Ղևոնդ Ալիշան

Յուշիկք հայրենեաց Հայոց

Գերեդարձ Գ Լեւոնի

6 փետրուար – 1289

ՎԱՌԵՆՔ երեկոյեան խարոյկը, բոլորինք հայրենի կրակարանին եզերքը, ի Կիւլիկիա, յարքունիս թագաւորին Հեթմոյ։ Հեթում (այս անունը կրողաց մէջ ամենէն անուանի եւ սիրելի անձն) Հեթում Ա, յաջորդ մեծին Լեւոնի, ինքնին հրաւէր կու տայ, եւ քան զուրիշ տարիներ աւելի արտորանօք, իր հաւատարիմ հպատակացն եւ պարոնայցն, գալու ժողովելու բազմութեամբ, եւ Աստուածայայտնութեան մեծ տօնը կատարելու։ Կու փութան իշխանք եւ պարոնայք` ապահովցընել իրենց ամուր բերդերը եւ իջնել լեռներէն, ելլել պարսպապատ քաղաքներէն եւ ժողովիլ ի Մսիս։ … Եւ ինչու՞ ոչ ի Սիս, յաթոռն թագաւորաց։ Մի՛ հարցընէք։ Պարոնայքն գալու եւ անցնելու ատեն` կու նային մէկ մը այն մայրաքաղաքին կողմը, եւ դեռ եգիպտական սեւ ծխոյն նշանը տեսնելով, գլուխնին շարժելով` երեսնին խաչակնքելով կու փոխեն ճամբանին, թէ եւ շատ դժար կուգայ իրենց յառաջելն, վախնալով թագաւորին տխրամած դէմքը տեսնել․ սակայն մէկ մ՚այլ իրենց հրաւէրքն թուղթերուն վրայ նայելով, եւ տեսնելով անոնց արքունի կարմիրկապ կնիքը` սիրտ կ՚առնուն, եւ կու մտնեն ի Մսիս․ որոշեալ օրը` նախ քան զտօնն կու ներկայանան միաբան, արեւել եւ շնորհաւորել թագաւորին զնոր տարին եւ զաւագ տօները։

Սիրով եւ պատուով կ՚ընդունի զնոսա թագաւորն, եւ փոխարէն ողջոյններ տալով` կու հրամմէ որ նստին․ եւ նախ ինքն կու բազմի ծանրութեամբ իր գահը։ Ո՛հ, ո՜րչափ այլափոխուեր է թագաւորին դէմքն քան զանցեալ տարին։ Տարի մը միայն կրնա՞ր այդքան աւելցընել հազիւ վաթսնամեայ գլխոյն ալիքը, որ ոսկի պսակին տակէն կախուած` իր սպիտակ արքունի բեհեզեայ քղամդին կու խառնուին․ եւ երկընցած դէմքն այլ այն գլխուն դեղին թագին կու նմանցընեն։ Ո՜րչափ տարբեր էր այդ դէմքն այն Հեթում թագաւորի ոսկեհատիկ վառվռուն կերպարանքէն, երբ այդպիսի հանդիսական օր մը բարձր գահուն վրայ ելած ատեն։ Կիւլիկիոյ ամենէն ազնիւ ծնունդն` տիկնաց տիկինն Զապել, դուստրն մեծին Լեւոնի, անոր աջ կողմը կու բազմէր, այն իր կենակից եւ թագակից դշխոյն, գահուն բոլորը բռնէին իր հինգ վեհակերպ մեծապատիւ եղբարքն, Սմբատ գունդըստապլն` հին Հայկազանց եւ Վարդանանց նախանձորդ` սպարապետն Հայոց, Լեւոն` մեծ մարաջախտն, Լիկոս` գայլանուն կտրիճն։ Բարսեղ` վսեմափայլ արքեպիսկոպոսն եւ առաջնորդ Դրազարկու, եւ Յովհաննէս` երիտասարդ արքեպիսկոպոսն Մամեստիոյ եւ առաջնորդ Արքայկաղնոյ, գահուն ստորոտը Սողոմոնի սուտ առիւծներուն տեղ` երկու եռանդուն կրակոտ կորիւնք կենային` Լեւոն եւ Թորոս թագաւորորդիք․ եւ իբրեւ ամենուն հովանի` թագաւորին ձախ կողմը նստէր փառօք իր ջոջգլուխ արքայահայրն` Մոզոնն Կոստանդին, աբրահամեան ծերունին։

Այդ յիշեալ մեծափայլ եւ մեծազօր արքունական սիւներն` այսօր խորտակած կ՚երեւին ժամանակի օրէնքէն․ միայն ամենէն կրտսեր արքայ եղբայրն Յովհաննէս արքեպիսկոպոս` մէկդին բազմէր, մէկալ դին այլ ամենէն մեծն` ծերունազարդ սպարապետն Սմբատ, ոսկէկոթ թրին վրայ կռթնած, երբեմն երբեմն թաւ թաւ յուներուն տակէն երկու խոր կայծակներ պտըտցնելով։ Թագաւորին գլխուն այլ ծանրացեալ կ՚երեւի գրեթէ կէս դար կրած թագէն․ 43 երկայնեւ բազմափորձ տարիներ պէսպէս գոհար քարերու պէս շարուած էին անոր վրան․ ո՜րչափ զանազան տեղուանք, ո՜րչափ զանազան անձանց մէջ կանգներ էր Հեթում այն գլուխը, ո՜րքան երկայն եւ տարեւոր ճամբաներ ընելով` Կիւլիկիոյ դռներէն մինչեւ Թաթարըստանի խորագոյն անապատները` ազգին եւ տանը համար քրտնելով, կ՚իմանայր հիմա պսակին ծանրութիւնը։ Եւ թերեւս անկէ ետեւ փափագելի էր իրեն հանգչեցընել այն յօգնած գլուխը, ըլլա՜ր նաեւ սեւ քարի մը վրայ։ … Բայց սրտին վրայ այլ կայ ծանրութիւն մը, եւ շատ մեծ ծանրութիւն․ ինչուան որ զայն չթեթեւցընէ, իրեն համար մահն անգամ անհանգիստ է։ …

Ասոնք մեր մտածութիւններն չեն, այլ այն բազմախումբ պարոններուն` որք բազմեր են թագաւորին դիմաց։ Իսկ Հեթում իբրեւ թեթեւ քնէ մը թօթուելով գլուխը, եւ ծածուկ կրակով մը վառելով աչուըները` կու դարձընէ հոն եղող իշխանաց վրայ, եւ յետոյ կու հրամէ սենեկապան սպասաւորաց` որ պակասներն այլ կանչեն եւ նստեցընեն․ իսկ սպասաւորք կարգէն պակաս չգտնելով` կ՚իմացընեն որ ամենքն այլ հոն են։ Թագաւորն նորէն աչք դարձընելով` կու տեսնէ, թէ ոչ շատ, այլ մե՜ծ պակաս․ կու հրամմէ կու ստիպէ որ զանոնք այլ կանչեն։ Սպասաւորք շփոթած կու նային կու համրեն, պակաս չեն գտներ, եւ վախով մօտենալով կ՚ըսեն, Սուրբ թագաւոր, ամենքն հոս են։ Թագաւորն նեղանայ, սպասաւորք իրար կ՚անցնին, իշխանաց կու դառնան․ ասոնք այլ կ՚ապահովցնեն զթագաւորը, թէ Սուրբ թագաւոր, ամենքն այլ որոց հրաւէրք եւ պատուէր խաւրեցիք, հոս են, անգամ մ՚այլ սրափայլ աչքերը չորս դին դարձընելով, եւ բարկացեալ` այլ մարմրած եւ հեծկլտած ձայնով կանչէ․ Եթէ ամենքն հոս են, ու՞ր են հապա պարոնաց պարոնքն․ Լեւո՜ն եւ Թորո՜ս։ …

Լեւո՜ն եւ Թորո՜ս, երկու կրակէ նետերու պէս թռան այս անուանքս թագաւոր հօր մը բերնէն, եւ չմնաց ողջ սիրտ մը․ իշխան, պարոն, եպիսկոպոս, ձիաւոր, սպասաւոր, ամենքն վիրաւոր հառաչանք մը փրցնելով կու սկսին լալ վայել, երկինքն երկիր նայիլ․ բոլոր արքունական ատեան նոր մեռած անդրանիկ զաւկի մը սգասենեակ դարձաւ․ թագաւորն ծածկեց հայրական դէմքն իր սպիտակ բեհեզին տակ․ եւ մէկն չէր համարձակեր մօտենալ, բան մը ըսել, մխիթարանք մը տալ, պարոնաց գլուխն ի գետին կորացեալ․ վարդապետաց եւ եպիսկոպոսաց շրթունքն գալով համրացեալ, կ՚ուզէին որ եղածն երազ ըլլար․ եւ թէ չէր կարելի անկէ հեռանալու` գոնէ անզգայ ըլլալու։ Բայց ո՞վ կրնայ անզգայ ըլլալ, երբ ձիաւորաց պարծանքն` զուարթունն Թորոս` դեռ իր չորեքամսեայ գերեզմանին մէջ սեւ սեւ վէրքերու նշաններով ահեղ դիւցազին նման պառկած կ՚երեւէր դիմացնին… եւ երբ սադէմ թագաժառանգն Լեւոն` բարբարոս Պիյպարս սուլտանին սեւ բերդին մէջ շղթայակապ տանջուէր։ Անվախ Սմբատն անգամ, հօրեղբայր սիրուն եւ կտրիճ կորեանցն, ձեռքը թրին, թեւն ի գահ թագաւորին կռթընած` արտասուաթափ աչքերը վերուցած ատեն` կարծուէր թէ մէկէն պիտի ցատքէ եւ արքունի նիզակներէն մէկը կորզած` վազէ երթայ Մսրայ սուլդանին գահը կոխէ, եւ իր եղօրորդին` պարոն Լեւոնը, յափշտակէ բերէ հօրը գիրկը, իսկ երբ գլուխը թօթուելով նորէն դէպ ի կուրծքը կ՚իջեցընէր, կարծուէր թէ աշխարհք անցեր է Հայոց տանն համար․ եւ ամենքն ալ գլխակոր մնային… Թանձր սուգ մը պատեր էր Հեթմոյ արքունիք, արեւելքէ եւ արեւմուտքէ, Թաթար ղանէն եւ սրբազան Պապէն եկած մխիթարութեան գրերն անգամ չէին փարատած զայն։

Ի՞նչպէս եկաւ այն սեւ սուգն, ի՞նչպէս եղաւ այս չար դիպուածն։ Գիտես Հայկակ, որ Կիւլիկիա թէ եւ ամուր երկիր, բայց այլազգի տէրութիւններու դրացի էր, որք կ՚ուզէին յափշտակել այն պատուական աշխարհը։ Թագաւորք Հայոց երբեմն բարեկամութեամբ, երբեմն զէնքով կու զգուշանային անոնցմէ․ որոց զօրաւորագոյնն` Իկոնիոյ սուլդանն, շատ հեզ Լեւոնի եւ Հեթմոյ հետ կռուեր էր, երբեմն մէկն երբեմն մէկայլն յաղթելով, բոլորովին ապահովվութեան համար` Հեթում նախ իր եղբայրը` Սմբատը` ղրկեց առ ղանն Թաթարաց, յետոյ ինքնին գնաց առ Ապաղա ղան, եւ երեք չորս տարի ուշացաւյօտարութեան, մեծազօր եւ ահարկու Հէլակիւ ղանէն ստիպուեցաւ նիզակակից ըլլալ անոր, Արաբացւոց եւ Թուրքաց դէմ շատ պատերազմներ ընել, եւ Բաղդատ առնուլ, ու բոլոր Պարսից, Միջագետաց, Ասորեստանի, Հայոց ՛ Ասորւոց իշխանները նուաճել․ որով իր սահմաններն այլ ազատ եւ հանգիստ մնացին շատ տարի․ ուրիշ զօրաւոր թշնամի չկար, բայց միայն Մսրայ սուլդանն, որ հեռուէն կու սպառնար, իսկ Հեթում մէկ կողմէն երկիրը պարիսպներով եւ բերդով ամրացուցեր, մէկայլ կողմէն թաթարաց օգնութեան վրայ վստահացեր էր, եւ այլ աւելի իր խորագէտ հօրը խրատուց եւ եղբօրը քաջակռիւ բազկին վրայ։ Բաղդատ առնելու ատեն Եգիպտոսի սուլդանին կողմանէ այլ մարդ կար հոն, օգնական խալիֆային․ ասոնցմէ երկուքն կրցան փախչիլ․ մէկն էր Ֆունտուքտար Պիյպարս, չափաւոր տարիքը առած, մէկ այլն երիտասարդ մը Սօնդօր էլ Աչքար (շէկ կամ կարմիր բազայ) անուամբ, որ իրեի պէս կտրիճ վազուկ ձի մը ունէր․ եւ տեսնելով ընկերին թէ հասակը թէ գէշ ձին` վախցաւ թէ գերի ընկնի սպաննուի․ ստիպեց որ իր ձիուն վրայ հեծնի եւ փախչի։ Թէ որ ես գերի ընկնիմ, կ՚ըսէր, աղայութեանս խնայելով` զիս չեն սպաններ․ քու պարտքդ ըլլայ ազատել զիս։ Եւ նման այնպէս եղաւ․ կարմիր բազայն բռնուեցաւ։ Պիյպարս պրծաւ եւ հասաւ յԵգիպտոս յորդորեց անոր Քուդդուղ սուլդանը` Թաթարաց դէմ պատերազմ բանալու, եւ պատերազմին մէջ այլ շատ քաջութիւն ըրաւ, անոր համար վարձք ուզեց Հալէպի կուսակալութիւնը․ եւ երբ սուլդանն չտուաւ։ Պիյպարս համախոհութեամբ քանի մը իշխանաց սպաննեց զնա եւ տեղը անցաւ (1260ին)։ Անկէ ետեւ գլխաւոր մտածութիւնն էր վրէժ առնուլ ի Թաթարաց եւ անոնց օգնականներէն, յարմար առիթ այլ գտաւ Հէլակիւ եւ Պերքայի` մեծ ղաներուն ազգային կռիւները․ որոնցմէ յաղթուող եւ փախչողները կ՚ընդունէր իր քով։ Անոր համար Հէլակիւ պատուիրեց Հեթմոյ` իր նիզակակցին, որ Եգիպտոսի սուլդանին վրայ յարձըկի։

Հեթում խորագիտութեամբ նախ Իկոնիոյ սուլդանին հետ դաշնադրութիւն ըրաւ (1262), յետոյ վազեց Այնթապայ վրայ․ բայց Պիյպարս առաջուց իմանալով ըլլալիքը` շատ զօրք խաւրեց խափանեց Հեթմոյ խուրհուրդը․ այն ատեն Հեթում քանի մը հարիւր մարդ այլ ի Թաթարաց առնըլով եւ 150 ասպետ անտիոքացի, մտաւ Ասորւոց երկիրը, բայց ցուրտէն ստիպուեցաւ յետ քաշուիլ, մանաւանդ որ Պիյպարս կու գար իր երկրին սահմանները կոխելու։ Անկէ ետեւ սկսան մէկմէկու դէմ պատրաստուիլ սուլդանն Մսրայ եւ թագաւորն Հայոց, եւ զիրար հնազանդութեան կանչել, թէ եւ իրարմէ կու վախէին․ բայց երբ Հէլակիւ պաշտպանն Հեթմոյ եւ քրիստոնէից` մեռաւ (ի սկիզբն 1265 տարւոյ)։ Պիյպարս սկսաւ համարձակ յառաջ գալ։ Նախ խաչակրաց ձեռքէն առաւ ամուր քաղաքները, վերջը պահանջեց ի Հեթմոյ` որ Ասորւոց դռները ազատ թողու իր մարդկանց անցնելու, չարգիլէ իր երկրէն ցորեն բերելու, եւ նաեւ իրեն հարկ տայ։ Հեթում պատասխան չտուաւ անոր․ թէ եւ դէմ կենալու չէր համարձակեր, բայց եւ ոչ այլ դաշնագրութիւն ընել, Թաթարներէն ակնածելով, վասն զի թշնամիք էին Եգիպտացւոց։ Ահա այսպիսի դժար դէպքեր կան վարչութեան մէջ, որ փոքր տէրութեանց (ինչպէս էր Կիւլիկեցւոց) հնարքը անհնար կ՚ընեն։ Պիյպարսայ ուզածն այլ աս էր, հրաման տուաւ Համադի էլ – Մանսուր իշխանին եւ Գալավուն զօրավարին եւ ուրիշներու, (որոց մէկը Սմլմօթ կ՚անուանեն մեր պատմիչք), յարձակիլ ի Կիւլիկիա, ուր եւ մտան օգոստոս ամսոյն սկիզբները 1266 ին։ Հեթում առաջուց լեռները բերդերով եւ պահապաններով ամրացուցեր էր, եւ Եգիպտացւոց շարժմունքը լսելուն պէս` ունեցած զօրքը տուաւ իր երկու կտրիճ կորիւններուն, թագաժառանգ Լեւոնի` որ այն ատեն երեսնամեայ էր, եւ քաջ ձիաթափ Թորոսի` որ աւելի ծաղկահասակ էր, ՛եւ երկուքն միատեղ քանի մը տարի առաջ (1260) ասպետ կարգեր էր, պատուիրեց անոնց որ ծովեզերքի եւ լերանց միջոցը` Աղեքսանդրիոյ (Իսքէնտէրունի) քովի բռնակապանը պահեն։ Իսկ ինքն` իրմէ աղէկ դեսպան չգտնելով` սիրտ ի բերան առած փութացաւ պզտի գնդով մը գնաց Թաթարաց զօրապետին, որ Էլպօստանի եւ Կոկիսոնի մէջ տեղ բանակեր էր, եւ օգնութիւն խնդրեց շուտով, բայց որչափ աղաչեց, մօտակայ վտանգը առաջ դրաւ, որչափ որ իր անգին զաւակացը վրայ կասկածոտ հօր մը սիրտ կրնար խօսիլ եւ ջանալ, անօգուտ եղաւ, Թաթարն յամառեալ կ՚ըսէր թէ առանց հրամանի Էլ ղանին` Ապաղայի` չեմ կրնար մարդ տալ։ Ուրիշ ճար չկար, պէտք էր սուրհանդակ խաւրել ղանին` եւ խաւրեց․ բայց սուրհանդակն այլ պէտք էր կամ հայր ըլլալ կամ թռչուն, որ քիչ օրուան մէջ կարենայ կտրել բոլոր Փոքր եւ Մեծ Հայոց լայնութիւնը, եւ սրանալ ինչուան Մազանդարանի մօտերը, ուր գտուէր ղանն, հրամանն առնուլ եւ բերել թաթար զօրապետին։ Արդեօք սպասէ` Հեթում սուրհանդակին դառնալուն, բայց միթէ անգութ եւ ճարտար թշնամին այլ անշարժ կու սպասէ՞ իր տեղը․ արդեօք դառնա՞յ թռչի՞ յօգնութիւն զաւկներուն․ բայց եթէ ինքն անկէ հեռանայ` Թաթարներն թերեւս տեղերնէն այլ չեն չարժիր օգնութեան գալու։ Այս դժուարութիւնս առաջինէն ծանր էր․ հարկ էր Հեթմոյ հոն սպասել 15 աւուր չափ, բայց իր քաշած երկայն համբերութիւնը` ո՞վ կրնայ չափել․ ո՞վ կրնայ կշռել սրտին ալէկոծութիւնը այնպիսի ատեն, որ յիրաւի բաւական էր Հեթմոյ, թէ եւ սեւ այլ ըլլային` մազերը ճերմըկցընել, եւ օրուան տեղ` տարի մը ծանրացընել հասակին վրայ։

Իսկ թագւորորդիքն ի՞նչ կ՚ընեն։ Ամառուան ամենէն տաք օրերուն, որ Կիւլիկիոյ քարուտ կողերէն կրակ կու բղխէն դաշտերուն վրայ, մինչդեռ մերձակայ վանքեր Ս․ Աստուածածնի Վերափոխման տօնը հռչակէին լեռնէ լեռ ձորէ ձոր, իրենք հոն կեցեր այրելով մրկելով կու սպասէին հօրերնուն, եւ թշնամւոյն, եւ ետքինս աւելի շուտ հասաւ չկարծած կողմերէն։ Իրենց կռթընած լերանց վրայ Հեթում աշտարակներ կանգներ եւ պահապան գրեր էր զգուշութեան․ եւ ոչ ոք կարծէր թէ մէկն այնպիսի տեղէ անցնելու փորձ փորձէ, բայց Պիյպարս իր զօրաց 15 20օր միայն միջոց կտրէր էր Կիւլիկիա ասպատակելու եւ կրցածնուն չափ աւերելու, պէտք էր որ ամեն ջանք ընէն, եւ ահա յանկարծ Իսքէնտէրունի լեռներուն գլխէն, սեւ մրրկի պէս սկսան վար թափիլ Եգիպտոսի հնոցանման տաք օդուն վարժող Քէօլէմէններ, որ լցին վարի դաշտը։ Հայք (ինչպէս շատ հեղ այսպիսի ատեն կու հանդիպի) յանկարծութենէն շփոթուած իրար անցան․ տասն եւ երկու մեծ իշխան կար մէջերնին, ոմանք զարնուեցան, ոմանք փախան, ոմանք բռնուեցան, հոն էր եւ արքայ եղբայր գունդըստապլն Սմբատ եւ իր կտրիճ զաւկըներն Լեւոնեւ Հեթում․ հոն իր մէկ եղբայրն այլ (Լիկոս), որ նոյնպէս իր թագաւոր եղբոր որդւոցը պաշտպանութեան համար պատերազմելով` փառօք ընկաւ զէնքն ի ձեռքը․ իսկ Սմբատայ այս փառքս չտրուեցաւ այս անգամ, այլ պահուած էր ուրիշ պատերազմի․ իսկ հիմա պէտք էր Հայոց բանակին մնացորդը` բոլորովին կոտորածէն ապրեցընել։ Ի՞նչ ջանք չըրաւ արդեօք այն առիւծ դարձած սոսկալի սպարապետն` իր եղբօր կորիւնները ազատելու, որոնք հոն իրմէ աւելի իրենց հօր պատուէրքին, եւ անկէ այլ աւելի` իրենց քաջասրտութեանը ուզեցին լսել։ Սմբատ չէր գիտեր` մնացեալ զօրա՞ց առաջնորդել, թէ անոնց քովը կենալ․ եթէ անոնց յամառ քաջութեանը նայելով քովերնին կենար, անշուշտ Հայոց բանակէն մարդ մը պիտի չազատէր․ ապա` մէկ մը մնացեալ իշխանորդիները եւ զօրքը ապահովապէս ետ կու քաշէր, մէկ մ՚այլ արքայորդւոց կու վազէր։ Բայց որու՞ն հասնի․ Լեւոն` Սարուանդի քար բերդին ոտքը կեցեր, Թորոս իրմէ շատ հեռու կու կռուէր․ Լեւոն կու ջանայ հօրեղբօրն հետ պաշտպանել իրեններուն, Թորոս անդադար առաջ առաջ կու նետուի իր բարձրապինչ բարձրափռինչ ձիովը, կու զարնէ կու կոտրէ զթշնամին։ Մենք Իլիոնի դաշտը չեմք տեսած, եւ ոչ զԵկտոր` Տրովայ պարիսպներէն դուրս Աքիլլիսի դէմ պատրաստուած, եւ ոչ անոր ծերունի հօրն եւ մօր եւ կնոջ աղաչանքը լսած, զինքը այն սոսկալի հսկային անյաղթելի զէնքերէն յետ կեցընելու․ բայց Թորոսի համար կրնա՞ր պակաս ըսել Հայ Հոմեր մը, եթէ Հոմերի կէս հոգին այլ ունենար։ Քանի մը հաւատարիմ զինակիրներով միայն մահու շրջանակի մը մէջ ցատքըտելով իր բարձրավիգ ձիովն եւ սեաւ փոթորիկի պէս չորս դի մրրկելով` բոլոր ծաղկեալ երիտասարդութեան ուժովը, կէս գունդ մը ձեւացընէր․ վահանը թողած` թուր ու նիզակ էր շարժածը, որոնց հարուածէն` անտառահար փայտից պէս անթիւնք փռուեցան բոլորտիքը, ինչուան տասն հազար եգիպտացի սպաննեցին, կ՚ըսեն, այն օր այդպիսի կտրիճ Հայք։ Թորոս դեռ աչուըներն արիւն դարձած ամեն դի արիւն կու տեսնէր, արիւն կու հանէր, տուած եւ առած վէրքը չիմանալով, շատերն իրեն յորդոր եւ ձայն տուին։ Հերիք է, թագւորորդի, յետ դարձիր․ բայց ոչ մէկուն այլ չլսեց․ չլսեց անշուշտ մերձաւոր ընտանեաց գթոյն, եւ ոչ իսկ հեռաւոր հօր մը ծածուկ ձայնին․ ,Շատ է ազնիւ որդեակ իմ Թորոս, Թորոս` դարձիր այս անգամ, մինչեւ գայ հայրդ այլ եւ մէկտեղ վրէժ առնունք»։ Չլսեց այն ձայներուն, այլ այն մարդակոտոր սեւ անտառին մէջ մինակ մնացած բարձրաձաղկ ծառոյ մը պէս` դեռ ճռնչալով չէր դադրեր իր հարուածներէն, մինչեւ բազմութիւն սուսերաւոր թշնամեաց երթալով մօտենային, եւ շատ անգամ հարցընէին․ Սոսկալի կտրիճ, ո՞վ ես դու, ի՞նչ կ՚ուզես․ քու բոլոր բանակիդ չըրածն` դու՞ն միայն կ՚ուզես ընել․ ձգէ՛ անկուշտ զէնքերդ եւ եկու ապրէ քաջի պէս մեր ձեռքը։ Թորոս` միայն զանոնք զարնելով պատասխան կու տար, մինչեւ քանի մը անգամ անձնատուր ըլլալու յորդորելէն եւ օգուտ չըլլալէն ետեւ` կատղած սուսերաւորքն մօտեցան պատեցին այն մէկ հատիկ վարսաւոր ծառը, ձիաւոր նահատակը, որ գրեթէ անոնց բազմութենէն խըղդուելով` եւ իրմէ առաջ վիրաւորած ձիուն կռնըկէն վայր ընկնալով` կոտրած նիզակին վրայ երես ի վայր փռուեցաւ երկա՜յն, յետին անգամ հայրենեաց հողը համբուրելու շնչակտուր շրթունքովը… Կողոպտողք արիւնլուայ գրահիցն` իմացան, բայց ափսո՜ս, քիչ մ՚ուշ, որ Հայոց թագաւորին որդին է եղեր կտրիճն այն․ ապա թէ ոչ` գուցէ աստուածորդի այլ կարծուէր դիւցատիպ Թորոսն այն։ Ոչ պակաս անկէ քաջութեամբ կռուէր եւ Լեւոն, նոյնպէս կռուեցան եւ իրենց հօր եղբօրորդիքն, Սմբատայ կորիւնքն, որոնց մէկն այլ մեռաւ, մէկայլքն` Լեւոնի եւ իր հաւատարիմ ճորտերուն հետ` գերի ընկան թշնամեաց ձեռքը։

Ո՞վ կրնայ պատմել անգութ Պիյպարսայ ուրախութիւնը` երբ դիմացը հանեցին զանոնք, յետ 20 որ Կիւլիկիոյ մէկ մասը աւրելէն եւ այրելէն եւ մայրաքաղաքն այլ կողոպտելէն, թագաւորաց գերեզմանները քակելէն եւ գանձերը պարպելէն, (որոց միայն մէկ ամանէն 60,000 կարմիր (ոսկի) հաներ էին), դառնալով անբաւ աւարով, մինչեւ մէկ եզ մը երկու դրամի կու ծախէին…

Իսկ Հեթում մինչեւ ցե՞րբ կ՚ուշանայ, մանաւանդ թէ մինչեւ ցե՞րբ կու դանդաղին Թաթարք… Ահա կու դառնայ սուրհանդակն յԱպաղա ղանէն` բերելով առ զօրավարն Թաթարաց հրաման օգնելու Հայոց։ Հեթում թաթար գունդը առած` գացածէն աւելի շուտով կու կտրէ օրերով երկայն ճամբան․ կու մտնէ իր երկիրը… Ընտանի լռութիւն եւ օտար աղաղակ, սեւ նշաններ, աւերակաց փոշի, այրածներու ծուխք, ամեն բան իրեն կ՚իմացընեն, դեռ կու տեսնէ Եգիպտացւոց վերջամնացները` որք իրմէ երկու օր առաջ ելեր էին երկրէն, եւ դեռ կու լսէ անոնց քամահանքը եւ աշխարհին հառաչանքը, կ՚իմանայ, կու զգայ Լեւոնի գերութիւնը, Թորոսի մահը։

Եթէ ամեն բանէ վեր կրօնքի ոյժը չզգար Հեթում, չեմ գիտեր արդեօք ի՞նչ կ՚ըլլար կամ ի՞նչ կ՚ընէր․ բայց այս ուժով միայն սիրտը բռնելով, եւ այլ ամեն բան թողլով, գլուխը կու դարձնէ դէպ իր քաջայիշատակ աներոջ շինած վանքը, եւ հոն այն մեծ թագաւորին (Լեւոնի) գերեզմանին վրայ ընկնալով եւ սուրբ վանականաց հոգէխօս մխիթարանքը լսելով` հազիւ կրնայ քիչ մը զսպել զինքը․ ,Բայց զսիրտն (կ՚ըսէ ականատես պատմիչն) ինքն եւ Աստուած միայն գիտէին թէ որպիսի՞ կրակով լցեալ էր․ զի ոչ տեսանէր զայնպիսի գեղեցկապատկեր եւ զծաղկալից որդիսն իւր առաջի իւր․ ոչ յերեկոյ եւ ոչ ի վաղիւն, եւ ոչ ի ժամ ճաշոյն` յուտել եւ ըմպել․ եւ ընդ միտ ածեալ զանմխիթար աղէտս գեղեցիկ որդւոցն, զԹորոսի գեղեցիկ պատկերն եւ զվայելուչ հասակն` որ ի սրոյ բաժանեցաւ յանողորմ եւ արեանարբու անօրինացն, նոյնպէս եւ զԼեւոնի ահիւ եւ անգոհիւ լինելն ի մէջ այլազգեացն ի ծառայութիւն․ զայս ամենայն զմտաւ ածեալ բարեպաշտ թագաւորն Հայոց, այրէր անհնարին կրակով, եւ գալարէր աղիքն յաղագս սիրոյ որդւոցն որ ոչ տեսանէր` եւ թաւալէր ընդ երկիր անմխիթար սգով, բայց գաղտ եւ ի ծածուկ»։ Ուրիշ ծեր պատմիչ մ՚այլ ծանօթ Հեթմոյ, իր համաշխարհական պատմութիւնը լմանցընելու ատեն` լսելով իր երբեմն հիւրընկալ իշխանազանց սեւ գոյժը, դողդոջուն գըրչովը վերջին թղթոյն վրայ կ՚աւելցընէ այս դէպքս այլ․ ,Գլուխ եւ խոց անողջանալի կոտորելոցն` Թորոս արքայորդին, գեղեցիկ ծաղիկ ի մատաղ հասակի մերձ ի փթիթս մօրուաց․ վկայեալ յամենայն բերանոյ՜ անպակաս ի բովանդակ բարոյ, եւ կուսութեամբ շտեմարանեալ ի ծրարս շնորհացն Աստուծոյ, որ յօժարութեամբ եւս դիմեալ ի պսակն արեան․ քանզի հարցեալ զո՞վն` ոչ ետ զանուն հօրն, զի կենօքն գերեալ` մի լիցի աւելի բեռն հօրն եւ աշխարհին, ընդ անդրանիկ եղբօրն` Լեւոնի, պսակելոյ եւ հրաւիրելոյ յաթոռ թագաւորութեանն` առ կենօք հօրն։ Քանզի նա եղեւ գլուխ գերելոյն մեր, եւ հուր աղէկէզ լերդաչարչար եւ սրտակտուր աշխարհիս մեր եւ ազգիս, որ կամք շնչարգել եւ յերերման։ Հասանէ՜ ձեռն վերին` որ եհարն ցասմամբ, նոյն բժշկէ ողորմութեամբ, ածելով զմեծարաց խոցն, առնելով գերեդարձ` (Լեւոնի) զոր տարան ընդ այլսն, հնգետասան օր յամելով յաշխարհն, եւ լնլով աղէտիւք․ զնոսա իրօք, եւ զմեզ խոցոտիչ համբաւովն»։ Եւ կու վերջացընէ պատմութիւնը յիշելով Կոստանդին ծեր կաթուղիկոսին սգաւոր մահը, որ գրեթէ 50 տարի նստաւ յաթոռն, եւ չդիմացաւ Հեթմոյ որդւոց ցաւալից դիպուածին, որոց կնքահայրն այլ էր․ «Որ եւ ճաշակեաց իսկ եւ ի թանձրացեալ եւ զմռսեալ վերջնոյ լեղոյս` մերձ ի կատար կենացն` տեառնաբար զդղրդումն թագաւորութեանն մերոյ, զսուր եւ զգերութիւն իւրական ծննդեան եւ սննդեան աշխարհին, մտեալ ի փորձ հնոցի գեհենահոտ հրոյն բորբոքման, ձեռնասուն արքայորդեացն կորստեան, որք մանաւանդ մերձ բերին զօրհաս նորա, եւ արարինտագնապել ստիպման շնչոյն, բորբոքելով զծարաւ լուծման յոքնաթախիծ կենցաղոյս։ Զոր տեսեալ Յիսուսին իւրոյ եւ Աստուծոյ, ընդՂազարու հանէ արտաքոյ այսքան դժնդակ կրիցս` յանպատումն»։

Բայց Հեթմոյ դառնակսկիծ ծարաւը չկրցանբոլորովին մարել Ականց անապատին բազմաբուղխ աղբիւրներն․ այլ հազիւ զովացած` յիշեց միանգամայն թագաւորութիւնը եւ հայրութիւնը, ձեռքը սրտին վրայ դրաւ, եւ հետը բերած թաթար անօգուտ եւ անկիրթ զօրքերը արձըկելով` դարձուց աչուըները ի կէս անապատացեալ երկրէն․ փութացաւ գնաց առ ղանն Ապաղա, պատմեց աշխարհքին եւ սրտին հարուածները․ խնդրեց աւելի մեծ գունդ մը զօրաց օգնութեան, հասարակաց թշնամւոյն (եգիպտացւոց) վրէժը պահանջելու․ բայց ղանն իր մերձաւոր թշնամեաց հետ զբաղած` այս խնդիրքը անկատար թողուց։

Անկէ անյոյս դարձած ատենն էր` որ Հեթում ուրիշ ճար մը մտածելով կանչեց իշխանները Ջրօրհնեաց տօնին առթիւ․ եւ որդւոցը յիշատակաւ` անոնց սիրտը եւ քիչ մ՚այլ խղճերնին ճմլեց․ վասն զի բաւական տիրասէր չգտնուեցան թէ պատերազմին ատեն եւ թէ անկէ ետեւ․ անոր համար այլ հիմա չէին համարձակեր բան մը խօսիլ, մինչեւ նախ թագաւորն երեսը եւ բերանը բացաւ, եւ իշխանաց եւ վարդապետաց լուռ արտասուացն այլ շնորհակալելով` մխիթարեց զանոնք որոցմէ պէտք էր ինքն մխիթարուիլ․ զԹորոս Վարդանանց պսակակից սեպելով, զԼեւոն` համբերող նախարարացն` ի դրան Յազկերտի, եւ աւելի կ՚ընտրեմ, կ՚ըսէր, ասոնց այսպէս ըլլալն, քան թէ անոնց ազատութեամբ ձեր եւ ձերիններուն կորըստեան պատճառ ըլլալն․ ,Ինձ լաւ է Լեւոնի ծառայութիւնն, եւ Թորոս իւր արեամբն ի վերայ քրիստոնէից սպանած, քան ես այս ամեն երկրիս եւ ձեր արեանդ եւ խղճիդ տիրացած»։ Այս մեծահոգի խօսքերն սիրտ տուին վարդապետաց եւ իշխանաց` փոխադարձ մխիթարութիւն տալու թագաւորին, թէ եւ անոր սուգն դրսէն ցուցածէն հազար անգամ աւելի էր։ Եւ այսպէս կէս մխիթարեալ կէս սգահար` կատարեցին Յայտնութեան եւ Ջրօրհնեաց հանդէսները, որչափ կարելի էր․ եւ դարձան նորէն թագաւորը բարեւելու, եւ մխիթարելու։ Ասկէ վստահութիւն առնըլով Հեթում, յայտնեց բերնով այլ ինչ որ սիրտը կ՚աղաղակէր, Լեւոնի ազատութեան հնարքը․ դեռ ողջ էր Լեւոն, եւ գերութեան միջէն այլ հաւատարիմ ձեռքով ու զարմանալի սրտապնդութեամբ իմաց կուտար իրեններուն, որ ամուր կենան Եգիպտացւոյն դէմ։ Իսկ խորագէտն Ֆունտուքտար ճարտար հաւորսի նման` այնպիսի շահաւոր որս մը ողջ կու պահէր, անով իր ուրիշ փափագածները որսալու համար, եւ յետ քիչ մը վախցընելու եւ յանդիմանելու, յիշեցընելով հօրը արհամարհական հրաւէրքը` որ զինքը ի ծառայութիւն կանչէր, հիմա տեսա՞ր, կ՚ըսէր, ո՞վ որու՞ եղաւ ծառայ․ հրամեց որ տանին Գահիրէ քաղաքին անուանի Լեռնաբերդին (Քալաա՚դւել Ճեպել) մէջ բանտեն, բայց առանց շատ նեղելու, ինչուան հրաման այլ տուաւ անոր` Երուսաղէմ ուխտի երթալու․ եւ երբեմն ազատութիւն այլ կու տար դուրս հանելու զգուշութեամբ։ Ահա այս դէպքն է որ այն ժամանակներուն մօտ մեր բանաստեղծից մէկն երգեր է։

Աւա՜ղ ըզԼէոնն ասեմ,

Որ Տաճկաց դուռն ընկել գերի։

Իմ լուս, իմ լուս, ու սուրբ Կոյս,

Սուրբ խաչն օգնական Լէոնիս ու ամենուս,

Սուլդանն ի մոյտան ելել

Իր ոսկի գունտն կու խաղայ։ Իմ լուս, եւ այլն։

Խաաց ի Լէոնն երետ․

,Ա՛ռ խաղա եւ տուր տատայիդ»։

«Լէոն, դու տաճիկ լինիս,

«Ես ու իմ տատաս քէ գերի»։

Լէոնն ի բերդին նըստել

Դաստառակն աչիցն ու կու լար․

«Քէրվա՜նտ` որ ի Սիս կ՚երթաս`

«Դուն խապար տանիս պապայիս»։

Ոնց որ պապն ալ զան լըսեց

Շատ հեծել քաշեց երամով․

Եկաւ ի սուլդանն ելաւ,

Շատ գետեր եհան արընեց․

Իառ` զիր Լեւոն որդին

Ու հասաւ սըրտին մուրատին։

Իմ լուս, իմ լուս, ու սուրբ Կոյս․

Սուրբ խաչն օգնական Լէոնիս ու ամենուս։

Ազնի՜ւ եւ քաջ երգիչ, կու համարձակիս թագաւորիդ պատերազմաւ շատ արեան գետեր հանել տալ, եւ յափշտակելով որդին` հասնիլ սրտին մուրատին․ իրաւ այս էր Հեթմոյ մտածութիւնն, բայց բաւական ոյժ չունէր այնպիսի թշնամւոյ դէմ։ Իշխանքն այլ ասոր տեղ խորհրդակից կ՚ըլլային` որ փրկանք տալով ազատէ զորդին, եւ իրենցմէ բան տալով` կ՚ուզէին խղճերնին սրբել։ Բայց Հեթում երկու նախանձորդաց մէջ էր․ մէկ կողմէն Եգիպտացւոց, մէկայլ կողմէն Թաթարաց․ թշնամութենէն աւելի դժար էր բարեկամութիւնն կամ դաշնադրութիւնն, կամ փրկանք տալն․ եւ եթէ այնպէս ազատէր որդին` կրնար դարձեալ կորսնցընել բոլոր աշխարհովը` Թաթարաց ձեռքով։ Նախանձն ի՞նչ չարիք չըներ․ Հեթումի քսան տարուան համարձակութիւնն եւ խօսք անցընելն մեծ ղանից քով, շատ անհաւատ իշխանաց ծանր եկեր էր, եւ սկսեր էին համբաւել թէ Հեթմոյ բարեկամութիւնն կասկածելի է, անիկայ ծածուկ Մսրայ սուլդանին դաշնակից է։ Այս բանը իմանալով ղանին քով գտնուած Մեծ Հայոց ազնիւ ճշմարիտ ազգասէր իշխանք` ծածուկ գրերով իմացուցին Հեթմոյ․ եւ որչափ այլ եղած դիպուածոց համար ցաւակից կ՚ըլլային, դեռ կու համարձակէին ըսելու, թէ Սուրբ թագաւոր, աւելի լաւ է մէկ որդւոյդ մահն, եւ միւսոյն գերութիւնն, քան կու եւ բոլոր ազգիդ, եւ զօրօք եւ եկեղեցեօք կոտորած եւ աւերածն․ զգոյշ կեցիր, չըլլայ թէ Եգիպացւոյն կէս աւերակ տուն մ՚այլ տաս․ ապա թէ ոչ` անհաւատից խօսքը ճշմարտած կ՚երեւիս, աշխարհքդ կու փճացնես, զմեզ այլ ամօթ եւ մահապարտ կ՚ընես։

Այսպէս դժուարութեամբք պաշարեալ Հեթում, թէ՛ թագաւորութիւնը կ՚ուզէր ապրեցնել եւ թէ որդին․ աւելի յայտնի թշնամւոյն վրայ վստահացաւ, քան կասկածոտ բարեկամին Թաթարին․ եւ ծածուկ դեսպաններ ղրկելով Պիյպարսայ` հարցուց թէ ի՞նչ կ՚ուզէ Լեւոնի ազատութեան փոխարէն։ Պիյպարս պահանջեց անոր սիրելւոյն տեղ` իր սիրելւոյն ազատութիւնը, այն Կարմիր բազայն` որ դեռ Թաթարաց քով էր․ երկրորդ, այն բերդերը` զոր Թաթարաց օգնութեամբ իրմէ առեր էր Հեթում` ետ դարձնել։ Հեթում դարձեալ ծերութիւնը եւ յօգնութիւնը մոռնալով` գնաց Ապաղա ղանին, եւ գանգատելով Պիյպարս վրայ` իմացուց անոր պահանջմունքն․ այլ Ապաղա մէկէն յանձն չառաւ թողուլ զՍօնգօրն․ բայց Հեթում յետ դարձին ի Կիւլիկիա` եղբօրորդւոցը մէկը խաւրեց առ ղանին, եւ վերջապէս բերել տուաւ զանիկայ․ որ ինքնին գրեց առ Պիյպարս եւ իմացուց Հեթմոյ ձեռօք ազատիլն ի Թաթարաց։

Այս ժամանակներս Պիյպարս ելեր եկեր էր Անտիոք պաշարելու եւ քրիստոնէից ձեռքէն առնըլու, եւ առաւ այլ։ Հոն իմացուց Հեթում որ պատրաստ էր խաւրելու իրեն իր բարեկամը․ բայց անոր հետ ուզած բերդերը տալու կու դժարէր։ Այն ատեն Պիյպարս իրեն գրեց․ «Լաւ մտածէ, թագաւոր, թէ որ դու քու որդիդ եւ թագաժառանգդ ազատելու համար այդչափ կու դժուարիս, միթէ ես այլ չե՞մ կրնար աւելի խստանալ իմ բարեկամիս վրայ, որուն հետ արենակցութիւն այլ չունիմ․ ինչ որ կ՚ուզես ըրէ Սօնգօրը․ բայց գիտցիր որ մեր հաշտութիւնը աւրող դու կ՚ըլլաս, եւ ես ասկէ դառնալուս ատեն` կու գամ վրադ»։ Այս սպառնալիքէն ետեւ այլ ուշանալու եւ որոշելու բան չէր մնար․ Հեթում յանձն առաւ պայմանները, եւ Անտիոքայ մէջ դաշնադրութիւն մ՚ըրին, եւ երկու կողմէն խաւրեցին խնդրուածները, հանդերձ ընծայիւք։

Յետ քսան եւ երկու ամսոց դարձաւ գերեալն Լեւոն ի Կիւլիկիա, եւ հետը իր հօրեղբօրորդին եւ իրենց ճորտերը։ Հեթում բոլոր իշխաններովն եւ աշխարհագումար հանդիսիւ` օրով ճամբայ ընդ առաջ գնաց որդւոյն, որ անկէ ետեւ իրեն քանի մը որդիէ աւելի կ՚արժէր։ Արդեօք ծեր նահապետին Յակովբայ` Յովսեփայ ողջ ըլլալն լսելով Եգիպտոս երթալ եւ ուրախանա՞լն, թէ Հեթմոյ իր Եգիպտոսէ եւ նոյն իսկ Յովսեփայ դրուած բանտէն` ելած եկած որդւոյն տեսութեամբ` փոխադարձ ուրախութիւնն աւելի՞ էր․ ես չեմ գիտեր, եւ ոչ ոք գիտէ․ եւ ոչգ իսկ այն իրարու պլլուած երկու սրտերն, որ կու զգան եւ չափը չեն գիտեր։ … Երբ մտան ի Տարսոն թագաւորական քաղաքն, ամեն կողմէն ժողոված վանականք եւ աշխարհականք եկան յուրախակցութիւն․ եւ երբ մտան յարքունիս, առաջին հանդիպողն եղաւ անշուշտ ծաղկահասակ պարկեշտ կին մը` ընծայելով իր հետ ի համբոյր Լեւոնի` իրենց բազմապտուղ սիրոյն երկու նախընծայ երախայրիքը` հեզանազիկ Զապլունը, եւ թագի պայազատ 3 4 ամեայ Հեթմիկը, զոր այն սեւ պատերազմէն քիչ առաջ ի լոյս ընծայեր էր մայրն, Կեռան, տիկնաց տիկին դուստր իշխանին Լամբրոնի։

Այսպէս Հեթում հասնելով ըստ երգչին` սրտին մուրատին, տարիներով փափագած ուրիշ մէկ կամքն այլ ուզեց կատարել, 45 տարի գլուխը ծանրացած թագը` դնել ի գլուխ Լեւոնի, եւ երթալ հանգչիլ յաւիտենականութեան նախափունքը, միայնաբան մը։ Լեւոն հրաժարեցաւ լալով, աղաչեց զհայրը, որ չստիպէ զինքն իր կենդանութեան ատեն անոր աթոռը նստիլ․ բայց հօրը յօգնութիւնն եւ ներքին փափագն աւելի ստիպողական էր․ անշուշտ հեռուէն ձայն մ՚այլ կու լսէր սա փութալու, զոր ուրիշներն չէին հասկընար։

Յաջորդ տարին դարձեալ եւ վերջին անգամ երկայն ճանապարհորդութիւն մ՚ըրաւ առ ղանն Ապաղա, նա շնորհակալելով Լեւոնի ազատութան պատճառ ըլլալուն․ եւ երկրորդ իր հրաժարելու եւ անոր թագաւորութեան հրաման եւ հրովարտակ ուզելով․ զոր եւ առաւ, փութացաւ եկաւ յարքունիս, ժողով ըրաւ եւ կամայ ակամայ բռնադատեց զԼեւոն յանձն առնուլ իշխանութիւնը, եթէ եւ իր թողած թագը դնել չէր ուզեր իր կենդանութեան ատեն։ Ծիրանեաց ու բեհեզին հետ թօթուելով ամեն աշխարհական հոգ եւ մտածմունք, անկէ ետեւ վանքեր եւ անապատներ կու պտըտէր, երկրորդ եւ անանց թագաւորութեան մը պատրաստելու․ որոյ համար ճգնողական զգեստով այլ զարդարուած եւ անունը Մակար դրած, կու սպասէր հանդերձեալ հրաւիրակին, որ եւ չուշացաւ․ վէրք մը փութացուց զմահը (28 հոկտ․ 1270) եւ հասուց զինքը իր փափագած եւ անխռով հանգըստեանը․ թողլով զմարմինն իր սիրելի Դրազարկ վանաց մէջ` սիրելագոյն անձին քով, իր սրբակենցաղ կենակցին Զապել թագուհւոյն, որ իբրեւ քսան տարի իրմէ առաջ հոն արդարոց քունը կու վայելէր։

Լեւոն Բ յետ երկայն եւ ծանր սգոյ, աղաչելով եւ ստիպուելով իր բոլոր աշխարհքէն եւ յօտար թագաւորաց եւ դրացեաց, հազիւ յանձն առաւ հօրը թագն ի գլուխ դնել, եւ անոր նման պէսպէս դիպուածներու եւ կրից մէջ թագաւորելով, նոյնպէս սիրելի եղաւ ազգին եւ պատուելի օտարաց․ մասնաւոր փոյթ եւ սէր ունելով եկեղեցեաց եւ վանաց եւ գրագիտաց, որոց առատապէս նուէրք կու տար, որ իր երկրին մէջ միայն, այլ եւ ի Մեծ Հայս եւ ի գաղթականս յԻտալիա․ ուր եւ Բերուճիա քաղաքին Հայոց եկեղեցւոյն նուիրած ճաշոց գիրքը, իր ընծայագրովը կայ մինչեւ ցայժմ։

Լեւոնի թագաւորութեանը հինգերորդ տարին` իր գերող Եգիպտացւոց հետ պատերազմելով եւ վռնտելով, վերջապէս յաղթական պատերազմէն դարձած` իրմէ երիտասարդ ձիէն վիրաւորուելով, մեծաւ փառօք մեռաւ ծերունի սպարապետն` հօրեղբայր թագաւորին` Սմբատ (1276), յետ մահուան ամենայն համամայր եղբարցն, որոց անդրանիկն էր։ Իսկ Լեւոն յետ քսանամեայ թագաւորութեան վախճանեցաւ (ի 6 փետր․ 1289), որոյ քաղաքավարութեան ամենայն դիպուածները պատմելու համար` ինչուան ի լոյս հսկելն այլ չիբաւեր։ … Բայց արդէն մեր հսկման կանթեղիկն կու կածկըտայ, եւ կրակարանս ի մոխիր կու դառնայ։ Գիշե՜ր բարի։ …

"Յուշիկք հայրենեաց Հայոց" ստեղծագործության մյուս մասերը

Յատուկ Երաժշտություն
Աշնան արև
Տիգրան Մանսուրյան

Աշնան արև

Լանդշաֆտ
Լանդշաֆտ
Խաղա առցանց