Hakob Paronyan

Գրպանի տետրս

3

Ինչո՞ւ, տեարք իմ երեսփոխանք ոմանք, ոսկի կը պահանջէք հոն ուր դատողութիւն պէտք է։ Ինչո՞ւ չէք հանդուրժեր, որ դասատուներն եւ խմբագիրներն ձեզմէ աղէկ խորհին եւ խօսին։ Ի՞նչ կ'ըլլայ, եթէ ձեզմէ քիչ մ՚աւելի խելացի ըլլան, ձեզմէ շատ աւելի ուսումնասիրած ըլլան ազգային կեանքը։ Ինչո՞ւ չէք պատասխաներ անոնց այն եղանակաւ, որով կը խօսիք մեծատուն երեսփոխանաց հետ։

Որպէսզի կարծեաց ազատութիւնն յարգուի` տասն ոսկիէն աւելի ստակ ունեցող ազգայիններն երեսփոխանութենէ զրկելու դրութի՞ւնն ընդունինք, թէ բոլոր երեսփոխաններն ազգային ժողովոյ մէջ դիմակով մտնելու կանոնն հաստատենք, եթէ հաստատուած չէ արդէն…

Աշխատեցէք, այսուհետեւ գործն քննել եւ ո՛չ գործաւորն։ Պատշաճից օրինաց համաձայն խօսեցէ՛ք իրարու հետ եւ ունայն վէճերով ժամավաճառ մի՛ լինիք։

Այս է Խիկարին փափաքը։

ՅԱՌԱՋԱԲԱՆՆԵՐ …

Երկու երեք շաբաթէ յետէ յառաջաբաններու ընթերցմամբ կը զբաղիմ։

Անմեղ եւ միանգամայն զուարճալի զբօսանք մ՚է յառաջաբանաց վերծանումն։

Հոն կը տեսնես, որ յառաջաբան գրողներն ընդհանրապէս այնպէս կը վարուին իրենց յառաջաբաններու մէջ, որպէս կը վարուին ընդհանրապէս մարդիկ, երբ իրենց լուսանկար պատկերն հանելու համար դագերոտիպին դիմացը կ՚անցնին։ Գեղեցիկ երեւալու համար ամէնէն տգեղ դիրքերը կ՚առնուն. բնական կենդանագրուելու նպատակաւ անբնական ձեւերու կը դիմեն. լուրջ երեւալու համար աւազակապետ կը նկարուին. իրենց պատկերն համակրելի ցոյց տալու համար մուրացկաններ կը պատկերուին. Հոմերոսի պատկերն իւրացնելու դիտաւորութեամբ Զոյիլի դէմքը կը գողնան։

Կե՜ղծ յառաջաբաններ… այս բոլոր յառաջաբաններու նպատակն միեւնոյնն է. ազգին ծառայել։

Ազգային մանկտւոյն դաստիարակութեանը համար զոհուիլ։

Ժողովրդեան օգտակար ըլլալ, եւ իրենց վարձքն ստացած ըլլալ՝ եթէ ազգային դասատուք ներողամիտ աչօք նային գործին թերութեանց, կամ եթէ ազնիւ հասարակութիւնն սիրալիր ընդունելութիւն ընէ գրքին։

Շահու խնդիր բնաւ չկայ գործին մէջ… սեպէ թէ այս գիրքերը ձրի կը բաշխուին ազգային մանկտւոյն կամ ազգային մեծ մանկտւոյն։

Ի բաց մեզմէ կարծել, թէ այդ աշխատասիրութիւններն օգտակար ծառայութիւններ չեն մատուցաներ ազգին. հեռի մեզմէ խորհիլ, թէ ազգի մը կրթութեանը, նիւթական եւ բարոյական զարգացմանը նուիրուած անձինք առանց վարձատրութեան աշխատին. այսուամենայնիւ չենք ալ հանդուրժեր, որ հեղինակներն նուիրատուին կամ մեկենասին իրաւունքն յափշտակեն իրենց յառաջաբանին մէջ։

Կը փափաքիմ ես, որ յառաջաբաններն ալ անկեղծ ըլլան, այսինքն հեղինակներն, ինչպէս նաեւ խմբագիրներն, քաջութիւն ունենան խոստովանելու, թէ իրենց աշխատասիրութիւններովն ազգին ծառայելով հանդերձ անոնցմէ նիւթական շահ մ՚ալ կ'ակնկալեն, կամ անկեղծութիւնն աւելի առաջ տանելով խոստովանիլ, թէ իրենց ապրուստը հոգալու համար է միայն որ ազգին ծառայելու դատապարտուած են։

Ո՜հ… ի՜նչ աղէկ բան է ճշմարտախօսութիւնն… կարծես թէ մարդուս սրտին վրայէն բեռ մը կը բառնայ եւ շնչառութիւնը կը դիւրացնէ… մարդիկ պարտաւոր են ճշմարտախօս լինել գէթ առողջապահական տեսակէտով։

Խստապահանջ չեմ ես. կը բաղձամ գիրք մը տեսնել հրատարակուած եւ հացագործի մը ձօնուած սա պէս.

Ձօն
Առ հացագործն իմ
Քիրիյէ Աբոսթոլ
Պարտք
Երախտագիտական
Եւ
ՔԻՉ Մ՚ԱԼ ՊԱՐՏՔ
ՆԻՒԹԱԿԱՆ
Հինգ հարիւր դահեկանի
Գին
Չորս հարիւր նկանակ հացի
Զորս
Զաւակներովս կերած եմ
Եւ
Ցարդ վճարած չեմ
Յ իշատակ անմոռաց

Հեղինակն

Սոյն օրինակ ձօնէ մը յետոյ կ'ուզեմ յառաջաբան մը հետեւեալ կերպով.

«Ազգերնուս մէջ աղքատութեան օր ըստ օրէ զարգացման պատճառաւ` ես ալ աղքատացած լինելով եւ մանաւանդ դրամագլուխ մ՚ալ չունենալով, ընտանիքս ապրեցնելու միջոց մը գտնելու համար բարեկամաց ոմանց խորհուրդ հարցուցի. անոնք ալ ինձի ըսին, թէ ինչո՞ւ կեցեր ես, բան մը թարգմանէ՛, հարուստէ մը քանի մը ոսկի ուզէ՛, թարգմանութիւնդ տպէ՛ եւ դէմդ ելնողին մէյ֊մէկ օրինակ քշէ՛։ Այս խորհուրդն ես ալ բանաւոր գտայ եւ գործոյս ձեռնարկեցի։ Ուստի կը խնդրեմ, որ անոր սխալներն չտեսնելու զարնելով, մէյ֊մէկ օրինակ առնէք անկեց, որ հացագործիս պարտքը վճարեմ ու կարենամ գոնէ քանի մը շաբաթ խելքս գլուխս ապրիլ։ Արդ, քաղցր է ինձ յուսալ, թէ պիտի քաջալերէք գործս նոյնիսկ եթէ ազգային մանկտւոյն դաստիարակութեանը վնասէ»։

Այս իմաստով գրուած ձօն մ՚ եւ յառաջաբան մ՚ուր անկեղծութիւնն ընկողմանեալ է, աւելի համակրութիւն կը գտնեն, քան այն կեղծ ձօներն, որք հարուստներուն ուղղուած են եւ այն յառաջաբաններն, որք անբնակելի են անկեղծութեան։

Բայց ո՞վ պիտի համարձակի մեր սոյն փափաքն յագեցնել։ Ոչ ոք։ Գուցէ շատերն պիտի ծիծաղին իսկ եւ մեր փափաքն տարօրինակ պիտի դատեն։

Թո՛ղ ծիծաղին, մեր հոգը չէ, մանաւանդ որ անոնց յառաջաբաններուն մէջ ես իմ փափաքիս յագուրդ կու տամ թէպէտեւ ոչ֊պաշտօնական կերպով…

Պաշտօնական ճշմարտութիւնն ո՞վ տեսած ունի արդէն։

ԺԱՄԱՆԱԿԻՍ ՊԱՀԱՆՋՄԱՆՑ ՀԱՄԱՁԱՅՆ ԿՐԹԱԿԱՆ

ԾՐԱԳԻՐ ՄԸ

Մեր նախահարք եւ մեր նախահարց նախահարք, առանց ուսումնասիրած լինելու Սբենսերի դաստիարակութիւնն, նախ արհեստ ուսանելու կը հետամտէին եւ ապա իրենց պարապոյ ժամերուն մէջ կը զուարճանային իրարու հետ նարտ խաղալով եւ կռիւ ընելով։ Անոնց մանկութեան առաջին հառաչանքն կաթի համար էր եւ երկրորդն խաղալիքի համար։ Մեր բարեյիշատակ նախահարք` որոնց չենք հաւնիր մենք լուսաւորեալքս` խօսքով եւ գործով կը հաստատէին սա ճշմարտութիւնն թէ նախ սնունդ եւ ապա զբօսանք ։ Մենք զաւակներ այդ նախահարց, սերտած լինելով հանդերձ Սբենսերի քարոզած կրթական սկզբունքներն, նախ պրիճ կը սորվինք եւ ապա ստախօսութիւն ստախօսութիւնն արհեստի իմաստով գրուած է հոս։ Մեր առաջին հառաչանքն զբօսանաց եւ զարդու համար կ'արձակուի եւ երկրորդն գողութեան համար գողութիւնն գիտութիւն բառի մտօք ըմբռնելու է հոս։ Մենք խօսքով ամէն օր կ՚ընդունինք, թէ նախ սնունդ պէտք է եւ ապա զբօսանք, իսկ գործով ամէն րոպէ ցոյց կու տանք, թէ զբօսանքն սնունդէն առաջ է։ Եթէ բանաստեղծ մը լինէի եւ ընթերցողներս յարտասուս շարժելու կարողութիւնն եւ անգթութիւնն ունենայի, ոտանաւոր կը շարադրէի այս յօդուածս եւ քանի մը ժամ կու լայինք ու ժամանակ կ'անցունէինք։

Մեր աղջկանց մեծագոյն մասին մանկութեան առաջին հառաչանքն գլխարկի համար է, երկրորդն` ձեռնոցի, երրորդն` կօշկի, չորրորդն` քորսէի եւ հինգերորդն կարծեմ կաթի համար է, թէեւ աւելի գոհութեամբ եւ երախտագիտութեամբ կ՚ընդունուին, եթէ կաթի տեղ գլխարկ տրուի իրենց։ Կանանց ստամոքսն անոնց գլխուն, ոտներուն, ձեռներուն, կուրծքին եւ մէջքին վրայ է։ Ծաղիկներով եւ թռչուններով կահաւորեալ գլխարկով մը կարող են չանօթնալ, զոյգ մը փայլուն եւ փոքրիկ կօշիկ խորոված միսէն աւելի սննդարար է անոնց համար. զոյգ մը ձեռնոց պատուական նախաճաշ մ՚է. իսկ անոնց կուրծքին վրայ դրուած վարդի նորափթիթ կոկոն մը, կամ բանաստեղծական շռայլութեամբ վարդի երկու կոկոններ` աստուածներու արժանի ճաշ մ՚է ոչ միայն իրենց համար, այլ նաեւ էրիկ֊մարդոց համար։ Կանայք զարդով կը կշտանան եւ զարդով կը յագեցնեն էրիկ մարդերը։ Քանի քանի անգամներ հանդիպած եմ երիտասարդաց, որ թանկագին զարդերով եւ պատուական քարերով պճնուած գեղանի օրիորդի մը տեսքը վայելելու համար մոռցած են երկու օր կերակուր ուտել եւ Խիկարի բաժանորդագրութիւնը վճարել։ Վերջապէս կին մ՚երբ քորսէով սղմէ իւր մէջքը եւ կուրծքն եւ այսպէս ճնշում բանեցնէ իւր շնչառական ազատութեան վրայ` զոր վայելելու բարեբախտութիւնն ունի` քովը գտնուող ծանօթներուն կ՚ըսէ. «Այսօր անյագաբար կերայ եւ անհանգիստ եղայ» թէեւ փշրանք մը դրած չէ բերանը։

Մեր երիտասարդներն ալ տարբեր կազմունք ունին, անոնց ալ ստամոքսը տեղափոխութիւն ըրած է։ Երիտասարդ մը, զոր մօտէն ճանչնալու պատիւն ունիմ, օր մ՚ըսաւ ինձ. «Բարեկամ, անօթի եմ, երթամ քիչ մը պարեմ օրիորդ Ք…ին հետ»։ Ծանօթութիւն ունիմ քառասնամեայ մարդու մը հետ, որ կանոնաւոր աղքատ մ՚է եւ կը հագնի բանթալոն մ՚որ Աբրահամու զաւակներուն չափ ծակեր ունի, չըսեմ հրաժարականներու չափ, որպէսզի չափազանցութեան մէջ չիյնամ։ Այս անձն առաւօտ մը քովս եկաւ նստեցաւ։ Քանի մը վայրկեան ետքը ցոյց տուաւ ինձ ակնոց մը, զոր գնած էր, իւր խոստովանութեանը նայելով, կէս ոսկւոյ։ Ակնոցին եւ անոր գնոյն նկատմամբ կարծիքս իմանալ ուզեց. պատասխանեցի, թէ չէի կրնար զինքն գոհացնել այդ մասին։ Հեռացաւ։ Առանձին մնացի եւ ինքնիրենս հարցուցի. «Իրաւ է թէ մարդս իւր թերութիւններն չտեսներ, բայց բանթալոնին ծակե՞րն ալ չտեսներ»։ Կենացս մինչեւ վերջին օրն չպիտի մոռնամ այս պատառուն բանթալոնն ու ոսկիէ ակնոցն, զորս ամէն օր կը տեսնեմ, կարծես, մեր խորհրդարանական, վարչական, գրական եւ կրթական գործոց մէջ։

Դաստիարակութեան վրայ խօսելով` ընդունուած ճշմարտութիւն մ՚է ի վաղուստ անտի` թէ գիտութեանց մէջ անոնք նախապատւութիւն ունին, որ քաջառողջ ապրելու եւ ստակ վաստկելու կ'առաջնորդեն մեզ, ի բաց թողլով առայժմ քաջառողջ ապրիլ սորվեցնող գիտութիւնն` որոյ վրայ պիտի խօսինք մասնաւոր յօդուածով մը. դառնանք փնտռել ու գտնելու այն գիտութիւններն, որ ամէնէն աւելի արդիւնաւոր եւ շահաբեր են այսօր։ Լեզուագիտութիւնն տարակոյս չկայ թէ առողջութիւն չունի, ըստ որում ամէն օր կը տեսնենք, որ ամէնէն աւելի շատ ստակ վաստակող ազգայիններն անոնք են, որ իրենց մայրենի լեզուն իսկ չեն գիտեր։ Բնական գիտութիւններն ալ կարող չեն մեր պիտոյքը գոհացնելու, որովհետեւ նոյն գիտութիւններն աւանդող դասատուներն են, որ ամէնէն աւելի պարտամուրհակներ կը ստորագրեն։ Բժշկական գիտութիւնն ալ կարծուածին չափ նախանձելի վիճակ մը չունի, վասնզի բաւական թուով բժիշկներ հիւանդ փնտռելու համար թաղերը կը շրջին։ Բայց ինչ հարկ կայ անպէտ գիտութիւններն թուելով ժամավաճառ լինել, փութանք օգտակարագոյններն եւ անոնց ուսուցման եղանակն ցոյց տուող մեր ծրագիրն ներկայացնել մեր ընթերցողաց։


Առաջին տարի

ԳՈՂՈՒԹԻՒՆ

Ազգային մանկտւոյն մտքին մէջ տպաւորել սպասաւորներ, աղախիններ, ձիեր, կառքեր, պարտէզներ, անտառներ, հոյակապ քար ու կիր շէնքեր, այն ամէն ճոխութիւններն, զոր գողութիւնն կ՚ընձեռէ մեզ։ Տղայոց դիւրըմբռնելի լեզուով կենսագրութիւնն ընել այն անձանց, որ գողութեան շնորհիւ ոսկիներ ամբարած են եւ այսօր ամէն կողմէ յարգ ու պատիւ, խունկ եւ հալուէ կ՚ընդունին եւ դափնեաց անտառներով կը պսակուին։ Փարատել աշակերտաց այն վնասակար նախապաշարումն, թէ գողութիւնն մեղք է եւ անջնջելի կերպով դրոշմել անոնց ուղեղին մէջ, կամ, եթէ աւելի դիւրին է, սրտին մէջ՝ թէ գողութիւնն առաքինութիւն է եւ թէ գողութիւնն իբրեւ մոլութիւն քարոզողներն այն անպիտան անճարակներն են, որ գողնալու կարողութիւն չունին։ Մանրապատում նկարագրել աշակերտաց հանդերձեալ կենաց երջանկութիւններն, զորս հարուստ գողերու կը խոստանան կրօնաւորներն, համոզել զանոնք, ըսելով` թէ նոյնիսկ արքայութիւն երթալու համար քիչ մը գողութիւն անհրաժեշտ պէտք է։ Գողութիւն չընողներուն խեղճ ու կրակ վիճակը սրտաճմլիկ ոճով նկարագրել աշակերտաց եւ պատուիրել անոնց, որ ընդարձակեն այդ նիւթը։ Տեսականէն գործնականին անցնիլ, անօթի պահել աշակերտներն այնքան ժամանակ, մինչեւ որ ստիպուին իրենց դասատուին գրպանէն ստակ գողնալ եթէ գտնեն, անօթի մնալով հանդերձ գողութեան անընդունակ աշակերտն նախ խրատել, յետոյ գանակոծել եւ ապա դպրոցէն վռնտել իբրեւ վնասակար աշակերտաց բարոյականին։ Իսկ գողցող աշակերտն նախ պատուանիշով վարձատրել, յետոյ ստակով եւ ապա թաղին քարոզիչին ներկայացնել իբրեւ յառաջադէմ աշակերտ, վարժարանին եւ ազգին ապագայ կարեւոր ազգասէր եւ մեծապատիւ անդամներէն մին։

Երկրորդ տարի

ՍՏԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Շատ մանկավարժներ սա համոզումն ունին, թէ աշակերտ մը, դպրոցական շրջանն աւարտելէ յետոյ, առեւտրական ասպարէզին մէջ ալ կրնայ գործնական կերպով սովրիլ այս գիտութիւնն, եւ թէ ստախօսութեան դասախօսութիւնն լոկ ժամավաճառութիւն է։ Այս համոզումն փորձառութեան վրայ հիմնուած չէ։ Ըստ մեզ, աշակերտք դպրոցական կենաց մէջ պատրաստուելու են առեւտրական ասպարէզին, որպէսզի, երբ դպրոցէն ելնեն, իրենք զիրենք տարբեր աշխարհի մէջ փոխադրուած չկարծեն։ Գործնականն այս դասախօսութեան մէջ ալ անհրաժեշտ է։ Դասատուին պարտքն է ստեղծել պարագաներ, որոնց մէջ աշակերտն իւր անձին վրայ զգայ ստախօսութեան օգուտները։ Նկարագրել այն անձերն, որ ճշմարտախօսութեան պատճառաւ չեն կրցած յառաջադիմել։ Հասկցնել աշակերտաց, թէ առանց ստախօսութեան ապրիլ կարելի չէ, թէ բոլոր մուրացկաններն՝ որ այսօր հարկադրուած են սուտ խօսիլ շարունակ` այդ վիճակին մէջ ինկած են այն միակ պատճառաւ, թէ ժամանակաւ յամառած են եւ խրատ մտիկ չընելով ուզած չեն սուտ խօսիլ։ Իմացնել մատաղ տղայոց, թէ ճշմարտախօսութիւնն ուշ կամ շուտ կը պատժուի եւ ստախօսութիւնն միշտ յաղթող է, թէ ստախօսութեան շնորհիւ է, որ շատ ամուսնութեանց մէջ ներդաշնակութիւն կը տիրէ, թէ ճշմարտախօսութիւնն ինչպէս ընտանեկան նոյնպէս խորհրդարանական եւ ազգային գործոց մէջ միշտ վէճի դուռ կը բանայ. թէ ստախօսութեամբ միայն կարելի է հեզահամբոյր, պարկեշտ, քաղաքավար եւ ազգասէր ըլլալ, թէ ճշմարտախօսութիւնն անկրթութիւն է, գոռոզութիւն է, մարդատեցութիւն է, եւ ճշմարտախօսն ընկերութեանց մէջ մտնելու մարդ չէ։ Միանգամ ընդ միշտ համոզել աշակերտներն, թէ սուտ չխօսողին խօսքին չեն հաւատար, թէ մէկն հարիւր յիսուն անգամ սուտ խօսելէն ետքը, հարիւր յիսուն եւ մէկ երորդ սուտին հաւատացողներուն թիւն կը բազմապատկուի, թէ ստախօսութիւնն` որ ատենօք մեղք կը համարուէր` այսօր գիտութեան կարգ անցած է եւ բնաւ առնչութիւն չունի խղճին հետ, թէ վերջապէս ստախօսութիւնն կարեւոր գիտութիւն մ՚է, օգտակար եւ հաճոյալից։ Ստախօսութեան վերաբերեալ պզտիկ նիւթեր տալ աշակերտաց, որ ոտանաւորի դարձնեն։

Երրորդ տարի

ԻՆՊԱՍՏ ԱՅԼՈՑ ԱՇԽԱՏՈՒԹԻՒՆ ԿԱՄ ԱՆՁՆԱՆՈՒԻՐՈՒԹԻՒՆ

Սոյն գիտութիւնն թէեւ հին` բայց շատ ուսուցչաց անծանօթ լինելով` պզտիկ բացատրութիւն մը կարեւոր է։

Սոյն գիտութեամբ մարդս ուրիշներու օգտին համար միայն կ'աշխատի եւ իւր շահուն համար աշխատող մարդերէն աւելի ստակ կը շահի։ Այս գիտութեան անձնանուիրութիւն անունը կու տան ոմանք։

Մատնանիշ ընել աշակերտաց այն անձերն, որ բազում ոսկի վաստկած են յանձնաժողովներու, մասնաժողովներու, խորհուրդներու մէջ պաշտօն ստանձնելով։ Հասկցնել ազգային մանկտեաց, թէ մէկն կրնայ յանուն աղքատի մը ստակ հաւաքել եւ այդ ստակով իւր քսակն պարարել, թէ բարեգործական նպատակի մը համար դիւրութեամբ կարող է բազում ոսկիներ հանգանակել եւ անոնց տոկոսներն գրպանը նետել առանց ամենափոքր կասկած մը հրաւիրելու իւր վրայ։ Ճանչցնել աշակերտաց այն անձերն, որ տարւոյս ամբողջ օրերն յօգուտ ընկերութեանց կ՚աշխատին եւ շատ աղէկ կ՚ապրին, նման այն ազգասէրներուն, որ գրեթէ ամէն օր խեղճերն, անօթիներն, հրկիզեալներն եւ այլն կը հոգան, յօգուտ անոնց ներկայացումներ տալով։ Վերջապէս աշխատիլ աշակերտաց մէջ սա ընդհանուր համոզումն գոյացնել, թէ անձնանուիրութիւնն շահաւոր գիտութիւն մ՚է։

Հրահանգներ պատրաստել աշակերտաց համար հետեւեալ եղանակաւ.

( Աշակերտք պարտաւոր են կէտերուն տեղ մէկ֊մէկ յատուկ անուն դնել )։

… անձնանուիրութեամբ երկու քարուկիր տուն շինեց… անձնանուիրութեամբ խորհրդոյ մը անդամ եղաւ եւ ուրիշի մը ժառանգութիւնն կերաւ բուն ժառանգորդներուն ջուր տալով… անձնանուիրութեամբ վաճառատուն մը բացաւ… անձնանուիրութեամբ մեծ դրամագլխոյ տէր եղաւ եւ այլն, եւ այլն, եւ այլն։

Չորրորդ տարի

ՇՈՂՈՔՈՐԹՈՒԹԻՒՆ

Օգտակար եւ պիտանի գիտութիւններէն մին է, զոր ամէն մարդ ուսանելու պարտաւոր է խաղաղ ժամանակ անցունելու համար։

Այս դասախօսութեան մէջ ալ դասատուն պարտաւոր է կենդանի օրինակներով բացատրել աշակերտաց շողոքորթութեան շնորհիւ բարձրացած անձերը։ Յայտնապէս պատուէր տալու է տղայոց, որ շողոքորթեն եւ միշտ շողոքորթեն կանխաւ իմացնելու է անոնց, թէ առանց շողոքորթութեան ել եւ մուտքն հաւասարակշռելն անկարելի է, առեւտուրի մէջ յաճախորդ գտնելն անհնար է, թէ ամէնուն մինչեւ ոտքը խոնարհիլ պէտք է բարձրանալու համար, թէ մեծատունները միշտ շոյելու է, անոնց քծնելու է, ամէնէն փայլուն ածականներն անոնց տալու է, աստուածացնելու է, անմահացնելու է զանոնք, թէ խօսքով եւ թէ գրիչով։ Եթէ անմահութենէն աւելի բան մ՚ուզեն` մերժելու չէ, որպէսզի չվշտանան։ Զգալի օրինակներով համոզել ազգային մանկտին, թէ այսօր հրապարակի վրայ չկայ ապրանք մ՚որ շողոքորթութեան չափ սպառում ունենայ, թէ շողոքորթութեան վաճառականներն միշտ գործ կը գտնեն եւ բնաւ պարապ չեն մնար։ Աշակերտաց ձեռքը քանի մը լրագիրներ տալ եւ խնդրել իրենցմէ, որ շողոքորթութիւն գտնուող տողերն ստորագծեն, եւ երբ լրագրոյն բոլոր տողերն ստորագծուած ներկայացնեն աշակերտք, այն ատեն պատմելու է իրենց այն պարագաները, որոնցմէ ստիպուած է խմբագիրն շողոքորթութեան ապաւինե լ։


Հինգերորդ տարի ԻՐԱՒԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ Փորձով տեսնուած է, թէ ամէնէն տկար փաստաբանն իսկ օրինագրքէն կրնայ գտնել միշտ յօդուած մ՚որ տրամադրէ, թէ պարտքը չվճարելու իրաւունքն ունի։ Պարտք ընել եւ զայն չվճարելու իրաւունք ունենալ հարստութեան գլխաւոր եւ անսպառ աղբիւրներ են, հետեւապէս հարկ է աւելի ժամանակ զոհել այս գիտութեան ուսման։ Տղայք պարտաւոր են պզտիկութենէ վարժուիլ պարտք դիզելու եւ անշարժ եւ անսասան մնալու իրենց պարտատեարց ` որք ընդհանրապէս խոժոռադէմ եւ անկիրթ մարդիկ կ'երեւան մեզ՝ սպառնալեաց առջեւ։ Տղայութիւն է պարտատիրոջ սպառնալիքէն ազատելու համար չուանով ինքզինքը կախել կամ ատրճանակի հարուածով ինքզինքն անդիի աշխարհ ղրկել։ Պէտք է խնդալ, երբ պարտատէրն պահանջքն ուզէ եւ պաղ արիւնով ըսել` թէ իրաւունք չունի, բայց իրաւունք ունենալու իրաւունք չունի, թէ օրինագրքին այսինչ յօդուածին տրամադրութեան հակառակ կը շարժի, թէ օրինաց գծած սահմանին մէջ միայն կրնայ իւր առնելիքն պահանջել, թէ հակառակ պարագային մէջ ծանր պատասխանատւութիւն կը հրաւիրէ իւր վրայ, թէ ամէն մարդ պատիւ ունի, թէ ամէն մարդ պարտք ունի եւ այլն։ Պատիւ պահանջել պարտատէրէն, երբ սա իւր առնելիքն պահանջէ եւ գործն այնպիսի վիճակի մը մէջ բերել, որ պատւոյդ համար պահանջած գումարդ հաւասարակշռէ պարտուցդ գումարն, եւ հաշիւն այս եղանակաւ գոցուի։ Աշակերտն լաւ համոզուելու է սա ճշմարտութեան թէ պարտք չհատուցանելով կրնայ մեծ հարստութեան տէր ըլլալ օր մը, մինչդեռ աղքատ եւ խեղճ կը մնայ, եթէ պարտք վճարելու նախապաշարումն եւ յոռի սովորութիւնն ընդունի։

Խնդրել իւրաքանչիւր աշակերտէն, որ պարտք չվճարելով հարստացած հարիւր մարդու անուն գտնեն ։

Վեցերորդ տարի

ԱՆԱՄՕԹՈՒԹԻՒՆ

Երանի անոնց, որ գիտեն անամօթ ըլլալ, զի ասոնց է հանգստութիւն եւ երջանկութիւն։

Աներեսութիւնն առողջաբանական տեսակէտով ալ շատ օգտակար գիտութիւն մ՚է։ Անամօթն ամէն մտահոգութենէ եւ ամէն մտատանջութենէ զերծ է, անամօթն բանէ մը չամչնար, միայն ամչնալու կ'ամչնայ. երի՜ցս երանեալ անամօթութիւն։ Մանկավա՛րժք, մանկավա՛րժք, ձեր խորին ուշադրութիւնն կը հրաւիրուի այս գիտութեան դասախօսութեան վրայ, ձեր բոլոր ջանքերը թափելու էք սորվեցնելու համար աշակերտներուն, որ համարձակ ըլլան եւ շիկնելու չվարժուին. ամչնալու սովորութիւնն անցած դարերու հետ անցած նկատուելու է։ Այս դասախօսութեան մէջ ալ դասատուն գործնական եղանակաւ ուսուցանելու է ազգային մանկտին։

Եօթերորդ տարի

ՀԱՅԵՐԷՆ ԼԵԶՈՒ

Այս մասին խօսելու հարկ չկայ. ուսուցիչք կրնան իրենց դիւրուսոյց երեւցած եղանակաւ դասախօսել։

Ութերորդ տարի

ԳԱՂՂԻԵՐԷՆ, ԴԱՇՆԱԿ, ԱՆԳՂԻԵՐԷՆ, ԳԾԱԳՐՈՒԹԻՒՆ, ԳԵՐՄԱՆԵՐԷՆ ԵՒ ԱՅԼՆ

Իբրեւ զբօսանք աշակերտք սորվելու են ասոնք, երբ ժամանակ ունենան։

Իններորդ տարի

ԹՈՒԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ, ԲՆԱԿԱՆ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆՔ, ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ, ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ, ԻՄԱՍՏԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ, ԵՒ ԱՅԼՆ, ԵՒ ԱՅԼՆ

Թէեւ բոլորովին անօգուտ են այս գիտութիւնները, բայց ծրագրին մէջ գտնուիլը կրնայ հաճոյ թուիլ ծնողաց ոմանց։

Ահա հոս կը վերջանայ մեր կրթական ծրագիրը։

Գիտենք, շատերն կարդալով մեր այս ծրագիրն, մէկդի պիտի նետեն զայն, եւ շատ վառվռուն երիտասարդներ պիտի պոռան.

«Անօթի կը մնանք եւ ստախօսութիւն չենք ընդունիր։

«Գլուխս կտրեն իսկ` շողոքորթութիւն չեմ ըներ։

«Մեռնելիքս գիտնամ իսկ` գողութիւն չեմ ըներ»։

Մեր պատասխանն է այս երիտասարդաց.

«Այդ պատճառաւ է, որ ձեր բերանն անօթութենէ կը հոտի»։

Եթէ կ'ուզենք այս վաղանցուկ կեանքին մէջ քիչ մը հանգիստ ապրիլ, անպատճառ սորվելու ենք այն գիտութիւնները, զորս վեց տարուան բաժնեցինք վերը. իսկ եթէ գիտութիւններն մեզի ստակ վաստկցնելու նպատակ ունեցող ուսումներ չենք նկատեր` այն ատեն մեր ծրագիրն իւր բոլոր ուժն կը կորսնցնէ եւ ամէն մարդ ազատ է իւր սիրած գիտութիւնն սորվիլ։

Մեր խոնարհ կարծեաց համեմատ իւրաքանչիւրին համար այն գիտութիւնն առաջնութիւն ունի, որով իւր օրական պարէնն հայթայթելու կարող կը լինի, եւ այսօրուան օրս գրեթէ բոլոր մեծ մարդիկ, պզտիկ բացառութեամբ, մեր գրած սոյն ծրագրին ընթացքին հետեւած են եւ կը հետեւին ցարդ, թէպէտեւ կը քաշուին խոստովանելու, թէպէտեւ անոնց խոստովանութեան պէտք չկայ։

Չպիտի լան այն մայրերը, որ մեր ծրագրին համաձայն պիտի մարզեն իրենց տղայոց միտքն օրօրոցէն սկսելով։

Be the first who will comment on this

Other parts of "Գրպանի տետրս"

Yatuk Music
The sun of Autumn
Tigran Mansuryan

The sun of Autumn

Near the well. Hot day
Near the well. Hot day
Play Online