Ղևոնդ Ալիշան
Յուշիկք հայրենեաց Հայոց
Վերջաբան առ Հայկակ
ԱՀԱ վերջին խարոյկն է որ կու մխայ մեր հայրենական հսկմանց վառարանին անկիւնը, ով Հայկակ․ եւ այս ճաթռտող ու վառվառուն մախրիքս` վաղը առտու պիտի գտուին ցուրտ մոխիրք․ եւ այնպէս մնան, մինչեւ որ տարւոյն երեք եղանակներն ալ դառնան լրանան, եւ նորէն գայ չորրորդն։ Եւ երբ նորէն դառնայ գայ այս եղանակս, արդեօք մենք ալ նորէն պիտի գտնե՞նք զիրար` մեր վառարանին քով։…
Ահա գարնանաբեր լուսնին նորարծարծ ճառագայթներն` պատուհանաց ապակիներէն ներս ցայտելով, կու հրաւիրեն զմեզ բանալ փականքը, ելնել դուրս, տեսնել նորէն զբնութիւն։ Բնութի՜ւն նորոգեալ, իբրեւ իր ստեղծմանը առաւօտուն, իբրեւ առաջին իրիկունը, յորում նոր վառած լուսնին ճաճանչից տակ` կու հանգչէր խաղաղիկ, ինչպէս սպիտակազգեստ մօր մը շղարշից մէջ` անդրանիկն անուշաքուն։…
Այլ մինչդեռ հոս այսպէս պայծառ ծագէ եւ ծիծաղի լուսնակս, միթէ երկրիս ուրիշ կողմեր ալ չե՞ն թաղուած թաթղուած մթութեան մէջ։ Միթէ երկրիս քրոջ` ծիածաւալ ծովուն ծուփ ծուփ ծոցերուն մէջ` չկա՞ն ալէկոծ նաւեր` որ անդունդ սահելով` գոնէ ինկնելու վհին ատակը տեսնելու համար` աստղիկ մը լուսիկ մը կու մուրան վերէն, եւ չեն տեսներ։…
Այսպէս է կենաց ընթացքն, երբեմն լոյս եւ երբեմն մութ․ եւ միշտ հարկ է երթալ, ինչուան որ հասնինք արարչագիր կէտը։ Սակայն ով որ զերկիրս յատակ մը կու ճանչնայ այն տաճարին` որոյ վերնայարկն է երկին, միշտ անխռով կ՚երթայ, խաղաղ կ՚ապրի։
Քանի որ սրտի սիւնակնշիտակ է, եւ հոգւոյն կարմիր կանթեղն վառ է, յաջող է մարդուս։
Մեր խարոյկն կու մարի․ լուսնակն ալ կու ծածկի կու մաշի։ Սիրալիր սիրտն անսպառ է։ Անմահութեան ակնկալու հոգին` երջանիկ է։
Հաւատարիմն Աստուծոյ եւ իր անձին` հաւատարիմ է եւ հայրենեաց։ Անհաւատարիմն հայրենեաց` չէ հաւատարիմ եւ իր հոգւոյն եւ ոչ երկնից։ Ամենէն սուրբ եւ ազնիւ գործ եւ աշխատանք երկրիս վրայ` երկնից եւ հայրենեաց համար եղածներն են։ Թէպէտ եւ զանազան են հասակք եւ վիճակք, այլ ամենքն ալ ըստ չափու եւ ըստ վիճակի իւրեանց` պարտական են երկնից եւ հայրենեաց։…
Ահա կու հնչէ հասարակ գիշերուան պահն։…
Մեր միայնախօսութեանց ժամերն անցան, կու սկսին ժամք գործոց եւ աշխատութեանց։ Վաղն, նոր օր, նոր գարուն, ի նոր կեանս կու հրաւիրէ զքեզ, Հայկակ։
Նորաբողբոջ բնութեան մէջ բացուած` նոր կոկոն մարդկութեան, ծաղիկ Հայութեան, առոյգ հասակաւ ձեւացեալ, արդ կու վայլէ որ ձեւանաս քաղաքական կենօք․ վիճակ մը ընտրելով, եւ գործ մը կատարելով յերկրի, յօգուտ ընտանեաց եւ հայրենեաց, եւ հաճոյ երկնից։
Հարկ է որ մնաս բարով ըսենք իրարու, անմոռաց պահելով մեր հայրենեաց Յուշիկքը։ Առնում ես իմ հասակիս ցուպը, եւ իջնեմ բլրէս վար․ առնուս դու ալ հասակիդ յարմար աշխատութեան գործիդ, օրհնել տաս երկնից, եւ ելնես դէպ ի վեր, ի բլուրն կենաց։ Արդ սուրբ հոգիք նախնեաց մերոց` քեզ բարեխօս եւ պաշտպան հայրենեաց շաւղէն` անշեղ ըլլայ քու վիճակիդ ճամբան․ բաղդդ` յերկրէս յերկինք հասնի անխափան։
Սակայն ինչ ալ որ ըլլայ քու վիճակդ կամ գործդ, յիշէ Հայկակ, որ գործն` իրմով չէ՛ ազնիւ կմ մեծ, այլ ընողն է որ կ՚ազնուացընէ կու սրբացընէ զգործը։ Առանց գործողի` գործք մեռեալ սոսկ անուն մ՚են․ մարդս` զանունը բան կ՚ընէ, բանը գործ, գործը` կենդանութիւն եւ զկենդանութիւնն` անմահութիւն։
Յաջողութիւնն շատ հեղ երկնից շնորհք մ՚է․ բայց առանց երկրիս վրայ աշխատելու` վերէն յաջողութիւն չիջներ։ Մանաւանդ թէ յաջողութիւնն պատրաստ է իբրեւ զարեւ եւ զանձրեւ․ բայց եթէ ագարակն սերմանուած չէ` ի՞նչ բուսցընեն երկնից շողն ու ցօղն։
Մարդս փոքրիկ արարած մ՚է, բայց ոտքերն երկրիս ամեն կողմն ալ կրնան կոխել․ երկու ձեռքովը կրնայ ծայրէ ի ծայր աշխարհակալել․ սրտին` պզտիկ կու գայ տիեզերաց սահմանն, միտքն`անսահմանութեան մէջ ճամբայ կու բանայ․ հոգին` կու տիրէ երկնից․ սէրն` կու հասնի Արարչին առջեւ, եւ կ՚ըսէ․ Ահաւասիկ եմ։
Փոքրիկ արարածն այն մարդ մեծ աշխարհք մ՚ալ է ինքնին․ վասն զի Աստուծոյ դաստակերտ է, Աստուծոյ պատկեր է, թէ եւ աղաւաղեալ․ եւ ունի սկզբնատըպին զօրութիւնը։
Արարչագործ մատանց բարձրագոյն կերտուածքն` չեն Այրարատեան կատարքն կամ գագաթն Եմաւոնի, այլ ուսերուդ վերեւ կանգնած իմաստից տաճար` գլուխդ է․ բա՜րձր եւ բարակ բանուած։ Չկայ ծաղիկ արժանաւոր այդոր պսակ ըլլալու․ ոչ ոսկին եւ արծաթ` որ հողէ կ՚ելնեն, ոչ ծիրանի ծովերէ խպսած բուստ եւ մարգարիտք։ Ո՜հ․ գեղեցիկք են մայիսի առաւօտուն ցօղակաթ վարդակարմիր փնջիկքն այլ` դալար ճակտի մը բոլորած․ սակայն շատ աւելի պայծառ է ամօթխածութեամբ խայծեալ երեսն․ եւ աւելի ազնիւ` անոր վրայ շարուած աշխատութեան կայլակներն։
Կենաց կարեւոր եւ վայելուչ պիտոյքը լեցնելէն աւելորդ երկրաւոր շահք եւ վաստակք` անարգ եւ անիրաւ են այնպիսի գլխոյ մը, որ երկնից եւ հայրենեաց մաքուր իմաստներովը լցուած է։
Եթէ քաղաքական կեանք օրինաւոր են ի վերայ երկրի, անհրաժեշտ պարտք են եւ հայրենեաց ջանքն։…
Լալով կու ծնանիմք, խաղով կու մեծնամք․ աշխատութեամբ պէտք է մարդ ըլլանք․ մէկ ձեռքով մեզի, մէկ ձեռքով մեզի նմանեաց օգնեմք․ սիրով կենակցինք, պատուով ապրինք, յուսով ծերանամք, գոհութեամբ մեռնինք, սրբութեամբ աւանդենք փչողին` մեր շունչը․ թաղուինք օրհնութեամբ․ մնամք ի հայրենիս` հայրենեաց չափ, եւ յերկինս` Աստուծոյ չափ։ …
Ահա ազգք եւ ազինք, մեզի մօտ եւ հեռի, Հայկակ, ամենքն զբաղած են իրենց հայրենի ագարակը շէնցընելու․ եւ անդրանիկն ազգաց` մեր ազգն` կրնա՜յ ըլլալ յետամնաց։… Մարդ, սիրտ ունող մարդ` չի կրնար լսել զայս` առանց սոսկալու, թող թէ Հայ մարդ։
Առ եւ դու ուրեմն, ո՛վ Հայկակ, քու վիճակիդ յարմար աշխատութեան գործիդ, վերցուր յերկինք, օրհնել տուր․ եւ աշխատէ։ Աշխատէ յերկրի, միտքդ յերկինս, սիրտդ հայրենեացդ վրայ։
Առանց երկնից օրհնութեան` չի յաջողիր գործ հայրենեաց ի վերայ երկրի։ Զոր երկինք չօրհներ, ի զուր օրհնեն եւ հայրենիք․ եւ զոր չեն օրհներ հայրենիք` նա չօրհնուիր եւ յերկնից։
Կու բուսնի եւ սերմն ատելութեան, կու ծածկէ դաշտեր․ սպասէ, եւ կու տեսնես փուշ եւ տատասկ։
Սիրոյ սերմիկն` թէ եւ կորդացեալ երկրի մ՚աւանդուի, անխոնջ եւ ամուր արօրին տակ, քրտնաջան մշակին համբերութեամբ, վերջապէս կու ծլի, ծաղկի, պտղաբերէ եւ սնուցանէ։
Եւ մշակն մշակաց, որուն ագարակն է բոլոր աշխարհս, պատուիրեց մաճակալին, շիտակ գծել ու քշել, եւ ետեւ չնայիլ, երթալ յառաջ եւ ետեւ չնայիլ, երթալ յառաջ, եւ շիտակ երթալը։ Ո՜հ, երթալ եւ լալով, եթէ հարկ է, երթալ եւ ցանել, կու հասնի որն ալ խնտալով հնձելու, որաներով շալկած, ծաղիկներով պսակուած դառնալու։
Ճշմարիտ հայրենասիրութիւնն չէ ասուպ կամ փայլակ մը յանկարծ երեւցող եւ անցնող, որ հուր մոլի եւ թափառիլ, եւ ոչ կայծակն անկուշտ այրող լափող, այլ հանդարտ ջերմութիւն մը, յստակ լուսով անսագիւտ խղճով…։
ու քշել, եւ ետեւ չնայիլ, երթալ յառաջ եւ ետեւ չնայիլ, երթալ յառաջ, եւ շիտակ երթալը։ Ո՜հ, երթալ եւ լալով, եթէ հարկ է, երթալ եւ ցանել, կու հասնի որն ալ խնտալով հնձելու, որաներով շալկած, ծաղիկներով պսակուած դառնալու։
Ճշմարիտ հայրենասիրութիւնն չէ ասուպ կամ փայլակ մը յանկարծ երեւցող եւ անցնող, որ հուր մոլի եւ թափառիլ, եւ ոչ կայծակն անկուշտ այրող լափող, այլ հանդարտ ջերմութիւն մը, յստակ լուսով անսագիւտ խղճով…։
Ո՜վ անձնուրաց ոգի, բարեխնդիր հայրենասիրութիւն, դու պատրաստէ, վառէ սրբէ զսիրտ Հայկակայ։ Քեզմով վառուած սիրտն` անխայթ եւ անմուխ լոյս կ՚արձակուէ, եւ եթէ խարկի մրկի սիրտն, եւ անցնի երկնաւոր մասամբն, երկնունակ մասն` մնայ ի վերայ հայրենեաց, որպէս հոտ մըշկի եւ կնդրըկի։
Եւ շատ սեղաններ, շատ տապաններ, շատ քարեր ու հողեր կան ի Հայաստան, ուսկից դարէ դար եւ անդադար կու ծխէ հոտն անուշութեան, հոտն հայրենեաց, զոր չեն կրնար ջնջել ոչ զէնք եւ ոչ քէնք։
Վասն զի մեր առաքինի եւ ճշմարիտ, ընկերասէր, ազգասէր որդեսէր եւ հայրասէր նախնիքն, այն երկրին վրայ իրենց պարկեշտ նշխարքը թողլով, անմահութեան շնչով վերէն անոր վրայ միշտ կու շնչեն եւ կու շըշընջեն։
Շնչեցէ՛ք ո՜վ շունչք մտաբացք, սրտարծարծք, հոգեվառք․ շնչեցէ՜ք հոգի՛ք Գրիգորեանց, Ներսիսեանց, Սահակեանց, Մովսիսեանց, Ղեւոնդեանց, Վարդանանց, Վահանանց, Սմբատաց, Աշոտոց, Լեւոնեանց եւ Հեթմեանց․ սո՜ւրբ թագաւորք, հայրապետք, վարիչք եւ վարդապետք Հայոց, շնչեցէ՜ք յերկնից յերկիր։ Խառնուի՛ ձեր երկնաւոր շունչն` յերկրաւոր շունչ Հայկակայ․ որ երբ հասնի աւանդելու իր վերջին շունչն ալ` եթէ հանդարտ ու հեզիկ, եւ եթէ հրահատ ու հառաչաձայն, հաւասարապէս խառնուի՜ ձերիններուն հետ։
Եւ երբ իր օրական եւ տարեկան շրջաններուն պէս` երկիրս իր բազմադարեան շրջանն ալ աւարտելով` դադրի եւ կոտրի, եւ նոր երկրի մը հրաւիրակ փողն հնչէ, այս հին լուծեալ երկրիս վերջին արձագանգաց միջէն` վերջնագոյն արձանգ մ՚ալ ըլլա՜յ քուկդ, սուրբ սէ՜ր հայրենեաց։ …
Եւ, ո՜հ, թէ այն խորին եւ լռին արձագանգաց` նուազ վանգիւն մ՚ըլլար այս իմ քեզի նուիրածս, Հայկակ, ՅՈՒՇԻԿՔ ՀԱՅՐԵՆԵԱՑ ՀԱՅՈՑ։