Hakob Paronyan

Գրպանի տետրս

2

Ժողովը չմտած կարծիք մը պիտի յայտնէ եւ ժողովոյ մէջ այդ կարծեաց հակառակ կարծիք պիտի յայտնէ։

Լուսաւորեալ դարուս մէջ խնդրոյ մը վրայ մէկ կարծիքն բաւական չէ՛, աղքատութիւն է. իսկ շատ կարծիքներ հարստութիւն կ'ենթադրեն։

Օր պիտի գայ, ուր ընդհ. ժողովոյ ատենապետն խնդրոյ մը վրայ երեսփոխանաց կարծիքներն ժողվելու համար պիտի ըսէ.

Խնդիրը քուէի կը դնեմ, ուստի հաճեցէք յայտնել.

Ա. Ձեր անհատական կարծիքն,
Բ. Ձեր պաշտօնական կարծիքն,
Գ. Ձեր բերանացի կարծիքն,
Դ. Ձեր գրաւոր կարծիքն,
Ե. Ձեր արձակ կարծիքն,
Զ. Ձեր ոտանաւոր կարծիքն։

Եւ ձայնից մեծամասնութեամբ պիտի տրուի որոշումն։

Արդեօք մեր նախնիք ալ ասա՞նկ էին։

Արդեօք մեր թոռներն ալ ասա՞նկ պիտի ըլլան։

ՔԱՆԻ ՄԸ ՏՐԱՄ ԱԼ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆ

Հարաւային հողմերը մարդուս քթին ձեւը կը փոխե՞ն, պարզ քթի մը արծուի քթի ձեւ կու տա՞ն, մէկ խօսքով, հարաւային կողմերը բանաստեղծ կ'ընե՞ն մարդս։

Աւադիկ հարցում մ՚որուն, գիտենք, ժխտական պատասխան պիտի տան բանաստեղծք. ճշմարտութիւնն այս է սակայն, թէ բանաստեղծութեան պէս բան մը կը նշմարեմ իմ վրայ վերջին երկու ամիսներուս մէջ, ուր հարաւային հողմ կը փչէ շարունակ, ո՛ր կողմ ալ դառնաս… կարծես հիւսիսն ալ հարաւէն կը փչէ։

Արդեօք բանաստեղծութեան հուրն սրտիս մէջ մոխիրի տակ ծածկուած էր ու Նոտոս ուժգին փչելով արծարծե՞ց զայն։

Տեսարաններ, որք բնաւ հրապոյր չունէին երբեմն ինձի համար` կը հրապուրեն զիս այսօր, կը գրաւեն միտքս եւ կը յափշտակեն, եթէ չեմ սխալիր, հոգիս։ Ի՞նչ փոփոխութիւն է այս։ Քառասուն եւ չորս շնիկ աստղ տեսած կարասը դէպի Պառնա՜ս գլտորի։

Կը սիրէի ծովն, բայց երբեք անոր եզերաց վրայ ժամերով կայնած չէի, որպէս ամսոյս 12֊ին։

Արձանացեալ ծովը կը դիտէի եւ կը բանաստեղծէի։

Կորուսած էր իւր գեղն, փայլն ու ժպիտն։ (Այսինքն ոչ լուսին կար, ոչ աստղ)։ Կը տապլտկէր անկողնոյն մէջ, որուն վերեւը սեւ քօղ մը ձգուած էր։ (Սեպէ թէ ծովը քարեօլայի վրայ պառկեցուցած եմ եւ քարեօլայի վրան ալ սեւ խումաշ մը ձգած եմ հասկցնելու համար, թէ գիշեր էր. տապլտկիլն ալ ալեկոծութեան տեղ դրած եմ)։ Իւր կուրծքը կ'ելնէր, կ'իջնէր նման հիւծեալ հիւանդի մ՚որուն շունչն մօտ է սպառելու։ ( Ելանեն լեառնանան եւ իջանեն դաշտանանի մէկ տեսակն է)։ Խորին հառաչանքներ, ողբոց աղաղակներ կ'արձակէր իւր սրտէն եւ մահիճէն դուրս նետուելու կ'աշխատէր ասդին անդին զարնուելով. (Որպէս թէ հիւանդի մը պէս կ'ողբար յուսահատ եւ կ'ուզէր քարեօլայէն վար իջնալ)։ Դառն արտօսր կը հեղուր եւ այդ արտասուքն իսկ էր, որ տող֊տող շարուած կու գար անկողնոյն եզերքն ողողելու։ (Ալիքն արցունքի եւ անոր շարքը տողի նմանցուցած եմ)։

Կը համրէի այդ տողերն եւ կը հարցնէի ես ինձի. ո՞չ ապաքէն թշուառաց եւ ողբոց արտասուաց հեղեղները ծով կը թափին։ (Երբ տեսայ, որ արցունքը շատկեկ եկաւ եւ անբնական եղաւ, որբերն եւ թշուառները մէջ խառնեցի)։ Այդ արտասուքէն չորս հարիւր տող համրեցի, կարդացի, տխրեցայ ու մեկնեցայ։ (Ըսել ուզած եմ թէ ժամերով սպասեցի հոն, թէ ծովը բանաստեղծն էր եւ թէ անոր տխուր տողերը կարդացած էի)։

Բարեբախտաբար ոեւէ տպաւորութիւն շատ չապրիր իմ վրայ, շուտ մը կը մեռնի։ Հազիւ հեռացայ ծովէն, ա՜խ, ըրի, եթէ քիչ մը կարմիր ներկ գտնուէր քովս` անմիջապէս կարմիր կը ներկէի ծովն եւ երկուքի բաժնելով զայն Քուզկունճուք կ'անցնէի եւ հոն կանգնելով կը պոռայի. Anch io son… Mose, բայց ո՞ւր գտնել այդ «երանգն առաքինութեան»։

Ինչի՞ վերընծայել եթէ ոչ հարաւային հողմերուն ծովէն ընդունած տխուր տպաւորութիւնս։ Ուրիշ անգամներ ալ կը տեսնէի ծովն յուզեալ եւ կը հարցնէի անոր.

Ինչո՞ւ կը կոծիս, օ՛ ծով, բժիշկները սխալ դե՞ղ մը տուին, կամ փոխանակագիրնե՞րդ չընդունուեցան, կամ գաւառներէն ազգային տուրք չե՞ս կրնար հաւաքել, կամ պարահանդէսի համար տասը տոմսա՞կ տուին քեզի, կամ տղադ դրա՞մ չունի եւ կարգուի՞լ կ'ուզէ, կամ տան ծախուցդ չե՞ս կրնար յաղթել, կամ աժան լասթիք մ՚առիր եւ երկու օրուան մէջ պատռեցա՞ւ, կամ աւրուած մեճիտիէ՞ մը քշեցին քեզի, ի՞նչ ունիս։

Բայց այս անգամ, որպէս տեսաք, այսպէս չեղաւ։ Ըսի թէ ծովը կու լար, կ'ողբար։ Ծովը կու լա՞յ, կ՚ողբա՞յ… խենթութիւն չէ՞ աս։ Կատարեալ խենթութիւն է եւ ճիշտ անոր համար է, որ բանաստեղծութիւն է, միայն թէ յանգաւոր խենթութիւն չէ։ Հարաւի բանաստեղծէ մ՚ալ յանգ ուզելն ինձ խստապահանջութիւն կը թուի քիչ մը։ Յանգերու համար դիմեցէք երիտասարդ բանաստեղծ Փանոսեանին, որ այդ մասին ամէնէն հարուստն է եւ որ ամենայն իրաւամբ կրնանք ըսել, թէ յանգի հանք կը բանեցնէ այնքան յաջողակութեամբ, մանաւանդ իւր ֆրանսերէն քերթուածներու մէջ։ Առաջին կարգի հանք հանքածուխի մ՚որ կաթիլ մը կայծով կ'արծարծի եւ կրակ կը կտրի։

Կաթիլ մը կա՜յծ։ Այո՛, կաթիլ մը կայծ։ Եթէ պնդես կայծ մը կաթիլ ալ կրնամ ըսել։ Եթէ քիչ մ՚ալ պնդես` կաթիլ մը կրակ ալ ըսելու չեմ վախնար. բանաստեղծներն մենաշնորհումներ ունին, որոց շնորհիւ ազատ են կարծր մարմինները հեղուկի վերածել եւ հեղուկ մարմինները կարծրացնել։ Չկարդացի՞ր Արեւելքի մէջ Ուխտաւորի նամակն, որ կ'ըսէր թէ «Կաթիլ մը խղճմտանք եթէ ունենանք` կարող ենք Էջմիածնայ խարխուլ շէնքն ի հիմանց նորոգել»։ Բանաստեղծ մ՚ազատ է, երբ ներդաշնակութեան վրայ է խնդիրը մանաւանդ, խղճմտանքը սրուակի մէջ լեցնել եւ տրամաբանութիւնը գաւաթով խմել։ Նոյնպէս խղճահար մարդու մը համար կրնայ ըսել. «Ահա մարդ մ՚որ սափոր մը լեցուն խղճմտանք ունի». ինչպէս նաեւ անխիղճ մարդու մը համար. «Ասոր խղճմտանքին մէջ ջուր խառնուած է»։ Ներդաշնակութիւն կ'ուզէ նաեւ Սանդուխտի հեղինակն, որ յանձնարարելով մեզ Լոյս եւ ստուերքի ընթերցումն` դժգոհութիւն կը յայտնէ միանգամայն այն քերթուածքներէն, որ արուեստակեալ են եւ այն քերթողներէն, որ օտարի փետուրներով կը զարդարուին։ Շատ իրաւունք ունի Աճեմեանի դասընկերն եւ կը սպասենք, որ ուրիշ յօդուածով մը մատնանիշ ընէ օտարի փետուրներով զարդարուող պուէտներն. ձաղկէ եւ հալածական վանէ հրապարակէն այդ պառնասեան աւազակները։ Ոչ ոք վիրաւորելու քաղաքավարութեամբ գողերը յականէ յանուանէ չնշանակելը մայրաքաղաքիս բոլոր ազգային բանաստեղծներն արատաւորել է։ Բարեբախտաբար բնաւ ունեցած չեմ այս քաղաքավարութիւնը։ «Բայց, կ'ըսեն մեզ, Ալիշանի աշակերտն չէ կարող մատնանիշ ընել այն գողերը, վասնզի ժամանակաւ ինքն ալ բաւական սիրամարգներ փետտած է. իւր ձեռագիր ողբերգութեանց մէջ փոխառութիւնները թէեւ նոտր տառերով գրուած են, բայց որովհետեւ նոտր արտասանութիւն չկայ` հանդիսականք բնականաբար հեղինակին կ'ընծայեն ինչ որ կ՚ելնէ դերասանին շրթունքէն։ Նոյնպէս շատ հատուածներ չակերտի մէջ պահուած են եւ դժբախտաբար շատ դժուար է չակերտ տեսնել դերասանի բերնին մէջ»։ Անտեղի առարկութիւն. ի՞նչ կ'ուզէիք որ ընէր, երբ խեղճին վրայ յարձակած էին եւ ողբերգութիւն կ'ուզէին։ Թող փախչէր. Կ'ուզէի՞ք որ ստիպէր դերասանն, որ ամէն անգամ խօսելու սկսած ժամանակն կրկնէր սա խօսքերը. որպէս կ՚ըսէ Գոռնեյլ, որպէս կ՚ըսէ Շեքսբիր, ինչպէս ըսած է Ալֆիերի, ինչպէս կը գրէ Ռասին. Սանդուխտ ի Գոռնեյլ է ըսեր. Այդ անիրաւութիւն է. Գէթ իւր դասընկերին ըսել տուածն ինքն ալ ըսէր. Mon verre n’est pas grand, mais je bois dans mon verre ։ Ո՛չ, այդ պահանջումը նախանձու արդիւնք կը թուի ինձ, որովհետեւ Թերզեան էֆենտի մտային բաւական գանձ ունի համարձակութեամբ ըսելու համար je prends mon bien où je le trouve ։ Ինչ որ ըլլայ` Թերզեան էֆենտին` որու տաղերն իրաւամբ հռչակ հանած են իրենց յստակութեամբ, ներդաշնակութեամբ, փափկութեամբ եւ շնորհքով, յարմարագոյն անձն է մեր մէջ, որ կարող է Արեւելքի մէջ քննադատական մը ստեղծել եւ անաչառութեամբ քննադատել այն քերթուածներն, որ վերջերս հրապարակը կ'ողողեն, եւ ցոյց տալ ազգին ազգայինն, օտարն, հարազատն եւ խորթն։ Այո՛, Թերզեան էֆենտին կարող է այս պաշտօնն կատարել, որովհետեւ որքան տաղանդ, այնքան պարկեշտութիւն ունի, եւ վստահութեամբ կրնանք ըսել` թէ իւր ողբերգութեանց համար իրեն տրուած ջերմ ծափահարութիւնները խոնարհութեամբ ընդունած է ի դիմաց Գոռնեյլի, Շեքսբիրի եւ այլն, որոց տունը կը ներկայացնէր մայրաքաղաքիս մէջ։

Միայն թէ ուղղադատութիւնն աւելի քանակութեամբ գործածելու է, քան զոր գործածած է` Լոյս եւ ստուերքի առթիւ ընդհանուր դժգոհութիւն յայտնելով վոսփորական արտադրութիւններէն, որք, խոստովանինք արդար ըլլալու համար, ոչ թէ միայն յիշեալ ադրիական տողերուն կը հաւասարին, այլ շատ անգամ կը գերազանցեն իսկ զանոնք։ Ընդունինք, թէ Լոյս եւ ստուերքի հեղինակն հարաւի բանաստեղծ չէ, բայց միաբանինք նաեւ խոստովանելու, թէ հիւսիսի ալ չէ։ Իւր գործը, կարելի չէ ուրանալ, ունի կոկիկ եւ սիրուն էջեր, այսուամենայնիւ մեծ տպաւորութիւն չըներ, մանաւանդ անոնց վրայ, որ բանաստեղծէն նոր ստեղծագործութիւն կը սպասեն եւ ոչ թէ հատուածներ, զորս կարծես երբեմն կարդացած ես առանց սակայն կարդացած ըլլալու։ Կ'երեւի թէ ականջները շատ վարժուեցան կարգ մը տողերու, որք բանաստեղծութեան ֆորմիւլ դարձած են եւ զորս հարիւր յիսուն անգամէն աւելի լսած ու կարդացած ենք։ Հոգւոյ միշտ միեւնոյն յուզումներ, որ կ'արտայայտուին տարբեր յանգերով, լճակի մ՚ալեակներ, զորս միջակ հողմը կը ստեղծէ յաճախ եւ որք կը շարժին այն ուղղութեամբ, զոր հողմը կու տայ իրենց։ Աճեմեան հազիւ ուրեք բարձրանալ կը փորձէ անդ` ուր յաճախ կը սլանայ Սէթեան, երբ աննշմարելի ըլլալու փափաքէն առաջնորդուած չէ, անդ, ուր թեւատարած կը թռի Փանոսեան, երբ յանգապաշտ չէ, անդ, ուր կը ճախրէ Տեմիրճիպաշեան, երբ սիրտն հետն առնէ եւ յանգն ու վանկ մէկդի թողու։ Լոյս եւ ստուերքի հեղինակն ունի նաեւ էջեր, զորս կրնար չգրել, եթէ ուզէր, կամ արձակ գրել, եթէ կամենար, եւ կամ աւելի աղէկ գրել, եթէ որոշած էր անպատճառ ոտանաւոր գրել։ Ըստ իս հարկ չկայ գրելու անանկ ոտանաւորներ, որոց միայն արժանիքն է իրենց ոտանաւոր ըլլալը։ Առնենք, օրինակի համար, իւր Դրամ քերթուածը, դրամ, որ չերթար հետ յիսուն ձմռան.

Աւասիկ.

ԴՐԱՄ
Հարկ չէ միշտ լինել խոհուն գիտնական,
Յ աճախ նա որ է տգէտ աննշան`
Ա կադեմիայի ընտրովի անդամ
Ե թէ ունի դրամ։

Զարմանալի են օրէնք աշխարհի.
Կ արծես թէ ճարտար խօսի եւ խորհի
Ն ա` որ իրօք է ապուշ եւ անհամ
Ե թէ ունի դրամ։

Ընկերութեանց մէջ բազմի վերին բարձ։
Ե րկնից մէջ նաեւ յուսայ առնուլ վարձ`
Ե րբեմն նա իսկ, որ է անզգամ
Ե թէ ունի դրամ։

Ինչ փոյթ եթէ կաղ ըլլայ կամ քոսոտ.
Թ է համբոյրք նորա բուրեն զազիր հոտ,
Տ օն ե ն զնա միշտ հէք կանանց երամ
Ե թէ ունի դրամ։

Նա որ ոտնակոխ առնէ զիւր պատիւ
Ե ւ ծաղրէ ամէն զգացմունք ազնիւ.
Ն ա եւս ստանայ փառք ու բարեկամ
Ե թէ ունի դրամ։

Իրաւունք գիտնոց միշտ լեցուն գրպան,
Ե ւ առանց խղճի կու տայ տէր պապան,
Չ որս կին մէկ մարդուն, ես կը հաւատամ
Թ է սա ունի դրամ։

Ես չեմ ընդունիր այս Դրամն իբրեւ բանաստեղծութիւն, ոչ ալ իւր նմանները, բայց հեղինակը շնորհաւորելով կ՚ընդունիմ Ուր երթան, Հոգիքը, Հալքի եւ Բրինկիբոն, Տագնապը, Մահը, ջնջելով այս վերջինէն հետեւեալ տողերը։

Երբ զքեզ հնչեն ծեր, մանուկ եւ կին
Ս ոսկալով ծածկեն ձեռօք զերեսնին։

Կինը բնաւ գործ չունի տողին վերջը, եւ անոր յանգ մը գտնելու համար երեսը միանգամայն թէ գրաբար եւ թէ ռամկաբար հոլովելու առանձնաշնորհութիւնը զեղծում կը թուի ճաշակիս։

Եթէ հեղինակը ներէ կը վերցնեմ նաեւ Մահին հետեւեալ տողերուն վերջինը.

Ե՛կ այգուն կանուխ երբ հաւիկ զարթնու
Ե ւ զերդ օրհասին եղերգէ աղու.
Ե ՛կ այգուն֊այգուն, ե՛կ զգոյշ֊զգոյշ,
Մ ի՛ վրդովիր կինս, որ ննջէ անուշ։

Այս վերջին տողը՝ մանաւանդ քերթուածին վերջերը` մահը կը մահացնէ։

Գալով Կին ին եւ Մի ՛ մոռնար զիս ին կը խոստովանինք, թէ գեղեցիկ են, միայն թէ, ինչպէս ըսինք, մարդս հազար մի մոռնար զիս կարդալէն ետքը եւ հազար անգամ լսելէն վերջը, թէ կինն հանելուկ մ՚է, թէ կնոջ սիրտն խորան մ՚է, թէ կնոջ սիրտն անթափանցելի է, թէ կինն երկնային պարգեւ մ՚է, կարծես ոչինչ կը զգայ եւ երբ հազար ու մէկերորդ անգամ կարդայ կամ լսէ զանոնք թէեւ քիչ մը տարբեր եղանակաւ։ Այսու ըսել չենք ուզեր, թէ քերթող մ՚երգելու չէ ինչ որ երգուած է արդէն ուրիշներէ, այլ ըսել կ'ուզենք, թէ քերթող մը կամ այն, ո՛վ եւ ի՛նչ որ ըլլայ, որ ստեղծելու ասպարէզին մէջ կը գտնուի, նորութեանց մէջ միայն կրնայ միտքեր եւ հոգիներ հրապուրել եւ գրաւել։

Ահա, ընթերցող, քեզի քանի մը տրամ ալ բանաստեղծական…

Կնքենք ուրեմն մեր յօդուածն, որ, արդիւնք հարաւային հողմերու, երկար եղաւ անոնց պէս։ Անկեղծաբար յայտնեցինք հարաւէն եւ հարաւի առթիւ Լոյս եւ ստուերքէն մեր ընդունած տպաւորութիւնը։ Եթէ սխալ է այն, գնացէք բողոք բանալու հարաւային հողմերու դէմ, եթէ ուղիղ է` գնացէք գոհանալու զՆոտոսէ։ Եթէ այդ հողմերը չփչէին` ո՞վ կը նայէր ծովուն երեսը, ո՜վ պիտի փնտռէր Լոյսն եւ ստուերը, որո՞ւն հոգն էր բանաստեղծ ըլլալ… դեկտեմբերի մէջ։

ԿԱՐԾԻՔ ՅԱՅՏՆԵԼՈՒ ՀԱԶԱՐ ՈՒ ՄԷԿ ԵՂԱՆԱԿ

ՁՕՆ ԱՌ

ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՍ

Ձեզ կը նուիրեմ սոյն յօդուածս, ազգային երեսփոխանք, եւ յուսով եմ, թէ սիրով պիտի բարեհաճիք ընդունիլ զայն, որովհետեւ տպագրութեան ծախքն ես պիտի հոգամ։

Կը խնդրեմ միայն, որ ուշադրութեամբ ընթեռնուք զայն եւ աշխատիք օգուտ քաղել յօգուտ այն խնդրոց, որ ձեզ կը ներկայանան լուծուելու համար կամ չլուծուելու համար։

Մտիկ ըրէք ուրեմն.

Ազգային ժողովոյ մէջ յաճախ տեղի ունեցած անհաճոյ ակնարկութիւններն եւ դժուարամարս ճառերն, զորս տեարք երեսփոխանք կը փոխանակեն իրարու հետ` մասնաւոր խորհրդածութեանս առարկայ ընելով, սա եզրակացութեան հասայ, թէ երեսփոխան մը իւր կարծիքն յայտնելու համար նախ նկատողութեան կ՚առնէ դրամական վիճակն այն երեսփոխանին, որուն պիտի պատասխանէ եւ յետոյ անոր դրամական վիճակին յարմար եղանակ մը կը գտնէ իւր կարծիքն յայտնելու։

Օրինակ մը տամ եթէ չէք ձանձրանար։

Անծանօթ երեսփոխանն ես եմ։

Ենթադրենք` թէ տէր երեսփոխան մ՚որ հարիւր հազար ոսկի ունի յատենի ընդհանուր ժողովոյ կը պնդէ օր մը, թէ շաքարը սեւ է։

Այո՛, կը պատասխանեմ, մանաւանդ թէ շատ սեւ է, մինչդեռ տգէտներն այն հաւատքն ունին, թէ ճերմակ է։

Երեսփոխան մ՚որ իննսուն հազար ոսկի ունի, շաքարին սեւութիւնը կը փաստաբանէ նոյնպէս։

Կը պատասխանեմ.

Իրաւունք ունիք, ինչ որ կ'ըսէք` յայտնի է արեւու պէս։

Ութսուն հազար ոսկի ունեցող երեսփոխան մ՚ալ օր մը կը փափաքի, որ շաքարը սեւ ըլլայ։

Կը պատասխանեմ.

Համակարծիք եմ ձեզի, քուէի դրէք խնդիրը։

Եօթանասուն հազար ոսկւոյ տէր երեսփոխան մ՚ալ կ՚որոշէ ինքնիրեն, թէ սեւ է շաքարը։

Կը պատասխանեմ.

Կ'երեւի թէ բաւական իմաստասիրած էք շաքարը։

Վաթսուն հազար ոսկի պարունակող դրամարկղի տէր երեսփոխան մ՚ալ կը հաւատայ, թէ սեւ է շաքարը։

Կը պատասխանեմ.

Հաւատք քո կեցուցին զքեզ։

Յիսուն հազար ունեցողն ինչո՞ւ իւր քուէն չտայ ի նպաստ սեւութեան շաքարի։

Անոր ալ կը պատասխանեմ.

Մասնաւոր ուսո՞ւմ ըրած էք գոյներու վրայ։

Յիսուն հազար ոսկի հարստութիւն ունեցողն ալ օր մը կը հաճի պնդել շաքարին սեւութիւնը։

Կը պատասխանեմ.

Կարծեմ թէ շաքարը սանկ քիչ մը ճերմակութիւն ունի։

Ամենեւին չունի, ամենեւին։

Աննշմարելի ճերմակութիւն մը։

Սխալ է, կատարեալ սեւ է։

Աչքերս խաբած են զիս ուրեմն, ներեցէ՛ք։

Քառասուն հազար ոսկինոցն երկար ատենաբանութեամբ մը կը ճառէ շաքարին սեւութեանը վրայ։

Կը պատասխանեմ.

Ձեզի համակարծիք չեմ այս մասին. շաքարն աւելի ճերմակին մօտ է քան սեւին։

Կը սխալիք, չարաչար կը սխալիք։

Կարելի է։

Երեսուն հազարանոցն կը սկսի փաստաբանել շաքարին սեւութիւնը։

Կը պատասխանեմ.

Հակակարծիք եմ ձեզի, էֆենտի, շաքարը սեւ չէ։

Սեւ է։

Ո՛չ։

Կարծիքներն ազատ են։

Քսան հազարանոցի հետ դէմ առ դէմ կու գամ։

Շաքարը սեւ է։

Կը սխալիք, էֆենտիս, շաքարը ճերմակ է։

Սեւ է։

Ճերմակ է։

Սեւ է։

Ճերմակ է։

Տասը հազարանոցը կը յաջորդէ քսան հազարանոցին։

Ի՞նչ կարծիք ունիք շաքարին գոյնին վրայ։

Ատ ալ հարցնելու բա՞ն է, ճերմակ է։

Ոչ, սեւ է։

Հրամանքդ գնա, ինքզինքդ կարդալ տուր քիչ մը։

Հազարանոցը կու գայ։

Սա շաքարին գոյնն ի՛նչ աղուոր սեւ է։

Շաքարը սե՞ւ է մի, խենթեցա՞ր, ի՞նչ եղար։

Ինչո՞ւ խենթենամ։

Գնա՛ սըկից, աղբա՜ր, գնա՛, դուն բնաւ գաղափար չունիս գոյներու վրայ, ամօթ է, ամօթ։

Ե՞ս չունիմ։

Այո՛։

Դուն տգէտ ես։

Տգէտը դուն ես, քու տեղդ ըլլամ նէ` կ'ամչնամ խօսելու։

Հարիւր ոսկինոցը կը ներկայանայ։

Շաքարն ինչո՞ւ սեւ է։

Պատւոյս չեմ ձգեր քեզի պատասխանելու։

Դասատու մ՚եւս կը պնդէ ինչ որ պնդած են առաջիններն։

Կը պատասխանեմ.

Տղայ ես դուն, նախակրթարան գնա՛։

Խեղճ խմբագիր մ՚ալ օր մը պատիւ կ'ունենայ նոյնը պնդելու։

Կը պատասխանեմ.

Անպիտա՛ն, ջնջո՛ց, մուրացկա՛ն, գնա՛ գրաշարութիւն ընելու։

Երկու ոսկի ունեցող երեսփոխան մ՚ալ միւսներուն պէս կը պնդէ։

Կը պատասխանեմ.

Ո՜ւհ, աւանակ։

Փող մը չունեցող երեսփոխան մ՚ալ կը յանդգնի նոյնը պնդել։

Կը պատասխանեմ.

Ձեզի պէսներն են, որ ժողովոյս վարկը կոտրեցին։ Եւ փայտ մ՚առնելով ուզածիս պէս կը ծեծեմ։

Դուք ալ այսպէս չէ՞ք վարուիր, տեարք իմ երեսփոխանք։

Be the first who will comment on this

Other parts of "Գրպանի տետրս"

Yatuk Music
Song of the Aisors
George Gurdjieff

Song of the Aisors

Near the well. Hot day
Near the well. Hot day
Play Online