ձեռքը ընկնալով` չարաչար մահուամբ պիտի ջընջուիք»։
Այս եւ այսպիսի բանք բաւական չեղան այն տաքցած գլուխները զովացընելու, թողին զԱշոտ, եւ եկան իրարու հետ դաշինք դնել, խորհուրդ ընել, հնարք մտածել, այլ ինչպէս շատ անգամ պատահած է եւ կու պատահի այսպիսի դիպուածոց մէջ, չկրցան միաբանիլ մէկ գործոյ վրայ, ոմանք իրենց երկիրը քաշուեցան, ոմանք ամուր բերդերու ապաւինեցան։ Ամենէն տաք գլուխներն որ Մուշեղայ հետ միաբաններ էին` զինուոր եւ ռամիկ, 5000 հոգի գունդ մը եղան։ Դուինը թողուցին, գնացին Կարնոյ քաղաքին վրայ, զոր քանի մը տարի առաջ Եզիտ ոստիկանն առեր էր ի Յունաց եւ լաւ ամրացուցեր․ թերեւս հիմա մէջը բաւական զօրք չկար, չէ Հայոց թուոյն` այլ ոգւոյն դէմ կենալու, բայց պարիսպներն բաւական զօրաւար էին․ բոլոր այն տարի (774) ձմեռուան սաստիկ սառնամանիքներէն այլ չձանձրանալով` Հայք պաշարեցին կեցան քաղքին քով․ եւ մեծամեծ մեքենաներ կանգնելով` կու ծեծէին պատերը․ եւ քանի մը ծակ բանալով` կրցան քիչ մը քար թափել ի ներս եւ քանի մը մարդ սպաննել․ բայց աւելի սովով կու նեղէին քաղաքը, որ եւ անձնատու ըլլալու վրայ էր, երբ յանկարծ մեծ մրրիկ եւ զօրաւոր հարկ մը հասաւ Հայոց վրայ։ Ասոնց հեռանալը յԱյրարատայ, եւ ոմանց այլ իրենց բերդերը քաշուիլը տեսնելով Դըւնեցի արաբացիք, սիրտ առին, չորս կողմէն այլ ժողովեցան, եւ սկսան այրած սրտով ու ծարուած սրով մօտակայ գաւառաց մէջ պտըտիլ, եւ շատ արիւնահեղութիւն ընել․ բայց ապստամբները նուաճելու համար ստիպուեցան ամօթով` եղածը իմացընել ամիրապետին։ Սա վրէժխնդրութեան յարմար առիթ գտնելով, անթիւ զօրաց միջէն ընտրեց Խորասանիկ կտրիճները, 30,000 հոգի, ձիով եւ զրահով աղէկ մը պատրաստած, եւ յանձնեց Էմր Իպն Իսմայիլ փորձ եւ հռչակաւոր զօրավարի մը ձեռք։ Որ եւ հարաւային հովերէն առաջ անցաւ Ասորեստան, եւ Աղձնեաց կողմերէն գալով մտաւ ի Խլաթ մեծ քաղաքն․ ժողովելով հաւատարիմ մարդիկ` աղէկ մը քննեց տեղեկացաւ Հայոց պատրաստութիւնը, որչափ հոգի միաբան եւ ուր ըլլալնին, եւ ինչ ոյժ ունենալնին․ զոր ի հարկէ շատ քիչ եւ իբրեւ ոչինչ գտաւ իր բանակին բազմութեան եւ կազմութեան համեմատելով։ Հոն ի Խլաթ էր այն ատեն խոհական իշխանն Աշոտ, եւ տեսնելով իր հայրենեաց վրայ եկած չարիքն, եւ իր խրատած իշխանաց անհաւանութիւնը, սիրտն կ՚այրէր կու հալէր, առանց կրակը դուրս տալու․ մանաւանդ որ պիտի ստիպուէր Արաբացւոց գործակից ըլլալու իրեն ազգայիններուն դէմ։ Անհնարին տագնապին մէջ առանց ատեն կորսընցնելու ամենայն ծածկութեամբ իմացուց իշխանակցացը` Էմրի պատրաստութիւնը, եւ ահա ժամանակն է, կ՚ըսէր, ցուցընելու ձեր խոստացած հաստատութիւնը, կամ իրարու պաշտպանութեամբ մեռնելու։ Առջի խրատուն մտիկ չըրին դաշնակիցք, ետինքէս կասկածեցան․ կարծեցին որ Աշոտ Արաբացւոց հաւատարիմ մնալովն` զիրենք խաբել կ՚ուզէ եւ հեռացընել ի Խլաթայ․ եւ մտքերնին դրին Կարնոյ պաշարողաց նման` այս մեծ քաղաքս այլ առնուլ յայլազգեաց։ Համազասպ Արծրունեաց իշխանն գլուխ կեցաւ, հետն առաւ Վասպուրականի զօրքերէն զատ` Ամատունեաց գունդն այլ, Սմբատ սպարապետին Աշոտ եղբօր գունդն այլ, եւ ելաւ երթալ Վանայ ծովուն հիւսիսային արեւելեան կողմը` Արճէշ բերդաւանին վրայ, ուզելով հիմնայատակ ընել․ անցած տեղերէն ռամիկ հետեւակ մարդիկ այլ կու ժողովէր կու խառնէր զօրքերուն։ Երբ հասան ի Բերկրի, Խլաթէն Հայ մը եկաւ նորէն իմացընելու թէ Էմր զօրավարն մօտ է երեք բիւր եւ աւելի զօրքով։ Համազասպ հպատացեալ` զայս այլ նենգութիւն կարծեց, եւ փոխանակ պարգեւելու` պատժեց լրաբերը, եւ առաջ անցաւ հասնելու յԱրճէշ։ Ասոր բնակիչքն այլ իմաց տուեր էին Էմրայ, որ բազմութեամբ զօրաց ծածուկ ճամբաներով եկեր ապահով տեղ մը դարաներ էր․ եւ հազիւ թէ Հայք սկսան Արճէշի բերդը ծեծել, Արաբացիք դարանէն ելլելով վրանին ընկան, եւ անզէն անհմուտ հետեւակ գնդին մեծ մասը ջարդեցին, որոց ոմանք այլ փախչելու ատեն ծովը թափեցան․ եւ այսպէս անխոհեմութեան զոհ եղան 1500 անպարտ մարդիկ․ անոնց հետ իրենց առաջնորդ չորս ազնուական իշխանք այլ․ մնացեալքն փախստեամբ ցրուեցան։ Այս պատահարս եղաւ ապրիլի 16ին (775)։ Արաբացիք զանոնք երկար միջոց հալածելէն ետեւ` դարձան անկէ մէկայլ ապստամբները փնտռելու․ եւ Խլաթու եւ Մանազկերտի գաւառներէն վեր փութալով թափեցան հոս, ի Բագրեւանդ։
Ահա այս էր այն հնողանման սեւ ծուխն զոր տեսանք յարեւելից․ որ եւ կոխելով այս ծաղկազարդ վայելչութիւնները, գետոյս աղբերականց քով` Արծնի ըսուած գիւղը իջան․ եւ դադրեցան զէնքերնին սրելու եւ մահու գործիքները պատրաստելու։ Իսկ արեւմուտքէն փրթած փոքր արծաթափայլ հեղեղն` էր Մուշեղեան գունդն Հայոց, որ պաշարէր զքաղաքն Կարնոյ․ եւ յանկարծ լսեց Արճիշու կոտորածը։ Յետ այնչափ երկայն համբերութեան, պզտի գնդով մը այնպիսի մեծ քաղաք մը պաշարելու եւ վտանգելու, որսը բռնելու ատեն` ստիպուիլ թողուլ, ո՞րքան ծանր, ո՞րքան սրտակտուր էր։ Այլ ուրիշ հնար չկար․ ակռանին կրճտելով դարձուցին երեսնին ի Կարնոյ․ բայց ո՞ւր երթան։ Երկու ճամբայ կար դիմացնին․ մէկն եւ ապահովագոյնն էր` Արտաւազդայ բռնածն, անցնիլ երթալ յարեւմուտք եւ ի հիւսիս, Յունաց կողմը մտնել, եւ յետ այնքան նեղութեանց` գոնէ ապրիլ եւ հանգչիլ։ Իսկ մէկայլն` կորիւն կորուսած առիւծուն ճամբան էր․ զօրաւոր թշնամեացը վրայ դառնալ եւ յուսահատ կատաղութեամբ զարնուիլ, ըլլայ ինչ որ ըլլայ։ Եւ այս ետինքը ընտրեցին այն զայրասիրտ ընկերակորոյս առիւծքն, Կարնոյ լերանց դարերէն թափուիլ ի Բասեն, եւ անկէ այլ Սուկաւ լերանց (Քէօսէ տաղ) կռնակէն ընկնիլ ի Բագրեւանդ, քիչ օրուան քիչ ժամուան գործ մը եղաւ իրենց․ հոն այլ չդադարելով, ոչ թշնամւոյն բազմութիւնը ուզեցին քննել, ոչ անոր շարժելուն սպասել, ալ դարուդուր գետնի մը վրայ արձըկած հրագունտի պէս ցատքըտելով առաջ եկան, եւ փոխանակ թշնամեաց սպասելու` իրենք անցան գետը։ Թշնամեաց ահեղ բազմութիւնն եւ աւելի ահարկու պատրաստութիւնն, արաբիկ երիվարաց վազն ու փռինչն, լուսնանիշ վրանաց եւ դրօշուց շարժիւնն, խառնալուր աղաղակն գոչումն, եւ պատերազմական գործեաց եւ թմբկաց որոտումն, փոխանակ զիրենք վախցընելու, այնքան աւելի կատղեցուցին բորբոքեցին, որ Արաբացւոց բանակէն քանի մը հարիւր քայլ հեռի` թողուցին ոչ միայն իրենց բեռները, այլ եւ ձիանքը․ հետեւակուց աւելի ազատ, եւ համարձակ կրնային հայկական աղեղները քարշել հեռուէն, ու մօտանց թուր ու նիզակ շարժել։ Երկայն ճամբուն յօգնութիւնն այլ չէին ուեր մտիկ ընել, եթէ գիշերուան սեաւ վարագոյրն երկու բանակաց մէջ չկախուէր։ Անոր մէկ կողմը 30,000 սպառազէն Արաբացիք, մէկայլ կողմն 5000 հետեւակ թեթեւազէն Հայք անցուցին, ի՞նչ հոգւով ի՞նչ մտածութեամբ ապրիլի 24 ին 25 մտնող միջոցը, կրնար գուշակուիլ քան թէ գրուիլ։ Առաւօտն հազիւ թէ ծագեց` Հայք անհամբերությամբ նետուեցան բազմութեան մէջ, սաստիկ կոտորած մը ըրին, սրընթաց հեծեալներուն մէկ մասը հալածեցին հեռացուցին, բայց վերջապէս իրենք այլ յօգնեցան։ Արաբացիք սրտմտեալ եւ ղպնահար յետ դարձան, Հայոց նախարարներէն մէկ քանին` (որ ռամկին պէս հետեւակ չէին) քշեցին իրենց ճորտերովը։ Հայոց ռամիկն այլ, յետ քաշուեցան, այն ատեն Արաբացի հեծելոց եկաւ վրէժխնդրութեան կարգն․ սկսան կոխկըռտել դէմ դնող հետեւակ Հայերը։ Ասոնք իբրեւ երկայնաչար ալիք` աւելի մեծ եւ երկայն ալիքէ մը ծածկուելու թաղուելու ատեն, վերջին անհնարին ճիգ մ՚այլ ըրին, յետին յուսահատութեան կամ յուսոյ ձայն մը վերուցին, իրար զիրար կանչելով եւ սիրտ տալով․ «քանի որ թեւերնուս վրայ դեռ քիչ մը ուժ կայ, կ՚ըսէին, պէտք է թափենք մեր հայրենեաց եւ եկեղեցեաց վրայ․ ողջ ողջ երես դարձընել եւ յետ դառնալ` անկարելի ըլլայ մեզի․ մեռնինք զէնք ի ձեռին, քան փախստեամբ ապրինք»։ Եւ արիւնոտ աչուընին մէկ մը երկինք տանելով, մէկ մը Բագրեւանդայ պաշտպան Ս․ Յովհաննիսի, կանչելով ու գոռալով` նորէն յարձըկեցան, եւ անգամ մ՚այլ` իրենցմէ մեծ եւ ուժով ալեաց վրայ ելան, միայն հազար հոգի մնացեր էին միագունդ` երկու երեք բիւրուց դէմ, գոր վերջին անգամ մ՚այլ քշեցին։ Իսկ ասոնք այնպէս զարհուրեալ շփոթեալ էին, որ չէին գիտեր թէ մարդու՞ հետ, հրէշից հետ, թէ հրեշտակաց հետ կու պատերազմին․ եւ իրաւ թէ սուտ` իրենց շփոթութիւնը ծածկելու համար, յետոյ կու պատմէին, թէ մենք Հայոց գնդին հետ կու տեսնէինք երկնաւոր զօրքեր, պապասներ եւ երէցներ, որք աւետարանօք եւ բուրվառօք կ՚առաջնորդէին անոնց։ Անշուշտ այսպէս տեսան ինչուան որ Հայոց վրայ զէնք շարժելու ոյժ տեսան ինչուան որ Հայոց վրայ զէնք շարժելու ոյժ չմնաց։ Այն ատեն թիւն յաղթեց, եւ եղբոր դիմակաց չգտաւ` արաբացի գունդն յաղթական եղաւ։ Տարիէ ի վեր անդադար կռուող եւ վազող` 3000 Հայք իրենց նիզակաց վրայ երես ի գեհին Արածանւոյ ծաղկանց մէջ փռուելով` արիւնով ներկեցին ապրիլի երանգ երանգ փռոցը։ Հոն երկու բարձր ծառոց պէս ընկան պարագլուխք նահատակացն` ինչուան ետքը իրենց խոստմանն եւ քաջութեան հաւատարիմ մնալով, Մուշեղն մամիկոնեան եւ սպարապետն Սմբատ․ անոնց հետ նաեւ շատ մեծատոհմիկ նախարարներ, ինչպէս բագրատունին Սահակ, գնունին Վահան Դաշնակ, եւ Սամուէլ մեծ նախարարն Մամիկոնէից, որ տարւօք դեռ երիտասարդ եւ գեղեցկութեամբ անուանի, ծաղկանց, մէջ ծաղիկ, եւ իր ընկերակցացն հետ յիրաւի գարնան ամեն զարդերէն աւելի սրտառուչ կու փայլէր, իր վէրքերէն բղխած վարդերուն մէջ։
Եթէ այն ճգնաւորին քիչ մը արտորնօք տեսած եւ շփոթած տեսլեանն համեմատ` փառաւոր վախճան մը չունեցաւ պատերազմն, սակայն եւ ոչ բոլորովին անօգուտ մնաց։ Թէ եւ գործն քիչ շատ ստգտանելի ըլլալ անաչառ դատաստանի առջեւ, չիկրնար անտես ըլլուիլ այնքան քաջութիւն, հայրենասիրութիւն, կրօնասիրութիւն այլ։ Բայց ազգանախանձ միաբանութիւննին աւելի գովելի կ՚ըլլար` եթէ ըստ խրատուն Աշոտոյ շարժէին պատերազմէն առաջ, կամ պատերազմի ատեն․ եւ կամ թէ յետ պատերազմին` Արծրունին Մեհրուժան չսպաննէր քաջին Մուշեղայ երկու որդիքը (որք իրեն ապաւիներ էին), իբր թէ հայրենին եղաւ պատճառ այնքան մարդկան եւ իր հարազատաց կոտորածին։ Իսկ Արաբացիք որ այն գունդը կոտրեցին, եւ Բագրեւանդայ դաշտաց վրայ անթաղ թողուցին, ու սկսան չորս դի աւրել եւ աւարել, իրենց կորուստներն այլ չէին կրնար ծածկել, եւ ոչ իշխել շատ հեղ այնպիսի փորձեր փորձելու։ Էմր` իբրեւ յաղթական` ամիրապետին երթալու ատեն` չարաչար ցաւելով բռնուած մեռաւ ի Պարսկաստան․ քանի մը ամսէն ինքն ամիրապետն այլ նոյնպէս վերցուեցաւ․ յաջորդ տարին` պատերազմին մէջ ընկնող Սմբատ սպարապետին որդին Աշոտ, սկսաւ նորէն Արաբացւոց ետեւէն ընկնիլ, եւ երկիրները ազատելով` Անի բերդը ամրցուց, որ յետոյ իր ցեղին թագաւորութեան աթոռ եղաւ․ եւ օր մը աղօթք ընելու ատեն` թշնամիներէն պաշարուած, աղօթքը չթողուց, այլ լմանցընելէն ետեւ` ելաւ զարկաւ զանոնք, եւ գլխաւորին` Լիպառոն Աբդլլայն` երկու կտոր ըրաւ։ Ասկէ ետեւ եկող ոստիկանք սկսան զգուշութեամբ վարուիլ Հայոց հետ, մանաւանդ Հարուն Էլ Րէշիտ, որ ամիրապետ ըլլալէն վեց տարի առաջ (780) Հայոց եւ Պարսից մեծ ոստիկան դրուած էր։
Այս է Բագրեւանդայ ըսուած կռիւն․ զոր կարմիր արձանագրութեամբ նշանակէ Հայադիրն յ՚18 ահեկանի (25 ապրիլի) 775 թուին Քրիստոսի։
Թ․ Ս․ Թէոդորոս Սահլունի
ԱՀԱՒԱՍԻԿ հասաւ մեղրակաթն Մայիս, գեղեցկագոյնն յերկոտասան հարազատս տարւոյ, գոնէ մեր հայրենեաց եւ անոր նման աշխարհի մէջ․ ուր այս ամիսս` հայադիր հայկադիր` Մարերի անուամբ հեզիկ նազիկ կու պարէ ի բլուրս եւ ի բարձունս, բոլորովին կանաչ ու դալարազգեստ․ ձեռքն ու ծոցն, գլուխն ու գօտին` փունջ փունջ գոյն գոյն ծաղիկներով լցուած, որք իր թեթեւ գարշապարաց կոխած տեղէն կարծես դուրս բղխեն․ արծաթալիք աղբերակունք կանչեն կրկջան․ ծաղկափետուր թռչնիկք երգեն պարեն․ թեթեւթաթիկ ուլք եւ այծեմունք սահին սուրան․ հոտաւոր հովիկք եւ զով զեփիւռիկք ծոպ ծոպ ծամերնին ծածանեն, երբ հովտէ հովիտ ցածնալով բլրէ բլուր ցատքելով` անցնի վազէ բամբիշն բարձանց Հայոց` մրազարդն մարերի։ Անոր շողակաթ շոգոլի շնչէն` ծաղկըներն վառ վառ շողշողան, պտղունք խայծ խայծ խանձին կարմրին․ եւ եթէ ձայնն անուշիկ հասնէ՜ր ակընջիդ … Ո՜հ, երգն հայկածնին մարերեայ` Հայոց հովասուն բարձանց վրայ, հազար տարիներ առաջ, երբ իր ազգն տէր ու ժառանգ էր բոլոր իր աստուածապարգեւ երկրին, այն ատենուան մրազարդ մարերեայ երգն այլ` իրեն նման աննման էր․ մեր նոր ըսած երգերն` ինչպէս չոր տերեւ մը վարդի դիմաց` չէին կրնար կենալ․ ոչ մեր գուսանք եւ ոչ օտար երգիչք կրնան անոր արձագանգներն արթնցընել բարձր Հայոց պաղանձաւաց մէջ․ եւ թէ ճաշակիկ մը, ձայնիկ մ՚ուզեմք երազել, թերեւս միայն Բեթելայ բլուրներէն լսուած վայելէ մեղրաբերանն մարերեայ․ որ թուի` թէ դեռ Եփրատայ երիտասարդ վտակներով ծաղկած ծածուկ ծմակէ մը կ՚երգէ․ «Ահա ձմեռն անց․ անձրեւք անցին եւ գնացեալ մեկնեցան․ ծաղիկք երեւեցան յերկրի մերում․ ժամանակ եհաս հատանելոյ․ ձայն տատրակի լսելի եղեւ յերկրի մերում․ թզենի արձակեաց զբողբոջ իւր․ որթք մեր ծաղկեալք ետուն զհոտս իւրեանց»։ … Անշուշտ եռանդուն սիրտ մը հոս չդադրելով` զմայլած, հոգեշունչ երգչին հետ ուզէ հրաւիրել անծանօթ մերձաւոր մը, սրբազան գեղեցիկ մը, աղաւնակերպ հեզադէմ մը … «Ընդ հովանեաւ վիմին»։ Այո՛, Հայադիրն այսօր կու տեսնէ, կու յայտնէ այդպիսի մը, անծանօթացեալ անուամբ եւ տեղեաւ, որ ահա հանգչի ընդ հովանեաւ ծառոյն եւ ի վերայ վիմին․ յետին եւ քաղցրագոյն հանգիստ, նախ քան զհանգիստն յաւիտենից։ …
Ահաւասիկ նա․ նման սրբազան սքանչելի եղբօրորդւոյն, արդարեւ սպիտակ ու կարմիր է․ երիտասարդ մը կուռ եւ կատարեալ հասակաւ․ բնութիւնն առիւծու եւ կերպարանքն աղաւնոյ․ գիտէ մռնչել, բայց ընտրէ մնչել․ իբրեւ մեծ աշխատանքէ եւ յերկար վշտերէ եկած` անմարդաձայն ձորակի մը մէջ` փռուած է մենաւոր ծառի մը տակ, որ կարծես իր գետնամած ճիւղերովն իբրեւ մայրենի թեւօք կ՚ուզէ պաշտպանել զանիկայ, որ աջ թեւը ձորեզերէն ցցուած քարի մը վրայ դրած է ծառին ներքեւ, եւ յոգնած գլուխն այլ թեւին վրայ, ձախը կուրծքին վրայ պարկեշտ պատմուճանին խորշերուն մէջ։ Կարծես ճաղկապաճոյճն մարերի ի հովիտ եւ ի բլուր թափառելով` կու փնտռէր այս երիտասարդը, որ ըստ երախտապարտ պատմըչի մը թողած յիշատակին, «Էր աչօքն թուխ, եւ գանգրահէր, եւ երեսօքն խարտեաշ, եւ անձամբն երկայն»․ (աչքերն սեւ, մազերն գռուզ ու դալար, երեսն դեղին ու կարմիր, հասակն ու կազմուածքն երկայնաձեւ)․ զգեստն պարզ մաքուր երկայն պատմուճան մը, վզէն ինչուան ծնկուըները եւ այլ վար․ մէջքը գօտւով զսպած․ սրունքն պարթեւական սռնապաններով ծածկած․ դեղին դաստակներն կիսաբաց․ ուսին քով մէկդիր ձգած հայկական եղջերաձեւ խոյրն։ Դրսուանց ամենեւին անհոգութեան կերպ, ներսուանց անհնարին հոգ մը, որ երբեմն երբեմն բացխփիկ ըրած երկու սեւ ադամանդ պատուհաններէն կու յայտնուի․ պահ պահ յանկարծ սեւ ամպի շուքի պէս բան մը բոլոր երեսէն սահելով` անանկ խեղճ ու ցաւագին երեւոյթ մը կու տայ, որ կարծես թէ քովի ձորակին վազած վտակին պէս` իրեն համար բոլոր աշխարհ կ՚անցնի, եւ կրնայ ըսել ինքն այլ իբրեւ զԱյրն ցաւոց, թէ «Տրտում է անձն իմ մինչ ցմահ»․ այլ շուտով ամպի տակէ ելած բարկ արեւու ճառագայթի պէս լոյս մը կու ծագէ դէմքին վրայ, սքանչելի հանդարտութիւն մը բոլոր անձը կու պատէ․ կու խփէ երկայնաշար թարթափքը, եւ այնպէս անուշակ ու թեթեւ քունի մէջ կ՚երեւայ, որ դարձեալ կարծես լսել իր մեղմիկ շընչէն, թէ «Ես ննջեմ եւ սիրտ իմ արթուն կայ»։ Ո՜վ քուն ցանկալի քան զարթնութիւն․ ո՜վ հրաշալի հանդարտութիւն․ ո՜վ հանգիստ անբծութեան, ո՜վ տխրութիւն անտրտում․ զեփիւռ, ծործոր, բոլոր գարնան գեղեցկութիւնն կու թուի իրեն հետ լռել ու մրափել։ Ո՜հ, Հայկակ, թէ գիտէիր այս միայնութեան պատճառը, այս քնոյն պէտքը, թէ գիտէիր անոր յաջորդելու յետին արթնութիւնն, անշուշտ փափագէիր որ գոնէ Եփեսոսեան մանկանց չափ երկըննար այդոր քունն, կամ թէ նոյն իսկ կենաց յետին քունն այլ հասնէր շուտով խառնուէր անոր․ անզգալի կերպով շունչը առնուր վեր քաշէր, եւ դիմացնիս թողուր անարիւն նահատակի շուշանագոյն մարմին մը, թաւալած ի մէջ մանուշակաց եւ աղբրանց արեանց։…
Բ
Բայց ո՞ւր եմք մեք․ ո՞ւր է այս անծանօթ ձորակն, անծանօթ երկիրն, եւ ո՞վ այս աննման երիտասարդս։ Մի թէ կամա՞ւ մոռցան պատմիչք եւ զլացան աշխարհագիրք, (եւ մանաւանդ մեր բազմերախտ պատմահայրն եւ աշխարհագիրն Մովսէս Խորենացի, որ բոլոր Մեծ Հայոց 200ի չափ գաւառները մէկիկ մէկիկ համրեց) նշանակել մեզի Կոտերոյ երկիրը, Սալահունեաց գաւառը, Սուրէնաշէն աւանը, Պարթենից դղեակը, եւ այն սրտառուչ Սէղէմնուտ ձորակը` ուր այսօր կու հրաւիրէ զմեզ Հայադիրն, Եփրատայ բարձր հոսանաց եզերքը, որ Կարինէն իջնելով ի Դերջան գաւառ, անտի կ՚երթայ յԵկեղեաց (Երզընկա)․ եւ այս երկու յետին գաւառաց միջոց դար – վար երկիրն է մեր փնտռածն, որ կերպով մը որչափ անծանօթ է` այնչափ այլ ծանօթանալու անուններ ունի․ կ՚ըսուի նաեւ Կորդուաց երկիր, Հայոց ուրիշ հեռու աշխարհի եւ գաւառներու անուանակից․ թերեւս անոնց նման կորդ, խորտուբորտ երկիր մ՚ըլլալուն համար, կամ բնակիչքն նոյն տեղէն եկած ըլլալուն համար․ կ՚ըսուի եւ Կոտերոյ երկիր` յանուն Կոթեր աւանի․ կ՚ըսուի յատկապէս եւ առաւել հայապէս Սալհունեաց (կամ Սալահունեաց, Սահլունեաց) գաւառ, որոյ մէջ էին վերոյիշեալ շէնք եւ տեղիք, եւ քանի մ՚ուրիշ այլ, զոր յիշէ հայադիրն եւ լռէ հիմկու աշխարհագրութիւնն։ Այս տեղերուս հնագոյն եւ մէկ հատիկ եւ մեզի հարկաւոր յիշատակն` ասկէ 1500 եւ աւելի տարի առաջ կ՚ելլէ․ այն տարիները` որ քաղաքական մթութիւն մ՚այլ կու պատէր բոլոր մեր աշխարհը․ երբ սասանեան Արտաշիր պարսիկ` Արշակունեաց թագաւորները հալածեց ի Պարթեւաց եւ ի Հայոց եւ բռնաբար տիրեց մեր երկրին․ ուսկից հեռացեալ պատանին Տրդատ` Հռովմայեցւոց քով կու մեծնար, եւ կու պատրաստուէր քաջութեամբ տիրելու հայրենեացը․ իսկ նախարարք Հայոց` ոմանք հնազանդէին բռնաւորին, ոմանք այլ իրենց երկիրներուն ամրութեանց վստահացեալ` կու սպասէին իրենց օրինաւոր տիրոջ։ Ասոնցմէ մէկն էր Սալահունեաց գաւառին տէրն այլ` Սուրէն, որոյ ցեղաբանութիւնն մնացած չէ, այլ այսչափ յիշուած` որ թագաւորական ցեղէ էր կամ խնամի, ինչպէս անունէն ալ կրնայ գուշակուիլ․ իր անուամբ աւան մը շիներ էր, Սուրենաշէռ, յետոյ Զուրէն կոչուած, մօտ ի հին բերդաշէնն կամ դղեակն Պարթենից, որ յետոյ Բերդոտն ըսուեցաւ, եւ անուանէն կ՚երեւի որ շինած էր լերան մը կող, որոյ վրայ կայր բերդն, եւ շինողքն էին Պարթեանք կամ թերեւս Պարթեւք։ Այս երկիրս գրեթէ Մեծ Հայոց արեւմտեան սահմանածայրն է եւ մօտ Փոքուն Հայոց ու Յունաց բաժնին․ ըսել է` Հռովմայեցւոց իշխանութեան, որք այն ատեն ինչուան այս կողմերը նուաճած էին։ Յունաց սահմանակցութեամբ կ՚երեւի թէ Սուրէն յունական ախորժակներ այլ ունէր, իր անուան համեմատ սուր բարքը կակղցընելու համար․ եւ կ՚երեւի թէ տիկինն այլ յունազգի էր, Աղուիթա անուամբ որ է Սիրելի, (Աղաւիթի ըստ յունաց), եթէ հայկական աղու կամ աղաւնի անունէն առած չէ, կամ Զարմուհի անուան թարգմանութիւն մը չըլլայ (իբր յունարէն աղաւի, զարմանալի)․ եւ այս թերեւս իր բնաշնորհ գեղեցկութեանն համար կամ անոյշ բարուցը, որովք անուանի էր․ իրենց սիրոյն պտուղն այլ վկայէ որ ի շնորհս մօրն եւ յունական մերձաւորութեանն` կոչուեցաւ Աթենադորոս, որ նշանակէ Տուրք Աթենասայ, իմաստութեան դիցուհւոյն, գեղեցի՜կ անուն, որ ոչ այնքան ծնողաց ընտիր ճաշակը կու ցուցընէ, որչափ ծածուկ շնորհաց ընտրութիւն մը․ որ ի հեթանոսութենէ կանչելով զնա ի լոյս Քրիստոսի` ապա Աստուածատուր անուամբ կնքեց։
Գ
Պտղոց առատութեան ամսոց մէջ ընծայեցաւ Աթենոդոր յամին Քրիստոսի 269, կտրիճ հօր արիասիրտ որդի, եւ գեղեցիկ ու գարաղի մօր` գեղեցիկ եւ գողտրիկ զաւակ․ աճելով առաւ այն հասակը եւ կերպարանքը` զոր տեսանք Սեղեմնուտի ձորակին մէջ քարին վրայ հանգչած երիտասարդին վրայ։ Բայց տղայութեան հասակէն վեր անցնելու ատեն, երբ դալար մրտենւոյ մը պէս շիտակ կու բարձրանար կարմրուկ ու գանգրուկ, եւ ոպնիազեայ սեւ աչքերն անթարգմանելի փայլունութեամբ մը կու վառէին, այն վտանգաւոր հասակին շատ հեղ նախանձոտ հիւանդութիւններէն մէկն եկաւ վրան․ տասնուհինգ տարեկան էր, երբ աստեղանման գեղեցկութեանց մէջ` ցաւոց եւ վիրաց ամպեր ցրուեցան, եւ վե՜րք անբժշկելիք, որք որդւոյն մարմնէն աւելի ծնողաց սիրտը կեղեքէին, թէպէտեւ, երբ ցաւերուն ազդած հեղութիւնը բնատուր շնորհացը հետ խառնելով, Աթենոդոր` իր խարտեաշ գլուխը մօրը ծնգաց վրայ դրած, եւ ձեռուըներն հօրը ձեռաց մէջ` հանգչէր, կիսաբացիկ կիսամաղձիկ շողակաթ աչքերովն, տարակոյս կու բերէր` թէ այդ ցաւագին մրուրքն` իրեն աւելի՞ շնորհք բերած են թէ տարած, այնքան լուսաւոր կերպարանքն չէր խաւարած, այլ բարակ շուքերով խառնուած։ Թէ եւ նոյն իսկ ցաւերն զինքն աւելի սիրելի ըրին ծնողացն եւ ծնողքը իրեն, սակայն կրնա՞ր հայր մը` իր պայազատը, իր ծերութեան յոյսն եւ յաջորդը, եւ մայր մը` իր սիրելագոյն ծնունդը` այդ տարակուսի մէջ տեսնել, եւ սիրոյն սաստկութեանը կսկիծն այլ աւելի սաստիկ չըզգա՞լ։
Սուրենի զբօսանաց եւ Աղուիթայ զարդարանաց ծախքն` մեծաւ մասամբ բժշկաց եւ բժշկական դարմանոց տրուեցան․ ինչ որ հարուստ նախարար մը եւ որդեգորով ծնողք կրնային ընել` եղան․ բայց զաւակնին չիբժշկեցաւ․ չմնաց աստուած` որոյ ուխտ եւ նուէրք եւ զոհ չմատուցին, բայց Աթենոդոր չըռընդցաւ։ Եօթն տարի, կենաց առուգագոյն տարիներն, հասակին աճման եւ ձեւացման տարիներն, հիւանդութեամբ եւ ցաւերով անցան, եւ ցաւերուն անցնելու յոյսն ալ գրեթէ մէկտեղ անցաւ։ Եւ երբ առողջութենէ յուսահատած` երկար ողջութեան մտածմունքն առաջ կու գար, երբ կենաց փափուկ թելն` ոլորուած մոլորուած երեւար ծնողաց աչքին, եւ անգութ կտրողին մկրատն կու մօտենար մօր մը դիմաց, եւ երբ դալարագեղ հասակն միջակոտոր ծառի մը պէս` գետին տարածուած տեսնըւէր կասկածոտ մտաց․ ո՜հ, այո` ամեն ցաւէ ցաւալի էր։ … Բայց լռենք, գուցէ զուր տեղ հին եւ նոր սրտեր ճմլին։ … Այսպիսի ցաւոց միայն մէկ զօրաւոր բժիշկ եւ դեղ մը կայ․ կ՚ուզե՞ս, ո՛վ կարօտեալ․ չորս մատ աչուըներդ վեր վերցու, կ՚իմանաս, կու տեսնես։ … Բայց ի՞նչ ընեն անոնք` որ զուրկ են մեր սուրբ կրօնից շնորհքէն։ Դեռ կէս երանի անոնց այլ` որ գոնէ բնական լուսով կրօնասէր են եւ բարեսէր․ եւ ազնիւ սրտի եւ մտածող գլխի տէր ըլլալով` իրենց կեանքը մարդկօրէն կ՚անցընեն, եւ բարերարութեամբ կու ստանան կամ կու վայելեն այն բարիքը` զոր բնութիւնն իրենց չէ տուած կամ յետ է առեր։
Այնպիսի մէկ մ՚էր եւ Աղուիթա, թէ եւ դեռ քրիստոնէութեան շնորհքէն զուրկ, այլ ոչ հեռի։ Իր երկիրներուն մէջ լիճ մը կար Սիկիբիղոն ըսուած (որ յունարէն լսուելով` գուցէ Թզենուտ կամ Թզագարակ նշանակէր հայերէն), զոր հիմա չենք տեսներ աշխարհացուցի վրայ, բայց պէտք էր բաւական ընդարձակ ըլլալ` որ Աղուիթա անոր եզերքը աւան մը կամ գեղ մը շիներ, իրեն զբօսանաց տուն եւ ագարակներ ու պարտէզներ, եւ շատ հեղ հոն քաշուելով իր գառնուկ պատանեկին հետ բնութեան գեղեցիկ տեսարաններով` իր եւ անոր ցաւերը մեղմէր․ եւ ո՞ գիտէ քանի՞ երկայն ժամեր` վայրկեաններու պէս կ՚անցնէին այն ծիածածան ծովակին եզերքը, երբ Աթենոդոր դալար վարդաթըփի պէս գլուխը մօրը կռթընցուցած, եւ նա իր վարսաւոր ճակատը` բարակ ճիւղ ուռենւոյ պէս որդւոյն վրայ կախած, մէկ մը ջրերուն հանդարտութեանը վրայ, մէկ մը զաւակին անմեղ խաղաղութեանը կու նայէր, եւ սրտին բորբոքած կրակներն` այն երկու պայծառ զովութեանց մէջ կու մարէր։ Լճին մէկայլ կողմը` շինած գիւղին դիմաց` աղբիւր մը կար, պատշաճ եւ անոյշ անուամբ Արթէնուտ, որ աւելի անոյշ խոխոջալով կ՚իջնէր կու գար` թերեւս խառնուելու նոյն ծովակին ծոցը, ինչպէս Աթենոդոր իր մօրը գիրկը, անտարակոյս շատ հեղ Աղուիթա այդ աղբեր վաղուկ արծաթները իր ոսկեհատիկ որդւոյն ցաւած մասանց վրայ դարձուցեր, լուացեր ջնջեր էր․ Աթենոդոր անոր քով հաւաքեր դրեր էր մարերեայ գունագոյն բոյսերը, յառաջ քան փունջ փունջ ընծայելու իր մօրը, որ միշտ մայրաբար` թէ իրեն եւ թէ իր որդւոյն մաս եւ պսակ կու հանէր այն մարգարտակաթ ծաղկըներէն։ Որդւոյն ցաւոց վրայ գորովելով` կու յիշէր անոր պէս ցաւագարներ․ մանաւանդ երբ կու տեսնէր զոմանս անոնցմէ, որք ըստ բարբարոս օրինաց հեթանոսութեան, հալածուելով ի շինից եւ ի բնակութեանց, ամայի անբնակ տեղուանք կու թափառէին, իբրեւ նզովեալք եւ անիծեալք, այս սովորութիւնս կար նաեւ մեր ազգին մէջ այլ, զօր յետոյ շատ խնամքով ջանացին ջնջել Ս․ Լուսաւորիչն եւ իր համանման սուրբ թոռն Մեծն Ներսես, շէնքերէ հեռու տեղուանք հիւանդանոցներ եւ ուրկանոցներ (բորոտներու տեղ) շինելով, որք եւ այդպիսի բարերարութեան տեղեաց մէջ հնագոյններն կու սեպուին, բայց իրենցմէ առաջ այլ այս ազնուասիրտ տիկինս Աղուիթա Արբենուտ աղբեր քով շինեց տառապելոց պատսպարան մը, ուր ժողովեցան 35 ցաւագարք, եւ գթասիրտ Աղուիթայի տուրքերովը կ՚ապրէին, եւ կ՚օրհնէին իրենց բարերարը։
Ասոնց մէջ էր եւ Դասիոս կամ Դասիկ ծերունին, որ, ինչպէս Աղուիթա անոնց մայր սեպուեցաւ, ինքն այլ հայր եղաւ թէ անոնց եւ թէ նոյն ինքն Աղուիթայ եւ Աթենոդորայ։ Առաջ` անոնց մէջ իր պատկառելի կերպարանօքն եւ արծաթափայլ երկայն մօրուօքն` Տիր դից կամ Վահագնի քուրմ մը կարծուէր, որ քաղցր շրթամբքն աւելի քան ոսկեթել քնարով` ամենուն սիրտը կակղցնելով, եթէ ցաւերնին չկրցաւ բժշկել, գոնէ բնութեան բարիքներէն ու վայելչութենէն սկսելով` այն ռամիկ ցաւագնելոց միտքը բարձրացուց ինչուան առ բնութեան տէրն․ եւ երբ հասուց յարմար վիճակի, հանեց յայտնեց իր ծածակած հովուական սրինգը եւ նոր նուազ մը երգեց, զամենքը ափշեցուց, զամենքը զմայլեցուց, զամենքը հետեւցուց իրեն․ այս նոր նուագս` Նազովրեցի հովուապետէն սովրած էր, անոր վարդապետութիւնն էր, Քրիստոսի աւետարանն էր։ Ծերունին Դասիկ գաղտուկ քահանայ էր, իր ընկերաց հովիւ եղաւ, մարմնոց ցաւերը թեթեւցընելով` հոգիներուն մեռելութիւնն անգամ ողջնցուց, դարձուց զամենքն ի քրիստոնէութիւն․ եւ ցաւոց ու փչոց մէջ հոգեզուարճ վարդանոց մը, դրախտ մը բացաւ, ուր` այն աշխարհքէ մոռցուած եւ մերժուած տառապեալքն աւելի երջանիկ ու սրտաբաց էին, քան իրենց երկար գերութիւնը թօթուող ու Տրդատայ յաղթական դարձով փառաւորեալ դիւցապաշտ Հայկազունք։
Աղուիթա եւ Աթենոդոր այլ լսեցին Դասիոսի եւ Յիսուսի ձայները, եւ սրտերնին թնդաց, եւ թէ ոչ աւազանին ջրով` գոնէ սիրով ներսէն մկրտուեցան, եւ սիրով կ՚երթային ծածկաբար սուրբ ծերոյն աւետարանութիւնը լսելու, որ յունարէն կու կարդար սուրբ գրքերը եւ կու բացատրէր չհասկացողաց։ Մինչդեռ հոն, իբրեւ աբելական սեղանէ մը` սուրբ կրօնից նուէրքն, աղօթք եւ զոհն` հեզօրէն կու բարձրանար առ Աստուած, դիմացը աւանին քով հեթանոսաց մեհեանները կանգնուած` կու հրաւիրէին զառողջ եւ զհիւանդ ի զոհ եւ ի պաշտօն Հերակլի (Վահագնի) եւ Ասկլեպեայ` առողջութեան չաստուածոյն` որոց տօնքն մասնաւոր հանդիսիւ կատարէին հօն տարուէ տարի։ Բարեմիտ կամ թերամիտ քուրմք եւ ժողովուրդք մեծ ջանքով կու յորդորէին զԱթենոդոր այլ` որ գայ այն մարդասէր աստուածներէն բժշկութիւն խնդրէ․ բայց նա միշտ պատրուակներով կու զգուշանար․ ինչուան որ հայրն այլ տեսնելով որդւոյն չափահաս տարիքը, որ քսանը անցուցեր էր, կու խրատէր որ անհոգութիւն չընէ․ «այս վեց տարի է կ՚ըսէր, որ մեր աստուծոց զոհ չես ըրած, թերեւս անոր համար այլ ցաւերդ կ՚երկընան»․ իսկ Աթենոդոր` նոյն իսկ ցաւերը պատճառ կու բերէր զոհի չերթալուն․ եւ ոչ միայն վեց` այլ եւ կրկին վեց տարի խաբեց հայրը, եւ ճարտարութեամբ ազատեցաւ։ Հաւանական այլ է, որ Սուրէն իբրեւ գաւառապետ մը եւ թագաարմ, երբ լսեց Տրդատայ գալն ի Հռովմայեցւոց, փութացաւ դիմացը ելլելու, եւ արքունի բանակին մէջ էր, որ` (իր երկիրն` Սալահունեաց մօտ» Եկեղեաց գաւառին մէջ Գայլ գետոյն եզերքը դադրէր էր։
Դ
Քանի մը տարի այսպէս անցնելէն ետեւ` որ մը Սուրէնաշէն աւանն թնդաց գինուց շշուկով․ թագաւորական գունդ մը զորաց երեւեցաւ, որոց առաջնորդէր իշխանն Մազենտ․ ասոնք Եկեղեաց Երէզ աւանէն գալով եւ դէպ յԱրտաշատ երթալով ի հին մայրաքաղաքն Հայոց, կ՚անցնէին Սալհունեաց գաւառէն, որ ճամբուն վրայ էր, ոչ պատերազմի եւ ոչ պաշտպանութեան համար էր երթալնին, հապա յանցաւոր մը, կապուած մը, թագաւորին անհնազանդ մը կու տանէին, տէրութեան դէմ պարտական գտուած մահապարտաց ամենէն սաստիկ բանտը ձգելու, որ էր Արտաշատ քաղաքին գետնափոր վիրապը, իսկ յանցաւորն այն` էր Գրիգոր մը…։ Ի հարկէ ամեն դիէ հետաքրքիրք կու վազէին տեղեկանալու թէ ո՞վ է, ինչու՞ համար է, եւ երբ լսէին թէ Քաջի արանց Տրդատ թագաւորի հօրը` Խոսրովայ սպանողին որդին է, ի՜նչպէս ակռանին կրճըտելով կ՚ուզէին վիրապը չհասած` հոն սպաննել ոչնչացնել զայն` որ քանի մը տարիէ վերջը պիտի ըլլար իրենց խաւարեալ հոգւոց Լուսաւորիչ։ Հարկ էր զօրականաց եւ կալանաւորաց հեռացընել վրէժխնդիր ամբոխը, եւ ապահով տեղէ մը անցընել կապեալը, անշուշտ աւելի ապահով ճամբայ այլ չկայր` քան մեր ցաւագնելոց պատսպարանին սահմաններն, ուսկից` զզուելով կու հեռանային այն ատեն առողջութեամբ, քաջութեամբ եւ ազատութեամբ պարծեցող ժողովուրդն Հայոց, իսկ հիւանդքն, տկարքն եւ նեղեալքն` համարձակութիւն գտնելով` իբրեւ անկար եւ կարօտ մարդիկ` պահապանաց կասկած չէին բերեր։ Այսպէս կրցաւ Դասիկ իր ընկերներովն եւ Աթենոդորոսի հետ` մօտենալ առ սուրբն Լուսաւորիչ, զորոյ խոստովանողութիւնը արդէն լսած ըլլալով, եւ անշուշտ աստուածային ազդեցութեամբ իմանալով թէ ի՞նչ անձն է եւ ի՞նչ պիտի ըլլայ այն կապուածն, բերաւ իբրեւ հովիւ հլու իր ցաւագար ոչխարները` ապագայ հովուապետին ոտքը ձգեց, եւ այն սրբազան նահատակին առաջին հրաշքը եւ շնորհքը վայելեցին այս նեղեալքս, որք եւ առանց նեղութեան եւ ցաւոց` Աստուծոյ փառք տալով դարձան։ Հոն` Դասիկ ծածկաբար իմացուց Գրիգորի թէ ո՞վ է հետն եղած իշխանորդին` եւ գաղտ հաւատացեալ ու դեռ անկնունք ըլլալը։ Սուրբն Գրիգոր քաջալերեց գծեր քահանայն, եւ պատուիրեց որ առանց վախի առնու տանի պատանին իրենց դիմացը` արեւելեան կողմը եղած աղբիւրը, (արդեօք Արբենուան, թէ ուրի՞շ մը) եւ հոն մկրտելով զԱթենոդոր` անուանէ Թէոդոր, Աթենասայ տուրքն ընէ Աստուածատուր։ Այնպէս այլ եղաւ, Լուսաւորչի ծածկեալ լոյսն, զոր հաւատացելոց աչքն միայն կու տեսնէին, եւ մկրտութեան ջուրքն` նորէն ծնան այն կայտառ պատանին, եւ մարմնոյ ու հոգւոյ աղտ ու բիծ` զամենն այլ ջնջեցին․ դէմքն աւելի քան զմանկութեանն պայծառացաւ․ հոգին եւս աւելի․ եւ ոչ միայն գեղեցիկ, վայելուչ, կտրիճ, այլ եւ շնորհազարդ եւ սուրբ, մաքուր, պաշտելի անձ մը եղաւ Թէոդոր։
Երանաշնորհ մայրն այլ այս աստուածային պարգեւաց հաղորդ ըլլալով, երկուքն այլ չէին բաժնուեր Դասկայ քսվէն․ Արբենուտի ձորակը քրիստոնէութեան ծառածածուկ տաճար մը դարձուցին։ Հայոց հեթանոսութեան վերջի տարիներուն եւ վերջի ջանքերուն ատեն, երբ Տրդատ դրդեալ ի Դիոկղետիանոսէ հրաման հանէր եւ հալածէր զքրիստոնեայս` իր նոր տիրած եւ ընդարձակուած սահմաններուն մէջ, իր հաւատարիմ եւ անահտապաշտ իշխանքն այլ նոյն հոգւով իրենց երկիրներուն մէջ հսկէին։ Բայց Սուրէն որչափ այլ դիւամոլ եւ վրէժխնդիր էր, չկրցաւ իմանալ որդւոյն քրիստոնէութիւնը, չլսեց անոր անոյշ սաղմոսերգութիւնը Արբենուտի խոխոջանաց եւ Թզենուտի ծփանաց հետ։ Ինչուան յետ վեց տարիներու` ուրիշներն կասկածելով եւ հասկընալով` մատնեցին որդի մը` իր հօրը, անմեղութիւն մը` անգթութեան։ Իբր անախորժ քնէ մը արթըննալով Սուրէն, այն ատեն իմացաւ թէ ինչու՞ Աթենոդոր չէր երթար Վահագնի եւ Ասկլեպեայ սեղանները զոհիւք եւ պսակօք պատուելու․ թէ ինչու՞ այնպէս միայնութիւն եւ առանձնութիւն կու սիրէր որդին` նաեւ յետ բժշկութեանն, իբրեւ տղայութեան եւ հիւանդութեան յիշատակաց սովորութիւն մը։ Ինչ որ ծուռ հաւատքի մը եռանդն, հայրենի գութ եւ տիրական կամք մը կրնային ընել տալ` ըրաւ Սուրէն․ վեց ամիս աշխատեցաւ որդւոյն սիրտը դարձընելու, իր չափէն վեր այլ խոստմունքներ ընելով, եւ բոլոր Սալհունեաց գաւառին ընդաձակ տէրութիւնը եւ փառքը ցուցընելով եռանդուն երիտասարդին․ այլ ամենեւին չկրցաւ ազդել քրիստոնեայ սրտին։ Հայրութիւնն դարձաւ ի տէրութիւն, տէրութիւնն ի բռնութիւն, եղաւ հալածիչ եւ դահլիճ որդւոյն․ կարելի խոստմանցն հակառակ` ամեն կարելի սպառնալիք այլ ըրաւ, եւ հասուց պատիժ ու զրկմունք․ ակամայ քան կամաւոր անգթութեամբ տանջեց իր աղիքը, սակայն չկրցաւ զատել զորդին իր նոր եւ յաւիտենական հօրէն, ն Քրիստոսէ։ Յետ վեց ամսոց յօգնեցաւ, յուսահատեցաւ թշուառ եւ ողբալի հայրն, մէկ հատիկ եւ վերջին հնար` կամ ապրեցընելու կամ կորուսանելու` սեպեց իր սեւ սուրը․ սպառնացաւ ու վճռեց սոսկալի մահ։ Թէոդոր բնաւ չվախցաւ մահուանէ, որ իրեն փափագելի հանգիստ մ՚էր։ Բայց նոր Սանատրուկ մը տեսնել, նոր Կայէն մը, իր հօրը ձեռօքը սպաննուիլ, ո՜հ, այս դառն էր քան զմաճ եւ մահերու մահ։ … Աղա՜ղ Աղուիթայ, ոչ իր կողակից կենակից ամուսնական իրաւունքն, ոչ կնոջական մայրական խանդաղատանքն եւ գութն` չկրցան ազատել իր մէկ հատիկը։ Գազանացեր էր Սուրէն, աչուըներն արիւն, բերանն մահ կու փոխէր, ոչ ոք կրնար մօտենալ անոր․ սպառնալեաց ժամանակն այլ անցեր էր, ըլլալիքն հասեր էր։
Թէոդոր վերջին անգամ մը նայելով իր կրկին եւ մէկմէկէ շատ աննման ծնողաց վրայ, բոլոր որդիական եւ քրիստոնեական երկու կրակներով վառած արեւանման աչքերովն, աննկուն զօրավարի պէս, որ յետ ամենայն զօրականաց` քաջ քաջ կ՚ինկնայ զորաւորագոյն թշնամւոյն առջեւ, արցունքները զսպելով, եւ թողլով այն շէնքը` որ երբեմն իրեն ծննդեան` տեղ, եւ ասկէ ետեւ իրեն համար ամայութիւն եւ ունայնութիւն էր` բոլոր աշխարհիս հետ, թերեւս մօրը դիմաց սարսափելի եւ անտանելի տեսարան մը չբանալու համար, ելաւ գնաց անդարձ նետի մը պէս։ Ծովակ, ձորակ, աղբիւրք եւ հիւանդանոց չկրցան արգելուլ զինքը, ամենուն վերջի նայուածք վերջի բարեւ տալով, եւ ո՞վ գիտէ ինչպէս սրտին չափազանց ծանրութիւնը եւ լեցունութիւնը թափելով Դասկայ գրկաց մէջ, եւ ընդունելով անկէ անմահութեան ճաշակը եւ կենաց հացը, երիտասարդական ուժով մ՚այլ ցնցելով զինքն եւ թափելով սուրբ ծերոյն դողդոջուն թեւերէն եւ արտասուաթոր մօրուքէն, փախաւ գնաց Արբենուտի ձորէն դուրս, եւ անցաւ մօտիկ եւ աւելի անծանօթ անձայն ձորակի մը մէջ, որ կ՚ըսուէր Սեղեմնուտ․ եւ հոն եօթն օր վեր վար պտըտուելով, Յեփթայեայ օրիորդին նման, Արդլմսեհի նման, ինքզինքը հրաժարեցընելով իր ծաղկեալ կեանքէն, իր պայծառ արեւէն, անգին մօր մը սրտակտուր ծոցէն, կու նուիրէր միայն անոր` ուսկից կու գան եւ ուր կու դառնան ամենայն բարիք եւ ամենայն բարիք եւ ամենայն շունչք արդարոց․ մինչեւ յօգնած եւ հանդարտած` ընկաւ փռուեցաւ այն ծառին տակ է այն քարին վրայ, ուր տեսանք զինքը առաջին անգամ մեր պատմութեան սկիզբը։ …
Ե
Հիմա գիտես, Հայկակ, ուր ըլլալդ, կու ճանչես ով է այդ չքնաղ երիտասարդդ, կեցի՛ր հոս պահ մ՚այլ, վերջին պահ․ վասն զի այլ երկայն ժամանակ չկայ․ մօտեցիր այդ անտաշ ապառաժ սեղանին քով, այդ Սեղեմնուտի սաբեկայ ծառին տակ, ես լռեմ, դու գիտէ եւ զգա։ …
Բայց ահա հեռուան վիշապի խոշիւն մը կու լսուի, առիւծու մռնչիւն մը, ձորեզերէն վար վարազաթեւ սեւ արծուի պէս կու սլանայ կ՚իջնայ ծառին վրայ, ծառին ներքեւ քարին մոտ… երկայնժանիք հրէշ մ՚է, գաղտնագոյն քան զվիշապ, քան զառիւծ, քան զարծուի… Ինքն է, ինքն է, սուսերամերկն Սուրէն… որդւոյն փախստեան վրայ աւելի կատղած եւ արեան վրիժով լցուած, հին պատենէն քաշելով ժանգոտ սուրը, եւ «Ա՞յդպէս, իմ երիտասարդութեանս երկա՜թ, այնքան կոտրած թշնամեացդ արեամբ չկշտացած` ծերութեանս ատեն ինծմէ իմ որդւոյս արի՞ւնն այլ պիտի ուզէիր թափելու», ըսելով, կ՚առնու, եւ մոլեգին դիւահարի պէս կ՚ընկնի սարէ սար ձորէ ձոր որդին փնտռելու։ … Անշուշտ սատանայական ոգին զինքը քաշէր քշէր տանէր, ինչպէս երբեմն զԿայէն ի մահ Աբելի, կամ ինչպէս անկէ առաջ (ըստ դրախտերգակ քերդողին) ինքնին` դժոխոց անդունդներէն ելած` կու փնտռէր դրախտին դուռը, որ մեր երանեալ նախածնողքը ձգէ ի մեղս եւ ի մահ։ Այսպէս դիւական թափառանօք վերջապէս հասաւ Սեղեմնուտի ձորեզրը, եւ իբրեւ սեւ արծուի` տեսնելով բարձրէն ծառին տակ իր փնտռած որսը, հասաւ շուտ ու թեթեւ անոր վրայ։ … Բայց ի հարկէ երկու քայլ մնացած` բնաբերաբար կամ ակամայ կամօք` կանգ առաւ․ հայրենի բնութիւնն զօրանալով` դիւական մոլութեան մէջ անգամ հիացա՜ւ այն սքանչելի հանդարտութեան եւ անմեղութեան թափանցիկ քունին վրայ, որուն նման բան չէր տեսած երբէք…
Ո՜հ, եւ ինչու՞չիձգեց սուրը ձեռքէն, ինչու՞ չցատքեց ընկնալու, եւ հայրական շրթունքները վեր վար բերելու այն մարգարտաշար վարդերուն վրայ, այն բարակ քրտնահար երեսներուն վրայ, այլ առանց դպչելու կեցաւ կանչեց կերկերեալ կոկորդով մը` Աթենոդո՜ր, որդեակ»։ … Թէոդոր հեզամրափ աշուըները կէս մը բանալով եւ կէս մը գլուխը վերցընելով` պատասխանեց․ «Հա՜յր իմ»… վերջի՜ն անգամ հօր եւ որդւոյ անուանակոչութիւնք։ Սուրէն դարձեալ այլայլած` հարցուց անոր, թէ պիտի հաւանի՞ իր կամացը եւ թողլով զՔրիստոս դառնա՞յ ի պաշտօն կռոց։ Թէոդոր` «ես Քրիստոսի հաւատացեալ եմ, ըսաւ, եւ այս հաւատոյս վրայ հոս կու մնամ»․ եւ նորէն դրաւ գլուխն ի քարին, խփեց շրթունքը եւ աչքերը … մնա՜ք բարով արեւ, կենաք եւ աշխարհ։ Բայց մէկ անգամ մ՚այլ բացաւ Թէոդոր կիսակէս աչքը եւ շրթունքը, երբ Սուրէն վայրենի վագեր պէս մէկ ցատքելով ձգեց ձախ ձեռքը, եւ որդւոյն երկու թիզ խարտեաշ մազերէն բռնելով վեր քաշեց խնձորակերպ գլուխը, եւ պարկեշտ պատմուճանին օձիքէն կարապաձեւ պարանոցն երկընցաւ։…
Ո՜վ հրեշտակային կերպարանք, ի՜նչպէս կ՚այլափոխիս։ Իսկ Սուրենայ աջ ձեռքէն յանկարծ փայլակ մ՚էր շողաց շեշտակի։ …
Հոս միատեղ մէկդի կ՚ընկնան` պատմչին գրիչն, Սուրենի սոսկալի սուրն, եւ Թէոդորի ճերմակ վզէն նռնանման ճեղքուած կարմրահատ գլուխն։
Զ
ՈՒ՞ր են հիմա մեր մայիսի ծնած ծաղկունքն, ու՞ր մնացին մրազարդ մարերեայ մրգունքն։ Այսպէս, չկայ ծաղիկ հողածին` որ չցամքի, չկայ պտուղ երկրաբոյս` որ չթոթափի, ամենայն դալար ու պայծառ, յետ քիչ ժամանակի պիտի ըլլայ մռայլ ու խաւար։ Սակայն ծաղիկ այն ծաղիկն է, որ երբ ճղէն այլ զատուի` դարձեալ մնայ անթառամ, եւ մանաւանդ նոր գեղեցկութեամբ մը յաղթէ կանգուն ու ճոճուն ծաղկանց։ Այսպիսի ծաղիկ է հայրազեն դառնանման կոտորեալ երիտասարդն Թէոդոր, թաւալեալ իր հովանաւոր ծառին եւ իր հանգստեան քարէ բարձին տակ` օշօշով եւ մանուշով հիւսուած խոտերու վրայ, Սեղեմնուտի օդաւոր ձորակին մէջ․ ուր հեզամնչիկ հովիկն խոնարհած կու խաղայ անոր արիւնլուայ վարդէ գիսակաց հետ․ ինչուան որ երեկոյեան զովութիւնն դադրեցընէ եւ պաղեցընէ կարմիր կաթիլները, եւ գիշերուան լուսագնտիկն վերէն ծաթէ արծաթափայլ դողդոջուն ճառագայթները, որք կու մարմըրին, շուք մը կու դառնան` Թէոդորի մարմնէն ծագած հրաշափայլ լուսոյն քով։ Այս լոյսն անշուշտ առաջնորդեց այն մարմինը մեծցընող եւ գգուող եւ հիմա զինքը սրտաթունդ փնտռող անձի մը, մօր մը։ … Չտեսնենք, չքննենք մենք այն մայրը Սեղեմնուտի մէջ։ Դու այլ դարձի՛ր մայրիկ, դարձի՛ր Աղուիթա` առ Դասիոս, եւ հրաման տուր․ «Ե՛լ, հայրիկ, ել գնա ի Սեղեմնուտ, հոն կու գտնես իմ հայրազեն գառնուկս, իմ մրրկաթափ վարդենիս, իմ նուաղած աղիքս, առ ու լուա այն արշալոյս ճակատը, բայց կիսալուայ ըրած` բե՛ր ինծի փունջ մը ոսկեթել մազերէն, որ գլուխս վերջին պսակ ընեմ․ լեցուր այն չուշանացեալ շրթունքները մայրենի եւ հայրենի համբոյրներով․ ապա մաքուր կտաւներով գոցէ՛, գոցէ այն արեւակերպ դէմքը, զոր քիչ ատենէն պիտի տեսնեմ յերկինս․ եւ գիր ծածկէ ի ծոց ամենուս ծնողին, հողուն»։
Գնաց գետնամած ծերունին, հետն առած Թէոդորի հին ընկերները եւ ուրիշ ծածուկ քրիստոնեաներ, հաւատացեալ եղբարք եւ քորք, պարկեշտ կուսանք, որ քողով եւ մազով արցունքնին ծածկած, եւ բոցաշարժ ճրագներ բռնած յուղարկաւոր կ՚երթային Թէոդորի։ Արդեօք կայի՞ն անոնց մէջ, կամ կա՞յր մէկ մը` որ յուսացեր էր երկրիս վրայ այլ սրտակից ըլլալու սուրբ նահատակին, եւ յետ անոր մօրը կանչելու զնա` իմս Թէոդոր․ պատմութիւնն կու լռէ։ …
Քահանայական եւ մարտիրոսական պաշտօն, աղօթք եւ արտսուք կատարուեցան․ այն հովանաւոր ծառին ներքեւ եւ այն սեղանացեալ քարին քով` փորուեցաւ եռանդուն երիտասարդին քնարանն, եւ ծածկեցաւ մարտիրոսի մարմինն։ Անարուեստ պարզունակ քարկոփ խաչ մը վկայ կեցաւ նահատակութեան եւ հանգստեան սրբոյն Թէոդորի։ Թող գայ հիմա Աղուիթա աղօթելու երանեալ եւ աստուածազգեաց որդւոյ մը մնացորդաց վրայ։ Ահաւասիկ երանելի տիկինն, ծառէն աւելի մազերը ցրուած` փռուած ճակատ ի գետին։ Իբրեւ կրկին մարք սաղմոսեան դատարանին, հողն ու Աղուիթա կու գրկեն ու իմս է կ՚ըսեն այս որդեակս։ … Քիչ մ՚այլ սպասէ Աղուիթա, եւ ահա թագաւորն խաղաղութեան` իր ցանկալի վճիռը կու տայ, եւ յաւիտեան քուկդ կ՚ըլլայ քու Թէոդորդ։
Է
Իսկ հա՞յրն …․ քա՜ւ լիցի, ամենեւին անարժան այնպիսի անուան․ գազանացեալն, դիւամոլն կամ դիւրախառն Սուրէն, իր սատանայական սուրը առած` եւ եկածէն աւելի շուտով փախչելով կու հեռանայ․ տեղերն կու փախչին եւ ինքն իրմէ չի կըրնար հեռանալ․ Գոչումն արեան որդւոյն բողոքէ յերկրէ եւ յերկնից։ Հեզիկ գառին արիւնն հիմա երկնաւոր նահատակի ահաւոր մասունք դարձած` սուրին վրայէն Սուրենի սիրտը կու պատառէ․ կու փութայ խելացնորն մօտի աղբիւրը, աղէկ մը կու լուայ կու ջնջէ որդւոյն յետին նշանները, եւ անով իր եւ անոր միջի կապն` յաւիտեա՜ն կու ջնջուի։ Չորս տարի այն դառնագոյն դահճին, խղճի խայթուածքներուն մատնուած, Սուրէն կեանք մը կամ կենաց պատկեր մը անցընելով, անզեղջ եւ անյոյս կռապաշտ մոլորութեամբ մեռաւ, եւ յիշատակն յանէծս եւ ի սոսկումն մնաց։ … Իւրածին որդւոյն արեան խուլ եղող սիրտն` չեղաւ արժանի Աստուծոյ Որդւոյն ձայնը լսելու` Լուսաւորչի բերնէն, եւ դառնալու ի հաւատս Թէոդորի` համօրէն Հայաստանեայց հետ, որք յետ երկու տարւոյ արժանացան այս ամենամեծ պարգեւիս։ Վասն զի Ս․ Թէոդոր նահատակեցաւ յամին 296, այսօրուան ամսակէտիս (11 մայիսի) 28 տարեկան եւ 6 ամսեկան․ Սուրէն կորաւ 300ին․ Ս․ Գրիգոր լուսաւորիչ` ելաւ ի վիրապէն յաջորդ տարին (301)․ եւ երբ հետեւեալ տարին կ՚երթայ ի Կեսարիա` Հայոց եպիսկոպոսապետ ձեռնադրուելու, անցաւ սովորական ճամբէն, Սալհունեաց գաւառէն եւ աւանէն, ո՜րչափ տարբեր 15 տարի առաջ անցածէն․ փոխանակ շղթայից եւ կալանաւոր պահապանաց, հիմա Տրդատայ յաղթական կառաց վրայ դրուած եւ Հայոց ամենէն մեծ նախարարներն չորս դին առած։ Այլ հեզն եւ ազնուասիրտ հայրն մեր` փառաց վրայ աչք չունենալով, իր սուրբ սանուկը կու փնտռէր․ կանչեց գտաւ ծերունի քահանայն եւ հարցուց զԹէոդոր․ Դասիկ իր ընտրեալ հովուապետին ձեռքէն բռնելով տարաւ ցըցուց այն տեղը` ուր որ վեց տարիէ ի վեր կու քնանար անոր հրամանաւ կնքուածն։ Ի՜նչ կենդանակայլակ արտասուքներ էին որ Լուսաւորչի մը աչքերէ իջան հայրաբար սուրբ երիտասարդին նշխարաց վրայ, որ իր քրտանց առաջին պտուղն, եւ մեր լուսաշնորհութեան անդրանիկ խայրիքն էր․ անոր համար եւ առաջին վկայարան` յետ Հռիփսիմեանց նշխարաց ամփոփման, Թէոդորի հանգստարանն եղաւ․ ինքնին Գրիգոր դեռ չձեռնադրուած` կանգնեց հոն մատուռ մը, եւ երբեմն երախայ յանձնածը` հիմայ սուրբ վկայ մը յանձնելով Դասիոսի` գնաց։ Եւ երբ ցանկալի տաճարիկն իր ճակատը բարձրացուց դէպ յարեւելք, աջակողմեան անկիւնը հանգչեցուցին սրբոյն մաքուր նշխարքը․ մէկայլ անկիւնն այլ` տապանաքարին դիմաց` դրին այն սրբեալ քարը` որ մեր գառին զենման սեղան եղաւ։ Այն երկու սխրալի սրբատաշ քարանց մէջ էր անկէ ետեւ` Աղուիթայ սիրելագոյն հանգստարանն, որ իր որդւոյն մատրան սպասաւոր ըլլալով` իբրեւ հաւատաւոր այրի մը, երկնախառն կեանք մը անցուց հոն, այլ ոչ երկայն ժամանակ։ Որդւոյն նահատակութենէն եօթն տարի վերջը, երբ հասաւ տարեդարձ անոր վերջին անգամ իրեն համբոյր տալուն եւ տնէն փախչելուն, նոյն օրը (5 մայիսի) Աղուիթա, որպէս թէ դարձեալ զգալով այն ցաւալի կիրքը եւ որդին փնտռելու ելլելով` աւանդեց աղաւնաշունչ հոգին, եւ ճգնասուն մարմինն թաղեցաւ իր որդեկին դիմաց` տաճարին դռնէն դուրս։ Այդոր եւ առաջի յիշեալ երկու սրբանիշ քարանց նման չորրորդ մ՚այլ գրուեցաւ` Աղուիթայ տապանին դիմաց, տաճարին արեւմտեան կողմը, եւ ներքեւն հանգչեցաւ Դասիկ, որ այս սխրալի քան տխրալի հանդիսից մէջ առաջինն ըլլալով հասակաւ, վերջին եղաւ ժամանակաւ․ եւ ամեն բան կարգելէն կնքելէն ետեւ, ըսաւ իր ալէկից Սիմէոնին հետ․ «Արդ արձակեա, Տէր, զծառայս քո` ի խաղաղութիւն, զի տեսին աչք իմ զփրկութիւն»․ եւ հանգեաւ ընդ արդարս։ Թէոդորի թէ տապանէն եւ թէ այն աղբերէն ուր իր արեան կաթիլքն խառնեցան` սուրին լուալէն, շատ հրաշքներ եղան հիւանդաց եւ մոլեգնելոց վրայ․ եւ ոմանք եղան, ինչպէս կու ցուցընէ երախտապարտ պատմըչին բանակարգութիւնն, յառաջ իսկ քան զշինութիւն մատրանն եւ զդարձն Հայոց ի ձեռն Լուսաւորչին։ Հայագիրն չիստիպեր զմեզ հոս մէկիկ մէկիկ յիշել զանոնք, վկայասիրաց թողումք հին պատմչին նշանածներէն ետքն այլ եղածները քննելու եւ իմացընելու մեզի իսկ, որ զայս իրենց կ՚իմացընեմք։ Եւ եթէ հարցընէ սիրողն` Թէոդորի վկայարանը կամ ուխտատեղին, երթա՛ յԵրզնկա, եւ անցնի արեւելեան կողմը եւ հարցընէ Գորոփու Ս․ Թորոս վանքը, զոր սրբազան նահատակէն 1140 տարի վերջն այլ յիշատակած գտնեմք ի գիրս` «մեծափառ եւ բարձրապատիւ ուխտ» կոչմամբ։ Հոն քննէ գտնէ եւ համբուրէ մեր ըղձաւոր շրթամբք այլ` այն չորս սրբանիշ քարերը, եւ մանաւանդ հիւսիսային անկեանը․ հոն կանգնի եւ համբուրէ (եթէ պահուի ցարդ) ձողաբարձ խաչի մը մէջ գրուած սրբոյն Թէոդորի քաղցրաբարբառ յիսուսախօս լեզուն, որոյ համար այլազգիք անգամ, կ՚ըսուի թէ այն տեղը կ՚անուանեն Սըրըգլը Ս․ Թորոս (եթէ Գորոփու կամ Սալահունի անունէն փախուած չէ այդ անունը)։ Յանձնեմք իր հետ` աշխոյժ եւ ճարտարարուեստ հասարակակցաց Ս․ Թէոդորոսի, դիտել նկարել եւ ցուցընել մեզի այս պատմութեանս մէջ յիշեալ տեղուանքը․ երկու ձորակները, երկու աղբիւրները, ծովակը, աւանները, դղեակները եւ այլն․ յանձնեմք անոնց վառվռուն մտաց եւ կրթեալ սրտից եւ մատանց` նուագել եւ երգել այս պատմութեան եւ եկեղեցւոյ արժանի եւ ընտիր դրուագն․ աղաչեմք մեր եկեղեցւոյ գլխաւորաց, իրենց զանազան հոգոց մէկը պակսեցընելով կամ մէկ մ՚այլ աւելցընելով` այսպիսի սխրալի սրբոյ մը յիշատակը չիձգել միայն Յայսմաւուրաց թափթըփած թերթից մէջ, այլ բարձրաձայն հռչակել տալու սուրբ խորանաց վրայ, եթէ արդարեւ սրբոյն Գրիգորի Լուսաւորչի գործակից եւ հոգեկից ըլլալն կու ճանաչեն իրենց առաջին հոգ եւ պարտք, եւ պաշտամամբք սրբոց` բարձրացընել զփառս Աստուծոյ։