Запел Есаян

Երբ այլևս չեն սիրեր

Փորձութիւնը

Խթման օրն էր եւ քանի մը շաբաթներէ ի վեր տիրող ձիւնին ու բուքին յաջորդեր էր արեւոտ երկինք մը որ կանխահաս գարնան տպաւորութիւնը կ՚ընէր. ամենուրեք ձիւնը կը հալէր արագութեամբ եւ տեղ տեղ միայն, բարձր պատերու շուքին ներքե կամ հիւսիսի կողմ գտնուող տուներուն առաջքը ցեխի հետ դեռ սառոյց կար խառնուած։ Զինջ եւ վտիտ առուակներ անկանոն սալայատակներու ցից քարերուն վրայէն սորսորելով կ՚անցնէին եւ անոնց մեղմ խոխոջ հաճելիօրէն կը մրմնջէր։ Փողոցները կենդանացած էին արձակուրդի մէջ եղող ամէն տարիքէ մանուկներու զուարթ խումբերով, երբեմն ալ շրջուն փերեզակի մը բոժոժը երկարօրէն կը հնչէր թաղերուն մէջ որուն թրթռացումէն կարծես սթափելով, պարտէզներուն մէջ ապաստանած ճնճղուկներու երամները կը թռչկոտէին եւ կը ճռուողէին։

Երանիկ հանըմ եւ աղջիկը կը զբաղէին տնական գործերով. վերէն վար տունը աւելցնին ու սրբեցին, տէզկեահը վերցուցին, ներկին ամանները ու ապաները ջուրը ձգեցին, որպէս զի անոնց վրայ կուտակուած խէժը հալի ու ահա զբաղեցան ընթրիքի պատրաստութիւնով, մինչ միւս կողմէ ջուր կը տաքցնէին՝ լուացուելու համար։ Խոհանոցը հարաւի վրայ ըլլալուն՝ արեւով ողողուած էր եւ երկու կիները, վարժ՝ այս կարգի գործերու, ճապուկ շարժումներով կ՚աշխատէին։

Երանիկ հանըմին սրտմտած դէմքը առեր էր իր ամէնէն խոժոռ արտայայտութիւնը եւ երբեմն իր «նալըն»ները այնքան խստօրէն կը հնչէին խոհանոցի գետնի քարերուն վրայ որ կարծես կը կռուէր անոնց հետ։ Ուժգին շարժումներով միւս տախտակին վրայ դրաւ զանազան մասերու բաժնելու համար զայն, եւ սկսաւ, ջարդել, անմիջապէս որ աւելորդ պատառ մը կը նետեր դէպի պարտէզ՝ սեմին վրայ շարուած շէկ եւ գորշորակ կատուներ որոնք ակնդէտ կը սպասէին, կը յարձակէին անոր վրայ զիրար ճանկռտելով ու մռլտալով. այն ատեն Երանիկ հանըմին զայրոյթը կը պոռթկար,

Գետնին տակերը անցնի՜ք… ճըղիկ ճըղիկ կոտրտիք… փիսթ…

Կը ծռէր նալընը ոտքէն հանելու եւ անոնց գլխուն նետելու համար բայց մուճակը միասին կ՚Ելլէր ոտքէն, մինչ կատուները իր շարժումէն սարսափած կը խուսափէին եւ հեգնական կեցուածքներով կը շարուէին պարտէզին ցանկապատին վերեւ, այն ատեն սայթաքելով իր մերկ ոտքին վրայ, անէծքը իր գլխուն կը թախէր.

Նանլէթ ըլլա՜յ… թերմաշ մնայ վրայէս…

Եւփիմէ տխուր էր եւ մօրը այս ջղագրգռուած զայրոյթը, որ կաղանդի օրէն ի վէր անդադար գերագրռուեր էր առանց րոպէ մը հանդարտելու, զինք կը ջլատէր. երբեմն սիրտը այնքան կը թուլնար որ արցունքը կուլ կուտար եւ մանաւանդ ժամանակ չէր գտներ իր հոգեկան վիճակին անդրադառնալու եւ կացութեան վրայ որոշ գաղափար մը կազմելու։

Մայր ու աղջիկ ջերմապէս յուսացեր էին թէ Խաչիկ կաղանդին օրը գոհարեղէն մը կը բերէ նշանածին, օրերով փայփայեր էին այդ գաղափարը։

Կոխած հողերնուդ ղուրպան կ՚ըլլայ կոր, ինչչափ ալ քի գործերը նարին են, մէջտեղը փարա չկայ, անիկա ճար ճարակ կ՚ընէ, մատնի մը կը բերէ։

Ես կ՚ըսեմ քի օղ պիտի բերէ, կ՚ըսէր աղջիկը, գիտնալով թէ իր ճերմակ այտերուն վրայ ի՜նչքան պիտի վայլէր ոսկիին ցոլքը։

Բայց ահա Խաչիկ թերեւս չուզելով փոխ դրամ առնել զարդարանքի համար, թերեւս չգիտնալով թէ օրէնք է ատիկա նշանածներու մէջ ու թերեւս պարզապէս համարձակած չըլլալուն՝ պարապ ձեռքով եկեր էր կաղանդը շնորհաւորելու։ Իրաւ է թէ այդ իրարու յաջորդ տօնական օրերու բոլոր ծախքերը ճոխութեամբ հոգացեր էր, ինքզինքը այլ եւս տունէն համարելով տասը կտոր եղեր, տունը տեղը հազար բարիով լեցուցեր էր եւ նոյնն իսկ հաւակատիկին համար մեծ նեղութեամբ հազուագիւտ կամրախայտներ ղրկեր էր. բայց այս բոլորը Երանիկ հանըմին աչքին չէին երեւար։ Հպարտ կին էր, եւ կը փափաքէր որ դրացիներու, բարեկամներու ցուցնէր աղջկանը կաղանդի նուէրը, ու պարծենար, քիթը կախ էր արդէն Խաչիկին պէս փեսացու մը ունենալուն, գոնէ անանկ բան մը ընէր որ ամէնքը առաջքնին նայէին, լեզունին իրենց քաշէին։ Իր յուսախաբութիւնը անյաղթելի արհամարհանք ներշնչեր էր իրեն Խաչիկին նկատմամբ, կը յիշէր որ ինք շնորհքով մարդու զաւակ էր, հայրը սիահճի էր եւ ոչ միայն երկու խալֆա ունէր ձեռքին տակ, որոնք անընդհատ եազմաներուն սեւ գծագրութիւնը կը կոխէին, այլ նաեւ ինքը կը գծագրէր նոր կաղապարներու օրինակներ ու կը փորէր փայտի վրայ. իր գործին բերումով ուղղակի յարաբերութեան մէջ ըլլալով եազմայի վաճառականներու հետ, աւելի նրբացած քարեր ունէր։

Տուներնիս տեղերնիս կարգ կանոն ունէր. մարս ժամ երթար նէ քիպարի կնիկ կը գիտնային. թօփ շալը կռնակը, ըռզակները տեղը… բաղդերնիս վար անցնի՜. մեր օրին եկաւ նէ ամէն բան փճացաւ, հօրս սիրական աղջիկն էի կարգուեցաւ, փայս առի, օր մը օրանց ունեցածներուս վրահ չխնդացի . հարդ մէկիկ մէկիկ տարաւ կերաւ…

Մարտիկ տայի որ արեւոտ օրէն օգտուելով դուրս ելած էր, այդ պահուն պարտէզին կիսաբաց դռնէն եկաւ խոհանոց մտաւ եւ ձեռքի օղիի շիշը Եւփիմէին յանձնելով ըսաւ քրոջը։

Հերի՜ք է… Երանի՛կ, հերի՛ք է, Աստուած պիտի սրդողցունես։

Շաբաթէ մը ի վեր նոյն գանգատները եւ նոյն խոժոռ դեմքերը տեսնելով տունին մէջ՝ ալ ձանձրացեր էր, չէր հասկնար թէ քարի կտորի մը համար կարելի՞ էր այդքան իրար անցնիլ եւ երբեմն ինքն իրեն կը մրմնջէր.

Կնիկ ըսածդ ի՜նչ աճայիպ է…

Բայց այդ պահուն, ա՛լ համբերութիւնը հատաւ եւ Եւփիմէն ցուցնելով աւելցուց.

Ջօճուխին ալ մեղք է, կերած պատառ մը հացը հարամ կ՚ընես, արցունքը կը թաթխես կոր։

Ե՞ս արցունք թափել կուտամ կոր. ինծի պէս բաղդսըզ եղաւ. հալխուն աղջիկներու, կնիկներուն կը նայիմ կը զարմանամ. Աստուած մինակ մերինը շատ կը տեսնայ։ Կանպայենց աղջկանը նայէ՛. ոտքէ ինկած չարըխ կըլմանի, խարղան կտցէ նէ միս չհասնիր բերանը, ամա նշանածը թէք քարէով մատնի մը բերերէ։

Մարտիկ տայի կրկին բերանը բացաւ պատասխանելու. խօսակցութիւնը ճշմարիտ կռիւի մը պիտի փոխուէր եւ արդէն Եւփիմէ յուսահատ նայուածքներ կ՚ուղղէր մօրը եւ մօրեղբօրը, երբ յանկարծ ամէնքը մէկ մնացին։

Վարպետն է, ըսաւ տային զարմացած։

Վեր հրամմէ, Յակոբճան աղա, շտապեց Երանիկ հանըմ գոգնոցին սրբելով թաց ձեռքերը։

Դրանը մօտ, հորին առաջքը, Եւփիմէ ապաները կը լուար. երիտասարդ աղջիկը իր ուժեղ բազուկներով կը հանէր թրջած եւ խէժով ու ներկով թանձրացած ապաները ջուրին մէջէն եւ կը գալարէր զանոնք քամելու համար. իր ճերմակ թեւերը հակառակ աղտոտուած ըլլալուն՝ արեւին տակ կը ստանային այն ջերմին երանգը որ իրենց յատուկ էր. նորէն նոր քաշուած ջուրը գաղջ ըլլալուն՝ գոլորշիի նրբին մշուշ մը թաց թեւերուն եւ քամած ապաներուն վրայէն բարձրանալով ցուրտ օդին մէջ, զինքը կը պարուրէր վրայէն բարձրանալով ցուրտ օդին մէջ, զինքը կը պարուրէր շղարշի պէս. իսկ շէկ աղուամազերը թեւերու եւ ծոծրակին վրայ կը փալփլէին ոսկի փոշիի նման։ Սիրտը կոտրած ըլլալով անիկա կ՚ուզէր իր տխրութիւնդ ծածկել վարպետէն եւ դէմքը դէպի պարտէզ դարձուցէր էր բայց կատարած գործին պահանջումներուն համեմատ կը ծռէր ու կը կանգնէր եւ զօրեղ մէջքը անգամ մը կորանալով ու անգամ մը ձգտելով իր հանգրիճած կիսազգեստին ծալքերուն ընդմէջէն կ՚ուրուագծէր կողերը ու սրունքները։

Յակոբճան աղա, իբր թէ առաջին անգամ տեսած ըլլար Եւփիմէն՝ հիացիկ զարմացումով մը կը նայէր անոր ասիկա միջահասակ ու նիհարակազմ մարդ մըն էր, լայն ճակատով եւ վտիտ դիմագծերով, որուն մանր աչքերը այնքա՛ն զուրկ կը թուէին իմացականութենէ որ իր ամբողջ անձին վրայ անասնական դրոշմ մը կը դնէին. իր բանուորները չէին սիրեր զինքը, բայց անկէ կ՚ակնածէին, որովհետեւ իրենց համար կը ներկայանար իբր այն անձը որուն ձեռքը կը նայէին ապրելու համար. անիկա ցուրտ եւ անճըկելի կը մնար նեղ օրերու մէջ մերժելով ո եւ է ծառայութիւն մատուցանել. առիթը չէր փախցներ գին կոտրելու եւ ոմանք նոյն իսկ կը կասկածէին թէ սխալ հաշիւ կ՚ընէր տգէտ ու գրել կարդալ չգիտցող բանւորուհիներուն, գոնէ աւրուած կան օտար դրամ կը քշէր իր ամէն վճարումներուն. բայց երբ ինքը պէտք ունենար անոնց կը շողոքորթէր, կը քծնէր, չէր վարաներ նոյն իսկ սուտ խոստումներ ընելու։

Երանիկ հանըմ տեսնելով որ Յակոբճան աղա լուռ կը մնայ, կրկնեց իր հրաւէրը, այն ատեն ան սթափելով ըսաւ յանկարծ.

Չէ՛, Երանիկ հանըմ, աթոռ մը տուր, սանկ կը նստիմ։

Թեւին տակ եազմայի ծրար մը ունէր եւ խօսքի սկսելէ առաջ կը մտածէր կերպով մը Երանիկ հանըմին սիրտը առնել, բայց աչքը Եւփիմէին վրայ մնաց։

Ի՞նչ աղուոր մեծցաւ աղջիկդ.

Ա՜խ, վարպե՛տ, պզտիկը՝ պզտիկցաւ, մեծը՝ մեծցաւ։

Ու յանկարծ մտաբերելով վարպետին հիւանդ կինը,

Կնիկդ նորէն անա՞նկ է…

Ինտոր գիտես անանկ է… օր օրի կը հալի կոր. հէքիմները յոյս չունին… Աստուծոյ մնաց յոյսս։

Ամեննուս տէրտը մէյ մէկ տեսակ է… քեզի ալ մեղք է. առած օրէդ ատանկ էր, օր մը չխնդացիր։

Քուրի՛կ, ի՞նչ կ՚ըսես, ըսաւ Յակոբճան աղա պոռթկալով նէ փարա դիմացաւ, նէ սիրտ դիմացաւ. չիւրիւկ աղջիկնին աղէկ քշեցին, նալըս մըխըս թափեցաւ, օ՜ֆ… օ՜ֆ…

Հիմակ որ իր կինը աչքին առաջքը կը բերէր, իր կինը՝ դիակնային եւ քստմնելի երեւոյթով, որուն հազին ձայնէն գիշերն ի բուն չէր քնանար, ակամայ բաղդատութեան կը դնէր զայն Եւփիմէի գիրուկ եւ ճկուն անձին հետ ինքը ամուսնացած ըլլալով հանդերձ՝ միշտ կնոջ մը փայփայանքէն զուրկ մնացած էր եւ իր մէջ կը կրէր ցանկութիւններու տարտամ ախորժակ մը. աւա՜ղ… արեւը այնքա՛ն գաղջ էր այս ձմեռնային եղանակին մէջ ու կեանքը այնքան հաճելի՝ առողջ եւ գեղեցիկ կնոջ մը ներկայութեան. ծառերն անգամ պիտի խաբուէին ու բողբոջէին. պարտէզները զարդարող դափնիներու, բաղեղներու մշտադալար կանանչը կը փալփլէր ամէն տեղ ու մօտակայ նոճիները յաղթական սլացքներ ունէին դէպի կապոյտ եւ գաղջ երկնակամարը։ Գարնանային խռովք մը կը ծածանէր միջոցին մէջ եւ Յակոբճան աղա դողդոջուն քաղցրութեամբ մըն էր որ ըսաւ իր բանուորուհիներուն։

Շաբաթ մը չպիտի բանէիք ամա, արե՛ւդ սիրեմ Երանիկ հանըմս, Հալէպի գործ եկաւ, անոր սուսը մինակ դուք կրնաք բանիլ, շատ բան մը չէ՛, աս է եղածը. ութօրէնքին պէտք է, նազս ձեզի անցաւ, ձեզի եկայ։

Նայուածքը աղաչական յառած էր Երանիկ հանըմին որ իր առաջին խօսքերուն ըմբոստութեան շարժումը մը ըրեր էր։

Ատէթը այս շաբթու չբանիլ էր առարկեղ թոյլ ձայնով մը

Ես ալ տակը չեմ մնար։

Եւ որովհետեւ այդ պահուն Եւփիմէ ներս կը մտնար, վարպետն ալ ոտքի ելաւ, ընդ առաջ գնաց ու անոր գաղջ շունչը զգալով իր տխեղծ դէմքին վրայ, ըսաւ եռանդով.

Մատներդ սիրե՜մ, աղուոր, օյայի պէս բան է, ապսպրանք է, դուն երեսս ճերմկցուր, գործը տեղը երթայ, դուն ալ աչքս նայէ։

Պարտէզին մէջէն հապճեպ մնաք բարով մը ըսելով՝ Յակոբճան աղա անհետացաւ։ Մինչեւ իրիկուն անիկա գինովի պէս էր. կարծես ոտքերը գետնէն կտրեր էին. դեդեւելով կը քալէր եւ հոգին զեղուն կը զգար անսահմանելի զգացումով մը. կնոջը հազը չլսելու հոգով փոխանակ տուն երթալու, մտաւ գինետուն եւ լաթէրնան կեցուցած դրանը առաջքը, անոր լպրտուն եղանակներովը ոգեւորուած, Մարտիկ տայիին հետ խմեց մինչեւ ուշ ատեն իր այս անօրինակ հովարտայութիւնով զարմացենլով ամէնքը։

Будьте первым, кто оставит комментарий по этому поводу

Другие части "Երբ այլևս չեն սիրեր"

Ятук Музыка
Мелодия
Арно Бабаджанян

Мелодия